Ի՞նչ է Յուշամատեանը

Յուշամատեանը անունն է հանրօգուտ (ոչ-շահաբեր) միութեան մը, որ հիմնուած է Պերլինի մէջ 2010 թուականին։ Անիկա իր առջեւ ունի հիմնական յանձնառութիւն մը, որն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ապրած կեանքին յիշողութիւնը։ Այս առումով, սոյն կայքէջը (www.houshamadyan.org) պիտի հանդիսանայ այն գլխաւոր միջոցը, որ լաւագոյնս պիտի արտացոլացնէ մեր միութեան գործունէութեան արդիւնքները։ Այս պատճառով է նաեւ որ կայքէջին պահպանումը, ֆինանսաւորումը, անոր յաւելեալ զարգացումը, կատարելագործումը ու ճոխացումը Յուշամատեան միութեան առաջնահերթ նպատակն է։

Յուշամատեանի ֆինասաւորման աղբիւրները առայժմ անհատական նուիրատուութիւններ են։ Յոյսով ենք որ մեր այցելուներուն շարքին պիտի գտնուին անհատներ, որոնք պիտի քաջալերեն այս աշխատանքը մեր դրամատան հասցէին համուոյն դրամական ներդրումներ կատարելով։

Մեր հետազօտութիւնները կ՝ընդգրկեն Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան բոլոր մարզերը, ինչպէս ընկերային պատմութիւն, առօրեայ կեանքի պատմութիւն, տեղական մանրապատմութիւն, բարբառներ, երաժշտութիւն, գրականութիւն, նիւթական մշակոյթ, եւայլն։ Այս իմաստով ալ մեզ համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն օսմանեան հայերուն վերաբերող մշակութային արժէք ունեցող իրերու  հաւաքումն ու պահպանումը, ինչպէս օրինակ պատմական նշանակութեամբ երաժշտական ձայնագրութիւններ, հին լուսանկարներ, գեղանկարներ, հին ֆիլմեր, քարտէսներ, եւայլն։ Մեր աշխատանքներուն համար նոյնպէս կարեւոր են օսմանեան հայերու պատմութեան վերաբերող վաւերաթուղթերը, ինչպէս օրինակ հրատարակուած գիրքեր, պարբերաթերթեր, արխիւային նիւթեր. կամ՝ անհատական հաւաքածոներու մաս կազմող թուղթեր, ինչպէս թղթակցութիւն, անտիպ նօթեր, պաշտօնական վաւերաթուղթեր, ինքնակենսագրական տուեալներ, եւայլն։ Այս ձեւի հաւաքածոներ կարելի է բարձր որակով սքանաւորել, ապա ուղարկել մեր հասցէին։ Նոյնպէս կը ձգտինք հաւաքել բանաւոր պատմութեան վերաբերող նիւթեր, ինչպէս լսողական կամ լսա-տեսողական հարցազրոյցներ։

Ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուած այս բոլորը կը կազմեն մեր կայքէջը մատակարարող հիմնական նիւթերը։

Հետագային, երբ կայքէջային աշխատանքները բնականոն հունի մէջ դրուած ըլլան, Յուշամատեան միութիւնը նպատակ ունի նաեւ Օսմանեան կայսրութեան հայերուն վերոնշեալ թեմաներուն մասին կազմակերպել գիտական դասախօսութիւններ, համագումարներ եւ ցուցահանդէսներ։ Նոյնպէս, հետագայի գործունէութեան մաս կը կազմէ նոյն այս թեմաներուն շուրջ մասնագիտական հրատարակութիւնները։ Այս պարագային պիտի ընտրուին մեր կայքէջի էջերուն մէջ արդէն իսկ ներկայացուած յատուկ նիւթեր, որոնք պիտի վերամշակուին ու՝ պատրաստուին հրատարակութեան։

Արդ, կայքէջը պիտի ըլլայ Յուշամատեանի գործունէութեան առանցքը։ Համոզուած ենք որ օսմանեան հայերու յիշողութիւնը վերականգնելու այսպիսի ընդարձակ աշխատանքի մը համար համացանցը կը հանդիսանայ ամէնէն գործնական, ազդեցիկ ու հաղորդական միջոցը։ Աւելի՛ն, մեր նպատակն է ստեղծել համագործակցային  կայքէջ մը, ուր իւրաքանչիւր այցելու հնարաւորութիւն պիտի ունենայ իր նկատողութիւններով կամ իր տրամադրութեան տակ եղող նիւթերով (լուսանկարներ, գիրքեր, յուշեր, տեղեկութիւններ) այս էջերը համագործակցաբար հարստացնելու։ Այսպիսի նիւթեր այցելուն հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մեր ելեկտրոնական հասցէին ճամբով ուղարկել Յուշամատեանի խմբագրութեանը։

Մեր մտադրութիւնը կայքէջին առանձնաբար հայկական պատկանելիութիւն մը տալ չէ։ Ճիշդ է որ ընտրուած թեմաները առաւելաբար կը վերաբերին հայերուն եւ այս իմաստով ալ կը կարծենք որ համացանցային այս էջերուն այցելուները կարեւոր տոկոսով հայեր պիտի ըլլան։ Այո՛, հայ տարրը այս տարածքներէն աքսորուած ու հողազրկուած խումբն է։ Անոր յիշատակն իսկ շատ յաճախ ոտնակոխուած ու ջնջուած է թրքական իրականութեան մէջ։ Այնպէս որ տարակոյս չկայ որ մեր ծրագիրը կը նպատակադրէ նոր արժէք մը տալ օսմանեան հայերու յիշողութեանը՝ անոր վերստին տալով իր արժանի տեղը օսմանեան ընդհանուր ժառանգութեան մէջ։ Բայց այս ամենեւին չի նշանակեր որ օսմանեան հայերու յիշողութեան վերաբերող այս կայքէջը կը ձգտի վերածուիլ այնպիսի վայրի մը, ուր գրութիւններով ու բազմամետիա միջոցներով հայը պիտի «վերագրաւէ» իր կորսնցուցած տարածքը, վերահաստատուի այստեղ ի հեճուկս Այլին – այս պարագային գլխաւորաբար թուրքին ու քիւրտին –, Այլը պիտի դառնայ բուռն յարձակումներու թիրախ, պիտի ստորագնահատուի անոր դերն ու տեղը անցեալի քաղաքին կամ գիւղին յիշողութեան մէջ։

Ընդհակառակը. համոզուած ենք, որ մեծ մասամբ արդի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող անցեալի այս գիւղերուն ու քաղաքներուն յիշողութիւնը միայն հայերուն չի վերաբերիր։ Այո՛, մեր ուսումնասիրածը պիտի ըլլայ օսմանեան հայկական ժառանգութիւնը։ Բայց անիկա միաժամանակ անքակտելի մասն է տեղական համընդհանուր ժառանգութեան, որ փաստօրէն կերտուած է զանազան խումբերու համակեցութեան պայմաններուն մէջ։ Այս իմաստով ալ Յուշամատեան կայքէջը կը ձգտի ըլլալ համագործակցութեան վայրը ՝ թէ՛ մեզ շահագրգռող վայրերու մերօրեայ բնակիչներուն, թէ՛ իրենց ծագումով նոյն այս տարածքներէն սեռած անհատներուն, թէ՛ ընկերային գիտութիւններու մասնագէտներու, որոնց շարքին մանաւանդ օսմանագէտներու ու պատմագէտներու եւ թէ բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան այսպիսի ժառանգութեան մը վերականգման կարեւորութեան։ Ի վերջոյ համոզուած ենք, որ օսմանցի հայերու ապրած կեանքին յիշողութեան վերականգման վերաբերող մեր աշխատանքը կրնայ աւելի եւս հարստանալ ու ճոխանալ, երբ անոր մասնակից կը դարձնենք սոյն տարածքներուն այսօրուան բնակիչները, այս վայրերուն «հողին ու ջուրին» հետ անմիջականօրէն առնչուող անհատները։ Այն ժամանակ, երբ մեր կայքէջը յաջողի դառնալ հանդիպման այն միջոցը, ուր միասնական ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ կարեւոր չափերով վերականգնել անցեալի այս ժառանգութիւնը, այն ատեն կրնանք ըսել որ Յուշամատեանը հասած կ՝ըլլայ իր գլխաւոր նպատակներէն մէկուն։

Գիտակից ենք որ մարտահրաւէրը մեծ է։ Այո՛, համացանցային արհեստագիտութիւնը կարելիութիւնը կ՝ընձեռէ մեր կայքէջի էջերուն մէջ համախմբելու բազմազան, բազմասփիւռ ու հետզհետէ դժուար գտանելի պատմագրական աղբիւրներ ու մշակութային իրեր։ Այս իմաստով ալ մեր տրամադրութեան տակ ունինք աղբիւրներու հարուստ պաշար, որ թոյլ կու տայ նմանօրինակ մեծածաւալ աշխատանքի մը ձեռնարկման։ Բայց ամբողջ հարցը կը կայանայ հայերով բնակուած մօտ երեք հազար օսմանեան գիւղերու ու քաղաքներու ժառանգութիւնը վերականգնելուն մէջ։ Թերեւս անկարելի պիտի ըլլայ այս բոլոր բնակավայրերուն մասին նիւթեր գտնելը, իսկ այլ պարագաներու ալ անոնց մասին գոյութիւն ունեցած աղբիւրները կրնան մեծապէս պակասաւոր ըլլալ։ Բայց Յուշամատեանը երկար շունչի աշխատանք մըն է։ Կայքէջային տարբերակը մեզ միշտ ալ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ մեր թեքսթերն ու բազմամետիա նիւթերը ամէն առիթի հարստացնելու ու թարմացնելու։

Այս իմաստով ալ մեր կայքէջը մշտապէս բաց հրաւէր մըն է՝ ուղղուած բոլոր այն այցելուներուն, որոնք կը փափաքին իրենց սեփական նիւթերը Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դնել։ Այսպէս, մենք պատրաստ ենք ընդունելու ամէն տեսակի նիւթեր (յօդուածներ, գիրքեր, արխիւային նիւթեր, լուսանկարներ, քարտէսներ, ձայնագրութիւններ, ֆիլմեր, եւայլն), որոնք կրնան նորութիւններ բերել մեր ձեռնարկած աշխատանքին։ Այս հարցով կարելի է ուղղակի ելեկտրոնային նամակ մը յղել մեր հասցէին՝ houshamadyan(at)googlemail.com եւ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս անհրաժեշտ բոլոր բացատրութիւնները տալու ուղարկուելիք նիւթին գործածութեան պայմաններուն ու հեղինակային իրաւունքներուն մասին։