Ատաբազար – Տպագրութիւն եւ մամուլ

Հեղինակ՝ Միհրան Ա. Մինասեան, 05/05/25 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 05/05/25)

Ծանօթութիւններ Ատաբազարի մասին

Ատաբազարը հայաբնակ քաղաք մըն էր Իզմիթ անկախ գաւառին մէջ եւ կեդրոնը՝ համանուն գաւառակին։ Կը գտնուի Իզմիթ/Նիկոմիդիա քաղաքէն արեւելք եւ Կ. Պոլսէն հարաւ-արեւելք, առաջինէն՝ 45, իսկ երկրորդէն՝ 120 քլմ. հեռաւորութեան վրայ։ Կառուցուած է արգասաբեր դաշտի մը մէջ, Սաքարիա գետի ափին եւ Սապանճա/Սափանճա լիճի մօտակայքը։ Հայկական շրջանակներուն մէջ ան ծանօթ էր նաեւ «Աստուածարեալ քաղաք» պատուանունով։

1915-ին Ատաբազար եղած է Բ. կարգի գայմագամութիւն (գաւառակ)։ Վարչականօրէն անոր ենթակայ էին Սապանճա, Ագեազը, Խանտէկ, Սէօյիւտլի եւ Գարասու գիւղախումբերը [1]։

Ատաբազար քաղաքը Բիւթանիոյ շրջանի ամենահայաշատ քաղաքն էր: Ըստ բանասէր Մինաս Գասապեանի (Ֆարհատ, աւելի ետք՝ Մինաս Վերածին) պատրաստած մարդահամարին՝ 1909-1910-ին քաղաքը ունեցած է 2100 հայ առաքելական ընտանիք՝ 12030 անձ, որուն 5925-ը՝ արու եւ 6105-ը՝ էգ, 103 հայ բողոքական ընտանիք՝ 420 անձ, որուն 210-ը՝ արու եւ նոյնքան էգ եւ 13 շաբաթական կամ գալստեան հայեր, ընդամենը՝ 12463 հայ [2]։ Ըստ նոյն հեղինակի մէկ այլ տեղեկութեան, ամբողջ քաղաքը 1913-ին ունեցած է մօտաւորապէս 25 հազար բնակիչ, որուն 10256-ը՝ հայ (մօտ 2100 տուն), 9125-ը՝ թուրք, 1565-ը՝ յոյն եւ 3300-ը՝ իսլամ գաղթական էին [3]։

Ունինք նաեւ Նիկոմիդիոյ Ազգային առաջնորդարանի 1913 թ. մարդահամարը, որուն համաձայն՝ Ատաբազարի առաքելական հայերը ունէին 2416 տուն՝ 5857 արու եւ 6001 էգ, համագումար՝ 11858 հոգի [4]։

Հայ առաքելական համայնքը ունեցած է վեց եկեղեցի` Ս. Հրեշտակապետ, Ս. Կարապետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Ստեփանոս, Ս. Եղիա եւ Ս. Յարութիւն [5]։

Վերոնշեալ եկեղեցիները գտնուած են իրենց անունները կրող թաղերու մէջ, բացի վերջին՝ Ս. Յարութիւն մատուռէն, որ կառուցուած էր գերեզմանատան մէջ։ 

Տեղի աւետարանական համայնքը եւս ունեցած է իր եկեղեցին։ 

Ատաբազարի մէջ կաթոլիկներ չեն եղած։

Ատաբազարը, բացի հայերէ, ունեցած է թուրք, յոյն, հրեայ, պոշնաք (պոսնիացի), գնչու եւ այլ ազգութիւններու բնակչութիւն։

Տեղւոյն հայերը ունեցած են տղոց եւ աղջկանց բազմաթիւ ծաղկոցներ ու դպրոցներ, որոնցմէ առաւել ծանօթ էին ամերիկեան Հայուհեաց բարձրագոյն վարժարանն ու Կրթասիրաց ընկերութեան Ազգային Կեդրոնական վարժարանը։ Ազգային վարժարաններէն բացի, կային նաեւ անհատական դպրոցներ։

Քաղաքի առաքելական հայոց մանչերու հինգ եւ աղջկանց չորս վարժարանները 1909-1910 եւ 1911 դպրոցական տարեշրջաններուն միասնաբար ունեցած են 810 աշակերտ եւ 761 աշակերտուհի, ընդամենը՝ 1571 աշակերտ, իսկ 1909-ին հիմնուած Ազգային Կեդրոնական վարժարանը՝ 130 ուսանող, մինչ Ազգային երեք մանկապարտէզները 1909-1910 դպրոցական տարեշրջանին միասնաբար ունեցած են 225 աշակերտ եւ 225 աշակերտուհի, ընդամենը՝ 450 աշակերտ, իսկ տիկին Ստեփանեանի «Մանիշակ» սեփական մանկապարտէզը՝ 120 երկսեռ աշակերտ: Նոյն թուականներուն քաղաքի բողոքական դպրոցը ունեցած է 40 աշակերտ եւ 60 աշակերտուհի [6]։ Այսպիսով Ատաբազարի հայ դպրոցականներուն թիւը յանգած է 2371 աշակերտ-աշակերտուհիի: Ամերիկեան Հայուհեաց բարձրագոյն վարժարանի ուսանողուհիներուն մէջ եւս մեծ եղած է տեղացի հայուհիներուն թիւը:

Տեղւոյն հայերը ունեցած են մշակութային հարուստ կեանք։ Հիմնած են թատերասրահ, թատերախումբեր, մօտ հարիւր հոգիանոց երգչախումբ, նուագախումբ, փողերախումբ (ֆանֆառ), գրադարան-ընթերցասրահներ, դպրաց դասեր, տարբեր նպատակներ հետապնդող մշակութային, բարեսիրական, աշակերտական, կրթական, մարզական, շահակցական, արհեստակցական, խնայողական մօտ յիսուն միութիւններ [7]։ Ազգային երեք կուսակցութիւնները եւս ունեցած են իրենց մասնաճիւղերը՝ սեփական ակումբներով։

Ցեղասպանութեան մեծաթիւ զոհեր տալէ ետք, 1918 թ. զինադադարի յայտարարութեան հետ, ատաբազարցիք սկսած են վերադառնալ իրենց ծննդավայրը, զոր գտած են աւերուած եւ անճանաչելի, բայց անոնք, տակաւ առ տակաւ, յաջողած են վերականգնել ու վերակազմակերպել իրենց ազգային կեանքը։ Վերաբացուած է եկեղեցին, հիմնուած են Հայ ազգային միութիւնն ու Կարմիր խաչը, կազմուած է 80 հոգինոց երգչախումբ, նուագախումբ մը, վերաբացուած են մանկապարտէզն ու նախակրթարանը [8]։ Բայց Քեմալական շարժման ուժեղացումով, 1921-ի Յունիսի վերջերուն, վերապրող ատաբազարցիք անգամ մը եւս հեռացած են քաղաքէն՝ ապաստանելով Միտիլլի-Յունաստան եւ հոնկէ սփռուած են աշխարհով մէկ, մինչ չհեռացողներ, մօտ հարիւր ընտանիք՝ 600 մարդ, ընդհանրապէս քալելու անկարող հիւանդներ, ծերեր կամ իրենց ինչքերէն բաժնուիլ չուզողներ, մնացած են հոն եւ ամբողջութեամբ կոտորուած են։ Այսպիսով իր աւարտին հասած է Ատաբազարի հայութեան դարաւոր պատմութիւնը [9]։

Ատաբազարի մշակութային կեանքի հետաքրքրական երեսներէն է նաեւ «Ատրուշան» տպարանի գործունէութիւնն ու հոն լոյս տեսած ձեռագիր, խմորատիպ ու տպագիր թերթերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրին կ’անդրադառնանք առանձին, մինչ այդ խօսինք Ատաբազարի մէջ ստեղծուած երկու խմբաւորումներու մասին, որոնց հիմնական նպատակը եղած է զարկ տալ տեղւոյն գրական-հրատարակչական աշխատանքին։

1) Գրական ակումբ կամ Գեղարուեստական ակումբ.- 1909-ի վերջերուն քանի մը երիտասարդներ Ատաբազարի մէջ հիմնած են ակումբ մը՝ նպատակ ունենալով «Քաղաքի մտաւորականութեան ընդհանուր զարգացման զարկ տալ», եւ այդ մէկուն հասնելու համար միջոց ընտրած են «Հրատարակելով թերթ մը, պռօշիւրներ կամ գրքեր» [10]։ Մեզի անծանօթ կը մնան սակայն կազմակերպութեան ապագայ գործունէութիւնն ու անոր ծաւալած աշխատանքը։

2) Հայոց հրատարակչական ընկերութեան Ատաբազարի մասնաճիւղ.- 1 Յունուար 1911-ին Ատաբազարի մէջ կազմուած է Պոլսոյ նորահաստատ «Հայոց հրատարակչական ընկերութեան» մէկ մասնաճիւղը, որ ունեցած է իր վարչական ու վերստուգիչ մարմինները։ Մասնաճիւղը կեդրոնէն վաւերացուելէ ետք, պիտի ձեռնարկէր աշխատանքի [11]։ Ընկերութեան՝ Ատաբազարի մասնաճիւղը իր առաջին հրապարակային ժողովը գումարած է 20 Մարտ 1911-ին, ուր խօսք առած են ուսուցիչներ եւ քահանայ հայր մը։ Այս առիթով ընկերութեան միացած են նաեւ նոր անդամներ ու անդամուհիներ [12]։ Դարձեալ մեզի անծանօթ կը մնայ սոյն խմբաւորման ապագայ գործունէութիւնը։

||||| ԱՏԱԲԱԶԱՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՊԱՐԱՆՆԵՐԸ |||||

Ատաբազարի առաջին երկու տպարանները եղած են տեղւոյն հայկական տպարաններ։ Մինչեւ 1915, այս երկու տպարաններէն բացի, քաղաքին մէջ այլ տպարաններ չեն գործած։ Տեղւոյն տպագրական գործին առնչուած անձի մը վկայութեամբ, «… կառավարական գործերը մեր տպարանը կը տպուէին…» [13]։

Ատաբազարի մէջ գոյութիւն ունեցած են հայկական զոյգ տպարաններ.

1) Տպարան «Ատրուշան»

1911-ին Ատաբազարի մէջ տասը հոգիով հիմնուած է «Ատրուշան տպարանական ընկերութիւն»ը, որուն նպատակն էր հիմնել տպարան մը եւ «Բիւթանիա» տասնօրեայ թերթը։ Ընկերութեան անդամները եղած են՝ Տէր Սերովբէ քհնյ. Պուրմայեան, Գրիգոր Սիւքէրեան, Ստեփան Ստեփանեան, Երուանդ Փափազեան, Գէորգ Մեսրոպ, Յարութիւն Գ. Աթանասեան, Աշոտ Պազպազեան, Գրիգոր Գայեան, Զարեհ Կէնճեան եւ հաւանաբար նաեւ Անդրանիկ Մերճանեան [14]։

Քաղաքին մէջ տպարան հիմնելու ծրագրի մասին ամիսներ առաջ հոնկէ յղուած թղթակցութեան մը մէջ լրատուութեան մը կը հանդիպինք, ուր կ’ըսուէր, թէ «Քաղաքիս մէջ տպարան մը հաստատելու համար կազմուած ըլլալով շահակցական խումբ մը, առ այժմ իբրեւ սկզբնական դրամագլուխ՝ հաւաքուած է մօտ 200 ոսկի. հաւանական է մօտ օրէն ձեռնարկուի կազմածներու գնման» [15]։

Ընկերութիւնը Կ. Պոլսոյ Ղալաթիա թաղամասի «Օ. Բարսեղեան եւ Ընկ.»էն գնած է բազկամամուլ մը եւ 1 Սեպտեմբեր 1911-ին հիմը դրած է «Ատրուշան» տպարանին եւ լծուած՝ տպագրական աշխատանքի [16]։

Տպարանը տեղաւորուած էր Արտաշէս Պիպէրեանի կազմատան ազատ մէկ մասին մէջ, բանուկ փողոցի մը վրայ [17]։

Տպագրական մամուլի կողքին, Պոլիսէն բերուած են բաւականաչափ տպագրական տառեր եւ վարպետ գրաշար մը։ Աւելի ետք, տպարանը ստացած է նոր տառերու մեծ հաւաքածոյ մը եւս։ 

«Ատրուշան» տպարանը եղած է քաղաքի առաջին տպարանը [18]։

Պոլսէն բերուած գործիքները եղած են գործածուած, որոնց մէջ կային տպագրող մեքենայ մը, ձեռքով աշխատող եւ տպագրական ութը էջ տպող բետալ մը, մինչ տառերու քանակը բաւարար էր տպագրական 16 կամ աւելի էջ շարելու եւ տպելու համար։ Ան ունեցած է տեսակաւոր տառեր [19]։

1912-ի սկզբնաւորութեան, «Ատրուշան տպարանական ընկերութիւն»ը իր վրայ վերցուցած է տեղւոյն «Բիւթանիա» գաւառաթերթի հրատարակութիւնը [20]։

Տպարանը 1912-ի սկզբնաւորութեան ստացած է նոր տառերու ճոխ եւ այլազան հաւաքածոյ մը, որով կարող պիտի ըլլար տպելու գեղեցիկ ու տեսակաւոր գործեր [21]։

«Բիւթանիա» տասնօրեայ թերթէն եւ քանի մը գիրքերէ բացի, «Ատրուշան» տպարանին մէջ տպուած են առեւտրական եւ կառավարական գործեր, ծանուցում-թռուցիկներ, փոխանակագրեր, այցետոմսեր, հարսանեկան հրաւիրագրեր, մահազդներ, նամակագլուխներ եւ այլն։ Պոլսէն հրաւիրուած գրաշարի կողքին, երկու տեղացիներ՝ Յարութիւն Գ. Աթանասեան եւ Արտաշէս Պիպէրեան եւս գրաշարութիւն սորված են եւ օգնած՝ գրաշարին, իսկ տեղացի երիտասարդ մը սորված է տպելու գործը [22]։

Գործունէութեան արդիւնաւէտ, բայց կարճատեւ շրջանէ մը ետք, Ատրուշան տպարանական միութիւնը լուծուած է եւ տպարանը ծախուած է Միութեան անդամներէն Յարութիւն Գ. Աթանասեանին, որ տպագրական գործին ծանօթ միակ անձն էր քաղաքին մէջ [23]։

Աթանասեան՝ տպարանը գնելէ ետք, տեղափոխած է զայն իր նախապէս գտնուած բանուկ փողոցէն աւելի ընդարձակ վերնայարկ մը, ճամբած է պոլսեցի գրաշարը եւ փոխարինած՝ տեղացի երիտասարդով, ապա համաձայնած է կազմարար Արտաշէս Պիպէրեանի հետ, որ իր կազմարարի գործիքները տեղափոխէ իր մօտ եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ օգնէ տպագրական աշխատանքներուն։ 

Երբ Մայիս 1914-ին Պիպէրեան հեռացած է Ատաբազարէն, կազմարարի սարքերը գնած է Աթանասեան [24]։

Աթանասեան իր յուշերուն մէջ պատմած է, թէ ինչպէս 1915-ին Ատաբազարի հայոց աքսորի հրամանը տրուելէ ետք, «300 ոսկի արժող տպարանը` շատ դժուարաւ կրցի ծախել 25 ոսկիի» [25]։

Տպարան Ատրուշանի մէջ սկզբնական շրջանին տպուած գիրքերէն մեզի ծանօթ է չորս գիրք, իսկ անոր սեփականութիւնը Աթանասեանի անցնելէ ետք` եօթը գիրք [26]։

Յարութիւն Գ. Աթանասեան

Ծնած է 15 Ապրիլ 1884-ին, Ատաբազար։ 1899-ին աւարտած է տեղւոյն Ազգային Արամեան բարձրագոյն նախակրթարանը [27]։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մտած է ուսուցչական ասպարէզ եւ տեղւոյն նախակրթարաններուն մէջ դասաւանդած է թուաբանութիւն եւ գիտութիւն [28]։ 1915-ին աքսորուած է սուրիական անապատ, ուրկէ հրաշքով կրցած է փախուստ տալ Սիւվարի զանգուածային կոտորածի նախօրեակին եւ իր ընտանիքի եօթը անդամները զոհ տալէ ետք՝ առանձինն վերադարձած է անապատէն [29]։ Կարճ ժամանակ Պոլիս եւ Ատաբազար ապրելէ ետք, հաստատուած է Ռումանիա, ուր եւս հիմնած է տպարան մը։ Հեղինակած, թարգմանած ու խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր ու թերթեր եւ ունեցած է ազգային-կուսակցական եռուն գործունէութիւն։ Գրի առած է Ցեղասպանութեան օրերու իր մեծարժէք յուշերու հատորը` «Ատաբազարէն Տէր Զօր» խորագրով, զոր հրատարակութեան պատրաստած ենք եւ գիտական հրատարակութամբ լոյս պիտի տեսնէ յաջորդիւ [30]։ Աթանասեան անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ 28 Դեկտեմբեր 1944-ին, համայնավար ուժերու կողմէ այլ դաշնակցականներու հետ ձերբակալուելով՝ աքսորուած է Սիպիր ու այլեւս չէ վերադարձած [31]։

Արտաշէս Պիպէրեան

Ծնած է 1894-ին։ Արհեստով եղած է կազմարար ու գրաշար։ Առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին անցած է Պուլկարիա եւ պատերազմի յայտարարութենէն ետք մեկնած է Կովկաս եւ մաս կազմած Հայկական կամաւորական գունդերուն ու կռուած՝ զանազան ճակատներու վրայ։ Շրջան մը մնացած է Հայաստան եւ զբաղած ուսուցչութեամբ, ապա վերադարձած է Պոլիս, ուրկէ անցած է Սելանիկ եւ աշխատած որպէս «Ալիք» օրաթերթի գրաշար։ Անկէ ետք վերջնականապէս հաստատուած է Փարիզ եւ երկար տարիներ եղած է «Յառաջ» օրաթերթի տպարանի գրաշարը։ Մահացած է 14 Հոկտեմբեր 1959-ին։ Անդամ էր Հ. Յ. Դանակակցութեան [32]։ Պիպէրեան Վարդան Եղիշէեանի հետ խմբագրած է «Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին», մեծարժէք հատորը. Փարիզ, տպարան Տէր Յակոբեան, 1960, 751, 1 չհ. էջ։

Տպարան Ատրուշանի սկզբնական շրջանի տպուած գիրքերը

  • 1) «Ամէնուն բարեկամը», հաւաքեց` Մկրտիչ Յ. Ազարեան (ըստ Թէոդիկի՝ Յովհ. Ազարեան) [33]։ Տպուած՝ Ատա-Բազար, տպագրութիւն «Ատրուշան», 1911, 16 էջ, շարուածքը` 8x13 սմ., գինը` 1 ղուրուշ [34]։
  • 2) «Հրաժեշտ», հեղինակ` Ն[երսէս] Թարիգեան, Ատա-Բազար, տպարան «Ատրուշան», 1911 կամ 1912 [35]։
  • 3) «Ընդվզում», հեղինակ` Զարեհ Պլպուլ (Պարոնեան)։ Տպուած է Ատա-Բազար, տպարան «Ատրուշան», 1912, 14 էջ, շարուածքը` 9x13.5 սմ., գինը` 40 փարա [36]։ Խոհական-փիլիսոփայական բովանդակութեամբ արձակ բանաստեղծութիւն մըն է։
  • 4) «Հայկական պարերգներ», հեղինակ` Կ[արապետ] Յովհաննէսեան (Սօս-Վանի)։ Յառաջաբանը գրած է Ատաբազարի Ազգային Կեդրոնական վարժարանի հեղինակի ուսուցիչը` Գէորգ Մեսրոպ։ Գիրքը ուսումնասիրութիւն մըն է ժողովրդական բնահիւսութեան մասին, ուր առնաձին գլուխներով խօսուած է հարսանեկան, սանտի, վիճակի եւ այլ երգերու մասին։ Երկրորդ մասով տրուած են բազմաթիւ ժողովրդական երգերու բառեր, ըստ երեւոյթին՝ գրի առնուած հեղինակին կողմէ։ Տպուած է Ատա-Բազար, տպարան «Ատրուշան», 1912, 42 էջ, շարուածքը` 8.6x13 սմ., գինը` 2 ղրուշ [37]։

Ներսէս Թարիգեան

Ծնած է Ատաբազար, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Արհեստով եղած է ատաղձագործ եւ ատաղձի վաճառական։ 1909-ին անդամ էր Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան։ 1915-ին ձերբակալուած է եւ անասելի տանջանքներու ենթարկուելէ ետք՝ Ս. Կարապետ եկեղեցիին մէջ «խելագարած, ինքզինքը վար նետեց վերի պատշգամէն։ Բարեբախտաբար ինկաւ երկրորդ պատշգամը ու ողջ մնաց» [38]։

Զարեհ Պլպուլ (Պարոնեան)

Ծնած է Ատաբազար 1892-ին։ Ուսումը ստացած է տեղւոյն Ազգային Կեդրոնական երկսեռ վարժարանէն, զոր աւարտած է 1913-ին։ Հրատարակած է քանի մը քերթողագիրքեր։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Ատաբազար, Ռումանիա եւ Պուլկարիա (Սոֆիա, Ռուսճուք, Պուրկազ, Սիլիսթրէ) [39]։ Մահացած է Պուքրէշ, 7 Փետրուար 1961-ին։

Սօս-Վանի (Կարապետ Յովհաննէսեան)

Ծնած է 1895-ին, Վանի Շատախ գաւառի Թաղ գիւղը։ Նախակրթութիւնը ստացած է գիւղի, Աղթամարի Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Վանի Կեդրոնական վարժարանին մէջ, ապա անցած է Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարան, զոր աւարտած է 1913-ին եւ պաշտօնավարած տեղւոյն «Ստեփանեան» վարժարանին մէջ։ 1915-ին ձերբակալուելով՝ ենթարկուած է անասելի կտտանքներու։ Ցեղասպանութիւնը վերապրելով՝ 1919-1920 կրկին դասաւանդած է Ատաբազարի մէջ, ապա՝ Պանտրմայի։ Քեմալական շարժման յաղթանակով անցած է հիւսիսային Յունաստան, ուր երկար տարիներ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն։ 1949-ին տեղափոխուած է Աթէնք։ Մահացած է Փիրէա, 28 Մայիս 1967-ին։ Ունի գիւղի կեանքէն քաղուած բազմաթիւ պատմուածքներ, վէպ մը եւ Հայաստանի բնութեան նուիրուած բազում աշխատութիւններ։ Լաւագոյն գործերը կը մնան հայկական ժողովրդական հեքիաթներու մշակումները [40]։ Անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան։

Տպարան «Ատրուշան»ի Յարութիւն Գ. Աթանասեանի սեփականութիւնը դառնալէ ետք հրատարակուած գիրքերը

  • 1) «Տարերք թուաբանութեան» Դասընթացք տարրական ուսողութեան, Նոր տպագրութիւն, գրեց` Յարութիւն Գ. Աթանասեան, ուսուցիչ՝ ուսողութեան։ Շապիկին վրայ՝ «Բարձրագոյն ընթացք նախակրթարաններու եւ երկր. վարժարաններու համար»։ Ատա-Բազար, տպագրութիւն «Ատրուշան» Յ. Գ. Աթանասեան։ Գիրքին վրայ տարեթիւ չէ նշուած։ Թէոդիկ զայն դասած է 1911-1912 թ. լոյս տեսած գիրքերու շարքին, 528 էջ, շարուածքը` 9.2x14 սմ., գինը` 15 ղրուշ։ Գիրքին մէջ կան թուաբանական բազմաթիւ աղիւսակներ [41]։
    Գիրքի գլուխներէն յիշենք` «Թուարկութիւն», «Թուում ամբողջական թիւերու», «Հասարակ կոտորակ», «Տասնորդական կոտորակ», «Կշիռ եւ համեմատութիւն» եւ այլն։
    Յառաջաբանին մէջ հեղինակը յայտնած է, որ ներկայ գործը առաջինն է «Տարրական ուսողութեան» շարքի մը, որ պիտի բաղկանայ եօթը հատորէ։
    Աթանասեան՝ գիրքը պատրաստելու ժամանակ օգտուած է ֆրանսացի, անգլիացի եւ ամերիկացի հեղինակներու աշխատութիւններէն։
  • 2) «Գալուստ Յիսուսի Երուսաղէմ. Չարչարանք Յիսուսի զոր կրեաց առաջի Պիղատոսի։ Ասացեալ Յակովբայ Տեառնեղբօրն եւ պատմութիւն Ղունկիանոսի հարիւրապետին», հեղինակ` Յակոբ Տեառն Եղբայր, հրատարակիչ` Ե. Կ., Ատա-Բազար, տպարան «Ատրուշան» Յ. Գ. Աթանասեան, 1913, Է., 1 չհ., 72 էջ (մեր տեսած միակ օրինակը վերջէն թերի է), շարուածքը` 9x14 սմ., գինը` 100 փարա [42]։ Բնագիրը գրաբար է։ Վերատպութիւնն է 1710-ին տպուած գիրքի մը։
    Յակոբ Տեառն Եղբօր գրութեան յաջորդած է «Պատմութիւն Ղունկիանոսի հարիւրապետին» գործը։
  • 3) «Համազգային տօնը եւ պարտիզակցին», հեղինակ` Մելքօն Յովսէփեան։ Մատենաշար Պարտիզակի «Մեղու» Գաւառի ձայն շաբաթաթերթի, թիւ 1։ Ատա-Բազար, տպարան «Ատրուշան» Յ. Գ. Աթանասեանի, 1913, 15, 1 չհ. էջ, շարուածքը` 9x13.5 սմ., գինը` 1 ղուրուշ [43]։ Ան նախապէս տպուած է Պարտիզակի «Մեղու գաւառի ձայն շաբաթաթերթին մէջ», Բ. տարի, թիւ 40, 7 Հոկտեմբեր 1912, էջ 2-4 եւ յաջորդ չորս թիւերուն մէջ։ Յովսէփեան հոն հանդէս եկած է «Ծայթ» ծածկանունով։
    Հայ մամուլի եւ տպագրութեան անցեալին վրայ նետուած արագ ակնարկէ մը ետք, հեղինակը խօսած է Պարտիզակի մտաւոր զարգացումի անհրաժեշտ ազդակներուն մասին, որոնք են, ըստ իրեն՝ տպարանական մամուլը, մշակութային ընկերութիւնները եւ այլն։
  • 4) «Վերածնունդ», հեղինակ` Մելքօն Յովսէփեան, Ատա-Բազար, տպարան Յարութիւն Գ. Աթանասեան, 1913, 19 էջ, շարուածքը` 9x13.5 սմ., գինը` 1 ղրուշ [44]։
    Գրքոյկը ձօնուած է «Համազգային Տօնի յիշատակին` 412-1512-1912»։
    Կը բաղկանայ երեք տարբեր գրութիւններէ` «Վերածնունդ», «Վարդանանց Պատերազմին էութիւնը» եւ «Հայու հոգին»։ Վերջինը բանաստեղծութիւն մըն է, որմէ կ’արտատպենք երկու քառատող.

    …Ծայրածաւալ արտերուն մէջ, ծո՜վ խընկաբոյր,
    Համբուրելի եղբայրութեամբ մ’այգուն այգուն,
    Սո՛ւրբ գութանին զօրութեանը վա՜ղ անձնատուր՝
    Մաճկալն ու եզ կը պեղեն սի՛րտը հողերուն։

    Լեռնե՜ր, ձորեր, սէր ու ծաղիկ, լոյս, աշխատանք,
    Ո՛ւժն հայրենի կ’արձագանգեն, կ’ուրուագըրուին՝
    Երգերու մէջ մեղմ կամ բոցեղ ու բիւրավանկ,
    Որոնք յուզմա՛մբ կը լեցընեն Հայուն Հոգին»։
  • 5) «Աշնան ցօղեր», հեղինակ` Ստեփան Յ. Փափազեան, «Կը պարունակէ 20-է աւելի նիւթեր, պարագաներու ներշնչումով գրուած գողտրիկ ոտանաւորներ.- սիրերգներ.- հասարակական ու անցեալ կեանքէս դրուագներ.- ազգ. կրթական ու կրօնային քերթուածներ եւն. եւն.»։ Ատա-Բազար, տպ. Աթանասեան, 1914, 3 չհ., 36 էջ, շարուածքը` 9x13 սմ. [45]։
    Ձօնուած է «Մահարձան սիրասուն մանկիկիս անմոռացն Արտաւազդի խնկելի յիշատակին, որ գարնան մէջ ծնաւ ու խստաշունչ եղանակին խամրեցաւ»։
    21 բանաստեղծութիւններու ժողովածու մըն է, որոնցմէ քանի մը հատը թարգմանութիւններ են։ Վերնագիրներէն յիշենք` «Լուսին», «Ձօն դեռափթիթ Վահանիկիս», «Անցեալ սէր», «Մսուրին մօտ», «Դպրոցը» եւ այլն։
    Հեղինակին իսկ բառերով` «Գործիս մէջ գեղարուեստէն աւելի զգացումն է, որ կը յորդի, արցունքն է, որ կը կաթկթի, պատանիին սէրն է, որ կ’երգուի, կոյսին լանջքն է, որ կը տրոփէ...»։
  • 6) «Հայ ժողովուրդին նոր երգարանը», հաւաքեց` Գրիգոր Մխճեան, դպրապետ-ուսուցիչ Ս. Հրեշտ. թաղի Ատա-բազար։ «Կը պարունակէ 310 հատ ազգային հայ գեղջուկ-ժողովրդական-յեղափոխական, գրական-դպրոցական օսմ. եւ ֆրանս. հատընտիր երգեր»։ Հրատարակիչ` Գրիգոր Յ. Մխճեան։ Ատա-Բազար, տպ. Աթանասեան, 1914, Ը., 274, 2 չհ. էջ, 1 թերթ կազմողի դիմանկարը, շարուածքը` 7.5x13 սմ.։ Գիրքը պատկերազարդ է [46]։
    Հայկական ժողովրդական երգերու ժողովածու մըն է, առանց ձայնանիշերու, խառն դասաւորութեամբ։ Մեծ է թիւը ազգային-յեղափոխական երգերու։ Մեծամասնութեամբ հայերէն երգեր են, բայց կան նաեւ քանի մը հայատառ թրքերէն եւ հայատառ ֆրանսերէն երգեր։
    Շապիկի դարձերեսին կայ Կ. Յովհաննէսեանի (Կարապետ Յովհաննէսեան՝ Սօս-Վանի) սրտի խօսքը` «Երգին դրուատիքը» խորագրով։
    Կազմողը իր «Երկու խօսք»ին մէջ ըսած է, որ «Հայ ժողովուրդը երկա՜ր տարիներէ ի վեր, բազմազան իրաւունքներու հետ, զրկուած էր նաեւ իր ցեղին ու հայրենիքին հմայքը պարունակող երգերը երգելու բնական ազատութենէն, երգեր՝ որոնք առհասարակ կոչուած էին առհասարակ սպեղանին ըլլալ այդ միեւնոյն լքուած եւ վայրավատին հայութեան կոտտացող վէրքերուն։
    Եւ սակայն, ազգային, կուսակցական եւ ուրիշ հին ու նոր երգերու արձագանգը նորահասներու ականջներուն հասցնելու համար հարկ անհրաժեշտ էր զանոնք պարունակող տպուած երգարանը»։ Այս բոլորին համար է, որ Մխճեան հաւաքած ու հրատարակած է 310 երգեր պարունակող այս ճոխ երգարանը։
  • 7) «Տարերք երկրաչափութեան», հեղինակ` Յարութիւն Գ. Աթանասեան։ Անաւարտ տպագրութիւն, «Կիսով տպուած Ատաբազար եւ պատերազմին փճացած…» [47]։ Տպուած է Ատաբազար, տպարան «Ատրուշան» Յարութիւն Գ. Աթանասեանի, հաւանաբար 1914-1915-ին։
    Գիրքի հեղինակը՝ Յարութիւն Գ. Աթանասեան, վերեւ յիշուած իր «Տարերք թուաբանութեան» գիրքի յառաջաբանին մէջ ըսած է, թէ գիրքը մէկ մասն է շարքի մը, «որ կը բաղկանայ 7 կտորէ»։ Ան տուած է ցանկը հրատարակելի այդ հատորներուն, ուր յիշուած է «Երկրաչափութիւն» վերնագրով գործ մը (էջ 3), որ ակնյայտօրէն այս գիրքը պէտք է ըլլայ [48]։
    Այս գիրքի մասին մեր միակ վկայութիւնը վերցուցած ենք գիրքի հեղինակ-տպագրիչ՝ Աթանասեանի Ռումանիոյ մէջ տարիներու գործակից Հ. Մկրտիչ վրդ. Պոտուրեանի հրատարակած կենսագրական բնոյթի բառարանէն, որուն աշխատակիցներէն մէկն էր նաեւ Աթանասեան, եւ շատ հաւանական է, որ իր կենսագրութեան նուիրուած բառայօդուածի հեղինակը եւս ինք ըլլայ։ Հոն, այս գիրքին մասին ըսուած է. «… [Յարութիւն Գ. Աթանասեան] Իր հեղինակութիւններն են… Տարերք երկրաչափութեան, կիսով տպուած Ատաբազար եւ պատերազմին փճցած…» [49]։
    Գիրքը հայ տպագիր գիրքերու մատենագիտական ցուցակներուն մէջ չէ յիշատակուած։

Մելքոն Յովսէփեան

Ծնած է Պարտիզակ, ուր ուսուցչութիւն ըրած է երկար տարիներ։ 1900-էն աշխատակցած է հայ մամուլին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, գրական եւ քննադատական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ ընկերային նիւթերու շուրջ տեսութիւններ [50]։ Յուսահատութեան պահու մը անձնասպան եղած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, Մեսքենէի մէջ, ինքզինք Եփրատ գետը նետելով։ Դաշնակցական էր։ 1915-ին 28 տարեկան [51] էր։

Ստեփան Յ. Փափազեան

Բնիկ ակնցի բանաստեղծ ե կրթական գործիչ։ 1892-ին կը գտնուէր Գատը Գիւղ, Պոլիս, իսկ 1904-ին եւ 1914-ին՝ Ատաբազար, ուր ուսուցչական պաշտօն վարած է Ս. Ստեփանոս թաղի վարժարանին մէջ [52]։ Հեղինակած է «Գրական շիթեր. Բանաստեղծութիւնք արձակ եւ ոտանաւոր 1884-1892» անուն գիրքը (Կ. Պոլիս, 1892, Զ., 94 էջ)։

Գրիգոր Մխճեան (ապա՝ Տէր Յակոբ քհնյ. Մխճեան)

Ծնած է 15 Յուլիս 1889-ին, Ատաբազար, ուր ստացած է նախակրթութիւնը Արամեան վարժարանին մէջ, իսկ 1906-ին՝ մտած է Արմաշի դպրեվանք, ուր ուսանած է երեք տարի, ապա վերադարձած է ծննդավայր եւ պարապած է ուսուցչութեամբ, դառնալով Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դպրապետն ու դպրոցի ուսուցիչը։ Առաջին աշխարհամարտին չորս տարի ծառայած է օսմանեան բանակին եւ պատուանշան ստացած։ Եղած է հմուտ երաժիշտ։ 1919-ին ընտրուած է Կ. Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երաժշտապետ։ 1923-ին գաղթած է Մարսէյլ։ 1929-ին ձեռնադրուած է քահանայ եւ չորս տարի ետք մեկնած է Ուստր, ուր քահանայագործած է երկար տարիներ եւ հոն ալ վախճանած՝ 26 Ապրիլ 1956-ին [53]։ Արտասահմանի մէջ եւս հրատարակած է երաժշտական քանի մը գործ։

2) Տպարան Ս. Ալթունեան

Ատաբազարի երկրորդ տպարանն է։ Հիմնուած է 1914-ին [54]։ Իր գործունէութեան մասին որեւէ ծանօթութիւն չունինք։ Արդէն հիմնադրութեան թուականն ալ կը յուշէ, որ որեւէ լուրջ արտադրանք չէր կրնար ունեցած ըլլալ։

3) Անծանօթ տպարանով Ատաբազար տպուած գիրք մը

«Երգեցողութիւնք Սուրբ պատարագի», հեղինակ` Տէր Յակոբ քահանայ Մխճեան։ Որպէս «Հրատարակողին միւս գործը», յիշատակուած է Մխճեանի «Հայ ժողովուրդին նոր երգարանը» գիրքի (տպուած` Ատաբազար, 1914-ին) վերջին շապիկին վրայ, այսպէս. «Ընդարձակ երգեցողութիւնք Ս. Պատարագի եւ առձեռն շարական Կիւրակէից, Մեծ Պահոց եւ տօնական... ի պէտս հայ եկեղեցասիրաց...» (մեր տեսած միակ օրինակը մաշած ըլլալուն՝ ընթերցումը դժուարընթեռնելի էր)։

Տպուած է Ատաբազար, 1908-ին [55]։ Տպագրութեան համար յիշուած 1908 թուականը սակայն ճիշդ չի թուիր մեզի, որովհետեւ գիտենք, որ այդ թուականին Ատաբազարի մէջ տպարաններ չկային, իսկ գիրքի հեղինակը ուսման նպատակով 1906-ին մտած էր Արմաշի Դպրեվանք եւ հոն երեք տարի ուսանելէ ետք է միայն, որ վերադարձած էր ծննդավայր, այնպէս որ, «Երգեցողութիւնք Սուրբ պատարագի» հատորը տպուած պէտք է ըլլայ 1911-1914 թուականներուն։

Գիրքը հայ տպագիր գիրքի մատենագիտական ցուցակներուն մէջ չէ յիշատակուած։

||||| ԱՏԱԲԱԶԱՐ ՏՊՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԵՐԹԵՐ |||||

1) «Լապտեր»

Ատաբազար։ Թռուցիկ թերթ։

Այս թերթին մասին մեր միակ տեղեկութիւնը կու գայ Նիկոմիդիոյ «Բիւթանիա» տասնօրեայ թերթէն, որ 1 Յուլիս 1910-ի իր թիւով արտատպած է «Լապտեր»ի 13 օգոստոս 1909-ի թիւին մէջ տպագրուած «Տէյիրմէնի խնդիրը. Հի՜ն ցաւ» խորագրով անստորագիր յօդուածը եւ անոր կցած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «1909 Օգոս. 13 թուակիր «Լապտեր» մակագրուած թռուցիկ թերթէ մը (Ատաբազար հրատարակուած) կ’արտատպենք հետեւեալ յօդուածը, որ կրնայ տակաւին այժմէութիւն ունենալ...» [56]։

«Լապտեր»ը հայ պարբերական մամուլի մատենագիտական ցանկերուն մէջ չէ յիշատակուած։

2) «Երկիր»

Հասարակական, գրական, տնտեսական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսնել սկսած է 26 Յունիս 1910-ին։ Խմբագրուած է Ատաբազար եւ տպուած` Կ. Պոլիս։ 1911-ին Ատաբազարէն տեղափոխուած է Կ. Պոլիս։ Լոյս տեսած է ընդամենը 77 թիւ. 1910-ին` 20 իսկ 1911-ին` 57 թիւ։ Կ. Պոլսոյ մէջ տպուած է  Նշան-Պապիկեան տպարանին մէջ։ Նախ եղած է շաբաթաթերթ, ապա վերածուած է եռօրեայի [57]։

Եղած է գաւառական օրկան Ատաբազարի Հնչակեան մասնաճիւղի։ Ըստ հնչակեան գործիչ Հմայեակ Արամեանցի՝ թերթը Հնչակեան կուսակցութեան անպաշտօն օրկանն էր [58]։

Խմբագրութիւնը վարած են՝ Ասօ (Տիգրան Օտեան) եւ Անդրանիկ Կէնճեան։ Մատենագէտներ՝ Յովհաննէս Պետրոսեան եւ Մանուէլ Բաբլոյեան, որպէս թերթի խմբագիր՝ յիշած են նաեւ անունը Բանուորի (Երուանդ Թօփուզեան)։

Արտօնատէրը եղած է Մարկոս Հ. Թէրզեան։ Իւրաքանչիւր թիւ ունեցած է 4-8 էջ, չափերը` 60x48 սմ., ապա՝ 41x28,5 սմ.։

Հրատարակած է կուսակցական տեսական հարցեր, թղթակցութիւններ, լուրեր, գրական գործեր, տեսական բնոյթի յօդուածներ եւ այլն։

Յիշենք երկու վերնագիր թերթի յօդուածներէն.

  • Մշակ, «Բանուորական կեանք», Բ. տարի, թիւ 2, 8 Մայիս 1911, էջ 1)։
  • «Կանոնագիր Գործակցական ընկերութեան», Բ. տարի, թիւ 2, 8 Մայիս 1911, էջ 3։

Թերթը աշխատակիցներ ունեցած է ոչ միայն Ատաբազարէն, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն (Սիրվարդ) եւ Իզմիթ/Նիկոմիդիայէն (Էլիես, Բողոքունի)։

Ասօ (Տիգրան Օտեան)

Ծնած է 1880-ին, Վան-Այգեստանի Յայնկոյսներ թաղամասը, ուրկէ ստացած իր նախակրթութիւնը։ Չդիմանալով թրքական հալածանքներուն` անցած է Ատրպատական եւ 1896-1906 ուսուցչական պաշտօն վարած է անդ, ապա մտած է Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը։ Երկիցս բանտարկուած է Թիֆլիս եւ Վան։ 1907-ին մեկնած է Բագու, Թիֆլիս, իսկ 1908-ին՝ Կ. Պոլիս։ Զանազան ծածկանուններով աշխատակցած է հնչակեան եւ այլ թերթերու։ Հրատարակած է քանի մը հատոր, ինչպէս՝ «Կարմիր օրեր» (Նիւ Եորք, 1907), «Վահէ» (Կ. Պոլիս, 1910), «Դիւցազնուհի» (Կ. Պոլիս, 1910), եւ այլն։ Սպաննուած է Վանի կուսակալ Ճեւտէթի հրահանգով՝ 17 Ապրիլ 1915-ին (ըստ այլ աղբիւրի՝ 8 Ապրիլին), Վանի բանտին մէջ [59]։

Անդրանիկ Կէնճեան

Ծնած է Ատաբազար 16/28 Դեկտեմբեր 1873-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի թաղային վարժարաններուն մէջ։ Ատաբազարի մէջ վարած է ազգային զանազան պաշտօններ։ Եղած է անդամ Թաղական խորհուրդի։ 1915-ին ձերբակալուած է ու խոշտանգուած։ Կարճատեւ բանտարկութենէ մը ետք՝ աքսորուած է Գոնիա, ապա՝ Սուլթանիէ, Գարաման, որմէ ետք Պոլսոյ մէջ հանուած է Պատերազմական ատեանի առաջ եւ ղրկուած՝ Տէր Զօր, ուրկէ փախչելով՝ յաջողած է անցնիլ Դամասկոս, որտեղ մնացած է մինչեւ զինադադար։ 1919-ին մեկնած է Ատանա։ Կիլիկիոյ պարպումով ապաստանած է Պէյրութ, իսկ 1926-ին՝ Ֆրանսա, ուր եւ մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1957-ին։ Եղած է Հնչակեան կուսակցութեան անդամ։ Ինքնագիր եւ թարգմանական յօդուածներով աշխատակցած է պոլսական եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու։ Հրատարակած է քանի մը գիրք [60], ընդ որում՝ յուշերը «Հալածականի յուշեր 1914-1918» խորագրով (Պէյրութ, մատենաշար «Արարատ»ի, 1964, 204 էջ)։

Երուանդ Թօփուզեան-Բանուոր

Ծնած է 1895-ին, Պարտիզակ, ուր ստացած է կրթութիւնը։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է ծննդավայրին եւ Ատաբազարի ու Կէյվէի գիւղերուն մէջ։ «Բանուոր» ծածկանունով աշխատակցած է զանազան թերթերու։ Մէկն է հնչակեան քսան կախաղաններէն [61]։

Մարկոս Հ. Թէրզեան

1895-1900 պաշտօնավարած է Ատաբազարի Ս. Կարապետ թաղի Ազգային վարժարանին մէջ որպէս կրօնի, պատմութեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ [62]։ Իր նախաձեռնութեամբ՝ 1910-ին Ատաբազարի մէջ հիմնուած է «Արեւելեան երկրագործական միութիւն»ը, նպատակ ունենալով շրջանին մէջ զարգացնել այգեգործութիւնը, անասնաբուծութիւնը, ձկնաբուծութիւնը, մեղուաբուծութիւնն ու շերամաբուծութիւնը։ Քաջալերած է բնակիչները հողեր գնելու, մշակելու եւ ապա վարձակալութեան տալով՝ զանոնք շահոյթով վաճառելու [63]։ Անդամ էր 1908-ին հիմնուած «Հայ ընթերցասիրաց ընկերութիւն»ին [64]։ Աշխատակցած է պոլսական մամուլին եւ Ատաբազարի «Բիւթանիա»ին։ Անդամ էր Հնչակեան կուսակցութեան։

3) «Բիւթանիա»

Ազգային, գրական, քաղաքական, լրատուական, բանասիրական եւ տնտեսական գաւառաթերթ։ 

Լոյս տեսնել սկսած է 1 Յունուար 1910-ին, Իզմիթ/Նիկոմիդիոյ մէջ, բայց տպուած է Պոլիս՝ Յակոբ Սարգիսեանի խմբագրութեամբ, որ աւելի ետք ծախած է զայն ատաբազարցի դաշնակցական «տղոց» եւ երկրորդ տարուան 13-րդ թիւէն (20 Մայիս 1911) ետք տեղափոխուած է Ատաբազար։

Ատաբազար տեղափոխուելէ ետք, նախ խմբագրուած է այնտեղ ու տպուած՝ Կ. Պոլիս, տպարան Օ. Արզուման, իսկ Բ. տարուան 22-րդ թիւէն (20 Հոկտեմբեր 1911) ետք՝ տպագրուած է Ատաբազարի «Ատրուշան» տպարանին մէջ։

Նիկոմիդիոյ մէջ տպուած շրջանին եղած է տասնօրեայ թերթ, իսկ Ատաբազար տեղափոխուելէ ետք` շաբաթաթերթ։‎

Հրատարակուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատաբազարի մարմնին կողմէ։ Հիմնադիրը եղած է Յակոբ Ղ. Սարգիսեան, արտօնատէրերը` Գրիգոր Գայեան եւ Սիմոն Ղ. Սարգիսեան։

Թերթի ուղղութիւնը, ըստ անոր «Նախաձեռնող անդամներուն» կողմէ ճշդուած սկզբունքներուն՝ «Պիտի ըլլայ գաւառիս եւ շրջականերու անկողմնակալ, ճշմարիտն ու օգտակարը հետապնդող թերթը» եւ «Պիտի քաջալերէ իր շրջանի կրթական եւ մշակոյթի բոլոր ձեռնարկները» եւ այլն [65]։

Նախ ունեցած է 8 էջ. շաբաթաթերթի վերածուելէ ետք՝ 4 էջ, իսկ քիչ պարագաներու՝ 6 էջ. չափերը` 24x32 սմ, ապա՝ 25x37 սմ. [66]։

Թերթի նիւթերուն մէջ կարեւոր տոկոս կը կազմեն տեղական լուրերը. կրթական կեանք, միութիւններ, թատերական ներկայացումներ, հանդէսներ, ազգային մարմիններու գործունէութիւն, թղթակցութիւններ՝ շրջակայ գիւղերէն, կուսակցական քարոզչութիւն, բանաստեղծութիւններ, այլ թերթերէ քաղուածքներ, գովազդներ եւ այլն։

Թերթը ունեցած է քանի մը հարիւր բաժանորդ [67]։

Տանք քանի մը վերնագիր իր յօդուածներէն.

  • Սարգիս Պօղոսեան, «Ո՞վ պիտի պաշպտանէ կնոջ իրաւունքը», (Բ.տարի, թիւ 16, 21 Յունիս 1911, էջ 450-451)։
  • «Կանոնագիր Ատաբազարի Ուսուցչական միութեան» (Բ. տարի, թիւ 16, 21 Յունիս 1911, էջ 453-454)։ Շարունակելի։
  • «Կնոջ ազատագրումը», Մարիամ Մ. Էնիեան-Ատաբազար (Բ. տարի, թիւ 18-19, 21 Յուլիս 1911, էջ 466-467)։
  • «Գաւառին վիճակագրութիւնը», (Գ., թիւ 1, 5 Յունուար 1912, էջ 538-539)։
  • «Կարեւոր գիւտ մը. Ատա Բազարի հայոց եւ շրջակայից գաղթականութեանց ծագումը մագաղաթեայ ձեռագիրէ քաղուած», Սերովբէ Ք. Պուռմաեան (Գ., թիւ 1, 5 Յունուար 1912, էջ 539)։

Աշխատակիցները մեծ մասամբ Բիւթանիոյ շրջանի մտաւորականներն էին, Ատաբազարէն՝ Գէորգ Մեսրոպ, Զարեհ Պլպուլ, Յ. Մ. Պառաւեան, Աշոտ Յ. Պազպազեան, Սէ-Էս, Էս-Սէ (Ստեփան Ստեփանեան), Սէ-Մէն, Սերովբէ քհնյ. Պուրմայեան, Ներսէս Չաքրեան, Պարտիզակէն՝ Գեղամ (Գուշակեա՞ն), Արմաշէն՝ Դարբին, Սիվրիհիսարէն՝ Արտէմ-Շահնուր եւ այլք։

Ատաբազարի մէջ լոյս տեսած է 1911-ին` թիւ 13-32, ընդամենը 536 էջ, իսկ 1912-ին` թիւ 1-10 (կամ՝ աւելի)։

Թերթը ունեցած է իր խնամակալ մարմինը՝ «Բիւթանիայի հրատարակչական ընկերութիւն» անունով, որ հիմնուած է 1911-ին, նպատակ ունենալով զբաղիլ թերթի հրատարակչական հարցերով՝ «նախաձեռնողներուն» կողմէ գծուած ընդհանուր ուղղութեան մը համեմատ։

Ընկերութիւնը ունեցած է 12 յօդուածէ բաղկացած Կանոնագիր մը, տպուած՝ թերթին մէջ, ըստ որուն, ան պիտի ղեկավարուէր եօթը հոգինոց խմբագրական եւ հինգ հոգինոց վարչական զոյգ մարմիններու կողմէ։ Անոր հետ փոխանակուած գիրքերն ու թերթերը պիտի յանձնուէին Դաշնակցութեան տեղւոյն ակումբին, իսկ Ընկերութիւնը լուծուելու պարագային, թերթի գոյքն ու դրամագլուխը պիտի փոխանցուէին նոյն ակումբին [68]։

Օգոստոս 1912-ին, երբ կառավարութեան հրահանգով Դաշնակցութեան Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթը դադրեցուած է լոյս տեսնելէ, նոյն ինքն՝ «Ազատամարտ»ը տպուած է «Բիւթանիա» անունով, մինչեւ որ կարելի եղած է վերստանալ «Ազատամարտ»ի վերահրատարակութեան արտօնագիրը [69]։

Յիշենք, որ «Բիւթանիա» թերթի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ Մայիս 1911-ին հիմնուած է «Ուսուցչական միութիւն» մը [70]։

Յակոբ Ղ. Սարգիսեան

Բնիկ նիկոմիդիացի։ Ուսումը ստացած է Արմաշի Դպրեվանքին մէջ, ապա անցած է Կ. Պոլիս, ուր ծանօթացած է տպագրական աշխատանքին։ 1915-ին աքսորուած է Նիկոմիդիա, Գոնիա եւ Աֆ‎իոն Գարահիսար, ուր իսլամացած է՝ Մեհմէտ Շեւգը անունով։ Զինադադարին վերադարձած է Պոլիս եւ բանեցուցած իր «Կլիկիա» գրատունը [71]։

Գրիգոր Գայեան (Ամասիալը)

Բնիկ ամասիացի, որուն համար ալ ճանչցուած է Ամասիալը՝ Ամասիացի անունով։ Ծնած է 1857-ին։ Եղած է պանդոկապետ Ատաբազարի մէջ։ Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան եւ աւելի վերջ՝ Դաշնակցութեան։ Ունեցած է երեսուն տարուայ կուսակցական ծառայութիւն։ Եղած է Ատաբազարի շրջանի ինքնապաշտպանական գործերու ղեկավար։ Ունեցած է ուժանակ պատրաստելու ունակութիւն։ Յուլիս 1915-ին ձերբակալուած է Ատաբազարի մէջ եւ ենթարկուած՝ ահաւոր տանջանքներու, սակայն մնացած է անդրդուելի եւ որեւէ խոստովանութիւն չէ ըրած [72]։ Երկու այլ ընկերներու հետ ղրկուած է Պոլիս եւ կախաղան բարձրացուած՝ 13 Մարտ 1916-ին [73]։

4) «Պայքար»

Խմորատիպ պարբերաթերթ։ Հրատարակութիւն Ատաբազարի Ազգային կեդրոնական վարժարանի [74] Ուսանողական միութեան։ Դաւիթ Փափազեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան զայն համարած են դաշնակցական թերթ [75], թերեւս անոր համար, որ խմբագրապետը եղած է դաշնակցական։

Խմբագրապետ` Սօս-Վանի (Կարապետ Յովհաննէսեան)։

Ըստ մատենագէտներ Դաւիթ Փափազեանի եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, լոյս տեսնել սկսած է 1909-ին, իսկ ըստ Մանուէլ Բաբլոյեանի՝ 1913-ին [76]։ Խմբագիր Սօս-Վանի՝ Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ եղած է 1913-ին, այնպէս որ թերթը լոյս տեսած պիտի ըլլայ 1913-ին, կամ անկէ քանի մը տարի առաջ։ Եղած է փոքրածաւալ հրատարակութիւն մը [77]։

Թերթը գրուած (ընդօրինակուած) եւ տպուած է վարժարանի ուսանողներէն Յակոբ Նազարէթեանի տան մէջ [78]։

5) «Ալեակ»

Ատաբազար, 1911-1912, հրատարակութիւն Ատաբազարի Հայուհեաց բարձրագոյն վարժարանի [79] «1912ի կարգին» (շրջանաւարտներուն) [80]։

Թերթի շապիկին եւ տիտղոսաթերթին մնայուն տուեալները՝ անունը, հրատարակիչին անունը, տարին եւ թիւը տպագիր են, իսկ յօդուածները՝ ընդօրինակուած են ձեռագիր, որմէ պիտի ենթադրել, որ «Ալեակ»ը ձեռագիր ըլլալով հանդերձ, հրապարակուած է բազմաթիւ օրինակներով։

Եղած է աշակերտական, գրական, լրատուական ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1911-ին, ու թերեւս նաեւ 1912-ին, 24 էջ, չափերը` 20x28 սմ.։

Բովանդակութիւնը` բանաստեղծութիւններ, երգիծական գրութիւններ, դպրոցական եւ գիտական նիւթեր, լուրեր եւ այլն։

Տանք յօդուածներէն քանի մը օրինակ.

  • Անդրոմէտ, «Ի՞նչ ընելու ենք», Ա. տարի, թիւ 3, էջ 1-4։
  • Զարեհ Պլպուլ, «Գիշերը», նոյն, էջ 4-5։ Չափածոյ։
  • Լիրէդ, «Կենդանաբանական աշխարհէն հետաքրքրաշարժ իրողութիւններ», նոյն, էջ 17-20։

Աշխատակիցները եղած են վարժարանի հին ու նոր աշակերտուհիներն ու վարիչները։

Լոյս տեսած է առնուազն երեք թիւ։

6) Դպրոցական անանուն թերթեր

Ատաբազարի Ազգային Կեդրոնական վարժարանի 1914-ի շրջանաւարտներէն Վարազդատ Քիւփճեան, վերյիշելով իր դպրոցական կեանքը գրած է, թէ «...Յաճախ խումբեր կը կազմէինք ու ձեռագիր լրագիր կը «հրատարակէինք», երբեմն մէկզմէկու ընդդիմադիր (Օ՜, պատանեկութեան անմեղ օրեր)» [81]։

Քիւփճեան այլ մանրամասնութիւններ չէ տուած թերթերուն մասին։ Այլ աղբիւրներ ալ ծանօթ չեն մեզի։

Վարազդատ Քիւփճեան

1914-ին շրջանաւարտ եղած է Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանէն [82]։ Ապրած է Սելանիկ (Յունաստան), ուր ունեցած է ազգային գործունէութիւն։ 1958-ին մասնակցած է Յունահայոց թեմական պատգամաւորական ժողովին [83], իսկ 1970-ին` Հայ գթութեան խաչի պատգամաւորական ժողովին [84]։ Ողջ էր 1979-ին ու կ’ապրէր Սելանիկ։ Պատահական աշխատակցութիւն ունեցած է սփիւռքահայ մամուլին։

  • [1] Յ. Գ. Աթանասեան, «Ատապազար», Հայ մամուլ անկախ շաբաթաթերթ, Պուքրէշ, Ա. տարի, թիւ 17, 10 Մարտ 1935, էջ 3։
  • [2] Մինաս Գ. Գասապեան (Ֆարհատ), Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ, Պարտիզակ- Կ. Պոլիս, 1913, էջ 243։
  • [3] Նոյն, էջ 25, 40։
  • [4] Հայաստանի ազգային արխիւ (յետ այսու՝ ՀԱԱ), ֆոնտ 1388, ցուցակ 1, գործ 111, թերթ 1-2։
  • [5] ՀԱԱ, ֆ. 1388, ց. 1, գ. 111, թ. 3-4։
  • [6] Գասապեան, Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ, էջ 259, 261-263։
  • [7] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 238-250, 257-262։
  • [8] Նոյն, էջ 725։
  • [9] Նոյն, էջ 456-457։
  • [10] «Ազատամարտ», Կ. Պոլիս, Ա. տարի, թիւ 148, 2/15 դեկտեմբեր 1909, էջ 3։ Նաեւ` «Փարոս», Պարտիզակ, տպուած Կ. Պոլիս, Ա., թիւ 1, Փետր. 1910, էջ 16։
  • [11] «Ազատամարտ», Կ. Պոլիս, Գ. տարի, թիւ 481, 4/17 Յունուար 1911, էջ 3։
  • [12] «Ազատամարտ», Կ. Պոլիս, Գ. տարի, թիւ 547, 25 Մարտ/7 Ապրիլ 1911, էջ 3։
  • [13] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 413։
  • [14] Նոյն, էջ 257-258։
  • [15] Բիւթանիա, Իզմիտ, Բ., թիւ 9, 1 Ապրիլ 1911, էջ 396։
  • [16] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Կ. Պոլիս, հրատարակութիւն եւ տպագրութիւն Վ. եւ Հ. Տէր Ներսէսեան, 1912, էջ 145, թիւ 217։ Արշակ Ալպոյաճեան, «Հայերը եւ տպագրութիւնը», Հայրենիք ամսագիր, Ժ. տարի, թիւ 9 (117), Յուլիս 1932, էջ 88։
  • [17] Ա. Պ. [Արտաշէս Պիպէրեան], ««Ատրուշան» տպարանական ընկերութիւն», տե՛ս Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 258։
  • [18] Նոյն։
  • [19] Նոյն։
  • [20] «Բիւթանիա», Ատաբազար, Գ. տարի, թիւ 9, 10 Մարտ 1912, էջ 563։
  • [21] Նոյն։
  • [22] Ա. Պ. [Արտաշէս Պիպէրեան], ««Ատրուշան» տպարանական ընկերութիւն», տե՛ս Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 258-259։ Նաեւ` Բիւթանիա, Ատաբազար, Գ. տարի, թիւ 9, 10 Մարտ 1912, էջ 563։
  • [23] Ա. Պ. [Արտաշէս Պիպէրեան], ««Ատրուշան» տպարանական ընկերութիւն», տե՛ս Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 257-259։
  • [24] Նոյն, էջ 259։
  • [25] Յարութիւն Գ. Աթանասեան, Ատաբազարէն Տէր Զօր, ՀԱԱ, ֆոնտ 1388, ցուցակ 1, գործ 74, էջ 14։
  • [26] Ցանկը կազմած ենք՝ հիմնուելով առաւելաբար հետեւեալ երկու հատորներուն վրայ. Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Կ. Պոլիս, 1912, 192, 1 չհ. (չհամարակալուած), Ը. էջ եւ Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, կազմողներ՝ Օ. Գյուլումյան, Ա. Ադամյան, Ս. Թադեւոսյան, Ա. Սավալյան, Մ. Սողոմոնյան, Ա. Սահակյան, Երեւան, 2007, XII, 820 էջ, ինչպէս նաեւ բուն գիրքերէն մեր տեսած օրինակներուն վրայ։
  • [27] «Յարութիւն Գ. Աթանասեան», Գաղութահայ տարեգիրք, Պուքրէշ, Բ. տարի, 1940, էջ 141 (հաւանաբար Աթանասեանի ինքնակենսագրականն է), Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 692-693։
  • [28] «Կեդր. Վարժարան հայոց, Ատաբազար», Ժամանակ ժողովրդական օրաթերթ, Կ. Պոլիս, Զ. տարի, թիւ 1542, 9/22 Օգոստոս 1913, էջ 4, Գաղութահայ տարեգիրք, Պուքրէշ, էջ 141, Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 206, 692-693։
  • [29] Յարութիւն Գ. Աթանասեան, Ատաբազարէն Տէր Զօր, ՀԱԱ, ֆոնտ 1388, ցուցակ 1, գործ 74, էջ 14։
  • [30] Յարութիւն Գ. Աթանասեան, Ատաբազարէն Տէր Զօր, ՀԱԱ, ֆոնտ 1388, ցուցակ 1, գործ 74 եւ 82, յաջորդաբար 54 եւ 97 թերթ։
  • [31] Յակոբ Սիրունի, «Ինքնակենսագրական նօթեր», հրատարակութեան պատրաստեց՝ Հենրիկ Բախչինեան, հրատարակութիւն Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, Երեւան, Սարգիս Խաչենց հրատարակչութիւն, 2006, էջ 271-275։
  • [32] Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն տարեգիրքը, Պէյրութ, 7-րդ տարի, 1960, էջ 622-623։
  • [33] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, էջ 145, թիւ 17։
  • [34] Նոյն, նաեւ` Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 331, թիւ 3948։
  • [35] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ , էջ 145, թիւ 217։
  • [36] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, էջ 145, թիւ 217։ Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 415, թիւ 4954։
  • [37] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, էջ 145, թիւ 217։ Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 410, թիւ 4894։
  • [38] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 291-292, 296, 708։
  • [39] Վիթոշ-Արարատ Պուլկարահայ տարեգիրք, Ա. տարի, Փլովտիվ, 1935, էջ 80։ Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 312։
  • [40] Շ. Մարգար, «Սօս-Վանի», Վարագ, Պէյրութ, ԺԳ. տարի, թիւ 55, Հոկտեմբեր 1966, էջ 17-19։ Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 304-305, 708-710։ Երուանդ Տէր Մկրտիչեան, Գանձեր Վասպուրականի, Ա. հատոր, Պոսթոն, տպարան «Պայքար»ի, 1966, էջ 582-583։
  • [41] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, էջ 145, թիւ 217, Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 625, թիւ 7529։
  • [42] Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 454, թիւ 5445։
  • [43] Մեղու Գաւառիձայն շաբաթաթերթ, Պարտիզակ, Նոր շրջան, Բ. տարի, թիւ 19-71, 12 Մայիս 1912, էջ 4, Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 455, թիւ 5454։
  • [44] Մեղու Գաւառի ձայն շաբաթաթերթ, Պարտիզակ, Նոր շրջան, Բ. տարի, թիւ 41-93, 20 Հոկտեմբեր 1913, էջ 3։ Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 455, թիւ 5455։
  • [45] Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 509, թիւ 6128։
  • [46] Էջմիածին ամսագիր, ԼԹ. տարի, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1982, էջ 69, Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին, էջ 496, թիւ 5958։ 
  • [47] «Հայ հանրագիտակ», խմբագրեց՝ Հ. Մկրտիչ վարդ. Պոտուրեան, Ա. գիրք, թիւ 1, Պուքրէշ, 1938, էջ 48։
  • [48] Յարութիւն Գ. Աթանասեան, Տարերք թուաբանութեան, Ատաբազար, առանց թուականի, հաւանաբար 1911-1912, տպարան «Ատրուշան» Յ. Գ. Աթանասեանի, էջ 3։
  • [49] Հ. Մկրտիչ վարդ. Պոտուրեան, «Հայ հանրագիտակ», էջ 48։
  • [50] Տէր-Յակոբեան Յակոբ, «Պարտիզակը խատուտիկ. Յաւելուածաբար՝ Մանուշակ եւ իր հէքեաթները», Փարիզ, տպարան Տէր Յակոբեան, 1960, էջ 115-116։
  • [51] Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի, հաւաքեց ու խմբագրեց Թէոդիկ, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Օ. Արզուման, 1919, էջ 79։
  • [52] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 234։
  • [53] Նոյն, էջ 154-155 (ինքնակենսագրութիւն), 478։ «Էջմիածին» ամսագիր, ԼԹ. տարի, Նոյամբեր-Դեկտեմբեր 1982, էջ 69-70։
  • [54] Արշակ Ալպոյաճեան, «Հայերը եւ տպագրութիւնը», էջ 88։
  • [55] Իր ինքնակենսագրականէն, տես՝ «Էջմիածին» ամսագիր, ԼԹ. տարի, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1982, էջ 69։
  • [56] Բիւթանիա տասնօրեայ թերթ, Իզմիտ, Ա. տարի, թիւ 19, 1 Յուլիս 1910, էջ 224։
  • [57] Մ. Ա. Բաբլոյան, Հայ Պարբերական Մամուլը. Մատենագիտական Համահավաք Ցուցակ (1794-1980), Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1986, էջ 82, թիւ 587, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր, էջ 512, Հովհ. Պետրոսյան, Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա, հատոր 2 (1900-1954), Երեւան, 1957, էջ 175։
  • [58] Հմայեակ Արամեանց, Վերածնունդի երկունքը, հաւանաբար Կ. Պոլիս, հաւանաբար 1918, էջ 34։
  • [59] Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի, էջ 54-55։ Երուանդ Տէր Մկրտիչեան, Գանձեր Վասպուրականի, Ա. հատոր, Պոսթոն, տպարան «Պայքար»ի, 1966, էջ 543։ Թիւրքահայ Աղէտը, Տեղեկագիր Մաղաքիա արք. Օրմանեանի, հրատարակեց` Հայկ Աճէմեան, Ս. Էջմիածին, 1919, էջ 34-35։
  • [60] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 686-688։ «Անդրանիկ Կէնճեան. Կենսագրական նօթեր», տես՝ Հնչակեան տարեգիրք (Ամերիկայի շրջանի), Բ. տարի, Նիւ Եորք, տպարան «Երիտասարդ Հայաստան»ի, 1932, էջ 240-242։
  • [61] Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի, էջ 33։
  • [62] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 234։
  • [63] Անահիտ Աստոյան, «Իզմիթի (Նիկոմիդիա) գավառի հայ բնակչությունը եւ նրա սոցիալ-տնտեսական վիճակը XIX դարավերջին  XX դարասկզբին», հետեւեալ հատորին մէջ՝ «Հայոց ցեղասպանության մշակութային և նյութական հետեվանքների հաղթահարման մեթոդաբանությունն ու գործիքակազմը», ՀՀ ԳԱԱ, Պատմութեան ինստիտուտ, Երեւան, 2021, էջ 190։
  • [64] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 245։
  • [65] ««Բիւթանիա»ի ուղղութիւնը», Բիւթանիա, Ատաբազար, Բ. տարի թիւ 18-19, 21 Յուլիս 1911, էջ 469։
  • [66] Մինաս Գ. Գասապեան, Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ, էջ 284, Մ. Ա. Բաբլոյան, Հայ Պարբերական Մամուլը, էջ 81, թիւ 580, Հովհ. Պետրոսյան, Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա, հատոր 2, էջ 174։
  • [67] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 257։
  • [68] «Կանոնագիր Բիւթանիայի հրատարակչական ընկերութեան», Բիւթանիա, Ատաբազար, Բ. տարի, թիւ 14, 1 Յունիս 1911, էջ 438-439։
  • [69] Թէոդիկ, Տիպ ու տառ, Պոլիս, 1912, էջ 145, թիւ 217։ Նաեւ` Յ. Ճ. Սիրունի, ««Ազատամարտ»ի սերունդը», տես՝ Հայրենիք ամսագիր, Պոսթոն, Բ. տարի, թիւ 12, Հոկտեմբեր 1924, էջ 118։
  • [70] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 248։ Բիւթանիա թերթին մասին աւելի մանրամասն տե՛ս Մարիամ Յովսէփեան, «Նիկոմիդիայի «Բիւթանիա» շաբաթաթերթը (1910-1912 թթ.)», Հանդէս ամսօրեայ, Վիեննա-Երեւան, ՃԻԷ. Տարի, Յունուար-Դեկտեմբեր 2013, էջ 465-498։
  • [71] Թէոդիկ, Ապրիլ Տասնըմէկ 1915, տես՝ իր Ամէնուն տարեցոյցը, Ժ.-ԺԴ. տարի, Պոլիս, 1916-1920, Պոլիս, էջ 115, նաեւ՝ Թէոդիկ, Ազգը չէ մեռած եւ անհնար է որ մեռնի... - Բանտի եւ աքսորի տարիներ, Անթիլիաս, 1985, էջ 87։
  • [72] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 691, Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի, էջ 52։
  • [73] Թէոդիկ, «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին», խմբագրեց՝ Արայ Գալայճեան, St. Vartan Press հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք, 1985, էջ 367-368։
  • [74] Ատաբազարի Ազգային Կեդրոնական վարժարանը եղած է հնգամեայ երկրորդական վարժարան։ Գործել սկսած է 1909 թ.էն։ Անոր կառուցման մէջ մեծ եղած է թեմի առաջնորդ Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի ներդրումը։ Դպրոցական առաջին տարեշրջանին ունեցած 108 աշակերտ, երկրորդ տարին՝ 130, որուն 25-30-ը շրջակայ քաղաքներէն եւ գիւղերէն եկածներ էին։ 1913-ին ունեցած է առանձին շէնքի մէջ տեղակայուած աղջկանց բաժին մը եւս։ Մինչեւ Ցեղասպանութիւն, Կեդրոնականը տուած է շրջանաւարտներու չորս հունձք՝ մօտ 67 ուսանող (Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 288-316, Մինաս Գ. Գասապեան, Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ, էջ 265)։
  • [75] Դաւիթ Փափազեան, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը», տես՝ «Յուսաբեր», Բացառիկ թիւ նուիրուած հայ մշակոյթին, 18 Դեկտեմբեր 1954, էջ 56, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր, հրատարակութեան պատրաստեց եւ խմբագրեց՝ Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 2014, էջ 178, Բ.։ Մ. Ա. Բաբլոյան, Հայ Պարբերական Մամուլը, էջ 98, թիւ 761։
  • [76] Դաւիթ Փափազեան, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վաթսունամեայ մամուլը», էջ 56, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր, 178, ։
  • [77] Վարդան Եղիշէեան, Աստուածարեալ Քաղաք (Նշխարներ), Փարիզ, տպարան Տէր Յակոբեան, 1939, էջ 47։
  • [78] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 306։
  • [79] Ատաբազարի Հայուհեաց բարձրագոյն վարժարանը Ամերիկեան հաստատութիւն մըն էր եւ կը կառավարուէր հայերու եւ ամերիկացիներու համատեղ գործակցութեամբ։ Ան Պարտիզակէն Ատաբազար տեղափոխուած է 1884-1885 դպրոցական տարեշրջանին։ Մինչեւ 1914 տուած է մօտաւորապէս 300 շրջանաւարտուհի (Անահիտ Աստոյան, «Իզմիթի (Նիկոմիդիա) գավառի հայ բնակչությունը…», էջ 203)։ Առաջին աշխարհամարտէն ետք տեղափոխուած է Պոլիս։
  • [80] Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր, հրատարակութեան պատրաստեց եւ խմբագրեց՝ Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 2014, էջ 161։
  • [81] Պիպէրեան-Եղիշէեան, Պատմագիրք Ատափազար «Աստուածարեալ» քաղաքին, էջ 313։
  • [82] Նոյն։
  • [83] Ազատ օր օրաթերթ, Աթէնք, 14-րդ տարի, թիւ 3996, 22 Ապրիլ 1958, էջ 1։
  • [84] Ազատ օր օրաթերթ, Աթէնք, 26-րդ տարի, թիւ 7781, 21 Հոկտեմբեր 1970, էջ 1։