Քարի վրայ յիշատակագրութիւն, որ տեղադրուած է Կիւնտէմիր գիւղին մէջ քրտական տան մը պատին։ Գրուած է՝ «Գունդամիւր նուէր Սարուխանէն 1888» (Աղբիւր՝ Armenian architecture microfilm collection: Hinis area, Turkey (A-2094k): Gündemir stone remains, G. Bruchhaus, 1975)։

Վարդոյի քազա - Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 22/06/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 22/06/19), թարգմանութիւն՝ Վարդան Մատթէոսեան

Ըստ ժողովրդային աւանդութեան, Եդեմի պարտէզներուն վայրը կը գտնուէր Բիւրակն (Պինկէօլ) լեռներու շրջակայքին, որուն հարաւային լանջերը կը տարածուէին մինչեւ Վարդոյի քազան (գաւառակը)։ Կը կարծուէր, որ Ադամ ու Եւա ապրած էին այս լեռներուն արեւելեան լանջերուն մօտակայ շրջան մը՝ Էրզրում նահանգի յարակից Խնուս գաւառակին մէջ, ոչ հեռու Հարեմիկ կամ Հարամիկ (մերօրեայ Պելլիթաշ) գիւղէն[1], որ կը գտնուէր Խնուս գետի (Քոճասու Ճայը) ձախ ափին վրայ։ Մեծ Հայքի թագաւորութեան շրջանին, Բիւրակն լեռներու հարաւի ամբողջ ցածրավայրը, որուն կեդրոնը Կիւմկիւմ գիւղաքաղաքն էր (ներկայիս Վարդօ), կը գրաւէր Արշամունիք (կամ Աշմունիք) գաւառը, ոը կը գտնուէր թագաւորութեան Տուրուբերան աշխարհի արեւելեան մասը [2]։ Օսմանեան դարաշրջանին, Արշամունիքի արեւելեան ու կեդրոնական մասերը կը համապատասխանէին Վարդոյի քազայի տարածքին։

Ք.Ե. Ե. դարէն, Արշամունիք կռուախնձոր դարձաւ Մանդակունի եւ Մամիկոնեան նախարարական տուներուն միջեւ [3]։ Արշամունիքի Ծախնոտ գիւղը կաթողիկոս Յովհան Ա. Մանդակունիի (478-490) ծննդավայրն էր։ Այնուհետեւ, գաւառը անցած է Մամիկոնեաններուն ձեռքը։ Կը կարծուի, որ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի ամառանոցը Արշամունիք կը գտնուէր[4]։ Տեղւոյն բնակչութիւնը երկար ժամանակ կը հաւատար, որ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ յետմահու սրբադասուած սպարապետին գերեզմանը Ղալաճուխ (այսօրուան Գալեճիկ) երբեմնի հայկական գիւղն էր, որ կը գտնուէր Կիւմկիւմէն տասը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ Չարբուհար գետի (Քայնարճա Տերեսի) աջ ափին։

Վարդօ Բագրատունի նախարարներու կալուած մըն էր Թ.-ԺԱ. դարերուն։ Արդարեւ, գաւառակի երկու ամենէն հռչակաւոր կրօնական կառոյցները, որոնք կանգուն մնացած են մինչեւ անցեալ դարասկիզբը, Մամիկոնեան եւ Բագրատունի իշխանական տուներու նիւթական հովանաւորութեամբ շինուած են։ Անոնցմէ մէկը Կարմիր վանք կամ Կարմրոյ վանքն էր, որ կը գտնուէր Կիւնտեմիր (այժմ՝ Ճայճաթը) գիւղին մօտ, իսկ միւսը Սուրբ Յակոբ վանքն էր՝ Տոտան (այժմ՝ Իլպէյ) գիւղին մօտ։ Երկու գիւղերը հայկական խիտ բնակչութիւն ունեցած են օսմանեան վերջին դարերուն։

Կիսավաչկատուն քիւրտ ցեղախումբերու ներհոսքը ուշ ԺԸ. եւ վաղ ԺԹ. դարերուն խաթարած է Վարդոյի հայկական միատարրութիւնը։ 1870-ական թուականներու վերջերուն, երբ օսմանեան իշխանութիւնները քաջալերած են մուհաճիրներու՝ Հիւսիսային Կովկասէն մահմետական գաղթականներու (գլխաւորաբար չէրքէզ) բնակեցումը, բազմաթիւ հայկական գիւղեր արդէն կիսով կամ գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկուած էին։ Ասոր հեետեւանքով, այդ գիւղերուն մէջ կամ անոնց մօտերը կանգուն վանքերն ու եկեղեցին մնացած են անխնամ վիճակի մէջ։ Ի. դարու առաջին տասնամեակին, յատկապէս 1901-1905-ին, օսմանեան իշխանութիւնները մուհաճիրներու նոր բնակեցումներ խրախուսած են։ Այս անգամ, չէչէն մուհաճիրներ հաստատուած են քիւրտերու կողմէ գրաւուած երբեմնի հայկական գիւղերուն մէջ, քանի որ չէրքէզները արդէն հաստատուած էին հոն [5]։ Հայ գիւղացիներու մէկ մասին արտագաղթով,գաւառակի կարգ մը վանքեր ու եկեղեցիներ աւերուած կամ քանդուած են մահմետական նորաբնակներուն կողմէ։

