Վան | Սուլայմանի (պար)

14/05/26 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/05/26)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

**********************************************

Սուլայմանին հայկական արարողական պար մըն է Ատրամէտ (ներկայիս Էտրէմիթ) գիւղէն՝ Վանայ լիճի հարաւային ափին վրայ։ Ըստ աւանդական պատմութեան, այս պարը կոչուած է օսմանեան տարիներուն Վան-Վասպուրական շրջանին մէջ գործած Սուլէյման անունով կառավարիչի մը կամ տուրք հաւաքող պաշտօնեայի մը անունով։ Սուլէյմանը թրքական-քրտական տարբերակն է Սողոմոն անունին։ Պարադրութիւնը երգիծօրէն կը կապկէ Սուլէյմանի յատկանշական շարժուձեւերը եւ արտայայտութիւնները։ Պարին կշռոյթն է 10/8։

Պարը Միացեալ Նահանգներ հասած է Սփիւռք հաստատուած հայերու ճամբով։ Թոմ Պոզիկեան այս պարը սորված է Ենովք Ղազարեանէն։ Անոր որդին քլարինէթ նուագող եւ նուագախումբի ղեկավար Խաչիկ Ղազարեանն է, իսկ հայրն է Վասպուրականի աւանդական պարերու մասնագէտ Խաչիկ Ղազարեանը։ Գալով Կէրի Լինտ-Սինանեանի, ան նոյն այս պարը սորված է Ղազար Ղազարեանէն (քլարինէթ նուագող Խաչիկ Ղազարեանի եղբայրը) եւ Սուրէն Աբրահամեանէն՝ երկուքն ալ Տիթրոյիթէն։

Սուլայմանի պար | Ներկայացում եւ ցուցմունքներ