Օսմանեան Կայսրութիւնն ու Հայերը

Հայերու ներկայութիւնը Օսմանեան աշխարհագրական տարածքէն ներս շատ հին է։ Փաստօրէն մեծ մասամբ հետագային օսմանեան դարձած հողամասերու վրայ կը տարածուէին հայկական իրերայաջորդ թագաւորութիւններուն սահմանները՝ Միջնադարուն կամ անոր նախորդած հնագոյն պատմութեան դարերուն։ Այս տարածքները առաւելաբար պարփակած են այսօրուայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները – ինչպէս նաեւ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը –, ուր նաեւ ապրած է հայկական խիտ բնակչութիւն մը։ Այնպէս որ երկար ժամանակ օսմանեան պետութիւնը իր կարգին արեւելեան այս տարածքներուն տուած է Էրմենիստան ոչ-պաշտօնական անուանումը, որ գործածութեան մէջ եղած է մինչեւ առնուազն 18րդ դար։ Այս տարածքներուն մէջ կ՝իյնան օսմանեան հետեւեալ նահանգները (19րդ դարու տուեալներով). Էրզրում, Վան, Պիթլիս, Տիարպեքիր, Մամուրէթ էլ-Ազիզ (կամ Խարբերդ), Սեբաստիա։ Աշխարհագրական այս ամբողջ տարածքը պատմութեան մէջ յայտնի է նաեւ Հայկական Բարձրաւանդակ անունով։

Այս չի նշանակեր որ հայերը սահմանափակուած մնացած են վերոնշեալ տարածքներուն մէջ։ Պատերազմներն ու կայսերական բնակեցման քաղաքականութիւնները պատճառ եղած են որ հայեր դուրս գան իրենց բնաշխարհէն եւ զանգուածային կերպով բնակութիւն հաստատեն շրջակայ տարածքներու մէջ։ Այսպիսի դրուագներ բազմաթիւ են հայոց պատմութեան մէջ։ Անոնց կը հանդիպինք օրինակ Բիւզանդիոնի ժամանակաշրջանին, երբ 6րդ դարուն, կայսերական իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ, հայերու ստուար խումբեր կը բնակեցուին Թրակիոյ ու Մակեդոնիոյ շրջաններուն մէջ։ Ռազմավարական նշանակութիւն ներկայացնող այս տարածքներուն մէջ հայերը պիտի կազմէին ռազմական գաղութներ՝ բիւզանդական տեղական բանակներուն մատակարարելով անհրաժեշտ զինուժը։ Այսպիսի տեղաշարժեր կը շարունակուին նաեւ յաջորդող դարերուն եւ անոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին 11րդ դարուն՝ Վասպուրականի, Անիի կամ Կարսի հայկական թագաւորութիւններուն անկումին լոյսին տակ։ Այս անգամ հայերու զանգուածային գաղթ տեղի կ՝ունենայ դէպի արեւմտեան տարածքներ, որոնք կը գտնուէին Բիւզանդիոյ սահմաններուն մէջ։ Այսպէս, դարձեալ բիւզանդական իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ, հայեր մեծ թիւով կը հաստատուին Սեբաստիոյ, Արաբկիրի, Կիլիկիոյ եւ Կեսարիոյ տարածքաշրջաններուն մէջ։ Կիլիկիոյ պարագային հայերը կը յաջողին թագաւորութեան մը հիմը դնել, որ կը գոյատեւէ մինչեւ 1375 թուականը։

Մէկ բան յստակ է, որ Հայկական Բարձրաւանդակը տակաւին նախաօսմանեան ժամանակներէն սկսեալ ենթակայ եղած է այս վայրերէն հայերու զանգուածային գաղթին, կայսրութիւններու կողմէ գրաւումի, այլ ժողովուրդներու այստեղ բնակեցումի։ Այս բոլորը մեզ կը մղեն ենթադրելու որ հայերը տակաւին այդ դարերէն ի վեր ստիպուած եղած են իրենց հարազատ այս միջավայրը շատ յաճախ բաժնելու այլ խումբերու հետ, ինչ որ կը նշանակէ նաեւ որ այս տարածքները շեշտուած կերպով հայկական միատարրութիւն մը չեն ունեցած։

