Fabric printing wooden block, Tokat

Այլազան - Թուրքիա

Արմինէ Եազտանօղլուի հաւաքածոյ, Քընալը կղզի, Պոլիս

Չորս զարդանախշեր, տախտակի վրայ փորագրուած։ Կ'ենթադրուի ըլլալ թմբիի փայտ, քանի որ անիկա սպիտակ եւ փափուկ է, իսկ նախշերը անոր վրայ դիւրութեամբ կը փորուին:

Պատկանած է Ազատ Եազտանօղլուի։ Ծնած է Շապին Գարահիսար, մահացած է 1952-ին, Պոլիս։

Արմինէ կը պատմէ որ «եազմաճի»ները կը հաւաքուէին, այս զարդանախշերը ներկի կը թաթխէին եւ հիւսուած կերպասներու վրայ տպագրութիւններ կ'ընէին։ Ապա, կերպասները կը փռուէին ծովափին որպէսզի չորնան, իսկ ծովի աղի ջուրն ալ ներկը աւելի կ'ամրացնէր:

Իւրաքանչիւր փայտեայ նախշի կտոր իր յատուկ անունը ունի, հաւանաբար ըստ փորուած ծաղիկին կամ բոյսին անունին:

Ցեղասպանութեան տարիներուն, Ազատին ապրած գիւղին հայութիւնը կը բնաջնջուի, բայց Ազատն ու իր ընտանիքը կը փրկուին, քանի որ արհեստով ջաղացպան էին եւ այս արհեստը կարեւոր կը համարուէր։ Մինչեւ 1930-ականները կը շարունակեն ապրիլ Շապին Գարահիսարի մէջ, որմէ ետք կ'անցնին Պոլիս: Այստեղ միջոց մը Ազատ բեռնակրութիւն կ'ընէ Քումքափուի մէջ, ապա ամբողջ ընտանիքով կը սկսին կերպաս հիւսել։

Այս փայտեայ նախշերը անոնք առած են թոգաթցի իրենց բարեկամներէն եւ՝ գործածած իրենց արհեստին մէջ:

Այժմ այս նախշերը կը պահուին Ազատի թոռնուհի՝ Արմինէ Եազտանօղլուի քով, Քնալը կղզի։

Լեռնայի հաւաքածոյ (Աստուածատուրեան եւ Նիքսարլեան ընտանիքներէն ժառանգութիւն), Պոլիս

Այս բաժինով ներկայացուող լուսանկարներն ու առարկաները մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Լեռնան, Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլիս, «Հրանդ Տինք» Հիմնարկին մէջ կայացած յիշողութեան նիւթեր հաւաքելու Յուշամատեանի ձեռնարկին։

Լեռնան եւ իր մայրը մանրամասն տեղեկութիւններ տուին նաեւ այս նիւթեղէն ժառանգութիւններուն եւ անոնց առաջին տէրերուն մասին, որոնք Աստուածատուրեան (Թոգաթ/Եւդոկիայէն) եւ Նիքսարլեան (Ամասիայէն) ընտանիքներն են։ Անոնցմէ սեռած ներկայ սերունդի անդամները կ՚ապրին Քանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա։ Ցեղասպանութիւնը վերապրելէ ետք, Աստուածատուրեան ընտանիքը 1940-ականներուն դուրս կու գայ Թոգաթէն եւ կը հաստատուին Սամսոնի մէջ, ուր Լեռնային մեծ մայրը՝ Գոհարիկ Աստուածատուրեան կ՚ամուսնանայ Յակոբ Նիքսարլեանի հետ եւ միասին կը հաստատուին ամուսնոյն քաղաքը՝ Ամասիա։ 1960-ականներու վերջը, Նիքսարլեան ընտանիքը կը ձգէ Ամասիան եւ կը հաստատուի Պոլիս։ Այս էջով ներկայացուող ընտանեկան ժառանգութիւնները ընտանիքին հետ տեղափոխուած են Թոգաթէն Սամսոն, ապա՝ Ամասիա, եւ վերջապէս ալ՝ Պոլիս։

Թոգաթի հայկական նախակրթարան վարժարանի մը աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներով։ Երկրորդ շարք, ոտքի, ձախէն երրորդ աղջնակը (պատկերին մէջ մութ գոյնի հագուստով)՝ Հայկանուշ Մնացականեան (յետագային Աստուածատուրեան)։ Ան Գոհարիկի մայրը եւ Լեռնային մօրենական մեծ մեծ մայրն է։ Հայկանուշի մայրը՝ Իսկուհի (ծն. Ճուլիքեան)։

Հարսանեկան պատկեր. Հայկանուշ Աստուածատուրեան (ծն. Մնացականեան) եւ ամուսինը՝ Արամ Աստուածատուրեան, Թոգաթի մէջ, մօտաւորապէս 1923-ին։ Լուսանկարին մէջ երեւցող Հայկանուշին վզնոցը Արամին կողմէ եղած ամուսնութեան նուէր է։ Այս գոհարեղէնը պատրաստուած է Հալէպի մէջ։ Անիկա յետագային կը ժառանգէ այս զոյգին դուստրը՝ Գոհարիկ, իսկ ներկայիս ալ կը պահուի Գոհարիկի դստեր կողմէ։

Հայկանուշ եւ Արամ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներ են։ Մինչ Հայկանուշ եւ մայրը՝ այրիացած Իսկուհի, կը յաջողին խուսափիլ տեղահանութենէ, սարսափի այս տարիներուն Արամի ընտանիքը Թոգաթէն կը քշուի Մալաթիա, ուր կը սպաննուին կարգ մը հարազատներ։ Քոյր-եղբայրներէն ողջ կը մնան միայն երեքը՝ Արամ, Վարդուհի եւ Արշաւիր, որոնք յետագային կը վերադառնան Թոգաթ։ Քոյրերէն մէկը՝ Գոհարիկ, նոյնպէս կը սպաննուի այս տարիներուն։ Արամ եւ Հայկանուշ Աստուածատուրեան կ՚ունենան հինգ զաւակներ՝ Կարապետ, Գոհարիկ, Տիգրան, Ատրինէ եւ Վահէ։ Սպաննուած Գոհարիկի յիշատակին Արամ եւ Հայկանուշ իրենց առաջին դուստրը կ՚անուանեն Գոհարիկ։ Յետագային, իրենց առաջին ծոռնուհին նոյնպէս կը կոչուի Գոհարիկ։

1) Այս պատկերին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան, բայց կ՚ենթադրուի որ անիկա Արամ Աստուածատուրեանի քրոջ՝ Գոհարիկին ընտանիքն է։ Անոր ամուսինը Թոգաթի յայտնի հայ վաճառականներէն՝ Ապտալեան ընտանիքի անդամ էր։ Բոլորն ալ կը զոհուին Ցեղասպանութեան տարիներուն։

2) Այս պատկերին մէջ կ՚երեւին Գոհարիկ Աստուածատուրեանի ամուսին՝ Յակոբին Նիքսարլեանի ծնողները՝ Գէորգ եւ Նուարդ։ Նուարդի հայրը Ամասիոյ մէջ փռապան/ջաղացպան էր, այս պատճառով ալ ան չի տարագրուիր 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Կը շարունակեն մնալ Ամասիա, կը ստիպուին իսլամանալ։ Գէորգ կը զբաղէր պարաններու վաճառականութեամբ, ան եւս կ՚իսլամանայ եւ տեղահանութենէն զերծ կը մնայ։ Այս տարիներուն, Նուարդ կ՚անուանափոխուի եւ կը դառնայ Ֆահրիէ, իսկ Գէորգը կը դառնայ Ահմէտ։ Անոնք վերստին իրենց հայկական անուններուն կը տիրանան 1920-ականներուն։

Մանրամասն տեղեկութիւններ չկան այս պատկերին մասին։ Գիտենք որ թաղմանական լուսանկար մըն է, Ամասիայի մէջ քաշուած։ Մահացողը Օսմանեան բանակի հայ զինուոր մըն է, որ եկած էր Սամսոնէն եւ կը ծառայէր Ամասիայի մէջ։ Գիտենք որ կայսրութեան հայերը Օսմանեան բանակին կը սկսին ծառայել 1908-ի Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, ինչ որ ենթադրել կու տայ որ պատկերն ալ քաշուած է 1909-ի եւ 1915-ի միջեւ։

Մետաքսեայ թաշկինակներ, որոնք պատկանած են Իսկուհի Մնացականեանի։

Թէյի թիթեղեայ տուփ, «Կ. Եաւրույեան եւ Յ. Իսագուլեան» թէյի ընկերութեան արտադրութիւն։ Այլ ժառանգութիւն մը Աստուածատուրեան/Նիքսարլեան ընտանիքէն՝ Թոգաթէն, ապա Սամսոն եւ Իսթանպուլ։