Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ 2 | Սեբաստիա
Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։
1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։
Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։
Երգասաց՝ Երուանդ Չատըրճեան
Երուանդ Չատրճեան եւ Պետրոս Ալահայտոյեան հանդիպած են Ֆրէզնոյի Հայկական ծերանոցը, Հոկտեմբեր 30, 1986-ին։ Պրն. Չատրճեան սեբաստացի է։