Ըստ բանահաւաք Արիստակէս Տէր Սարգսենցի (Դեւկանց), որ Օսմանեան կայսրության հայաբնակ շրջաններ այցելած է 1878-ին, շուրջ 25 վանքեր ու եկեղեցիներ (մէկ քանին՝ անվնաս մնացած, իսկ շատերը՝ աւերուած, ինչպէս իր ցանկին մէջ ցոյց տուած է) տակաւին կանգուն էին Վարդոյի հայկական կամ նախապէս հայաբնակ գիւղերուն մէջ [6]։ Անոնցմէ մէկ քանին, ինչպէս հաղորդած է գրագէտ Գեղամ Տէր Կարապետեան, տակաւին անվնաս էին ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբին, մինչ 31 այլ եկեղեցիներու, գերեզմաններու եւ խաչքարերու աւերակները կարելի էր գտնել գրեթէ ամբողջ գաւառի տարածքին [7]։

Բրիտանացի հեղինակ Քրիստոֆըր տը Պըլլէկ պնդած է, որ 1914-ին Վարդոյի հայերը ութը եկեղեցի ունէին [8]։ Հիմնուելով Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան մարդահամարի տուեալներուն վրայ, ֆրանսահայ պատմաբաններ Ռէմոն Գէորգեան եւ Փօլ Փապուճեան հաղորդած են, որ Ա. Աշխարհամարտի բռնկումէն առաջ, եօթը եկեղեցիներ ու երեք վանքեր դեռ անվնաս կը մնային գաւառին մէջ [9]։

Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, Վարդոյի բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները, թէ՛ աւերուած եւ թէ՛ գործօն մինչեւ 1915, ամբողջութեամբ կործանած են՝ հայկական գերեզմանատուներու, խաչքարերու եւ ուխտավայրերու կողքին։

Հայ Եկեղեցւոյ Վարդոյի առաջնորդական փոխանորդութիւնը վարչականօրէն կապուած էր Մշոյ առաջնորդարանին, որ կը գտնուէր Կիւմկիւմէն՝ գաւառակի գլխաւոր գիւղաքաղաքէն եւ առաջնորդական փոխանորդի աթոռէն 49 քիլոմեթր (30 մղոն) դէպի հարաւ։Մշոյ առաջնորդարանին իրաւասութիւնը կը տարածուէր այն գաւառակներուն վրայ, որոնք կը պատկանէին Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ եւ Կէնչի (Կէնճ) սանճագներուն (գաւառներուն)։ Վարդօն անոնց շարքին էր [10]։ Նախաեղեռնեան տարիներուն, Վարդոյի առաջնորդական փոխանորդը ծագումով մշեցի Ներսէս քհնյ. Տէր-Յակոբեանն էր [11], որ ձեռնադրուած էր 1913-ին Մշոյ առաջնորդ Ներսէս եպս. Խարախանեանի կողմէ։ Վերջինս մահացած է 10 Ապրիլ 1915-ին, վկայ չըլլալով իր ժողովուրդի ոչնչացման, որ սկսած է տասնչորս օր ետք [12]։ Ներսէս քհնյ. Տէր Յակոբեան կիսած է Մշոյ տասնեակ հազարաւոր հայերու ճակատագիրը, որոնք բռնագաղթի ու կոտորածի ենթարկուած են ցեղասպանութեան ընթացքին։ Վարդոյի Կիւնտէմիր, Տոտան եւ Փասքան գիւղերը ծառայող հոգեւորականներու կողքին [13], ան եւս սպաննուած է 1915-ին [14]։

Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է շարք մը աղբիւրներու վրայ, որոնցմէ ոմանք կարելի է գտնել «Պուլանըխի քազա – Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր»(http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-bulanik/religion/churches.html), «Մալազկիրթ-Մանազկերտի քազա – Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտատեղիներ» (https://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-malazgirt/religion/churches.html), եւ «Վարդոյի գաւառակ – Ժողովրդագրութիւն» (https://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayet-of-bitlispaghesh/kaza-of-varto/locale/demography.html)։ Արիստակէս Դեւկանցի 1878-ի ուղեգրութիւնը, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 1902-ի Մշոյ դաշտի ու շրջակայաքի քաղաքներու եւ գիւղերու մարդահամարը, կատարուած՝ Գեղամ Տէր-Կարապետեանի կողմէ, միեւնոյն հեղինակին կողմէ 1890-ական թուականներուն կազմուած՝ Տարօն-Տուրուբերանի վանքերու ուղեցոյցը, եւ բանասէր Համազասպ Ոսկեանի ուսումնասիրութիւնը Տարօն-Տուրուբերանի վանքերուն մասին (1953) լրացուցիչ տուեալներ հայթայթած են։

