Ամասիա | Առեւտուր - Իբրանոսեան եղբայրները
Հեղինակ՝ Լեռնա Գ. Եանըք, 17/05/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 17/05/22), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Օսմանեան Ամասիայի մէջ 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի առեւտրային կեանքին մասինոչ մէկ յիշատակում ամբողջական կրնար ըլլալ առանց Իբրանոսեան եղբայրներու պատմութեան: Ծանօթ՝ որպէս Իբրանոսեան եղբայրներ՝ Եփրեմ/Իբրանոս Իբրանոսեան (1848-1921) եւ Մարուքէ Իբրանոսեան (1856-1920/21) կը սերին ընտանիքէ մը, որ արդէն հիմնած էր կերպասագործութեան իր գործը Ամասիայի մէջ, որ կը նկատուէր արտադրութեան կեդրոն մը պոկասի ոճի կերպասներու, որոնք նշանաւոր էին 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն։ [1] Իբրանոսեան եղբայրները ժառանգեցին կերպասագործութեան իրենց ընտանեկան գործը, որ կապեր ունէր Խրիմի եւ Պրաշովի (Ռումանիա) հետ, [2] եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հիմնեցին վաճառատուներու հսկայական ցանց մը՝ վաճառելով կերպասներ եւ տեսակաւոր ապրանքատեսակ՝ Պոլսոյ եւ եւրոպական քաղաքներու, ինչպէս Միլանի, Պրիւքսէլի եւ Մանչեսթըրի մէջ հաստատած իրենց մասնաճիւղերուն միջոցաւ։
Իրենց գործը ընդլայնելու նպատակով Իբրանոսեան եղբայրներու Պոլիս հասնելու ստոյգ թուականը անյայտ է։ Ըստ Սիմոնեանի, մօտ 1890-ական թուականներուն առաջին անգամ Եփրեմ Իբրանոսեան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Պոլսոյ մէջ։ [3] Թէեւ 1885 թուականի Annuaire Oriental-ին մէջ Իբրանոսեաններուն մասին արձանագրութիւն չկայ, սակայն 1889-1890-ի Annuaire Oriental-ը նշած է «Իբրանոսեան Եղբայրք»ի մասնաճիւղը Պոլսոյ մէջ՝ Եալտիսլի Խան թիւ 15 հասցէով: [4] Մինչեւ 1895 թուական, եղբայրները 40 մասնաճիւղեր հիմնեցին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին՝ յատկապէս Անատոլիայի տարածքին, 1909 թուականին այդ թիւին աւելցնելով եւս երեք մասնաճիւղեր (Մերսին, Ատանա, Տարսոն): [5] Այս տարիներու ընթացքին, անոնց ընդարձակ ցանցը տարածուեցաւ ո՛չ միայն Օսմանեան կայսրութեան, այլ նաեւ Եւրոպայի մէջ: Թէեւ մենք որեւէ տեղեկութիւն չունինք Միլանի եւ Պրիւքսէլի նման քաղաքներու մէջ Իբրանոսեաններու մասնաճիւղերու հիմնադրութեան ճշգրիտ թուականներուն մասին, սակայն 1890-ականներու վերջը, 1900-ականներու սկիզբը Իբրանոսեան եղբայրները կրցան մասնաճիւղ մը հիմնել Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ, որ ոչ միայն յայտնի էր իր կերպասի եւ մանածոյի գործարաններով, այլ նաեւ համաշխարհային առեւտուրի աշխոյժ կեդրոն մը կը հանդիսանար: Գրաւուելով այս քաղաքին առաջարկած տնտեսական հնարաւորութիւններուն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը պատած քաղաքական տագնապի համակցութեամբ, առաջին հայ գաղթականները սկսած էին Մանչեսթըր հասնիլ արդէն 1850-ականներու վերջը: [6] Իբրանոսեանեղբայրները, որպէս գործարարներ, քաղաք ուշ հասածներէն էին [7]։ Այնուամենայնիւ, Իբրանոսեաններուն ձեռնարկածը շուտով դարձաւ Օսմանեան հպատակներու կողմէ տնօրինուող նշանաւոր գործերէն մէկը՝ կերպասեղէն եւ մանածոյ արտահանելով Օսմանեան կայսրութիւն, ուր կը վաճառուէին իրենց մասնաճիւղերու ցանցին միջոցաւ: 1900 թուականի Սեպտեմբերին, օրինակ, տեղեկագրութեան մը համաձայն, պարոն Իբրանոսեան «մը» Մանչեսթըրի Օսմանեան համայնքինշանաւոր անդամներուն հետ մասնակցած է Լիվըրփուլի մէջ Օսմանեան գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան` նշելու Սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան 25-ամեակը: [8]
Ամասիոյ Իբրանոսեան առեւտրական վարժարանին յատակագիծը (Աղբիւր՝ Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA), İAZN.00085.00032.002)։
Ամասիայի մէջ Իբրանոսեանները հիմնած են երկու դպրոց՝ մէկը առեւտուրի եւ միւսը աղջկանց համար։ Առեւտուրի դպրոցը, որուն նպատակն էր պատրաստել անհրաժեշտ անձնակազմ իրենց գործի հսկայական ցանցը վարելու համար, սկսաւ 1898 թուականին, Սուրբ Նիկողոս եկեղեցւոյ բակին մէջ հիմնուած տեղի հայկական դպրոցի վերի յարկին մէջ: [9] Աղջիկներու դպրոցը հիմնուած է կարճ ժամանակ անց, առեւտուրի դպրոցի նոյն շէնքին մէջ։ [10] Սակայն առեւտուրի դպրոցը Ներկիսօղլուի շէնք տեղափոխելու ծրագիրները ընդհատուեցան Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով։ [11] 1907-1909 թուականներու ընտանիքին եւ նահանգային իշխանութիւններուն նամակագրութիւնը կը մանրամասնէ նոր շէնքի նախագիծը եւ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը։ [12] Այնուամենայնիւ, Իբրանոսեաններուն բարերարութիւնը միայն հայերու համար չէր. օրինակ, «Մատամ Ապրանոսեան» մը նշուած է որպէս թրքական Կարմիր Մահիկի ընկերութեան բարերարներէն մէկը, ընկերութեան 1911-1913 թուականներու տարեգիրքին մէջ: [13] Ըստ Սիմոնեանի՝ ան Եփրեմ Իբրանոսեանի կինն էր՝ Մաքրուհի Իբրանոսեանը, եւ անոր բարերարութիւնը պարգեւատրուած է թրքական Կարմիր Մահիկի ընկերութեան շքանշանով։ [14]
Մինչ Եփրեմ/Իբրանոս եւ Մարուքէ Իբրանոսեան եղբայրները շատ կարճ ժամանակի մը մէջ հիմնեցին գործի կայսրութիւն մը, հետագային, անոնց միացան Եփրեմ/Իբրանոսի երեք զաւակները՝ Կարապետը, Միհրանը եւ Պերճը։ Միհրան պիտի ամբողջացնէր համալսարանական աստիճան մը Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, նախ Քաղաքական գիտութեան դպրոցէն (հետագային վերանուանուած՝ Science Po) 1913 թուականին [15], իսկ յետոյ, 1916 թուականին պիտի գրէր տոքթորական թէզ մը ֆրանսական գաղութային կառավարման վերաբերեալ Փարիզի համալսարանի իրաւաբանութեան կաճառին մէջ։ [16] 1908 թուականին, Միհրան նաեւ հրատարակիչն էր «Առեւտուր» թերթին - առեւտուրի եւ ֆինանսներու լուրերու նուիրուած թերթ մը, հայերէն - Պոլսոյ մէջ։ [17]
Մօտ 1914 թուականին, Իբրանոսեան եղբայրները հիմնեցին բեռնափոխադրութեան ընկերութիւն մը՝ ամբողջացնելու համար Իբրանոսեաններու գործի ցանցը: Անգլիոյ մէջ նաւերու արձանագրութեան տոմարները կը նշեն 1914 թուականին «Իբրանոսեան եւ Հասան Քատը պէյ»ի կողմէ «Թօրօ» անունով նաւու մը գնումին մասին՝ Munzone, Mineo & Co.