Վանի բերդը (Վան քալեսի) (Աղբիւր՝ V. Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Վան - Տեղավայր

Կը ներկայացնենք Յուշամատեանի նոր ֆիլմը, որ կը վերաբերի Վան քաղաքին։ Սկիզբը կ՚երեւի Վան քաղաքի միջնաբերդը, ապա Այգեստան թաղամասը՝ խորքին ալ Վարագայ լեռը։ Ֆիլմին ամբողջ տեւողութեան ձայնային երանգներ ստեղծողը վանեցի Կրեկորի Քաջբերունին է։ Սոյն երաժշտութիւնները ան լսած ու սորված է իր հայրենի Վանին մէջ։ 1986 թուականին Պետրոս Ալահայտոյեան զանոնք կը ձայնագրէ Պոսթընի մէջ։ Յղացում, եւ հրատարակման պատրաստութիւն՝ Օլկա Կոլիքովա եւ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան
*********************************************
Այս ընդհանուր վերնագիրին տակ կը ներկայացուին ձեր ընտրելիք տեղավայրին աշխարհագրութիւնը, բնակչային տեղաշարժերը եւ պատմութիւնը։