Մետճիթլու գիւղին վարէն բացուած տեսարանը դէպի Բիւրակն (Պինկէօլ) գետի ձորը (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces. London, 1901).

Պուլանըխի քազա - Աշխարհագրութիւն

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 25/10/17 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/10/17), թարգմանութիւն՝ Վարդան Մատթէոսեան

Պուլանըխի քազան կը կազմէր Պիթլիսի (Բաղէշ) վիլայէթի Մշոյ սանճաքի գաւառակներէն մէկը՝ ուշ օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Ան ծանօթ էր իբրեւ Հայկական լեռնաշխարհի հացահատիկի արտադրութեան ամենամեծ շրջաններէն մէկը։ Պուլանըխ (նաեւ Պուլանըք, Պուլանուխ կամ Պուլանըղ) անունը թրքերէն բառէ մը կու գայ, որ «ցեխոտ», «պղտոր» կը նշանակէ, թերեւս գաւառակը ծածկող սեւահողին պատճառով [1]։ Պատմական հայերէն անունը Հարք է։ Հարքը Մեծ Հայքի թագաւորութեան Տուրուբերան աշխարհի գաւառ մըն էր (Ք.ա. Դ. դար – Ք. ե. Ե. դար), եւ ըստ երեւոյթին աւելի մեծ տարածք մը կը գրաւէր, ներառելով Տուրուբերանի երեք յարակից գաւառակներ. Ապահունիք, Խորխոռունիք եւ Բզնունիք [2]։ Միջին դարերուն եւ օսմանեան դարաշրջանին, Պուլանըխի տարածքը հին հայկական թագաւորութեան Հարքի եւ, մասնակիօրէն, Խորխոռունիքի գաւառները կ՚ընդգրկէր [3]։

Պուլանըխի շրջանի հայաբնակ գիւղերը օսմանեան ժամանակաշրջանի իրենց անուններով։

Պուլանըխի քազան Մշոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը կը գտնուէր ու կը ձգուէր Մշոյ դաշտի հիւսիսային եզերքի գագաթներէն մինչեւ Արածանի (Մուրատ) գետը եւ Խամուրի լեռնաշղթայի հակադիր գագաթները [4]։ Անոր սահմանները հետեւեալներն էին. արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն՝ Մանազկերտի քազան (Մշոյ սանճաքի այլ գաւառակ մը), հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Էրզրումի նահանգի Խնուսի քազան, հարաւ-արեւելքէն՝ Պիթլիսի նահանգի Խլաթի քազան՝ Բզնունեաց լեռնաշղթայի երկայնքին, որուն բարձրագոյն գագաթը Սիփան լեռն էր (Նեխ Մասիք կամ Սիւփան տաղը), արեւմուտքէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Վարդոյի եւ Մշոյ քազաները (Մշոյ սանճաքի այլ շրջաններ)։ Պուլանըխի քազայի երկայնքը շուրջ 61 քիլոմեթր (38 մղոն) կը գնահատուէր, իսկ լայնքը՝ շուրջ 24 քիլոմեթր (15 մղոն) [5]։ Գաւառակի գլխաւոր քաղաքը՝ Կոպը, Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւմուտքը եւ Խաչլի լիճի (Հաճլը կէօլիւ) հիւսիսը կը գտնուէր, Կոր-ջուր գետի (Կիւլլիւճէ կամ Քէօրսու Տէրէսի) ձախ ափին, Մուշէն 78 քիլոմեթր (49 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք՝ Մուշ-Մանազկերտ ճանապարհին վրայ։

1) Կողքի էջ Էլիզէ Ռէքլիւի հեղինակած “The Universal Geography,” volume 9: South-Western Asia. London, 1891։

2) Հենրի Ֆիննիս Պլոս Լինչ։

3) Կողքի էջ Ֆրետերիք Միլլինկենի “Wild Life among the Koords” London, 1870։

Պուլանըխի աշխարհագրութիւնը գլխաւորաբար ընդարձակ հարթավայրերով կազմուած էր, բայց նաեւ լեռնային գօտիներ եւ բլուրներ կային։ Հիւսիս-արեւմտեան եւ արեւմտեան շրջանները մեծաւ մասամբ լեռնային էին։ Պիլեճանի լեռնային զանգուածը Պուլանըխի քազան արեւմտեան ու արեւելեան կողմերու կը բաժնէր կամ, վարչականօրէն, Վերին եւ Ստորին Պուլանըխի գիւղախումբերուն, որոնք նահիյէ կը կոչուէին։ Զոյգ նահիյէները ծածկուած էին հարթավայրերով, որոնք աւելի լայն ու հեռու կը տարածուէին Վերին Պուլանըխի մէջ, քանի որ Արածանի գետը զանոնք կը կազմէր [6]։ Հայկական գիւղերուն մեծամասնութիւնը մարգագետիններով եւ ցանքի դաշտերով շրջապատուած էր. գեղազմայլ տեսարանը շատ ծառախիտ չէր, եւ միայն ուռենիներ ու բարտիներ կ՚աճէին [7]։ Իբրեւ հետեւանք, գիւղացիները անասուններու թրիքը իբրեւ վառելանիւթ կ՚օգտագործէին [8]։ Պուլանըխի հայերու աշխարհագրական իրավիճակը աւելի նպաստաւոր էր՝ թուրքերու եւ քիւրտերու բաղդատմամբ։ Հայ բնակչութիւնը Հայկական լեռնաշխարհի արեւելքէն արեմուտք ուղղութեամբ տարածուած էր՝ խտութեան զանազան մակարդակներով։ Մշոյ մէջ, հայոց խիտ բնակչութիւնը սեպ մը ստեղծած էր՝ իսլամական բնակչութեան երկու ճիւղեր բաժնելով [9]։

Սարակն լեռը (Նեմրութ, Նեմրուտ լեռ) Վանայ լիճէն դիտուած (Աղբիւր՝ Élisée Reclus, The Universal Geography, volume 9: South-Western Asia. London, 1891)։

Պուլանըխի լեռնային շրջաններու բարձրակէտը Պիլեճանի զանգուածն էր (Պիլիճան տաղլարը), որ կը վերջանար սրածայր գագաթով մը, շուրջ 2.743 մեթր (9.000 ոտք),ըստ մէկ աղբիւրի [10] կամ շուրջ 2.950 մեթր (9.678 ոտք), ըստ մէկ ուրիշի։ Պիլեճանը կ՚երկարաձգուի հարաւէն դէպի հիւսիս-արեւելք Նազիկ եւ Խաչլի լիճերուն միջեւ, իսկ մօտակայ Սարակն (Նեմրուտ կամ Նեմրուտ տաղը) եւ Նեխ Մասիք (Սիփան) լեռներուն հետ կազմած եռանկիւնը «Սիփանի նետ» հայերէն անունը ստացած է[11]։ Զանազան լանջեր ու գագաթներ ունեցող այս լեռնազանգուածին ամենաբարձր գագաթը միեւնոյն անունը կը կրէ։ Այլ գագաթներ կոչուած են Դուման, Բերդի սար, Շեխ-իս, Ջոջ Հայաթ, Փոքր Հայաթ, Խանձառ, Քոսայ սար, Քալուաքար, Ջրովլորօ սար, Ջոջ ժախնոց եւ Շաքար Բուլաղ անուններով [12]։ Անոնց թրքական անուններն են՝ Պիլիճան Թեփեսի, Զիյարէթ Թեփեսի, Վանկեսոր Թեփեսի, Աւնի Քալէսի Թեփեսի, Շէյհթոքում Թեփեսի, Գարապուրուն Թեփեսի եւ Հասան Թեփեսի։ Թրքերէն եւ հայերէն անուններուն համապատասխանութիւնը կարելի չէ ճշդել։ Անցեալին, Պիլեճանը աւելի անտառածածկ լեռնակոյտ մը եղած էր եւ Էգեստար անունով (հայերէն Այգեստան բառի թրքացած ձեւը) պուրակ մը ունէր լանջերէն մէկուն վրայ [13]։

Աւանդութիւն մը լեռնազանգուածին անունը կը կապէ Բաբելոնի տիրակալ Բէլին, որ սպաննուած է ճակատամարտի ընթացքին Հայկ նահապետի լայնալիճ աղեղին արձակած նետով։ Բէլի դիակը այրուած է լերան գագաթը, ուրկէ կու գայ «Պէլ+ա+ճան» (հայերէն՝ «Բէլի մարմինը»)։ Այս տարբերակին ի նպաստ կը խօսի լեռնազանգուածին միւս անուանումը՝ Գերեզմանք (հայերէն գերեզման բառէն)։ Սակայն, ըստ տեղական աւանդազրոյցի մը, լեռնազանգուածին անունը Պէճան անունով թագաւորէ մը կու գայ, որուն տիրոյթը կը գտնուէր լերան լանջերուն մօտ։ Այլ վարկած մը առաջարկած է, որ լեռնազանգուածին անունը անոր լանջերէն փչող հովէ մը կու գար, զոր Փրխուսի (Խլաթի դրացի գաւառակի գիւղ) հայ բնակիչները պլէճ կոչած են։ Ըստ քրտերէնի ու պարսկերէնի քերականական օրէնքներուն, պլէճ «պլէճ+ան» բառի եզակի ձեւ մը կրնայ ըլլալ [14]։

Խոյլիպապան, որ իր բարձրութեամբ կը հետեւի Պիլեճանին, անտառապատ լեռ մըն է, որ կը գտնուի Խնուսի գաւառակին, Մշոյ սանճաքի Խանտրէզ նահիյէին եւ Ստորին Պուլանըխի նահիյէին կազմած եռանկիւնին մէջ։ Քոլիպապա ձեւով ալ ծանօթ լեռը  կանգնած է Պիլեճան լերան ու Խամուրի լեռնագագաթին միջեւ։

Խամուրի կատարը բարձր հողամասի մեծ բաժինի մը միացած էր, որուն արեւելեան պատը կը տարածուէր դէպի հարաւ, գրեթէ մինչեւ Արածանիի աջ ափը։ Այս տարածութեան ու Խամուրի կատարին ստեղծած խոր հովիտը հարաւ-արեւմուտք հիւսիս-արեւելք ուղղութեամբ գրաւուած էր Խոյլիպապայի կողմէ, եւ գլխաւոր կատարին լանջերուն հետ հազիւ միացած էր՝ լայն փոսէ մը անդին [15]։

Խամուրի լեռնաշղթան, որուն առջեւ կը տարածուի Խնուսի դաշտն ու հովիտը (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces. London, 1901)։

Այդ բարձր երկրամասին մէկ բաժինը ծանօթ է Զեռնակի լեռնաշղթայ անունով։ Զեռնակի լեռները կը ձգուին հիւսիսէն հարաւ եւ Խամուրի արեւելքը կը բարձրանան՝ Բիւրակն գետի (Պինկէօլ Սու) հովիտը իջնելէ առաջ [16]։

Քոսուր լեռնաշղթան, որ կը բարձրանայ Ստորին Պուլանըխի հարաւ-արեւմտեան ծայրամասին մէջ, կը սկսի Արածանի գետի աջափնեայ հարկատու Չարպոհարէն եւ կը կապուի Մշոյ դաշտին հետ, դառնալով Մշոյ սանճաքի երկու գաւառակները՝ Պուլանըխը եւ Մուշը անջատող արգելք մը։

Վերին Պուլանըխի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ, Քեքերլու գիւղին մօտ, անանուն ժայռաբլուրներ կային, որոնք «քեռներ» կամ «քռաներ» կը կոչուէին տեղական լեզուով։

Մետճիթլու գիւղին վարէն բացուած տեսարանը դէպի Բիւրակն (Պինկէօլ) գետի ձորը (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces. London, 1901)։

Պուլանըխի շարք մը կիրճեր եւ լեռնանցքներ կ՚ապահովէին անցումը դէպի շրջակայ նահիյէները, որոնց շարքին՝ Զատխա-գետուկ լեռնանցքը հիւսիս արեւմուտքը, Քելա-ռաշու կիրճը Ստորին Պուլանըխի հարաւային կողմը, Քեռսսա-գետուկ կիրճը Վերին Պուլանըխի հարաւային ծայրը (դէպի Մշոյ եւ Խլաթի գաւառակներ) եւ Զեռնակայ արահետը, որ հիւսիսային ուղղութեամբ դէպի Խնուս կը տանէր [17]։

Պուլանըխի համանուն դաշտը ամենաընդարձակն էր՝ Հայկական լեռնաշխարհի ամենաբերրի հողերով, որոնք բարձրորակ հացահատիկ կ՚արտադրէին [18]։ Ցորենի կողքին, Պուլանըխի դաշտը գարիի ու կորեկի յատկապէս լաւորակ տեսակ մը կ՚արտադրէր [19]։  Դաշտը երկայնքին կը տարածուէր Տութաղ գիւղէն դէպի հարաւ-արեւմուտք մինչեւ Թեղուտ գիւղը՝ 69 քիլոմեթր (43 մղոն), եւ լայնքին՝ Խնուս գետի արեւելեան ճիւղերէն մինչեւ Խաչլու գիւղը (26 քիլոմեթր կամ 16 մղոն)։ Հիւսիս-արեւելքին, դաշտին սկիզբը կը համարուէր Արածանի գետի հովիտին մէկ մասը՝ Տուկնուք գիւղի մօտերը, Մանազկերտի հիւսիսին։ Հարաւ-արեւմուտքին, Լիզի բլուրները դաշտը կը բաժնէին Մշոյ դաշտէն։ Արեւմուտքէն, դաշտը կը հատէր Պիլեճանի լեռնազանգուածն ու իր ճիւղաւորումները մինչեւ ուրիշ ընդարձակ հարթավայր մը։ Դաշտին միջին մասը կազմուած էր Արածանի, Մեղրագետ, Բադնոց եւ Խնուս գետերուն համախառնումով։

Պուլանըխի ուրիշ հարթավայրերու շարքին էին հետեւեալ դաշտերը։

Խազանայ դաշտը, որուն անունը կը բխէր Խաչլի լիճի Խազան անունէն, կը գրաւէր լիճի արեւելեան ափէն մինչեւ Քեքերլու գիւղի տարածքը։

Կոպի մօտերը տիղմով ծածկուած դաշտեր ու բերրի հարթավայրեր կային (Աճի Սու, Շորեր, Բաստովար, Ալիս եւ Շամբ), որոնք տեղական լեզուով հակոն կը կոչուէին։ Ասոնք կը կազմէին Օշական կամ Հաւթրանգ (քրտերէնէ թարգմանուած իբրեւ «եօթ գոյներ») ձորի ընդարձակ հատուած մը եւ Արածանի ափերուն դէպի արեւմուտք կ՚երկարէին մինչեւ Ալաշկերտ, որուն հետ Պուլանըխի դաշտը կը կապուէր Գլիչ-գետուկ անցուղիի ճանապարհով։ Պուլանըխի մէջ, այս հակոնները կ՚երկարէին  Մանազկերտէն մինչեւ Զեռնակ լեռներուն ստորոտը, շարունակելով գաւառակէն անդին՝ Չարպոհարի ափերէն մինչեւ Մշոյ դաշտը։

Ստորին Պուլանըխի մէջ, Լիզ գիւղաքաղաքի մօտերը Կոփօ անունով այգի մը կար եւ հարթավայր մը՝ Շախպերաթ գիւղին մօտ։ Կողակ գիւղին մօտակայքը անանուն փոքր դաշտ մը կար։

Ջուրը առատ էր Պուլանըխի մէջ, ուր բազմաթիւ գետեր կը հատէին գաւառակի դաշտերը։

Արածանին, նաեւ ծանօթ՝ Մուրատ Նեհրի կամ արեւելեան Եփրատ անուններով, ամենէն երկարն էր, որուն համար Հայկական լեռնաշխարհի մայր գետի անունը ստացած էր։ Արածանին կը ծագէր Ծաղկանց լեռներու (Ալատաղ) մօտ եւ կը հոսէր Թոնդրակ լերան հիւսիսը գտնուող ձորի մը մէջ՝ Տիատին գիւղի մօտակայքը։ Այստեղ տաք ծծմբային աղբիրներ կը բխէին գետափերուն երկայնքին գտնուող ձագարաձեւ հորերէ, որոնք հին ժամանակ ծանօթ էին «Վարշակի ջերմուկներ» անունով, ենթադրաբար՝ Սահակ Բ. Բագրատունի իշխանի Վարշակ եղբօր անունէն։ Դէպի արեւմուտք հոսելով Մանազկերտի ու Պուլանըխի ընդմէջէն, ուր կը միանար Խնուս գետին հետ՝ Շիրվանշեխ գիւղին մօտ, մինչեւ Մշոյ դաշտ, ուր կը միանար Մեղրագետին (Գարասու), Արածանի գետը կը հանդիպէր Եփրատին [20]։ Տեղացիները գետի ջուրը չէին գործածեր ոռոգումի համար, բայց անոր ափերուն երկայնքին գտնուող հովիտներուն ու խոտաւէտ դաշտավայրերուն բերրի հողի պտուղը կը քաղէին։ Խնուսի գետն ու իր հարկատուները, ինչպէս եւ այլ գետեր ու վտակներ, կ՚օգտագործուէին ոռոգումի համար։

Նման վտակ մը Խաչլի լիճի հիւսիսային ափէն կը բխէր եւ Քոր-ջուր անունով ծանօթ էր։ Ըստ աղբիւրի մը, Քոր-ջուրի անունը կու գար «կոյր», «արատաւոր» նշանակող հայերէն բառէ մը՝ պղտոր ջուրերուն պատճառով [21]։ Այլ աղբիւր մը կ՚առաջարկէ, որ վտակին սկզբնական Քորոյ-ձոր անունը կու գայ հին Տուրուբերան նահանգի Քորի գաւառէն [22]։ Թէեւ Քոր-ջուրը խորութիւն չունեցող վտակ մըն էր, անոր ջուրերը հակոններ կը կազմէին ափերու երկայնքին եւ կենսական էին գիւղացիներուն համար, որովհետեւ դաշտերը կ՚ոռոգէին եւ ջրաղացներուն ուժանիւթ կը հայթայթէին։ Շէյխեաքուպ գիւղի եւ Կոպի մօտ հոսելով, վտակը դէպի արեւմուտք կը շրջէր եւ ի վերջոյ Արածանիի ձախափնեայ հարկատու կը դառնար։

Ուրիշ վտակ մը՝ Պերուշը (Պերուշ Տերեսի), Խաչլի լիճի հարաւային ափէն կը բխէր ու կը հոսէր Փիրան գիւղին ընդմէջէն։

Սեւ-ջուրը կը ծագէր Կոնքլիկի մէջ, Պիլեճան լերան հիւսիսը եւ Կոպի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող բլուր մը։ Վտակը իր ջուրերը յետոյ կը թափէր Քոր-ջուրի մէջ։ Նախապէս, Սեւ-ջուրը կը հասնէր Կոպի մօտակայքը գտնուող Ալիսի դաշտը եւ եղէգնեայ ճահիճ մը կը կազմէր հոն։ Ժամանակի ընթացքին, ճահիճը չորցած ու լայնարձակ մարգագետին մը դարձած էր։

Լզա-գետը, որ նաեւ ծանօթ էր Վարդ կամ Լզա-ջուր (Մոլլոքենտ Տերեսի) անունով, Արածանիի ձախափնեայ հարկատու մըն էր։ Գետը ծագում կ՚առնէր Վանայ լիճի հիւսիս-արեւմտեան շրջանէն, Փիոնք եւ Մոլլաքենտ գիւղերուն մօտ՝ Պիլեճան լերան արեւմտեան լանջերը բխող աղբիւրներէն։ Լզա-գետը Ստորին Պուլանըխի մէջէն կը հոսէր դէպի արեւմուտք, ոռոգելով դաշտեր եւ ուժանիւթ հայթայթելով ջրաղացներուն, նախքան Արածանիի հետ միախառնումը Ագրակ գիւղին մօտերը։

Երկու լիճ կար Պուլանըխի մէջ. Խաչլի լիճը, որ հիմնականին լճակ մըն էր եւ 10 քառակուսի քիլոմեթր (4 քառակուսի մղոն) կը ծածկէր, եօթը մեթրի (23 ոտք) առաւելագոյն խորութեամբ, եւ Նազիկ լիճը՝ 44 քառակուսի քիլոմեթրով (17 քառակուսի մղոն) եւ շուրջ յիսուն մեթրի (164 ոտք) առաւելագոյն խորութեամբ։ Խաչլի լիճը նուազ բարձրութեան վրայ կը գտնուէր (1692 մեթր կամ 5550 ոտք) քան Նազիկ լիճը (1876 մեթր կամ 6155 ոտք)։

Պուլանըխի գաւառակը (քազա) (Աղբիւր՝ Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891)։

Խաչլի լիճը հարուստ էր մուգ տիղմով, ինչ որ ծնունդ տուած էր անոր անուններէն մէկուն՝ Պուլամա («ցեխոտ լիճ») [23]։ Լիճը նաեւ ծանօթ էր Խաչի, Խաչան, Խաչլուայ, Քազան կամ Խազանայ, եւ Պուլանըխ անուններով։ Քիւրտերը զայն կոչած են Կոլա Շէլօ [24], ածանցուած՝ ասորեստանեան Շայլու անունէն, որով անգլիացի հնագէտ Օսթին Հենրի Լայարտ կոչած է լիճը ԺԹ. դարու կէսերուն [25]։ Լիճը գրեթէ շրջանակաձեւ էր, երեք կամ չորս քիլոմեթր (2-3 մղոն) տրամաչափով. գոյնը ցեխոտ սրճագոյն էր, եւ գարշահոտ մը կ՚արտադրէր՝ բուսանիւթի խմորումին հետեւանքով [26]։ Անոյշ ջուրով լիճը հարուստ էր ձուկերով։ Լիճը երկու կղզեակ ունէր, որոնք թռչուններու ծիրտի թանձր խաւով ծածկուած էին, ինչ որ կիրի թեթեւ գունաւորում մը կը ստեղծէր։ Տեղին պիտի ըլլար Խաչլին կոչել «Վերին Պուլանըխի Նեղոսը», քանի որ երկու վտակներով անկէ բխող ջուրերը մերձակայ դաշտավայրերը կ՚ոռոգէին։ Խաչլի լիճին յարակից հողը արեւելեան ու հարաւային կողմերուն հարթ էր։ Դէպի արեւմուտքն ու հիւսիսը, Պիլեճան լերան աւելի ցած բարձունքներ մինչեւ լճափ կը հասնէին [27]։

Ըստ առասպելի, Խաչլին խորհրդաւոր լիճ մըն էր, որուն ջուրերը հրեղէն ձիերով ու գոմէշներով բնակուած էին։ Կ՚ըսուէր, թէ գոմէշները երբեմն ջուրերէն դուրս գալով կովերը կր բեղմնաւորէին՝ արտադրելով ձիւնաթոյր շառաւիղներ։ Ուրիշ առասպել մը կը պատմէր, թէ Պռօշ կռապաշտ թագաւորին պալատը լիճի արեւմտեան ափին մօտակայ Լաթար գիւղը կը գտնուէր [28]։ Չճշդուած աղբիւրներ նշած են, թէ պալատը կանգնած էր Քելա Հոշկ քրտերէն անունը կրող փոքր ամրոցի մը մէջ, որուն աւերակները լիճի հիւսիսային ափին մօտ կը գտնուին, Կոպի Ս. Դանիէլ վանքէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք [29]։ Մեռնելէ առաջ, թագաւորը որոշած էր, որ իր պողպատէ սուրը՝ հաւլունի թուրը, լիճը նետուէր՝ անոր երեք որդիներուն միջեւ պայքարը կանխելու նպատակով։ Թագաւորը իւրաքանչիւրին հրամայած էր հերթով կատարել իր փափաքը։ Աւագ եւ միջնեկ որդիները յաջորդաբար սուրը իրենց ձեռքը առնելէ ետք, սուտ խօսած էին իրենց հօր՝ իբրեւ թէ սուրը լիճը սուզած ըլլային։ Սակայն, անոնց խաբեբայութիւնը բացայայտուած էր։ Միայն կրտսեր որդին գործադրած էր հօր հրագանգը եւ պատմած՝ որ սուրը լիճը սուզելէ ետք, լիճին ջուրերը բարձրացած ու պղտորած էին, իսկ խորերէն՝ բարձր ձայներ լսուած։

Ըստ առասպելին, քաջերը կ՚իշխէին այդ լիճին յատակին, եւ անոնցմէ հզօրագոյնը ձեռք առած էր սուրը՝ իր գլխուն տակ դնելով ու անոր ամրօրէն կառչելով։ Ի պատասխան, ուրիշ քաջեր ամէն շաբաթ անոր վրայ կը յարձակէին՝ զինք կախարդական սուրէն զրկելու համար։ Այս մարտերը պատճառ կը դառնային, որ լիճը բարձրանար, ջուրերը պղտորէին եւ ցնցումի ձայներ բարձրանային անոր խորերէն։ Թագաւորը գուշակեց, որ երբ լիճը չորնար, քաջերու ծեծկռտուքին յաղթականը երեւան պիտի գար՝ սուրը կրելով [30]։ Խաչլի լիճի արեւմտեան ափին մօտերը եւ Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւելեան ստորոտը պատմական բնակավայր մը կար, որ օսմանեան շրջանին ծանօթ էր Խարապաշէհիր անունով։ Ըստ հին ժամանակագիրներու, Հայկ նահապետի կողմէ հիմնուած էր՝ Բաբելոնը ձգելէ ու Արարատի երկիրը մտնելէ ետք։ Ան բնակավայր մը հիմնած էր Վանայ լիճի հիւսիս-արեւմուտքի հարթավայրին մէջ, իր անունով Հայկաշէն կոչելով զայն [31]։

Թարմ ջուրերով Նազիկ լիճը, որ նաեւ «Նազուկայ լիճ» կը կոչուէր, Խաչլի լիճի հարաւը կը գտնուէր։ Ամենայն հաւանականութեամբ, լիճին անունը հայերէն «նազելի» բառէն կու գար։ Լիճին ջուրը ջինջ ու անոյշ էր, եւ հետեւաբար՝ ըմպելի։ Նազիկ լիճը հաւկթաձեւ էր եւ կղզեակ մը ունէր։ Լիճը առատ էր հաւալուսներով, որոնք առանձինն կը լողային կամ երամներով կը թռչէին անոր վրայ [32]։ Մակերեւոյթին տակ, առատ ձուկ կար՝ մեծ իշխանաձուկի շատ համեղ տեսակ մը։ Ձկնորսութիւնը միայն տարուան մէկ շրջանին տեղի կ՚ունենար՝ Մայիսի վերջերուն։ Լիճն ու շրջակայքը հանդարտ ու քաղցր, շատ գեղատեսիլ տեսարան մը կը պարզէր։ Ջուրին հարթ ու հանդարտ մակերեւոյթը շրջակայ համայնապատկերը կը ցոլացնէր՝ հայելիի նման։ Հինգ հարկատու վտակներ կը թափէին լիճին մէջ, որուն ջուրերը դուրս կը հոսէին երկու վտակներով, որոնցմէ մէկը կ՚ընթանար դէպի Արածանի գետը Լիզ գիւղաքաղաքի մօտակայքէն, իսկ միւսը՝ դէպի Վանայ լիճ, Խլաթ գիւղի մօտ [33]։ Նազիկի պէս լճակի մը համար, եզակի երեւոյթ մըն էր լիճի մը եւ գետի մը հարկատուներ ղրկել [34]։ Ջուրի արտահոսքը շարունակուած է մինչեւ Ի. դարու սկզբնաւորութիւնը. այնուհետեւ, ան դադրած է՝ իբրեւ հետեւանք ճամբաներու եւ ջուրը օգտագործող շինութիւններու կառուցումին։

Խաչլի եւ Նազիկ լիճերը գեղեցկութեան պահ մը կը բերէին Պուլանըխի մռայլ, դեղնորակ համայնապատկերին, որուն գրաւչութիւնը կը հայթայթէր ձիւնածածկ Սիփան լեռը՝ լիճերուն հարաւ-արեւելքը, Վանայ լիճէն անմիջապէս դէպի հիւսիս։ Ննջող այս հրաբուխը (4058 մեթր կամ 13.314 ոտք), որուն մեծազանգուած գագաթը հատուած կոնի ձեւ ունէր, Հայկական լեռնաշխարհի երկրորդ բարձրագոյն լեռն էր՝ Արարատէն (Մասիս) ետք։ Լեռնալանջերը ծածկուած էին ալպեան մարգագետիններով ու անուշահոտ ծաղիկներով։ Լերան ստորոտը փոքր ու ջինջ լիճերով ծածկուած էր։ Սիփան լերան լանջերէն, Պուլանըխի բնակիչները կրնային հիանալ, մէկ կողմէ, Վանայ լիճի գեղատեսիլ ջուրերով, եւ, միւս կողմէ, Պուլանըխի եւ Մանազկերտի գաւառակներու գեղեցիկ համայնապատկերով։

Սիփան լեռը Բադնոցի դաշտէն դիտուած (Աղբիւր՝ Lynch, H.F.B. Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces. London, 1901)։

Պուլանըխի կլիման չափաւոր էր եւ առողջարար։ Ասոր պատճառը լեռնային մակերեւոյթն էր, ինչպէս եւ անոյշ ջուրն ու բերրի հողը, որ աւազի գոյն ունէր ու խոնաւ էր [35], կամ սրճագոյն՝ մշակուելու ժամանակ [36]։ Երկու հակընդդէմ հովեր տարբեր ուղղութիւններով կը փչէին՝ ազդելով տեղական բուսականութեան վրայ։ Անոնցմէ մէկը տեղացի հայերու կողմէ «Մշոյ քամի» կոչուած հարաւ-արեւմտեան հովն էր, տաք ու չոր, որ կարմիր խաւ մը կը ձգէր հացահատիկներու վրայ, հասկերը կը ծռէր եւ հատիկները կը նուազեցնէր։ Միւսը «Աճմու քամի»ն էր՝ Պարսից ծոցէն Վանայ լիճ փչող կենարար ու նպաստաւոր հով մը, որ զովութիւն ու խոնաւորութիւն կը բերէր բերքերուն։

Սառեցնող ցուրտ կամ թեթեւ ցրտահարութիւն չկային ձմրան սկիզբը, բայց ձիւնը կը տեղար անդադար, յաճախ հասնելով մինչեւ ծունկերը։ Ձմրան արեւադարձէն ետք, եղանակը կը պաղէր եւ գետին կը սառէր։ Ձմեռները կանուխ կու գային Մշոյ մէջ, ընդհանրապէս՝ Նոյեմբերին, երբեմն՝ Հոկտեմբերին, եւ մինչեւ Ապրիլի կէսերուն կը տեւէին։ Ցուրտը կը տեւէր շուրջ քառասուն մռայլ օրեր։ Խաչլի լիճի մինչեւ 71 սանթիմեթր (28 ոտք) հաստութիւն ունեցող սառոյցի ծածկոյթը կը ճեղքուէր, իսկ թնդիւնը շաբաթներով կը լսուէր մինչեւ գաւառակի հեռաւոր անկիւնները։ Գիշերները ծանր մշուշ մը կը տարածուէր գաւառակին վրայ, վաղ առաւօտեան դէպի լեռները քշուելէ առաջ։ Ձմեռը կը յառաջացնէր ձիւնաբուքեր կամ գետնաշունչ մրրիկ, եւ կամ երկուքին համադրութիւնը, իսկ «սատանի քամի» անունը կրող մրրիկներ եւ ուրականներ դէպի երկինք կը բարձրանային։ Հիւսիս-արեւելքէն եկող սառուցեալ թեթեւ քամին, որ կը կոչուէր պարզեղ, երկինքը կը մաքրէր, գարնան գալուստը աւետելով։

Գարունը աւելի մեղմ, թէեւ անվստահելի եղանակ մը կը բերէր։ Մարտին, մութ ամպեր կը կուտակուէին, պարագայական անձրեւներ յառաջացնելով, որոնք ձիւնի խոր ծածկին վրայ չէին ազդեր։ Աստիճանաբար, տաք «հարաւ քամի»-ի օգնութեամբ, անձրեւները ձիւնը կը փափկացնէին եւ հալեցման պատճառ կը դառնային։ Գաւառակի արեւելեան կողմերը, Վանայ լճի եղանակային ազդեցութիւնը բերրի սեւ հողը կը յառաջացնէր։ Անձրեւները կ՚ուժեղանային Ապրիլի կէսերէն, նշելով ձմրան իսկական վերջը եւ գարնան զարթօնքի սկիզբը։

Ամառները կիզիչ էին, իսկ երբեմն մշուշը կը խտանար լեռներուն շուրջ։ Ամրան, Պուլանըխ մանանայի առատ բերք կու տար։ Ան կը յայտնուէր ճերմակ հատիկներու կամ կարկտահատիկներու տեսքով լայնատերեւ ծառերուն վրայ, ինչպէս հացենի կամ կաղնի։ Մանանան շաքարոտ մեղրի համ ունէր, ուստի մշեցիները զայն «Սուրբ Կարապետի հալվա» կը կոչէին։ «Կազպա» կամ «կազպէն» անունով, մանանան Աստուածաշունչի մէջ կը յիշուի իբրեւ Աստուծոյ մատուցած կերակուրը իսրայէլացիներուն՝ Եգիպտոսի ելքէն ետք, Սինայի անապատէն դէպի Աւետեաց Երկիր քալելու ընթացքին [37]։

Աշնան, չոր եղանակին, եղեամը կը ծածկէր գետինը եւ մինչեւ 15 սանթիմեթր (6 մատնաչափ) խորութեամբ կը թափանցէր։ Սակայն, աշնան եղանակին մեծ մասը շատ ցուրտ էր՝ անձրեւախառն հովերով։ Ուշ աշունը ուժեղ «հիւսիս քամի»-ն կը բերէր, որ անսպասելիօրէն կու գար, բայց շուտով կ՚անհետանար։

  • [1] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք գաւառ», տե՛ս Ազգագրական հանդէս, Ե., Թիֆլիս, 1899, էջ 9։
  • [2] Թադեւոս Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն. Ուրուագծեր, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 2007, էջ 159։
  • [3] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris, ARHIS, 1992, p. 498.
  • [4] H. F. B. Lynch, Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London and New York, Longmans, Green, & Co., 1901, p. 345.
  • [5] Բենսէ, նշ. աշխ, էջ 11։
  • [6] Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), Վանի, Բիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, տպարան Կուլտուրա, 1912, էջ 144։
  • [7] Մանուէլ Միրախորեան, Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի, Գ. հատոր, Պոլիս, «Պարտիզպանեան» հրատ., 1885, էջ 67։
  • [8] Philippov, Vladimir N. Voennoe obozrenie Aziatskoi Turcii (A Military Review of Asiatic Turkey). (Saint Petersburg: A.E. Landau Publishing House, 1881), pp. 20-21. (in Russian)
  • [9] Lynch, op. cit., p. 425.
  • [10] Ա-Դօ, նշ. աշխ., էջ 144։
  • [11] Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բաշխեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 1, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 1986, էջ 702։
  • [12] Բենսէ, նշ. աշխ., էջ 12։
  • [13] Բենսէ (Սահակ Մովսիսեան), «Հարք (Մշոյ Պուլանըխ)», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն, հատոր 3, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1972, էջ 33։
  • [14] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 12։
  • [15] Lynch, op. cit., pp. 333, 350.
  • [16] Ibid, 347.
  • [17] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 11, 13։
  • [18] Lynch, op. cit., pp. 344-345.
  • [19] G. W. Prothero (ed.), Armenia and Kurdistan, London: H.M. Stationery Office, 1920, pp. 50, 65.
  • [20] Կամսար Աւետիսեան, Հայրենագիտական էտիւդներ, Երեւան, «Սովետական գրող» հրատարակչութիւն, 1979, էջ 32։
  • [21] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 15։
  • [22] Յակոբեան եւ այլք, նշ. աշխ., հատոր 3, էջ 236-237։
  • [23] Lynch, op. cit., p. 344.
  • [24] «Համբաւաբեր», թ. 25, 1916, էջ 797։
  • [25] Austen H. Layard, Discoveries among the Ruins of Nineveh and Babylon, New York, Harpers & Brothers, 1853, pp. 16-17.
  • [26] Felix Oswald, A Treatise on the Geology of Armenia, Iona, Beeston, Nottinghamshire, n.p., 1906, pp. 175-176.
  • [27] Lynch, op. cit., p. 343.
  • [28] Բենսէ, «Հարք (Մշոյ Պուլանըխ)», էջ 48։
  • [29] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 14։
  • [30] Գարեգին Սրուանձտեանց, Համով-հոտով, հ. 1, հրատ. Հայ Գրագէտներու Բարեկամներու, Փարիզ, «Արաքս» տպարան, 1949, էջ 83-85։
  • [31] Յակոբեան եւ այլք, նշ. աշխ., հատոր 3, էջ 339 եւ հատոր 2, էջ 690։
  • [32] Lynch, op. cit., pp. 323-324.
  • [33] Frederick Millingen, Wild Life among the Koords, London, Hurst & Blackett Publishers, 1870, pp. 93-94.
  • [34] Élisée Reclus, The Universal Geography, volume 9: South-Western Asia, London, J.S. Virtue & Co., 1891, p. 167.
  • [35] Միրախորեան, նշ. աշխ., էջ 67։
  • [36] Lynch, op. cit., p. 258.
  • [37] Սարգիս Սերովբեան, «Տիգրանակերտն ու մանանան», Ակօս, 9 Մարտ 2015,