Հաճըն. Սուրբ Յակոբ վանքը եւ որբանոցը (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale-USJ)

Հաճըն - Եկեղեցիներ

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 20 Ապրիլ 2014 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20 Ապրիլ 2014)

Հաճընը ունի Հայ Առաքելական երեք եկեղեցիներ՝ Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ եւ Ս. Թորոս: Ասոնցմէ երկուքը՝ Ս. Աստուածածինն ու Ս. Գէորգը Վերի Թաղին, իսկ Ս. Թորոսը՝ Վարի Թաղին մէջ կը գտնուին:

Օսմանեան կայսրութեան տարածքներուն վրայ գտնուող հայաբնակ բոլոր գաւառներու նման, Հաճնոյ հայութիւնը նոյնպէս, կ'ապրի իբրեւ կրօնական հանրութիւն, խմբուած եկեղեցիներու շուրջ: Համանման է նաեւ կրօնքի, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական աւանդոյթներուն հանդէպ հաճնցիներու գորովն ու նուիրումը։

Այսպէս, ահա, Հաճնոյ 20-25 հազար հաշուող հայութիւնը փարած է իր երեք եկեղեցիներուն, նոյնքան սիրելի Ս. Յակոբայ պատմական վանքին: Եկեղեցիներու հոգեւոր սպասաւորութիւնը կը կատարեն երկու տասնեակի հասնող քահանաներ: Ասոնց մեծ մասը հազիւ նախնական կրթութիւն մը ունին, արհեստով՝ ջուլակ, կօշկակար կամ հողագործներ են, քանի որ քահանայացուներ կ'ընտրեն պարզ ժողովրդական խաւերէ, կը բաւէոր գրել կարդալ գիտնային, քիչ մը ձայնաւորութիւն ընէին, բարեպաշտ ու արժանաւոր անձեր ըլլային [1]:

Քահանաներու պարտականութիւնն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասարկութիւնը, իսկ եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը, հասոյթներու եւ ծախսերու հսկողութիւնը, դպրոցներու մատակարարումը կը կատարէ աշխարհական երեւելի անձ մը, որ երեսփոխան անուամբ կը յորջորջուի: Իւրաքանչիւր եկեղեցի ունի իր ընտրեալ երեսփոխանը, որ կը ճանչցուէր եւ կը վաւերացուէր Առաջնորդ հօր կողմէ [2]: Ազգային Սահմադրութեան հռչակումէն յետոյ, հայկական բոլոր բնակավայրերու նման, Հաճնոյ մէջ նոյնպէս, եկեղեցիներու շուրջ կը կազմուին թաղական խորհուրդներ, եկեղեցական ժողովներ, որոնք կը կառավարեն հոգեւոր, եկեղեցական, կրթական գործերը [3]:

Քահանաներու ապրուստը կը հոգացուի ժողովուրդի նուէրներով եւ յատուկ առիթներու համար սահմանուած տուրքերով, ինչպէս կնունքի, պսակի, մեռելաթաղի, հոգեհանգիստի, պատարագի, Ս. Ծնունդի եւ Զատկի տօներու առթիւ տուն օրհնէքի, հիւանդներու եւ տուներու այցելութեան եւ աղօթքներու համար կամովին տրուած դրամական նուէրներով [4]:

Երեք եկեղեցիներու մէջ ամէն օր երկու անգամ եկեղեցական արարողութիւն կը կատարուի՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան, եւ շաբաթը երկու անգամ պատարագ կը մատուցուի: Կիրակի օրուան առաւօտեան ժամերգութիւնը կը սկսի արշալոյսէն մէկ երկու ժամ առաջ: Ժողովուրդը ծեր թէ երիտասարդ, մախրը (մոխրակալ) վառած շարան շարան կը փութան եկեղեցի [5]:

1) Գրգեաշարեան ընտանիքը՝ Հաճընէն, 1910։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Կարապետ Գրգեաշարեան, Վերժինէ Գրգեաշարեան, Ահարոն Գրգեաշարեան, Գէորգ Գրգեաշարեան, Սարա Գրգեաշարեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Էօժենի Գրգեաշարեան (հետագային՝ Մամիկոնեան), Մարիամ Գրգեաշարեան, Մանուէլ Գրգեաշարեան (մօրը աջին կանգնած), Ստեփան Գրգեաշարեան, Վիքթորիա Գրգեաշարեան։
Լուսանկարուած Ատանայի մէջ (Աղբիւր՝ Ստեփան Գրգեաշարեանի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Անդրանիկ Տագէսեանին)
2) Դարբինեան/Չիլինկիրեան ընտանիքը՝ Հաճընէն։ Լուսանկարուած Ատանայի մէջ, 29 Յունիս 1919 (Աղբիւր՝ Վազգէն Դարբինեանի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Անդրանիկ Տագէսեանին)

Հաճնոյ մէջ շատ հետաքրքրական սովորութիւն մը կայ. Կիրակի արշալոյսէն առաջ ժամկոչը մէկ ձեռքը հաստ գաւազան մը, միւս ձեռքն ալ մոմով վառուած լապտեր մը բռնած թաղերը կը պտտի ու մելամաղձիկ ձայնով մը երգելով ժողովուրդը կը հրաւիրէ եկեղեցի աղօթելու համար, եւայսպէս ամէն տան դրան առաջ երգելով, ան ձեռքի գաւազանով երեք անգամ դուռը կը զարնէ [6]: Այս սովորոյթին այլուր չենք հանդիպած, վստահաբար ան տեղական սովորութիւն մըն է, յուզիչ եւ ուշագրաւ միանգամայն: Իբրեւ իւրայատուկ նմոյշ մը Հաճնոյ ժողովրդական բանահիւսութեան կը բերենք հոս «Ժամկոչին երգը», ամբողջութեամբ:

Ժամկոչին երգը (շեղագիրով գրուածները Հաճընի բարբառով են)

Օրհնեալ ես Աստուած,
Գովեալ ես Աստուած,
Փառաւորեալ ես Աստուած,
Ով բայի քըյիստոնեաք, /Ով բարի քրիստոնեայք
Ի ժոմ հըյամիյիցէք:/Ի ժամ (եկեղեցի) հրամմէցէք
Մի պայկիք, մի ույանէք, /Մի պառկիք, մի քնանաք
Բոց էնկէճնիդ մի խույանէք, /Բաց ականջնիդ մի խուլցնէք
Սույբ աղօթնուդ ետ մի մենէք, /Սուրբ աղօթքնէդ ետ մի մնաք
Ով բայի քըյիստոնեաք,
Ի ժոմ հըյամիյիցէք:
Իյկինքին հեշտակնիէը կու փայաբանին, /Երկինքի հրեշտակները կը փառաբանեն
Այտոյին հիգին լիսէվ կու տանին, /Արդարին հոգին լոյսով կը տանին
Միղայվոյնուն հիգին փէշէվ կու տանին, /Մեղաւորներուն հոգին մութով կը տանին
Էյանի այտոյտնուն,/Երանի արդարներուն
Վայ մեղաւոյնուն: /Վայ մեղաւորներուն
Աս աշխօյը իկիէյ իէնք մեռնիլու համօ,/Այս աշխարհը եկած ենք մեռնելու համար
Դատաստօնը շինվիցօվ մեղավույնուն համօ,/Դատաստանը շինուեցաւ մեղաւորներուն համար
Դըյօխտը շինվիցօվ այդըյնուն համօ,/Դրախտը շինուեցաւ արդարներուն համար
Երանի՜ այդըյնուն, վա'յ մեղավույնուն: /Երանի արդարներուն, վայ մեղաւորներուն
Սատանին մեռնելը ուշ է,
Մեղաւոյին ճամբոքը փուշ է, /Մեղաւորին ճամբան փուշ է
Ի ժոմ իշտօլը խինձ անուշ է, /Ի ժամ երթալը խիստ անուշ է
Ո՜վ բայի քըյիստոնեաք ի ժոմ հըյամիյիցէք:

Կամ ալ կ'երգէր թրքերէն տաղերը.

Սապահ օլտու, նուր աչըլտը,
Նուրտան լիպասլար պիչիլտի,
Ճէննէթ գափուսու աչըլտը,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Սապահ օլտու գալգմազմըսըն,
Տան եիւզիւնէ պագմագմըսըն,
Սէն Ալլահտան գորգմազմըսըն,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Զընտանտա, չըղըրըշըր ճանլար,
Հիչ քիմսէտէն օլմազ իմտատ,
Զալըմ շէյթան ճէլլաթ օլմուշ,
Պույուրուն իպատէթ խանէյէ:

Սաղ եանընտա էլվան օլուր,
Սօլ եանընտա ֆէյղան օլուր,
Կիւնահքեարլարա հաիֆ օլուր,
Քէսիլմէտէն տինէ կէլին [7]:

Թրքերէն տառադարձութիւն՝

Sabah oldu nur açıldı
Nurdan libaslar biçildi
Cennet kapısı açıldı
Buyrun ibadet haneye.

Sabah oldu kalkmazmısın
Dan yüzüne bakmazmısın
Sen Allahdan korkmazmısın
Buyrun ibadet haneye.

Zindanda çağrışır canlar
Hiç kimse olmaz imdat
Zalim şeytan cellat olmuş
Buyrun ibadet haneye.

Sağ yanında elvan olur
Sol yanında feygan olur
Günahkarlara hayıf olur
Kesilmeden dine gelin.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Առտու եղաւ լոյս ծագեցաւ
Լոյսէն հագուստներ ձեւուեցաւ
Դրախտին դուռը բացուեցաւ
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Առտու եղաւ չես ելլեր
Մեղաւոր երեսին չես նայիր
Դուն Աստուծմէ չես վախնար
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Զնտանին մէջ կը պոռչտան հոգիները
Ոչ ոքէն կուգայ օգնութիւն
Անգութ սատանան դահիճ է եղած
Հրամմեցէք եկեղեցի:

Աջ կողմդ գոյնզգոյն
Ձախ կողմդ նեղութիւն
Մեղաւորներուն նախզգացում
Ջարդուելէ առաջ հաւատքի եկէք:

Ս. Աստուածածին

Կառուցուած է Հաճնոյ բերդին մէջ, բարձրաբերձ ժայռի մը վրայ: Եկեղեցւոյ հիմերը պէտք է դրուած ըլլան հայերու այս կողմերը հաստատուելուն եւ քաղաքի հիմնադրութեան հետ գրեթէ միաժամանակ, երբ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն յետոյ (1375), գաղթական խմբաւորումներ ապաստան կը գտնեն այժմու Հաճըն քաղաքին տեղը [8]: Նաեւ աւանդաբար կ'ըսուի, թէ Կիլիկիոյ հայկական իշխանութեան անկումէն յետոյ, հայ ազգաբնակչութենէն մաս մը գերի կը տարուի Եգիպտոս: Գերեվարուածները մօտ յիսուն տարի վերջ ազատ արձակուելով արտօնութիւն կը ստանան վերադառնալ իրենց երկիրը: Ասոնցմէ մօտ յիսուն ընտանիքներ ապաստան կը գտնեն այժմու Հաճնոյ բերդին արեւելեան կողմը՝ քարայրներուն մէջ: Ժամանակ մը վերջ, Երուսաղէմի պատրիարքը Հաճըն կ'առաքէ Բարդողիմէոս եւ Պօղոս եպիսկոպոսները եւ Յովհաննէս վարդապետը՝ վէմքարով մը հանդերձ, որոնք կը կառուցեն բերդի եկեղեցին եւ զայն կը կոչեն Ս. Աստուածածին անուամբ [9]:

Եթէ ընդունինք սոյն աւանդութեան հաւանական ստուգութիւնը, որ կը վկայուի նաեւ յարակից աղբիւրներով, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցին պէտք էշինուած ըլլայ 1425-ի մօտ թուականի մը [10]:

Հաճնոյ եկեղեցիներուն մէջ կը պահուէին իրենց հնութեամբ եւ գրչութեան արուեստի տեսակէտով բացառիկ արժէք ներկայացնող ձեռագիրներ, որոնց մեծ մասը Ս. Յակոբայ վանքէն տեղափոխուած էին, երբ վերջինս այլեւս աւերուած ու փլատակ դարձած էր [11]:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ վարժարանը (Աղբիւր՝ Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Այսպէս, Հաճընցի Սոկրատ Թօփալեան կը գրէ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ կար ութը հարիւր տարուան հնութիւն ունեցող ձեռագիր Աւետարան մը: Հեղինակն, ապա կը յայտնէ, որ ինք տեսած եւ ընթերցած է յիշատակարան մը, ուր մասնաւորաբար կ'ըսուի, թէ այդ ձեռագիրը գրաւուած է հայազգի Տիվան Օղլու կամ Լիվան Օղլուին կողմէ, սակայն Հաճնոյ երեւելիներէն՝ Ըրըզեան Հաճի Մանուկ աղա երկու քսակ (իւրաքանչիւր քսակը 500 ղուրուշ) վճարելով գնած է զայն Տիվան Օղլուէն [12]: Սոյն ձեռագիրը երկրորդ անգամ կը գրաւուի շրջանի ազդեցիկ թուրք ցեղախումբերէն՝ Գօզանօղլուներուն կողմէ, եւ դարձեալ այդ ժամանակի Հաճնոյ երեւելիներէն՝ Հաճի Գրիգոր աղա Էօրէճեան հինգ հարիւր ղուրուշ փրկագին վճարելով ազատած է գերութենէ:

Ըստ մէկ այլ յիշատակագրութեան, յիշեալ աւետարանը թէեւ գրաւուած է Գօզանօղլուներուն կողմէ, բայց վանքը նիւթական նեղ պայմաններու մէջ գտնուելով, կարելի չ'ըլլար փրկագին տալով ազատել զայն: Յետագային, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովուրդէն քսանի մօտ անձինք 200 դահեկան վճարելով ազատած են զայն [13]:

Հաճընցի բժ. Գէորգ Գըրգեաշարեան, կը պատմէ, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէր մագաղաթէ շքեղ Աւետարան մը, որ «իր կազմով եւ ոսկերչական զարդարանքներով կիլիկեան հարստութեան ժամանակաշրջանի դրոշմը կը կրէր» [14]։ Կ՚ենթադրուի, որ անիկա, Հաճնոյ եկեղեցական բազմաթիւ այլ գանձերու հետ մեկտեղ, գրաւուած է օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ Ա. Աշխարհամարտի տեղահանութեան եւ ջարդի տարիներուն:

Վերադառնանք, սակայն Ս. Աստուածածին եկեղեցիին վերաբերող մեզ յայտնի փաստերուն: Վեր. Սարգիս Տէվիրեան կը վկայէ, թէ եկեղեցիին մէջ պահուող ձեռագիր մատեանի մը մէջ արձանագրութիւն մը կարդացած է, ըստ որուն Ս. Աստուածածինը անգամ մը այրած եւ ուրիշ անգամ մըն ալ երկրաշարժէ կործանած է, եւ երկիցս վերաշինուած է, առանց սակայն յիշելու թուականները [15]:

Հեթում Բ. արքայի Ճաշոցը (մագաղաթ), Սկևռայի վանք (Կիլիկիա), 1286 (Աղբիւր՝ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Երեւան, Ձեո. թիւ 979)

Ս. Աստուածածնի մասին մեզ յայտնի յաջորդ տեղեկութիւնները կը վերաբերին աւելի նոր ժամանակներու: Բնական աղէտներ, վերահաս հրդեհներ քանիցս սասանած են Ս. Ասուածածնայ հիմերը, սակայն եկեղեցին ամէն անգամ կանգուն մնացած է: 1861-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցին շալկող մօտ 200 մ բարձրութեամբ ժայռէն հսկայ քարեր գիշեր ատեն փլուզուելով կը գլորին բերդին ստորոտը խիտ առ խիտ շարուած տուներու վրայ, խորտակելով բազմաթիւ տուներ, քնացող բնակիչներով միասին, սակայն ոչ բերդը, ոչ ալ եկեղեցին չեն վնասուիր [16]:

Իսկ 1894-ին պատահած մեծ հրդեհը կրակ կ'առնէ Ս. Աստուածածնի կողմէն, այրելով մօտ 700 տուն, խեղճ ու թշուառ կացութեան մատնելով բազմաթիւ ընտանիքներ, սակայն եկեղեցին դարձեալ զերծ կը մնայ շուրջը լափլիզող բոցերէն: Իբրեւ ուշագրաւ փաստ յիշենք, որ հրդեհին հետեւանքով տուժած ժողովուրդին օգնելու նպատակով Օգնութեան Յանձնախումբ մը կը կազմուի՝ տեղւոյն թուրք պաշտօնեաներու, Հաճնոյ Հայոց Առաջնորդին եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիի Հովիւին մասնակցութեամբ, որոնք կառավարութենէն եկած նպաստը կը բաշխեն ժողովուրդին [17]:

Հաճըն, 1914. ձախին կ՚երեւին երկու եկեղեցիներ (Աղբիւր՝ Հ. Գրիգորիս Պալաքեան, Հայ Գողգոթան, հտր. Ա., 1922, Վիեննա)

Ս. Աստտուածածնին կից գործած է վարժարան մը, որու սկզբնաւորութեան մասին տեղեկութիւններ չունինք: Հաճնոյ Առաջնորդ Պետրոս Արք. Սարաճեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից, ժայռերու վրայ կառուցել կու տայ հինգ յարկանի հսկայ շէնք մը: Այս շէնքին առաջին յարկը կը ծառայէ մանկապարտէզի, երկրորդ եւ երրորդ յարկերը կը յատկացուին վարժարանի, չորրորդ յարկը՝ առաջնորդարանի, իսկ հինգերորդ յարկը՝ թատերասրահի: Յատկանշական է, որ այս հսկայ շէնքը կը կառուցուի Հաճնոյ աղքատիկ, այլ բարեսէր ժողովուրդի նուէրներով, որուն մէկ մասը կը հոգացուի տեղական միջոցներով, մաս մըն ալ ամերիկաբնակ հայրենակիցներու հանգանակած գումարներով [18]: Աւելցնենք, որ շէնքն իր մեծութեամբ եւ ամբողջովին քարաշէն կերտուածքով Հաճնոյ եզակի կառոյցներէն էր [19]:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանաներն են՝ Տէր Պօղոս Քհնյ. Բազեան, Տէր Յովհաննէս Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան, Տէր Սիմէոն Քհնյ. Տ. Համբարձումեան, Տէր Սարգիս Քհնյ. Արսէնեան, Տէր Թորոս Քհնյ. Տ. Յովհաննէսեան, Տէր Գասպար Քհնյ. Գալէնտէրեան, Տէր Գրիգոր Քհնյ. Տէր Համբարձումեան, Տէր Յակոբ Քհնյ. Գոյումճեան [20]:

Ս. Գէորգ

Բաղդատաբար աւելի ուշ շրջանի կը պատկանի Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին: Թէպետ աղբիւրները կը յուշեն, որ Ս. Գէորգ եկեղեցիին տեղը հին ժամանակներէն ի վեր փոքրիկ մատուռ մը եղած է: Նոր եկեղեցին սկսած են կառուցել 1844 թուականին, Մարտիրոս աղա Մանկրեանի երեսփոխանութեան շրջանին, սակայն շինութիւնը չ'աւարտած, Մանկրեանին վախճանելով կէս մնացած կառոյցը իր լրումին կը հասնի 1855-ին, իրեն յաջորդած՝ Սարգիս աղա Թուրսարգիսեանի ջանքերով [21]: Վերջինս եկեղեցիին կից շինել կու տայ նաեւ Առաջնորդարանի եւ Ճեմարանի շէնքերը:

Հաճնոյ հնագոյն եւ ամէնէն խոշոր խաներէն մէկը՝ Վերի Թաղի խանը, ի հնոյ եղած է այս եկեղեցիին սեփականութիւնը, ուր ատենօք կ'իջեւանէին շրջակայ գիւղերէն ու քաղաքներէն եկող վաճառականներու ճամբորդներ: Գօզանօղլուներ հայերու ձեռքէն խլելով իւրացուցած են այս խանն ալ: 1883-ականերուն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Մկրտիչ Քէֆսիզեան այս առթիւ դատ բանալով, դատը կը շահի եւ եկեղեցապատկան կալուածը կը վերադարձուի Ս. Գէորգ եկեղեցիին [22]:

Հաճընէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Հաճընցի հեղինակներուն վկայութեամբ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նոյնպէս կային Ս. Յակոբի վանքէն բերուած շատ մը հին ձեռագիրներ: 1907-ին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ յարակից վարժարանի ուսուցիչ եւ նոյն ատեն եկեղեցւոյ լուսարար բժ. Գէորգ Գըրգեաշարեան, որու խնամքին յանձնուած էր եկեղեցւոյ գանձատունը, կը վկայէ, որ յիշեալ ձեռագիրներու շարքին եզական էր Դրազարկի Հեթում Արքայի մագաղաթեայ Աւետարանը, որ թագաւորին կողմէ նուիրուած էր վերոյիշեալ Սիս քաղաքին մօտակայ գտնուող այս վանքին: Յօդուածագիրը ապա կը յիշէ, որ տարուան մէջ քանի մը անգամ՝ տօնական օրերուն, խորանը զարդարելու առթիւ սոյն աւետարանը թերթատելու առիթն ունեցած է, եւ որ այն Հաճըն այցելած կամ հոնկէ անցած օտար այցելուներուն հիացումին առարկան դարձած է [23]:

Բժ. Գրգեաշարեանի նկարագրութեան համաձայն, թանկագին այս Աւետարանը օժտուած էր արծաթէ ոսկեզօծ շքեղ կազմով, արծաթէ փականքներով, գրուած՝ վարպետ գրիչի մը ձեռքով, որ տպագիր հրատարակութեան մը տպաւորութիւնը կը թողուր: Նաեւ կը յիշուի, որ չորս Աւետարաններուն իւրաքանչիւրին վերջաւորութեան գրուած էր յիշատակարան մը՝ Հեթում Բ. արքային կողմէ Սուրբ Աւետարանը Դրազարկի վանքին ի յիշատակ տրուելուն մասին [24]: Նկարագրութիւնը թէպէտ խիստ անգոհացուցիչ, սակայն այդ քիչն ալ բաւարար է ենթադրելու, որ արքայական այս ձեռագիրը եղած է կիլիկեան գրչութեան եւ մանրանկարչութեան գլուխ գործոց մը:

Հաճընէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Այսպէս, յիշատակագրութեան մը համաձայն, տարի մը իրարայաջորդ երաշտներու պատճառով Հաճնոյ ժողովուրդը չկարենալով Գոզանօղլուներուն տուրքը վճարել, իշխաններու հաւանութեամբ Հեթումի Աւետարանը պատանդ կը դնեն այս ցեղախումբին քով՝ տարուան մը պարտքի փոխարէն: Տարին կը լրանայ, սակայն ժողովուրդը դարձեալ անկարող ըլլալով տուրքը վճարել, երեսփոխաններէն Թըլըսըմեան Հաճի աղա երկու տարուան պարտքը վճարելով Աւետարանը կ'ազատէ եւ գրել կու տայ հետեւեալ յիշատակագրութիւնը. «Թըլըսըմեան Հաճի աղա բազում արծաթս վճարեաց եւ ազատեաց Աւետարանս ի ձեռաց անօրինի եւ եդ յիշատակ հոգւոյ ծնողաց իւրոյ ի դուռն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ» [25]:

Կը վկայուի, թէ այս արժէքաւոր ձեռագիրը ուրիշ կարեւոր յիշատակագրութիւններ եւս պարունակած է, որոնք կը վերաբերէին Հեթումի Աւետարանի տեղափոխութեան, թէ ինչպէս ան տեղափոխուած էր Դրազարկէն այլ եւ այլ տեղեր, ինչպէս հասած էր Հաճըն, եւլն, որոնք սակայն չեն պահպանուած [26]:

Յաջորդ վկայութիւնը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մասին կը վերաբերի 1883-ի Հաճնոյ մեծ հրդեհին, որու հետեւանքով քաղաքին գրեթէ կէսը՝ Ս. Գէորգ եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ Կէլիկ թաղը, շուրջը ամբողջ կը հրկիզուի: Հրդեհը թէեւ չափազանց մօտ, եկեղեցիին չի վնասէր, սակայն ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ կը դառնայ բազում դժուարութիւններու գնով Գոզանօղլուներէն վերադարձուած եկեղեցապատկան խանը: Անոր հողին կէսին վրայ 1844-ին բարերար Հաճի Աւետիք աղա Թէրզեան սենեակներ շինելով Ս. Գէորգ եկեղեցիին կը նուիրէ, իսկ հողին միւս կիսուն վրայ շինել կու տայ քաղաքապետարանի շէնքը [27]: 1909-ին Հաճընի առաջնորդ Ներսէս Եպս. Դանիէլեան Ս. Գէորգ եկեղեցիին կից շինել կու տայ վարժարանի մեծ շէնք մը [28]:

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ քահանաներէն են՝ Տէր Ստեփան Ա. Քհնյ. Երկաթագործեան, Տէր Գրիգոր Քհնյ. Միսալեան, Տէր Թորոս Քհնյ. Մըշեան, Տէր Եղիշէ Քհնյ.  Երկաթագործեան, Տէր Յ. Քհնյ. Թթուերցեան, Տէր Ստեփան Քհնյ. Երկաթագործեան [29]:

Ս. Թորոս

Կը գտնուի Եաղը թաղին մէջ: Եկեղեցիի շէնքը թէեւ աւելի նոր շրջանի կառոյց է [30], սակայն ինչպես կը վկայեն փաստերը, Ս. Թորոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւս, ինչպէս Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներունը, սկիզբ կ'առնէ Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն: Հաճնոյ պատմութիւնը գրառող հեղինակներուն վկայութեամբ այժմու Ս. Թորոս եկեղեցիին դիմացը գտնուող պարտէզներուն մէջ հին ատենները մատուռ մը եղած է: Ըստ աւանդութեան այն կառուցած է Կիլիկիոյ Թորոս Ա. իշխանը (ծն. թ. անյայտ-1129) եւ նուիրած գաղթականներուն [31]: Ահա թէ ինչու եկեղեցին օծած են Ս. Թորոս անուամբ:

Տարէց հաճընցիներ կը յիշեն, որ Ս. Թորոսի դէմ յանդիման ծառաստաններով հարուստ շրջանը, այսինքն՝ քաղաքի հարաւային մասը, հնոյ յոյներով բնակեցուած էր, ուր կար նաեւ մատուռ մը: Յետագային, երբ հայեր կը սկսին տուներ շինելով այս կողմերը հաստատուիլ, աղօթքի համար այս մատուռը կը սկսին յաճախել [32]:

Աւելցնենք, որ Ղ. Ինճիճեանը, Հաճնոյ Հայ Առաքելական եկեղեցիները թուարկելով (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ) Ս. Թորոսը չիյիշատակէր [33], ուստի պէտք է կարծել, որ Ս. Թորոսը երկար ատեն մատուռ եղած է: Ս. Թորոս եկեղեցին նոյնպէս ունի յարակից վարժարան մը:

Հաճըն քաղաքը արեւելքէն դիտուած (Աղբիւր՝ Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Ս. Յակոբայ վանքը

Վերոյիշեալ երեք եկեղեցիներէն բացի, քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ համանուն լերան լանջին կը գտնուի Ս. Յակոբայ վանքը, բոլորուած ամրակուռ, բարձր պատնէշով, մշտահոսպաղ եւ վճիտ ակնաղբիւրի մը քովընտին [34]:

Աղբիւրներու համաձայն Ս. Յակոբայ վանքը շինուած է Խաչատուր Եպիսկոպոսի հսկողութեան ներքեւ, 1004 թուականին [35]: 1900-ին, վանքի նորոգութեան ատեն անոր գմբէթի սիւներէն մէկուն վրայ գտնուած արձանագրութիւն մը կը հաստատէ վանքին հաստատման թուականը [36]:

Վանքին մասին յաջորդ տեղեկութիւնը կը վերաբերի 1554ին, երբ տեղի ունեցած է վանքին առաջին նորոգութիւնը: Վանքն, ուրեմն, կառուցուած է 1004ին եւ նորոգուած 1554ին, ինչպէս կը վկայէ Ղ. Ինճիճեան իր աշխատութեան մէջ:

Ս. Յակոբայ վանքն, այսպիսով, Հաճնոյ հայկական հնագոյն վկայութիւնն է [37], միաժամանակ, եթէ ընդունինք Հաճըն քաղաքին հիմնադրութենէն առաջ անոր գոյութեան փաստը, ապա կարելի է հետեւցնել, որ վանքին պատմութիւնը սերտօրէն կ'առնչուի Հաճըն քաղաքի ձեւաւորման եւ կայացման պատմութեան հետ, կազմելով տեղւոյն հայ համայնքի կազմաւորման հիմնական նախադրեալներէն մէկը:

Հայ միջնադարեան բոլոր վանքերու նման, Ս. Յակոբայ վանքը եւս, եղած է գիտութեան եւ կրթութեան կեդրոն մը: Հին օրերուն, երբ քաղաքին մէջ դպրոցներ չկային, վանքը կը հանդիսանար կրթական միակ հաստատութիւնը, ուր կը յաճախէր Հաճնոյ երիտասարդութիւնը ուսման համար [38]:

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին գտնուող հայկական աղջկանց վարժարանը (Աղբիւր՝ Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)

Իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին Ս. Յակոբայ վանքը հասցուցած է բազմաթիւ հոգեւորականներ, այդ թուին՝ կաթողիկոսներ, եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ: Վանքին միաբան վարդապետներէն մեզի հասած են նաեւ ձեռագիր մատեաններ: Հաճնոյ հայութիւնը Ս. Յակոբայ վանքին կը պարտի իր երեք եկեղեցիներու (Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ եւ Ս. Թորոս) եւ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող քահանաներու, ուսուցիչներու ուսումն ու զարգացումը:

Ս. Յակոբայ Վանքին վանահայրերը եղած են՝ Խաչատուր Եպիսկոպոս (կը յիշատակուի 1554-ին), Մովսէս Եպիսկոպոս (1607-ին), Յովհաննէս Եպիսկոպոս (ապա Սսոյ կաթողիկոս, 1719-1726), Սարգիս Եպիսկոպոս (1820-ին), Պօղոս Եպիսկոպոս (1826), Պետրոս Արք. Տէր Մելքոնեան (1854-83), Յովհաննէս Եպս. Գազանճեան (1885-92), ապա աւելի նոր ժամանակներուն՝ Ներսէս Եպս. Դանիէլեան (1909), Պետրոս Եպս. Սարաճեան (1910-1920) [39]:

Ս. Յակոբայ վանքն ալ յաճախ ոտնձգութիւններու ենթարկուած է Հաճնոյ վրայ իշխող Գոզանօղլուներու կողմէ, որոնց Հաճնոյ ժողովուրդը հարկատու էր: Մասնաւորաբար կը յիշուի, որ 1850-1860-ական թուականներուն Հաճի պէյ եւ Եուսուֆ պէյ յաջորդաբար կողոպտած են վանքը:

Ս. Յակոբայ վանքը նաեւ ուխտավայր մըն է, որուն Հաճնոյ ժողովուրդը փարած է սիրով ու ակնածանքով: Ունի ուխտաւորներու յատուկ բազմաթիւ սենեակներ: Ս. Յակոբայ տօնին Հաճնոյ գրեթէ բոլոր ժողովուրդը, առաւել շրջակայ գիւղերէն եկած ուխտաւորներ կէս գիշերէն սկսեալ վանք կ'ելլեն, կը մասնակցին եկեղեցական արարողութիւններուն, կ'ուրախանան, տօնահանդէսներ կը սարքեն, հեռաւոր վայրերէ եկողներ շաբաթներով վանքը կը մնան։ Այս տօնախմբութեան ընթացքին վանքի տարածքը կը վերածուի տօնավաճառի, տեղի կ՚ունենան ձիարշաւներ. հեծեալներ երկու խումբերու բաժնուած գաւազաններով իրարու կը հարուածեն, մէկը միւսին գլխարկը կը փորձէ գողնալ [40]:

Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոս 1882-ին Ս. Յակոբ վանքին մէջ կը հաստատէ Կիլիկիոյ Երկրորդ Ժառանգաւորաց Վարժարանը (առաջինը բացուած էր Այնթապ, 1873-ին, որ սակայն գոցուած էր այլեւայլ պատճառներով 1875-ին), սակայն տարին դեռ չբոլորած քաղաքը լափլիզող հրդեհին հետեւանքով կը ստիպուի փակել իր դռները: Ցրուած սաները՝ թիւով եօթը հոգի, եօթն ալ հաճընցի, 1884-ի սկիզբները կը փոխադրուին Սսոյ Մայրավանքը: Ժամանակ մը հոն մնալէ յետոյ, նոյն տարուան Մայիսին դարձեալ կը փոխադրուին Հաճնոյ Ս. Յակոբայ վանքը եւ իրենց ուսումը կը ստանան հաճընցի Մինաս Թուրսարգիսեանի ձեռքին տակ [41]:

Ս. Յակոբայ վանքը երկրորդ անգամ կը նորոգուի 1885-ի ատենները՝ Պետրոս Եպս. Տէր Մելքոնեանին կողմէ [42]:

1900ին վերանորոգուելով վանքին կից կը շինուի խոշոր շէնք մը, ծառայելու համար թէ' դպրոցի եւ թէ որբանոցի, ուր բաւական թիւով որբեր կը հոգացուին եւ կը ստանան իրենց ուսումը [43]:

1909-ին Կիլիկիոյ հակահայ ջարդերուն ատեն Ս. Յակոբայ վանքն ալ ամբողջովին քարուքանդ կ'ըլլայ, իսկ հետագային՝ վերանորոգուելով կը վերածուի որբանոցի [44]:

Հայ կաթոլիկ եկեղեցի

Հայաբնակ այլ վայրերու նման, 1860-ականներու վերջերը կաթոլիկութիւնը մուտք կը գործէ Հաճըն, եւ կարճ ժամանակի մը ընթացքին, բաւական թիւով հայ լուսաւորչական ընտանիքներ կաթոլիկ դաւանանքը կ'ընդունին [45]:

Սկզբնական շրջանին անոնք իրենց հաւաքները կ'ունենան Ղուլլէպճեաններու բնակարանին մէջ, ապա կը փոխադրուին բերդի կողմերը, ուր կը կառուցեն եկեղեցի մը, որ սակայն 1884-ի Հաճնոյ Մեծ Հրդեհի պահուն հրոյ ճարակ կը դառնայ [46]:

1892-ի ատենները հայ կաթոլիկ համայնքին եւ անձամբ Թէրզեան Գերապայծառի ջանքերով երկու հսկայ շէնքեր կը կառուցուին, ճարտարապետն է հաճընցի Թորոս վարպետ Պապահէքեան: Այս շէնքերէն իւրաքանչիւրը կը բաղկանայ երեք յարկէ: Ասոնցմէ մին կը ծառայէ միանգամայն Հայրապետանոցի եւ տղայոց վարժարանի, իսկ միւսը կը գործածուի իբրեւ Մայրապետանոց եւ Անարատ Յղութեան Քոյրերու աղջկանց գիշերօթիկ վարժարան [47]:

1900-ականներու սկիզբը նոյն շրջափակին մէջ կը կառուցուի քարաշէն խոշոր եկեղեցի մը, միաժամանակ թէ' վերահաս հրդեհներէ պաշտպանուելու եւ թէ աւելի մեծ թիւով ժողովուրդ պատսպարելու նպատակով [48]:

1) Հաճըն քաղաքի հայ բողոքական Առաջին եկեղեցին (Աղբիւր՝ Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942)
2) Ճեքսըն Քոֆֆինկ (Աղբիւր՝ Պօղոսեան, նոյն)

Հայ աւետարանական եկեղեցիներ

Հաճնոյ շրջանակին մէջ Աւետարանականութիւնը մուտք կը գործէ 1860-ականներուն սկիզբը, ամերիկացի միսիոնար Ճեքսըն Քոֆֆինկի միջոցաւ [49]: Վերջինս իր տիկնոջ՝ Ժոզեֆին Քոֆֆինկի հետ միասին Հաճըն հաստատուելով կը սկսին Աւետարանական գաղափարներ, Ս. Գիրք քարոզել ժողովուրդին մէջ: Շուտով Այնթապէն Հաճըն կու գան նաեւ Աւետարանական այլ գործիչներ եւս, Աւետարանական շարժում մը յառաջ բերելու նպատակով: Եւ արդէն 1867-ին կը կազմուի առաջին եկեղեցին, փոքրաթիւ անդամներով, որոնք իրենց պաշտամունքները կը կատարեն Նազարէթ Տարտաղանեանին տան մէջ: Քաղաքին մէջ Աւետարանականներուն թիւը հետզհետէ աւելնալով, Վերի Թաղին մէջ կըկառուցուի Հայ Աւետ. Առաջին եկեղեցին [50]:

1878ի ատենները այս եկեղեցին ալ նեղ գալով քովը գտնուող քանի մը տուները կը գնուին աւելի ընդարձակ եկեղեցիի մը շինութեան համար: 1879ի գարունը, յատկապէս եկեղեցիի շինութեան գործին օժանդակելու համար Մարաշէն Հաճըն կու գան Տօքթ. Թոմաս Քրիսթի եւ կինը՝ Քարմըլայթ: Սակայն, նախ յարմար կը դատուի Պատ. Սարգիս Տէվիրեանի ձեռնադրութիւնը կատարել, որ տեղի կ'ունենայ 15 Սեպտեմբեր 1879ին: Եկեղեցիի նեղութեան պատճառով ձեռնադրութիւնը բացօթեայ կը կատարուի: Ասկէ յետոյ է, որ աւելի ընդարձակ եկեղեցի մը կառուցելու նպատակով ժողովուրդին կը դիմեն նուիրատուութեան համար: Ժողովուրդը սրտաբուխ նուէրներով կը մասնակցի նուիրահաւաքին եւ 1880-ին կը ձեռնարկեն շինութեան գործին, որ կ'աւարտի 1882-ին [51]: Նորակառոյց շէնքին վարի յարկը կը ծառայէ համայնքին երկսեռ մանուկներուն իբրեւ դպրոց, իսկ վերի յարկը իբրեւ եկեղեցի: Հարկ է յիշել, որ Հաճնոյ Հայ Աւետ. Եկեղեցին իր հիմնադրութենէն ի վեր ինքնաբաւ վիճակ մը ունի, եկեղեցիի բոլոր ծախսերը, ներառեալ հովիւին ամսաթոշակը, կը հոգացուի համայնքին միջոցներով, առանց արտաքին օժանդակութեան, որ բացառիկ երեւոյթ մըն էր այդ ատեն [52]: 1903-ի տուեալներով այս եկեղեցին ունի 1000-է աւելի ժողովուրդ [53]:

Հաճնոյ հարաւային կողմը եւս Աւետարանական հետեւորդներու թուական աճը, ինչպէս նաեւ Առաջին եկեղեցիի հեռաւորութիւնը նկատի առնելով, 1889-ին [54] Բերդի վարի կողմը ընդարձակ հող մը գնելով կը կառուցեն Հայ Աւետ. Երկրորդ Եկեղեցին [55]: Երկյարկանի այս շէնքը նոյնպէս կը ծառայէ թաղին հոգեւոր եւ կրթական կարիքներուն: Առաջին յարկը կը գործածուի երկսեռ մանուկներու իբր մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, իսկ վերի յարկը իբրեւ ժողովարան [56]:

Երկու եկեղեցիներն ալ ունին իրենց նախակրթարանները՝ ընդհանուր 630 աշակերտութեամբ, Երիտասարդաց եւ Կանանց առանձին ընկերակցութիւնները [57]:

Հայ Աւետարանական համայնքը Ա. Պատերազմէն առաջ կը հաշուէր մօտ 300 տուն [58]:

Հայ Աւետ. Առաջին Եկեղեցւոյ հովիւները եղած են՝ Վեր. Փանոս Գարակէօզեան եւ իր օգնականը Աւագ Խոճա Շիրէճեան, Վեր. Սարգիս Տէվիրեան, Վեր. Սարգիս Թօրեան, Վեր. Տիգրան Րէճէպեան, Վեր. Կարապետ Յարութիւնեան, Վեր. Յարութիւն Խաչատուրեան: Իսկ Երկրորդ Եկեղեցիի հովիներն են՝ Պատ. Աւագ Շիրէճեան, Պատ. Ստեփան Յովհաննէսեան, Պատ. Գրիգոր Գըրգեաշարեան, Պատ. Տիգրան Գալայճեան եւ Վեր. Լեւոն Սողովմէեան [59]:

Հաճըն/Սաիմպէյլիի եկեղեցիներուն այժմու վիճակը (Լուսանկար՝ Հրայր Բազէ Խաչերանի)

[1] Պօղոսեան Յ. Պ., Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942, էջ 348:

[2] Նոյն:

[3] Նոյն:

[4] Նոյն, էջ 350:

[5] Նոյն, էջ 348:

[6] Նոյն:

[7] Նոյն, էջ 348-349:

[8] Հաճըն քաղաքին մասին յիշատակութիւններու կը հանդիպինք ԺԴ. դարէն սկսեալ, հետեւաբար անոր պատմութիւնը շատ հին չէ: Ուսումասիրողներ պատմական փաստերու եւ տեղեկութիւններու հիման վրայ այն եզրակացութեան կը յանգին, որ Հաճըն քաղաքը հիմնուած է Կիլիկիոյ Հայկական իշխանութեան անկումէն յետոյ, հայ գաղթականներու կողմէն: Կ'ենթադրուի, որ առաջին գաղթականները եղած են Հաճընէն ոչ հեռու՝ Հարգան անունով ծանօթ հայաքաղաքի մը բնակիչները: Հետզհետէ, տարբեր կողմերէ հասնող գաղթականներու նորանոր հոսանքներով ստուարանալով, հիմը կը դրուի ներկայ Հաճըն քաղաքին (Տես՝ Պօղոսեան, էջ 120-121):

[9] Պօղոսեան, էջ 121, 343:

[10] Նոյն, էջ 120:

[11] Նոյն, էջ 344:

[12] Կիլիկեան Իշխանութեան անկումին յետոյ Հաճըն եւ շրջակայքը կը կառավարուէր ազդեցիկ հայ իշխաններու կողմէ: Իսկ երբ 1640-ականներուն Տաւրոսեան լեռնաշղթային վրայ իրենց տիրապետութիւնը կը սկսին հաստատել Գօզանեան տոհմի ներկայացուցիչները, Հաճըն եւ շրջակայ գիւղերը եւս կ'անցնին այս ազդեցիկ ցեղախումբին իշխանութեան ներքեւ, թէեւ անոնք կը կառավարէին գերազանցապէս տեղական հայ իշխաններու միջոցաւ: Օսմանեան կեդրոնական իշխանութիւնը, մինչեւ 19-րդ դարը, ձեւական ներկայութիւն մըն էր այս տարածքներէն ներս (Տե'ս Պօղոսեան, էջ 158):

[13] Պօղոսեան, էջ 356:

[14] Նոյն, էջ 346:

[15] Նոյն, էջ 343:

[16] Նոյն, էջ 152:

[17] Նոյն, էջ 156:

[18] Նոյն, էջ 450:

[19] Նոյն, էջ 144:

[20] Նոյն, էջ 362:

[21] Նոյն, էջ 347:

[22] Նոյն, էջ 148:

[23] Նոյն, էջ 344:

[24] Նոյն, էջ 345:

[25] Նոյն: 

[26] Նոյն:

[27] Նոյն, էջ 148:

[28] Նոյն, էջ 450:

[29] Նոյն, էջ 362:

[30] Վեր. Սարգիս Տէվիրեան կը պատմէ, որ իր մայրը ուրիշ կիներու հետ միատեղ շէնքին համար ջուր կրած են, որ մօտաւորապէս պէտք է ըլլայ 1880ականներուն (տե'ս Պօղոսեան, էջ 347):

[31] Նոյն, էջ 347:

[32] Նոյն:

[33] Ինճիճյան, Ղ., Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի, հտ. 1, Վենետիկ, 1806, էջ 318:

[34] Տես՝ Պօղոսեան, էջ 350; Ոսկեան Հ.Հ., Կիլիկիայի վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան տպ., 1957, էջ 260:

[35] Պօղոսեան, էջ 350:

[36] Նոյն, էջ 350:

[37] Կիլիկիա, «Արաքս», էջ 302:

[38] Պօղոսեան, էջ 412:

[39] Նոյն, էջ 413:

[40] Նոյն, էջ 352, 532:

[41] Նոյն, էջ 353:

[42] Նոյն, էջ 350-51:

[43] Նոյն, էջ 353:

[44] Նոյն, էջ 351:

[45] Նոյն, էջ 410:

[46] Նոյն:

[47] Նոյն, էջ 411:

[48] Նոյն:

[49] Նոյն, էջ 380:

[50] Նոյն, էջ 384:

[51] Նոյն:

[52] Նոյն:

[53] Քասունի Եղիա, Լուսաշաւիղ. Պատմութիւն Հայ Աւետարանական շարժման, Պէյրութ, 1947, էջ 216:

[54] Հաճնոյ Հայ Աւետ. Երկրորդ Եկեղեցիի թուականը Հ. Պօղոսեան կը նշանակէ 1878-ին, որ հաւանաբար սխալանքի մը արդիւնք է: Ըստ Վեր. Եղիա Քասունիի վերը նշուած աշխատութեան այն հիմնուած է 1889ին (տես՝ Քասունի, էջ 217):

[55] Քասունի, էջ 217:

[56] Պօղոսեան, էջ 385:

[57] Քասունի, էջ 217:

[58] Պօղոսեան, էջ 385։

[59] Նոյն, էջ 386։