Ամասիա, 1900-ական թուականներ։ Այգիի մը մէջ հայկական խնճոյք եւ խմբանկար։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել աւելի վար (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)։

Ամասիա – Տօներ

Հեղինակ՝ Լոռի Թաշճեան 13/09/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 13/09/2021)

Ամասիոյ հայ բնակչութիւնը հայկական այլ քաղաքներու եւ գիւղերու նման ունէր իր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք իրենց մէջ կը խտացնէին այդ ժողովուրդի հարիւրամեակներու կենցաղն ու բարքերը: Այս սովորութիւնները ընդհանրապէս երեւան կու գային զանազան տօնակատարութիւններու եւ արարողութիւններու ընթացքին: Ամասիացիներուն տօնացանկը թէեւ համանման էր այլ շրջաններու մէջ նշուող հայկական տօներուն, բայց եւ այնպէս գոյութիւն ունէին արարողակարգի հետաքրքրական առանձնայատկութիւններ, որոնք մանրամասնօրէն ներկայացուած են այս յօդուածին մէջ։

Ամասիացիներուն կեանքը նահապետական էր: Մեծերու հանդէպ յարգանքը, հիւրասիրութիւնը, կրօնական բարեպաշտութիւնը բնորոշող յատկութիւններ էին: Ամասինացիներուն առօրեայ կեանքը սերտօրէն կապուած էր եկեղեցւոյ, ինչ որ պատճառ կ'ըլլար որ կրօնական տօները նշուէին յատուկ հանդիսութեամբ: Աւանդական դարձած սովորութիւններու եւ բարքերու կողքին այս տօները առիթ կ'ըլլային համախմբուելու, ուրախանալու եւ կերուխումներ կազմակերպելու:

Կաղանդ

Կաղանդը կը տօնուէր տարուան վերջին օրը: Ըստ տեղական աւանդութեան, այս տօնը քրիստոնէական հաւատքի յաղթանակին ձօնուած էր: Այսպէս, 4-րդ դարուն Բիւզանդիոյ տարածքին ապրող քրիստոնեաները խիստ հալածանքի ենթարկուած էին։ Այս բռնութիւններուն գլխաւոր բեմադրավայրերէն էր Կեսարիոյ շրջանը։ Քրիստոնեաներ կը բռնուէին փողոցներու մէջ եւ անմիջապէս կը սպաննուէին։ Այնպէս որ տուեալ ժամանակաշրջանին հալածուողները փակուած կը մնային իրենց տուներուն մէջ եւ կը սպասէին բռնութիւններուն աւարտը։ Կեսարիոյ տուները իրարու կից էին իսկ տանիքները հողածածկ ու տափարակ։ Փոխադարձ օգնութեան դէպքեր աւանդաբար կը յիշուին այդ տարիներէն. քաղաքացիներ տուներու տանիքներէն պարաններու միջոցաւ եւ ծխնելոյզի ընդմէջէն կողովներ կ՚իջեցնէին տուներուն մէջ բանտարկուած եւ սնունդի կարիք ունեցող ժողովուրդին։ Անոնց մէջ կ՚ըլլային ցորեն, չամիչ, թուզ եւ այլ սննդեղէններ: Իշխանութիւնները ի վերջոյ կը դադրեցնեն հալածանքը: Քրիստոնեաները փրկուելով եւ լայն շունչ առնելով զիրար կ'ողջագուրեն ու կը շնորհաւորեն:

Վառ պահելու համար պատմական այս դէպքերու յիշատակը Ամասիոյ մէջ ամէն կաղանդի, հանդիսաւոր ձեւով կը կրկնուէր այս սովորութիւնը, ընկերակցութեամբ այս առթիւ յօրինուած տաղերու եւ երգերու:

Կաղանդը Ամասիոյ մէջ կը տօնուէր մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Դեկտեմբեր 31-ի վաղ առաւօտէն կը լսուէին «պոպէ՜ղ-պոպէ՜ղ» բոկեղ ծախողներուն ձայները: Չէօրէկ պատրաստող փռապանները ամբողջ գիշերը աշխատանքի լծուած կ'ըլլային, իսկ խանութպանները իրենց խանութներուն առջեւը կը զարդարէին զանազան միրգերով եւ թարմ պտուղներով: Կէսօրէն ետք շուկան կը խճողուէր եւ կը դառնար դժուար անցանելի: Այր մարդիկ սովորականէն կանուխ իրենց կրպակները գոցելով, կը զբաղէին գնումներով, ապա կը փութային տուն: Մինչ տանտիկիններն ու աղջիկները տուներուն մէջ զբաղած կ'ըլլային Ս. Ծննդեան պահքի ճաշեր պատրաստելով:

Տուներուն մէջ կաղանդի իրիկուան հաւաքավայրը կ՚ըլլար ծխնելոյզ ունեցող սենեակը, որ այդ օրուան յատուկ լաւապէս կը լուսաւորուէր մեծ ու փոքր լամբերով եւ աշտանակներու վրայ հաստատուած մոմերով։ Իրիկնամուտէն քիչ ետքը, այս սենեակին մէջտեղը կը դրուէր 40-էն 50 ս.մ. երկարութեամբ փայտէ զարդարուն քառոտանին, որուն վրայ կը գտնուէր պղինձով փայլեցուած մեծ սեղանը: Մեծ ամանները կ'ըլլային պղինձէ, անոնց կողքին պատառաքաղներ ու դգալներ կը դրուէին: Իւրաքանչիւր անձի համար յատուկ պնակներ ոնենալու սովորութիւն չկար: Ընտանիքի անդամները տարիքի կարգով կը բազմէին սեղանին շուրջ:

Կաղանդի ընթրիքի սեղանին վրայ գինին միշտ առատօրէն կը հոսէր։ Ընթրիքի աւարտին կերակուրի ամանները կը փոխարինուէին չամիչով, թուզով, շագանակով, չէրէզով, կաղինով, ընկոյզով, միրգերով: Իւրաքանչիւրը իր առջեւ դրուած մոմը կը վառէր. այն անձին մոմը, որ ամենաուշը կը մարէր՝ կը նշանակէր թէ անոր կեանքը երկար պիտի ըլլար: Ապա նոր հարսերը, պատանիները եւ մանուկները ոտքի կ'ելլէին, ձեռքերնին խնձորներ կը բռնէին եւ ընտանիքի մեծերուն ձեռքերը կը համբուրէին՝ «շնորհաւոր կաղանդ» մաղթելով։ Մինչ մեծերը խնձորներուն շուրջ մետաղեայ դրամներ կը մխրճէին եւ իւրաքանչիւր խնձոր իր տիրոջ կը վերադարձնէին: Խնճոյքը կը տեւէր մինչեւ ուշ գիշեր: Սենեակին լուսաւորումը պէտք էր շարունակուէր մինչեւ առտու։

Նոր տարուան գործի առաջին օրը աւանդութիւն էր, որ մարդիկ սովորականէն աւելի կանուխ շուկայ երթային, որպէսզի իրենց աշխատանքային տարին բախտաւոր ըլլար։ Իսկ դպրոցներուն մէջ դասաւանդութեան փոխարէն, տեղի կ'ունենար կանխաւ աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած հանդէս մը: Ունեւոր ընտանիքներու աշակերտները, ուսուցիչներուն համար բերած կ'ըլլային շիշ մը ընտիր օղի եւ աման մը զէրտէ, կամ ուրիշ նուէրներ: [1]

Նոր տարուան առաջին առտուն Ամասիոյ մէջ կար նաեւ Ոսկեջուրի սովորութիւնը։ Այսպէս, կանուխ արշալոյսին շատեր աղբիւր կը շտապէին. ըստ  աւանդութեան, առաջին հասնողը կրնար աղբիւրէն հոսող ոսկեջուր տեսնել: [2]

Ծնունդ

Այս տօնը ամասիացիներուն կողմէ կը կոչուէր նաեւ Պզտիկ Զատիկ:

Տօնակատարութիւնները Ամասիոյ մէջ ամէն տարի հին տոմարով Յունուար 6-ին կը կատարուէին եւ կը տեւէին երեք օր:

Ամասիոյ երեք եկեղեցիներուն (Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Յակոբ, Սուրբ Նիկողոս) մէջ Յունուար 5-ի երեկոյեան կը կատարուէին խթման արարողութիւնները, ժողովուրդը խուռներամ ներկայ կ'ըլլար արարողութիւններուն, այնուհետեւ կը վերադառնային իրենց տուները: Այդ պահէն սկսեալ ծննդեան ծոմապահութիւնը վերջացած կը համարուէր, սակայն ամէն տեսակ կերակուր չէին ուտեր, այլ միայն՝ ձկնեղէն, արդար կարագ իւղով պատրաստուած բրինձ բիլաւ եւ չէօրէկ:

Առաւօտեան հակառակ ցուրտ օդին եւ ձիւնին, ընտանիքի բոլոր անդամները նոր հագուստներ հագած, կը փութային եկեղեցի: Յաւարտ պատարագի, ծանօթ կամ անծանօթ զիրար կը շնորհաւորէին՝ «Շնորհաւոր Ծնունդ, Մկրտութիւն եւ Նոր Տարի» մաղթանքներով:

Կէսօրուան ճաշի համար սեղանին վրայ դրուած կ'ըլլային կաթնապուր, անուշով պատրաստուած խմորեղէններ, օղի, իսկ գլխաւոր ճաշերը կ՚ըլլային քէշկէքը եւ հարիսան: Աւանդութիւն էր, որ ճաշէն ետք տնեցիները այցելութիւններու երթային իրենց ազգականներուն տուները, սկսելով ամենամօտ ազգականերէն: Այցելութեան ժամանակ, հինգ կամ տասը վայրկեան տեւող որպիսութիւններու հարց ու պատասխաններու ընթացքին չափահասները կը հիւրասիրուէին օղիով, շաքարներով եւ սուրճով, մինչ մանուկներուն գրպանները միրգերով կը լեցուէին:

Քահանաները իրենց ծուխերուն տնօրհնէքի այցելութիւնները կը կատարէին երեք օրուան ընթացքին, ընկերակցութեամբ գեղաձայն պատանիներու: Այս այցելութիւններուն ընթացքին սեղանի մը վրայ դրուած կ'ըլլար թթխմոր, Զատիկի մեծկակ չէօրէկ, աղաման, գաւաթ մը ջուր եւ խնկաման: Տնեցիները սեղանին շուրջը ոտքի կը կենային, մինչ քահանան Աւետարանէն գլուխ մը կարդալէ ետք, ընկերակցող պատանիին հետ կ'երգէր «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»ն, ապա կ'օրհնէր սեղանին վրայ դրուածները։ Այնուհետեւ, ներկաները քահանային ձեռքի արծաթեայ խաչը կը համբուրէին եւ անոր կ'ուղեկցէին մինչեւ փողոցի դուռը, եւ ապա կու տային իր նուէրը՝ քառորդ մէճիտ կամ աւելի, իսկ ընկերակցող պատանիին մանրուք դրամ մը:

Այս երեք օրերուն ընթացքին, եկեղեցիներուն ժամկոչները կ՚այցելէին իրենց ծուխերուն տուները։ Ժամկոչին կ՚ընկերակցէր էշ մը, որուն երկու կողմերէն կախուած կ'ըլլային կողովներ: Ամէն տանտիրուհի ասոնց մէջ կը դնէր ծննունդի առիթով պատրաստուած չէօրէկ մը: Նոյն այս խմորեղէնէն կը ստանար նաեւ թաղամասին ջրբաշխը։ [3]

Տեառընդառաջ (Տէրնտաս)

Սոյն տօնը ժողովուրդին կողմէ ծանօթ էր Տէրնտաս անունով: Տեառընդառաջը տեղի կ'ունենար Քրիստոսի Ծննդեան քառասունքին: Իրիկուան եկեղեցիի ճրագալոյցի արարողութեան ժամանակ ամէն հաւատացեալ իր ձեռքին կ'ունենար մոմ մը, զոր կը վառէր եկեղեցւոյ ճրագով եւ իր հետ կը բերէր տուն։ Հոս մոմը կը տնկէին տան պարտէզին մէջ՝ վարդենիի եւ կամ ծառի մը ճիւղին: [4]

Սուրբ Սարգիս

Ամասիոյ հայ երիտասարդուհիները Ս. Սարգիսի հանդէպ մասնաւոր յարգանք ունէին: Փետրուար 6-ին տեղի կ՚ունենար Սուրբ Սարգիս զօրավարին տօնակատարութիւնը:

Ամասիոյ մէջ աւանդաբար կը պատմուէր թէ այս զօրավարը այն քառասուն քաջերէն մէկն էր, որ Բիւզանդիոնի կայսրին պահանջով Կիլիկիոյ հայ թագաւորը ղրկած էր բիւզանդական բանակին միանալու: Սակայն կայսրը անոնց քաջութենէն անտեղեակ եւ անոնց քանակը համարելով արհամարհանք, կ'որոշէ սպաննել զանոնք: Գիշերը ամէն մէկուն համար իբրեւ իջեւան կը տրամադրէ բնակարան մը, ուր իւրաքանչիւրը պիտի գիշերէր երիտասարդ աղջկայ մը հետ: Աղջիկներուն իսկական առաքելութիւնն էր՝ գիշերը, երբ զինուորները քունի անցած էին, ածելիով անոնց կոկորդը կտրել: 39 աղջիկները իրենց տրուած հրահանգը կը գործադրեն: Միակ վերապրողը կ՚ըլլայ Սարգիս անունով զինուորը։ Անոր կողքի աղջիկը իրեն կը սիրահարուի եւ միասին կը փախչին: Սարգիսն ու աղջիկը կը հասնին Պոլսոյ պարիսպներէն մէկուն առջեւ, պահակը քնացած էր, Սարգիս կը սպաննէ զայն, պարիսպին երկաթէ հսկայական դուռը գերբնական ուժով մը տեղէն կը հանէ եւ կը յաջողի աղջկան հետ քաղաքէն դուրս գալ: Սարգիս այս քաջագործութեան համար կը կոչուի նաեւ «Աղջիկ փախցնող», իսկ պարիսպին կտրուած դուռը կը սկսի կոչուիլ «Չաթլատա գափու» որ կը նշանակէ ճառճատող դուռ: Սարգիս այնուհետեւ սորբերու շարքին կ՚անցնի։

Տօնակատարութեան օրուընէ առաջ աղջիկները ուխտ կ'ընէին եւ ապա 1-3 օր ծոմ կը պահէին: Ծոմի վերջին գիշերը, քնանալէ առաջ իրենց անկողինին գլխուն մէկ գաւաթ ջուր կը դնէին: Եթէ իրենց երազին մէջ Ս. Սարգիսը սուրը ձեռքին իրենց այցելէր, ուխտերնին կատարուած կը նկատէին: Կը հաւատային նաեւ, որ այցելուն իր սուրին ծայրը ջուրին մէջ թաթխած կ'ըլլար, այնպէս որ առտուն երբ արթննային՝ կը խմէին ջուրը եւ կը սպասէին իրենց փափաքին իրականացումը: [5]

Բուն Բարեկենդան

Ամասիոյ ժողովուրդը զայն կը կոչէր Մենծ Պարկենդանք:

Ամասիացին ըլլալով հիւրասէր, բարեկենդանի շաբթուան առաջին օրէն սկսեալ կը հրաւիրէր իր հեռաւոր ազգականներէն մէկ կամ մի քանի ընտանիք՝ միասին տօնախմբելու համար: Այս հիւրընկալութիւնները կը փոխադարձուէին յաջորդ տարիներուն: Երկուշաբթի օր, նոր ամուսնացած փեսան, կառք մը կը վարձէր, կ'երթար իր աներոջ եւ զոքանչին տունը եւ զանոնք կառքով կը բերէր իր հօրենական տունը, ուր հիւրընկալութիւն մը պատրաստուած կ՚ըլլար: Աներոջ ընտանիքը այս առիթով նոյնպէս նուէրներ պատրաստած կ՚ըլլար, ինչպէս նաեւ հետերնին կը բերէին պարարտ հնդկահաւ մը եւ խոշոր ափսէով բախլավա: Հետաքրքրասէր թաղեցիները այս շքերթը դիտելը կը սիրէին:

Հինգշաբթի օր Վարդանանց պատերազմի տօնակատարութիւնը կը կատարուէր: Այս առիթով Ամասիոյ երեք եկեղեցիներուն մէջ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուէր: Յաւարտ եկեղեցիին, կէսօրուան ճաշի  գլխաւոր ուտելիքը թերթըբաց կոչուած խմորեղէնն էր, որ պատրաստուած կ'ըլլար արդար իւղով, աղացուած ճերմակ ալիւրով, շաքարով կամ ճերմակ պէքմեզով: Այդ գիշեր տեղի կ՚ունենար նաեւ սուրբերու անուն չկրողներու անուան տօնախմբութիւնը:

Ուրբաթ օրուընէ մինչեւ կիրակի օրուան կէս գիշերը տեղի կ'ունենային Բարեկենդանի մեծ խնճոյքներ ու խրախճանքներ: Տօնախմբութեան գագաթնակէտն էր դիմակահանդէսը, որ տեղի կ՚ունենար Սավայիտ թաղամասին մէջ, որ զուտ հայաբնակ էր։ Ժողովուրդը ցերեկուընէ կը հաւաքուէր տափարակ տարածութեան մը մէջ, ուր կը նշմարուէին հաւանաբար հեթանոսական տաճարի մը աւերակները։ Այս վայրը հայերու կողմէ կ՚անուանուէր Խող Վերտին։ Խուռներամ բազմութիւնը երկսեռ էր եւ ամէն տարիքի։ Ներկաներէն շատեր դիմակաւոր կ՚ըլլային, կը պարէին, կ՚երգէին նուագի ընկերակցութեամբ։

Նոյն երգի, պարի եւ նուագի մթնոլորտը կը շարունակուէր գիշերները Սավայիտ թաղամասի տուներուն մէջ, երբ դիմակաւոր ծպտուած խումբեր անակնկալ այցելութիւններ կու տային: Մեծատուններու բնակարաններուն սրահներուն մէջ այս առիթով հաւաքուած կ'ըլլային երբեմն հարիւրէ աւելի հիւրեր, տեղի կ'ունենային տանտիրոջ կողմէ նախօրօք պատրաստուած եւ կազմակերպուած ներկայացումներ եւ տարբեր տեսակի խաղեր: Յատկանշական էր անոնցմէ գայլի եւ ոչխարի բեմականացումը։ Այսպէս, այս մէկը սկիզբ կ՚առնէ, երբ այս մեծ սրահի դրան ետեւէն կը լսուի տափի ձայն՝ հովուական երգի մը ընկերակցութեամբ։ Յանկարծ սրահէն ներս կը մտնեն քսանի չափ պատանիներ ու մանուկներ, որոնք ոչխարի մորթով ծպտուած կ'ըլլան: Անոնց կը հետեւի հովիւը, որ կը նուագէ տափ եւ կ՚երգէ հովուական մեղեդիներ: Քանի մը վայրկեան ետք դռնէն ներս կը խուժէ գայլի մորթով ծպտուած երիտասարդ մը եւ կը յարձակի ոչխարներուն վրայ, իրարանցում ստեղծելով սրահին մէջ:

Ուրիշ բեմականացում մըն էր մուրացկաններուն տուն մուտքը։ Այսպէս, սրահ կը մտնէ առաջին հերթին տանտիրոջ ծառան եւ անոր կ'ըսէ, որ երկու մուրացիկներ եկած են ու բուքէն դողահար կ'ուզեն ներս մտնել ու տաքնալ։ Տանտէրը խղճալով կը հրամայէ որ ներս գան: Ցնցոտիներ հագած երկու մուրարացկաններ կը մտնեն սրահ, ծառան կրակարանը անոնց առջեւ կը դնէ, մինչ անոնք իրար հետ կը սկսին խօսիլ անհասկնալի լեզուով մը: Սրահի բազմութիւնը կը սպասէ, որ մուրացկանները այլեւս մեկնին, բայց ի մեծ զարմանք, անոնք կը սկսին իրենց մարմիններուն վրայ ոջիլներ բռնելով կրակարանին մէջ նետել՝ չըթ-չըթ ձայներ հանելով, ներկաներուն եւ մանաւանդ տանտիրոջ զզուանք պատճառելով: Ի վերջոյ, տանտէրը կը հրամայէ ծառային մուրացկանները դուրս հանել։ Անոնք փոխանակ շնորհակալութիւն յայտնելու անարգալից շարժումներով կը մեկնին սրահէն:

Բարեկենդանի սովորութիւններէն կը յիշուի նաեւ ծպտեալ եւ դիմակաւոր երիտասարդներու խումբերու «ներխուժումը» քէֆ ընող տուներուն մէջ։ Անոնք իրենց ինքնութիւնը տանտիրոջ որդիներէն մէկուն կը յայտնէին, ապա կը խուժէին խնճոյքի սրահ: Խումբին առաջնորդը ճերմակ կտաւէ շալվար ու վրայէն երկար շապիկ հագած կ'ըլլայ, ծերունիի դիմակով, կուզ ձեւացող, ձեռքին ունենալով թուրա եւ մէջքին գօտի՝ շրջանակուած մի քանի զանգակներով: Թուրան օձանման ոլորուած լաթ մըն է, որուն ծայրամասին ալ զօրաւոր հանգոյցներ կան, այնպէս որ ծայրամասը գունդի մը ձեւը առած կ՚ըլլայ։ Ծերունին բռնած կ'ըլլայ երիտասարդ գեղեցիկ աղջկայ դիմակով ծպտուած երիտասարդի մը թեւէն: Բեմականացումին մէջ աղջիկը կը խաղայ ծերունիին կնոջ դերը։ Ասոնց առջեւէն կը քալէ երեսը եւ ձեռքերը մրոտած սեւամորթ գերի մը՝ ձեռքին բռնած երկար կոթով աւել մը, որ իր տիրոջ եւ տիկնոջ քալելիք տեղերը կ'աւլէ: Երբեմն անոնց կ'ընկերանայ մէկ կամ երկու նուագող: Առաջնորդ ծերունին կը կոչուի սօնղուր եւ բառին բուն իմաստով կնոջը նախանձոտ բռնապետն է: Սօնղուրէն եւ ներկաներէն ոմանց միջեւ տեղի կ'ունենան զուարճախօսութիւններ, ներկաներուն խինդ ու ծիծաղ պատճառելով:

Տանտէրը ծերունի առաջնորդէն կը խնդրէ պարել, նուագը ծայր կ՚առնէ, սօնղուրը եւ ներկաներէն ոմանք կը սկսին պարել, մինչեւ որ ծերունին կը յոգնի եւ կը բազմի աթոռի մը վրայ: Ապա կնոջմէն կը խնդրուի պարել. երբ կինը կը սկսի պարել նախանձոտ սօնղուրը կը զայրանայ, ոտքի կ՚ելլէ, կնոջը հետ պարել յանդգնողներուն կռնակին հարուածներ կ'իջեցնէ իր ձեռքի թուրայով: Երբ հանդէսը կը վերջանայ, տանտիրուհին եւ սպասաւորները հիւրերուն առջեւ կը դնեն փարչ մը խմիչք եւ գինիով պատրաստուած հնդկահաւու միս:

Այսպիսի դրուագներ կը շարունակուէին մինչեւ կիրակի կէս գիշեր: Այս ընթաքիին սովորութիւն էր ծպտեալ կամ անծանօթ մարդոց կողմէ տանուտէրներուն հայերէն եւ երբեմն ալ թրքերէն լեզուով երգիծական եւ հեգնական տաղաբանութիւններ բաժնելը:

Վերջին ընթրիք մըն ալ կը սարքուէր կիրակիի կէս գիշերուընէ մէկ ժամ առաջ: Կէս գիշերէն ետք կը սկսէր մեծ պահքը, որուն ընթացքին իւղոտ եւ մսոտ կերակուր ուտելը մեղք կը համարուէր: Քանի մը օրերու այս կերուխումէն աւելցուած ուտիքի ճաշերը կը բաժնէին թուրք աղքատ ընտանիքներու։

Մեծ Պահքի առաջին երկուշաբթի օրը փակեալ խորան էր, որ ժողովուրդին կողմէ «բախլա խորան» կը կոչուէր: Առաւօտ կանուխ իւրաքանչիւր ընտանիքէ այր մարդ մը կ'երթար շուկայ, կը գնէր թահինի հէլվա, որ տնեցիներուն եւ հիւրերուն մեծ պահքի առաջին նախաճաշը կ'ըլլար:

Ամասիացիները եօթը շաբաթ պահք կը բռնէին, մինչեւ Զատիկ: Փոքրիկները այս եօթը  շաբաթները կարենալ հաշուելու համար սենեակներէն մէկուն առաստաղին վրայ մեծ սոխ մը կը կախէին եւ այդ սոխին վրայ կը դնէին հնդկահաւի փետուրներ։ Ամէն շաբթուայ աւարտին՝ փետուր մը կը հանէին այդ սոխին վրայէն:

Կիները սովորութիւն ունէին իրենց ազգականներէն մէկուն տունը ճաշելու, մեծ պահքի ճիշդ կէսին, այդ օրուան ժամերգութենէն անմիջապէս ետք: [6]

Ծաղկազարդ, Աւագ Շաբաթ եւ Զատիկ

Ամասիոյ ժողովուրդը Ծաղկազարդը կը կոչէր Զարզարդար, որ ըստ «Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ» գիրքի հեղինակին՝ Գ.Յ. Սիմոնեանին, աղաւաղումն է նախաքրիստոնէական ծառապաշտութեան հաւատքի ծառզարդար բառին: Ամասիոյ թուրքերը այս տօնը կ՚անուանէին «սէօյիւտ ղըրմա կիւնիւ» (ուռենիի ճիւղեր կտրելու օր), շատ հաւանաբար նկատի ունենալով որ այդ օրը քաղաքին հայերը ճիւղեր կտրելով զբաղած կ՚ըլլային։ Պատանիները շաբաթ օրը կ'երթային գետեզերք եւ ուռենիի ճիւղեր հաւաքած կը վերադառնային տուն: Իւրաքանչիւրը իր ճիւղը կը զարդարէր սիւմպիւլի (սումբուլ, գունաւոր ծաղիկ), կարմիր կակաչի եւ ուրիշ գարնանային ծաղիկներով։ Յաջորդ առաւօտ, ամէն պատանի իր զարդարուն ճիւղը ձեռքին եւ նոր հագուստներ հագուած կ՚երթար եկեղեցի: Կիրակի առաւօտ իւրաքանչիւր եկեղեցի ծաղկազարդ պուրակի մը երեւոյթը կը ստանար:

Կիրակի երեկոյեան, խուռն հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի կ'ունենար Դռընբացի հանդիսաւոր արարողութիւնը: Աւագ երկուշաբթի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ կիներն ու աղջիկները կը զբաղէին եկեղեցիներու մաքրութեամբ: Եկեղեցիները զուրկ էին նստարաններէ, գետինը սալայատակուած կ'ըլլար տաշուած քարով, որ իր կարգին ծածկուած էր փսիաթներով եւ ապա գորգերով եւ կարպետներով. ամէն ընտանիքի այր մարդ իր յատուկ բազմոցը ունէր: Կիներուն համար յատկացուած էր վերնատունը, ուր տախտակամած գորգերու վրայ, ամէն կին ունէր իր յատուկ բազմոցը: Տարին մէկ անգամ, հաւատացեալ երիտասարդուհիները բազմոց, գորգ, կապերտ եւ փսիաթ եկեղեցիէն դուրս կը հանէին եւ անոնց վրայ կուտակուած փոշին կը մաքրէին: Իսկ խումբ մը տիկիններ կ'աւլէին սալայատակները, ապա ջուրով եւ լաթով կը սրբէին զանոնք: Այս աշխատող խումբերուն կէսօրուան ճաշը կը մատակարարուէր գործին չմասնակցող ընտանիքներու կողմէ:

Աւագ հինգշաբթին ոչ-աշխատանքային օր էր, իսկ ժողովուրդը կ'երթար կէսօրուան եկեղեցական արարողութեան: Դպրոցական աշակերտները խոստովանանք կ՚ընէին եւ հաղորդութիւն կ'առնէին: Իրիկուան տեղի կ'ունենար ոտնլուայի արարողութիւնը։

Աւագ ուրբաթ օրը, ամէն ընտանիք զատկուան համար կարմիր հաւկիթներ կը պատրաստէր, իսկ երեկոյեան տեղի կ'ունենար Քրիստոսի թաղման նուիրուած արարողութիւնը: Ծաղիկներով զարդարուած գերեզմանադամբանը կը զետեղուէր աւագ խորանին առջեւ, եկեղեցական արարողութենէն ետք հաւատաւոր ժողովուրդը կը յառաջանար դէպի խորան՝ համբուրելու համար հոն զետեղուած Աւետարանն ու Խաչը, նոյն ժամանակ ալ եկեղեցիին գանձանակին մէջ դրամական նուէր մը կը դնէին:

Աւագ շաբթուան իրիկուան եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ'ունենային խթման կամ ճրագալոյցի արարողութիւններ եւ հանդիսաւոր պատարագ: Հիւանդներու ապաքինման եւ այլ առիթներու համար ուխտ ընողներ, մօտ մէկ մեթր երկար հաստ մեղրամոմեր կը գնէին, անոնց վարի մասը նուիրատուին անունը եւ ուխտին նպատակը կը փորագրէին, ապա եկեղեցիին կը նուիրէին:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք մեծ պահքը կ'աւարտէր, մանուկները եւ պատանիները իրենց գրպանէն կարմիր ներկուած հաւկիթները կը հանէին ու կ'ուտէին: Գիշերուան ճաշը բաղկացած կ'ըլլար արդար իւղի մէջ տապկուած ձուկէ, բրինձ բիլաւէ, զատկուան հաւկիթէ, չէօրէկէ: Իբրեւ խմիչք առատօրէն կը գործածուէր գինի։

Յաջորդ առաւօտ Զատիկ էր, կամ ինչպէս ծանօթ էր՝ Մենծ Զատիկ։ Եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջէին եւ հաւատացեալները կը հրաւիրուէին պատարագի։ Ժողովուրդը պաշտօնական եւ յաճախ նոր հագուստներ հագուած՝ մեծով ու փոքրով կը վազէր եկեղեցի: Պատարագը տեղի կ՚ունենար քառաձայն երգեցողութեամբ։ Կէսօրէ ետք քահանաները տունօրհնէքի կ'երթային, որմէ ետք տեղի կ'ունենար ընտանիքներու փոխադարձ այցելութիւնները: Կը հրամցուէին օղի, լիքէօր, շաքարեղէն եւ սուրճ։

Զատկուան յաջորդ օրը՝ երկուշաբթի առաւօտ, պատարագին ընթացքին հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուէր համայն մեռելոց հոգիներուն փրկութեան համար:

Զատիկը կ'երկարէր երեք օրերու վրայ, որոնց ընթացքին հայկական թաղամասերու հրապարակի նմանող մասերուն մէջ ժողովուրդը հաւկթախաղով ժամանակ կ՚անցընէր: Ժամկոչները իրենց պատկանած եկեղեցւոյ ծուխերուն տուները կը շրջագայէին եւ զատկուան չէօրէկներ կը ստանային: Չէօրէկ կը տրուէր նաեւ թուրք կամ յոյն դրացիներու: [7]

Սուրբ Թորոս

Այս տօնը տեղի կ'ունենար Մեծ Պահքի առաջին շաբաթը: Ըստ սովորութեան, շաբաթ գիշեր կը կատարուէր նախատօնակի արարողութիւնը, իսկ կիրակի առաւօտ, հաւատացեալները կ'այցելէին Ս. Թորոսի գերեզմանը: [8]

Սուրբ Թորոսի գերեզմանը ամասիացիներու ուխտատեղիներէն մէկն էր, որ կը գտնուէր քաղաքէն ոտքով մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, դէպի արեւելք: Ամասիոյ հայերը Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին հոն ուխտի կ'երթային ու վրանի տակ պատարագ կը մատուցէին: [9]

Համբարձում (կամ վիճակ)

Այս տօնը ամասիացիներու կողմէ կը կոչուէր նաեւ Վիճակ: Ոչ-աշխատանքային օր էր։ Շուկան եւ դպրոցները գոց կ՚ըլլային։ Տեղի կ՚ունենար Զատիկէն քառասուն օր ետք։

Այս տօնական օրը կը զուգադիպէր գարնան առաջին պտուղին՝ կեռասի եղանակին: Շատ մը ընտանիքներ կ՚երթային իրենց այգին: Այս այգիները լաւագոյն վայրերն էին հանրածանօթ վիճակախաղին:

Ըստ աւանդական սովորութեան, հիւրընկալ ընտանիքը պատրաստած կ'ըլլար վիճակահանութեան դոյլը, որ լեցուած կ՚ըլլար ջուրով եւ տարբեր տեսակի ծաղիկներով։ Ծաղիկները հաւաքուած կ՚ըլլային եօթը բլուրներէ, իսկ ջուրն ալ՝ եօթը աղբիւրներէ: Դոյլը իր պարունակութեամբ ամբողջ գիշերը անկիւն մը կը դրուէր, որպէսզի ինչպէս որ կ՚ըսէին՝ «մայալանմիշ անէ», այսինքն՝ խմորուի:

Յաջորդ օրը կը կատարուէր վիճակահանութիւնը: Ծառերու շուքին կը դրուէր վիճակի դոյլը: Իւրաքանչիւր մասնակցող, ըլլար ան մեծ կամ պզտիկ, առարկայ մը կը դնէր դոյլին մէջ, դրուած առարկաները պէտք է իւրայատուկ ըլլային եւ զիրար չնմանէին: Սովորաբար կը դրուէին՝ մատանի, օղ, զմելի, բանալի, ապարանջան, եւայլն: Ներկաներէն կ'ընտրուէր աղջիկ մը, որ կը նստէր դոյլին առջեւ, գլուխը կը ծածկէին քօղով մը, որպէսզի քաշելիք առարկան չկարենայ զատորոշել: Տարեց տիկին մը աղջկան նուէր կու տար ձեռքի հայելի մը։ Աղջիկը հայելին կը պտտցնէր դոյլին պարունակութեան մէջ եւ նոյն ընթացքին տարեց տիկինը կ'արտասանէր կէս հայերէնով եւ կէս թրքերէնով ասացուածք մը, որ կը թարգմանուի այսպէս՝

Արտի մէջ հայելի մը նետեւիցի, 
Արտոյտիդ պատկերը անոր մէջ արտացոլաց:
Հանէ աղջիկս, հանէ: 
[10]

Այսպիսով կը կատարուէր վիճակի բացումը, որմէ ետք ընդհանրապէս տարիքաւոր կիներու կողմէ կ'արտասանուէին սիրային, բախտի, մաղթանքի, գովեստի, երգիծանքի, հեգնանքի եւ ուրիշ քառեակներ եւ ասացուածքներ թրքերենով եւ հայերէն բարբառով: Ամէն մէկ ասացուածքէ ետք, վիճակահան աղջիկը դոյլին մէջէն պէտք էր առարկայ մը դուրս հանէր, սոյն առարկային տէրը կ'ուրախանար եթէ ասացուածքը իրեն համար նպաստաւոր էր, ինքզինք բախտաւոր զգալով շնորհաւորանքներու կ'արժանանար: Հակառակ պարագային եթէ արտասանուածը բարենպաստ չէր առարկային տիրոջ համար, ան կը նեղուէր, իսկ ներկաները զինք մխիթարելու համար քաջալերանքի խօսքեր կ'արտասանէին: Այս արարողութիւնը կ'երկարէր ըստ ներկաներու թիւին, այս միջոցին զուարթ խօսակցութիւն, երգիծանք եւ խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէր:

Վիճակահանութեան առաջին պարտաւորիչ ասութիւնն էր.

Վիճակ վիճակ, ուսկի կոճակ
Մայրն է բերեր մէկ կտրճակ.
Հանէ աղջիկս, հանէ:

Ասոր կը հետեւին ուրիշներ.

Մանճա [կերակուր] դրի օճախը, 
Անցայ նստայ պուճախը [անկիւն],
Սատկէր տէ ազատէի,
Քէօռ կեսուր օլաճախը [ըլլալիք]:

Վազէ տրտօշ [մոռացկոտ կին], վազէ,
Հացդ տաշտէն կը վազէ:

Անդին դառնամ տուր Աստուած,
Ասդին դառնամ տուր Աստուած,
Քիչին ղանահաթ [գոհացում] չիմ անիր,
Հէյպէներով [գրաստի վրայ դրուող պայուսակ] տուր Աստուած:

Էրկինքէն պանլիք [բանալի] ընկաւ,
Կղպուած դուռներս բացուեցաւ,
Սեղանս խնձորով իլլիքցաւ [լեցուեցաւ],
Տունս ա [ալ]՝ արեւով:

Պարձը [բարձ] պարձին վրայ,
Պարձրացաւ պարձին վրայ,
Տասուերկու լուս ցաթեց [ծագիլ],
Ան ա իմ բաղդիս վրայ:

Էրկինքէն պանլիք ընկաւ,
Կղպած դուռներս պացուեցաւ,
Ես, բաղդս խամ [դեռահաս] է կիտէի [գիտէի]
Բաղդէս ճէօհէր [գոհար] պացուեցաւ:

Վիճակի թրքերէն քառեակներ եւ անոնց թարգմանութիւնը [11]՝

Պաճա պաճա կեզերիմ,
Ղուշ տիլինտէն սեզէրիմ,
Ներտէ տէօվլիթ վար ըսա,
Պէն անլըմա եազարըմ:
Ծխնելոյզէ ծխնելոյզ կը դեգերիմ,
Թռչնոց լեզուէն կը գուշակեմ,
Ուր որ երջանկութիւն կայ,
Ճակտիս վրայ կը գրեմ:
Սըյըրտըմ չըգտըմ ասմայա,
Ասմա տալը քէսմիա,
Պէն պիր գուշագ գուշանտըմ,
Տէղմէ գլըն քէսմիա:
Պլլուելով սարփինային վրայ ելայ,
Սարփինայէն ճիւղ կըտրելու,
Մէջքիս գօտի կապեցի,
Սովորական թուրը չի կտրեր:
Էվ եափտըմ պէն եափտըմ,
Փէնճէրէսի կէնիշ եափտըմ,
Տալլանտըն պուճախլանտըմ,
Կէօլկէսինտէ պէն եաթտըմ:
Ինծի համար տուն շինեցի,
Պատուհանը լայն շինեցի,
Ճիւղաւորուեցայ տարածուեցայ,
Հովանիին տակ ես պառկեցայ:
Տէվէ տէվէ կիւտէրիմ,
Եէտի տէվէ կիւտէրիմ.
Ալլահ գըսմէթ էտէրսէ,
Պէն Գուտիսէ կետէրիմ:
Ուղտ, ուղտ կը հովուեմ,
Եօթը ուղտ կ'արածեմ.
Եթէ Աստուած կամենայ,
Եա Երուսաղէմ կ'երթամ
Մերճիմէկ քիլէ քիլէ,
Էօլչէրիմ սիլէ սիլէ,
Եար գաբույա կէլիրսէ,
Չըգարըմ կիւլէ կիւլէ:
Ոսպը գրիւներով գրիւներով,
Լեցուն լեցուն կը չափըմ.
Սիրականս երբ դուրս գայ,
Ուրախալից խնդումերես կը դիմաւորեմ
Քազան քազան ղավուրմա,
Տաշտը տէյի սավուրմա,
Տէօվլէթ սէնին պաշընտա,
Ուչտը տէյի գայըրմա:
Կաթսայ կաթսայ ղավուրմա,
Յորդեցաւ ըսելով մի՛ ցրուեր,
Բաղդդ թռաւ կարծելով, մի՛ խորհիր,
Քանզի բաղդդ գլուխդ վրայ կը մնայ:
Հէյ միլթանի միլթանի,
Կէյմիշ սարը միլթանը,
Ղըյըլարտա կեզէրքէն,
Օլտում Մսըր Սուլթանը:
Ո՜վ միլթանաւոր [բաճկոն մը],
Դեղնագոյն միլթան հագած,
Գետեզրները դեգերելու ժամանակ,
Եղայ Սուլթան՝ Եգիպտոսի:
Տէփտիմ սանտուգ աչըլտը,
Ճէվահիրլեր սաչըլտը,
Եէտի ճէննէթ ղափուտան,
Պիրի պանա աչըլտը:
Կից մը զարկի սնտուկին,
Գոհարեղէններ դուրս թափեցան,
Արքայութեան եօթը տռներէն
Մէկը ինձ համար բացուեցաւ:
Էլիմ չալտըմ զէյթունէ,
Զէյթունըն իրիսինէ,
Պէն թալէհիմի սնատըմ,
Եիկիտին էյիսինէ:
Ձեռքս զարկի ձիթենիին,
Ձիթապտուղին խոշորհատիկին,
Ես իմ բաղդս փորձեցի,
Կտրիճներու աղեկին:
Եէտի տէվէ եօլատըմ Մսըրըն խազնասընա,
Եէտի տահա եօլլատըմ տէօնիւպտէ կէլմէսինէ,
Ալթուն տիրէք տիքտիրտիմ
Էվիմին օրթասընա:
Եգիպտոսի գանձարանը ղրկեցի եօթը ուղտ,
Եօթը եւս ղրկեցի երթուդարձի.
Տանս մէջտեղը
Ոսկիէ սիւն կանգնեցի:
  

Վարդավառ

Սոյն տօնը ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 15-ին: Առտուան ժամերգութեան ընթացքին, սարկաւագ մը վարդեջուր կը սրսկէր հաւատացեալներու դէմքերուն: Եկեղեցիէն ետք, ազգականները յաճախ միասին կը ճաշէին, իսկ ոմանք ալ գետեզերեայ այգիները կ'երթային: Այր մարդիկ եւ պատանիներ գետին մէջ կը լոգնային եւ իրարու վրայ ջուր կը թափէին: Տան մէջ ջրաւազան ունեցողները նոյնպէս իրարու կը թրջէին: [12]

Սուրբ Աստուածածին

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ'ունենայ Օգոստոս 15-ի մօտակայ կիրակի օրը։ Խուռներամ ժողովուրդը կը հաւաքուէր Սավայիտ հայաբնակ թաղի Ս. Աստուածածին մեծ եկեղեցիին մէջ: Գրեթէ նոյնքան ժողովուրդ եկեղեցիին գերեզմանատան մէջ կը հետեւէին ժամերգութեան:

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ կը կատարուէր խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք։ Խաղողն ու մատաղը մատակարարուած կ'ըլլային հաւատացեալներու կողմէ: Այնուհետեւ օրհնուած պտուղը կը բաժնուէր ժողովուրդին: Այս աւանդութիւնը կը մղէր շատ մը հաւատացեալներու խաղողի պահք բռնելու եւ մինչեւ եկեղեցիի մէջ օրհնուիլը խաղող չուտելու: Ամասիոյ միւս երկու եկեղեցիներուն` Ս. Յակոբի եւ Ս. Նիկողոսի մէջ եւս, խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք կը կատարուէին: [13]

Խաչվերաց

Խաչվերացի տօնակատարութիւնը տեղի կ'ունենայ Սեպտեմբեր 15-ի մօտակայ կիրակի օրը: Օգոստոսի վերջերէն մինչեւ այս թուականը այգեկութքի եղանակն էր: Սովորութիւն էր, որ մինչեւ Խաչվերաց այգի ունեցող ընտանիքները արդէն իսկ աւարտած ըլլային խաղողին հետ կապուած զանազան պատրաստութիւնները, այսինքն պատրաստած ըլլային գինին, պէքմէզը, պաստեղը, շարոցը: Հիւթը հանելէ ետք խաղողի մնացուկները մասնաւոր կարասի մը մէջ կը լեցնէին եւ կը սպասէին անոր խմորուելուն, որպէսզի ինչպէս ամասիացիները կ՚ըսէին՝ ըրախի (օղի) հանելու գործողութիւնը կատարուէր:

Ամասիոյ հայ թէ ոչ-հայ ժողովուրդը այս տօնին յատկացուցած էր թրքերէնով ասացուածք մը. «խաչ, իչէրի ղաչ» (Haç, içeri kaç), որ կը թարգմանուի՝ «խաչ, նե՛րս մտիր»։ Ըսել կ'ուզէին թէ այս տօնէն ետք օդը ցրտել կը սկսի: [14]

Սուրբ Գէորգ

Այս տօնակատարութիւնը տեղի կ'ունենայ Սեպտեմբեր 30-ին: Իսլամներու կողմէ այս տօնը խտրէլլէզ կը կոչուէր: Խտըրը կամ խզըրը տեղացի իսլամներու ամենակարող սուրբերէն մէկն է, որ նեղ պարագաներու օգնութեան կը հասնի: Հայերը կ'ըսէին «խըզըրը հասաւ», երբ անձ մը դժուար եւ անկարելի նկատուող կացութենէ մը ազատէր: [15]

Սուրբ Նիկողոս

Այս տօնական օրը Ամասիոյ հայերը կը նշէին հին տոմարով Նոյեմբեր 15-ին: Ամասիոյ Ս. Նիկողոս եկեղեցիին մէջ տեղի կ'ունենար հանդիսաւոր պատարագ եւ քարոզ: [16]

Սուրբ Յակոբ

Տօնը կը նշուի Դեկտեմբերին։ Այս առիթիւ Ամասիոյ առաջնորդանիստ Ս. Յակոբ մեծագոյն եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր պատարագ տեղի կ'ունենար: Ամասիացիները համոզուած էին, որ եթէ Ս. Նիկողոսի օրը ձիւն եկած չըլլար, ապա Ս. Յակոբին օրը անպայման կը ձիւնէր։ Այն ատեն ժողովուրդը սովորութիւն ունէր ըսելու՝ «Ս. Յակոբ մօրուքը ճերմըկցուց»: [17]

  1. [1] Գաբրիէլ Յ. Սիմոնեան, Յուշամատեան Պոնտական Ամասիոյ, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1966, էջ 905-907։
  2. [2] Նոյն, էջ 922։
  3. [3] Նոյն, էջ 907-908։
  4. [4] Նոյն, էջ 916։
  5. [5] Նոյն։
  6. [6] Նոյն, էջ 908-911։
  7. [7] Նոյն, էջ 911-912։
  8. [8] Նոյն, էջ 916։
  9. [9] Նոյն, էջ 354։
  10. [10] Նոյն, էջ 913։
  11. [11] Նոյն, էջ 913-915։
  12. [12] Նոյն, էջ 916։
  13. [13] Նոյն։
  14. [14] Նոյն, էջ 916-917։
  15. [15] Նոյն, էջ 917։
  16. [16] Նոյն։
  17. [17] Նոյն։