Գնումներու բաժին

BOOK: Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1

Գիրքը կրնաք գնել այս բաժինով։ Պարզապէս սեղմեցէք ստորեւ ներկայացուող ‘BUY NOW' կոճակը եւ դուք անհրաժեշտ տեղեկութիւնները պիտի ստանաք գնումներու յատկացուած ապահով կայքէջի մը մէջ։

Ներառեալ արաքման ծախսերը

Shipping costs included
Shipping costs included

[Translate to Armenisch:] Here you can pay in USD

Shipping costs included
Shipping costs included
Shipping costs included

Յուշամատեանի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Քեպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ։ Բոլոր գրութիւններն ալ կ՚առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին։ Գիրքին մէջ մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ՝ բոլորն ալ օսմանեան հայերու կեանքին հետ առնչուող։ Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ։ Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար մեր կայքէջի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին, զոր մեր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգային նիւթեր մեկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Գիրքին էջադրումը եւ պատկերներու վրայ աշխատանքը կատարուած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ։