Հաճընցի երիտասարդ հայեր (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)

Հաճըն - Արհեստներ

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 19/02/2016 (վերջին փոփոխութիւն՝ 19/02/2016)

Բոլոր հայաբնակ վայրերու նման, Հաճընի մէջ նոյնպէս, հին ժամանակներէն լայն տարածում ունէին տնային արհեստները, որոնցմէ ոմանք գոյատեւած են մինչեւ արդի ժամանակներ, հանդիսանալով ժողովուրդին հիմնական զբաղումն ու ապրուստի գլխաւոր միջոցը:

Հաճըն քաղաքն ունի 20 հազարէ աւելի հայ բնակչութիւն եւ յայտնի է իբրեւ հայկական քաղաք. տեղական արհեստներն ալ գերազանցապէս հայկական արհեստագործութեան աւանդոյթներուն վրայ հիմնուած են: Անշուշտ, այս կամ այն արհեստին առաւել կամ նուազ զարգացումը պայմանաւորուած է քաղաքին բնական հարստութիւններով, ժողովուրդին կեանքով ու կենցաղով, նաեւ սովորութիւններով:

Հաճընէն տեսարան մը։ Հեռուն, աջին, բարձրունքի վրայ կ՚երեւի ամերիկեան միսիոնը իր դպրոցով եւ որբանոցով (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Կարգ մը արհեստներ ժամանակի ընթացքին աւելի լայն տարածում գտած են, նպաստելով արտադրութեան աճին եւ բնակչութեան տնտեսական բարգաւաճման: Եթէ անցեալին արհեստներն ու արհեստագործութիւնը կը զարգանային տուներու մէջ՝ գերազանցապէս ընտանիքներու պահանջքին գոհացում տալու համար, ապա աւելի նոր ժամանակներուն՝ 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, կարգ մը արհեստներ տուներէ դուրս մղուելով, կը սկսին զարգանալ արհեստանոցներու, խանութներու մէջ, մրցակցութեան մէջ կը մտնեն այսպէս կոչուած շուկայական արհեստները:

Իրաւ է որ Հաճընի մէջ զարգացման որոշ աստիճանի հասած են արհեստները, այսուհանդերձ, ի մի բերելով ընդհանուր պատկերը, կրնանք ըսել, որ հայկական այլ կեդրոններու բաղդատմամբ, Հաճընի արհեստագործութիւնը չի փայլիր ո'չ իր ճոխութեամբ ու բազմազանութեամբ, եւ ո'չ ալ կատարողական արուեստով: Արհեստի այս կամ այն ճիւղին առաւել կամ նուազ զարգացումն ալ ուղիղ համեմատական է տեղւոյն պահանջարկին եւ սպառումի ցուցիչներուն: Ուստի կարելի է ըսել, որ Հաճըն արհեստագործութեան կեդրոն ըլլալով հանդերձ, արհեստը աշխատանքի կամ ապրուստի միջոց մը եղած է եւ ոչ երբեք շքեղ կեանքի ու կենսակերպի դրսեւորում: Ըսուածը հաստատելու համար բաւարար է թուարկել քաղաքին մէջ գործող աւանդական արհեստներու շարքը՝ կտաւագործութիւն, մանիսագործութիւն, թաղիքագործութիւն, գուլպայագործութիւն, փայտամշակութիւն, կաշեգործութիւն, եւլն:

Արդարեւ, մինչեւ 19-րդ դարու կէսերը Հաճնոյ արհեստագործութիւնը կը մնար սոսկ ժողովուրդի կենցաղային կարիքները բաւարարելու իր պարունակին մէջ: Ասոր հիմնական պատճառներէն պէտք է նկատել Հաճընի առեւտրական ճամբաներէ հեռու՝ մեկուսի դիրքը, արտադրութեան միջոցներու եւ հումքի սահմանափակութիւնը, հետեւաբար նաեւ զարգացումի հնարաւորութիւններէ զուրկ վիճակը: 1870-80-ականներէն սկսեալ, ինչպէս ընդհանուր երկրամասին, Հաճընի մէջ նոյնպէս նկատելի տեղաշարժեր կը կատարուին, մասնաւորաբար առեւտրա-արդիւնաբերական, արհեստագործական շրջանակներէ ներս: Կը հիմնուին արդիւնաբերական շարք մը ձեռնարկութիւններ, նոր թափ կը ստանան աւանդական արհեստները՝ կաշեգործութիւնն ու փայտամշակութիւնը, ձեռագործի, մանիսայի արտադրութիւնները:

Յաջորդող տողերու մէջ կը ներկայացնենք Հաճընի մէջ առաւել տարածուած ու բազմամարդ արհեստանոցները, որ իր կարգին լոյս կը սփռէ Հաճընի տնտեսական կեանքին վրայ:

Խաղախորդութիւն

Հաճնոյ ամենէն հին եւ զարգացած արհեստներէն է կաշեգործութիւնը, որ յայտնի է խաղախորդութիւն անունով [1]: Հումքի առատութիւնն ու տեղական պահանջարկը կարեւոր դեր խաղցած են այս ճիւղին զարգացման համար, սակայն աւելի մեծ եղած է կաշեգործութեան հին հայկական աւանդոյթի գործօնը, որ ապահոված է արտադրանքի ե'ւ բարձր որակը ե'ւ արդիւնաւէտութիւնը:

Քաղաքին արեւելեան կողմը՝ Գըրտէտի գետին եզերքը կը գտնուի Թաղարնոցը (թաղար բառէն, անասուններու մորթը մշակելու համար կը թրջէին գետնափոր յատուկ թաղարներու մէջ), որ ամենէն լաւ կազմակերպուած արհեստանոցներէն մէկը կը թուի ըլլալ: Ընդհանուր թաղարնոցը կը բաղկանայ 25-30 առանձին արհեստանոցներէ (տնակներէ) եւ գետնափոր թաղարներէ, ուր անասուններու հում մորթը խուզելէ, մաքրելէ եւ մշակելէ յետոյ՝ կաշեղէնը այլ եւ այլ նպատակներու գործածուելու կը պատրաստուի [2]: Նուրբ եւ փափուկ կաշին կը գործածեն կիներու կօշիկ, կիսակօշիկ, մուճակ, մոյկ կարելու, իսկ կոշտ տեսակը՝ այրերու ոտնաման, երկարաճիտ կօշիկ, նաեւ սանձ, թամբ, ձիասարքի եւ կենցաղային նշանակութեան իրերու կաշեմասեր պատրաստելու համար: Տեղական պահանջարկը ապահովելէ զատ, հաճընցի կաշեգործները իրենց արտադրած կաշիի մէկ մասը կ'արտահանեն շրջակայ քաղաքներ:

Դեռեւս հին ժամանակներէն բոլոր արհեստաւորները համախմբուած են մէկ էսնաֆութեան մէջ, որ կը ղեկավարուի վերին մարմինի մը կողմէ եւ որուն հովանաւորութեան տակ կը գտնուին բոլոր արհեստաւորները: Դատելով այս մարմինին մասին ամփոփ տեղեկութիւնները, կրնանք ըսել որ ուրոյն եւ լաւ կազմակերպուած արհեստակցական ընկերութիւն մըն է, որ իր շուրջ համախմբած է կաշեգործութեամբ զբաղող բոլոր վարպետները, վարպետի օգնականներն ու աշակերտները:

«Հաճընցի երիտասարդ հայեր» վերնագրով ամէնէն վերի պատկերին շարունակութիւնը (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)

Ինչպէս ամենուր, Հաճընի արհեստակցական այս կազմակերպութիւնն ալ ունի իր կանոնադրութիւնը, գանձարկղը եւ ղեկավար մարմինը, որուն գլուխ կանգնած է արհեստակիցներուն կողմէ ընտրուած աւագ վարպետը՝ էսնաֆպաշին, եւ արհեստակցական միութեան պետը: Իբրեւ այդպիսիք կը ներկայանան՝ Կարապետ վարպետ Տէվիրեան, Գրիգոր վարպետ Քէսպէրճիքեան: Այս մարմինը կը հսկէ արհեստանոցի ներքին կարգ ու կանոնին, կը հարթէ վէճերն ու անհամաձայնութիւնները, նաեւ կ'օժանդակէ տնտեսապէս տուժած կամ դժուարութեան մատնուած արհեստակիցներուն [3]: Այս արհեստին մէջ յաջողած եւ երեւելի դիրքի մը հասած անուններէն է՝ Հաճի աղա Ճըռեան, որ յետագային իր գործը Ատանա կը փոխադրէ [4]:

1900-ականներու սկիզբը, հաճընցի խումբ մը երիտասարդներ հայրենի քաղաքին մէջ աւանդական կաշեգործութիւնը զարգացնելու եւ կատարելագործելու նպատակով կը մեկնին Ատանա, ուրկէ գիտական նոր մեթոտներ եւ հմտութիւններ ձեռք բերած հայրենիք կը վերադառնան ու անմիջապէս գործի կը լծուին։ Սակայն Ցեղասպանութիւնը վրայ կը հասնի, Հաճընը հայաթափ կ՚ըլլայ եւ այս արհեստն ալ կը կասի, ուրիշ շատ մը արհեստներու կարգին [5]:

Ոստայնանկութիւն եւ մանուսագործութիւն

Հաճնոյ հնագոյն եւ տարածուած արհեստներու շարքին է ոստայնանկութիւնը՝ կտաւագործութիւնը: Սակայն այս արհեստն ալ մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը տնայնագործութեան մաս կը կազմէր եւ ընտանիքներու կարիքները հոգալու կը ծառայէր: Սովորաբար հագուստեղէնը եւ այլ պարագաներու կտաւեղէնը տուներու մէջ կը պատրաստուին: Գրեթէ բոլոր տուներէ անպակաս է տեազկահը (ոստայն), որու առջեւ կիներ ծալապատիկ նստած կտաւ կը հիւսեն, մեծ մասամբ մանածն ալ իրենք պատրաստելով կը գործեն բուրդէ, բամպակէ կամ այծի մազով տարբեր հիւսուածեղէններ [6]:

Հաճընցի կիներ գորգագործութեան պահուն։ Պատկերը առնուած է ամերիկացի միսիոնարներուն հիմնած գորգագործարանին մէջ, 1898-ին, Հաճըն (Աղբիւր՝ Յ. Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Հաճըն. հայ որբերը 1895-էն ետք։ Պատկերին մէջ կը տեսնենք որ իրենց բաճկոններուն տակէն անոնք հագուած են անթարիներ (Աղբիւր՝ Missionary Church Archives, Պէթէլ գոլէճի գրադարան, Միշաուաքա, Ինտիանա. շնորհակալութիւններ Ռոզմէյրի Ռասսըլի եւ Քեւըն Պլաուըրզի)

Առանձին ճիւղ մըն է մանուսագործութիւնը: Մանուսան բամպակէ զոլաւոր կտաւ մըն է, անուանումը ստացած է Փոքր Ասիոյ Մանիսա քաղաքէն, որ մանուսագործութեան նշանաւոր կեդրոն մըն էր: Մանուսան շատ տարածուած էր հայաբնակ շարք մը քաղաքներու մէջ, յայտնի է նաեւ ալաճա անունով: Հաճընի մէջ այս արհեստին տարածումն ու զարգացումը կ'առնչուի Մանիսաճեան ընտանիքին հետ (այստեղէն՝ Մանիսաճեան մականունը): Կ'ըսուի թէ բաւական ժամանակ առաջ (հաւանաբար 1800-ականներուկեսերէն յետոյ), Նազարէթ աղա Մանիսաճեան իր տանը մէջ մանուսագործութեան արհեստանոց մը հիմնած է եւ տեազկահներ ու դերձանն ալ Մարաշէն ու Ատանայէն բերել տալով սկսած է մանուսա եւ կտաւ գործել տալ: Այս արհեստանոցէն ելած մանուսան մեծ պահանջարկ ունեցած է տեղական շուկայի մէջ [7]:

Փոքր Ասիոյ ուրիշ քաղաքներու նման, մանուսան շատ մեծ կիրառութիւն ունի տարազագործութեան մէջ եւ պարտադիր մաս կը կազմէ Հաճընի տարազին, այդ թուին ե՛ւ կիներու ե՛ւ այր մարդոց հագուկապին: Այր մարդոց հին տարազէն անպակաս էր սեւ կամ կարմիր զոլաւոր մանուսայէ անթարին, իսկ կիներ կը հագուէին գոյնզգոյն մանուսայէ հիւսուած անդրավարտիք:

Այս գործով զբաղող ուրիշ ընտանիքներ եւս ծանօթ են Հաճընի մէջ, սակայն մէկ կողմէ հումքի պակասութիւնը, միւս կողմէ սպառումի եւ արտածումի աննպաստ պայմանները արգելակած են այս արհեստին առաւել զարգացումն ու տարածումը:

Մանուսագործական արհեստանոց

Համիտեան կոտորածներէն (1895) անմիջապէս յետոյ, ամերիկեան միսիոնարական ընկերութիւնը (American Board of Commissioners for foreign missions) Հաճըն կը ղրկէ միսիոնար Ճոն Մարթինը, տեղւոյն հայութեան կարիքներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով: Մարթին, Ատանայի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսին միջոցաւ կը դիմէ բրիտանական բարեսիրական ընկերութիւններու եւ անոնցմէ իբր օգնութիւն հասած դրամական միջոցներով քաղաքին արեւելեան կողմը խոշոր գետին մը գնելով՝ երկու հսկայ շէնքեր կառուցել կու տայ: Ասոնցմէ՝ վարի շէնքը կը յատկացուի մանուսագործութեան, իսկ վերի շէնքին մէկ մասը՝ կահագործութեան, մաս մըն ալ գորգագործութեան:

Հաճընի ամերիկեան միսիոնին մանուսագործարանը (Աղբիւր՝ Յ. Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Ուշագրաւ հանգամանք մըն է, որ Մարթին առաջին իսկ առիթով մանուսագործութեան կարելիութիւնները ուսումնասիրելով, նպատակայարմար կը գտնէ մանուսայի արհեստանոց մը՝ Մանըսխանէ հիմնել: Գործը աւելի արդիւնաւորելու եւ հաստատուն հիմերու վրայ դնելու համար, յատուկ այս նպատակով Մարաշէն վարպետներ կը հրաւիրէ (կը յիշուի Աստուր Մարաշլեան անունով վարպետ մը) եւ կարճ ժամանակի մէջ գործը բաւական կ'ընդլայնէ ու կը զարգացնէ [8]: Իսկ կահագործութեան (մարանկոզութեան) գործը կը յանձնէ Թորոս Սաղտանսաղեանի ղեկավարութեան:

Մարթին իր յուշերուն մէջ հետաքրքական մանրամասներ կը հաղորդէ այս արհեստանոցներուն մասին, նշելով, որ անոնց արտադրութիւնները մինչեւ Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգներ ղրկած է հակերով [9]:

Շալվարագործութիւն

Բուրդէ կամ բամպակէ հիւսուած լայն, ծալքաւոր տաբատ, որ յայտնի է շալվար անունով: Բուրդը մանելէ եւ սեւ գոյնով ներկելէ յետոյ կը գործեն շալվարացուն, որմէ կը ձեւեն ու կարեն շալվարը: Ըստ սովորութեան այն կը կրեն հիւսուածոյ լայն գօտիով մը, որ գօտկատեղին կապելով լայն ծալքեր (փոթեր) կը գոյանան: Իբրեւ առօրեայ հագուկապի անբաժան մաս մը, բնական է մեծ պահանջարկ կը վայելէ շուկայի վրայ: Հաճընի մէջ կային շալվար հիւսող արհեստաւորներ, որոնք իրենց գործերը Հաճըն եւ շրջակայ գիւղերու մէջ ծախելէ զատ, կը ղրկէին նաեւ Մարաշի, Քիլիսի, Այնթապի, Հալէպի, Ալեքսանտրէթի եւ Ատանայի պէս վաճառաշահ քաղաքներուն շուկաները։ Ասկէ պէտք է հետեւցնել, որ շալվարագործութիւնը բաւական լայն տեղ զբաղեցուցած է Հաճնոյ արհեստագործութեան մէջ:

Նշանաւոր էին Մընըշեան եղբայրները, Մախեան, Աշըրեան, Ըշըգեան, Էօլմքէսէքեան, Պէլեան, Մանկըրեան, Ղարիպեան եւլն [10]:

Գուլպայագործութիւն

Շալվարագործութեան առընթեր զարգացած են գուլպայ, ձեռնոց, ինչպէս նաեւ սաւան, չուլ եւ այլ գործուածքներ հիւսելու արհեստները: Գործողները բացառաբար կիներ են, որոնք բուրդը մանելով կը հիւսեն ու կը կարեն զանազան հիւսուածեղէններ, ապահովելով ոչ միայն ընտանիքներու կարիքները, այլեւ բաւական մեծ քանակութեամբ կ'ուղարկեն արտաքին շուկաները՝ վաճառքի համար [11]:

Կնոջական այս հագուստները ժամանակին պատկանած են Վարդուհի Պահատուրեանի (ծն. Կիւրեղեան)։ Ան Հաճընի ծնունդ է, իսկ 1911-ին հարս կ՚երթայ Սելեֆքէ քաղաքին մօտակայ գտնուող Մալա գիւղաքաղաքը։ Ամուսինն էր Շնորհք Պահատուրեան, նոյնպէս հաճընցի։ Կեդրոնի հագուստը Վարդուհիի հարսանեկան զգեստն է։ Ցեղասպանութենէն ետք՝ 1922-ին, Պահատուրեան ընտանիքէն վերապրողները բնակութիւն կը հաստատեն Կիպրոսի մէջ։ Այս նիւթերը ներկայիս կը պահուին Պոլիս, Վարդուհիի թոռնուհիին՝ Շնորհիկ Պահատուրեան/Ալթունի քով։

Կը յիշուի, որ անգամ նոր ժամանակներուն, երբ արդէն ձեռագործ հիւսուածեղէնը դանդաղօրէն իր տեղը զիջած էր արդիւնաբերական գործուածքեղէնին, երբ շրջանառութեան մէջ մտած էին մեքենայի գործ գուլպաները, հաճընցի տղամարդիկ կը նախընտրէին իրենց մայրերու կամ քոյրերու ձեռքով հիւսուած բուրդէ գուլպաները:

Հաճընի ձեռագործ գուլպաները մեծ համբաւ ունէին շրջակայ հայահոծ քաղաքներուն մէջ եւ մեծ քանակութեամբ կ'արտահանուէր արտաքին շուկաներ: Առհասարակ, գուլպայագործութիւնը հաճընցի կիներու հիմնական զբաղումներէն մէկը եղած է, յատկապէս ձմռան երկար գիշերներուն կիներ գուլպայ եւ ձեռնոց հիւսելով կ'անցնէին: Տուներու մէջ աշխատող ձեռքերէն զատ, կան նաեւ փոքր արհեստանոցներ, որոնց մէջ կ'աշխատին երիտասարդ կիներ եւ աղջիկներ [12]:

Ասեղնագործութիւն

Յատկանշական է, որ Հաճըն չէ ունեցած եւ չունի ասեղնագործութեան կամ զարդակարի իր ուրոյն տեսակը, որուն կը հանդիպինք հայաբնակ շատ մը կեդրոններու եւ քաղաքներու մէջ:

Սակայն ինչպէս ջուլհակութիւնը, մանածագործութիւնը, կտաւագործութիւնը եւ այլ աւանդական արհեստներ, ասեղնագործութիւնը եւս բուռն վերելք կ'ապրի՝ մէկ կողմէ Հաճընի մէջ ստեղծուած կեանքի ու ապրուստի դժուարին պայմաններուն, միւս կողմէ՝ արտաքին ազդեցութիւններու բերմամբ: Ժամանակի ընթացքին, շրջակայ քաղաքներու ազդեցութեանց ներքոյ, հայկական ասեղնագործութեան եւ ժանեակագործութեան տարատեսակներ լայն տարածում կը գտնեն Հաճընի մէջ, գերազանցելով անգամ այդ ճիւղին մէջ համբաւաւոր քաղաքներուն:

1895-ի համիտեան կոտորածներէն ետք արեւմտեան երկրներէ Հաճըն եկած միսիոնարներ, ոչ միայն խրախուսեցին հայկական ասեղնագործութիւնը, այլեւ տեղական արտադրանքը տարածեցին աշխարհով մէկ, վաճառքի հանելով Եվրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու շուկաներուն մէջ:

Հաճընի ամերիկեան միսիոնը (դպրոց-որբանոց) (Աղբիւր՝ The Missionary Herald, Յուլիս, 1912, Պոսթոն)

Հաճընի մէջ ասեղնագործութեան զարկ տուող նախաձեռնութիւններէն իբրեւ անդրանիկ քայլ կը յիշուի Կարապետ Քէշիշեանի հիմնած ասեղնագործութեան արհեստանոցը: Կ'ըսուի, թէ Կարապետ Քէշիշեան Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ Գօլէճին մէջ իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած շրջանին, մօտէն կը ծանօթանայ այդ քաղաքին ծաղկեալ արհեստներէն՝ զարիֆէ կոչուած ասեղնագործութեան ու անոր բերած բարիքներուն եւ կը մտադրէ զայն Հաճըն ներմուծել: Այս նպատակով 1909 թուականին Այնթապէն փորձառու վարժուհի մը հրաւիրելով՝ իր հօրը Յակոբ աղա Քէշիշեանի ընդարձակ տանը մէջ արհեստանոց մը կը բանայ:

Կարճ ժամանակի մէջ բաւական թիւով երիտասարդ կիներ եւ աղջիկներ վարպետ-ուսուցչուհիին ձեռքին տակ կը սորվին հայկական ասեղնագործութեան այլեւայլ տեսակներ, տիրանալով այդ արհեստի գաղտնիքներուն: Կարապետ Քէշիշեան այնուհետեւ ասոնց անհրաժեշտ դերձանն ու գործիքներն ալ ապահովելով կը յաջողի բաւական ընդարձակել գործը։ Կը յիշուի թէ այս արհեստանոցին աշխատող ձեռքերուն թիւը երբեմն անցած է 400-ը [13]:

Հաճնոյ մէջ բացուած ասեղնագործութեան փոքրաթիւ արհեստանոցներուն մէջ հարիւրաւոր հայուհիներու ասեղնագործութիւն ուսուցուեցաւ, որոնցմէ շատեր տարագրութենէ ետք, իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ կրցան իրենց ընտանիքներուն օրուայ հացն ապահովել այս արհեստներուն շնորհիւ [14]։

Գորգագործութիւն

Այս գործին անդրանիկ նախաձեռնութիւնը եւս կը պատկանի Ճոն Մարթինի, որ 1898-ին յատուկ այս նպատակով Սըվազ/Սեբաստիայէն հրաւիրած է Լեւոն անունով հայ գծագրիչ մը, ինչպէս նաեւ ներկելու եւ հիւսելու գործը սորվեցնելու համար՝ քիւրտ կիներ: Սակայն այս ձեռնարկը շարունակութիւն չունենար:

Աւելի ուշ, 1909-ին, Արեւելեան գորգի ընկերութեան (անգլիական) միջոցով գորգագործութիւնը մուտք աւելի հաստատ մուտք կը գտնէ Հաճնոյ մէջ եւ կը հիմնուին գորգի աշխատանոցներ։ Սակայն այս զարգացումները դեռ իրենց սաղմնային վիճակին մէջ, կը փճանան Առաջին Համաշխարհային պատերազմի եւ անոր յաջորդած տեղահանութեան եւ կոտորածներու հետեւանքով [15]:

Հաճըն, ամերիկեան միսիոնը (Աղբիւր՝ ամերիկեան միսիոնի արխիւներ, Harvard University, Houghton Library)

Ներկարարութիւն

Կտաւագործութեան եւ հիւսուածեղէնի արտադրութիւններուն առընթեր կը զարգանայ ներկարարութիւնը: Այս արհեստին մէջ աչքառու դիրք ունին Պօյաճեան եղբայրները։ Հաճնոյ ամէն տեսակ հիւսուածեղէն-կտաւեղէնները կը ներկուին Զօմչուգեան, Տէլիճեան եւ Մարաշլեան ներկի արհեստանոցներուն մէջ [16]:

Թաղեգործութիւն (քիւլահագործութիւն)

Հաճնոյ արհեստագործական հրապարակին վրայ յատուկ տեղ մը ունի թաղեգործութիւնը, ե'ւ զբաղուածութեան ե'ւ արդիւնաւէտութեան առումներով: Այս հանգամանքը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է թաղիքէ գլխարկի գործածութեան։ Հաճընցի կարգ մը հայերու, բայց մանաւանդ շրջակայ գիւղերու թուրքերու մէջ քիւլահ դնելը այր մարդոց առօրեայ հագուկապէն անբաժան մաս մըն էր:

Հաճըն, փորագիր պատկեր (Աղբիւր՝ Victor Langlois, Voyage dans la Cilicie et dans les montagnes du Taurus, Paris, 1861)

Այս արհեստին մէջ յայտնի են Նազարէթ եւ Միքայէլ Աթանասեան (յայտնի են նաեւ Քիւլահճեան մականունով) եղբայրները եւ որդիք: Ասոնք այնքան յառաջացած են այս արհեստին մէջ, որ արդէն առանձին ճիւղաւորումներ ստեղծած են. կը պատրաստեն զանազան բուրդեղէններ ու բամպակեղէններ՝ բարձ, վերմակ, բազմոց եւլն [17]:

Կլայագործութիւն

Հաճընի շատ տարածուած ու ընդհանրացած արհեստներէն է կլայագործութիւնը: Կլայագործ վարպետներ ամրան կը շրջին գաւառին բոլոր կողմերը եւ տեղւոյն ժողովուրդին պահանջքին գոհացում տալով ու իրենց ապրուստը հայթայթելով կը վերադառնան Հաճըն:

Նշանաւոր է Պապա վարպետ Գալայճեանը (այստեղէն մականունը գալայճի - կլայագործ): Պապա վարպետին ձեռքին տակ բազմաթիւ աշակերտներ կլայագործութեան արհեստը սորված ու իրենք ալ վարպետներ դարձած են [18]:

Հաճընցի ընտանիք մը լուսանկարուած Լիբանանի մէջ 1920-ականներուն։ Ձախէն աջ՝ Վարդիվառ Մութաֆեան եւ կինը՝ Թրֆանտա։ Զոյգին միջեւ կանգնած փոքրիկ տղան իրենց թոռնիկն է՝ Վադիվառ Մութաֆեան (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ, Պերլին, շնորհակալութիւններ՝ Զապէլ Սարաֆեանին (ծն. Մութաֆեան))

Պղնձեայ գաւաթներ, Հաճընէն։ Կը պատկանին Գալայճեան ընտանիքին, որ ծագումով Հաճընէն է։ Ներկայիս կը պահպանուին Գալայճեաններու տան մէջ, Պուէնոս Այրէս։

Սարաճութիւն

Սարաճիյէ կոչուած այս արհեստը շատ զարգացած էր Մարաշի թուրքերուն մօտ, ուրկէ փոխանցուած է Հաճըն: Կ'ըսուի թէ Ահմէտ աղա անուն թուրք մը այս արհեստը սորվեցուցած է հաճընցի Փիլիպպոս Տիվիրեանի, որ իր կարգին ուրիշներու սորվեցնելով, ժամանակի ընթացքին այս ինքնատիպ արհեստը կու գայ իր տեղը գրաւել Հաճընի արհեստներու շարքին:

Սարաճները կը պատրաստեն ընտիր կաշեղէններ՝ ձիու թամբեր, ծածկոցներ, սանձեր, մտրակներ եւ այլն: Հաճընի մէջ իբրեւ առաջնակարգ սարաճներ կը յիշուին Տիվիրեաններ, Սարաճեաններ եւ Գույումճեաններ, որոնք կ'արտադրեն բարձրարուեստ գործեր: Հռչակաւոր են յատկապէս ասոնց պատրաստած արծաթ ոսկեզօծ թելերով նախշուած ձիու ծածկոցները [19]:

Ասոր յարակից արհեստներէն պէտք է յիշել նաեւ ասուեղէնի վրայ ոսկի, արծաթ եւ մետաքսեայ ձեռագործ զարդերը: Այս գործին մէջ նշանաւոր վարպետներէն է Մանուկ Թէրզեան, եւ յատկապէս Ատանայի մէջ մեծ համբաւ վայելող Տէօվլէթ աղա Գայեան [20]:

Հաճըն, հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Յ. Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Փայտամշակութիւն

Ինչպէս հին, այնպէս ալ նոր ժամանակներուն Հաճընի տնտեսութեան շարժիչ ուժերէն է փայտամշակութիւնը: Հաճըն քաղաքը գրեթէ բոլոր կողմերէ շրջապատուած է ճոխ եւ փարթամ անտառներով: Հսկայական այս անտառները շրջանին գլխաւոր, եթէ ոչ միակ հարստութիւնը կը կազմեն: Հաճըն քաղաքին շատ մօտ կը գտնուի ամբողջ նահանգին պարծանքը հանդիսացող Գարաչամլըք կոչուած անտառը, որ բարիքի մշտական աղբիւր մը եղած է Հաճնոյ բնակչութեան համար:

Հարիւրաւոր հեքթարներու վրայ փռուած Գարաչամլըք անտառներուն մէջ կ'աճին մինչեւ 100-150 ոտք բարձրութեամբ վիթխարահասակ ծառեր: Առաւել տարծուած են մայրիի, շոճիի, սօսիի եւ կաղնիի հսկայ ծառերը, որոնք անսպառ հումք ապահովելէ զատ, ապրուստի միջոց եղած են ժողովուրդին, յատկապէս աղքատ դասակարգին համար [21]: Մինչեւ 1895-ական թուականները ապրուստի հիմնական միջոցներէն եղած է ճէհրէի գործը, ոչ միայն Հաճընի, այլեւ շրջակայ քաղաքներու մէջ, նաեւ Կեսարիոյ եւ Էվէրէկ-Ֆէնէսէի կողմերը: Ճէհրէ կոչուող բնափայտը արտածումի գլխաւոր նիւթերէն էր եւ կը գործածուէր ներկանիւթ պատրաստելու համար [22]:

Այս անտառները եկամուտի աղբիւր կը հանդիսանան նաեւ Հաճընի կարգ մը վաճառականներու համար: Ասոնք մասնաւոր «խզարներ» (գերան կտրելու կամ գերանէն տախտակ քաշելու մեծ սղոց, որ կը բանեցեն ջուրի ուժով) հաստատելով անտառներէն կտրուած հսկա ծառերը գերաններու կամ տախտակի շերտերու վերածելէ ետք վաճառքի կը հանեն: Բացի Հաճընի շուկայէն, այս փայտերը կ՚արտածուին շրջակայ քաղաքները, յատկապէս Կեսարիոյ կողմերը։

Այս գործին մէջ նշանաւոր են Շըգըրտըմեան, Փաթփութեան, Սօղանլեան, Էվխանեան, Պահատուրեան, Քէշիշեան ընտանիքները [23]:

Որմնադրութիւն, քարագործութիւն, հիւսնութիւն

Հին ժամանակներէն ի վեր Հաճըն քաղաքի արհեստներու շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն շինարարական արհեստները։

Հաճընի շինարար-վարպետներու ձեռքով կառուցուած են տեղի եկեղեցիները, դպրոցները, վանքը, բնակելի տուները եւ այլ շինութիւններ, որոնք ընդհանրապէս քարակոփ են եւ ճարտարապետական-շինարարական արժէք ներկայացնող կառոյցներ են։ Ասոնք բոլորն ալ կառուցուած են քաղաքին բարդ մակերեւոյթի պայմաններուն մէջ [24]: Կարելի է ենթադրել, որ Հաճընի շինարար վարպետները օգտուած են Կիլիկեան ճարատարապետական եւ շինարարարական աւանդոյթներէն, յատկապէս լեռնային թէք մակերեւոյթի վրայ կառուցապատման համակարգէն:

Մէկ կողմէ՝ քաղաքին լեռնային դիրքին, միւս կողմէ՝ տարածքի սահմանափակութեան բերումով, Հաճընի կառուցապատումը իրականացուած է սանդղաւոր ձեւով, քաղաքին հաղորդելով բարդ ուրվագիծ մը: Քաղաքին գրեթէ բոլոր շէնքերն ու շինութիւնները կառուցուած են իրարու վրայ, երկու, երեք, երբեմն ալ աւելի՝ մինչեւ եօթ յարկերէ բաղկացեալ: Իբրեւ շինանիւթ կը գործածեն մեծ մասամբ անտաշ, խորթուբորթ քարեր եւ յարդով խառնուած շաղախ [25]:

Հաճըն, Իզմիրլեան ընտանիքը, 1914-ին։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Հռիփսիմէ (ծն. 1907), Սուլթան, Ասատուր (ծն. 1843)։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Զարուհի, Էլմաստ, Շմաւոն, Աթանաս, վերջին անձին ինքնութիւնը անծանօթ։ Ասատուր ձեռքին բռնած է սղոց մը, որ կը խորհրդանշէ ատաղձագործութեան իր արհեստը (Աղբիւր՝ Ովսաննա Իզմիրլեանի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Անդրանիկ Տագէսեանին)

Վարպետ շինարարներու բաւական մեծ խումբ մը կայ Հաճընի մէջ: Ասոնք ոչ միայն քաղաքին, այլեւ շրջանի գիւղերուն մէջ ալ տուներ, եկեղեցիներ եւ այլ շէնքեր կը կառուցեն: Քարակոփ, պատշար վարպետներու ստուար խումբ մըն ալ տարուան մեծ մասը դուրսը կ'անցնէ, հեռու եւ մօտ քաղաքներ ու գիւղեր անոնք կը շրջին, իրենց արհեստը կը կիրարկեն եւ իրենց ապրուստը հայթայթելով կը վերադառնան Հաճըն [26]:

Հաճընի շինարուեստին մէջ նշանաւոր անուններ են՝ Թորոս Պապահէքեան, Յովակիմ Մուշեան, Սամուէլ Ծլիկեան (Մարտեան), Փանոս եւ Հաճի Պապահէքեան, Աստուր Տնտեսեան, Թորոս Սաղտասարեան, Օհան եւ Սիմօն Խօցուրեան, Աղազարեան եւլն [27]:

Շինութեան գործին համընթաց կը զարգանան քարագործութեան, որմնադրութեան եւ ատաղձագործութեան ճիւղերը: Որմնադիր եւ քարակոփ վարպետները ընդհանրապէս իրենք կը կատարեն ատաղձագործական աշխատանքները, կը պատրաստեն շէնքերու փայտեայ մասերը, այդպիսով ստանձնելով շինութեան վերաբերեալ բոլոր գործերը՝ քարտաշ-որմադիրի, հիւսնի, ծեփելու, տանիքը կապելու աշխատանքները, այդ պատճառով շինութեան գործը ամենէն եկամտաբեր արհեստներէն մէկը կը նկատուի [28]:

Ջորեպանութիւն

Հաճնոյ այր մարդոց հիմնական զբաղումներուն շարքին է ջորեպանութիւնը, տրուած ըլլալով, որ փոխադրութեան եւ երթեւեկութեան միակ միջոցը բեռնակիր անասուններն են՝ ձի, էշ, ջորի: Երկրագործական աշխատանքներու, հողի եւ բերքի մթերքներու, անասուններու կերի տեղափոխման համար կը լծեն եզներ կամ գոմէշներ, իսկ բեռներու փոխադրութեան համար՝ ջորի, էշ կամ ձի, սակայն մեծ չափով ջորին կը ծառայէ իբր բարձկան: Ջորեպաններ իրենց սեփական ջորիները ունին՝ երբեմն մինչեւ 10 հատ: Ասոնք կանոնաւոր երթեւեկ ունին Հաճընէն Սիս, Ատանա, Կեսարիա, Գոնիա եւ այլ քաղաքներ, եւ իրենց ջորիներուն լծած սայլերով բեռներ ու ճամբորդներ կը տեղափոխեն [29]:

Հաճընցի ձիաւոր մը՝ Կարապետ Տէվէճեան (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)

Այս գործին մէջ յայտնի անուններէն են՝ Վարդիվառ Զաղեան, Սանթուր Անիկեան, Սարգիս Փուշեան, Չատըրճեան (Քէքլիկեան), Պալապանեան եւ Գամպէս [30]:

Ուշագրաւ փաստ մըն է, որ հայկական ջարդերէն ու տարագրութենէն ետք, Հալէպ-սուրիական անապատ գիծին վրայ աշխատող կառապաններուն մէջ մեծ թիւ կազմած են հաճընցի «արհեստաւոր» ջորեպանները: Այդ օրերուն Հալէպէն արեւելք գտնուող Պապի շրջանին մէջ միայն գործած են 40-է աւելի հաճընցի կառապաններ [31]:

Այլ արհեստներ

Վերը թուարկուած արհեստներու շարքին պէտք է յիշել նաեւ դերձակ, կօշկակար, մուշտակագործ եւ ասոնց յարակից արհեստներով զբաղող արհեստաւորները:

Կան նաեւ պղնձագործ, երկաթագործ վարպետներ, որոնք գոհացում կու տան Հաճընի եւ շրջակայ գիւղերու պահանջքին: Այս արհեստներուն մէջ նշանաւոր են Տէմիրճեանները, Աճէմեանները, Սըվղնեանները [32]:

Ե'ւ քաղաքին ե'ւ շրջակայի մէջ պահանջուած արհեստներու շարքին է ջաղացպանութիւնը: Միայն Հաճըն քաղաքին մէջ կան 12 ջաղացքներ, որոնք կ'աղան հացահատիկը, ձաւարեղէնը, կորկոտը, ծեծածը եւլն: Ջաղացքի գործն ալ մեծ մասամբ կիներ կ՚ընեն: Ջաղացքներու ջուրը կը հայթայթեն քաղաքին երկու կողմերէն հոսող Գըրտէտի եւ Չաթախի գետակները [33]:

Հաճըն, կօշկակարի խանութ մը։ Երկու վարպետներն են, ձախին՝ Մկրտիչ Տէլիճեան, աջին՝ Կարապետ Տէվիրեան։ Միւս տղաքը իրենց աշկերտներն են (Աղբիւր՝ Յ. Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Նոյնպէս առանձին արհեստ մըն է փռապանութիւնը: Ըստ սովորութեան հաճընցիք իրենց հացը շուկայէն չեն գներ. իւրաքանչիւր ընտանիք շաբաթական իր հացը կ'եփէ քաղաքին գրեթէ ամէն կողմը գտնուող հացի փուռերուն մէջ: Հաճըն եւ շրջակայի մէջ մինչեւ 100-120 հացի փուռ կը հաշուէ: Ամէն ընտանիք իր ալիւրը փուռը տանելով իր հացը կը շաղէր ու կ'եփէր, իսկ փռապանին շաբաթը մէկ-երկու հաց կու տար իբրեւ վարձք: Քաղաքին մէջ կան նաեւ երեք փուռեր, ուր հացթուխ-փռապաններ հաց կը պատրաստեն օտարներու եւ այլոց ծախուելու համար [34]: Հարկ է նշել, որ այս գործին մէջ առանձնակի դեր մը ունին հաճընցի կիներ: Փռապանը ընդհանրապէս որբեւայրի կին մը կ'ըլլայ:

  • [1] Յ.Պ. Պօղոսեան, Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942, էջ 169:
  • [2] Նոյն:
  • [3] Նոյն:
  • [4] Նոյն:
  • [5] Նոյն, էջ 170:
  • [] Նոյն, էջ:
  • [7] Նոյն, էջ 171:
  • [8] Նոյն, էջ 171-172:
  • [9] Նոյն, էջ 393:
  • [10] Նոյն, էջ 170:
  • [11] Նոյն:
  • [12] Նոյն:
  • [13] Նոյն, էջ 172:
  • [14] Նոյն:
  • [15] Նոյն:
  • [16] Նոյն:
  • [17] Նոյն, էջ 172-73:
  • [18] Նոյն, էջ 173:
  • [19] Նոյն:
  • [20] Նոյն:
  • [21] Նոյն, էջ 169:
  • [22] Նոյն, էջ 111-12:
  • [23] Նոյն, էջ 173:
  • [24] Նոյն, էջ 141:
  • [25] Նոյն, էջ 174:
  • [26] Նոյն, էջ 173:
  • [27] Նոյն:
  • [28] Նոյն, էջ 174:
  • [29] Նոյն, էջ 174-175:
  • [30] Նոյն, էջ 175:
  • [31] Տես՝ Գրիգոր Թաթուլեան, Անթեղուած գաղտնիքներ, գրի առաւ եւ խմբագրեց Յարութիւն Սահակեան, Պէյրութ, տպ. Ատլաս, 1967, էջ 118:
  • [32] Պօղոսեան, էջ 173:
  • [33] Նոյն, էջ 147:
  • [34] Նոյն: