Երզնկա - Յուշիկ-մուշիկ
Թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան-Արծրունի, 11/03/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 11/03/22)
Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։
**********************
«Յուշիկ-մուշիկ»-ը Երզնկայի աւանդական պարերգ է։ Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող երգ է՝ խաղացկուն-կատակային խօսքերով, որ շատ տարածուած էր Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ ամբողջ տարածքին եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ այլ շրջաններուն մէջ։
Պարերգին թէ՛ խօսքերը, թէ՛ եղանակը ըստ վայրի բազմաթիւ տարբերակներ ունին։ Տարբերակներու մեծամասնութիւնը կը սկսի «Ուստի՞ կու գաս», «Ուսկա՞յ կու գաս», «Օրէ՞ կու գաս» կամ այս նախադասութեան այլ տարբերակով մը, որ կը նշանակէ «ուրկէ՞ կու գաս»։ Հիմնական պարաքայլով կարելի է պարել այս պարերգը, առանց յաւելեալ պաճուճանքներու։ Շատ տարածուած եւ սիրուած է «Յուշիկ-մուշիկ»-ի շորորաձեւ, պտտուաձեւ շարժումներով տարբերակը։ Կռանալով թաշկինակը գետինին հպելը, եւ ապա մարմինի ուղղահայեաց դիրքին վերադառնալը յատուկ են Երզնկայի ոճին։
Նշենք, որ «Յուշիկ-մուշիկ»-ը որոշ ընդհանրութիւններ ունի Կարնոյ (Էրզրում) Շաւալի պարին հետ։ «Յուշիկ-մուշիկի» խօսքերուն մէջ Վանը կը յիշատակուի, եւ երբեմն պարը սխալմամբ վերագրուած է Վանին։ Կայ նաեւ այլ պար մը՝ «Ուսկա՞յ կու գաս»-ը, որ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ խումբեր կը պարեն կը պարեն, եւ որուն խօսքերը եւ մեղեդին ընդհանրութիւններ ունին «Յուշիկ-մուշիկ»-ին հետ, բայց որուն ծագումը անյայտ է։
1934։ Երզնկացի հայերու դաշտագնացութիւն Տիթրոյիթի մէջ, Միացեալ Նահանգներ (Աղբիւր՝ Գառնիկ Ստեփանեան, Երզնկա. հնագոյն դարերից մինչեւ մեր օրերը, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2005)։
- Սկզբնաղբիւրներ.- Արսէն Անուշեան, Հուրիկ Սահակեան, Մարգարիտ Կըրկոսթաս, Յասմիկ Արոյեան։
- Տեսակ.- Շուրջպար, ձեռքերը՝ հայկական ձեւով իրարու միացած (պարողները քով-քովի են, մէկի ճկոյթի մյուսին միացած եւ ձեռքերը ուսերու բարձրութեան բռնած)
- Ոճ.- Ուսերը եւ ծունկերը շիտակ, մարմինը ազատ (ոչ զգաստ), քայլերը՝ թեթեւ։ Ամեն քայլին կայ թեթեւ ծնկածալ։ Քայլերը պզտիկ են, աւելի բարեոճ, քան նկատառելի տարածութիւն ստեղծելու միտող։
Քայլերու հիմնական յաջորդականութիւնը
Չափ | Հաշիւ | Շարժում |
1-3 | 1- 6 | Դէպի ձախ. ձախ ոտքով քայլ, մինչ թեւերը ձախ պտոյտ կ’ընեն իսկ գլուխները անկիւնագիծի ուղղութեամբ ձախ կը դառնան (հաշիւ 1)։ |
4 | 7- 8 | Քայլ դէպի ձախ, մինչ թեւերը պտոյտ կ’ընեն դէպի ձախ, եւ գլուխները կը դարձնենք դէպի ձախ (հաշիւ 7)։ Աջ ոտքը կը բերենք ձախին քով, առանց ծնկածալի, իսկ թեւերը կանգ կ’առնեն դէպի ձախ՝ դաստակներու թեթեւ «պտոյտով», գլուխները կը դարձնենք ձախ։ (հաշիւ 2)։ |
5 | 9 -10 | Քայլ դէպի աջ՝ թեւերու դէպի աջ պտոյտով (հաշիւ 9)։ Ձախ ոտքէն սկսելով ոտքերը կարգով տեղքայլով խաղցնել, մինչ ձեռքերը դաստակներու թեթեւ «պտոյտ» կ’ընեն (հաշիւ 10)։ |
6 | 11 -12 | Քայլ դէպի ձախ, թեւերու ճօճ դէպի ձախ եւ գլուխը դարձնել՝ հայեացքը դէպի ձախ (հաշիւ 11), տեղքայլ աջ ոտքը ձախին քով բերելով եւ խաղցնելով, իսկ թեւերը դաստակի խաղով կանգ կ’առնեն դէպի ձախ (հաշիւ 12)։ |
7-8 | 13 -16 | Դէպի աջ շարժում։ Աջ ոտքը դէպի աջ՝ մարմինը թեթեւ ծռելով դէպի առջեւ, իսկ թեւերը դէպի առջեւ ճօճելով (հաշիւ 13)։ Ձախ ոտքը աջին առջեւէն խաչելով տանիլ աջ՝ թեւերը լաւ ցած ճօճելով (պարագլուխը թաշկինակը կը հպէ գետինին, հաշիւ 14)։ Աջ ոտքը նորէն դէպի աջ քայլ՝ իրանը շտկելով եւ թեւերը դէպի վեր ճօճելով (պարագլուխը թաշկինակը գետինին հպելէ ետք կը բարձրացնէ վեր, հաշիւ 15)։ Տեղքայլով խաղացնել ոտքերը՝ ձախը աջին քով, իսկ թեւերը կանգ կ’առնեն դէպի աջ (հաշիւ 16)։ |
|
| Եթէ պարագլուխը առանց թաշկինակի կը պարէ, կրնայ ձեւացնել որ թաշկինակ կայ ձեռքը, եւ ըստ այդմ ընտրել կռանալու չափը։ |
Երզնկա։ Քրիստինեան աղջկանց վարժարանի ուսուցչական կազմը։ Ծանօթ են միայն երկու տղամարդոց անունները։ Ձախից աջ՝ Պետրոս Փողարեան (տնօրէն), Գրիգոր Գաբրիէլեան (Աղբիւր՝ «Երզնկա» պատկերազարդ ալբոմ, Պոլիս, 1907, պատրաստուած Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքին համար)։
Տարբերակ «պտուտաձեւ-շորորաձեւ» պարաքայլ
Չափ | Հաշիւ | Շարժումներ |
1 - 3 | 1- 6 | Սկսիլ ոտքերը իրարու փակցուցած եւ ծունկերը թեթեւ ծալլած։ |
4 | 7- 8 | Կրունկներուն վրայ շորորալով մարմինը պտտել ոտքի մատները 45 աստիճան անկիւնագծով դէպի ձախ տանելով (հաշիւ 7)։ Մարմինի ծանրութիւնը տանիլ ոտքի մաներուն վրայ, ապա կրունկները շորորալով պտտել դէպի կեդրոն, ոտքի մատները դէպի առջեւ եւ թեւերը ետ բերել կեդրոնական դիրքի։ (հաշիւ 8)։ |
5 - 8 | 9 - 16 | Հիմնական պարաքայլերու շարքի 5-8 չափերուն շարժումները։ |