Ձեռնարկներ

Այս բաժինով պիտի գտնէք տեսողական կամ գրաւոր նիւթեր, որոնք պատրաստուած են մեր խումբին կամ մեր բարեկամներուն կողմէ եւ որոնք կը վերաբերին Յուշամատեանի կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու։

Լիբանան - Դռնբաց հանդիպումներ

Յուշամատեանի դռնբաց եռօրեայ հանդիպումները. անոնք տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի (Լիբանան) հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկորդական վարժարանէն ներս՝ 10, 12 եւ 14 Յուլիս 2012-ին։

Այս մէկը համագործակցական ձեռնարկ մըն էր Յուշամատեան միութեան եւ Հայկազեան համալսարանին (Լիբանան) միջեւ։ Բազմաթիւ անձեր ներկայացան իրենց հետ բերելով յիշողութեան առարկաներ (հին լուսանկարներ, տնայագործական առարկաներ, գիրքեր, հագուստներ), որոնք կ՚առնչուին օսմանեան հայերու կեանքին։ Այս առարկաներէն զանազան լուսանկարներ կը տեսնէք ստորեւ։

Ներկայացում՝ "Crochet for memory"

Նկարահանում՝ Յուշամատեանի ձեռնարկներէն "Crochet for memory"ի («Ասեղնագործութիւն յիշողութեան ի խնդիր»), որ տեղի ունեցաւ Մարտ 2013-ին՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի արհեստանոցէն ներս (Պերլին)։

Արհեստարան, ցուցահանդէս եւ խմբային քննարկում Պերլինի մէջ

Յուշամատեանի կազմակերպած առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Պերլինի մէջ, Մարտ 27-էն Ապրիլ 10-ը, 2013։

Ցուցահանդէսին ("Memory without a place", «Անվայր յիշողութիւն») ղեկավարուհին էր մեր արուեստի տնօրէնուհին՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանը։ Այստեղ ցուցադրուեցան բազմաթիւ լուսանկարներ եւ առարկաներ մեր կամ մեր բարեկամներու հաւաքածոներէն առնուած։

Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայնրիշ Պէօլ հիմնարկին հետ գործակցաբար՝ Պերլին, Շումաննշթրասը 8, 10117։

Նոյն վայրին մէջ Յուշամատեանի եւ Հայնրիշ Պէօլ հիմնարկին կողմէն կազմակերպուեցաւ նաեւ արհեստարան մը՝ Մարտ 27-ին։ Արհեստարանին նիւթն էր Օսմանեան կայսրութեան հայերու կեանքը, զայն հետազօտելը եւ վերականգնելու միջոցները։ Ասոր յաջորդեց խմբային քննարկման նիստ մը, որուն վարողն էր Ուլրիքէ Տուֆնըր, իսկ մասնակիցներն էին Էլքը Հարթմանն, Հիւլեա Ատաք եւ Միքայէլ Տորրմանն։

Մեր ցուցահանդէսը՝ "Memory without a place" («Անվայր յիշողութիւն»)

Լուսանկարներ՝ Վիվի Ապելսոնի

Ցուցահանդէս եւ աշխատանոց: Իրեր որոնք կը պատմեն (ԹՈՒՄՕ - Երեւան)

Աշակերտները աշխատեցան Յուշամատեանի խումբի անդամ Վահէ Թաշճեանի հետ՝ հետազօտութիւն, յիշողութեան վերակառուցում, պատմութիւն պատմել եւ պատմութիւն գրել նիւթերուն շուրջ։

Անոնք իրենց տուներէն, ազգականներէն կամ դրացիներէն հաւաքեցին բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներ, հին երգեր, յիշողութեան առարկաներ՝ բոլորն ալ օսմանեան հայերուն հետ առընչակից։ Դասընթացքի պատասխանատուներուն ցուցմունքներով անոնք գրեցին այս առարկաներուն եւ անոնց տէրերուն վերաբերող պատմութիւններ, որոնց ճամբով կարելի է այս նիւթերուն ուղեւորութիւնները գիտնալ, ինչպէս նաեւ պատմութիւնները տեղադրել իրենց պատմական համաթեքսթին մէջ։ Հաւաքուած այս նիւթերուն եւ գրուած թեքսթերուն ընդմէջէն անոնք նոր արժէք տուին մանրապատմութիւններու, որոնք առաջին հայեացքով առարկաներու եւ անոնց տէրերուն սովորական պատմութիւններն են, բայց վերջին հաշուով անոնք մաս կը կազմեն հաւաքական յիշողութեան մը։

Դասընթացքին ճամբով, աշակերտները նորարար ձեւերով ծանօթացան Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան։

Դասընթացքին երկրորդ փուլին ընթացքին աշակերտները աշխատեցան Յուշամատեանի արուեստի պատասխանատու՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի հետ, եւ անոր ցուցմունքներով նոր նիւթեր պատրաստեցին կայքէջին համար։ Աշակերտները սորվեցան թէ ինչպէս կարելի է հաւաքուած առարկաներուն տեսողական նոր արժէք մը տալ, ինչպէս վերաշխատիլ լուսանկարներու վրայ եւ պատրաստել կարճ ֆիլմեր։

Դասընթացքին վերջին փուլը ցուցահանդէս մըն էր, որուն ընթացքին ներկայացուեցան աշակերտներուն պատրաստած կարճ ֆիլմերը, ցուցադրուեցան աշակերտներուն հաւաքած առարկաները, որոնք կը ներկայացնէին պատառիկներ Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութենէն։