Վանի շրջան – Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 21/05/2020 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/05/2020)

Ներածական եւ աշխարհագրական դիրք

Վանեցինեը եղած են վարպետ արհեստաւորներ: Անոնց հմտութիւններէն կարելի է թուել ոսկերչութիւնը, երկաթագործութիւնը, հիւսուածեղէնի եւ գորգի ճարտարաուեստը։ Իսկ Հայոց Ձորի ալպեան մարգագետիններուն մէջ անոնք զբաղած են խաշնարածութեամբ, ջրառատ տաբաստաններուն վրայ՝ հողագործութեամբ, պտղամշակութեամբ, այգեգործութեամբ։ Պտղատու ծառերու հարստութեան պատճառով է, որ Վան քաղաքի կարեւորագոյն արուարձաններէն մէկը կոչուած է Այգեստան:

Թէեւ այս մասին որոշ տեղեկութիւն չկրցանք գտնել, սակայն, կարելի է ըսել թէ հողագործական բերքերով սնանող ժողովուրդները - որոնց կարգին վանեցին -, առողջական որոշ բարձր մակարդակ կրնան ունենալ:

Երբ կը քննենք Վան-Վասպուրականի շրջանի պատմական քարտէսը, կը նկատենք ժողովուրդներու համակեցութիւն եւ դրացնութիւն (դրական եւ ժխտական հետեւեանքներով), քաղաքական վերիվայրումեր, յաջորդական ռազմական արշաւներ։ Այս բոլորը իրենց ներգործութիւնը ունեցած են տեղական մշակոյթին վրայ, փոխ առնուած են գիտելիքներ, որոնք պատշաճեցուած են տեղական պայմաններուն [1]: Այս իմաստով շատ հաւանական է, որ վանեցին թարգմանած ու զարգացուցած է յունական, արաբական, պարսկական, ասորական ու այլ ժողովուրդներէ հասած  բժշկական գիտելիքներ: Ծանօթ է օրինակ անասնաբուժութեան առնչուող Ղազար Ամդեցիի (գործած է Վանայ լիճի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Հողաց վանքի մէջ) 1696-ի թարգմանական գործը. «Բժշկարան վասն ձիոյ եւ ջորոյ եւ կամ իշու»։ [2]

Վանի Նարեկավանքին մէջ ապրած եւ ուսանած է  հոգենուրբ/միսթիք բանաստեղծ՝ Գրիգոր Նարեկացի (951–1003), հեղինակը՝ ամենաբոյժ Նարեկ աղօթագիրքին (կամ «Մատեան ողբերգութեանց»): [3] Աւելի ետք պիտի անդրադառնամ Նարեկին ցարդ ունեցած «հրաշագործ» ազդեցութեան ժողովրդային բժշկութեան մարզէն հերս:

Վասպուրականի շրջանը կազմուած է բազմաթիւ քաղաքներէ եւ գիւղերէ։ Թէեւ Վանի շրջանին մասին բժշկական տեղեկութիւնները հազուագիւտ են, սակայն կարելի եղաւ որոշ աղբիւրներ գտնել հետեւեալ տեղավայրերուն մասին. Վան, Ախլաթ, Արալէզ, Արծկէ, Արճէշ, Բերկրի, Ուրանց, Խարզիթ եւ Խիզան։

Վան քաղաքը (Վանայ լիճին հարաւ-արեւելեան ափին) կը գտնուի երկրագունդին հիւսիսային (38°38′) եւ արեւելեան (42°49′) համակարգին վրայ, ծովուն մակերեսէն 1708 մեթր բարձր [4]: Վանայ լիճը (3755 քառ քմ. մակերեսով), կերտուածական ծագում ունի: Հոս կը թափին քանի մը գետեր, սակայն ջուրին շոգիացումը համեմատաբար բարձր ըլլալուն լիճին հանքային աղերուն տոկոսն ալ բարձր է: [5] Ըստ Սէնկիզ Ալփերի, լիճին աղային տոկոսը 11.9% է, այսինքն՝ ծովերու հանքային տոկոսէն մօտաւորապէս երեք անգամ աւելի բարձր։ sodium chloride եւ carbonate միասնաբար՝ 11%, magnesium sulfate եւ chloride միասնաբար՝ 0.65%: [6] Արդեօք վանեցիները լճային լոգանքներու կը դիմէի՞ն իբրեւ բժշկական դարմանում: Վանի տարածքը ըլլալով  հրաբխային շրջան, հոն կը գտնուին տաք ջուրի աղբիւրներ, ինչպէս օրինակ Ճուլամերկի ջերմուկը:

Ընդհանուր ակնարկ Վանի շրջանի առողջական վիճակին վրայ

19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Վան քաղաքին մէջ կը գործէին կտաւագործական բազմաթիւ արհեստանոցներ, կաշեգործութիւնը զարգացում ապրած էր, զարկ կը տրուէր մեքենաշինական ճարտարարուեստին՝ Միացեալ Նահանգներէն ու Եւրոպայէն ներածուած սարքաւորումներով: 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, կտաւագործ արհեստանոցներուն մէջ կ'աշխատէին մօտաւորապէս 1500 գործաւորներ [7]: Խարբերդի նման Վանն ալ ունէր գործաւոր դասակարգ մը, որուն առողջական վիճակին, մանաւանդ արհեստին ճամբով ստացուած հիւանդութիւններուն մասին կարելի չեղաւ տուեալներ գտնել: Նկատի պէտք է առնել, որ գործատեղիի նեղ պայմաններուն մէջ համատեղ գործելն ու ապրիլը կրնար նպաստել հիւանդութեանց արագ փոխանցման: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ խաղախորդարաններուն նեխած կաշիի թափթփուքները կ'ապականէին աղբիւրներուն, առուներուն ու արթէզեան ջրհորներուն գործածելի կամ ըմպելի ջուրերը:

Բնակարանները.- Կը տեղեկանանք թէ որոշ վանեցիներ կը բնակէին 1-2 յարկանի պատշգամով տուներու մէջ: Իսկ բարեկեցիկները ունէին 2-3 յարկանի տուներ, նոյնպէս օժտուած պատշգամով [8]: Ասկէ կարելի է հետեւցնել, թէ  քաղաքին որոշ տոկոսը կազմող բարեկեցիկ բնակիչները ոչ խճողուած, օդասուն բնակարաններու մէջ ապրելով՝ զերծ կրնային մնալ տարափոխիկ հիւանդութիւններէ: Կը մնայ անշուշտ միւս հարցումը. ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՚ապրէր քաղաքացիներուն միւս մասը, այսինքն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ մօտակայ գաւառներուն եւ գիւղերուն բնակչութիւնը։

Ակնարկ շրջանի հանրաին առողջապահական պայմաններուն վրայ

-«Վան-Տոսպ» շաբաթաթերթին (Ա. տարի, թիւ 1) 26 յունուար 1913-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Հիւանդութիւնները գիւղերու մէջ» վերնագրով յօդուածէն կը տեղեկանանք, թէ գիւղացիներուն առողջական վիճակը նախանձելի չէր: Թղթակիցը՝ Երկնաքար (ծածկանուն մը)այցելութիւն մը կու տայ Վանի մէկ գիւղը (անունը անյայտ), հոն կը հանդիպի երկու հիւանդներու ու վկայութիւններ գրի կ՚առնէ: Այսպէս, երիտասարդ կին մը «էրիկէն» սաստիկ ծեծ ուտելով վիժում կ'ունենայ ու շատ արիւն կը կորսնցնէ: Գունատ կինը ցնցոտիներու մէջ փաթթուած պառկած է ախոռի գարշահոտ մէկ սենեակին մէջ: Քովը կը շաղակրատեն պառաւ ու երիտասարդ կիներ: Անոնցմէ բանգէտ «բարեմիտներ» կը պատմեն թէ ինչպէս նոյն հիւանդութենէն տառապող իրենց ծանօթը մեռած էր: Ուրիշներ կը խրատեն խոստումներ ընել հեռաւոր կամ մօտաւոր սուրբերուն: Այս սուրբերուն շարքին է տեղացի Գրիգոր Նարեկացին: Ուրիշ կին մը՝ աւելի գործնապաշտ, կ'առաջարկէ հիւանդին գլխուն Նարեկ կարդալ (Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքը):

Յօդուածագիրը կը նկարագրէ նաեւ երիտասարդ հօր մը պարագան, որ տաքութենէն երեսները շառագոյն եղած, ուժասպառ կը զառանցէր՝ պառկած թոնիրին վրայ: Յօդուածագիրը կ'իմանայ թէ հիւանդը քաղաքէն գիւղ դարձած ատեն «տաքնալու» համար օղի կը խմէ, ցուրտ եղանակին գետը կը մտնէ, ետքն ալ քալելով կ՚ուղղուի գիւղ: Երիտասարդը կը մեռնի առանց բժշկական որեւէ օգնութեան։ Գիւղացիներուն մեծ մասը սովորութիւն չունէր քաղաք երթալ դարմանուելու համար, կամ ալ քաղաքային բժիշկին կը դիմուէր երբ այլեւս շատ ուշ էր, այսինքն երբ հիւանդը մահամերձ էր: [9]

Յօդուածագիրը կ'եզրակացնէ. «Գիւղերու մէջ ընդհանրապէս մահ եւ հիւանդութիւն կը պատահին աշնան վերջէն մինչեւ գարուն: Պատճառները մօտաւորապէս, - ջրաղացներ պառկիլ, ցուրտ առնել, ախոռներու խոնաւ եւ գարշաահոտ օդը, ամռան առողջ օդէն եւ սակաւապէտ կեանքէն վերջ անմիջապէս մտնել անաշխատ ու ծայրայեղ կերուխումի շրջան, երբ ընդհանրապէս կը սկսին հարսնիքներ, խնճոյքներ: Տաքէն պաղ, պաղէն տաք անցնելով փոփոխակի, ալքոլի անսովոր ազդեցութեան տակ»։ [10] Գիւղացին այս վիճակէն ազատելու համար, լրագրողը կ'առաջարկէ պետական հաշուով գաւառական կեդրոններու մէջ ունենալ շրջուն բժիշկներ, դեղատուներ , գիւղացիներուն համար կազմակերպել հասկնալի լեզուով բժշկական դասախօսութիւններ ու փոխանցիկ հիւանդութիւններու ատեն կրկնապատկել շրջուն բժիշկներուն ու դեղատուներուն/դեղագործներուն թիւը։ [11] Վանի շրջանի արտակարգ «կերուխումի» սովորութեանց մասին կը կարդանք նաեւ Համբարձում Երամեանի գործին մէջ։ [12]

- «Վան-Տոսպ» շաբաթաթերթին 25 մայիս 1913 թիւին մէջ, յօդուածագիրը (անունը անյայտ) կը բողոքէ առողջական պէտքերը բարելաւելու հարցով կառավարութեան ցոյց տուած դանդաղութեանը դէմ: Կ'իմանանք թէ Թիմար գաւառի Ալիւր գիւղին մէջ երկու շաբթուան ընթացքին կուլուլուի, այսինքն կապոյտ հազի համաճարակէն 20 փոքրիկներ արդէն մահացած են, համաճարակը վերջ չէ գտած եւ օրական կը խլէ երկուքէն-չորս կեանքեր։ Յօդուածագիրը դիտել կու տայ, որ գիւղին մէջ տարրական դարմանումներ բացակայ են։ [13]

-Հետաքրքրական է քննել այստեղ վանեցի Համբարձում Երամեանի ծաղկախտէ վարակման պարագան: Ծաղկախտի դէմ պատուաստին գիւտը տեղի ունեցած է 1798-ին անգլիացի բժիշկ Էտուըրտ Ճեննըրի (Edward Jenner) կողմէ։ Զայն փորձառկած է ութ տարեկան Ճէյմս Ֆիլիփսի (James Phipps) վրայ։ [14] Ըստ Ֆէզա Կիւնէրկունի (Feza Günnergun), 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծաղկախտի համաճարակը տակաւին զոհեր կը խլէր: Հակիրճ, կարելի է բացատրել այդ կացութիւնը հետեւեալ ձեւով. 1847-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ պատուաստի պատրաստութիւնը հիմնուած էր Ճեննըրի փորձառկման ձեւին վրայ: Բայց կարճ ժամանակ ետք, առողջապահական պատասխանատուները վերստին կ՚որդեգրեն հնամենի ձեւ մը, որ 17-րդ դարուն հասած էր Կեդրոնական Ասիայէն: Ասոր հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ պատուաստուողները ծաղկախտի ժահրին դիմադրելու փոխարէն՝ կը  հիւանդանային: Ժողովուրդէն մաս մը կը մերժէ  պատուաստուիլ: Այս պայմաններուն մէջ, առողջապահական պետական վերին մարմինները չեն կրնար ստիպողականացնել պատուաստումը։ [15] Համբարձում Երամեանի մայրը իր կարգին կը մերժէ զաւակը պատուաստել, բայց փոքրիկը կը վարակուի հիւանդութենէն ու գրեթէ ամբողջութեամբ կը կորսնցնէ տեսողութիւնը: Երամեան կը ղրկուի Գերմանիա մասնագէտ ակնաբոյժի քով, սակայն դարմանումը յաջողութիւն չի գտներ: Կարելի է հետեւցնել թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծաղկախտը պատուհաս էր, նկատի ունենալով որ վստահելի  պատուաստ մը գոյութիւն չունէր: [16]

Ժողովրդային բժշկութիւնը Վանի շրջանին մէջ

Ինչպէս նախապէս գրեցինք, կարելի չեղաւ այս նիւթին մասին համապարփակ աղբիւրներ գտնել: Սակայն Յուշամատեանի էջերուն մէջ մեր կատարած այլ ուսումնասիրութիւնները (ինչպէս Տերսիմի, Ուրֆայի, Կեսարիոյ, Խարբերդի շրջաններուն մասին) ցոյց կու տան թէ սովորութիւններու նկատելի նմանութիւններ կան առողջապահական գետնի վրայ: Այս յօդուածին պատրաստութեան համար գործածած ենք գլխաւորաբար Վասպուրականի Արճակ գաւառի ժողովրդային բժշկութեան վերաբերող Սերինէ Մովսէսի Աւագեանի յօդուածը։ Կը կարծենք, որ անոր մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները որոշ չափով կարելի է ընդհանրացնել եւ տարածել ամբողջ նահանգին:

Արճակ գաւառը կը գտնուի Վան քաղաքէն դէպի արեւելք։ Հոս կը գտնուի դառնաղի լիճ մը (բարձր տոկոսով աղեր), գլխաւոր աւանը Արճակն (ներկայիս Էրչէք) է, կան նաեւ մօտ 30 ուրիշ գիւղեր [17]:

Արճակ գաւառը Վան քաղաքէն միայն 30-35 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Այս մօտիկութեան պատճառով շատ հաւանական է, որ երկու վայրերուն միջեւ բժշկական գիտելիքներու փոխանակում եղած է դարերու ընթացքին: Հաւանաբար նոյն այս գիտելիքները տարածում գտած են նաեւ Վանայ լիճին ափին գտնուող միւս քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Դարմանում հաւատալիքներու միջոցաւ

Ժողովրդային բշկութեան մաս կը կազմեն աղօթքները, ուխտագնացութիւնները - սրբավայրեր այցելութիւններ -, անոնցմէ սպասուած հրաշքները եւ գերբնական ուժերու միջամտութիւնները, եւայլն:

Սնոտիապաշտութիւն

Վանի շրջանի բանահիւսութեան մաս կը կազմեն Պապելոնի թագուհի՝ Շամիրամի եւ հայոց Արա Գեղեցիկ թագաւորի կապուած պատմութիւնները։ Երբ Արա Գեղեցիկ պատերազմի դաշտին վրայ կը սպաննուի, անոր դիակը Լէզք գիւղի հեթանոսական տաճարին մէջ կը յանձնուի գերբնական ուժերով օժտուած Յարալէզ շուներուն, որպէսզի Արայի դիակը լզելով վերակենդանացնեն զայն։ Հետագային, Լէզքի մէջ, այս տաճարին փոխարէն կը կառուցուի Ամենափրկիչ եկեղեցին [18]:

Սիրուն Եղիշեան կը յիշէ թէ Զատիկէն երկու շաբաթ ետք Վանի մէջ կը տօնուէր Լէզքի փառատօնը, որու ընթացքին կատարուող վիճակախաղը կը նմանէր Համբարձման տօնի սովորութիւններուն: Եղիշեան կը պատմէ նաեւ Վան քաղաքի լեռան մէջ փորուած «Մհերի դռան» մասին. ըստ անոր վկայութեան, դռան ետին գտնուող Զէմզէմ մղարայէն (քարայր) «ձայներ կու գային»: Հոն թաղուած էին երկու անմահ սուրբեր: Այստեղ կար ծառ մը, որուն տակէն կը ժայթքէր հրաշագործ աղբիւր մը։ Եղիշեանի վկայութեամբ, աղբիւրին ջուրը դարմանած էր եղբօր երեսի վէրքը: Հոս դարմանուելու կու գային մինչեւ իսկ հեռաւոր Խարբերդէն, թաց լաթով մը սրբելով իրենց երեսի վէրքը։ [19]

Սատանաներու գոյութեան կը հաւատան գրեթէ ամբողջ Արճակի բնակչութիւնը, կը գրէ Սերինէ Աւագեան: Անոնց յաղթահարելու համար վանեցին կը դիմէ զանազան միջոցներու, օրինակ խաչակնքել խմորին եւ պանիրին վրայ արտասանելով «Իսուս Քյրիստոս» (Վանի բարբառով)։ Վանեցին կը խաչակնքէ նոյնիսկ շրթունքին վրայ՝ յօրանջելէ անմիջապէս ետք, բաց բերանէն սատանային մուտքը խափանելու համար։ «Սատանան փորը մտած է» ասացուածքը հաւանաբար կապ ունի այս սովորութեան:

Ժողովրդային հաւատալիքներուն մէջ տարածուած է այն միտքը, թէ սատանաները վտանգ մըն եննորածիններուն եւ անոնց մայրերուն նկատմամբ: Թէեւ անոնք կ'ապրին գիւղերէն դուրս գտնուող աւերակներու մէջ, մասնաւորաբար Գեազնա կոչուած՝ Արճակի մօտակայ կիրճին մէջ, բայց երբ ծննդաբերութիւն ըլլայ «սատանամայրը», մարդու, աղուէսի կամ գայլի կերպարանքով գիւղ կու գայ ու կ՚ուղղուի տղաձկանին տունը: Կը մտնէ հոն կատուի երեւոյթով, ապա կ'ըլլայ ճանճ ու մազի ձեւ առած՝ կը մտնէ ծննդականին փորը, կը փրցնէ լեարդը եւ կը սպաննէ կինը:

Ասոնցմէ պաշտպանուելու համար, տղաձկանը մինակ պէտք չէ մնայ երկունքը նախորդող օրերուն, անընդհատ պէտք է քալէ, ձեռքը բռնած կեռգլուխ շամփուրը, կամ ակիշը, որ թոնիրէն հացը դուրս քաշելու երկաթէ գործիքն է:

Ծննդաբերութենէն ետք պաղ ջուր խմելը կ'արգիլուի տիկնոջ: Ան կը կերակրուի իւղոտ, խարկուած, առանց մազիկներու արմտիքով: Յայտնի չէ թէ սատանաները կը փախչէի՞ն այս ուտելիքէն, բայց հաւանական է, որ այս կերակրականոնը կը շատցնէր մօր կաթը: Երբ ութօրեայ մանուկը մկրտուէր, թէեւ մայրը այլեւս «սատանայազերծ» կը համարուէր, բայց խոհեմութիւն էր խաչակնքումով ու «Իսուս Քյրիստոս»ովշարունակել առօրեան [20]։

Աչք դպցնել կամ աչք տալ (նիաթ).- Երբ զանազան արտայայտութիւններով կը գովենք յաջող գործ մը, երբ կը հիանանք գեղեցկութեան մը կամ զօրութեան մը – ըլլա՛յ ան անձ թէ ընտանի անասուն -, ժողովուրդին մէջ տարածուած է այն միտքը, թէ այսպիսի խօսքեր կրնան վնաս հասցնել տուեալ անձին կամ անասունին, մանաւանդ եթէ նկատողութիւն ընողը յայտնի «աչք զարնող» մըն է: Կ'ըսուի նաեւ թէ երեխաները աւելի ենթակայ են «աչք առնելու»:

Սակայն արճակցին միջոցներ ունի աչքով դպած երեխան փրկելու: Կան երկու տարբեր գործելակերպեր իրենց իւրայատուկ դիւանագիտական մօտեցումով:

Առաջինին պարագային, երբ աչք զարնողը բարեմիտ մէկն է, մանուկին շրջապատը զայն կը հրաւիրէ ետ քաշելու նիաթը: Այն ատեն աչք զարնողը կը մօտենայ մանուկին, փաղաքշական խօսքեր կ՚ըսէ, ապա կը թքնէ վրան, երեխային մազերէն փունջ մը ու անոր հագուստէն ծուէններ կ՚առնէ, անմիջապէս կը վառէ, ծուխն ալ երեխային ներշնչել կու տայ:

Երկրորդ պարագայինաչք զարնողը վստահելի մէկը չըլլար։ Հոս ռազմավարութիւնը կը տարբերի առաջինէն: Գաղտագողի ձեռք կը բերուի սոյն անձին գլխուն մազէն թելեր, հագուստէն մասնիկներ կամ անոր տան դռնէն տաշեղներ, որոնք նոյնպէս կը վառեն մանուկին քթին տակ: Ուրիշ ձեւ մըն է՝ չարամիտին ճիշդ կոխած տեղերէն զգուշութեամբ քալել, կամ ալ նոյն այդ կոխած տեղերէն հող առնել ու խառնել մանուկին լոգանքի ջուրին:

