Իզմիթէն տեսարան մը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ)
Իզմիթէն տեսարան մը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Պատկերներ՝ Իզմիթի (Նիկոմիդիա) օսմանեան նահանգէն

Այս բաժինով ձեզի կը ներկայացնենք Իզմիթի վիլայէթէն (նահանգ) առնուած պատկերներ, որոնք իրենց մեծամասնութեամբ կը վերաբերին օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Այստեղ կը գտնէք գլխաւորաբար հին լուսանկարներ եւ փորագիր պատկերներ։ Նահանգը ներկայացուցած ենք իր զանազան ենթաբաժանումներով՝ նկարներուն դասաւորումը աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով։ Հետագային, սոյն պատկերներուն կողքին մեր խմբագրութեան կողմէ պիտի պատրաստուին նաեւ Իզմիթի նահանգին վերաբերող յօդուածներ՝ զանազան թեմաներով։ Այնպէս որ ներկայացման սոյն ձեւը ժամանակաւոր բնոյթ ունի՝ մինչեւ գրութիւններուն պատրաստութիւնը։ Նշենք նաեւ որ մենք վերաշխատած ենք այս բաժնով տեղ գտած հին պատկերներուն վրայ՝ անոնց գոյներուն եւ լուսաւորման նոր ու աւելի բարձր որակ մը տալու նպատակով։

Իզմիթի քազա

Իզմիթ. քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Արմաշ. Ս. Աստուածածնի վանքը (Աղբիւր՝ Հ. Ս. Էփրիկեան, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, պրակ Ա., Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1900)
2) Իզմիթէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Edmund Naumann, Vom Goldnen Horn zu den Quellen des Euphrat, 1893, Leipzig)

Արմաշ (ներկայիս Աքմեշէ). դպրեվանքի աշակերտներէն խմբանկար (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Պարտիզակ (ներկայիս Պահչեճիք) քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)
2) Պարտիզակ (ներկայիս Պահչեճիք) քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Արա Մելքոնեանի հաւագածոյ)

Ատաբազարի քազա

Ատաբազար. հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, Երեւան)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Ատաբազար (ներկայիս Սաքարիա). բողոքական հայոց եկեղեցին (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ. շնորհակալութիւններ՝ Հրայր Բազէ Խաչերեանի)
2) Ատաբազար (ներկայիս Սաքարիա). Տարագճեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Նելիտա Պուլղուրճեանի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս)