Երզնկա. Սուր Երրորդութիւն եկեղեցին (ձախին) եւ Կեդրոնական վարժարանը (աջին) (Աղբիւր՝ «Երզնկա» պատկերազարդ ալբոմ, Պոլիս, 1907, պատրաստուած Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքին համար)։

Երզնկայի քազա

Երզնկայի գաւառակի հայկական կեանքը իր հարուստ պատմութեամբ եւ մշակոյթով։ Ահաւասիկ այս է Յուշամատեանի նոր գլուխին վերնագիրը։ Կարեւորագոյն նիւթ մը որ անխուսափելիօրէն մեր հետազօտութիւններուն մաս պիտի կազմէր։
Յետագայ շաբաթներուն նոր վերնագիրներ պիտի աւելնան մեր կայքէջին մէջ բոլորն ալ Երզնկայի հայկական կեանքին առընչուող։