Map

Քարտէսին գործածութեան մասին տեղեկութիւնները կը գտնէք այս էջին ձախ սիւնակին մէջ։

Ատանայի գերմանական ռազմական քարտէսը, 1918-ին

Հեղինակ՝ Ժոզէֆ Ռուսթոմ, 30/11/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/11/2021)

Ատանայի քարտէսը կը ներկայացնէ քաղաքին ձեւակազմութիւնն ու գլխաւոր կառոյցները. հետեւաբար անիկա կը վերականգնէ նաեւ օսմանեան հայերու կեանքը Առաջին համաշխարհային պատերազմին նախօրեակին։ Քարտէսը պատրաստուած է Օգոստոս 1918-ին գերմանական բանակին կողմէ կազմուած քարտէսի մը հիման վրայ, որ ներկայիս մատչելի է Պերլինի Արհեստագիտական համալսարանի (Technische Universität Berlin) Ճարտարագիտութեան թանգարանին մէջ գտնուող Հերմանն Եանսէնի (1869-1945) -գերմանացի ճարտարագէտ եւ քաղաքաշինարար- հաւաքածոյին մէջ։ [2] 1928-ին ան կը շահի Անգարայի գլխաւոր նախագիծը պատրաստելու մրցոյցթը, այնուհետեւ անոր պարտականութիւն կը տրուի պատրաստելու այլ քաղաքներու գլխաւոր նախագիրծերը, ինչպէս Ատանա, Մերսին եւ Թարսուս։ [3] Եանսէն հաւանաբար գործածած է գերմանական ռազմական քարտէսը՝ Ատանայի վերաբերող քաղաքաշինարարական իր ծրագիրներուն մէջ։

Արդ, քարտէսին պատրաստութիւնը գերմանական բանակին կողմէ կատարուած է միայն քանի մը ամիս առաջ Դաշնակից ուժերուն -բրիտանացիներ եւ ֆրանսացիներ- Ատանա մուտքէն, որ տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբեր 1919-ին։ Քարտէսին մէջ մանրամասնօրէն կ՚երեւին քաղաքային ընդհանուր կառոյցը, քաղաքին պատմական կեդրոնը, նշուած են բոլոր թաղամասերուն անունները, տեղեկութիւններ կան տեղագրութեան մասին, կը յիշատակուին գլխաւոր շէնքերը, ճամբաները եւ քարաշէն ցանկապատները։ Հոս կ՚երեւին նաեւ շինարարական նոր ծրագիրներ, ինչպէս օրինակ Ատանայի հիւսիսը գտնուող շոգեկառքի նորաշէն կայարանը. ասոր կողքին նաեւ անաւարտ ճամբայ մը, որ նոր կայարանը կը կապէր քաղաքի կեդրոնին։ Այս ճամբուղին ներկայիս կը կոչուի Զիափաշա պողոտայ։ Յատկանշական է, որ քարտէսը թէեւ պատրաստուած է գերմանացիներու կողմէ, բայց անոր լեզուն ֆրանսերէն է, որ այդ ժամանակներու միջազգային լեզուն էր։ Շատ հաւանաբար այս ֆրանսերէնը աւելի մատչելի լեզու էր նաեւ քարտէսը գործածող օսմանեան բանակի սպաներուն։

Պարզ է որ քաղաքին մէջի հայկական կեանքը չէր կրնար սահմանափակուիլ միայն այն վայրերուն մէջ ուր կային հայկական գլխաւոր կառոյցները, կամ այն տեղերուն մէջ ուր քարտէսներուն մէջ յաճախ կը նշուի իբրեւ հայկական թաղամաս։ Այսուհանդերձ, կարելի է ըսել որ հայկական ներկայութիւնը Ատանայի մէջ կեդրոնացած էր Թէրս Քափուի տարածքին. այս մէկը արեւելքէն արեւմուտք երկարող քաղաքին գլխաւոր առանցքն էր, հռոմէական նախկին decumanus maximus-ը։ [4] Այսպէս, հայերը կ՚ապրէին Թէրս Քափուի հիւսիսը՝ Պապ Թարսուս, Սաչլի Համիտ, Հաճի Համիտ եւ Քանթարան թաղամասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թէրս Քափուի հարաւը՝ Չիրաք, Տուրմուշ Ֆաքիր, եւ Քարա Սոքու թաղամասերուն մէջ։ Յարաբերաբար փոքրաթիւ հայ բնակչութիւն մըն ալ կար Մերմերլի եւ Իճատիէ թաղամասերուն մէջ՝ շոգեկառքի հին կայարանին արեւելքը։ Այս թաղամասերուն կողքին, քարտէսը կը նշէ զանազան հողատարածքներ, գործարաններ եւ գերեզմանատուն մը, որոնք պատկանած են հայկական համայնքին։ Թէեւ քարտէսին մէջ չեն նշուած, բայց գիտենք որ զանազան մշակելի արտեր, յատկապէս այգիներ, որոնք կը գտնուէին շոգեկառքի նոր կայարանին հիւսիսը, նոյնպէս կը պատկանէին հայերու։ Նմանապէս՝ ցորենի արտեր Սիհուն գետին հակառակ կողմը՝ նոր երկաթուղագիծին հարաւը եւ հարեւանութեամբ փոքր գիւղի մը, որ հայերուն կողմէ կը կոչուէր Հայ գիւղ, իսկ օսմանեան կարգ մը քարտէսներու մէջ ծանօթ է Կեաւուր Քէօյ անունով. սոյն վայրը հայերուն համար ամառանոց մըն էր։ Վերը նշուած հայկական թաղամասերը, ինչպէս նաեւ երկրագործական տարածքները կարելի է գտնել նաեւ 1920-ին՝ Կիլիկիոյ ֆրանսական գրաւման տարիներուն պատրաստուած Ատանայի մէկ քարտէսին մէջ։ [5] Այս նոյն վայրերը կը համապատասխանեն 1909-ի ջարդերուն ընթացքին հրկիզուած թաղամասերուն [6], որոնք բացի վերը նշուած քաղաքամասերէն, կ՚ընդգրկեն հետեւեալ վայրերը. ա) հիւսիս-արեւմուտքի մէջ Քուրու Քէօփրուն եւ Թաքէր Քուլփուն, որոնք Մերմերլին շրջապատող թաղամասեր են. Եէնի (Նոր) թաղամասին մէկ մասը, Հան Կուրպին –քաղաքին յունական թաղամասը- եւ Չինարլին։ բ) Թէրս Քափուին հարաւը եւ պազարին հարաւ-արեւմուտքը՝ Ալի Տէտէ, Սարի Թաքուպ եւ Էսքի Համմամ թաղամասերը։ Կարգ մը հրկիզուած թաղամասեր գերմանական քարտէսին մէջ կ՚երեւին իբրեւ դատարկ տարածքներ։ Այս է պարագան Թաքէր Քուլփու թաղամասին արեւմտեան հատուածին։

Այս քարտէսը թէեւ հաւատարիմ կը մնայ գերմանական ռազմական քարտէսին քաղաքային ձեւակազմութեան եւ տեղանուանութեան, այսուհանդերձ երկու տեսակ փոփոխութիւններ կատարուած են հոս նախա-1915-եան միջավայրը աւելի ճշգրիտ ներկայացնելու համար։ Առաջին հերթին, բոլոր այն կառոյցները, որոնք 1915-էն ետք այլ նպատակներով կը սկսին գործել, հոս կը ներկայացուին վերստին իրենց նախա-1915-եան դերին մէջ։ Իսկապէս, քաղաքին հայ բնակչութեան տարագրութենէն ետք, հայկական եկեղեցիներ եւ համայնքային այլ կառոյցներ կը վերածուին զինուորական պահեստներու, հիւանդանոցներու, ինչպէս նաեւ թրքական դպրոցներու։ Կարճ ժամանակամիջոցով մը՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին աւարտէն ետք եւ Կիլիկիոյ ֆրանսական գրաւման տարիներուն -Նոյեմբեր 1918-էն Յունուար 1922-, կը վերականգնուի այս կառոյցներուն հարազատ դերակատարութիւնը։ [7] Քարտէսին մէջ “Dépot militaire (Anc. Église Arménienne)”-ը դարձած է «Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի», “Hôpital Militaire (Anc. Collège Américain)”-ը դարձած է «Ամերիկեան գոլէճ», “École Soultanié (Anc. École des Soeurs)”-ը՝ «Կաթոլիկ քոյրերիու վարժարան եւ հիւանդանոց» եւ “Hôpital Militaire (Anc. École des P. Jésuites)”-ը՝ «Յիսուսեան վարժարան»։ Փոփոխուած անունները աստղանիշով նշուած են։ Երկրորդ, քարտէսը ամբողջացած է զանազան այլ կառոյցներու յաւելումով։ Այս նպատակին համար գործածած ենք մեր տրամադրութեան տակ եղող ժամանակակից քարտէսներ եւ պատմական լուսանկարներ։ Սոյն կառոյցները աւելցուած են եւ նոյնպէս՝ աստղանիշով նշուած. «Ս. Պօղոս հայ կաթոլիկ եկեղեցի», «Ս. Ստեփանոս հայկական եկեղեցի», «Աբգարեան/Արամեան վարժարան», «Շահպազեան շտեմարան» «Հայկական պանդոկ», «Օրօստի-Պաք (վաճառատուն)», «՛Փալաս՛ պանդոկ», «Պանք Օթթոման», «Տէօչը պանք» եւ «Սակարան»։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ռիթա Սաատէին՝ քարտէսին բծախնդիր վերարտադրութեան համար։ Շնորհակալութիւններ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանին՝ քարտէսին գունաւորումին համար, ինչպէս նաեւ Տէնիզ Թ. Քիլինճօղլուին թրքերէն տեղանունները ստուգելուն համար։

  1. [1] Ծրագիրը գործադրուած է (՞) եւ Է. Վէթշթայնի (Wettstein) կողմէ եւ հաստատուած է գլխաւոր երկրաչափ Վինցլէր (՞)ի կողմէ, Ատանայի մէջ, Օգոստոս 1918-ին։ Քարտէսին աստիճանն է 1:1000։
  2. [2] Պերլինի Արհեստագիտական համալսարանի (Technische Universität Berlin) Ճարտարագիտութեան թանգարան։ Inv. Nr. 23370 to 23381. 
  3. [3] Duygu Saban, “Hermann Jansen’s Planning Principles and his Urban Legacy in Adana” METU Journal of the Faculty of Architecture, (26:2), 2009, էջ 45-67։
  4. [4] Արեւելքէն Արեւմուտք երկարող հռոմէական քաղաքի մը հիմնական ճամբան։
  5. [5] Ատանայի ուրուագիծ, 18 Յունուար 1920, Service historique de la Défense, նախապէս՝ Service historique de l’Armée de terre. SHAT 4H 231 / d1։
  6. [6] Հրկիզուած թաղամասերուն քարտէսը տեսնել. Բիւզանդ Եղիայեան (խմբագիր), Ատանայի Հայոց Պատմութիւն, հրատարակութիւն Ատանայի Հայրենակցական Միութեան, Անթիլիաս, 1970, էջ 272։
  7. [7] Տես՝ Vahé Tachjian, La France en Cilicie et en Haute-Mésopotamie. Aux confins de la Turquie, de la Syrie et de l’Irak (1919-1933), Éditions Karthala, Paris, 2004.