Արմենուհի Գեւոնեան ծնած է Մուշ, Սուրբ Մարինէի թաղին մէջ, 1902-ին։ Դուստրն է գրագէտ եւ ազգային գործիչ, Մշոյ երեսփոխան Գեղամ Տէր Կարապետեանի (1856-1918) եւ պատմական Կիւլիզարի (1875–1948)։ Իր մանկութեան օրերուն, զորս անցուցած է Մշոյ քաղաքի եւ դաշտի ժողովուրդին մէջ, մօտէն շփում ունեցած է հայ շինականին հետ, սնած աւանդական բարքերով, մասնակցած հռչակաւոր վանքերու ուխտագնացութեանց, տեսած տարօնցի հայուն վիշտն ու ծիծաղը։
Մշոյ Սբ. Առաքելոց վանքը (Թարգմանչաց վանք) 1904-ին («Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգեր» ձայնասկաւառակին կողքէն)։
1914-ին աշնան, Կարնոյ եւ Սեբաստիոյ ճանապարհով իր մօր հետ կը փոխադրուի Պոլիս, հրաշքով ազատելով Մեծ եղեռնէն։ Պոլսոյ մէջ շրջանաւարտ ելած է Էսաեան վարժարանէն, ուր յետոյ ուսուցչութիւն ըրած է, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցւոյ գաղթականաց դպրոցին մէջ։ Այդ շրջանին յաճախակի լսուած է ազգային բեմերէն, որպէս նորատի երգչուհի, աշակերտ Գրիգոր Սիւնիի, եւ մեներգիչ եղած է Կոմիտասի Հինգ Սաներու նորակազմ երգչախումբին մէջ, Գոհարիկ Ղազարոսեանի եւ Արտաշէս Սէմէրճեանի հետ միասին։
1925-ին, որպէս առաջնորդ հայ կաթողիկէ գաղթականներու խումբի մը, գաղթած է Ֆրանսա եւ նոյն տարին հաստատուած՝ Փարիզ։ Աշխատած է Կաթողիկոսական Պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ, Գրիգոր Եպիսկոպոս Պալաքեանի մօտ, եւ ապա «Յառաջ»ի խմբագրատան մէջ, միաժամանակ աշակերտելով երգուսոյց Մարգարիտ Պապայեանի եւ յայտնի դաշնակահարուհիի՝ Տիրուհի Զառափեանի։ Յետագային հետեւած է նաեւ Ժանն Ճամպազի եւ Փարիզի Օփերայի երգչուհի՝ Սիւզան Հետուանի դասերուն։
Առաքելոց վանք բարձրանալու համար Մշոյ արեւելեան կողմը գտնուող Յարաղ գիւղը պէտք է երթալ եւ դառնալով դէպի հարաւ վանքին ճամբան բռնել։ Յարաղցի գիւղացիներ գետնի վրայ խաչի նշան մը գծելով ֆրանսացի արուեստի պատմաբան Ժան-Միշէլ Թիեռիին հասկցուցած են իրենց ծածուկ ինքնութիւնը եւ իրենց ընտանիքին քով պահուած խաչը իրեն յանձնած են, յուսալով փրկել զայն։ Երբ Թիեռի Փարիզ կը վերադառնայ, 1975-ի շուրջ, խաչը Արմենուհի Գեւոնեանին կը նուիրէ, գիտնալով թէ մանկութեան ան այցելած էր Առաքելոց վանք։
Աւելի քան քսան տարի փարիզահայ գաղութի մէջ մեկնաբան ըլլալէ վերջ Կոմիտաս Վարդապետի, Վարդան Սարգիսեանի, Արա Պարթեւեանի, Գրիգոր Մերհապի եւ Աւետիս Մեսումենցի երկերուն, 1948-ին կու տայ տարօնական երգերու անդրանիկ երգահանդէսը, Արշակ Չօպանեանի հովանաւորութեամբ։ Նորութիւն մը կը հանդիսանայ այս ձեռնարկը, որուն յաջողութեան արձագանգելով՝ Տարօն Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւնը զինք կը հրաւիրէ Միացեալ Նահանգներ, հոն եւս տարածելու համար գաւառի հարազատ ոգին։ 1949-1951, Նիւ Եորքէն Սան Ֆրանսիսքօ, տասը քաղաքներու հայ հասարակութեան մէջ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ թէ՛ իր տարօնաշունչ երգերով, թէ՛ տարազով։ Իսկ 1953-ին, ճամբորդելով դէպի Միջին Արեւելք, երեք երգահանդէսներով կը ներկայանայ Պէյրութի եւ Հալէպի հայութեան։
Գրեթէ տասը տարի յետոյ է, որ 1962-ին, Արմենուհի Գեւոնեան կը յայտնուի դարձեալ փարիզահայ հասարակութեան, որուն առջեւ պիտի վերադառնայ երեք անգամ եւս՝ 1967ին, 1977-ին եւ 1979-ին։ Նոյն ժամանակամիջոցին, 1963-էն 1978, շնորհիւ փարիզահայ համայնքին, հինգ անգամ կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ելոյթ ունենալով Երեւանի երաժշտական եւ համալսարանական շրջանակներու մէջ, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի ճեմարանին մէջ, օժանդակութեամբ Սփիւռքահայ Միութեան (կամ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմտէ)։
Վերջապէս եղած է կրկին Պոլիս (1969), Վենետիկ (1970), Լիոն (1980) եւ Նիս (1981)։
1) Կիւլիզար (1875-1948) նստած է ձախին, իսկ Արմենուհի Տէր Կարապետեան (հետագային Գեւոնեան) ոտքի կեցած է իր քով աջին. լուսանկարուած Երուսաղեմ։
2) Կեդրոնը նստած՝ Կիւլիզար, ոտքի ձախին՝ Արմենուհի Տէր Կարապետեան (հետագային Գեւոնեան), իսկ աջին ոտքի կեցած աղջիկը Երանիկ Տէր Կարապետեանն է (Զաքար Տէր Կարապետեանին դուստրը, Զաքար Գեղամ Տէր Կարապետեանի եղբայրներէն մէկն է, մահացած է 1907-ին)։ Այս լուսանկարը Մուշ կամ Պոլիս նկարուած է։
Վաթսունական թուականներէն ասդին, Արմենուհի Գեւոնեան իր ելոյթները կատարած է մանաւանդ ձայներիզներով (playback)։ Արդարեւ, շնորհիւ բանաստեղծուհի Մարի Աթմաճեանի եւ իր ամուսնոյն՝ Շառլ Լըշըվալիէի, Տարօնի երգերու գրեթէ ամբողջութիւնը այդ օրերուն առնուած են ժապաւէնի վրայ եւ լոյս տեսած են «Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգեր» առանձին ձայնապնակով։
Իսկ 1978ին, երաժշտագէտ Ցիցիլիա Բրուտեանի աշխատասիրութեամբ եւ Լեւոն Աստուածատուրեանի ձայնագրութեամբ, նոյն երգերէն հաւաքածոյ մը հրատարակուած է Երեւանի մէջ։
Արմենուհի Գեւոնեանի մշակումներու հաւաքածոն հանրութեան կը ներկայացնէ ժողովրդական երգեր, զանոնք իր ծննդավայրին մէջ լսած հայուհիի մը հարազատ ձայնով։ Կու գան անոնք Տարօնի աշխարհէն՝ Մշոյ քաղաքէն եւ դաշտէն, Սասնոյ լեռներէն, եւ դրոշմուած են երգչուհիին հոգւոյն մէջ իր մանկութեան օրերէն։ Այս նշխարները առած է ան նահապետական ընտանիքէն, գեղջկական կեանքէն, հայրենի խրախճանքներէն եւ սրբավայրերէն. արձագանքն են շինականի առօրեային, ժողովրդեան խինդ ու ծիծաղին եւ ցաւերուն, իր անհուն երկիւղածութեան, հերոսական կռիւներուն։
Երգերը կը պահեն իրենց բնական երաժշտականութիւնը։ Շատերը միօրինակ յօրինուածք ունին. ուրիշներ բաժնուած են տուներու, որոնց պարագային միայն եղած են կրճատումներ։ Կան քանի մը կցումներ ալ եւ, տեղ տեղ, կորսուած տողի մը փոխարէն մշակուած է նորը։ Կը բաղկանան սիրերգներէ, պարերգներէ, ողբերէ, աշուղական եւ յեղափոխական երգերէ։ Ձայնագրութիւնը, դէպքերու բերմամբ, կատարուած է գլխաւորաբար 1961-էն 1971, երբեմն աւելի ուշ, եւ հետեւաբար տպագրութեան համար յաճախ օգտագործուած են հին կամ անյաջող ժապաւէններու ընդօրինակութիւններ, առանց սակայն նուագի յաւելեալ ընկերակցութեան։
«Տուածուրիկ» (Աստուածատուր) երգչուհիին հետապնդած նպատակն եղած է ոչ միայն փրկել անհետացումէ, այլ ամենայն հաւատարմութեամբ փոխանցել արդէն պատմական արժէք ստացած ժառանգ մը։
Արդ լսելի դարձնելով Տարօնի ինքնատիպ ձայնի հարազատութիւնը եւ արտայայտութեան ոճը, Արմենուհի Գեւոնեան կ՚ուզէ գոնէ քար մը աւելցուցած ըլլալ մոխրակոյտի վերածուած աշխարհի մը վերականգման գործին։
Երգերու եւ լուսանկարներու հաւաքածոյ
Այս երգերու եւ լուսանկարներու հաւաքածոն Տէր Կարապետեան եւ Գեւոնեան ընտանիքներու արխիւէն է. մեր խորհին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Գեղամ Գեւոնեանի այս արխիւը Յուշամատեանի տրամադրութեան տակ դնելու համար։ Կան լուսանկարներ Մուշէն, Պոլիսէն եւ Փարիզէն, հաւաքածոն նաեւ կը ներկայացնէ Արմենուհի Գեւոնեանի երաժշտական գործունէութիւնը։ Իսկ Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգերու հաւաքածոն առիթ կ՚ընծայէ լսել Արմենուհիի գեղեցիկ կատարումները։
Գեղամ Տէր Կարապետեան (1865-1918), գրող, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ, Մուշի Օսմանեան երեսփոխան։ Առաջին լուսանկարը 1909-էն է։
1) «Տարօնի աշխարհ, պատկերներ ու պատմուածքներ», հեղինակ՝ Գեղամ Տէր Կարապետեան, տպուած Փարիզ, 1931-ին։
2) Գիրքին առաջին էջերը՝ աջի էջը բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, իսկ ձախի էջին վրայ շարք մը կարեւոր մակագրութիւններ կան, որոնցմէ են՝ Կարօ Սասունի, Վազգէն Շուշանեան, Օհան Կարօ, Մկրտիչ Երիցանց, Սիմոն Վրացեան, Մկրտիչ Պարսամեան եւ Լեւոն Մոզեան։
1) Պոլիս, 1913, Մայր եկեղեցի։ Լուսանկարին բացատրութեան մէջ ձեռագիր գրուած է «կրկնակ յոբելեանին» առիթով։ Այս մէկը կ՚ակնարկէ հայոց գիրերու գիւտին հանդիսաւոր նշումին։ 1) Իսրայէլ Տխրունի, 2) Գեղամ Բարսեղեան, 3) Լեւոն Գեւոնեան, 4) Գրիգոր Թորոսեան (Կիկօ), 5) Խաչիկ Իտարէճեան, 6) Արմէն Յակոբեան։ Բացի Լեւոն Գեւոնեանէն եւ Արմէն Յակոբեանէն, միւս բոլորն ալ Մեծ Եղեռնի զոհեր են։
2) Գեղամ Տէր Կարապետեանի այցեքարտը որպէս Մշոյ Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան։ Այցեքարտին վրայ գրուած է հայերէնով եւ օսմանեան թրքերէնով։ Թուականը՝ շատ հաւանաբար 1911։
Ձախէն աջ՝ Նարդուն (Կիւլիզարի խորթ մայրը), Տէր Յարութիւն (Կիւլիզարի հօրեղբայրը), Կիւլիզար (Խարս գիւղէն), գետին նստած երեխան՝ ինքնութիւնը անյայտ։ Լուսանկարուած Պոլսոյ մէջ, Կիւլիզարի դատավարութեան առիթով, 1889-ի շուրջ։
Պատանեկութեան տարիքին, Կիւլիզար քիւրտ աշիրապետ Մուսա Պեկին ուշադրութիւնը կը գրաւէ. այս վերջինը մերժուելով՝ կ՚որոշէ առեւանգել 14-ամեայ Կիւլիզարը եւ զինք կը տանի իր գիւղը՝ Հեւետիկ։ Ի տարբերութիւն շատ մը առեւանգուող աղջիկներու ճակատագիրին, Կիւլիզարի պարագան բացառիկ է՝ իր դիմադրութեան պատմութեամբ։ Ասոր առընթեր, ընտանիքի ջանքերուն շնորհիւ, Կիւլիզար քանի մը անգամ կը ներկայանայ դատարանի առջեւ եւ կը փաստէ իր հայ պատկանելիութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Հռչակաւոր է Պոլսոյ դատավարութիւնը որ միջազգային լրատուամիջոցներու նիւթ եղած է։ Այսպիսով ան կը վերադառնայ իր ընտանիքին եւ աւելի ուշ կ՚ամուսնանայ Գեղամ Տէր Կարապետեանի հետ։
Մուշ, 1905։ Նստած ձախէն աջ՝ Գեղամ Տէր Կարապետեան, Նարդուն (Կիւլիզարի խորթ մայրը) եւ Արամ Տէր Կարապետեան (Կիւլիզարի եւ Գեղամի որդին)։ Գեղամ Տէր Կարապետեանի քով ոտքի կեցած ճերմակ հագած երեխան Արմենուհի Տէր Կարապետեանն է (հետագային Գեւոնեան)։ Ոտքի ձախէն աջ՝ Հայկանոյշ Տէր Կարապետեան (Արմենուհիի քոյրը, Կիւլիզարի եւ Գեղամի դուստրը. ան ցեղասպանութիւնէն առաջ մահացած է երբ մօտ 15 տարեկան էր) եւ Կիւլիզար (վիզին մեծ խաչով)։
1) Կիւլիզարի այս յայտնի նկարը Պոլսոյ մէջ նկարուած է 1889-ի շուրջ, իր դատավարութեան առիթով։
2) Արամ Տէր Կարապետեան, Արմենուհի Տէր Կարապետեանի (հետագային Գեւոնեան) եղբայրը՝ Կիւլիզար եւ Գեղամ Տէր Կարապետեանի որդին։
3) Ոտքի ձախէն աջ՝ Թորգոմ Տէր Կարապետեան (ան որդին է Գեղամ Տէր Կարապետեանի եղբօր՝ Եղիշէի) եւ Թորգոմի կինը։ Նստած՝ Զմրուխտ (Թորգոմի մայրը), իսկ երկու երեխաները Թորգոմի զաւակներն են։ Շատ հաւանաբար լուսանկարուած է Մուշի մէջ։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով Թորգոմի ընտանիքը կ՚իսլամանայ եւ կը շարունակէ ապրիլ Տիգրանակերտի մէջ։
4) Կիւլիզար նստած է աջին, իսկ որդին Արամ Տէր Կարապետեանը նստած է ձախին։ Թորգոմ Տէր Կարապետեան՝ զինուորական տարազով ոտքի կանգնած է նկարին կեդրոնը, ան Գեղամ Տէր Կարապետեանի եղբօր՝ Եղիշէ Տէր Կարապետեանի որդին է։ Թորգոմ թրքացած ընտանիք ունէր որ Տիգրանակերտ կ՚ապրէր։ Լուսանկարուած Պոլիս, մօտաւորապէս 1929-ին։
Հայերու խմբանկար։ Վայրը անյայտ։ Լուսանկարուած պէտք է ըլլայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1909-էն 1914-ի միջեւ։ Խումբէն հինգ անդամներ կը կրեն Օսմանեան բանակի համազգեստ։ Յայտնի է որ անոնք նոր զինուորագրուած հայեր են։ Լուսանկարին կռնակին նշուած են լուսանկարուածներուն անունները, նաեւ կայ յաւելեալ տեղեկութիւն անոնց մասին՝
«1) Ոսկան Չատրճեան, Ամերիկա 2) Վահան Մազմանեան, զինուորական բժիշկ, մեռած միլիճիներու ձեռքով [քեմալական բանակը] Կիլիկիա 3) Վարդան Թելալեան, Ոստիկան զօրքի հրամանատար, Երեւան մեռած 4) Վարդան Բարունակեան (?), անասնաբոյժ 5) Յարութիւն Պարսամեան 6) Հայկազուն Տէլիղազարեան, …, Ամերիկա, «Հայրենիք» թերթի խմբագիր, այժմ Ղազարեան 7) Յովսէփ Զրիկեան, հողագէտ, պատերազմին սպաննուած 8) Յակոբ Տէր Գէորգեան, սպայ 9) Արշակ Պահճէճեան, ընկեր մը 10) Ներսէս Տէր Գրիգորեան, սպայ, Ամերիկա 11) Արմենակ Աճեմեան, փաստաբան (…) սպաննուած 12) Տիգրան Գույումճեան, անտառաբան 13) Վերում(?) Եթիմեան, Պոլիս թրքացաւ, ոչ մէկ պատճառ չկար, այժմ Սեբաստիա եւ ամուսնացած թրքուհիի մը հետ»։
Բդէեան ընտանիքը (Մուշէն)։ Կեդրոնը նստած՝ Միսակ Բդէեան (1868-1958), ամէնէն աջին նստած՝ Սարգիս Բդէեան (1867-1930)։ Միսակի ձախին նստած՝ Բեքսօ (՞)։ Գետին նստած՝ ձախէն աջ՝ Ալիս, Զարեհ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աղաւնի, Անահիտ, ինքնութիւնը անյայտ, Աշխէն, Հրաչ, Արմենուհի։ Նշենք որ Սարգիս եւ Միսակ Բդէեան եղբայրները հեղինակներն են «Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ» գիրքին, լոս տեսած Գահիրէի մէջ, 1962-ին։
Արմենուհի Տէր Կարապետեանի (հետագային Գեւոնեան) նստած ձախին եւ Աշխէն Բդէեան նստած աջին, նկարուած Պոլիս։ Աշխէն Բդէեան վերի Բդէեան ընտանիքի խմբակային լուսանկարին մէջն է՝ ան ոտքի ձախէն չորրորդն է։
Պոլիս, պատերազմէն յետոյ, հաւանաբար Թաքսիմի պարտէզը։ Նստած ձախէն աջ՝ Արմենուհի Տէր Կարապետեան (հետագային Գեւոնեան), Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարգարեաններու որդեգիր դուստրը (անունը անյայտ), Կիւլիզար եւ Վեհանոյշ Մարգարեան (Արփիարի քոյրը)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Արփիար Մարգարեան եւ Էլիզ Մարգարեան (Արփիարի քոյրը)։
1)-էն 5) Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ Տէր Կարապետեան) Փարիզի, Ֆրէզնոյի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթոնի համերգներու յայտագիրները։
1) և 2) Արմենուհի Գեւոնեանի Ֆրէզնոյի համերգի յայտագիրը։
3) Արմենուհի Գեւոնեանի համերգներէն մէկուն յայտագիրը։
4) Արմենուհի Գեւոնեանի Փարիզի համերգի յայտագիրը։
«Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգեր, հաւաքուած, մշակուած եւ երգուած Արմենուհի Գեւոնեանի կողմէ» ձայնասկաւառակի կողքը եւ ետեւի երեսը։ Կողքին վրայ կ՚երեւի Սբ. Առաքելոց վանքը (Թարգմանչաց վանք) նկարուած 1904-ին։ Իսկ ձայնասկաւառակի կռնակին վրայ գրուած է Արմենուհի Գեւոնեանի կենսագրականը, որ տրուած է այս յօդուածով, ինչպէս նաեւ Մշոյ նուիրուած երգերու ցանկը, որ նոյնպէս ներկայացուած է այս էջին վրայ ունկնդրելի տարբերակով։
Երգացանկ՝
Ա. ԵՐԵՍ
0) Ուղերձ՝ Իմ անուշ Մշոյ աշխարհ, բանաստեղծութիւն Սողոմոն Տարօնցիի [Սողոմոն Տարօնցի (Մովսէսեան, 1904 - 1971), ծնած է Տարօնի Կոփ գիւղը. հայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ] 1) Հաբրբան 2) Շուշօ 3) Եարիմօ 4) Իմալ ենք 5) Ծխախօտի երգ 6) Եղսօ ջան, Շմաւոն ջան 7) Համբարձման երկուշաբթին 8) Վի՛, վի՛, վի՛, վի՛ 9) Ողբ խեղդուած եարոջ 10) Վերան աշուն 11) Ալաշկերտցիք բարձան գացին 12) Ողբ առեւանգուած աղջկայ մօր 13) Առաքել Մուշեղ 14) Նատօ 15) Գէորգ Չաւուշի երգ 16) Զինուորի երգ։
Բ. ԵՐԵՍ
17) Տլո՛յ լո՛յ 18) Կը նմանի 19) Մը՛ քելի բոբիկ խորոտիկ 20) Բաղեմի ջան 21) Քեա՛ սեւ սեւաւոր աղջիկ 22) Պապիկ մամիկ կարգէ՛ք զիս 23) Գիշերուայ զանգեր զարկեցին 24) Էնի ո՞րն էր իջաւ սարէն 25) Չանկլը զիմ Մուրատը տուր 26) Սուրբ Կարապետ 27) Տելիլոմ, եարնիկ նաննիկ, նիննայէ 28) Ելնիմ սարեր 29) Պարոն ի՞նչ կը պտտիս։
Փարիզ, 30-ականներուն, Մայիս 28-ի կապակցութեամբ (?)։
Լուսանկարին աջին, նուագախումբի անդամներուն ճիշդ ետեւը, գծաւոր հագուստով նստած աղջնակը՝ Անահիտ Գեւոնեան (հետագային Տէր Մինասեան, ան Արմենուհի եւ Լեւոն Գեւոնեաններու դուստրն է)։ Անահիտին ճիշդ ետեւը՝ Սիմոն Վրացեան, անոր աջին՝ Լեւոն Գեւոնեան, իսկ Վրացեանի ձախին՝ Գերասիմ Բալայեան, ապա՝ Արմենուհի Գեւոնեան։ Ձախ կողմը, նուագախումբէն ետք առաջին շարք, ամէնէն աջին՝ Արշակ Չոպանեան (ծափահարելու ընթացքին), Չոպանեանի շարքին 3-րդ անձը (ակնոցով)՝ Շաւարշ Միսաքեան։ Արշակ Չոպանեանէն երեք շարք ետեւ նստած անձը (ակնոցով)՝ Հրանդ Սամուէլ։
Լուսանկարուած Փարիզի մէջ։ Առաջին կարգ, գետին նստած, ձախէն 4-րդը Վազգէն Շուշանեան։ Մէջտեղի շարք, նստած, ձախէն 5-րդը՝ Թադէոս Մեծատուրեան, 7-րդը՝ Աբրահամ Գիւլխանդանեան։ Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն 3-րդը՝ Մկրտիչ Երիցանց, 4րդը՝ Լեւոն Չորմիսեան, 5-րդը՝ Լեւոն Գեւոնեան։
Փարիզ, 1920-ականներ։ Դաշնակցականներու հաւաքոյթ մը։
Նստած ձախէն աջ՝ երրորդը Աւետիս Ահարոնեան, չորրորդը Սիմոն Վրացեան եւ վեցերորդը Ռուբէն Տէր Մինասեան։
Երկրորդ կարգ, ոտքի ձախէն աջ՝ առաջինը Շաւարշ Միսաքեան, վեցերորդը Շահան Նաթալի (գծաւոր փողկապով եւ ակնոցով) եւ ութերորդը Արշակ Ջամալեան։
Երրորդ կարգ, ձախէն աջ վեցերորդը ոտքի՝ Հրանդ Սամուէլ։
1) Արմենուհին՝ երիտասարդ տարիքին, լուսանկարուած Փարիզի մէջ։
2) Արմենուհի Գեւոնեան (ծնեալ Տէր Կարապետեան) լուսանկարուած իր դուստր՝ Անահիտ Տէր Մինասեանի հետ (ծնեալ Գեւոնեան)։
3) Արմենուհի Գեւոնեանէն այլ պատկեր մը ուր ան արդէն յայտնի երգչուհի էր։
4) Արմենուհին նկարուած 1990 թուականին։
1)-էն 6) Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ Տէր Կարապետեան) թրքական անցագիրէն տարբեր էջեր, ուր նշուած է նաեւ թէ ան կը մեկնի Ֆրանսա աշխատելու նպատակով. թուական՝ 14/12/24։
Թրքերէնով յօդուած, լոյս տեսած յուլիս 5, 2002-ին, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող երկլեզու Ակօս հայկական թերթին մէջ, Արմենուհիի մահուան առիթով։ Յօդուածը կ՚անդրադառնայ նաեւ Արմենուհիի կեանքին եւ գործունէութեան։
1) Հայերէնով յօդուած, լոյս տեսած Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ Տէր Կարապետեան) մահուան առիթով։ Յօդուածը կ՚անդրադառնայ նաեւ Արմենուհիի կեանքին եւ գործունէութեան։
2) Արմենուհի Գեւոնեան լուսանկարուած աւանդական տարազով որ յաճախ կը հագնէր համերգներու ընթացքին։ Ան նաեւ կը կրէ Մուշէն բերուած «արաղչի»ն (գլխարկը) որ Գեւոնեան ընտանիքին հաւաքածոյին մաս կը կազմէ, Փարիզ։ Յատկանշական է նաեւ որ «արաղչի»ն ընդհանրապէս տղամարդոց համար էր եւ ոչ կանանց։
Գեղամ Գեւոնեանի դասախօսութիւնը
Ստորեւ Գեղամ Գեւոնեանի դասախօսութիւնը Արմենուհի Գեւոնեանի մասին, ներկայացուած Անաքօ տափանաւին վրայ, ֆրանսերէն լեզուով։ Մօտ երկու ժամուայ ընթացքին Գեւոնեան կը ներկայացնէ Մշոյ աշխարհը, Արմենուհի Գեւոնեանի ընտանեկան պատմութիւնը, երգչուհիին ասպարէզը։ Մէջընդմէջ կը լսուին Արմենուհիի երգացանկէն երգեր, որ կ՚երգէ Վերժին Քերովբեան, կը լսուին նաեւ Արմենուհիէն ձայնագրութիւններ։