Քեմանի (ձախին) եւ սազ (աջին) նուագող երկու հայ երաժիշտներ Թոգատի մէջ։ Լուսանկարիչ՝ Անթուան Փուատըպար (Աղբիւր՝ Bibliothèque Orientale – Université Saint-Joseph, Lebanon).

Սվազ/Սեբաստիա - Աշուղ Փէսէնտի

Արեւմտահայ վերջին մեծ աշուղը

Հեղինակ՝ Հարրի Ա. Գըզըլեան Գ, 23/05/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/05/19), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Աշուղ Փէսէնտին, Փոքր Ասիոյ հայ արհեստավարժ վերջին աշուղներէն մին, ծնած էր 1864-ին Սվազ/Սեբաստիա։ Աւազանի անունը Մարտիրոս Գմբէթեան էր. որդին էր Միքայէլ Գմբէթեանի, որ նոյնպէս երաժիշտ էր։

Փէսէնտիի ժամանակակիցներէն Բարթող Ինճէեանը ահա թէ ինչպէս կը նկարագրէ իր առաջին հանդիպումը աշուղին հետ.

Այս հռչակաւոր աշուղը անուն հանած էր ո՛չ միայն քաղաքին մէջ, այլ ամբողջ շրջակայքը, հակառակ իր դեռ երիտասարդ տարիին։

Ես ինքս բաղդն ունեցած եմ զայն անձամբ տեսնելու, երբ 1891 թուականին Մարզուան եկած էր քանի մը աշուղներու հետ մրցելու։ Վայելչակազմ, միջահասակ, ոլորուն սեւ ընչացքով, խելացի եւ փայլատակող նայուածքով համակրելի երիտասարդ մըն էր։

Խահուէին [սրճարան] մէջ, ուր մրցումը տեղի պիտի ունենար, իր «մուամմէն» (հանելուկը) պատին վրայ կախելով, ասպարէզ կարդացած էր քանի մը աշուղներու, որոնք քիչ թէ շատ համբաւի տիրացած էին։

Աշուղները չի կրցին լուծել, որով ինք շահեցաւ։

Մուամմէն մաքոք «կկոց» էր։
[1]

Eğin Havası - Ակնի եղանակ (երգ)

Eğin Gelin Getirme Gaydası - Հարսը տունէն հանող Էկին պարկապզուկը (երգ)

Փէսէնտին պատմեր է Ինճէեանին, թէ ինչպէս զգացեր է աշուղի իր կոչումը.

«Ես 16-17 տարեկան էի. հայրս քէմանի-ջութակ կը նուագէր։ Աշուղ ըլլալու շատ սէր ունէի։ Օրին մէկը ըսին թէ Սուլու Խահվէն աշուղներ եկեր են, «Մուամմէ» կախեր են։ Քանի մը անգամ գացի մտիկ ընելու եւ հեռացայ։ Սէրս աշուղութեան տուի, բայց խնդիր էր, թէ ինչպէս սորվիմ։ Ես, որ մեր մամիկներէն լսած էի թէ մեր պատմական Ս. Նշան վանքն ի սրտէ բարձրացողին եւ հաւատացողին «մուրազ»-ը կու տայ, որոշեցի վանք երթալ եւ «մուրազս» խնդրել։

«Դպրոցական ընկեր մը ունէի Ոսկիան անունով, որ քէմանի կը նուագէր. ան ալ ինծի պէս աշուղութեան փափաքող էր։

«Օրին մէկը մեր ծնողքին հետ որոշեցինք երթալ սուրբ Նշան վանքը եւ խնդրել Առաջնորդ Պետրոս Սրբազանէն, որ մեզի վանքին մէջ սենեակ մը տրամադրէ, որպէսզի մեր փափաքին համաձայն 30 օր ուխտի մնայինք։ Առաջնորդը մեզ օրհնելով սենեակ մը տուաւ։ Ծնողքնիս կը հոգային մեր ծախքերը։

«Օրը երեք անգամ մատուռի սեղանին առջեւ ծունկի գալով եւ «Սուրբ Նշան, մեր փափաքը տուր» ըսելով կ’աղօթէինք։ Հազիւ 10-15 օր անցած, ընկերս ձանձրանալով տուն գնաց, իսկ ես լման ամիս մը մնացի, առանց հուսահատելու եւ ձանձրանալու, աղօթքս կը շարունակէի։ Օրին մէկը գիշերը, երբ կը քնանայի անկողինիս մէջ, մօրուսաւոր մէկը, կայտառ դէմքով, քովս կանգնելով թեւս բռնեց։ Ձեռքին մէջ քէմանի մը ունէր, ինծի տուաւ եւ ըսաւ թէ ուխտս ընդունուած է։ Ես մէկէն արթնցայ. ո՛չ մարդ կար, ո՛չ ալ քէմանի։ Առաւօտը լուսանալուն գացի մատուռը, ծունր դրի խորանին առջեւ։ Առաջնորդը երբ եկաւ, պատմեցի երազս։ Ան օրհնեց զիս եւ ըսաւ. «Գնա՛, զաւակս, յաջողութիւն կը մաղթեմ քեզի եւ շարունակէ փորձերդ, որ քու փափաքդ կատարուի»։ Համբուրեցի Առաջնորդի ձեռքը ու տուն վերադարձայ։ Ծնողացս պատմեցի երազս. շատ ուրախացան։

