Ամասիա, 1910. Իբրանոսեան եղբայրներուն դերձակատունը (Աղբիւր՝ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966)։

Ամասիա – Արհեստ եւ վաճառականութիւն

Հեղինակ՝ Լոռի Թաշճեան 01/02/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 01/02/2022)

Բարեկեցիկ կեանքը Ամասիոյ հայութեան կարեւոր յատկանիշներէն կը համարուի։ Առնուազն այս տպաւորութիւնը կ՚ունենանք երբ կը կարդանք Գաբրիէլ Սիմոնեանի «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ» ծաւալուն գիրքը։ Հոն նշուած է, որ իւրաքանչիւր ընտանիք նուազագոյնը բնակարան մը եւ այգի մը ունէր: Մեծ էր թիւը այն ընտանիքներուն, որոնց նիւթական կարողութիւնները կը սահմանուէին երկու հարիւրէն մինչեւ հազար օսմանեան ոսկիով, ինչ որ այդ ժամանակներուն համար որոշ հարստութեան մը ցուցանիշ էր: Կային նաեւ քառասունի չափ ընտանիքներ, որոնց նիւթական ունեցուածքը - կալուածային եւ դրամական - հազարէն մինչեւ եօթը հազար օսմանեան ոսկիով կը գնահատուէր: [1]

Ամասիոյ հայերուն մէջ կարօտեալ կամ աղքատ ընտանիքները թիւով քիչ էին: Աշխատանքի կարելիութիւնները առատ էին: Աշխատաւոր ձեռքը անգործ չէր մնար: Սիվաս/Սեբաստիոյ նահանգիաւաններէն եւ գիւղերէն հայ մշակներ կու գային Ամասիա, ուր բեռնակրութիւն կ'ընէին. տարուան մը չարքաշ աշխատանքէ ետք՝ կը յաջողէին քանի մը մէճիտ խնայել եւ վերադառնալ իրենց ծննդավայրը: Ուրիշներ, որոնք նոյնպէս գլխաւորաբար տնտեսական դրդապատճառներով Ամասիա եկած էին շրջակայ վայրերէ, ինչպէս Արաբկիր, Ակն, Կեսարիա, Կիւրին, արդէն վերջնականօրէն հաստատուած էին այս քաղաքին մէջ եւ տեղացիներ դարձած էին: [2]

Ամասիոյ հայ բնակչութեան մեծամասնութեան զբաղումը արհեստներն էին։ Երկրագործութեամբ զբաղող շատ չկար։ Քաղաքին շրջակայ մշակելի հողերուն սեփականատէրերը մեծամասնութեամբ թուրքեր էին։ Արհեստներու մէջ հայերը հմուտ վարպետներ էին, որոշ արհեստներ ժառանգաբար կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ: Ամէնէն մեծ թիւ կը կազմէին դերձակութեան, երկաթագործութեան, ատաղձագործութեան, կօշկակարութեան, կտաւագործութեան, թիթեղագործութեան արհեստանոցները: Ամասիան ջրառատ վայր մը ըլլալով, կային նաեւ բազմաթիւ ալիւրի ջաղացքներ։ Քաղաքին մէջ կը գործէին մետաքսի գործարաններ: Արհեստներունկողքին, քաղաքի տնտեսութեան համար կարեւոր ճիւղեր էին նաեւ այգեգործութիւնն ու երկրագործական այլ աշխատանքներ:

Ամասիացիները իրենց դրացի քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն հետ կը կատարէին աշխուժ առեւտուր: Անոնք կ'արտածէին գլխաւորաբար հիւսուածեղէն, կաշի, բուրդ, ալիւր, հացահատիկներ, չորցած պամիա, խաղող, խնձոր, գինի, ճեհրի կոչուած բուսական դեղին ներկը, եւայլն:

Այգեկութք։ Հագուստներէն դատելով լուսանկարին թուականը կրնայ ըլլալ 1920-ական կամ 1930-ական թուականներ։ Այնպէս որ վստահ չենք թէ լուսանկարը առնուած է Ամասիոյ մէջ կամ այլուր։ Լոյս տեսած է Ամասիոյ յուշամատեանին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ թէ լուսանկարին մէջ երեւցող անձերը ամասիացի հայեր են (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։

Հոս կը ներկայացնենք 19-րդ դարու վերջին քառորդէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը Ամասիոյ մէջ հայ բնակչութեան կողմէ կիրարկուող արհեստները, ըստ կարելիին յիշելով կարգ մը արհեստաւորներու անունները: Մեր հիմնական աղբիւրը Գաբրիէլ Սիմոնեանի գիրքն է, որ մեծ մասամբ կեդրոնացած է հայերու կողմէ բանուող արհեստներուն վրայ։ [3] Արհեստաւորներուն թիւերուն մասին տրուած տեղեկութիւնները կը վերաբերին մինչեւ Ցեղասպանութիւնը տիրող իրավիճակին։

Փռապան, անուշավաճառ

Ամասիան հռչակաւոր էր իր խմորեղէններով: Ամասիացի վարպետներուն համբաւը տարածուած էր Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին:

Առաւօտ կանուխ փուռերէն կը հանէին փոքր շրջանակաձեւ բոկեղը, որուն կու տային սիմիտանունը։ Պատրաստելու համար՝ խմորը կը թաթխեն եռացած ջուրի եւ որոշ ժամանակ շոգիի մէջ կը պահեն։ Ապա վրան կը ցանեն խորոված սուսամի հունտ եւ անկէ ետք փուռին մէջ կ՚եփեն։

Անուանի էին նաեւ կարագ իւղով եւ ընկոյզով պատրաստուած չէօրէկները, նօխուտլու եւ ճէվիզլի կոչուող չէօրէկները, ինչպէս նաեւ կաղանդի գիշերուան յատուկ փոկեղներու տեսակները:

Ամասիա. ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։

Ամասիոյ մէջ կային հինգ վարպետ հայ փռապաններ, որոնց մասնագիտութիւնն էր այսպիսի խմորեղէններ պատրաստելը: Անոնց կու տային չէօրէկճի անունը։ Ասոնցմէ մէկն էր Արմենակ Մօրուքեան, որ թէեւ Յիսուսեան հայրերու վարժարանը յաճախած էր, սակայն նախընտրած էր շարունակել հօրը արհեստը՝ փռապանութիւնը: Մեծ եղեռնի օրերուն Արմենակ եւ ուրիշ հայ վարպետ փռապան մը յատուկ հրամանով զերծ կը մնան տեղահանութենէն, նկատի ունենալով որ իբրեւ յայտնի փռապան անոնց ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն մը կը համարուէր տեղացի իսլամներուն համար։ [4]

Ամասիոյ փուռերուն մէջ կը պատրաստէին նաեւ որակաւոր նկանակներ. անուանի էրմանաւանդ բիտէ կոչուած հաւկթաձեւ երկար ու բարակ հացը, ինչպէս նաեւ իսլամական տօներուառթիւ պատրաստուած կլոր ու բարակ հացերը: Գոյութիւն ունէին մօտաւորապէս 8 հայկական փուռեր։ Անուանի հացագործներէն էին ՝ էքմէքճի Նազար Նազարէթեանը, Կոճակճի կեղծանունը կրող փռապանը եւ Իշխան Եղիան: [5]

Քաղաքին մէջ կային երկու թուրք անուշավաճառ (շէքէրճի), որոնք այլազան շաքարեղէններ կը պատրաստէին։ Նշանաւոր վարպետները հայեր էին. ամէնէն հռչակաւորներէն էին Յարութիւն Գարաճեանը եւ շէքէրճի Ղայսէրցի (կեսարացի) Տիգրանը: [6]

Ամասիա (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)։

Նշանաւոր էր Ամասիոյ հէլվան, որ կը պատրաստուէր թահինի իւղով, ալիւրով եւ շաքարով: Հինգ-վեց տեսակ հէլվա կար։ Օրինակ, կար տեսակ մը, որ բիտէի ձեւ ունէր, վրան կը ցանուէր խորոված սուսամի հունտ։ Ուրիշ մը կար, որուն մէջ կը խառնէին ծեծուած ընկոյզի միջուկ եւ մեծ կտորներու կը վերածէին. այս մէկը Սուրբ Սարգիսի հէլվա կը կոչուէր: Հէլվայի պատրաստութեան մէջ նշանաւոր էր Օհան Եղիազարեանը: Կային նաեւ երկու թուրք հէլվաճիներ։ Երբեմն հայ տիկիններ, նուրբ մանուած խուրձը յիշեցնող տեսակ մըն ալ կը պատրաստէին. այս մէկուն թել-թել հէլվա կ'ըսէին, պատրաստելը դժուար էր, կը հրամցուէր ձմռան գիշերները՝ յատուկ հիւրերու: [7]

Երկաթագործ, թիթեղագործ, պղնձագործ եւ ուրիշներ

Ամասիոյ մէջ վարպետ հայ երկաթագործներուն (տէմիրճի, չիլինկիր) թիւը իրենց աշկերտներուն հետ միասին կը հասնէր 150-ի: Անոնք գլխաւորաբար կը շինէին երկաթէ արօրի խոփ, կացին, բրիչ, զէնք, թի, բահ, եւայլն: [8] Ըստ 1890-ի տուեալներուն, Ամասիոյ մէջ գոյութիւն ունէր 30 երկաթագործի աշխատանոց, որոնց տէրերը հայեր էին։ [9]

Կային 11 հայ թիթեղագործներ (թէնէքէճի), որոնք թիթեղէ զանազան իրեր կը պատրաստէին։ Ասոնց շարքին ամէնէն երէց վարպետը Գաբրիէլ Ճամճեանն էր, որ թիթեղեայ սամովարներ ալ կը շինէր: Ըստ 1890-ի տուեալներուն, թիթեղագործի աշխատանոցներուն թիւը 5 էր, բոլորն ալ՝ հայեր։ [10]

Պղնձագործներ (գազանճի) թիւով ամէնէն աւելի շատ կը գտնուէին Ամասիոյ մօտակայ Թոգատի եւ Մարզուանի մէջ։ Ամասիոյ մէջ այս արհեստը կիրարկող խանութ-արհեստանոցներուն թիւը ութն էր: Անուանի էին՝ Մավեան եղբայրները, Գազանճի Յովհաննէսը, որ վարպետ էրեւրոպական տիպի օղիի պղնձեայ թորանոցներ շինելուն մէջ: [11]

Զանգակագործ (չանղճի) երկու հայ վարպետներ կային։ Անոնք պղինձ եւ այլ մետաղներ հալեցնելով կը շինէին թափցու մեծ ու փոքր զանգակներ, ինչպէս նաեւ դեղին արոյրէ կը շինէին աշտանակներ, խնկամաններ, եւայլն: [12]

Հինգ հայ դանակագործներ (պըչագճի) կային։ Բացի դանակէն, անոնք կը շինէին զմելի, յօտոց, ոստայնանկի մագոգ, եւայլն: Նշանաւոր դանակագործներ էին Փանոսեան եղբայրները: [13]

Վառարանագործութեամբ (սօպաճի) զբաղող երկու հայ եւ մէկ կովկասցի թաթար արհեստաւորներ կային։ Անոնք երկաթ թերթերով վառարաններ եւ վառարանի խողովակներ կը շինէին: Երկու հայ վառարանագործները կը կոչուէին Նշան Թապաքեան եւ Արմենակ Սամուրքաշեան: [14]

Ամասիայէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Մանուսայագործ (տօնլուխճի)

Տասէ աւելի հայեր սեփականատէր էին մանուսայագործութեան (ջուլհակագործութիւն, կտաւագործաութիւն) աշխատանոցներու, որոնք ընդհանրապէս շինուած էին իրենց մեծ տուներուն բակերուն մէջ։ Հոն աշխատողներն ալ ամբողջութեամբ հայեր էին: Այս արհեստաւորներուն կողմէ արտադրուած հիւսուածեղէնը կը ծախուէր մեծաքանակ: Բացի ասկէ, անհատական տուներու մէջ կտաւագործութեան առանձին ոստայներ եւ թել մանելու ճախարակներ կային։ Հոս, ընտանիքի անդամներ՝ կին եւ տղամարդ, միասին կը գործէին։ Այս արհեստով զբաղողները հայերն էին։

Մանուսայագործութիւնը գործ կը հայթայթէր բազմաթիւ այլ արհեստաւորներու, ինչպէս հիւսուածեղէնի ներկարար, ոստայնի զանազան բաժինները շինող արհեստաւոր, հիւսուածեղէնը արդուկող, եւայլն։ Այս գործարաններուն մէջ հայ աշխատաւորներուն թիւը կին եւ այր մարդ, երբեմն հազարէ աւելի կ'ըլլար:

Մանուսայի ամէնէն մեծ աշխատանոցներուն սեփականատէրերն էին՝ Իբրանոսեան եղբայրները եւ Էնֆիյէճեան եղբայրները։ Աւելի փոքր չափի աշխատանոցներ ունէին՝ Թերզիպաշեան ընտանիքը, Յովհաննէս Պէկեանը, Յակոբ Գազանճեանը, Պահչէկուլեան ընտանիքը։ Թորոս Տէօվլէթեան եւ Յարութիւն Իզմիրեան նոյնպէս աշխատանոցներ ունեցած են, բայց այս երկուքը 1915-էն առաջ իսկ գաղթած են Միացեալ Նահանգներ։

Արտադրուած մանուսան մեծ մասամբ կը վաճառուէր Ամասիոյ գաւառին մէջ: Գաբրիէլ Սիմոնեան Ամասիոյ մասին իր գիրքին մէջ կը գրէ, թէ մանուսայագործութեան արհեստը ծանր հարուած մը կը ստանայ Ամասիոյ մէջ, երբ Իբրանոսեան եղբայրները կը սկսին աժան գինի հիւսուածեղէն ներածել Անգլիայէն: [15]

Մանուսա գործուածքի տեսակներ (Աղբիւր՝ Անդրանիկ Լ. Փոլատեան, Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, 1969)։

Գուլպայագործութիւն (չօրապճի)

Սովորութիւն էր հագուիլ տուներու մէջ գործուած գուլպաներ։ Մինչեւ 1915 թուականը, քաղաքին մէջ կար գուլպայ վաճառող խանութ մը, որուն տէրը թուրք մըն էր։ Գուլպայի գործարաններ ունէին Գասպար Իփէկեան եւ Գէորգ Ժամկոչեան։ Հոս կը գործէին 10-15 մեքենայ, որոնց ճամբով կ՚արտադրուէր արեւմտեան ոճի գուլպաներ։ [16]

Ամասիայէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Հիւսուածեղէնի ներկարար

Ամասիոյ մէջ կը գործէին թիւով 15-ի չափ հայ ներկարարներ (պօյաճի), որոնք հիւսուածեղէն եւ մանած կը ներկէին զանազան գոյներով: Անոնք իրենց ներկերը կը պատրաստէին տարբեր արմատներէ։ Նշանաւոր էր մանաւանդ ճեհրի (reseda luteola) կոչուած թուփին պտուղէն արտադրուած ներկը, որ կ՚ըլլար դեղին: Այս ներկէն մաս մըն ալ կ՚արտածուէր Եւրոպա։ Շատեր այս բոյսը կը մշակէին իրենց արտերուն մէջ։ Բայց աւելի ուշ, Ամասիայի շուկան կը հասնին եւրոպական, յատկապէս գերմանական աժան եւ քիմիական ներկեր։ Այնուհետեւ ճեհրի բոյսին գործածութիւնը կը դադրի։ Քաղաքին զանազան կողմերը երկար ատեն կ՚երեւէին այս բոյսին զանազան պարտէզները լքուած վիճակի մէջ։ [17]

Ճեհրի (reseda luteola) (Աղբիւր՝ Johann Georg Sturm / Jacob Sturm, Deutschlands Flora in Abbildungen,1796; www.biolib.de/sturm/flora/high/Sturm06041.html).

Կառապան (արապաճի) եւ … առաջին ինքնաշարժը Ամասիոյ մէջ

Այս գործով զբաղող յիսունի չափ հայեր, տասի չափ արնավուտներ (ալպանացիներ) եւ Կովկասէն գաղթած իսլամներ (թաթարներ) կային:

Ամասիան բաւական բարեկարգ սայլուղիով կապուած էր Թոգատի եւ Սամսոնի։ Զոյգ կամ եռաձի չորս անիւներով կառքեր, Ամասիայէն Սամսոն եւ հոնկէ ալ մինչեւ Խարբերդ, Տիարպէքիր, Կեսարիա եւ ներքին այլ քաղաքներ ամէն տեսակ ապրանքի փոխադրութիւն կ'ընէին: Անուանի կարաւանատէրեր էին՝ Գէորգ Տանաճեան, Հաճի Յակոբ Ուրզանճեան, Գէորգ Շահսըվարեան, Յովհաննէս Թիւլէկեան եւ Յակոբճան Փանոսեան:

Այս կառքերը շինողները նոյնպէս կ'անուանուէին արապաճի. անոնցմէ հինգը հայ եւ երկուքը Կովկասէն գաղթած իսլամներ էին: Հայ վարպետները կը շինէին զսպանակաւոր եւ վրան գոց ճամբորդական կառքեր:

Յատկանշական է նշել, որ 1910-ին Ամասիոյ մէջ կազմուած էր ինքնաշարժի ընկերութիւն մը: Անոր անդամներէն էր Արմենակ Սամուրքաշեան, որուն  եղբայրները՝ Տիգրան եւ Աբիսողոմ գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ։ Այս վերջինները Արմենակին կը ղրկեն ամերիկեան ինքնաշարժ մը, որ առաջինը կ՚ըլլայ քաղաքին մէջ։ Արմենակ Եւրոպայէն Ամասիա կը ներածէր նաեւ հեծանիւեր: [18]

Երկու ձիով քաշուող կառք մը եւ իր կառապանը (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)։

Թամբագործ

Ամասիոյ շուկային մէջ երկու հայ եւ մէկ չէրքէզ թամբագործ (սարաճ) իրենց աշխատանոցները ունէին: Կը շինէին չէրքէզի «էղէր» կոչուած ձիու թամբեր ու արծաթեայ զարդերով կազմածներ, ինչպէս նաեւ «օսմանլը» կոչուած թամբեր, փոխադրակառքերու ձիերու կազմածներ, մարդկանց կաշիէ գօտիներ, եւայլն: Այս արհեստին մէջ հմտացած վարպետներ էին Մարտիրոս եւ Յովհաննէս Ածիկեանները։ Անոնք նշանաւոր էին ձիերու թամբերուն եւ կառքերուն «սավաթլու» կոչուած արծաթեայ զարդեղէնները աւելցնելով: [19]

Հիւսուածեղէնի սանտրագործ (տարաքճի)

Մինչեւ Եւրոպայէն մետաղեայ սանտրերու ներածումը, Ամասիոյ մէջ կը գործէր Հաճի Յովհաննէս Սիմոնեանի աշխատանոցը, ուր կ'աշխատէին վարպետներ՝ Օհան Տարաքճեանը, Կարապետ Զօրիկեանը եւ ուրիշներ: Հաճի Յովհաննէս, ճանչցուած էր տարաքճի անունով, հմուտ վարպետ մըն էր, իր հնարած փայտեայ գործիքներով տեղացի ոստայնանկներու բոլոր պէտքերուն կը հասնէր. ամէն տեսակ նուրբ եւ տոկուն սանտրեր կ'արտադրէր, ինչպէս նաեւ տեղական եղեգով գիւղացիներու յատուկ սանտրեր։ Ան Ատանայէն բերել կու տար աւելի կարծր եղեգներ, որոնցմէ շինուած սանտրերը աւելի որակաւոր կը համարուէին:

Հաճի Յովհաննէսի աշխատանոցի մնայուն յաճախորդներ էին Ամասիոյ մէջ երկու ամէնէն յայտնի մետաքսեայ հիւսուածեղէն արտադրողներ՝ Իփէքճեան եւ Իբրանոսեան ընտանիքները։ Ապսպրանքներ կը ստանային նաեւ մօտակայ Մարզուանէն, երբեմն ալ Պոլիսէն։

20-րդ դարու սկիզբին ծայր կ՚առնէ Ամասիոյ մէջ եւրոպական մետաղեայ սանտրերու ներածումը։ Հաճի Յովհաննէս եւ իր որդին՝ Միհրանը, կը ստիպուին փակել իրենց աշխատանոցը եւ կը սկսին առեւտուրով զբաղուիլ։ [20]

Ամասիա, 1910. Իբրանոսեան եղբայրներուն դերձակատունը (Աղբիւր՝ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966)։

Դերձակ, ասեղնագործ

Ամասիոյ մէջ կային տասէ աւելի աշխատանոց ունեցող հայ դերձակներ (թէրզի), որոնք չափի վրայ, ըստ ապսպրանքի այր մարդոց կերպասէ զգեստներ կը կարէին: Կանանց յատուկ մասնաւոր դերձակատուներ չկային: Տուներու մէջ կարի մեքենայ ունեցողներ կը կարէին ծանօթներու եւ յաճախորդներու հագուստներ: Այս ձեւով, տուներու մէջ դերձակութիւն ընող տասի չափ հայուհիներ կային: Ըստ 1890-ի տուեալներուն, Ամասիոյ մէջ կը գործէին դերձակի 20 խանութ, որոնցմէ 15-ը հայ, իսկ 5-ը յոյն էր։ [21]

1908-ի Սահմանադրութենէն ետք, Ամասիոյ մէջ Հայր Քաջունիի բացած աշխատանոցին մէջ կար բաժին մը, ուր հայուհիներ կը հետեւէին դերձակութեան դասընթացքներու: [22]

Այս դասական դերձակներուն կողքին կային նաեւ յատուկ գիւղացիներու հագուստ կարող դերձակներ։ Անոնք կը կոչուէին «ապաճի», նկատի ունենալով որ անոնց կարածը ապան էր (ապայա): Ամասիոյ մէջ չորս հայ եւ մէկ յոյն ապաճիի աշխատանոցներ կային: Ապաճիութիւն կ՚ընէր նաեւ Իբրանոսեան դերձակատունը։ Անոր գլխաւոր վարիչն էր Յովհաննէս Դարբինեանը, որ հետագային կ՚ունենայ իր անձնական դերձակատունը: [23]

Կիներու եւ երիտասարդ աղջիկներու յատուկ արհեստ մըն էր ասեղնագործութիւնը (նախշըճի), որ կ'աշխատցուէր տուներու մէջ: Անուանի ասեղնագործ աշխատող մըն էր տիկին Գայիանէ Էլպէկեանը, որուն կ'օգնէին իր երկու աղջիկները: [24]

Սափրիչ

Ամասիոյ մէջ սովորութիւն էր, որ այր մարդիկ շաբաթը մէկ անգամ սափրուին: Քաղաքին մէջ ընդամէնը ութ հայ սափրիչի (պէրպէր) խանութ կար։ Ամէնաերէց սափրիչը Պոլիս գացած, ապավերադարձած Վահան Տինկիլեանն էր: Սափրիչները միեւնոյն ատեն կը զբաղէին ժողովրդային ատամնաբուժութեամբ: [25]

Մսավաճառ

Մսավաճառներէն (ղասապ) յայտնի էին Մերտինեան, Եսայի Եզեկեան եւ որդին՝ Եզեկ, Քերովփէ Քէպապճեան եւ որդիք, Արիստակէս Մանասեան, Բարսեղ Բարսեղեան, Դաւիթեան եղբայրներ, եւայլն: Կը յիշատակուին նաեւ երկու թուրք մսավաճառներ, որոնցմէ մէկուն անունը Թիմարխանէճի էր։ Տխրահռչակ կը դառնայ, նկատի ունենալով որ Մեծ եղեռնի ժամանակ մսագործի իր դանակով հայու գլուխներ կտրած է։ [26]

Մեքենագէտ եւ ձուլիչ

Մեքենագէտներուն (մաքինիսթ) բոլորը հայեր էին: Մեքենագէտ վարպետներ էին Գրիգոր Մելքոնեանը (հետագային Ամերիկա կը գաղթէ), Յակոբ եւ Զաքար Խաչիկեան եղբայրները, Պօղոսեան եղբայրները, Յարութիւն Էժտարեանը, Ռուբէն Աւագեանը, Յովհաննէս Տէյիրմէնճեանը, Գաբրիէլ Քիրիշճեանը, Միհրան Ֆէրհատեանը, եւայլն: [27]

Գործարաններու մեքենաներուն զանազան մասերը եւ գործիքները ձուլող վարպետները (տէօքմէճի) հայեր էին: Անոնցմէ նշանաւոր էին Նազարէթ Նազարեանն ու Համբարձում Թապագեանը: [28]

Կօշկակար (ղօնտուրաճի), տրեխագործ (չարուխճի)

Եւրոպական ձեւի տղամարդու եւ կիներու ամէն տեսակի կօշիկ շինող վարպետները (ղօնտուրաճի) հայեր էին։ Կը գործէր նաեւ յոյն վարպետ մը: Տասի չափ արհեստաւորներէն անուանի էին Հաճիճանեան եւ որդիք, Յարութիւն Աբէթեան, Քէօլէեան եւ Պախթիյարեան եղբայրները: [29]

Չարուխճիները կօշկակարական այլ ճիւղի մը կը պատկանէին։ Անոնք կը կարէին չարուխը (տրեխ), որ կը գործածուէր ամէնէն շատ գիւղացիներուն կողմէ։ Տրեխը կը պատրաստուէր արջառներու չորցած մորթէն: Կը գործէին մօտ տասը տրեխագործներ, որոնցմէ մէկն էր Թորոս Սաատէթեանը: [30]

Ըստ 1890-ի տուեալներուն, Ամասիոյ մէջ կը գործէին կօշկակարի 50 աշխատանոց, որոնցմէ 35-ը հայեր, իսկ 15-ը յոյներ էին։ [31]

Ատաղձագործ

Վեց հայ ատաղձագործներ (մարանկէօզ) կային. անոնցմէ անուանի էին Յովհաննէս եւ Գրիգոր Ճամճեանները, որոնք կը շինէին նուրբ եւ ճաշակաւոր կարասիներ: Ծանօթ էր նաեւ Գրիգոր Ճըռեանը որ Թոգատի մօտակայ անտառներէն, գետի հոսանքն ի վար կը բերէր հաստատուն մայրիի կոճղեր։ Մայրիի այս փայտով կը շինէր սնտուկներ, որոնք կը գործածուէին ընկոյզի միջուկ եւ«Միսկէթ» կոչուող խնձոր արտածելու: Նոյն փայտով կը պատրաստէր նաեւ դագաղ եւ կարասի: Ըստ 1890-ի տուեալներուն, քաղաքին մէջ կային 10 ատաղձագործի խանութ, որոնք բոլորն ալ հայեր էին։ [32]

Համբարձում Զաքարեան եւ կինը՝ Լուսիա Զաքարեան։ Համբարձում ծնած է Ամասիա 1880-ին, յաճախած է տեղւոյն Իբրանոսեան արհեստից վարժարանը, ուր մասնագիտացած է մեքենագործութեան մէջ։ Կը սպաննուի 1915-ին (Աղբիւր՝ Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966)։

Ոսկերիչ

Ամասիոյ մէջ հայերու պատկանող ոսկերչական վեց աշխատանոցներ կային: Նշանաւոր ոսկերիչ (ղույումճի) էր Ունճեան Ղույումճի Եղիան, որ կը շինէր ոսկեայ եւ արծաթեայ նուրբ զարդեղէններ եւ նշանտուքի մատանիներ: Ոսկիի, արծաթի եւ ալիւմնիոմի վրայ նուրբ փորագրութիւններով ծանօթ էր նաեւ Յովհաննէս Երեմեանը: [33]

Շերամաբոյծ

Շերամի հունտ բուծանող (թօխումճի) ամէնաերէց վարպետներէն էին Տիմոթէոս Պալըգճեան, Յովհաննէս Փէփէեան, Աքիֆ Էֆէնտի, Աբեդնագով Շամլեան։ Նորերէն ծանօթ էին Նշան Էվրանեանը եւ Արամ Դարբինեանը: 1907-ի տուեալներով, Ամասիոյ մէջ կը գործէին 17 շերամաբուծեր, որոնք ամէն տարի կը յաջողէին մօտ 25 հազար տուփ շերամի հունտ պատրաստել։ Այս հունտերէն մաս մը մինչեւ Թիֆլիս կ՚արտածուէր։

Ամասիոյ մէջ կը գործէր շերամի հնտաբուծական վարժարան մը, որուն ընդհանուր տնօրէնն էրՊոլիսէն եկած Պօղոս Վարդապետեանը: [34]

Չուանագործ

Չուանագործ (ուրղանճի) վեց հայ վարպետներ կային Ամասիոյ մէջ: Չուանը կը պատրաստէին հետեւեալ ձեւով. հնամենի մեքենայ մը հաստատուած կ'ըլլայ աշխատանոցին մէջ՝ մուտքի ճակատէն քիչ մը ներս։ Վարպետին փորին վրայ կը կապեն խուրձ մը սանտրուած կանեփ, որուն ծայրը կը կապեն մեքենային երկու պտուտակներուն։ Վարպետը իր մէջքին կապուած խուրձով դէպի ետ կ՚երթայ. այս ընթացքին պտուտակները եւ մեքենային անիւը կը սկսին դառնալ։ Վարպետը իր երկու ձեռքերուն մատներով շարունակ կանեփը ոլորելով հաստկեկ թելերու կը վերածէ եւ երբ կը հասնի աշխատանոցին կռնակի պատին՝ մօտ երեսուն մեթր երկարութեամբ հաստ չուան մը կազմուած կ՚ըլլայ։ Այս թելին ղըննապ կ՚ըսեն եւ կը գործածուէր պարկեր կարելու եւ այլ պէտքերու համար: Կար ղըննապի տեսակ մը, որ կը կազմուէր երկուքի փոխարէն երեք թելերով. այս մէկը սիճիմ կը կոչուէր։ Կարելի էր նաեւ ղըննապներու միացումով պատրաստել աւելի հաստ պարաններ: Ղըննապով կը շինէին նաեւ գրաստներու պախուրցներ (ձիու, իշու չուան), բեռներու կապոցներ, եւայլն: [35]

Ղութուճի

Այս արհեստը խաւաքարտէ եւ թուղթէ տուփեր պատրաստելն է։ Արհեստին վարպետներէն էրնախկին ուսուցիչ՝ Մկրտիչ Չաքըրեանը, որ աւելի ծանօթ էր Մկրտիչ պատուելի անունով։ Շատ փնտռուած էին անոր շինած շերամի հունտերու նուրբ տուփերը: Կար նաեւ Յակոբ Քիրիշճեան անունով վարպետ մը։ Ան շինած էր մեքենայ մը,  որուն միջոցաւ կարելի էր թուղթէ ծակոտկէն տփիկներ շինել եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ մէկ հատ հունտացու շերամի թիթեռնիկ պահել: [36]

Ապակեգործ

[Ամասիոյ մէջ առաջին անգամ պատուհանի եւ լապտերներու ապակիներ ներածողը եղած է՝ Գաբրիէլ Ճամճեանը։ Անոր որդին եւս ապակեգործ (ճամճի) էր եւ կատարելագործած էր այս արհեստը՝ զբաղելով միաժամանակ թիթեղագործութեամբ: [37]

Ամասիա, 1930-ականներու սկիզբը։ Հոս տակաւին ապրող հայկական փոքր համայնքին մէջ գործող դերձակութեան վարժարան մը, որ կը տնօրինուէր Օրիորդ Եաղլեանի կողմէ։ Ոտքի, ձախէն առաջինը՝ Վերժին Նիքսարլեան։ Միւսները անծանօթ են (Աղբիւր՝ Լեռնա Եանըք հաւաքածոյ, Պոլիս)։

Մետաքսագործ

Այս արհեստը աւանդական ոճով կիրառող չորս հայ վարպետներ կային: Մետաքսագործը (իփէքճի) խոզակէն մետաքսի թել քաշողն էր։ Իփէքճի կը կոչուէին նաեւ մետաքսեղէն հիւսուածեղէններու արդիական գործարանատէրերը:

Այս տեսակ առաջին գործարանը Ամասիոյ մէջ կը հիմնուի 1852-ին, Կէորկ Քրուկի կողմէ, որ Զուիցերիայէն գերմանացի մըն էր։ Ան հոս ղրկուած էր Քարլ Մէցի կողմէ, որ Ֆրայպուրկի մէջ յայտնի մետաքսագործ մըն էր։ Քրուկի բացած գործարանին մէջ կային մօտ 50 ճախարակներ եւ կը գործէին 100-ի չափ աշխատաւորուհիներ։ Կ՚ենթադրուի որ այս գործարանը կը փակուի 19-րդ դարու վերջին։

Ասկէ ետք արդիական ոճի երկու գործարան կը սկսի գործել քաղաքին մէջ. անոնցմէ մէկը կը պատկանէր Մարուքէ Իփէքճեանին։ Միւսին տէրը Իբրանոսեան եղբայրներներն էին։ Այս վերջինները արդէն ունէին մանուսայի գործարան մը, որուն կողքին ալ կը հիմնեն քաղաքին ամէնէն մեծ մետաքսագործարանը։ Տնօրէնն էր Մարուքէ Իփէքճեանի որդին՝ Մինաս Իփէքճեանը։ Իբրանոսեաններու այս գործարանը 1907-ին ունէր 55 տէզկեահ (ոստայն)։ [38]

Ամասիոյ գերմանական փոքր համայնքին երկու անդամներ՝ հայր եւ որդի։ Երկուքն ալ մասնագիտացած էին ջաղացպանութեան մէջ (Աղբիւր՝ Զարէ Մուրատեանի հաւաքածոյ, Պերլին)։

Քալլէնպախ ընտանիքին տունը Ամասիոյ մէջ։ Այս ընտանիքէն կարգ մը անդամներ հետագային կ՚ամուսնանան տեղացի հայերու հետ (Աղբիւր՝ Զարէ Մուրատեանի հաւաքածոյ, Պերլին)։

Այծի մազէ թել մանող (մութաֆ)

Այս վարպետները հնօրեայ գործիքներով կը մանէին այծի մազը եւ կը պատրաստէին դիմացկուն պարկեր ու տոպրակներ: Այս արհեստը գործող հայերէն կը յիշուին Հաճի Խաչիկ Մարմարեանը եւ Թավճեան ընտանիքը: [39]

Քարկոփ (տաշճի)

Ամասիոյ մէջ առանց աղիւսի չոր պատ հիւսող վարպետները ընդհանրապէս յոյներ էին, սակայն կային նաեւ չորս կամ հինգ հայ վարպետներ: Ասոնց կողքին կային նաեւ քսանէ աւելի հայ վարպետ որմնադիրներ (պէննէ), ինչպէս նաեւ նոյն արհեստը կիրառող յոյներ եւ թուրքեր: [40]

Խաղախորդ/կաշեգործ

Կաշեգործութիւնը (խաղախորդ, տապախ) շատ հին արհեստ մըն է Ամասիոյ մէջ։ Գլխաւոր արհեստաւորները հայեր էին։ Անոնք այծի եւ ոչխարի մորթէն կը պատրաստէին սախթիան կոչուած գունաւոր կաշիներ։ Արջառի մորթէն կը պատրաստէին կօշիկի ներբանի համար գործածուող կաշին:Կաշիի արդիական գործարան մը ունէին Տիրատուրեան եղբայրները՝ Յակոբ, Կիրակոս եւ Տիգրան։ Գործարանը կը գտնուէր Ամասիոյ մօտակայ Պէյ Պաղը կոչուած այգիներուն՝ Տիրատուրեան ընտանիքին պատկանող գետեզերեայ կալուածին մէջ: Տիրատուրեան եղբայրները այնքան կը զարգացնեն իրենց արտադրութիւնը, որ անոնք առեւտուրի իրենց կեդրոնը կը հաստատեն Պոլսոյ մէջ եւ բացի Ամասիայէն՝ մասնաճիւղեր կը բանան Մարզուան, Զիլէ եւ Սեբաստիա։ Մէկ կողմէ կ՚արտադրէին աշխատցուած նուրբ կաշի, միւս կողմէ ալ կը ներածէին եւ տեղական շուկաներուն մէջ կը վաճառէին կօշկակարներու համար անհրաժեշտ զանազան ապրանքներ։ [41]

Աղօրեպան/ջաղացպան (տէյիրմէնճի)

Ամասիան առուներով եւ գետերով հարուստ քաղաք մըն էր. անոր մէջէն կը հոսէր Իրիս/Եշիլ Ըրմաք գետը։ Հին ժամանակներէն ի վեր մեծ եւ պզտիկ գետերու ջուրով բանող բազմաթիւ ջաղացքներ կային: Եշիլ Ըրմաք գետի երկու ափերուն վրայ կառուցուած էին ալիւրի բազմաթիւ գործարաններ, որոնցմէ երկուքին հիմնադիրները գերմանացի եւ ֆրանսացի ճարտարապետներ էին։ Մնացեալ մօտ 50 ջաղացքները կառուցուած են տեղացի ինքնուս հայ ճարտարապետներու կողմէ։ 1890-ի տուեալներով քաղաքին մէջ կային 20 հատ արդի ոճով բանող ջաղացքներ, ասոնց կողքին ալ բազմաթիւ այլ երկրորդական ջաղացքներ։ Ջաղացքներուն մէջ կ՚աշխատէին բազմաթիւ հայեր։ Բացի տեղական պէտքերէն, ալիւրը կ՚արտադրուէր նաեւ դէպի Սամսոն։ [42] 

Ամասիոյ մէջ ջրաղացներու կառուցման եւ ջաղացպանութեան արհեստին զարգացումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան այս քաղաքին մէջ հաստատուած գերմանական փոքր գաղութը։ Այսպէս, երկու ջրաղացներ կը կառուցուին 19-րդ դարու կէսերուն՝ գերմանացի ընտանիքներու կողմէ։ Անոնցմէ մէկը կը գործէր Իրիսի ջուրին հոսանքով, իսկ միւսը՝ Զիարէ գետին։ Գերմանական գաղութին անդամները կու գային Գերմանիայէն եւ Զուիցերիայէն, գլխաւորաբար շերամաբուծութեամբ զբաղուելու համար։ Բայց հետագային բազմաթիւ այլ գործեր ալ ըրած են, որոնց շարքին ջաղացպանութիւնը։ Այս ջրաղացներուն ճարտարապետական ոճը եւ արդիական բնոյթը նորութիւն էր Ամասիոյ համար։ Իրիսի վրայ կառուցուած ալիւրի ջրաղացը կը սկսի գործել 1858-ի շուրջ։ Անիկա զուիցերիացի Կէորկ եւ Աուկուսթ Քրուկի նախաձեռնութիւնն էր։ Անոնց հիմնած ջաղացքին մէջ աշխատող հայ բանուորները շատ բան կը սորվին եւ կը սկսին տիրապետել այս արհեստին զանազան գաղտնիքներուն, որոնք այդ ժամանակ անծանօթ էին Ամասիոյ մէջ։ Աւելի ուշ, այս հայ արհեստաւորներէն ոմանք իրենց սեփական ջաղացքները կը հիմնեն Ամասիոյ մէջ։ 1898-ին, Պոլսոյ «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նշուած է որ Իրիսի եւ Խոտոր Ջուրի վրայ կը գործէին 100-է աւելի ջաղացքներ, որոնց վարպետները նախապէս աշխատած են Քրուկի ջաղացքին մէջ կամ ալ հոն աշխատած վարպետներուն աշկերտները եղած են։ [43]

Ամասիոյ մէջ ջաղացպանութեամբ կը զբաղէր նաեւ Գերմանիայէն եկած Եոհանն Քալլէնպախ, որ հետագային կ՚ամուսնանայ ամասիացի հայուհիի մը՝ Ամալի Անսուրեանի հետ։ [44]

Աւելի ուշ, ջաղացքի շինութեան, ինչպէս նաեւ անոր զանազան կազմածները արդիականացնելու գործը աւելիով կը զարգացնեն Գրիգոր Մելքոնեան (1856-1939) եւ Յակոբ Խաչիկեան։ Գրիգոր Մելքոնեան 1904-ին Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ։ Ջաղացքներ ունեցող հայերէն կը յիշուին Նիկսարլեան Հաճի աղան, Գրիգոր Գայըդեանը, Կարապետ Փափազեանը, Խաչիկեան եղբայրները, Նշան Եաղլեանը, Յովնանեան եղբայրները։ Թուրքի մը կը պատկանէր Չալան Ֆապրիքա կոչուած ջրաղացը, որուն գլխաւոր վարպետը՝ Օհան Թիւթիւնճեանն էր: [45]

Ամասիայէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)։

Ճաշարանատէր/խոհարար (աշճի)

Քաղաքին մէջ չորս կամ հինգ հայ ճաշարանատէրեր կային: Ասոնցմէ ամէնէն հանրածանօթն էր Աշճի Արթին Աղան (Յարութիւն Գարաճեան): Ասոնց կողքին վերի եւ վարի պազարի շուկաներուն մէջ կային քէպապի եօթը հայ խանութպաններ: [46]

Գզող (հալլաճ)

Ասոնք նախնական գործիքներով բամպակ եւ բուրդ կը գզէին։ Այս արհեստը բանող երեք հայեր կային: [47]

Սիսեռ խարկողներ (լէպլէպիճի)

Սիսեռին կեղեւը կը հանէին եւ կը խարկէին։ Այս գործը ընող չորս հայ եւ երկու թուրք կար։ Այս ուտելիքին չէրէզ կ'ըսէին եւ անոր ամէնաշատ սպառումը կաղանդի շրջանին էր: [48]

Լումայափոխ (սարրաֆ)

Ամասիոյ շուկային մէջ չորս հայ լումայափոխներ կային. Պէննէխաչիկեան, Բարսեղ, Տիգրան եւ Կարապետ Թելլալեան։ Անոնք իրենց խանութներուն մէջ լումայափոխութենէ աւելի կը զբաղէին զարդոսկիներու, զարդեղէններու եւ հնութիւններու առեւտուրով: [49]

Կղմինտրի շինութիւն (քիրէմիտճի)

Մէքէնեան անունով հայ մը կղմինտրի գործարան մը հաստատած էր եւ տանիքի ծածկի համար եւրոպական կղմինտրներ կ'արտադրէր, ինչպէս նաեւ պատ հիւսելու աղիւսներ եւ գետնայարկերու գետինները ծածկելու քառանկիւն թրծուած աղիւսներ: Կղմինտրի տեղական տեսակներու գործարան ունեցողներն ալ 3-4 հայեր էին: [50]

Լուսանկարիչ

Ամասիոյ առաջին լուսանկարիչը եղած է Նալճեան մականունով հայ մը, որ իր հմտութիւնները սորված էր Եւրոպայի մէջ: 1895-ի ջարդի եւ թալանի ընթացքին Նալճեանի տունն ու գործատեղին կը թալանուին։ Այս դէպքէն ետք, ան կը հրաժարի այս արհեստէն: Նալճեանին կը յաջորդեն Ղազարոս Գայեանը, Թոռնիկ Թերզիպաշեանը եւ Հրանդ Կէմիճեանը (ֆօթօ Հրանդ): [51]

Տօլապճի

Այսպէս կը կոչուէին գետեզերքներուն վրայ, ջուրի հոսանքով դարձող, երբեմն մինչեւ 12 մեթր տրամագիծ ունեցող դոյլակիր անիւներ (նորիա) կառուցողները: Այս անիւները, որոնք թրքերէնով կը կոչուին տօլապ՝ ամրան եղանակին ջուր կը մատակարարէին այգեստաններուն, պտղաստաններուն եւ պարտէզներուն։ Աշնան զանոնք կը քակէին, ապա գարնան վերստին կը տեղադրէին: Այս արհեստին մէջ հմտացած քանի մը հայ վարպետներ կային, մնացեալ մեծ մասը թուրքեր էին: [52]

1) Ամասիա. հայուհիներ լուսանկարուած նորիայի մը առջեւ (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։
2) Ամասիա։ Խորքին՝ Իրիս/Եշիլ Ըրմաք գետին վրայ կ՚երեւի նորիա մը։ Այս բացիկին հրատարակիչն է Արտաշէս Քէրքէսելեան, Ամասիա (Աղբիւր՝ Լեռնա Եանըք հաւաքածոյ, Պոլիս)։

Բրուտ

Երեք հայ եւ մէկ յոյն բրուտի (չէօմլէքճի) աշխատանոցներ կային։ [53]

Այլ արհեստներ

  • Կլայեգործ (գալայճի).- 4 հայ։
  • Լաչակագործ (եազմաճի).- 2 հայ. Մերեմգուլեան եւ Եազմաճեան։
  • Կօշիկի կաղապար շինող.- Յարութիւն Քէօլէեան։
  • Պայտար (նալպանտ).- 1 հայ։
  • Սափճի.- Թիի, բահի, բրիչի եւ այլ գործիքներու կոթ շինող։ Երկու հայեր էին։
  • Կրագործ (քիւրէճճի եւ ալչիճի).- 2 հայ։ [54]

Ամասիա քաղաքին մուտքի հատուածը (Աղբիւր՝ W.J. Childs, Across Asia Minor on Foot, Edinburgh/London, 1917)։

Վաճառականութիւն

Արհեստաւորներուն կողքին Ամասիոյ շուկային մէջ կային նաեւ մեծ ու փոքր հայ վաճառականներ (թիւճճար), որոնք գլխաւորաբար մանիֆաթուրայի գործ կ՚ընէին. այլ խօսքով անոնք ամէն տեսակ հիւսուածեղէնի վաճառական էին։ Ամասիոյ շուկային մէջ գտնուող հարիւրաւոր խանութներուն մէջ անոնք կը ծախէին գիւղացիներուն եւ քաղաքացիներուն յատուկ հագուստ կապուստ եւ զանազան այլ հիւսուածեղէններ: 1890-ի տուեալներուն համաձայն, քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէին մանիֆաթուրայի 300 կրպակ, որոնցմէ 10-ը յոյներ էին, մնացեալ բոլորը՝ հայեր։ [55]

Քաղաքացիներու վերաբերեալ բրդեղէն, մետաքսեղէն, բամպակեայ հիւսուածեղէններ փոքրաքանակ ծախող վաճառականներէն անուանի էին Եսայի, Սարգիս, Յովհաննէս եւ Յակոբ Նիկողոսեանները, Պահճէկիւլեան եղբայրները, Պէքտէմիրեան եղբայրները, Յակոբ Սարաֆեանը, Իբրանոսեան եղբայրներուն պատկանող չորս խանութներ, ինչպէս նաեւ Իբրանոսեան մայր վաճառատունին փոքրաքանակի բաժինը։ Իսկ գիւղացիներու յատուկ հագուստներ ծախողներէն էին Մկրտիչ Թինփօնեանը, Տինկիլեան եղբայրները, Գրիգոր Գըրքքեսէլեանը, Մ. Ճռըքեանը, Գէորգ Պէնլեանը, Շահինեանը, Ճագճագեանը, Առուճեանը, Ածիկեանը, Զօրիկ Զօրիկեանը, Փիլիկեանը եւ ուրիշներ: [56]

Ամասիոյ ամէնէն մեծ վաճառատունը կը պատկանէր Իբրանոսեան եղբայրներուն: Վաճառատուներ ունէին նաեւ Մարտիկեան եղբայրները, Էֆթիքիս եւ Հաճի Իսթիլ։ Անոնք Կիւրինէն կը բերէին տեղական գունագեղ բրդեայ շալ գօտիներ, Տիարպէքինէն՝ մետաքս հիւսուածեղէններ, Մարզուանէնեւ Սիմ Հաճի գիւղէն՝ բաղնիքի անձեռոցներ:

Մեծամանութեամբ հայեր էին նաեւ ամէն տեսակի բերքերու եւ արմտիքի փոքրաքանակ առեւտուրով զբաղող խանութպանները: Իսկ մեծաքանակ ալիւր արտածող վաճառականներն էինՀաճի Կարապետ Չէքէմեան, Մկրտիչ եւ Միհրան Սիմոնեաններ, Յարութիւն Շիշմաեան, Կարապետ Փափազեան, Նիկսարլեան, Նիկողոսեան, Լեւոն Տէօքմէճեան, Հայրապետ Մուրատեան, Գրիգոր Պօյաճեան, Տիգրան Չալգայըճեան, Նշան Պէննէեան, Թապագեան եղբայրներ, եւայլն:

Միսկէթ տեսակի խնձոր կ'արտածէր Կարապետ Փափազեանը: Իսկ Տիգրան Թէլլալեան, Յարութիւն Փիրանեան, Կարապետ Փափազեան, Եաղլեան, Գէորգ Պէննէեան, Կարապետ Ուրղանճեան եւ ուրիշներ կ'արտածէին պամիա, խաշխաշի հունտ, թիֆթիք (բուրդի տեսակ մը): Ասոնց կողքին կային նաեւ զանազան թուրք եւ յոյն վաճառականներ: [57]

Գրեթէ ամբողջութեամբ հայեր էին նաեւ, նորոյթի վերաբերեալ առարկաներ, դպրոցական պիտոյքներ, երկաթեղէններ, գործիքներ, քարիւղի լամփեր, գաւաթ եւ այլ ամէն տեսակի առարկաներ փոքրաքանակ ծախող խանութպանները։ Անոնցմէ նշանաւոր էին Մարտիկեան եղբայրները, որոնք մասնաճիւղ մը ունէին նաեւ Սամսոնի մէջ եւ գրասենեակ մը Պոլսոյ մէջ: Կային նաեւ Ղուկաս Սալեանը, Խնդիրեանը, Ֆէնէրճեան եղբայրները, Պահչէկիւլեանը, Չէպիշեանը, Իմիրզէեանը, Շահսըվարեանը, Շիրինեանը, Արմազանեան եղբայրները: [58]

  • [1] Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966, էջ628։
  • [2] Նոյն։
  • [3] Նոյն, էջ 628-641։
  • [4] Նոյն, էջ 636-637։
  • [5] Նոյն, էջ 633։
  • [6] Նոյն, էջ 636։
  • [7] Նոյն, էջ 634։
  • [8]  Նոյն, էջ 639։
  • [9] Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», Արաքս (պատկերազարդ հանդէս), 1890, 3-րդ տարի, գիրք Բ., Դեկտեմբեր, Ս. Պետերբուրգ, էջ 19։
  • [10] Նոյն։ Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 633։
  • [11] Նոյն, էջ 633։
  • [12] Նոյն, էջ 636։
  • [13]  Նոյն, էջ 638։
  • [14] Նոյն, էջ 639-670։
  • [15] Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», էջ 18։ Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 640։
  • [16] Նոյն, էջ 637։
  • [17]  Նոյն, էջ 638։
  • [18] Նոյն, էջ 632։
  • [19]  Նոյն, էջ 638։
  • [20] Նոյն, էջ 639։
  • [21] Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», էջ 18։ Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 633։
  • [22] Նոյն։
  • [23] Նոյն, էջ 632։
  • [24] Նոյն, էջ 636։
  • [25] Նոյն, էջ 638։
  • [26] Նոյն, էջ 635։
  • [27] Նոյն։
  • [28] Նոյն, էջ 639։
  • [29] Նոյն, էջ 635։
  • [30] Նոյն, էջ 636։
  • [31] Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», էջ 19։
  • [32] Նոյն։  Սիմոնտան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 635։
  • [33] Նոյն։
  • [34] Նոյն, էջ 634, 645-646։
  • [35] Նոյն, էջ 636։
  • [36] Նոյն, էջ 635։
  • [37] Նոյն, էջ 635։
  • [38] Նոյն, էջ 609-610, 634։ «Առեւտուրի կեանքը գաւառներուն մէջ», Բիւրակն (շաբաթաթերթ), 25-րդ տարի, թիւ 42, Հոկտեմբեր 1907, Պոլիս, էջ 1546-1548։
  • [39] Նոյն, էջ 636։
  • [40] Նոյն, էջ 638-639։
  • [41] Նոյն, էջ 516, 639։
  • [42] Նոյն, էջ 36։ Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», էջ 17-19։
  • [43] Նոյն, էջ 493-494։ Լ.Պ., «Գերմանք ի Փոքր Ասիա», Բիւզանդիոն, 24 Նոյեմբեր 1898, Գ. տարի, թիւ 639, Պոլիս։ Իրիս, «Ամասիա», Սուրհանդակ, 17-18 Սեպտեմբեր 1899, թիւ 166-167, Պոլիս։
  • [44] Jochen Mangelsen, Ophelias lange Reise nach Berlin, Donat Verlag, 2001, Bremen.
  • [45] Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 36, 493-494, 639։ Իրիս, «Ամասիա»,Սուրհանդակ։
  • [46] Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 40, 632։
  • [47] Նոյն, էջ 634։
  • [48] Նոյն։
  • [49] Նոյն, էջ 638։
  • [50] Նոյն, էջ 640։
  • [51] Նոյն, էջ 640-641։
  • [52] Նոյն, էջ 639։
  • [53] Նոյն, էջ 637։
  • [54] Նոյն, էջ 633-34, 636, 638, 640։
  • [55] Նոյն, էջ 633։ Լումէն, «Տեղագրական – Ամասիա», էջ 17-19։
  • [56] Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, էջ 633-634։
  • [57] Նոյն, էջ 634։
  • [58] Նոյն։