Մուշի երգեր - «Զուլալ» եռեակ

«Զուլալ»ը – ինչպէս զուլալ ջուր – Նիւ Եորք հաստատուած առանց նուագակցութեան (a cappella) հայկական եռեակ մըն է, որուն անդամնեն են՝ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թէքէրեան։ Եռեակը բեմականացումի եւ ձայնագրութեան համար կը վերամշակէ եւ կը վերստեղծէ հայկական ազգագրական եղանակներ։ «Զուլալ»ը գոյութիւն ունի 2002-էն ի վեր, համերգներ տուած է բազմաթիւ տեղեր, ինչպէս Millennium Stage-ի Kennedy Center-ի մէջ, Smithsonian Folklife Festival-ին, Metropolitan Museum of Art-ի մէջ, Carnegie Hall-ի Zankel Hall-ի մէջ։ Բացի իր համերգներէն եւ ձայնագրութիւններէն, «Զուլալ»ը կը պատրաստէ ֆիլմերու եւ թատերական ներկայացումներու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ դաստիարակչական արհեստանոցներ երիտասարդ ունկնդիրներու համար։

«Զուլալ»ը կը գովերգէ հայկական գիւղական կեանքին փորձառութիւններն ու ուրախ պահերը, որոնց մէջ կ՚ուրուագծուին կորուստի արձագանգներն ու պարերու եւ տօնակատարութիւններու պահպանուող թրթռացումները։ Աղջիկներ իրենց բախտը կը նային լուսնի լուսով, այգաբացին թոնիրին ծուխը կը բարձրանայ երդիքներէն, երիտասարդ հարսեր ոսկի թելեր կը հիւսեն իրենց մազերուն, իսկ ուրիշներ բուրդ կը մանեն բամբասելով։ Այս պատկերները կը վերարտադրուին «Զուլալ»ի երգերուն մէջ, անոնք մեզի կը յուշեն աւելի պարզ ժամանակներու գոյութիւնը, անոնք սփոփանքներ են մեր այս հետզհետէ բարդացող արդի աշխարհին մէջ։ «Զուլալ»ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, տես՝ www.zulal.org

1. Կակօ մարէ

Աւանդական երգ. հոս կ՚երգուի Մուշի, Վանի եւ Մոկսի բարբառներով եւ մեղեդիներով

«Զուլալ»ի այս իւրայատուկ ձայնագրութիւնը կը մէկտեղէ չորս տարբեր բարբառներ եւ մեղեդիական տարբերակներ։ Երգին մէջ աղջիկ մը կը խնդրէ ընտանիքէն իր ամուսնութեան կարգաւորումը։ Ան իր հօր եւ մօր կ՚ըսէ թէ ամուսնացուցէք զիս, նոյնքան գեղեցիկ եմ ինչպէս կարմիր վարդը կամ նոյնիսկ նարկիսը, նոյնքան քաղցր եմ ինչպէս նրբագեղ կռունկը։ Թէեւ պատրաստ է ամուսնութեան, բայց ընտրութիւններուն մէջ խիստ է։ Ան չի փափաքիր ամուսնանալ վաճառականին հետ, ո՛չ դերձակին, ոչ ալ ուսուցիչին հետ, քանի որ ասոնք տարուած են իրենց դրամով, դերձանով եւ տառերով, այնպէս որ պիտի մոռնան զինք։ Ինք կ՚ուզէ հովիւը, որ իրեն պիտի խմցնէ սեւ մաքիի կաթ եւ պիտի քնացնէ լեռներու մէջ, ուր կը փչեն հովերը։

Ա. մեղեդի՝ Մոկս

Կակօ, մամօ կարգա՛ զիս
Համ կիւլ, համ վարդ, համ նարկիս
Հարուստ մարդու մի՛ տուր զիս
Էրծաթ համրա մոռնայ զիս

Համ կիւլ, համ վարդ, համ նարկիս
Չօլի կռունկ, երկէն վիզ,
Կարդացողին մի՛ տուր զիս
Գիրք կը կարդայ մոռնայ զիս

 

Բ. մեղեդի՝ Մուշ/Տարօն

Եսի չեմ առներ վարժապետ
Կ՚երթայ դպրոց մոռնայ զիս
Համ կիւլ, համ վարդ, համ նարկիս
Չօլի կռունկ, երկէն վիզ,
Եսի չեմ առներ գառնարար
Գառներ տանի մոռնայ զիս
Համ կիւլ, համ վարդ, համ նարկիս
Պապով, մամով կարգէք զիս

Գ. մեղեդի՝ Վան

Ճան օյ ճան օյ ճան օյ ճան
Ճան օյ ճան օյ կուրնէր թուխ մարճան
Չուլհակ մարդու մի՛ տեք զիս
Ժուրժնի մանա ծեծէ զիս

Չարչի մարդու մի՛ տեք զիս
Համրէ օսկի մոռնայ զիս
Չոլէ կռունկ էրկէն վիզ
Աբօ տատէ կարգէք զիս

Միջնախաղ

Կակօ, մարէ կարգէ՛ զիս
Չօլէ կռունկ էրկէն վիզ
Վարժապետու մի՛ տուր զիս
Գիր կը ճժէ, մոռնա՛ զիս

Հօյ հօյ հօյ հօյ, հօյ նարկիզ
Նանի պապօ կ՚արգէ՛ զիս
Հովիւ մարդու դու տու՛ զիս
Սարի հովեր ման տայ զիս
Թուխ մաքու կաթ խմցու զիս
Առնի իր գիրկ քնցու զիս

Հօյ հօյ հօյ հօյ, հօյ նարկիզ
Չօլէ կռունկ էրկէն վիզ
Հովիւ մարդու դու տու՛ զիս
Առնի իր գիրկ քնցու զիս

 

2. Գացեր իմ շուկէն

Կատակ երգ, աւանդական

Երեք կիներ կը պատմեն շուկայի մէջ անցուցած իրենց օրուան անցուդարձերը, ուր նկատելի է որ շուկայի ապրանքներէն աւելի իրենց ուշադրութիւնը գրաւած են մարդիկը։ Կին մը կ՚երթայ ծիրան գնելու, բայց ծիրանի փոխարէն կը տեսնէ [գեղեցիկ] Միհրանը։ Ան հարց կու տայ Միհրանին թէ արդեօք իր ճակատագիրը ճշդուա՞ծ է, ինք տեղ ունի՞ հոն։ Եթէ չունի, այն ատեն թող ան յաւիտեան անկնիկ մնայ։ Երկրորդ կինը կ՚ուզէ ասեղ գնել, բայց անոր փոխարէն կը տեսնէ հրապուրիչ Բարսեղը։ Երրորդը գացած է ազատքեղ գնելու բայց անոր փոխարէն կը տեսնէ խուսափող նայուածքով Պօղոսը…

Գացեր իմ շուկէն
Առեր եմ ծիրան
Զէն տղէն կ՚առնիմ
Անունն է Միհրան

Միհրան, ճան, Միհրան, Միհրան
Կտակ չունենաս
Թէ դու զիս չառնես
Անկնիկ մնաս

Գացեր իմ շուկէն
Առեր եմ ասեղ
Զէն տղէն կ՚առնիմ
Անունն է Բարսեղ

Բարսեղ, ճան, Բարսեղ, Բարսեղ
Կտակ չունենաս
Թէ դու զիս չառնես
Անկնիկ մնաս

Գացեր իմ շուկէն
Առեր իմ մաղտանոս
Զէն տղէն կ՚առնիմ
Անունն է Պօղոս

Պօղոս, ճան, Պօղոս, Պօղոս
Կտակ չունենաս
Թէ դու զիս չառնես
Անկնիկ մնաս

3. Քելէ լաօ

Կարօտի երգ, Թալինի շրջան

Այս երգը տեղահանուած եւ իրենց հայրենիքին կարօտով ապրող հայերու ձայնն է։ Երգին մէջ կը նշուին գիւղական հին աւանդութիւններ եւ բարքեր՝ անցած օրերու ոգին վերյիշելու նպատակով։

Քելէ’ լաօ, քելէ’ էրթանք մըր էրկիր,
էրթանք ըն ձոր, քաղինք մատղաշ խավրծիլ,
Քաղինք, քաղինք, էնինք մըզի դեղ ու ճար
Քելէ’, լաօ, քելէ’ էրթանք մըր էրկիր:

Հոն արոսներ կտուց-կտցի կը երգին,
Ծիծեռնակներ թևիկ-թևիկ կը ծափին,
Քարերն առանց մըզի արցունք կը թափին,
Քելէ’, լաօ, քելէ’ երթանք մըր էրկիր:

Մեր հերն էնտեղ, մեր մերն էնտեղ կը ծաղկին,
Անուշ կի լան, մրմուռ ձէնով կը կանչին.
Ի՞մալ կ՚եղնի, ի՞մալ չերթանք մըր էրկիր,
Էլի լաօ, էլի կ՚երթանք մըր էրկիր։

Քելէ’, լաօ, քելէ’ էրթանք մըր էրկիր:

4.Մշոյ գեղէն

Քնարերգութիւն, Մուշ

Մշոյ գեղէն երկու հարս,
Մտեր են գետ կը լողեն,
Ելեր են ափ կը դողեն,
Քանց նռան հատ կը շողեն:

Հայ նայ նայ նայ նայ...
Նայ նայ, խորոտ եար:

Մշոյ դաշտէն ման երկել
Մէկ Մուրատ, մէկ Մեղրագետ
Դաշտից կ՚իջնեն առահետ
Առնիմ իմ եար, մտնիմ գետ։

Հայ նայ նայ նայ նայ...
Նայ նայ, խորոտ եար:

Մշոյ գեղէն երկու գետ,
Մշոյ գեղէն երկու գետ,
Մէկ Մուրատ, մէկ Մեղրագետ,
Երթան թափուին Եփրատ գետ:

Հայ նայ նայ նայ նայ...
Նայ նայ, խորոտ եար: