Սիս/Քոզանի սանճաքը (գաւառ)՝20րդ դարու սկիզբին

Սիս

Այս քաղաքին անունը հայկական յիշողութեան մէջ աւելի շատ կը կապուի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան, որուն մայրաքաղաքը երկար ժամանակ եղած է Սիսը։ Քաղաքին անունը կ՚առնչուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան, որուն նստավայրն էր Սիսը։ Բայց Սիսը նաեւ մեծամասնութեամբ հայաբնակ քաղաք մըն էր, որուն բնակիչներուն առօրեայ կեանքին, ինչպէս նաեւ սոյն տեղավայրին տեղական պատմութեան մասին տեղեկութիւններ կարելի է գտնել գլխաւորաբար հազուագիւտ սկզբնաղբիւրներու մէջ։

Փաստօրէն Սիսը նաեւ իր ուրոյն պատմութիւնը ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն։ Հայկական կեանքի այս էջերն են, զորս – թեքսթերու եւ պատկերներու ճամբով – պիտի փորձենք վերականգնել Սիսի յատկացուած այս գլուխին մէջ։

Սիսը, յանձին Միսաք Քէլեշեանի, ունի իր պատմագիրքը, իր յուշագիրքը։ Մեծածաւալ հատորը լոյս տեսած է 1940-ական թուականներուն՝ Պէյրութի մէջ։ Աւելի քան 700 էջերու մէջ Քէլեշեան կը ներկայացնէ Սիսի հայկական կեանքի զանազան երեսները։ Ասիկա մեզի ծանօթ միակ լուրջ աշխատանքն է, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ օսմանեան տարիներուն Սիսի եւ անոր շրջակայ հայաբնակ գիւղերուն պատմութիւնը, ընկերային կեանքն ու միջավայրը։

Յուշամատեանի ներկայացուցած գրութիւններն ալ գլխաւորաբար հիմնուած են այս սկզբնաղբիւրին վրայ։ Յոյսով ենք նաեւ որ այսուհետեւ մեր այցելուները իրենց մօտ գտնուող անտիպ յուշերէն, մեզի անծանօթ հրատարակութիւններէն, ընտանեկան հին լուսանկարներէն օրինակներ ուղարկելով՝ մասնակից պիտի դառնան Սիսի հայութեան անցեալի այս ժառանգութիւնը վերականգնելու մեր ձեռնարկած աշխատանքին։