Պատկերներ՝ Տրապիզոնի օսմանեան նահանգէն
Այս բաժինով ձեզի կը ներկայացնենք Տրապիզոնի վիլայէթէն (նահանգ) առնուած պատկերներ, որոնք իրենց մեծամասնութեամբ կը վերաբերին օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Այստեղ կը գտնէք գլխաւորաբար հին լուսանկարներ եւ փորագիր պատկերներ։ Նահանգը ներկայացուցած ենք իր զանազան ենթաբաժանումներով՝ նկարներուն դասաւորումը աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով։ Հետագային, սոյն պատկերներուն կողքին մեր խմբագրութեան կողմէ պիտի պատրաստուին նաեւ Տրապիզոնի նահանգին վերաբերող յօդուածներ՝ զանազան թեմաներով։ Այնպէս որ ներկայացման սոյն ձեւը ժամանակաւոր բնոյթ ունի՝ մինչեւ գրութիւններուն պատրաստութիւնը։ Նշենք նաեւ որ մենք վերաշխատած ենք այս բաժնով տեղ գտած հին պատկերներուն վրայ՝ անոնց գոյներուն եւ լուսաւորման նոր ու աւելի բարձր որակ մը տալու նպատակով։
Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Տրապիզոն. հայկական գերեզմաննոցը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
2) Տրապիզոն. քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
3) Տրապիզոն. քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
4) Տրապիզոն. քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
5) Տրապիզոն. Ս. Փրկիչ հայկական վանքը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)