Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։
Սինճանէն Վան-Վասպուրականի շրջանի աւանդական-ծիսակատարական պար մըն է։ Այս տեսակի պարերը յատուկ առիթներու՝ մանաւանդ հարսանիքներու եւ ժողովրդական տօնակատարութիւններու անբաժան եւ կարեւոր մաս կը կազմէին։ Այսօր ալ Սինճանէն կը պարուի Տիթրոյթի (Միչիկըն) եւ Նիւ Եորքի հայ համայնքներուն մէջ։
Թոմ Պոզիկեան պարը սորված է Ենովք Ղազարեանէն, որ հայրն է Տիթրոյթի բնակիչ` քլարինեթահար եւ նուագախմբավար Խաչիկ Ղազարեանի։ Ենովք ծնած էր Վան եւ որդին էր Խաչիկ Ղազարեանի, որ Վասպուրականի տարածաշրջանի պարերու նշանաւոր գիտակ մըն էր։
«Սինճանէ» անուան ծագումը կապուած կը համարուի «Սինճան» հայկական անձնանունին հետ։ Առաջին մասնիկը՝ «Սին», առընչուած է ասորեստանցիներու լուսին աստուածութեան, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ պարին անունը կրնայ ծագած ըլլալ նախաքրիստոնէական այդ աստուածութենէն։