Վարդոյի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մասին կարեւոր աղբիւր մըն են Մշոյ սանճագի եկեղեցիներու եւ վանքերու ըստ գիւղերու ցանկերը, զորս Պոլսոյ Պատրիարքարանը 1912-ին եւ 1913-ին ներկայացուցած է օսմանեան Արդարութեան եւ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու նախարարութեան։ Անծանօթ պատճառներով, սակայն, այս ցանկերէն դուրս մնացած են Վարդօն եւ Մշոյ սանճագի երեք ուրիշ հայաբնակ գաւառակներ՝ Պուլանըխ, Սասուն եւ Մանազկերտ, ու հաշուարկը ընդամէնը արձանագրած է Մուշ քաղաքի եւ Մշոյ դաշտի գիւղերու 82 վանքեր ու եկեղեցիներ [15]։ Այլ աղբիւր մը կը թելադրէ, որ ներառելով Վարդօն, Պուլանըխը եւ Մանազկերտը Մշոյ սանճագին մէջ, ինչպէս եւ Պիթլիսի քազայի մօտակայ Պաթմանի նահանգն ու Պիթլիսի գաւառակի Խիզանի ենթագաւառակը (նահիյէ), հայ եկեղեցիներու նախաեղեռնեան թիւը 148ի կը հասնէր [16]։

Ստորեւ կու տանք Վարդոյի քազայի ուշ օսմանեան շրջանի վանքերու, եկեղեցիներու եւ ուխտավայրերու ցանկ մը։ Ըստ կարելւոյն, ցուցակը կ՚ընդգրկէ կրօնաւորներու թիւին եւ անուններուն մասին տեղեկութիւններ, որոնք քաղուած են Տէր Կարապետեանի կողմէ հաւաքուած՝ 1902-ի Պատրիարքարանի մարդահամարի տուեալներէն, Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան)՝ հայ եկեղեցականներու տառապանքներուն նուիրուած 1921-ի ուսումնասիրութենէն, եւ Բաբգէն եպս. Չարեանի կողմէ գրուած՝ ցեղասպանութեան ընթացքին հայ եկեղեցականներու կորուստին նուիրուած 2009-ի գիրքէն։ Ստորեւ տրուած տեղեկութիւնները, եթէ այլապէս ըսուած չէ, քաղուած է 1880-ական թուականներու կէսերէն մինչեւ 1915 ժամանակաշրջանը ընդգրկող սկզբնաղբիւրներէ։

Վարդօ գաւառակի վանքեր

Վարդոյի քազային մէջ քանի մը կանգուն ու աւերակ մենաստաններ եւ վանքեր եղած են։ Մշոյ այլ գաւառակներու նման, Վարդոյի մէջ կիսաւեր կամ աւերուած մենաստանները «շաբաթացեալ» կամ «անապատացեալ» կոչուած են։ Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու՝ Պատրիարքարանի 1902-ի մարդահամարը ցուցակագրած է կանգուն կամ աւերակ վիճակի մէջգտնուող հինգ վանք [17]։ Պատրիարքարանի 1913-ի մարդահամարը միայն մէկ վանք յիշած է։ Գէորգեան եւ Փապուճեան՝ «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան նախօրեակին» աշխատութեան հեղինակները, այս թիւը բարձրացուցած են երեքի, հիմնուելով իրենց հասանելի՝ Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներու վրայ [18]։

Տարապիի Սուրբ Յակոբ վանքը

Գիւղին մօտ գտնուած է աւերուած Սուրբ Յակոբ վանքը։ Տէր Կարապետեան ենթադրած է, որ վանքը հին շինութիւն մըն էր եւ որ Ի. դարու սկզբնաւորութեան «Տարապի մենաստան» անունով ծանօթ էր [19]։

Տերիք (Աներայ Տերիք)

Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ անանուն վանքի մը աւերակները գտնուած են գիւղին մօտ։

Տերիք (Վարդօ Տերիք)

Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ անանուն վանքի մը աւերակները գտնուած են գիւղին մօտ։

Տոտանի Սուրբ Յակոբ վանքը

Վանքը գտնուած է Տոտանէն ոչ հեռու, բարձունքի մը վրայ, գիւղէն շուրջ եօթը-ութը վայրկեան քալելով դէպի հիւսիս։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, վաղ Ի. դարուն վանքը արդէն լքուած ու քայքայուած վիճակի մէջ գտնուած էր [20]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ վանքը գտնուած է գիւղին մօտ [21]։

Կիւնտէմիրի Կարմիր վանքը

Գիւղին մօտակայ աւերակներուն վայրը գտնուած է Կարմիր վանքը (կոչուած էր նաեւ Կարմրոյ վանք)։ Այս քարաշէն վանքը վաղուց լքուած էր։ Տէր Կարապետեան հաղորդած է, որ հայ գիւղացիներ աւերակները պեղած էին 1870-ական թուականներու սկզբնաւորութեան [22]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ Կարմիր կամ Կարմրոյ վանքը գիւղին մօտերը գտնուած է [23]։ Ուրիշ քայքայուած վանքի մը աւերակները գիւղէն տասը վայրկեան դէպի հիւսիս գտնուած են։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, այս կառոյցը ժամանակին պարսպապատ մենաստան մը եղած է՝ մօտակայ վանական գերեզմաննոցով։

Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը՝ անծանօթ վայրի մը մէջ

Այս վանքին տեղադրութիւնը, ենթադրաբար Կիւնտէմիրի մօտ, անծանօթ է։ Ըստ երեւոյթին, Մշոյ բազմաթիւ շաբաթացեալ մենաստաներէն մէկն էր։ Տէր Կարապետեան ենթադրած է, որ աւերակները գտնուած են ժայռոտ բլրակի մը վրայ, որ տեղական խօսուածքով քռնեն կամ քռան կոչուած է։ Դարերու ընթացքին, բլրակը դարձած է պարզ դերբուկ մը, որուն մօտերը աղբերակ մը բխած է [24]։ Ոսկեան համաձայնած է, որ վանքին աւերակները գտնուած են բլրակի մը վրայ՝ Մշոյ անծանօթ վայրի մը մէջ [25]։

Կիւմկիւմի Խանկար կամ Խանկարի վանքը

Տէր Կարապետեան տեղեկագրած է, որ Խանկար վանք անունով քայքայուած վանք մը գիւղաքաղաքէն շուրջ քառորդ ժամ դէպի հիւսիս գտնուած է։ Վանքի անունը անսովոր չէր Մուշի մէջ։ Մանազկերտի մէջ Խանկար անունով ուրիշ վանք մը եղած է։

Կիւմկիւմի անանուն վանքը

1913-ի Պատրիարքարանին մարդահամարը նշած է անանուն վանք մը գիւղաքաղաքին մէջ։ Տէր Կարապետեան յիշած է անանուն քայքայուած վանք մը, որուն մօտակայքը վանական գերեզմանատուն մը եղած է։

Ուստուկրան Վերինի եւ Ուստուկրան Ստորինի Սուրբ Մատթէոսի վանքը

Ուրիշ շաբաթացեալ մենաստան մը գտնուած է այս երկուորեակ գիւղերուն մօտ։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, Ի. դարու սկզբնաւորութեան այս կրօնական շէնքէն միայն անունը մնացած էր [26]։ Ոսկեան համաձայն եղած է, որ վանքը Ուստուկրան գիւղի մը մօտ գտնուած է եւ վաղուց աւերակ դարձած [27]։

Վարդօ գաւառակի եկեղեցիներ

ԺԹ. դարու վերջերուն եւ ցեղասպանութենէն առաջ, աւելի քան ութսուն հայաբնակ կամ նախապէս հայկական կամ խառն բնակչութեամբ գիւղեր եղած են Վարդոյի քազային մէջ։ Գրեթէ ամէն հայկական գիւղ եկեղեցի մը ունեցած է, իսկ աւելի մեծ գիւղերը՝ երկու։ Կրօնական կառոյցներու աւերակներ նաեւ գտնուած են յատկապէս Կիւմկիւմ գիւղաքաղաքէն դէպի հիւսիս՝ Բիւրակնեան (Պինկէօլ) լեռներուն ուղղութեամբ, Կիւմկիւմէն հինգ քիլոմեթր (երեք մղոն) դէպի հիւսիս գտնուող վայրի մը՝ Զատշէյխի (ներկայիս Աճարկենթ) մօտերը։ Գրեթէ ամէն գործող եկեղեցի ծառայող եկեղեցական ունեցած է։ Օսմանեան սալնամէները՝ պետութեան եւ նահանգներու համար վիճակագրական տուեալներ պարունակող կառավարական տարեգիրքերը, հաստատած են, որ երեք տարիներուն՝ 1871-ին, 1872-ին եւ 1873-ին, չորս եկեղեցի կար Վարդոյի մէջ  [28]։ Մշոյ դաշտի ու շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան Պատրիարքարանի 1902-ի մարդահամարը արձանագրած է շուրջ 39 եկեղեցի, որոնցմէ 31ը աւերակ վիճակի մէջ էին քիւրտերու կողմէ գրաւուած նախկին հայաբնակ գիւղերուն մէջ։Պատրիարքարանի 1913-ի մարդահամարը արձանագրած է հինգ՝ ըստ երեւոյթին գործող, եկեղեցիներ գաւառակին մէջ, իսկ Գէորգեան ու Փապուճեան այդ թիւը բարձրացուցած են եօթի, օգտագործելով իրենց տրամադրելի Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներ[29]։ Ստորեւ կու տանք Վարդոյի այն գիւղերը (իրենց այժմու անունները՝ սուրանկիւն փակագիծի մէջ), որոնք հայկական եկեղեցիներ ունեցած են։

Ալակէօզ Վերին [Եուքարըալակէօզ]

Անանուն քայքայուած եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Ամարան [Օնփընար]

Թէ՛ Տեւկանց եւ թէ՛ Տէր Կարապետեան տեղեկագրած են մէկ անանուն ու քայքայուած եկեղեցիի մասին։ Ըստ երեւոյթին, նոյն եկեղեցիին անդրադառնալով, տը Պէլլէկ աւելցուցած է, ոը 2000-ի առաջին տասնամեակին աւերակները դարձած են թումբ մը եւ որ եկեղեցին գիւղին հիւսիսը գտնուող վերի թաղամասը կը գտնուէր, որ կ՚ըսուի, թէ աւելի հարուստ եղած է, որովհետեւ հայաբնակ էր։ Ըստ Թէոդիկի, Վարդոյի այլ եկեղեցիներու ծառայող քահանաներ նաեւ այս գիւղի բնակիչներուն հոգեւոր կարիքները բաւարարած են [30]։

Աներ [Տէղէրլի]

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի։ Ըստ Տէր-Կարապետեանի, Սուրբ Յակոբ 1890-ական թուականներու վերջերուն նորոգուած հին եկեղեցի մըն էր։ Գիւղի արեւելքին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ աւերակները կանգուն կը մնային։ Սարգիսը Կոստանդին Ա. կայսեր բանակին մէջ ծառայող քրիստոնեայ զօրավար մըն էր։ Մերժելով կրակապաշտ դառնալ, Պարսից շահին կողմէ մահուան դատապարտուած էր։ Հայերը այնպիսի յարգանք տածած են սուրբին հանդէպ, որ տեղացիները ծոմ կը պահէին անոր համար։ Գիւղին մօտերը ուրիշ կառոյցի մը՝ Սուրբ Գէորգի եկեղեցւոյ աւերակները գտնուած են։ Ըստ Թէոդիկի, Վարդոյի այլ եկեղեցիներու ծառայող քահանաներ նաեւ այս գիւղի բնակիչներուն հոգեւոր կարիքները բաւարարած են [31]։

Արաբօ [Չիչէքլի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Պաղլու [Պաղլըիսա]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Չարպուհուր [Պաղիճի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։ Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ եկեղեցին ծանօթ էր Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի անունով։

Տերիք (Աներայ Տերիք) [Գումլուքըյը]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը։

Տիատին [Էօլճէքլի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Տոտան [Իլպէյ]

Սուրբ Թորոս եկեղեցի։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, Սուրբ Թորոս եկեղեցին փայտաշէն էր։ Ծառայող քահանայ մը ունէր՝ Տէր Մկրտիչ։ Տեւկանց յիշած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։

Կիւնտէմիր [Ճայճաթը]

Սուրբ Թուխմանուկ եկեղեցի։ Մուշի մէջ, թուխ մանուկ անունով շատ եկեղեցիներ կային։ Սուրբ Թուխմանուկ քիւրտ մանուկ մըն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած էր ու նահատակուած՝ մահմետական իր դաւանակիցներուն ձեռամբ։ Այնուհետեւ, սրբացուած էր հայոց կողմէ։ Այս հին քարաշէն եկեղեցին, ըստ Տէր Կարապետեանի, վերանորոգուած էր 1871-ին։ Երկու ծառայող հոգեւորական ունէր՝ Պօղոս քհնյ. Տէր Գէորգեան եւ Տ. Կարապետ քհնյ.։ Իրլանտացի աշխարհագրագէտ Հենրի Լինչ, որ Կիւնտէմիր այցելած է 1890-ական թուականներու վերջերուն, վայրը նկարագրած է իբրեւ բաւական մեծ գիւղ մը, որ ունէր «հին եկեղեցի մը, եւ տուները անոր շուրջ կը խմբուին, փոքրիկ բարձունքի մը լանջին վրայ» [32]։ Տեւկանց յիշած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Կիւմկիւմ [Վարդօ]

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի։ Տէր Կարապետեան ենթադրած է, որ եկեղեցին քարաշէն էր եւ Սուրբ Վարդան անունով ծանօթ էր՝ 1891-ին վերանորոգման աշխատանքներու աւարտէն ետք։ Փաստօրէն, Մշոյ ծանօթ բոլոր եկեղեցիներէն միայն այս մէկը Վարդան Մամիկոնեանի անունը կը կրէր, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ Վարդոյի հայերու մէջ արմատացած այն հաւատալիքը, թէ սպարապետին ամարանոցն ու գերեզմանը կային գաւառին մէջ՝ որոշակի իրական հիմք կրնար ունենալ։ Ծառայող մէկ հոգեւորական՝ Տէր Խաչատուր։ Տէր Կարապետեան հաղորդած է Սուրբ Յակոբ անունով ուրիշ աւերուած եկեղեցիի մը գոյութիւնը Կիւմկիւմի մէջ, որուն անունը քրտացած էր տեղի քիւրտերուն կողմէ՝ «Հախոպ» ձեւով։ Տեւկանց յիշած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։

Հապիպան [Հաքսեւեր]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Հաճիպէկ Վերին [Իւքարըհաճըպէյ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Հասանօվա [Հասանօվա]

Ս. Գէորգ եկեղեցին հին կառոյց մըն էր, վերանորոգուած՝ 1874-ին։ Գէորգ Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսեր պահակազօրի զինուոր մըն էր, որ մահուան դատապարտուած էր՝ իր քրիստոնէական հաւատքէն չուրանալուն համար։ Քրիստոնէութեան ամենէն պաշտուած սուրբերէն մէկը դարձած էր, նաեւ Մշոյ մէջ՝ հիւանդութիւններ բուժելու իր կարողութեան համար։ Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան՝ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ի հեղինակները, ենթադրած են, որ գիւղը անանուն եկեղեցի մը ունեցած է, շինուած՝ 1261-ին [33]։ Երկու քանդուած եկեղեցիներ ալ եղած են գիւղին մէջ, որոնցմէ մէկը Սուրբ Շմաւոն կոչուած է եւ միւսը անանուն էր։ Տեւկանց հաղորդած է անանուն, քայքայուած եկեղեցիի մը գոյութիւնը։

Իլանլէ [Եըլանլը]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Ինախ [Ենիմահալլէ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քարաշէն [Քարամէշէ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քարքարուտ [Սազլըճա]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քչան [Սէքի]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քերս [Պոյլու]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քեսթամերթ [Չոպանտաղը]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Խարախու [Քարաքէօյ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Խաշխաշ [Էրիւրտու]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Խոլար [Քոլան]

Յակոբեան եւ այլք ենթադրած են, որ գիւղը անանուն հայկական եկեղեցի մը ունեցած է [34]։

Քիլիսոք [Քիլիսէլի]

Գիւղին ներկայ անունը՝ Քիլիսէլի (թրքերէն՝ «եկեղեցիները»), կը թելադրէ, որ հայկական եկեղեցիի մը կամ վանքի մը աւերակները կրնան գտնուած ըլլալ գիւղին մէջ կամ անոր մօտերը։

Քմսոր [Քայկընթաշ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Քոշքար [Եարլըսու]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը։

Քոթան [Կիւզէլքենթ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։ Քոթանը պէտք չէ շփոթել համանուն վայրին հետ, որ կը գտնուի գիւղէն 3 քիլոմեթր (երկու մղոն) դէպի հիւսիս։

Մէրկէմէտ [Չայըրեօլու]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, որ, ըստ Տէր Կարապետեանի, սկզբնապէս վանք մը կրնայ եղած ըլլալ։

Մուսեան [Պէշիկկայա]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Փասքան [Քայնարճա]

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, եկեղեցին փայտաշէն էր ու նորոգուած՝ հին սրբավայրի մը տեղը։ Ծառայող եկեղեցական մը ունէր՝ Վարդան քհնյ. Տէր Վարդանեան։ Տէր Կարապետեան հաղորդած է, որ երկու մագաղաթեայ աւետարաններ՝ «Շէկ Աւետարան» եւ «Դաւթի Աւետարան» անունով, կը պահուէին գիւղին մէջ։ Անոր մօտերը ուրիշ անանուն եւ քայքայուած եկեղեցի մը կար, որ հին ժամանակներուն ենթադրաբար վանք մըն էր։ Մօտակայ գերեզմաննոցը խաչքարեր ունէր։ Վերջին տարիներուն, ըստ տը Պէլլէկի հաղորդումին, գիւղէն դուրս նոր մզկիթ մը շինուած է՝ հայ եկեղեցիի մը երբեմնի տեղը։

Ռախասան [Իչմէլէր]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Ռանտուլի [Պուզլուկէօզէ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։ Ըստ Տէր Կարապետեանի,  Հայկական լեռնաշխարհի ամենէն կարեւոր ուխտավայրերէն մէկուն՝ Մշոյ Սուրբ Կարապետ հռչակաւոր վանքի դարպասին բանալիներէն մէկը կը պահուէր Ռանտուլիի մէջ, ենթադրաբար՝ գիւղի քահանային քով։ Վանքը կը գտնուէր գիւղէն 22 քիլոմեթր (14 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք։

Սաչաք [Ալնըաչըք]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Սելիքան [Ուլուքափը]

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, եկեղեցին շինուած էր 1276-ին։ Սուրբ Աստուածածինը Մշոյ բարբառով կը կոչուէր «Պալաք գունբէթ», «Կանաչ չունպար», «Խաթուն եղնիկ Սուրբ Տիրամէր», եւ յատուկ յարգանքի կ՚արժանանար բորոտ մեղաւորներու վրայ ունեցած իր ազդեցութեան պատճառով։

Շէխփիր [Կէօլթէփէ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Սոֆեան [Տողանճա]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Թողթափ [Տէօղտապ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Երամաթան [ներկայ անունը՝ անծանօթ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը, խաչքարեր եւ գերեզմաննոց մը։

Զատշէյխ [Աճարքենթ]

Անանուն աւերակ եկեղեցի մը։ Ըստ Տէր Կարապետեանի, եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ քարքարոտ բլրակի մը մէկ մասը գեղեցկօրէն քանդակուած էր խաչքարի ձեւով։

Վարդօ գաւառակի ուխտավայրեր

Վանքերու եւ եկեղեցիներու կողքին, կային մատուռներ, չվնասուած կամ կիսաքանդ խաչքարեր, աղբիւրներ, դամբարաններ եւ վանական ճգնատեղիներ, որոնք Վարդոյի հայերուն կողմէ յատուկ գուրգուրանքի կ՚արժանանային իբրեւ ուխտավայրեր կամ պաշտամունքի վայրեր։ Ամենէն երկար ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենար Զատիկէն ետք, երբ գիւղացիները քառասուն օր կ՚երթային գաւառակի եւ անոր շրջակայքը գտնուող ու սրբազան համարուող վայրերը։ Ուխտագնացութենէն ետք, երբեմն տեղի կ՚ունենային օրական կամ շաբաթական ծոմեր։ Վարդոյի շարք մը ծանօթ վայրեր սրբազան կը համարուէին տեղացիներուն կողմէ։

