Պիթլիս, 1900-ի շուրջ։ Հաւանաբար Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտներ եւ ուսուցչուհիներ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ)

Պիթլիս - Միսիոնարներ

Հեղինակ՝ Ռոզմէրի Ռասէլ, 14/10/16 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/10/16), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Նախաբան

Գրաւիչ տեսքով երիտասարդ երկու ամերիկացի քոյրեր՝ Շարլոթ եւ Մերի էլի, որոնք 1861-ին շրջանաւարտ եղած էին Հարաւային Հատլիի (Մասաչուսեց) հեղինակաւոր եւ այդ օրերուն շատ նորոյթ Մաունթ Հոլեօքի կանանց վարժարանէն, 1868-ին պիտի ժամանէին Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան մասին մէջ գտնուող հեռաւոր Պիթլիս լեռնային քաղաքը ։ Հոկտեմբերեան ամպոտ օր մը անոնք, իջնելով իրենց յոգնաբեկ ջորիներէն, ոտք պիտի դնէին Պիթլիսի մէջ։

Քոյրերը յատուկ ընտրուած էին երէց միսիոնարներ Ճորճ Նափ աւագի եւ անոր կնոջ՝ Ալզինայի կողմէ, որպէսզի աղջիկներուն ուսում տալու ռահվիրաները ըլլային հայոց մէջ։ Անոնք մեծ ժրաջանութեամբ գործի անցած էին, բայց նկատառելի խոչընդոտներու հանդիպած էին, որոնք ստիպած էին աւելի զգոյշ քայլերով ընթանալ։ Բախուած էին մտածելակերպի մը, որուն պատճառով ընտանիքները կ’ընդդիմանային աղջիկները դպրոց ղրկելու գաղափարին։ Միսիոնար քոյրերը անդրադարձած էին, որ նախ պէտք էր իրենց դատին հանդէպ հայրերու ու եղբայրներու համակրանքը շահէին։ Աստիճանաբար որոշ ընտանիքներ պիտի համոզուէին իրենց դուստրերու եւ քոյրերու ուսեալ ըլլալու արժէքաւոր ըլլալուն մէջ, կեցուածքները եւ մօտեցումները պիտի փոխուէին, եւ ի վերջոյ Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանը պաշտօնապէս պիտի հիմնադրուէր Պիթլիսի մէջ։

Կրտսեր քոյրը՝ Մերին, պիտի դառնար վարժարանի տնօրէնուհին, աշակերտական մատեանները վարողը եւ կարգապահական պատասխանատուն։ Հաշուապահութիւնը վարելուն զուգահեռ ան նաեւ ուսողութիւն կը դասաւանդէր։ Շարլոթը ամբողջովին տարբեր նկարագիրի տէր անձ մըն էր։ Զգայուն ու մարդամօտ կին մըն էր, պզտիկ տարիքի մանուկները կը սիրէր, բնութիւնը եւ երաժշտութիւն կը սիրէր։ Դաշնակ կը նուագէր եւ կ’ատէր շոգենաւով ճամբորդելը. քառասունեօթ տարուան իր անդուլ ծառայութեան ընթացքին միայն երկու անգամ արձակուրդի գացած էր ԱՄՆ։

Ըստ տեղական աւանդոյթներուն՝ աղջիկները իրաւունք չունէին քաղաքին մէջ երթալ-գալու առանց այր մարդու ընկերակցութեան. հետեւաբար անհրաժեշտ էր գիշերօթիկի յարմարութիւններ ստեղծել։ 1873-ին Պիթլիսի Մաունթ Հոլեօքին վայելուչ տեսքով երկյարկ շինութիւն մը դարձած էր։ Շրջանաւարտներու առաջին հունձքը (չորս հոգի) իրենց վկայականները պիտի ստանային 1876-ին։ Անկէ սկսեալ մինչեւ 1914 մօտաւորապէս յիսուն շրջանաւարտուհի պիտի տար վարժարանը։ Այս թիւը աւելի մեծ կրնար ըլլալ, եթէ այդքան մեծ չ’ըլլար հրաժարողներու թիւը։ Շարլոթը եւ Մերին իրենց աշակերտուհիներէն ոմանք պիտի կորսնցնէին աղջիկները պզտիկ տարիքին ամուսնացնելու սովորութեան բերումով։ Միւս կողմէ 1895-ի ջարդերուն պէս ողբերգութիւնները կը հարկադրէին միսիոնարները դադար տալու կրթական գործին եւ նպաստամատոյց գործունէութիւն ծաւալելու։ Հիւանդութիւնները, կոտորածներէն ետք զանգուածային արտագաղթը, 1907-ի կործանարար երկրաշարժը եւ ուսման համար վճարելու դրամ չունենալը շատ խոստմնալից աշակերտուհիներ պիտի զրկէին ուսեալ ըլլալէ։

Պիթլիս քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Ի սկզբանէ բոլոր աշակերտները կը վճարէին ուսման համար, ամէն մէկը ձեւով մը։ Տրուած ըլլալով որ ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը դրամ չունէր, անոնց կ’արտօնուէր վճարել ցորենով, օճառով, կաթով, թարմ բանջարեղէնով եւ ցախով։ Աշակերտուհիները իրենք կ’աշխատէին ուսման վճարի մէկ մասին փոխարէն. կար կ’ընէին, կը հիւսէին, ձեռագործ, գորգ կը գործէին եւ գիշերօթիկնոցին ու դասարաններուն անհրաժեշտ առտնին գործերը կը կատարէին։

Ժամանակի թաւալումին հետ շրջանաւարտները իրենք պիտի դառնային ուսուցիչ կամ ուսուցիչի օգնական։ Դպրոցը պիտի բարգաւաճէր եւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական կարգեր ունենար։ Քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ տարբեր տեղեր ցերեկային դպրոցի մասնաճիւղերը նոր առիթներ պիտի ստեղծէին հայ երիտասարդ կիներուն՝ ուսուցչուհի ըլլալու համար եւ աւելի մեծ թիւով աղջիկներու՝ ուսում ստանալու համար։

Աշակերտները ընկերակցութիւններ կազմած էին, ինչպէս օրինակ Drops of Mercy (Ողորմութեան կաթիլներ), Busy Bees of Kurdistan (Քիւրտիստանի աշխատասէր մեղուներ), Industrious Ants (Ժրաջան մրջիւններ) եւ Dorcas Society-ն (Այծեմնիկ ընկերակցութիւնը)։ Այս միութիւնները շատ աղքատ աղջիկներուն փոխառութեամբ գիրքեր եւ հագուստներ կը տրամադրէին։ Անոնք նաեւ ձեռքով պատրաստուած իրեր կը ծախէին որպէսզի իրենց միութիւններուն համար դրամ հաւաքէին։ Գրասեղանի ետեւ նստելու, կարդալու եւ գրելու, քննութիւններ տալու փորձառութիւնը ի վերջոյ հայ աղջիկներու երկու սերունդի համար կենսակերպի պիտի վերածուէր։

Պիթլիս։ Հռչակաւոր ամրոցը այս լուսանկարին մէջ Վարդան Համբիկեանը լուսանկարած է։ (Քոնկրէսի գրադարանի սիրայօժար տրամադրում, LC-USZ62-86872)

Թէեւ Շարլոթը եւ Մերին իրենց ժամանակին մեծ մասը աղջկանց վարժարանին կը տրամադրէին, անոնք նաեւ նպաստամատոյց գործունէութիւն կը ծաւալէին։ 1880-ին, ռուս-թրքական պատերազմին (1877-1878) պատճառած սովի օրերուն, երեսուն անտէր որբ տղաներ բերուած էին Պիթլիս։ Շարլոթը պիտի կազմակերպէր, որ այս պզտիկները սնանէին այն բարեգործական ճաշարանէն ներս, որ ինքն ու քոյրը հիմնած էին քաղաքին սովահար բնակչութեան համար, եւ որ նորաբաց Ճորճ Ս. Նափ վարժարանը հոգ տանէր մանչերուն։

1875, Պիթլիսի Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանէն ներս։ Այս լուսանկարը կը պատկերէ դասարանը՝ նախքան գրասեղաններու զետեղումը։ Միսիոնարները աղջիկները կրթութեան կ’ընտելացնէին նախքան սրահներուն աւանդական դասարանի կահաւորում տալը։ Գրասեղանները պիտի տեղադրուէին 1884-ի շուրջ։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Այս որբերէն էր սասունցի ութամեայ Խաչիկ Վարդանեանը, որ Էլի քոյրերուն հպարտութեան եւ գուրգուրանքի առարկան պիտի ըլլար յաւերժ։ Խաչիկը պիտի աւարտէր Խարբերդի վարժարանը 1890-ին։ Քիչ անց պիտի ամուսնանար Լուսնթագին հետ՝ աղջկանց վարժարանի այս շատ սիրուած շրջանաւարտին հետ։ Խաչիկը 1905-ին Պիթլիսի Բողոքական եկեղեցիին պատուելին պիտի նշանակուէր, պիտի դառնար քաղաքին ամենէն յարգուած մարդոցմէ մէկը։ 1915-ին բողոքական այրերու խումբի մը հետ ինքն ալ վայրագ բանտարկութեան պիտի ենթարկուէր։ Բոլորը պիտի սպաննուէին յաջորդ շաբաթը։ Երկու շաբաթ չանցած անմխիթար Շարլոթը պիտի մահանար՝ իր կեանքէն քառասունեօթ տարի Պիթլիսի մէջ ծառայութեան նուիրելէ ետք։ Ճակատագիրի հեգնանք՝ մահը պիտի վրայ հասնէր նոյն օրը, որ ան Ամերիկայէն նաւ բարձրանալով մեկնէր էր Պիթլիս 1868-ին։ Մերի Էլին 1912-ին Պիթլիսէն մեկնած էր Պէյրութի մէկ հիւանդանոցը աշխատելու համար, եւ հոն ալ պիտի մահանար յաջորդ գարնան։ Պիթլիսի Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի պատմութիւնը ողբերգական աւարտ պիտի ունենար 1915-ի ամրան, օսմանեան պետութեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին իրագործած հայոց ցեղասպանութեան օրերուն։

Աղբիւրներ՝
Մաուն Հոլեօքի յատուկ հաւաքածոներ են թուային պատկերներ
«Light and Life for Woman», «Missionary Herald» հանդէսներ
Արտաքին առաքելութիւններու յանձնակատարներու ամերիկեան խորհուրդի զանազան ամէնամեայ տեղեկագիրներ։
Յատուկ շնորհակալութիւն Մաունթ Հոլեօք գոլէճին եւ «Wider Church Ministries» եկեղեցիին։

Մաունթ Հոլեօք գոլէճիի պիթլիսեան նկարներու հաւաքածոն

Հոս ցուցադրուած նկարներուն մեծամասնութիւնը մաս կը կազմեն Շարլոթ եւ Մերի Էլի քոյրերու յաճախած կրթական հաստատութեան՝ Հարաւային Հատլիի (Մասաչուսեց) Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւին եւ յատուկ հաւաքածոներուն։ Հոս բերուածը պզտիկ հատուած մըն է այդ հարուստ հաւաքածոյէն։ Այլ նկարներ եւ թղթակցութեան պատառիկներ կարելի է գտնել Մաունթ Հոլեօքի գրադարանին մէջ եւ պաշտօնական կայքէջին վրայ։

1) 1890, Խարբերդ/Հարբութ։ Խաչիկ Վարդանեանը (Սասնոյ որբերէն) 1890-ին կ՚աւարտէր Խարբերդի աստուածաբանական ճեմարանը։ 1903-ին կը դառնայ պատուելի եւ 1903-էն մինչեւ 1915 կը ծառայէ իբրեւ Պիթլիսի եկեղեցիի հոգեւոր հովիւ։ 23 յունիս 1915-ին, երբ ճամբայ ելած էր վալիին հետ հանդիպելու եւ խումբ մը գաղթականներու ի նպաստ միջամտելու, կը ձերբակալուի։ Յաջորդ շաբաթը պիտի սպաննուէր։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) 1789։ Մերի «Անի» Էլի, 1841-1913։

Պիթլիսը 19-րդ դարու կէսերուն։ Այս լուսանկարը Շարլոթ եւ Մերի Էլի քոյրերուն տրուած էր անգլիացիի մը կողմէ. «Մեր գիտցածով՝ [Պիթլիսի] առաջին լուսանկարն է»,- գրած են։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1) 1800-ականներ, Պիթլիսի մօտակայքը։ Կեդրոնը նստած երիտասարդ կինը Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտ է։ Ան, ինչպէս այս դպրոցի շրջանաւարտներէն շատերը, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր կարգին աշակերտներ պիտի ունենար։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) 1880-ի շուրջ, Պիթլիս, կամ մերձակայ գիւղ մը կամ քաղաք մը։ Ազնիւը՝ աջէն առաջինը, հաւանաբար լաւ նմոյշ մըն է այն աղջկան տեսակին, որ միսիոնարները որպէս աշակերտուհի կ’ընդունէին Պիթլիսի Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարան։ Ազնիւի մայրը եւ փոքր ազգականը (ծնողներէն մէկուն եղբօր կամ քրոջ դուստրը) լուսանկարուած են հետը։ Մականուն չկայ, եւ Ազնիւ անունը կրող բազմաթիւ աշակերտուհիներ ունէր դպրոցը։ Հետեւաբար, կենսագրական ոչ մէկ տուեալ կայ մեր տրամադրութեան տակ։(Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1880-ի շուրջ։ Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի չորս շրջանաւարտ։ Այս աշակերտները պէտք էր որ շատ խիստ ուսումնական ծրագիր մը ամբողջացնէին մի քանի տարիներու ընթացքին եւ իրենց ջանքերուն դիմաց կը վարձատրուէին վկայականով մը, որ իրենց կ՚ապահովէր ընդունելութիւն համալսարան, եթէ ուզէին յաճախել։ Շրջանաւարտներէն շատերը նոյն դպրոցը ուսուցչուհի կը դառնային կամ այդ շէնքէն ներս, կամ քաղաքին մէջ դպրոցին պատկանող այլ դասարաններէ ներս, կամ շրջակայ գիւղերու դպրոցներուն մէջ։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1883-ի շուրջ։ 1880-ական թուականներուն Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանը շրջանաւարտներու երեք հունձք պիտի տար։ Այս նկարին մէջ պատկերուածը հաւանաբար առաջին վկայականներէն մէկն է, որոնք տպարանային տպագրութեամբ պատրաստուած էին Պոլսոյ մէջ հայ տպագրիչի մը՝ Ֆնտքլեանին կողմէ։ Նախքան աս, Շարլոթ Էլին ձեռագիր գեղագրութեամբ հատիկ-հատիկ կը պատրաստէր վկայականները։ 144:22 Սաղմոսը կ’ըսէ. «Մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած քարերու պէս ըլլան»։ Սոյն վկայականը շնորհուած է Լուսին Իսրայէլեանի (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1) Պիթլիս, 1800-ի շուրջ։ Հաւանական է, որ այս աղջիկները Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտներ էին, որոնք ուսուցչուհի դարձած էին եւ հոն կ’աշխատէին։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) Պիթլիս, 1800-ականներ։ Երկու կին հաց կ’եփեն թոնիր կոչուող գետնափոր (մօտաւորապէս մէկ մետր խորութեամբ հողին մէջ փորուած) փուռին մէջ։ Աջ կողմի կինը բռնած է բադադը (յարդով կամ թեփով լեցուած բարձ), որուն վրայ փռուած է խմորը։ Կինը պիտի ծռի դէպի թոնիրը եւ խմորը փակցնէ գետնափոր փուռի տաք պատին։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1880-ականներ։ Այս երկու կիները լաւաշ (տափակ հաց) կը պատրաստեն թոնիր կոչուող գետնափոր (մօտաւորապէս մէկ մետր խորութեամբ հողին մէջ փորուած), քարերով կամ կաւով պատուած եւ ցախ վառող փուռի մը մէջ։ Ձախ կողմի կինը կը բանայ խմորը, ապա լոշը կը փոխանցէ միւս կնոջ։ Երկրորդ կինը աւելի պիտի բանայ խմորը, ապա զայն տեղաւորէ ձախին դրուած բադադ կոչուող մեծ բարձին վրայ։ Յետոյ բադադը պիտի մտցնէ թոնիրին մէջ եւ խմորի լայն նկանակը փակցնէ անոր պատին։ Մետաղէ ձողով մը եփած հացը պիտի հանէ թոնիրէն։ Նկարի յառաջամասին գտնուող գորգին վրայ իրար վրայ դասաւորուած մի քանի լաւաշներ կան։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1) 1888։ Սինտիանի բարձունք։ Ան Պիթլիսէն 5 քմ (3 մղոն) հեռու կը գտնուէր։ Ամառուան ամիսներուն Շարլոթ եւ Մերի Էլի քոյրերը եւ աղջկանց վարժարանը հոս կը փոխադրուէին։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) Պիթլիս, 1800-ականներու վերջ, Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարան։ Սկզբնական չորս սենեակ ունեցող երկյարկ շէնքը երեք անգամ շինարարական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուէր։ Բազմութիւնը բացման արարողութեան առիթով հաւաքուած է նոր աւելցուած բաժինին տանիքին եւ անոր շուրջ։ Շուրջբոլորը տակաւին շինարարական հրապարակ մը կը պարզէ։ Բակին մէջ կուտակուած տաշած քարերը եւ պարիսպին միւս կողմը լեցուած անտաշ քարերը պիտի ծառայեն միսիոնարական համալիրը եւս մէկ շինութեամբ հարստացնելու։(Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1800-ականներ։ Միսիոնարներու ամոլը նստած է. քովը՝ իրենց երեք զաւակները, երկու սպասուհիները եւ անոնց զաւակները։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1) 1870-ականներու շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Սառա, Ճուտիթ, Հլաւա։ Այս երեք աղջիկները շատ հաւանաբար լուսանկարուած են իրենց ծննդավայր քաղաքին մէջ, նախքան որ Պիթլիսի վարժարանը յաճախել սկսին։ Էլի միսիոնարուհի քոյրերը յաճախակիօրէն կը շրջագայէին այս ընդարձակ տարածքին մէջ որ պաշտօնապէս ծանօթ էր Արեւելեան Թուրքիոյ միսիոն անունով։ Ճիշդ է որ վարժարանի աշակերտուհիներուն մեծ մասը Պիթլիսէն մէկ կամ երկու օրուայ հեռաւորութեամբ գտնուող քաղաքներէ կամ գիւղերէ էին, ուրիշներ կու գային աւելի հեռաւոր վայրերէ։ Հագուստներուն վերի մասին երեւցածը կրնայ ըլլալ «չարշաֆ» է, որ կարելի էր կրել ինչպէս նկարին մէջ կը տեսնենք, բայց որ նաեւ կարելի էր աւելի լայն բանալ եւ կտորով գլուխը ծածկել, այդպէսով տունէն դուրս կատարուելիք գործերուն ատեն հագնելու գլխաշոր ստեղծելով։ Հագուստին տակէն կը թուի թէ կիները հագած են գեղեցիկ զարդանախշերով «շալուար»-ներ։ Իւրաքանչիւր փողկի քղանցքին աւելցուած լայն երիզները հետաքրքրական յաւելումներ են (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) Պիթլիս, 1900-ի շուրջ։ Շատ հաւանաբար Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտներ եւ այդժամ ուսուցչուհիներ։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1900-ի շուրջ։ Պիթլիսի Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանի խումբ մը բարձր կարգերու աշակերտուհիներ։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1907։ Տէր եւ տիկին Պոն ֆոն Տօպելէրը, գերմանացի զոյգը, որ եկած էր օգնելու Մշոյ մէջ տարուող միսիոնարական աշխատանքներուն, կեցած է աւելի վաղ այդ տարի հարուածած երկրաշարժէն ետք հապճեպ շինուած ժամանակաւոր կացարանի մը առջեւ։ Պատին յենած են լուացքի տաշտեր եւ ջուր կրելու կուժեր։ Տիկին ֆոն Տոպելէրի թիկունքին կրակին դրուած լուացքի սան մը կայ։ Պարոն ֆոն Տոպելէրին առջեւը կօշիկներ կան, հաւանաբար փռուած արեւին՝ չորնալու համար։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1800-ի շուրջ։ Այս երկու կիները մեծ քանակութեամբ կարագ կը պատրաստեն։ Ձախ կողմի կինը հաւանաբար տանտիրուհին է, որովհետեւ ընտիր հագուկապ ունի եւ զոյգ մը կօշիկ ոտքերուն։ Աջ կողմինը սպասուհին է։ Ցնցոտիներ հագած է, եւ ոտքերը բոպիկ են։ Վերի անցքէն խնոցիին մէջ կը լեցնէին կաթը։ Կիները պիտի ճօճէին, տանէին-բերէին այս ծանր կաւէ անօթը մօտաւորապէս 45 վայրկեան, յետոյ կողմին վրայի անցքը բանային, անիւղ կաթը պարպէին եւ կարագը հաւաքէին խնոցիին ներսի պատերէն։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1908, Խնձորգին (Պիթլիսի մօտ)։ Իգնատիոս Պօղոսեանը (մէջտեղի շարք, ամենաձախին նստած) իր գիւղի դպրոցէն աշակերտներու հետ։ Նկարի աջ կողմի աղջնակը հաւանաբար լուսանկարին մէջ պատկերուած ուսուցիչներէն մէկուն դուստրն է։ Այս գիւղական դպրոցները յաճախ կը տառապէին տեղւոյն իշխանաւորներուն ձեռքը։ Ուսուցիչները քիչ կը վարձատրուէին՝ ան, ինչ որ իրենց աշակերտները ի վիճակի էին վճարելու։ Աշակերտները ամբողջական կրթութիւն ստանալու երաշխիք չունէին, որովհետեւ այս դպրոցներէն շատերը յանկարծ կը փակուէին տեղի իշխանութեան մէկ քմահաճոյքին բերումով։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1911։ Տեսարանը կը բացուի դէպի արեւմուտք՝ ընդգրկելով նկարի ձախին գտնուող ծառերու առաջին շարքին ետեւի զառիթափէն (61մ, մօտաւորապէս 200 ոտքաչափ, անդունդ մը) ձգուող սարահարթը։ Այդ կէտէն անդին գտնուող շէնքերը եւ ծառերը կը գտնուին գետի միւս ափին. յորձանուտը աւելի ցածին կը գտնուի, եւ հոն էր Պիթլիսի ամենէն հոծ բնակչութիւն ունեցող հատուածը։ Ամերիկեան խորհուրդի շէնքերը հետեւեալներն են. Բողոքական եկեղեցին կեդրոնին քովը գտնուող երեք կամարակապ պատուհանով միայարկանի շէնքն է, որուն պատը կ’երկարի դէպի աջ։ Եկեղեցիին ետեւը, ձախին, մանչերու վարժարանն է՝ Ճորճ Նափ վարժարանը։ Անոր քովը աղջիկներու դպրոցն է՝ Մաունթ Հոլեօք աղջկանց վարժարանը։ Նկարի յառաջամասի ամբողջ երկայնքին քրիստոնեաներու գերեզմանատունն է։ Պատմական բերդը ուրեմն ձորին մէջ գտնուի, հիւսիսը (աջին)։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1911։ Պիթլիսի տեսարանը՝ ձորաբերանէն դիտուած, գետի արեւելեան կողմէն։ Բերդը նկարի աջ կողմն է։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1) Մուշ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

2) Պիթլիս, 1911-ի շուրջ։ Կրնայ ըլլալ, որ այս լուսանկարին մէջ պատկերուած է 1911-ի պատմական ձնաբուքին ընթացքին տեղացած ձիւնը չափագրելու ելած արշաւախումբը։ Էլի քոյրերուն գործածած ձեռնասահնակը նկարի ձախ անկիւնին է։ Թերեւս անոր ետեւը (ձախին) կեցած կինը Էլի քոյրերէն մէկն է։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1911-ի շուրջ։ Տեսարան մը Պիթլիսէն առատ ձնատեղումէ ետք։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1911։ Հինգ օրուան ընթացքին երկուքուկէս մետրի չափ (ութը ոտնաչափ) ձիւն տեղաց Պիթլիսի վրայ։ Երրորդ օրէն ետք ձնահիւսը հարուածեց քաղաքը։ Նկարի յառաջամասին երեւցող պզտիկ շէնքերը հապճեպօրէն շինուած էին 1907-ի գարնանը՝ կործանարար երկրաշարժէ մը ետք։ Շարլոթ եւ Մերի Էլի քոյրերը ժամանակաւորապէս հոն ապրեցան։ Ետեւը երեւցող մեծ շէնքը Ճորճ Փ. Եւ Աննա Նափներուն տունն է, նախապէս եղած է Ճորճ Ս. Եւ Ալզինէ Նափներուն տունը։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1910-ի շուրջ։ Զառիթափէն, ուր կ’ապրէին միսիոնարները, դէպի արեւմուտք բացուող տեսարանը։ Քաղաքի ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող հատուածն էր աս։ Աջին (հիւսիս) կան ամրոցի աւերակները։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

Պիթլիս, 1915։ Այս էջին ցուցադրուած՝ Մարտինի մէջ ասեղնագործ սորվող որբերուն նկարին դարձերեսը։ Մարտինը «Արեւելեան Թուրքիա առաքելութեան» կայաններէն մէկն էր։ Կրնայ ըլլալ որ այս բացիկը բաժնուած էր մասնակիցներուն նախորդ ամառ տեղի ունեցած ամէնամեայ համաժողովին ատեն։ Շարլոթ Էլիի գրառումը կրնայ վերաբերիլ երեք միսիոնարներուն հաւանական պարապուրդին։ Բացիկը փոստ յանձնուած էր (կնիքը վկայ) իր մեկնակէտին մէջ (Պիթլիսի)։ Հաւանաբար ղրկուած էր Շալոթին կողմէ իր հօրաքրոջ աղջկան՝ տեղեկացնելու համար որ ինքը ողջ եւ առողջ էր պատերազմի ճիրաններուն մէջ գտնուող Թուրքիոյ մէջ։ Շարլոթը պիտի մահանար 11 յուլիս 1915-ին, Պիթլիսի՝ Ցեղասպանութեան զոհ դառնալէն մի քանի շաբաթ անց միայն։

1914-ի շուրջ։ 1907-ին Ճանէթ Էմերիքը, Մարտինի մէջ գործող միսիոնարուհի մը, կը մեկնարկէր «ասեղնագործի արդիւնաբերութիւն» կոչուածը՝ օգնելու համար կիներու եւ աղջիկներու որ իրենց ապրուստը վաստակեն կայսրութեան մէջ տիրող զրկանքի ու դժուարութեան օրերուն։ Ձեռագործները ԱՄՆ կը ղրկուէին եւ հոն կը ծախուէին։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)

1911-ի շուրջ, Թուխ (Պիթլիսէն 22 քմ – 14 մղոն հեռաւորութեան վրայ)։ Քիւրտ բնակիչներու խումբ մը կ’այցելէ պզտիկ տարողութեամբ բայց մեծ ներգործութեամբ այս դպրոցը, որ մասամբ կը հովանաւորուէր Արտաքին առաքելութիւններու յանձնակատարներու ամերիկեան խորհուրդին կողմէ։ (ABC 78.2 արկղ 17 թղթապանակ 9, Հոթըն գրադարան, Հարուարտի համալսարան)

Պիթլիս, 1900-ի շուրջ։ 1895-ի կոտորածներէն ետք Պիթլիս գտնուող միսիոնարները թէ՛ մանչերու, թէ՛ աղջիկներու համար որբանոցներ բացած էին։ Այս աղջիկներուն հոգ կը տանէին Մաունթ Հոլեօքի աղջկանց վարժարանէն ներս։ Իրենց ուսուցչուհին, որ դպրոցի շրջանաւարտ էր, նստած է աջ անկիւնը։ (Մաունթ Հոլեօք գոլէճի արխիւ եւ յատուկ հաւաքածոներ)