«Ես շարունակեցի տաճկերէն լեզուի ուսումս, որովհետեւ մրցումի բոլոր խաղերը տաճկերէն էին։»
[2]

Առաքել Պատրիկի գիրքին մէջ, թէեւ ոչ լրիւ պարզորոշ կերպով, սակայն այնպէս կը թուի թէ իրարմէ առանձնացուած են «քէմանին» եւ «քէմանը» կամ Մերձաւոր արեւելեան ոճով նուագուած արեւմտեան ջութակը։ «Քէմանի» գործիքը Սեբաստիոյ մէջ ծանօթ գործիք էր, տրուած ըլլալով որ քաղաքին յայտնի երաժիշտներէն մէկը, որ հարսանիքներուն եւ այլ առիթներու կը նուագէր, Երանոս Հերտեմեանն էր կամ Քէմանիճի Հերտեմը։ Հերտէմը երբեմն ուտահար Հաճի Պօղիկին հետ կը նուագէր, երբեմն ալ սազահար Կարոյին։ Ստորեւ բերուած քառատողը կը նկարագրէ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Հերտեմին եւ Կարոյին նուագը.

Հերտեմին չալած քէմանին,
Կակուղ, թեթեւ սեւ եէմէնին,
Կամ Կարօին չալած սազը,
Վաղւէն բաղնէց դեղին թասը: [3]

«Քէմանի» կոչուող նուագարանը (այսօր Հայաստան կը գործածուի «Քամանի» անուանումը) որ երբեմն նման է յունական ժողովրդային երաժշտութենէն ծանօթ «կապադովկեան քեմանէս»-ին, երբեմն ճիշդ այդ գործիքն է, եւ անշուշտ Սեբաստիոյ պարագային կապադովկեան յոյն համայնքները հեռաւոր չեն։ Այս յօդուածին առաջին լուսանկարը ցոյց կու տայ սազ եւ քեմանի նուագող երկու այր, ինչպէս Հերտեմը եւ Կարօն կը նուագէին Թոգատի մօտակայ Սվազի մէջ։

Սուրբ Նշան ուխտագնացութիւնը կատարելէ ետք, աշուղ Փէսէնտին կ’աշակերտէ թուրք աշուղ Զիլելի Ճէյհունին՝ այլ հայ աշուղներու պէս, օրինակ աշուղ Իզանին, Զիլելի Շերմին եւ Զիլելի Մեւճին (յիշատակուած թրքական աղբիւրներու մէջ) [4]։ Շուտով սակայն Փէսէնտին պիտի հռչակաւոր դառնար իբրեւ Սվազի թերեւս ամենէն մեծ ժողովրդականութիւն վայելող աշուղը՝ հայ թէ թուրք աշուղներուն մէջ, ինչպէս կ’երեւի ստորեւ բերուած պատմութեան ընդմէջէն, որ գուցէ իր կեանքի ամենէն յայտնի դրուագներէն մէկն է։ Դարձեալ Բարթող Ինճէեանն է պատմողը.

Սեբաստիոյ Սուլու-Խահվէն [«Ջուր» սրճարանը] հանրածանօթ է, որովհետեւ այն օրերուն աշուղները այնտեղ կը հաւաքուէին։

Օրին մէկը լուր ելաւ թէ Սուլու-Խահվէն երեք աշուղներ եկած են, յաջորդ օրը աշուղ Փէսէնտիին հետ մրցելու։ Ես՝ Ինճէեանս, հետաքրքուելով մրցումը լսելու գացի։ Մտայ Սուլու-Խահվէն, տսայ բեմին վրայ ծալապատիկ նստած երեք աշուղներ, սազը ձեռքերնին։ Մէկը պարսիկ էր, մէկը Ղարսեցի թուրք, իսկ երրորդ՝ Եոզկաթցի էր, նոյնպէս թուրք։ Փէսէնտիին կը սպասէին։ Ներկայ էին շատ մը թուրքեր, հայ վաճառականներ, կառավարական պաշտօնեաներ։ Աշուղները իրենց մէջ կը համաձայնէին, որ մուամմէն Փէսէնտին պատրաստէ։ Մուամմէին տախտակը կախուած էր պատին վրայ մեղրամոմով ծեփուած։ Ներս մտնողը նուէրը խահուէճիին կու տար, ան ալ կը փակցնէր տախտակին վրայ։ Շատեր մէճիտ մը, մինչեւ իսկ կէս ոսկի կը փակցնէին։

Մուամմէին պատասխանը պահարանի մը մէջ կնքուած, խահվէճիին ունեցած տուփին մէջ կղպելէ յետոյ, տուփն ալ կը կնքուի։ Մուամմէն լուծելու համար 7 օր ժամանակ տրուած էր։ Որոշուած օրը եկաւ մեր աշուղ Փէսէնտին, ժպտադէմ, իրմէն անբաժան քէմանին ձեռքը եւ միւս աշուղներուն դիմաց իր տեղը գրաւեց։

Մուամմէն, որ թուղթի մը վրայ գրուած եւ պատէն կախուած էր, հետեւեալն էր.

Պիր աճայիպ նէսնէ կէօրտիւմ,
Տօգուզու պիր սըրատա,
Տօգուզընտա տօգուզ ճան վար,
Հէր պիրի պիր սէֆատա։


Աշուղները սկսան նուագել։ Ամէն մէկը կարգով սկսաւ երգել հանելուկի իր գտած մեկնաբանութիւնը։ Փէսէնտին ինքն ալ նուագելով, երգելով կը պատասխանէր ամէն մէկուն, հերքելով ըսուածներուն մեկնութիւնը։

Այս մրցութիւնը տեւեց եօթ օր։ Պայմանը կէս օրուան նամազէն (աղօթք) առաջ պիտի վերջանար։

Շշուկ մը ելաւ, թէ մրցող աշուղները հանելուկի գաղտնիքը գտեր են եւ ճիշտ վերջին վայրկեանին պիտի պատասխանեն։

Շիտակն ըսելով, թէ՛ հայերը եւ թէ՛ թուրքերը տխրեցան, որ վերջին պահուն Սեբաստիոյ աշուղը պիտի պարտուի։ Եթէ ուրախացող մը կար, Միհր Ալի պէկն էր, որ վերջին երկու օրերը կու գար եւ կը քաջալերէր մանաւանդ Ղարսեցի աշուղը՝ իր հայրենակիցը, եւ ամէն գալուն աւելի նուէր մը կու տար անոր։

Ժամանակը լրացաւ։ Միեւնոյն թուրք պաշտօնեան, որ միշտ ներկայ կ’ըլլար, ոտքի ելլելով ըսաւ թէ ժամանակը լրանալէն ժամ մըն ալ աւելի տրուած էր։ Դառնալով Աշուղ Փէսէնտիին ըսաւ.- Քեզի կ’ըսեմ, Աշուղ Փէսէնտի, եթէ այս աշուղները գտած են գաղտնիքդ, հաճիր աշուղական կանոնով քէմանդ անոնց առաջ դնել, իսկ եթէ յաղթած ես, անոնք իրենց սազերը պէտք է քու առջեւդ դնեն։

Աշուղ Փէսէնտին ոտքի կանգնելով ըսաւ.


- Թէշէքքիւր էտէրիմ, պէյ-իմ, պու քէմանի տէ պէնիմ, մուամմէ տէ պէնիմ։ (Շնորհակալ եմ, տէր իմ, այս ջութակն ալ իմն է, հանելուկն ալ իմը)։ Երեք աշուղները իրենց սազերն առին ձեռքերնին ու ըսին.

- Փնտռեցինք երկինքն ու երկիրը, ծովերն ու անտառները, բայց կը խոստովանինք, որ չգտանք։ Աշուղ Փէսէնտին մեր վարպետն է։

Այդ ըսելով սազերնին տուին մեր սեբաստացի աշուղին։

Խահվէճիին սնտուկը բացին, տուփը հանեցին, կնիքները քննեցին, ամէն ինչ իր տեղն էր. ծրարը բացին, գաղտնիքը հետեւեալն էր.

Մունտառ գետին վրայ այն ատեն փայտէ կամուրջ մը կար։ Գետը կ’անցնէր Սառաճնոցին
[կաշեգործի արհեստանոց] ներքեւէն ետ պչագճնոցի [դանակագործի արհեստանոց] քովէն։ Այնտեղ մէկ կարգի վրայ ինը հատ հարկաւոր (ճեմիշ) շինուած էր, իննին մէջ մէկական մարդ նստած էր, բնական պէտք ընելու…։ Փէսէնտին ըսել կ’ուզէր թէ «Զարմանալի բան մը տեսայ՝ ինը հատ մէկ կարգի, ինը հատին մէջ ինը հոգի նստած, կը հանգստանան»։

Անիծեալ Միհր Ալին այս լսելուն պէս ոտքի ելաւ եւ բարկութեամբ ըսաւ.
«Խընզըր կեավուռ, նէրտէն պուլտուն պու սըրը» [Չարամիտ անհաւա՛տ, ուրկէ՞ հանեցիր աս գաղտնիքը]։ Փէսէնտին սակայն, վեհանձնօրէն աշուղներուն սազերը իրենց վերադարձուց, նաեւ՝ նուիրուած բոլոր դրամները, տասը լիրայէն աւելին, որ իրեն կը պատկանէր, ու վճարելով յաղթուած երեք աշուղներուն ճամբու ծախսերը, բարի ճանապարհ մաղթեց անոնց։» [5]

Ինչպէս տեսանք, Փէսէնտին մեծապէս գնահատուած էր սեբաստացիներուն կողմէ՝ թուրքերուն թէ հայերուն կողմէ հաւասարապէս, եւ ապրած է արժանի իր անունին, որուն արմատն է «փէսէնտ», այսինքն «հաւանութիւն, հաւնիլ» (օսմաներէն)։

1894-ին Փէսէնտին կ’ամուսնանայ Պայծառ Քիւրքճեանին հետ եւ կը փոխադրուի Ստամպուլ։ Ան նոյնիսկ կը նուագէ սուլթան Ապտուլ Համիտին համար, թէեւ պէտք էր որ վարագոյրի ետեւ քօղարկուած մնար։ Երբ հայերու դէմ համիտեան կոտորածները ծայր կ’առնեն, բարձրաստիճան օսմանցի սպա Քէլ Հասան Փաշան կը զգուշացնէ Փէսէնտին թէ իր կեանքը վտանգի տակ է եւ խորհուրդ կու տայ որ մեկնի երկիրէն։

Փէսէնտին կը գաղթէ Ռուսիա եւ կ’ապրի զանազան տեղեր՝ ներառեալ Կեռչ (արեւելեան Ղրիմ), Պաթում, Երեւան եւ Էջմիածին. ապրուստըկը վաստակի իբրեւ փռապան եւ սրճարանատէր։ Հաւանական է, որ ունեցած է սրճարան մը, ուր աշուղական երաժշտութիւն կը հնչէր, ներառեալ իր իսկ կատարումով։ Կրնանք նաեւ պատկերացնել որ հանդիպած ըլլայ հռչակաւոր աշուղներ Ջիւանիին եւ Շերամին, որոնք այդ օրերուն նոյնպէս գործուն էին Ռուսահայաստանի մէջ։ 1895-ի ջարդերուն Փէսէնտին ուզած է Ամերիկա ապրող իր ընկերները տեղեակ պահել կատարուածներէն։ «Բնական է, որ բացէն բան չէր կրնար գրել Ամերիկա գտնուող իր բարեկմաներուն։ Իր մէկ նամակը սակայն, այսպէս կը վերջացնէր.

«Աղէտը եկաւ անցաւ. Յանցաւորը ո՛վ է՝ չենք գիտեր, քէմանիս ալ ազատուած է. ինձմէ հեռու էք, բայց երգեմ, որ լսէք, կարելի է զիրար ալ չի տեսնենք, սա երգս ձեզի կտակ։

«Վարդը բացատրելու պէտք չկայ,
Ծաղիկ մըն է, մենք գիտենք։
Շունը բացատրելու պէտք չկայ,

-Գամփռմըն է, մենք գիտենք։» [6]

Ըսել կ’ուզէր թէ շունը, որ նման ոճիր մը կատարած էր, ամենամեծ տականքն էր։

Մինչ Փէսէնտին կ’ապրէր Ռուսիոյ տարածքին, կինը՝ Պայծառը կը ծնի իրենց որդին՝ Արտաշէս Գմբէթեանը, 1900-ի կողմերը Ալեքսանդրապոլի մէջ (Գիւմրի)։ Արտաշէսը յետագային Փարիզի հայկական թատրոնի յայտնի դերասան պիտի դառնար։

