Սիս քաղաքին յատակագիծը 20-րդ դարու սկզբին (մանրամասնութիւնները տեսնել վարը՝ ձախի սիւնակին մէջ)

Սիս - Դպրոցներ

Հեղինակներ՝ Աննա Պօղոսեան, Վահէ Թաշճեան, 12/08/14 (վերջին փոփոխութիւն՝ 13/09/14)

Կիլիկեան Հայաստանի 1173 թուականին հռչակուած երբեմնի հզօր մայրաքաղաք եւ հայրապետական Աթոռի հանգրուան ու կեդրոն Սիսը, որ յայտնի էր ոչ միայն իր արքունի ապարանքով, աշխարհիկ ու կրօնական շէնքերով, այլ նաեւ իբրեւ համահայկական մշակոյթի մեծագոյն կեդրոն, Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին «հազիւ գիւղ մը կը յիշեցնէր» [1]:

Սիս/Քոզան, ca 1920 (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Միսաք Քէլէշեան այսպէս կը նկարագրէ Սիսը իր «Սիս-Մատեան» աշխատութեան մէջ, որ պատկերաւոր տեղեկութիւններ եւ արժէքաւոր նիւթեր կը ներկայացնէ այդ ժամանակուայ Սիսի մասին: Այս աշխատութեան մէջ զետեղուած նիւթերու հիման վրայ սոյն յօդուածին մէջ կը ներկայացուին Սիսի հայկական դպրոցներն ու կրթական համակարգը, ինչպէս նաեւ կը քննարկուին այն հարցադրումները, թէ ինչու Սիսը, ունենալով կրթական մեծ աւանդոյթներ [2] եւ ըլլալով Հայրապետական Աթոռի կեդրոն – բան մը որ աւանդաբար կ՚ենթադրէ նաեւ կրթական կեդրոն մը ըլլալը –, չունեցաւ ընդհանուր կրթական կազմակերպուած համակարգ, ինչպէս օրինակ նոյն ժամանակներուն պարագան էր Խարբերդի կամ Այնթապի, դպրոցները անխնամ եւ անբարեկարգ վիճակի մէջ էին, իսկ այս մարզին մէջ փոքրիկ նախաձեռնութիւնները աւելի շատ անհատական բնոյթ կը կրէին:

Սիս, 1911. Կարապետեան ընտանիքը
Նստած, կեդրոնը (ձախէն աջ)՝ Գրիգոր Կարապետեան (գլխուն ֆէս), Մարի Կարապետեան. Ոտքի, Գրիգորին եւ Մարիին միջեւ՝ Եսթեր, իրենց դուստրը։ Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Սամուէլ (գլխուն ֆէս, Գրիգորին որդին), Սամուէլին կինը (անունը անծանօթ), մօր կողմէ գրկուած երեխայ մը, Սիրվարդ (իր մօր կողմէ գրկուած), Սիրվարդին մայրը (Կարապետին կինը, անունը անծանօթ), Կարապետ Կարապետեան (Գրիգորին որդին), Նազօ Կարապետեան (Գրիգորին որդին)։ Նստած, գետինը, ձախէն աջ՝ Սամուէլին զաւակը, Յարութ (Գրիգորին որդին)։ Գրիգորին ձախին կանգնած երկու փոքրիկները իր թոռներն են (Սամուէլին զաւակները)։ Սամուէլին զաւակներուն անուններն են՝ Հայկազուն, Գարեգին, Սիրական եւ Վիքթորիա։ Սամուէլ եւ Կարապետ Գրիգորի զաւակներն են իր առաջին ամուսնութենէն։ Անոր կնոջ մահէն ետք, Գրիգոր կը վերամուսնանայ Մարիի հետ, որուն հետ կ՚ունենան երեք զաւակներ՝ Նազօ, Յարութ եւ Եսթեր (Աղբիւր՝ Կարապետեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

19-րդ դարու կէսերուն Սիսը կրթութեան տեսանկիւնէն կը համարուի Կիլիկեան քաղաքներէն կամ կեդրոններէն ամէնէն նուազ զարգացածներէն մէկը: Հայ աշակերտներու թիւը այդ ժամանակներուն յարաբերաբար քիչ էր, եւ այն կը պատճառաբանուի դպրոցներու անմխիթար եւ խղճուկ պայմաններով եւ ֆինանսական օժանդակութեան պակասով եւ երբեմն ալ նոյնիսկ անոր բացակայութեամբ: Իսկ այս թուականներէն առաջ Սիսի մէջ տիրող կրթական համակարգին մասին տեղեկութիւնները մթին են եւ անորոշ [3]: Յայտնի չէ, կա՞ր արդեօք որեւէ դպրոցական շէնք-շինութիւն, իսկ ընդհանուր կրթական մեթոտի կամ համակարգի մասին դժուար է ընդհանուր պատկերացում ունենալ [4]:

Պէտք է նշել նաեւ որ նոյն ժամանակներուն Օսմանեան կայսրութեան ընդհանուր կրթական համակարգն ալ թոյլ էր: Հակառակ պետական ֆինանսական օժանդակութեան, թրքական դպրոցները բաւարար չէին կրթական ընդհանուր համակարգի զարգացմանը: Ըստ Միսաք Քէլէշեանի, կրթական պետական մարզին մէջ որոշ յառաջդիմութիւն կար մեծ քաղաքներու մէջ, բայց պատկերը տխուր էր գիւղային համայնքներուն կամ քաղաքային աւելի փոքր կեդրոններուն մէջ [5]:

Թրքական վարժարաններ

Սիսի թրքական դպրոցները ձրի են։ Սկզբնական շրջանին ասոնք կը ներկայացնեն կրօնական վարժարաններ (մետրեսէ), ուր կը դասաւանդուի նաեւ իսլամական աստուածաբանութիւն եւ հոգեւոր գիտելիքներ (Քուրանի ընթերցանութիւն եւ կրօնական դաստիարակութիւն)։ Վարժարանները գիշերօթիկ են գիւղերէն ժամանած տղոց համար, իսկ աշակերտները զերծ կը մնան բանակին մէջ ծառայելէ [6]:

Այս տեսակի հաստատութիւններէն է փոքր մզկիթին կողքին գտնուող Չամուրտանզատէներու մետրեսէն, ուր երկար տարիներ դասաւանդած է Սիւլէյման խօճան։ Մէկ այլ մետրեսէ կը գտնուի հին շուկային մէջ [7]։

Այս հաստատութիւններու կողքին քաղաքային մեծ կեդրոններու մէջ գոյութիւն ունին Ռիւշտիէները (4 տարի տեւողութեամբ բարձր նախակրթարան) եւ Իտատիէները (բարձրագոյն վարժարան)։ Ասոնք ենթակայ են պետական կրթական համակարգին (մէարիֆ) վերահսկողութեան: Այս հաստատութիւններուն մէջ կրթութիւն ստացողներէն շատեր հետագային պետական պաշտօններ կը ստանձնեն։ Այստեղ յաճախող աշակերտներուն շարքին կան նաեւ փոքրաթիւ քրիստոնեաներ: Սիսի մէջ չենք հանդիպիր Ռիւշտիէ կամ Իտատիէ հաստատութեան մը գոյութեան որեւէ արձանագրութեան [8]

1890-ականներու վերջերուն, Սիսի նոր կառավարիչ (միւթէսարըֆ)՝ Օմար փաշայի ջանքերուն շնորհիւ, ծայր կ՚առնեն կրթական բարեփոխումներ։ Այսպէս, 1897 թուականին, Սիսի մէջ կը բացուի թրքական առաջին նախակրթարանը (իպթիտաի)՝ կառավարական շէնքին հիւսիսային կողմը: Դպրոցը ունի իր պարտէզն ու ընդարձակ խաղավայրը։ Տնօրէնն է Ռումէլիէն գաղթական՝ Կէօք Ֆաքը, որ կը դասաւանդէ նաեւ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ [9]։

Եթէ մինչ այդ տեղի թուրք իգական սեռի ներկայացուցիչները զրկուած էին կրթութեան որեւէ հնարաւորութենէ, ապա Օմար փաշայի օրով նախակրթարանի կողքին կը ստեղծուի աղջիկներու վարժարանը՝ հին շուկային մէջ [10]: Գիւղական մետրեսէները հետզհետէ կը սկսին փոխարինուիլ տարրական դպրոցներով, որոնց միջոցով կրթական մակարդակն ու համակարգը աւելի կանոնաւոր կարգավիճակ մը ձեռք կը բերէ [11]: Եթէ նախապէս, զինուորի մը նամակը կարդալու համար գիւղէ գիւղ պէտք էր կարդալ գիտցող մը փնտռելու յոյսով, ապա 19-րդ դարու վերջաւորութեան Սիսի թուրքերուն մէջ կը սկսի տարածուիլ օրաթերթ կարդալու սովորութիւնը [12]:

1908-ին՝ Սահմանադրական կարգերու հաստատումէն ետք, պետական այս վարժարանները կը դառնան նաեւ այն միջավայրը, ուր հայ եւ թուրք կրթական մշակներ կամ պաշտօնեաներ կը համագործակցին եւ փոխադարձ յարաբերութիւններ կը ստեղծեն։ Այսպէս, Սիսի պետական նախակրթարան կը սկսին հրաւիրուիլ տեղւոյն հայ Ազգային վարժարանի հայ ուսուցիչները՝ տարեվերջի քննութիւններու եւ հանդէսներու առիթներով։ Այս մթնոլորտին արդիւնքն է, որ 1912-ին՝ օսմանեան բանակին կողմէ Էտիրնէի վերագրաւման առիթով, ուսուցիչ Փաշապէզեան կը պատրաստէ եւ Ազգային Վարժարանին մէջ կը բեմադրէ թրքերէն թատերգութիւն մը` ի նպաստ հայ եւ թուրք վարժարաններու սերտաճմանը [13]:

1908-էն ետք, թրքական, ինչպէս հայկական դպրոցներուն կը յատկացուի պետական նպաստ – մաարիֆէն –, [14] ինչ որ համեմատաբար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ կրթական մարզի կայունացման` յաղթահարելով ֆինանսական որոշ դժուարութիւններ:

Առաքելական վարժարաններ

Նախքան Սիսի մէջ հայկական դպրոցներու բարեփոխումներու նիւթին անդրադառնալը, կարեւոր է ներկայացնել նաեւ բարեփոխման փուլին նախորդող շրջանը, որ, Միսաք Քէլէշեանի գնահատմամբ, տխուր եւ խղճուկ վիճակ ունէր [15]: Այսպէս, «Սիս-Մատեան»ի հեղինակը տուեալ ժամանակահատուածին Սիսի մէջ եղած է աշակերտ՝ դաստիարակութեան նախնական մեթոտներով գործող տեղական հայկական նախակրթարանին մէջ, որուն տնօրէնն էր Մատթէոս էֆ. Աջապահեան (1827- 1927)։ Հետագային այստեղ կը դասաւանդեն նաեւ Յարութիւն Լաջինեան (սսեցի, 1872- ??), Յարութիւն Քէտէրեան (սսեցի, ծնած 1873-ին, կը սպաննուի 1915-ին) եւ Աբրահամ Խաչիկեան (սսեցի, 1875-1943) [16]: Իր յուշերուն մէջ Քէլէշեան կը գրէ թէ 4.5 տարի այստեղ սորվելէ ետք, տակաւին չէր տիրապետեր հայերէն խօսիլ-գրել-կարդալուն [17]: Քանի մը տարի այս դպրոցը յաճախելէ ետք, 1897-ի ամրան ան կը մեկնի Պոլիս` կրթութիւնը այնտեղ շարունակելու համար։ Այսպիսի հնարաւորութիւն կը տրուէր այն մեծաթիւ որբերուն, որոնք 1895-ի Համիտեան ջարդերու ժամանակ կորսնցուցած էին իրենց ծնողները [18]։ Հակահայ զանգուածային բռնութիւններուն հետեւանքով յառաջ եկած էր հազարաւոր հայ որբերու խնդիրը եւ ամէնուրեք կը բացուէին հայկական որբանոցներ։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը նոյնպէս ներքին գաւառներէն որբեր կը բերէ մայրաքաղաք եւ եւ իր վրայ կ՚առնէ անոնց դաստիարակման հոգը։ Քէլէշեան կորսնցուցած էր հայրը եւ այլ որբերու հետ կ՚ուղարկուի Արմաշի դպրեվանքը, ուրկէ շրջանաւարտ կը վերադառնայ Սիս 1903-ին [19]։

Մկրտիչ կաթողիկոս Քէֆսիզեան (1871-1894) (Աղբիւր՝ Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, Պէյրութ, 1949)

Այստեղ կարեւոր կը համարենք նաեւ անդրադառնալ տարբեր ժամանակներու մէջ Սիսի մէջ առնուած անհատական նախաձեռնութիւններու, որոնք կրթական մարզի զարգացումին եւ բարեփոխումին համար կարեւոր գործօններ եղած են: Այսպէս, 1840-ական թուականներուն Սիսի մէջ դասաւանդող ուսուցիչներէն կը նշուի Յարութիւն քահանայ Մխիթարեան, Չավտարեանը, Գրիգոր քահանայ Աջապահեանը, Չոլագ Սեդօն։ Ասոնք բոլորն ալ կը դասաւանդեն նախնական-տնային վարժարաններու մէջ։ Նոյն այս ժամանակներուն, Սիսի մէջ դպրոցական գործին զարկ կու տան նաեւ Կիրակոս Բ. եւ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսները [20]:

Պոլսոյ Միացեալ ընկերութիւնը, որ այդ ժամանակ իր հովանիին տակ առած է կայսրութեան տարածքին հայկական կրթութեան եւ դպրոցաշինութեան առաքելութիւնը, 1851 թուականին Կիլիկիա կը գործուղէ Մկրտիչ Խրիմեանը (Խրիմեան Հայրիկ, հետագային պատրիարք, ապա՝ կաթողիկոս), որպէսզի գնահատէ Կիլիկիոյ դպրոցներու վիճակը: Խրիմեան ցաւալի կերպով կը ներկայացնէ Սիսի կրթական վիճակը` մեղադրելով Միքայէլ Բ. Կաթողիկոսը (կը պաշտօնավարէ 1833-1855) անտարբերութեան եւ թուլութեան համար: Տարաձայնութիւններ ունենալով կաթողիկոսին հետ՝ Խրիմեան կը վերադառնայ Պոլիս [21]:

Սիս. նստած՝ Մատթէոս էֆենտի Աջապահեան եւ կինը՝ Վառվառ։ Ոտքի՝ անծանօթ մը (Աղբիւր՝ Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, Պէյրութ, 1949)

Այս անյաջող փորձէն ետք, Պատրիարքարանը Սիս կ՚ուղղարկէ կեսարացի Պետրոս վարժապետը (ամսական 500 ղուրուշ վարձատրութեամբ), սակայն անյայտ է, թէ ան որքան ժամանակ կը պաշտօնավարէ քաղաքին մէջ [22]:

Սիսի կրթական այս ոչ-զարգացած վիճակը պատճառ կ՚ըլլայ որ շատ մը ուսումնատենչ աշակերտներ եւ ուսանողներ այլ ճանապարհներ փնտռեն իրենց կրթութիւնը աւարտին հասցնելու կամ զայն կատարելագործելու համար: Երբ 1888 թուականին Տարսոնի (Թարսուս) մէջ կը հիմնուի ամերիկեան միսիոնարական Ս. Պօղոս գոլէճը, Սիսէն շատ մը ուսանողներ կը տեղափոխուին ծովեզերեայ այս քաղաքի նորաբաց հաստատութիւնը, որ հետագային կը դառնայ արեւելեան Կիլիկիոյ կեդրոնական վարժարանը [23]:

Տարսոն (Թարսուս) ամերիկեան գոլէճի սսեցի աշակերտները, 1919-1920։ Նստած, ձախէն աջ՝ Լեւոն Շահինեան, Գրիգոր Վահկացի, Մանասէ Սեւակ, Եղիա Արշակունի, Պարէֆ Պարէտեան, Գեղամ Կէքճեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Արամ Ֆերմանեան, Արսէն Քիւփէլեան, Արսէն Կէօքճեան, Էֆլաթոն Ֆարաճեան, Կարապետ Պէլաեան, Սարգիս Գոլեան, Կարապետ Էքիզեան (Աղբիւր՝ Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, Պէյրութ, 1949)

Սիսի վարժարաններուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական այս տարիներուն, տիրական լեզուն թրքերէնն է։ Ճիգեր եղած են թրքախօսութիւնը հայերէնով փոխարինելու, բայց հայերէնի դասաւանդումը այնքան թոյլ էր, որ թրքախօսութիւնը անմիջապէս կրկին տիրական դարձած է: Այս դրութիւնը փոփոխութիւն կը սկսի կրել միայն 20-րդ դարու սկիզբին [24]։

Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ որ 1908-էն առաջ՝ հայկական դպրոցներուն մէջ ամէն հանդէսի ժամանակ կ՚երգուէր Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ին նուիրուած թրքերէն քայլերգը [25]։ Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք (1909), Ատանա նահանգի կառավարիչ կը նշանակուի Ճեմալ պէյը (հետագային փաշա), որ 1910-ին այցելութիւն մը կու տայ Սիս։ Այս առիթով, հայ եւ թուրք երեւելիներ, ինչպէս նաեւ քաղաքին աշակերտութիւնն ու ուսուցչութիւնը զինք կը դիմաւորեն Սիսի կամուրջին առջեւ։ Այս առիթով հայ եւ թուրք աշակերտներ միասնաբար կ՚երգեն բարի գալուստի թրքերէն երգ մը, որուն բառերն են՝

Գանձեր՝ Սիսի կաթողիկոսութեան (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Photographien von Klaus E. Göltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Սէֆա կէլտինիզ Պէյմիզ փաշա,
Զէվք ու սիւրիւրլա սէն պինլէր եաշա,
Պիզ խաքի փայա եիւզլէր սիւրէրիզ,
Գուտումունուզու թէպրիք իտէրիզ,Թէշրիֆինզլէ սիզ պիզի պու կիւն,
Էհեա պույուրուպ էթտինիզ մէմնուն [26]

Թրքերէն տառադարձութիւն՝

Sefa geldiniz beyimiz paşa,
Zevk ve sururla sen binler yaşa,
Biz haki paya yüzler süreriz,
Kudumunuzu tebrik ederiz,
Teşrifinizle siz bizi bugün,
İhya buyurup ettiniz memnun.

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Բարով եկաք մեր պէյ փաշա,
Հաճոյքով եւ ուրախութեամբ դուն հազար ապրիս,
Խաքի (կամ զինուորականի) հագուստին մեր երեսները կը քսենք,
Ձեր ժամանումը կը շնորհաւորենք,
Հոս գալով դուք մեզի այսօր,
Պարգեւեցիք ուրախութիւն եւ երջանկութիւն:

Ազգային Վարժարան (հին վանքի շրջափակին մէջ)

Դպրոցաշինութեան առաջին լուրջ փորձը կը կատարուի 1873 թուականին՝ Քէֆսիզեան կաթողիկոսի օրով։ Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի կաթողիկոսին եղբօր՝ Մատթէոս Աջապահեանին, որուն բացած նոր դպրոցը կրնար ընդունիլ 50-60 աշակերտներ։ Այստեղ կը դասաւանդուի ընթերցանութիւն, գեղագրութիւն, իսկ իբրեւ դասագիրք կը գործածուի Սաղմոսն ու Գործք Առաքելոցը: Հաստատութիւնը կը գործէ հին վանքին մէջ։ Մատթէոս ժամանակին Պոլիս ղրկուած էր տեղւոյն Շահնազարեան վարժարանին մէջ (Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանին կտակով ստեղծուած հաստատութիւն մը) բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ Իրեն ընկերակցած է նաեւ Գրիգոր Կէօքճեան։ Սակայն մեզի անծանօթ պատճառներով անոնց ուսումը չափազանց կարճատեւ կ՚ըլլայ, կը վերադառնան Սիս, կ՚անցնին ուսուցչական գործի, բայց, ըստ Միսաք Քէլէշեանի, երկուքն ալ հայերէն լեզուին թերի կերպով կը տիրապետէին [27]։

Սիս, 1 Յունուար 1908. Ազգային վարժարանի հայ աշակերտներ։ Կեդրոնը նստած ուսուցիչներ (ձախէն աջ)՝ Յարութիւն Լաջինեան (հետագային Տէր Աւետիք քահանայ), Յարութիւն Օհանեան (Աղբիւր՝ Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, Պէյրութ, 1949)

1875 թուականին Սիսի հայ աղաներու դրամական օժանդակութեամբ հին վանքին այս շրջափակին մէջ կը կառուցուի երկյարկանի վարժարան մը, որուն սսեցիները կը սկսին տալ «մեծ դպրոց» անունը։ Այս հաստատութիւնն է որ հետագային պիտի կոչուի Ազգային վարժարան։ Առաջին յարկը կը յատկացուի մանկապարտէզին, նախակրթարան եւ միջին բաժիններուն, մինչ երկրորդը՝ բարձրագոյն բաժինին։ Դպրոցին կալուածը նուէր էր Մինաս աղա Եաղլեանի կողմէ։ Հին վանքը կը գտնուի քաղաքին հարաւ-արեւմուտքը, լերան լանջին, բարձրադիր վայրի մը վրայ։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը այստեղ տակաւին կար կիսաւեր եկեղեցի մը, որուն գաւիթին մէջ թաղուած են կաթողիկոսներ եւ եպիսկոպոսներ։ Կիրակոս Ա. Կաթողիկոսի օրով (1797-1822) կը կառուցուի պարսպապատ նոր վանքը՝ քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, կաթողիկոսութիւնը կը փոխադրուի այնտեղ, իսկ վարժարանը կը շարունակէ մնալ հին վանքին շրջափակին մէջ [28]։

Միսաք Քէլէշեանի համաձայն, վարժարանին մանկապարտէզի բաժինը բաւական թոյլ եղած է։ Այստեղ դասաւանդած ուսուցիչներէն է Յարութիւն Երէպագանեան (Թօփալ վարժապետ) եւ Հաճը Անանիկեան։ Հարիւրէ աւելի փոքրիկներ կը հաւաքուին առաջին յարկին վրայ գտնուող ընդարձակ եւ բաւական մութ սրահին մէջ, կը նստին գետինը, իւրաքանչիւրին վիզէն պարանով մը կախուած կ՚ըլլայ քառակուսի տախտակ մը, որուն վրայ գրուած է հայերէն այբուբենը։ 1-2 տարի այստեղ սորվելէ ետք, երախան կ՚անցնի աւելի բարձր դասարան մը, որ կը կոչուի «Միջին վարժարան»։ Այս մէկը աւելի լուսաւոր եւ օդասուն տեղ մըն է, բայց ձմեռ ատենները չափազանց պաղ կ՚ըլլայ։ Դասարանին մէջ կայ ջերմոց մը, որուն կողքին կը նստի ուսուցիչը, բայց ձմեռ եղանակներուն անիկա բաւարար չէ սրահը տաքցնելու։ «Միջին վարժարան»ին մէջ կը գործածուի Ընթերցարան կոչուող դասագիրք մը, որուն ծառայութիւնը կը տեւէ 3-4 տարի: Այս բաժինին մէջ կը դասաւանդուի նաեւ քերականութիւն, կրօնք, թուաբանութիւն, գրավարժութիւն [29]:

Սիս/Քոզան, ca 1920։ Սլաքը ցոյց կու տայ Ազգային վարժարանի շէնքը (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Ուսուցիչը – զոր կ՚անուանեն նաեւ էֆենտի - ազատ է եւ՝ իրաւասու ամէն տեսակ պատժամիջոցներ կիրարկելու: Ծնողները երբ իրենց զաւակները առաջին անգամ դպրոց կը բերեն, սովորութիւն ունին ուսուցիչին ըսել՝ «էթի սէնին, քէմիկի պէնիմ» (Eti senin kemiği benim, Միսը քեզի ոսկորը ինծի)։ Քէլէշեանի մանկական յուշերուն մէջ վառ կը մնայ նռնենիի ճիւղէն շինուած գաւազանը, որուն հետ ուսուցիչներ իրենց աշակերտները կը ծեծէին գործուած նուազագոյն սխալի մը պատճառով։ Ծանօթ պատիժներէն են նաեւ ծունկի գալը, մէկ ոտքի վրայ կանգնիլը, մէկ կամ երկու ձեռքով մեծ քար մը գլուխէն վեր բռնելը, ճաշէ զրկուիլը։ Ուսուցիչը սովորութիւն ունի նաեւ աշակերտներուն ապտակելու, անոնց վրայ թքնելու, իսկ հազուադէպօրէն ալ կը գործածէ ֆալախայի պատժամիջոցը։ Կայ նաեւ հաւաքական պատժաձեւ մը, որն է՝ արձակուրդի ժամանակ վարժարանի շրջափակին մէջ գտնուող բանջարանոցին մէջ աշխատիլը [30]։

Ուսուցիչները օրական դրութեամբ նուէրներ կը ստանան ծնողներէն։ Ասոնք ընդհանրապէս ուտելիքներ են կամ ջերմոցին համար վառելափայտ։ Նուէրներ կը ստանան յատկապէս Կաղանդին՝ թաշկինակներու, գուլպաներու, բազմաթիւ պտուղներու եւ անուշեղէնի ձեւին տակ [31]:

1881 թուականին ուսուցչութեան պաշտօնի կը հրաւիրուի Եսայի Բօլատեան, որ Կէօքսունէն (Կոկիսոն) է եւ շրջանաւարտ՝ Պոլսոյ Շահնազարեան վարժարանէն: Այս ժամանակներուն Պոլսոյ Միացեալ ընկերութիւնը, յանձինս իր կրթական քննիչներուն՝ Գրիգոր Սանտալճեանի եւ Վահան Քիւրքճեանի, մօտէն կը հետաքրքրուէր Սիսի կրթական իրավիճակով։ Բօլատեանի նման վաստակաւոր ուսուցիչի մը Սիս հաստատուիլը փաստօրէն արդիւնքն էր Միացեալ ընկերութեան կրթական բարեկարգումի ճիգերուն [32]։ Օգնական ուսուցիչ կը նշանակուի Յովհաննէս Նալպանտեան, ապա՝ Յովհաննէս Խերոյեան, որ Էջմիածնի ճեմարանէն թերաւարտ էր։ 1890-1895 նախակրթարան բաժինին մէջ կը դասաւանդէ Յարութիւն Քէտէրեան (կը սպաննուի 1915-ին)։

Բօլատեանի տնօրէնութեան շրջանին դպրոցը կը ստանայ կանոնաւոր տեսք: Վարժարանը կը բաժնուի երեք գլխաւոր դասարաններու, որոնք կը կոչուին Ա, Բ, Գ։ Վերջին դասարանը բարձրագոյնն է, որ առաջին տարին կ՚ունենայ 16 աշակերտներ։ Ասոնց շարքին են՝ Տիգրան Գասարճեան (մանիֆաթուրայի վաճառական), Սարգիս Փաշապէզեան (բժիշկ), Կարապետ Փաթաթեան, Աբրահամ Խաչիկեան (վկայեալ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանէն), Նազարէթ Աջապահեան, Փանոս Վակիմեան, Յարութիւն Օհանեան, Յարութիւն Քէտէրեան, Յարութիւն Լաջինեան (հետագային՝ Տէր Աւետիք քահանայ), Կարապետ Ազիրեան, Գրիգոր Նալպանտեան, Սողոմոն Գույումճեան, Մանուէլ Աջապահեան, Սեդօ Պօյաճեան եւ Գէորգ Գալայճեան [33]: Այլ խօսքով Սիսի հայերու ապագայ վերնախաւի կարեւորագոյն դէմքերէն շատեր այս վարժարանի շրջանաւարտներ են [34]։

Դպրոցէն ներս կը դասաւանդուի հայերէն, թրքերէն, քերականութիւն, թուաբանութիւն, ֆրանսերէն, գեղագրութիւն եւ Աստվածաշնչեան պատմութիւններ: Ամէն տարի կը սկսին դպրոցէն դուրս գալ մօտ 15 շրջանաւարտներ, որոնցմէ ոմանք կը շարունակեն իրենց կրթութիւնը` ստանալով բժիշկի կամ վաճառականի մասնագիտութիւն: Այս դպրոցին եւ անոր շրջանաւարտներուն ճամբով երկար ժամանակներէ ի վեր առաջին լուրջ փորձը կ՚ըլլայ թրքախօս միջավայրի մը մէջ հայերէն լեզուն տարածելու [35]:

Կրթական գործին նոր զարկ տալու նպատակով Սիսի աղաները Պոլիս կ՚ուղարկեն տեղի երիտասարդներէն Սողոմոն Գույումճեան (1872-1911), Մկրտիչ Գույումճեան (1875-1936), Գրիգոր Փաշապէզեան (1871- ??) եւ Աբրահամ Խաչիկեան (1875-1943)՝ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ իրենց ուսումը ստանալու համար։ Այս խումբէն միայն Աբրահամ Խաչիկեանն է որ շրջանաւարտ դուրս կու գայ պոլսական կրթական բարձրագոյն այս օճախէն [36]։

Բօլատեան երաժիշտ էր, այնպէս որ դպրոցէն ներս կը սկսի դասաւանդել նաեւ եկեղեցական երգեցողութիւն եւ հայկական հայրենասիրական երգեր [37]։

Բօլատեանի պաշտօնավարութիւնը դժբախտ աւարտ մը կ՚ունենայ։ Այսպէս, աշակերտ մը՝ Պետրոս Ճինպետրոսեան, ուսուցիչին կողմէ կը պատժուի, որուն հետեւանքով կը հիւանդանայ ու քանի մը շաբաթ վերջն ալ կը մահանայ։ Աշակերտին մօրեղբայրը՝ Գրիգոր Գույումճեան, Սիսի հայ աղաներէն էր։ Ան կ՚ուզէ մեռելը թաղել հին վանքին մէջ, հոն ուր գոյութիւն ունէր նաեւ դպրոցը։ Փափաքը կը մերժուի եւ հակամարտութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծուի, մանաւանդ որ Գրիգոր աղան կաթոլիկ եկեղեցիին յարած էր եւ այս ձեւով իր դէմ հանած էր հայ զանազան աղաներ։ Գրիգոր աղան կը դիմէ պետական դատարան։ Պետական բժիշկը կը հաստատէ որ երախան մահացած է թոքատապէ։ Մօրեղբայրը դժգոհ այս տեղեկագիրէն, այս անգամ կը դիմէ Վերաքննիչ ատեանին, Ատանայէն բերել կու տայ բժիշկ, դարձեալ դիազննութիւն կը կատարուի, մինչեւ իսկ մեռելին սիրտը կ՚ուղարկուի Պոլսոյ բժշկական վարժարանը եւ այս բոլորէն ետք կը հաստատուի որ երախան մահացած է ծեծի ազդեցութեան տակ։ Միացեալ ընկերութիւնը եւ Սիսի հայ երեւելիները կը փորձեն պաշտպանել Բօլատեանը, բայց այս վերջինը ի վերջոյ իբրեւ մեղաւոր կը ձերբակալուի եւ 2-3 տարի կը բանտարկուի [38]։

Բօլատեանի հեռացումը պատճառ կ՚ըլլայ որ Միացեալ ընկերութիւնը 1891-ին դադրեցնէ իր նպաստը Սիսի վարժարանին։ Հաստատութիւնը կը յանձնուի Մաթէոս Աջապահեանի, Մինաս Թուրսարգիսեանի և Կարապետ Եզեկելեանի տնօրինութեան։ Բօլատեանի մեկնումէն ետք, Ազգային վարժարանէն կը հեռանայ նաեւ Յովհաննէս Խերոյեան [39]։

Սիսի Ազգային վարժարանը բարեկարգումի նոր փուլ մը կը մտնէ, երբ 1903-ին, Արմաշի դպրեվանքին մէջ կրթութիւն ստացած 4 սսեցի երիտասարդներ – որոնց շարքին Միսաք Քէլէշեան - կը վերադառնան իրենց քաղաքը, կը նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին եւ կարգի կը դնեն վարժարանին նախակրթարանը [40]: Քէլէշեան իր պաշտօնավարութեան սկիզբի փուլին ամսական կը ստանայ 80 ղուրուշ, որ, այդ ժամանակներու համար, բաւական չնչին գումար կը համարուի։ Հետագային, այս վարձատրութիւնը փոքր չափով կ՚աւելնայ, սակայն ակնյայտ է, որ Քէլէշեանի նման Արմաշ ուսանած որակեալ ուսուցիչները միշտ ալ դժգոհ են Սիսի Ազգային վարժարանին ընդհանուր իրավիճակէն [41]։ Հոգաբարձուները յաճախ կ՚ուշացնեն անձնակազմի համար յատկացուած ամսականը, իսկ հոգաբարձուներու միջեւ տիրող ներքին հակամարտութիւններու պատճառով միշտ ալ կը տուժէ վարժարանը։ Վստահաբար այսպիսի պայմաններն են, զորս որակեալ կարգ մը տեղացի ուսուցիչները կը մղեն հեռանալու քաղաքէն եւ իրենց կրթական գործունէութիւնը այլ տեղ շարունակելու [42]։

1919 թուականին Ցեղասպանութեան վերապրած Սիսի հայերուն մնացորդները կը վերադառնան իրենց հայրենի քաղաքը եւ ֆրանսական գրաւեալ բանակներու իշխանութեան տակ ծայր կ՚առնէ նոր կեանք մը։ Ազգային վարժարանը կիսաքանդ վիճակի մէջ էր։ Այս պայմաններուն մէջ շէնքը ամբողջութեամբ կը քանդուի եւ նոյն վայրին վրայ կը բարձրացուի նախկինէն աւելի մեծ երկյարկանի կառոյց մը։ Առաջին յարկի ընդարձակ սրահը կը յատկացուի մանկապարտէզի, իսկ վերի յարկի երկու սենեակները կը տրամադրուին նախակրթարան բաժինին [43]։ Վարժարանին այս նոր կեանքը կարճատեւ կ՚ըլլայ, նկատի ունենալով որ 1920 Մայիսին Սիսի հայութիւնը կը ստիպուի լքել իր քաղաքը ու հեռանալ ֆրանսական նահանջող զօրքերուն հետ միասին։

Ազգային վարժարանին մէջ դասաւանդած ուսուցիչներէն յիշենք նաեւ՝ Կարապետ Եզեկելեանը (սսեցի, 1844-1939), Փանոս Վակիմեանը (սսեցի), Յարութիւն Օհանեանը (սսեցի, 1870-1922), Կարապետ Նահարեանը (1880-կը սպաննուի 1915-ին), Պետրոս Աթմաճեանը (1882-կը սպաննուի 1915-ին), Միսաք Գույումճեանը (1898- ??), Յարութիւն Պալեան (սսեցի, 1885- ??), Արտաշէս Տիքադանեանը (1893-1925), Գրիգոր Չալգեանը (1890-1921), Մաթէոս Երէցեանը (պոլսեցի, 1912-ին մէկ տարի կը վարէ վարժարանին տնօրէնութիւնը), Յակոբ Մէյվալեանը (զէյթունցի), Կարապետ Նաճարեանը (1880-կը սպաննուի 1915-ին), Սիրական Օրջանեանը (մարաշցի, հետագային Տէր Մեսրոպ քահանայ), Հայկազուն Յակոբեանը (էվերէկցի), Պետրոս Չօլագեանը (հաճընցի, երգեցողութեան ուսուցիչ, կը սպաննուի 1915-ին), Արշակ Չօլագեանը (հաճընցի, կը սպաննուի 1915-ին), Միսաք Դագէսեանը (հաճընցի), Յարութիւն Էրզինլեանը (սսեցի) [44]։

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տղոց վարժարան

Այս դպրոցին մասին տեղեկութիւնները հազուագիւտ են։ Հաւանաբար Սիսի մէջ հիմնուած հայկական առաջին կրթական հաստատութիւններէն է։ Կ՚ենթադրուի որ անիկա գործած է 1870-ական թուականներուն։ Այստեղ միջոց մը պաշտօնավարած է Եսայի Բօլատեան՝ նախքան Ազգային վարժարան փոխադրուիլը։ 1885-ին այստեղ կը դասաւանդէ նաեւ Սմբատ Բիւրատ (1862-1915)։ Հետագային տղոց բաժինը կը փակուի, աշակերտները կը սկսին յաճախել Ազգային վարժարան, իսկ նոյն այս շէնքին մէջ կը բացուի Սիսի աղջկանց վարժարանը [45]։

Սսեցի երեք քոյրեր (անոնցմէ երկուքը իրենց դպրոցական տարազով), լուսանկարուած Ատանայի մէջ, մօտաւորապէս 1919-1920։ Ձախէն աջ՝ Բագեզար Վարդանեան (հետագային Ապումարաքեան, ծն. 1893, Սիս), Արուսեակ Վարդանեան, Լիա Վարդանեան (հետագային Գազանճեան) (Աղբիւր՝ Յուշամատեանի հաւաքածոյ, Պերլին. շնորհակալութիւններ Վիքթորիա Ապումարաքեանի, Պուրճ Համուտ, Լիբանան)

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աղջկանց վարժարան

1880-ական տարիներուն, աղջիկներու վարժարան մըն ալ կը հիմնուի քանի մը երիտասարդներու միջոցով, որոնք տունէ տուն այցելելով՝ գումար կը հաւաքեն յանուն կառուցուելիք նոր հաստատութեան: Այս երիտասարդներէն կը յիշուին՝ Տիգրան Գասարճեան, Սարգիս Փաշապէզեան, Պօղոս Միքայէլեան (սսեցի, 1846-կը սպաննուի 1915-ին)։ Դպրոցը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող բաւական ողորմելի սրահ մըն է։ Այստեղ 100-ի չափ աղջիկներ դասընթացքներ կը ստանան Տիկին Դշխոյ Կիւլլիւճեանէն (հաճընցի, կը սպաննուի 1915-ին) [46]։ Հետագային այս պաշտօնը կը վարէ Բիբէ Գասարճեան [47]։

Քանի մը տարի ետք այս վարժարանը կը փոխադրուի Ս. Սարգիս եկեղեցիին կից սրահը, որ մինչ այդ տղոց նախակրթարանն էր [48]։

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տղոց վարժարան

1887 թուականին կը բացուի Ս. Սարգիս եկեղեցիին կից մէկ այլ թաղային կամ ծխական վարժարան` 2 ուսուցիչներով, որոնք նոյնպէս Մատթէոս Աջապահեանն ու Գրիգոր Կէօքճեանն են։ Միսալ Քէլէշեան դիտել կու տայ որ ուսուցիչները թրքախօս էին եւ իրենց իմացած հայերէնը մեծապէս թերի էր։ Դպրոցական հադէսներուն կ՚արտասանուին յատուկ այս առիթով պատրաստուած թրքերէն արտասանութիւններ [49]։

Դպրոցին անդրանիկ հանդէսէն ետք, կ՚որոշուի կազմել Ս. Սարգիսի դպրոցին խնամակալութեամբ զբաղող կրթասիրաց միութիւն մը, որուն կ՚անդամակցին՝ Յակոբ Նալպանտեան (1830-1907), Կարապետ Փաշապէզեան (1820-1920), Կարապետ Ֆերմանեան (1847-1907), Սահակ Գասարճեան, Խաչիկ Խաչիկեան, Ստեփան Ազիրեան (1851-1931), Գրիգոր Կէօքճեան (1847-1927)։ Նորաստեղծ միութիւնը դպրոցին օգտին կը կատարէ հանգանակութիւն, որուն կը մասնակցի Կարապետ Փաշապէզեան՝ 10 օսմանեան ոսկի գումարով։ Անմիաջապէս շինարարական աշխատանքները ծայր կ՚առնեն եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին կողքին այս անգամ կը կառուցուի երկյարկանի վարժարան մը [50]։

Նոր ուսուցիչ կը նշանակուի Տիրացու Յովհաննէս Փասլը Քէյիշեան։ Աւելի ուշ այս հաստատութեան տնօրէն կը նշանակուի Համբարձում Պօյաճեան (Մուրատ), որ երկու տարի կը մնայ այս պաշտօնին վրայ [51]։ Երբ հին վանքի կից Ազգային վարժարանը կը սկսի բնականոն գործել, Ս. Սարգիս հաստատութիւնն ալ կը փակուի եւ աշակերտները կը փոխադրուին Սիսի մեծագոյն հայկական դպրոցը [52]։

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ աղջկանց վարժարան

Այս հաստատութիւնը աղջկանց առջեւ բացուած կը յայտարարուի, երբ առական սեռի աշակերտները նոյն այս տեղէն կը փոխադրուին Ազգային վարժարան։ Դպրոցը կ՚ունենայ 100-է աւելի աշակերտուհիներ, որոնց դաստիրակութեամբ կը զբաղուին երեք ուսուցչուհիներ։

1908-էն ետք կը գնուի եռայարկ եւ նորաշէն կառոյց մը, որ կը գտնուէր քաղաքին Հաճը Ուշաղը թաղամասին մէջ եւ կը պատկանէր Էօզեհիր Հոճային։ Նոր շէնքը կը յատկացուի աղջկանց վարժարանին եւ Ս. Սարգիսի դպրոցը այս առիթով կը փակուի։ Նորաբաց հաստատութիւնը կ՚ունենայ աւելի քան 250 աշակերտուհիներ՝ 4-5 ուսուցչուհիներով։

1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, սսեցի վերապրող տարագիրներ կը վերադառնան իրենց քաղաքը, իսկ աղջկանց այս վարժարանն ալ կը վերաբացուի։ Բայց հազիւ տարի ու կէս ժամանակ ետք, մօտակայ Կարս-Պազարէն հայ գաղթականներ ապաստան կը գտնեն Սիս եւ անոնցմէ շատեր կը հաստատուին աղջկանց վարժարանին մէջ, այս ձեւով վերջ տալով դասընթացքներուն [53]։

Աղջկանց վարժարանի ուսուցչուհիներէն կը յիշուին նաեւ՝ Եփիմէ Կիւլլիւնեան (սսեցի), Աննիկ Պապինէկեան (սսեցի, կը սպաննուի 1915-ին), Հայկանուշ Աւշարեան (սսեցի), Ազնիւ Գասարճեան (սսեցի), Արմենուհի Փաշապէզեան (սսեցի), Եփրուհի Ֆէրմանեան (այնթապցի), Տիգրանուհի Փաշապէզեան (ատանացի), Վերժին Միրիճեան (ատանացի), Եփրոս Թիւթիւնճեան (ատանացի), Գոհար Արշակունի (սիսեցի), Մարիամ Կիւլէսէնեան (սսեցի), Զապէլ Ֆէրմանեան (սսեցի), Արուսեակ Նաճարեան, ծնեալ Կէօքճեան (1887-կը սպաննուի 1915) [54]։

Սահմանադրական վարժարան

Այս դպրոցին հիմնադրութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն է։ Կը զուգադիպի կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգերու հաստատումին յաջորդող ժամանակաշրջանին, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները նպատակ դարձուցած են իրենց ազդեցութեան տակ գտնուող կրթական հաստատութիւններ ունենալ։ Այս իմաստով ալ անոնք կը փորձեն ազդեցութիւն գործել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող դպրոցներու վրայ, կամ ալ՝ հիմնել նոր վարժարաններ։

Նորաբաց դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Յովհաննէս Խերոյեան (1855-1935)։ Այստեղ կը դասաւանդէ նաեւ Յարութիւն Լաջինեան։ Մէկ տարեշրջան գործելէ ետք, դպրոցը կը փակուի նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով [55]։

Բողոքական վարժարան

Սիսի մէջ բողոքական առաջին վարժարանը կը բացուի Վերապատուելի Սարգիս Թորանեանի օրով։ Այնթապի մէջ ուսում առած բողոքական այս կրօնաւորը Սիս հաստատուելէն կարճ ժամանակ ետք 1870-ական թուականներուն կը գնէ Ասլան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Մուլլա Օմարի բնակարանը, որոշ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկէ զայն, նորոգել կու տայ եւ ապա այս կառուցուածքը կը հռչակուի բողոքականներու ժողովարան, որն առաջինն էր քաղաքին մէջ։ Յաջորդ տարիներուն յարակից հողատարածքներ ալ կը գնուին եւ ասոնց վրայ կը ծրագրուի կառուցել այս անգամ երկյարկանի շէնք մը, որուն վարի յարկը պիտի ըլլար բողոքականներու դպրոցը, իսկ վերի յարկը՝ նոր ժողովարանը [56]։

Սակայն շուտով Սիսի կաթողիկոսարանի բողոքներուն պատճառով շինութիւնը անաւարտ կը մնայ։ Շինարարական աշխատանքները վերստին ծայր կ՚առնեն այս անգամ կառավարիչ Ռիզա փաշայի հրամանով եւ իրենց աւարտին կը հասնին 1874-ին: Դպրոցին մէջ նոյն յարկին վրայ աղջկանց եւ տղոց առանձին դասարաններ կային։ Հետագային, Վերապատուելի Յակոբ Գումրուեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին, աղջկանց վարժարանը կը փոխադրուի Մուլլա Օմարի նախկին ժողովարանի վարի յարկը, իսկ վերի յարկն ալ կը վերածուի երիցատան [57]։

Էջ մը Բարձրբերդի Աւետարանէն, 1248, Հռոմկլա, «Կիլիկիա» թանգարան, Անթիլիաս, Լիբանան (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Photographien von Klaus E. Göltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Տղոց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրած է Մելանքթոն Գրիգորեան (Տարսոնի գոլէճէն շրջանաւարտ)։ Անոր ճիգերով, վարժարանի 1910-ի շրջանաւարտներէն եօթ անձեր կ՚ուղարկուին Տարսոնի գոլէճ՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու համար։ Ասոնք են՝ Գրիգոր Շահինեան, Վարդան Վարդանեան, Յակոբ Ֆարաճեան, Փանոս Ֆարաճեան, Կիրակոս Ֆարաճեան (1896- ??), Համբարձում Աւետիքեան, Մանասէ Գարակէօզեան (Մանասէ Սեւակ, 1897-1967) [58]։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, երբ Սիսի հայութիւնը կը տեղահանուի, բողոքականներու տղոց վարժարանը կը վերածուի թրքական դպրոցի։ Զինադադարէն ետք հայ վերապրողներ կը վերադառնան Սիս, բողոքականները կը վերաբանան իրենց վարժարանները, ուր ուսուցչութիւն կ՚ընեն Կիրակոս Ֆարաճեան եւ Ա. Վարդանեան՝ յաջորդաբար տղոց եւ աղջկանց վարժարաններուն մէջ։ 1920-ին, Սիսի հայերը վերստին կը հեռանան իրենց հայրենի քաղաքէն եւ այս ձեւով սոյն կրթական հաստատութիւնները վերջնականապէս կը փակուին [59]։

Կաթոլիկ վարժարան

Սիսի հայ կաթոլիկ համայնքը կը հիմնուի 1866 թուականին՝ այստեղ ժամանած Գաբրիէլ քահանայ Քէչէճեանի եւ հայր Մարչելինոյի (ֆրանսիսքեան ուխտէն) կողմէ: Կաթոլիկներու առաջին եկեղեցին կը հիմնուի Ասլան փաշա թաղամասին մէջ՝ հին խանի մը գետնին վրայ։ Եկեղեցւոյ կողքին հետագային կը կառուցուի նաեւ կաթոլիկ փոքրիկ վարժարանը, որ կ՚ունենայ 20-30 աշակերտներ: Մինեւ 1890-ական թուականներու վերջը այստեղ կը դասաւանդեն Սեպուհ եւ Գրիգոր Թէլլալեան եղբայրները, ապա՝ Յակոբ Մէյվէլեանը (Պտղունի) [60]:

Ժառանգաւորաց վարժարան

Ժառանգաւորաց վարժարանը առաջին անգամ կը հիմնուի Կիրակոս Բ. Աջապահեանի կաթողիկոսութեան օրով (1855-1866) [61]։ Բայց դպրեվանքը չի գոյատեւեր եւ անմիջապէս կը փակուի։ Երկրորդ փորձ մը կ՚ըլլայ Մկրտիչ կաթողիկոս Քէֆսիզեանի օրով (1871-1894), բայց փոխանակ Սիս քաղաքին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը այս անգամ կը բացուի 1871-ին, Այնթապի մէջ։ Քանի մը տարի գործելէ ետք, այս ալ կը փակուի 1875-ին՝ նիւթական միջոցներու բացակայութեան պատճառով։ Նոյն փորձը կը կատարուի նաեւ Մարաշի մէջ, բայց այս դպրեվանքն ալ միայն 5 տարիներու կեանք մը կ՚ունենայ։ Ժառանգաւորացին թափառական կեանքը կը շարունակուի Հաճընի մէջ, տեղավայր ունենալով քաղաքին Ս. Յակոբ վանքը։ Բայց վանքին թաղամասը հրդեհի մը հետեւանքով կ՚աւերուի, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ 1882 թուականին Ժառանգաւորացը վերաբացուի Սիսի մէջ՝ 35 աշակերտներով։ Հաստատութիւնը կը փակուի 1890-ին։ Մինչեւ այս թուականը Ժառանգաւորացէն շրջանաւարտ դուրս կու գան Ներսէս Եպս. Դանիէլեան, Խորէն Եպս. Դիմաքսեան, Եղիշէ Եպս. Կարօեան։ Հաստատութիւնը յաճախած աշակերտներէն են նաեւ՝ Վահան Քիւրքճեան եւ Ա. Նազար։ Դպրեվանքին մէջ ուսուցչութիւն ըրած են՝ Յովհաննէս քհնյ. Վարժապետեան (տեսուչ), Նշան Թերզեան, Տիգրան Չուքասըզեան, Միքայէլ Կազմարարեան, Սարգիս Սամուէլեան, Թորոս Նահիկեան, Կարապետ Նալչաճեան, Գարեգին Եսայեան, Ճէմիլ, Կարապետ Կարագեան, Արմէն Լուսինեան [62]։

Սիս/Քոզան, մօտաւորապէս 1920։ Պատկերին խորքին կ՚երեւի Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Ժառանգաւորացը կը վերաբացուի 1899-ին, այն պահուն երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական գահը թափուր կը մնար՝ Քէֆսիզեան կաթողիկոսին վախճանումէն ետք։ Այս անգամ նախաձեռնողը կ՚ըլլայ Կիրակոս Եպս. Բեքմէզեանը (1822-1904) [63]։ Կը սկսին յաճախել 18-20 աշակերտներ՝ Ատանայէն, Տէօրթ-Եօլէն, Կիւրինէն, Եօզղատէն, Սիսէն, Այնթապէն, Մարաշէն։ Առաջին տարին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Հրանդ վարդապետ, որուն, 1900 թուականին, կը յաջորդէ Եսայի Փօլատեան, ապա՝ Մեսրոպ վարդապետ Ամատունի։ Օգնական ուսուցիչներ են՝ Մարտիրոս Նէրէտէեանը եւ Յարութիւն Քէտէրեանը։ Նոյն ժամանակներուն որբանոց մըն ալ գոյութիւն ունեցած է վանքին շրջափակէն ներս, ուր հոգ կը տարուէր մօտ 25-50 որբերու։ Այս հաստատութիւնը հիմնուած է 1899-ին եւ գլխաւոր նուիրատուն էր Գրիգոր Ջանշեան (Մոսկուա ապրող հայ մը)։ Որբանոցին տեսուչն էր Հրանդ Վրդ. Թօփուզեան [64]։

Սահակ Խապայեան, 1902 թուականին Կիլիկիոյ Աթոռի կաթողիկոս ընտրուելէ ետք Ժառանգաւորացի ուսանողները կը ստիպուի ցրուել իրենց տուները եւ հաստատութիւնը ժամանակաւորապէս փակել։ Ան անընդունելի կը համարէ դպրոցական շէնքին պայմանները եւ աշակերտներուն նկատամամբ հոգատարութեան անբաւարութիւնը։ Ամբողջ հաստատութիւնը կը գտնուէր ողորմելի վիճակի մը մէջ։ Կաթողիկոսը անմիջապէս գործի կ՚անցնի նիւթական միջոցներ ապահովելու նպատակով եւ հաստատութիւնը բարեկարգուած պայմաններու մէջ կը վերաբացուի 1904-ին [65]։

Այս նոր շրջանին, Գարեգին վրդ. Խաչատուրեան (1880, Տրապիզոն-1961, Պոլիս), որ հետագային կը դառնայ Պոլսոյ Պատրիարք, քանի մը տարի վարած է Ժառանգաւորացի տեսուչի պաշտօնը՝ 1906-1909։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Հրանդ Վրդ. Կարօեան եւ Յարութիւն Քէտէրեան [66]։

1. Սիս, կաթողիկոսարանը (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale - USJ, Պէյրութ)
2. Սիս, ընդհանուր պատկեր։ Լուսանկարը առնուած է կաթողիկոսարանի շէնքէն (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale - USJ, Պէյրութ)

  • [1] Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, տպ. «Հայ Ճեմարան», Պէյրութ, 1949, էջ 473:
  • [2] Սիսը յայտնի էր իր մասնագիտացուած բարձրագոյն դպրոցներով, որոնցմէ մէկը եղած է Ներսէս Լամբրոնացիի հիմնած աշխարհիկ համալսարանը։
  • [3] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 473:
  • [4] Նոյն:
  • [5] Նոյն, էջ 469:
  • [6] Նոյն, էջ 470:
  • [7] Նոյն, էջ 470, 493:
  • [8] Նոյն, էջ 470:
  • [9] Նոյն, էջ 493-494:
  • [10] Նոյն, էջ 494:
  • [11] Նոյն, էջ 494:
  • [12] Նոյն:
  • [13] Նոյն:
  • [14] Նոյն, էջ 494:
  • [15] Նոյն, էջ 484:
  • [16] Նոյն, էջ 484, 307
  • [17] Միսաք Քէլէշեան, Ինքնակենսագրութիւն, Պէյրութ, 1951, էջ 27։
  • [18] Նոյն, էջ 26։
  • [19] Նոյն։
  • [20] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 473:
  • [21] Նոյն, էջ 473-474:
  • [22] Նոյն:
  • [23] Նոյն, էջ 484:
  • [24] Նոյն:
  • [25] Նոյն, էջ 471-472:
  • [26] Նոյն, էջ 472:
  • [27] Նոյն, էջ 474։
  • [28] Նոյն էջ 476, 479; Կիլիկեան կսկիծներ, 1903-1915, տպ. Հրազդան, Պէյրութ, էջ 19։
  • [29] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 476, 479, 490:
  • [30] Նոյն, էջ 480:
  • [31] Նոյն:
  • [32] Նոյն, էջ 475-476:
  • [33] Նոյն, էջ 476:
  • [34] Նոյն, էջ 476, 479:
  • [35] Նոյն, էջ 476:
  • [36] Նոյն, էջ 478-479։
  • [37] Նոյն, էջ 476:
  • [38] Նոյն, էջ 476։
  • [39] Նոյն, էջ 476-477։
  • [40] Նոյն, էջ 480:
  • [41] Քէլէշեան, Ինքնակենսագրութիւն, էջ 80-85; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 480։
  • [42] Քէլէշեան, Ինքնակենսագրութիւն, էջ 80-85։
  • [43] Նոյն, էջ 482։
  • [44] Նոյն, էջ 489-493։
  • [45] Նոյն, էջ 476, 482։
  • [46] Նոյն, էջ 482, 492։
  • [47] Նոյն, էջ 476, 482, 492։
  • [48] Նոյն, էջ 482:
  • [49] Նոյն, էջ 474։
  • [50] Նոյն, էջ 474-475:
  • [51] Նոյն, էջ 475, 487:
  • [52] Նոյն, էջ 482։
  • [53] Նոյն, էջ 482-483։
  • [54] Նոյն, էջ 492-493։
  • [55] Նոյն, էջ 482, 490։
  • [56] Նոյն, էջ 355։
  • [57] Նոյն, էջ 355-356։
  • [58] Նոյն, էջ 357։
  • [59] Նոյն, էջ 358։
  • [60] Նոյն, էջ 350-352։
  • [61] Նոյն, էջ 240։
  • [62] Նոյն, էջ 253։
  • [63] Նոյն, էջ 258։
  • [64] Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 16, 17; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 258, 275։
  • [65] Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 18, 63։
  • [66] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 234, 266; Կիլիկեան կսկիծներ, էջ 75։