Տապանեան ընտանիքը Աթէնքի մէջ, 1953-ի շուրջ։ Նկարի աջին նստած է ընտանիքին մայր-նահապետը՝ կնոջ եւ երկու դուստերերուն հետ նկարուած այրի մայրը։ Տապանեան ընտանիքին յաջորդ սերունդները հետագային հաստատուած են Ֆրանսա, ոմանք ալ մնացած Յունաստան։

Պուրտուր – Բարբառ, երգեր եւ ասոյթներ

Հեղինակ՝  Նաթալի Զաքարեան, 10/08/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/08/26), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան

Պուրտուրի (Քոնիայի վիլայէթի Պուրտուր սանճաք) հայ համայնքը կազմուած է 1604-էն 1610 թուականներուն միջեւ՝ Շահ Աբբասեան բռնագաղթերու օրերուն։ Բնիկ պուրտուրցի Փիլիպոս Առաքելեանը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Պէյրութ հաստատուած էր, կը վկայէ, որ ըստ Պուրտուրի հայերուն բանաւոր աւանդութեան, իրենց նախնիները գաղթած էին Պարսկաստանէն յատուկ արտօնութեամբ՝ «ֆերմանով» (հրամանագիր), «Մեծ սով»-էն եւ բռնագաղթերէն ետք [1]։
 
Պարսկաստանէն ժամանած այս հայերը տեղաբնակներուն համար «աճէմլեր» էին (Acemler) կամ Պարսկաստան աշխարհէն (Diyar-ı Acem) եկածներ եւ կ’ապրէին Աճէմ Խանը թաղամասին մէջ, հակառակ անոր որ օսմանեան պաշտօնական աղբիւրներուն մէջ թաղամասը «Էրմենիեան» անուանումով կը յիշատակուէր։ Պոլսոյ աւետարական հայ համայնքի «Աւետաբեր» թերթը կը նշէ, որ պուրտուրահայերուն սովորութիւններէն ոմանց մէջ տեղ-տեղ կը յամենային պարսկական մշակոյթի արտակայտութիւններ [2]։

Հայկական այս գաղթօճախին արեւելեան ակունքները բացայայտ են Պուրտուրի բարբառին մէջ։ Բնիկ պուրտուրցի հայ աւետարանական պատուելի Յարութիւն Յակոբեանը «Աւետաբեր»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, որ Պուրտուրի հայերը «հայախօս են, բայց իրենց հայերէնը բաւական այլափոխուած է. «չկայ» չեն ըսեր, «կայ ոչ» կ’ըսեն, «մայր» կամ «հայր» ըսելու տեղ «հազի» եւ «ապի» կ’ըսեն, «ի՞նչ պիտի ընեմ» ըսելու փոխարէն «ի՞նչ եմ անելու» կ’ըսեն [3]։ Թէեւ բարբառով ոչ մէկ բան երբեք գրուած է, եւ գրաւոր խօսքը երբեք բարբառով չէ գրի առնուած, այս համայնքին հոգեպարար լեզուէն պատառիկներ կան յամեցող՝ շնորհիւ վերապրողներու ճիգերուն։

Տարբեր երգերու, պատմութիւններու եւ ասոյթներու այս մատուցումը ամբողջութեամբ կը պարտինք Պուրտուրի բարբառին նուիրուած միակ համալիր վաւերագրումին եւ լեզուաբանական վերլուծութեան, որ կատարած է Ներսէս Մկրտչեանը՝ երեւանաբնակ եւ պէյրութաբնակ պուրտուրցիներու հետ հարցազրոյցներու հիման վրայ։ Գիրքը լոյս տեսած է Երեւան 1971-ին։

Չար աչքի աղօթք

Այս աղօթքը Միհրան Թումաճանին փոխանցած է Մամա Եղիայեանը։ Աղօթքը լոյս տեսած է Թումաճանի «Հայրենի երգ ու բան»-ի Ա. հատորին մէջ 1972-ին [4]։


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Չար աշքին

Char ashkin

The evil eye

Չար աչքը

Չար նիյեթին

Char niyetin

Evil intent

Չար նպատակը

Չար սըհեթին

Char suhetin

The bad hour (or bad health?)

Չար ժամը (առողջութիւն?)

Չըխմըշ կիթմիշ օլսուն

Chukhmush gitmish olsun

Let it come out and be gone

Թող դուրս ելլէ ու հեռանայ 

«Եալէլլի» պարերգ

Այս պարերգը երգելով կը պարէին զոյգին հարսանիքէն քառասուն օր ետք, երբ, ըստ աւանդութեան, հարսին արտօնութիւն կու տային հայրական տուն երթալու, մօրը առաջին այցելութիւնը տալու [5] ։ Այս երգը կը պարտինք բնիկ  պուրտուրցիներ Արմենակ Կարապետ Հաճեանին (1882 - 1963), որ հանգստեան կոչուած ուսուցիչ մըն էր եւ Պուրտուրի Խորէնեան վարժարանի փոխտնօրէնը, Պետրոս Մկրտիչ Համբարձումեանին (1890 - ?) եւ Սրբուհի Գույումճեանին [6]։ Ըստ Միհրան Թումաճանի՝ այս պարերգին տակ պարուող պարը շուրջպարի տեսակ մըն է [7]։


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

ԵԱԼԷԼԼԻ

Կաննել իս, կանչում էլ չիս, 

Բոյեդ մահանչում էլ չիս. 

Աշքով-ունքով ըմ անըմ

Ինձանէ փախչում էլ չիս

YALELLI

Gannel is, ganchoum el chis

Boyet mahanchoum el chis, 

Ashkov-ounkov um anum

Intzane pakhchoum el chis

YALELLI 

You’re standing there, but you don’t even call out (aren’t protesting)

You don’t even turn away in shame

With my eyes and brows, I signal my intent

Yet you don’t run away from me

ԵԱԼԷԼԼԻ

Կանգած ես, բայց չես կանչեր

Չես ալ բողոքեր(՞),

Աչքով-ունքով նշան կ՚ընեմ

Ինձմէ չես ալ փախչիր

Գյինա եկար, եալէլլի, 

Գյինէ կէլդին եալէլլի...

Kyina yekar, yalelli

Kyine geldin yalelli

You’ve come again, yalelli

You’ve come again, yalelli (in Turkish)

Նորէն եկար, եալէլլի

Նորէն եկար, եալէլլի

Փէնճիրումը ձու խաշիմ,

Նի նիմ կուտուրում աշիմ.

Տեսնէմ եարըս գյելիս ա,
Վեր գյեմ ճիզմէնին քաշիմ

Penjiroumu tzou khashim, 

Ni nim goudouroum ashim. 

Desnem yarus kyelis a

Ver kyem chizmenin kashim

I’m boiling eggs by the window

I go up to the roof to look out

I see my love is calling

Let me get up and put on my winter boots

Պատուհանին քով ձու կը խաշեմ,

Ելլեմ տանիքը նայիմ, 

Տեսնեմ եարս կու գայ, 

Ելլեմ կօշիկներս հագնիմ

Տանձըն պըտկըն գյիր գյիրիմ

Տուն նըստէ, գյինի բիրիմ, 

Ձէռըս գցըմ գըլոխըդ,

Ցըրուած խելքըդ տուն բիրիմ

Tantzun putkum kyir kyirim

Tun nuste, kyini pirim, 

Tzerus ktsum kulokhut, 

Tzurvatz khelkut doun pirim

I write a letter on the stem of the pear

Sit, sit I’ll bring some wine

I put my hand on your head

To bring your scattered mind back home

Տանձին կոթին վրայ կը գրեմ, 

Դուն նստէ, գինի բերեմ,

Ձեռքս գլխուդ վրայ կը դնեմ,

Ցրուած խելքդ տուն բերեմ.

Կաննէլ իս պախա-պախա,

Լէշէկըդ տուտու կախ ա,

Սեւ ախջիկ, սիպտեկ տըղա

Փըռնէլ ին իւրիւր եախա

Gannel is, bakha-bakha

Leshekut dudu gakh a

Sev akhchik, sibdeg dugha, 

Purrnel in ürür yakha.

You’re standing there, staring and staring [face to face]

Your headscarf is hanging low

Black-haired girl, fair-skinned boy

They’ve caught each other by the collar

Կայնած ես դէմ ու դէմ

Լէչակդ ծուռ կախուած է,

Սեւ աղջիկ, ճերմակ տղայ,

Բռնած են իրարու օձիքէն

Խընամը, խօշ էս եկէլ,

Չօրս ղօլըդ բօշ էս եկէլ,

Հէնց տենեմ ղօչ էս բիրել,

Օյիսէ թըստան բօլօճ էս բիրել

Khunamu, khosh es yegel

Chors gholut bosh es yekel

Hents tenem ghosh es pirel, 

Oyise tustan boloj es pirel.

Dear relative, you’ve come welcome

You’ve come with four arms empty-handed

I thought you brought a ram

But instead you’ve brought a bundle of bugs

Խնամի, բարի եկած ես

Չորս կողմդ պարապ եկած ես,

Կարծեցի թէ խոյ (հարստութիւն) բերիր

Բայց տեսայ միջատներու կապոց բերիր

Նեցէք աշէք էն ղուշին,

Ոտը դիրէլ ա փուշին,

Սեւ տըղա, սիպտեկ ախջիկ

Պաչել են իւրիւր թուշին

Netsek ashek en ghoushin, 

Vodu tirel a poushin, 

Sev dugha, sibdeg akhchig, 

Bachel en ürür toushin 

Go and look at the bird

Her foot has stepped on the thorn

Black-haired boy, fair-skinned girl

They’ve kissed each other’s cheek

Նայեցէք, նայեցէք այն թռչունին,

Ոտքը կոխած է փուշին

Սեւ տղայ, ճերմակ աղջիկ,

Պագեր (համբուրեր) են իրարու այտին. 

Սեղան դիրի, մարդ չիկա,

Ախ, իմ եարըս եբ կյիգա,

Մատաղ ըլնէմ իմ եարին, 

Ծօտէն վարդի ֆոտ կյիգա

Seghan tiri, mart chiga, 

Akh, im yarus yep gyika, 

Madagh ulnem im yarin, 

Dzoden varti fod gyika.

I’ve set the table, but there’s no one

Akh, when will my beloved come?

I would be a sacrifice for my beloved, 

From her bosom comes the scent of a rose

Սեղանը դրի, մարդ չկայ,

Ախ, եարս երբ պիտի գայ,

Մատաղ ըլլամ իմ եարիս,

Ծոցէն վարդի բոյր կու գայ.

Տանձըն կոդով գյիր գյիրիմ,

Ցըրուած խելքըս տուն բիրիմ,

Տեսնիմ եարըս կյէլիս ա, 

Ծունկըր դինիմ հօ սիրիմ…

Tantzun kotov kyir kyirim, 

Tzurvatz khelkus tun pirim, 

Tesnim yarus kyelis a, 

Tzungur tinim ho sirim…

I write a letter on the stem of the pear

To bring my scattered mind back home

When I see my beloved approach,

I fall at your knees and kiss them

Տանձի կոթով նամակ կը գրեմ

Ցրուած խելքս տուն պիտի բերեմ,

Տեսնեմ եարս կու գայ, 

Ծունկերդ բռնեմ ու սիրեմ...

Նի ելածըդ էշ պիտի,

Նըշանածըդ գյէշ պիտի,

Արար-աշխար իմանա

Տունըդ էլ հօ քաշ պիտի

Ni yelatzut esh bidi, 

Nushanadzut kyesh bidi, 

Arar-ashkhar imana, 

Dounut el ho kash bidi

What you ride must be a donkey

Your fiancee must be ugly

Let the whole world know

Your house, too, must be low [8] 

Ինչ որ կը հեծնես էշ պէտք է  ըլլայ,

Նշանածդ տգեղ պէտք է ըլլայ,

Ամբողջ աշխարհը թող գիտնայ,

Տունդ ալ ցած պէտք է ըլլայ

Ջիւր ա գյէլիս վիրի սարէն,

Կաթկաթըմ ա մէրմէր քարէն,

Թէ որ չի գյէլիս իմ եարը, 

Հովանում չի սըրտիս եարէն

Jür a kyelis viri saren, 

Gatgatum a mermer karen, 

Te vor chi kyelis im yaru, 

Hovanoum chi surdis yaren.

Water is coming from the upper mountain

It drips and drips from the marble stone

If my beloved doesn’t come

The wound of my heart won’t heal

Ջուրը կու գայ վերի սարէն,

Կը կաթկթայ մարմար քարէն,

Թէ որ եարս չգայ, 

Սրտիս վէրքը չի լաւանար (կամ զովանար). 


 

Երկինքըն ա կամար-կամար,

Ես մեռնըմ էմ եարիս մահար,

Քառասուն օր ծոմ ըմ պահել

Սիրականըս սէրին մահար…

Yerginkun a gamar-gamar, 

Yes mernum em yaris mahar,

Karasoun or dzom um bahel,

Siraganus serin mahar…

The sky is arched

I’m dying for my beloved

I’ve kept a 40-day fast

For the sake of my sweetheart’s love

Երկինքն է կամար-կամար

Ես կը մեռնիմ եարիս համար

Քառասուն օր ծոմ պահեր եմ

Սիրականիս սէրին համար.

Նեցէք տեսէք օվ ա գյէլիս,

Թէզա հարսին ֆօդն ա գյէլիս,

Փըթաթուել էն մինը մինու

Իւրիւր քախցըր պաչ էն տալիս

Netsek desek ov a kyelis, 

Teza harsin fotn a kyelis, 

Putatvel en minu minou

Ürür kakhtsur bach en dalis

Go and see who is coming

The scent of the new bride is coming

They have embraced one another

Giving each other a sweet kiss

Եկէք տեսէք ով կու գայ

Նոր հարսին հոտը կու գայ

Փաթթուած են իրարու

Իրարու անոյշ պագ կու տան

«Կորած Թըմբան» երգ

Երգասաց՝ Պետրոս Մկրտիչի Համբարձումեան (1890 - ?) [9]։


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

ԿՈՐԱԾ ԹԸՄԲԱՆ 

Իրիքնոկով կարած թըմբան,

Լիսնիյէկով կորած թըմբան,

Այ իմ թըմբան, քեզ ով տարաւ

Սիպտեկ ճիլերս ցուրտը տարաւ

Goradz Tumpan

Irignogov garadz tumpan, 

Lisniyegov goradz tumpan, 

Ay im tumpan, kez ov darav

Sibdeg djilers tsurdu darav

The Lost Underpants

Underparents sewn during the day,

Underpants lost during the night,

Oh my underparents, who took you away?

The cold has taken hold of my white thighs.

Կորսուած վարտիք

Իրիկունով կարուած վարտիք,

Լուսնկայով կորսուած վարտիք,

Այ իմ վարտիք, քեզ ո՞վ տարաւ

Ճերմակ ծունկերս ցուրտը տարաւ:

Կէս-գըշերին կողը տարաւ,

Թէ անըծած հովը տարաւ…

Թէզա հարսեր, ինձ ուշ դիրէք,

Դըռանը թըմբան չի փըռէք

Ges-kusherin koghu darav, 

Te anudzadz hovu darav, 

Teza harser, intz oush tirek, 

Turanu tumpan chi purek. 

At midnight, the thief took them,

Or, perhaps, the cursed wind took them!

New brides, take heed of what I say

Don’t spread your underpants in the yard

Կէս գիշերին գողը տարաւ,

Թէ անիծուած հովը տարաւ…

Նոր հարսեր, ինձի մտիկ ըրէք,

Դուրսը վարտիք չփռէք.

Փեսայ հագցնելու երգ «Թըքաւոր հըբըրնիլի երգը»

Երգասաց՝ Պետրոս Մկրտիչի Համբարձումեան (1890 - ?) [10]


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Թըքաւոր հըբըրնիլի երգը

Աղամ, շընաֆօր, փաշամ, շընաֆօր,  

Էս Թըգաւորին շեպիկը շընաֆօր…

Աղամ, շընաֆօր, փաշամ, շընաֆօր,

Էս Թըգաւորին թըմբանը շընաֆօր.

Աղամ, շընաֆօր, փաշամ, շընաֆօր,

Էս Թըգաւորին քէփէն շընաֆօր

Tukavor Huburnili Yerku

Agham, shunafor, pasham, shunafor

Es Tukavorin shebigu shunafor, 

Agham, shunafor, pasham, shunafor

Es Tukavorin tumpanı shunafor

Agha, shunafor, pasham, shunafor

Es Tukavorin kepen shunafor

Song for Dressing the Groom 

My agha, congratulations, my pasha congratulations

Congratulations on this groom’s shirt

My agha, congratulations, my pasha congratulations

Congratulations on this groom’s underpants

My agha, congratulations, my pasha congratulations

Congratulations on this groom’s caftan

Փեսային հագցնելու երգ

Աղաս, շնորհաւոր, փաշաս, շնորհաւոր,

Այս թագաւորին շապիկը շնորհաւոր…

Աղաս, շնորհաւոր, փաշաս, շնորհաւոր,

Այս թագաւորին թըմպանը շնորհաւոր.

Աղաս, շնորհաւոր, փաշաս, շնորհաւոր,

Այս թագաւորին քեպէն շնորհաւոր

Եւ երգը այսպէս կը շարունակուի՝ պարզապէս փոխելով հանդերձանքին անունը, օրինակ՝ ճիզմէ (մոյկ), գեուլպայ (գուլպայ), ֆէս, եւ այլն, եւ այլն։ Ինչպէս այլ հայերէն բարբառներու եւ համայնքներու պարագային, Պուրուրի մէջ ալ «թըքաւոր»-ը «թագաւորն» է, փեսան։

Առածներ եւ ասացուածքներ

Ահաւասիկ առածներու, ասոյթներու, աղօթքներու եւ անէծքներու շարք մը, զորս Մկրտչեան գրի առած է լեզուաբանական իր ուսումնասիրութեան մէջ [11]։


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Ինսանն ու մարդը մին ա

Insann u martu min a

The human and the man are one (the same)

Ինսանն ու մարդը մէկ են

Իրէսանց քահանայ, նէսկըմանց սըտանա

Iresants kahana, nesgumants sudana

To your face a priest, a devil from the inside

Երեսէն քահանայ, ներսէն սատանայ

Հարսը մին կուճում քար ա, իսկիսօրը վերէն ղափաղ

Harsu min goudjoum kar a, isgisoru veren ghapagh

The bride is a small stone jar, the mother-in-law the lid on top

Հարսը պզտիկ պուտուկ մըն է, կեսուրը վրան կափարիչ

Եա աղն ա պակաս, եա մաղը

Ya aghn a bagas, ya maghu

Either the salt is missing, or the sieve. (there is always something awry or missing)

Կամ աղը պակաս է, կամ մաղը

Տակըդ էշ ա պէտք, տունըդ քաշ ա պէտք, կընըկըդ էլ գյէշ ա պէտք

Dagut esh a bedk, dounud kash a bedk, gunugut el kyesh a bedk

You need a donkey under you, a low house, and an ugly wife

Տակդ էշ պէտք է, տունդ ցած պէտք է, կինդ ալ տգեղ պէտք է

Օխտը չափէ՝ մինը կըտըրէ

Okhdu chape, minu kudure

Measure seven times, cut only once

Եօթը չափէ, մէկ կտրէ

Օնչօվ իւմէն թանըն թութու չի ասիլ

Onchov ümen tanun toutou chi asil

No one says that their own tan (yogurt drink) is sour

Ոչ ոք իր թանին թթու կ'ըսէ

Օրհնանքներ


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Աստօծ հետըդ ընը

Asdodz hedud unu

May God be with you

Աստուած հետդ ըլլայ

Հըրէշտակնին քեզ պըհապան կաննին

Hureshdagnin kez buhaban gannin

May the angels stand as your guardians

Հրեշտակները քեզի պահապան կանգնին

Ֆօղ բըռնես ոսկի դէռնա

Fogh purnes, vosgi terna

May what you touch turn into gold

Հող բռնես ոսկի դառնայ

Ոտըդ չոր տեղ դինես կանանչ պիթմիշ ըլնը

Vodut chor degh tines, gananch bitmish ulnu

May the dry place you step turn green

Ոտքդ չոր տեղ դնես կանաչ ըլլայ 

Անէծքներ


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Աղանձ դէռնաս

Aghantz ternas

May you turn into roasted grain (may you be destroyed)

Աղանձ դառնաս

Աստօծ հախէդ գյէ

Astotz hakhet kye

God will give you what you deserve (your haqq, your due/right)

Աստուած պատժէ քեզի 

Բօյըդ դէվրիլմիշ ընը

Boyud devrilmish ını

May your stature be overturned or toppled

Հասակդ տապալի

Օրըդ-օջաղըդ թափուի

Orıd-ojakhıd tapvi

May your day and hearth (house/family) spill

Օրդ ու օճախդ քանդուին

Համբարձման տօն

Այս պատումի բանասացը Աննա Ղարակէօզեանն է (ծն. 1898, մահ.՝ 1975 կամ 1976), իսկ պատմութիւնը հայ դեռատի օրիորդներու եւ կիներու կողմէ ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ մանաւանդ Համբարձման տօնին կատարուող «վիճակ քաշելու» կամ «վիճակ նետելու» ծէսին մասին է [12]։ Ղարակէօզեանը ամփոփ կը պատմէ, թէ ինչպէս ինքը եւ ընկերուհիները կը կատարէին այս բախտ բացայայտող վիճակի ծէսը՝ գուշակելու համար թէ իրենց մէջի ամենամեծ աղջիկը որո՛ւն հետ պիտի նշանուէր։


Պուրտուրի բարբառ

Լատինատառ տառադարձութիւն

Անգլերէն

Արեւմտահայերէն

Ես նըշանուեցի տըսնըեօրկու տըրականիս. էն չախին նշանածնիս տեսնում ինք, վու, փախչում ինք. մեր քաղաքումը ուստա կար․ նըշանածըս էլ, ես էլ ուստա ընք նէլիս. իւրիւր էլ տեսնիլն էն չախը հօ ամօթ էր

Yes nushanvetsi tusnuyorrku turakanis. En chakhin, nshanadzis tesnum ink, vou pakhcoumink. Mer kaghakoumu ousta kar. Nushanadzus el, yes el ousta unk nelis. Ürür el tesniln en chakhu ho amot er

I got engaged when I was 12 years old. In those days, if we saw our betrothed, we’d run away. In our city, there was a school. Both me and my betrothed attended. At that time, it was truly a shameful thing to see each other

Ես նշանուեցայ տասներկու տարեկանիս. այն ատեն երբ նշանածնիս տեսնէինք, կը փախչէինք. մեր քաղաքին մէջ դպրոց կար. նշանածս ալ, ես ալ դպրոց կ'երթայինք. այն ժամանակ իրար տեսնելը շատ ամօթ էր

Գարունը որ գյէլիս չէր, Համբարձումին, վիճակ ինք բէնում. Ախչըկէրքով ֆըհաքւում ինք մին ծառի տակ նըստըմ տափին, հօ վիճակ բէնում. էն որ էռջինէկ ըխէն ա, նըստըցընում ինք ծառին տակը, գուլուխը ծածկում, պէյիթ ինք ասում

Karunu vor kyelis cher, Hampartzoumin vidjag ink penoum. Akhchugerkov fuhakvoum ink min dzari dag nusdum tapin, ho vijag penoum. En vor erchineg ukhen a, nusdutsunoum ink dzarin dagu, kouloukhu dzadzgoum, beyit ink asoum

When spring arrived, at the time of the Hampartsum holiday (Ascension), we would tell our fortunes. Us girls would gather and sit under a tree and draw our fortunes. We’d sit the first-born girl from among us under the tree, cover her head, and recite a verse:

Երբ գարունը կու գար, Համբարձման տօնին, վիճակ կը ձգէինք. աղջիկներով կը հաւաքուէինք ծառի մը տակ եւ բախտ կը քաշէինք։ Ծառին ճիշդ տակը կը նստէր մեր մէջէն ամէնէն փոքրը, գլուխը կը ծածկէինք եւ քաշուած բախտը ոտանաւորի ձեւով կը կարդար.

Նեցէք տեսէք օվ ա գյէլիս, 

Իրեք ձիաւոր ա գյէլիս. 

Մինը Յիսուս, մինը Քըրիստոս, 

Մայրամ աստուածածինն ա գյէլիս

Netsek desek ov a kyelis, 

Irek tziavor a kyelis, 

Minu Hisous, minu Kurisdos, 

Mayram astvadzadzinn a kyelis

Look and see who is coming

Three horse-rides are coming

One is Jesus, another is Christ, 

And Maryam, the Mother of God, is coming

Նայեցէք տեսէք ով կու գայ

Երեք ձիաւոր կու գայ

Մէկը Յիսուս, միւսը Քրիստոս

Մարիամ Աստուածածինը կու գայ

Եա էլ էս պէյիթն ինք ասըմ

Ya el es beyitn ink asum

And the covered girl would say this verse:

Եւ այս ոտանաւորը կ՚արտասանէինք

"Ախ" ըսեմ բարին ա գյէլիս,

Սեւ սըրտէս արին ա գյէլիս,

Ես քեզ էմ ման գյէլի, համա 

Ձէնըդ ինչ սարէն ա գյէլիս…

“Akh” usem parin a kyelis, 

Sev surdes arin a kyelis,

Yes kez em man kyeli, hama

Dzenut inch saren a kyelis…

Akh I say, and the Good arrives

From my black heart, the blood is coming

I’ve been searching for you, but

From which mountain is your voice coming from?

“Ախ” կ'ըսեմ բարին կու գայ,

Սեւ սիրտէս արիւն կու գայ,

Ես քեզ կը փնտռեմ, բայց

ձայնդ որ սարէն կու գայ...

  • [1] Ներսէս Ալեքսանի Մկրտչեան. Բուրդուրի բարբառը. Խմբագիր՝ Ա. Ա. Աբրահամեան, «Երևան», ՀՍՍՀ ԳԱԱ հրատ., 1971, էջ 6։ arar.sci.am/dlibra/publication/391656/edition/362281;
  • [2]  Աւետաբեր, թիւ. 26, 24 ապրիլ 1883, ամերիկեան միսիոնարական ընկերակցութիւն, տպ. Արամեան, 1883, էջ 67 archives.saltresearch.org/handle/123456789/227756 (թրքերէն)։ 
  • [3] Աւետաբեր, թիւ. 51 (22 սեպտեմբեր 1898) (Կոստանդնուպոլիս, American Board Publication Department, 1898), 302։
  • [4] Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 1, (ՀՍՀՀ ԳԱԱ հրատարկչութիւն, 1972), էջ 192։ arar.sci.am/dlibra/publication/336793/edition/308072/content 
  • [5] Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 1, էջ 189, 243-244։
  • [6] Մկրտչեան, Բուրդուրի բարբառը, էջ 221։ Նմանօրինակ երգ մը երգած է Մամա Եղիայեանը, զոր գրի առած է Միհրան Թումաճանը։ Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 1, էջ 189-190։
  • [7] Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 1, էջ 243։
  • [8] Թէեւ կը թուի թէ այս տունը չարամտօրէն ըսուած, խորապէս բարեպաշտ եւ կարգապահ պուրտուրցիներուն համար այս խոնարհ կեցուածքը առաքինութիւն էր։ Ինչպէս յաջորդիւ կ’երեւի, էշ հեծած երթալը, տգեղ կինը եւ ցածլիկ տունը ներշնչման աղբիւր ը սեպուէին, թերեւս անոր համար, որ կը ներկայացնէին ճիշդ հակառակը գոռոզութեան, նիւթապաշտութեան, ագահութեան եւ այլ ծայրայեղութիւններու։
  •  [9] Մկրտչեան, Բուրդուրի բարբառը, էջ 222։
  • [10] Նոյն, էջ 222։
  • [11] Նոյն, էջ 223-226։
  • [12] Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 1, էջ 243։