Ինչպէս կը տեսնենք, եթէ նոյնիսկ առողջութեան պահպանումը տեղի կ՚ունենար հաւատալիքներու խողովակով, բայց եւ այնպէս վերի օրինակներուն մէջ նկատելի է որ մանուկներուն առողջական վիճակը այդ ժամանակներուն ժողովուրդին մտահոգութեան ենթակայ էր: Տարափոխիկ հիւանդութհանց պարագային ոմանք նոյնիսկ կը խուսափէին երեխային նայելէ, որ «Աստուած մի արասցէ» աչք չի դպնար ու անոր վիճակը աւելի չի վատթարնար [21]:

Ընտանիքի պահապան բարի ոգին՝ դովլաթ/դոլվաթ/տովլաթը.- Այս ոգիին արտաքին կերպարանքը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի ըստ զինք պահող տունին կացութեան։ Ան կ՚ապրի տուներու մթերանոցներուն մէջ: Դովլաթը կրնայ ներկայանալ թունազուրկ օձի, այլ անասուններու, կամ ալ մարդկային կերպարանքով: Ան կրնայ իր պաշտպանած ընտանիքէն նեղուիլ, երբ նկատէ որ այստեղի ընտանի կենդանիները լաւ չեն խնամուիր։ Դովլաթը նաեւ կը խռովի ընտանիքէն, եթէ անոր անդամները նոր տուն կառուցեն ու հինը լքեն: Այս պատճառով ալ, երբ նոր տուն կը շինուէր, հինին մէջ ճրագը վառած կը պահէին, մինչեւ այն ժամանակ երբ տան անդամներուն տեսած երազները այնպէս մը մեկնաբանուէին, որ բարի ոգին այլեւս հաստատուած է նոր տան մէջ։ [22]

Ընտանեկան այլ բարի ոգի մը՝ կուդրաթը.- Հեզ ու երիտասարդ հարսի կամ ամօթխած աղջկայ կերպարանքով այս ոգին կ'ապրի թոնիրին, մթերանոցին կամ ալ ալիւրի ամբարին ետեւը: Ան կը հսկէ նորածինին վրայ ու կը կատարէ տնային դժուարին գործերը, երբ տնեցիները բացակայ են: Բարեսիրտ տանտիկինները հաց եփելու ժամանակ հաց մըն ալ թոնիրին պատին կը փակցնեն իբրեւ անտեսանելի սպասուհիին բաժինը: Առաւել, Կուդրաթը գործածական իգական անուն էր Վանի շրջանին մէջ։ [23]

Դժուար կացութիւններէ եւ հիւանդութիւններէ ազատելու համար տեղացին կը խոստանայ թարմ լաւաշ մատակարարել շրջապատին: Հացը կը պատրաստուէր կէս գիշերին, ու լոյսը չբացուած տանուտէրին տանիքէն քանի մը լաւաշ հաց վար կը նետուէր հետեւեալ կանչով. «արթնցէք թաժա խացն ի [թարմ հացն է], Ասպած [Աստուած] ընդունելի անի»։ Կայ նաեւ մատաղը, որ կը պատրաստուէր ցերեկը եւ կը բաժնուէր իր մսաջուրով, նոյնպէս բարձրաձայն կանչերով: Այս կանչերը կատարող անձը պէտք չէր հացէն ու մատաղէն ուտէր [24]։

Քրիստոնէական հաւատալիքներու ճամբով բուժումներ

Նարեկը

Վանեցիները, որոնք կ՚ապրէին Գրիգոր Նարեկացիի հայրենի երկրին մէջ, պարզ է որ, այլ վայրերիւ հայրերու նման, իրենք եւս «Նարեկ» աղօթագիրքին պիտի դիմէին ու հիւանդին գլխուն անկէ պատշաճ մասեր պիտի կարդային եւ առողջական բարելաւում պիտի ակնկալէին Երկնաւորէն:  Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեանը» կը բաղկանայ մօտաւորապէս 95 աղօթքներէ, որոնցմէ ոմանք մասնայատուկ են յատուկ հիւանդութեան մը: [25]

Նարեկի հանդէպ տածած հաւատքէն զատ, Վանի շրջանի հայութիւնը, ինչպէս ուրիշ գաւառներու հայեր, ունին աւանդական այլ հաւատալիքներ, որոնցմէ ոմանք կը նշենք ստորեւ։

«Նարեկ գիրք - Գիրք աղօթից - Ասացեալ սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ՝ Հրեշտական Վարդապետի», Պոլիս, 1782 (Աղբիւր՝ Staatsbibliothek, Պերլին)

Սրբավայրեր

Ասպարծին (Աստուածածին) աւերակ վանքը

Կը գտնուի Արճակ աւանէն 2 քմ. հեռաւորութեան վրայ: Խորանին աջին կայ գերեզման մը, ուր թաղուած է Աստուածածնի գօտիէն մասնիկ մը։ Գերեզմանին վրայ կան հայերէն արձանագրութիւններ: Վանքին մօտակայ պաղ ջուրի «Քայթուն կէօլ» կոչուած աւազանը հրաշագործ յատկութիւններ ունի: Կը հաւատային որ ջերմախտէ/դողէ եւ քոսէ տառապողները հոս լոգնալով կը բուժուէին: Հրաշագործ ջուրերը կ'ոռոգէին վանքապատկան արտերը: Օգոստոսի կիսուն, «Ասպարծնայ» տօնին, հայ ուխտաւորներէ զատ, հոս կը ժամանէին ասորիներ, քիւրտեր, եզիտիներ: Ուխտը կը տեւէր 3 օր, նախատօնակ շաբաթ օրէն մինչեւ երկուշաբթի, որ մատաղի օրն էր։ [26]

Վանից (վանքի) թագաւոր Աւետարան

Գերեզմանի մօտիկ այս տան մէջ կը գտնուէր կարմիր կազմով մագաղաթեայ Աստուածաշունչ մը, որ պահ դրուած էր տան թոնրատան քովի մառանին մէջ գտնուող փայտէ արկղի մը մէջ: Անոր բանալին կը պահէր տան աւագ տղամարդը, սերունդէ սերունդ ժառանգ ձգելով իր որդիներուն: Այս «ուժեղ ու հրաշագործ» գիրքին կանայք դպնալու իրաւունք չունէին։ [27]

Աջին եւ ձախին՝ Վանի մէջ պատրաստուած Աւետարանի արծաթեայ կազմ։ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարան, Երեւան։
Կեդրոնը՝ Խիզանի մէջ պատրաստուած Աւետարանի արծաթեայ կազմ։ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարան, Երեւան։
(Աղբիւր՝ Osep Tokat, 
Armenian Master Silversmiths, Tigran Mets Printing House, Yerevan, 2005)։

Սուրբ Սարգիս բլուրին աւերակները

Կը պատմուի, որ լայնանիստ եւ սրածայր բլուրին Արճակի կողմի լանջին կանայք տուղտի արմատ (Marshmallow root) հաւաքելու ժամանակ կը գտնեն պղինձէ ափսէներ։ Ասկէ կը հետեւցուի, թէ հին ժամանակ հոս բնակավայր եղած է: Այնուհետեւ, տեղացի հայեր այդ աւերակները պաշտամունքի վայրի կը վերածեն ու լուր կը շրջի, թէ անոնցմէ լոյսեր կը ցայտեն։ [28]

Թուխ Մանուկ

Արճակի լիճին մօտիկ բլրակին անունն է: Ասոր գագաթին քարաշէն պատերով կանգնած է աւերակ ուխտատեղի մը, առանց որեւէ փորագիր խաչի: Սուրբին վերաբերող աւանդութիւնը անյայտ է: Կը կարծուի թէ անիկա հեթանոսական տաճար մը եղած է: Ուխտաւորները աւերակ այս կառոյցին ծերպերէն ներս կը վառեն ճրագ, այս ձեւով հոնկէ դուրս կը բերեն օրհնուած լուսաւորութիւն։ Այս արարքը ընելով անոնք կը հաւատան, որ աւերակներուն մէջ բնակող սուրբը պիտի բուժէ մալաքորը (eczema), կրծքի վէրքերը, ականջացաւը եւ գէշ երազը դարձնէ բարի: Այնուհետեւ, տեղւոյն հողէն ափ մը կ՚առնեն ու կը ցանեն մարմնին հիւանդ մասին վրայ: Թուխ Մանուկ ուխտի կու գան գաւառին տարբեր կողմերէն ուխտաւորներ: [29]

Բազում խաչեր (բազմաթիւ խաչեր)

Արճակ ունէր երկու «Բազում խաչ» կոչուող ուխտատեղիներ, իր Քէօզար եւ Փոս թաղերուն մէջ: Ասոնք կը նմանին Թուխ Մանուկը յիշեցնող աւերակ կառոյցին, ունին ճրագ զետեղելու ծերպեր, սակայն ասոնց պարագային հոն կարելի է գտնել նաեւ փորագիր խաչեր: Ուխտաւորները կիրակմուտքին իրենց հոգւոյն համար միայն խնդրանք կը ներկայացնեն, իսկ առողջական այլ պահանջքներէ զերծ կը մնան: Ըստ աւանդութեան, Նահապետ Քուչակ աշուղը իր պատանեկութեանը Փոս թաղի սրբատեղիին մէջ երազ տեսած էր, ապա անոր քարերէն մէկուն բռունցքով գամ մը մեխած էր: Այդ երազը իր արուեստագէտի ոգեշնչման աղբիւրը հանդիսացած էր։ [30]

Զանազան հիւանդութեանց դէմ կիրարկուած դարմանական միջոցներ

Այս բաժինով կը ներկայացնենք Վանի շրջանին մէջ տեղեկագրուած զանազան հիւանդութիւններն ու զանոնք բուժելու համար գործածուած բնական զանազան միջոցները, ինչպէս բոյսեր, ուրիշ ժողովրդային բուժման կերպեր, կերակուրներ, եւայլն:

Աչքի հիւանդութիւններ

Աչքի հէքիմութիւն.- Արճակի մէջ կիները տղամարդոցմէ աւելի ենթակայ էին աչքի անհանգստութիւններու, քանի որ կ'աշխատէին ծուխի ու փոշիի մէջ: Տոհմային  ժառանգութեամբ, աչքիհէքիմները (ժողովրդային բժիշկ) կ'ըլլային տան աւագ տարէց կիները: Անոնց դեղացանկին վրայ կար չորս կսկծիչ (astringent) բաղադրութիւններ, որոնցմէ մին հականեխական յատկութիւններ ունեցող պղնձարջասպն էր (Cupper sulfate): Աւագեան կը յիշէ մութ գոյնով քեաշմիկըորուն տափակ կուտին դեղին միջուկը հէքիմը կը տաքցնէր, ապա փոշիի կը վերածէր: Կար նաեւ կարմիր փոշի ռասութը եւ մոխրագոյն սիվտայը: Ռասութը եւ սիվտայը կարելի էր գտնել Վան քաղաքը բնակող հէքիմ  Սրբիկին քով: Կարելի չեղաւ քեաշմիկին, ռասութին եւ սիվտային գիտական անունները գտնել:

Փոշի դեղերը աչքին կը քսէին յատուկ բարակ տեղտիր (դեղ-դնո՞ղ) կոչուող ոսկորէ ցօղիկով մը, որ կարելի էր գտնել վանեցի արհեստաւորներու քով: Դան-դանա աչքի հիւանդութեան պարագային, հէքիմը պղնձարջասպի բիւրեղի կտորը ուղղակի կը քսէր հիւանդին կոպին վրայ կամ անոր տակը: Դան-դանան շատ հաւանաբար թրախոման է (տե՛ս յաջորդ պարբերութիւնը): [31]

Աչքաշոբ (աչքի ցաւ) կամ խստուկ (աչքի զօրաւոր ցաւ) [Trachoma].- Ասկէ վարակուողները ընդհանրապէս կ՚ըլլան 3-6 տարեկանները՝ ամառուայ տաք ու չոր եղանակին։ Chlamydia trachomatis-ը մանրէ մըն է, որ կը փոխանցուի ճանճերու կամ մարդկային հպումներու ճամբով: Ժողովրդական լեզուով այս հիւանդներուն համար կ՚ըսեն՝ «աչքը խստուկ բռներ է»: Հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ աչքերը կը ջրոտին, սաստիկ կը ցաւին եւ ակնազօդն (conjunctiva) ու կոպերուն ներսի մասը վնասուելով  կը հոսի թարախանման հեղուկ մը, որ ինքնին վարակիչ է: Աւագեան կը տեղեկացնէ, որ «խստուկ»ին ցաւը մեղմելու համար աչքին մէջ կը կաթեցնեն 1-7 տարեկան աղջնակի մէզ կամ «աղջիկ երեխայի մօր կաթը»: Իսկ զայն բուժելու համար կան հետեւեալ երեք միջոցները.

  • (ա) Թոնիրին մէջ տաքցնել կաւէ ամանը (հականեխելու միջո՞ց մըն է), մէջը թափել հաւկիթի ճերմկուցը եւ մէջը խառնել կտոր մը սպիտակ շիր (արդէօք ճերմակ խաղողի շիրա՞յ – խաղողի հիւթ, քաղցու)։ Ճերմկուցը կը բաժնուի երկու մասերու. առաջին՝ ջրոտ եւ տաք բաժինը կը կաթեցնեն աչքին մէջ. երկրորդ՝ մածնացած նիւթը կը դնեն կոպին վրայ:
  • (բ) Այս անգամ կը գործածեն հաւկիթին միայն դեղնուցը, որ կրկին կը խառնեն մանրուած շիրին:Ստացուած խառնուրդը օրը երեք անգամ կը կաթեցնեն աչքին մէջ:
  • (գ) Այս երկու դարմանումները եթէ ապարդիւն անցնին, կայ շիրով մէկ ուրիշ դարմանում: Շիրը կը խառնեն մեխակի չոր կոկոնին, ապա խառնուրդը կ՚եփեն թոնիրին մէջ: Ստացուած նիւթը կը փոշիացնեն եւ կը խառնեն փոշիացած շաքարին։ Ապա կը սրսկեն կարագով պատուած կոպերուն վրայ՝ երեկոները: Կ'ըսուի թէ չորս անգամ այս դեղամիջոցը կրկնելէ ետք արդիւնքը կ'ըլլայ դրական:

Աւագեան կը տեղեկացնէ, թէ չբուժուած թրախոման «մազ կը բուսցնէ» աչքին մէջ, կոպերուն տակը: Այս պարագային հէքիմները փոքրիկ ունելիով կը քաշէին ատոնք, կամ ալ տաքցուած ձիւթանման փոքրիկ խիւսով ու բարակ ասեղով մը մազերը կը փակցնէին կոպերուն: [32] Գիտենք թէ թրախոմայի պարագային ո՛չ թէ մազ կը բուսնի, այլ կոպերն են, որոնք դէպի ներս կը դառնան եւ այս ձեւով թարթիչները կրնան վիրաւորել աչքը: Արդի դեղաբանութիւնը azithromycin, doxycycline եւ tetracycline կը գործածէ թրախոմայի իբրեւ դարման: [33] 

Թօզ.-  Եթէ գլուխին եկած հարուածի մը հետեւանքով անձի մը տեսողութիւնը խանգարուի, անմիջապէս պէտք է խմցնել իւղի ու մեղրի խառնուրդ ըմպելի մը, ինչպէս նաեւ ութ օր շարունակ անոր գլուխը պէտք է լուալ բոցի վրայ տաքցուած ջուրով: [34]

Ծաղկախտով վնասուած աչքերուն որեւէ դարմանում չէին ըներ:

Մէզին ու մօր կաթին հակա-մանրէական յատկութիւններուն մասին ներկայիս կարելի է գտնել որոշ չափով գիտական գրականութիւն։ [35]

Խաւկոր կամ հաւկուրութիւն.- Տառապողները մայրամուտէն մինչեւ առաւօտ տեսողութիւննին կը կորսնցնեն: Այս կը պատահի ընդհանրապէս արեւուն տակ աշխատողներուն, ինչպէս օրինակ հողագործներուն: Դարմանը հետեւեալն է. հիւանդը լոգցնելէ ետք, գլուխէն մինչեւ ծունկերը լաթով կը ծածկեն. այս վիճակին մէջ ան պէտք է ուտէ խաշած լեարդ, խմէ լեարդաջուրը ու աչքերը բաց պահելով պէտք է շնչէ շոգիին խառնուած լեարդին հոտը: Գործողութիւնը մէկ կամ մի քանի անգամ կրկնելէ ետք հիւանդը կը բուժուի։ [36] Լեարդը ունի A կենսանիւթը vitamin, որ կը բարելաւէ տեսողութիւնը, մանաւանդ գիշերային տեսողութիւնը: Կարելի է նաեւ ենթադրել, թէ գոլորշին խոնավութիւն կը պատճառէ արեւէն չորցած աչքին թաղանթներուն եւ կը թեթեւցնէ հոն գոյացած մանր խոցերը:

Զանազան ցաւերու եւ խոցերու դարմաններ

Ականջացաւ

Նորածիններուն պարագային ականջին մէջ կը կաթեցնեն մօրը կաթը: Մեծերուն ականջացաւը կը վերագրուի «գլուխին մսելուն»։ Իսկ դարմանը կ'ըլլայ տաքցած աղի տոպրակներ դնել ականջին վրայ կամ ականջին մէջ դնել ձէթի մէջ թաթխուած խորոված սոխի ծիլ: Ձէթը կրնայ լուծել սոխին հականեխիչ նիւթերը եւ դիւրացնել անոնց ներծծումը թաղանդներէն ներս: Կարելի է նաեւ արդիւնք ստանալ լաթի մէջ ծալլուած տաք լափաներով, որոնք կը դրուին ցաւած ականջին վրայ։ [37]

Ատամնացաւ

Ինչպէս կը հանդիպինք հայաբնակ այլ գաւառներու մէջ, Վանի շրջանին մէջ ալ ցաւերը կը մեղմացնեն բերնին մէջ պահելով ծխախոտի մուխը: Փտտած ատամին մէջ կը թխմեն օղիի մէջ թաթխուած բամպակի ծուէն, այս ձեւով կը թմրին ցաւող ջիղերը: Ցաւած ակռային վրայ աղի ջուրի ողողում կ՚ընեն, ինչ որ թմրեցնող եւ հականեխիչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ: Ցաւող ակռային ծակին մէջ կը թխմեն նաեւ ճերմակ շիր(հաւանաբար խաղողի քաղցու) կամ կը դնեն բոցի վրայ տաքցուած ընկոյզի միջուկ: Եթէ այս բոլորը արդիւնք չտան, Արճակի մէջ ակռան կը քաշէր գիւղին ժամհարը (ժամկոչը): Բոլոր ակռաները ցաւելու պարագային, բերնին մէջ կը պահեն փոքր չափի աղի տաքցուած տոպրակներ։ Կամ ալ տառապողը բերնէն ներս կը քաշէ ծխախոտի հետ խառնուած խաբբուկ կոչուող բոյսին ծուխը։ [38] Խաբբուկը բանջարի ընտանիքէն բոյս մըն է։ Ծխախոտին պարունակած նիքոթինին ցաւ ամոքելու յատկութիւնը յայտնի է։ [39]

Ոսկրային խոցեր (trauma)

Տեղէն ելած ոսկորին պարագային, սընըքճի/սընըխճին (բեկաբուժ) տաք ջուրի մէջ կը դնէ հիւանդ մասը եւ ուշադրութեամբ մարձելէ ետք բաժնուած մասերը, զանոնք կը միացնէ հրելով վարի մասը վերինին ուղղութեամբ: Ապա նոյն այս հատուածը կ'անշարժացնեն տաք լաթերով եւ այսպէս կը պահեն 2-3 օր: Կոտրած ոսկորի պարագային, սընըխճին զօրաւոր անձի մը օգնութեամբ «տեղը կը նստեցնէ» վիրաւոր մասը, զայն կը կապէ մաքուր կտաւով, որ օծուած կ՚ըլլայ հաւկիթի հում դեղնուցի խառնուած սոսինձափոշիով (Gum Arabic?): Ոսկորին այս հատուածը անշարժացնելու համար՝ ոսկորին շուրջ կը դնեն տախտակի շերտեր եւ կը կապեն: Կապելու կերպը կը տարբերի ըստ կոտրուածքի տեղին (ոտք, սրունք կամ ձեռք): Առաւել, բեկաբուժը կը յանձնարարէ վիրաւորին խաշ ուտել, քանի որ հարուստ է ճելաթինով (դոնդող), ինչպէս նաեւ՝ գինի խմել։ [40]

Մէյ դեխան գլխացաւ (մէկ կողմէն գլխացաւ)

Այս մէկը կը պատահի չափահասներուն եւ մեծ մասամբ կանանց: Վանի շրջանին մէջ կը հաւատային, որ ցաւին պատճառը պաղառութիւնը եւ ուժեղ հոգեկան ցնցումներն են, միաժամանակ կը կարծէին, որ հիւանդութեան հիմնական բուժում չկար: Ցաւազրկութեան մէկ ձեւը շուղ զարնելու գործողութիւնն է. քունքին յաջորդական թեթեւ հարուածներ տալ գուլպայ հիւսելու ձողերով, որոնք նախապէս կրակին մէջ շիկացած են։ Հիւանդին քունքին մորթին վրայ կը յառաջանան մանր այրուածքներ: Ապա, այս վէրքերուն վրայ կը փաթթեն սպեղանի մը՝ թրջուած օղիի ու տաքցնող արմատի մը՝ կոճապղպեղի խառնոյթով: Երկրորդ օրը սպեղանին կը փոխարինեն սպիտակ եախուով (plaster), որ կ՚ունենայ հետեւեալ բաղադրութիւնը. փոշիացած խունկ, սեւ պղպեղ, կոճապղպեղ, սպիտակ ծամոն (հաւանաբար խէժային նիւթ մը ծառերուն կոճղերէն հոսած) եւ հաւկիթի դեղնուց: Խառնուրդը նախ կը քսեն կտաւի մը, յետոյ կը փաթթեն ճակատին, ուր կը մնայ մինչեւ ինքնիրեն քակուիլը։ Այս դարմանումին հիմքն է՝ բուն ցաւը «մոռցնել տալ» ցաւած մասը ենթարկելով աւելի տանելի ցաւի տեսակներու, ինչպէս օրինակ մորթը բորբոքեցնող մանր այրուցքներ, բոյսերու քիմիական բաղադրութենէն յառաջացած տաքութիւն, եւայլն: Այս մօտեցումը տակաւին մեր օրերու դեղաբանութեան մէջ ի զօրու է, վերը յիշուած՝ հակա-գրգռողականութեան տեսութեան համաձայն: Աւագեան կը յիշեցնէ, թէ կոճապղպեղը (տաք-կոճ) արճակցին կը գնէր Վան քաղաքի համեմունքի վաճառականներէն: [41]

Ճնջխուկ (ջնջխուածք [ճզմուածք, չախչախուած])

Այս մէկը հարուածի կամ զօրաւոր ճնշումի պատճառաւ վիրաւորուիլն է, առանց արիւնահոսութեան։ Այս կը նշանակէ, որ ներքին վիրաւորանք եղած է կակուղ հիւսկէններուն։ Այլ խօսքով վիրաւորուած է մորթը իր տարբեր խաւերով ու անոնց տակ գտնուող մկաններով: Այս կը դրսեւորուի վիրաւոր տեղին կապոյտնալով եւ/կամ ուռեցքի (bump) մը յառաջացումով: Մեր աղբիւրը կ'ըսէ, թէ դարմանելու համար արճակցին կը դիմէ խմթուրծի. այսինքն, վէրքը կը կապեն կտորով մը, որուն վրայ քսուած կ՚ըլլայ աղջուրով շաղուած թոնիրի տաք մոխիր: [42]

Խամ առնել

Մկանային ցաւերուն հետեւանքով շարժելու եւ քալելու  անկարելիութիւնը գաւառին մէջ կը կոչուի «խամ առնել»: Կը յայտնուի, երբ երկար ատեն մկանները անշարժ պահելէ ետք, անձ մը աշխատանքի կը մղուի: Ըստ Աւագեանի, արճակցին կը դիմէ աղջուրով դարմանումի: Թեթեւ ցաւերու պարագային, ցաւոտ տեղը կը շփեն աղջուրով, իսկ աւելի սաստիկ ցաւերու ատեն՝ կը գործածեն մասնաւոր լաւաշ հաց մը, որ պատրաստուած է հետեւեալ կերպով. երկու բուռ ալիւր եւ երկու բուռ աղ կը շաղեն թթխմորին հետ: Խմորը գլանով բանալ, յետոյ եռացած ջուրի մէջ նետել, դուրս հանել ու կապել ցաւած տեղին: Գիշեր մը հիւանդին վրայ պահելէ ետք, հանել խմորը ու տեղը լուալ աղջուրով եւ մանուկի մը մէզով։ [43]

Մայասուլ (թութք)

Այս կը պատահի, երբ ճնշման տակ սրբանին սեւ երակները ընդլայնին, օրինակ պնդութեան հետեւանքով։ Կը պատճառէ ցաւ, խիթ եւ քերուըտուք։ Կը պատճառէ նաեւ աղիքները պարպելու (քաքնել) պէտքի զգացում, նոյնիսկ երբ աղիքները արդէն պարապ են: Երբեմն ալ տեղի կ՚ունենայ արիւնահոսութիւն: Կան հետեւեալ դարմանական ձեւերը.

Խուսաբիլ կծու ուտելիքներէն, յետոյքը տաք պահել զայն կպցնելով թոնիրին տաք եզերքին: Յետոյքին քսել դառուչ (լեղի) կոչուող բոյսի մը հիւթը: Դառուչին ճիշտ ինչ ըլլալը կարելի չեղաւ ստուգել: Սակայն ասոր մօտ ունինք նոյնպէս լեղի դառինչ  բոյսը (Picris altissima) ծանօթ Yellow succary անունով, որ հեռու չէ cichory-էն (Cichorium intybus Compositae) կամ ժողովրդային բանջարէն`հինտպէյէն: Կրնայ ըլլալ, որ որոշ շփոթութիւն կայ անուանումներուն միջեւ, մանաւանդ որ Cichoria տեսակը ունի մօտ վեց ենթատեսակներ: Աւագեան կը նշէ մայասուլի ծաղիկի միջոցաւ դարմանումի մը մասին. այսպէս, թարմ կամ չոր վիճակի մէջ, այս ծաղիկը «խաշում էին, ջուրը տաք-տաք խմում, ինչպէս եւ խաշուած լցնում ամանի մէջ ու վրան նստում»: [44] Աւելցնեմ թէ Cichoria intybus տեսակի բոյսը գործածուած է ժողովրդային բժշկութեան մէջ (Իտալիա, Պոսնիա, Պուլկարիա, Իրան, Թուրքիա, եւայլն) իր որոշ բուժիչ յատկութիւններուն համար։ Այս մասին կան տեղեկութիւններ, որոնցմէ յիշեմ հակա-բորբոքիչ (antiinflammatory), հակաստնգական (antispasmodic), ցաւամոքիչ, վէրքերը սպիացնող եւ հակաթութքային յատկութիւնները։ [45]

Մատնաշուրթ (մատնաշունչ)

Ենթակային մատին եղունգին շուրջը կը կարմրի, կը ցաւի, կը բորբոքի, կը տաքնայ ու մորթը կը գունատի: «Հիւանդացող մատը ստէպ-ստէպ թաթախում էին եռացող կաթի կամ դրա չլինելու դէպքում՝ եռացող ջրի մէջ այնքան, մինչեւ ցաւող մատի մաշկը այրուածքի աստիճանի հասցնելը, մինչեւ սպիտակելն ու ծակոցների մեղմանալը»։ Եթէ այս դարմանումը ապարդիւն անցնի, վէրքին կը կապեն շաքարով/իւղով շաղուած խմոր մը, որպէսզի վէրքը բացուի ու թարախը դուրս գայ: Ապա, անոր վրայ կը փաթթեն ձիթաիւղի ու խորոված սոխի սպեղանի կամ կը կապեն կաղամբի տերեւ, կամ ալ եզան լեզու բոյսը։ [46]

Paronychia-ն Staphylococcus aureous մանրէներու կամ անոր ենթատեսակներուն վարակումէն յառաջ կու գայ: Այժմ կը դարմանուի հակակենսական դեղերով (antibiotic), իսկ բժիշկը նշտարով վէրքը կը բանայ՝ թարախը դուրս հանելու համար։ [47] Շաքարը, սոխը եւ կաղամբը հականեխական յատկութիւններ ունին: Ըստ Անտրու Շեվալիէի եզան լեզուին (Plantago species) կուտերուն թրջուած կեղեւները լափայի (cathaplasm) ձեւով կը գործածուին հականեխելու համար պալարները եւ մատերուն ուռոյցքները։ [48]

Աղքեացաւ (փորահարիք) – հաւանաբար թանչք

Այս հիւանդութիւնը հազուադէպ էր շրջանին մէջ եւ եղած դարմանումները ընդհանրապէս կը յաջողէին: Հիւանդութիւնը կը պատճառէ լուծում, որուն կ'ընկերանան փորի մկանային յատկանշական կծկումներ, խիթեր եւ արիւնալի փորհարութիւն։ Տեղացիները համոզուած են, թէ ասոր բուն պատճառը պաղառութիւնն է։ Այնպէս որ հիւանդին ստամոքսը կը փաթթեն տաք շալով, յետոյքին տակ կը դնեն ձէթի մէջ եռացած թաղիք: Հիւանդին կը կերցնեն մածունով խառնուած շիր (խաղողի քաղցու), ալիւրով եփած ճաշ ու կը խմցնեն նուռի խաշած կճեպներուն ջուրը։ [49]

Հիւանդութեան պատճառը Շիկելլա տեսակի մանրէէն վարակումն է: Ծանօթ է, որ մածունը իր օգտակար մանրէներով (probiotic) կրնայ պայքարիլ հիւանդութիւն պատճառող մանրէներուն դէմ: Ալիւրին նիշան կը թանձրացնէ աղիքներուն ջրոտ պարունակութիւնը ու կը կասեցնէ լուծը: Գալով նուռին, ուրիշ առողջական օգտակարութիւններու կողքին, անիկա ունի նաեւ հակամանրէ (antibacterial, antifungal, antiviral) յատկութիւն։ [50]

Տարբեր հիւանդութիւններ, ներառեալ տարափոխիկները

Դեղնութիւն

Վանեցիերէն՝ դեղնութեն (դեղնախտ)։ Կը յատկանշուի մորթին, աչքին ճերմկուցին եւ մէզին առած մութ դեղին գոյնով եւ կղկղանքին անգոյնութեամբ: Դեղնութիւն կը յառաջանայ, երբ զանազան պատճառներով մարմնին պիլիրիւպինը (նիւթ մը որ շինուի բնականօրէն, հինցած արեան կարմիր գնդիկներէն) արեան մէջ կը մնայ (հyperbilirubiemia), փոխանակ մաղձի տոպրակէն կամ մաղձապարկէն զտուելով անցնի աղիք եւ հոսկէ ալ արտաքսուի: Քանի մը պատճառներ յառաջ կը բերեն այս վիճակը. օրինակ լեղուցը խցող քարերը կամ անոր խցկուած անցքը, Epstein-Barr կոչուող մանրէէն վարակումը եւ լեարդաբորբը (hepatitis)։ [51]

(ա) Մանուկներու մօտ.- Մանուկը կը լոգցնեն կովու շտուկով (թթուած մածուն), կը փաթթեն զայն կռնզի թաֆ կոչուած բոյսին խոշոր տերեւներուն մէջ եւ կը քրտնեցնեն:Կռնզի թաֆին ինչ ըլլալը կարելի չեղաւ ստուգել, սակայն քրտնեցնելը կ'օգնէ ջերմութիւնը իջեցնելու: Ոմանք երեխան կը լոգցնեն ուռենիի տերեւին ջուրով, ետքը մանուկը փաթթեն այս ծառին խաշած տաք տերեւներուն մէջ: Պզտիկին լոգանքի ջուրին մէջ կը դնեն դեղին սաթի նման քար մը, որ ետքը կը կախեն անոր վիզէն: Այս դարմանումը պէտք է որ ըլլայ «լոյսը դեռ լրիւ չբացուած»։

Ծանօթ է, թէ ուռենին կը պարունակէ ցաւամոքիչ ու հակա-ջերմ acetylsalicylic acid-ը, որ aspirin-ն է։ Իսկ երեխային տաքցած մորթէն դիւրութեամբ ներս կրնան թափանցել անոր վրայ քսուած դեղերը: Բայց հոս յիշեցնեմ, թէ փոքրերու մօտ aspirin-ը կրնայ յառաջացնել դեղաբանական որոշ անբաղձալի հակազդեցութիւններ, ինչպէս օրինակ Reye’s syndrome կոչուած ջղային/ուղեղային մահացու խանգարումները:

(բ) Մեծահասակներու մօտ.- Անոնց քով դեղնութիւնը կրնայ յառաջ գալ յանկարծակի ստացած գէշ լուրին եւ անոր առթած վախի զգացումին հետեւանքով: Այն կարծիքը կայ որ անակնկալ լուրերը կրնան մաղձապարկին անցքը պրկել, արգիլել որ դեղին մաղձը աղիք հոսի ու հոնկէ ալ դուրս արտաքսուի: Ասպէսով, մաղձին կուտակումը ի վերջոյ արեան մէջ կ՚անցնի ու անկէ ալ կը տարածուի մարմնին մէջ։ Ահա թէ ինչու դեղին գոյն կ'առնեն մարմնին որոշ հիւսկէնները: Ըստ Աւագեանի, դարմանումը կը կայանայ յանկարծակիի բերելով հիւանդը. օրինակ, զայն ապտակել, ինչ որ կրնայ բանայ լեղունցի խցուած բերանը: Ընդհանրապէս դարմանումը քանի մը ամիս կրնայ տեւել. այս ընթացքին բացարձակօրէն միս եւ ձէթ պէտք չէ ուտել, քիչ քանակութեամբ իւղ եւ հաւկիթ ուտել, իսկ առատօրէն պէտք է սպառել պտուղ, բանջարեղէն եւ քաղցրեղէն։ [52]

Դող («դողերոցք», մալարիա)

Արճակը եւ Խարակոնիսը (մօտակայ գիւղ մը) ջրառատ շրջաններ ըլլալով, տաք ու խոնաւ եղանակին հոս կը յառաջանան մեծ թիւով ճահիճներ: Հետեւանքը կ՚ըլլայ այն, որ կը բազմանան դող պատճառող մժեղներու մասնաւոր տեսակ մը։ Անոնց էգերը խայթոցի ճամբով զոհին արեան մէջ կը ներարկեն Plasmodium տեսակի միաբջիջ մակաբոյծներ, որոնք կը վարակեն կարմիր գնդիկները: Plasmodiumները մարմնին մէջ կը բոլորեն իրենց կենսաբանական ծիրը, որուն տարբեր փուլերուն համեմատ հիւանդը կ՚ապրի պարբերական տագնապներ, ինչպէս ջերմ, գլխու/մարմնական ցաւեր, առատահոս քրտինք, խելացնորութիւն, ախորժակի կորուստ եւ զօրաւոր դող։ [53]

Աւագեան կը գրէ, թէ նկատի ունենալով Արճակի եւ Խարակոնիսի ամառնային կլիման, այս երկու գիւղերը ամբողջ գաւառին «դողերոցք»ով յատկանշուող կարեւորագոյն վայրերն էին:

Հիւանդները կը դարմանուին ջուրի մէջ խառնուած քինաքինայի փոշի խմելով կամ այդ ծառին կեղեւը կրծելով: Դեղը կարելի էր գտնել Վան քաղաքի միակ դեղարանին մէջ։ [54] Քինաքինան հարաւ ամերիկեան ծառի տեսակ մըն է (Cinchona species), զոր 1630-ականներուն յիսուսեան միսիոնարները Փերուէն Սպանիա կը ներածեն։ Անոնք նկատած էին, որ տեղաբնիկները այս բոյսը կը գործածէին մալարիայի եւ բարձր ջերմի դէմ իբրեւ դարման: Մօտ 190 տարիներ քինաքինան կը գործածուէր իբրեւ դարմանական միջոց։ Միայն 1820-ին է, որ Փելըթիէ (Pelletier) եւ Քավանթու (Caventou) ֆրանսացի դեղագործները կը յայտնաբերեն, թէ  ծառին կեղեւը կը պարունակէ քինին quinine, որ կրնայ սպաննել հիւանդութիւն պատճառող Plasmodium մակաբոյծները: [55]

Շնչառական հիւանդութիւններ

Խոնցաւ/հարբուխ կամ պաղառութիւն.- Բնակիչները գիտէին որ հիւանդութիւնը փոխանցիկ է, բայց ասոր դէմ արտակարգ միջոցառումի չէին դիմեր: Կը բաւականանային սոխի, սխտորի ու կապոյտ այրած լաթերու հոտ/ծուխը ներշնչելով: Գլուխը, քիթը եւ բերանը գիշերը կը փաթթէին իրենց ներքնազգեստներով։ [56]

Շորա.- Կը յատկանշուի երկար տեւող բարձր ջերմով, հազով, դողով, գլխացաւով, ընդհանուր տկարութեամբ ու յօդային ցաւերով: Գիտենք որ այս հիւանդութիւնը կը սկսի Influenza virus A եւ B վարակումով: Աւագեան կը գրէ. «(...) եթէ շորան տուն մտաւ, ապա բոլորին վարակելու է»: Այս մէկը հասկնալի է, եթէ մանաւանդ նկատի ունենանք պապենական բնակարաններուն մէջ խառնագնաց ապրելակերպը: Դարմանումի իբրեւ առաջին քայլ՝ կը քրտնեցնեն հիւանդը։ Ասոր համար տեղացիք կը գործածէին հավլուջան բոյսին խաշուած արմատին հեղուկը: Դժբախտաբար կարելի չեղաւ այս բոյսին գիտական անունը գտնել: Շորան կը դարմանեն նաեւ հիւանդին կերցնելով հականեխիչ սոխի ու խունկի խառնուրդ մը կամ մոխրացած սերկեւիլ։ Կը խմցնեն նաեւ տուղտ կոչուող բոյսին ծաղիկի թէյը: Հիւանդին քիմքը եւ կոկորդը ներսէն կը մարձեն։ Մարձող անձը կը գործածէ մատը, որ փաթթուած կ՚ըլլայ լաթի մը։ Նպատակը քիմքին եւ կոկորդին վրայ կազմուած «կեղեւը» փրցնելն է: Ջերմին դէմ պայքարելու համար՝ հիւանդին քունքերուն, ափերուն եւ ոտքերուն տակը օղիով կը շփեն։ [57]

Սաթըլճամ/սաթըլճան (թոքատապ).- Հիւանդութեան ախտաճանաչումը շնչառական վատացումն է, դողը, բարձր ջերմը եւ գիտակցութեան կորուստը: Տեղական դարմանումը. հիւանդը քրտնեցնել զանազան միջոցներով։ Օրինակ, թոնիրին մէջ կը վառեն կովու աթար: Կրակը հազիւ մարի, հիւանդը կը մերկանայ եւ կ՚իջնէ թոնիրի փոսին մէջ, ոտքերը հանգչեցնելով տակաւին տաք աթարին վրայ ու կռնակը/թիկունքը յենելով տաք պատերուն: Այս դիրքով, թոնիրին փոսը վերմակով կը գոցեն, միայն ձգելով շնչառական ու օդափոխական փոքր անցք մը: Երբ հիւանդը ըսէ, թէ լաւ մը քրտնած է, այն ատեն թոնիրէն դուրս կրնայ գալ: Հոգատարները զայն չոր լաթով ու վերմակով փաթթելէ ետք, կը պառկեցնեն թոնիրին մօտ, որ վերստին կը վառուի: Երբ կարելի չըլլար թոնիրով քրտնեցնել, այն ատեն հիւանդին անկողինին մէջ կը դնեն եռացած ջուրով կաթսայ մը՝ փայտեայ կափարիչով եւ լաթով ծածկուած: Հիւանդը կաթսային վրայ կը հանգչեցնէ ոտքերը ու վրան ալ կը քաշէ վերմակը:

Երբ երեք շաբաթէն հիւանդութիւնը չանցնի, կը դիմեն ուրիշ միջոցի մը. նոր մորթուած պարարտ ոչխարին մաշկին վրայ կը ցանեն տաքցնող համեմներու խառնուրդ մը, այս մորթով ամրօրէն կը փաթթեն հիւանդը։ Այս դիրքով երկու ժամ կը մնայ, ամբողջ ժամանակը քրտնելով, զառանցելով ու տանջուելով: Ապա, «բժշկական» այս վերարկուն կը հանեն հիւանդին վրայէն. անոր ամբողջ մարմինը կարմրած, կակուղցած ու շատ զգայուն դարձած կ՚ըլլայ։ Անոր կը հագցնեն տաքուկ, փափուկ բամպակէ զգեստներ։ [58]

Պռտուճ ակըռկել

Կուլ տալու ժամանակ զգացուած ցաւը արճակցին կը վերագրէ խռչափողին կերակուրով խցկուելուն: Իբրեւ դարման, ենթական պէտք է առաւօտեան - երբ տակաւին բան չէ կերած եւ ստամոքսը դատարկ է -, բերանը ջուր լեցնէ, կուլ չտայ եւ ծառի մը ճիւղէն  կախուի։ Անոր ոտքերը պէտք է, որ գետնէն մօտ մէկ մեթր բարձր մնան, օրօրուի, վար ցատկէ եւ ճիշդ այդ պահուն – երբ տակաւին օդին մէջ է - կլլէ ջուրը: Եթէ տակաւին անցքը գոց կը մնայ, կ'ըսեն թէ պատառը տեղ շինած է ու կը սպասեն որ անիկա դանդաղօրէն, ժամանակի ընթացքին մինակը կոկորդէն վար իջնէ։ [59]

Մանկական հիւանդութիւններ

Ծաղիկ, ծաղկախտ

Հակառակ որ ծաղկախտը արգիլելու համար արճակցին կը հաւատար, որ պատուաստը կենսական էր, սակայն այս հիւանդութեան դէմ ան կը պայքարէր (յարգելի բացառութիւններով) միայն աւանդական միջոցներով: Անոնցմէ Աւագեան կը յիշէ հետեւեալները. մանուկը չլոգցնել, պահել մահիճին մէջ, սենեակը չլուսաւորել, որպէսզի շողքը աչքին չցոլայ: Կերակրել քաղցրով, չամիչով, բիւրեղ շաքարով (նապաթշաքար): Արգիլուած են միսը, ձէթը ու ուրիշ իւղերը: Բայց այս միջոցները բնական է՝ անօգուտ էին արգիլելու հիւանդութեան յառաջացումը ու երբեմն ալ անոր հետեւանքով կուրութիւնը: Երբ երեխայ մը այս ծաղկախտով կը հիւանդանար, գիւղին մնացած մանուկներուն ալ անիկա կը փոխանցուէր։ [60]

Կարմրուկ/կարմրախտ

Մեր աղբիւրը զայն կ'որակէ «անխուսափելի մանկական հիւանդութիւն»: Խնամքը նման է ծաղկախտի գիւղական հոգատարութեան, սակայն այս պարագային հիւանդը կը փաթթեն կարմիր պաստառներով ու գոնէ անգամ մը պէտք է իշու կաթ խմէ:

Կարմրուկը արճակցիներուն քով ծաղկախտէն աւելի զոհեր կը խլէր: Հիւանդութեան նշաններն են կոկորդի ցաւը, ջերմը ու մանաւանդ մարմնին բշտկանման կարմրիլը: Կը փոխանցուի Streptococcus A տեսակի մանրէին ճամբով: Տրուած ըլլալով տուներու խճողուած մթնոլորտը ու դրացիներու հետ ամէնօրեայ շփումը, 5-15 տարեկաններուն մօտ վարակումը կ'ըլլար շատ արագ: Այս ախտը բարդութիւններ կը  յառաջացնէ սրտի, թոքերու եւ երիկամներու վարակումով։ Աւագեան կը յիշէ, թէ 1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ գաղթական արճակցիներուն քով կարմրուկը կը սաստկանայ։ [61] Գալով իբրեւ դարմանական միջոց իշու կաթի գործածութեան, ըստ Ճօ Շուարցի (Joe Schwartz), այս կաթը իր բաղադրութեամբ ամենէն մօտիկն է կնոջական կաթին։ Արդ, գիտենք որ մայրական կաթը կարեւոր դեր կը խաղայ մանուկին ախտազերծման համակարգի կազմաւորման մէջ, կը պարունակէ նաեւ հակա-մանրէական նիւթեր։ [62]

Խռչուկ (կեղծմաշկ)

Վարակիչ մանրէն կը կոչուի Corynebacterium diphtariae: Ժողովրդական հետեւեալ դարմանումները կը կիրարկուին. երեխային ուռած կոկորդը մատով սեղմել, իշու կաթ խմցնել (տես վերի պարբերութիւնը այս մասին), քարիւղ քսել: Մեր աղբիւրը կ'ըսէ, թէ թեթեւ խռչուկի ատեն յիշուած միջոցները օգտակար են: Խռչուկը մեծ աւերներ կը գործէր գաւառային այս շրջաններուն մէջ: [63]

Խորոզա (կապոյտ հազ)

Վարակիչ մանրէն կը կոչուի Bordatella pertussis: Երբ երեխան կը սկսի «խռխռալ» ու ինչպէս կը գրէ Աւագեան՝ աքլորի ձայներ հանել, կը դիմեն ժամկոչին: Մինչեւ այդ՝ ծեծուած սոխի ու աղի սպեղանի կը փաթթեն հիւանդին ճակատը: Ժամկոչը երբ հասնի, սպեղանին կը հանեն, ժամկոչը հիւանդին գանկամաշկէն ածելիով արիւն կը հանէ, ապա թանձրացած արիւնը սրբելէ ետք՝ օղի կը քսէ տեղւոյն վրայ: Այս գործողութենէն ետք համոզուած են, որ երեխային շունչը պիտի կանոնաւորուի։ [64]

Ծարաւ քաշել

Ախտանշանը. ութ ամսականէն մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ կրնան սաստիկ ծարաւնալ եւ անյագաբար ջուր խմել ուզեն: Անոնք կը նիհարնան ու ախորժակնին կը կտրուի: Ըստ Աւագեանի, այս կը պատահի, քանի որ մայրը մոռցած էր օր մը մանուկին ջուր տալ կամ «ծարաւը կոտրել»։ Ասոր հետեւանքով, երեխան անընդհատ խմել կը փափաքի: Փորձառու կիներ (երկուորեակ զաւակի մայրեր) երեխային ծարաւը «կը քաշեն» հետեւեալ կերպով. մանուկը կը պառկեցնեն, ոտքերը գլուխէն բարձր կը բռնեն, ազդրը որովայնին միացնող մասը կը մարձեն ու փորի վարի մասը կը սեղմեն: Եթէ ենթակայէն լսուի փորի գռգռոց՝ այս նշան է, որ դարմանումը յաջող է: Ընդհանրապէս այս գործողութիւնը ոչ դրական, ոչ ալ բացասական արդիւնք կու տայ: Մեր աղբիւրը կ'ըսէ, թէ երիտասարդ մայրերը հաւատք չէին ընծայեր այս դարմանումին։ [65] Սակայն Աւագեանի նկարագրած ախտանշանները մտածել կու տան, որ հիւանդութիւնը կրնայ ըլլալ մանկա-պատանեկան Type-1 տեսակի (T1D) շաքարախտը, հակառակ անոր որ այս հիւանդութիւնը աւելի յաճախակի է 5-էն 9 տարեկան պատանիներուն քով։ [66] Յամենայնդէպս չենք գիտեր թէ ինչո՞ւ Աւագեան «ծարաւ քաշել»ը դասած է տարափոխիկ հիւանդութեանց շարքին:

Դեղաբոյսերով դարմանման միջոցներ

Աւագեան կը գրէ` «Ինչպէս արեւելեան ժողովուրդներն ընդհանրապէս, այնպէս էլ Արճագի գաւառի բնակիչները սերնդէ-սերունդ օգտագործում էին որպէս բուժիչ միջոց մի շարք բոյսեր»։ [67]

Բայց դեղաբոյսական այս դարմանումները հասկնալու կամար լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ Աւագեանի գիրքին մէջ գործածուած Վանի գաւառաբարբարը, մանաւանդ որ հեղինակը յաւելեալ բացատրութիւններ չի տար իր նշած տարբեր-տարբեր բոյսերուն մասին:

Այս բաժինով առանձին-առանձին կը ներկայացնենք Աւագեանի գիրքին մէջ նշուած դարմանական բոյսերը եւ անոնց յատկութիւնները։ Պէտք է ըսել սակայն, որ ներկայացման այս ձեւը ամբողջապէս գոհացուցիչ չէ, քանի որ  բոյսերու բարդ քիմիական բաղադրութիւնը երբեմն բազմատեսակ դեղաբանական յատկութիւններ կու տայ անոնց:

Եզան լեզու (Anchusa officinalis) Bugloss

Արճակցի հէքիմները «եզան լեզու» բոյսին սերմերը կը խառնեն գոմշակովի կամ կովի կաթին եւ կ՚եռացնեն։ Ստացուած «լափան» լաթով կը փաթթեն տակաւին գոց պալառներուն վրայ: Այս կերպով վէրքը կը բացուի ու թարախը դուրս կու գայ: Բոյսին խաշուած տերեւներուն կամ սերմերուն տաք ջուրը կը խմեն նաեւ ստամոքսի հիւանդութիւններ դարմանելու համար։ [68] Այլ աղբիւրի մը համաձայն, «եզան լեւզու»ն կը կոչուի նաեւ թորթիկ եւ պախրայի ականջ։ Կը գործածուի դարմանելու ստամոքսա-աղիքային կեղերը/խոցերը, թութքը, լեարդի ու փայծաղի հիւանդութիւնները, վիզի ուռեցքները, թարախոտած վէրքերը, խլիրդը եւ սրտխփոցը (arrhythmia): Բոյսը կը պարունակէ saponine, մանրատարրեր եւ մանրէասպան նիւթեր։ Անոր արմատին մէջ կան նաեւ կարմիր ներկանիւթեր։ [69]

Չոպան տոշակի

Ամենէն հաւանական բոյսի տեսակը որ «չոպան տոշակ»ին կրնայ համապատասխանել, ըստ մեզի Capsella bursa pastoris-ն է (Shephard’s pouch): Աւագեան կը գրէ, թէ գիւղական վիրաբոյժները այս բոյսին չորցուած ու փոշիացած տերեւները կը ցանեն առողջանալու փուլին հասած վէրքերուն վրայ՝ անոնց սպիացումը արագացնելու համար։ [70] Ըստ Շէօվալիէի, բոյսը կը կասեցնէ արիւնահոսութիւնը եւ բորբոքումը։ [71]

Խաբըբուկ-պարպադ

Աւագեան կու տայ բոյսին նկարագրականը. բաց գոյնի փողանման ծաղիկ, հունտի պատեանը բոլորակաձեւ, չորնալով կը բացուի ու դուրս կը նետէ հունտերը։ [72] Այս նկարագրութիւնը կը համապատասխանէ խիստ թունաւոր/մահացու Datura stramonium-ին, որ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունի բնակչութեան մէջ: Այս պատճառով ալ բոյսին կը տրուի պարպադ կամ պէրպադ որակումը, որ թրքերէնով կը նշանակէ «ահաւոր»: Բոյսին անգլերէն ժողովրդային անուններն են Jimsonweed & Angelstrumpet։ [73] Ըստ Շէօվալիէի, որոշ քանակէ մը աւելի, այս բոյսը տեսլահարութիւն կը յառաջացնէ: Ան նախապէս կը գործածուէր խելագարութիւնը բուժելու: Անոր Tropane դասի քիմիական նիւթերը մաշկէն ներծծուելով կրնան ցաւազրկել յօդացաւը եւ ջղացաւը (neuralgia)։ [74] Աւագեան կը գրէ, թէ ակռայի ցաւի (նաւազիլ) պարագային, վանեցիները անոր հունտերը թուղթի մէջ փաթթելով, գլանիկի նման կը ծխեն՝ ծուխը բերնին մէջ պահելով:

Կարմիր աւել

Այս դեղաբոյսին ինքնութիւնը միայն հարցականներով կարելի եղաւ ճշդել: Գաբիկեան կը գրէ, թէ «Աւել բառին տակ կը բարդուին 15-ի չափ բուսաբառեր, որոնցմէ աւել կը շինեն, որպիսինք են՝ կապոյտ աւել, ջութ աւել, ցախաւել, շղիկ աւել, եւայլն»։ [75] Աւագեան կը տեղեկացնէ, թէ «Կանանց ծննդաբերութեան ժամանակ, երբ նկատւում էր, որ ծծնդականի ցաւերը արագանալու փոխարէն, կանգ են առնում, եւ տատմերը գալիս էր այն համոզման, որ կինը մրսած է, կարմիր աւել էին վառում ծննդկանին մօտիկ, վերջինիս պպզեցնում ծխացող կրակի վրայ»։ [76] Յստակ է, որ ծննդականը կրնայ տաքնալ այս խարոյկով, սակայն այդ բաւարա՞ր է, որ կծկումները վերսկսին: Արգանդադարձ (uterotropic) գործունէութիւն ունեցող «աւելազգի» բոյսերէն կարելի է յիշել Cytisus scoparius-ը, որուն քիմիական բարդ բաղադրութիւնը անոր կու տայ դարմանական կարգ մը կարելիութիւններ. ասոնց շարքին է արգանդին կծկումները արագացնող մասնայատկութիւնը: Գիտենք որ արգանդին կծկումները կը դիւրացնեն ծնունդը, քանի որ անոնք երեխան դուրս կը հրեն: Միւս կողմէ, Կարմիր աւելը թրքերէնով ծանօթ է kızıl süpürge bitkisi անունով, որուն բուսաբանական անունն է Calluna vulgaris։ Շէօվալիէէն կը տեղեկանանք թէ բոյսը ունի զանազան դարմանական յատկութիւններ. միզային գործարանի եւ լեղուցի հականեխական, միզեցուցիչ, լեղուցի ու երիկամներու քարերը արտաքսող յատկութիւններ, սակայն ոչինչ կը գտնենք արգանդային կծկումներու կապակցութեամբ: [77]

Ապրեմ-չապրեմ, կամ երիցուկ

Լատիներէնով՝ Anthemis tinctoria։ Ըստ Աւագեանի, ակռայի ցաւի եւ լինտերու բորբոքման պարագային, տեղացին ծաղիկի խաշոնը կ՚եռացնէ եւ բերանը բաց կը պահէ անոր շոգիին առջեւ։ [78] Ճուսթինօ Օռլանտօ եւ ուրիշներ լայնօրէն ուսումնասիրած են Anthemis տեսակի բոյսին քիմիական ու դեղաբանական յատկութիւնները։ Այս տեսակը լայնօրէն կը գործածուի հականեխական, հակաբորբոքիչ, ցաւամոքիչ եւ գեղեցկագիտական նպատակներու համար: Այս բոյսին ցնդական էական իւղերը նոյնպէս բուժիչ յատկութիւն ունին: [79]

Հեղինակները կ'ընդգծեն, թէ ուրիշ շատ մը դարմանական յատկութիւններու կարգին, Anthemis-ի տեսակները կ՚ամոքեն ակռայի ցաւը: Կարելի է հետեւցնել, թէ վերոյիշեալ խաշոնէն յառաջ եկած շոգին հարուստ է ցնդական էական իւղերով, այս պատճառով ալ կրնայ կասեցնել անոր առջեւ բերանը բաց բռնած արճակցիին ատամներու ցաւը:

Տեղտ (Տուղտ)

Լատիներէնով՝ Althea officinalis, ծանօթ է նաեւ խաթմի անունով: Աւագեան շատ արագ կ'անցնի ասոր բժշկական օգուտներուն վրայէն։ Կը նշէ միայն, թէ ձմեռ ատեն այս բոյսին չորցուած ծաղիկներով թէյ կը պատրաստեն եւ կը խմցնեն հիւանդներուն: Բացի ասկէ, Աւագեանէն կը տեղեկանանք, թէ տուղտին արմատներուն հիւթը օճառի նման կը գործածուի գլուխը լուալու: [80]

Առանց ծանրանալու տուղտին բարդ քիմիական բաղադրութեան ու անոր դարմանական յատկութիւններուն վրայ, կը բաւականանամ յիշեցնելով, որ բժշկապետ Ամիրդովլաթ Ամասիացին (1420-1495), ուրիշ հիւանդութիւններու բուժման կարգին, խաթմին կը յանձնարարէ դարմանելու համար քոսը, ճաղատութիւնը, գլխու մաշկի թեփոտութիւնը, եւայլն։ [81]

Եզրափակում

«Վան-Տոսպ» շաբթաթերթի 1913-ի թիւերուն ընդմէջէն տեսանք, թէ առոջապահական որքան ճգնաժամային վիճակի մէջ կը գտնուէր Վանը: Այդ քաղաքին հայ բժիշկներէն արդեօք քանի՞ հոգի կ'այցելէր գիւղերը:

Ժողովրդային բժշկութեան մասին աղբիւրներու հազուագիւտութեան պատճառաւ կարելի չեղաւ Վասպուրականի տարածքին մասին այս նիւթով համապարփակ տեսութիւն մը կազմել: Սակայն ցարդ մեր կատարած ուսումնասիրութիւնները Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ չորս շրջաններու մասին (Տերսիմ, Ուրֆա, Կեսարիա եւ Խարբերդ) ցոյց կու տան, թէ սովորութիւններու նկատելի նմանութիւններ կան առողջապահական գետնի վրայ: Այնպէս որ կարելի է ընդունիլ թէ Վասպուրականի Արճակ գաւառին ժողովրդային բժշկութեան մասին մեր ներկայացուցած տեղեկութիւնները, որոշ չափով կարելի է ընդհանրացնել ամբողջ Վան նահանքին:

Յիշատակելի է տեղացիներուն ցուցուցած հմտութիւնը, նոյնիսկ յանդգնութիւնը «աչքի հեքիմութեան» մէջ: Գովելի է նաեւ, որ գիւղերու բնակիչները, թէեւ «լքուած» քաղքենի բժիշկներէն, առանց յուսահատելու կրցած են դարմանական տեղական միջոցներ հնարել: Թուեցինք մօտ 15 հիւանդութիւններու բուժական կերպեր եւ 5 դեղաբոյսերու գործածութիւնը: Նոյնիսկ եղած են մեծահասակներու եւ մանուկներու դարմանական անջատ կերպեր դեղնութեան պարագային: Լեզուական դժուարութիւնները (Վանի գաւառաբարբառ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր աղբիւրին մէջ ժողովրդային արեւելահայերէնի գործածութիւնը) երբեմն անստուգելի դարձուցին յիշուած բոյսերուն կամ հիւանդութիւններուն անունները:

  • [1] Richard G. Hovannisian (Ed.), The Armenian Van/Vaspurakan, R.G. Nazda publishers, Costa Meza, CA, 2000, p. 1.
  • [2] Jasmine Dum-Tragut, “The Armenian manuscript in horse medicine”, Journal of the Society for Armenian Studies, volume 23, 2014, California State University, Fresno, p. 150.
  • [3] Robert H. Hewsen, “Van in this world, paradise in the next, the Historical geography of Van/Vaspurakan”, Richard G. Hovannisian (Ed.), The Armenian Van/Vaspurakan, p. 27.
  • [4] https://www.worldatlas.com/eu/tr/65/where-is-van.html
  • [5] en.wikipedia.org/wiki/Lake_Van
  • [6] Cengiz Alper, A Unique Historical Treasure in Beautiful Eastern Anatolia. Van, Ankara, 1986, p 49.
  • [7] Հայկական Հանառօտ համայնագիտարան, հատոր 4, Երեւան, 2003, էջ 572։
  • [8] Նոյն, էջ 574։
  • [9] Երկնաքար, «Հիւանդութիւնները գիւղերու մէջ», Վան-Տոսպ շաբաթաթերթ, տպարան Յովնանեան, Վան, Ա. տարի, թիւ 1, 26 յունուար 1913, էջ 9։ 
  • [10] Նոյն, էջ 10։
  • [11] Նոյն։
  • [12] Համբարձում Երամեան, Յուշարձան, Հատոր Ա, Արամ Գասպարեան տպարան, Աղեքսանդրիա, 1929, էջ 68-71։
  • [13] Թղթակից, «Բժիշկի պէտք կայ», Վան-Տոսպ շաբաթաթերթ, Վան, Ա. տարի, 25 մայիս 1913, թիւ 18, էջ 209։
  • [14] Wikipedia, smallpox vaccine
  • [15] Feza Günnergun, “Diseases in Turkey: A Preliminary Study for the Second Half of the 19th Century”,International Research Centre for Japanese Studies, January 18-22, 2000, pp 185-86.  
  • [16] Երամեան, Յուշարձան, էջ 73-74։
  • [17] Սերինէ Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, հատոր 8,  Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան 1978, էջ 10:
  • [18] Vahan Kurkjian, A history of Armenia, published by AGBU, New York, 1958, pp. 309-310.
  • [19] James R. Russell, “Grace from Van: A Micro-Historiola”, Journal of the Society for Armenian Studies, Vol. 7 (1994), pp. 36.
  • [20] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 88։
  • [21] Նոյն, էջ 90։ 
  • [22] Նոյն, էջ 90-91։ 
  • [23] Նոյն, էջ 91։
  • [24] Նոյն։
  • [25] armenianhouse.org/grigor-narekatsi/tenets.html
  • [26] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 86։
  • [27] Նոյն, էջ 86։
  • [28] Նոյն։
  • [29] Նոյն, էջ 87։ 
  • [30] Նոյն։
  • [31] Նոյն, էջ 74-75։
  • [32] Նոյն, էջ 75։
  • [33] Robert S. Porter et al., The Merck Manual of Diagnosis and Therapy, Wiley publisher, edition 2009, pp. 1439-40.
  • [34] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 75։
  • [35] Mohanty M. et al, “Milk Derived Antimicrobial Bioactive Peptides: A Review”, International Journal of Food Properties, May 2015, pp 837-846; Michael Zasloff, “Antimicrobial Peptides, Innate Immunity, and the Normally Sterile Urinary Tract”, JASN, Nov. 2007, 18 (11), p. 2816.
  • [36] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 77։
  • [37] Նոյն, էջ 76։
  • [38] Նոյն։
  • [39] Joseph W. Ditre et al, “Acute Analgesic Effects of Nicotine and Tobacco in Humans: A Meta Analysis”, Pain, 157(7): 1, March 2016.
  • [40] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 76։
  • [41] Նոյն, էջ 76-77։
  • [42] Նոյն, էջ 77։
  • [43] Նոյն, էջ 77-78։
  • [44] Նոյն, էջ 78։
  • [45] Renée A. Street et al, “Cichorium intybus: Traditional Uses, Phytochemistry, Pharmacology, and Toxicology”, Evid based complement alternative medicine, 2013: 579319.
  • [46] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 77։
  • [47] Porter et al., The Merck Manual of Diagnosis and Therapy, pp. 1339-40.
  • [48] Andrew Chevallier, “Monograph Psyllium - Paragraph Applications externs”, Encyclopedie des plantes medicinales, Readers Digest, Modus Vivendi, Canada, 2018.
  • [49] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 80։
  • [50] Jyotsana Sharma et al, Pomegranate Phytochemicals: Nutraceutical and Therapeutic Values; National Research Centre on Pomegranate, Solapur, Maharashtra, India, 2010.
  • [51] Adult jaundice; Cleveland clinic.clevelandclinic.org
  • [52] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 78։
  • [53] Porter et al., The Merck Manual of Diagnosis and Therapy, pp. 1218-20.
  • [54] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 78-79։
  • [55] Trease George E., Evans William C., “Cinchona”, Pharmacognosy, 12th edition, 1983 Bailliere and Tyndall, London, pp. 613-617.
  • [56] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 79։
  • [57] Նոյն։
  • [58] Նոյն, էջ 79-80։
  • [59] Նոյն, էջ 80։
  • [60] Նոյն, էջ 80։
  • [61] Նոյն, էջ 81։
  • [62] Joe Schwartz, “Leave the Donkey Milk to the Donkeys”, Office for Science Society, McGill university, March 20, 2017.
  • [63] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 81։
  • [64] Նոյն, էջ 82։
  • [65] Նոյն։
  • [66] David M. Maahs et al, “Epidemiology of Type 1 Diabetes - Incidence and Prevalence of T1D”, Endocrinol Metab Clin North Am, 2011.
  • [67] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 82։
  • [68] Նոյն։
  • [69] Յ. Ս. Յարութիւնեան, Միջնադարեան հայկական բժշկարանների դեղաբոյսեր, «Լոյս», Երեւան, 1990, էջ 62-63։
  • [70] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 82։
  • [71] Chevallier, “Monograph Psyllium…”.
  • [72] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 83։
  • [73] en.wikipedia.org/wiki/Datura
  • [74] Chevallier, “Monograph Psyllium…”, Datura, pp. 200-201.
  • [75] Կարապետ Գաբիկեան, Հայ բուսաշխարհ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, Երուսաղէմ, 1968, էջ 24։
  • [76] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 83։
  • [77] Chevallier, “Monograph Psyllium…”, Genêt à balais, էջ 200։
  • [78] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 83։
  • [79] Giustino Orlando et al, “Comprehensive Chemical Profiling and Multidirectional Biological Investigation of Two Wild Anthemis Species (Anthemis tinctoria var. Pallida and A. cretica subsp. tenuiloba): Focus on Neuroprotective Effects”, Molecules, 2019, 24(14), 2582.
  • [80] Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, էջ 83։
  • [81] Ա. Թորոսեան, Հայաստանի դեղաբույսերը, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1983, էջ 261-267։