Քարհատ գիւղ (Սեբաստիա) | Պիճօ (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 06/04/25 (վերջին փոփոխութիւն՝ 06/04/25)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

***********************

Պիճօն աւանդական պար մըն է Սվազի (Սեբաստիոյ) գիւղական շրջաններէն, որ տարբեր գիւղերու մէջ ենթարկուած է զանազան փոխակերպումներու։ Այս մասնայատուկ տարբերակը կը ծագի Քարհատ գիւղէն (այժմ՝ Թաշլըքայա/Taşlıkaya), Սվազի շրջանին մէջ։ Պարին անուանումը կրնայ առնչուած ըլլալ աղջկայ անուան մը։

Պիճոյի հիմնական քայլաշարը Թոմ Պոզիկեան սորված է իր մանկութեան, իսկ յաւելեալ շարժումները իրեն սորվեցուցած է Արսէն Անուշեանը։ Արսէն գլխաւորած է Նիւ Եորքի Հայկական ազգագրական պարի ընկերակցութիւնը եւ տասնամեակներ նուիրած է հայկական աւանդական երգերն ու պարերը պահպանելու գործին։

Պիճօն առաջին անգամ Նիւ Եորքի Հայկական ազգագրական պարի ընկերակցութեան ծանօթացուցած է Մերի Երէցեանը (Փահլեւանեան), 1939-ին: Այլ կարեւոր աղբիւրներ են Էտի Քէօսայեան, Հուրիկ Սահակեան եւ Մարգարիտ Թելլալեան-Քիրքոսթաս։ Այսօր ալ պարը կը շարունակուի ներկայացուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի հայկական գաղութներուն մէջ։

Ձեւաչափը.- Պիճօն խառն շարային պար մըն է, որուն պարագլուխը կը գտնուի աջ կողմը։ Պարողները իրարու ճկոյթները բռնած կ’ըլլան, ձեռքերը վար` կողքին պահած, որոնք կ’օրօրուին միշտ ուղիղ ետ ու առաջ: Պիճօն կարելի է նաեւ պարել որպէս շուրջպար (փակ շրջանով)։

Կշռոյթը՝ 6/8

Պիճօ/Պիջօ պարի ներկայացում եւ ցուցմունքներ