Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ 3 | Վան

Դարդօներ - Վանի եւ այլազան

Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։ 1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։

Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։

Դարդօ - թախծերգ, (տխրերգ, ողբերգ) կամ՝ սիրերգ (նաեւ՝ Տարտօ, Տըրտօ, Դարդօ, Դըրդօ, Դարդըն, Դարդոյ կամ Դռդո)

«Դարդօ» բառը մեր բարբառային բառամթերքը թափանցած է գալով թրքերէն տէրտ բառէն, որ կը նշանակէ թախիծ կամ հոգեկան ցաւ, մտատանջութիւն։

«Հայու հոգիին հարազատ է անկէ ծորող թախիծը. թէեւ ընդհանրապէս սիրային տարածք ունի բայց որեւէ ցաւալի պատահար կրնայ ‘դարդօ’-ի վերածուիլ կամ հիւսուիլ անոր», կը գրէ Պետրոս Ալահայտոյեան։ [1] Մեներգ Դարդօն որպէս ժանր հաւանաբար ծնունդ առած ըլլայ Վանի մէջ, եւ յետոյ տարածուած ըլլայ դէպի այլ շրջաններ։ Վանի Դարդօն շատ յստակ կերպով հիմնուած է չորս իրարայաջորդ ձայներու վրայ, որոնք տարբեր խաղերով վայրէջք կ՚ունենան, յատկանշելով՝ հեկեկանք։

Պետրոս Յ. Ալահայտոյեանի փափաքով այս երգացանկի հաւաքածոյ երգերը, հակառակ որ բոլորն ալ ստոյգ Վանի Դարդօներ չեն, կը զետեղուին Վանի աշխարհագրական այս էջին մէջ, որովհետեւ բացի Վանի Դարդօներէն միւսները ունին աւելի տարբերակի բնոյթ եւ ո՛չ ճշգրիտ ժանրային բնոյթ։

Վան. քաղաքէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, Երեւան։ Շնորհակալութիւններ Ժան-Փիեռ/Շապու Քիպարեանի)

Բացի զուտ հեկեկանք Դարդօներէ, ամէն երգի կամ տարբերակի մէջ անպայմանօրէն յայտնի չէ թէ երգողն ի՞նչ բանի վրայ կ՚ողբայ, կամ ան արդեօք կ՚ողբա՞յ, թէ կը փառաբանէ սիրոյ առարկայ անձ մը. սակայն մէկ բան յստակ է, որ յաճախ այս երգերը սիրային բնոյթ ունին, եւ Դարդօ բառը ինքնին մարմնաւորումի ենթարկուած ըլլայ կարծես։ Երգիչը իր խօսքը կ՚ուղղէ Դարոյին երբ կ՚ողբայ կամ կը փառաբանէ իր սիրածը։ Կարծես Դարդօ բառը յատուկ անուն մը ըլլար, իսկ Դարդօ եւ «սիրելիս» իրարու հոմանիշ բառեր ըլլային։ Միակ Դարդօն այս երգացանկէն որ ունի յստակ հասցէ, այդ ալ թիւ 4-ն է. ըստ Մարօ Նալպանտեանին, այս տխրութիւն բուրող սիրերգը նուիրուած է Ֆէտայի Թըխկոյի նահատակութեան, որ զոհ գացած է քիւրտ զինեալներու հետ բախումներու ընթացքին։

Դարդոյի յօդուածներ կը գտնուին Պետրոս Ալահայտոյեանի երկու ազգագրական երգերու ցարդ լոյս տեսած հատորներուն մէջ. այս նոր յօդուածին նպատակն է մէկտեղել այդ երկու կարեւոր անդրադարձները, եւ այդ տեղեկութիւններուն վրայ աւելցնել յաւելեալ աղբիւրներ, Ալահայտոյեանի իսկ արխիւներէն։

Այսպէս՝ սոյն երգացանկի թիւ 1 եւ 2 Դարդօները կը գտնուին Պետրոս Հ. Ալահայտոյեանի Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Բնորոշ Երգային Նմուշներ (2015) հատորին մէջ, եւ կարելի է զանոնք ունկնդրել երկրորդ խտասալիկին վրայ, թիւ 14 եւ 15 երգերով։ Սոյն խտասալիկը կցուած է Ալահայտոյեանի վերոնշեալ գիրքին։

1) Պետրոս Յ. Ալահայտոյեան, Վան-Վասպուրականի ազգագրական բնորոշ երգային նմուշներ, տպ. Շիրակ, Պէյրութ, 2015, 192 էջ։

2) Պետրոս Յ. Ալահայտոյեան, Բալուի (եւ տարածաղրջանի) երաժշտական-ազգագրական հաւաքածոյ, Դրազարկ հրատարակչութիւն, Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա, 2009, 448 էջ։

Մեր երգացանկի թիւ 3 երգը սակայն, որ կ՚երգէ Նշան Սօսիկեանի ազգական՝ Արմէն Սօսիկեանը, չի գտնուիր վերոյիշեալ հատորին մէջ, եւ հակառակ որ նոյն երգն է, սակայն մեկնաբանութիւնը ունի իւրայատուկ տարբերութիւններ։

Երգացանկի թիւ 4 եւ 5 երգերը կը գտնուին Ալահայտոյեանի Բալուի (եւ Տարածաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոյ (2009) հատորին մէջ, առաջին խտասալիկին վրայ, թիւ 28 եւ 29 երգերով։

Երգացանկի թիւ 6 եւ 7 երգերը հակիրճ կերպով միայն յիշատակուած են Բալուի հատորին մէջ, սակայն անոնց ձայնագրութիւնը գրքի խտասալիկներուն վրայ գոյութիւն չունի։

Պ. Ալահայտոյեանի արխիւներէն այս երգացանկին վրայ կ՚աւելնան թիւ 3, 6, 7 եւ 11 երգերը իրենց ձայնագրութիւններով, ինչպէս նաեւ 8, 9, 10, միայն իրենց նօթագրութիւններով։

Ամփոփելու համար...այս երգացանկը որ նման ուրիշ երգացանկերու ցիր ու ցան եղած ձայներ, սովորութիւններ եւ պատմութիւն կը փորձէ մէկտեղել, ստոյգ Վանէն վերապրած Դարդօներու կողքին կ՚արձանագրէ նաեւ այլազան ուրիշ շրջաններու Դարդօներ. անոնց բոլորին նմանութիւններն ու տարբերութիւնները կու գան բացայայտելու թէ ինչպէ՞ս երգը կը ծնի ժողովուրդի անմեղ հոգիէն, եւ ինչպէ՞ս կը ճամբորդէ քաղաքէ քաղաք, սերունդէ սերունդ, անհամար փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի, յաճախ բաղդը ունենալով երկար կեանքի, յաճախ ալ լուռ եւ անօգնական՝ անհետ կորսուելով։

[1] Պետրոս Յ. Ալահայտոյեան, Վան-Վասպուրականի ազգագրական բնորոշ երգային նմուշներ, տպ. Շիրակ, Պէյրութ, 2015։

Վանէն համայնապատկեր մը՝ դիտուած Վարագայ լերան բարձրունքէն։ Աջին Սիփան լեռը, իսկ ձախին՝ Կտուց կղզին (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

  • 1) Վանի Դարդօ-
    Վանեցի Ենովք Ղազարեան Պետրոս Ալահայտոյեան կը հանդիպի վանեցի վերապրող Ենովք Ղազարեանին 1987 թուականին Տիթրոյթ քաղաքի Սուրբ Սարգիս ծերանոցին մէջ։  Պրն. Ալահայտոյեան երբ կը յայտնէ Պրն. Ղազարեանին թէ ինք եկած է վերապրողներու կեանքերէն տեղեկութիւն եւ երգ հաւաքելու, Պրն. Ղազարեան ձեռքը երկարելով քովի դարակին հոնկէ կը վերցնէ ու Ալահայտոյեանին կը նուիրէ ձայներիզ մը ուր արձանագրած էր իր բոլոր գիտցած երգերը, եւ կ՚ըսէ «Ահա իմ կեանք»։
  • 2) Վանի Դարդօ - Վանեցի Նշան Սօսիկեան
  • 3) Վանի Դարդօ - Վանեցի Արմէն Սօսիկեան (Լոս Անճելըս, 1995)
  • 4) Սասունի Դարդօ - Բալուցի Մարօ Նալպանտեան (Հալէպ, 1991-96
    Մարօ Նալպանտեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, բալուցի ընտանիքի մը մէջ. անոր երգած հին երգերը եւ իր երգացանկի հաւանաբար բոլոր Բալուի երգերը սորված է իր ընտանիքի անդամներէն եւ այլ բալուցի հայրենակիցներէ եւ ծերունիներէ։
  • 5) Սասունի Դարդօ - Սրբուհի Սարգիսեան (քրտերէն)
  • 6) Հայաստանեան Դարդօ - (անծանօթ երգիչ-նմոյշ՝ երգիչ եւ բանահաւաք Փառիկ Նազարեանի հաւաքածոյէն, Լոս Անճելըս)
  • 7) Վանի Դարդօ - Հայրիկ Մուրատեան (ձայնագրութիւն չկայ, կան միայն նօթաները)
  • 8) Թալինի շրջանի Դարդօ (1969) - (հեկեկանք միայն) (ձայնագրութիւն չկայ, կան միայն նօթաները)
  • 9) Թալինի շրջան Դարդօ (1969)- (ձայնագրութիւն չկայ, կան միայն նօթաները)
    1969-ին Թալինի բնակչութիւնը կը բաղկանար մեծ մասամբ 1915-ին Հայաստան գաղթած Սասուն եւ Մուշ քաղաքներէն վերապրողներէ։ Այս երկու Դարդօները քաղուած են Թալինի շրջանը ներկայացնող ժողովրդական երգարանէ մը, որը լոյս տեսած է Երեւան՝ Սովետական Գրող Հրատարակչութենէն, 1984 թուին։
  • 10) Արցախի Դարդօ – Յարութիւն Տէր Մինասեան (երգասացին մասին տեղեկութիւն չունինք)

1/ Վանի Դարդօ - Վանեցի Ենովք Ղազարեան

Դարդո-ո-օ, Դարդո-ո-օ
Ես ինչ կ՚անեմ ձեր տան տուէք
Ես ինչ կ՚անեմ ձեր տան տուէք
Դարդո-ո-օ, Դարդո-ո-օ
Կ՚երթամ կ՚առնեմ խալղի կեղեւ
Դարդո

Վան, Այգեստան թաղամաս. գլխաւոր փողոց։ Լուսանկարիչ՝ Նշան Թուրշեան (Աղբիւր՝ ամերիկեան միսիոնի արխիւներ, Harvard University, Houghton Library)

2/ Վանի Դարդօ - Վանեցի Նշան Սօսիկեան

Վան քաղաքը, համայնապատկեր։ Պատկերին խորքին կ՚երեւի Վարագայ լեռը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Ախ Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, Էրեւանա կու գէր խամեմ
Լեզուդ տիր մէջ պերնիս ծամեմ
Քու սիրտ վեր իմ սրտին քամեմ
Խազար տարուան խաւաս խանեմ

Ախ Դարդօ, ես աղունիկ տու ճրի բադ
Դու ճրից էլար քէ թալիր հափ
Մէջ զի մէջ քէ տու իր բէբախտ
Ախ Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, երկու շամամ մէջ քու ծոցին
Մէկ տու տնեմ վէր իմ խոցին
Մէկ թող մնայ մէջ քո ծոցին
Ախ Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

3/ Վանի Դարդօ - Վանեցի Արմէն Սօսիկեան (Լոս Անճելըս, 1995)

Վանի բերդը (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Ախ Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, Էրեւանա կու գէր խամեմ
Լեզուդ տիր մէջ պերնիս ծամեմ
Քու սիրտ վեր իմ սրտին քամեմ
Խազար տարուան խաւաս խանեմ

Ախ Դարդօ, ես աղունիկ տու ճրի բադ
Դու ճրից էլար քէ թալիր հափ
Մէջ զի մէջ քէ տու իր բէբախտ
Ախ Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, երկու շամամ մէջ քու ծոցին
Մէկ տու տնեմ վէր իմ խոցին
Մէկ թող մնայ մէջ քո ծոցին
Ախ Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

Ախ Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ, Դարդօ
Դարդօ, Դարդօ, դարդս շատ ի

4/ Սասունի Դարդօ - Բալուցի Մարօ Նալպանտեան (Հալէպ, 1991-96)

Դըրդօ, դըրդօ, դըրդօ, դըրդօ, տնաւեր
Աման, դըրդօ, մնանք չոլեր

Գեղի բոլոր մանըր փուշ ա
Գեղի միջի եարն անուշ ա

Աման, դըրդօ, մնանք չոլեր
Աման, դըրդօ, դըրդօ ջան

Գէլերն էկան շարուէ-շարան
Զարկին մեր Թըխոյին տարան

Աման, դըրդօ, մնանք չոլեր
Աման, դըրդօ, դըրդօ ջան

Ելի էրթանք սարն ի Սասուն
Ես էղնիմ թուփ, դու էղնիս սուն

Աման, դըրդօ......

Մարաթուկ լեռը։ Լուսանկարիչ՝ Պեհչէթ Չիֆթչի, Սասուն, Պաթման։

5/ Սասունի Դարդօ - Սրբուհի Սարգիսեան (քրտերէն)

Ծովասար լեռներ, Սասունի Շատախ եւ Տալւորիկ շրջաններուն միջեւ։ Լուսանկարիչ՝ Պեհչէթ Չիֆթչի, Սասուն, Պաթման։

6/ Հայաստանեան - (անծանօթ երգիչ-նմոյշ՝ երգիչ եւ բանահաւաք Փառիկ Նազարեանի հաւաքածոյէն, Լոս Անճելըս)

Դըրդօ,
Ճերմակ վզով ու կարմիր թուշ
Ունքդ աղեղ ու աչքդ նուշ
Դըրդօ,
Իմ արեւ իմ  (ազու) սիրուն
Օր ի տաս ինձ պաքիկ մ՛անուշ
Եաման, Դըրդօ

Դըրդօ,
Ձեր տան բոլոր մանր փուշ է
Գեղի միջի եարն անուշ է
Դըրդօ,
Առանց քեզի սիրտս տխուր
Օրս մշուշ ու խաւար է
Եաման, Դըրդօ

7/ Վանի Դարդօ - Վանեցի Հայրիկ Մուրատեան

Դարդօ, քյի տուն չկա, արի մեր տուն
Թաղիս տընիմ, փալ տու ճրաքյսուն, դարդօ։

Դարդօ, աշկօվ ընքյվօվ կ՚անիս իմաց
Միսըս թափավ, ուսկոր մնաց, դարդօ։

8/ Թալինի շրջան (1969) - (հեկեկանք միայն)

Հը՜, հի՜

9/ Թալինի շրջան (1969) - Դարդօ

Ա՜խ, Դարդօ.....
Մեր տուն ձերուն իրար դիմաց
Մեր տուն ձերուն իրար դիմաց
Աչքով կէնիմ ունքով իմաց
Ես դուռ զարկեմ դու ելի բաց
Վա՜յ, Դարդօ

Ա՜յ, Դարդօ......
Լուացք արա ջուր մի թափի
Ես ջահել եմ ինձ մի խափի
Վա՜յ, Դարդօ

Ա՜յ, լէ՜, Դարդօ
Ա՜յ, լէ՜, Դարդօ
Գեղի միջի յարն անուշ էր
Էդ տնաւեր Բեզոն սավդից ծուռ ի.....

10/Արցախի Դարդօ - Յարութիւն Տէր Մինասեան

Դարդս լացէք սարի սնբուլն
Ալվան ալվան ծաղիկներ
Դարդս լացէք բաղի բլբուլ
Ամպշող երկնուց զով հովեր

Երկինք գետին գլխուս մթնան
Անտուն անտէր կու լամ ես
Երկինք գետին գլխուս մթնան
Անտուն անտէր կու լամ ես

Եարս տարան ջանըս տարան
Հոնգուր հոնգուր կու լամ ես
Ախ եարս ինծի հանեց սրտէն
Անճար թողեց ու գնաց
Ախ եարս ինծի հանեց սրտէն
Անճար թողեց ու գնաց

Սրտիս սեւտան խորոնք եարան
Անդեղ թողեց ու գնաց

Դարդս լացէք սարի սնբուլ
Ալվան ալվան ծաղիկներ
Դարդս լացէք բաղի բլբուլ
Ամպշող երկնուց զով հովեր

Արցախ, համայնապատկեր։ Լուսանկարիչ՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան։