Հաճըն, 1909-ի շուրջ. Իտա Չումի կը խնամէ մանրախտէ (տրախոմա) տառապող որբեր։ Ամենաձախին՝ Պետրոս Քրքաշարեան եւ Հարրի։

Հաճըն - Միսիոնարներ

Հեղինակ՝ Ռոզմէրի Ռասէլ, 04/05/16 (վերջին փոփոխութիւն՝ 04/05/16), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Նախաբան

Բողոքական որբանոցի եւ առաքելութեան (ԲՈԱ) պատմութիւնը կը սկսէր 1898-ին երբ երկու հիւանդապահուհի՝ Ռոուզ Լամպէրթը եւ Մարիա Կերպերը որբանոց մը բանալու համար Հաճըն կը ժամանէին։ Իրենց մեկնարկած կարեւոր գործը պիտի շարունակուէր աւելի քան 20 տարի եւ նեգրաւէր ծառայութիւնները եւս տասնինն միսիոնարներու, որոնք պիտի օժանդակէին որբանոցներ հիմնելու Հաճընի (1899-1909), Սիսի (1900) եւ Էվերեկի (1910-1914) մէջ։

1901-ին հիմնուած Բողոքական որբանոց եւ առաքելութիւնը (ԲՈԱ) կը խմբէր երեք յարանուանութեան պատկանող միսիոնարներ՝ Մենոնականներուն, Առ ի Քրիստոս Մենոնական եղբայրներուն եւ Միսիոնարական եկեղեցիի ընկերակցութեան (վերջինը երկուքը Մենոնականներէն ճիւղաւորումներ էին եւ 1969-ին միաւորուելով պիտի կազմէին Միսիոնարական եկեղեցին)։

Օսմանեան կառավարութիւնը 1900-ի աշնան (վեց ամսուան գործունէութիւն ծաւալելէ ետք միայն) պիտի փակէր Առաքելութեան Սիսի կեդրոնը։ Էվերեկի կեդրոնը իր դռները կը բանար 1910-ին։ Այդ թուականին մանչերու որբանոցը Հաճընէն հոս պիտի փոխադրուէր։ Միսիոնարները մանչերու վարժարան մը պիտի բանային, ուր աշխատելու պիտի հրաւիրէին որբանոցի նախկին սաներ եւ որուն տնօրէնը Նորա Լամպէրթը պիտի նշանակէին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումը հարկադրած էր փակել Էվերեկի եւ Հաճընի կեդրոնները։ Երեք միսիոնարները Հաճըն պիտի վերադառնային 1919-ին։ Տարի մը չանցած՝ ստիպուած պիտի ըլլային մեկնելու։ Էպիները տուն պիտի վերադառնային, իսկ Քաթրին Պրետերմուսը պիտի կայք հաստատէր Կիպրոսի մէջ եւ հոն հանդիպէր Հաճընի ողբերգական վախճանէն վերապրողներուն։ Ան նպաստամատոյց գործունէութիւն պիտի ծաւալէր Լառնաքայի մէջ։ Առաքելութեան նուիրատուներուն ուղղուած իր նամակներուն մէջ գրի առած է երկարատեւ ամիսներու պաշարումէն եւ անոր աւարտին տեղի ունեցած կոտորածէն վերապրողներու վկայութիւնները։

1900-էն մինչեւ իր մեկնումը (1909-ին), Ռոուզ Լամպէրթը իր երիտասարդ եւ կարող ուսերուն վրայ տարաւ որբանոցի բեռը։ Քսանամեայ կնոջ ձեռքբերումները պարզապէս ուշագրաւ են։ (Ան նոր երեսունմէկ տարեկան դարձեր էր երբ իր որդեգրեալ հայկական օճախէն մեկնեցաւ 1909-ին՝ բծաւոր տիֆին եւ ապրիլի աղէտալի դէպքերուն բերումով վատուժ ու անկար)։

Հաճընի մէջ Աղջկանց եւ Մանչերու որբանոցներու սան որբերուն (որոնք գլխաւորաբար Հաճընի եւ շրջակայ տարածքէն էին) ամենօրեայ ժամանակացոյցը խիստ էր։ Աղօթքի ժամ, ճաշի ժամ, դպրոց-դաս եւ առտնին պարտականութիւններով կ’անցնէր օրը։ Տեղւոյն բնակիչ կիներուն կ’ուսուցանուէր կար ու ձեւ եւ բուրդ հիւսել, իսկ աղջնակներուն՝ ասեղնագործութիւն։ Ամէն տարի երէց աշակերտուհիներէն խումբ մը դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին կ’oգնէր ճաշի պատրաստութեան, մաքրութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հագուստները, ներքնազգեստները եւ գուլպեղէնը կարելուն եւ կարկատելուն։ Այս կարգադրութեան շնորհիւ որբանոցը կը կարենար գոյատեւել հակառակ իր սուղ հնարաւորութիւններուն, եւ միաժամանակ կ’ապահովուէր, որ որբանոցի սանուհիները լաւ պատրաստուէին տան տնտեսութեան աշխատանքներուն։ Քանի որ իրենց կրթութիւնն ալ նոյնքան կարեւոր էր, անոնք դպրոց կը յաճախէին. դպրոցները կը տնօրինէր Ամերիկեան խորհուրդը (American Board), որ կրթութեան գործով զբաղող անջատ առաքելութիւն մըն էր։

Ինչպէս աղջիկներու պարագային, միսիոնարները, քայլ պահելով ըստ տեղւոյն մշակոյթին երիտասարդներէն եղած ակնկալիքներուն հետ, կը պահանջէին, որ իւրաքանչիւր որբ մանչ արհեստ մը սորվէր։ Որբ տղաներուն նոյնպէս լաւ կրթութիւն կը տրուէր։ Ջուլհակագործութիւն, փայտագործութիւն կամ այլ արժէքաւոր արհեստ մը սորվելու տարուան ընթացքին որբ տղան դպրոց չէր յաճախեր։

Մօտաւորապէս երեք հարիւր որբի կրթական, կարգապահական եւ սնման գործը վերահսկելը կը թուի թէ պիտի բացառէր աղքատներուն յատկացնելու նիւթական միջոց կամ ժամանակ ունենալը։ Եւ սակայն, Ռոուզ Լամպերթը կը պնդէր, որ Առաքելութիւնը գումար մը յատկացնէր Հաճընի աղքատացած այրիներուն գործ հայթայթելու ծրագիրին։ Ան այրիները գործի կ’առնէր աղբիւրներէն որբանոց ջուր կրելու համար, ոչխարի եւ այծի բուրդ մանելու եւ գուլպաներ հիւսելու համար։ Նոյնիսկ կոյր եւ հաշմանդամ դարձած կիներուն հնարաւորութիւն կը տրուէր իրենց զաւակները կերակրելու համար մի քանի դահեկան վաստակելու։

Առաքելութիւնը բացած էր նպարեղէնի խանութ մը, հողաթափերու խանութ մը, հացի փուռ մը եւ մանուածեղէնի գործարան մը։ Այս արտադրամասերը կ’ապահովէին աշխատատեղերով, արհեստի կիրարկման փորձառութեամբ եւ որբանոցը ծախսերը հոգալու ծառայող եկամուտով։ Փուռը ոչ միայն Աղջկանց եւ Մանչերու որբանոցին կը մատակարարէր, այլ նաեւ անվճար հաց կը տրամադրէր սովեալներուն։

Ռոուզ Լամպերթի մեկնումէն ետք Առաքելութիւնը որոշ թիւով փոփոխութիւններ պիտի կրէր։ Բայց եւ այնպէս, որբերը, այրիները, կոյրերը, կաղերն ու թշուառները պիտի մնային միսիոնարներու ուշադրութեան տակ։

Բողոքական որբանոցը եւ առաքելութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր երկտասնամեակեայ կեանքին ընթացքին հոլովոյթ ապրեցաւ։ Ան անկայուն կայսրութեան մը մէջ գործեց եւ սարսափազդու մարտահրաւէրներու դէմ դիմաց յայտնուեցաւ, դիմագրաւեց կոտորածներ, հիւանդութիւններ, սղաճ եւ քաղաքական խռովութիւններ։ Բառերով կարելի չէ բնորոշել Առաքելութիւնը. միայն կարելի է ըսել, որ Ռոուզ Լամպերթին հետեւելով Հաճըն ժամանած միսիոնարները, որոնք նպաստամատոյց աշխատանքի շառաւիղը ընդլայնելով հասցուցած էին Սիս եւ Էվերեկ, հայերուն կարիքներուն կը հասնէին ինչ պայմաններու մէջ ալ որ գտնէին զանոնք եւ իրենց տրամադրութեան տակ եղող բոլոր միջոցները գործածելով։

Պէթէլ գրադարանի Հաճընի լուսանկարներու հաւաքածոն

Այս հաւաքածոյի լուսանկարներուն մեծ մասը պատկանած է Տորինտա Պոումանին, որ 1909-1938 Բողոքական որբանոցին եւ առաքելութեան անձնակազմին անդամ միսիոնար մըն էր։ Երբ այլեւս տեղւոյն վրայ գործունէութիւն չէր ծաւալեր, ան, ԱՄՆ վերադարձած, Առաքելութեան բանբերի խմբագիրի աշխատանքին լծուած էր։ Այս ցուցադրութեան համար ընտրուած լուսանկարները կը ներկայացնեն Առաքելութեան գործունէութիւնը Հաճընի եւ Էվերեկի մէջ եւ չեն ներառներ Պոումանի նպաստամատոյց գործունէութիւնը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ (այս լուսանկարները կը գտնուին Միսիոնարական եկեղեցիին արխիւներուն մէջ, Պէթէլ քոլէճ, Միշաուաքա, Ինտիանա նահանգ)։

Տորինտա Պոումանի մահէն ետք անոր եղբօրորդին՝ Ռիչարտ Պոումանը, իր հօրաքրոջ փայփայած յուշիրերը նուիրաբերեց։ Օրիորդ Պոումանի՝ պատմական արժէքաւոր ու զգացական արժէքներով լի մնացորդներ պահպանելու իմաստութեան շնորհիւ մենք ունինք թանկարժէք որբուկի հագուստը եւ գորգը, որոնք հետը բերելու մասին մտածած էր ան, երբ այդքան հապճեպ կերպով ստիպուած եղած էր Հաճընէն մեկնելու 1914-ի Նոյեմբերին։ Աւելին. աւելի քան 200 լուսանկար հաշուող իր հաւաքածոյով ան մոռացութենէ փրկած է ԲՈԱ-ի գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ հայերու անուններն ու դէմքերը։

«Gospel Banner» պարբերականին մէջ հրապարակուած նկարները կը ներկայացնեն Տորինտա Պոումանին ժամանումին նախորդող տարիները, երբ Ռոուզ Լամպէրթն էր Առաքելութեան գործունէութեան պատասխանատուն Հաճընի մէջ։ Միւս լուսանկարները տրամադրած են Էվերեկի մէջ գործած տէր եւ տիկին Տ. Ճ. Սթորմսի որդի Էվերեկ Սթորմսը, Տ. Ս. Էպիի դուստրեր Մարիօն (Էպի) Արչերն ու Ռութ (Էպի) Մաքոնոչին եւ Աննա Պոումանի թոռնուհի Ռութ Անն Օ՚հարա։

Մեր յատուկ շնորհակալութիւնը Քեւին Պլոուերսին, որ Պէթէլ Գոլէճի մէջ (Միշաուաքա, Ինտիանա) գրադարանավար է (նիւթաարհեստագիտական գծով) եւ Միսիոնարական եկեղեցիի արխիւներուն պատասխանատուն։

Հաճընի որբերը

1909-ի շուրջ։ Աննա Պոումանը երկու մանուկ որբ՝ Հարրին (աջին) եւ Էլմաստը (ձախին) գրկած։ Պոումանը 1909-1912 աշխատած է Հաճընի Մանչերու որբանոցէն ներս։ Հարրին հոն բերուած էր Ռոուզ Լամպէրթին կողմէ 1906-ի նոյեմբերին։

1) Հաճըն, 1908-ի շուրջ։ Թրֆանտան եւ Խաթունը։ Շատ յաճախ այս նկարին պէս նկարները կը ղրկուէին անոնց, որոնք կը հովանաւորէին որբերը։

2) 1907-ի շուրջ։ Ագապի Արիքլեանը Աղջկանց որբանոց ապրելու սկսած էր 1901-ին։ Ըստ Որբանոցի մատեաններուն, այրիացած իր մայրը աղքատ էր, «ոչ տուն ունէր, ոչ ալ այգի կամ պտղատու պարտէզ»։

3) 1913-ի շուրջ։ Տորինտա Պոումանը՝ ոտքի, թեւը որբուհիի մը ուսին։ Աղջնակը կը տառապի մանրախտէ (տրախոմա), աչքերու փոխանցիկ հիւանդութենէ մը, որ շատերու կուրութեան պատճառը դարձած էր Հաճընի մէջ։

1909-ի շուրջ։ Երեք որբ նստած են ցած սեղանի մը շուրջ եւ կ’ուտեն ընդհանուր պնակի մը մէջէն։

1) 1920, քիւրտ գաղթականներ Հաճընի մէջ։

2) 1920։ Քիւրտ գաղթականներ Հաճընի մէջ։ Որբանոցը ապաստան տուած էր Մուհամէտին (ձախին)։ Աղջկանց որբանոցը հրոյ ճարակ դարձած էր, հետեւաբար հողաշէն կառոյց մը շինուած էր Միսիոնին՝ քաղաքի հարաւը գտնուող կալուածին վրայ (Սուրբ Սարգիս բարձունքին վրայ)։

3) Ահաւասիկ մէկը այն բազում որբերէն, որոնք կը պաղատէին որբանոց պատսպարուիլ, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք միսիոնարները Հաճըն վերադարձեր էին։

Ըստ հանգուցեալ Ռիչարտ Պոումանին (Անտերսոն, Ինտիանա), պատկերուածը մէկն է այն երեք գորգերէն, որ իր հօրաքոյրը՝ միսիոնար Տորինտա Պոումանը, 6 նոյեմբեր 1914-ին Հաճընէն իր մեկնումին որբուհիի հագուստին հետ Միացեալ Նահանգներ բերած էր։

Թերութիւնները (որոնք ամենէն բացայայտ ձեւով կ’երեւին երկու անկիւններուն վրայ) ապացոյց են միսիոնարներուն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումին պատճառով յանկարծադէպ դարձած հապճէպ մեկնումին։

Քաոսը պիտի տիրէր Հաճընի մէջ 1914-ի երկրորդ կէսին ամբողջ ընթացքին։ Փողոցները կը յորդէին զինուորներով։ Հարիւրաւոր հաճընցի այրեր զօրակոչուեր էին բանակ՝ պատերազմելու։ Ընդդիմացողները տեղն ու տեղը կը գնդակահարուէին։ Բանակը բնակիչներու գոյատեւման հաշուոյն անոնցմէ կը բռնագրաւէր ձի ու սնունդ։ Արձագանգելով ահագնացող լարուածութեան՝ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսը միսիոնարներէն պահանջած էր տեղափոխուիլ Ատանա։ Չուզելով լքել Հաճընի որբերը՝ վերջիններս մերժած էին։ Ի վերջոյ Բողոքական որբանոցի եւ առաքելութեան (ԲՈԱ) Հոգաբարձուներու խորհուրդէն հեռագիր մը պիտի գար, որ տունդարձի հրաման պիտի տար Տորինտա Պոումանին, Քաթրին Պրէտէմուսին եւ Էպի ընտանիքին։ Ենթարկուելէ բացի այլընտրանք չէր մնար այդժամ վերջիններուս։

Փոխանակ որբանոցը փակելու համար մի քանի շաբաթ ժամանակ ունենալու, անոնք միայն իրենց տրուած քսանչորս ժամը ունէին իրենց իրերը հաւաքելու եւ հրաժեշտ տալու։ Ազգական ունեցող բոլոր որբուհիները արդէն այդ ատեն անոնց քով ղրկուած էին, եւ անընտանիք որբուհիները մնացած էին Աղջկանց որբանոցին մէջ։ Իրենք էին որ, Պոումանի ցուցումներով, արագ-արագ իրենց դազգահին (ոստայն) վրայ պիտի աւարտի հասցնէին գորգին վերջին ծայրը, որպէսզի Պոումանը կարենար զայն եւ որբուհիի հագուստը հետը տանիլ։ Տրուած ըլլալով որ Մանչերու որբանոցին մէջ եղած էր 1909-ի պաշարման ընթացքին, Պոումանը գիտեր հայերը ամենաշատը ինչէ՛ն կը սարսափէին՝ զանգուածային կոտորածէ։ Որբերու կողմէ գործուած այս երեք գորգերը, ինչպէս նաեւ հինցած եւ որբուհիներուն կողմէ կարկտան եղած հագուստը ան իր հետ կ՚առնէ։ Պոուման յոյս ունէր որ կրկին կը տեսնէ իր սիրելի որբերը։

1) 1909։ Աննա Պոումանը հաճընցի որբերու հետ։ Տղաքը նոր վերջացուցած են իրենց հիւանդ աչքերուն բուժումը. հաւանաբար անոնք մանրախտէ (տրախոմա) կը տառապէին, որ շատ տարածուած եւ աւեր գործող աչքի փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն էր։

2) 1909-ի շուրջ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Լեւոն, Պետրոս, Մարտիրոս։ Անոնց ետեւը նստած, ձախէն աջ՝ Յովսէփ, Աւետիս, Վարդեվառ, Մարտիրոս։ Խումբ մը տղաք Մանչերու որբանոցին այգիին մէջ։ Աւելի պզտիկ տարիքի մանչերը այս աւելի մեծ որբերու խումբին ետեւը կեցած են։

1) 1909-ի շուրջ։ Տորինտա Պոումանը (ամենաձախին) եւ Աննա Պոումանը (ամենաաջին) խումբ մը որբերու հետ, որոնց հովանաւորները Միշիկանէն էին (ԱՄՆ)։

2) 1909։ Խումբ մը միշիկանցի (ԱՄՆ) հովանաւորներ ունեցող որբեր։

1) 1909-ի շուրջ։ Աղջկանց որբանոցին մէջ ապրող խումբ մը հաճընցի աղջնակներ։

2) Ամենայն հաւանականութեամբ այս լուսանկարը նկարուած էր ղրկելու համար ԱՄՆ-ի, Գանատայի կամ Եւրոպայի մէջ գործող եկեղեցիի մը կամ կիրակնօրեայ դպրոցի մը, որ այս որբուհիները կը հովանաւորէր նիւթապէս։

1912-ի շուրջ։ Հաւանաբար այս Բողոքական որբանոցի եւ առաքելութեան (ԲՈԱ) մանչերու եւ աղջիկներու վերջին խումբն է, որ շրջանաւարտ եղած է Հաճընի որբանոցէն եւ Մանչերու վարժարանէն։ Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Խաթուն, Մանուկ, Սուլթան, Մամբրէ։ Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Երանոս, Լուսիա, Աստուր, Միրամ։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Օսաննա, Յովսէփ, Ազատ։

1) Հաճընի Աղջկանց որբանոցի սանուհիները իրարու մազ կը սանտրեն։ Այգիին մէջ անցուցած ամառները դպրոցի խիստ կարգապահութենէն քիչ մը շունչ քաշելու եւ քաղաքի հեղձուկ օդէն փախուստ տալու  շատ սպասուած հնարաւորութիւնը կու տային։

2) 1913-ի շուրջ։ Որբանոցի աշխատողներու զաւակները Միսիոնին այգիին մէջ։ Պզտիկներէն երեքը քոթոթ գրկած են։

3) 1913-ի շուրջ։ ԲՈԱ-ի աշխատակիցներուն զաւակները լուսանկարուելու համար կազմ ու պատրաստ կեցած են այգիին մէջ անհոգ անցնող օրուան մը ընթացքին։

4) 1913-ի շուրջ։ ԲՈԱ-ի որբանոցի աշխատողներուն զաւակները Սուրբ Սարգիսի բարձրունքին կեդրոնին մէջ։

14 յունուար 1913։ Միսիոնարները ս. Ծննդեան յատուկ ճաշկերոյթ կազմակերպած են Հաճընի վաթսուն աչազուրկներուն եւ միականիներուն համար։ Անոնք այդ օրուան իրենց յատուկ հիւրերուն մատուցած են ձաւարով եղինձ, հաց եւ իւրաքանչիւրին մէկ նարինջ։

1) 1913-ի շուրջ։ Քաթրին Պրէտէմուսը շրջապատուած համազգեստաւոր որբերով եւ որբանոցի աշխատակիցներու զաւակներով։

2) 1913։ Որբերը կը խաղան միասնածին քոթոթներու հետ Հաճընի մատոյցներուն գտնուող Աղջկանց այգիին մէջ։

1910-ի շուրջ, Հաճըն։ Աղջկանց որբանոցին սանուհիներէն խումբ մը։ 3-րդ շարք, ձախէն աջ՝ Հայկանուշ (ուսուցչուհի), Թէպէրիկ, Վարդինա, Խաթուն, Թրֆանտա, Միրիամ, Եղիսաբէթ, Կիւլեզար (ուսուցչուհի). 2-րդ շարք, նստած ձախէն աջ՝ Շաքսէնա, Լուսաբեր (ուսուցչուհի), Խաթուն, Ովսաննա, Սուլթան, Հռիփսիմէ, օրիորդ Չումի (միսիոնար հիւանդապահուհի), Սառա. առաջին շարք, գետնին նստած ձախէն աջ՝ Հռիփսիմէ, Ագապի, Հռիփսիմէ, Սոֆիա, Միրիամ, Սիւզի, Խաթուն, Ովսաննա, Մարթա, Ովսաննա, Միրիամ (Աղջկանց որբանոցի ուսուցչուհիները կը վերահսկէին կարի, խոհարարական եւ մաքրութեան աշխատանքները)։

1913։ Ամեն տարի դպրոցական որբուհիներու խումբ մը դասերէն ետք որբանոցին մէջ գործի կ’անցնէր կարի, մաքրութեան եւ խոհարարական աշխատանքներ կատարելու։ Այսպէսով անոնք կը վաստակէին Ամերիկեան խորհուրդի Հաճընի որբանոցի վարժարանին իրենց ուսման վճարը, ինչպէս նաեւ կ’օգնէին վարելու Աղջկանց որբանոցի տնտեսութիւնը։ Այս որբուհիներուն կողքին լուսանկարին մէջ պատկերուած են միսիոնարներ, որբանոցի աշխատակիցներ եւ անոնց զաւակները։ Կիւլեզար (վերջին շարք, ձախէն երրորդը), Կասիա խանըմ (վերջին շարք, ձախէն հինգերորդը), Քաթրին Պրէտէմուս (ամենաձախին նստած), Այկուլ (կեդրոնը նստած), Տորինտա Պոուման (ամենաաջին նստած), Կասիա խանըմի դուստր Սուլիցա (առաջին շարք, աջին նստած աղջնակ), այգիի խոհարարի դուստր Ռեպեքա (առաջին շարք, ձախին նստած աղջնակ։ Այկուլը՝ կարի պատասխանատուն, այրին էր Ուստա Յարութիւնին, որ Հաճընի 1909-ի շրջափակման օրերուն սպաննուած էր, երբ քաջաբար կը փոխադրէր ու յանձնէր Հեռագրատան ղրկած եւ ստացած երկտողները։

Տորինտա Պոումանը այս որբուհիի հագուստը եւ որբերու գործած գորգը հետը պիտի առնէր Առաջին աշխարհամարտի բռնկումէն ետք իր եւ ԲՈԱ-ի միւս միսիոնարներու Հաճընէն մեկնումին ատեն։ Հագուստը կա՛մ որբանոց աշխատող կին մը կա՛մ ալ անձամբ որբուհի մը պէտք է որ կարած ըլլայ։ Դիմացէն դիտուած (ձախին)՝ կ’երեւին որբուհիներու ձեռքով կարկատուած բազմաթիւ պատռուածքներ եւ լցակարումներ։ Կռնակէն դիտուած նկարը (աջին)՝ ի ցոյց կը դնէ կերպասին իւրայատուկ զոլաւոր գործուածքը։ Ռոզմէրի Ռասըլը ԱՄՆ Ինտիանա նահանգի Պէթէլ քոլէճին մէջ գտնուող Միսիոնարական եկեղեցիի արխիւներուն մէջ պրպտումներ կատարելու ատեն յայտնաբերած էր հագուստը եւ Պոումանի միսիոնարական տարիներէն մնացած այլ յուշիրեր։

1908։ Խիստ ձմեռուան յաջորդեց հունձքի ձախողութիւնը եւ անգործութեան մեծ աճը։ Կիներ հաւաքուած են Աղջկանց որբանոցին առջեւ գիտնալով որ Ռոուզ Լամպէրթ եթէ նիւթական միջոցները ունենայ իրենց գործ պիտի հայթայթէ։ Լուսանկարը հաւանաբար քաշուած է ամերիկեան միսիոնարական խորհուրդին մէկ անդամին կողմէ, երբ անոնցմէ խումբ մը նոյն այդ տարին այցելեց Հաճըն։

1) 1907-ի շուրջ. խումբ մը որբեր Հաճընի մէջ։ Հաւանաբար այս պատկերը քաշուած է հովանաւորներ գտնելու նպատակով, երբ շրջանին մէջ սով կը տիրէր։

2) Հաճընի կոյրերու վարժարանը գործեց երեք տարի (1912-1914)։ Կիւլվարդը (ետեւի շարք, ձախէն երկրորդը) աշակերտներուն գործնական հմտութիւններ կը սորվեցնէր, օրինակ խսիրէ կամ եղեգէ կարպետներ ու փսիաթներ կամ աթոռակներու համար նստամասեր հիւսել։ Ձախէն երրորդը Տորինտա Պոումանն է։ Եղիսաբէթը (ետեւի շարք, ամենաաջին) կարդալ, գրել եւ ուսողութիւն կը դասաւանդէր։ Այս դպրոցը Զուիցերիայէն եւ Անգլիայէն բարերարներու կողմէ կը հովանաւորուէր։

Այս կիները Ամերիկեան խորհուրդի Հաճընի որբանոցի պաշտօնէութիւնը կը կազմէին 1912-1913-ին՝ դպրոցին վերջին ուսումնական տարուան ընթացքին։ Ետեւի շարքի կեդրոնը Օլիւ Վաունն է՝ Ամերիկեան խորհուրդի միսիոնարուհին։ Անոր ձախին Մարին է։ Մէջտեղի շարքին ձախէն երկրորդը Ովսաննա խանումն է, դպրոցի մեծաւորուհին եւ այրին պատուելի Կարապետ Քիւփէլեանին՝ Օսմանիէի Բողոքական եկեղեցիի հովիւին, որ 1909-ի կոտորածներուն սպաննուած էր։ Ապա Մարիամ Յակոբեանն է, Էտիթ Քոլտը՝ Ամերիկեան խորհուրդի միսիոնարուհին, Լէա Բարձումեանը, Մարթան (Մարին, Լէան եւ Մարթան Աղջկանց որբանոցէն որբուհիներ էին)։

1910-ի շուրջ։ Ետեւի շարք՝ Նորա Լամպէրթը (ձախին) եւ Տորինտա Պոումանը (աջին)։ Հայազգի աշխատողներու շարքին են Կիւլեզարը (ամենաձախինը), Հայկանուշը (դիմացէն նախշով ճերմակ շապիկ հագած), Լուսաբերը (նստած կեդրոնը)։ Որբուհիներու այս խումբը այդ ուսումնական տարեշրջանին սկսած էր կար ընել, Աղջկանց որբանոցին մէջ մաքրութեան եւ խոհարարական գործեր ընել՝ վաստակել կարենալու համար իր ուսման վճարը եւ յաճախել Հաճընի որբանոցը, որուն ղեկավարները Ամերիկեան խորհուրդի միսիոնարներն էին։

Հաճըն, Ամերիկեան խորհուրդի համալիր։ 1913։ Նկարի կեդրոնը նստած է Նորա Լամպէրթը։ Իր ետին կեցած է Պլանշ եւ Տ.Ս. Էպի զոյգը։ ԲՈԱ-ն Ամերիկեան խորհուրդի՝ քաղաքին արեւելքը գտնուող համալիրին միսիոնարներու կացարանը գործածեց, երբ Ամերիկեան խորհուրդը տուն կանչեց  իր միսիոնարները՝ Օլիւ Վաունը եւ Էտիթ Քոլտը։ Այս նկարին մէջ պատկերուած են խոհարարուհիի եւ դերձակուհիի գործ ընող որբուհիները եւ այդ ուսումնական տարեշրջանին ուսուցչութիւն ընող տիկինը։ Նստած ձախէն աջ՝ Կիւլիւզար, Մարի, Խաթուն, Նորա Լամպէրթ, Խաթուն, Միրիամ, Հայկանուշ՝ բոլորն ալ (բացի Լամպէրթէն) որբանոցի նախկին սաներ, որոնք 1913-1914 ուսումնական տարեշրջանին արդէն աշխատակիցներ դարձած էին։

Ձախէն աջ՝ որբանոցի աշխատակիցներու զաւակներ Խաթունը, Միրիամը, Մարիցան, Կիւլեզարը, Միրիամը եւ Սուլթանը։

Հաճըն քաղաքէն տեսարաններ

1909. այս քաղաքին մէջ կը տեսնենք քաղաքին հիւսիսարեւմուտքը՝ Կեդրոնական եւ Վերին Հաճընի հատուածները։ Վարը ձախին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, աղջկանց վարժարանը, մանչերու վարժարանը (միայն վերի երկու յարկերը կ՚երեւին) եւ կաթողիկէ եկեղեցին (միայն գմբէթը կ՚երեւի)։ Վարը աջին կը հոսի գետակ մը։ Վերին Հաճընի մէջ է աղջկանց որբանոցը (1899-1914), որ աջին գտնուող բազմայարկ շէնք մըն է։ Ասոր ձախին գտնուող ճերմակ ընդարձակ շէնքը Առաջին եկեղեցին է, որ կը պատկանի Ամեիրիկեան խորհուրդին (Board), բայց կը տնօրինուի տեղւոյն հայ բողոքականներուն կողմէ։ Մանչերու որբանոցը (1898-1910) Առաջին եկեղեցիէն անմիջապէս վար է։ Քաղաքին առեւտրական թաղամասը կը գտնուի մանչերու որբանոցին եւ մանչերու վարժարանին միջեւ։ Ռոուզ Լամպէրթ Հաճըն կը հասնի ձմրան եղանակին եւ քաղաքը կը ներկայացնէ իբրեւ խոժոռ եւ տգեղ վայր մը։ Միայն գարնան էր որ պիտի հասկնար թէ ինչու հաճընցիները իրենց հայրենի քաղաքը կը համարեն դրախտ մը։ Լամպէրթ իր ձին հեծած յաճախ գարնանային հաճելի օրերուն կ՚այցելէր քաղաքին այս կողմերը, ծանօթ Քրտէթ անունով (լուսանկարը Տորինտա Պոումանի)։

1) Ատանայի կողմէն Հաճըն մտնող ճամբորդին առջեւ բացուող առաջին տեսարանը (երկու այլ ճամբայ ալ Հաճըն կը բերէին. հիւսիսի կողմէն՝ Կեսարիայէն եկող ճամբան, եւ հարաւի կողմէն՝ Մարաշէն)։ Հիւրերուն եւ տուն վերադարձող բնակիչներուն բարի գալուստի ողջոյն կու տային պետական երկու կառոյցները։ Պետական երկրորդ շէնքին ետեւը երեւցող սրածայր տանիքով ճերմակ շէնքը հաւանաբար մէկն է Ներքին Հաճընի այն նախակրթարաններէն, որոնք Ամերիկեան խորհուրդը կը տնօրինէր, եւ որոնց աշխատակիցներուն մէկ մասը Աղջկանց որբանոցի եւ քաղաքին արեւելքը գտնուող Աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտ էին։ Դպրոցին վերը աջէն ձախ կ’երեւին Սբ. Աստուածածին եկեղեցին եւ Հայկական առաքելական եկեղեցիի աղջկանց վարժարանը։ Այս դիտանկիւնէն չեն երեւիր Մանչերու վարժարանը եւ հայ կաթողիկէներու եկեղեցին։ Զառիթափի վրայի քառայարկ շէնքը Կաթողիկէ վարժարանն է։ Աւելի ձախին պատկերուած է ծուէն մը լերան լանջին դէպի հիւսիս փռուած Վերին Հաճընի տեսարանէն։

2) 1912-ի շուրջ։ Լուացքի օր ի Հաճըն։ Ջուրը կիներուն եւ պզտիկներուն կողմէ կը բերուէր աղբիւրներէն մէկէն։ Ինչպէս կը տեսնենք, բազմաթիւ տուներու առջեւ լուացքը արեւին տակ կը փռուէր չորնալու։ Լուացքաջուրը կը գործածուէր գետինը լուալու եւ, հոն ուր արտաքնոց կար, արտաքնոցը մաքրելու։

1899-ի շուրջ։ Հաւատացեալներու համախմբում մը Հաճընի մէջ։ Անոնք լուռ ու մունջ կ՚ուղղուին իրենց հաւաքատեղին։

1) 1909-ի շուրջ։ Այս լուսանկարը լոյս տեսած է Ռոուզ Լամպէրթի Hadjin and the Armenian Massacres գիրքին մէջ (1911)։ Իզապէլ կը համարուէր Աստուածաշունչի կին (Bible Woman)։ Ան այցելութիւններ կու տար հաճընցիներուն իրենց տուներուն մէջ։ Կ՚աղօթէր իրենց հետ, կը սորվեցնէր Աստուածաշունչի գիտելիքները, ապա միսիոնարներուն տեղեկութիւններ կու տար իր այցելած տուներուն պայմաններուն եւ անոնց կարիքներուն մասին։

2) 1912-ի շուրջ։ Միսիոնարները վերջապէս արտօնութիւն ստացած էին Սուրբ Սարգիսի (Հաճընին հարաւը գտնուող բարձունքին) վրայ իրենց պատկանող կալուածին մէջ որբանոց շինելու։ Ցաւօք, կառավարութիւնը երբեք պիտի չարտօնէր մանչերու որբանոց մը կառուցել հոն, ինչը միսիոնարներուն նպատակն էր երբ գներ էին այս հողը։

3) 30 նոյեմբեր 1913։ Ձախէն աջ՝ որբանոցի պաշտօնէութեան անդամ մը, թուրք մը կանգնած բեռնաբարձ ձիուն կողքին, Նորա Լամպէրթ, Քաթրին Պրէտէմուս, Տ.Ս. Էպի։ Հաճընէն եկող խումբը կ՚անցնի Սիհուն գետի կիրճէն ուղղուելու համար դէպի Ֆէքէ։ Լուսանկարը Պլանշ Էպիի։

Այս մէկը Ամերիկեան խորհուրդին պատկանող համալիրն է, Վերին Հաճընէն ոտքով 15 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ։ Խորքի շէնքը միսիոնարներուն յատկացուած եկեղեցին է։ Ձախին, միայարկանի կառոյցը կը գործածուէր իբրեւ դպրոցի դասարան։ Անոր ետին գտնուող շէնքը նոյնպէս դպրոցի դասարաններ են, ինչպէս նաեւ աշակերտուհիներու գիշերօթիկը։ Միսիոնարուհիները իրենք եւս կը բնակէին այս շէնքին մէջ։ Նոյն այս շարքին երրորդ շէնքը միսիոնարներուն բնակարանն է։ Մարթին եւ իր ընտանիքը այստեղ ապրեցան 1899-1906, Տէր եւ Տիկին Կարտներ՝ 1909-1912։ Համալիրը ըստ կարիքի այլ նպատակներու ալ գործածուած է։ Այստեղ է որ տղաներու փոքր խումբ մը դպրոց յաճախեցին, մինչեւ որ բացուեցաւ մանչերու վարժարանը 1893-ին։ 1895-ի ջարդերուն վաղորդայնին կարգ մը որբուհիներ այստեղ բերուեցան (մանչերու համար ալ որբանոց մը բացուեցաւ քաղաքին մէջ)։ Համալիրը գլխաւորաբար ծառայած է իբրեւ Հաճընի որբանոց, երկրորդական վարժարան, ուր յաճախած են գիշերօթիկի եւ ոչ-գիշերօթիկի աշակերտներ։ 1920-ին, միսիոնարներ, նպաստամատոյցի աշխատակիցներ, որբանոցի պաշտօնէութեան անդամներ եւ որբեր տաս շաբաթներ շարունակ այստեղ ապաստան գտան, մինչեւ որ բոլորն ալ տեղահանուեցան (լուսանկար՝ Մ. Անտոնեանի)։

1) 1909-ի շուրջ։ Այս մէկը Հաճընէն տեսարան մըն է արեւելքէն դիտուած։ Կ՚ընդգրկէ Հաճընի արեւմուտքը գտնուող եւ բնական սահման քաշող լեռներու գագաթները։ Առաջին շարքի վրայ կ՚երեւի Ամերիկեան խորհուրդի համալիրը։ Անկէ անդին կը տեսնենք քաղաքին արեւմտեան հատուածը, կարգ մը շէնքեր կառուցուած լեռներուն վրայ։ Աւելի հեռու (կեդրոն ձախ) Սուրբ Յակոբ վանքն է։ Այս պատկերին մէջ յստակ է թէ ինչպէս Հաճըն կը վայելէր այս գագաթներուն բնական պաշտպանութիւնը, բայց նաեւ անոր խոցելիութիւնը պաշարումի։

2) 1913։ Մերսինէն Էվերեկ ճամբուն վրայ։ Լուսանկար՝ Տ.Ճ. Սթորմսի։

1910-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Պլանշ Էպի, Էթէլ Նելսոն, Աննա Պոուման, միսիոնարներուն հայ ընկեր մը, Տ.Ս. Էպի, Նորա Լամպէրթ (ձիու վրայ հեծած), Քաթրին Պրէտէմուս եւ Ռութ Պարքէր։ ԲՈԱ-ի միսիոնարները պտոյտի մը ընթացքին, քաղաքէն քիչ մը անդին (Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կ՚երեւի խորքին)։

1) Տեսարան Հաճընէն՝ արեւելքէն դիտուած։ Ամերիկեան խորհուրդի համալիրը առաջնապատկերը կը կազմէ։ Քաղաքէն դուրս ելլող եւ դէպի այս կալուածը տանող ճանապարհը լերան շուրջ գալարուող ոլորապտոյտ արահետն է, մօտաւորապէս տասնհինգ վայրկեան քալելու ճամբայ։ Կեդրոնական Հաճընը քաղաքին հարաւէն հիւսիս երկարող մասն է։ Սուրբ Աստուածածինը ձախ կողմն է, պատկերէն հազիւ դուրս մնացած։ Ամենաձախին երեւցող ճերմակ բարձր շէնքը Մանչերու վարժարանի ետնամասն է։ Պատկերի աջ ծայրամասին Կաթողիկէ եկեղեցիին գմբէթը (պղտոր) կ՚երեւի։ Եկեղեցիին աջին ուրիշ ճերմակ բարձր շէնք մը կայ, Կաթողիկէ դպրոցը։ Ձախին, լերան ստորոտը զօրամասն է 500 զինուոր հաշուող։ Աջին՝ Ս. Յակոբայ վանքն է։ Այս լուսանկարի նկարուած պահին այս լեռը այգիներով շրջապատուած բազմաթիւ ամառանոցներ կը հաշուէր։ Եթէ միսիոնարական համալիրէն արահետով ընթանանք,Վերին Հաճընը զառիթափի անմիջապէս միւս կողմը կ՚ըլլայ։

2) 1905-ի շուրջ։ Այս լուսանկարը նկարուած է քաղաքի արեւմուտքէն՝ զօրամասներուն վերի հատուածէն։ Այս տեղանքին ձախին Ս. Յակոբայ վանքն է։ Այս լուսանկարը քաշուած պահուն 500 թուրք զինուոր եւ 59 սպայ տեղակայուած էին Հաճընի մէջ։ Ամերիկեան խորհուրդի համալիրը լերան լանջին է, ուղիղ դիմացը, քաղաքի արեւելեան կողմը։ Այս դիտանկիւնէն Վերին Հաճընէն պզտիկ մաս մը միայն տեսանելի է (կեդրոն-ձախ)։ Խորհրդանշական Ս. Աստուածածինը դուրս ցցուած ժայռերուն հարաւային ծայրին է։ Զօրամասին դիմաց գտնուող եւ քաղաքին հարաւային սահմանը եզերող ծառերը կ՚ուղենշեն կտրուկ գահավիժման կէտը գետերուն, որոնք այս հովիտին մէջտեղէն կ'անցնէին եւ քաղաքը իրենց պարագիծին մէջ կ'առնէին։ Հաճընի եզակի աշխարհագրութեան բերումով է որ ճանապարհորդ մը զայն պիտի նկարագրէր իբրեւ սրածայր ժայռերու վրայ շինուած քաղաք։

Հեռուէն նկարուած այս պատկերը ամբողջ քաղաքը որսացած է մէկ լուսանկարի մէջ։ Կ’երեւի Ներքին, Կեդրոնական եւ Վերին Հաճընը։ Չ’երեւիր փարթամ սաղարթը, չեն երեւիր քաղաքը գօտեւորող երկու գիւղերուն ափին մշակուած պարտէզները, ոչ ալ որեւէ հետք կ’երեւի այդ գետերուն հզօր հոսանքին ուժով դարձող ջաղացքներուն։ Ատանայի դաշտէն Հաճըն կը հասնէին Տաւրոսի լեռներուն մէջ չորս օր ճամբորդելէ ետք, եւ սակայն քաղաքը ծովի մակերեսէն մօտաւորապէս 1000 մեթր (3500 ոտք) բարձրութեան վրայ կը թառէր։ Քաղաքը շրջապատող լերկ գագաթները 3000 մեթր (10000 ոտք) բարձրութեամբ կը ցցուէին։ Հաճընը նկարագրելու ատեն միսիոնարները անոր հարիւրաւոր տուները կը նմանցնէին լերան լանջէն կառչած հարիւրաւոր թռչնաբոյներու կամ մեղրախորիսխի։ Ստորին աջ կողմը պատկերուած է պետական շէնքը, ուր կ՚ապրէին երեւելիները, եւ ուր կը գտնուէր հեռագրատունը (1)։ Ձորի հարաւային ծայրին (Կեդրոնական Հաճըն) կանգնած է խորհրդանշական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (2)։ Հայոց եկեղեցիին ձախ կողմը Աղջկանց վարժարանն է (3)։ Աւելի հեռու ձախին Մանչերու վարժարանին վերին յարկն է (4), Կաթողիկէ Ս. Մարիամ եկեղեցին (5), եւ Կաթողիկէ վարժարանը (6)։ Վերին Հաճընի մէջ կ’երեւին Մանչերու որբանոցը (7), Աղջկանց որբանոցը (8) եւ Ամերիկեան խորհուրդի Հաճընի առաջին եկեղեցին (9)։ Ամերիկեան խոհուրդի միսիոնարական համալիրը (10) ամենաաջին երեւցող շէնքերու խումբն է (քաղաքի արեւելքը)։

1) 1909. Ատանայի ճամբով դէպի Հաճըն։ Տորինտա Պոումնա կանգ առած է լուսանկարելու համար զինք եւ այլ միսիոնարուհի մը (հեռաւոր զարմուհին՝ Աննա Պոուման) Հաճըն փոխադրող կարաւանը։

2) 1911-ի շուրջ։ Տորինտա Պոուման հաճընեան այս տեսարանը լուսանկարած է քաղաքին հարաւ-արեւելքը բարձրադիր այգիին մէջ գտնուող իր վրանին տակէն։ Հարաւային կողմը (աջին) կ՚երեւի քաղաքին բարձրունքը, որուն գագաթին կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Այս կառոյցէն քիչ մը անդին, ճերմակ գոյնի շէնքը միսիոնարներուն նոր կեդրոնն է (մանչերու նախկին այգետունը)։ Վերին Հաճընի մէջ գտնուող աղջկանց որբանոցը երկրորդ ճերմակ տունն է (աջին), կառուցուած քաղաքին դէպի արեւելք թեքող ուղղութեան վրայ։ Այդ ատեն մանչերու որբանոցը արդէն փակուած էր։

Միսիոնարական կեդրոններ Հաճընի մէջ

1905։ Մանչերու որբանոցը (մինչեւ սեպտ. 1910), որ վարձակալութեամբ առնուած էր Յարութիւն էֆենտի Թէրզեանէն։

1) 1914։ Սուրբ Սարգիսի (բարձրունքին անուանումը) միսիոնարական տունը վերաշինող վարպետները դադար կ’առնեն լուսանկարուելու համար միսիոնարներ Տ.Ս. Էպիի, Տորինտա Պոումանի, Նորա Լամպէրթի, Պլանշ Էպիի եւ Մակտալենա Տիծունի (Գերմանիայէն եկած հիւանդապահուհի) հետ։

2) 1913-ի ձմեռ։ Պլանշ Էպին (ձախին) եւ Նորա Լամպէրթը (աջին) Ամերիկեան խորհուրդի (American Board) համալիրի միսիոնարներու տան դիմաց։ Հաճընի որբանոցը փակուած էր, եւ միսիոնարները՝ Օլիւ Վոունը եւ Էտիթ Քոլտը հարկադիր արձակուրդի մէջ էին։ ԲՈԱ միսիոնարները վերջիններուս բացակայութեան անոնց գոյքին խնամքով կը զբաղէին։

1905: 1899-ին կառավարութիւնը Ռոուզ Լամպէրթին եւ Մարիա Կերպէրին չէր արտօնած որբանոց բանալ Ճ.Ս. Մարթինի նորակառոյց տան մէջ (Ամերիկեան խորհուրդի կալուածին մէջ)։ Համբարձում աղա Ռէճէպեանը միջամտած էր, եւ վերոյիշեալ կիները արտօնութիւն ստացած էին հաստատուելու այս տան մէջ, որ «Բողոքական որբանոց ու առաքելութիւն»-ը ի վերջոյ պիտի գնէր։ Այս շէնքը պիտի ծառայէր որպէս Աղջկանց որբանոց մինչեւ 1914, երբ Առաջին աշխարհամարտի բռնկումին հետ միսիոնարները ետ կանչուեր էին։

1) 1913. ձախէն աջ՝ Տորինտա Պոուման, Քաթրին Պրէտէմուս, Տ.Ս. Էպի, Պլանշ Էպի։ Խորքին կ’երեւին խումբ կազմած որբեր եւ որբանոցի աշխատողներ։ Բոլորը հաւաքուած են կործանարար հրդեհէն ետք միսիոնարական կեդրոնի աւերուածութեան աստիճանը գնահատելու համար։

2) 1913-ի օգոստոս։ Պլանշ եւ Տ.Ս. Էպիները փոխադրուած էին այս՝ այգիի տիպական կացարանը, երբ միսիոնարական կեդրոնը, որուն կառուցումը 1912-ին աւարտուած էր, հրոյ ճարակ դարձած էր։

1914. ձախէն աջ՝ Մակտալենա Տիծունը (հիւանդապահուհի, Գերմանիայէն), Նորա Լամպէրթը, Տ.Ս. Էպին, Պլանշ Էպին եւ Տորինտա Պոումանը կ’այցելեն այգիին մէջ գտնուող եւ 1913-ի հրդեհէն ետք վերաշինուած տունը։

1913-ի յուլիս։ Ձախէն աջ՝ Թ.Ֆ. Պարքէրը, Քաթրին Պրէտէմուսը, Տ.Ս. եւ Պլանշ Էպիները որբանոցի աւերակներուն մէջ (Սուրբ Սարգիսի՝ քաղաքին հարաւը գտնուող բարձունքին վրայ)։

1) 1913։ Ամառնային այս օրը որբանոցի պաշտօնեաներուն զաւակները կը լուսանկարուին Տորինտա Պոումանին հետ Սուրբ Սարգիսի (բարձրունքին անուանումը) խաղողի այգիին մէջ։ Ձախին կանգնած են որբուհիներ։

2) 1911-ի շուրջ։ Մուրատը՝ որբանոցի նախկին սանը եւ ներկայ պաշտօնեան, իր կինը եւ երեք զաւակները խումբ մը որբ մանչուկներու հետ կը լուսանկարուին ն՝ Սուրբ Սարգիսի (բարձրունքին անուանումը) միսիոնարներու տան մօտ գտնուող Մուրատի ամառանոցին առջեւ։

1919։ Այն ինչ մնացեր էր Աղջկանց որբանոցէն, երբ պատերազմէն ետք միսիոնարները Հաճըն վերադարձան։ Լուսանկարը՝ Պլանշ Էպիի։

1) 1914. Տ.Ս. Էպին կը լուսանկարուի բանուորներուն հետ, որոնք կը վերաշինեն նախորդ տարի այրած միսիոնարական տունը։

2) 1908։ Ձախէն աջ՝ Իտա Չումին, Ֆրետերիքա Հոնքը, Հէնրի Մաուրէրը, Ռոուզ Լամպէրթը եւ Ճորճ Լամպէրթը կ’այցելեն նորոք ննջեցեալ բժիշկ Էլիզապէթ Հաուլի Մաուրէրի թարմ շիրիմը։ Իտա Չումին կեցած է Ատելին Պրունքի շիրիմին քով. Պրունքը մահացած էր 1906-ին։ Ճորճ Լամպէրթին ետեւը կ’երեւին Մարթին զոյգի մանուկ զաւակին եւ օրիորդ Սփենսերի (Ամերիկեան խորհուրդի անդամ) գերեզմանները։ Միսիոնին գերեզմանատունը բողոքական գերեզմանատան պատկից էր, քաղաքին հիւսիսը։

3) 1909-ի շուրջ։ Լուսանկարի աջ ծայրին կ’երեւի Հարրին, որ Մանչերու որբանոց հիւրընկալուած էր 1906-ին։ Այս նկարին մէջ ան կը խաղայ այգիի որթատունկերուն մէջ։

1912-ի շուրջ։ Միսիոնարները իրենց նոփ-նոր կացարանի երկրորդ յարկի պատուհանէն դուրս կը դիտեն։ Ձախէն աջ՝ Տորինտա Պոուման, Նորա Լամպէրթ, Աննա Պոուման, Տ.Ս. եւ Պլանշ Էպի։ Թ.Ֆ. Պարքէրը կանգնած է ճակատամուտքին։

Հաճընի մէջ ԲՈԱ-ի միսիոնարներ

1909-ի շուրջ։ Նորա Լամպերթը, այգիին մէջ լարուած միսիոնարներուն վրանին տակ։

Միսիոնարներու կենսագրութեան շարքին են պատմութիւնները բոլոր անոնց, որոնք գործած են Հաճընի, Սիսի եւ/կամ Էվերեկի մէջ։

Ռոուզ Լամպերթը (1878-1974) 1898-ին ժամանած էր Հաճըն Մարիա Կերպերի օգնականի հանգամանքով։ «Աղջկանց որբանոցի մեծաւորուհի» տիտղոսը կը կրէր ան եւ շուտով պիտի դառնար այս Բողոքական որբանոցին եւ առաքելութեան (ԲՈԱ) ներկայացուցչական դէմքը։ 20 000 շունչ հաշուով այս քաղաքին միակ բժշկական կրթութիւն ունեցող անձը ինք կը մնար յաճախ, եւ թշուառ ու անոք անձերուն պարագային ինքը կ՚երթար անոնց տուները։ Իր գործին յատկացուած նիւթականը այնպէս կը դասաւորէր, որ կարենար այրիներ գործի առնել եւ հոգ տանիլ որբերու։ 1909-ի պաշարման ընթացքին իր ցուցաբերած քաջութեան համար պիտի արժանանար Պոլսոյ հայոց Պատրիարքին շնորհակալական գիրին. առաջին անգամն էր, որ միսիոնար մը կ՚արժանանար այս պատիւին։ 1909-ին Լամպերթը կը հեռանար Հաճընէն՝ վատառողջ ու հիւծուած. ան պիտի չկարենար լրիւ ապաքինիլ եւ վերադառնալ, սակայն ուրիշներ պիտի շարունակէին իր գործը։

Մարիա Կերպերը (1858-1917) Հաճընի եւ Սիսի մէջ որբանոցներ պիտի բանար 1898-1900։ Ինքն է Ռոուզ Լամպերթին հիւանդապահուհիի կազմաւորում տուողը։ Մինչեւ Թուրքիա երթալ եւ որբերու խնամքով զբաղիլը, անոնք Քլիւըլէնտի (Օհայօ) Տիքընէս հիւանդանոցին մէջ կ՚աշխատէին։ (Կերպերը հիմնած է Զինժիտերէի «Սիոն» որբանոցը)։

Ատա Մոյէր Պարքէրը (1875-1982) գործած է Հաճընի, Սիսի եւ Էվերեկի մէջ 1900-1914։ Ամուսանացած էր Թ. Ֆորտ Պարքէրի հետ։ Ռոուզ Լամպերթը դրուատիքի հետեւեալ խօսքերով կ՚արտայայտուի իր ընկերուհիին մասին. «Ան հայերը կը հասկնար»։

Ֆրետերիքա Հոնքը (1876-1909) գործած է Հաճընի եւ Սիսի մէջ 1900-էն մինչեւ իր մահը 30 մայիս 1909-ին։ Այդ տարի Հաճընի մէջ ապրողներէն շատ շատերու պէս Հոնքը բծաւոր տիֆի զոհ պիտի դառնար։ 

Ճ. Է. Ֆիտլերը (1868-1936) 1900-1903 ԲՈԱ-ի վերակացուն եղած է։ Իր տիկինը՝ Էլիզապէթը եւ իրենց ամենակրտսեր զաւակը՝ Պէրթան, հետը եկած էին Հաճըն (երեք աւագ զաւակները Միացեալ Նահանգներ ձգելով)։ Պէրթան յետագային (1925-1930) ԲՈՄ-ի շարքերուն մէջ նպաստամատոյց գործունէութիւն պիտի ծաւալէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

Թ. Ֆորտ Պարքերը (1874-1944) Հաճընի, ապա Էվերեկի մանչերու որբանոցներուն վերահսկումը կ՚ընէր։ Ան Հաճըն եկած էր 1901-ին եւ 1903-1914 ԲՈԱ-ի վերակացուն եղած էր։ Ամուսնացած էր Ատա Մոյէրին հետ։

Հէլէն Փէնէրը Հաճըն եկած էր 1905-ին։ 1906-ին պիտի մեկնէր վատառողջ վիճակի մէջ։ Մինչեւ 1912 ան Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները եւ Ասիան պիտի չափչփէր Առաքելութեան ներկայացուցիչի իր հանգամանքով։

Իտա Չումին (1872-1960) հիւանդապահուհի էր, Հաճըն եկած էր փոխարինելու Ռոուզ Լամպերթը վերջինիս հարկադիր արձակուրդին ընթացքին։ Չումին տարիներով (1905-1912) պիտի մնար որբանոցին աշխատակից։

Ատելինը Պրունքը (1872-1906) Հաճըն եկած էր 1906-ին Ռոուզ Լամպերթին հետ, որ արձակուրդէ կը վերադառնար։ Մի քանի շաբաթ անց ան բծաւոր տիֆով պիտի վարակուէր։ Մահացած է 11 դեկտեմբեր 1906-ին։

Հենրի Մաուրերը Հաճըն ժամանած էր 1906-ի վերջերուն։ 1907-ին ամուսնացած էր բժիշկ Էլիզապէթ Հաուլիի հետ։ Ան 1909-ի ապրիլ 15-ին պիտի սպաննուէր Ատանայի մէջ։

Բժիշկ Էլիզապէթ Հաուլի Մաուրերը (1871-1908) ՕԱԼԱԽ-ի (Օտարերկրեայ առաքելութիւններու լիազօրներու ամերիկեան խորհուրդ - American Board) շարքերուն միացած էր Թուրքիոյ մէջ 1904-ին եւ 1906-1908 Հաճընի մէջ գործունէութիւն ծաւալած։ 1907-ին ամուսնացած էր Հենրի Մաուրերի հետ։ Ֆրետերիքա Հոնքը խնամելու ընթացքին բծաւոր տիֆով վարակուած էր։ Մահացած է 21 սեպտեմբեր 1908-ին։

Տորինտա Պոումանը (1880-1966) 1909-ին եկած էր Հաճըն իր զարմիկին՝ Աննային հետ, Ատանայի կոտորածներէն հազիւ վեց շաբաթ առաջ։ Ինքն էր, որ որբուկի զգեստը եւ գորգը պիտի հետը տանէր, երբ միսիոնարները 1914-ին պիտի լքէին Հաճընը։ Ան 1923-1931 նպաստամատոյց գործունէութիւն պիտի ծաւալէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

Աննա Պոումանը՝ Տորինտա Պոումանի զարմիկը, ԲՈԱ աշխատած է 1909-1914 Հաճընի մէջ։

Նորահ Լամպէրթ Սոմերսը (1887-1947) Ռոուզ Լամպերթի պզտիկ քոյրն էր։ Ան ԲՈԱ աշխատած է 1909-1914 Հաճընի եւ Էվերեկի մէջ։

Էթել Նելսոնը ԲՈԱ աշխատիլ սկսած է 1909-ին։ Ան մինչեւ 1912 գործած է Հաճընի եւ Էվերեկի մէջ։

Քաթրին Պրէտէմուսը Հաճընի եւ Էվերեկի մէջ գործած է 1909-1914։ 1919-1920 վերադարձած է Հաճըն։ Հաճընի կոտորածներէն ետք նպաստամատոյց գործունէութիւն ծաւալած է Կիպրոսի մէջ 1920-1924։

Տանիէլ Ս. (1885-1981) եւ Պլանշ էպի զոյգը Հաճընի մէջ գործած է 1910-1914 եւ 1919-1920։ 1923-ին անոնք վերադարձած են Մերձաւոր Արեւելք՝ Սուրիա նպաստամատոյց գործունէութիւն ծաւալելու։ Պլանշը հեղինակն է «At the Mercy of Turkish Brigands» յուշագրութեան։ Պլանշի մահէն ետք Տ.Ս.-ն պիտի վերամուսնանար եւ շարունակէր իր աշխատանքը ԲՈԱ-ի կազմին մէջ մինչեւ վերջինիս լուծարումը 1938-ին։

Տէր եւ տիկին Սթորմսերը ԲՈԱ-ի շարքերուն միացան Էվերեկի մէջ 1913-1914-ին։ Հոն եղած ատեննին պիտի բախտաւորուէին մանչ զաւակով՝ Էվերեկ Ռ. Սթորմսը։

Հոնքը, Պրունքը, Մաուրեր ամուսինները եւ տիկին Էպին իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին ի սպաս հայերուն, ճգնեցան օտար հողի վրայ եւ հողին յանձնուեցան իրենց տուներէն եւ ընտանիքներէն հեռու։

1) 1911-ի շուրջ։ Էթէլ Նելսոնը (ձախին ) եւ Աննա Պոումանը (աջին) Սուրբ Սարգիսի (Հաճընի հարաւը գտնուող ժայռոտ բարձունքը) Առաքելութեան նոր կեդրոնին ճակատամուտքին։ Լուսանկարը՝ Տորինտա Պոումանի։

2) 1911-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Էթէլ Նելսոն, Տորինտա Պոուման եւ Աննա Պոումանը։ Տիկինները հաճելի օր մը կը վայելեն Սուրբ Սարգիսի (Հաճընի հարաւը գտնուող ժայռոտ բարձունք մը) Առաքելութեան նոր կեդրոնին մէջ։

3) 1911-ի շուրջ։ Աննա Պոումանը (ձախին) եւ իր հեռաւոր ազգականը՝ Տորինտա Պոումանին (աջին) Առաքելութեան նոր կեդրոնի ճակատամուտքին նստած։

1911-ի շուրջ։ Քաթրին Պրէտէմուսը ձիու վրայ եւ հագուած անձրեւի դէմ վերարկուն, միաժամանակ ձեռքին հովանոց մը։ Ան կ՚այցելէ Սուրբ Սարգիսի բարձրունքը ստուգելու համար այնքան սպասուած միսիոնարական տան շինարարական աշխատանքները։

1913 ամառ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Տ.Ս. եւ Պլանշ Էպի, Ատա Մոյեր Պարքէր, Էւանկելին Պարքէր, Թ.Ֆ. Պարքէր։ Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Տորինտա Պոուման, Քաթրին Պրէտէմուս, Նորա Լամպէրթ, Աննա Սթորմս, Տ.Ճ. Սթորմս։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Ռութ Պարքէր եւ Աննա Պոուման՝ Թէօ Պարքէրը գրկած։

Ձախէն աջ՝ Տ.Ս. եւ Պլանշ Էպի, Մակտալենա Տիծուն (հիւանդապահուհի Գերմանիայէն), Տորինտա Պոուման, Նորա Լամպէրթ։ Խումբը հեծեալ պտոյտ մը կ’ընէ տարի մը առաջ հրդեհի հետեւանքով այրած տան վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքը գնահատելու համար։ 1914։

1) 1905-ի շուրջ։ ԲՈԱ միսիոնարները եւ իրենց աշխատակիցները Հաճընի մէջ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Նշան, Սարգիս Դեւեան, Համբարձում, Արշակ Պալեան, Աւետիս Քէշիշեան։ Երրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Նուրիձա Լեւոնեան, Սրբուհի Պուլղուրճեան, Թ.Ֆ. Պարքէր, Ատա Մոյեր Պարքէր, Ովսաննա Թոփաքեան։ Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Ռոուզ Լամպէրթ, Ֆրետերիքա Հոնք, Իտա Չումի, Հելէն Փենէր. առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Կասիա Թէնէքէճեան, Հէլէն, Սրբուհի Պոյաճեան, Սուլթան Պարաճիքեան եւ Նուրիձա։

2) 8 մայիս 1913։ Սուրբ Սարգիսի նոր կեդրոնին մէջ լուսանկարուած նկար, ձախէն աջ ետեւի շարք՝ Տ.Ս. Էպի, Պլանշ Էպի, Ատա (Մոյեր) Պարքէր, Թ.Ֆ. Պարքէր։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Քաթրին Պրէտէմուս, Ռութ Պարքեր, Տորինտա Պոուման։

3) 1909 փետրուար։ Ձախէն աջ՝ Հենրի Մաուրերը, Աննա Պոումանը եւ թուրք զինուոր մը, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ճամբորդելու պարտադիր ուղեկից էր։ Մաուրերը Ատանայէն Հաճըն կ՚ընկերակցի նոր միսիոնարներուն՝ Աննա Պոումանին եւ Տորինտա Պոումանին (լուսանկարիչը վերջինս է)։

4) 1913։ Որբանոցի աշխատողներու զաւակներէն խումբ մը կը լուսանկարուի Սուրբ Սարգիսի այգիին մէջի միսիոնարական տան առջեւ։

5) Պատուելի Հենրի Մաուերը 1909-ի փետրուարին Ատանայէն Հաճըն կը վերադառնայ երկու նոր միսիոնարներու ընկերակցութեամբ՝ Աննա Պոումանի (ամենաաջին) եւ Տորինտա Պոումանի (լուսանկարիչը վերջինս է)։

6) 1910։ Ձախէն աջ՝ Էթէլ Նելսոն, Մութապէր Հանըմ (1909-ին սպաննուած Սիսի նախկին հոգեւոր հովիւի այրին), Լուսաբեր (որբանոցի կարի ուսուցչուհին), Իտա Չումի, Նորա Լամպէրթ։ Տիկինները հաւաքուած են Չումիի վրանին առջեւ, սարերուն վրայ, ուր կը մնային ամառը։

1909։ Նորա Լամպէրթը (ձախին) եւ իր աւագ քոյր Ռոուզ Լամպէրթը (աջին)։ Ռոուզը արդէն հիւանդ էր եւ շուտով պիտի մեկնէր Հաճընէն, բայց ոչ նախքան Հաճընին 1909-ի կոտորածէն խուսափելու մէջ իր օգնութիւնը բերելը։

1) 1908։ Ձախէն աջ՝ Հենրի Մաուեր, Ֆրետերիքա Հոնք, Իտա Չումի, Ռոուզ Լամպէրթ եւ Ռոուզի հայրը՝ Ճորճ Լամպէրթը։

2) Հաճըն, 1908։ Ետեւի շարք ձախէն աջ՝ Ֆրետերիքա Հոնք եւ Իտա Չումի։ Առաջին շարք՝ Ճորճ Լամպէրթ (Ռոուզ Լամպէրթի հայրը), Ռոուզ Լամպէրթ, Հենրի Մաուեր։

1913-1914 ձմեռ։ Ձախէն աջ՝ Քաթրին Պրէտէմուս, Մակտալենա Տիծուն (հիւանդապահուհի Գերմանիայէն), Տորինտա Պոուման, Նորա Լամպէրթ, Պլանշ Էպի եւ Տ.Ս. Էպի։ Լուսանկարը նկարուած է Ամերիկեան խորհուրդի կալուածին վրայ։ (Լամպէրթը եւ Էպիները փոխադրուած էին Ամերիկեան խորհուրդի միսիոնարներուն տունը՝ տարածքին հոգ տանելու համար Օլիւ Վաունի եւ Էտիթ Քոլտի հարկադիր արձակուրդիվ մեկնումէն ետք)։

1) 1913։ Սուրբ Սարգիսի միսիոնարական տունը (քաղաքին հարաւը)։ Քաթրին Պրէտէմուսը եւ Զէլիան, որբանոցի աշխատողներէն մէկուն դուստրը, կը լուսանկարուին։

2) 1913։ Տորինտա Պոումանը եւ որբանոցի աշխատողներէն մէկուն դուստրը Սուրբ Սարգիսի այգիին մէջ։

1) 8 մայիս 1913։ Լուսանկարուած Սուրբ Սարգիսի բարձրունքին գտնուող միսիոնարական նոր տան մէջ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Թ.Ֆ. Պարքէր, Քաթրին Պրէտէմուս, Տորինտա Պոուման, Տ.Ս. Էպի։ Առջեւի շարք, ձախէն աջ՝ Ատա Մոյեր Պարքէր, Ռութ Պարքէր, Պլանշ Էպի։

2) Ձախէն աջ, ետեւի շարք՝ Թ.Ֆ. Պարքէր, Քաթրին Պրէտէմուս, Նորա Լամպէրթ, Էթէլ Նելսոն, Տ.Ս. Էպի։ Ձախէն աջ, առաջին շարք՝ Իտա Չումի, Ատա Մոյեր Պարքէր՝ Էւանկէլինը գրկած, Պլանշ Էպի, Տորինտա Պոուման։ Առջեւը՝ Ռութ Պարքէրը (ձախին) եւ Աննա Պոումանը (աջին)։ Անոնք 1910-ի գարնան Բողոքական որբանոցի եւ առաքելութեան միսիոնարներն էին։

1909։ Պարքէր ընտանիքը հարկադիր արձակուրդի մէջ էր, բայց 1909-ին, կոտորածներէն ետք, Հաճըն վերադարձած էր։ (Ձախէն աջ՝ Թ.Ֆ. Պարքէրը, Կրէիսը (1906-ին Հաճընի մէջ տենդէ խլացած, մնացած էր Գանատայի մէջ), Ռութ Պարքէրը, Ատա Մոյեր Պարքէրը։ Ատայի գիրկը Նելլին է, որ հազիւ հասած Հաճըն պիտի մահանար կարմրուկի համաճարակէ։

Հաճընի որբանոցի պաշտօնէութիւն

1911-ի շուրջ։ Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Աննա Պոուման, Տ.Ս. Էպի, Պլանշ Էպի։ Անոնց ետեւի շարքին կանգնած եւ անոնց առջեւը նստած է որբանոցի պաշտօնէութիւնը։ Այս խումբը Առաքելութեան աշխատողներն են Սուրբ Սարգիսի բարձրունքին մանչերու այգետան մէջ։

1) 1910-ի շուրջ։ Խոճա Մուրատը (ձախին) եւ Խոճա Միհրանը (աջին), Հաճընի Մանչերու որբանոցի աշխատակիցները։

2) 1909-ի շուրջ։ Մանչերու որբանոցի գիշերապահ Կիւրեղը եւ երէց որբերէն Արմենակը։ Տորինտա Պոումանը այս լուսանկարը քաղաքի արեւմուտքը գտնուող հին այգետան մէջ նկարած է։

3) 1911-ի շուրջ։ Բժիշկ Ա. Ֆիլիփիտիսը՝ Հաճընի բժիշկը (Տորինտա Պոումանը այս լուսանկարը Առաքելութեան նոր՝ Սուրբ Սարգիս բարձունքին գտնուող կեդրոնին մէջ նկարած է)։

1909-ի շուրջ։ Միհրան Խոճան (ձախին) եւ Եուվան Խոճան (աջին) ԲՈԱ-ի նոր ժամանած միսիոնարներուն թրքերէն կը դասաւանդէին։

1913-ի շուրջ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Խաթուն, Սառա, Ազատ, Կասիա, Կիւլիւզար, Սուլթան։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Այկիւլ (կարի ուսուցչուհին, եւ 1909-ին հեռագիր մը հասցուցած ատեն սպաննուած Ուստա Յարութիւնի այրին), Սուլթան Պոճի, Խաթուն, Մինաս էֆենտի Մութաֆեան։ Այս անձերը Աղջկանց որբանոցի պաշտօնէութեան անդամ էին (Մինաս էֆենտին պիտի նահատակուէր որբ աղջիկները պաշտպանած ատեն, երբ քեմալական ուժերը 1920-ին կոտորածի ենթարկեցին Հաճընի բնակիչները)։

1) 1910-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ քառասնօրեայ մեկուսացման մէջ գտնուող որբ մանչերէն մէկը խնամող տիկինը, Սառա Պոճին՝ մանչերու որբանոցի խոհարարուհին, հիւանդ որբ մանչերը խնամող տիկին մը, Նուրիձան՝ Մանչերու որբանոցի միսիոնարներու խոհարարուհին։

2) 1913-ի շուրջ։ Շոճիի ինկած ճիւղերու ցախը կ՚ամբարուի միսիոնարներու կալուածին անպատուհան մէկ պզտիկ կառոյցին մէջ։ Այս ցախը պիտի փռուէր չորնալու, ապա բուխարիին մէջ վառելով տունը տաքցնէր։

1913-ի շուրջ։ Շոճիի ինկած ճիւղերու ցախը աւանակներու վրայ բեռնուած կը փոխադրուի Առաքելութեան կալուածը։ Այս ցախը պիտի փռուէր չորնալու, ապա ցուրտ ամիսներուն իբրեւ վառելիք գործածուէր։

Հաճըն, այլազան

1913-ի շուրջ։ Հաճընցի կիները եորղան (վերմակ) կը կարեն Սուրբ Սարգիսի լերան լանջին։

1) Ապրիլ 1909։ Այս զինուորը յատուկ յանձնարարութիւն ունէր Մանչերու որբանոցի ԲՈԱ միսիոնարները պաշտպանելու։

2) 1908-ի շուրջ։ Այրի կին մը եւ իր զաւակները Հաճընի մէջ։ Ռոուզ Լամպերթը այսպիսի կիները գործի կ’առնէր իր նիւթական միջոցներուն ներածին չափով։

3) 1911-ի շուրջ։ Աղքատ ու հաշմանդամ հաճընցի մը։ Ձախ թեւին տակ անթացուպ ունի, աջ ձեռքով ձեռնափայտ բռնած է։ Այս լուսանկարին նպատակը միսիոնարներու դիմագրաւած ծով կարիքները բարերարներուն յիշեցնելն է եւ նիւթական առատաձեռն օժանդակութիւնը քաջալերելը։

1) 1905-ի շուրջ։ Կօշկակարական արհետանոց, կօշկակար վարպետներ եւ Մանչերու որբանոցի իրենց աշկերտները։

2) 1909-ի շուրջ։ Հայ կիները որբանոցէն ներս գործ գտնելու յոյսով հոն կու գային։ Եթէ որբանոցին նիւթական միջոցները ներէին, կիները բուրդ մանելու, ջուր կրելու եւ կար ընելու դիմաց կը վարձատրուէին։

3) 1909-ի շուրջ։ Այս լուսանկարը լոյս տեսած է Ռոուզ Լամպերթի «Հաճընը եւ հայերու կոտորածները» (1911) աշխատութեան մէջ։ Լամպերթը նոյնքան նուիրուած էր Հաճընի այրիներուն օգնելուն, որքան որբերուն։

1) Ապրիլ 1909, քաղաքին արեւմուտքը գտնուող միսիոնարական խաղողի այգիին մէջ։ Լութֆի պէյը (սպայ) այս մարդիկը առաջնորդած էր Հաճընին օգնութեան՝ անոնց խոստանալով, որ պիտի թալանեն քաղաքը։ Հաճընը փրկուեցաւ, բայց աւար հաւաքելու հրամանը երբեք չտրուեցաւ։

2) 1912-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Տորինտա Պոումանը եւ Քաթրին Պրետեմուսը՝ ձի հեծած։ Միսիոնարները կ’այցելէին միսիոնին կառուցուող նոր տան տեղանքը՝ Սուրբ Սարգիսի մօտ, քաղաքի հարաւը։ Այս լուսանկարը «կրկնակի ցուցադրում» կը կոչուի։ Առաջին եւ երկրորդ լուսանկարներուն միջեւ ժապաւէնը չէր առաջ գացած ։ Լուսանկարին մէջ պատկերուած այրերը ԲՈԱ-ի աշխատողներ էին։

Էվերեկ (ներկայիս Տեւելի). ԲՈԱ-ի մէկ այլ կեդրոնը

1900. ձախէն աջ՝ որբանոցի ատաղձագործ Սամուէլ Զէլիկեանը, Ռոուզ Լամպերթին եւ Մարիա Կերպերին օգնելու համար նոր Հաճըն ժամանած Ֆրետերիքա Հոնքը եւ Ատա Մոյըրը։ Պզտիկները, ձախէն աջ՝ քիւրտ մանչ, կոյր մուրացկան, քոյրը գրկած հայ աղջիկ։

Էվերեկ (ներկայիս Տեւելի), 1913-ի շուրջ։

1) 1913։ Նորա Լամպերթը (ձախին) եւ Աննա Սթորմսը (աջին) երեք թուրք աղջնակներու հետ։ Խորքին կ’երեւի այն խանը, ուր կ’ապրէին։ Թրքական այս գիւղը Էվերեկէն մօտաւորապէս 20 մղոն հեռու կը գտնուէր։

2) 1913-ի շուրջ, Էվերեկ։ Հայ մայր մը, զաւակը եւ երախային դայեակը։ Այս կրնայ ըլլալ 1909-ի ջարդերուն հետեւանքով այրիացած կիներէն մէկը, որ ԲՈԱ-ի կողմէ աշխատանքի լծուած է Էվերեկի մէջ։

Էվերեկ, 1913-ի շուրջ։ Հայ որբուկը կը զսպէ էշը, որ հեծած են Թէօ եւ Ռութ Պարքերները։

1) Էվերեկ, 1913։ Ձախէն աջ՝ Ճորճը, Թորոսն ու Դաւիթը Էվերեկի մանչերու նոր դպրոցէն իրենց շրջանաւարտ ըլլալը կը տօնեն։

2) Էվերեկ, 1912-ի շուրջ։ Հաճընի Աղջկանց որբանոցի սաներէն Կիւլեզարը եւ Հռիփսիմէն, որոնք միսիոնին աշխատանքներուն կ’օգնեն Էվերեկի մէջ։

Օգոստոս 1913, Էվերեկ։ Ձախէն աջ՝ Էւանկելին Պարքէր, Ռութ Պարքէր, Աննա Սթորմզ, Ատա Մոյէր Պարքէր, Քաթրին Պրէտէմուս, Աննա Պոուման, Պլանշ Էպի, Տորինտա Պոուման, Նորա Լամպէրթ։ ԲՈԱ-ի կիներն ու աղջիկները լուսանկարուելու համար խմբուած են իրենց տարեկան համաժողովին ընթացքին։

1) 1913-ի շուրջ։ Շատ հաւանաբար Հաճընի որբանոցէն երեք որբուհիներ հոգ կը տանին Պարքէրներու զաւակներուն՝ Էվանկելինի (ճերմակ հագուստով) եւ Թէոյի (գրկուած)։ Ամենաձախին գտնուող փոքրիկ աղջկան ինքնութիւնը անծանօթ է։ Ամենաաջի երկու կիները հաւանաբար Էվերեկի որբանոցի աշխատողներ են։

2) Էվերեկ, 1913-ի շուրջ։ Դպրոցական մանչերու այս խումբը մաս-մաքուր լոգցած, հագուած-շքուած, կոկիկ սանտրուած է իրենց բարերարներուն ղրկուելիք լուսանկարին մէջ նկարուելու համար։

1911 շուրջ։ 1910-ի սեպտեմբերին ԲՈԱ-ի մանչերու որբանոցէն որբերու տեղափոխման մէկ տարի տեւած գործընթաց մը սկիզբ առաւ։ Այս լուսանկարին մէջ միայն երեք տղայի ինքնութիւնը նշուած է, հաւանաբար որովհետեւ անոնց հովանաւորներուն ղրկուած էր նկարը։ Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ Գրիգոր Թաթուլեան, Յակոբ Էօլմէսէքեան եւ Եղիշէ Խաւզալեան։

1914-ի շուրջ, Էվերեկ։ Տ.Ճ. Սթորմսը (ամենէն աջին) եւ տիկինը՝ Անն Սթորմսը (իր ձախին, լաւ չ’երեւիր) Էվերեկի պզտիկներուն համար ամառնային ճամբար կազմակերպած են։

Էվերեկ, 1914։ Պատշգամին հաճընցի երեք երէց որբուհիներ կանգնած են Պարքեր պզտիկներուն հետ։ Նկարին առաջնամասին, ձախէն աջ՝ Էվերեկի որբանոցի աշխատողներէն մէկը, որբ մանչ մը, Մակտալենա Տիծունը, Աննա Պոումանը եւ Նորա Լամպէրթը։ Լուսանկարը Նորա Լամպէրթի՝ մի քանի ամիս Հաճընի որբանոցին օգնելու համար հոն անցընելէ ետք Էվերեկ վերադարձին առիթով նկարուած է։

1) Շահր գիւղին մօտ, 1909։ Ամերիկեան խորհուրդի միսիոնար Հարոլտ Ճ. Կարտները շրջակայ գիւղերը այցի մը ատեն նկարած է այս լուսանկարը։ Կարտները 1909-1912 Հաճընի մանչերու վարժարանի տնօրէնն էր։

2) Էվերեկ, 1913-ի շուրջ։ Էվերեկի մանչերու որբանոց-դպրոցի պաշտօնէութեան անդամներ։

Էվերեկ, 1914-ի շուրջ։ Ձախէն աջ երրորդ անձը Աննա Սթորմսն է, ապա Ատա (Մոյեր) Պարքերը, Նորա Լամպէրթը եւ Աննա Պոումանը (աջին վերջինը)։ Մանուկները Թէոտոր եւ Էվանկելին Պարքերներն են։ Էվերեկի միսիոնարները մի քանի աշխատողի հետ բացօթեայ զբօսախնճոյքի գացած են։ Լուսանկարը՝ Տ.Ճ. Սթորմսի։

1) 1913. հայ երեւելի մը իր ֆրանսական «Վիկտորիա» ֆայտոնով պտոյտ մը կ’ըմբոշխնէ։

2) Էվերեկ, 1913։ Ձախէն աջ՝ Ռութ Պարքեր, Ադա (Մոյեր) Պարքէր, Էվանճելին Պարքեր, Աննա Պոուման, Քաթրին Պրետեմուս, Տորինտա Պոուման, Պլանշ Էպի, Տ. Ջ. Սթորմս, Տ. Ս. Էպի, Նորա Լամպերթ։ Աջ կողմը առաջին շարքի պզտիկ տղան Թէոտոր Պարքերն է։ Էվերեկի միսիոնարներուն ու անձնակազմին միացած են Հաճընի ամերիկեան աշխատողները տարեկան ժողովին համար։ Լուսանկարը՝ Աննա Սթորմսի։

3) 1911-ի շուրջ, Էվերեկ։ Էվերեկի մանչերու նոր որբանոց-դպրոցէն որբերու խումբ մը։

1) 1913. Ձախէն աջ՝ պրն. Պարքերը, Ռութ Պարքերը, Էվերեկի մանչերու որբանոցի նախկին սան եւ այժմու ուսուցիչ Մարտիրոսը, Տ.Ճ. Սթորմսը, Նորա Լամպերթը եւ Աննա Պոումանը՝ կանգնած այն խանին առջեւ, ուր կ’ապրէին։

2 ) Թալաս, Կեսարիա։ Երկրորդ շարք, ձախէն աջ՝ տիկին Ուիլսոն Ֆ. Տոտ, օրիորդ Նորթ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Տոտ ընտանիքի կրտսեր զաւակը, Իտա Չումի, Սթուարթ Տոտ եւ օրիորդ Մաթէսօն (բրիտանացի հիւանդապահուհի)։ Իտա Չումին Ամերիկեան խորհուրդի անդամներուն եւ բժիշկ Տոտի զաւակներուն հետ։ Բժիշկ Տոտը Թալասի ամերիկեան հիւանդանոցը կ’աշխատէր։ Բժշկական խնամքի սուր կարիք ունեցող հաճընցի որբերը հոս կը բերուէին։ Այս ճամբորդութեան նպատակը, սակայն, այց մը տալն էր, բժշկական անյետաձգելի կարիք չկար։

1914, Էվերեկ։ Այս տխուր պահը հաւանաբար կը ներկայացնէ ԲՈԱ-ի միսիոնարներուն կողմէ ձիեր եւ կարգեր ապահովելու ճիգերը Էվերեկէն հեռանալու համար, Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբին։ (Աննա Սթորմ կ՚երեւի ձախին, կը կրէ գլխարկ մը եււ երկար վերարկու մը։ Մակտալենա Տիցուն, Գերմանիայէն հիւանդապահուհի մը, կեդրոնն է՝ գլխուն ճերմակ գլխարկ մը)։