Համագործակցութիւններ

Համագործակցութիւնը Յուշամատեան ծրագիրին առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է։ Մենք կը փափաքինք մեր կայքէջը դարձնել այնպիսի վայր մը, ուր ամէն մարդու առիթ տրուի իր ներդումը բերելու Օսմանեան կայսրութեան հայերու ժառանգութիւնը վերականգնելու գործին։

Դպրոցականներու համար

Այսպիսի համագործակցութիւններ մենք յատկապէս կը փափաքինք հաստատել դպրոցներու կամ կրթական/դաստիարակչական այլ հաստատութիւններու հետ, ուր յաճախողները նոյնպէս դպրոցական տարիքի պատանիներ են։ Նպատակն է՝ պատանիները մասնակից դարձնել յիշողութեան մը վերականգնումի աշխատանքին։

Ինչպէ՞ս բնորոշել համագործակցութիւնը

Դպրոցներու պարագային գործակցութիւն կարելի է ստեղծել զանազան դասանիւթերու (ինչպէս պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնք, երգ) ուսուցիչ/ուսուցչուհիներուն հետ եւ այս վերջիններուն ճամբով ալ՝ աշակերտներուն հետ։Ուսուցիչ/ուսուցչուհիներուն ցուցմունքներով աշակերտները պիտի փորձեն իրենց շրջապատին մէջ գտնել յիշողութեան նիւթեր (հին լուսանկարներ, զանազան առարկաներ, վկայութիւններ, երգեր, ճաշատեսակներ, եւայլն)՝ բոլորն ալ Օսմանեան կայսրութեան հայերու հետ առնչակից։Աշակերտները պէտք է կարելի բոլոր մանրամասնութիւնները գրաւոր ներկայացնեն տուեալ նիւթին մասին։

Օրինակ 1.- Աշակերտը իր շրջապատին մէջ գտած է հին ձեռքի ժամացոյց մը, որ աւելի քան մէկ դարեայ հնութիւն ունի եւ անոր տէրը եղած է Մարաշէն։ Անհրաժեշտ է իմանալ տիրոջ անունը, ծննդեան ու մահուան թուականները, ե՞րբ ան Մարաշը վերջին անգամ ձգած է, այնուհետեւ ո՞ր քաղաքներուն մէջ ապրած է։ Ի՞նչ կը ներկայացնէ ժամացոյցը. արդեօք նուէ՞ր մըն է, ուրկէ՞ գնուած է։

Օրինակ 2.- Աշակերտը իր շրջապատին մէջ գտած է անձ մը, որ իր մեծ մայրիկէն սորված է Էրզրում/Կարինէն օրօրներ։ Անհրաժեշտ է այս երգերը ձայնագրել, ապա իմանալ մեծ մօր անունը, անոր ամփոփ կենսագրութիւնը, լուսանկարը, տեղեկութիւններ փոխանցել ներկայիս զայն երգողին մասին։

Օրինակ 3.- Աշակերտը իր շրջապատին մէջ գտած է ճաշատեսակ մը, որուն ծագումը Ուրֆայէն է։ Անհրաժեշտ է ճաշատեսակը գրի առնել, իմանալ թէ ո՞վ եղած է զայն փոխանցողը (հաւանաբար Ուրֆայէն մեծ մայր մը կամ մեծ մեծ մայր մը), ներկայացնել անոր կենսագրութիւնը, լուսանկարը, տեղեկութիւններ փոխանցել ներկայիս սոյն ճաշը պատրաստող անձին մասին։

Օրինակ 4.- Աշակերտը իր շրջապատին մէջ գտած է Խարբերդի մէջ քաշուած ընտանեկան հին լուսանկար մը։ Պէտք է ճշդել լուսանկարին մէջ երեւցող անձերուն ինքնութիւնը, անոնց ծծնդեան եւ մահուան թուականները։ Ի՞նչ եղած է այս անձերուն ճակատագիրը, 1915-ին վերապրողներ կա՞ն անոնց շարքին, ճշդել թէ հետագային անոնք ո՞ր քաղաքներուն մէջ ապրած են։

Աշակերտներուն գտած բոլոր առարկաները պէտք է լաւապէս լուսանկարուին կամ բարձր որակով թուայնացուին։

Կրթական/դաստիրակչական հաստատութիւններուն հետ այս համագործակցութեան ամբողջ ընթացքին, Յուշամատեանի խումբը skype-ով կրնայ ցուցմունքներ տալ ուսուցիչ/ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտներուն։ Երբ պատեհութիւնը ստեղծուի, մեր խումբէն անդամներ կրնան նաեւ անձամբ ներկայ ըլլալ տուեալ հաստատութիւններուն մէջ եւ ուղղակի մասնակցիլ աշխատանքներուն։

Ի՞նչ կը հետապնդէ համագործակցութիւնը

Անիկա առաջին հերթին դաստիարակչական բնոյթ ունի։ Աշակերտը նորարար ձեւերով կը ծանօթանայ պատմական, կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան մը, որն այս պարագային օսմանեան հայերունն է։

Աշակերտին գտած առարկան, հին լուսանկարը, անոր ձայնագրած երգը կամ գրի առած ճաշացուցակը հիմնական նիւթերն են։ Անոնք նոյն ժամանակ կը կրեն յիշողութիւններ։ Այսպէս, իւրաքանչիւր առարկայ սերտօրէն կապուած է նաեւ անոր տիրոջ կամ տէրերուն անձնական պատմութիւններուն։ Առարկային ընդմէջէն մենք կը ծանօթանանք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած հայ ընտանիքի մը պատմութեան, անոր ապրած ճակատագիրին։ Ընտանեկան մանրապատմութիւնները աշակերտը պէտք է գրի առնէ։ Այսպիսի անհատական կեանքերու սերտումին ճամբով աշակերտները կրնան աւելի լաւ ըմբռնել օսմանեան հայերու պատմութեան զանազան փուլերը։

Աշակերտին գտած նիւթերը կրնան ըլլալ նաեւ երգեր, ճաշատեսակներ, տօնական սովորութիւններ։ Այս բոլորը դասարանին մէջ քննարկումի առարկայ պէտք է ըլլան։ Յուշամատեանի խումբը skype-ի ճամբով պատրաստ է մասնակցելու այս ձեւի քննարկումներու։

Այսպիտի փնտռտուքներու եւ քննարկումներու ճամբով, աշակերտը անձամբ մասնակից կը դառնայ ժառանգութեան մը վերականգնումի աշխատանքին։

Մեր խումբը հետագային աշակերտին գտած նիւթը կը տեղադրէ Յուշամատեան կայքէջին մէջ՝ այս ձեւով աւելի զգալի դարձնելով աշակերտին բերած ներդրումը ժառանգութիւն մը վերականգնելու աշխատանքին։

Ինչպէ՞ս սկսիլ համագործակցութիւնը

Առաջին հերթին կրթական/դաստիրակչական հաստատութիւններուն տնօրէնութիւնները կապ պէտք է հաստատեն Յուշամատեան միութեան հետ (houshamadyan@gmail.com)։ Այնուհետեւ միասին կը ճշդենք համագործակցութեան զանազան փուլերը։ Համագործակցութիւնը բաց է հայկական եւ ոչ-հայկական կրթական/դաստիրակչական հաստատութիւններուն առջեւ։