-էն, եւ որ, նաւի գնումին պարագային, անիկա պիտի վերանուանէր «Թուրան»: [18] 1918 թուականին «Անգարա» անունով այլ բեռնատար նաւ մը Իպրանոսեան Քումբանիասըին կողմէ գնուեցաւ Տեպրելի Ֆուատ պէյէն։ [19] Այնուամենայնիւ, գործի այս հսկայական ցանցը եւ Իբրանոսեան եղբայրներու հիմնած բեռնափոխադրութեան ընկերութիւնը յանկարծակի կանգ կ'առնեն 1915 թուականին։ Ըստ Bryce Report-ին, Օգոստոս 1915-ին, Մարուքէ Իբրանոսեան, գաւառական ծագում ունեցող այլ վաճառականներու հետ միասին աքսորուած է ներքին գաւառներ: [20] Օսմանեան արխիւին փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կու տան, որ անոր ընտանիքի անդամներէն ոմանք, որոնք տակաւին այդ ժամանակ կը բնակէին Ամասիա, նոյնպէս ենթարկուած են տեղահանութեան եւ հասած են Հալէպ։ [21] Սիմոն Առաքելեանի յուշերուն մէջ, Մարուքէ Իբրանոսեան 1915 թուականի Սեպտեմբերին գտնուած է Կեսարիոյ բանտի մէկ խուցին մէջ [22], ուր ան ներկայացաւ զինուորական դատարան` դատուելու համար, հաւանաբար, հայ «յեղափոխականներու» հետ ենթադրեալ կապի մը համար։ [23] 1915 թուականի Նոյեմբերին, սակայն, Մարուքէ Իբրանոսեանը ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ անոր թոյլ կը տրուի վերադառնալ Պոլիս՝ իսլամութիւնը ընդունելու եւ «Ահմէտ Սըրրը» անունով վերանուանուելու նախապայմանով՝ փրկելու համար իր կեանքը եւ բռնագրաւուած ունեցուածքը։ [24] Մինչ անոր առաջին անունը պիտի թրքացուէր որպէս Ահմէտ Սըրրը, առ ի յարգանք ոմն «Մութասարիֆ Սըրրի»ի, որ մեծ դեր ունեցած էր անոր դաւանափոխութեան մէջ, իր մականունը պիտի փոխուէր Ապրանոսզատէի: Այդ ժամանակէն մինչեւ քրիստոնէութեան իր վերադարձը 1918 թուականի վերջերուն, Մարուքէ Իբրանոսեան կը կրէր Ապրոնսզատէ Ահմէտ Սըրրը անունը: [25]
Մարուքէ Իբրանոսեան բանտէն ազատ արձակուելէ ետք մինչեւ շոգեկառքի արկածի մը պատճառով Պելկրատէն հիւսիս-արեւմուտք Սերպիոյ Սիտ քաղաքին մօտ անոր մահը (1920 Սեպտեմբեր), կը փորձէր վերսկսիլ իր գործը եւ վերակենդանացնել բեռնափոխադրող ընկերութիւնը: [26] Իր կեանքը արժեցած ճամբորդութիւնը գործի համար կատարուած ճամբորդութիւն մըն էր, որ Մարուքէ Իբրանոսեանը տարած էր Եւրոպա, իսկ արկածը տեղի ունեցած էր Պոլիս վերադառնալու ճամբուն վրայ։ Եւրոպական մեծ քաղաքներ կատարած իր այցին ժամանակ Մարուքէ Իբրանոսեան, ըստ տեղեկութիւններու, կը ծրագրէր իր ընկերութիւնը վերափոխել սահմանափակ ընկերութեան [27]. բան մը, որ հաւանաբար փորձ մըն էր, որմով գործարարը կը փորձէր դրամագլուխ հաւաքել իր գործին համար: Այդ տարիներուն, Մարուքէ Իբրանոսեան պիտի ըլլար նաեւ «Հայաստանի անկախութեան փոխառութեան» նուիրատուութիւններու հաւաքման գլխաւոր պատասխանատուն Պոլսոյ մէջ։ Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ի Յունիսին մեկնարկը տուած էր «Հայաստանի անկախութեան փոխառութեան», որուն նպատակն էր հաւաքել 20 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ թողարկելով 10 տարի ժամկէտով եւ 6 տոկոսի վճարումով պարտատոմսեր։ Նախատեսուած էր, որ փոխառութիւնը դառնար նորաստեղծ երկրի դիմագրաւած տնտեսական տագնապները դարմանող միջոց մը, մասնաւորապէս այն ինչ որ կը վերաբերէր մոլեգնող գնաճին, որ պատուհաս դարձած էր երկրի տնտեսութեան համար: [28] Ալեքսանտր Խատիսեան գործուղուած էր արտերկիր՝ գումար հայթայթելու համար աշխարհասփիւռ հայերէն։ Խատիսեանի Պոլիս կատարած այցին ժամանակ, Մարուքէ Իբրանոսեան 50,000 թրքական լիրա խոստացած էր «Հայաստանի անկախութեան փոխառութեան», իսկ Պոլսոյ մնացած հայ համայնքի զաւակները խոստացած էին 2 միլիոն թրքական լիրա յատկացնել։ [29] Աւելին, Խատիսեանի, Իբրանոսեանի եւ Պոլսոյ այլ նշանաւոր վաճառականներուն մասնակցութեամբ հանդիպման ժամանակ, Իբրանոսեան երդուած էր ընելու ամէն ինչ՝ Փոխառութեան յաջողութեան համար։ [30]
1) Ամասիա, 1902։ Իբրանոսեան ընտանիքը։ Նստած, ձախէն աջ՝ Մարիամ Իբրանոսեան (ծնեալ Նէրկիզեան), Սրբուհի Իբրանոսեան (հետագային Էպէեան, Մարիամին դուստրը), Մարիամին մայրը՝ (՞) Նէրկիզեան։ Ոտքի՝ Զապէլ Իբրանոսեան (հետագային Կիւլպէնկեան, Մարիամին դուստրը) (Աղբիւր՝ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ», Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966)։
2) Ամասիա, 1908։ Իբրանոսեան առեւտրական վարժարանին շրջանաւարտները եւ ուսուցիչները։ Առաջին կարգի վրայ եւ վկայականներուն երկու կողմերը կ՚երեւին Մարուքէ եւ Եփրեմ Իբանոսեան եղբայրներուն պատկերները (Աղբիւր՝ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966)։
Մարուքէ Իբրանոսեանի մահը երկաթուղային արկածի հետեւանքով խանգարեց «Հայաստանի անկախութեան փոխառութիւն»ը ֆինանսաւորող հիմնադրամին տուած իր խոստումը կատարելուն։ Թէեւ անոր մահուան լուրը նոյնիսկ կը յայտնուի Միացեալ Նահանգներու թերթերուն մէջ՝ որպէս մահը «Հայաստանի ամենահարուստ մարդու համբաւ ունեցող»-ի եւ «Հայաստանի Փոխառութեան առաջնորդ»-ի [31], անոր յուղարկաւորութեան մասին լուրերը Անգլիոյ թերթերուն մէջ պիտի յայտնուէին որպէս «պոլսական մռայլ կատակերգութիւն»: [32] Մարուքէ Իբրանոսեանի յուղարկաւորութիւնը «կատակերգութեան» վերածելու պատճառն այն էր, որ Հայոց պատրիարք Զաւէն հրաժարած էր Մարուքէ Իբրանոսեանի թաղման արարողութիւնը կատարելէն, որովհետեւ Մարուքէ Իբրանոսեան մահացած էր առանց կատարելու «Հայաստանի անկախութեան փոխառութեան» իր խոստումը եւ Մարուքէ Իբրանոսեանի դիակը պիտի չհանգչէր, այնքան ատեն որ անոր ժառանգները չեն վճարած այն, ինչ գործարարները խոստացած էին Փոխառութեան: Զաւէն պատրիարքին պահանջը, որ Մարուքէ Իբրանոսեանի բաժինը հատուցուի իր ժառանգներուն կողմէ, ի վերջոյ կ՚առաջնորդէ Պատրիարքարան-Հայ համայնքին եւ Մարուքէ Իբրանոսեանի ժառանգներուն միջեւ բանակցութիւններու, որոնք շարունակուեցան քանի մը ամիս՝ մինչեւ Յունուար 1921-ի սկիզբը: [33] Խատիսեան իր յուշերուն մէջ կը նշէ, որ Մարուքէ Իբրանոսեանի ժառանգները չեն վճարած այն գումարը, որ գործարարը յատկացուցած էր հիմնադրամին։ [34] Մարուքէ Իբրանոսեանի ժառանգներու չվճարելուն հետեւանքով, Պատրիարքարանը հրաժարեցաւ կրօնական ծէսերը կատարելէ եւ թոյլ տուաւ, որ Մարուքէ Իբրանոսեանի աճիւնը թաղուի առանց այդ արարողութիւններուն։ Միայն 14 Յունուար 1921-ին էր, որ հանգուցեալ գործարարի աճիւնը կարելի եղաւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան հողին յանձնել, Փերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քահանաներու կատարած ցածրաստիճան արարողութեամբ եւ պոլշեւիկներու կողմէ Հայաստանի իրողական գրաւումէն ետք, երբ անզօր ու անվաւեր նկատուած էր «Հայաստանի անկախութեան փոխառութիւն»ը։ [35] Անոր եղբայրը՝ Եփրեմ Իբրանոսեանը, մահացաւ Օգոստոս 1921-ին եւ թաղուեցաւ Մարուքէ Իբրանոսեանի կողքին։
Մինչ Պատրիարքարանին, հայ համայնքի եւ Մարուքէ Իբրանոսեանի ժառանգներուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուէին, Անգարայի քեմալական կառավարութիւնը կը բռնագրաւէր եւ աճուրդի կը դնէր Իբրանոսեաններու գործի ցանցը՝ պնդելով, որ նոյնինքն Մարուքէ Իբրանոսեան Ահմէտ Սըրրը Ապրանոսզատէն դեռ իսլամ էր եւ ըստ օրէնքին՝ իսլամը չէր կրնար ժառանգութիւն ձգել քրիստոնեայ ժառանգներուն։ [36] Անգարայի մէջ քեմալական կառավարութեան կողմէ Իբրանոսեանի ունեցուածքին բռնագրաւումը նոյնիսկ դարձաւ Յունուար 1921-ի Անգարայի Մեծ Ազգային ժողովի խորհրդարանական քննարկումներու մէկ նիւթը: Կ՚ենթադրուէր, որ աճուրդի դրուած Իբրանոսեաններու գոյքերուն եկամուտը կը կազմէր մօտ 700.000-էն 800.000 թրքական լիրա եւ կը նախատեսուէր ֆինանսաւորել պիւտճէի բացը Անգարայի կառավարութեան, որ այդ ժամանակ կը մղէր «Ազգային Ազատագրումի Պատերազմը»։ [37] Նոյն ձեւով, Իբրանոսեաններուն պատկանող երկու նաւերը՝ «Թուրան»-ը եւ «Անգարա»-ն («Անգարա»-ն հետագային վերանուանուեցաւ «Շահին»), բռնագրաւուեցան Անգարայի կառավարութեան կողմէ [38], իսկ «Շահին»ը օգտագործուեցաւ մինչեւ անոր խորտակումը՝ Հոկտեմբեր 1923-ին [39]: Միւս կողմէ, նոր վերահիմնադրուած İpranos Shipping Company-ին, որուն կը պատկանէին այդ նաւերը, նորաստեղծ պետութեան կողմէ պիտի չտիրուէին, այլ պիտի լուծարուէր այն հիմքով, որ ընկերութեան բաժնետոմսերը հիմնականին մէջ կը պատկանին իսլամներուն, իսկ ընկերութեան բաժնետէրերը պիտի հրաւիրուէին ներկայանալու՝ ստանալու համար իրենց վճարումները աւելի ուշ՝ 1930-ականներու սկզիբին: [40] Հակառակ քեմալական կառավարութեան այս բռնագրաւումներուն, Մարուքէի եւ Իբրանոս Իբրանոսեանի ժառանգները մնացին Թուրքիոյ մէջ 1920-ականներու սկիզբին։ Օրինակ՝ Պոլսոյ Առեւտուրի պալատի 1923 թուականի տոմարին մէջ նշուած են երեք տարբեր գրառումներ՝ «Ափրանոսեան» ազգանունով։ Dilsizzade Han-ի մէջ գտնուող «Abranosyan Karabet, Mihran, Berec»-ը եւ «Aşir Efendi Caddesinde Basiret Han, 27» հասցէին մէջ գտնուող «Abranosyan Marouke Ticarethanesi»-ն: Երրորդ «Ափրանոսեան»-ը «Abranosyan Karabet»-ն է, որ կը գտնուէր Շարք Քատէսըի մէջ: Մինչ առաջին երկու արձանագրութիւններուն մէջ նշուած են «Ափրանոսեաններ»-ու ընտանիքի անդամներուն մասնագիտական ոլորտները որպէս «banker ve manifatura», այսինքն՝ դրամատնավարներ եւ կերպասեղէնի վաճառականներ, երրորդ գրառումին մէջ կը նշուի բացառապէս «Karabet Abranosyan»՝ մասնագիտութեամբ որպէս «manifatura»: [41] Ընկերութիւնը կամ այն, ինչ մնացած էր Իբրանոսեան եղբայրներէն, կարծես երկու մասի բաժնուած էր հանգուցեալ Մարուքէ Իբրանոսեանի եւ Իբրանոս/Եփրեմ Իբրանոսեանին կողմէ։ Սակայն Պոլսոյ մէջ իրենց գործը շարունակելու ընտանիքի փորձերը եղան ժամանակաւոր: Ծագումնաբանութեան աղբիւրներուն [42] մէջ որոնումը կը տեղորոշէ արտասահման անցնող Իբրանոսի/Եփրեմի ժառանգորդները՝ Կարապետը, Պերճը եւ Միհրանը: Վերջին անգամ Թուրքիոյ մէջ «Annuaire Oriental»-ին մէջ Իբրանոսեան անունը յայտնուած է 1923 թուականին: Օրինակ, 1925 թուականին երեք եղբայրներ նշուած են որպէս Պուքարէսթի «Իբրանոսեան եղբայրներ» կազմակերպութեան գործընկերներ: 1936-ին Կարապետ յայտնուած է Պերլինի հեռաձայնային հասցէագիրքին մէջ։ 1950 թուականին Պերճ Իբրանոսեան կը նշմարուի Արժանթինի ներգաղթի հասցէագիրքին մէջ իր որդւոն՝ Ռատուին հետ՝ Ֆրանսայի Քան քաղաքէն Արժանթին ժամանած։ [43]
