Սիս – Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 4/9/13 (վերջին փոփոխութիւն՝ 4/9/13)

Սիս/Քոզան, ca 1919-1920 (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure. Fonds Gabriel Bretocq)

Իր ժողովրդային բժիշկներով ծանօթ վայր մըն է Սիս քաղաքը։ Միսաք Քէլէշեան «Սիս-Մատեան» իր երկասիրութեան մէջ զանազան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ այս քաղաքին մէջ առկայ ժողովրդային բժշկութեան եւ ժողովրդային բժիշկներուն մասին։ Գիտենք որ միայն 1850-էն սկսեալ այս քաղաքին մէջ կը սկսին գործել վկայեալ բժիշկներ։ Այս վերջինները պետական բժիշկներ են, որոնք հերթաբար ծառայած են Սիսի մէջ։ Սիսեցի հայ վկայեալ բժիշկներու եւ դեղագործներու մասին ակնարկութիւն կայ 1890-ական թուականներէն սկսեալ [1]։

Այստեղ գործածուող բժշկական բազմաթիւ բառեր թրքերէնով են, նկատի ունենալով որ սկզբնաղբիւրին մէջ անոնք եւս այս լեզուով հրատարակուած են։ Յայտնապէս Սիսի հայը, որ նաեւ թրքախօս էր, այս հիւանդութիւններուն եւ զանոնք բժշկելու ձեւերուն թրքերէն բառեր կը գործածէր։ Հայերէն հոմանիշները ընդհապրապէս անոնց կողքին գրած ենք։ Նաեւ աւելցուցած ենք լատինատառ թրքերէն տառադարձութիւնները։

Պետեն մատեասը

Ասոնք այն ուռեցքներն են որոնք կը յառաջանան իրանին եւ սրունքին միացման կէտերուն վրայ։ Դարման. սպիտակ թութի ծառի տերեւին կը խառնեն ոսպ եւ երկուքը միասին լաւ մը կը ծեծեն։ Ապա խառնուրդին կ՚աւելցնեն հաճարի ալիւր ու կը կապեն ուռեցքին վրայ։ Հինգ-վեց ժամ ետք վէրքը կը բացուի եւ արիւնախառն թարախը դուրս կը ժայթքէ։ Ապաքինումը կատարեալ կ՚ըլլայ։ Սիս քաղաքէն Թվրանտա Գույումճեան յայտնի է այս հիւանդութիւնը բուժելուն մէջ։ Ան նաեւ հմտօրէն կը դարմանէ փամփուշտի եւ դանակի հարուածի վէրքերը։ Ասոր համար կը գործածէ հաւկիթի դեղնուցը, զոր կ՚աղէ ու կը կապէ վիրաւոր տեղին՝ վրան ալ աւելցնելով վառօդ կամ չորցնելու յատկութիւն ունեցող այլ նիւթեր։ Այս բոլորին վրայ ալ կը կապէ նապաստակի մորթ [2]։

Սընըգճիներ (թրքերէն՝ sınıkçi, հայերէն՝ բեկաբոյժ)

Սիս քաղաքի մէջ կան վարպետ սընըգճիներ։ Անոնցմէ է Մատթէոս եւ Վառվառ Աջապահեան ամոլը։ Ամէն օր անոնց տունը կը յաճախեն ոտքը կամ ձեռքը կոտրած, խախտած կամ ճմլուած հիւանդներ։ Աջապահեանները նախ տաք ջուրով եւ չգործածուած օճառով լաւ մը կը լուան ենթակային վիրաւոր կողմերը, ապա ձեռքի արագ ու զօրաւոր շարժումներով կը քաշեն եւ ճիշդ տեղը կը դնեն խախտած կամ կոտրած յօդերն ու մասերը։ Բայց գործողութիւնը այստեղ չաւարտիր։ Աջապահեան զոյգը պատրաստ ունի նաեւ սպեղանի մը, որ պէտք է վիրաւոր մասին կապել։ Անիկա բաղկացած է օղիի, հաւկիթի ճերմկուցի եւ խունկի խառնուրդէն։ Այլ սպեղանի մըն է եղեգի տաշեղներէ եւ օճառի մանրուքներէ կազմուած խառնուրդը, որ նոյնպէս պէտք է կապել վէրքին։ Մարմնի ճմլուած բաժիններուն վրայ անոնք սովորութիւն ունին դնելու ծեծուած չամիչ։ Քանի մը շաբաթէն կամ ամիսէն երբ սպեղանին ինքնաբերաբար կը բաժնուի մարմինէն, այն ատեն յօդերուն միացումը կատարեալ կը համարուի։ Բայց կը պատահի նաեւ որ ոսկորները ծուռ փակցուած ըլլան։ Այն ատեն վարպետ սընըգճին ծեծուած ձուկ կը դնէ վէրքին վրայ, ենթակային ալ ձուկ կը կերցնէ։ Ապա կը քակէ վէրքը ու ոսկորներն ու յօդերը միացնելու գործողութիւնը կը կրկնուի [3]։

Սիսի մէջ յայտնի սընըգճիներ են նաեւ Յակոբ աղա Ճէրեճեանը եւ որդին՝ Սարգիսը։ Անոնք ծագումով Հաճընէն են եւ իրենց իսկական արհեստը բրուտագործութիւնն է [4]։

Տէնէճիներ (թրքերէն՝ deneci)

Սիսի մէջ կան նաեւ տէնէճիներ։ Ասոնք հիւանդ մանուկներու քիթէն հատիկներ կամ հացի փշրանքներ հանողներ են։ Իրենց ձեռքին ունին մօտ 10 սմ. երկարութեամբ եղեգեայ մորճ մը, որ բարակ խողովակի դեր կը խաղայ։ Այս գործիքը մանուկին քիթին խոռոչին մօտեցնելով կը փչեն կամ ծծեն։ Նշանաւոր տէնէճի մըն է Հաճի Սառան, իսկ քաղաքի թուրքերէն յայտնի են տէնէճիներ Էլիֆն ու Էշէն [5]։

Եագը, եագմա (թրքերէն՝ yakma, հայերէն՝ խարան)

Բժշկական դարմանումի այս ձեւը կը գործածուի յօդացաւին, իջուածքին, կաթուածին, աչքերու խանգարումին, բերնին ծռելուն եւ թեւերու անշարժանալուն դէմ։ Դարման. վառած լուցկիով վէրք մը կը բանան մարմնին տառապող մասին քով կամ ճիշդ վրան։ Ընդհանրացած է նաեւ այս վէրքը բանալ ծունկին վրայ կամ արմուկէն վեր տեղ մը։ Ապա անոր վրայ 7-8 ժամ ծեծուած սխտոր կը դնեն։ Ասկէ ետք, նոյն բացուածքին վրայ կը տեղադրեն սիսեռի հատիկ մը, ինչպէս նաեւ որթատունկի, թթենիի կամ թթու նարնջենիի կանաչ տերեւ մը։ Օրուան ընթացքին բացուածքին վրայ այս նիւթերը տեղադրելու գործողութիւնը կը վերանորոգեն։ Ամէն օր թարախ կը սկսի ծորիլ վէրքէն։ Բուժման այս եղանակը կը շարունակուի մինչեւ որ հիւանդին ցաւը անհետանայ։ Կը պատահի որ այս բուժումը տարիներ շարունակ ամէն օր կրկնուի [6]։

Դեղնութիւն (դալկութիւն)

Այս հիւանդութիւնը բժշկելու հարցով Սիսի մէջ նշանաւոր են Սարըքէշիշեան ընտանիքէն Մարկոսը, Յարութիւնը, Կիրակոսը եւ Նազարը։ Դարման. ածելիով մը հիւանդին գլխու կատարին քանի մը հարուած կու տան եւ արիւն կը հոսեցնեն, ապա վրան սխտոր կը քսեն [7]։

Կոկորդի ցաւ

Սիսի մէջ այս հիւանդութեան մասնագէտ կը համարուի Կարապետ Փաշապէզեանի կինը (ծնեալ Աջապահեան), որ քոյրն է Կիրակոս Բ. կաթողիկոսին։ Դարման. կարճ բայց միաժամանակ շատ նուրբ գործողութիւն մըն է։ Այսպէս, կրակի վրայ տաքցած ասեղով մը ժողովրդային բժիշկը կը խարանէ կզակին ներքեւ գտնուող ջիղը։ Երկու տարբեր ձեւեր ալ կը գործածուին կոկորդի ցաւին դէմ։ Ասոնցմէ առաջինը շան շունչ ներշնչելն է։ Այսպէս, շան երախը կը մօտեցնեն հիւանդին բերանին, որպէսզի այս վերջինը կարենայ ներշնչել անասունին շունչը։ Աւելի աւելորդապաշտական ձեւ մըն է հիւանդին կողքին խլուրդ խեղդելը։ Խեղդող անձը ապա իր ձեռքերը կը դնէ հիւանդին կոկորդին ու կ՚ըսէ. «Խլուրդ խեղդեցի քեզ ալ կը խեղդեմ» [8]։

Թէմրեյի (թրքերէն՝ temreyi, թրմոր, էկզեմա)

Այս վէրքին բուժման համար կը վերցնեն վառարաններու յատակին հաւաքուած հողը, որուն կը խառնեն մայրիի աղացած կեղեւը։ Խառնուրդը կը կապեն վէրքին վրայ։ Մէկ այլ ձեւը զանազան թուփերու, ինչպէս օրինակ թեսփիհի եւ դժնիկի (buckthorn) իւղը հանելն է, զայն եռացնելը ու ապա վէրքին վրայ քսելը [9]։

Գըզըլ եւղրիւկ (մարմնային ցաւեր կամ կարմրութիւններ)

Դարմանուի ձեւը ցաւող կամ կարմրած մասը ածելիով արիւնելն է, ապա անոր վրայ կը զետեղեն տաք ջուրով թրջուած նապաստակի մորթ [10]։

Բշտիկներ

Այս վէրքերը վերացնելու համար, կրակի վրայ տաքցուած ասեղով մը նախ կը ծակեն զանոնք, իսկ ետքը վէրքերուն վրայ կը դնեն իւղոտած խմոր [11]։

Հազ

Ասոր դէմ կը գործածեն էշեֆաթմա կամ խըթմիէ կոչուող ծաղիկներուն եռացումէն գոյացած հեղուկը, որուն կը խառնեն նաեւ շաքար ու կը խմցնեն հիւանդին։ Այլ ձեւեր են հիւանդին նէօպէթ շեքեր (թրքերէն՝ nöbet şekeri) կերցնելը կամ անոր կուրծքին վրայ դնել բամպակեայ կտաւ մը, որուն մարմինին փակած կողմին վրայ ցանուած կ՚ըլլայ սեւ պղպեղ եւ մեղր [12]։

Մէջքի կամ կռնակի ցաւ

Ցաւոտ բաժինին վրայ կը քսեն ճիպար կոչուող նիւթը, որ խառնուրդն է խունկի, մայրիի խէժի եւ սեւ պղպեղի։ Այլ ձեւեր են շիշ քաշելը եւ ձէթով եւ սեւ պղպեղով մարձումը [13]։

Ջերմ

Գաւաթ մը օղիի մէջ կ՚աւելցնեն 7-8 հատ ճզմուած սխտոր։ Ամբողջ գիշեր մը գաւաթին բերանը գոց կը պահեն, իսկ առաւօտ մէկ ումպով հիւանդին կը խմցնեն [14]։

Ներքին հիւանդութիւններ կամ ներքին ցաւեր

Հիւանդը իր ոտքերը կը դնէ նոր մորթուած վարազի մը փորին մէջ։ Այլ ձեւ մըն է հիւանդը մերկացնել, բերել նոր մորթուած ոչխարի կամ խոզի մորթ, լաւ մը փաթթել հիւանդին ամբողջ մարմնին ու կարել։ Հիւանդը այս վիճակին մէջ պէտք է մնայ մօտ կէս ժամ [15]։

Ականջի ցաւ

Ճերմակ սոխին ջուրը կը կաթեցնեն ցաւող ականջին մէջ [16]։

Ակռայի ցաւ

Մեխակին իւղը կը խառնեն օղիին։ Ապա այս հեղուկով հիւանդը պէտք է իր բերանը ցօղուէ։ Այլ ձեւ մըն է ակռային վրայ ծխախոտի թիւթիւն դնելը կամ ծխախոտին մուխը ներշնչելը [17]։

Սրտխառնուք

Լեմոն եւ անանուխ կ՚եռացնեն ու հիւանդին կը խմցնեն [18]։

Լուծողական

Հիւանդին կը խմցնեն սինէմեքի (թրքերէն՝ sinameki, լատիներէն՝ cassia acutifolia) կամ այլ արմատներու եռացած հեղուկը [19]։

Փորհարութիւն

Զենճեֆիլ (թրքերէն՝ zencefil, zencebil, տաքկոճ, կոճապղպեղ) կամ բրինձ կը խաշեն եւ անոր ջուրը հիւանդին կը խմցնեն։ Այլ դարման մըն է խոզկաղինը (բլուրդ), զոր կ'աղան, ապա ալիւրը կլլել կու տան հիւանդին [20]։

Խիթ

Հիւանդին փորին վրայ կը դնեն տաքցած աղիւս [21]։

Ոջիլ

Ոջլոտ մազերուն կը խառնեն ձիթաիւղ կամ սիւրուր կոչուած կարմիր փոշին [22]։

Իչ աղրըսը (թրքերէն՝ iç ağrısı, հայերէն՝ թանչք, անգլերէն՝ dysentery)

Դարմանումը սննդականոնով է։ Կը դիմուի նաեւ թիւթսիւյին (թրքերէն՝ tütsü, հայերէն՝ ծխում)։ Այսպէս, հիւանդը կը մերկացնեն եւ փակ սենեակին մէջ կ՚եռացնեն թուզի, ինչպէս նաեւ այլ բոյսերու տերեւներ։ Եռացող հեղուկին մէջ կ՚աւելցնեն նաեւ աղտոր (սումաք)։ Հիւանդը կը քրտնի եւ ներշնչէ գոյացած շոգին [23]։

Թէրլէթմէ (թրքերէն՝ terletme, ժանտատենդ, տիֆոյիդ)

Դարման. հիւանդը քրտնեցնել։ Անոր համար լաւ մը կը ծածկեն զայն անկողինին մէջ կամ ոտքերը կը դնեն տաք ջուրի մէջ [24]։

Ինճէ աղրը (թրքերէն՝ ince ağrı) (թոքախտ)

Թէեւ հազուադէպ է, բայց ընդհանրապէս՝ անդարմանելի։ Կը փորձեն հիւանդը օդափոխութեան տանիլ եւ զօրաւոր սնունդով կերակրել [25]։

Սըթմա (թրքերէն՝ sıtma, մալարիա, ջերմախտ)

Սիսի մէջ տարածուած հիւանդութիւն է։ Օդափոխութիւնը պայման է։ Կը դիմուի նաեւ այլ հաւատալիքներու, ինչպէս օրինակ հիւանդին գլխուն Նարեկ եւ Ս. Գիրք կարդալ եւ զանոնք բարձին տակ դնել։ Կը կատարուի նաեւ «ջերմ կապել»ու գործողութիւնը։ Այսպէս, բամպակէ բարակ դերձանի մը վրայ երեք անգամ հանգոյց կ՚ընեն եւ հիւանդին դաստակին կը կապեն՝ նոյն ժամանակ հետեւեալ թրքերէն խօսքերը մրմնջելով՝

(Հայատառ թրքերէն)

  1. Գարա էշշէկին սաղըրսը,
  2. Հիչ չըգմասըն աղըրսը,
  3. Խորոզ էօթեր, տահա պեթեր

(Թրքերէն տառադարձութիւն)

  1. Kara eşeĝin saĝrısı,
  2. Hiç çıkmasın aĝrısı,
  3. Horoz öter, daha beter.

Թարգմանութիւն՝

  1. Սեւ իշուն պոչը (կամ յետոյքը),
  2. Բնաւ չելլէ ցաւը,
  3. Աքլորը կ՚երգէ, աւելի գէշ:

Կամ՝

(Հայատառ թրքերէն)

  1. Էյ սըթմա, պու իթի թութմա,
  2. Տութարսան տա պըրագմա։

(Թրքերէն տառադարձութիւն)

  1. Ey sıtma bu iti tutma,
  2. Tutarsan da bırakma.

Թարգմանութիւն՝

  1. Ո՜վ ջերմախտ, մի բռներ այս շունը
  2. Իսկ եթէ բռնես՝ մի ձգեր:

Հիւանդը յետոյ դերձանին ծայրը կը վառէ ու կը հոտոտայ։ Սըթմայէ բռնուողներ նաեւ լաթեր կը կապեն ճամբաներու եզրին գտնուող եւ ժողովուրդին համար ախտաբոյժ յատկանիշներ ունեցող թուփերու վրայ՝ արագ ապաքինման յոյսով [26]։

Սաթլըճան (թրքերէն՝ satlıcan, կողացաւ, կողախիթ, անգլերէն՝ pleurisy)

Լանջամաշկին բորբոքումն է, որ հետեւանք է թոքատապին։ Հազուադէպ է, բայց ընդհանրապէս՝ մահացու։ Պէտք է հիւանդը տաք մնայ եւ քրտնի [27]։

Ժանտախտ (անգլերէն՝ cholera)

Հազուադէպ է, բայց աւերներ գործող հիւանդութիւն մըն է։ Հիւանդը կը մեկուսացնեն ու անոր կը կերցնեն կաթ եւ մածուն [28]։

Եարըմճա (թրքերէն՝ yarımca, գլխացաւ, անգլերէն՝ migraine)

Հիւանդին գլխուն հինա կը դնեն, օղիով կը շփեն անոր ճակատը։ Տաք ջուրի մէջ մանանեխի (անգլերէն՝ mustard) սերմեր կը խառնեն ու հիւանդը ոտքերը կը դնէ մէջը։ Կամ հիւանդին ծխախոտի կամ թիւթսիւի ձեւով ծխել կու տան մայասըր օթու (թրքերէն՝ mayasıl otu, ծիծեռնախոտ) կոչուած բոյսին տերեւները։ Կան նաեւ ժողովրդային դարմանումի այլ ձեւեր, ինչպէս օրինակ քահանային կամ հոճային կողմէ գրուած գիր մը, կամ համայիլ մը, զոր հիւանդը կը պահէ իր գլխարկին մէջ [29]։

Ույուզ (թրքերէն՝ uyuz, քոս)

Գլխու քոսին դէմ ցորենի թեփը կ՚եռացնեն եւ այս ջուրով ալ հիւանդին գլուխը կը լուան։ Մարմնին այլ բաժիններու քոսը անդարմանելի է [30]։

Աչքացաւ

Ընդհանրացած հիւանդութիւն մը Սիսի մէջ։ Անիկա կը յայտնուի մանաւանդ ամրան եւ աշնան։ Դարման. կը գործածուին զանազան դեղեր, ինչպէս պաղլեղ (անգլերէն՝ potassium sulfate) կամ բուսաջուրեր։ Սովորութիւն է նաեւ ցաւող աչքին վրայ առանձին կապել հետեւեալ նիւթերը. ոսկեդրամ, կտոր մը թոք, լոլիկ, հաւկիթի իւղ։ Կը կաթեցնեն նաեւ ձմերուկի ջուր կամ աղջիկ երեխայ ծնած մօր կաթ։ Այլ բուժում մըն է փեթակի մեղրը մոմով միասին ուտելը՝ քանի մը շաբաթ շարունակ [31]։

Հարսանիթ (թրքերէն՝ գըզամըգ, kızamık, կարմրուկ)

Հիւանդը 40 օր պէտք չէ լոգնայ եւ այս ամբողջ ընթացքին ան պէտք է խմէ ռուպի օշարակ կամ խաշուած ոսպի ջուր [32]։

Պէյին հումմասը (թրքերէն՝ beyin humması, ուղեղատապ)

Դարմանը հիւանդը քրտնեցնելն է։ Ատեններ այս հիւանդութենէն տառապողին նաեւ կը կապեն՝ նկատի ունենալով որ ան բանականութիւնը կորսնցուցած կ՚ըլլայ եւ փախուստի փորձեր կ՚ընէ [33]։

Տալագի (փայծաղ) հիւանդութիւն

Հետեւանքն է երկարատեւ մալարիայի։ Հիւանդին կը կապեն հաստ գօտի մը, այնպիսի ձեւով որ ճիշդ փայծաղը փակուի։ Հիւանդին նաեւ ձի հեծնել կու տան կամ վարպետ մարձողներ օճառով եւ ջուրով անոր փորը կը մարձեն։ Հիւանդը նաեւ անօթի վիճակով կռնակի վրայ կը պառկեցնեն, պորտին վրայ կը դնեն աման մը եռացած ջուր [34]։

Ծաղկախտ

Այս հիւանդութիւնը մեծ աւերներ գործած է մինչեւ մօտաւորապէս 1900 թուականը, երբ Սիսէն ներս պատուաստը մուտք կը գործէ։ Պատուաստը կը կատարուի նախնական ձեւով։ Այսպէս, ծաղկախտով վարակուածի մը վէրքին թարախը կ՚առնեն ու կը խառնեն առողջ անձի մը մարմնին վրայ բացուած վէրքին մէջ [35]։

Միսաք Քէլէշեանի գիրքին մէջ կան նաեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ Սիսի մէջ գոյութիւն ունեցած անասնաբուժական սովորութիւններու մասին։ Ան իր տեղեկութիւնները մեծ մասամբ քաղած է Աւետիք Տէօվլէթեանէն, որ նոյնպէս Սիսէն է եւ հետագային ապրած է Լիբանանի մէջ։ Աւետիք, իր եղբօր՝ Տէօվլէթին նման, Սիսի յայտնի անասնաբուժներէն է։ Այս մարզին մէջ փորձառու բժիշկներ կը համարուին նաեւ Յովհաննէս Չափութեանը (Քէլ Վանէս), Մինաս Եաղլեանը, Խաչեր Աւշարեանը, Յարութիւն Սէթեանը, Յարութիւն Աբարդեանը եւ Յակոբ Բէքմէզճեանը [36]։

Սրաճա (թրքերէն՝ sıraca, գեղձի բորբոքում)

Այս հիւանդութիւնը կրնայ յառաջանալ ձիուն կամ իշուն մարմնին որեւէ կէտին վրայ։ Դարման. քիթին աջ եւ ձախ կողմերը գտնուող մատնաչափ գեղձերը կը հանեն։ Այս ընելու համար դունչին ծայրամասը դանակով կը ճեղքեն եւ մատներով դուրս կը քաշեն բորբոքած գեղձերը։ Ապա աղ կը ցանեն ճեղքուածքին վրայ։ Ընդհանրապէս մէկ շաբաթէն վէրքը կը բուժուի [37]։

Էնկի (իջուածք)

Այս հիւանդութէնէն տառապող անասունը չի կրնար գարի ուտել, նկատի ունենալով որ վերի ծնօտին վրայ լինտը ուռած կ՚ըլլայ՝ ծածկելով վերի ատամները եւ անհնար դարձնելով ծամելու գործողութիւնը։ Պէտք է ուռած լինտը դանակով բանալ եւ վրան աղ ցանել։ Հիւանդութիւնը յատուկ է ձիերու, էշերու եւ կովերու [38]։

Ձիերու բժշկութիւնը՝ հայերէնով։ 13րդ դարու ձեռագիր (Աղբիւր՝ Jasmine Dum-Tragut, Kilikische Heilkunst für Pferde: das Vermächtnis der Armenier, Olms, 2005)

Սիւլէյմանի

Մահացու հիւանդութիւն մըն է։ Պէտք է անմիջապէս ետեւի ազդրերէն արիւն քաշել։ Ապա եռացած ջուրի մէջ ծոթրին աւելցնել, այս հեղուկը եփուած կաթի մէջ աւելցնել ու հիւանդ ձիուն խմցնել։ Նոյն ատեն անոր կերցնել 15-20 հում հաւկիթ։ Այս հիւանդութեան ժամանակ ձիուն կը կերցնեն նաեւ ջուրի խառնուած մարդկային թարմ աղբ կամ թէմպէքիի (tömbeki, նարկիլէի ծխախոտ) ջուր, ապա անասունը վազել կու տան մինչեւ որ փորլուծութիւն ունենայ [39]։

Արփալամագ (թրքերէն՝ arpalamak)

Այս մէկը դժուարամարսութիւն մըն է, որուն պատճառով կենդանին չի կրնար գարին մարսել, կը դադրի ուտելէ ու խմելէ։ Դարման. պաղ ջուրով լոգցնել ձին, ապա անոր կլլեցնել 20-30 հում հաւկիթ, իսկ սմբակին վրայ ալ թափել եռացած ջուր [40]։

Մանկաֆա (թրքերէն՝ mankafa)

Պաղառութիւնն է, որ կենդանիին քով գլխացաւ կը պատճառէ եւ ան չի կրնար գլուխը շիտակ բռնել։ Դարման. իւղի մէջ խառնել 4 հաւկիթի դեղնուց, ապա այս հեղուկը լեցնել ձիուն ականջին եւ քիթին ծակերուն մէջ ու վազցնել կենդանին [41]։

Մըգ տէյմէք (գամի վէրք)

Այս կը պատահի երբ պայտարներ սխալմամբ կը վիրաւորեն ձիուն սմբակը։ Վէրքին վրայ կը գոյանայ թարախ եւ կենդանին չի կրնար քալել։ Դարման. վէրքը լաւ մը մաքրել, ապա անոր վրայ ցանել պաղլեղի (potassium sulfate) փոշի կամ դնել մեղրամոմ։ Ասկէ ետք կրակով մեղրամոմին երեսը պէտք է կարծրացնել եւ վրան ալ խայծղան (թրքերէն՝ katran, tar) քսել [42]։

Սագաթ

Ողնայարին վրայ յառաջացող վէրքն է, որ հետեւանք է ծանր բեռներ կրելուն եւ գեր-յոգնութեան։ Դարման. կուպրը հալեցնել ջուրի մէջ, ապա ցաւած տեղին վրայ ճուպար (անհասկնալի բառ) ընել։ Կենդանին պէտք չէ պառկի, այս պատճառով ալ անոր փորին տակ կը դնեն գերան մը, որուն երկու ծայրամասերուն կ՚ամրացնեն հորիզոնական փայտեր, որոնք իրենց կարգին կապուած են ձեղունէն իջնող հաստ պարանի մը։ Այս ձեւով ձին գետինէն որոշ բարձրութեամբ կախուած կը մնայ [43]։

Դժուարամիզութիւն

Պաղառութեան կամ այլ պատճառներու հետեւանք է եւ կենդանին կ՚ունենայ խիթեր։ Դարման. սմբակին վրայ միզել կամ անընդհատ պտտցնել [44]։

Մալել (թրքերէն՝ իյտիշ էթմէք, iğdiş etmek, անգլերէն՝ castrate)

Մալումի ենթակայ են ընդհանրապէս ձիերը, եզները եւ այծերը։ Արու ձին կը պառկեցնեն եւ չորս ոտքերը միասին կը կապեն։ Անասնաբոյժը դանակով մը կը ճեղքէ ամորձիգներուն մաշկը եւ կը կրտէ։ Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար ան աքցանաձեւ երկու փայտիկներու կը կապէ ամորձիքներուն սերմնատար խողովակին ծայրամասը։ Ապա, վէրքին վրայ կը ցանէ կէօզ տաշի (թրքերէն՝ göztaşı, անգլերէն՝ copper sulfate), պաղլեղի եւ աղի խառնուրդը [45]։

Ելկաֆա (թրքերէն՝ yelkafa)

Ետեւի բարձրոսկրին վնասուածքն է, որուն պատճառով ձին չի կրնար քալել։ Դարման. ցաւած տեղը շամփուրով մը շրջանակաձեւ խարել։ Ապա շամփուրով ծակել շրջանակին կեդրոնը՝ մորթին տակէն, վարէն դէպի վեր ուղղութեամբ [46]։

Օձի խայթոց

Խայթուած տեղը դանակով կը կտրեն եւ վրան կը քսեն ծեծուած սխտորի եւ մածունի խառնուրդը։ Դեղին հեղուկ մը երբ ծորի, կը նշանակէ որ թոյնը դուրս կու գայ [47]։

Պչրկան (թրքերէն՝ bıçırgan)

Վէրքը մը որ կը գոյանայ ձիուն ետեւի սմբակին ներքին բաժինին վրայ։ Դարման. նախ վէրքին վրայ կը քսեն թահին (շուշմայի շիրիկ) եւ 24 ժամ այս վիճակով կը պահեն։ Ապա վէրքը լաւ մը կը լուան ջուրով, որմէ ետք վրան կը քսեն պաղլեղի (potassium sulfate) փոշիի եւ խայծղանի խառնուրդը [48]։

Կիճիմիք (թրքերէն՝ gicimik, քեռուըտուք)

Քեռուող տեղը տաք ջուրով եւ օճառով լաւ մը լուալ։ Ապա իւղի վրայ ծծումբի (sulfur) փոշի աւելցնել եւ քսել վէրքին [49]։

Կաղալ (թրքերէն՝ ագսամաք, aksamak)

Ցաւոտ տեղը տաք ջուրով եւ օճառով լաւ մը լուալ։ Ապա, հաւասար չափի սփիրթօ (ispirto, մաքուր ալքոհոլ) եւ քեֆիր խառնել եւ մէջը նետել հում հաւկիթ մը, որ պիտի սկսի եռալ։ Ամբողջ խառնուրդը ձգել որ պաղի, ապա կենդանիին ցաւոտ տեղը քսել եւ մարձել [50]։

Տօնունը օլմաք (պաղառութիւն)

Ձին պէտք է շամփուրով խարանել 24 տեղերէ. երեքական խարան ետեւի իւրաքանչիւր սրունքին ներսի կողմէն, երեքական՝ պարանոցին երկու կողմերէն, երեքական՝ իւրաքանչիւր աչքին շուրջ, երեքական՝ ականջներուն շուրջ [51]։

Եանը գարա (թրքերէն՝ yanıkara)

Մորթի հիւանդութիւն մը, որ յառաջ կու գայ առջեւի սրունքներուն վերի կողմը եւ քալելու դժուարութիւն կը պատճառէ։ Դարման. վնասուած մորթին վրայ դանակով մը ակօսաձեւ եւ ուղղահայեաց գիծեր բանալ։ Յետոյ մատի ծայրով եւ մորթին տակէն ծակեր բանալ այս ուղղահայեաց ակօսիկները իրարու հետ հաղորդակցութեան դնելու համար։ Անմաքուր արիւնը այս ձեւով դուրս կու գայ [52]։

Քէօթայ

Յառաջ կու գայ կովու ստինքին եւ ձիուն փորին տակ։ Սաստիկ ցաւ եւ քեռուըտուք կը պատճառէ, ինչպէս նաեւ կ՚ուռի։ Դարման. վէրքին վրայ քսել քացախի եւ հայկաւի (թրքերէն՝ kil, լատիներէն՝ bolus armenus) խառնուրդը [53]։

Չաթլագ (թրքերէն՝ çatlak)

Շատ մանր գեղձանման ուռեցքներ են, որոնք կը գոյանան կենդանիին սրունքներուն ներսի կողմը կամ ծունկին վրայ։ Դարման. ուռեցքները դանակով ճեղքել եւ բորբոքած գեղձերը ձեռքով դուրս քաշել [54]։

Ամուլ ձին արգասաւորել

Ձիուն արգանդը կերպասեայ կտորով մը մաքրել, ապա կապարեայ փամփուշտ մը բուրդով փաթթել ու տեղաւորել արգանդին մէջ։ Զուգաւորութեան ժամանակ սաղմը ամբողջովին դուրս չի հոսիր, կը փակի բուրդին եւ յղութիւն կը պատճառէ [55]։

Թապագ

Կենդանիներու լեզուին կամ ոտնածայրերուն վրայ յառաջացող վէրք։ Դարման. պաղլեղի փոշիի եւ կէօզ տաշի (թրքերէն՝ göztaşı, անգլերէն՝ copper sulfate) խառնուրդը եռացնել եւ հիւանդ կենդանիին լեզուին քսել։ Այլ ձեւ մըն է վէրքը աղտորի եռացած ջուրով լուալը։ Ոտքին համար իբրեւ դարման կը գործածուի պաղլեղի (potassium sulfate) փոշիի եւ խայծղանի խառնուրդը, զոր կը քսեն վէրքին [56]։

  1. [1] Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, տպ. «Հայ Ճեմարան», Պէյրութ, 1949, էջ 333-341։
  2. [2] Նոյն, էջ 403։
  3. [3] Նոյն, էջ 404։
  4. [4] Նոյն։
  5. [5] Նոյն։
  6. [6] Նոյն։
  7. [7] Նոյն։
  8. [8] Նոյն, էջ 405։
  9. [9] Նոյն։
  10. [10] Նոյն։
  11. [11] Նոյն։
  12. [12] Նոյն։
  13. [13] Նոյն։
  14. [14] Նոյն։
  15. [15] Նոյն։
  16. [16] Նոյն։
  17. [17] Նոյն։
  18. [18] Նոյն, էջ 406։
  19. [19] Նոյն։
  20. [20] Նոյն։
  21. [21] Նոյն։
  22. [22] Նոյն։
  23. [23] Նոյն։
  24. [24] Նոյն։
  25. [25] Նոյն։
  26. [26] Նոյն։
  27. [27] Նոյն։
  28. [28] Նոյն։
  29. [29] Նոյն։
  30. [30] Նոյն։
  31. [31] Նոյն, էջ 407։
  32. [32] Նոյն։
  33. [33] Նոյն։
  34. [34] Նոյն։
  35. [35] Նոյն։
  36. [36] Նոյն, էջ 408։
  37. [37] Նոյն։
  38. [38] Նոյն։
  39. [39] Նոյն։
  40. [40] Նոյն։
  41. [41] Նոյն։
  42. [42] Նոյն։
  43. [43] Նոյն։
  44. [44] Նոյն։
  45. [45] Նոյն։
  46. [46] Նոյն, էջ 408-409։
  47. [47] Նոյն, էջ 409։
  48. [48] Նոյն։
  49. [49] Նոյն։
  50. [50] Նոյն։
  51. [51] Նոյն։
  52. [52] Նոյն։
  53. [53] Նոյն։
  54. [54] Նոյն։
  55. [55] Նոյն։
  56. [56] Նոյն։