Մուշ, Սուրբ Կարապետ վանք. լարախաղացներ, երաժիշտներ եւ հանդիսատեսներ (Աղբիւր՝ Հայրենիք ամսագիր, Պոսթոն, Ը տարի, թիւ 7 (91), Մայիս 1930, էջ 122)։

Տարօն - Խաղեր

Հեղինակ՝ Լոռի Թաշճեան 29/08/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/08/2022)

Աշխարհի տարածքին խաղերը մաս կազմած են ընկերութիւններու կենցաղին եւ սովորութիւններուն։ Անոնք կը ներկայացնեն ժամանց, զբաղում կամ մրցակցութիւն, ուժի, ճկունութեան եւ ճարպիկութեան ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ միտքը եւ մարմինը կրթելու միջոց: Ժողովրդային երգերուն եւ պարերուն նման՝ առօրեայ եւ ժողովրդային խաղերը նոյնպէսարտայայտութեան, հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան առիթներ են:

Կարգ մը խաղաձեւեր ժամանակի ընթացքին նոյնիսկ անցած են աւանդութիւններու կարգին եւ մաս կազմած են ժողովրդային արարողութիւններու: Այսպէս օրինակ, Մուշի շրջանին մէջ, երբ ապագայ փեսան առաջին անգամ կ՚այցելէր նշանածին տունը, ան պէտք էր երկու ձեռքով գլուխէն վեր բարձրացնել իրեն տրուած ծանր քար մը, որ «փեսի քար» կը կոչուէր:

Այս յօդուածով կը ներկայացնենք Տարօնի տարբեր շրջաններու մէջ (Մուշ, Սասուն, Պիթլիս, Պուլանըխ) խաղցուած խաղեր, այնպէս ինչպէս նկարագրուած են զանազան սկզբնաղբիւրներու մէջ:

Երեք քայլ

Ըստ մեր աղբիւրին, այս խաղը կը խաղան Սասունի մէջ. կը մասնակցին 10-էն 20 տարեկան պատանի-երիտասարդներ, որոնք «երեք քայլ» կը խաղան կալերու մէջ, մեծ ախոռներու կտուրներուն վրայ կամ դաշտերու եւ արօտավայրերու մէջ, ընդհանրապէս գարնան եւ աշնան:

Խաղը սկսելէ առաջ կը նշանակուի խաղը ղեկավարող մը, որ կը կոչուի «պապ»: Պապը դաշտին կեդրոնը գիծ մը կը քաշէ, ապա բոլոր խաղցողները գիծէն 10-էն 30 քայլ կը հեռանան եւ մէկ առ մէկ վազելով կը հասնին մինչեւ նշանակուած գիծը. հոս առանց կանգնելու ու առանց գիծին վրայ կոխելու, մէկ ոտքի վրայ ուժ կու տան, ցատկելով կը յառաջանան դէպի առաջ եւ երկու մեծ քայլեր առնելէ ետք՝ երրորդ քայլին երկու ոտքով կ՚իջնեն գետին: Դէպի նշանակուած գիծը վազելու պահուն եթէ գիծէն ճիշդ առաջ եկած ոտքը աջն է, ուրեմն առաջին ցատկէն ետք տուեալ վազողը գետին պիտի դնէ իր ձախ ոտքը, ապա նորէն ցատկէ, այս անգամ գետին դնէ իր աջ ոտքը եւ վերջին ոստումին իջեցնէ երկու ոտքերը: Եթէ գիծէն առաջ եկած ոտքը ձախն է, ուրեմն առաջին ցատկէն ետք գետին պիտի դնէ իր աջ ոտքը, ետքը նորէն ցատկէ եւ գետին դնէ իր ձախ ոտքը եւ վերջին ոստումին իջեցնէ երկու ոտքերը: Իւրաքանչիւր խաղցողի իջած տեղը նշանով մը կը ճշդուի:

Երբ բոլոր մասնակցողները ցատկեն, պապը կ'որոշէ ամէնէն հեռու ցատկողը, որ կը դառնայ խաղը շահողը:

Այս խաղը բաւական նման է ներկայիս աթլէթիզմի պաշտօնական մրցումներու ընթացքին կիրարկուող երեք քայլ ոստում մրցաձեւին:

Ըստ նոյն աղբիւրին, Սասունի մէջ այս խաղը կը խաղան նաեւ առանց վազելու, պարզապէս սահմանագիծին վրայ կեցած ցատկելով: [1]

Սլի-վլի կամ սլվլիկ

Այս խաղը ըստ մեր աղբիւրներուն Պիթլիսի (Բաղէշ) մէջ կը կոչուէր Սլի-վլի իսկ Տարօնի այլ վայրերու մէջ Սլվլիկ: Կը խաղցուի տուներու կամ գոմերու մէջ աղջիկներու կամ տղոց կողմէ, առանձին-առանձին խումբերով:

Խաղցողները շրջանակաձեւ, գետինը իրարու քով կը նստին, իրենց ծունկերը վեր հանած եւ այս ձեւով ոտքերը երանկիւնաձեւ ըրած։ Ապա, մէկու մը գլխարկը իրենց ծունկերուն տակէն ձեռքէ-ձեռք արագօրէն, գաղտնաբար իրարու կը փոխանցեն եւ միասնաբար կ՚ըսեն՝ «սըլ-վըլ, սըլ-վըլ»։

Գլխարկին տէրը, շրջանակին մէջտեղը ծունկի եկած, կը փորձէ գիտնալ թէ գլխարկը որու քովն է, իրաւունք ունի նաեւ ձեռքով շօշափել նստողներուն ծունկերուն տակը: Գլխարկը որու քով որ բռնուի, այդ անձը ինք կու գայ մէջտեղ եւ կը դառնայ գլխարկ փնտռողը: [2]

Տիք ու տիք

Պիթլիսի մէջ մանուկներու կողմէ խաղցուած խաղ մըն է:

Երկու մանուկներ դէմ դիմաց կեցած, իրենց ցուցամատները ափի կողմէն իրարու վրայ դնելով կը խաղցնեն, աքաղաղներու կռուի ձեւ տալով եւ կ՚ըսեն՝ «տիք իւ Տիք, պալատիք»։ Տիք կը նշանակէ աքաղաղ: [3]

Ճիվ ու ճիվ

Շատ տարածուած մանկական խաղ մըն է, որ Պիթլիսի մէջ կը կոչուի ճիվ-ճիվ, իսկ այլշրջաններու մէջ՝ ծիվ-ծիվ:

Մայրը իր նոր խօսիլ սկսող զաւակին ձեռքին մաշկէն կը բռնէ եւ խաղցնելով կը կրկնէ.

  1. Ճիվ ու ճիվ, ագռաւ ու ճիվ,
  2. Բուրդ էբեր, բամպակ չէբեր,
  3. Մօրն էրաւ, տեղին չէրաւ,
  4. Ագռաւ գնաց Երուսաղէմ,
  5. Շալ էրաւ, շալվար չէրաւ,
  6. Ֆըռ՜ռռ։

«Ֆըռ» ըսելու ժամանակ, մայրը իր ձեռքին թռչունի ձեւ տալով՝ պզտիկին ծոցին մէջ կը դնէ: Այս շարժումներն ու խօսքերը պզտիկին խնդուք կը պատճառեն եւ կ՚ուրախացնեն: Զաւակին փափաքով խաղը կրնայ շարունակաբար կրկնուիլ: [4]

Ալնիս Բալնիս

Այս խաղը կը խաղան Պիթլիսի մէջ:

Խաղցողներէն մէկը իր մէկ ափին մէջ շիւղ մը կը պահէ, յետոյ իր երկու գոց ափերը կը բռնէ իր դիմաց կեցած խաղընկերոջ առջեւ, որ իր ցուցամատը փոխն ի փոխ կը դնէ անոնց վրայ հետեւեալ տողերը ըսելով.