1905-ին Փէսէնտին կը փոխադրուի Պոլկարիա, կ’ապրի Ռուսչուկի եւ Վառնայի մէջ։ 1908-ի օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք բազմաթիւ հայերու պէս վերանորոգ յոյսով կը վերադառնայ Օսմանեան կայսրութիւն։ Այս օրերուն անոր ունեցած երկու համերգներուն մասին տեղեակ ենք, երկուքն ալ իր հայրենիք Սեբաստիոյ մէջ։ Մէկը 5 հոկտեմբեր 1909-ին տեղի ունեցած է՝ կազմակերպուած տեղւոյն ՍԴՀԿուսակցութեան անդամներուն կողմէ։ Բարեգործական այս համերգը կը կայանար յօգուտ «Կանանց կար ու ձեւի արհեստանոց»-ին, որ կուսակցութիւնը նոր բացեր էր Սեբաստիոյ մէջ։ Արտասանութիւն, երգ, ճառեր, ներառեալ Փէսէնտիին մանուկ որդի Արտաշէսին կատարմամբ։ «Ընտիր ու գեղեցիկ կտորներ նուագուեցան փոխն ի փոխ։ … Աւելորդ է ըսել թէ որչափ հռչակաւոր է Աշուղ Փէսէնտին իր «թէզէներով» նոյնքան եւ աւելի նշանաւոր է Հերտեմն ալ իր «եաեաով»։»,- կը գրէ Սեբաստիայէն թղթակից Անդրանիկը Նիւ Եորքի «Երիտասարդ Հայաստան» թերթին [7]։

Այս համերգէն ետք Փէսէնտին ինքը կազմակերպած է համերգ մը Սվազի հայ աշուղներու մասնակցութեամբ, հայ թէ թուրք։ Համերգը տեղի ունեցած է 15 նոյեմբեր 1909-ին։ Փէսէնտին կը վերդառնայ Ստամպուլ 1910-ին եւ ապրուստը կը վաստակէ իր բանաստեղծութեամբ, այդ տարի կը հրատարակէ թրքերեէն եւ հայերէն իր աշուղական բանաստեղծութեան դիւանը (հաւաքածոն)։ Գիրքը կը կոչուէր «Գուսանի տաւիղը» եւ կը պարունակէր 45 հայերէն եւ 27 թրքերէն երգ։ [8]

Աշուղ Փէսէնտին իր երգերը կը յօրինէր թրքերէն եւ հայերէն, ըստ Մերձաւոր Արեւելքի աշուղական բանաստեղծութանի կանոններուն, որոնց հետեւած են նաեւ Սայաթ-Նովան եւ այլ համբաւաւոր հայ աշուղներ։ Բանաստեղծութիւններ կը գրէին «ղազալ» կամ «կազէլ», «տիւան», «քոշմա», «սեմայի» եւ այլ անուններ կրող բանաստեղծական ձեւերու մէջ։ Ցաւօք, Փէսէնտիի հայկական բանաստեղծութենէն նմոյշներ գտնելը հնարաւոր չեղաւ. ստորեւ կը բերենք Առաքել Պատրիկի «Պատմագիրք»-ին մէջ յիշատակուած թրքերէն երկու բանաստեղծութիւն Փէսէնտիէն։ Երկրորդը հայերու իրավիճակին մասին քաղաքական յայտարարութիւն մըն է։ [9]

Ey gönül, fani dünyadan göçmeye şüpen mi var?
Şol felegin neft dolusun içmeye şüpen mi var?
Erzahil göksüne çökse bülbül dilin nal olur
Gözlerinden kanlı yaşlar dökmeye şüpen mi var?

Հայերէնը Առաքել Պատրիկի գիրքէն, ինչպէս ինքը կ’ըսէ՝ «մեր թարգմանութեամբ».

Ով սիրտ, փուճ աշխարհէն չուելուդ կը տարակուսի՞ս,
Չար բաղդի բաժակէն ըմպելուդ կը տարակուսի՞ս,
Հոգեառը երբ գայ, սոխակ-լեզուդ կը պապանձի,
Աչքերէդ արիւն-արցունք թափելուն կը տարակուսի՞ս։

Իսկ երկրորդը՝

Bu khalkın mülküni seyr et;
Kharab abad lazımsa,
Bu mülkün khalkını söylet;
Sana feryat lazımsa.

Հայերէնը՝ դարձեալ Առաքել Պատրիկի գիրքէն. ան նաեւ նշած է թէ «հեղինակի ուղղագրութիւնը պահած ենք անփոփոխ»։

Այս ժողովուրթին երկիրը դիտէ,
Եթէ աւերակներու պէտք ունի,
Այս երկրի ժողովուրդը խօսեցուր,
Եթէ ոչխարի պէթկը ունիս։ [10]

Աշուղ Փէսէնտի ժառանգութիւն ձգած է մեզի աւելի եւս արժէքաւոր բան մը՝ արեւմտահայ արհեստավարժ աշուղի մը միակ յայտնի ձայնագրութիւնները։ Ամենայն հաւանականութեամբ այս ձայնագրութիւնները կատարուած են Պոլսոյ մէջ 1913-ին։

Մենք չենք գիտեր Փէսէնտին ո՛ւր, ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մահացած է։ Այս ձայնագրութիւնը Փէսէնտիին ձգած վերջին հետքն են…

Փէսէնտին սեբաստացի էր, սակայն այս ձայնագրութեան մէջ իր երգած երկու երգերը Ակնայ երգեր են։ Ակնը արեւմտահայ ժողովրդային երգի եւ պարերգերու հռչակաւոր կեդրոն մըն էր. ոմանք կը կարծեն, որ «Կռունկ» երգը Ակնայ երգէ, ինչպէս նաեւ անտունիներու հանրայայտ երգի սեռը։

Ձայնագրութեան մէջ Փէսէնտիին երգած թրքերէն երգը կը կոչուի «Egin Havasi – Mani» (Էկինի եղանակ – մանի), թէեւ բնաւ նման չէ «Egin Havasi» կոչուող հռչակաւոր գործին, որ հայերէնով եւ թրքերէնով ձայնագրուած է Ուտի Հրանդին եւ այլոց կողմէ։ Փէսէնտիին ձայնագրածը, ընդհակառակն, երգի տեսակ մըն է, որուն մասին առհասարակ կ’ըսուի մայա։ Մայաեւ մանիեզրոյթները երբեմն մէկը միւսին փոխարէն կը գործածուէին, եւ հաւանաբար այս պատճառով է որ Փէսէնտին իր երգըմանիկոչած է։

Սկզբնական շրջանի ամերիկահայ երաժիշտները, մանաւանդ խարբերդցիները, ձայնագրածեննոյն՝ Փէսէնտիի երգած եղանակը, բայց տարբեր խօսքերով։ Այս երգերը առհասարակ «Հարփութ մայասի» (Խարբերդի մայա) կը կոչուէին։ Երգին կառոյցին մաս կը կազմէ կրկնուողական մեղեդի մը, Հայկական Բարձրաւանդակի մէջ շատ տարածուած 10/8 կշռոյթով, որ կանգ կ’առնէ, որպէսզի երգիչը երգէ երգին բառերը ազատ կշռոյթով։ Երբ երգիչը առաջին տողը կը վերջացնէ, գործիքային երաժշտութիւնը կը շարունակուի, եւ այսպէս փոխն ի փոխ մարդու ձայն-գործիքային նուագով երգը կը շարունակուի։ Փէսէնտիի ձայնագրութեան մէջ երգին վերջաւորութեան գործիքային մասի որոշ հատուածներ 4/4 չափին մէջ են։ Ինչքան մեզի յայտնի է, բազմաթիւ տողեր կամ բանաստեղծութիւններ կան, բոլորն ալ թրքերէն, որոնք կրնան երգուիլ ըստ էութեան նոյն մեղեդիով։ Թէեւ Փէսէնտիի՝ «Եաւրի, եաւրի» եւ նաեւ «Եանտի ճանիմ» կանչերով սկսիլը պարզօրէն լսելի է, մնացած խօսքերը վերծանելը կարելի չեղաւ։ Առհասարակ այս երգերը գաւառացի բնակիչներուն սէրը կամ այլ ապրումները արտայայտող յուզական երգեր կ’ըլլային։ Թէեւ մայաները առհասարակ թրքերէնով կ’երգուէին, այնպէս կը թուի թէ երգեցողութեան քրտական ոճին ազդեցութիւնը զգալի է տողերու սկիզբի «ստակատօ» (հատուածային, բեկ-բեկուած) ոճին մէջ։ Հաւանաբար այս պատճառով է որ այս տիպի երգերը ծանօթ եղած են Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն մէջ, եւ ոչ կեդրոնական Անատոլուի, Կիլիկիոյ կամ նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ։

Փէսէնտիին առաջին տողին սկիզբը զարմանալիօրէն նման է Կոմիտաս վարդապետի խազագրած եւ «Շար Ակնայ երգերու» հաւաքածոյին մէջ լոյս ընծայած «Անտունի»-ին («Աղուոր մի ծարւութենէն…», զոր ամենայն հաւանականութեամբ վարդապետը գրառած էր ակնեցի ազգագրագէտ Յովսէփ Ճանիկեանի երգածէն։ [Այս երգը պէտք չէ շփոթել Կոմիտասի հանրայայտ «Անտունի»-ին հետ («Սիրտս նման է…»), որ ըստ էութեան ձայնի եւ դաշնամուրի համար Կոմիտասի յօրինումն է։] Հետեւաբար, կրնայ ըլլալ որ Ակնայ անտունիները կ’երգուէին Փէսէնտիին «Egin Havasi»-ին նման։ Եւ սակայն, Աւետիս Մեսումենցի՝ Ֆրանսայի մէջ հրապարակած անտունիներու հաւաքածոն նմանութիւն չունի մայաերգին հետ, եւ իրականութեան մէջ Մեսումենցը լրիւ ուրիշ երաժշտական կտոր գրանցած է իբրեւ մայա/մանի։ Բացի ասկէ, Կոմիտաս վարդապետը իր Ակնայ շարին մէջ Ակնայ անտունիի երկրորդ տարբերակ մըն ալ գրանցած է, որ նոյնպէս տարբեր է։ Այս երգերու միջեւ շփոթ որպէսզի չստեղծուի եւ գոյութիւն ունեցող շփոթն ալ փարատի, Արեւմտեան Հայաստանի երաժշտական ժողովրդային բանահիւսութեան նուիրուած լուրջ ուսումնասիրութիւն մը անհրաժեշտ է, բան մը որուն, ցաւօք, մեկնելով այն ենթադրութենէն թէ հայ ժողովրդային երաժշտութեան բոլոր դրսեւորումները պէտք է միանման ըլլան, տակաւին մարդ չէ նախաձեռնած։

Փէսէնտիին հայերէն երգը, որ թրքերէն «Egin Gelin Getirmek Gaydasi» անունը ունի (այսինքն «Հարսը տունէն հանող Էկին պարկապզուկը») այլ աղբիւրներէ ալ ծանօթ է, օրինակ Յովսէփ Ճանիկեանի «Հնութիւնք Ակնայ» [11] գիրքէն։ Այս երգին մէջ պարկապզուկ չկայ, ոչ ալ Ակնի մասին մեզի ծանօթ գիրքերէն որեւէ մէկուն մէջ յիշատակում կայ Ակնի մէջ պարկապզուկ նուագելու մասին, ինչ որ քիչ մը շուարեցնող է։ Ինչ որ ալ եղած ըլլայ «կայտա»-ին իմաստը երաժշտական բառարանին մէջ, այնուամենայնիւ Ճանիկեանը կը հաստատէ, որ այս երգը Ակնի մէջ կ’երգուէր հարսանեկան արարողութիւններու ընթացքին այն պահուն, երբ հարսը եւ փեսան, եկեղեցական պսակէն ետք կը հասնէին փեսային ընտանիքին տունը։ Փէսէնտին այս երգին բազմաթիւ տողերէն մի քանին միայն կ’երգէ։ Հայերէնի եւ հայերուն մէջ այս երգը աւելի ծանօթ է «Բարի՛ լուս, աղուո՛ր, բարի լուս» անուան տակ, որ ընդհանրապէս երգին առաջին տողն է։ Ճանիկեանի վկայութեամբ, երբ նորապսակ ամոլը կը հասնի փեսային տան դուռը, արեւածագ է։ Աշուղ Փէսէնտին հետեւեալ խօսքերը կ’երգէ ձայնագրութեան մէջ.

Առաքել Պատրիկի Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան առաջին եւ երկրորդ հատորները։

Բարի լուսուն բարին վրադ
Բարի լուսուն բարին վրադ
Ուր [ուր = որ] ցաթէ արեւն ի վրադ
Ուր ցաթէ արեւն ի վրադ

Հարսնի պաղչան վարդ կու քաղէ
Հարսն ի պաղչան վարդ կու քաղէ
Նստեր ու շէքէր կու մաղէ
Նստեր ու շէքէր կու մաղէ
Շէքրին թոզն ալ ինք կու թաղէ
Շէքրին թոզն ալ ինք կու թաղէ

Քալէ՛ու մանտրտիկ քալէ՛
Քալէ՛ու մանտրտիկ քալէ՛
Վրայ խալուն վրայ քալէ՛
Վրայ խալուն վրայ քալէ՛

«Egin Havasi»-ն երգած ատենը կը թուի թէ Փէսէնտին ինքզինքին կը նուագակցի ջութակով, իսկ հայերէն երգը երգած ատեն կը թուի թէ «քեմանի» կը նուագէ։ Թերեւս այսպէս աւանդական գործիք մը նուագելով կ’ուզէր այս շատ աւանդական հայկական հարսանեկան երգը կարելի եղածին չափ վաւերական ձեւով մատուցել։ Դարձեալ կը դառնանք Ճանիկեանին, որ հայկական հարսանեկան աւանդոյթներուն մասին մեզի հասած ամենէն վաղ գրուած նիւթերուն մէկ մասին աղբիւրն է։ Ճանիկեանը բծախնդիր կերպով գրի առած է այն երգերը, որոնք աւանդաբար կ’երգուէին հարսանիքին իւրաքանչիւր փուլին, բացառութեամբ եկեղեցական պսակի արարողութեան երգերուն, որոնք հոգեւորականութեան լաւ ծանօթ էին։ Ճանիկեանը իւրաքանչիւր երգի բազմաթիւ տողեր գրառած է, «Բարի լուս, աղուոր»-ին՝ նմանապէս։ Փէսէնտին, սակայն, միայն մի քանի տող կ’երգէ՝ մեզի գաղափար մը տալու համար երգին մասին։

Կ’արժէ նշել նաեւ, որ Փէսէնտիին երգը երգուած եւ նուագուած է 9/8 չափին մէջ, որ էր եւ այսօր ալ շատ կը հնչէ Անատոլիոյ մէջ բարի գալուստ մաղթելու կամ ժամանման պահերու (այս պարագային՝ փեսային տունը ժամանելու). այս պատճառով ալ այս չափը թրքերէնի մէջ կը կոչուի «karşılama», այսինքն «բարի գալուստ»։ Արեւելահայ աշուղները նոյն սկզբունքով կը կիրարկեն այս չափը. օրինակ՝ Աշուղ Ջիւանին Աշուղ Ղարիբի մասին պատմութեան մէջ տարբեր կէտերու կիրակած է, օրինակ երբ Աշուղ Ղարիբը նոր քաղաք մը հասած է։ Այս կշռոյթը Անատոլուի յոյները կը կիրարկեն երկու հոգիի առանձին-առանձին դէմ-դիմաց պարած պարին, որ «karşılama»-ի մէկ այլ իմաստն է։ Այս նոյն կշռոյթը նաեւ կը կիրարկուի հայկական Թամզարա պարին մէջ, թէեւ այս պարագային կարծես պարին եւ «karşılama» բառին միջեւ կապ չկայ։ Յամէնայնդէպս, այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան որ Փէսէնտին ոչ միայն աշուղական երաժշտաոճերու վերաբերեալ ուսում ստացած էր, այլ որ նաեւ մասնագէտ էր հայկական, ինչպէս նաեւ առհասարակՓոքր Ասիոյ տարբեր բնակիչներու ժողովրդային երաժշտութեան։

Եզրակացնելով ըսենք, որ այն քիչ տեղեկութիւնը որ ունինք Փէսէնտիի կեանքին ու գործին մասին եւ սիրտ ցաւցնելու չափ քիչ թիւով գողտրիկ ձայնագրութիւնները, որ ունինք իր երաժշտութեան, շատ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ներկայացնեն, քան առերեւոյթ թուացեալը։ Այս տեղեկութեան ընդմէջէն մենք կ’ունենանք կապ մը, հաղորդութիւն մը անցեալին հետ, անցեալ մը, որ մեծ մասամբ խոցուած է եւ որմէ պարտադրաբար խզուած եղած ենք։ Հակառակ անոր որ Արեւմտեան Հայաստանի ժողովրդային երաժշտութիւնը եւ դասական երաժշտութիւնը վերապրեցան ու գոյատեւեցին Սփիւռքի մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի աշուղական երաժշտութիւնը այնքան քիչ ծանօթ է, որ մարդիկ կը կարծեն, որ հայ աշուղական արուեստ միայն Արեւելեան Հայաստանի տարածքին գոյութիւն ունեցած է։ Աշուղ Փէսէնտին՝ սեբաստացի մեծ աշուղը, արեւմտահայ վերջին աւանդական աշուղը, յատկապէս իր երգային ձայնագրութիւններուն ընդմէջէն, կը ստեղծէ կապ մը դէպի այն իսկապէս գոյութիւն ունեցած կորուսեալ երաժշտական կեանքին, որ հայերունն էր մինչեւ 1915-ի աղէտը։

  • «Egin Havasi»-ի «Egin Gelin Getirmek Gaydasi»-ի ձայնագրութիւնները սիրայօժար տրամարդած է Արա Տինքճեանը։
  • Ձայնագրութիւններու ժամանակակից արհեստագիտութեան կիրառմամբ աղմուկէ մաքրած է Հարրի Ա. Գըզըլեան Գ-ը։

[1] Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, Բ հատոր, Նիւ Ճերզի, 1983, էջ 106-107։
[2] Նոյն, էջ 106-107։
[3] Ս. Մ. Ծոցիկեան, Արեւմտահայ աշխարհ, Նիւ Եորք, 1947, էջ 639։
[4] Անյայտ հեղինակ, Türk Halk Edebiyatında Ermeni Saz Şairleri, մէջբերումները առցանց նիւթերէ են։
[5] Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ..., էջ 107-109։
[6] Նոյն, էջ 109։
[7] Երիտասարդ Հայաստան, Է տարի, թիւ 27, 26 յունուար 1910, Նիւ Եորք, էջ 107։
[8] Türk Halk Edebiyatında Ermeni Saz Şairleri.
[9] Պատրիկը այս բանաստեղծութիւնները գրած է հայատառ թրքերէնով։ Մենք զանոնք կը բերենք արդի՝ լատինատառ թրքերէնով։
[10] Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ..., էջ 109-110։
[11] Յ. Կ. Ճանիկեան, Հնութիւնք Ակնայ, Թիֆլիս, Մ. Դ. Ռօտինեանցի տպ., 1895։