Ճգնակեացի խուց Աների մէջ

Գիւղին հիւսիսը գոյութիւն ունէր ճգնակեացի մը խուցը, զոր տեղացիները պաշտամունքի նպատակով կ՚այցելէին։

Տարապիի Սուրբ Յակոբ վանքի աղբիւր

Քանդուած Սուրբ Յակոբ վանքին մօտ, որ նաեւ ծանօթ էր Տարապի մենաստան անունով, սրբազան համարուած աղբիւր մը կը բխէր, որուն մօտ պուրակ մը կար։

Տոտանի Սուրբ Յակոբ վանք

Թէեւ Սուրբ Յակոբ վանքը լքուած ու կիսաւեր էր Ի. դարու սկզբնաւորութեան, ըստ Տէր Կարապետեանի՝ ուխտավայր կը համարուէր [35]։

Սուրբ Կարապետ վանք

Սուրբ Կարապետ վանքի տարածքային շրջանը կ՚ընդգրկէր Վարդոյի հայաբնակ գիւղերը, ինչպէս նաեւ այլ գաւառակներ, որոնք Մշոյ սանճագին կը պատկանէին [36]։ Վանքը կը գտնուէր Կիւմկիւմէն 29 քիլոմեթր (18 մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ զազայական Չենկիլլի գիւղակի այսօրուան տեղը։ Վարդոյի գիւղացիները ուխտագնացութեան կ՚երթային տեղական խօսուածքով Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ անունով ծանօթ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչէն հայցելու, որ իրենց սրտի ցանկութիւնը կատարէր։ Զատիկէն մինչեւ Վարդավառ, գիւղացիները ամէնօրեայ ու շաբաթական ծոմ կը պահէին Ս. Կարապետի համար։

Վարդան Մամիկոնեանի ենթադրեալ գերեզման Ղալաճուխի մէջ

Չստուգուած աղբիւր մը կ՚ենթադրէ, որ ըստ տեղացիներու հին հաւատալիքի մը, այս գիւղը Վարդան Մամիկոնեանի վերագրուած դամբարան մը ունէր։ Քիւրտերու հաստատումէն ետք, հայկական այս սրբավայրը գրաւուած ու զիարաթի (քրտ. «սրբավայր») մը վերածուած էր, այնուհետեւ քրտական ուխտագնացութեան վայր մը դառնալով։

Քոշքարի Քոշքարպապայի սրբավայր

Գիւղին մօտ, Քոշքարպապա անունով սրբավայր մը կար, որ ըստ երեւոյթին իր անունը առած էր մերձակայ լեռնէն։ Քոշքարպապա լեռը կը բարձրանար Բիւրակն (Պինկէօլ) լեռներու հարաւը՝ Կիւմկիւմ գետի (Քոշքար Տերեսի) սկզբնաղբիւրին մօտ։ Քոշքարքապա, որ թերեւս շաբաթացեալ մենաստան մըն էր, աւերակ մատուռ մը, դերբուկ մը կամ խաչքար մը, սրբավայր կը նկատուէր ո՛չ միայն հայերու, այլեւ Հորմէկ (Խորամակցի) ցեղախումբին պատկանող քիւրտերուն կողմէ, որոնք իրենց առանձին ուխտագնացութիւնները կը կազմակերպէին հոն։

Կիւնտէմիրի Նորելուկ մատուռ

1870-ական թուականներու սկզբնաւորութեան Կիւնտէմիրի Կարմիր վանքի աւերակներուն պեղումէն ետք, գիւղացիները զանոնք վերածած էին մատուռի մը, որ Նորելուկ(այսինքն՝ նորակառոյց)անունը ստացած էր։ Փայտաշէն մատուռը ուխտավայր մը համարուած էր [37]։

Կիւնտէմիրի Սպիտակ աղբիւր

Այս սրբավայրին անունը կը թելադրէ, որ աղբիւր մըն էր, որուն ջուրը սրբազան կը համարուէր։ Գեղատեսիլ խաչքարեր կանգնած էին մօտակայքը։ Արդարեւ, քանի մը աղբիւրներ կային այլուր Մշոյ մէջ, սովորաբար կանգուն կամ աւերակ վանքերու մօտ, որոնք յատուկ վերաբերմունքի կ՚արժանանային։ Ասոնք կոչուած են Լիւսաղբիւր, Կաթնաղբիւր եւ Շաքարաղբիւր։

Կիւնտէմիրի Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոս սրբավայրեր

Հաւատացեալները գիւղի երկու այլ սրբավայրեր կ՚այցելէին Համբարձման տօնին եւ անկէ անմիջապէս ետք։ Քրիստոսի երկու առաքեալներու անունով այս սրբավայրերը թերեւս շաբաթացեալ մենաստաններ կամ աւերուած մատուռներ էին, եւ կամ դերբուկներ կամ խաչքարեր։ Սուրբ Պօղոս կոչուածը այցելութիւններ կը ստանար Համբարձման տօնին օրը, իսկ միւսը՝ Սուրբ Պետրոս, տօնին յաջորդ օրը։

