Երզնկա - «Պարտէզը մեր» (թամզարա պար մը)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 02/09/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/09/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

**********************************************************************

«Թամզարա»ն առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքներն ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ: Ոմանք կ՚ըսեն, որ Թամզարան արեւմտահայերու «ազգային պար»ն է:

«Պարտէզը մեր»ը Երզնկայէն «Թամզարա» մըն է։ Երզնկայի քանի մը տարբեր երգեր եւ պարեր հիմնուած են 9/8 կշռոյթին վրայ։ Դրսեցիներու կողմէ անոնք եւս կը համարուէինկ Երզնկայի թամզարաներ։ Բայց Երզնկայի մէջ այս պարերը առանձնացուած էին թամզարաներէն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ մեղեդիի կամ երգի համար յարմարցուած քայլեր ունէր: Այլ խօսքով միայն «Պարտէզը մեր»ը կը համարուէր տեղական «Թամզարա»ն։

Այս «Թամզարա»ն պահպանուած է երզնկացի գաղթականներու կողմէ, որոնք հաստատուած են Տիթրոյիթ, Միշիկըն եւ Ֆրեզնոյի ու Սան Խոակին հովիտին մէջ, Քալիֆորնիա: Երզնկայի աւանդական երգերէն եւ պարերէն քանի մը հատը ձայնագրուած են 1950-ականներուն Կայծոկ/Կայծակ (Կի) Չուքուրեանի կողմէ՝ Lightning Records-ի համար: Հայրը` Ռուբեն Չուքուրեանը, նուագած է ուտ եւ ջութակ, գրած եւ թարգմանած է երգին բառերը:

Այս եւ այլ պարեր ժողված եւ ուսուցանած է Ֆրանսիս Աճոյեանը, որ 1961-ին հրատարակած է «Armenian Bar Dances» պարերու գրքոյկը` վաւերագրելով 23 հայկական պարեր: Թոմ Պոզիկեանը այս «Թամզարա»ն սորված է երզնկացի գաղթականներէ, որոնք հաստատուած են Միշիկըն նահանգի Տիթրոյիթ քաղաքին մէջ:

Սկզբնաղբիւրները. Ֆրանսիս Աճոյեան, Թոմ Պոզիկեան։

Երաժշտութիւնը.  Առանձնայատուկ 9/8 կշռոյթը -2,1-2,1-2,1-2-3 է: Երզնկայի«Թամզարա»ին պարային ֆրազը վեց չափ/հատած է: Իւրայատուկ վեց չափ/հատածով մեղեդի մը զուգադրուած է այս «Թամզարա»ին հետ:

Երգի բառերու տարբերակներէն մէկը հետեւեալն է՝

Պարտէզը մեր վարդը մեր
Պարտէզը մեր վարդը մեր
Խնկատու ծառերը մեր
Խնկատու ծառերը մեր
Անուշիկ թութուշիկ
Դուն վարդի պէս քնքուշիկ

Երզնկա պարտէզներով
Երզնկա պարտէզներով
Շրջապատուած սարերով
Շրջապատուած սարերով
Անուշիկ թութուշիկ
Դուն վարդի պէս քնքուշիկ

Մէջը ունիմ սիրուն եար
Մէջը ունիմ սիրուն եար
Կախարդուած է իմ սիրով
Կախարդուած է իմ սիրով
Անուշիկ թութուշիկ
Դուն վարդի պէս քնքուշիկ

Կատարման բնոյթը. Շարքով կամ Փակ շրջան «հայկական ձեւով» (պարողները իրարու միացած են ճկոյթը-ճկոյթին եւ ձեռքերը բերած են կրծքավանդակի բարձրութեան վրայ, թեթեւակի դէպի առջեւ պահած): Պարի այս տարբերակին մէջ խումբին առաջնորդը կը գտնուի ձախին՝ շարժելով ժամացույցի սլաքի ուղղութեամբ:

Ոճ. Իրանը ձիգ է եւ շիտակ : Քայլերը հաստատ են եւ աշխոյժ:

Չափ/հատածՀաշիւՇարժումներ

1

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով

 

3-4

Ձախ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

 

5-6

Քայլ դէպի ձախ՝ ձախ ոտքի կրունկին վրայ, մինչ ձեռքերը կը ճոճուին դէպի ձախ

 

7-9

Աջ ոտքով քայլ դէպի ետեւ՝ շարժելու համար դէպի ձախ, մինչ ձեռքերը կը վերադառնան կեդրոնական դիրքին

2

1-2

Քայլ դէպի ձախ՝ ձախ ոտքի կրունկին վրայ, մինչ ձեռքերը կը ճոճուին դէպի ձախ

 

3-4

Աջ ոտքով քայլ դէպի ետեւ՝ շարժելու համար դէպի ձախ, մինչ ձեռքերը կը վերադառնան կեդրոնական դիրքին

 

5-6

Քայլ դէպի ձախ՝ ձախ ոտքի կրունկին վրայ, մինչ ձեռքերը կը ճոճուին դէպի ձախ

 

7-9

Աջ ոտքով քայլ դէպի ետեւ՝ շարժելու համար դէպի ձախ, մինչ ձեռքերը կը վերադառնան կեդրոնական դիրքին

3

1-2

Յետքայլ՝ ձախ ոտքով

 

3-4

Աջ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

 

5-6

Քայլ դէպի աջ՝ աջ ոտքի կրունկին վրայ, մինչ ձեռքերը կը ճոճուին թեթեւակի դէպի աջ

 

7-9

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով թեթեւակի քայլ դէպի աջ, մինչ միացած ձեռքերը կը ճոճուին թեթեւակի դէպի ձախ

4

1-2

Երկու ոտքերը միացած՝ աջ ոտքի կրունկը կը մնայ ուր որ  է, մինչ մատները թեթեւակի կը դոփեն դէպի աջ անկիւնագիծով եւ միացած ձեռքերը կը շարժին թեթեւակի դէպի աջ: Կարելի է իրանը դարձնել թեթեւակի դէպի աջ: Ծունկերը թեթեւակի ծալել “1” հաշուելուն եւ ապա կրկին ուղղել “2” հաշուելուն

 

3-4

Աջ ոտքի կրունկը պահելով գետնին, աջ ոտքը կը վերադառնայ զուգահեռ դիրքին եւ ոտքի մատները մէկ անգամ թեթեւակի կը դոփեն ուր որ են: Իրանը կը վերադառնայ կեդրոն: Ծունկերը թեթեւակի ծալել “3” հաշուելուն եւ ապա կրկին ուղղել “4”հաշուելուն

 

5-6

Կրկնել (չափ/հատած 4) հաշիւներ 1-2

 

7-9

Կրկնել (չափ/հատած 4) հաշիւներ 3-4

5

1-2

Քայլ մը դէպի առջեւ՝ աջ ոտքով մինչ ձեռքերը կ՚օրօրուին դէպի վար

 

3-4

Ցատկ՝ աջ ոտքի  վրայ

 

5-6

Թեթեւակի քայլ մը դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքով, մինչ ձեռքերը օրօրուելով ետ վեր կը բարձրանան

 

7

Աջ ոտքով մէկ անգամ դոփել 

 

8-9

Դադար

6

1-2

Յետքայլ՝ աջ ոտքով, մինչ ձեռքերը կ՛օրօրուին դէպի վար

 

3-4

Ձախ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

 

5-6

Թեթեւակի քայլ մը դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքով, մինչ ձեռքերը օրօրուելով ետ վեր կ՛ելլեն

 

7

Աջ ոտքով մէկ անգամ դոփել

 

8-9

Դադար