Սասունի գաւառակ – Ժողովրդագրութիւն (Բ. մաս)

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 30/10/2026 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/10/2026), թարգմանութիւն՝ Ս. Ն.
Սասունը Հայկական բարձրաւանդակի հարաւային եզրին գտնուող, Մշոյ դաշտի լեռնային շարունակութիւնն է եւ մաս կը կազմէ Արեւելեան Տաւրոսի լեռնաշղթային։ Անիկա բարձրաւանդակի այս գօտիին ամէնէն մեկուսի եւ դժուարամատչելի շրջաններէն մէկն է՝ շրջակայ տարածքներէն մեծ մասամբ կտրուած բարձրաբերձ լեռներով եւ խոր կիրճերով։ Սասունի հայ բնակչութիւնը պահպանած էր միջնադարեան անցեալին արմատացած հասարակական կարգի եւ կենսակերպի բազմաթիւ յատկանիշներ։ Մինչեւ 19-րդ դարու վերջին տասնամեակները Սասունի հայերը միայն անուանապէս օսմանեան Սուլթանի հպատակներն էին եւ այս հանգամանքով ալ ժամանակ առ ժամանակ տուրք կը վճարէին, երբ օսմանեան պաշտօնեաներ կը յայտնուէին շրջանին մէջ։ 1880-ականներու վերջերէն սկսեալ, եւ յատկապէս Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի՝ իր հայ հպատակներուն նկատմամբ վարած ճնշիչ քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ, Սասունը կը դառնայ հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գլխաւոր կեդրոններէն մէկը։ Դրացի քրտական աշիրէթներուն (ցեղախումբերուն) հետ երկարատեւ հակամարտութիւններէն կոփուած եւ իր լեռնային տեղանքով պաշտպանուած՝ Սասունի բնակչութիւնը ձեռք բերած էր մարտունակ եւ խիստ անկախ նկարագիր մը։ Այնպէս որ շրջանը հպատակեցնելու օսմանեան իշխանութիւններու կրկնուող փորձերը տեւաբար կը բախէին զինեալ դիմադրութեան [1]։
Սասունը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայոց պատմութեան եւ մշակութային յիշողութեան մէջ։ Հին ժամանակներուն ծանօթ իբրեւ Սանասուն կամ Սանասունք անուններով՝ անիկա Մեծ Հայքի թագաւորութեան Աղձնիք աշխարհի գաւառներէն մէկն էր [2] եւ հաւանաբար աւելի ընդարձակ տարածք մը կ՚ընդգրկէր՝ ներառելով նաեւ հարեւան Տուրուբերան աշխարհի Ասպակունիք (կամ Ասպակունեաց ձոր) գաւառին որոշ մասերը։ Մեր թուարկութեան 4-րդ դարէն մինչեւ 9-րդ դարու սկիզբը Սասունը կը կառավարուէր Հայաստանի գլխաւոր իշխանական տոհմերէն՝ Մամիկոնեան նախարարներուն կողմէ։
Ըստ աւանդութիւններէն մէկուն, Սասուն անունը կապուած է Սանասարի հետ, որ Հին Կտակարանին մէջ յիշուած Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորի որդիներէն մէկն էր (Դ. Թագաւորաց 18–19)։ Դարձեալ ըստ այս աւանդութեան՝ Սանասար եւ իր եղբայրը, իրենց հայրը սպաննելէ ետք, փախած են Հայաստան, իսկ անոնց սերունդները հետագային կոչուած են Սանասնայք կամ Սանասունք [3]։ Ժողովրդական այլ աւանդութիւն մը տարբեր կերպով կը բացատրէ անունի այս ծագումը։ Այսպէս, Տալւորիկցի Մրգոյի եւ Պետոյի տան առաստաղի գերաններէն մէկը (Սասունի տարածքային միաւորներուն համար տե՛ս Աղիւսակ Ա.) իր ծանրութեան տակ սկսած էր ճկիլ։ Մինչ փոխարինող գերան մը կը փնտռուէր, ներկաներէն մէկը ձեռքով պահած է գերանը եւ բացագանչած՝ «սա մը սա սուն», այսինքն՝ «սա էլ քեզ սիւն» («ահա քեզի սիւն»)։ Ըստ աւանդութեան՝ Սասուն անունը ծագած է այս արտայայտութենէն [4]։
Դարեր շարունակ - տակաւին 11-րդ դարուն Կեդրոնական Ասիայէն Փոքր Ասիա սելճուք թափառաշրջիկ խումբերու ներխուժումէն շատ առաջ - Սասունի շրջանը գրեթէ բացառապէս բնակուած էր հայերով, որոնք կ՚ապրէին զառիթափ հովիտներու եւ դժուարանցանելի լեռնային տեղանքի վրայ ցրուած փոքր գիւղերու մէջ։ Նոյնիսկ 16-րդ դարուն՝ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ ներառուելէ ետք, Սասունը իբրեւ ձորապետութիւն (իշխանապետութիւն) շարունակեց պահպանել որոշ ինքնավարութիւն մը՝ կիսանկախ աւատապետական իշխանութիւն մը, որ գոյատեւեց մինչեւ 18-րդ դար [5]։ Այս դժուարամատչելի լեռնային միջավայրին մէջ հայկական ինքնակառավարման աւանդութիւնները պահպանուեցան եւ ժամանակ առ ժամանակ դարձեալ յայտնուեցան [6]։
Օսմանեան տիրապետութեան վերջին շրջանին քրտական թափառական խումբեր եւս կը հաստատուէին շրջանին մէջ եւ անոր շրջակայքը։ 1912-ին, այս մասին գրելով՝ Էրզրումի մէջ Ցարական Ռուսիոյ հիւպատոսութեան քարտուղար Եւգենի Վիշինսկին կը նշէր, որ այդ ժամանակ արդէն քրտաբնակ գիւղերուն մէջ ցրուած հայկական եկեղեցիներու, բերդերու եւ գերեզմանատուներու աւերակները կը վկայէին այդ վայրերու նախկին հայկական ինքնութեան մասին։ Ան նաեւ կը նշէր, որ Սասունի ենթաշրջաններէն Մոտկանը այդ ժամանակ գրեթէ բացառապէս բնակուած էր քիւրտերով, իսկ հայերը բնակչութեան առաւելագոյնը 10 տոկոսը կը կազմէին, մինչդեռ շուրջ վաթսուն տարի առաջ այս վայրը ամբողջովին հայաբնակ եղած էր։ Նման պատկեր մը, կ՚աւելցնէր ան, ակնյայտ էր նաեւ Խութ-Բռնաշէնի մէջ, ուր հայերը բնակչութեան շուրջ կէսը կը կազմէին, հակառակ անոր որ չորս-հինգ տասնամեակ առաջ այս շրջանը եւս ամբողջովին հայաբնակ եղած էր [7] ։
Իր դժուար աշխարհագրութեան եւ յարաբերական մեկուսացման պատճառով Սասունը ձեւաւորած էր ընկերային եւ քաղաքական իւրայատուկ նկարագիր մը։ Արտաքին իշխանութիւններու վերահսկողութիւնը սահմանափակ էր, ինչ որ իր կարգին կը դժուարացնէր բնակչութեան վերաբերեալ հաւաստի տուեալներու հաւաքագրումը։ Հետեւաբար, մեզի հասած աղբիւրներուն մէջ բնակչութեան թիւին վերաբերող գնահատումները զգալիօրէն, երբեմն ալ չափազանց կերպով կը տարբերին իրարմէ։ Այս յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ Սասունի ժողովրդագրական պատկերը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին, տարբեր աղբիւրներու ներկայացուցած թիւերուն միջեւ առկայ տարբերութիւններուն պատճառները, ինչպէս նաեւ այն, թէ բռնութիւններն ու քաղաքական փոփոխութիւնները ժամանակի ընթացքին ինչպէս վերաձեւաւորած են շրջանի հայ բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը։
Սասունը վարչական յստակ սահմաններով միաւոր մը չէր կազմեր։ Օսմանեան տիրապետութեան տակ, յատկապէս 19-րդ դարու վերջաւորութեան կատարուած վարչական բարեփոխումներէն ետք, շրջանը բազմիցս բաժնուած, վերադասակարգուած եւ տարբեր վարչական միաւորներու կցուած է։ 1875-ի վարչական վերակազմաւորումէն ետք, երբ օսմանեան իշխանութիւնները Էրզրումի էյալէթէն անջատեցին Պիթլիսն ու Մուշը եւ կազմեցին Պիթլիսի նոր վիլայէթը [8] (հայերուն ծանօթ իբրեւ Բաղէշ), Սասունի աւանդական տարածքը վարչականօրէն աստիճանաբար բաժնուեցաւ եւ անիկա սկսաւ ներկայացնել նոր նահանգին քանի մը սանճաքները (գաւառները)։ Այս վերակազմաւորումին հետեւանքով Կեդրոնական Սասունը (շրջանի կեդրոնական ենթաշրջանը), Շատախը եւ Հազզօ-Խաբլճօզը կցուեցան Մուշին, Խութ-Բռնաշէնն ու Մոտկանը՝ Պիթլիսին, Խիանքը, Խուլփը եւ Տալւորիկը՝ Կէնճին, իսկ Փսանքն ու Խարզանը՝ Սղերդին։ Ընթերցողը պէտք է նկատի ունենայ, որ յաջորդող բաժիններուն մէջ «Սասուն» եզրոյթը կը վերաբերի ամբողջ շրջանին եւ ոչ թէ վերը յիշուած նոյնանուն կեդրոնական ենթաշրջանին։
Նախապէս Կէնճի սանճաքին մաս կազմող Սասունը, 1889-ին իր ամբողջութեամբ վարչականօրէն կը կցուի Մուշի սանճաքին [9] ՝ իբրեւ գաւառակ, կամ թրքերէնով՝ քազա։ Հակառակ օսմանեան իշխանութիւններուն կատարած այս վարչական փոփոխութիւններուն՝ տեղացի բնակչութիւնը կը շարունակէր Սասունը ընկալել իբրեւ իրարու հետ փոխկապակցուած լեռնային գաւառակներու ամբողջութիւն մը, այլ ոչ թէ յստակ սահմաններով վարչական միաւոր մը։ Սակայն Սասուն քազային ներքին սահմանները եւս փոփոխական էին. տարբեր աղբիւրներ տարբեր թիւով ենթաշրջաններ կը յիշատակեն եւ յաճախ նոյն տարածքներուն համար տարբեր անուններ կը գործածեն։ Այս անհետեւողականութիւնը, թէ՛ օսմանեան վարչական բաժանումներուն եւ թէ՛ տեղական դասակարգումներուն մէջ, գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, որ Սասունի ժողովրդագրական տուեալներուն վերաբերող գնահատումները մէկ աղբիւրէն միւսը կը պարունակեն մեծ տարբերութիւններ։
Ընդհանուր առմամբ, Սասունի բնակչութիւնը գլխաւորաբար բաղկացած էր հայերէ եւ քիւրտերէ, որոնց մէջ հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին [10] ։ Այս երկու հիմնական էթնիկ խումբերուն կողքին կ՚ապրէին եզիտի, եզիտի քիւրտ եւ ասորի աւելի փոքրաթիւ համայնքներ, որոնցմէ վերջինները գլխաւորաբար կեդրոնացած էին Մոտկանի եւ Խարզանի մէջ։ Կար նաեւ Պալիքի կամ Պալակցի անունով ծանօթ քիւրտերու խումբ մը, որ կ՚ապրէր Մարաթուկ լերան ստորոտներուն։ Անոնցմէ ոմանք կը խօսէին թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ արաբերէն եւ կ՚այցելէին հայկական ուխտավայրեր։ Այս խումբին պատկանողները չէին յատկանշուեր իսլամական ծէսերով, չունէին մզկիթներ կամ պաշտամունքի այլ պաշտօնական վայրեր [11]։ Արդարեւ, տեղացի քիւրտերուն համար պալակցիները սովորաբար հայ եւ ծպտեալ քրիստոնեաներ էին [12]։
Սասունի հայերը սովորաբար զէնք կը կրէին, սակայն որոշ չափով կախեալ կը մնային դրացի քրտական ցեղախումբերէն։ Քիւրտերը նոյնպէս զէնք կը կրէին։ Սակայն, ի տարբերութիւն իրենց քիւրտ դրացիներուն, հայերը ո՛չ միայն զինուած էին, այլեւ տեղւոյն վրայ զէնք կ՚արտադրէին։ Սասունի հայերուն գլխաւոր զէնքը չախմախլը հրացանն էր, որ տեղական բարբառով ծանօթ էր «թուէնկ» անունով [13]։ Ընդհանուր առմամբ, երկու համայնքներն ալ ստիպուած էին իրենց փոխյարաբերութիւնները կարգաւորել՝ միաժամանակ մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւնը օսմանեան իշխանութիւններէն զգալի ինքնուրոյնութիւն պահպանելով [14]։
Սասունի կեդրոնական լեռնային շրջաններուն մէջ սփռուած հնագոյն յուշարձանները վկաներն են այն ժամանակաշրջանին, երբ շրջանը գերազանցապէս հայաբնակ էր՝ նախքան քրտական թափառական ցեղախումբերու դարաւոր տեղաշարժերն ու տարաբնակեցումը, որոնց իբրեւ արդիւնք ալ Սասունի մէջ կը ձեւաւորուէր քրտական զգալի ներկայութիւն մը [15]։ Նստակեաց հայ համայնքները մեծամասնութիւն կը կազմէին կեդրոնական սարահարթ գօտիներուն մէջ, մինչ կիսաթափառական քրտական ցեղախումբերը կեդրոնացած էին շրջակայ տարածքներուն եւ կարգ մը հովիտներու մէջ։ Իրենց բնակավայրին լեռնային բնոյթին պատճառով Սասունի հայերը գլխաւորաբար կը զբաղէին երկրագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ [16], ինչպէս նաեւ պտղաբուծութեամբ, մեղուաբուծութեամբ եւ հանքագործութեամբ [17]։ Հարաւային աւելի տաք դաշտավայրերուն մէջ բնակող քրտական ցեղախումբերը իրենց ոչխարի հօտերը կը բերէին Սասունի լեռները՝ եայլաներուն (ամառնային լեռնային արօտավայրեր) մէջ արածեցնելու համար։ Ժամանակի ընթացքին այս եղանակային տեղաշարժը աստիճանաբար կը վերածուէր հայաբնակ տարածքներու մէջ աւելի մնայուն քրտական բնակութեան, ինչ որ առիթ կու տար Փսանք, Խիանք եւ Խաբլճօզի ենթաշրջաններու մէջ քրտական խումբերու կողմէ աշիրէթներու կազմաւորմանը [18]։
Այս գործընթացին նպաստած է օսմանեան օրէնսդրութեան յօդուածներէն մէկը, որուն համաձայն՝ կալուած մը կրնար սեփականութիւնը դառնալ այն անձին, որ տասը տարի շարունակ տիրացած էր անոր։ Այս հիման վրայ ալ, քրտական ցեղախումբերուն կողմէ եղանակային կերպով օգտագործուող լեռնային արօտավայրերն ու եայլաները աստիճանաբար կը դառնային անոնց սեփականութիւնը։ Հայ գիւղացիները այս հարցով բողոքած են ժամանակին, սակայն իբրեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեան անդամներ՝ անոնց բողոքները քիչ կշիռ ունեցած են, իսկ իրենց իրաւունքներուն հետապնդումը յաճախ յաւելեալ ծախսերու պատճառ դարձած է։ Այս ձեւով հողերու սեփականատիրութեան փոփոխութեան զուգահեռ, կարգ մը հայեր աստիճանաբար անցած են քիւրտ աղաներու իշխանութեան տակ։ Այս տիպի քիւրտ իշխանաւորները իրենց կարգին յանձն առած են «իրենց» ենթակայ հայերը պաշտպանել հակառակորդ քրտական խումբերու յարձակումներէն։ Գործնականին մէջ, սակայն, աղաներու միջեւ հակամարտութիւնները յաճախ տեղի կ՚ունենար հայ բնակչութեան հաշւոյն. երբ աղաներէն մէկը կը յարձակէր ուրիշ աղայի մը ենթակայ հայերուն վրայ, անոր կը յաջորդէր նոյնանման հակադարձութիւն մը, եւ երկու պարագաներուն ալ զոհերը հայ գիւղացիները կ՚ըլլային։ 1880-ականներու վերջաւորութեան, Խութի, Բռնաշէնի եւ Մոտկանի հայերը, քրտական շարունակական կեղեքումի դէմ յանդիման, ստիպուած կ՚ըլլային լքել իրենց բնակավայրերը եւ ցրուիլ Ալաշկերտ, Մշոյ դաշտ, Պուլանըք, իսկ որոշ պարագաներու՝ մինչեւ Ռուսաստան՝ այսպիսով փոխելով Սասունի այս ենթաշրջաններուն ժողովրդագրական պատկերը [19]։
Յաճախ լեռնային խոր կիրճերու մէջ գտնուող եւ մեծ մասամբ մեկուսացած արտաքին աշխարհէն՝ Սասունի հայկական գիւղերը երկար ժամանակ դուրս մնացած էին իշխանութիւններու ազդու պետական վերահսկողութիւնէն։ Հետեւաբար, տեղական կենսաոճն ու կենցաղային սովորութիւնները երկար ժամանակաշրջաններու ընթացքին դանդաղ կերպով կը փոփոխուէին։ Բնակավայրերը ընդհանրապէս բաղկացած էին համեմատաբար փոքր թիւով տուներէ. կարգ մը գիւղեր ունէին ընդամէնը 15–20 ծուխ, մինչ ուրիշներու մէջ անոնց թիւը կը հասնէր 250–300-ի կամ աւելիի. գերակշռող էին փոքր բնակավայրերը։ Գիւղական բնակչութիւնը մեծ մասամբ բաղկացած էր մօտիկ կամ ընդարձակ ազգակցական կապերով իրարու կապուած ընտանիքներէ [20]։ Սասունում ծնուած Եղիազար Կարապետեան, շրջանի ազգագրութեան նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ, կը նշէ, որ Խութ-Բռնաշէն ենթաշրջանի հայկական գիւղերը առաւելագոյնը 100 տուն ունէին [21]։
Պոլսոյ օսմանեան իշխանութիւններուն համար Սասունը մեծ մասամբ անծանօթ եւ չուսումնասիրուած տարածք մըն էր։ Տեղացի հայերը հպատակեցնելու առաջին փորձերը ծայր առած են 1891-ին՝ շրջանէն ներս զօրքերու տեղակայումով, սակայն այս ուժերը չեն կրցած Սասունի հայաբնակ խոշորագոյն գիւղերէն մէկուն՝ Սեմալի սահմաններէն աւելի անդին յառաջանալ [22]։ Նախորդ տասնամեակին ընթացքին շրջանը ենթարկեցնելու քրտական փորձերը նոյնպէս ձախողած էին։ Այնուհետեւ օսմանեան զօրամասեր կը տեղակայուին Սասունի սահմաններուն երկայնքին, ուր անոնց ներկայութիւնը յաճախ կ՚ուղեկցուէր քրտական յաճախադէպ ներխուժումներով [23]։ Մինչդեռ քրտական խումբերը կը կառավարուէին իրենց ցեղապետներուն կողմէ՝ քիչ հաշուի նստելով օսմանեան իշխանութեան հետ, [24], նոյն ժամանակ օսմանեան իշխանութիւններու հպատակեցման ուղղուած ջանքերը առաջին հերթին ուղղուած էին հայ քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ։
Բացի քանի մը բացառութիւններէ, Սասունի հայաբնակ տարածքները մեծ մասամբ խառն բնակչութիւն չունէին, թէեւ անոնց անմիջական հարեւանութեամբ քրտաբնակ բնակավայրեր կային։ Սակայն այս պատկերը ամէնուր նոյնը չէր. կարգ մը շրջաններ խառն բնակչութիւն ունէին, յատկապէս Խուլփը, ինչպէս նաեւ Խիանքի եւ Փսանքի որոշ հատուածները, ուր քրտական ներկայութիւնը աւելի զգալի էր, մինչ Տալւորիկի նման շրջանները գերազանցապէս հայաբնակ կը մնային։ Բնակչութեան խառն բնոյթը տեսանելի էր նաեւ տեղական վարչական կեդրոններուն մէջ։ Գերմանացի արեւելագէտ Անտրէաս Մորտմանի համաձայն՝ Սասունի երկու քաղաքներէն մէկը՝ Խաբլճօզը, 1881-ին ունէր 241 հայ եւ 171 քիւրտ բնակիչ [25]։ 1894-ի Սասունի կոտորածէն, 1894-1897-ի համիտեան համատարած կոտորածներէն, 1904-ին Սասունի մէջ տեղի ունեցած նոր կոտորածէն, ինչպէս նաեւ քրտական բռնութիւններուն եւ թափառաշրջիկ քրտական խումբերու ներհոսքին հետեւանքով տեղի ունեցած հետագայ արտագաղթերէն ետք, ժողովրդագրական այս հաւասարակշռութիւնը մինչեւ 1913 զգալիօրէն փոխուած էր։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին (այսուհետեւ՝ Պատրիարքարան) կողմէ 1913–1914-ին կատարուած մարդահամարին համաձայն՝ Խաբլճօզի մէջ կ՚ապրէին 364 հայեր եւ 784 քիւրտեր [26]։
Ժողովրդագրական այս հաւասարակշռութեան մեկնաբանութիւնները աղբիւրէ աղբիւր զգալիօրէն կը տարբերին՝ արտացոլելով թէ՛ մեթոտաբանական տարբերութիւններ եւ թէ՛ իրարու հակադրուող տեսակէտներ։ Թուրք պատմաբան Էսադ Ուրաս, օրինակ, Սասունը կը ներկայացնէ իբրեւ գերազանցապէս քրտաբնակ շրջան՝ մեծապէս հիմնուելով ֆրանսացի աշխարհագէտ Վիթալ Քինէի ներկայացուցած թիւերուն վրայ [27]։ Սակայն Քինէի տուեալներն ալ իրենց կարգին մեծ մասամբ հիմնուած էին օսմանեան սալնամէներուն (նահանգային տարեգիրքեր) վրայ, որոնց վիճակագրական հաւաստիութիւնն ու վարչական հարցերու շուրջ ճշգրտութիւնը լայնօրէն հարցականի տակ դրուած են։ Ինչպէս կը պնդէր հայ մտաւորական Կարօ Սասունին - Սասունի Ահարոնք գիւղի ծնունդ -, Քինէի աղիւսակները չեն արտացոլեր ժողովրդագրական իրականութիւնը։ Ան կը նշէր, որ Օսմանեան կայսրութեան պայմաններուն ծանօթ որեւէ իրազեկ դիտորդ դիւրաւ պիտի նկատէր, որ իսլամ բնակչութեան թիւը զգալիօրէն չափազանցուած էր [28]։ Ժամանակակից հայկական աղբիւրները բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնեն։ Այսպէս, «Դրօշակ» պարբերականին մէջ 1904-ին լոյս տեսած «Սասուն վիճակագրական» խմբագրականը կը հաղորդէր, որ Սասունի եօթը ենթաշրջաններու 68 գիւղերուն մէջ (տե՛ս Աղիւսակ Ա.) կային 1,769 հայկական ծուխեր՝ 155 քրտական ծուխերու դիմաց [29]։
Այս բոլորէն ի յայտ կու գայ ոչ թէ յստակօրէն բաժնուած ժողովրդագրական քարտէս մը, այլ համայնքներու խճանկար մը, որ ձեւաւորուած էր տեղանքի, բնակեցման կերպերուն եւ պատմական տեղաշարժի ազդեցութեամբ։ Սասունի ուսումնասիրութեան գլխաւոր դժուարութիւններէն մէկը տեղւոյն վրայ հաւաստի համակարգուած մարդահամարի բացակայութիւնն է։ Օսմանեան վարչական արձանագրութիւնները, հայկական եկեղեցական վիճակագրութիւնները եւ եւրոպական հիւպատոսական տեղեկագիրները իրարմէ տարբեր թիւեր կը պարունակեն։ Քանի մը գործօններ կ՚օգնեն բացատրելու այս տարբերութիւնները։ Փաստօրէն, աշխարհագրութիւնը կարեւոր դեր կը խաղար. բազմաթիւ գիւղեր մեկուսի եւ դժուարամատչելի էին։ Անվտանգութիւնը եւս սահմանափակող գործօն մըն էր, քանի որ ճամբորդութիւնն ու մարդահամարի իրականացումը յաճախ կը խոչընդոտուէին աւազակութեան եւ տեղական բախումներու պատճառով։ Քաղաքական գործօնը եւս կարեւոր էր, քանի որ բնակչութեան թիւերը յաճախ զգայուն հարց կը նկատուէին եւ երբեմն միտումնաւոր կերպով կը յարմարեցուէին։ Բացի այդ, հարկերէ խուսափելու ձգտումը եւս հաւանաբար կ՚ազդէր ներկայացուած տուեալներուն վրայ. կարգ մը հայկական տնային տնտեսութիւններ իրենց անդամներուն թիւը իրականէն պակաս կ՛արձանագրէին՝ օսմանեան ծանր հարկային բեռը նուազեցնելու նպատակով։
Սասունի մէջ հայաբնակ գիւղերը գլխաւորաբար կը գտնուէին շրջանի կեդրոնական հատուածին մէջ, որ հետագային ծանօթ դարձաւ իբրեւ «ֆետայիներու Սասուն» [30] անունով։ Ֆետայի եզրոյթը կը վերաբերի այն կամաւորներուն եւ անկանոն զինեալ մարտիկներուն, որոնք 19-րդ դարու վերջաւորութեան ասպարէզ եկան՝ հայկական գիւղերը օսմանեան հալածանքներէն եւ քրտական զինեալ խումբերու ասպատակութիւններէն պաշտպանելու համար։ Ի հակադրութիւն հայերու ժողովրդագրական բաշխման՝ քրտական բնակավայրերը աւելի լայնօրէն ցրուած էին շրջակայ ծայրամասային գօտիներուն մէջ՝ խիտ բնակեցուած հայկական այս միջուկին շուրջ կազմելով լայն օղակ մը։ Ժամանակակից վկայութիւնները յաճախ քիւրտերը կը ներկայացնէին իբրեւ հաւատացեալ իսլամներ, որոնք ատեն-ատեն իրենց հայ դրացիները կը յորդորէին ընդունիլ «ճշմարիտ կրօնը»՝ փոխարէնը առաջարկելով իրենց պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը։ Հայերն ալ, իրենց կարգին, կը ներկայացուէին որպէս քրիստոնէական հաւատքին խորապէս նուիրուած ժողովուրդ՝ նոյնպիսի ջերմեռանդութեամբ, ինչպէս քիւրտերը կը դրսեւորէին իսլամի նկատմամբ, եւ որպէս մարդիկ, որոնք պատրաստ էին հրաժարիլ ամէն ինչէ, ներառեալ սեփական կեանքէն, միայն թե չուրանային «քաղցրիկ Քրիստոսին», ինչպէս անոնք տեւաբար կ՚անուանէին Մեսիան [31]։Կիրառուող տարածքային սահմանումէն կախուած՝ Սասունի ժողովրդագրական պատկերը տարբեր կերպ կը ներկայացուի։ Եթէ նկատի առնենք օրինակ տարածքային աւելի նեղ սահմանում մը, որ Սասունը կը սահմանափակէ Շատախով եւ Սասուն գետի աւազանով, ապա կը տեսնենք որ բնակչութիւնը գերազանցապէս հայկական էր։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Տալւորիկը բացառապէս հայաբնակ էր։ Եթէ որդեգրենք տարածքային աւելի լայն սահմանում մը, պատկերը աւելի բարդ կը դառնայ. քրտական բնակավայրեր կային Շատախի եւ Տալւորիկի արեւմտեան ու հարաւային շրջաններուն մէջ, մինչ Փսանքը, որ սովորաբար կը նկատուէր գերազանցապէս քրտաբնակ, ունէր նաեւ հայկական զգալի ներկայութիւն։ Այս ժողովրդագրական ձեւուածքները մեկնաբանելը աւելի եւս կը բարդանայ առկայ տուեալներուն սահմանափակումներուն պատճառով։ Հայկական ծուխերը ընդհանուր սովորութիւն ունէին իրենց անդամներուն թիւը իրականէն պակաս ներկայացնելու՝ մարդահամարէ խուսափելու կամ գլխահարկի բեռը թեթեւցնելու նպատակով։ Բացի ասկէ, Սասունի ժողովրդագրական տուեալներուն վրայ ազդած էին նաեւ հալածանքներու եւ կոտորածներու հետեւանքով տեղի ունեցած բնակչութեան տեղաշարժերը, որոշ շրջաններուն օսմանեան իշխանութեան սահմանափակ հասանելիութիւնը, շրջանի դժուարամատչելի տեղանքը եւ տեղական ենթակառոյցներուն հնացած վիճակը։ Ինչպէս կը նշէ Կարօ Սասունին, «բացարձակ ճշդութիւն փնտռել Թուրքիոյ վարչակարգին մէջ՝ անմտութիւն կ՛ըլլար». հետեւաբար, 1880–1915 ժամանակաշրջանին համար ժողովրդագրական ճշգրիտ թիւեր վերականգնելու որեւէ փորձ հաւանաբար պիտի խնդրայարոյց մնալ [32]։
Այս ընդհանուր սահմանափակումներուն վրայ կ՚աւելնային տուեալներու հաւաքագրումը ուղղակիօրէն խոչընդոտող այլ գործօններ։ Պետական հսկողութեան եւ մատնիչներու ստեղծած վախի մթնոլորտէն զատ, ժողովրդագրական տուեալներ հաւաքելու հայ վիճակագիրներու ջանքերը կը բախէին առնուազն երկու յաւելեալ արգելքներու։ Որոշ պարագաներու, քրտական խումբեր բռնի կերպով կը գրաւէին հայկական գիւղերը եւ Պատրիարքարանին կողմէ կատարուելիք մարդահամարներէն կամ բնակչութեան հաշուարկներէն առաջ կը վտարէին անոնց բնակիչներուն ամբողջությամբ կամ մասամբ։ Այլ պարագաներու, անոնք արգելք կը հանդիսանային, որ հայ վիճակագիրները մուտք գործեն այդ բնակավայրերը, ինչպէս պատահեցաւ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի՝ 1878-ին արեւելեան վիլայէթներ կատարած շրջագայութեան ընթացքին։ Ան այս այցելութիւնը ձեռնարկած էր Պատրիարքարանի առաջին մարդահամարի նախաձեռնութեան ծիրին մէջ [33]։ Միաժամանակ, հայ գիւղացիներն իրենք իսկ յաճախ իրենց ծուխերու անդամներուն թիւը իրականէն պակաս կը ներկայացնէին՝ իշխանութիւններուն կողմէ աւելի ծանր հարկման ենթարկուելու մտավախութենէն մղուած, յատկապէս այն պարագաներուն, երբ քիւրտ ցեղապետներն արդէն իսկ անոնց վրայ կը պարտադրէին խաֆիր կոչուող ծանրաբեռ տուրքը։
Այս դժուարագոյն պայմանները ցոյց կու տան այն միջավայրը, որուն մէջ պիտի կատարուէր ժողովրդագրական վիճակագրութեանը վերաբերող որեւէ ուսումնասիրութիւն։ 1890-ականներու վերջաւորութեան հայաբնակ նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններէն ետք իրլանտացի աշխարհագէտ եւ ճանապարհորդ Հենրի Լինչ կը նշէր, որ Մուշի մէջ «ամէնուրեք ծայրայեղ սարսափի մթնոլորտ մը կը տիրէր», իսկ օտար ճանապարհորդները «ոստիկանութեան կողմէ կը հետապնդուէին [եւ] զրկուած էին այն բոլոր օգուտներէն ու հաճոյքներէն, զորս ճանապարհորդ մը կը փնտռէ՝ իր կրած բոլոր նեղութիւններուն եւ ծախսերուն դիմաց» [34]։ Նման մթնոլորտի մը մէջ դիւրին է պատկերացնել, թէ ինչ պայմաններու մէջ պէտք է աշխատէր բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ տուեալներ հաւաքող տեղացի վիճակագիրը՝ ենթարկուելով բազմաթիւ վտանգներու եւ հնարաւոր անցանկալի հետեւանքներու։ Նման ձեռնարկ մը իսկապէս կրնար արկածալից ըլլալ։ Վիճակագրական աշխատանք կատարելու համար որեւէ ապահով միջավայրի բացակայութիւնը ընդգծելով՝ «Արաքս» ամսագրին մէջ՝ Համիտեան կոտորածներու նախօրեակին կամ անոնց սկիզբը լոյս տեսած խմբագրական յօդուածի հեղինակները բացայայտ դառնութեամբ կը նշէին.
«...ի՞նչ վիճակագրութիւն էք պահանջում մի այնպիսի երկրի համար, որտեղ այսօրուայ շէն գիւղը վաղը ամայանում է եւ գազանների որջ դառնում, կամ այսօրուայ քրիստոնեայ գիւղում վաղը-միւս օրը տեսնում էք միմիայն իսլամի զաւակներ...։ Բացի այդ, ինչպէ՞ս վիճակագրել, երբ հայ ուսումնասիրողը ապահով չէ կասկածոտ կառավարութեան հետամտութիւններից, քիւրդ աւազակների անպատիժ յափշտակութիւններից, կառավարութեան հայ եւ թիւրք արբանեակների մատնութիւններից» [35]։
Սասունի հայ բնակչութեան ժողովրդագրական տուեալները հաւաքելու եւ վերլուծելու համար նախ անհրաժեշտ է ճշդել շրջանը կազմող տարածքային միաւորներուն թիւը։ Այս աշխատանքը կը բարդանայ յստակ եւ հետեւողական սահմանագծումի բացակայութեան պատճառով, քանի որ սահմանները հեղինակէ հեղինակ եւ աղբիւրէ աղբիւր կը տարբերին, նոյնիսկ վիճելի է գոյութիւն ունեցող միաւորներուն ընդհանուր թիւը։ Արդարեւ, սկզբնաղբիւրներու մէջ Սասունը կը ներկայացուի տարբեր բաժանումներով եւ անուանումներով։ Այդպիսի նկարագրութիւններ կը գտնենք «Մուրճ» [36] եւ «Դրօշակ» [37] պարբերականներուն, «Արաքս» [38] հանդէսին, հայ վիճակագիր Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեանի (Ա-Դօ) [39], ռուսական գլխաւոր սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Մայեւսկիի [40], Նազարէթ Մարտիրոսեանի (1913–1915-ին Մուշի Առաջնորդարանի քարտուղար) [41], հայ գրող Թէոդորոս Լափճինճեանի (Թէոդիկ) [42], Կարօ Սասունիի [43], ինչպէս նաեւ յայտնի ազգագրագէտ եւ ծնունդով Սասունի Կելիեկիւզան գիւղէն Վարդան Պետոյեանի [44] աշխատութիւններուն մէջ։ Այս աղբիւրներուն մէջ Սասունի ենթաշրջաններուն անուանումներուն եւ թիւին միջեւ եղած տարբերութիւնները ներկայացուած են Աղիւսակ Ա.-ի մէջ։ Տարբերությունները կը բխէին դասակարգման տարբեր մօտեցումներէն. հեղինակները տարածքային միաւորները կը բաժնէին կամ կը միաւորէին՝ հիմք ունենալով տեղանունները, բնակավայրերու տեղաբաշխումը կամ վարչական սահմաններու վերաբերեալ իրենց պատկերացումները։
Աղիւսակ Ա.- Սասունի տարածքային միաւորները եւ անոնց անուանումներու տարբերակները՝ ըստ ընտրուած աղբիւրներու
Աղբիւր | Նշուած տարածքային միաւորները | Ծանօթագրութիւն |
«Մուրճ» | Կեդրոնական Սասուն, Շատախ, Տալւորիկ, Խիանք, Խութ, Փսանք, Խարզան, Քաղարինք | |
«Արաքս» | Կեդրոնական Սասուն, Վերին Գաւառ, Շատախ, Տալւորիկ, Խիանք, Խուլփ, Փսանք, Խարզան, Քաղարինք | |
«Դրօշակ» | Շատախ, Գաւառ կամ Միջին մաս (Կեդրոնական Սասուն), Ծովասարի փէշերը, Տալւորիկ, Բուսանաց գաւառ, Խիանք, Խուլփ | |
Ա-Դօ | Շատախ, Առաջաւոր, Ծովասար, Կելիեկիւզան, Տալւորիկ, Խիանք, Խուլփ, Խութ, Խութ-Բռնաշէն, Փսանք, Պշէրիկ (Պէշար) | Ա-Դօ-ն ներածութեան մէջ կը նշէ ութ տարածքային միաւոր, իսկ աշխատութեան այլ բաժիններուն մէջ՝ ինը։ |
Մայեւսկի | Գաւառ (Միջին մաս), Շատախ, Ծովասար, Տալւորիկ, Խիանք, Խուլփ, Խաբլճօզ, Փսանք, Մոտկան, Արծուիկ | Մայեւսկիի ներկայացուցած տարածքային միաւորներու ցանկը քաղուած է Pro Armenia երկշաբաթաթերթէն (1904)։ |
Մարտիրոսեան | Կեդրոնական Սասուն, Շատախ, Առաջաւոր, Արեւելեան Ծովասար, Տալւորիկ, Անտոք, Խիանք, Խուլփ, Խութ-Բռնաշէն, Փսանք, Մոտկան | Մարտիրոսեան Շատախը, Առաջաւորը, Տալւորիկը, Զնտուսի Քեալինը, Փսանքը, Խաբլճոզը, Հազզօ (Ասի)-Կուց Գետը, Շեկոյի Տները, Արծուիկը եւ Արեւելեան Ծովասարը կը դասէ իբրեւ Կեդրոնական Սասունի ենթաշրջաններ։ |
Թէոդիկ | Շատախ, Տալւորիկ, Փսանք, Մոտկան | |
Կարօ Սասունի | Արեւելեան Սասուն, Շատախ, Ծովասար, Կելիեկիւզան, Տալւորիկ, Մարաթուկ, Խիանք, Խուլփ, Խուլփ-Խիան, Խութ, Բռնաշէն, Խութ-Բռնաշէն, Հազզօ, Փսանք, Մոտկան | |
Պետոյեան | Կեդրոնական Սասուն, Շատախ, Տալւորիկ, Խութ-Բռնաշէն, Փսանք, Հազզօ-Խաբլճօզ, Մոտկան, Խիանք, Խուլփ, Խարզան | Պետոյեան Կեդրոնական Սասունը կ՚անուանէ Բուն Սասուն։ |
Նկատի ունենալով Սասունի անհարթ լեռնային տեղանքը, ցաքուցրիւ բնակավայրերը եւ յաճախ անորոշ վարչական սահմանները, տարբեր աղբիւրներ շրջանին մէջ տարբեր թիւով տարածքային միաւորներ կը տրամադրեն՝ հինգէն մինչեւ տասնհինգ։ Այս ուսումնասիրութիւնը կը կեդրոնանայ այն տասներկու ենթաշրջաններու ժողովրդագրական տուեալներուն վրայ, որոնք ամէնէն հետեւողական կերպով կը յիշատակուին աղբիւրներուն մէջ. Շատախ–Ծովասար, Տալւորիկ, Իշխանձոր, Գաւառ (Կեդրոնական Սասուն), Մարաթուկ, Խիանք, Խուլփ, Փսանք, Խութ-Բռնաշէն, Հազզօ-Խաբլճօզ, Մոտկան եւ Խարզան։ Վերջերս կատարուած երկու հետազօտութիւններ այս ենթաշրջաններուն հայ բնակչութիւնը քարտէսագրած են գիւղ առ գիւղ [45]։ Գիւղերուն բաշխումը ըստ ենթաշրջաններու կարելի է տեսնել Աղիւսակ Բ.-ի մէջ։
Նշուած երկու հետազօտութիւններէն մէկը՝ «Բնակչութեան վիճակագրութիւնը ըստ գիւղերու» 1878–1915 ժամանակաշրջանին, Սասունի մէջ կը նշէ գոյութիւնը 439 հայկական, մեծ մասամբ հայաբնակ կամ մասամբ հայաբնակ գիւղերու, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 43 թաղեր (թրքերէն՝ mahalle) եւ 54 ենթաթաղեր կամ թաղ-գիւղակներ։ Այլ խօսքով, ընդհանուր առմամբ 536 բնակավայր։ Այս թիւին մէջ ներառուած չեն Սասունի ենթաշրջաններէն Խարզանի հայկական գիւղերը, որոնք կը գտնուէին Սղերդի մէջ։ Եթէ իւրաքանչիւր գիւղի համար նկատի ունենանք միջին հաշուով քսան ծուխ - ինչպէս Մայեւսկի կ՚առաջարկէ Պիթլիսի վիլայէթին համար -, եւ իւրաքանչիւր ծուխի համար նկատի ունենանք միջին հաշուով ութ անձ - ինչպէս կ՚առաջարկէ 1860-ական եւ 1870-ական թուականներուն Պատրիարքարանի պատուիրակ Վահան եպիսկոպոս Տէր-Մինասեանը (Պարտիզակցի) -, ապա կ՚ունենանք ընդհանուր 85,760 բնակիչի նախահաշիւ մը։ Միւս հետազօտութիւնը՝ «Խարզանի գաւառակ - ժողովրդագրութիւն», այս թիւին վրայ կ՚աւելցնէ 121 այլ հայկական, մեծ մասամբ հայաբնակ կամ մասամբ հայաբնակ գիւղեր՝ մօտաւորապէս 19,360 բնակիչով։ Այսպիսով, երկու հետազօտութիւններուն միացեալ տուեալներով կ՚ունենանք ընդհանուր 657 բնակավայր եւ մօտաւորապէս 105,120 հոգինոց խառն բնակչութիւն մը։