  • [1] Յովհաննէս Զարիկեան, Կարինի նահանգը 19-րդ դարի երկրորդ կէսին, Երեւան, «Նորավանք», 2013, էջ 231։
  • [2] Թադեւոս Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, գլուխ 3, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 2007, էջ 155։ 
  • [3] Thomas Alan Sinclair, Eastern Turkey: An Architectural & Archaeological Survey, volume I, London, The Pindar Press, 1987, p. 320.
  • [4] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին, Թեհրան,2014, էջ138։
  • [5] Georgi Chochiev and Bekir Koç,“Migrants from the North Caucasus in Eastern Anatolia: Some Notes on Their Settlement and Adaptation (Second Half of the 19th Century-Beginning of the 20th Century),” in Journal of Asian History, vol. 40, No. 1 (2006), p. 92.
  • [6] Արիստակէս Դեւկանց, Այցելութիւն ի Հայաստան,1878։
  • Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1985, էջ 74-75։ 
  • [7] 1902ի Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի Մշոյ դաշտի եւ շրջակայքի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակչութեան մարդահամարը (կատարուած՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կողմէ), էջ 124-125։ 
  • [8] Christopher de Bellaigue, Rebel Land: Unraveling the Riddle of History in a Turkish Town, London, Penguin Books, 2010, p. 85.
  • [9] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide[Armenians in the Ottoman Empire on the Eve of the Genocide], Paris, ARHIS, 1992, p. 500.
  • [10] Մաղաքիա Օրմանեան, Հայոց եկեղեցին եւ իր պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, վարչութիւնը, բարեկարգութիւնը, արարողութիւնը, գրականութիւնը ու ներկայ կացութիւնը, Կ. Պոլիս, Վ. եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան տպարան, էջ 262։ 
  • [11] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան, էջ 138։ 
  • [12] Սարգիս Բդէեան եւ Միսաք Բդէեան, Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ, Գահիրէ, 1962, էջ 335։
  • [13] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան, էջ 138։ 
  • [14] Papken Charian, The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide, Translated by Tamar Topjian Der-Ohannessian, Catholicosate of Cilicia, Antilias, Lebanon, 2009, p. 211.
  • [15] Արամ Սաֆրաստեան, «Կոստանդնուպոլսի հայոց Պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների ցուցակներն ու թաքրիրները (1912-1913)», Էջմիածին, 1965, 23 (2) եւ 22 (2-4), էջ 41, 182-183։
  • [16] Raffi Bedrosian, “Searching for Lost Armenian Churches and Schools in Turkey,” in Armenian Weekly, August 1, 2011. Retrieved from armenianweekly.com/2011/08/01/searching-for-lost-armenian-churches-and-schools-in-turkey/.
  • [17] Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 1902ի մարդահամարը (կատարուած՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կողմէ), էջ 157-166։ 
  • [18] Kévorkian et Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman, p. 500.
  • [19] Գեղամ Տէր-Կարապետեան (Մշոյ Գեղամ), Տարօնի վանքերը. ուղեւորի յիշատակներ, Երեւան, «Մուղնի» հրատարակչութիւն,2003, էջ93։
  • [20] Նոյն, էջ 93։
  • [21] Համազասպ Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, 1953, էջ 260։ 
  • [22] Տէր-Կարապետեան, Տարօնի վանքերը, էջ 92։ 
  • [23] Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, էջ 245։ 
  • [24] Տէր-Կարապետեան, Տարօնի վանքերը, էջ 93։ 
  • [25] Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, էջ 21։ 
  • [26] Տէր-Կարապետեան, Տարօնի վանքերը, էջ 93։
  • [27] Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, էջ 247։ 
  • [28] Naci Okcuve Hasan Akdağ, Salname-vilayet-Erzurum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzurum ilyıllığı (Էրզրում նահանգի տարեգիրք, 1870, 1871, 1872, 1873), Erzurum, Atatürk Üniversitesi İlahiyat Fakültesi, 2010, pp. 208, 321, 446.
  • [29] Kévorkian et Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman, p. 500.
  • [30] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան, էջ 138։ 
  • [31] Նոյն։
  • [32] H.F.B Lynch, Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, New York, Longmans, Green, & Co., 901, p. 359.
  • [33] Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հ. 3, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 1986, էջ372։
  • [34] Նոյն, հ. 2, էջ 764։ 
  • [35] Der-Garabedian, The Monasteries of Daron, p. 93.
  • [36] Մուրատ Հասրաթեան, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանք [The Sourp Garabed Monastery of Moush], in Encyclopedia of Religion, Institute for Armenian Studies of the Yerevan State University. Retrieved from www.armenianreligion.am/am/Encyclopedia_of_armenian_religion_msho_s_karapet_vanq
  • [37] Der-Garabedian, The Monasteries of Daron, p. 92.