Հաճըն - Բարբառ

Հէճընցիք թիւմ աղօ են - Բարբառ եւ բարքեր

Յղացք եւ խմբագրում՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան։

Մօտաւորապէս 11 վայրկեան տեւող ֆիլմ մըն է, որ յատկացուած է Հաճընի բարբառին եւ հաճընցիներու զանազան սովորութիւններուն։ Անիկա բազում հետազօտութիւններու արդիւնքն է եւ աշխարհի տարածքին տարտղնուած նիւթերու՝ մէկտեղում մը։ Հոս կ՚երեւին մարդիկ, որոնք կ՚ապրին Լիբանան կամ Արժանթին։ Կը տեսնենք լուսանկարներ, որոնք մեզի ղրկուած են Լիբանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն կամ Ֆրանսայէն։ Կ՚ունկնդրենք երաժշտութիւն, որ մեզի հասած է Նիւ Ճըրսիէն, Պուէնոս Այրէսէն կամ Պերլինէն։

Բոլորին հասարակաց յայտարարը Հաճընն է, Հաճընի բարբառը կամ Հաճընի աւանդութիւններն ու տեղական մշակոյթը։

Հաճընի բարբառով ֆիլմ – Պուէնոս Այրէս

Չափազանց իւրայատուկ տեսերիզ մը։ Պուէնոս Այրէսի «Հաճըն Տուն»ին շուրջ խմբուած հաճընցի հայրենակիցներ նախաձեռնութիւնը կ՚առնեն պատրաստելու տեսերիզ մը, որուն լեզուն Հաճընի բարբառն է։ Ֆիլմը կը պատրաստուի 2005-ին եւ նուիրուած է «Հաճըն Տուն»ի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին։

Ո՛չ տեսերիզին արտադրիչները, ոչ ալ դերասանները արհեստավարժներ են։ Բայց այս մէկը երկրորդական նշանակութիւն ունի, եթէ նկատի ունենանք, որ ֆիլմը կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է Արժանթին ծնած երկրորդ սերունդի հաճընցիներու կողմէ Հաճընի բարբառը պահպանելու ուղղութեամբ։ Տեսերիզը ապացոյց մըն է նաեւ, թէ հայրենի բարբառը երկրորդ կեանք մը ապրած է Պուէնոս Այրէսի երկրորդ սերունդի հաճընցիներուն քով, նկատի ունենալով որ տեսերիզին դերակատարները լաւ ալ կը տիրապետեն այս լեզուին։

Ֆլիմը ունի անգլերէն եւ սպաներէն ենթագիրներ։

Նիւթը.- հաճընցի զոյգ մը կը փափաքի իր որդին ամուսնացնել։ Հայր ու մայր յարմար թեկնածու մը կը փնտռեն եւ այս նպատակով ալ կը հետեւին աղջկայ ձեռք ուզելու աւանդական հաճընեան ձեւերուն։
Տեսերիզին բեմադրիչն է Խորխէ Պալասանեան։ Դերասաններն են՝  Խուան Քարլոս Պալասանեան, Արաքսի Չոքաքլեան (ծնեալ Ճանիքեան), Սիրուհի Փիրանեան (ծնեալ Պելորեան), Վարդիվար Թուրսարգիսեան, Սիլվիա Աբոշեան (ծնեալ Օրուճեան)։

Հաճընցիներու հետ հարցազրոյցներ - Լիբանան

Սոյն հարցազրոյցներու շարքը կատարուած է Յուշամատեանի նախաձեռնութեամբ Յունուար 2020-ին, Լիբանանի մէջ։ Մեր զրուցակիցներուն ծնողները Հաճընէն են, իսկ իրենք Լիբանան ծնած երկրորդ սերունդի հաճընցիներ են։ Բայց անոնց յիշողութեան մէջ վառ կը մնան իրենց ծնողներէն փոխանցուած պատմութիւններ, աւանդութիւններ եւ բարքեր, որոնց բեմադրավայրը հայրենի Հաճընն է։

Մեր զրուցակիցները իրենք եւս ապրած են հաճընեան միջավայրի մը մէջ, ուր բացի իրենց ծնողներէն հոն եղած են ազգականներ, դրացիներ, բարեկամներ, բոլորն ալ հաճընցի։ Այս պայմաններուն մէջ կարգ մը սովորութիւններ շարունակած են պահպանուիլ լիբանանեան միջավայրին մէջ։ Պահպանուած այս ժառանգութիւններէն է նաեւ բարբառը, երկրորդ սերունդի հաճընցիները իրենք եւս սորված են այս լեզուն, սահուն կերպով չեն խօսիր զայն, ինչպէս կ՚ընէին իրենց ծնողներն ու մեծ ծնողները, բայց անոնք կը շարունակեն ապրեցնել այս ժառանգութիւնը։

Յուշամատեանի համար հարցազրոյցները վարեց Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան։ Նկարահանողն է՝ Էթիէն Սէօքիւնեան։

Զրուցակից՝ Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեան, Խալիլ Պատաուի թաղամաս, Լիբանան

Զրուցակից՝ Զապէլ Սարաֆեան-Մութաֆեան, Զալքա թաղամաս, Լիբանան

Զրուցակից՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Ամանոս թաղամաս, Լիբանան

Տեսերիզ | Աշխատանոց՝ Հաճընի բանաւոր պատմութիւն նիւթով | Պուէնոս Այրէս

Այս տեսերիզը նկարահանուած է 2017-ին, Պուէնոս Այրէսի «Հաճըն Տուն»ին մէջ, Յուշամատեանի կազմակերպած աշխատանոցին ընթացքին։ Հոս, հաճընցիներու շառաւիղներ մեր գործընկերուհի՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի պատմած են իրենց ծնողներէն կամ մեծ ծնողներէն յուշեր, զանազան կատակ պատմութիւններ, աւանդութիւններ, սովորութիւններ։ Այս պատումներէն ոմանց բեմադրավայրը հայրենի Հաճընն է, ուրիշներ կը պատահին Արժանթինի մէջ, երբ հաճընցիներ հաստատուած են այս երկրին մէջ եւ շարունակած են պահել կարգ մը աւանդութիւններ։ Սիլվինային զրուցակիցները խօսած են նաեւ Հաճընի բարբառով. լեզու մը, որ աշխարհի տարածքին շատ հաւանաբար ամէնէն շատ Պուէնոս Այրէսի մէջ է, որ լաւագոյնս պահպանուած է։ Աշխատանոցին լեզուն սպաներէնն է։