Աղիւսակ Բ.- Հայկական եւ խառն բնակչութեամբ բնակավայրերու բաշխումը՝ ըստ ենթաշրջաններու
Ենթաշրջան | Գիւղեր | Թաղեր | Թաղ-գիւղակներ |
Շատախ-Ծովասար | 16 | 28 | 29 |
Տալւորիկ | 16 | 3 | 3 |
Իշխանձոր | 8 | 8 | 6 |
Գաւառ (Կեդրոնական Սասուն) | 17 | — | — |
Մարաթուկ | 28 | — | — |
Խիանք | 40 | — | — |
Խուլփ | 62 | 3 | 7 |
Փսանք | 35 | 1 | — |
Խութ-Բռնաշէն | 63 | — | — |
Հազզօ-Խաբլճօզ | 80 | — | 9 |
Մոտկան | 74 | — | — |
Խարզան | 121 | — | — |
Ընդհանուր թիւերը՝ ըստ դասակարգումներու | 560 | 43 | 54 |
Ընդհանուր թիւ | 657 բնակավայր* |
* Կամ՝ 105,120 բնակիչ՝ գնահատումը կատարուած է Մայեւսկիի եւ Պարտիզակցիի առաջարկած միջիններուն հիման վրայ։
Այս ընդհանուր թիւերէն անդին, կարեւոր է նկատի ունենալ նաեւ անոնց ետին տիրող ընկերային եւ մարդկային միջավայրը։ Սասունի հայերը՝ մեծ մասամբ լեռնաբնակներ (բարբառային հայերէնով՝ լեռնցի [46]), լայնօրէն ծանօթ էին իրենց տոկունութեամբ եւ մարտական ոգիով [47]։ Ապրելով խորդուբորդ տեղանքով բնորոշուող միջավայրում մը մէջ, որ մշտական զգօնութիւն կը պահանջէր, անոնք ձեռք բերած էին համբաւ իրենց ֆիզիկական տոկունութեամբ եւ իրենց համայնքները պաշտպանելու պատրաստակամութեամբ։ Ժամանակակիցներն ու հետագայ դիտորդները յաճախ կ՚ընդգծէին անոնց հպարտութիւնը, բուռն խառնուածքն ու պատուի խոր զգացումը։ 9–10-րդ դարերու պատմիչ Թովմա Արծրունին, զանոնք խիստ բառերով կը բնութագրէ եւ կը գրէ. «Եւ են գազանաբարոյք, արիւնարբուք, առ ոչինչ համարելով զսպանումն եղբարց հարազատաց, նա եւ զանձանց եւս, եւ կոչին սոքա մեկնակազէնք սուրհանդակք» [48]։ Հետագային, եւրոպացի դիտորդները աւելի չափաւոր գնահատականներ տուած են։ Պատմագէտ եւ բրիտանացի ազատական երեսփոխան Ճէյմս Պրայս սասունցիները կը նկարագրէ իբրեւ «բարեկեցիկ հովիւներ եւ իրենց լեռնալանջերը աշխատասիրաբար մշակող երկրագործներ»՝ շեշտելով անոնց յարաբերական ինքնաբաւութիւնը եւ նոյնիսկ վառօդ արտադրելու կարողութիւնը [49]։ Պատմագէտ Առնոլտ Թոյնպի եւս կը նշէ, որ անոնք «հնարամիտ մարդիկ էին, [որոնք] նոյնիսկ սորված էին տեղական հումքերէ ռազմամթերք պատրաստել» [50]։
Այս համբաւը հիմնուած էր ընկերային եւ տնտեսական որոշակի պայմաններու վրայ, որոնք նպաստած էին տեղական ինքնավարութեան բարձր աստիճանի մը պահպանման։ Ի տարբերութիւն աւելի խիստ վարչական վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու բնակչութեան՝ Սասունի հայերը, որպէս կանոն, կը պահպանէին զէնք կրելու եւ այն գործածելու հմտութիւնները [51]։ Անոնց տնտեսութիւնը յարաբերաբար բազմազան էր՝ անասնապահութիւնն ու երկրագործութիւնը կը զուգակցուէր երկաթագործութեան, հրացանների պատրաստման եւվառօդի արտադրութեան, ինչպէս նաեւ մեղուաբուծութեան, շերամապահութեան եւ ծխախոտագործութեան հետ [52]։ Հետեւաբար, Թոյնպի կը նշէր, որ Սասունի հայ բնակիչները կրնային «յուսահատ դիմադրութեամբ ետ մղել մարդասպաններուն», միաժամանակ զանոնք բնութագրելով իբրեւ «թերևս Օսմանեան կայսրութեան ամենէն կարգապահ եւ աշխատասէր բնակչութիւնը» [53]։ Նմանապէս, գերմանացի մարաջախտ Քոլմար Ֆրայհեր ֆոն տէր Կոլցը, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին նպաստած էր օսմանեան բանակի մարտական կարողութիւններու ամրապնդման, սասունցիները կը բնութագրէր իբրեւ «կոշտ ու կոփուած լեռնաբնակ ժողովուրդ մը» [54]։ Պրայս աւելի հեռու կ՚երթար՝ սասունցիները անուանելով «հայ ազգի լաւագոյն մասը» [55]։
Այս յատկանիշները տեղ գտած են նաեւ միջնադարեան «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին մէջ, որ կը պատմէ Սասունի ռազմիկներու չորս սերունդներու՝ յատկապէս Սասունցի Դաւիթի պատմութիւնը եւ արաբական տիրապետութեան դէմ անոնց մղած պայքարը։ «Ռանչպարների կանչը» վէպին մէջ, որ կը ներկայացնէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին օսմանեան հալածանքի դէմ հայկական դիմադրութիւնը, Սասունի Դաշտադէմ գիւղի ծնունդ վիպագիր Խաչիկ Դաշտենցը, նոյնպէս սասունցիները կը նկարագրէ իբրեւ մարդիկ, որոնց երակներուն մէջ «առիւծի արիւն» կը հոսէր եւ որոնք, քանի մը կիսախորտակ հրացաններէ զատ գրեթէ ոչինչ ունենալով, ի վիճակի էին դիմադրելու քիւրտերուն եւ թուրքերուն։ Նման պատկերացում մը կը գտնենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայրենասիրական Միութեան՝ 1895-ի մէկ յայտարարութեան մէջ, ուր կը կարդանք.
«Սասունի հայերը լի են ֆիզիքական եւ բարոյական արիութեամբ, արժանապատիւ են, բարի, ճշմարտախօս եւ աշխատասէր։ Անոնք օժտուած են նաեւ մտաւոր բարձր կարողութիւններով։ Անկարող ըլլալով ապականել այս հայ լեռնաբնակները, Թուրքիան ձեռնամուխ եղաւ անոնց բնաջնջմանը՝ այդպիսով հարուածելով Հայաստանի սրտին» [56]։
Ա-Դօն նոյնպէս, 1894-ի եւ 1904-ի կոտորածներուն ընթացքին իրենց դիմադրութեամբ հռչակ շահած Սասունի հայերուն մասին՝ 1912-ին կը գրէր. «Սասունցին կոպիտ է, հպարտ, եսական ու քաջ, բայց աղքատ։ Եւ եթէ սասունցին ձեռք ձեռքի տւած իր անմատչելի լեռներին ու ձորերին վերջին երկու տասնեակ տարիների ընթացքում քաջութեան հրաշքներ ցոյց չը տար, թերեւս նա այսօր բոլորովին մոռացւած լինէր անմենքից. բայց նա ոչ միայն մոռացւած չէ, այլ եւ իր վրա գրաւած ունի ամենքի ուշադրութիւնը» [57]:
Այս նկարագրութիւնները կ՚արտացոլէին ոչ միայն տոկունութեան աւանդութիւն մը, այլեւ Սասունի անհարթ աշխարհագրութեան ընձեռած առաւելութիւնները։ Շրջանի յայտնապէս անառիկ լեռները վճռական դեր կը խաղային հայ բնակչութեան ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ մեծապէս դժուարացնելով Սասունի հպատակեցումը։ Վտանգի ժամանակ գիւղացիները կրնային երկար ժամանակ ապաստանիլ քարայրներու եւ լեռնային թաքստոցներու մէջ՝ իրենց հետապնդողներուն հասողութենէն դուրս։ Կռիւներու ժամանակ անոնք յաճախ բարձունքներէն քարակոյտեր կը տեղացնէին յառաջացող թշնամիին վրայ։ Սասունի հայերը այս մարտավարութիւնը կը կիրարկէին նոյնիսկ օսմանեան հրետանիին դէմ [58], որ թուրքերը ի վերջոյ գործածութեան դրին, երբ, հակառակ իրենց ռազմական գերազանցութեան, այլ միջոցներով չկրցան կոտրել հայկական դիմադրութիւնը։
Այս յատկանիշները գործնական յստակ արդիւնքներ ունէին։ Սասունի հայերը հնարամտութիւն կը ցուցաբերէին ոչ միայն առօրեայ գործիքներ՝ գութան, կացին, դանակ եւ սուր պատրաստելու, այլեւ հում նիւթերէ զէնք եւ վառօդ արտադրելու մէջ [59]։ Փամփուշտներու համար անհրաժեշտ կապարը կը հայթայթուէր հայ վաճառականներու միջոցով, մինչ վառօդը բացառապէս կը ստացուէր Մշոյ դաշտի հայկական մեծագոյն գիււղերէն՝ Ցրոնքէն, որուն հողը վառօդի արտադրութեան համար անհրաժեշտ հում նիւթ կը պարունակէր [60]։ Սասունցիները ունէին նաեւ յարաբերաբար լաւ զարգացած տեղական աջակցութեան ցանցեր եւ կերիլլայական մարտավարութեան ամուր աւանդոյթ մը։ Բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ անոնց թուային զգալի քանակի կողքին՝ այս գործօնները անոնց կը դարձնէին յատկապէս ունակ՝ երկարատեւ դիմադրութիւն ցուցաբերելու օսմանեան ճնշումներուն դէմ [61]։ Այդուհանդերձ, այս դիմադրութիւնը կ՚ընթանար աստիճանաբար աւելի լարուած դարձող պայմաններու մէջ։ 1870-ականներէն սկսեալ Սասունը դարձաւ այն շրջաններէն մէկը, ուր օսմանեան իշխանութիւնները քրտական ցեղախումբերուն նկատմամբ նպաստաւոր քաղաքականութիւն կը վարէին՝ մեծ մասամբ անտեսելով հայ գիւղացիներուն դէմ վերջիններուս կատարած ասպատակութիւնները, կողոպուտն ու հողերու բռնագրաւումը։ Այս քաղաքականութիւնը մաս կը կազմէր տեղի հայ բնակչութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը զօրացնելու աւելի լայն ջանքերու շրջանակին մէջ [62]։
Միաժամանակ, դիմադրելու այս կարողութիւնը սերտօրէն կապուած էր տեղական ինքնավարութեան ձեւերուն հետ։ Այս մէկուն ձեւաւորման վրայ կ՚ազդէին շարք մը գործօններ, որոնցմէ էր՝ խիտ բնակուած բնակավայրերու մէջ ապրող լեռնային համայնքներուն առանձնայատուկ ընկերային եւ ֆիզիքական յատկանիշները, խորդուբորդ լեռնային տեղանքը, սննդամթերքի ինքնաբաւութեան զգալի աստիճանը, ինչպէս նաեւ հայերու թուային գերակշռութիւնը կեդրոնական եւ հիւսիսային շարք մը ենթաշրջաններու մէջ, ինչպիսիք էին Վերին Սասունը, Առաջաւորը (Առաջաւորաց), Շատախը, Ծովասարը, Տալւորիկը, Իշխանձորը եւ Փսանքը։ Այս պայմանները պատահական չէին։ Մինչեւ 1870–1880-ական թուականները Սասունի այս հատուածները պահպանած էին կիսանկախ իշխանութիւն մը, որ հայոց պատմական յիշողութեան մէջ լայնօրէն ընկալուած է իբրեւ հայկական պետականութեան պահպանուած դրսեւորում մը [63]։ Տեղական տոհմային կառոյցները նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղային եւ մինչեւ 1880-ականները կը գործէին գիւղական աւագներու խորհուրդներուն աջակցութեամբ, որոնք կը կոչուէին «ավագանի»։ Որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս Առաջաւոր (Առաջաւորաց) եւ Խուլփ, իշխող տոհմերու անդամները պահպանած էին «իշխան» տիտղոսը եւ որոշ առանձնաշնորհումներ՝ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը [64]։
Այս յարաբերական ինքնավարութիւնը պատմական խոր արմատներ ունէր։ Միջնադարուն շրջանի հայկական բնակեցման գլխաւոր կեդրոնը Խութն էր, որ հետագային դարձաւ Սասունի ենթաշրջաններէն մէկը։ Արծրունին վաղ շրջանի սասունցիները կը նկարագրէ իբրեւ լեռնային կիրճերու, քարանձաւներու եւ անտառապատ վայրերու մերձակայքին մէջ՝ Աղձնիքի եւ Տուրուբերանի մէկ այլ գաւառի՝ Տարօնի միջեւ գտնուող տարածքներուն մէջ, ցրուած ազգակցական խումբերով բնակուող մարդոց, որոնց բնակավայրերը իրարմէ զգալիօրեն հեռու կը գտնուէին [65]։ 1846 թուականին, երբ օսմանեան իշխանութիւնները յաջողած էին կոտրել քիւրտերու հզօրութիւնը եւ Պիթլիսը աւելի խիստ կեդրոնական վերահսկողութեան տակ առնել [66], Սասունը արդէն դարձած էր այն ինչ Թոյնպի կը բնութագրէր իբրեւ «քառասուն հայկական գիւղերու դաշնութիւն մը»։ Ան նաեւ կը նշէր, որ Սասունը դարեր շարունակ պահպանած էր «կիսանկախ, գրեթէ ինքնաբաւ գոյութիւն մը՝ ի դժգոհութիւն օսմանեան կառավարութեան եւ ի նախանձ իր նուազ բարեկեցիկ դրացիներուն՝ քիւրտերուն» [67]։
Հակառակ այս երկարատեւ ինքնավարութեան, օսմանեան պետութեան հետ Սասունի յարաբերութիւնները առաւել յստակ կը դրսեւորուէին հարկահաւաքութեան ոլորտի մէջ։ Դժուարանցանելի տեղանքին պատճառով օսմանեան հարկահաւաքները հազուադէպօրէն Սասուն կը մտնէին, եւ մինչեւ 1890 տուրքերը սովորաբար տարին անգամ մը կը վճարուէին՝ միանուագ 18,000 ղուրուշի չափով [68]։ Սասունի հայերուն վճարած հիմնական հարկերուն շարքին էին գլխահարկը (իւրաքանչիւր արական սեռի անձի համար 2 ղուրուշ՝ ներառեալ նորածին տղաքը), անշարժ գոյքի հարկը, ոչխարներու վրայ դրուած խամչուրի կոչուող հարկը (իւրաքանչիւր գլուխի համար 5 ղուրուշ՝ կենդանիին արժէքին մօտ մէկ ութերորդը), ինչպէս նաեւ երկրագործական արտադրանքի տասանորդը։ Այս հիմնական հարկերէն զատ, օսմանեան պետութիւնը հայերուն կը պարտադրէր վճարել նաեւ շարք մը այլ տուրքեր [69]։Սասունի հայերու տնտեսական խոցելիութիւնը չէր սահմանափակուեր հարկային պարտաւորութիւններով։ Մուշի եւ այլ քաղաքներու մէջ իրենց ապրանքները վաճառող սասունցի գիւղացիները կը բախէին առեւտրային հարկադրանքի. թուրք գնորդը կրնար համաձայնիլ իւրաքանչիւր ոչխարի կամ մէկ ֆունտ մեղրի համար որոշակի գին վճարել, սակայն ապրանքը անոր տունը հասնելէն ետք վճարել ընդամէնը 25 ղուրուշ՝ նախապէս համաձայնեցուած 40-ի փոխարէն, կամ մեղրի դիմաց վճարման ենթակայ գումարի միայն կէսը։ Իշխանութիւններուն դիմած սասունցին շուտով կը զղջար, որ միամտաբար ակնկալած էր կառավարութենէն արդարութեան տիրանալ։ Իրենց լեռնային գաւառներէն դուրս ճամբորդող սասունցի վաճառականները նոյնպէս վտանգի կ՚ենթարկուէին. քրտական խումբերը կամ թուրքերը կրնային յարձակիլ անոնց վրայ եւ թալանել՝ խլելով ոչ միայն ապրանքները, այլեւ զանոնք տեղափոխող ջորիները [70]։
Պաշտօնական հարկերուն կողքին կար նաեւ խաֆիր անունով ծանօթ ապօրինի տուրք մը, զոր քիւրտ ցեղապետները անարգել կը գանձէին՝ հակառակ իշխանութիւններուն ուղղուած հայերու բազմաթիւ բողոքներուն։ Քաֆիր, հաֆիր կամ խաֆիրաթ անուններով եւս ծանօթ այս տուրքը առերեւոյթ կը գանձուէր այլ քրտական ցեղախումբերու ասպատակութիւններէն «պաշտպանութիւն» ապահովելու դիմաց, բայց գործնականին մէջ նոյն այդ խումբերը յաճախ կը յափշտակէին հայերու հօտերը, կը հսկէին քարաւաններու տեղաշարժը եւ յարձակումներ կը գործէին անոնց վրայ։ Սասունի երկրագործական եւ անասնապահական արտադրանքը՝ ոչխար, չամիչ, մեղր, մետաքս եւ երկաթեայ գործիքներ, կը վաճառուէր Մուշի, Ֆարքինի (Տիգրանակերտ) եւ Տիարպեքիրի շուկաներուն մէջ, որոնց վաճառքէն քիւրտերը կը պահանջէին պէշ անունով ծանօթ շահաբաժին մը։
Իւրաքանչիւր գարնան քիւրտ աղա մը զինեալ մարդոց ընկերակցութեամբ կու գար եւ իբրեւ տուրք կը գանձէր ոչխար, ջորի, գորգ, կարպետ, գուլպայ, երկաթեայ գործիքներ եւ այլ ապրանքներ։ Հայերը իրենք զիրենք բախտաւոր պիտի համարէին, եթէ ստիպուած ըլլային միայն մէկ աղայի տուրք վճարել։ Սակայն բուն Սասունի մէջ կային երեք խոշոր քրտական ցեղախումբեր, իսկ շրջանի սահմաններուն՝ քանի մը ուրիշներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր բաժին տուրքը կը պահանջէր [71]։ Խաֆիրէն եւ պէշէն զատ, կար նաեւ երրորդ ապօրինի տուրք մը՝ աղութինը, որ կը գանձուէր աղայի մը հովանաւորութեան տակ գտնուող հայերէն [72]։ Այս տուրքերուն դէմ հայերու դիմադրութիւնը հետագային ծանր հետեւանքներ պիտի ունենար՝ յանգելով 1894-ի Սասունի կոտորածին, որ բռնութիւններու շարքի մը առաջին արարն էր։ Այս իրադարձութիւնները պիտի վերաձեւաւորէին շրջանի հայ բնակչութեան ժողովրդագրական կառուցուածքը։
Հայ բնակչութեան թուային կշիռը նուազեցնելու նպատակով օսմանեան իշխանութիւնները Պիթլիսի վիլայէթի վարչական բաժանումներուն մէջ բազմիցս « ճշգրտումներ» կատարած են։ 1878-ին, 1880-ին, 1886-ին եւ 1895-ին տեղի ունեցած այս փոթոխութիւններուն նպատակներէն մէկն էր Սասունը մասնատել աւելի փոքր միաւորներու։ Եթէ այս տարածքը շարունակէր մնալ վարչատարածքային մէկ ամբողջական միաւոր, հայերը անոր բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը պիտի կազմէին, ինչ որ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքականապէս անցանկալի էր։ Օսմանեան պետութեան այս գործելակերպը մաս կը կազմէր 1878-ի Պերլինի դաշնագրէն ետք արեւելեան վիլայէթներու սահմաններու վերաձեւման աւելի լայն գործընթացին։ Դաշնագիրը այս տարածքները կը յիշատակէր իբրեւ «հայերով բնակուած նահանգներ» [73]։
Հակառակ օսմանեան պետութեան կատարած վարչական այս վերաձեւումներուն՝ մինչեւ 1894 թուականը Սասունի բնակչութիւնը ճնշող մեծամասնութեամբ կը մնար հայկական։ Գլխաւոր բացառութիւններն էին Խուլփը, ուր բնակչութեան առնուազն մէկ երրորդը քիւրտեր էին, եւ Հազզօն, ուր քիւրտերը բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը կը կազմէին։ Հազզոյի՝ Սղերդէն անջատումն ու Սասունին կցումը մաս կը կազմէր շրջանին մէջ հայ բնակչութեան տեսակարար կշիռը նուազեցնելու ճիգերուն [74]։ Թէեւ հայերու թիւը պիտի նուազէր 1894-ի Սասունի կոտորածէն, 1895–1896-ի համիտեան կոտորածներէն եւ 1904-ին շրջանին մէջ բռնութիւններու նոր բռնկումէն ետք, այսուհանդերձ մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը հայերը կը շարունակէին Սասունի մեծ մասին մէջ կազմել կա՛մ բնակչութեան յարաբերական մեծամասնութիւնը կամ ալ անոր զգալի բաժինը։
Սասունի վարչական բաժանումը մեծապէս պայմանաւորուած էր անոր խորդուբորդ լեռնային տեղանքով։ Ճիշդ է որ շրջանի հինգ պատմական լեռնագագաթները՝ Անդոկը, Ծովասարը, Մարաթուկը, Սիմսարը (կամ Կուրտիկը) եւ Կեպինը [75], առանձնապէս բարձր չեն, բայց եւ այնպէս ընդհանուր տեղանքը չափազանց կտրտուած եւ դժուարանցանելի է։ Հիւսիսէն հարաւ ճամբորդելու համար անհրաժեշտ էր անցնիլ առնուազն հինգ լեռնաշղթաներէ, իսկ հաղորդակցութիւնը մեծ մասամբ կը կատարուէր լեռնային նեղ արահետներով։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր խոշոր հովիտ կամ կիրճ, որ սովորաբար կ՚ընդգրկէր տասներկուէն քսաներկու բնակավայր, հակուած էր առանձին ենթաշրջան մը կազմելու [76]։ Այս տարածքները իրարմէ բաժնող բնական արգելքները - յաճախ զառիթափ լեռնանցքներ կամ լեռնաբազուկներ -, հնարաւորութիւն կու տային անոնց գործելու իբրեւ յարաբերաբար ինքնամփոփ միաւորներ։ Տեղական բաժանումով Սասունը սովորաբար կը բաղկանար եօթը տարածքային միաւորներէ. Շատախ, Գաւառ կամ Միջին մաս, Ծովասարի փէշեր, Տալւորիկ, Բուսանաց գաւառ, Խիանք եւ Խուլփ [77]։ Բայց այս բաժանումներուն սահմանները երբեք յստակ չէին։ Անոնց յստակօրէն չսահմանուած սահմանները հետազօտողներու շարքերուն մէջ զգալի տարակարծութիւններու առիթ տուած են թէ՛ Սասունի ենթաշրջաններուն թիւին եւ թէ՛ անոնց անուանումներու վերաբերեալ։
Ինչ կը վերաբերի աղբիւրագիտութեան, այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է բազմաթիւ սկզբնաղբիւրներու վրայ։ Անոնց շարքին յատկապէս կարեւոր են 1878-ին Սասուն այցելած հայ բանահաւաք Արիստակէս Տեւկանցի ճամբորդական տեղեկագիրը, Մուշի Առաջնորդարանի 1899-ի պատրաստած ծուխերու հաշուարկը [78], որ հետագային վերահրատարակուած է Ա-Դոյի 1912-ի գրքոյկին մէջ, Մայեւսկիի ժողովրդագրական ուսումնասիրութիւնը՝ հիմնուած մօտաւորապէս 1890–1897 կամ 1899 թուականներու [79] ծուխերու հաշուարկներուն վրայ, Մարտիրոսեանի կազմած ծուխերու եւ բնակչութեան հաշուարկը, որ 1916–1917-ին հրատարակուած է «Վան-Տոսպ»ի մէջ, Թէոդիկի՝ 1921-ին հրատարակուած ուսումնասիրութիւնը 1915-ին հայ հոգեւորականութեան կրած տառապանքներուն մասին, Կարօ Սասունիի 1957-ի աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ Խարզանի բնակավայրերուն ծուխերուն հաշուարկը, զոր 1919-ին Հայաստանի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի ամերիկեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարազդատ Տէրոյեան գրի առած է Ա-Դոյի գրքոյկին լուսանցքներուն մէջ՝ իբրեւ անոր ներկայացուցած թիւերուն լրացում [80]։
Յաւելեալ նիւթեր քաղուած են ժամանակակից հանդէսներէ եւ պարբերականներէ, ինչպէս օրինակ «Արաքս», «Արձագանգ», «Դրօշակ», «Ձայն Հայրենեաց», «Հայրենիք», «Լումա», «Մասիս», «Մշակ», «Մուրճ», «Նոր-Դար», «Pro Armenia», «Վան-Տոսպ» եւ «Երկրի Ձայնը»։ Գործածուած են նաեւ Էրզրումէն, Մուշէն, Վանէն, Հաֆթըվանէն (Սալմաստ) եւ Պոլիսէն կատարուած բրիտանական հիւպատոսական ու դիւանագիտական թղթակցութիւններ, որոնք ծանօթագրութիւններուն մէջ յապաւուած են իբրեւ «FO», ինչպէս նաեւ թրքական արխիւային հաւաքածոներու մէջ պահպանուած օսմանեան մարդահամարի տեղեկագիրներ, սալնամէներ եւ ցեղասպանութեան տարիներու տեղահանութեան արձանագրութիւններ։
Այս աղբիւրներուն շրջարկին մէջ որոշ աշխատութիւններ կը փոխանցեն նաեւ տեղական բնոյթի կամ զիրար լրացնող տուեալներ։ Մայեւսկի Խութ-Բռնաշէնի եւ Մոտկանի վերաբերեալ թիւեր ներկայացուցած է, զորս հաւաքած էր 1899-ին Պիթլիս կատարած իր այցելութեան ընթացքին։ 1904-ին ան այս տուեալները լրացուցած է Սասունի այլ շրջաններուն վերաբերող յաւելեալ տեղեկութիւններով՝ քաղուած «Pro Armenia»-էն [81]։ Ա-Դօն իր կարգին գործածած է 1909-ին Մուշի Առաջնորդարանին հրատարակած տեղեկագիրի մը նիւթերը, որոնք կը պարունակէին ծուխերու եւ բնակչութեան հաշուարկ մը, մինչ Մարտիրոսեան հետագային թարմացուցած է այն տուեալները, զորս նախապէս տրամադրած էր Ա-Դոյին։ Թէոդիկի, Պետոյեանի եւ Սասունիի արձանագրած թիւերը գլխաւորաբար կը վերաբերին ցեղասպանութեան անմիջապէս նախորդող ժամանակաշրջանին, մինչ վերապրողներու վկայութիւնները կ՚ընդգրկեն 1915-ի Ապրիլէն սկսած դէպքերն ու անոնց յաջորդած ամիսները։
Կը նկատուի նաեւ, որ որոշ հեղինակներ տարածքային մէկ միաւորը երկուքի կը բաժնէին, մինչ ուրիշներ առանձին միաւորներ կը միացնէին եւ յաճախ զանոնք գծիկով միացուած մէկ անունով կը ներկայացնէին։ Այլ պարագաներու, գիւղախումբերը կը դիտուէին իբրեւ առանձին ենթաշրջաններ, որովհետեւ տեղացի բնակիչները զանոնք կը կոչէին որոշակի անունով մը։ Շենիկն ու Սեմալը, օրինակ, աւանդաբար Շատախի մաս կը կազմէին։ Իրենց դիրքին պատճառով՝ յաճախ ծառայելով իբրեւ Սասունի դէմ օսմանեան ռազմական յարձակումներու մեկնակէտ, այս երկու վայրերը ծանօթ դարձած էին իբրեւ «Սասունի դռներ»։ Շրջակայ թաղերուն (թրքերէն՝ mahalle) հետ անոնք կը կազմէին Առաջաւոր (կամ Առաջաւորաց) անունով ծանօթ տարածք մը, որ կը նշանակէ «առջեւը գտնուող»։ Հետեւաբար, որոշ հեղինակներ Առաջաւորը կը դասէին իբրեւ առանձին տարածքային միաւոր [82]։ Ուրիշներ նման եզրակացութեան կը յանգէին Կելիեկիւզանի եւ Իշխանձորի նման գիւղախումբերու պարագային՝ զանոնք դիտելով իբրեւ առանձին ենթաշրջաններ, քանի որ անոնք բազմաթիւ թաղեր եւ թաղ-գիւղակներ կ՚ընդգրկէին։ Այս ձեւով տարբեր հեղինակներ փաստօրէն կը ստեղծէին պաշտօնական որեւէ արձանագրութեան մէջ գոյութիւն չունեցող վարչական բաժանումներ։
Տարածքային միաւորներուն թիւին շուրջ տարակարծութիւնները պատճառ եղած են, որ ժամանակակից քանի մը հեղինակներ վիճարկեն Պետոյեանի դասակարգումը։ Օրինակ, Եղիազար Կարապետեան կը նշէ եօթը միաւոր. Խութ-Բռնաշէն, Մոտկան, Փսանք, Խուլփ-Խիանք, Տալւորիկ, Շատախ եւ Կեդրոնական Սասուն [83]։ Մուշի մէջ թրքական վայրագութիւններուն յատկացուած ուսումնասիրութեան հեղինակ Աղան Ենկոյեան (Տարօնեցի) եւս նման եզրակացութեան կը յանգի՝ նշելով, որ նոյն բաժանումը կը դասաւանդուէր Մուշի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, ուր Սասունը նոյնպէս կը ներկայացուէր իբրեւ եօթը միաւորներէ բաղկացած շրջան [84]։ Սակայն Կարօ Սասունին կը մերժէ Պետոյեանի կատարած տարբերակումը «Բուն Սասունի» եւ շրջակայ տարածքներուն միջեւ։ Անոր տեսակէտով «Բուն Սասուն»ի եւ «ոչ-Բուն Սասուն»ի միջեւ պատմականօրէն հիմնաւոր տարբերակում գոյութիւն չունէր։ Կարօ Սասունի դիտել կու տար, որ Սասունը բաղկացած էր ինը միաւորներէ. Բռնաշէն, Խութ, Մարաթուկ, Հազզօ, Փսանք, Տալւորիկ, Խիանք, Խուլփ եւ Շատախ, որոնք հնագոյն ժամանակներէն ի վեր միասնաբար ծանօթ էին պարզապէս «Սասուն» անունով [85]։
Այս ուսումնասիրութեան մէջ, այնուամենայնիւ, նախապատուութիւնը տրուած է Պետոյեանի դասակարգումին։ Գիտական ընդունուած չափանիշներով՝ Պետոյեան Սասունին անհամեմատ աւելի մեծ ուշադրութիւն տրամադրած է, քան Կարապետեան կամ Տարօնեցի։ Ան հեղինակն է շրջանի ազգագրութեան, պատմութեան, պատմական աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, բարբառին եւ ազգային-ազատագրական շարժումին վերաբերող աշխատութիւններու պատկառելի թիւի մը, մինչ միւս երկու հեղինակները իւրաքանչիւրը միայն մէկ աշխատութիւն հրատարակած է այս թեմայով։ Միաժամանակ, Պետոյեանի եւ Կարապետեանի դասակարգումներուն միջեւ տարբերութիւնները առանձնապէս մեծ չեն։ Ուշագրաւ տարբերութիւններէն մէկը Կարապետեանի՝ Խուլփն ու Խիանքը մէկ միաւորի մէջ միացնելու որոշումն է, մինչ Պետոյեան զանոնք կը նկատէ առանձին միաւորներ։ Աւելի կարեւոր է այն, որ Կարապետեան ամբողջութեամբ դուրս ձգած է Հազզօ-Խաբլճօզն ու Խարզանը, ինչ որ հարցեր կը յարուցէ իր դասակարգումին ամբողջականութեան վերաբերեալ։ Պետոյեանի աշխատանքը հիմնուած էր նաեւ փաստական աւելի լայն հիմքի վրայ։ 1950-ականներուն ան հարցազրոյցներ կատարած է Խորհրդային Հայաստանի Աշտարակի եւ Թալինի շրջաններուն մէջ բնակող քանի մը տասնեակ ծնունդով սասունցիներու հետ, որոնցմէ շատերը վերապրած էին 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ բնակութիւն հաստատած՝ Ռուսիոյ, հետագային ալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Նոյնիսկ Կարօ Սասունին, հակառակ Պետոյեանի ուղղուած իր քննադատութիւններուն, կ՚ընդունէր անոր հետազօտական աշխատանքի բարեխղճութիւնը, յատկապէս վեր առնելով գիւղերու ամբողջական ցանկ մը կազմելու անոր ճիգը, որ կ՚ընդգրկէր նախորդ ուսումնասիրութիւններուն մէջ բացակայող բազմաթիւ բնակավայրեր [86]։
Աղբիւրները կը տարբերին նաեւ Սասունի հայաբնակ բնակավայրերուն թիւին վերաբերեալ՝ թէ՛ ամբողջ շրջանին եւ թէ անոր առանձին ենթաշրջաններուն պարագային։ Այս տարբերութիւնները հաւանաբար առնչուած են շարք մը գործօններու, որոնց շարքին այդ ժամանակաշրջանի վիճակագրական մեթոտներու սահմանափակ զարգացումը եւ բարձր լեռներուն մէջ ցրուած հարիւրաւոր փոքր բնակավայրեր հասնելու գործնական դժուարութիւնը։ Հետեւաբար, Սասունի եւ Մուշի աւելի լայն շրջանի բնակավայրերու թիւին վերաբերող գնահատումները աղբիւրէ աղբիւր զգալիօրէն կը տարբերին՝ կախեալ ընդգրկուած ժամանակաշրջանէն, կիրառուած չափանիշներէն եւ այն հանգամանքէն, թէ արդեօք հաշուի առնուած են խառն բնակչութեամբ գիւղերն ու ծայրամասային բնակավայրերը։ Այս տարբերութիւնները կարելի է տեսնել հայկական բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ, որոնց շարքին Տեւկանցի [87], «Մուրճ»ի [88], «Արաքս»ի [89], Ա-Դո-յի [90], Պատրիարքարանի [91], Մարտիրոսեանի [92], Թէոդիկի [93], Կարապետեանի [94], Սասունիի [95], եւ Պետոյեանի [96] ներկայացուցած տուեալները։ Աղիւսակ Գ.-ը ի մի կը բերէ 1878-էն մինչեւ 1915-ի նախօրեակը հայկական եւ եւրոպական գլխաւոր աղբիւրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հիմնական գնահատումները։
Աղիւսակ Գ.- Սասունի հայկական եւ խառն բնակչութեամբ գիւղերու թիւը (1878–էն մինչեւ 1915-ի նախօրեակ)
Աղբիւր | Թուական | Հայկական գիւղեր | Խառն գիւղեր | Ընդհանուր |
Տեւկանց | 1878 | 184 | 60 | 244 |
«Մուրճ» | 1894 | 60 | — | 170-180 |
«Արաքս» | 1894-1895 | 60 | — | — |
Ա-Դօ | 1899-1912 | 112 | — | 112 |
Պատրիարքարան | 1913-1914 | 285 | — | 285 |
Մարտիրոսեան | 1913-1915 | 242 | — | 242 |
Թէոդիկ | 1915-ի նախօրեակ | 186 | — | 186 |
Կարապետեան | 1915-ի նախօրեակ | 115 | 92 | 207 |
Կարօ Սասունի | 1915-ի նախօրեակ | 153 | 397 | 550 |
Պետոյեան | 1915-ի նախօրեակ | Հայերու աւելի բարձր տեսակարար կշիռ | Քիւրտերու աւելի նուազ տեսակարար կշիռ | 539 |
Սասունի մէջ ծուխերու անդամներուն միջին թիւին վերաբերող գնահատումները նոյնպէս մեծապէս կը տարբերին առկայ աղբիւրներուն մէջ։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Պարտիզակցին Օսմանեան կայսրութեան գիւղական հայկական համայնքներուն համար կ՚առաջարկէր իւրաքանչիւր ծուխի մէջ միջին հաշուով աւելի քան ութ հոգի [97]՝ քաղաքային բնակավայրերու հինգ կամ վեց անձի դիմաց։ Մայեւսկին նոյնպէս իւրաքանչիւր ծուխի համար միջին հաշուով ութ անձի թիւը կու տար, նոյն ժամանակ Պիթլիսի վիլայէթի իւրաքանչիւր գիւղի համար ան կը կիրառէր քսան ծուխի գնահատումը [98]։ Ժամանակակից այլ դիտորդներ, սակայն, կը մատնանշէին ընտանիքներու զգալիօրէն աւելի մեծ կազմեր։ 1895-ին Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան պատրիարքը դիտել կու տար, որ մէկ յարկի տակ կ՚ապրէին «երեսունէն հարիւր հոգի» [99]։ Այս թիւը չափազանցուած կը նկատէր Էրզրումի մէջ բրիտանական հիւպատոս Ռոպըրթ Ուինտըմ Կրէյվզը, թէեւ ինքն ալ կ՚ընդունէր մինչեւ վաթսուն անդամ ունեցող ծուխերու գոյութիւնը [100]։ Գիւղի մը հայ բնակչութեան թիւը գնահատելու համար Կրէյվզ կ՚առաջարկէր ծուխերուն թիւը բազմապատկել տասներկուով [101]։ Վանի բրիտանական փոխհիւպատոս հարիւրապետ Ճ. Է. Թիրել, հիմնուելով Շատախի եւ Տալւորիկի գիւղերէն ստացուած տեղեկութիւններուն վրայ, իւրաքանչիւր ծուխի անդամներուն թիւը կը գնահատէր իննէն քսանչորս անձ [102]։ Բրիտանական հիւպատոսական այլ պաշտօնեայ մը՝ Ռոպըրթ Մոյր Փաթըն, իւրաքանչիւր ծուխի համար կ՚առաջարկէր տասներկու անձի միջին մը՝ միաժամանակ նշելով, որ որոշ ծուխեր քառասունէն վաթսուն անդամ կը հաշուէին [103]։
Հայկական աղբիւրները եւս ընդհանուր առմամբ կը հաստատեն Սասունի ծուխերուն բազմամարդութիւնը։ «Մշակ»ի խմբագիր Ալեքսանդր Քալանթար կը նշէր իւրաքանչիւր ծուխի համար տասէն քսան անձ, իսկ որոշ պարագաներու՝ մինչեւ քառասուն [104]։ Մուշի մերձակայ Թահլասեւ գիւղէն վերապրողի մը վկայութիւնը եւս կը մատնանշէ եօթէն քառասուն անդամ ունեցող ծուխերու գոյութիւնը [105]։ Եղիազար Կարապետեան նոյնպէս կը նշէ, որ մէկ յարկի տակ քսանէն քառասուն կամ աւելի անձերու բնակութիւնը սովորական երեւոյթ էր։ Օրինակ, Սեմալայ Մարտօ անունով անձի մը (ըստ երեւոյթին՝ Սեմալ գիւղի բնակիչ) ծուխը կը բաղկանար վաթսունչորս անձերէ [106]։ Այս տարբերութիւնները կ՚արտացոլեն տեղական հասարակութեան կառուցուածքը, ուր ծուխերը յաճախ կ՚ընդգրկէին ազգականներու, խնամիներու եւ սաներու ընդարձակ ցանցեր, ինչ որ ճշգրիտ հաշուարկները կը դարձնէին թէ՛ դժուար եւ թէ՛ երբեմն մոլորեցուցիչ։ Նկատի ունենալով այս տարբերութիւնները եւ ժողովրդագրական հաշուարկներուն մէջ զգուշաւոր ու հետեւողական ելակէտ մը պահպանելու նպատակով՝ այս ուսումնասիրութեան համար որդեգրած ենք Պարտիզակցիի առաջարկած՝ մէկ ծուխի հաշուով ութ անձի աւելի ցածր գնահատումը։
Առկայ աղբիւրները Սասունի ենթաշրջաններու բնակավայրերուն թիւին վերաբերեալ խիստ տարբեր թիւեր կը ներկայացնեն։ Անոնք կախեալ են տուեալ ժամանակաշրջանէն եւ այն բանէն, թէ ինչպէս կը սահմանուէր կամ կը դասակարգուէր այդ տարածքը։
Խութի եւ Մոտկանի պարագային, «Լումա»ն (1872) Խութի մէջ կը նշէ ընդհանուր 74 գիւղ, իսկ Մոտկանի մէջ՝ 69 [107]։ 1871, 1872 եւ 1873 թուականներու օսմանեան սալնամէները Հույութի (Խութ) մէջ 1871-ին կը նշեն 33 գիւղ, որոնց թիւը 1872-ին եւ 1873-ին կը բարձրանայ 74-ի, մինչ Մութքիի (Մոտկան) վերաբերեալ նոյն այս երեք տարիներուն համար անփոփոխ կերպով կը նշեն ընդհանուր 69 գիւղ [108]։
Տեւկանց (1878) աւելի մանրամասն բաժանում մը կը ներկայացնէ. Բռնաշէնի մէջ կը նշէ 1 հայկական եւ 9 խառն բնակչութեամբ գիւղ, Խութի մէջ՝ 5 հայկական եւ 12 խառն, Շատախի մէջ՝ 5 հայկական եւ 1 խառն, իսկ Գաւառի մէջ՝ 11 հայկական եւ 1 խառն գիւղ։ Ան նաեւ Մոտկանի մէջ կը նշէ ընդհանուր 25 գիւղ, Խարզանի մէջ՝ 45, իսկ Հազզոյի մէջ՝ 53 [109]։ 1880-ի Նոյեմբերի կէսերուն Մուշի առաջնորդ Գրիգորիս եպիսկոպոս Ալէաթճեան Պատրիարքարանին կը ներկայացոնէ վիճակագրական տեղեկագիր մը՝ «Վիճակագիր Հայոց Տարօնոյ» խորագիրով, որ հետագային կը հրատարակուի «Մասիս» պարբերականին մէջ։ Տեղեկագիրը Կեդրոնական Սասունի համար (յիշատակուած իբրեւ «Սասուն-Շատախ») կու տայ 36 հայկական գիւղի թիւը, Խութի համար՝ 13, Բռնաշէնի համար՝ 14, իսկ Մոտկանի համար՝ 31 [110]։
1882-ին «Արձագանգ»ը Մոտկանի մէջ կը նշէ 20 հայկական գիւղ՝ 288 ծուխով կամ 2,138 բնակիչով [111]։ Աւելի ուշ՝ 1894-ին, «Նոր-Դար»ը Կեդրոնական Սասունի համար կու տայ 46 հայկական գիւղի թիւը [112], մինչ Մայեւսկին 1899-ին Կեդրոնական Սասունի եւ Հազզոյի մէջ միասին կը հաշուէ մօտ 170 գիւղ [113]։
1915-ի նախորդող ժամանակաշրջանին համար Կարապետեան Կեդրոնական Սասունի մէջ կը նշէ շուրջ 40 գիւղ, որոնցմէ 25-ը՝ ամբողջովին հայաբնակ, իսկ Խութի մէջ՝ շուրջ 50 գիւղ, որոնցմէ 21-ը՝ հայաբնակ [114]։ Մարտիրոսեան (1913–1915) աւելի մանրամասն թիւեր կը ներկայացնէ. Կեդրոնական Սասունի մէջ՝ 112 հայկական եւ 35 քրտական գիւղ, Խութ-Բռնաշէնի մէջ՝ 30 (այլ տեղ՝ 29) հայկական եւ 38 քրտական գիւղ, Խիանքի մէջ՝ 18 հայկական գիւղ, Խուլփի մէջ՝ 14, իսկ Մոտկանի մէջ՝ 69 [115]։ Պատրիարքարանի 1913–1914-ի տուեալները Կեդրոնական Սասունի մէջ կը նշեն 156 հայկական գիւղ, Մոտկանի մէջ՝ 27, Խարզանի մէջ՝ 76, իսկ Խիանք-Խուլփի մէջ՝ 26 [116]։ Վերջապէս, Պետոյեան 1915-ի նախորդող ժամանակաշրջանին համար կը ներկայացնէ ամէնէն ընդարձակ բաժանումը՝ Կեդրոնական Սասունի մէջ նշելով 16 հայկական գիւղ, Շատախի մէջ՝ 7, Տալւորիկի մէջ՝ 12, Խութ-Բռնաշէնի մէջ՝ 42, Փսանքի մէջ՝ 42, Հազզօ-Խաբլճօզի մէջ՝ 108, Մոտկանի մէջ՝ 61, Խիանքի մէջ՝ 56, Խուլփի մէջ՝ 67, իսկ Խարզանի մէջ՝ 128 [117]։
Գիւղերու թիւին կողքին, 1871, 1872 եւ 1873 թուականներու օսմանեան սալնամէները կը պարունակեն նաեւ Սասունի քանի մը ենթաշրջաններու բնակչութեան վերաբերող թիւեր։ Այսպէս, 1871-ի սալնամէն Հույութի (Խութ) մէջ կը նշէ 417 հայ եւ 2,561 իսլամ արական սեռի բնակիչ, իսկ Մութքիի (Մոտկան) մէջ՝ 1,251 հայ եւ 5,615 իսլամ արական սեռի բնակիչ։ 1872-ի հրատարակութիւնը Հույութի մէջ կը նշէ 640 հայ եւ 2,106 իսլամ արական սեռի բնակիչ, իսկ Մութքիի մէջ՝ 1,301 հայ (ուղղելով տպագրուած 1,201 թիւը) եւ 5,825 իսլամ արական սեռի բնակիչ։ 1873-ի սալնամէին մէջ այս թիւերը բարձրացած են. Հույութի մէջ՝ 449 ծուխի մէջ 925 հայ եւ 2,350 իսլամ արական սեռի բնակիչ, Մութքիի մէջ՝ 2,665 ծուխի մէջ 1,301 հայ եւ 5,825 իսլամ արական սեռի բնակիչ, իսկ Սասոնի (Կեդրոնական Սասուն) մէջ՝ 300 ծուխի մէջ 749 հայ եւ 1,687 իսլամ արական սեռի բնակիչ։ Այս թիւերը միասին երեք ենթաշրջաններուն համար կու տան 2,975 հայ եւ 9,862 իսլամ արական սեռի բնակիչ [118], ինչ որ ենթադրել կու տայ մօտաւորապէս 5,950 անձէ բաղկացած հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւ մը։
Հայկական աղբիւրներուն մէջ ներկայացուած թիւերը զգալիօրեն կը տարբերին այս տուեալներէն։ Հազուադէպ համընկնում մը կը գտնենք «Լումա» հանդէսի «Մշոյ աշխարհ» խմբագրականին մէջ, որ կ՚ենթադրուի հիմնուած է Մուշի Առաջնորդարանի մէկ հաշուարկին վրայ, իսկ վերջինս իր կարգին՝ Խութի եւ Մոտկանի վերաբերեալ 1872-ի սալնամէի տուեալներուն [119]։ Ժամանակակից հայկական այլ աղբիւրներ, սակայն, կը ներկայացնեն զգալիօրէն աւելի բարձր գնահատումներ։ Այսպէս, վերոնշեալ օսմանեան սալնամէներու հրատարակութենէն քանի մը տարի ետք, Տեւկանց միայն Կեդրոնական Սասունի մէջ կը նշէ 4,236 հայ։ Ի հակադրութիւն ասոր՝ 1873-ի սալնամէն նոյն տարածքին համար կը ներկայացնէր շուրջ 1,500 հայ բնակիչ, թիւ մը որ հիմնուած էր տարածքէն ներս 749 հայ արական սեռի բնակիչներու հաշուարկին վրայ։ Այլ խօսքով, Տեւկանցի հաշուարկէն գրեթէ երեք անգամ պակաս։ Տեւկանց Խութի քսանմէկ բնակավայրերուն մէջ կը նշէ նաեւ 967 հայ եւ 968 քիւրտ, Մոտկանի մէջ՝ 7,670 բնակիչէն 4,950 հայ, Բռնաշէնի մէջ՝ 597 հայ եւ 784 քիւրտ, իսկ Շատախի մէջ՝ 832 հայ եւ 240 քիւրտ։
1878-ի Պերլինի դաշնագրէն ետք օսմանեան իշխանութիւնները լուրջ պատճառներ ունէին կայսրութեան արեւելեան նահանգներու հայ բնակչութեան թիւը իրականէն պակաս ներկայացնելու՝ բարենորոգումներու պահանջները թոյլցնելու նպատակով։ Այս պայմաններուն մէջ բնակչութեան համակարգուած թերհաշուառումը հետզհետէ աւելի լայն տարածում կը գտնէ։
Մուշի Առաջնորդարանի 1880-ի «Վիճակագիր Հայոց Տարօնոյ» տեղեկագիրը, որ, ինչպէս վերը նշուեցաւ, կ՚ընդգրկէր միայն չորս ենթաշրջան (Կեդրոնական Սասունն ու Շատախը դիտելով իբրեւ մէկ միաւոր), Խութի մէջ կը նշէր 185 հայկական ծուխ (1,548 բնակիչ) եւ 91 քրտական ծուխ, Բռնաշէնի մէջ՝ 186 հայկական ծուխ (1,499 բնակիչ) եւ 21 քրտական ծուխ, Կեդրոնական Սասունի եւ Շատախի միացեալ շրջանին մէջ՝ 518 հայկական ծուխ (5,957 բնակիչ) եւ 462 քրտական ծուխ, իսկ Մոտկանի մէջ՝ 313 հայկական ծուխ (3,756 բնակիչ) եւ 502 քրտական ծուխ [120]։ Հայկական խիտ բնակչութիւն ունեցող այլ շրջաններ, ինչպէս Տալւորիկը, դուրս մնացած էին տեղեկագիրէն, քանի որ կը գտնուէին Մուշի Առաջնորդարանի վարչական իրաւասութեան սահմաններէն դուրս։
Արեւմտեան դիտորդները օսմանեան աղբիւրներէն որոշ չափով աւելի բարձր թիւեր կը ներկայացնէին, թէեւ յաճախ իրենք եւս կը հիմնուէին նոյն այդ օսմանեան աղբիւրներուն վրայ։ 1891-ին, Քինէի հաշուարկներով Կեդրոնական Սասունի 20,101 բնակիչներէն 10,370-ը քիւրտեր էին, 8,389-ը՝ հայեր, 372-ը՝ ղպտիներ, իսկ 970-ը՝ եզիտիներ։ Մոտկանի 22,612 բնակիչներէն 15,546-ը քիւրտեր էին, 5,710-ը՝ հայեր, 1,071-ը՝ ասորի ուղղափառներ, իսկ 285-ը՝ եզիտիներ։ Խարզանի 13,000 բնակիչներէն 8,800-ը քիւրտեր էին, 3,600-ը՝ հայեր, 258-ը՝ ասորի ուղղափառներ, իսկ 342-ը՝ եզիտիներ։ Խուլփի 19,000 բնակիչներէն 17,465-ը քիւրտեր էին, 699-ը՝ հայեր, իսկ 836-ը՝ եզիտիներ [121]։ 1892-ի օսմանեան սալնամէին հետ համեմատած՝ Քինէի ներկայացուցած հայ բնակչութեան թիւերը Կեդրոնական Սասունի պարագային մօտ 2.6 անգամ, իսկ Մոտկանի պարագային՝ 2.8 անգամ աւելի բարձր են, սակայն Խուլփի պարագային՝ շուրջ 4.1 անգամ աւելի ցած։ Թէեւ որոշ շրջաններու համար անոր գնահատումները կը գերազանցեն օսմանեան թիւերը, ընդհանուր առմամբ անոնք մեթոտաբանական առումով խնդրայարոյց կը մնան, քանի որ մեծ մասամբ հիմնուած էին օսմանեան պաշտօնական վիճակագրական տուեալներուն վրայ։
1890-ականներու սկիզբի օսմանեան տուեալները կը շարունակէին մատնանշել համակարգուած թերհաշուառման առկայութիւնը՝ աւելի մեծ կասկածի տակ դնելով անոնց վիճակագրական հաւաստիութիւնը։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէն Կեդրոնական Սասունի բնակչութեան թիւը կը ներկայացնէր 16,535, որոնցմէ միայն 3,187-ը հայեր էին, Մոտկանի բնակչութիւնը՝ 5,193, որոնցմէ 2,012-ը՝ հայեր, իսկ Խուլփինը՝ 9,993, որոնցմէ 2,880-ը՝ հայեր [122]։ Իրարու գումարելով՝ այս թիւերը հայ բնակչութեան համար կու տան ընդամէնը 8,079 հոգի, ինչ որ նկատելիօրէն ցած թիւ մըն էր։ Նմանապէս, 1893-ի օսմանեան մարդահամարը Մուշի սանճաքին համար կը նշէր 53,776 հայ [123]։ Եթէ այս թիւը բաժնուի սանճաքի չորս քազաներուն՝ Սասունի, Պուլանըքի, Մանազկերտի եւ Վարդոյի միջեւ, ապա Սասունին բաժին պիտի իյնար ընդամէնը շուրջ 13,444 հայ։
1894-ի Սասունի կոտորածի նախօրեակին Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքը - հաւանաբար հիմնուելով 1880–1881-ին հաւաքուած մարդահամարի տուեալներուն վրայ -, դիտել կու տար, որ գրեթէ 40,000 հայեր կ՚ապրէին Սասունի շուրջ հարիւր գլխաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու 3,679 ծուխերուն մէջ։ Սակայն այս թիւը չէր ընդգրկեր Հազզոյի, Փսանքի, Խուլփի եւ Խութի հայ բնակչութիւնը կամ այդ շրջաններու բոլոր բնակավայրերը [124]։ Եթէ այս թիւին աւելցնենք յաւելեալ տուեալներ՝ «Մշակ»ի մէջ (թիւ 115, 1894) Խութի համար նշուած 3,000 եւ Խուլփի համար՝ 5,000 հայերը, ինչպէս նաեւ Մուշի Առաջնորդարանի 1899-ի տնտեսութիւններու հաշուարկին մէջ Հազզոյի համար նշուած 1,519 եւ Փսանքի համար՝ 2,100 հայերը [125] (վերահրատարակուած Ա-Դոյի կողմէ 1912-ին), ապա ճշդուած ընդհանուր թիւը կը բարձրանայ մօտաւորապէս 52,000 բնակիչի։ Իզմիրլեան պատրիարքը, 1895-էն կարճ ժամանակ այս թիւերուն անդրադառնալով՝ կ՚առաջարկէր աւելի բարձր՝ 70,000 հայ բնակիչի հասնող գնահատում մը։ Ժամանակակից օսմանեան պաշտօնեաները երբեմն կ՚ընդունէին ժողովրդագրական այս հաշուարկները։ Չորրորդ բանակային զօրամարմինի հրամանատար Մեհմէտ Զեքին, որ անպատուաբեր դերակատարութիւն ունեցաւ հակահայ կոտորածին մէջ, կ՚ընդունէր, որ Կեդրոնական Սասունի եւ Խուլփի միջեւ գտնուող բնակչութիւնը «ամբողջութեամբ հայկական ծագում ունէր» [126]։
1894-ի Սասունի կոտորածը զգալիօրէն պիտի փոխէր ժողովրդագրական այս պատկերը։ Վերջերս կատարուած վիճակագրական գնահատումի մը ցոյց կու տայ, թէ շուրջ 1,946 հոգի սպաննուած են այս կոտորածներուն ընթացքին, իսկ բռնութիւնները տարածուած են Շատախի (Ծովասարի հետ միասին), Տալւորիկի, Կեդրոնական Սասունի (Իշխանձորի հետ միասին), Խուլփի, Խիանքի, Փսանքի եւ Մուշի մէջ՝ ընդգրկելով 85 հայկական բնակավայր եւ շուրջ 2,435 ծուխ (մօտաւորապէս 19,480 բնակիչ) [127]։
1894-ին կատարուած գնահատումները իրարմէ զգալիօրէն կը տարբերին։ «Մշակ»ը - հիմնուելով չբացայայտուած աղբիւրի մը վրայ, որ հաւանաբար իր կարգին օսմանեան սալնամէի մը տուեալներուն վրայ հիմնուած էր -, Կեդրոնական Սասունի եւ Խարզանի մէջ ընդհանուր կը նշէր 9,000 հայ եւ 11,000 քիւրտ, Բռնաշէնի մէջ՝ 1,200 հայ եւ 2,000 քիւրտ, Խութի մէջ՝ 3,000 հայ եւ 5,000 քիւրտ, Շատախի մէջ՝ 2,000 հայ եւ 200 քիւրտ, Փսանքի մէջ՝ 2,500 հայ եւ 700 քիւրտ, Խիանքի մէջ՝ 3,500 հայ եւ 7,500 քիւրտ, իսկ Խուլփի մէջ՝ 5,000 հայ եւ 12,000 քիւրտ [128]։ Կրէյվզ, առանձին գնահատումի մը մէջ եւ շատ հաւանաբար հիմնուելով օսմանեան տարեգիրքերուն վրայ, Կեդրոնական Սասունի մէջ կը հաշուէր 15,000 քիւրտ եւ 3,000 հայ [129]։ Նոյն տարին Պոլսոյ բրիտանական դեսպան Ֆիլիփ Հենրի Ուոտհաուզ Քըրին, նոյնպէս իր գնահատումը կը ներկայացնէր մէջբերելով Պոլսոյ բրիտանական զինուորական կցորդ գնդապետ Հերպըրթ Չարլզ Չըրմսայտի տեղեկութիւնները։ Սոյն գնդապետը կը պնդէր, թէ գործածած էր օսմանեան «պաշտօնական» աղբիւրներ՝ առանց, սակայն, անոնց ինքնութիւնը նշելու։ Ըստ Քըրի թիւերուն, Կեդրոնական Սասունի մէջ գոյութիւն ունէին 8,389 հայ, Մութքիի (Մոտկան) մէջ՝ 5,710, իսկ Կուլփի (Խուլփ) մէջ՝ 699 [130]։ Ամենայն հաւանականութեամբ, այս թիւերը քաղուած են Քինէի՝ 1891-ին լոյս տեսած աշխատութենէն [131]։
1895-ի սկիզբին կը հրապարակուէին նոր գնահատումներ։ 1895-ի Յունուարին Պատրիարքարանին կողմէ դեսպան Քըրիին ուղարկուած տեղեկագիր մը կը ներկայացնէր Իզմիրլեան պատրիարքի գնահատումը, ըստ որուն Սասունի մէջ կ՚ապրէին 70,000 հայ [132]։ Նոյն ամսուն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած թղթակցութեան մը կցուած էր անանուն տեղեկագիր մը՝ ստորագրուած «Պիթլիսի բնակիչ մը» անունով, որ զգալիօրէն աւելի ցած թիւեր կը ներկայացնէր։ Տեղեկագրին հեղինակը կը նշէր. «Մօտ երկու տարի առաջ հրատարակուած վիճակագրական եւ այլ տուեալներ պարունակող գիրքին մէջ Սասունի [իմա՛ Կեդրոնական Սասուն] համար նշուած է 119 գիւղ՝ 16,535 բնակիչով, որոնցմէ 3,187-ը հայեր են, ներառեալ 1,617 արական սեռի բնակիչ։ Խուլփի շրջանը, ըստ նոյն աղբիւրին, ունի 118 գիւղ, 3,152 տուն եւ 9,993 բնակիչ, որոնցմէ 2,880-ը հայեր են, ներառեալ 1,555 արական սեռի բնակիչ» [133]։
1899-ին Մայեւսկին կը ներկայացնէր նոր գնահատում մը։ Ան Մութքիի (Մոտկան) եւ Հույութի (Խութ) մէջ ընդհանուր կը նշէր 600 հայկական ծուխ, իսկ Կեդրոնական Սասունի եւ Հազզոյի մէջ՝ 1,700։ Միաժամանակ, Խարզանի հայ բնակչութեան թիւը կը գնահատէր 6,717, իսկ Կուլփի (Խուլփ) մէջ՝ 769 [134]։ Եթէ Մոտկանի եւ Խութի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Սասունի եւ Հազզոյի հայկական ծուխերուն միացեալ թիւերը բազմապատկենք ութով եւ ստացուած թիւին աւելցնենք Խարզանի ու Խուլփի համար անոր ներկայացուցած բնակչութեան թիւերը, ընդհանուր թիւը կը հասնի 25,886-ի։ Սակայն այս տուեալները խնդրայարոյց կը նկատուին։ Անոնք մեծապէս հիմնուած են օսմանեան սալնամէներուն վրայ, ինչ որ շատ հաւանական է որ իրականէն պակաս են։ Միակ ճշգրտումը այն է, որ հայկական ծուխերուն թիւը ութով բազմապատկելով՝ ան հայ բնակչութեան գնահատուած թիւը շուրջ 40 տոկոսով կը բարձրացնէ [135]։ Ինչպէս Մայեւսկին ինք եւս կ՚ընդունէր, ան չէր կրցած Սասունի բնակավայրերուն ամբողջական ցանկը կազմել եւ, հետեւաբար, Սասունի վերաբերեալ չէր տիրապետեր տուեալներու այն նոյն ծաւալին, որ ունեցած էր Մուշի սանճաքի միւս քազաներուն համար [136]։
1903-ի աշնան Սասունը աւելի ու աւելի կ՚անկախանար օսմանեան իշխանութենէն։ Օսմանեան պաշտօնեաներուն փաստացի արգիլուած էր մուտք գործել շրջան, քանի որ 1894-ի կոտորածին յիշողութիւնը տակաւին թարմ էր։ Նախորդ բռնութիւններուն մասնակից տեղացի քիւրտերը կը խուսափէին որոշ տարածքներէ, որոնք անցած էին հայ ֆետայական խումբերու վերահսկողութեան տակ [137]։ 1904-ին տեղի ունեցած երկրորդ կոտորածի նախօրեակին, Մայեւսկին հիմնուելով «Pro Armenia»ի մէջ հրատարակուած թիւերուն վրայ՝ Շատախի, Գաւառի, Ծովասարի փէշերու, Տալւորիկի, Բուսանաց գաւառի, Խիանքի եւ Խուլփի մէջ կը նշէր 1,734 հայկական ծուխ, կամ շուրջ 13,872 բնակիչ։ Այս թիւը չէր ընդգրկեր Հազզօ-Խաբլճօզը, Խութ-Բռնաշէնը, Մոտկանը եւ Խարզանը։ Մնացեալ 155 ծուխերը քրտական էին՝ շուրջ 1,240 բնակիչով [138]։ Մայեւսկին հետագային «Pro Armenia»ի հրատարակուած թիւերը կը բնութագրէր իբրեւ «միանգամայն հաւանական է՝ բաւականաչափ հաւաստի» [139]։
1904-ի Սասունի երկրորդ կոտորածը յաւելեալ կորուստներու պատճառ պիտի դառնար։ Հայ զոհերուն թիւին վերաբերող գնահատումները կը տարուբերին 1,000-էն մինչեւ 7,773 [140]։ Կարօ Սասունին զոհերուն թիւը կը գնահատէր 1,000 [141]։ «Դրօշակ»ը կը հաղորդէր, որ Շատախի, Գաւառի, Ծովասարի փէշերու, Տալւորիկի, Բուսանաց գաւառի, Խիանքի եւ Խուլփի 45 գիւղերուն եւ թաղերուն մէջ ապրող 12,650 հայերէն շուրջ 2,500-ը սպաննուած էին[142]։ Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան զոհերուն թիւը կը գնահատէր 7,773 [143], թէեւ այս թիւին հաւաստիութիւնը դժուար է ստուգել։ 1905-ին, նոյն թիւը կը կրկնուի «Ձայն Հայրենեաց»ի մէջ՝ հաւանաբար առանց անկախ հաշուարկի [144]։ 1907-ին «Երկրի Ձայն»ը զոհերուն թիւը կը բարձրացնէ մինչեւ 10,000-ի, ինչ որ, ամենայն հաւանականութեամբ չափազանցուած գնահատում մըն էր [145]։
1904-ի Մայիսին, բռնութիւններու դադրեցումէն ընդամէնը մէկ ամիս ետք, «Դրօշակ»ը Շատախի, Գաւառի, Ծովասարի փէշերու, Տալւորիկի, Բուսանաց գաւառի, Խիանքի եւ Խուլփի մէջ կը նշէր 1,769 հայկական ծուխ (մօտաւորապէս 14,152 բնակիչ) եւ նոյնքան քրտական ծուխ [146]։ Նոյն տարուան Նոյեմբերին, հարիւրապետ Թիրել Շատախի եւ Տալւորիկի շուրջ երեսուն գիւղերուն համար կ՚արձանագրէր 7,446 հայ բնակիչ։ Այս բնակավայրերէն քանի մը հատը խմբաւորուած էին ութ յաւելեալ բնակավայրերու հետ՝ գիւղերուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 38-ի [147]։ Ուշագրաւ է, որ այս թիւը կը համապատասխանէ 1893-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ աւելի ընդարձակ շրջանին համար նշուած հայ բնակչութեան գրեթէ կէսին։
Ա-Դօն Սասունի հայ բնակչութեան թիւը 1912-ին կը գնահատէր 17,000, որոնք կը գտնուէին ինը ենթաշրջաններու մէջ. Շատախ, Առաջաւոր, Կելիեկիւզան, Տալւորիկ, Խիանք, Ծովասար, Խուլփ, Խութ-Բռնաշէն եւ Փսանք [148]։ Այս թիւը հայկական այլ աղբիւրներու մէջ հաստատում չի գտներ եւ լայնօրէն կը նկատուի իրականէն ցած գնահատական մը։ Հետագային, Կարօ Սասունին զայն պիտի քննադատէր՝ բնութագրելով այս թիւերը իբրեւ «անկասկած թերի» [149]։ Իր աշխատութեան այլ բաժինի մը մէջ Ա-Դօն ընդհանուր թիւը բարձրացուցած է 18,061-ի եւ աւելցուցած յաւելեալ տուեալներ. Մոտկանի մէջ 2,212 բնակիչ, Փսանքի մէջ՝ 2,100, իսկ Հազզոյի մէջ՝ 1,519 [150], այսպիսով ընդհանուր գնահատումը հասցնելով 23,892-ի։ Սակայն, նոյնիսկ այս ճշդումներէն ետք, ստացուած թիւերը կը շարունակեն զգալիօրէն ցած մնալ ժամանակակից հաշուարկներու մեծամասնութենէն եւ վիճակագրական առումով հաւաստի չեն կրնար նկատուիլ։
Ա-Դոյի անսովոր ցած գնահատումներուն պատճառները կը մնան անյայտ։ Անոր գրքոյկին մէջ ներկայացուած տուեալները յայտնապէս քաղուած են Մարտիրոսեանի տրամադրած նիւթերէն եւ հիմնուած են Մուշի Առաջնորդարանի 1899-ի ծուխերու հաշուարկին վրայ, որ հետագային հրատարակուած է 1909-ի տուեալներու ժողովածուին մէջ [151]։ Այս թիւերն ալ իրենց կարգին կրնային ազդուած ըլլալ օսմանեան սալնամէներու տուեալներէն։ Մարտիրոսեան, որ 1913–1915-ին կը ծառայէր իբրեւ Առաջնորդարանի քարտուղար, հետագային պիտի վերանայէր եւ պիտի ընդարձակէր այս նիւթերը։ Անոր նոր հաշուարկներով Կեդրոնական Սասունի -որ կը բաղկանար տասը ենթամիաւորներէ-, Խութ-Բռնաշէնի, Խիանքի, Խուլփի եւ Մոտկանի հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր 47,418-ի [152]։ Սակայն Մոտկանի 37 բնակավայրերու պարագային - անոնցմէ ոմանք քրտական կամ խառն բնակչութիւն ունէին -, ան համապատասխան սիւնակները դատարկ ձգած է՝ նշելով որ տուեալներու մէջ պակասութիւններ կան [153]։ Նկատի ունենալով այս բացթողումները, բնակչութեան թիւը կարելի է հիմնաւոր կերպով բարձրացնել մինչեւ մօտաւորապէս 50,000-ի։ Եթէ ասոր աւելցնենք Խարզանի վերաբերեալ Տէրոյեանի տուեալները՝ 1,301 ծուխ կամ 10,408 բնակիչ [154], ապա 1915-ի նախօրեակին Սասունի հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը կրնայ հասնիլ 60,408-ի։
Իբրեւ հիմք ունենալով Սասունի տասնհինգ ենթաշրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող 186 հայկական գիւղերու (առանց Խաբլճօզի եւ Խարզանի) Թէոդիկի նշած թիւը եւ իւրաքանչիւր գիւղի համար կիրառելով Մայեւսկիի առաջարկած քսան ծուխի միջինը՝ կը ստացուի մօտաւորապէս 3,800 ծուխ կամ շուրջ 30,400 բնակիչ։ Եթէ Հազզօ-Խաբլճօզի համար Պետոյեանի նշած 108 հայկական բնակավայրերը - անոր դասակարգումին մէջ բնակավայրերը ներկայացուած են իբրեւ միացեալ միաւոր - հաւասարապէս բաժնենք երկու ենթաշրջաններուն միջեւ, ապա Խաբլճօզին բաժին ինկող մասը (որ բացակայ է Թէոդիկի ցանկէն) կը կազմէ շուրջ 1,080 ծուխ կամ 8,640 բնակիչ։ Ասոր աւելցնելով Խարզանի վերաբերեալ Տէրոյեանի տուեալները՝ 1,301 ծուխ կամ 10,408 բնակիչ, 1915-ի նախօրեակին Սասունի հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը կրնայ հասնիլ 49,448-ի։
1913–1914-ին Պատրիարքարանին կատարած մարդահամարը Կեդրոնական Սասունի մէջ արձանագրած է 24,233 հայ, Մոտկանի մէջ՝ 5,469, Խարզանի մէջ՝ 8,343 [155], իսկ Խիանքի եւ Խուլփի մէջ միասին՝ 8,316։ Այս ընդհանուր թիւերը - անոնք հետագային կրկնուած եւ յայտնապէս ամբողջացուած են են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան յատկացուած Ռեմոն Գէորգեանի ուսումնասիրութեան մէջ - ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան անմիջական նախօրեակին Սասուն տակաւին ունէր հայկական խիտ բնակչութիւն մը՝ կազմուած 80,233 հոգիէ [156]։ Այնուամենայնիւ, այս ընդհանուր թիւերը պէտք է դիտարկել բռնութեան աւելի վաղ ալիքներուն կուտակային ազդեցութեան լոյսին տակ. ասոնց շարքին են 1894-ի Սասունի կոտորածը, 1895–1896-ի համիտեան համատարած կոտորածները եւ 1904-ի Սասունի կոտորածը։ Համիտեան կոտորածներուն ընթացքին Սասունը, հայաբնակ բազմաթիւ այլ շրջաններու նման, կ՚ենթարկուէր քրտական ասպատակութիւններու։ Այսուհանդերձ, շրջանը մեծ մասամբ անվնաս պիտի մնար։ Պատճառն այն էր, որ քանի մը աշիրէթներ թէեւ փորձած էին տարածք ներխուժել, սակայն դիմադրութեան հանդիպելով՝ նահանջած էին Սասունի դռներէն եւ այնուհետեւ չէին վերադարձած [157]։ Մուշի Առաջնորդարանի ընդհանուր փոխանորդ Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեանի համաձայն՝ Խուլփի եւ Խիանքի շուրջ քսանութ գիւղեր կը կողոպտուին, թէեւ միայն սակաւաթիւ սպանութիւններ եւ տուներու հրկիզման դէպքեր տեղի կ՚ունենան [158]։
Հակառակ այս կորուստներուն, Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Սասունի հայերը տակաւին կը կազմէին զգալի թիւով բնակչութիւն։ Ըստ Պետոյեանի, տասը ենթաշրջաններու մէջ անոնց թիւը շուրջ 35,000 էր՝ մօտ 15,000 քիւրտերու դիմաց։ Սակայն, նոյն հեղինակը գիւղերու թիւին վերաբերող աղիւսակներուն մէջ կ՚արձանագրէ 9,236 հայկական ծուխ [159]։ Եթէ այս թիւը ութով բազմապատկենք՝ կը ստացուի 73,888 բնակիչ։ Նկատի ունենալով որ Պետոյեան շարք մը բնակավայրերու համար ծուխերու թիւ չէ նշած - յատկապէս Խարզանի մէջ, ուր միայն կը նշուի, թէ անոնք հայկական կամ խառն բնակչութիւն ունէին -, տեղին է այս թիւը կլորցնել՝ հասցնելով մօտաւորապէս 75,000-ի։ Կարօ Սասունին, ընդհակառակը, աւելի ցած գնահատումի մը յանգած է։ Ան Շատախի, Ծովասարի, Կելիեկիւզանի՝ իր թաղերով, Տալւորիկի, Խիանքի, Խուլփի, Խութ-Բռնաշէնի, Հազզոյի կամ Խարզանի, Մարաթուկի, Փսանքի եւ Մոտկանի բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը գնահատէր 56,617։ Այս տուեալները ամողջացած էին Պետոյեանէն առնուած Խարզանի ծուխերու թիւով։ Սասունին գիւղերու վիճակագրութեան իր տուեալներուն մէջ կ՚արձանագրէ 267 հայկական գիւղ՝ ընդհանուր 7,959 ծուխով [160]։ Եթէ կիրառենք միջին հաշուով իւրաքանչիւր տունի համար ութ անդամի թիւը, ապա 1915-ի նախօրեակին Սասունի հայ բնակչութեան թիւի գնահատումը կրնայ հասնիլ 63,672-ի։
Ժողովրդագրական պատկերին այս վերակազմութիւնը կտրուկ կը հակադրուի օսմանեան պաշտօնական մարդահամարներու տուեալներէն բխող թիւերուն, որոնք աւելի ցած ելակէտային ցուցանիշ կը վկայեն։ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ կատարուած օսմանեան մարդահամար մը Սասոնի (Կեդրոնական Սասուն) մէջ արձանագրած է 7,454 իսլամ եւ 6,505 հայ, Մութքիի (Մոտկան) մէջ՝ 12,462 իսլամ եւ 4,110 հայ, Կարզանի (Խարզան) մէջ՝ 14,541 իսլամ եւ 4,225 հայ, իսկ Կուլփի (Խուլփ) մէջ՝ 15,252 իսլամ եւ 3,573 հայ [161]։ Օսմանեան մարդահամարի այս թիւերը երբ կը համեմատենք 1913–1914-ի Պատրիարքարանի վիճակագրութեան, ապա կը նկատենք որ առաջիններուն մէջ հայ բնակչութեան թիւերը զգալիօրէն աւելի ցած են. Կեդրոնական Սասունի մէջ՝ մօտաւորապէս 3.7 անգամ, Մոտկանի մէջ՝ 1.3 անգամ, իսկ Խարզանի մէջ՝ գրեթէ երկու անգամ։ Ընդհանուր առմամբ, օսմանեան մարդահամարը չորս ենթաշրջաններուն մէջ կ՚արձանագրէ 18,413 հայ, մինչ Պատրիարքարանը միայն Կեդրոնական Սասունի համար կը նշէ 24,233 հայ [162]։ Տարբերութիւնը աւելի եւս ակնյայտ կը դառնայ Մոտկանի եւ Խուլփ-Խիանքի պարագային, ուր Պատրիարքարանը յաջորդաբար կը հաշուէ 5,469 եւ 8,316 հայ։ Կեդրոնական Սասունի հետ միասին այս երեք ենթաշրջաններու հայ բնակչութեան թիւը կը հասնի 38,018-ի՝ շուրջ 2.7 անգամ գերազանցելով օսմանեան համապատասխան թիւերը։
Թրքական արխիւային հաւաքածոյի մը մէջ պահպանուած օսմանեան այլ աղբիւր մը կը նշէ, որ 1915-ին «տեղափոխման եւ հեռացման» ենթակայ հայերուն թիւը — ձեւակերպում մը, որ մեղմասացութիւնն էր բռնի տեղահանութեան դէպի Սուրիոյ անապատները, ուր շատեր ալ կը սպաննուին ծարաւէ եւ սովէ — Սասոնի (Կեդրոնական Սասուն) համար արձանագրուած էր 6,456, Մութքիի (Մոտկան) համար՝ 4,011, Կարզանի (Խարզան) համար՝ 2,859, իսկ Կուլփի (Խուլփ) համար՝ 1,415 [163]։ Այս թիւերը գումարելով կը ստանանք ընդհանուր 14,741 հայ։ Միւս ենթաշրջաններուն վերաբերեալ տուեալներ չեն տրուած, թէեւ քիչ հաւանական է, որ Սասունի այլ վայրերու հայերը զերծ մնացած ըլլան զանգուածային բռնութիւններէն։ 1913–1914-ի Պատրիարքարանի մարդահամարին հետ համեմատելով՝ տեղահանութեան վերաբերող այս թիւերը դարձեալ զգալիօրէն աւելի ցած են. Կեդրոնական Սասունի մէջ՝ շուրջ 3.7 անգամ, Մոտկանի մէջ՝ 1.3 անգամ, իսկ Խարզանի եւ Խուլփի մէջ՝ շուրջ 2.9 անգամ։
Աւելին, եթէ իւրաքանչիւր ենթաշրջանի համար օսմանեան վերոնշեալ երկու մարդահամարներուն մէջէն ընտրենք արձանագրուած հայ բնակչութեան ամէնէն բարձր թիւերը, այն ատեն այսպիսի պատկեր մը կ՚ունենանք. Սասոնի (Կեդրոնական Սասուն) մէջ 6,505, Մութքիի (Մոտկան) մէջ՝ 4,110, Կարզանի (Խարզան) մէջ՝ 4,225, իսկ Կուլփի (Խուլփ) մէջ՝ 3,573։ Այս բոլոր թիւերը գումարելով չորս ենթաշրջաններու ընդհանուր թիւը կը հասնի 18,413-ի, ինչ որ արտառոց ցած ցուցանիշ մըն է։ Տեղահանութեան արձանագրութիւնները այնուհետեւ ցոյց կու տան յաւելեալ նուազում՝ 1914-ի մարդահամարէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք հայերուն թիւը հասցնելով 14,741-ի։ Նոյնիսկ նկատի ունենալով, որ Սասունի բոլոր հայերը պարտադիր չէ որ տեղահանուած ըլլային — ոմանք մահէն խուսափելու համար բռնի իսլամացան, իսկ ուրիշներ, յատկապէս տարեցներն ու տկարները, լքուեցան առանց որեւէ օժանդակութեան եւ աստիճանաբար մահացան — նախապատերազմեան եւ պատերազմի տարիներու օսմանեան թիւերուն, մի կողմից, եւ Պատրիարքարանի մարդահամարին՝ զգալիօրէն աւելի բարձր թիւերուն միջեւ տարբերութիւնը կը շարունակէ մնալ մեծ։
Ամբողջութեամբ դիտարկուած՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի Սասունի բնակչութեան թուաքանակի վերաբերեալ հայկական գնահատումները կը կազմեն հետեւողական պատկեր մը. ցեղասպանութեան նախօրեակին հայ բնակչութեան թիւը մեծ մասամբ կը տարուբերի մօտաւորապէս 50,000-էն 80,000-ի միջեւ։ Թէեւ առանձին թիւերը ըստ կիրառուած մեթոտաբանական մօտեցումին, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրուած տարածքին եւ տուեալներու կազմութեան թուականին իրարմէ կը տարբերին, այսուհանդերձ անոնք յարաբերաբար կայուն են եւ ցոյց չեն տար պատահական խախտումներ։ Աւելի ցած գնահատումները սովորաբար կը բխին տարածքային մասնակի ընդգրկումէ կամ Սասունի աւելի նեղ վարչական սահմանումներէ, մինչ աւելի բարձր թիւերը աւելի ամբողջական կերպով կ՚ընդգրկեն անոր փոխկապակցուած ենթաշրջանները։ Հարցը քննելով այս շրջարկին մէջ, ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ 1915 հայերը Սասունի բնակչութեան հիմնական եւ, ժողովրդագրական պատկերի որոշ վերակազմութիւններու մէջ, թուաքանակով գերակշռող խումբն էին։
Աղիւսակ Դ.- Սասունի հայ բնակչութեան արձանագրուած եւ գնահատուած թիւերը (1894–1915-ի շուրջ)
Աղբիւր | Տուեալներու հաւաքման թուական | Արձանագրուած/գնահատուած բնակչութեաիւն թվաքանակ | Ծանօթագրութիւններ |
Ներսէս Վարժապետեան պատրիարք | 1880-1881-ի շուրջ (1894-էն առաջ հրատարակուած) | 52,000 | Վարժապետեան պատրիարքի 40,000-ի գնահատումը՝ ամբողջացած Հազզոյի, Փսանքի, Խուլփի եւ Խութի վերաբերեալ «Մշակ»ի թիւ 115-ի (1894) եւ Մուշի Առաջնորդարանի 1899-ի հաշուարկի տուեալներով, որոնք վերահրատարակուած են Ա-Դոյի կողմէ (1912) |
Իզմիրլեան պատրիարք | 1895-ի շուրջ | 70,000 | |
Պատրիարքարան | 1913-1914 | 80,233 | |
Մարտիրոսեան | 1913-1915 | ~60,408 | |
Թէոդիկ | Նախքան 1915-ը | ~50,000 | |
Կարօ Սասունի | Նախքան 1915-ը | ~63,672 | |
Պետոյեան | Նախքան 1915-ը | ~75,000 |
Ինչպէս վերը նշուեցաւ, սոյն յօդուածի հեղինակին վերջին ուսումնասիրութիւնները Սասունի մէջ կը բացայայտեն գոյութիւնը հայկական եւ խառն բնակչութեամբ 657 բնակավայրերու, որոնց ընդհանուր բնակչութիւնը 1878–1915 ժամանակաշրջանին կը գնահատուի մօտաւորապէս 105,120 հոգի։ Այս ընդհանուր թիւը համադրելով մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին համար Աղիւսակ Դ.-ի մէջ ներկայացուած հայ բնակչութեան գնահատումներու միջակայքին՝ մօտ 52,000-էն 80,233-ի հետ, կարելի է ենթադրել,, որ հայերը կը կազմէին բնակչութեան 50-էն 76 տոկոսը։ Այս թիւերը պէտք է դիտարկել 1894-ի կոտորածին, յաջորդող համիտեան կոտորածներուն, 1904-ի նոր բռնութիւններուն եւ անոնց հետեւանքով առաջացած արտագաղթին պատճառած ժողովրդագրական կուտակային կորուստներուն լոյսին տակ, որոնք մինչեւ 1915 արդէն իսկ փոխած էին շրջանի բնակչութեան կառուցուածքը։ Նոյնիսկ հաշուի առնելով տարածքային ընդգրկման եւ մեթոտաբանութեան տարբերութիւնները՝ առկայ տուեալները ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան նախօրէին հայերը Սասունի բնակչութեան զգալի, իսկ շարք մը շրջաններու մէջ՝ գերակշիռ մասը կը կազմէին։
1915-ի ամրան, օսմանեան իշխանութիւնները Կեդրոնական Սասունի շուրջ կեդրոնացուցած էին մօտ 30,000 զինուոր [164] եւ պաշիպօզուքներէ [165] կազմուած քրտական քանի մը աշիրէթներէ, յատկապէս Կելիեկիւզանի, Շենիկի, Սեմալի, Տալւորիկի եւ Աղբիի գիւղախումբերուն շուրջ [166]՝ նպատակ ունենալով կոտորածի եւ բռնի տեղահանութեան միջոցով բնաջնջել մնացած հայ բնակչութիւնը։ Յուլիսի կէսերուն, Սասունի մէջ հայկական եօթնամսեայ դիմադրութենէն ետք, օսմանեան կանոնաւոր զօրամասերը, քրտական անկանոն ուժերու աջակցութեամբ, Շենիկի ուղղութենէն լայնածաւալ յարձակում մը կը սկսին Կեդրոնական Սասունի, Շատախի, Տալւորիկի, Խիանքի եւ շրջակայ գիւղերուն դէմ։ Պաշտպանները կը դիմադրեն մինչեւ Օգոստոսի սկիզբը, սակայն երբ ռազմամթերքը կը սկսի սպառիլ եւ զոհերուն թիւը կ՚աճի, անոնք կը փորձեն ճեղքել պաշարման օղակը։ Դիմադրութիւնը կը մարի։ Վերջին փամփուշտները սասունցիները կը պահեն իրենց համար։ Յաջորդած հետապնդումներուն ընթացքին թրքական ուժերն ու քրտական զինեալ խումբերը կը սպանեն աւելի քան 4,000 խաղաղ բնակիչ [167]։ Միայն քանի մը հազար հոգի կը յաջողին ճեղքել պաշարման գիծերը եւ, ի վերջոյ, 1916-ի Մարտին հասնիլ Մանազկերտի (Մալազկիրտ) ռուսական դիրքերը։ Միւսները կը տեղահանուին, իսկ քանի մը հարիւր հոգի ալ կը տարուի քրտական տուներ կամ թուրք սպաներու քով [168]։
Ժամանակակից եւ հետագայ աղբիւրներուն մէջ վերապրածներու թիւին վերաբերող գնահատումները, հակառակ մանրամասնութիւններու տարբերութիւններուն, ընդհանուր առմամբ իրարու կը համապատասխանեն։ Կարօ Սասունիի՝ 1916-ի Յունիսին կատարած գաղթականներու հաշուարկին համաձայն՝ Սասունի տուժած շրջաններէն շուրջ 2,400 հայեր փոխադրուած էին Ռուսահայաստան եւ Ռուսական կայսրութեան այլ շրջաններ, իսկ Խութ-Բռնաշէնէն եւ Մոտկանէն՝ եւս 11,000 հոգի։ Այս խումբին մէջ կային նաեւ 400–500 հոգի Մուշէն եւ շրջակայ վայրերէն, ինչպէս նաեւ հարեւան Տիարպեքիրի վիլայէթէն [169]։ Պետոյեան, իր կարգին, կը գնահատէր, որ մօտաւորապէս 10,000 խաղաղ բնակիչներ ապաստանած էին Կելիեկիւզանի եւ Անդոկ լերան շրջակայ անտառներուն ու քարայրներուն մէջ, ուր մնացած էին մինչեւ ռուսական ուժերուն Մանազկերտ ժամանումը [170]։ Այս տուեալները համադրելով՝ Սասունին Սասունէն փրկուած հայերուն ընդհանուր թիւը կը գնահատէր շուրջ 13,000 (առանց շրջանէն դուրս եկած մօտ 400 հոգիին)։ Այս թիւը ընդհանուր առմամբ կը համապատասխանէ հետագայ գնահատումներուն, որոնց համաձայն՝ Սասունի շուրջ 15,000 հայեր ի վերջոյ վերապրած են եւ վերաբնակած են Ռուսահայաստանի մէջ [171]։
1915-ի Օգոստոսին Սասունը մեծ մասամբ պարպուած էր իր բնիկ հայ բնակչութենէն, իսկ հարիւրաւոր գիւղեր կործանուած էին։ Դիմադրութեան մնացած օճախները, որոնք արդէն իսկ տկարացած էին սովէն եւ ձմրան խիստ պայմաններէն, կը վերացուին 1915–1916-ի ձմրան ընթացքին։ Գիտական գրականութեան եւ բանաւոր աւանդոյթի մէջ վերապրածներուն ժառանգները սովորաբար կը դասակարգուին երեք խումբերու՝ բացայայտօրէն հայ քրիստոնեայ համայնքներ, ծպտեալ հայերու համայնքներ եւ հայկական ծագում ունեցող բնակչութիւն, որ ենթարկուած է լեզուական եւ մշակութային ձուլման տարբեր աստիճանների, յատկապէս քրտախօս կամ արաբախօս միջավայրերու մէջ։ Սասունի մէջ տակաւին բնակող բազմաթիւ հայեր, ինչպէս նաեւ անոնց ժառանգները, ընտանեկան կապեր կը պահպանեն Հայաստանի հետ, յատկապէս անոնց ժառանգներուն հետ, որոնք 1916-ին յաջողած էին փախուստ տալ թրքական եւ քրտական բռնութիւններէն, երբ Սասուն կարճ ժամանակով անցած էր ռուսական բանակի գրաւման տակ։ Այս վերապրածները հետագային պիտի հաստատուէին Աշտարակի եւ Թալինի շրջաններու գիւղերուն մէջ, որոնք ներկայիս մաս կը կազմեն Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզին [172]։
Աղիւսակ Ե.- Պետոյեանի կողմէ 1965-ին արձանագրուած սասունցիներու վերաբնակեցման գիւղերը
Աշտարակ
Անուն (1965) | Ներկայ անուն | Սասունի մէջ իրենց ծագման գիւղերը |
Աւան | — | Իշխանաձոր, Արտխունք, Փարկա, Արս, Սաղտուն, Հլողինք, Մեզրա եւ Խութ-Բռնաշէնի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Արագածոտն | — | Գոփ |
Սասունիկ | — | Կելիեկիւզան, Ալիանք, Եգուտուն, Հարթք, Արտխունք, Կորախու, Հոսնուտ |
Լեռնարօտ | — | Կելիեկիւզան, Հեթինք, Եղկարթ, Սպղանք, Խոցոցվանք |
Ուջան | — | Հազզօ-Խաբլճօզի շրջանէն զանազան գիւղեր, Խարզան եւ Մոտկան |
Թալին
Անուն (1965) | Ներկայ անուն | Սասունի մէջ իրենց ծագման գիւղերը |
Ահակչի | Զովասար | Կելիեկիւզան, Շենիկ, Ահարոնք, Ընձքար, Հեղին, Արտխունք, Կելիեկենման, Գաբրնին, Գեղրվան, Շուշնամերկ |
Աշնակ | — | Փսանքի, Խութ-Բռնաշէնի, Տալւորիկի եւ Խարզանի շրջաններէն զանազան գիւղեր |
Դաւիթաշէն | Դաւթաշէն | Փսանքի, Տալւորիկի եւ Խիանքի շրջաններէն զանազան գիւղեր |
Ագարակ | — | Սեմալ, Տափըկ, Քոփ, Գերմավ, Բերմ, Բացի եւ Խութ-Բռնաշէնի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Դիան | — | Գոփ, Գերմաւ, Տափըկ, Եգուտուն, Խադան, Ախպի եւ Շատախի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Իրինդ | — | Սեմալ, Շենիկ, Եղկարտ |
Կագաւաձոր | — | Ախպի, Գոփ, Գերմավ եւ Խութ-Բռնաշէնի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Կաթնաղբիւր | — | Կեդրոնական Սասունէն զանազան գիւղեր |
Վերին Բազմաբերդ | — | Ախպի, Հեթինք |
Ներքին Բազմաբերդ | — | Գերմաւ, Գոփ, Երիցանք, Գեղաշէն, Շուշնամերկ, եւ Խութ-Բռնաշէնի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Վերին Սասունաշէն | Վերին Սասնաշէն | Կեդրոնական Սասունէն զանազան գիւղեր |
Ներքին Սասունաշէն | Ներքին Սասնաշէն | Փսանքի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Շղարշիկ | — | Եգուտուն, Հեթինք, Փուրխ, Տալւորիկի եւ Մոտկանի շրջանէն զանազան գիւղեր |
Շենիկ | Այժմ լքուած | Շենիկ |
Պարտիզակ | — | Գեղաշէն, Շուշնամերկ, Գոփ, Գերմաւ |
Ոսկեթասն | Ոսկեթաս | Շենիկ, Կելիեկենման, Կելիեմսուր, Հեղին, Ահարոնք |
Սասունցի վերապրողներու յիշողութիւններուն վրայ հիմնուած վկայութիւն մը կը պատմէ, որ երբ վերապրողները կը հասնին Արաքս գետի ափերը, որ այդ ժամանակ կը կազմէր Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ սահմանը, կանգ կ՚առնեն հանգստանալու՝ Արարատեան դաշտի կիզիչ արեւէն ուժասպառ։ Լեռնաբնակները շուարած էին եւ իրենք իրենց հարց կու տային, թէ արդեօք կարելի՞ էր ապրիլ այսքան արեւակէզ դաշտավայրերու մէջ։ Որոշ մտորումներէ ետք անոնք կ՚որոշեն հեռանալ դաշտէն եւ վերադառնալ լեռները։ Սակայն կը մնար այն հարցը, թէ ո՛ւր կրնային գտնել Սասունի սարերուն նման լեռներ՝ անտառներով ու արօտավայրերով հարուստ, ուր գագաթէ մը արձակուած մէկ կանչը կ՚արձագանգէր լեռնաշղթաներուն վրայ։ Անոնցմէ հինգ քաջարի տղամարդ ճամբայ կ՚ելլեն դէպի լեռնային շրջանները։ Նախ կը հասնին Գառնիի լեռնաշղթան, ուր կը ցրուին անոր գագաթներուն ու ձորերուն մէջ եւ կը սկսին իրարու կանչել՝ «Հէ՜, հէ՜յ»։ Սակայն Սասունի արձագանգին նման արձագանգ մը չէր պատասխաներ անոնց։ Նոյն որոնումը կը շարունակեն Գութանասարի եւ Գեղամայ լեռներուն մէջ, ապա՝ Ապարանի լեռնաշղթային, Արայի լերան եւ Արագածի ստորոտներուն, բայց դարձեալ ծանօթ արձագանգը չէր լսուեր։ Միայն երբ կը հասնին Աշտարակի եւ Թալինի մօտակայ լանջերը, լեռնաշղթաներուն վրայէն իրենց ականջին կը հասնի ծանօթ արձագանգը, միաժամանակ՝ վստահութիւնը, որ գտած էին իրենց փնտռած վայրը։ Հոն ալ կը մնան։ Անոնք գտած էին նոր Սասուն մը [173], սակայն Արեւմտեան Հայաստանի իրենց պապենական հայրենիքի յիշողութիւնը պիտի շարունակէր իրենց յիշողութեան մէջ ապրիլ։
- [1] Հայկական ազգային բիւրօ, Kak oni razgromili nash Sasun [Ինչպէս կործանեցին մեր Սասունը] (Մոսկուա, Vengerov հրատարակչատուն, 1917), էջ 3։
- [2] Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հտ. 4, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1986, էջ 505։
- [3] Վիլհելմ Թոմաշէք, «Սասուն եւ Տիգրիսի աղբերաց սահմանները», մաս Ա., թրգմ. Բառնաբաս Պիլէզիկճեան, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1896), էջ 5–6։
- [4] Յակոբեան եւ ուրիշներ, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների…», հտ. 4, էջ 506։
- [5] Նոյն, էջ 507։
- [6] Richard Hovannisian, ed., Armenian Baghesh/Bitlis and Taron/Mush, Mazda Publishers, Costa Mesa, CA, 2001, էջ 1։
- [7] Դատական խորհրդական Վիշինսկիի տեղեկագիրը Հայկական հարցին մասին, Էրզրում, 23 Նոյեմբեր 1912, մէջբերուած՝ Yervand Sarkissian, “Administrativnaia i demograficheskaia politika Osmanskogo pravitel’stva v Zapadnoy Armenii” [Օսմանեան կառավարութեան վարչական եւ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ], «Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկրներ եւ ժողովուրդներ», հտ. 5, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1970, էջ 377։
- [8] Mesrob Krikorian, Armenians in the Service of the Ottoman Empire, 1860-1908, Routledge & Kegan Paul, London, Henley and Boston, 1977, էջ 26։
- [9] Պիթլիսի վիլայէթի 1888–1890 եւ 1894–1897 թուականներու վարչական կառուցուածքին համար տե՛ս Danyal Tekdal, The Province of Bitlis in the Period of Abdul Hamid II (Administrative and Social Structure), PhD diss., Pamukkale Üniversitesi, 2018։
- [10] Վարդան Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, Երեւան, 1965, էջ 325։
- [11] Նոյն, էջ 326։
- [12] «Լումա», Յունուար 1897, գլուխ Ա.։
- [13] Եղիազար Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրական նիւթեր», ՀայՊետՀրատ, Երեւան, 1962, էջ 40։
- [14] Vladimir Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie Vanskogo i Bitlisskogo vilayetov [Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու ռազմավիճակագրական նկարագրութիւնը], ազգագրական ուսումնասիրութիւն, Կովկասեան զինուորական շրջանի շտաբի տպարան, Թիֆլիս, 1904, էջ 62։
- [15] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրական նիւթեր», էջ 8-9։
- [16] Յակոբեան եւ ուրիշներ, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների…», հտ. 4, էջ 505։
- [17] Vahram Shemmassian, “The Sasun Pandukhts in Nineteenth Century Aleppo” in Hovannisian, Armenian Baghesh/Bitlis and Taron/Mush, էջ 182։
- [18] Սարգիս Բդէեան եւ Միսակ Բդէեան, «Հարազատ Պատմութիւն Տարօնոյ», Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1962, էջ 8։
- [19] Նոյն, էջ 9։
- [20] Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», էջ 312։
- [21] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրական նիւթեր», էջ 3։
- [22] Սասունի հայկական գիւղերու այժմու թրքացուած անուններուն համար տե՛ս «Բնակչութեան վիճակագրութիւնը ըստ գիւղերու» յօդուածը։
- [23] Կարօ Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, Անթիլիաս, 2013 [1957], էջ 497։
- [24] Բդէեան եւ Բդէեան, «Հարազատ Պատմութիւն Տարօնոյ», էջ 10։
- [25] Andreas Mordtmann, “Officielle Bevölkerungsziffern aus der asiatischen Türkei”, in Zeitschrift der Gesellschaft für Erdkunde zu Berlin, Verlag von Dietrich Reimer, Berlin, էջ 133։
- [26] Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 1913–1914-ի մարդահամարը։ Փարիզ՝ ՀԲԸՄ Նուպարեան մատենադարան, թերթ թիւ 048։
- [27] Esat Uras, The Armenians in History and the Armenian Question, թարգմանեց՝ Süheyla Artemel, Documentary Publications, Istanbul, 1988, էջ 727։
- [28] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 340։
- [29] «Դրօշակ», Ապրիլ-Մայիս 1904, թիւ 4-5, էջ 61։
- [30] Նոյն, էջ 60։
- [31] Armenian Patriotic Alliance, Facts about Armenia: Sassoon as Reported by a Native, Mr. Gladstone’s speech, and Dr. Dillon’s article on Armenia, E. Scott Co., New York, 1895, էջ 7։
- [32] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 340։
- [33] Պատրիարքարանը 1878–1914 ժամանակաշրջանին քանի մը մարդահամարներ կատարած է. 1878–1880-ին եւ 1880–1881-ին՝ Ներսէս Բ. Վարժապետեան պատրիարքի օրով, 1902-ին՝ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի օրով, 1912-ին՝ այն ժամանակ, երբ Հայկական հարցը վերստին պիտի ներկայացուէր մեծ տէրութիւններուն, եւ 1913–1914-ին՝ հայաբնակ նահանգներուն մէջ նախատեսուած բարենորոգումներու ծիրին մէջ։
- [34] Henry Finnis Blosse Lynch, Armenia: Travels and Studies, vol. 2: The Turkish Provinces, Longmans, Green, & Co., London; New York, 1901, էջ 171։
- [35] «Սասուն, շրջանի մը նկարագրութիւն մը, անոր բնակիչները եւ անոնց սովորոյթներն ու ապրելաոճը», Արաքս, հատոր 1 (1894-1895), էջ 67։
- [36] «Մուրճ», Հոկտեմբեր 1894, թիւ 10, էջ 1467։
- [37] «Դրօշակ», Ապրիլ-Մայիս 1904, թիւ 4-5, էջ 60։
- [38] «Սասուն, շրջանի մը նկարագրութիւն մը», Արաքս, էջ 80։
- [39] Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան (Ա-Դo), «Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգները», Երեւան, Տպարան Կուլտուրա, 1912, էջ 120։
- [40] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, Caucasus Military District Headquarters Press, Tiflis, 1904, էջ 1-6։
- [41] Նազարէթ Մարտիրոսեան, «Համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում ամայացած Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը», «Վան-Տոսպ», համարներ՝ 13/էջ 6-7, 14/էջ 8, 15/էջ 8 (1916) եւ 7/էջ 9-10 (1917)։
- [42] Թէոդորոս Լապճինճեան (Թէոդիկ), «Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին», Թեհրան, ա.տ., 2014, էջ 133։
- [43] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 330։
- [44] Վարդան Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», Երեւան, ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա, 1954, էջ 7; Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», էջ 6։
- [45] Տե՛ս Տիգրան Մարտիրոսեան, «Սասուն - Բնակչութեան վիճակագրութիւնը ըստ գիւղերու» եւ «Խարզանի գաւառակ - ժողովրդագրութիւն», հրատարակուած Յուշամատեանի մէջ։
- [46] Բդէեան եւ Բդէեան, «Հարազատ Պատմութիւն Տարօնոյ», էջ 7։
- [47] Lynch, Armenia: Travels and Studies, vol. 2, էջ 158։
- [48] Թովմա Արծրունի եւ Անանուն, «Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց», Մագաղաթ, Երեւան, 2006, էջ 137։ Ինչպէս թարգմանիչ Մարգարիտ Դարբինեան-Մելիքեան կը նշէ ծանօթագրութիւն 1-ի մէջ (էջ 433), «արիւնարբու» եզրույթը պէտք չէ բառացի հասկնալ, այլ այն իմաստով, որ սասունցիները այնքան անտարբեր էին սեփական արիւնը թափելուն, որքան ուրիշներուն արիւնը թափելուն նկատմամբ։
- [49] James Bryce, The Treatment of the Armenians in the Ottoman Empire, 1915-16: Documents Presented to Viscount Grey of Fallodon, Secretary of State for Foreign Affairs, G.P. Putnam’s Sons, London, 1916, էջ 615։
- [50] Arnold Toynbee, Armenian Atrocities: The Murder of a Nation, Hodder & Stoughton, London, New York, Toronto, 1915, էջ 74։
- [51] Vahakn Dadrian, The History of the Armenian Genocide: Ethnic Conflict from the Balkans to Anatolia to the Caucasus, Berghahn Books, Providence; Oxford, 1995, էջ 51։
- [52] Armenian Patriotic Alliance, Facts about Armenia, p. 9.
- [53] Toynbee, Armenian Atrocities, էջ 73-74։
- [54] Kolnische Zeitung, 24 Փետրուար 1895, մէջբերուած՝ Vahakn Dadrian, “The 1894 Sassoun Massacre: A Juncture in the Escalation of the Turko-Armenian Conflict”, The Armenian Review 47, No. 1-2 (Spring-Summer 2001): 23։
- [55] Ճէյմս Պրայսի յուշագիրը Ուիլիըմ Էուարթ Կլատսթոնին, “Some Observations on the Armenian Question”, Bod., Ms. Bryce 12/181-182, 2 Օգոստոս 1895, մէջբերուած՝ Oded Steinberg, “The Confirmation of the Worst Fears: James Bryce, British Diplomacy and the Armenian Massacres of 1894-1896”, Études arméniennes contemporaines, No. 11 (2018): 21.
- [56] Armenian Patriotic Alliance, Facts about Armenia, էջ 6։
- [57] Ա-Դo, «Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգները», էջ 120։
- [58] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրական նիւթեր», էջ 10։
- [59] Armenian Patriotic Alliance, Facts about Armenia, էջ 7։
- [60] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրական նիւթեր», էջ 41-42։
- [61] Tigran Martirosyan, “Armenian Demographics of Sassoun in the Late Ottoman Period”, Armenian Review 57, No. 1-2 (2020): 64.
- [62] Edip Gölbaşı, “1895-1896 Katliamları: Doğu Vilayetlerinde Cemaatler Arası ‘Şiddet İklimi’ ve Ermeni Karşıtı Ayaklanmalar”, in 1915: Siyaset, Tehcir ve Soykırım, ed. Oktay Özel and Fikret Adanır, Tarih Vakfı Yurt Yayınları, Istanbul, 2015, էջ 146։
- [63] Գեղամ Բադալեան, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս VIII-րդ) [Սասուն եւ Պիթլիս քաղաք]», Վէմ, համար 2 (58), 2017, էջ 2։
- [64] Martirosyan, “Armenian Demographics of Sassoun”, էջ 62։
- [65] Թովմա Արծրունի եւ Անանուն, «Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց», էջ 136-137։
- [66] Krikorian, Armenians in the Service of the Ottoman Empire, էջ 26։
- [67] Toynbee, Armenian Atrocities, էջ 73։
- [68] Բդէեան եւ Բդէեան, «Հարազատ Պատմութիւն Տարօնոյ», էջ 8-9։
- [69] Սահակ Մովսիսեան (Բենսէ), «Հարք (Մշոյ Բուլանըխ)», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն, հատոր 3, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 77։
- [70] Armenian Patriotic Alliance, Facts about Armenia, էջ 8-9։
- [71] Նոյն, էջ 7-9։
- [72] «Մշակ», 24 Յունուար1895, թիւ 9, էջ 1։
- [73] Մեծ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Արեւելքի հարցերու կարգաւորման դաշնագիր՝ ստորագրուած Պերլինի մէջ, 13 Յուլիս 1878, յօդուած 61։
- [74] Raymond Kévorkian, “The Armenian Population of Sassoun and the Demographic Consequences of the 1894 Massacres”, The Armenian Review 47, Nos. 1-2 (Spring-Summer 2001): 42.
- [75] Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», էջ 326։
- [76] «Սասուն, շրջանի մը նկարագրութիւն մը», Արաքս, էջ 93։
- [77] «Դրօշակ», Ապրիլ-Մայիս 1904, թիւ 4-5, էջ 60։
- [78] Vahakn Dadrian, “The Perversion by Turkish Sources of Russian General Mayewski’s Report on the Turko-Armenian Conflict”, Journal of the Society for Armenian Studies, No. 5, (1990-1991): 150.
- [79] Նոյն, էջ 140, 150։
- [80] Գեղամ Բադալեան, «Վարազդատ Տերոյեանի վիճակագրական նիւթերն Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերի վերաբերեալ», «Բանբեր Հայաստանի Արխիւների», թիւ 1 (105) (2005): 212-220։
- [81] Pro Armenia, April 1, 1904, No. 82, էջ 472-474։
- [82] Հայկազ Պօղոսեան, «Սասունի պատմութիւն, 1750–1918», Հայաստան հրտր., Երեւան, 1985, էջ 113։
- [83] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրկան նիւթեր», էջ 3։
- [84] Aghan Yenkoyan (Taronetsi), Taronapatoum: The Culprits of the Taron Atrocities, San Francisco, 1966, էջ 385։
- [85] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 329։
- [86] Նոյն, էջ 330։
- [87] Արիստակէս Տէր-Սարգսենց (Տեւկանց), «Այցելութիւն ի Հայաստան, 1878 թ.», Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի հրատ., Երեւան, 1985, էջ 90-91։
- [88] «Մուրճ», Հոկտեմբեր 1894, թիւ 10, էջ 1467։
- [89] «Սասուն, շրջանի մը նկարագրութիւն մը», Արաքս, էջ 80։
- [90] Ա-Դo, «Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգները»։
- [91] Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներ, որոնք հասանելի եղած են Ռէյմոն Գէորգեանին եւ Փոլ Փապուճեանին (Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, ARHIS, Paris, 1992, էջ 59-60։
- [92] «Վան-Տոսպ» (13: 6-7, 14: 8, 15: 8), 1916; եւ (7), 1917, էջ 9-10։
- [93] Թէոդիկ, «Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան, էջ 133։
- [94] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրկան նիւթեր», էջ 3-8։
- [95] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 330։
- [96] Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», էջ 7։
- [97] «Մասիս», Փետրուար 5 (17), 1881, թիւ 2813, էջ 2։
- [98] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, Strategic Study, էջ 26։
- [99] Սասունի եւ Խարզանի գիւղերու ցանկը (տրամադրուած Հայոց Պատրիարքին կողմէ), 31 Յունուար 1895, FO 881/6654, թիւ 133։
- [100] Կրէյվսէն Քըրիին, 25 Փետրուար 1895, FO 881/6654, թիւ 288։
- [101] Villages of Talori, Koulph Caza, Gendj Sandjak, December 27, 1894, FO 881-6654, No. 36.
- [102] Various Details Regarding the Resettlement of Armenian Villages in Sassun and Neighbouring Districts, December 7, 1904, FO 881/8354, No. 22.
- [103] Փաթընէն Ուուտին, 3 Մարտ 1895, FO 881/6695, թիւ 40։
- [104] «Մշակ», Մարտ 9, 1895, թիւ 28, էջ 1։
- [105] Տէր Գրիգոր քահանայ Տէր-Գրիգորեանի՝ 25 Յունուար 1917-ի ամփոփ տեղեկագիրը Մուշի եւ Սասունի գիւղերուն մէջ թրքական եւ քրտական վայրագութիւններուն մասին, մէջ՝ Ամատունի Վիրաբեան, խմբ., «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների վկայութիւններ», հտ. 2՝ Բիթլիսի նահանգ, Զանգակ-97, Երեւան, 2012, էջ 26։
- [106] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրկան նիւթեր», էջ 80։
- [107] «Լումա», Յունուար 1897, գլուխ Ա.։
- [108] Naci Okcu and Hasan Akdağ, Salname-i vilayet-i Erzurum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzurum il yıllığı [Էրզրումի վիլայէթի տարեկան սալնամէները (1870, 1871, 1872, 1873)], Atatürk Üniversitesi İlahiyat Fakültesi, Erzurum, 2010, էջ 205, 317, 442։
- [109] Տեւկանց, «Այցելութիւն ի Հայաստան, 1878 թ.»։
- [110] «Մասիս», 24 Նոյեմբեր (6 Դեկտեմբեր), 1880, թիւ 2778, էջ 2։
- [111] Խմբագրական «Սասուն», Արձագանգ, 20 Յունիս, 1882, թիւ 18, էջ 279։
- [112] «Նոր Դար», 10 Դեկտեմբեր, 1894, թիւ 211, էջ 3։
- [113] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, էջ 202։
- [114] Կարապետեան, «Սասուն. Ազգագրկան նիւթեր», էջ 8, 3։
- [115] «Վան Տոսպ» (13), 1916, էջ 6-7; (14), 1916, էջ 8; (15), 1916, էջ 8; եւ (7), 1917, էջ 9-10։
- [116] Պատրիարքարանի մարդահամարի լրացուցիչ տուեալներ, որոնք հասանելի եղած են Ռէյմոն Գէորգեանին եւ Փոլ Փապուճեանին (Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, էջ 59-60)։
- [117] Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», էջ 7։
- [118] Նոյն։
- [119] «Լումա», Յունուար 1897, գլուխ Ա.։ Տողատակ մը կը բացատրէ, որ Սասունը միայն վերջերս կցուած էր Մուշին, հետեւաբար տակաւին ամբողջութեամբ չէր ընդգրկուած պաշտօնական տուեալներուն մէջ։
- [120] «Մասիս», 24 Նոյեմբեր (6 Դեկտեմբեր), 1880, թիւ 2778, էջ 2։
- [121] Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, vol. 2, Ernest Leroux, Paris, 1891, էջ 594, 568, 613, 626։
- [122] Salname-i vilayet-i Bitlis 1310 [Պիթլիսի վիլայէթի սալնամէն, 1892], Նահանգային փաստաթուղթերու տպարան, 1308 [1890]։ Նոյն գիրքին մէջ այս թիւերուն համար նշուած են իբրեւ «մօտաւոր»։
- [123] Kemal Karpat, “Ottoman Population Records and the Census of 1881/82-1893”, International Journal of Middle East Studies, vol. 9, No. 3 (October 1978): 262.
- [124] Kévorkian, The Armenian Population of Sassoun, note 3, էջ 52։
- [125] Dadrian, The Perversion by Turkish Sources, էջ 150։
- [126] «Չորրորդ բանակի հրամանատար Զեքի փաշայի՝ սպայակոյտի գլխաւոր վարչութեան ուղղուած 16 Սեպտեմբեր 1894-ի ծածկագիր հեռագիրը», in Ertuğrul Zekâi Ökte, խմբ., Osmanlı arşivi Yıldız tasnifi Ermeni meselesi—Talori olayları [Օսմանեան արխիւներ, Եըլտըզ հաւաքածոյ, Հայկական հարցը, հտր. 1, Տալւորիկի դէպքերը], Իսթանպուլ, 1989, էջ 289։
- [127] Tigran Martirosyan, “The 1894 Sasun Massacre: Revisiting the Number of Victims”, Études arméniennes contemporaine, vol. 14 (2022): 31-32.
- [128] «Մշակ», Հոկտեմբեր 6, 1894, թիւ 115, էջ 3։
- [129] Կրէյվսէն Քըրիին, 1 Սեպտեմբեր 1894, FO 881/6583, թիւ 218։
- [130] Քըրիէն Քիմպըրլի կոմսին, 15 Հոկտեմբեր 1894, FO 881/6583, թիւ 260։
- [131] Cuinet, La Turquie d’Asie, էջ 594, 568, 613, 626։
- [132] Քըրիէն Քիմպըրլի կոմսին, 6 Մարտ 1895, FO 881/6654, թիւ 229, եւ Report by the Armenian Patriarch Respecting the Sassoon Massacres, 1 Փետրուար 1895, FO 881/6654, թիւ 229։
- [133] Report of Sassoon Affairs, by a Resident at Bitlis, 18 Յունուար 1895, FO 881/6695, թիւ 78։
- [134] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, էջ 220, 222։
- [135] Ռոբերտ Թաթոյեան, «Արեւմտահայութեան թուաքանակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան էթնիկական կազմի հարցերը XIX դարի 90-ական թթ. կէսերին Հայկական հարցի սրման ժամանակաշրջանում», Ցեղասպանագիտական հանդէս, թիւ 4 (1) (2016): 61։
- [136] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, էջ 131-132։
- [137] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 610։
- [138] Pro Armenia, 1 Ապրիլ 1904, թիւ 82, էջ 472-474։ Այս պարբերականին մէջ ներկայացուած թիւերն ալ իրենց կարգին քաղուած էին «Հայրենիք»էն, 12 Մարտ 1904, թիւ 244, էջ 3–4։
- [139] Mayewski, Voenno-statisticheskoe opisanie, էջ 1։
- [140] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 624։ Խմբագրական՝, «Դրօշակ», Յուլիս 1904, թիւ 7, էջ 92։ Վարդան ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեանի նամակը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մաղաքիա Օրմանեանին, մէջբերուած՝ Պօղոսեան, «Սասունի պատմութիւն», էջ 265։
- [141] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 624։
- [142] «Դրօշակ», Յուլիս 1904, թիւ 7, էջ 2։
- [143] Յակոբեանի նամակը Օրմանեանին, մէջբերուած՝ Պօղոսեան, «Սասունի պատմութիւն», էջ 265։
- [144] «Ձայն հայրենեաց», 11 Յունուար 1905, թիւ 322, էջ 3։
- [145] «Երկրի ձայնը», 13 Մայիս 1907, թիւ 18, էջ 5։
- [146] «Դրօշակ», Ապրիլ-Մայիս 1904, թիւ 4-5, էջ 62։
- [147] Various Details Regarding the Resettlement of Armenian Villages in Sassun and Neighbouring Districts, 7 Դեկտեմբեր 1904, FO 881/8354, թիւ 22։
- [148] Ա-Դo, «Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգները», էջ 140։
- [149] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 335։
- [150] Ա-Դo, «Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգները», էջ 157։
- [151] Նոյն, էջ 121։
- [152] «Վան Տոսպ» (13: 6-7, 14: 8, 15: 8), 1916 եւ (7), 1917, էջ 9-10։
- [153] «Վան Տոսպ» (7), 1917, էջ 9։
- [154] Բադալեան, «Վարազդատ Տերոյեանի վիճակագրական նիւթերն», էջ 219-220։
- [155] Kévorkian եւ Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman, էջ 59-60։
- [156] Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, A.R. Mowbray, London, 2012, էջ 351։
- [157] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 525։
- [158] Մկրտիչ Ներսիսեան եւ այլք, «Հայերի ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում․ փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու», Հայաստան հրտր., Երեւան, 1991, էջ 133-134։
- [159] Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», էջ 7, 171-190։
- [160] Սասունի, «Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի», էջ 331-339։
- [161] Karpat, Ottoman Population Records, էջ 174։
- [162] Kévorkian եւ Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman, էջ 59։
- [163] Ahmet Tetik, խմբ., Arşiv Belgeleriyle Ermeni Faaliyetleri, 1914-1918: Cilt I (1914-1915) [Արխիւային փաստաթուղթերու մէջ հայկական գործունէութիւնը, 1914–1918, հտ. 1՝ 1914–1915], Genelkurmay Basım Evi, Ankara, 2005, էջ 151, 163։
- [164] Ըստ դիմադրութեան ղեկավարներէն եւ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի։ Տե՛ս Arnold Toynbee, The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire: Documents Presented to Viscount Grey of Fallodon, Secretary of State for Foreign Affairs, Hodder & Stoughton, London/New York/Toronto, 1915, էջ 87։
- [165] Հայերու հետեւողական սպանութիւններուն մասնակցած օսմանեան անկանոն զինուորներ։
- [166] Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», էջ 37։
- [167] Թէոդիկ, «Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան, էջ 133։
- [168] Kévorkian, The Armenian Genocide, էջ 352։
- [169] Karo Sassouni, Turkish Armenia under the Russian Rule: 1914-1918, Boston, 1927, էջ 103։
- [170] Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», էջ 7։
- [171] Էդուարդ Դանիէլեան, «Սասուն», մէջ՝ Հայկական սովետական հանրագիտարան, հտ. 10 (Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիա, 1974–1986), էջ 201։
- [172] Պետոյեան, «Սասնայ ազգագրութիւնը», էջ 37։
- [173] Նոյն, էջ 48։
