  1. Ալնիս բալնիս
  2. խաւատամ Սըբ Սարգիս
  3. Զիլ ծիլ խան տուր յիս:

Այն ձեռքը, որու վրայ մատը կը դրուի ոտանաւորին վերջին բառը արտասանած ատեն, կը բացուի: Եթէ շիւղը անոր մէջ չէ՝ խաղը կը կրկնուի, եթէ մէջն է, այս անգամ գտնողը ինք կ'ըլլայ շիւղը պահողը: [5]

Աղուէսակ/Աղուըսու ծակ

Պիթլիսի մէջ այս խաղը կը կոչուի Աղուէսակ: Կը խաղան պատանիները 5-էն մինչեւ 20 հոգիով, որոնք ոտքերնին ճղլկած, այսինքն կամարաձեւ ըրած, իրար ետեւ շարուած կը կանգնին՝ կազմելով երկար անցք մը՝ Աղուէսակը (կամ Աղուէսի ծակը):

Խաղցողներէն մէկը կը նշնակուի «պապ» եւ կը սկսի հալածել երկրորդ մը, որ կը կոչուի «հալածուող»: Հալածուողը պապէն փախուստ տալով կը փորձէ կանգնողներուն կամարաձեւ ոտքերուն մէջէն, այսինքն «աղուէսի ծակ»էն անցնիլ եւ միւս կողմէն դուրս գալ։ Պապը անշուշտ նոյնը ընելով կը փորձէ բռնել զինք։

Եթէ հալածուողը յաջողի առանց բռնուելու դուրս գալ ծակէն, այն ատեն պապը  կը դառնայ հալածուող, իսկ նախկին հալածուողին կը փոխարինէ շարքին առաջին կանգնողը: [6]

Էծ-էծ

Այս խաղը կը խաղցուի տարբեր շրջաններու մէջ պատանիներու, պարմանուհիներու, ինչպէս նաեւ հովիւներու եւ գառնարածներու կողմէ: «Էծ-էծ»ը ունի Տարօնի իր տարբերակը։

Դաշտին կեդրոնը 50-60 ս.մ. տրամագիծով շրջանակ մը կը գծուի: Խաղցողները հերթաբար այս շրջանակին մէջ կը մտնեն եւ դէպի առաջ կռանալով ոտքերնուն տակէն իրենց գլխարկը կը նետեն դէպի ետ, որքան կարելի է հեռու: Նոյն խաղը կը խաղան նաեւ գլխարկի փոխարէն ճիպոտ մը նետելով։

Խաղցողներէն մէկը, որ նախապէս նշանակուած կ'ըլլայ, «էծ-էծ» կանչելով, պէտք է շունչը բռնած հաւաքէ բոլոր գլխարկները։ Կը յաղթէ եթէ առանց շունչ առնելու բոլոր գլխարկները յաջողի հաւաքել։ Այն ատեն կը փոխարինուի ուրիշով մը։ Իսկ եթէ պատահի որ հաւաքած ատեն շունչ առնէ, այն ատեն հաւաքելը կ՚ընդհատուի եւ շունչ առած տեղն ալ խաղցողը իր գլխարկը գետին կը դնէ։ Անկէ ետք կը սկսի խաղի նոր փուլ մը, որու ընթացքին գլխարկ հաւաքողը երկու գործողութիւն պէտք է ընէ։ Առաջին հերթին, ոտքի հարուածներով պէտք է փորձէ իր գլխարկը շրջանակին մէջ մտցնել։ Երկրորդ, պէտք է միւս խաղցողներէն մէկն ու մէկուն հարուածէ, որպէսզի յաղթող հռչակուի եւ զարնուողն ալ դառնայ գլխարկ հաւաքող։

Բայց այնքան ալ դիւրին չէ, քանի որ միւս խաղցողները իրաւունք ունին իրենք ալ ոտքի հարուածներով դէպի իրենց թռչող գլխարկը շրջանակէն դուրս նետել։

Մէյ մը որ գլխարկը իյնայ շրջանակին մէջ, այն ատեն կը սկսի երկրորդ գործողութիւնը, այսինքն գլխարկ հաւաքողին կողմէ միւս խաղցողներէն մէկն ու մէկուն զարնելը։

Զարնուելէ խուսափելու համար միւս խաղցողները իրաւունք ունին ամբողջ մարմինով գետին պառկիլ կամ իրենց ոտքը գետինէն բարձրացնել՝ քարի մը կամ ժայռի մը վրայ ելլելով,ծառի մը ճիւղէն կախուելով։ Հալածողը ուշադրութեամբ կը հետեւի անոնց շարժումները։ Հազիւ որ մէկը ոտքը գետին դնէ կամ պառկող մը ոտքի կ՚անգնի, կը փորձէ հարուածել անոնց:

Պուլանըխի շրջանին մէջ այս խաղին մէկ տարբերակը կը խաղան աղջիկները։ Սահմանագիծ մը կը ճշդուի, խաղցողները հոն կեցած իրենց բոպիկ ոտքերուն մատներէն կ՚անցընեն ճիպոտ մը։ Ոտքով այս գաւազանը կը նետեն հեռու, այնուհետեւ շունչերնին բռնած իւրաքանչիւր խաղցող պէտք է իր ճիպոտը երթայ եւ բերէ մինչեւ սահմանագիծ, ամբողջ այս գործողութեան ընթացքին «էծ, էծ» ըսելով։ Շունչ առնողին գլխանոցը ճիպոտահար կ՚ըլլայ

Պիթլիսի տարբերակը բաւական տարբեր է եւ կը կոչուի «էծ-էծ» կամ «ուլ-ուլ»։ Ձողի մը վրայ կը տեղադրեն մէկու մը գլխարկը։ Ձողին շուրջ կը գծեն շրջանակ մը։ Միւս խաղցողները իւրաքանչիւրը իր բիրը կը նետէ գլխարկին ուղղութեամբ զայն վար առնելու նպատակով։ Եթէ յաջողեցաւ վար առնել՝ յաղթող կը հռչակուի։ Եթէ ոչ՝ շրջանակին մէջ ինկած բոլոր բիրերը իրենց տեղերը կը մնան եւ անոնք  գլխարկին տիրոջ կողմէ գրաւուած կը համարուին։ Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր բիրի տէր պիտի փորձէ արագ շարժումով մը շրջանակէն ներս մստնել եւ առանց գլխարկին տիրոջ կողմէ հարուածուելու իր բիրը վերցնել։ [7]

Տապօ (խաղի փոս)

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Փոս մը կը փորուի, խաղցողներէն մէկը փոսին քովը կը կենայ, երկրորդ մը փոսէն հեռու որոշուած տեղէ մը ընկոյզներ կը նետէ՝ ջանալով զանոնք փոսին մէջ ձգել: Խաղի վերջաւորութեան, եթէ փոսին մէջ ինկած ընկոյզներուն թիւը զոյգ է՝ նետողը կը շահի եւ նոյնքան ընկոյզ կ'առնէ ընկերոջմէն։ Եթէ անզոյգ է, փոսին մօտ կեցողը կը շահի, եւ դերերը կը փոխուին: [8]

Ակնջեձուկ

Պիթլիսի մէջ այս խաղը կը խաղան մեծերը մանուկներու հետ, զանոնք զբաղեցնելու եւ զուարճացնելու համար, կամ երկու մանուկներ իրարու հետ՝ մէկը միւսին ականջին բլթակը բռնած փոխն ի փոխ հետեւեալ խօսքերը կրկնելով.

  1. Ա. խաղցող.- Ամիրի կին տարե՞ր ես ջուր
  2. Բ. խաղցող.- Տարեր եմ
  3. Ա. խաղցող.- Տա՞ք է թէ պաղ
  4. Բ. խաղցող.- Տաք է
  5. Ա. խաղցող.- Պաղցուր
  6. Բ. խաղցող.- Պաղ է
  7. Ա. խաղցող.- Տաքցուր
  8. Բ. խաղցող.- Տաք է է

Խաղը կը շարունակուի մինչեւ որ խաղցողներէն մէկը «տաք» ու «պաղ» հարցումներուն մէջ սխալ մը գործէ: Այն ատեն յաղթողը իրաւունք ունի պարտուողին ականջին բլթակը քաշել։ [9]

Բօնդա

Պիթլիսի մէջ այս խաղը խաղալու համար երկու տղայ քով-քովի կը կանգնին եւ իւրաքանչիւրը իր երկու ձեռքը կռնակին կողմէ իրարու միացած մատներու զօրաւոր հանգոյց մը կ՚ընէ։ Երրորդ մը իր մէկ ոտքը կը դնէ մէկուն ձեռքերուն հանգոյցին վրայ եւ միւս ոտքը երկրորդին ձեռքերուն հանգոյցին վրայ, ամէն մէկ ձեռքով ալ կը բռնէ այս երկուքի գլուխները։ Այս դիրքով երեքը միասին կը փորձեն յառաջանալ որքան որ կրնան: [10]

Չուռ

Այս խաղը ունի Պիթլիսի տարբերակը, որուն ընդհանուր բացատրութիւնը հետեւեալն է: Առաջին խումբը ունի «բերդ» կոչուող տարածք մը, ուր կը տեղադրէ լաթի կտոր մը եւ կը փորձէ բերդը պահպանել հակառակորդ խումբին յարձակումներէն: Հակառակորդ խումբը կը փորձէ առանց բռնուելու մտնել բերդ եւ գրաւել լաթը։ Եթէ յաջողի՝ կը յաղթէ: [11]

Պուլանըխի մէջ կը խաղցուի քիչ մը տարբեր օրէնքներով։ Այսպէս, խաղին կը մասնակցին 10-էն 20 տղաներ, որոնք կը բաժնուին երկու համահաւասար խումբերու։ Խաղավայրին մէջտեղը շրջանակ մը կը գծուի եւ պահպանող խումբի անդամները այդ շրջանակին մէջ կը կենան: Շրջանակին կեդրոնին կը դրուի քար մը, որ այս պարագային կը կոչուի չուռ։ Դուրսիններէն մէկը եթէ յաջողի շրջանակը կտրել եւ չուռին վրայ կոխել, ներսինները պարտուած կը հռչակուին։ Յարձակող խումբի անդամները պէտք է առանց պաշտպանողներէն բռնուելու մտնեն շրջանակէն ներս. եթէ ներսինները յաջողին զարնել յարձակողին, զարնուողը խաղէն դուրս կը դրուի: Իսկ եթէ յարձակողը յաջողի պաշտպանողին կողքէն առանց զարնուելու շրջանակէն ներս մտնել, սոյն պաշտնապողը խաղէն դուրս կու գայ։ Վերջաւորութեան, եթէ չուռը չէ գրաւուած, յաղթական կը հռչակուի այն խումբը որ ամէնէն աւելի քիչ զարնուած ունի:

Սասունի մէջ խաղցուած տարբերակը նման է Պուլանըխի չուռին։ Միակ տարբերութիւնը այն է, որ անիկա կը կոչուի «բըռ»: Խաղը կը խաղցուի գարնան եւ աշնան մասնակցութեամբ 20-է 40 խաղցողներու: [12]

Գդակ թռցնել

Սասունի մէջ պատանի կամ երիտասարդ տղաներ կը բաժնուին 8-էն 10 հոգինոց երկու խումբերու, որոնք իրարմէ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ սահմանագիծեր կը գծեն եւ անոր ետեւը կը կանգնին:

Երբ խաղը սկսի, առաջին խումբէն մէկը կը մօտենայ դիմացի խումբին եւ անոնցմէ մէկուն գլխարկը փախցնելով կը ջանայ վազելով վերադառնալ իր խումբի սահմանէն ներս։ Գլխարկին տէրը պէտք է հասնի անոր ետեւէն եւ նախքան սահմանագիծը անցնիլը ձեռքով դպնալ անոր: Եթէ յաջողի, կը վերատիրանայ իր գլխարկին, իսկ խումբերը կը փոխեն իրենց դերերը: Իսկ եթէ չյաջողի գերի կ՚իյնայ դիմացի խումբին ձեռքը:

Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ խումբերէն մէկը յաջողի կալանաւորել դիմացի խումբին բոլոր խաղցողները: [13]

Գլուլայ (գնդակ)

Պիթլիս մէջ խաղցողները գամ, ուլունք եւ ընկոյզ կը շարեն գետնին վրայ, ապա հեռանալով՝նախապէս ճշդուած գիծի մը ետեւէն յաջորդաբար գլուլան կը գլորեն՝ ջանալով գետինը շարուած առարկաները կրտել (զարնել)։ Իւրաքանչիւր կրտուած առարկայ կ՚իւրացուի զարնողին կողմէ։ Խաղցողը կը շարունակէ գլուլան նետել, մինչեւ որ ձախողի առարկայի մը դպցնել։ Այն ատեն յաջորդ խաղցողին կարգը կու գայ գլուլան նետելու: [14]

Թօփ

Սասունի մէջ այս խաղը կը խաղան պատանիներ եւ չափահաս տղամարդիկ ընդարձակ դաշտի մը մէջ, երկու մեծ խումբերու բաժնուած՝ Ա եւ Բ խումբ:

Խաղին համար իւրաքանչիւր խումբ կ'ունենայ կոփալ մը. այս մէկը հաստ փայտ մըն է, որուն մէկ ծայրամասը աւելի տափակ է եւ կը ծառայէ գնդակը հարուածելու։ Կոփալէն զատ այս խաղին համար պէտք է նաեւ խնձորի չափով գնդակ մը, որ կը պատրաստուի մազէ կամ բուրդէ:

Իւրաքանչիւր խումբի մէջ կ'որոշուի հարուածող մը։ Ա խումբէն խաղցող մը նախապէս ճշդուած գիծէ մը գնդակը ձեռքով կը նետէ դէպի Բ խումբը։ Վերջին այս խումբէն խաղցող մը պէտք էկոփալով ամուր հարուած մը տայ գնդակին եւ ուղարկէ զայն հակառակ ուղղութեամբ։ Ա խումբին խաղցողները պէտք է գնդակը բռնեն նախքան անոր գետին իյնալը։

Եթէ պատահի որ հարուածողը չյաջողի կոփալով զարնել գնդակին՝ «մեռած» կը համարուի, խաղէն դուրս կու գայ եւ կը փոխարինուի խմբակիցով մը: Իւրաքանչիւր խաղցող մէկ անգամ հարուածելու իրաւունք ունի։ Թօփը պէյսպոլին նախնական մէկ ձեւն է։ [15]

Քարգլոր

Այս խաղը Սասունի մէջ կը խաղան պատանիները: Անոնք բաժնուած կ'ըլլան 2 կամ 3 հոգիէ բաղկացած երկու խումբերու (Ա եւ Բ): Կը կանգնին լայն դաշտի մը մէջ, իրարմէ այնքան մը հեռու, որ կարելի ըլլայ ձեռքով քար մը հասցնել:

Իրաքանչիւր խումբ, իրարմէ մէկ մեթր հեռաւորութեամբ երեք հատ տափակ եւ երկար քարեր կը կանգնեցնէ իր տարածքին մէջ։ Ա խումբին առաջին խաղցողը քար մը նետելով կը փորձէ հարուածել Բ խումբին կանգնեցուցած մէկ քարը։ Եթէ յաջողի տապալել, կ'անցնի յաջորդ քարին։ Եթէ ոչ՝ կարգը կու տայ ընկերոջը: Այն խումբը որ յաջողի դիմացի խումբի երեք քարերը առաջինըտապալել, յաղթական կը հռչակուի:

Լաւագոյն քարգլոր խաղցողները կը կոչուին նշան դարի, այսինքն լաւ նշան առնող: [16]

Պապէ-պապէ

Տարօնի մէջ այս խաղը կը խաղցուի գարնան ամիսներուն, հովիւներու, գառնարածերու եւ հորթարածներու կողմէ, կանաչ դաշտերու եւ մարգագետիններու վրայ, չորս եւ երբեմն աւելի խաղցողներով:

Խաղին մէջ կ'օգտագործուին ձեռնափայտեր (կոփալ, մական) եւ արախչիներ (բուրդի գոյնզգոյն թելերէ հիւսուած արական գլխարկ):

Նախքան խաղը սկսիլը, խաղցողները կը կանգնին գետնին վրայ նշուած գիծի մը ետեւ։ Իւրաքանչիւրը ձեռքին բռնած է իր կոփալը։ Գիծին ճիշդ ետեւէն ամէն մէկ մասնակից իր կոփալը զօրաւոր թափով կը նետէ գիծէն անդին։ Ամէնէն մօտիկ ինկած կոփալին տէրը կը դառնայ «պապէ» կամ «պապ», միւսներն ալ ըստ իրենց կոփալին ինկած հեռաւորութեան կը դասակարգուին առաջինէն մինչեւ վերջին։ Ամէնէն հեռու նետողը կը դառնայ առաջինը եւ շարունակաբար։

Պապը գիծէն 7-էն 10 քայլ հեռու իր կոփալը կը տնկէ գետինը, վրան կը դնէ իր գլխարկը եւ կը կանգնի անոր քով:

Խաղցողներէն առաջինը մէկ ոտքի վրայ ցատկելով կը մօտենայ տնկուած փայտին՝ հետեւեալ նախադասութիւնը արտասանելով.

  1. -Պապէ, պապէ
  2. Բարի լուս քեզի:
  3. Պապը կը պատասխանէ.
  4. -Երկու հոտած ձուկ քըզի:

Պապին պատասխանը լսելէ անմիջապէս ետք առաջին այս խաղցողը իր ձեռքի կոփալով կը զարնէ պապին գլխարկին եւ գետին կը ձգէ զայն։ Նոյն խաղցողը միշտ մէկ ոտքի վրայ ցատկելով պէտք է հասնի գլխարկին եւ վերցնէ զայն, որպէսզի այս ձեւով իր խաղը աւարտի։ Բայց բոլոր միւս խաղցողները իրաւունք ունին իրենց գլխարկներով կամ փափուկ այլ առարկաներով հարուածել պապին գլխարկը փնտռողին: Այս վերջինը – միշտ մէկ ոտքի վրայ - կրնայ իր ձեռքի կոփալով իրեն մօտեցողներուն հարուածել: [17]

Գլերան

Պիթլիսի մէջ գլերանը պզտիկներու կողմէ խաղցուած խաղ մըն է։ Գլերան կը կոչուի փայտեայ անիւը, որ ընդհանրապէս սայլերու համար կը գործածուի։ Բայց գլերանը նաեւ երեխաներու համար պատրաստուած անիւն է, զոր անոնք կը գլորեն տուներու տանիքներէն դէպի վար: Եթէ գլերանը մեծ է, զայն կը գլորեն զառիվարի մը գագաթէն։ Մեծերուն կու տան գլերան գլեր անունը: [18]

Ջան խաղալ

Սասունի մէջ վէգին կ՚ըսեն ջան կամ ճան։

Այս խաղը կը խաղան երկու հոգիով, ընդհանրապէս երեխաներ:

Գոյնզգոյն ներկուած ջաները կը շարեն գիծի մը վրայ իրարմէ 10 ս.մ. հեռաւորութեամբ: Քիչ մը աւելի հեռու գետինը գծուած գիծի մը ետեւէն առաջին խաղցողը կը ջանայ նշան առնել եւ իր ձեռքի ջաներով հարուածել եւ իւրացնել զանոնք: Ձախողելու պարագային կարգը կը փոխանցուի ընկերոջը:

Այսպէս փոխն ի փոխ կը շարունակեն խաղալ մինչեւ որ մէկերնէն մէկը ի վերջոյ հաւաքէ բոլոր ջաները: [19]

Ջուրի խաղեր

Մուշի մէջ գորտնլող կը կոչուի գորտի ձեւով լողալը։ [20]

Պիթլիսի մէջ գօլ կը կոչեն երեխաներու կողմէ ջուրի մէջ խաղցուող խաղը, երբ երկու երեխայ դէմ դիմաց կը կենայ եւ կը սկսին իրարու վրայ ջուր թափել։ Առաջին փախչողը կը պարտուի: [21]

Պարսենտ, պարսիտ, պարշթա

Տարօնի մէջ շատ մը վայրերու մէջ պարսատիկը կը կոչուի պարսենտ:

Պարսենտը կը պատրաստեն աղջիկները բուրդի գոյնզգոյն թելերով, շատ քիչ պարագաներու ալ կաշիով, եւ կը նուիրեն հորթարած, գառնարած եւ հօտաղ տղաներուն, որոնք պարսենտը կը կախեն իրենց գօտիներէն:

Պարսենտը կազմուած կ'ըլլայ բաժինէ մը, որու վրայ քարը կը դրուի եւ անկէ բաժնուող երկու թելերէ. անոնցմէ մէկուն ծայրը օղակ մը կ'ըլլայ, որ գործածողը կ՚անցընէ իր միջնամատին:

Պարսենտը կը գործածեն արտերը թռչուններէ պաշտպանելու համար: Երբեմն ալ կը կազմակերպեն պարսենտի խաղ-կռիւներ կամ պարսենտով քար նետելու մրցումներ:

Սասունի մէջ պարսատիկը կը կոչուի պարշթա: Անիկա կը պատրաստուի մշակուած կաշիէ, որ կ'ունենայ հաւկթաձեւ մակերես, 10-15 սմ.: Անոր երկու ծայրերէն կապուած են 80-100 սմ. երկայնքով կանեփէ պատրաստուած երկու թելեր:

Պատանի-երիտասարդներ պարշթայով նշան կ'առնեն եւ կը ջանան հարուածել նախապէս ճշդուած ժայռեր կամ տապալել տնկուած քարեր։

Պարսատիկը Պիթլիսի մէջ կը կոչուի պարսիտ: [22]

Ձիարշաւ

Տարօնի մէջ տարածուած է ձիարշաւ կազմակերպելու սովորութիւնը: Ձիարշաւներ կը կազմակերպուին հարսանիքներու, Համբարձումի, Վարդավառի եւ մանաւանդ Ս. Կարապետի տօներուն ընթացքին:

Ս. Կարապետի տօնակատարութեան ընթացքին Տարօնի մէջ կը հաւաքուին բացի տարօնցիձիաւորներէն, Կարին/Էրզրումէն, Վասպուրականէն, Խնուսէն եւ այլ վայրերէ եկած լաւագոյն ձիաւորները:

Ձիաւորները նշանակուած սահմանագիծերու միջեւ երթուդարձեր կ'ընեն, մինչ երաժիշտներտաւուլ-զուռնայով կը նուագեն ձիարշաւի յատուկ եղանակներ: Ս. Կարապետի ձիարշաւներըկ'ընդգրկեն նաեւ արգելքներու վրայէն ցատկել եւ նիզակախաղեր:

Այս մրցումներուն իր հմտութիւններով հռչակ շահած է Խարս (ներկայիս Güneyik) գիւղի բնակիչԻրիցու Գրիգորը: Ան ձիարշաւի ընթացքին զոյգ ոտքերով, կամ գլխավար կը կենար իր ձիունքամակին վրայ, ճարպիկութեամբ կ'անցնէր ձիուն պարանոցին տակէն, կամ կը յաջողէր հաւաքելգետին նետուած առարկաներ: Նշանաւոր ձիաւոր էր նաեւ Գաւռոցի Մոսօն։

Երգեր հիւսուած են ձիարշաւի հերոսներու մասին։ [23]

Տարօնի մէջ տօներու ընթացքին ընդհանրացած էին ձիարշաւն ու ձիերով մենամարտերը։ Պատկեր՝ Ռ. Մնացականեան (Աղբիւր՝ Վ. Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, Հայկական ՍՄՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1980, Երեւան)։

Ջուխտ ու ֆարտ (դար ու կոճատ)

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Այս խաղը կը խաղան ընկոյզով, կաղինով կամ այլ փոքր չափի ուտելիքներով։ Երեխայ մը իր մէկ ափին մէջ զոյգ կամ անզոյգ թիւով ուտելիքներ կը պահէ։ Դիմացը կանգնած խաղընկերոջը կը հարցնէ՝ դար (զոյգ) կամ կոճատ (անզոյգ), կամ ջուխտ (զոյգ) կամ ֆարտ (անզոյգ): Ընկերոջ գուշակութիւնը եթէ ճիշդ դուրս գայ, ափի ուտելիքները ինք կը շահի, իսկ եթէ սխալ գուշակէ՝ ինք կ'ըլլայ պահողը: [24]

Լարախաղացութիւն

Լարախաղացները բազմաթիւ էին Մուշի շրջանին մէջ։ Անոնք կ՚երեւէին մանաւանդ Սուրբ Կարապետ կամ Սուրբ Առաքելոց վանքերու շուրջ կատարուող զանազան ուխտագնացութիւններու ընթացքին։

Նշանաւոր լարախաղաց մըն էր Հաճին, որ Մշոյ դաշտի Առախ գիւղէն էր։ Անոր նախասիրած վայրը Առաքելոց վանքն էր, ուր կ՚երեւէր տարին անգամ մը։ Կը պատմուի որ ան կը նստէր լարին վրայ, կրնար հոս գառնուկ մը մորթել, զայն կտորներու վերածել, ապա իրեն կու տային կրակարան մը, զոր նոյնպէս կը դնէր լարին վրայ եւ շամփուրներով խորոված կը պատրաստէր։ Հաճին նաեւ վարպետ էր փայտէ ոտքերով քալելու մէջ։ Այս ոտքերուն երկարութիւնը 4-էն 5 մեթր էր, անոնց հետ կը պարէր տաւուլ-զուռնայի եղանակին տակ։ [25]

Պատցիկ

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Մէկը գամ, ուլունք կամ մանր դրամ մը կ'առնէ եւ հողին մէջ իրարու մօտիկ տարբեր տեղեր կը թաղէ։ Ապա հողին մակերեսը քառակուսիներու կը բաժնէ: Ընկերները կու գան եւ իւրաքանչիւրը իրեն համար կ՚ընտրէ քառակուսի մը: Այն անձին ընտրած քառակուսիէն եթէ պահուած իր մը դուրս գայ, անիկա իրեն կ՚ըլլայ: [26]

Զընճլէ

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Քանի մը հոգի, ձեռքերը ծունկերուն վրայ կողք-կողքի կը նստին։ Ուրիշ մը դիմացնին կը կենայ եւ հաշուելու ձեւով իր ցուցամատը կը սկսի մէկը միւսին ետեւէն իր ընկերներուն ձեռքերուն վրայ դնել եւ նոյն ժամանակ ալ արտասանել.

  1. Զընճլէ, պէ զընճլէ
  2. Մսրէ կաթախ Ավա կոզէ
  3. Ավա պտէ, ծուռ մարգարէ
  4. Ծակ տեռտիր է:

Ամէն մէկ բառէ ետք արտասանողը իր ցուցամատը կը դնէ յաջորդ խաղցողին վրայ։ Ով որ վերջին բառին արժանանայ, ան կ՚ըլլայ նշանակուած անձը։ Այնուհետեւ, այս անձը գլուխը կը ծռէ, մինչ ընկերները իր ետեւը անցնելով ծածուկ կերպով իրենց մատները անոր կռնակին վրայ կը դնեն։ Ծռող անձը պէտք է մէկ առ մէկ գիտնայ մատներուն տէրերուն անունները: [27]

Ճղօր (օրորոց)

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Չուան մը բարձր տեղէ մը կը կախեն, ապա վրան կը նստին առանձին կամ քանի մը հոգիով եւ կը սկսին օրօրուիլ: Ճղօրը կամ օրօրոցը կարելի է նաեւ ծառի մը ճիւղէն կապել. այս պարագային անիկա կը կոչուի չարխի ֆէլէկ: [28]

Սատանի մեռել

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Մէկը գետինը կռնակին վրայ կը պառկի, միւսները անոր ոտքերուն, ծունկերուն, ափերուն, բերնին վրայ քարեր կը դնեն։ Ապա, իրենց ձեռքը բռնած քարերը իրարու զարնելով պառկողին շուրջ կը դառնան, կրկնելով.

  1. Արի սատանայ,
  2. Զէս մեռել թաղա։

Պառկողը յանկարծ ոտքի կը կանգնի եւ կը սկսի իր վրայի քարերը նետել զինք թաղելու համար սատանան կանչողներուն վրայ: [29]

Դըմբօ-դըմբօ

Կը խաղան Պուլանըխի մէջ։

Սովորաբար մեծահասակի մը եւ փոքրիկի մը երկխօսութիւնն է։ Մեծահասակը փոքրիկին ձեռքը բռնած է.

  1. Մեծահասակ.- Դըմբօ-դըմբօ
  2. Փոքրիկ.- Հա՛
  3. Մեծահասակ.- Քու մամ ի՞նչ է եփի
  4. Փոքրիկ.- Քալաճօշ [ոսպով եւ մածունով ճաշ]
  5. Մեծահասակ.- Ի՞նչ է թալի մէջ [ի՞նչ է այս կակուղ միսը]
  6. Փոքրիկ.- Կատուի դօշ [կուրծք]
  7. Մեծահասակ.- Քըզի ի՞նչ է կորի [ի՞նչ կորսնցուցած ես]
  8. Փոքրիկ.- Ոսկէ մատնիք [ոսկիէ մատանի]
  9. Մեծահասակ.- Դո՞ր է կորի [ո՞ւր]
  10. Փոքրիկ.- Ժամու տանիք [եկեղեցիին տանիքը]
  11. Վերջաւորութեան երեխան կ՚ըսէ «ես իմ գտի՝ ու չեմ իդա» եւ անմիջապէս կը փախի, իսկ մեծահասակը ետեւէն վազելով կը փորձէ բռնել զինք: [30]

Աչխփոկից

Կը խաղան Պուլանըխի մէջ։

Մէկու մը աչքերը կը կապեն եւ կը սկսին չորս կողմէն զինքը հրմշտեկել, զարնել ու փախիլ: Աչքերը կապուած անձը կը փորձէ բռնել փախողները. եթէ յաջողի մէկն ու մէկին բռնել, այս անգամ բռնուողին աչքերը կը կապեն: [31]

Ծէր կամ Տէր

Կը խաղան Պուլանըխի մէջ։

Աչխփոկիցի նման խաղ մըն է, բայց կը խաղան աչքերը բաց: [32]

Բա՛ որ տարաւ

Կը խաղան Պուլանըխի մէջ։

5-6 հոգի բոլորակաձեւ կը նստին, շրջանակին ճիշդ կեդրոնն ալ կը նստի առանձին խաղցող մը, որմէ միւսները բան մը առնելով կը պահեն:

Կեդրոնի խաղցողը կը հարցնէ՝ «Բա ո՞ր տարաւ»։ Հարցարդրուողը կը պատասխանէ՝ «Ես ի՞բ տարայ, հա ինա տարաւ»։ Ապա կեդրոնի խաղցողը այդ միւսին կը դառնայ եւ նոյն հարցումը կ՚ուղղէ՝ «բա ո՞ր տարաւ», կը ստանայ միեւնոյն պատասխանը: Այս խաղը պահուած առարկան գտնելէ աւելի զուարճանալու եւ ծիծաղելու համար է: [33]

Նոյնանման խաղ մըն է Սըլըն. շրջանակաձեւ նստողները դարձեալ կը պահեն առարկան, բայց այս պարագային գաղտնօրէն մէկը միւսին կը փոխանցեն։ Մէջտեղը նստողը պէտք է գիտնայ թէ որու քով կը գտնուի առարկան: [34]

Ղազալոյ

Պուլանըխի մէջ խաղցուող ծանօթ խաղ մըն է։

Խաղցողները կը բաժնուին երկու խումբի: Առաջին խումբը գիւղին մէջ կը պահուըտի, երկրորդ խումբը կը սկսի փնտռել պահուըտածները, որոնց կ՚ընկերակցի առաջին խումբին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ մը։ Ան պոռալով հերթաբար տեղեկութիւններ կը փոխանցէ պահուըտած իր խմբակիցներուն. «Ղազալոյ, եկանք, գիւղի վերի թաղն ենք», «Ղազալոյ, եկանք, տանիքին վրայ ենք», «Ղազալոյ, եկանք, կ'իջնենք ներքին թաղը», եւայլն։ Այս տեղեկութիւններուն հիմամբ ալ պահուըտած խմբակիցները երբ նպատակայարմար կը տեսնեն, անակնկալ եւ հաւաքաբար դուրս կու գան իրենց թաքստոցէն, կը  պաշարեն որոնող խումբը, կը յարձակին վրանին ու կը սկսի ծեծկտուքը։ Երբ խումբերէն մէկը պոռայ՝ «ռա՜յ, ռա՜յ» (այսինքն գերի ենք կամ կը հպատակինք), այն ատեն խաղը կը դադրի: [35]

Գերի

Կը խաղան Պուլանըխի մէջ։

Բացօթեայ տարածութեան մը երկու կողմերը 10-էն 20 հոգինոց երկու խումբեր կը կանգնին: Առաջին խումբէն մէկը կ'երթայ դիմացի խումբէն գերի մը բռնելու, երկրորդ խումբն ալ անոր դէմ մէկը կը ղրկէ։ Երբ երկուքը իրարու մօտենան, առաջին խումբի խաղցողը պէտք է հակառակորդին զարնէ, անմիջապէս փախի եւ փորձէ իր ընկերներուն քով վերադառնալ։ Երկրորդն ալ զինք պէտք է հետապնդէ եւ փորձէ զարնել։ Եթէ յաջողեցաւ զարնել՝ առաջին խումբին խաղցողը մեռած կը համարուի, այլապէս՝ ինք խաղէն դուրս կու գայ։ Այսպէս կը շարունակուի խաղը, մինչեւ որ խումբերէն մէկը այլեւս խաղցող չունենայ։ [36]

Բռնուկ հոլ

Հոքէյ խաղին նախնական տարբերակն է, որ կը խաղցուի Տարօնի մէջ աշնան ամիսներուն:

Խաղին կը մասնակցին 10-էն 20 հոգի, երբեմն ալ աւելի, տափարակ դաշտի մը կամ արօտավայրի մը մէջ: Խաղցողները կը բաժնուին երկու խումբերու, իւրաքանչիւրը կ'ունենայ կեռծայրով մահակ մը։ Խաղը կը խաղան փայտեայ գնդակով մը։ Ամէն մէկ խումբ ունի իր դարպասը (բերդը) եւ հակառակորդը պիտի փորձէ գնդակը բերդէն ներս մտցնել։

Խաղը սկսելէ առաջ խաղցողները կը շարուին իրենց սահմանագիծին վրայ, իրարմէ 5-10 մեթր հեռաւորութեամբ: Խաղը կը սկսի դաշտի կեդրոնէն: Առաջին խումբէն մէկը մահակով գետին դրուած փայտէ գնդակին կը հարուածէ եւ կ'ուղարկէ հակառակորդին կողմը, որմէ ետք խաղցողները կը մտնեն դաշտ եւ իւրաքանչիւր խումբ կը ջանայ մահակի հարուածներով գնդակը մտցնել հակառակորդին բերդէն ներս եւ շահիլ մէկ կէտ:

Խաղը այսպէս կը շարունակուի 1-2 ժամ, բնականաբար ամէնէն աւելի կէտ հաւաքողը կը շահի: [37]

Կտէիս հոլ

Կը խաղցուի Տարօնի մէջ: Մասնակիցները 4 հոգի են. Ա խումբ՝ երկու պաշտպաններ, Բ խումբ՝ երկու յարձակողներ։

Տափարակ խաղադաշտը 60-80 մեթր երկարութիւն եւ 30-40 մեթր լայնք ունի։ Դաշտինկեդրոնը կը փորեն 10 սմ տրամագիծով եւ 10 սմ խորութեամբ փոսիկ մը, որ կը կոչուի կուրտան: Փոսիկէն 2 մեթր աջ եւ 2 մեթր ձախ կը փորեն աւելի փոքր երկու փոսիկ, որոնց կու տան կտէիս անունը: Խաղը կը խաղցուի փայտէ գնդակով մը: Իւրաքանչիւր մասնակցող կ'ունենայ կեռ ծայրով կոփալ մը, որ հաստ գլուխով գաւազան մըն է:

Պաշտպանները կը կենան կուրտանին աջ եւ ձախ կողմերը եւ իւրաքանչիւրը իր ձախ կրունկը կը դնէ կտէիսներէն մէկուն մէջ:

Յարձակողները նուազագոյնը 10 մեթր հեռաւորութենէ իրենց մահակներով կը ջանան գնդակը նետել կուրտանին մէջ, իսկ պաշտպանողները առանց իրենց կրունկները փոսիկներէն հանելու՝ գնդակին հակահարուած կու տան, արգիլելով որ անիկա իյնայ կուրտանին մէջ։ Յարձակողները իրենց կարգին կը վազեն գլորուող կամ թռչող գնդակին ետեւէն եւ դարձեալ կը հարուածեն նախքան գնդակին անշարժանալը: [38]

Նամ-նամ բուդիկ (կամ սիւնաբերդ)

Սասունի մէջ խաղցուող բերդախաղ մը, որ կը խաղցուի ձմռան եղանակին, տուներու կամ գոմերու մէջ:

Խաղցողներէն մէկը վիճակով կը նշանակուի սիւն-բերդի պաշտպան, իսկ մնացեալ խաղցողները 7-էն 10 հոգիով կը յարձակին անոր վրայ՝ փորձելով գրաւել սիւն-բերդը: Պաշտպանուողին մէկ ձեռքը կապուած կը մնայ սիւնին, բայց միւս ձեռքով կամ ոտքերով ան կրնայ հարուածել յարձակողները։ Եթէ յաջողի դպնալ անոնցմէ ոեւէ մէկուն, տուեալ անձը խաղէն դուրս կու գայ։ Խաղը կը շահի երբ բոլոր յարձակողները զարնուած են ։

Յարձակողներուն նպատակն է նաեւ սիւնը պահողը ուժասպառ ընել՝ զինքը հարուածելով եւ ապտակելով: Յարձակող մը իրաւունք ունի նաեւ անակնկալօրէն ցատկիլ պաշտպանուողին շալակը, պայմանաւ որ ոտքերը մնան գետինէն բարձր: Բերդապահին շալակը ելլողը իրաւունք չունի ձեռքերով անոր հարուածել։ Նոյն օրէնքին ենթակայ նաեւ բերդապահը. ան չի կրնար իր վրայ բարձրացողին ձեռքերով զարնել: [39]

Արջախաղ

Սասունի մէջ մանուկներու կողմէ խաղցուած խաղ մըն է, որ կը ներկայացնէ արջի եւ հովիւի կռիւը: Մանուկներէն մէկը կը հագուի հովիւի հագուստ, երկրորդ մը վրան արջի մորթ կը դնէ եւ կը վերածուի արջի, մինչ մնացեալ մանուկները կ'ըլլան հովիւին ոչխարները:

Տեղի կ'ունենայ արջի եւ հովիւին միջեւ կռիւի բեմականացում, որ կ'աւարտի արջին սպաննութեամբ։ Վերջաւորութեան ոչխարի դեր առնողները ուրախութեան ճիչեր կ'արձակեն: [40]

Բըռ

Հայկական լեռնաշխարհի մէջ շատ տարածուած խաղ մըն է: Սասունի մէջ այս խաղը կը խաղան գարնան կամ աշնան: Մասնակցողներուն թիւը երբեմն կը հասնի 40-ի:

Բըռը մեծ քար մըն է, որ խաղին մէջ բերդի դեր կը կատարէ: Բըռը կը դրուի տափարակ դաշտի մը մէջտեղը, խաղցողները կը բաժնուին երկու խումբի՝ պաշտպանողներ (Ա խումբ) եւ յարձակողներ (Բ խումբ): Ա խումբին նպատակն է պաշտպանել բըռը։

Ա խումբը կը նշանակէ իր բերդապահը, որ կը մնայ բերդին մօտ, իսկ միւսները կը հետապնդեն Բ խումբին յարձակողները, որոնք իրենց առաջնորդին տուած ազդանշանին վրայ ամէն կողմէ կը յարձակին բըռին ուղղութեամբ:

Ա խումբի խաղցողները եթէ յաջողին դպնալ յարձակող խումբի անդամներէն մէկուն, վերջինս անմիջապէս խաղէն դուրս կ'ելլէ, «կը մեռնի»: Իսկ եթէ յարձակողներէն մէկը յաջողի ոտքով կոխել բըռին վրայ, Բ խումբը յաղթող կը հռչակուի եւ խումբերուն դերերը կը փոխուին. այսինքն պաշտպանուողը կ'ըլլայ յարձակող, իսկ յարձակողը բըռի պաշտպան:

Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ խումբերէն մէկնումէկուն բոլոր խաղցողները «մեռնին»: [41]

Գոմշակռիւ եւ նոխազներու կռիւ

Տարօնի շրջանին մէջ ժողովրդային կարեւորագոյն խաղերէն է երկու գոմէշներ կռուեցնելը։ Այս մէկը տեղը կ՚ունենայ կարգ մը տօնական օրերուն, ինչպէս օրինակ Համբարձումին։ Խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ կ՚ըլլայ գոմէշներու մենամարտին։ Նոյն այս տարածքին մէջ տարածուած է նաեւ երկու նոխազներ (արու այծ) կռուեցնելը։ [42]

Եարխուշտայ

Եարխուշտան սասունցիներու ամէնասիրած խաղերէն մէկն է, որ կը խաղցուի բազմաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան. խաղին կը մասնակցին պատանիներ, երիտասարդներ, նոյնիսկ ծերունիներ, տաւուլ-զուռնայի ընկերակցւութեամբ:

Երկու խումբեր կը կանգնին դէմ-դիմաց, նախ կ'երգեն, կը պարեն, յետոյ համաչափ քալուածքով կը «յարձակին» իրարու վրայ՝ իւրաքանչիւր մասնակից իր բարձրացուցած ձեռքերով հարուածելով նոյն դիրքով կանգնած դիմացինին ձեռքերուն։ Ապա, խումբերը անմիջապէս ետ կը քաշուին իրենց նախկին տեղը, դարձեալ երգ ու պարով կը կրկնեն նոյն գործողութիւնը:

Եարխուշտայ խաղցողը կը հագուի ռազմական տարազ, զինուած է դաշոյնով, որ կապուած էմէջքին աջ կողմի առաջամասը: Այս խաղը կը խաղցուի ուխտագնացութիւններու ժամանակ, Անդոկի, Մարութա սարի, Ծովասարի եւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի տօներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ հարսանիքներու եւ խնճոյքներու ատեն: [43]

Բամպակի երթալ

Սասունի մէջ ձմեռները խաղցուող խաղ մըն է: Խաղցողը կը կանգնի կէս մեթրէն 1 մեթր երկայնքով ձողի մը վրայ, որուն երկու ծայրամասերէն կապուած պարանները առաստաղի գերանէն անցնելով, հակառակ կողմէն կ'իջնեն վար: Ձողին վրայ կեցողը կը բռնէ պարաններուն ծայրերէն եւ դէպի վար քաշելով, կամաց-կամաց կը բարձրանայ դէպի վեր: Եթէ յաջողի առաստաղին հասնիլ, «բամպակի երթալու» գործողութիւնը յաջողած կ'ըլլայ, իսկ եթէ իյնայ՝ կարգը կը փոխանցուի յաջորդ խաղցողին: [44]

Գոմշակռիւ

Տարօնի մէջ խաղցուող խաղ մը:

Խաղին կը մասնակցին 8-12 տարեկան 4 կամ աւելի տղաներ: Կը խաղցուի մարգագետիններու եւ կալերու մէջ, ինչպէս նաեւ գետերու ափին:

Խաղցողներէն երկուքը կը նշանակուին «պապ», իսկ միւսները կը բաժնուին երկու խումբերու:

Դաշտին կեդրոնը շրջանակ մը կը գծուի 1 մեթրէն 2 մեթր տրամագիծով:

Պապերուն հրահանգով իւրաքանչիւր խումբէ մէկ հոգի կը մտնէ շրջանակէն ներս, այս երկուքը ծունկի կու գան, ձեռքերով իրարու կը բռնեն եւ իւրաքանչիւրը իր գլուխը կ'անցընէ դիմացինին ուսին տակ:

Երբ պապը ազդանշան տայ, ծունկի եկած երկու խաղցողները իրար հրելով կը փորձեն դիմացինը շրջանակէն դուրս հանել առանց ոտքի ելլելու:

Յաջողելու պարագային իր խումբը կը շահի մէկ կէտ: Վերջաւորութեան կը շահի ամէնէն աւելի կէտ ունեցող խումբը։ [45]

Թեռ բարձրացնել

Այս խաղը կը խաղան Տարօնի գիւղերուն մէջ պատանիներ եւ երիտասարդներ, ձմռան եւ գարնան եղանակներուն, տուներու, կալերու կամ դաշտերու մէջ:

Թեռ կը նշանակէ խուրջինի նմանող մազէ կամ բուրդէ գործուած երկու աչքով պարկ. կը դնեն ջորիներու եւ էշերու վրայ բեռնափոխադրութեան համար:

Խաղը կը բաղկանայ երեք խաղցողէ։ Անոնցմէ գլխաւորը թեռը բարձրացնողն է, որ կը պառկի գետին՝ փորին վրայ. ան փաստօրէն բեռնակիր գրաստի դեր առած է։ Միւս երկու մասնակիցներըկը նստին պառկողին աջ եւ ձախ կողմերը, գլուխները մէկը միւսին ճիշդ դիմացը. անոնք կը ներկայացնեն թեռը։ Ոտքերնին ուղղահայեաց կ՚երկարեն պառկողին մէջքին վրայ, ամէն մէկը կը բռնէ դիմացինին ոտքերէն եւ այս դիրքով ալ կը պառկին գետին։

Թեռը բարձրացնողը հենուելով իր ձեռքերուն եւ ծունկերուն վրայ պիտի փորձէ ոտքի կանգնիլ եւ վեր հանել թեռը, այսինքն երկու միւս խաղցողները։ Բարձրացնողը իրաւունք ունի միւս երկու տղոց ձեռքով բռնել, որպէսզի չիյնան: [46]

Տշի

Այս խաղը այլ շրջաններու մէջ ծանօթ է չէլիկ անունով։ Պիթլիսի մէջ գոյութիւն ունի իր տարբերակը: Խաղին համար անհրաժեշտ է երկու տեսակի փայտ. մէկը կարճ եւ մօտ 25 սմ., որ կը կոչուի տշի, միւսը աւելի երկար եւ 70-80 սմ., որ կը կոչուի տուշ։

Այսպէս, խաղցողները կը բաժնուին երկու խումբի. առաջին խումբը բարձր տեղ մը կը կենայ, իսկ երկրորդ խումբը՝ անոր դիմաց աւելի ցած տեղ մը:

Բարձր տեղ կեցողներէն մէկը տուշը կը տեղադրէ երկու քարերու արանքին, այնպիսի ձեւով մը, որ տուշին ծայրամասերը քարերուն վրայ տեղադրուին։ Ապա, տշիով հարուած մը կու տայ, տուշը օդը կը բարձրացնէ, զայն կրկին ու կրկին տշելով զօրաւոր թափով բլուրն ի վար կ'ուղարկէ: Վարի խումբի խաղցողները պէտք է իւրաքանչիւրը իր տուշով իրենց կարգին տշին հարուածեն եւ վեր ուղարկեն։ Եթէ պատահի որ վարի խումբէն ոեւէ մէկը յաջողի ձեռքով բռնել իրենց ուղղուած տշին, այն ատեն խումբը յաղթող կը հռչակուի, եւ խումբերուն դերերը կը փոխոուին: [47]

Էշ ու գոմէշ

Կը խաղան Պիթլիսի մէջ։

Խաղցողներէն մէկը կը կռթնի դէզի մը, ուրիշ մը գլուխը կու տայ անոր կուրծքին, մինչ երկու ուրիշներ անոր ետեւը կը կռանան իրարու բռնած: Մնացեալ խաղցողները վազելով կը ցատկեն անոնց վրայ: Առաջին ցատկողը պէտք է առաջին կռացողին վրայ նստի եւ այսպէս շարունակաբար:

Ցատկողներէն նստիլ չկրցողը կը պարտուի եւ ինքն ալ իր կարգին կը կռանայ ամբողջացնելով կռացողներու շարքը: [48]

Տրընկուզայ

Շատ տարածուած խաղ մըն է Տարօնի շրջանին մէջ, կը խաղան փոքրերը, աղջիկ եւ տղայ:

Կոճղի մը, քարի մը կամ հողաթումբի մը վրայ հաստատուած շարժուն փայտի մը երկու ծայրերուն կը նստին, եւ փոխն ի փոխ իրար վեր-վար կ'ընեն: [49]

Կոզթռնոկ (ծռիլ եւ թռչիլ)

Կը խաղան Սասունի մէջ։ Խաղին կը մասնակցին պատանիներ եւ երիտասարդներ, կը խաղցուի ընդարձակ դաշտի մը մէջ:

Խաղցողներէն առաջինը մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւրձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Մնացեալ խաղցողները հերթաբար իրենց երկու ձեռքերը կռացողինկռնակին կը յենեն եւ երկու ոտքերը լայն բանալով կը ցատկին անոր վրայէն։ Իւրաքանչիւր ցատկողինք եւս կը կքի վերջին կռացած ընկերոջմէն երկու քայլ անդին:

Այսպէս կամաց-կամաց կը գոյանայ երկար շարք մը. խաղցողներուն թիւը որքան շատ ըլլայ խաղը այնքան հաճելի կը դառնայ: [50]

  1. [1] Վ. Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երրորդ հատոր, Հայկական ՍՄՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1983, Երեւան, էջ 80:
  2. [2] Նոյն, էջ 137-138: Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», Բիւրակն, 10 Նոյեմբեր 1899, Նոր շրջան, ԺԷ տարի, թիւ 45, Կ. Պոլիս, էջ 712:
  3. [3] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյ. 1899, էջ 714։
  4. [4] Նոյն, էջ 713:
  5. [5] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», Բիւրակն, 3 Նոյեմբեր 1899, Կ. Պոլիս, Նոր շրջան, ԺԷ տարի, թիւ 44, էջ 698:
  6. [6] Նոյն, էջ 699։
  7. [7] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երրորդ հատոր, էջ 55: Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյեմբեր 1899, էջ 712-713:
  8. [8] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյեմբեր 1899, էջ 715: Վ. Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, Հայկական ՍՄՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1980, Երեւան, էջ 143:
  9. [9] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 3 Նոյեմբեր 1899, էջ 698:
  10. [10] Նոյն, էջ 699։
  11. [11] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյ. 1899, էջ 714:
  12. [12] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 100-101:
  13. [13] Նոյն, էջ 120։
  14. [14] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 3 Նոյ. 1899, էջ 699:
  15. [15] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 113։
  16. [16] Նոյն, էջ 127:
  17. [17] Նոյն, էջ 129:
  18. [18] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 3 Նոյեմբեր 1899, էջ 698:
  19. [19] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 150:
  20. [20] Նոյն, էջ 168:
  21. [21] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», Բիւրակն, 3 Նոյ. 1899, էջ 698:
  22. [22] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 175: Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյ. 1899։
  23. [23] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 196:
  24. [24] Նոյն, էջ 713:
  25. [25] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երրորդ հատոր, էջ 183-185։
  26. [26] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 714:
  27. [27] Նոյն, էջ 712:
  28. [28] Նոյն, էջ 713։
  29. [29] Նոյն, էջ 714։
  30. [30] Բենսէ, Բուլանըխ կամ Հարք գաւառ, Ե. Լալայեան (խմբագիր), տպ. Կ. Մարտիրոսեանց,Թիֆլիս, 1901, էջ 136։
  31. [31] Նոյն։
  32. [32] Նոյն։
  33. [33] Նոյն։
  34. [34] Նոյն։
  35. [35] Նոյն։
  36. [36] Նոյն, էջ 137։
  37. [37] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 185:
  38. [38] Նոյն:
  39. [39] Նոյն, էջ 102:
  40. [40] Նոյն, 89:
  41. [41] Նոյն, էջ 101:
  42. [42] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, առաջին հատոր, էջ 172-173։
  43. [43] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 83-84։
  44. [44] Նոյն, էջ 60:
  45. [45] Նոյն, էջ 56:
  46. [46] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 52:
  47. [47] Թուխ-Կրպօ, «Բաղէշի խաղերը», 10 Նոյ. 1899, էջ 714։
  48. [48] Նոյն, էջ 712։
  49. [49] Նոյն, էջ 714: Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երկրորդ հատոր, էջ 165:
  50. [50] Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, երրորդ հատոր, էջ 81: