Այս էջով կը ներկայացնենք մեծ մասամբ Վանի երգեր, որոնց գլխաւոր երգողը Վաղարշակ Շահինեանն է, ինչպէս նաեւ ընտանիքի այլ անդամներ։ Երգերուն մեծ մասը արձանագրուած են 1958-ին՝ Վաղարշակի որդւոյն՝ Անդրանիկի եւ անոր կնոջ՝ Ալիսի Նիւ Ճըրսիի տան մէջ։
Վաղարշակը եւ կինը՝ Շուշանիկը (ծնեալ Թոհաֆդճեան) ծնած են Վան։ Անոնք կ՚ունենան հինգ զաւակներ. Անդրանիկ/Էնտրու/Էնտի, Ճորճ, Արփին, Արշալոյս, Վիրճինիա։ Վանի եւ հետագային ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ երգը, պարը, խնճոյքը անպակաս եղած են Շահինեաններու յարկին տակ։ Այս էջին մէջ հնչող երգերը տեւաբար երգուած են ընտանեկան հաւաքներուն ընթացքին։ Այս ձեւով ալ առաջին սերունդին երգային ժառանգութիւնը բնականօրէն փոխանցուած է յաջորդող սերունդներուն։
Այս էջին պատրաստութիւնը հանդիսացաւ հաւաքական աշխատանք մը։ Այստեղ, կարեւորագոյն ներդրումը կը պարտինք Արմէն Շահինեանին, որ Անդրանիկի եւ Ալիս/Սիրանուշի (ծնեալ Զէմանեան) որդին է։ Ան էր որ համակարգեց ընտանեկան լուսանկարները, արձանագրուած երգերն ու պատմութիւնները եւ ընտանեկան հաւաքներու ֆիլմերը համախմբելու եւ թուայնացնելու ծաւալուն գործը։ Արմէնն էր նաեւ ընտանիքին մասին տեղեկութիւններու գլխաւոր աղբիւրը։ Բայց Արմէնին օգնեցին Շահինեան ընտանիքի բազմաթիւ այլ անդամներ, ազգականներ եւ բարեկամներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունեցաւ երգային այս ժառանգութիւնը վերականգնելու գործին։ Բոլորին երախտապարտ ենք։ Մեր շնորհակալութիւնները ուղղուած են նաեւ Յուշամատեանի թուրք եւ քիւրտ բարեկամներուն, որոնք սիրայօժար ստանձնեցին Վաղարշակին երգած թրքերէն եւ քրտերէն երգերուն արտագրութիւնը։ Այս աշխատանքին անոնց մասնակցութիւնը աւելի եւս յատկանշական դարձուց այս էջին համագործակցական բնոյթը եւ համընդհանուր ժառանգութիւն մը վերականգնելու հաւաքական ճիգը։
Նախաբան
Հեղինակ՝ Արմէն Շահինեան, թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի
Ամեն անգամ որ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս՝ Վաղարշակ եւ Շուշանիկ Շահինեաններու պատմութեան մասին այսօրուան գիտցածովս բեռնուած յետադարձ հայեացք կը նետեմ մանկութեանս օրերուն վրայ, կը զմայլիմ այն ուրախութեան եւ կենսախնդութեան վրայ, որմով ապրած են իրենց կեանքը։ Երկուքն ալ վանեցի էին. Շուշանիկը Վան քաղաքէն էր, իսկ Վաղարշակը՝ Վանի մերձակայ գիւղերէն մէկէն։ Երկուքն ալ իրենց մայրերը եւ ընտանիքի այլ անդամներ կորսնցուցած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն։ Եւ երկուքն ալ գոյատեւած էին. մերժած էին իրենց ամբողջ կեանքը սուգի ու վիշտի մէջ ապրելով հանգիլ-մեռնիլ։ Իրենց կորսնցուցածին, կորուստներու մասին չէին խօսիր. գոնէ թոռնիկներուն չէին պատմեր։ Մարդու միտքէն չէր անցնիր, որ իրենց կեանքերը մասամբ սահմանուած էին իրենց ապրած ողբերգութիւններով։ Այնպիսի խինդով կ’ապրէին կեանքը… իմ ժամանակակիցներուս մէջ չեմ տեսներ այդպիսի կենսախնդութիւն։
Այդ օրերուն ընտանեկան հաւաքոյթները երգելու եւ պարելու առիթ էին։ 1930-ականներուն եւ 1940-ականներուն մեծ հայրս եւ մեծ մայրս Պրոնքս կ’ապրէին (Նիւ Եորքի շրջաններէն մէկը)։ Ինծի պատմած են, որ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս տունը ուրբաթ գիշերները եւ շաբաթավերջերուն իրենց ընկերներուն կանոնաւոր հաւաքատեղին էր։ Լուսանկարներ ունիմ եւ հին նկարահանումներ, որոնք այդ տարիներու իրենց կեանքը կը վաւերագրեն. ժպիտներու, ուտելիքներով ծանրաբեռն սեղաններով ճաշասենեակներու, երգ ու պարի տարեգրութիւններ են։ Ըստ երեւոյթին ընտանիքի անդամներու թէ ընկերներու այցելութիւնները գրեթէ միշտ կը վերածուէին տօնակատարութիւններու, որոնց ընթացքին իրենց հայրենի Վանայ երգերն ու պարերը կը թնդային։
Շուշանիկի եւ Վաղարշակի որդի Անդրանիկի եւ անոր կնոջ՝ Ալիսի 1949-ին ծնած որդին եմ եւ բախտաւոր եմ, որ բաւականաչափ մեծ էի, որ յիշէի 1950-ականներու վերջերու եւ 1960-ականներու սկիզբի մեր ընտանեկան ընթրիքները, որոնց ընթացքին այնքան կ’երգուէր։ Եւ անշուշտ, ընտանեկան մեծ հաւաքներուն նաեւ շատ պարել կ’ըլլար։ Թերեւս երջանկութեան այս անսանձ արտայայտումը կը բացատրուի այն փաստով, որ մեծ հայրս եւ մեծ մայրս իրենց կեանքի մեծ մասը նախահեռատեսիլեան օրերուն ապրած էին. բայց իրականութեան մէջ աւելին էր։ Ինչպէս զարմիկս՝ Միքայէլ Մանուկեանը կը յիշէ, մինչ ընտանիքի անդամներն ու ընկերները կը զրուցէին հինէն եւ նորէն, մէկը կը սկսէր քիթին տակէն եղանակ մը երգելու, եւ բոլորը կը միանային անոր, շատ յաճախ երգը կը վերաճէր պարերգի, երգելուն կը միանար պարելը։ Այս սովորութիւնը անտարակոյս կապ ունէր մեծ հօրս եւ մեծ մօրս կորսնցուցածին հետ, բայց այդ կապը կսկիծով սգալու փոխարէն կը տօնակատարուէր ուրախութեան մէջ։
Բարեբախտաբար հայրս, որ իր ծնողներէն հեռու ինկած պտուղ չէր, հեռատեսութիւնը ունեցած էր մեծ հօրս եւ մեծ մօրս երգած «վանեցիական» հին երգերէն ոմանք գրի առնելու՝ գլխաւորաբար Ռիւըր Էճի (Նիւ Ճերզիի) մեր տան մէջ տեղի ունեցած ձայնագրութիւններով, 1953-ին եւ 1958-ին։ 1953-ի ձայնագրութիւնը եղբայրներուս, քրոջս եւ իմ մկրտութեան օրը կատարուած է, եւ մտավախութիւն ունիմ, որ մենք՝ պզտիկներս, խանգարիչ աղմուկ ստեղծած ենք, եւ այս ձայնագրութիւնները չեն կրնար գործածուիլ Յուշամատեանի կողմէ։ Բայց 1958-ի ձայնագրութիւններուն ատեն «պզտիկները քնացուցած էին» (մենք 1947-էն 1958-ի միջեւ ծնած հինգ քոյր-եղբայր ենք) եւ ձայնագրութիւնները ընտանեկան աւելի խաղաղ բոյնի մէջ կատարուած են։ Այս երգերէն շատերը այսօր կը պահպանուին Յուշամատեանի կայքին մէջ։
Այս հին ձայնագրութիւնները մտիկ ընելը ինծի համար հին օրերու յիշողութիւններու գիրկը ճամբորդութիւն մը եղաւ։ Կը յիշեմ ինչպիսի՛ ուրախութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կ’երգէին։ Մեծ հօրս քաշած տնական գինին թերեւս իր դերը ունէր, բայց մեծ հայրս մեծ սէր չունէր խմելու հետ, եւ ըմբոշխնելու համար գինիի պէտք չունէր։ Ինքնաբուխ, անմիջական ըլլալը եւ քէֆին մեկնարկը տալը իր արեան մէջ էին։ Եւ իր կինը՝ Շուշանիկ մեծ մամաս, երբ որ կարենար կը միանար ամուսինին՝ խոհանոցէն ճաշասեղան իր անվերջ երթ ու դարձին ընթացքին, իսկ երգեցողութեան մեծ մասը ճաշի սեղանին շուրջ տեղի կ’ունենար։
Հայերէն չեմ խօսիր եւ չեմ հասկնար (մեծ մամաներէս լսած մի քանի առտնին հրահանգներ չհաշուած՝ «ձեռքերդ լուա՛», «անկողին մտի՛ր», եւ այլն). երգերուն մեծ մասին ինչի մասին ըլլալը չէի գիտեր։ Բայց այն անխառն ուրախութիւնը եւ ոգեւորուածութիւնը, որմով կ’երգուէին այս երգերը, անջնջելիօրէն դրոշմուած են մէջս։ Երգողներուն ուրախութիւնը հաղորդուած է այս երգերուն մէջ։

Հայրս ալ կ’երգէր՝ Անդրանիկ «Էնտի» Շահինեանը։ 1940-ականներու եւ 1950-ականներու ընտանեկան քէֆերուն եռանդուն մասնակից էր՝ կամ իր ջութակով միանալով կամ «տումպէկ» զարնելով. այս ձայնագրութիւններուն մէջ իր նուագն ալ կայ։ Մեծ հօրս՝ Վաղարշակին մահէն տարիներ ետք ընկերներս մեր տունը կը հրաւիրէի, և ընտանեկան օճախս «քէֆի կեդրոն» էր՝ մեծաւ մասամբ շնորհիւ ծնողներուս ասպնջականութեան, որոնք ընկերներուս համար խորովածի ճաշկերոյթներ կազմակերպելու միշտ պատրաստ էին։ Մանաւանդ Նիւ Ճերսիի ծովափի մեր տան մէջ։ Ամերիկահայ ընկերներս, որոնց հետ ես 1960-ականներու վերջերուն եւ 1970-ականներու սկիզբները ՀԲԸՄ Նուպար ճամպարի պատասխանատու եղած էի, սովորութիւն ունէին ամեն տարի օգոստոսի վերջին շաբաթը մեր ընտանեկան տունը գալու։ Այս աւանդոյթը շարունակուած է մինչեւ 1970-ականները։ Երեկոն երբ իջնէր, եղբայրս՝ Փոլը, ձեռքը կ’առնէր կիթառը, եւ կը սկսէինք երգելու մեր գիտցած ամերիկեան երգերը։ Եւ ասիկա կը մղէր հայրս սկսելու երգել «վանեցիի» երգերը, որոնցմով հասակ առած էր ինքը։ Ընկերներէս ոչ մէկը երգերը գիտէր, ոչ ալ հայերէն կը խօսէր՝ բացառութեամբ մի քանի նախադասութիւններու, որոնք օդի եւ ջուրի հետ անցած էին իրենց յիշողութեան մէջ իրենց մեծ հայր-մեծ մայրերէն. բայց եռանդով կը ձայնակցէին երբ դիւրին կրկներգ մը ունենար երգը… «Հանիման, ջանիման»-ը, օրինակ… Երբ երգը աւարտուէր պիտի սկսէր քրտերէն երգը, որ ամեն անգամ կը հետեւէր «Հանիման»-ին, եւ երկուքին միջեւ կը հնչէր երկա՜ր «հօօօօօօօօօ» մը, այնքան երկար, մինչեւ շնչահատ դառնայինք, եւ այդ պահին հայրս կը սկսէր երգելու Վանայ քրտերէն երգը, երբեմն ընդմիջելով զայն, որ «առաջնորդէր» մեր «հօօօօօօ»-երը։ Մեր «հօօօօօօօ»-երը մէջ առ մէջ կը համեմէին նաեւ իր երգած այլ երգերը, ամեն անգամ, որ շունչ քաշելու պէտք ունենար հայրիկս։
Կը յուսամ որ Յուշամատեանի մէջ այժմ հնչող այս երգերը, որոնց մեծ մասը մեծ հայրս՝ Վաղարշակ Շահինեանը կ’երգէ, պարզ ու յստակ կերպով կը հաղորդեն երջանկութեան այն ոգին, որմով ան կ’երգէր այս երգերը ու կ’ապրէր զանոնք՝ նոյնիսկ եթէ ձայնագրուած չեն այն զուարթ մթնոլորտին մէջ, որուն մէջ կ’երգուէին առհասարակ։ Ընտանեկան հաւաքոյթներու ատեն իր երգածներուն ձայնագրութիւնները, աւաղ, այս նպատակին չեն կրնար ծառայել՝ պզտիկներուն եւ առհասարակ ներկաներուն ստեղծած խորքային զուարթ աղմուկին պատճառով։
Տեսերիզին մէջ գտնուող երկու լուսանկարներուն հայերէն մակագիրները կը գտնէք հոս։
«Էրին վերին» (առաջին տարբերակ)
Երգիչն է Վաղարշակ Շահինեան, որուն կ՚ընկերանայ նաեւ որդին՝ Անդրանիկը։ Տըմպէք (dumbeg, darbuka, dumbelek) նուագողը Անդրանիկն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Ման ես գալիս էրին վերին Ման էս գալիս քուչա քուչա Դուն ելեր ես կ՚երթաս պախչէն Դու ելեր ես կայներ ես դուռ Ման էս գալիս քուչա քուչա Դու նստեր ես լուացք կ՚անես | Բառարան |
«Էրին վերին» (երկրորդ տարբերակ)
Այս մէկը «Էրին վերին» երգին մէկ այլ տարբերակն է։ Գլխաւոր երգիչը Վաղարշակ Շահինեանն է։ Ընկերակցողները Անդրանիկն ու Շուշանիկն են։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Դուն ելեր ես կ՚երթաս պախչէն Դու ելեր ես կայներ ես դուռ Դու նստեր ես լուացք կ՚անես |
Սարերի հովին մեռնեմ
Երգիչն է Վաղարշակ Շահինեան։ Կրկներգին կ՚ընկերանայ Անդրանիկ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Սարերի հովին մեռնեմ Երեք օրէ չեմ տեսել Աղջիկ անունդ Մահի Քեզ պէս նազանի աղջիկ Աղջիկ կ՚այնէ կամըրջին Գնա՛ ասա՛ զոքանչին Սարերի հովին մեռնեմ Երեք օրէ չեմ տեսել Սարի (???) Քեզ պէս նազանի աղջիկ Սարէն կու գայ ձիաւոր Չարտախաւոր իմ եարն է | Բաոարան |
«Հօօօ քօ ռաքօ» եւ «Օրն էր Ուրբաթ» (առաջին տարբերակ)
Առաջինը քրտերէն երգ մըն է, իսկ երկրորդը՝ հայերէն։ Ինչպէս Արմէն Շահինեան իր յառաջաբանին մէջ կը գրէ, Վաղարշակին, հետագային ալ Անդրանիկին երգացանկին մէջ սոյն քրտերէն երգին անպայմանօրէն կը յաջորդէր «Օրն էր Ուրբաթ»ի այս տարբերակը։
Քրտերէն երգին մասին Վաղարշակ ձայնագրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Ասի շուրջ պարի համար հաւաքուած պզտիկ կրուփ մը, իրարու թեւ-թեւի կը պարեն»։
Այս երգին մասին Ուղուր Ատսըզ Յուշամատեանին կը գրէ, որ անիկա կը պատկանի պէրիթէ կոչուող երգային ժանրիմ. երգ-զրոյց մըն է երկու խումբերու միջեւ։ Երգը յատուկ է Կոյան ցեղախումբի քիւրտերուն, որոնք իրենց առանձին բարբառը ունին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուղուր Ատսըզին այս երգը քրտերէն արտագրելուն համար։
Գալով հայերէն երգին, անիկա Վաղարշակին երգացանկին մէջ ամէնէն շատ կրկնուողներէն է։ «Օրն էր Ուրբաթ»ը կատակ-երգ մըն է, որ Շահինեան ընտանիքին մէջ յաճախ խումբով կ՚երգուի։ Ունի երգի բառերու եւ եղանակի իր տարբերակները։
Երկու երգերը կ՚երգէ Վաղարշակ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է, որ ատեն-ատեն կը մասնակցի նաեւ երգերուն։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Հօօօ քօ ռաքօ, թալլա ռաքօ թալլաստիքօ թիրսէնէքօ Հօօօ քօ ռաքօ, թալլա ռաքօ թալլաստիքօ թիրսէնէքօ Հօօօ քօ ռաքօ, թալլա ռաքօ թալլաստիքօ թիրսէնէքօ Հօօօ քօ ռաքօ, թալլա ռաքօ թալլաստիքօ թիրսէնէքօ |
«Օրն էր Ուրբաթ» (առաջին տարբերակ)
(…) ըսաւ խաղ մ՚էլ ունեմ Խանիման ջան ի ման [կրկնել ամէն տողէ վերջ] Խաղ խանողին խերն անիծեմ Օրն էր ուրբաթ աղօթըրուին Ասինք էրթանք Վանից էգին Ուտենք խմենք խետ մեր քէֆին Խանիման ջան ի ման Մեր խուրուղուն տփենք գետին Ուտենք խմենք խետ մեր քէֆին Մեր Աւագեան Տիգրան աղէն Էստեղ թռաւ էնտեղ թռաւ Արապաճի Գեւոն գնտաւ -Բարի լիւս քէ Գէորգ ախպեր -Աստծու բարին Տիգրան աղա -Քո արապէն կու տաս քիրա Թոզ արապէն, ես քէ ծառայ Արապէ մ՚ունիմ խըրեղէն կառք Ձիանք ունիմ թեւաւոր խաւք Մեզ կը տանես չուր Կարմըրւոր Թոզ Կարմըրւոր Վերին Վարագ Պարուշեցինք քառսուն ղուրուշ Փէշին փարա քսան ղուրուշ Թէ գնա ասա թող հազրուեն Չուր մշակներ ձիանք ջրեն Ձիանք ջրեց արապէն լցրեց Պիղնի փողին ճանբախ բռնեց Կիյներն բերին բերքն ու բարին Արախ, գինին խետ ուլ մազին Ուլն էլ առին խետ իրենց կշտին Էլան նստան մէջ արապին Եալլա ըսին, արապէն քաշին Գացին խասան Աւօյի դար Դիմացն եկաւ պստիկ խանտալ Կոտրաց գնաց արապի թէքէր Բամպկի թելով պատրուսեցին Շալլի թելով կապկապեցին Եալլա ըսինք արապէն քաշին -Տէ էլէք էճէք որ ես քշեմ Յուշիկ քելէք որ ես հասնեմ Քարեր ժողվէք ճամբի վերվէն Չի պէյպէյվի իմ արապէն Խալ խլուսաւ խալ մէլ ունիմ Խալ խանոլին խերն անիծեմ | Բառարան |
«Օրն էր Ուրբաթ» (երկրորդ տարբերակ)
Այս երգը ունի այլ տարբերակ մը, որ 1954-ին լոյս տեսած է Ֆրէզնոյի «Արծուի Վասպուրական» պարբերաթերթին մէջ (Յունուար-Փետրուար 1954, Գ. Տարի, թիւ 4)։ Երգը յուշագրած է Մ.Տ. Մարկոսեան։ Այս պարբերաթերթին բաժանորդ էին Վաղարշակ եւ Շուշանիկ Շահինեանը։ Զայն կը ներկայացնենք իր ամբողջութեամբ։
Ուրբաթ առտու մութ ու լիւսուն | Բառարան չուր – մինչեւ փօղան - փողոց գնտաւ – գտաւ քըրա – վարձու թոզ – ոչ միայն խըրեղէն – հրեղէն հազրուին – պատրաստուին լկցան – լեցուցին խասանք – հասանք նէֆէս կտրաւ – շունչը կտրուեցաւ քօ կօտն ուտի – հայհոյանք խաղք արիր – խաբեցիր |
«Օրն էր Ուրբաթ» (արտասանութիւն)
Հոս Վաղարշակ Շահինեան պարզապէս կ՚արտասանէ «Օրն էր Ուրբաթ» երգը։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
«Օրն էր Ուրբաթ» (երրորդ տարբերակ)
Հոս լսուողը «Օրն էր Ուրբաթ»ին եղանակային այլ տարբերակն է։ Կ՚երգեն խումբով։ Վաղարշակ արդէն մահացած է։ Ձայնագրութեան վայրը շատ հաւանաբար Երեւան է, Գաբրիէլ Խանոյեանի տան մէջ, 1978-ին, երբ Վաղարշակի հարազատները եկած են Հայաստան հանգուցեալին աճիւնները հողին յանձնելու Սարդարապատի յուշարձանին քով կառուցուած յատուկ գերեզմանի մը մէջ։ Առաջին լսուող ձայնը Միսաքեանն է (առաջին անունը անյայտ), ապա երգին կը միանան Շուշանիկ Շահինեանը, Անդրանիկ Շահինեանը, եւ Տիգրանուհին (Վաղարշակին քոյրը)։ Տիգրանուհին կ՚ապրէր Սոչի (Սեւ Ծովու ափին)։ Յայտնապէս, ան յատուկ եկած էր Երեւան ընտանեկան այս հաւաքին մասնակից ըլլալու համար։
«Ելէք տեսէք վովն ա կերել»
Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Ընկերակցողը եւ տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
[Վաղարշակ] «Աս երգը շատ հին երգ է, կ՚ըսէին եւ կը պարէին խմբովին Վանի մէջ։ Կ՚ըսէին եւ կը ցատկէին։ Շատ երեխայ էինք, հարսանիքի մը գացեր էի, աս երգը կ՚երգէին եւ կը ցատկէին երիտասարդները։ Այդ ատենուանից միտքս մնացեր է։ Շատ երկար, կ՚ըսեն եւ կը պարեն»։
Ելէք տեսէք վովն ա կերել մեր ուռ Ելէք տեսէք վովն ա կերել մեր էծ էլէք տեսէք վովն ա կերել մեր շուն էլէք տեսէք վովն ա կերել մեր գայլ էլէք տեսէք վովն ա կերել մեր արջ էլէք տեսէք վովն ա կերել մեր խոզ էլէք տեսէք վովն ա կերել մեր թուանք | Բառարան վովն ա – ով է ուռ - պտուղ տուող ծառի կամ թուփի ճիւղ Էծ – այծ Էծն էր ուռուն – այծը ուռին իգին – այգիին կիւ գայ – կու գայ թուանք - հրացան |
«Լալուխան»
Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Ընկերակցողներ՝ Անդրանիկ Շահինեան եւ Շուշանիկ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Բոպիկ մի քելէ Լալուխան, Էրթանք պզտիկ գեղ Լալուխան Էրթանք Էրէրին Լալուխան Ըրխկենք եարին Լալուխան Էրթանք պզտիկ գեղ Լալուխան | Բառարան կոտիկ – բարակ շրջականաձեւ զարդարանք, որ կիները իրենց գլխուն կը դնեն տիւն - տուն Էրէրին – գիւղի մը անունը մաքի – էգ ոչխար սիւրահ – սափոր ըրխկենք – ուրախացնենք (՞) |
«Վավէլէր Զուլօն»
Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Ընկերակցողը եւ տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Վավէլէր Զուլօն վավէլէր, թօյ Մեր տանն իտեւ արտ կորենկան Ձիանք մէջը կը խրխնչան Թող ձեռք զարնի վեր ու ծնկան Համէն մրջան տանձ պատնջան Վավէլէր Զուլօն վավէլէր, թօյ Մեր տան իտեւ ծառ կայ պնտուկ Առնեմ Զուլօն մտնեմ սնտուկ Վավէլէր Զուլօն վավէլէր, թօյ Մեր տան իտեւ արտ լըհանա Եկէք անենք կօ մահանա Վավէլէր Զուլօն վավէլէր Վավէլէր Զուլօն վավէլէր, թօյ | Բառարան վավէլէր – արտայայտութիւն մը Զուլօ – աղջկայ անուն կորենկան – կորեկի տէգէրկնկան - տագրին կնոջ մրջան – ապարանջան պատնջան – սմբուկ իտեւ - ետեւ պնտուկ – կաղին լըհանա – լահանա, կաղամբ մահանա – կեղծ պատճառ, առիթ |
«Մաքրուհի ջան»
Երգողը Վաղարշակ Շահինեանն է։ Ընկերակցողը եւ տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Ելանք տանիք թոփ քէլիցինք Կարմիր խնձոր գլորեցինք Մաքրօն տուն չէր, նստանք լացինք Քարվանն էկաւ զնգզնգալէն Մէջ քարվնին ջորի մը կեր Վերին ջորուն սնտուկ մը կեր Մէջ էն սընտկին չայմաճա կեր Մէջ չայմաճին շուշփէ մը կեր Մէջ էն շուշփին շուշփէ մը կեր Մէջ էն շուշփին աղջիկ մը կեր Աղջիկ, աղջիկ անունդ ինչ ի Խորած-խեղդուած, դաւիդ ինչ ի Իմ խեր լսի քեզ կը սպաննի Առուն թաղէ թաղ կը ցրուի Խաղ խլսաւ խաղ մ՚էլ ունիմ Խաղ խանողի խէրն անիծեմ | Բառարան թոփ քէլիցինք - հաւաքուեցանք քարվան – կարաւան կեր – կար չայմաճա – փոքր արկղ շուշփէ – սաւան խորած-խեղդուած – սիրահարուած դաւի – հարց, կռիւ, վէճ խեր – հայր |
Թրքերէն երգ
Կ՚ենթադրուի որ երգիչը Վաղարշակ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէնիզ Թ. Քիլինճօղլուին, Սամիյէ Տէմիրին եւ Զէյնէլ Տէմիրին, որոնք սոյն երգը այս էջին համար արտագրեցին։
O çini mavi çini Bahçalarda arik [erik] var Adana’da tantane (?) töktürmüş [döktürmüş] birer tane [2x] |
«Պէտիրխան պէյ» (թրքերէն երգ)
Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուղուր Ատսըզին, Սամիյէ Տէմիրին եւ Զէյնէլ Տէմիրին, որոնք սոյն երգը այս էջին համար արտագրեցին։
Երգին դերակատարները Պէտիրխան պէյը, Օսման փաշան եւ Խան Մահմուտն են։ Պէտիրխան պէյը Պօթանի շրջանի քիւրտ էմիրն էր, որ մինչեւ 19-րդ դարու կէսը Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող այս տարածքին մէջ իշխանապետութեան մը գլուխն էր։ Խան Մահմուտը Պէտիրխան պէյի գլխաւոր դաշնակիցներէն էր։ 19-րդ դարու կէսերուն օսմանեան պետութիւնը Օսման փաշայի գլխաւորութեամբ բանակ կը ղրկէ Պէտիրխանին դէմ՝ զայն հպատակացնելու եւ անոր հաստատած ինքնավարութիւնը վերացնելու համար։ Երգը կը ներկայացնէ այն պահը, երբ Օսման փաշա իր բանակով հասած է անձնատուր եղած Պէտիրխան պէյը ձերբակալելու։
Bedirhan Bey dedi hey kapı kapı Amaneeyyyy Osman Paşa dedi hey şaşkın ahmak Amaneeyyy Bedirhan bey dedi Amaneeyyy Osman Paşa dedi |
«Անէծք»
Զուգերգ՝ Շուշանիկի եւ Վաղարշակի կատարողութեամբ։ Այս երգին բառերը եւ երաժշտութիւնը կը պատկանին Աշուղ Փիլօյի (Գասպարեան), որ ծնած էր Երեւան, 1893-ին, կը մահանայ 1932-ին։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Կէս-գիշերին ես ու եարս միասին
Նստած էինք ու մեզ կ՚իշխէր պարզ լուսին,
Խօսում էինք մեր լաւ ու վատ օրերից
Եւ մերթ առ մերթ համբոյր առնում իրարից։ [կրկ.]
Բայց թէ ինչու եարս էր տխուր այս գիշեր,
Մղկտում էր ու յիշում էր վառ յուշեր,
Լաց էր լինում, արցունք թափում դառնագին,
ճմլւում ու անհանգիստ էր իր հոգին։ [կրկ.]
Յանկարծ եարս արտասուալի աչքերով
Ինձ պինդ գրկեց, օծեց դէմքս համբոյրով,
Ասաց. «Գնա այսուհետ ինձ մի՛ յիշի,
Քեզնից հանում, ինձ տալիս են ուրիշի»։ [կրկ.]
Ես դողացի ողջ մարմնովս ոնց տերեւ,
Եւ աչքերս բարձրացնելով դէպ վերև,
Ասի. «Գնա, ում որ կ՚ուզես, ում կ՚առնես,
Քո կեանքումդ լաւ օրերը չտեսնես»։ [կրկ.]
Անիծեցի ես իմ եարին վշտացած,
Որ չեմ տեսնի լաւ օրերս անցկացած,
Օդն ու ջուրը թող թոյն դառնան, ճամբէն՝ փուշ,
Երկինք, գետին անէծք կարդան, կանչեն «վո՛ւշ»․․․ [կրկ.]
Քալած ճամբէդ թող չորանայ, քար դառնայ,
Ագռաւները աչքեր հանեն, կուրանան,
Օդին թոյնը թող նա ուտէ (…)
Որ բաժանեց երկու սրտով սիրածին [կրկ.]
«Չեմ ը չեմ»
Սկիզբի երգողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Վաղարշակ Շահինեանը եւ Տիգրանուհին (Վաղարշակին քոյրը) կը միանան երգին։ Ձայնագրուած է Երեւանի մէջ 1963-ին, Գաբրիէլ Խանոյեանի տան մէջ ընտանեկան հաւաքի մը ընթացքին։ Այս երգը իր բառերով եւ նօթաներով լոյս տեսած է Միհրան Թումաճանի գործին մէջ («Հայրենի երգ ու բան», 4-րդ հատոր, Երեւան, 2005)։ Այս հատորին մէջ կը գտնենք նաեւ Վանէն այլ երգեր, զորս Միհրան Թումաճան քաղած է ուղղակի Վաղարշակէն եւ Շուշանիկէն։
(աղջիկ) (տղայ) (աղջիկ) (տղայ) (աղջիկ) (տղայ) (աղջիկ) | Բառարան կանայ – կրնար խաղայ - պարել սաքօ - վերարկու մի քելէ – մի քալէ ել խան դիր տհան – հանէ եւ հոն դիր փանթոլ – հողաթափ, մուճակ |
«Խարմիրն նստեր էր աթոռին»
Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Շուշանիկ Շահինեան կ՚ընկերակցի երգին վերջաւորութեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։
Օրն էր Ուրբաթ լոյս կիրակին Էլաւ տըխվան քաղըք գնաց Մէկ ասաց զարնենք թիւլցուցենք Ո՛չ թիւլցուցենք, ո՛չ կէօրցուցենք Տանինք ճամին թող գիրք կարդայ Խարմիրն նստեր էր աթոռին Խարմիրն նստեր էր աթոռին | Բառարան պայսաւ – պակսեցաւ քաղըք – քաղաք կէօրցուցենք – կուրցնենք տաճկեցուցենք – իսլամացնենք աննենք մոլլա – մոլլայի վերածենք շիւքիւր – փառք մաղարա - քարայր |
«Թագւոր ինչ բերեմ քո նման»
Հարսանեկան երգ է, որ ուղղուած է փեսային, այդ օրուան թագաւորին։
Երգիչներն են Տիգրանուհին եւ անյայտ մարդ մը։ Տիգրանուհին Վաղարշակին քոյրն էր, որ կ՚ապրէր Սոչիի մէջ, Սեւ Ծովու ափին։ Ան յատուկ եկած էր Երեւան ընտանեկան այս հաւաքին մասնակից ըլլալու համար։ Ձայնագրութեան վայրը Երեւանն է, Գաբրիէլ Խանոյեանի տան մէջ, 1978-ին, երբ Վաղարշակի հարազատները եկած են Հայաստան հանգուցեալին աճիւնները հողին յանձնելու Սարդարապատի յուշարձանին քով կառուցուած յատուկ գերեզմանի մը մէջ։
Թագւոր ի՞նչ բերեմ քո նման Թագւոր ի՞նչ բերեմ քո նման Թագւոր ի՞նչ բերեմ քո նման (…) շալակ կանգնել եմ | Բառարան կանաֆիլ - մեխակ |
“Dolama geymişem“ (թրքերէն երգ)
Թրքերէն երգ։ Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէնիզ Թ. Քիլինճօղլուին, Սամիյէ Տէմիրին եւ Զէյնէլ Տէմիրին, որոնք սոյն երգը այս էջին համար արտագրեցին։
Amaney… Amaney… Amaney… Amaney… Amaney… Amaney… Sensin Lalo Lalo can Lalo |
“Bayburt’un ince yolunda" (Թրքերէն երգ)
Պայպուրթ/Բաբերդ քաղաքին մասին թրքերէն երգ։ Երգիչ՝ Վաղարշակ Շահինեան։ Տըմպէք նուագողը Անդրանիկ Շահինեանն է։ Ձայնագրուած է 1958-ին, Ռիվըր Էճի (Նիւ Ճըրսի), Անդրանիկի եւ Ալիսի (ծնեալ Զէմանեան) տան մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տէնիզ Թ. Քիլինճօղլուին, Սամիյէ Տէմիրին եւ Զէյնէլ Տէմիրին, որոնք սոյն երգը այս էջին համար արտագրեցին։
Bayburt’un ince yolunda yolunda Bayburt Kalası’nda fesi mi kaldı [2x] Bayburt Kalası’nda püskülüm kaldı [2x] Ergen kızlar alsın bizim [benim] kadami |

Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Իսկուհի Թոհաֆթճեան (ծնեալ Արսէնեան, Շուշանիկ Թոհաֆթճեան-Շահինեանին մայրը), Շուշանիկ Թոհաֆթճեան (հետագային Շահինեան), Կարապետ Թոհաֆթճեան (Շուշանիկին հայրը), Զարմայր Թոհաֆթճեան (Շուշանիկին եղբայրը), Օհաննէս Արսէնեան (Շուշանիկին մօրենական մեծ հայրը), Օհաննէսի գիրկը նստած՝ Փոլ Արսէնեան (Վարդան եւ Զարուհի Արսէնեանին որդին), Վարդան Արսէնեան (Իսկուհիին եղբայրը), Մարինա Արսէնեան (հետագային Չոպանեան, Վարդանին եւ Զարուհիին դուստրը), Զարուհի Արսէնեան (ծնեալ Յարութիւնեան, Վարդանին կինը)։
Ետեւի շարք, ոտքի, ձախէն աջ՝ Հայկ Թէօքմանեան (Իսկուհիին քրոջ՝ Զարուհիին ամուսինը), Կարինէ Գրիգորեան։
1. Վան, 1914-ի շուրջ։ Ձախէն աջ, նստած՝ Գէորգ Շահինեանին կինը (անունը անյայտ, կը մահանայ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Վանէն Կովկաս գաղթին ժամանակ), ոտքի, առջեւի շարք՝ Անդրանիկ/Անդրէաս (կը մահանայ Պաքուի մէջ 1918-ի շուրջ), ոտքի, ետեւի շարք՝ Տիգրանուհի, նստած՝ Գէորգ, ոտքի՝ Սիրուն (հետագային Մանկըրեան)։ Ընտանիքին իսկական մականունը եղած է Գէորգեան։ Պատերազմի եւ գաղթի պայմաններուն մէջ ընտանիքը կ՚որդեգրէ Շահինեան մականունը։ Անդրանիկ, Տիգրանուհի եւ Սիրուն զաւակներն են Գէորգ Շահինեանի։ Պատկերէն կը բացակայի Գէորգի միւս որդին՝ Վաղարշակը։
2. Վաղարշակ Շահինեան, Շուշանիկ Շահինեան եւ իրենց որդին՝ Անդրանիկ/Էնտին, 1920-ի շուրջ, հաւանաբար Պոլիս, նախքան Վաղարշակին ճամբորդութիւնը դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Աւելի ուշ ընտանիքն ալ պիտի միանար իրեն։
3. Ձախէն աջ՝ Վաղարշակ Շահինեան, Վաղարշակին որդին՝ Անդրանիկ Շահինեան, Վաղարշակին հայրը՝ Գէորգ Շահինեան։ Լուսանկարուած է հաւանաբար 1933-ին, Պրոնքսի մէջ (Նիւ Եորք)։
Ծխախոտի սեւատապատուած արծաթեայ տուփ, պատրաստուած է Վանի մէջ։ Մէկ կողմին վրայ կ՚երեւի Մայր Հայաստանը խորհրդանշող կինը՝ աւերակներու մէջ նստած եւ խորքին Արարատ լեռը։ Մաս կը կազմէ Շահինեան ընտանիքի հաւաքածոյին։ Միւս կողմին վրայ կ՚երեւի Վարդան Մամիկոնեանը։