Իբրանոսեաններու պատմութիւնը մէկ տեսակի պատմութիւն չէ, այլ բազմաթիւ թեմաներով պատմութիւն։ Այն դրամատիրութեան անսպասելի ծաւալումէն օգուտ քաղող դրամագլուխի պատմութիւն մըն է Առաջին համաշխարհային պատերազմին անմիջապէս նախորդող ժամանակաշրջանին։ Այն նաեւ ունեզրկման եւ սփռումի պատութիւն մըն է: Այն նաեւ գաւառական գաւառացի գործարարն է, որ հռչակաւոր կը դառնայ հանրութեան մէջ: Իբրանոսեաններուն պատմութիւնիը, այլ խօսքով, իսկապէս հայկական է` տեղական, ազգային, բայց միեւնոյն ժամանակ եւ հաւասարապէս համաշխարհային իր երանգներով:
- [1] Halil İnalcık, Türkiye Tekstil Tarihi Üzerine Araştırmalar (İstanbul: Türkiye İş Bankası Kültür Yayınları, 2021 թ.), էջ 112:
- [2] Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ», (Վենետիկ, Վենետիկի ՍուրբՂազար կղզի, 1966), էջ 503:
- [3] Նոյն, էջ 504:
- [4] Annuaire Oriental (Annien Indicateur Oriental du Commerce De L’Industrie de L’Administration et del Magistrature: 10eme Année 1891 (Cervati Freres and Cio: Constatinopolis), էջ 241։
- [5] «Զարթօնք» օրաթերթ, 4 Նոյեմբեր 1938։
- [6] Ժոան Ճորճ, «Վաճառականներ՝ աքսորի մէջ. Հայերը Անգլիոյ Մանչեսթըրի մէջ», 1835-1935, (Փրինսթոն եւ Լոնտոն: Կոմիտաս հիմնարկ, 2002), էջ 23:
- [7] Ցուցակը, որ Ժոան Ճորճ կազմած է Slater’s Directories of Manchester, Salford and Suburbs, 1901, 1902 and 1903-էն, կը ներկայացնէ Իբրանոսեան եղբայրները որպէս վաճառականներ Պետրոս թիւ 11 հասցէին մէջ, տե՛ս Ճորճ, «Վաճառականներ՝ աքսորի մէջ», էջ 236։
- [8] Liverpool Mercury, 3 Սեպտեմբեր 1900:
- [9] Սիմոնեան, «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ», էջ 505-506:
- [10] Նոյն:
- [11] Նոյն, էջ 506:
- [12] Hadi Belge, “Osmanlı Taşrasında Bir Azınlık Ticaret Okulu: Surp Nikgos Abranosyan Ticaret Mektebi,” in Zührem Yaman, ed., Sosyal, Beşeri ve İdari Bilimler Alanında Uluslararası Araştırmalar VI, (İstanbul:Eğitim Yayınevi, 2021), էջ 953-985:
- [13] Ahmet Zeki İzgöer and Ramazan Tuğ, Padişah’ın Himayesinde: Osmanlı Kızılay Cemiyeti 1911-1913 Yıllığı (Ankara: Türk Kızılayı Yayınları, 2013):
- [14] Սիմոնեան, «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ», էջ 512:
- [15] Le Temps, 4 Յուլիս 1913:
- [16] catalogue.bnf.fr/ark:/12148/cb306356017
- [17] Zakarya Mildanoğlu, Ermenice Süreli Yayınlar, 1794-2000 (Aras Yayıncılık: 2014), էջ 95:
- [18] «Lillie», հասանելի է https://www.hhtandn.org/hartlepool-ships-and-shipping/shipbuilding/206/Withy%27s%20shipyard/ship/1178/lillie կայքէջի վրայ (Մուտք գործած է 6 Ապրիլ 2022-ին):
- [19] «SS Şahin», հասանելի է https://www.wrecksite.eu/wreck.aspx?248403 կայքէջին վրայ, (Մուտքգործուած է 28 Մարտ 2022-ին):
- [20] The Treatment of Armenians in the Ottomen Empire, 1915-1916: Documents Presented to Viscount Gray of Fallodon (London: Sir Josephy Causton and Sons, 1916), էջ 16.
- [21] Oya Gözel Durmaz, “Tehcirde Ermeni Bir Tüccarın Hikayesi: Maruke İpranosyan,” in Yok Edilen Medeniyet: Geç Osmanlı ve Erken Cumhuriyet Dönemlerinde Gayrimüslim Varlığı, eds., Ararat Şekeryan and Nıvart Taşçı (Istanbul: Hrant Dink Vakfı Yayınları, 2017), էջ 117, տողատակ 5։
- [22] Սիմոն Առաքելեան, Ankara Vukuatı: Menfilik Hatıralarım (İstanbul: Aras Yayınları, 2017), էջ 138։
- [23] Կիոզէլ Տուրմազ, «Tehcirde Ermeni Bir Tüccarın Hikayesi: Maruke İpranosyan», էջ 116-117:
- [24] Նոյն, էջ 117-119:
- [25] Նոյն, էջ 121:
- [26] Նոյն, էջ 122-123:
- [27] «Արեւ», 6 Հոկտեմբեր 1920:
- [28] Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն. Լոնտոնէն մինչեւ Սեւր, 1920 Փետրուար-Օգոստոս», Գ. հատոր (Berkeley: University of California Press, 1996), էջ 282, 284։
- [29] Hovannissian, The Republic of Armenia: From London to Sevres, February-August 1920, էջ 286; Ալ. Խատիսեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», (Պէյրութ, տպ. Համազգային, 1968), էջ 229։
- [30] «Հայրենիք», 4 Օգոստոս 1920:
- [31] New York Tribune, 28 Սեպտեմբեր 1920:
- [32] Leicester Daily, 23 Փետրուար 1921:
- [33] Leicester Daily, 23 Փետրուար 1921, The Orient News, 5 Նոյեմբեր 1920; The Orient News, 10 Դեկտեմբեր 1920, Nouvelliste Valaisan, 25 Նոյեմբեր 1920:
- [34] Խատիսեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», էջ 229։
- [35] The Orient News, 16 Յունուար 1921; «Ճակատամարտ», 14 Յունուար 1921, Leicester Daily, 23 Փետրուար 1921:
- [36] The Orient News, 16 Յունուար 1921, The Orient, 10 Նոյեմբեր 1920:
- [37] TBMM Zabıt Ceridesi, 3.1.1337, 128. İçtima, էջ 141:
- [38] Gözel-Durmaz, «Tehcirde Ermeni Bir Tüccarın Hikayesi: Maruke İpranosyan», էջ. 122-123:
- [39] «SS Shahin», հասանելի է https://www.wrecksite.eu/wreck.aspx?248403 , (Մուտք գործուած է 28 Մարտ 2022-ին):
- [40] Gözel-Durmaz, «Tehcirde Ermeni Bir Tüccarın Hikayesi. Maruke İpranosyan», էջ 123:
- [41] Dersaadet/İstanbul Ticaret ve Sanayi Odasında Kayıtlı Olan Banker, Tüccar ve Komisyoncuların İsimleri (1923), (İstanbul: İstanbul Ticaret Odası Yayınları, 2008)։
- [42] genealogyindexer.org (Մուտք գործուած է 3 Ապրիլ 2022-ին)։
- [43] cemla.com/buscador/ (Մուտք գործուած է 3 Ապրիլ 2022-ին)։