Հայերու բնակչային այս զանգուածային տեղաշարժերը կը շարունակուին նաեւ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին։ Այսպէս, 1453 թուականին, երբ Սուլթան Մեհմետ Բ. Կոստանդնուպոլիսը կը գրաւէ Բիւզանդիայէն, այս քաղաքին մէջ կը հաստատէ կայսրութեան արեւելեան տարածքներէն ու Խրիմի շրջանէն տեղափոխուած մեծաթիւ հայեր։ Հայերու գաղթականական շարժումները դարձեալ նոր թափ կ՝առնեն 16րդ եւ 17րդ դարերուն՝ Օսմանեան եւ Սեֆեւեան Պարսկաստանի կայսրութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած երկարատեւ պատերազմներուն ընթացքին։ Զինեալ հակամարտութիւններուն գլխաւոր թատերաբեմներէն էր Հայկական Բարձրաւանդակը, որու բնակիչներէն շատեր կը ստիպուին թողել իրենց բնակավայրերը եւ հաստատուիլ Օսմանեան կայսրութեան արեւմտեան տարածքներուն մէջ։ Նոյն այս պատերազմներուն ընթացքին է որ պարսիկ Շահ Աբբաս Ա. բռնագաղթի կ՝ենթարկէ Արաքսի հովիտի հայ բնակչներէն շատեր ու զանոնք կը հաստատէ իր մայրաքաղաքին՝ Իսֆահանի մէջ։

Յաջորդող դարերուն, երբ օսմանեան զանազան քաղաքներու մէջ զարկ կ՝առնէ առեւտուրը, Եւրոպայի հետ կը սկսի մշակուիլ տնտեսական բազմակողմանի յարաբերութիւններ, այս անգամ ծայր կ՝առնէ հայերու տնտեսական գաղթը դէպի այս ծաղկող ու զարգացող քաղաքները։ Այսպէս է որ բազմաթիւ հայեր բնակութիւն կը հաստատեն Իզմիրի, Պոլսոյ, Ատանայի, Հալէպի, մինչեւ իսկ Պաղտատի կամ Պէյրութի նման աւելի հեռաւոր քաղաքներու մէջ։ Հայերու այս ներ-օսմանեան տեղաշարժերը մեծ ծաւալ կ՝առնեն մանաւանդ 19րդ դարուն, երբ ռուս-օսմանեան պատերազմները, հետագային ծայր առած նաեւ հակահայ բռնութիւնները սով ու աւեր կը պատճառեն Հայկական Բարձրաւանդակի զանազան շրջաններուն մէջ։ Այս անգամ մեծաթիւ հայ տղամարդիկ պանդխտութեան կը դիմեն դէպի Կիլիկիոյ կամ արեւմտեան Անատոլիայի վաճառաշահ քաղաքները։ Ասոնց կողքին, օսմանեան ժամանակաշրջանին հայեր կը շարունակեն ապրիլ Երուսաղէմի մէջ՝ խմբուած Հայոց Պատրիրաքարանին շուրջ եւ ունենալով իրենց առանձին թաղամասը։

Այս հակիրճ ակնարկը օսմանեան հայերուն վրայ նպատակ ունի ցոյց տալ որ հայկական ներկայութիւնը կարելի չէ սահմանափակել լոկ կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն կամ Ատանայի նահանգին մէջ։ Ճիշդ է որ օսմանեան պետութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին այս տարածքները կը շարունակեն հանդիսանալ ամէնէն խիտ հայկական բնակչութիւն ունեցող նահանգները։ Բայց եւ այնպէս Յուշամատեան կայքէջի էջերուն մէջ կը նպատակադրենք մեր հետազօտութիւններուն մէջ նոյնքան կարեւորութիւն տալ Հայկական Բարձրաւանդակէն դուրս գտնուող օսմանեան հայերու պատմութեան։ Վերջին հաշուով համոզուած ենք որ օսմանեան շրջանի հայկական Վանը, Բալուն կամ Էրզրումը կարելի չէ անջատել շատ աւելի արեւմուտք գտնուող Եոզկաթէն կամ Պարտիզակէն։ Ասոնք բոլորն ալ բազմերանք ընդհանուր ժառանգութեան մը մաս կազմող վայրեր են եւ անոնց միջեւ անպայման գոյութիւն ունին փոխադարձ առնչութիւններ, պատմական ու մշակութային յարաբերութիւններ։ Վստահաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ներքին բազմաբնոյթ նրբերանքները, տարբերութիւնները, իւրայատկութիւնները։ Բայց այս չի նշանակեր որ մեր աշխատանքներուն մէջ կրնանք անտեսել հայաբնակ այս բազմաթիւ վայրերէն մէկն ու մէկը։ Արդարեւ, Յուշամատեանի նպատակն է առաւելագոյն չափերով փորձել հասկնալ ու ծանօթացնել խայտաբղէտ ու տարատեսակ օսմանեան հայկական աշխարհը՝ կայսրութեան տարածքին գտնուող հայաբնակ բոլոր վայրերուն մէջ։