Հաճընցի հայ կիներ (Աղբիւր՝ Հուրի Էլլեզեանի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Անդրանիկ Տագէսեանին)

Հաճնոյ բարբառը եւ անոր յատկանիշները

Հեղինակ՝ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան, 25/08/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/08/20)

Ներածական

Հարգան, Աջէ անուանուած եւ այսօր  Հաճըն անունով ճանչցուած շրջանը ունէր իրեն յատուկ գաւառաբարբառը, որ իր մէջ կը պարունակէր երկու տարբեր լեզուական երանգներ, որոնցմէ մէկը գրաբարն էր, իսկ երկրորդը՝ Կիլիկեան ռամկօրէնը։ Հաճըն, ինչպէս դրացի Զէյթուն քաղաքը, կը նկատուէր Կիլիկիոյ հայախօս շրջաններէն:

Հաճնոյ լեզուն իր նախնական շրջանին հայերէն էր, սակայն ժողովուրդի բնականոն եւ յաճախ պարտադրուած տեղաշարժերու հետեւանքով ծնունդ տուաւ բարբառային նոր իրավիճակի: Ինչպէս շատ մը հայերէն գաւարաբարբառի, նոյնպէս եւ Հաճնոյ բարբառին մէջ կան յունարէն, պարսկերէն, քրտերէն եւ թրքերէն:

 Այսօր տակաւին կարելի է գտնել քիչ թիւով հաճընցի բարբառակիրներ, որոնց բարբառին տիրապետելուն եւ զայն իմանալու խնդիրները կախեալ են իր անմիջական միջավայրէն, գրականի իմացութենէն եւ գործածութեան աստիճանէն, ամենօրեայ խօսկացական լեզուէն եւ բուն բարբառը գործածող սերունդին հետ անոնց առնչութենէն: Անոնց օգտագործած լեզուին մէջ կը հանդիպինք զուտ բարբառին կողքին շատ մը փոփոխութիւներու եւ ազդեցութիւններու:

Ինչպէս լեզուաբանական, այնպէս ալ բարբառագիտական բոլոր ուսումնասիրութիւնները կարելի է լուսաբանել միայն՝ երբ նկատի առնուին տուեալ բարբառի աշխարհագրական տարածումի սահմանները,տուեալ բարբառակիրներուն տեղաշարժերը եւ այլ ժողովուրդներու եւ լեզուներու հետ անոնց  ունեցած շփումներն ու կապերը: Տարբեր շրջաններու մէջ նոյն բարբառին գործածութիւնը օրինակ հաւանական գաղթի ցուցանիշ է: Լեզուաբանութեան համար բարբառներու ուսումնասիրութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քննարկելու միջավայրի ազդեցութիւնները եւ ճշդելու փոխառուած օտար  բառերու սկզբնաղբիւրը: Այսպէս, լեզուական ուսումնասիրութիւնը կը պարզաբանէ նաեւ ազգագրական որոշ հարցեր:

Հայ բարբառագիտութեան զարգացման համար տեսական առաջին ամբողջական ուսումնասիրութիւնը Հրաչեայ Աճառեանի «Հայ բարբառագիտութիւն (Ուրուագիծ և դասաւորութիւն հայբարբառների, Մոսկուա, Նոր Նախիջևան, 1911) աշխատութիւնն է, ուր առաջին անգամ կը կատարուէր հայբարբառներու դասակարգում` հենելով լեզուական էական մէկ յատկանիշի` սահմանական եղանակիներկայ և անկատար անցեալ բայաձևերու կազմութեան սկզբունքին վրայ:

Այսպէս, հայերէն բարբառները ըստ Աճառեանի ձեւաբանական դասակարգումին կը բաժնուին երեք գլխաւոր ճիւղերու՝ ԿԸ, ՈՒՄ եւ ԵԼ: Ըստ այս դասակարգումին, Հաճնոյ բարբառը կը պատկանի ԿԸ ճիւղին:

Միայատկանիշ [ձեւաբանական դասակարգում, որ բարբառները բաժնած է երեք ճիւղի՝ ել, կը, ում] դասակարգումները բաւական արդիւնաւէտ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չեղան լիարժէքօրէն բացայայտելու հայ բարբառներու ներքին բարդ ու բազմաբնոյթ փոխյարաբերութիւնները, տարբերակելու բարբառախումբ, բարբառ, խօսուածք միաւորները։ Այս բոլորին մասին կատարուած աշխատանքներուն լուծումը բերաւ Գէորգ Ջահուկեանի կողմէ մշակուած բարբառներու դասակարգումի բազմայատկանիշ վիճակագրական դասակարգումի սկզբունքը՝  «Հայ բարբառագիտութեան ներածութիւն» (Եր. 1972) աշխատութեամբ: Գ. Ջահուկեանի դասակարգումով Հաճնոյ բարբառը կը տեղաւորուի արեւմտեան խմբակցութեան հարաւ-արեւմտեան (Կիլիկեան) բարբառախումբի մէջ:

Ջահուկեանի դասակարգումը նկատի ունի բարբառները տարբերակող բառային, քերականական եւ հնչիւնական յատկանիշներ, որոնք կը դիտարկուին բարբառներու համեմատական քննութեան ընթացքին. այսինքն՝ բառային զուգաբանութիւնները, քերականական յատկանիշները եւ հնչիւնական զուգաբանութիւնները:

Այս հիմքով եւ նոյն սկզբունքներով պիտի փորձենք ընդգծել Հաճնոյ բարբառի կամ ինչպէս հաճընցիք կ'ըսեն՝ «Հաճնոյ լիզու»ի՝ բառային, քերականական եւ հնչիւնական որոշ յատկանիշներ:

Հաճնոյ բարբառի իւրայատկութիւնները

Անոնք, որոնք վարժ ու հմուտ չեն այս լեզուին, տարօրինակ լեզու մը կը գտնեն զայն, եւ շատ դժուարութիւն կ՚ունենան հասկնալու Հաճնոյ լեզուն։  Սակայն, երբ հետզհետէ կը սկսին մտերմանալ անոր հնչումներուն եւ լեզուին հետ, այն ատեն կը տեսնեն, թէ Հաճնոյ գաւառաբարբառը իսկապէս հայերէն է եւ կը ներկայացնէ զարգացեալ լեզու մը։

Հաճնոյ բարբառի հնչիւնական համակարգի տառադարձութիւններու բազմազնութիւնը մօտ է առաւելաբար Զէյթունի բարբառին:

Սոյն յօդուածով կը փորձենք ներկայացնել Հաճնոյ գաւառաբարբառի որոշ յատկանիշներու ցուցակարգումը։ Հոս զանց ըրած ենք հնչիւնական համակարգի գիտական տառադարձութիւններու ներկայացումը:

Հնչիւնական փոփոխութիւն

Կիլիկիոյ բարբառի գլխաւոր յատկանիշը ա ձայնաւորի շեշտի տակ օ-ի վերածուիլն է: Այսպէս օրինակ՝ բանալ > բանօլ (Զէյթուն), կ'երթամ > կաշտօմ (Հաճըն), քաղաք > քաղօք (Մարաշ):

Ձայնաւորներ

Ձայնաւորներուփոփոխութիւնը

Գրական հայերէն

Հաճնոյ բարբառ

Շեշտակիր ա գիրը կը փոխուի օգիրի

հայր
ամպ

պօպ
օմպ

Միավանկ (monosyllab) եւ մէկուկէս վանկանի բառերուն ա­ը կը փոխուի օ­ի

ա   օ

տղայ
սանտր
քաղցր
պարտք

տղօ
սօր
քօցխ
պօյտք

Երկվանկ հասարակ եւ յատուկ բառերու երկրորդ վանկի մէջ եղած ա­ը միայն կը փոխուի օ­ի

հիւանդ
քարայր
կանաչ
երթալ

հիւօնդ
քայօյ
կանօչ
իշտօլ

Եռավանկ (polysyllab) հասարակ եւ յատուկ բառերու վերջին վանկին ա գիրը միայն կը փոխուի օ­ի

գաւազան
ամչնալ
ապարանջան
հակառակ

գաւազօն 
ամաշնօլ
ապայանջօն
հակառօկ

ա-ի այլ հնչիւնափոխութիւններ

ա ⟶ է

աչք
կարճ
աշակերտ

էչք
կէյճ
էշկէյտ

ա ⟶ ե

շահիլ

շեյիլ

ա ⟶ ը

առատ

ըռօտ

ա ⟶ ե

քալել

քելիէլ

Առաջին վանկին մէջ գտնուող ագիրը կրնայ երբեմն փոխել իր երանգը եւ դառնալ է

աշակերտ
աչք

էշգեյտ
էչք

Բառերու մէջ գտնուող օ գիրը կը փոխուի է­ի

 օ  է

օձ
մօտ
օր

էձ
մէտ
էյ

Երկհնչիւն այ­ը կը վերածուի է­ի
այ  է

այծ
այգի

Էծ
էգի

ե ⟶ է

երկու
երեսուն

էյկու
էրսուն

Բաղաձայններ

Հաճընցիները ր կ'արտասանեն հոն, ուր հին հայերէնին մէջ ռ կայ: Իսկ ր բաղաձայնը կը վերածուի յ կիսաձայն հնչումի:

Բաղաձայնները իրենց բնական հնչումովը կը մնան առհասարակ, բացի հետեւեալ պարագաներէն.

Բաղաձայնի փոփոխութիւն

 

Գրական հայերէն

Հաճնոյ բարբառ

ռ գիրը կը մնայ անհնչիւնափոխ

դուռ
փառք

դուռ
փօռք

ր գիրը յատուկ կամ հասարակ բառերու մէջ կը փոխուի յ­ի
ր ⟶ յ

դրամ
մարդ
քար

դյօմ
մօյդ
քօյ

հ գիրը երբեմն կը փոխուի ֆ­ի, կամ խ­ի, իսկ երբեմն կը սղի         

հ   ➚ֆ

     ➘խ                         

հոգ
օրհնել
աշխարհ
պահք

ֆուէգ
օխնիէլ
աշխօյ
պօք

ղ գիրը յաճախ խ-ի կը փոխուի

եղջիւր
աղքատ

ախջիյ
ախքօտ

Բառասկիզբին յ տառը կը կորսուի երբեմն

յիսուս
յստակ

իսուս
իստուկ

տ եւ ր յաջորդական գիրերը ռ կը հնչուին

տ + ր ⟶ ռ   

կտրիճ
ընտրել
սանտրել

կըռիճ
հըռիէլ
սառիէլ

տ գիրը երբեմն չի հնչուիր

աստղ
աստուած

օսղը
ասվոծ

ռ գիրը, առանց բացառութեան կ՚արտասանուի իր իսկական հնչումով

փուռ
փառք
ծառ

փուռ
փօռք
ծօռ

Եթէ ր գիրին յաջորդէ ս գիրը, ր եւ սմիանալով կը փոխուին շ­ի
ր + ս ⟶ շ

հարսանիք

հաշնիք

Գոյականներու հոլովումը

Գոյական բառերու հոլովումը կ՛ըլլայ կանոնաւոր եւ քերականական օրէնքով՝ բառին վերջաւորութեան այս կամ այն ածանցի յաւելումով։ 

Օրինակ՝ ծառ, ծառի, ծառէ, ծառով | հաց, հացի, հացէ, հացով։

Անշուշտ ծառին եւ հացին փոխարէն ծօռ, ծօռի, ծօռէ, ծօռով | հօց, հօցի, հօցէ, հօցով։

Բայերու խոնարհումը

Հաճընի լեզուն  հայերէնի նման ունի գլխաւոր երկու բայեր՝ կանոնաւոր եւ անկանոն։ Հետեւաբար անոնց խոնարհումը կ՛ըլլայ երկու տեսակ, այնպէս ինչպէս գրական հայերէնին մէջ։

Կանոնաւոր բայերը պահած են ներկայի «կը» մասնիկը, ապառնիի «պիտի» մասնիկը փոխարինուած է «պի»ի եւ թէականի «եթէ» մասնիկը՝ «թէ»ի, պահելով հրամայական եղանակի «մի՛»ն միշտ անփոփոխ։ Օրինակ՝

Քալել.- կը քելեմ, պի քելեմ, քելեցի, թէ քելեմ, մի՛ քելեյ։

Եթէ բայը ձայանաւորով կը սկսի, «կ՚»էն առաջ «կը» կը գրուի: Օրինակ՝ ան կը կ՚ընիէ, այսինքն՝ ան կ՚ընէ։

Ուտել, երթալ, ուզել բայերը բացառութիւն կը կազմեն եւ «կը» մասնիկը չեն պահանջեր:

Անկանոն բայերու խոնարհումը աւելի դժուար է, ինչպէս որեւէ լեզուի մէջ։ Ուտել բայի խոնարհումը.

  • Ներկան.­ կ՚աւտիէմ, կ՚աւտիէս, կ՚աւտիէ
  • Կատարեալը.­ կեյօ, կեյօյ, կեյօվ
  • Ապառնին.­ պ՚ուտիէմ, պ՚ուտես, պ՚ուտէ
  • Հրամայականը.­ մ՚ուտեյ, մ՚ուտէք
  • Թէականը.­ թէ ուտեմ, թէ ուտես, թէ ուտէ

Երեք լծորդութիւններու խոնարհումի նմոյշներ՝

  • Ել լծորդութիւն՝ վազել-վազիէլ
  • Իլ լծորդութիւն՝ հագնիլ 
  • Ալ լծորդութիւն՝ հազալ-հազոլ

Սահմանական եղանակ

Ներկայ

Անցեալ
կատարեալ

Անցեալ 
անկատար

Բացարձակ ապառնի

Անկատար ապառնի

ՎԱԶԵԼ

 

 

 

 

եիէս կը վազիէմ

վազիցի

կը վազի

պի վազիէմ

կ՚ուզիէմ էյ վազիէմ

դուն կը վազիէս

վազիցիյ

կը վազիյ

պի վազիէս

կ՚ուզիէս էյ վազիէս

ան կը վազէ

վազիէց

կը վազէյ

պի վազէ

կ՚ուզէ էյ վազէ

միէնէ կը վազիէնք

վազիցոնք

կը վազոնք

պի վազիէնք

կ'ուզիէնք էյ վազիէնք

դուք կը վազէք

վազիցիք

կը վազիք

պի վազէք

կ'ուզէք  էյ վազէք

էնուէնք կը վազիէն

վազիցին

կը վազին

պի վազիէն

կ'ուզիէն էյ վազէին

ՀԱԳՆԻԼ

 

 

 

 

եիէս կը  հագնիմ

հագօ

կը հագնի

պի հագնիմ

կ'ուզիէմ էյ հագնիմ

դուն կը հագնիս

հագոյ

կը հագնիյ

պի հագնիս

կ'ուզիէս էյ հագնիս

ան կը հագնի

հագով

կը հագնէյ

պի հագնի

կ՚ուզէ էյ հագնի

միէնէ կը հագնինք

հագոնք

կը հագնոնք

պի հագնինք

կ'ուզիէնք էյ հագնիէնք

դուք կը հագնիք

հագէք

կը հագնիք

պի հագնիք

կ'ուզէք  էյ հագնէք

էնուէնք կը հագնին

հագոն

կը հագնին

պի հագնին

կ'ուզիէն էյ հագնէին

ՀԱԶԱԼ

 

 

 

 

եիէս կը  հազոմ

հազցօ

կը հազի

պի հազոմ

կ՚ուզիէմ էյ հազոմ

դուն կը հազոս

հազցոյ

կը հազիյ

պի հազոս

կ՚ուզիէս էյ հազոս

ան կը հազօ

հազցով

կը հազէյ

պի հազօ

կ՚ուզէ էյ հազօ

միէնէ կը հազոնք

հազցոնք

կը հազոնք

պի հազոնք

կ՚ուզիէնք էյ հազոնք

դուք կը հազոք

հազցէք

կը հազիք

պի հազէք

կ՚ուզէք  էյ հազոք

էնուէնք կը հազոն

հազցոն

կը հազին

պի հազոն

կ՚ուզիէն էյ հազոն

Հրամայական եղանակ

Ըղձական եղանակ
ներկայ/անկատար

Աներեւոյթ

Անցեալ ընդունելութիւն

Ապառնի ընդունելութիւն

ՍԻՐԵԼ

 

 

 

 

սիյէ՛

սիյիէմ  - սիյի

սիյիէլ

սիյոծ

սիյիլու

մի՛ սիյէ

սիյիէս - սիյիյ

 

 

 

սիյիցէ՛ք

սիյէ - սիյէյ

 

 

 

մի՛ սիյէք

սիյէնք - սիյոնք

 

 

 

 

սիյէք - սիյիք

 

 

 

 

սիյիէն  – սիյին

 

 

 

ՀԱԳՆԻԼ

 

 

 

 

հագի՛յ

հագնիմ  հագնի

հագնիլ

հագնոծ

հագնիլու

մի՛ հագնի

հագոյ - հագնիյ

 

 

 

հագէք

հագով - հագնէյ

 

 

 

մի՛ հագնիք

հագոնք - հագնոնք

 

 

 

 

հագէք - հագնիք

 

 

 

 

հագոն - հագնին

 

 

 

ՀԱԶԱԼ

 

 

 

 

հազօ՛

հազոմ - հազի

հազոլ

հազացոծ

հազիլու

մի՛  հազոյ

հազոս - հազիյ

 

 

 

հազացէ՛ք

հազօ - հազէյ

 

 

 

մի՛ հազոք

հազոնք - հազոնք

 

 

 

 

հազոք - հազիք

 

 

 

 

հազոն - հազին

 

 

 

Ածանցումներու օրինակներ

Վի.- առջըվի ­ առջեւի
Վուէյ.- հալիվուէյ ­ ալեւոր | ծուցվուէյ ­ ծոցուոր
Ուէտ.- եղուէտ ­ իւղոտ | մազուէտ ­ մազոտ
Կոն.- լալկոն ­ լալկան | պայտըկոն ­ պարտական
Վոն.- իյկըվոն ­ իրիկուան | շիյվոն ­ գիշերուան
Ոնք.- մեյոնք ­ մայրենք
Վոծք.- խօսվոծք ­ խօսուածք | քիլվոծք ­ քալուածք
Վուց.- իտիվուց ­ ետեւէն

Յոգնակիի կազմութիւն

Հաճնոյ բարբառին մէջ, յոգնակին կը կազմուի բազմաթիւ ձեւերով՝

  • նի.- դգալնի ­ դգալներ | ըռզակնի ­ ապրանքներ | ձիաննի ­ ձիեր
  • ստաննի.- հիգիստաննի ­ հոգիներ | էգիստաննի ­ այգիներ
  • նիէյ.- լեռնիէյ ­ լեռներ | ծառնիէյ ­ ծառաներ | դըռնիէյ ­ դռներ
  • իէյ.- գուղիէյ ­ գողեր | խուտիէյ ­ խոտեր | կութիէյ ­ կոթեր
  • տէք.- աղբիյտէք ­եղբայրներ | աջկընտէք ­ աղջիկներ | պըլզտէք ­ պզտիկներ | կընտէք ­ կիներ
  • իք.- օսկիք­ոսիկներ | մօյդիք ­ մարդեր
  • վընի.- ձեռվընի ­ ձեռքեր | քըթվընի ­ քիթեր
  • վուէնք.- ձեռվուէնք ­ ձեռքերով

Հաճնոյ լեզուով շաբթուան օրերը

Կիրակի – Կիյէկի
Երկուշաբթի – Էյկուշէբթի
Երեքշաբթի – Իյէքշէբթի
Չորեքշաբթի – Պաքէյ
Հինգշաբթի – Հինգշէբթի
Ուրբաթ – Ույբօթ
Շաբաթ - Շաբօթ

Ժամանակ ցոյց տուող բառեր

Վայկյօն | վայրկեան
Սահաթ | ժամ
Տիհիյ | դար
Էյ | մէկ
Էյկէյ | երկու
Ամիս | ամիս
Տայի | տարի
Շաֆօխ | առտու կանուխ
Կէաէյ | կէսօր
Իյկըվօն | իրիկուն

Հաճնոյ բարբառով երկու խօսակցութիւն

Կը ներկայացնենք Հաճնոյ բարբառով կատարուած 2 զրուցակիցներու հետ ձայնագրութիւններ եւ անոնց գրական արեւմտահայերէնով տարբերակը: Առաջին զրուցողն է Պօղոս Կանաչեան (1929-2017), ծնած է Նոր Հաճըն թաղամաս, Լիբանան։ Երկրորդ զրուցողն է Եղիսաբէթ Թափանեան Օղլուքեան (1943-2019), ծնած է Նոր Հաճըն թաղամաս, Լիբանան։

Այսպէս, երկու հաճընցիներու խօսակցութիւնները սերունդէ սերունդ փոխանցուած լեզուի մը պատմութիւնը կ'ուրուագծեն եւ կը հաստատեն, թէ որոշ շարժերով եւ փոփոխութիւններով հանդերձ Հաճնոյ լեզուն կը պահպանուի հայոց լեզուի ժառանգութեան ընդհանուր պարունակին մէջ: Այս երկու ձայնագրութիւնները Հաճնոյ բարբառի կրած փոփոխութիւնները բացայայտող փոքր օրինակներ են:

Պօղոս Կանաչեան

Հաճնոյ բարբառով Առաջին խօսակցութիւն (Պօղոս Կանաչեան)

Գրական արեւմտահայերէն տարբերակ

Ինչո՞ց իկիք Շամէն Դամասկոսէն

Ինչպէ՞ս եկաք Դամասկոս

Հեճնոյ Մութասարրըֆը էյկու ասքոյ կը կը ղյկէ, գացէք Թոյոս վայպետը բեյէք: Կաշտոն Թոյոս վայպետին քեվ կը կ՛ասեն, թէ մութասարրըֆը քէ կ'աւզէ: Մօյդը կը կ'էնէ, կաշտօ:

Հաճընի մութասարրիֆը [կառավարիչ] երկու զինուոր կը ղրկէ, գացէ՛ք Թորոս վարպետը բերէք: Կ՛երթան Թորոս վարպետին քով, կ՚ըսեն՝ մութասարրիֆը քեզ կ'ուզէ: Մարդը կ'ելլէ, կ'երթայ:

-Օհ, բայեւ իկիյ Թոյոս վայպետ:

-Օ՛հ, բարի եկար Թորոս վարպետ:

-Բայեւ տիսոնք:

-Բարով տեսանք:

-Նի՛ստ: Գենօ էյկու հօտ ղայֆէ ասօ թէ բիյեն: Նէյիսէ, ղայֆան կբիյեն: Իյենց կը կ'ասէ, թէ էսքեյնեյուն,-դուք գացէք, բօն մը չունիք մէյ հետը:

-Նստի՛ր: Գնա երկու հատ սուրճ ըսէ թող բերեն: Ինչ որ է, սուրճը կ'եփեն: (…) զինուորներուն կ'ըսէ՝ դուք գացէ՛ք բան մը չունիք մեզի հետ: Գործ չունիք:

Կը նստին, ղօնուշմուշ կ'անոն:

Կը նստին, կը խօսակցին:

-Դուն զիս շօտ կու սիյես չէ՞ մը:

-Թորո՛ս, դուն զիս շատ կը սիրես, չէ՞ մը:

Թոյոսն ալ, հօ՛ կ'ասէ:

Թորոսն ալ՝ այո՛ կ'ըսէ:

-Ես ալ քիյ շօտ կու սիյեմ: Ամմա գալիք օրերը էրինտ չի գօ էյվենօ էրմենոց: Եթէ զիս տեյնեմմիշ ընեսնէ, այլէթ ա՛ռ, օ՛ռ, էստեղոցը գենօ:

-Ես ալ քեզ շատ կը սիրեմ: Բայց գալիք օրերը լաւ չեն երեւիր հայերուն համար: Եթէ ինծի մտիկ ընես ընտանիքդ ա՛ռ, հոսկէ գնա՛:

Թոյոս ղալֆան տուն կագօ, կը կենչէ տղան, աչքինտէքը, հօյսեյը: Մեսելէն ընտաս-ընտաս է, ի՞նչ կը կ'ասէք՝ իշտո՞նք թէ՞ մինոնք:

Թորոս վարպետը տուն կու գայ, կը կանչէ տղաները, աղջիկները, հարսերը եւ խնդիրը ասանկ-ասանկ է կ' ըսէ: Ի՞նչ կ'ըսէք՝ երթա՞նք թէ՞ մնանք:

Քեռիս՝ Ղազարիա Պապահիքեան, հեչ մի կայնիք, էյկու քաթր առապա բեյէք ինչ կօնէ լիցէ՛ք, եալլա Սուրիա:

Քեռիս՝ Ղազարիա Պապայիքեան, բնաւ մի կենաք, երկու կառք բերէք, ի՛նչ ունիք-չունիք լեցուցէք, եալլա Սուրիա: Սուրիա կու գան:

Եւ ընտաց Սուրիա կագոն, ու՞ր Ճարամանա [Դամասկոսի հարաւ-արեւելքը]: Հոն տուն կը բռնեն, կը նստին: Մօյդը նաճօյ է, պզտիկ առուակ մը, պտիկ ջույի օչք մը կօ եղեր, գէօբլիւ շինել կու տան կոր: Մօյդը շատ նազիկ նալուն հիւանդ կ'ուննօ, կը մեյնի:

Սուրիա կու գան: Ո՞ւր՝ Ճարամանա [Դամասկոսի հարաւ-արեւելքը]: Հոն տուն կը բռնեն, կը նստին: Մարդը ատաղձագործ է. պզտիկ առուակ մը, ջուրի աչք մը կայ եղերկամուրջ շինել կու տան: Մարդը շատ նազիկ ըլլալուն, հիւանդ կ'ըլլայ, կը մեռնի:

Ամմա պօպիս, քեռիս ասքոյ են եղեր հարպի կ'աշտոն: Հարպը լմննալէն ետք կ'ագոն Ճարամանա, իրենց կու գտնոն, տայի մը կը նստին, սարրաֆութիւն կը կ'էնեն: Պօպիս նաճոյ է, ի՞նչ կը շինէ. քերմէն, օխլաղու, պերիտ։ Ասանկ դյամ կ'առնէ կոր տաճիկներէն: Ճոնկ մը բայօ կ'այնեն քեռիիս հետ սարրաֆութիւն կը կ'էնեն Ճարամանայէն Շօմ կը կ'իջնեն եւ ետ կու գան 1925-ին տիւրզիւներուն եւ սուրիացիներուն կռիւը կ'ըլլայ: Քեռիտ կը կ'ըսէ, թէ մենք հոս չենք կանօ մենօլ, եալլա Պէյրութ պ'իշտոնք, Պէյրութ ալ գալէն ետք, ես հես չիմ կենօ, Ամեյիկա պ'իշտոմ: Քեռին կ'ելլէ կոր Արժանթին կ'երթայ կոր, մօյս, պօպս ալ ետեւնէն կ'աշտոն, աչքի թրիքոմա [թրաքոմա] ըլլալուն՝ ետ կագոն հայրս, մայրս, եղբայրս, քոյրս:

Հայրս եւ քեռիս զինուոր են եղեր: Պատերազմի կ'երթան: Պատերազմը վերջանալէն ետք կու գան Ճարամանա, իրենց կը գտնեն: Տարի մը կը նստին, լումայափոխութիւն կ'ընեն: Հայրս ատաղձագործ էր, ի՛նչ կը շինէ, իլիկ, գլան, պերիտ։ Ասանկ դրամ կ'առնեն տաճիկներէն, ափ մը  դրամ կ'առնէ քեռիին հետ Դամասկոս կ'իջնեն եւ ետ կու գան: 1925-ին տիւրզիւներու եւ սուրիացիներու կռիւը կ'ըլլայ: Քեռիս կ՚ըսէ, թէ մենք հոս չենք կրնար մնալ, Պէյրութ պիտի երթանք: Պէյրութ գալէն ետք, ես հոս չեմ կենար, Ամերիկա պիպի երթամ: Քեռին Արժանթին կ'երթայ: Մայրս, հայրս ալ ետեւնէն կ'երթան, աչքի թրիքոմա [թրաքոմա] ըլլալու պատճառով ետ կու գան: Հայրս, մայրս, եղբայրս, քոյրս:

Ես այն ատեն չի կամ: Ես գալէն ետք, հես ծներ եմ` 1928:

Ես այդ ատեն չի կայի: Ես գալէն ետք, հոս ծնած եմ, 1928-ին։

Եղիսափէթ Թափանեան Օղլուքեան

Հաճնոյ բարբառով երկրորդ խօսակցութիւն (Եղիսափէթ Թափանեան Օղլուքեան)

Գրական արեւմտահայերէն տարբերակ

Հումօ կ'ասեմ։

Հիմա կ'ըսեմ:

Աչքը կույնօ ընտաս լիսին (…) մեհ էնտեղը ընտաս կուճօկ մը կօ կու կոխես, թիմ աշխարհը լիս կուննօ:
Մէհ էնտեղը էվէլ մենք լամպա կու վառոնք գիտի, լամպա, էյկու մէկ կու կերենք թեմիզլամիշ ընելիքէն կու կերենք: Էստեղը ընտաք բոն չու կօ լիսը կօճակը կու կոխես թիմ տեղը լիս կունօ:

Աչքը կուրնայ աստեղի լոյսին, մեր անտեղը մէկ հատ կոճակ մը կայ, ամբողջ աշխարհը լոյս կ'ըլլայ: 
Մեր անտեղը կանթեղ կը վառէինք գիտեմ, երկու-մէկ կը կտրէինք մաքրելու համար, աստեղը «լապտեր չկայ, ամէն տեղ լոյս կ՛ըլլայ:

Մաքթուպը կու գայ հէյ խնդու
Տանը տիւենկը կը թնթու
Աշքէն ուզողին տիվէք
(…) կու խնդու
Աղջի անունդ Իղիսա
Իս  իսկիզբէն բենճերէին տիսա
Ունչոցս չունչոցս կու ծախեմ
Կ'ըլնեմ քու պապիդ փիսա:

Նամակ կու գայ հէյ խնդա
Տունը տեղը կը թնդայ
Աղջիկը ուզողին տուէք 
(…)
Աղջիկ անունդ Եղիսա
Ես սկիզբէն պատուհանէն տեսայ
Ունեցածս-չունեցածս կը ծախեմ 
Կ'ըլլամ քու պապայիդ փեսայ:

Աղբիւրներ

  • Հայերէնի բարբառագիտական ատլասի նիւթերի հաւաքման ծրագիր, խմբ. Հ.Դ. Կոստանդեան, Ա. Ն. Հանենեան, Մ. Հ. Մուրատեան, Ա. Վ. ԳրիգորեանԵրեւան, 1977:
  • Յակոբ Պ. Պօղոսեան, Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-Տաղի հայ գիւղերը, երկրորդ տպագրութիւն, Մեղի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Անթիլիաս, 2014:
  • Հրաչեայ Աճառեան, Քննութիւն կիլիկիայի բարբառի, Երեւանի Համալսարանի հրատարակութիւն,Երեւան, 2003: