Ինչպէ՞ս գործածել քարտէսը
Սեղմէցէք քարտէսին վերը՝ ձախ անկիւնի չուրս աղեղներով նշանին վրայ։ Քարտէսը այս ձեւով կը մեծնայ եւ ձեր ամբողջ պաստառը կը գրաւէ։ Ձախ անկիւնի (+) եւ (-) նշանները գործածեցէք քարտէսին չափը աւելի մեծցնելու կամ փոքրացնելու համար։ Շարժագիծով կրնաս քարտէսը տեղաշարժել։ Սեղմել esc՝ երբ կ՚ուզես դուրս գալ մեծցուած քարտէսին էջէն։
Ամասիա։ Հայկական տան մը աղբիւրին քարը, որուն վրայ գրուած է «Տուր ինձ ըմպել [խմել], 1899»։ Ներկայիս կը գտնուի Ամասիա քաղաքին հնագիտութեան թանգարանին մէջ։ Լուսանկար՝ Լեռնա Գ. Եանըք։
Ամասիոյ սանճաք
Այս բաժինով ձեզի կը ներկայացնենք Ամասիոյ սանճաքէն առնուած պատկերներ, որոնք իրենց մեծամասնութեամբ կը վերաբերին օսմանեան ժամանակաշրջանին։
Յուշամատեանը իր էջերուն մէջ լայն տեղ պիտի տրամադրէ պատմական այս վայրերու հայկական կեանքին, պատմութեան եւ ժառանգութեան։
Յոյսով ենք նաեւ որ աշխարհի տարածքին ապրող Սեբաստիոյ սանճաքի ծագումով անհատներ պիտի նպաստեն մեծապէս հարուստ հայկական ժառանգութիւն մը վերականգնելու մեր թափած ճիգերուն՝ մեզի ուղարկելով Սեբաստիոյ սանճաքի հին լուսանկարներու, անտիպ յուշերու, յուշիրերու թուայնացուած տարբերակներ։