Վանէն համայնապատկեր մը՝ դիտուած Վարագայ լեռէն։ Աջին Սիփան լեռը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

Այլազան յօդուածներ

Պատկերելով Հայրենիքը. «Արծուի Վասպուրական»ի բարենորոգումները անցեալի յուշերով

Հեղինակ՝ Ծովինար Տէրտէրեան [1], 16/10/14 - թարգմանութիւն՝ Խաչատուր Տէրտէրեան

Ողջ տասնիններորդ դարու ընթացքին հայերու «երեւակայական հանրոյթ»ին մէջ «Հայաստան» հասկացութիւնը զարգացաւ որպէս հայոց հայրենիք եւ դարձաւ ազգային խորհրդանիշ՝ տարբեր քաղաքական, հասարակական, տնտեսական եւ գրական գործընթացներու հետեւանքով։ [2] Այդ գործընթացները կարելի է մասամբ ի յայտ բերել ուսումնասիրելով կուսակրօն քահանայ Խրիմեան Հայրիկի (1820-1907) աշխատանքը եւ իր հիմնած ամսաթերթը՝ «Արծուի Վասպուրական»ը (1855-1864): [3] «Արծուի Վասպուրական»ը հազուագիւտ աղբիւր մը կը հանդիսանայ քանի որ ի տարբերութիւն նոյն ժամանակաշրջանի ուրիշ հայկական հրատարակութիւններու, այս ամսաթերթին թիւերուն մեծամասնութիւնը լոյս տեսած էր Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան տարածաշրջանին մէջ։ Առաւել եւս, հանդէսի խմբագիր Մկրտիչ Խրիմեան իր կղերական պաշտօններու բերմամբ մասնակից դարձած է տարբեր քաղաքական գործընթացներու։ Հանդէսի վերլուծութիւնով սոյն յօդուածի նպատակն է ներկայացնել թէ ինչպէս եւ ինչու հայրենիքի տարածք մուտք գործեց հայ ազգային գիտակցութիւնը։ Այս սեղմ ուսումնասիրութեամբ պիտի փորձեմ ի յայտ բերել Օսմանեան կայսրութեան ներքին միտումները, որոնք նման փոփոխութիւններու առիթ դարձան եւ միայն կողմնակիօրէն պիտի ներկայացնեմ որոշ ազդեցութիւններ Եւրոպայէն և Ռուսական կայսրութենէն։ [4]

«Արծուի Վասպուրական»ը կը տպագրուէր երբ որ հայկական թերթերը, որոնց շարքին էին Զմիւռնիոյ «Հայրենասէր»ը եւ Պոլսոյ «Մասիս»ը, մինչեւ 1850-ականներու վերջերը, աւելի յաճախ կը հրապարակէին նորութիւններ Նոր աշխարհի (Ամերիկաներու), Չինաստանի կամ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու մասին։ Հազուադէպ կը պատահէր որ լուրեր տային Վանի, Կարինի (էրզրում) կամ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ արեւելեան նահանգներէն։ Ժիրայր Լիպարիտեան կը պնդէ որ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքներուն մէջ ապրող շատ մը հայեր կը կարծէին, որ ազգին համար ակնկալուող յառաջընթացը իրականութեան մէջ կը վերաբերէր գլխաւորաբար Պոլսոյ հայութեանը, մինչդեռ այս նոյն մարդոց համար «պատմական Հայաստանը օտար վայր մըն էր եւ կայսրութեան հեռաւոր ծայրագաւառ մը»։ Քաղաքաբնակ հայերուն համար Հայաստանը գաւառային վայր մըն էր. իսկ հայաստանցին՝ գաւառացի: [5] Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսական կայսրութեան հայ գրական գործիչներուն համար հայկական ինքնութիւնը մշակոյթի վրայ հիմնուած հասկացութիւն մըն էր: Ռուսահայ մտաւորական եւ «Հիւսիսափայլ» ամսագրի (1858-1864, Մոսկուա) խմբագիր Ստեփանոս Նազարեանին (1812-1879) նուիրուած իր ուսումնասիրութեան մէջ Լիզա Խաչատուրեան կը պնդէ, որ 19րդ դարու կէսերուն, երբ հայ գրական գործիչները կը քննարկէին Հայաստանը որպէս աշխարհագրական տարածք, տարածքային գիտակցութեան վրայ հիմնուած ազգային ինքնութիւնը պիտի զարգանար միայն Նազարեանին եւ իր նշանաւոր գրչակից Միքայէլ Նալբանդեանին յաջորդող (1829-1866) [6] սերունդէն յետոյ: Այսպիսով, կարելի է եզրակացնել որ մինչեւ 1800-ականներու երկրորդ կէսը հայկական ինքնութիւնը մարմնաւորուած էր աւելի շատ լեզուական, կրօնական եւ որոշակիօրէն տեղայնացուած ըմբռնումներով։

Վանի բերդը (Վան քալեսի), զոր Խրիմեան կը փորձէ կապել Շամիրամ թագուհիին հետ (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Իր ժամանակին համար բաւական յառաջադէմ ըլլալով, Խրիմեան նպատակ դրած էր, որ «Հայաստանը» դառնայ հայերու ինքնութեան հիմնական գաղափարը։ Այս նպատակին պատճառները աւելի լաւ հասկնալու համար, իր գրածները պէտք է դիտարկել նկատի առնելով այդ ժամանակաշրջանի բարենորոգումներով պայմանաւորուած միջավայրը։ Յատկապէս 1840-ականներէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ շարք մը պետական համակարգային փոփոխութիւններ տեղի ունեցան թէ՛ հայկական եւ թէ աւելի լայն օսմանեան շրջանակներու մեջ։ 1839-էն սկսեալ, Օսմանեան պետութիւնը ընդլայնեց իր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը վիլայէթներուն (նահանգներուն) մէջ, փորձելով կեդրոնացնել իր իշխանութիւնը եւ կեանքի կոչել Թանզիմաթը (բարեփոխումներ): Պետութեան կեդրոնացումը յատկապէս շաղկապուած էր ֆինանսական եկամուտ բարձրացնելու անհրաժեշտութեան հետ։ Հետեւաբար, 1840-ին կայսերական հրովարտակով Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը Բարձր Դրան նկատմամբ աւելի մեծ ֆինանսական պարտականութիւններ ստանձնեց։ Եւ նաեւ, «Հայկական եկեղեցիներ, վանքեր եւ այլ եկեղեցապատկան կալուածներ, որոնք մինչեւ այդ ազատուած էին կայսերական հարկերէն, դարձան հարկատու»։ [7] Այդժամ պատրիարքարանը ստիպուած եղաւ մեծցնել կայսրութեան ամբողջ տարածքի իր կալուածներէն ու ենթականերէն ստացած եկամուտը, որոնք յատկապէս կեդրոնացած էին արեւելեան վիլայէթներու մէջ։ Այն պիտի իրականացուէր պատրիարքութեան կեդրոնաձիգ կառավարմամբ՝ վերակազմակերպելով իր նուիրապետութիւնը, հաւասարակշռելով հայկական միլլէթին կրօնական եւ քաղաքական (աշխարհիկ) ժողովները, վերասահմանելով իր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ [8] Իշխանութեան կեդրոնացման եւ հաւասարակշռման գործընթացի ժամանակ, ինչպէս Բարձր Դուռը բախեցաւ գաւառական իշխանաւորներու դիմադրութեան, այնպէս ալ անվստահութիւն յառաջացաւ Պոլսոյ եւ գաւառի հայ աշխարհիկ ու հոգեւոր իշխանութեան շարքերուն միջեւ: Ինչպէս նկատելի է «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ, Խրիմեան յաճախ կը փորձէր յաղթահարել այդ դիմադրութիւնը:

Վան, Դեկտեմբեր 1879. Խրիմեան Հայրիկ հայ երեւելիներուն ներկայութեամբ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Կարապետ Իսաջանեան, Մկրտիչ Մարութեան, Քերովբէ Գույումճեան, Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ, Գէորգ պէյ Գալճեան, Յարութիւն Թերզիպաշեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Սեդրակ Տէվկանց, Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

«Արծուի Վասպուրական» եւ Մկրտիչ Խրիմեան

Ամսագրին բովանդակութեան անդրադառնալէն առաջ, քանի մը խօսք պէտք է ըսուի ամսագրին հեղինակներուն, խմբագրին եւ բաժանորդներուն մասին։ «Արծուի Վասպուրական»ի հրապարակման ձեւը եւ վայրը նպաստեցին հայրենիքի ըմբռնումը աւելի կարեւորելուն։ Խրիմեանի կեանքի փորձով կարելի է բացատրել թէ ինչ տրամաբանութեամբ ընտրուած են ամսագրին նիւթերը եւ անոնց հրապարակման իւրայատուկ ձեւերը:

Մկրտիչ Խրիմեան, որ նաեւ յայտնի է Խրիմեան Հայրիկ անունով, ծնած է Վան, առեւտրականի ընտանիքի մը մէջ: Քանի որ ոչ մէկ պաշտօնական դպրոց գոյութիւն ունէր Վանի մէջ 1830-ականներուն, Խրիմեան աւելի շատ ինքնուսուցմամբ զբաղուեցաւ։ Ան նաեւ կրթութիւն ստացաւ Լիմ (այժմ՝ Ատըր) եւ Կտուց (այժմ՝ Չարփանակ) կղզիներուն վանքերուն մէջ իր կեցութեան ժամանակ։ 1840-ականներուն ան բաւական շատ շրջեցաւ Վասպուրականի մէջ, եւ ականատես եղաւ տարածաշրջանի հասարակական եւ տնտեսական ծանր դրութեանը, բայց նաեւ տեսարժան վայրերուն եւ յուշարձաններուն։ [9] Յետոյ ան ճամբորդեց Պոլիս, ուր մնաց մինչեւ 1846: Վերադարձին ամուսնացաւ, բայց շուտով, զինակոչէն խուսափելու համար, գնաց Պարսկաստան, եւ ի վերջոյ Ալեքսանտրապոլ (ներկայիս՝ Գիւմրի) եւ Էջմիածին։ [10] 1848-ին ան մեկնեցաւ Թիֆլիս, յետոյ՝ Պաթում, ուրկէ գնաց Պոլիս եւ ապա՝ Երուսաղէմ։ Վասպուրականի եւ իր այցելած աւելի զարգացած քաղաքներուն միջեւ առկայ հակապատկերը վստահաբար զինք խիստ տպաւորեց։ Խրիմեան ծանօթացաւ Պարսկաստանի, Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց մէջ ապրող հայերու հետ եւ իրեն յստակ դարձաւ այն անջրպետը որ կար այդ տարբեր հայկական համայնքներուն միջեւ։ Պոլիս ապրելու տարիներուն ան յայտնի էր որպէս լաւ հեքիաթասաց – Հայաստանի ցաւերու պատմիչը -, որ յաճախ կ’արտայայտէր իր սէրը եւ կարեկցանքը առ Հայաստան։ [11] Բաւական երիտասարդ տարիքին՝ 1848-ին, ան գրեց բանաստեղծութիւններ՝ «Հրաւիրակ Արարատեան» եւ «Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց», ուր կ’արտացոլուէր անոր կարեկցութիւնը հայոց հայրենիքին նկատմամբ։ [12] Հայրենիքի հանդէպ այսպիսի զգացումներու արտայայտութիւնը դարձաւ «Արծուի Վասպուրական» հանդէսին հիմնական առաքելութիւնը։

Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոս եղած տարիներուն (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Իր անձնական փորձէն զատ, Պոլսոյ մէջ Խրիմեան մօտիկէն ծանօթացաւ այն բարենորոգումներուն, զորս պատրիարքարանը մտադիր էր իրագործել կրթութեան ոլորտին մէջ։ Շուտով Խրիմեան դարձաւ այս բարենորոգումները կերտողներէն մէկը, երբ 1851-ին պատրիարքարանը անոր յանձնարարեց ուսումնասիրել Կիլիկիոյ կրթութեան մակարդակը եւ նոր ձեւեր փնտռել այն բարելաւելու համար։ Պոլիս վերադառնալով՝ Խրիմեան սկսաւ դասաւանդել Խասգիւղի նորաբաց աղջկանց վարժարանին մէջ։ [13] «Արծուի Վասպուրական»ի ուսումնասիրութեամբ ակնյայտ կը դառնայ, որ նման փորձառութիւնները զինք մղեցին աւելի ջերմեռանդօրէն հաւատալ, թէ որքան կարեւոր էր կրթութիւնը Հայաստանի յառաջդիմութեան համար՝ մասնաւորապէս կանանց կրթութիւնը։

1853-ին, Վան վերադարձին, մահացած գտաւ մայրը, կինն ու դուստրը: Այդ օրուընէ ի վեր ան ինքզինք ամբողջովին նուիրեց Հայաստանին՝ իր եկեղեցիին եւ ժողովուրդին։ Յաջորդ տարի, ան վարդապետ ձեռնադրուեցաւ Աղթամարի վանքին մէջ։ Ձեռնադրումէն քիչ անց Պոլիս վերադարձաւ։ Հոն դրամահաւաք կազմակերպեց տպարան գնելու համար, որու միջոցով 1855-ին սկսաւ հրատարակել «Արծուի Վասպուրական» պարբերականը՝ Բարձր Դրան եւ պատրիարքարանի թոյլտուութեամբ։ [14] Մէկ տարի անց, տպարանի եւ քանի մը գործընկերներու հետ ան Վասպուրական վերադարձաւ, ուր շարունակեց հրատարակել ամսագիրը։ Բարձր Դրան կայսերական հրովարտակով եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի կոնդակով 1857-ին ան ստանձնեց Վարագայ վանքի վանահայրութիւնը, ուր հիմնադրեց արական Ժառանգաւորաց գիշերօթիկ վարժարանը՝ 25 աշակերտով։ Ժառանգաւորացի աշակերտները միայն Վասպուրականէն չէին, այլ տարբեր հայկական համայնքներէ։ Վարժարանի աշակերտներուն եւ վարժապետներուն օգնութեամբ ամսագիրը ծաղկեցաւ։ [15] Կայսրութեան տարբեր վայրերէն եկած հայեր առաջին անգամ ըլլալով կը հաւաքուէին եւ կ’աշխատէին իրար հետ ոչ թե Պոլսոյ մեջ, այլ Վարագայ վանքին մէջ։

Վարագայ վանքի ընդհանուր համալիրը։ Ս. Խաչ վանքին կողքին կ՚երեւի նաեւ Ժառանգաւորաց վարժարանը (Աղբիւր՝ ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

1850-ականներուն, ամսագրին էջերուն մէջ յաճախ կը գրէր Ժառանգաւորաց վարժարանին վարժապետներէն՝ Տիգրան Գալփակճեան, որ Խրիմեանի հետ Պոլսէն Վասպուրական տեղափոխուած էր։ 1860-էն յետոյ թերթին իր նպաստը բերած է Ժառանգաւորացի մէկ այլ վարժապետ՝ հետագային ամսագրի համախմբագիր Գարեգին Սրուանձտեանց (1840-1892): Վարագ գտնուած տարիներուն, Խրիմեան դարձած էր Սրուանձտեանցի ուսուցիչը, հետեւաբար անոնց կեանքին ու գրելու ոճին մէջ նկատելի են նմանութիւնները։ Խրիմեանի նմանութեամբ՝ տեղագրութեան միջոցաւ, Սրուանձտեանց ի յայտ բերաւ պատմութիւններ հայոց պատմութեան յայտնի դէմքերու մասին, գրեց ազգային աւանդութիւններու մասին եւ կերտեց Հայաստանը որպէս հայոց հայրենիք։ [16] 1862-ին Խրիմեանի հետ մէկտեղ ան տեղափոխուեցաւ Տարօնի (Վանայ ծովու հիւսիս-արեւմտեան շրջան) մէջ գտնուող Ս. Կարապետ վանք։ Այստեղ, Սրուանձտեանց դարձաւ «Արծուիկ Տարօնոյ» նորաբաց լրատարի խմբագիրը (1862-1865): [17] 1869-ին, երբ Խրիմեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք, Սրուանձտեանց նշանակուեցաւ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վանահօր փոխանորդ։ [18] Հետագային, Գարեգին Սրուանձտեանց յայտնի դարձաւ Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան գրառումով, որն աւելի ուշ բազմաթիվ գրական մշակումներ ունեցաւ: Ան գրի առաւ նաեւ այլ ժողովրդական երգեր, պատումներ եւ բարբառներու տարբերակներ։ Իր երկասիրութիւններէն են «Մանանա»ն (1876),  «Գրոց բրոց»ը (1874), «Թորոս Աղբար Հայաստանի ճամբորդ»ը (1879) եւ «Համով հոտով»ը (1884):

Այս բացիկին վրայ կը տեսնենք Խրիմեան Հայրիկը եւ իրմէ մէջբերում մը, ուր հայերուն կը յանձնարարէ յարատեւութիւն, յուսադրելով որ ապագան երջանիկ պիտի ըլլայ (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

«Արծուի Վասպուրական»էն զատ Սրուանձտեանց թղթակցած է նաեւ շարք մը պարբերականներու, ինչպիսիք են «Մեղու»ն (Թիֆլիս), «Մանզումէ-ի Էֆքար»ը եւ «Մասիս»ը (Պոլիս): Այն հանգամանքը որ Խրիմեան եւ Սրուանձտեանց կը քարոզէին, կ’աշխատէին եւ կը ճամբորդէին, ու իրենց գրութիւնները կը հրապարակէին ոչ միայն Վասպուրականի մէջ, այլեւ Օսմանյան եւ Ռուսական կայսրութեանց այլ հայաբնակ վայրերուն մէջ, նպաստեց զարգացնելու «երեւակայական հանրոյթ»ի գիտակցութիւնը։ Շեշտը դնելով Հայաստանի վրայ՝ անոնք նպաստեցին այն գաղափարին, ըստ որուն յատկապէս Օսմանեան Հայաստանը հետզհետէ պիտի դառնար հայերուն շաղկապող խորհրդանիշ մը:

«Արծուի Վասպուրական»ը զանազան վայրերէ գրութիւններ կը ստանար հրապարակման համար: Հայաստանէն ներս՝ թերթին նիւթեր կը ղրկէին Կարին/Էրզրումէն, ուր 1858-ին նոր վարժարան մը բացուած եւ հրատարակչութիւն մը հիմնադրուած էր։ «Արծուի Վասպուրական»ը յայտարարած էր նորաբաց դպրոցի մասին եւ իր յաջորդ թիւերուն մէջ ընդգրկած էր դպրոցի աշակերտներուն կողմէ կատարուած Ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ։ [19] Գիտակցելով կանանց կրթութեան կարեւորութիւնը, Խրիմեան կը խրախուսէր նաեւ կիներու մասնակցութիւնը լուսաւորութեան տարածման մէջ: Այսպէս, ամսագրին շատ մը թիւերուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են Շումնուէն (այժմ Պուլկարիոյ մէջ) երկու քոյրեր։ Ուրիշներ «Արծուի Վասպուրական»ին կը գրէին Օսմանեան սահմաններէն անդին։ Պարսկաստանի մէջ, Յակոբ Միրզայեանց Մելիք Յակոբեանց, որ յետագային յայտնի գրող դարձաւ իր Րաֆֆի գրչանունով, յատկապէս կ’ապահովէր ամսագրին տարածումը իր երկրին մէջ։ Բազմաթիւ առիթներով ան նամակներ գրած է հանդէսի խմբագրին, որ իր հերթին այս նամակներէն որոշ հատուածներ հրապարակած է: Րաֆֆիի գրութիւնները առաջին անգամ լոյս տեսան 1858-ի ապրիլի թիւին մէջ: Հակառակ անոր, որ Րաֆֆիի նամակները խստօրէն կը քննադատէին կղերականները, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ անտարբերութիւնը ժողովուրդի կենցաղային պայմաններուն նկատմամբ, Խրիմեան այնուամենայնիւ կը հրապարակէր զանոնք: Րաֆֆի այցելած է նաեւ Վարագայ վանքը: «Հիւսիսափայլ»ի իր գրութիւններուն, ապա իր վէպերուն մէջ ան գովասանքով արտայայտուած է Վարագի մէջ տեղի ունեցող այդ աշխատանքին մասին։ Այդ գրութիւնները, յատկապէս վէպերը, յետագային ոգեշնչեցին 1890-ականներու բազմաթիւ հայ յեղափոխականներու։ [20] Թերթին յաճախակի իր նպաստը բերած է Պետրոս Յովսէփեան Մադաթեանց Շամախեցի Սէեադը՝ Հայաստանին նուիրուած իր բանաստեղծութիւններով։ [21] Ամսաթերթին խմբագիրը երբեք առիթը չէր փախցներ նշելու հրատարակուած նիւթերուն հեղինակներուն ծննդավայրերը՝ նպատակ ունենալով շեշտելու թերթին միջհամայնքային բնոյթը։

Նմանապէս, յաճախ կը նշուէր թէ թերթը ուր կ’առաքուէր եւ ով կ’ապահովէր անոր տարածումը։ 1858-ին, ամսագիրը կը բաշխուէր Վան, Կարին, Բաղէշ, Պոլիս, Զմիւռնիա (Իզմիր), Տրապիզոն, և Սալմաստ (Իրան): Աւելի ուշ բաշխումը ընդլայնեցաւ նաեւ դէպի Մուշ, Թիֆլիս, Գանձակ (Ելիզաւետպոլ), Ղարաբաղ, Ալեքսանտրապոլ, Նոր Պայազիտ, Երեւան, Նախիջեւան, Վերին եւ Ներքին Ագուլիս, Սալմաստ եւ Դաւրէժ։ «Արծուի Վասպուրական»ի միջոցները կը գոյանային թերթի վաճառքէն, բայց նաեւ անհատներէ. նուիրատուներու երկար ցանկը յաճախ կը հրապարակուէր ամսագրին մէջ։ Ֆինանսական մուտքերն անհրաժեշտ էին ոչ միայն ամսագրին տպագրութեան համար, այլ նաեւ վարժարանին կարիքները հոգալու համար։ Դրամահաւաք կազմակերպելու եւ Կովկասի հայերուն հետ յարաբերութիւնները խորացնելու նպատակով, 1860-ին Խրիմեան իր քանի մը աշակերտներուն եւ գործակիցներուն հետ, ներառեալ Գարեգին Սրուանձտեանց, մեկնեցաւ այնտեղ։ [22] Այսպէս, ռուսահայութեան հետ կապերն աւելի սերտացնելու նպատակով, 1860-ականներուն թերթին մէջ Անդրկովկասի հայկական համայնքներուն նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսան:

Վան. «Արծուի Վասպուրական»ի մամուլը (Աղբիւր՝ Հայրենի թանգարան, «Հայաստան», Սօֆիա, 1915)

Այն, որ Խրիմեան մշտապէս կը նշէր յօդուածներու հեղինակներուն ծննդավայրերը, կը շեշտէր ամսագրին լայն տարածումին մասին, կու տար նուիրատուներուն անունները, կը նշանակէ որ ինք կը փափաքէր ցոյց տալ, որ Վարագայ վանքին մէջ իրականացուող ծրագրով կը հետաքրքրուէին տարբեր տեղեր ապրող հայեր եւ որ այն կրնար իրականանալ միայն անոնց միասնական աշխատանքով ու ջանքերով։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ջանք չխնայեց տարբեր համայնքներէ հայեր ներգրաւելու, որոնք նպաստեցին ամսագրին բովանդակութեան ձեւաւորումին, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ։ Վասպուրականէն դուրս ունեցած փորձառութեան շնորհիւ՝ Խրիմեան կրցաւ տեղական այս նախագիծը վերածել միջհամայնքային նախագիծի մը՝ անոր մէջ ներգրաւելով տարբեր համայնքներու աշակերտներ, վարժապետներ, գրողներ, նուիրատուներ, ինչպէս նաեւ ամսաթերթը տարածողներ: Թերթի հրապարակման եւ տարածման այս գործընթացը ինքնին դարձաւ կայսրութիւններու միջև հայերուն կապող օղակ մը։ Այդ շփումներուն հատման կէտը դառնալով՝ Վարագը տարբեր վայրեր ապրող հայերու մէջ բարձրացուց Հայաստանի կեդրոնական դերակատարութիւնը: Ստեղծուեցաւ հայերուն շաղկապող տարածք մը:

Հայաստանի տեղագրութիւնը

Հայրենիքի տեսարաններու միջոցաւ ամսագրին մէջ յաճախ արտապատկերուած [23] են նշանաւոր հայ աշխարհիկ եւ հոգեւոր գործիչներ: Այլ գրութիւններու շարքին են կարճ պատմուածքներ, ասացուածքներ, քննարկումներ բարոյականութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ նկարագրուած վայրերուն մեջ գտնուած ձեռագրերէն արտագրուած հատուածներ։ Յօդուածներուն մէջ յաճախ կարելի էր հանդիպիլ կրօնքի հետ առնչուող խորհրդանիշներու եւ այլ նիւթերու: Յառաջիկայ մի քանի էջերուն մէջ, մանրամասն վերլուծութեան ենթարկելով «Արծուի Վասպուրական»ի բովանդակութիւնը, կը ներկայացնեմ թէ ինչպէս Խրիմեան եւ իր գործընկերները տեղագրութեան միջոցաւ բարձրացուցին Հայաստանի նշանակութիւնը եւ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ան պատկերեց Հայաստանը։ Ես կ’օգտագործեմ Լէոնթիս Արթեմիսի սահմանումը տեղագրութիւն բառին, ըստ որուն այն գործընթաց մըն է որ «կը պահանջէ յարատեւ վերադարձ դէպի պատմութիւնը, աւերակներու կանոնաւոր վերհանումը, աւանդութիւններու բարեխիղճ վերականգնումը եւ ընդհանրապէս՝ ժառանգուած անցեալի վերակենդանացումը»։ [24] Վերլուծելով տեղագրութիւնը՝ հետեւեալ հարցադրումները պիտի ընեմ. Խրիմեան ինչպէ՞ս կը պատկերացնէր Հայաստանը: Ինչպէ՞ս ան կը փորձէր հայերը համոզել որ իրենց յառաջդիմութիւնը պէտք է տեղի ունենար Հայաստանի հողի վրայ եւ, հետեւաբար, կը քաջալերէր զանոնք իրենց ուժերը ներդնել այս հողի վրայ։ Ինչո՞ւ անհրաժեշտ դարձաւ որ հայերը կրկին իրենց հայեացքն ուղղեն դէպի Հայաստան։

Վան քաղաքը, համայնապատկեր։ Պատկերին խորքին կ՚երեւի Վարագայ լեռը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Խրիմեան յառաջդիմութեանը նպաստելու գաղափարը զարգացուց Հայաստանի տեղագրութեան միջոցաւ։ Հայաստանի տեղագրութիւնը ան ստեղծեց Հայաստանը մարմնաւորելով որպէս հինաւուրց, սուրբ եւ բարեբեր վայր մը, ինչպէս նաեւ կենդանացնելով lieux de mémoire-ները (յուշերու վայրերը): [25] Յառաջդիմութիւն կրնար համարուիլ նոր վայրերու կառուցումը, հին վայրերու վերակառուցումը, կրթութեան յառաջընթացը, երկրագործութեան բարելաւումը, հրապարակումները, դրամատուները եւ ընկերութիւնները, որոնք պիտի ծառայէին տեղի բնակչութեան կարիքներուն։ «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ Խրիմեան արտապատկերեց երկիրը եւ ճարտարապետութիւնը իր իսկ տեսածներուն հիման վրայ, բանաւոր պատմութեան եւ հայոց պատմութեան պատմիչներու տեղեկագրութիւններու հիման վրայ, ինչպիսին օրինակ՝ Մովսէս Խորենացին եւ Թովմաս Արծրունին։ Եկեղեցիներու եւ վանքերու ծագումնաբանութիւնը ներկայացնելու համար Խրիմեան օգտուեցաւ ձեռագրերէ եւ արձանագրութիւններէ, որոնք կը գտնուէին այդ կառոյցներու պատերէն ներս ու պատերուն վրայ։ Ան, այնուամենայնիւ, բծախնդիր կերպով կ’ընտրէր իր նշած վայրերը եւ աւելի ժամանակ կը տրամադրէր որոշ վայրերէն յուշեր կերտելու, որպէսզի աւանդութիւնները շաղկապէ այդ վայրերուն հետ՝ վերակենդանացնելով անոնց անցեալը։ Ան յաճախ կ’ընտրէր lieux de mémoire-ներ, որոնք իրեն պիտի օգնէին ի յայտ բերելու բարերարներ, պայքարողներ, դաստիարակներ եւ կառուցողներ, որոնք օրինակ պէտք է ծառայէին հայերուն՝ վերստին ինքնադրսեւորուելու այդ նոյն յատկանիշներով եւ մնալու իրենց նախնեաց երկրին մէջ։ Խրիմեանի առաջնահերթ նպատակը չէր տարածաշրջանը ընթերցողին ծանօթացնելը, այլ արտայայտել իր մտահոգութիւնները եւ իր սպասումները հայ ազգին ապագային համար՝ ներկայի տեսանելի վայրերու օգնութեամբ վերակառուցուած անցեալի յուշերու միջոցաւ։

Թէեւ Խրիմեան ապագայի մասին կ’ուզէր խօսիլ, բայց ան անցեալի մասին կը գրէր, քանի որ միայն ներկան և անցեալը կը հաղորդեն «իրականութեան ուժն ու համոզչութիւնը»։ [26] Մինչեւ 19-րդ դարը, մարդոց կ’ըսուէր որ Աստուած կանխորոշած է իրենց կրած տառապանքները այս աշխարհին մէջ, իսկ այժմ անոնց կ’ըսուէր որ իրենք կրնան ազդել իրենց ճակատագրին վրայ, եւ այդ մարդոց պէտք էր համոզել։ Շարունակաբար անցեալը կապելով որոշ վայրերու հետ, Խրիմեան օգտագործեց այն ինչ Պախթին կը կոչէր քրոնոթոփ (chronotope)` տարածքն ու ժամանակն իրար կապող գրական ժանր մը: [27] Ժամանակային այս հեռաւորութեամբ Խրիմեան իր ներկայ իրականութեան ողորմելի վիճակի գնահատականը տուաւ, այն համեմատելով աւելի պայծառ անցեալի մը հետ։ [28]

Հայաստանը որպէս հինաւուրց, սուրբ եւ բարեբեր

Արտամէտ/Էտրէմիթ։ Սեպագիրեր եւ Շամիրամի ջրանցքը (Շամիրամ սու), որոնք նոյնպէս կը յիշատակուին «Արծուի Վասպուրական»ի էջերուն մէջ այս տարածքին հնութիւնը շեշտելու նպատակով (Աղբիւր՝ P. Müller-Simonis, Du Caucase au Golfe Persique, à travers l’Arménie, le Kurdistan et la Mésopotamie, Washington D.C., 1892)

Աւելի պայծառ անցեալը վերակենդանացնելու եւ Հայաստանի հինաւուրցութիւնը շեշտելու համար, Խրիմեան յատկապէս օգտուեցաւ Շամիրամի կերպարէն, զոր հայկական առասպելը կ՚արտապատկերէ որպէս տխռահռչակ եւ ցանկասէր Ասորեստանի թագուհի մը որ սիրահարուեցաւ Արային՝ Հայաստանի տիրակալին, եւ նուաճեց Հայաստանը որ տիրանայ Արային։ Խրիմեան Շամիրամ թագուհին ծանօթացուց իր ընթերցողին օգտուելով Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն»էն, բայց նաեւ բանաւոր աւանդազրոյցներէն եւ իր իսկ երեւակայութեամբ Շամիրամի ու իր արտապատկերած վայրերու միջեւ եղած կապերէն։ Հակառակ հայկական աւանդութեան մէջ Շամիրամի տխրահռչակ բնոյթին, Խրիմեան զայն աւելի դրական ձեւով ներկայացուց։ «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ, Հայաստանը Շամիրամի համար դարձաւ սիրելի։ Խրիմեան գրեց որ երբ կը շրջագայէր Վասպուրականի մէջ, Շամիրամ հաւնեցաւ Վանի շրջանի առողջ օդը եւ որոշեց իր համար ամառանոց մը կառուցել այնտեղ, հրամայեց որ իր մարդիկը բերուին այս «փափաքեալ տեղ»ը։ [29] Խրիմեանի ազդեցութեան տակ, Ժառանգաւորացի աշակերտներէն մէկը Վասպուրականին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը գրեց, ուր Շամիրամի Արայի նկատմամբ սէրը կը բացատրէր Վասպուրականի հանդէպ սիրով. «Ա՛ Վասպուրական քեզ հաճեցաւ/մեծ թագուհին Շամիրամ,/ […] /Կանանչազարդ մարգագետինքդ/աղբերակունքդ կաթնորակ,/ Յափշտակեաց սիրտ Ասորոյն…։» [30] Այս տողերով Հայաստանի նկատմամբ սիրային գաղափար մը կը մշակուէր՝ կարեւոր մասնիկ մը ազգի մը տարածքային երեւակայութեան։

Վկայակոչելով Խորենացին, Խրիմեան կը գրէ որ Վասպուրականով հրապուրուելէ ետք, Ասորեստանի թագուհին Վան քաղաքը հիմնեց եւ հոն կառուցեց ջրատար մը՝ պաշտպանելու համար քաղաքը գետի գարնանային վարարումներէն։ [31] Այսպէս, Շամիրամի անունը կապուեցաւ Վասպուրականի մէջ յայտնի առուի մը հետ, իսկ Վան քաղաքն ունեցաւ ուրիշ անուն մը եւս՝ Շամիրամակերտ, զոր Խրիմեան յաճախ կը գործածէ։ [32] Ան նաեւ ներկայացուց Վանի քարանձաւները եւ յառաջադրեց որ «…Շամիրամ թագուհին այս քաղաքը վերնաբերդ քարանձաւի հիւսիսային կողմանէ հիմնարկած է եղեր»։ Միջին քարանձաւը հաւանաբար վերածուած էր «գահ կամ արքունիք թագաւորութեան»։ [33] Խրիմեան մատնանշեց նաեւ ուրիշ քարանձաւներ, յայտնելով որ անոնք հաւանաբար այն տեղերն էին ուր Շամիրամ կը պահէր իր գանձերը։ [34] Միւս քարանձաւները, ըստ աւանդազրոյցներու, հաւանաբար եղած են իր բաղնիքը եւ ցորենը պատրաստելու տեղեր։ [35] Նման մանրամասն պատկերումներով, Խրիմեան իր ընթերցողներուն կապի մէջ կը դնէր Շամիրամի նիւթական աշխարհի առօրեային հետ, թոյլ տալով անոնց զայն ողջ պատկերացնելու, ինչպէս նաեւ ցոյց տալու համար, թէ հնագոյն ժամանակներէ ի վեր որքան յառաջդիմութիւն եղած էր Վասպուրականի մէջ, յատկապէս շինարարութեան բնագաւառին մէջ:

Վանը ներկայացնող փորագրատիպ մը, ուր կ՚երեւին նաեւ Խրիմեանի մատնանշած երկու մզկիթներուն մինարէները (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Խրիմեան Շամիրամի առասպելը Վանէն բացի Վասպուրականի ուրիշ վայրերու հետ կը շաղկապէ, օրինակ՝ Լէզքի (ներկայիս Քալէճիկ) եւ Արտամէտի (ներկայիս Էտրեմիթ) հետ։ Պատերազմի ընթացքին, հակառակ թագուհիին ցանկութեանը, Արա Գեղեցիկը սպաննուեցաւ։ Իմաստուն թագուհին, որ կը սիրէր հայոց նահապետը, մեղմացնելու համար քաջ զինուորներուն բարկութիւնը, «խաբեյական կերպով» կը կառուցէ մեծ արձան մը, զոր կ’անուանէ Արալէզ, եւ ան «կ’կանգնեցունէ այս [Լէզք] գիւղիս բարձրաւանդակին վրայ»։ Յետոյ լուր կը տարածէ թէ «այս նորատեսիլ չաստուածս Արայի վէրքերն լզելով՝ լաւ կերպով ողջնցուցին եւ ահա՝ իմ քովս է եւ իմ բաղձանքս լեցուց»։ Այս պատճառաւ տեղին անունը մնաց Լէզք։ [36] Մէկ այլ գիւղի մասին Խրիմեան կը գրէ թէ Շամիրամ թագուհին, ըստ տեղական առասպելի մը, իր երկար մազերը օգտագործելով որպէս նետ ու աղեղ, վերնաբերդէն մեծ ժայռ մը նետէր է Արտամէտ գիւղը, ուր Խրիմեան այս քարը տեսեր է։ Սակայն, Խրիմեան այս առասպելը մերժեց, տեղը առաջարկելով թէ «շատ հաւանական է կարծել թէ՝ այս քար առաջ ճանապարհին ուղղութեան արգելք է եղեր, յետոյ Շամիրամ մեծագործ թագոհւոյն հրամանաւ վերցուելուն եւ ճանապարհն շտկուելուն համար, այս առասպելս յարմարցուցած են»։ [37] Վասպուրականի տարբեր գիւղերու մէջ Շամիրամի գործունէութեանց այս տեսակ կենդանի նկարագրութիւններով կը վերականգնուէին հնագոյն ժամանակները՝ աւելի արժանահաւատ դարձնելով այն ժամանակներուն ու նշեալ վայրերուն միջեւ եղած կապը:

Խրիմեան թէեւ կրնար մատնանշել Վանի հայ կառուցողները, փոխարէնը, ան որոշեց շեշտը դնել Շամիրամի վրայ՝ իր հնամենիութեան պատճառաւ։ Օրինակ, Խրիմեան կը պատմէ թէ ինչպէս 355-ին (Ք.Ա.) Վան նահապետը, 143-ին (Ք.Ա.) Արշակունեաց տոհմին պատկանող Վաղարշակ եւ մեր թուարկութեան 9-րդ դարու Արծրունեաց հարստութիւնը յաջորդաբար վերակառուցած էին քաղաքը։ [38] Բայց Շամիրամի այնքան հինաւուրց պատմութիւնը, որուն կապուած թուականներ չկային, մնաց անոր գլխաւոր թեման։ Խրիմեանի նախընտրութիւնը հինաւուրցի նկատմամբ ալ աւելի յստակ կը դառնայ, երբ կը տեսնենք որ ան, ի տարբերություն Վանի, յամառօրէն կը գործածէ Շամիրամակերտ անուանումը։ 19-րդ դարուն, ոչ միայն Խրիմեան, այլ նաեւ եւրոպացի ուղեգնացներ եւ գրողներ, ինչպէս Ֆրանսացի բանաստեղծ եւ պետական գործիչ Ալֆոնս Լամարթին (1790-1869), որուն գործերը թարգմանուած էին «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ, նոյնպէս կը գնահատէին այն ինչ հինաւուրց էր եւ տեղագրութիւնը կը գործածէին նկարագրելու համար հելենական աշխարհը։ [39] Այս կը նշանակէ որ այն հայերը, որոնք կրթուած էին եւ կարդացած էին ժամանակակից եւրոպական գրականութեան թարգմանութիւններ կամ բնագիրներ, կը պաշտէին նաեւ այն ինչ արտապատկերուած էր որպէս հինաւուրց։ Վերակենդանացնելով հինաւուրց Հայաստանը, Խրիմեան կը փորձէր գրաւել կրթուած հայերուն ուշադրութիւնը - որոնք մեծ մասամբ կ՚ապրէին Պոլիս, Զմիւռնիա կամ Թիֆլիս - դէպի Հայաստան։

Խրիմեան Շամիրամը ընդգրկելով իր վայրերու արտապատկերման մէջ ուրիշ առաւելութիւններ ալ շահեցաւ։ Այս տարածքին մէջ Շամիրամի տեղաշարժով երկիրը աւելի իրական դարձաւ՝ յագեցած աւելի բովանդակային ժամանակով մը, որուն ընթացքին կարեւոր նուաճումներ արձանագրուած էին։ Շամիրամի դարաշրջանին «տարածքը աւելի իրական, կենսական իմաստ ձեռք կը ձգէ, եւ հերոսի ու իր ճակատագրի հետ վճռորոշ յարաբերութիւն մը կը ստեղծէ»: [40] Խրիմեան չէր փորձեր ստեղծել տեսարան մը, «որպէս հորիզոն (մարդու տեսածը) եւ որպէս միջավայր (արտաքին և ներքին հանգամանքները) ընկալուող բնութիւն մը, որուն հետ մասնաւոր անհատը չի շփուիր»: [41] Փոխարէնը, ան առիթ կու տար «Արծուի Վասպուրական»ի ընթերցողին մտապատկերել Շամիրամը, որ կը տեղաշարժուէր քարանձաւներու մէջ, մտապատկերել անոր բանակը, որ կը փորէր քարանձաւները, կը շարժէր ժայռը եւ այլն։

1) Հայ գիւղացիներ Վանի մէջ հողամշակութեան պահուն։ Երկրագործութեան կարեւորութիւնը յաճախ շեշտուած է Խրիմեան Հայրիկին կողմէ իր թերթի էջերուն մէջ։ Պատկերին խորքին կ՚երեւի Վանի բերդը (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
2)
Վան. Այգեստան թաղամասը (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Երբ Խրիմեան ստոյգ վայրերու մասին կը պատմէ, Հայաստանը իր համար յստակ սահմանագծերով կերտուած աշխարհագրական տարածք մը չէ։ Իր այցելած ու մեզ ծանօթացուցած շրջաններուն մեջ կային գիւղեր որոնք իսլամ էին, եւ տարածքներ ուր միեւնույն ժամանակ տարբեր կրօններ եւ էթնիք պատկանելութիւն ունեցող խումբեր կը բնակէին։ Բայց եւ այնպէս ան ընտրեց արտապատկերել միայն այն ինչ որ կրնար հայերու կապել։ Ան կը գրէ միայն այն մզկիթներու մասին, որոնք որոշակի կապ ունէին հայերու հետ, եւ հազուադէպ կը նշէ մզկիթներ եւ իսլամական վայրեր, որոնք ենթադրաբար գոյութիւն ունէին այդ շրջանին մէջ։ Օրինակ՝ երբ կ’արտապատկերէ Վան քաղաքը, ան կը նշէ չորս եկեղեցիներու գոյութիւնը, բայց միայն կը քննարկէ Ուլու Ճամին, որպէս նախկին Ս. Սիոն եկեղեցին՝ կառուցուած Գագիկ Արծրունիի կողմանէ, եւ Խուրշին Ճամին, որու մասին ան կըսէ թէ «մեծ եւ հոյակապ մըզկիթ մըն է տաշածոյ քարերով եւ ճարտար քանդակներով՝ հայ արհեստաւորաց ձեռամբ վայելչացած…»։ Երկու անգամ ան կը նշէ որ այս եկեղեցին վերածուած էր մզկիթի։ [42] Ամսագրին աւելի ուշ լոյս տեսած մէկ թիւին մէջ ան կը մատնանշէ աշտարակ մը, Վանի պարիսպէն դուրս, որ կառուցուած էր քարերէ՝ իրենց վրայ հայերէն արձանագրութիւններով։ Ան կ’եզրակացնէ. «Կերեւի թէ ասոր մօտակայ տեղեր Հայոց Եկեղեցի կայ եղեր, որուն քարերով այս բոլորաձև աշտարակը բարձրացեր է ձեռամբ տաճիկ կուսակալաց»։ [43] Այս lieux de mémoire-ներու միջոցաւ, Խրիմեան կ՚ընդգծէ հայկական անցեալի կորուստները, կարեւորելով անոնց պահպանման հրատապութիւնը: Ան նաեւ ցոյց կու տայ որ հայերը կառուցած եւ արտադրած էին այս հողերուն վրայ, նշելով որ անոնք օժտուած էին Հայաստանի մէջ յառաջդիմութիւն իրականացնելու յատկութիւններով։

Գիտակցելով որ Հայաստանէն դուրս` աւելի զարգացած եւ հարուստ քաղաքներու մէջ ապրողներէն շատերը պիտի չհրապուրուէին իրենց հայրենիքի թերզարգացած վիճակով եւ այդ պատճառաւ ոչ պիտի այցելէին, ոչ ալ պիտի ներդրումներ կատարէին այնտեղ, Խրիմեան համեմատութիւններ կ’ընէ անցեալի հետ: Յօդուածի մը մէջ ուր ան կը ծանօթացնէ Հայկ նահապետը, որ ըստ Մովսէս Խորենացիի պատումին՝ Թորգոմի որդին էր, Նոյի ծոռերէն մէկը, Խրիմեան կը գրէ թէ Հայկ հմայուած էր Նոյի համեստ ընթրիքի սեղաններով, փոխարէն Բաբելոնի շռայլ սեղաններուն։ Հայկ նախընտրեց ապրիլ ցուրտ հիւսիսին մէջ, ուր Աստուած գոյութիւն ունէր, քան թէ տաք, կռապաշտական եւ անաստուած հարաւի մէջ։ [44] Այստեղ Խրիմեան կ’ակնարկէ որ աւելի համեստ, աւելի սուրբ, եւ հետեւաբար, ըստ իր բարոյակայութեան ընկալման, աւելի հարազատ բան մը գոյութիւն ունէր Հայաստանի մէջ, քանի որ, թէեւ Պոլսոյ պէս քաղաքներու մէջ աւելի շքեղ պայմաններ կային, սակայն աւելի դրախտային բան մը գոյութիւն ունէր Հայաստանի պարզութեան մէջ, որմէ հրապուրուած էին հայերու նախահայրերը հնագոյն ժամանակներէ ի վեր։

1) Լիմ կղզիին (ներկայիս Ատըր) վանքը՝ Վանայ լիճին վրայ։ Այն վայրերէն է ուր Խրիմեան Հայրիկ իր կրթութիւնը ստացած է (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
2) Լէզք (ներկայիս Քալէճիկ) (Աղբիւր՝ Ազգագրական Հանդէս, 1913)

Խրիմեան Հայաստանը արտապատկերեց որպէս Ընտրեալ Վայր։ Ան գրեց. «…գեղեցիկ եւ դրախտավայր Հայոց սահման, որ գիտես թէ Աստուած մինակ նոյն մասն երկրագունդին զատելով Հայկայ սիրելի որդւոց բաշխեց. որ մշակեն եւ առատութեամբ վայելեն անոր բարիքը»։ Այնուհետեւ ան այս սրբութիւնը կապեց երկրագործական արտադրութեան հետ, նշելով որ եւրոպացիները, իրենց կրթութեամբ եւ խելքով, կրցած էին շատ աւելին արտադրել, չնայած որ իրենց հողերը նոյնքան բարեբեր չէին որքան Հայաստանինն էր։ Այսպիսով, ան կը նշէ կրթութեան կարեւորութիւնը եւ ցաւով կ՚արտայայտուի Հայաստանի իրավիճակին մասին, ըսելով որ հայերը անհոգութեան մատնած են «այն ոսկեբոյս հողերը»։ [45] Ան կը գրէ որ Աստուած սիրեց հրեայ ազգը «բայց տե՛ս թէ չոր եւ արեւակէզ կլիմայէ մը ‘ի զատ՝ ուրիշ մէկ զուարճալի երկիր մը շնորհեց այն սիրելի ազգին…»։ Այսպէս, Խրիմեան կոչ կ’ընէ ընթերցողներուն, ըսելով «…ուրեմն լաւ արթնցիր՝ Հայաստան, որ քեզ կրկնակի կերպով սիրեր է Աստուած, եւ պիտի սիրէ՝ եթե զօրացեալ տգիտութեանդ յաղտթես, եթէ իմաստութեանդ լուսալիր ճրագ վառ պահելու անխոնջ աշխատիս»։ [46] Ան մէկ կողմէն իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւելու համար Հայաստանը արտապատկերեց որպէս Աստուծմէ ընծայուած տեղ մը, իսկ միւս կողմէն որոշեց նաեւ շեշտել այս հողին առատաբերութիւնը եւ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը։

Վան, Մկրտիչեան/Տիլոտեան ընտանիքը։ Ձախէն աջ՝ անծանօթ ինքնութեամբ, Խուշուշ (Մկրտիչի եւ Մաքրուհիի դուստրը), Մաքրուհի, Գուրգէն (Մկրտիչի եւ Մաքրուհիի որդին) (Աղբիւր՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հաւաքածոյ, Թօրօնթօ)։
Թէեւ այս լուսանկարը «Արծուի Վասպուրական»ի ստեղծումէն գրեթէ կէս դար ետք քաշուած է, այսուհանդերձ որոշ կապեր կարելի է գտնել։ Խրիմեանի գաղաբարախօսութենէն նշոյլներ կարելի է տեսնել վանեցի այս ընտանիքին ներկայացման ձեւին մէջ։ Օրինակ, ընտանիքին դստեր՝ Խուշուշին ձեռքերուն մէջ կայ թերթ մը, որու կեդրոնին պատկերուած է արծիւ մը։ Անիկա կա՛մ «Արծուի Վասպուրական»ին թիւերէն մէկն է, կամ ալ անոր ներշնչումով նոր տպագրութիւն մը։ Նոր սերունդը գիրքով եւ թերթով ներկայացնելով՝ լուսանկարիչը հաւանաբար կը փորձէ հաստատել կրթութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս իրմէ առաջ շեշտած է նաեւ Խրիմեան Հայրիկը։ Թէ՛ «Արծուի Վասյպուրական»ի եւ թէ այս լուսանկարին մէջ կը շեշտուի յատկապէս աղջկանց ուսման կարեւորութիւնը։ Վերջապէս, պատկերին մէջի աղջնակին անունն է Խուշուշ, ճիշդ ինչպէս Խուշուշ Խաթունը – 10-րդ դարու պատմական դէմքը, որ Բագրատունեաց Գագիկ թագաւորի դուստրն էր եւ Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորին կինը -։ Խուշուշ Խաթուն յատուկ դերակատարութիւն ունի «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ Խրիմեանի գրութիւններուն մէջ։ Այս կը նշանակէ նաեւ, որ պատմական այս դէմքը ծանօթ չէր միայն գրական շրջանակներու մէջ, այլ նաեւ ժամանակակից ոչ-գրական մշակոյթին մէջ։

Վերոնշեալ տեղագրական օրինակներէն կը տեսնենք որ ժամանակակից կեանքէն գրեթէ ոչ մէկ տեղեկութիւն տրուած է ներկայացուած վայրերուն մէջ։ Բացի քանի մը տարրական ժողովրդագրական տուեալներէ եւ քանի մը գիւղի տնտեսութեան մասին ակնարկներէ, կը խօսուի անցեալի կերպարներու եւ ոչ թէ ներկայի մարդոց եւ իրենց կեանքին մասին։ Այն պահերուն երբ Խրիմեան կը նշէ ներկայ պայմաններու մասին, կրկին անցեալին յղում կ’ընէ: Օրինակ՝ երբ կը պատմէ Ձուաստան (ներկայիս Էլմալըք) գիւղին առատաբեր արտերուն մասին, ան կը գրէ. «բայց այս այգիներ քրտատաճիկք ‘ի վաղուց իւրեանց սեպհականած կը վայելեն»: Ասկէ անմիջապէս յետոյ, ան կը գրէ որ «Շամիրամայ մեծ առուի ջուրն այս այգիներս ալ կը թրջէ»։ [47]

Շամիրամի անունը ընդգրկելով, Խրիմեան շեշտեց այս երկրին հինաւուրցութիւնը, ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը եւ մեծցնելով ափսոսանքը երկրի կորուստին նկատմամբ։ Ինչպէս վերը նշեցի, հայերը դէպի Հայաստան գրաւելու համար, Խրիմեան զայն արտապատկերեց որպէս հինաւուրց եւ սուրբ, ինչպէս նաեւ զայն վերակենդանացուց Շամիրամի պատմութեան միջոցաւ, բայց իր անմիջական նպատակն էր ժողովուրդը քաջալերել երթալու Հայաստան, մնալու Հայաստանի մէջ եւ հոն աշխատիլ Հայաստանին յառաջդիմութիւն բերելու համար, մանաւանդ կրթութեան եւ երկրագործութեան ոլորտներուն մէջ։

Երկրագործութիւն եւ կրթութիւն

Հայաստանի ընդհանուր առատաբերութիւնը շեշտելէ զատ, Խրիմեան մասնաւորաբար մատնանշեց թէ որ գիւղերուն մէջ կային առատաբեր, բայց անմշակ հողեր։ Օրինակ՝ ան արտապատկերեց Ղուրուպաշ (ներկայիս Քուրուպաշ), Նորգիւղ (ներկայիս Եոլաշան), Կողբանց (ներկայիս Սարմաչ), Շուշանց (ներկայիս Քեւենլի) որպէս լեռնային եւ ընդարձակ արտեր ունեցող գիւղեր։ Անոր կարծիքով՝ եթէ այս դաշտերը «երկրագործութեան արհեստով մշակուին» հաւանաբար շատ բերքառատ պիտի ըլլային։ [48] 19-րդ դարուն, Եւրոպայի երկրագործական արտադրութիւնը աւելցած էր արդիւնաբերական դարաշրջանի նորարարութիւններուն շնորհիւ։ Ըստ այդմ, Եւրոպայէն ներմուծումը Օսմանեան կայսրութիւն նոյնպէս աճած էր, եւ իր հերթին նուազած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ երկրագործական ապրանքներու արտադրութեան արժէքը։ Ասկէ զատ, ռուս-օսմանական բազմաթիւ պատերազմները, տեղական հակամարտութիւնները եւ անոնց հետեւանքով տեղի ունեցող ընկերական կառոյցներու փոփոխութիւնը բազմացուցին հայերու արտագաղթը օսմանեան արեւելեան շրջաններէն: Հայերու եկամուտին ու բնակչութեան թիւին նուազումով պակսեցաւ նաեւ հողի մշակումը, որ իր հերթին պակսեցուց Բարձր Դրան, ինչպէս նաեւ պատրիարքարանի հարկային եկամուտը։ Խրիմեան կ’ուզէր շրջել այս ընթացքը, ուստի ան անընդհատ կը գրէր Հայաստանի հողերուն առատաբերութեան մասին, կը հրաւիրէր ժողովուրդը աշխատելու եւ արտադրելու այս հողերուն վրայ:

Հողերու մշակումէն յառաջ եկած եկամուտը կարեւոր էր ոչ միայն հարկահաւաքի համար, այլ նաեւ եկեղեցիներու եւ վանքերու պահպանման, դպրոցներու հիմնադրման եւ պահմանման համար։ Սակայն երկար ժամանակէ ի վեր այս եկամուտները կը մտնէին հայ տանուտէրերուն գրպանները։ Այդ մասին Խրիմեան գիտէր իր փորձով: Երբ ան Վարագայ վանքի վանահայրութիւնն ստանձնեց, իր հսկողութեան տակ առաւ վանքի հողերը, վստահ եղաւ որ անոնք կը մշակուին եւ որ անոնց եկամուտները կ’երթան վանքի եւ դպրոցի պահպանման նպատակին։ Բայց հայ տանուտէրերը, որոնք կ’օգտուէին վանքի եկամուտներէն, Խրիմեանի բարեփոխումենրուն դէմ ելան։ [49] Խրիմեան նման նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ երբ 1862-ին տեղափոխուեցաւ Տարօնի Ս. Կարապետ վանք: Այդ վանքը լուրջ եկամուտներ ունէր եւ նուիրատուութիւններ կը ստանար, որոնց մեծ մասը, սակայն, վանականներուն եւ որոշ տեղացի հարուստ հայերու գրպանները կ՚երթային։ [50] Վանք տեղափոխուելով, ան ձեռնարկեց տնտեսական ժողով մը, որու միջոցով դրամագլուխները պիտի ուղղէր համայնքի այլ ծրագրերուն՝ քայլ մը, որուն պատճառաւ ան ձեռք ձգեց շատ մը հակառակորդներ, որոնք յայտնուեցան նոր իրավիճակի մը մէջ, զրկուելով իրենց նախկին եկամուտներէն։ [51] Խրիմեան հակառակորդներ ունէր նաեւ ուրիշ տեղեր։ Աղթամարի հոգեւորականները բոլորովին դէմ էին անոր ջանքերուն՝ կրթութիւնը զարգացնելու եւ Վասպուրականի մէջ նորարարութիւններ մտցնելու փորձերուն։ [52] Նարեկայ վանքի վանահայրը նոյնպէս Խրիմեանին հակառակած էր։ [53] Դիմադրութիւնն այնքան ուժեղ էր, որ կ’ըսուի թէ իր դէմ մահափորձ եղած է։ [54] Այս դիմադրութիւնը կոտրելու համար Խրիմեան մեծ ջանքեր թափեց փոխելու շատ մը տեղական իշխանաւորներու մտածելակերպը։ Հողի մշակումը աշխատուժի կարիք ունի, բայց հայերը հետզհետէ աւելի շատ կը լքէին հայրենիքը։ Ցոյց տալու համար որ անցեալին հայերը մնացած էին այս հողերու վրայ եւ պահպանած էին իրենց կրօնն ու էթնիք ինքնութիւնը, Խրիմեան յարատեւութեան եւ դիմակայութեան օրինակներ կը բերէ։ Ան քանի մը պարսիկ թագաւորներու եւ խաներու անունները կու տայ, որոնք նուաճած էին Հայաստանը: [55] Այն մասամբ ցոյց տալու համար էր, որ պատմական անձնաւորութիւններ այս վայրին կապուած են, բայց նաեւ որ շատ մը նուաճողներ անցեր են այս տեղերէն, սակայն հայերը մնացեր են այնտեղ դարեր շարունակ։ Այս պատգամը աւելի յստակ կը դառնայ երբ Խրիմեան կը բացատրէ թէ ինչու Վասպուրականի մէջ գիւղ մը կը կոչուէր Շահպաղ (ներկայիս Պեյիւզիւմիւ), որ կը նշանակէ շահի պարտէզը։ Ան կը գրէ որ Պարսից շահը ներխուժած է Վանի մօտ գտնուող այս գիւղը եւ հոն բնակութիւն հաստատած է եօթը տարի՝ փորձելով նուաճել Վան քաղաքը։ Վերջապէս, շահը հասկցաւ որ Վանի ժողովուրդը պիտի չենթարկուի իրեն, եւ այդ պատճառաւ ան հրաժարեցաւ իր մտադրութենէն ու լքեց այդ շրջանը։ [56]

Խրիմեան Հայրիկի շրջանակուած պատկեր՝ պատրաստուած Գահիրէի մէջ 1894-ին։ Սոյն գործին առիթը 1892-ին Խրիմեանի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրութիւնն է։ Պատկերին շուրջը կը կարդացուին Խրիմեանի մասին գովասանական գրութիւններ։ Ամբողջ գործին (շրջանակուած պատկեր եւ կողքի գրութիւններ) հեղինակն է Մանուկ Տէր Աբրահամեան (1845 Վան-1900 Գահիրէ) (Աղբիւր՝ Գեղամ Տէր Միքայէլեանի հաւաքածոյ, Երեւան)

Բացի յարատեւութենէ, Խրիմեան մշակած է նաեւ պայքարի յուշեր։ Ան մանրամասն կը ներկայացնէ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ պատմութիւնը, զոր Շուշանիկ (Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը) [57] կառուցել տուած էր իր հօր յիշատակին։ Այս վայրի միջոցաւ Խրիմեան կը գովաբանէ Վարդան Մամիկոնեանը, որ պաշտպանեց հայկական քրիստոնէութիւնը պարսիկներու դէմ. «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ լոյս տեսած իր գրութիւնը ան կ’աւարտէ Աստուծմէ խնդրելով որ աւելի շատ Վարդաններ տայ, որոնք պիտի կրնան պաշտպանել ուղղափառ հաւատքը եւ ազգը։ [58] Այսպէս, ան մշակեց յուշեր, որոնք Շուշանի միջոցաւ կը շեշտէին հայերու կառուցող յատկութիւնը, իսկ Վարդանի միջոցաւ՝ անոնց պայքարող յատկութիւնը։ Ուստի ան իր ընթերցողներուն կոչ կ’ընէ Մամիկոնեանի նման պայքարելու անոնց դէմ որոնք կը փորձեն հայերուն կրօնափոխ ընել։

Պէտք չէ ենթադրել, սակայն, որ պայքար ըսելով Խրիմեան ի նկատի ունէր ըմբոստութիւն ընդդէմ Օսմանեան պետութեան կամ իսլամութեան։ Այն ինչ Խրիմեան նկատի ունէր պայքար ըսելով մնաց անյստակ իր կեանքի ընթացքին եւ յետոյ ալ պատմաբաններուն համար։ Թէեւ իր քարոզներուն եւ իր գրութիւններուն մէջ կը շեշտէր դիմադրութեան կարեւորութիւնը, երբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) և Սոցիալ դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութիւնը սկսան իրենց պայքարը 1890-ականներուն, Խրիմեան «մերժեց աջակցիլ կազմակերպուած յեղափոխական գործունէութիւններէն եւ խումբերէն ոեւէ մեկուն»։ [59] Խրիմեանի պայքարը, սակայն, կրնանք մեկնաբանել գոնէ որպէս անձնական պայքար մը, որուն նպատակն էր պահպանել հայերէնը եւ հայկական աւանդութիւնները, մերժել կրօնափոխութիւնը դէպի իսլամութիւն, բայց նաեւ դէպի բողոքականութիւն եւ կաթոլիկութիւն (քանի որ այս վերջիններուն քարոզիչները հետզհետէ աւելի յաջողակ կը դառնային հայերուն դաւանափոխ ընելու մէջ): Խրիմեան քաջատեղեակ էր այս խնդրին. 1851-ին ան «Ընդդէմ Պապականութեան» վերնագրով գրքոյկ մը հրապարակած էր, որու մէջ խստօրէն կը քննադատէր Հռոմի Պապի համար աշխատողները։ [60] Անշուշտ, հայրենասիրութենէ ու կրօնական նուիրուածութենէ դրդուած՝ ան կ’ուզէր հայերը կրօնափոխութենէ ետ պահել, բայց ատկէ զատ, կրօնափոխ եղած (դէպի կաթոլիկութիւն կամ դէպի իսլամ) թէկուզ մէկ հայ կը նշանակէր հայոց պատրիարքարանին համար մէկ պակաս ենթակայ։

«Արծուի Վասպուրական»ի հրապարակման տարիներուն բողոքականները արդէն անուանական միլլէթի կարգավիճակ ձեռք ձգած էին կայսրութեան մէջ, իսկ կաթոլիկները պաշտոնապէս միլլէթի կարգավիճակ ունէին։ Հայոց պատրիարքարանը հետզհետէ աւելի շատ զգաց կրթական հաստատութիւններ հիմնելու հրատապութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու մէջ բացուած բողոքական դպրոցներուն եւ քոլեժներուն հակազդելու համար: Բողոքական դպրոց յաճախել շատ անգամ կը նշանակէր բողոքականութիւն ընդունիլ, որը իր հերթին կը նշանակէր աւելի քիչ հպատակներ ունենալ հայկական միլլէթին, այսպիսով նուազեցնելով միլլէթին ֆինանսական եւ ներկայացուցչական ուժը։ Այս դպրոցները յաճախ օտար երկիրներէ դրամական օժանդակութիւն կը ստանային։ Հայկական եկեղեցին չունէր այդ առաւելութիւնը, եւ այդ պատճառաւ պէտք էր դրամ հաւաքէր հայկական համայնքէն ներս: Այսպէս, կրօնափոխութիւնը կասեցնելու համար պատրիարքարանը նոյնպէս պէտք է կրթութիւն մատուցեր, բան մը որ սկսած էր ընել՝ ինչպէս 1851-ին, երբ Պոլսոյ պատրիարքը Խրիմեանը ուղարկեց Կիլիկիա կրթական առաքելութիւնով մը։

Կրթութեան ընդլայման շուրջ վէճեր կային թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ արեւելեան վիլայէթներուն մէջ։ Պոլսոյ մէջ, հայ ամիրաներու միջեւ (Բարձր Դրան համար աշխատող կամ անկէ ֆինանսապէս կախման մէջ գտնուող ազդեցիկ անձնաւորութիւններ) տարաձայնութիւններ կային 1838-ին Սկիւտարի մէջ վարժարանի մը հիմնադրումէն ի վեր։ 1841-ին կրթութիւնը ֆինանսաւորելու համակարգի մը ստեղծման քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, պատրիարք Յակոբոսը իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ։ [61] Մինչեւ 1860-ականները ոեւէ համակարգ չստեղծուեցաւ դպրոցները ֆինանսաւորելու համար։ Թէեւ Պոլսոյ մէջ զգալի թուով դպրոցներ բացուեցան որոշ ամիրաներու նուիրատուութիւններով, այնուամենայնիւ կայսրութեան այլ վայրերուն մէջ դպրոցներ բանալու համար աւելի մեծ մարդասիրական եւ կրթական ընկերութիւններու օգնութեան կարիքը կար։ [62] Վասպուրականի մէջ, տեղի հայ կղերականները Խրիմեանի կրթական ծրագիրներուն դէմ պայքարեցան։ 1856-ին, երբ Խրիմեան Վասպուրական մեկնեցաւ դպրոց մը հիմնելու եւ շարունակելու «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութիւնը, ան ուզեց այս ծրագիրը իրագործել Աղթամարի կաթողիկոսարանին մէջ։ Խրիմեան թէեւ պատրիարքարանի պաշտօնական աջակցութիւնը կը վայելէր, կաթողիկոսարանի տեղապահը եւ վանականները, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի առաջնորդը կտրականապէս ընդդիմացան այդ ծրագրին, պնդելով որ կրթութիւնը կղերականներու համար է եւ որ վտանգաւոր է կրթել ամբոխները։ [63]

Վարագայ վանքը եւ յարակից շէնքերը։ Այս վայրին մէջ Խրիմեան Հայրիկ հիմնեց իր տպարանն ու դպրոցը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Այսպէս, ամսագրին հրապարակման սկիզբէն ի վեր Խրիմեան նպատակ ունէր ապացուցելու որ լուսաւորութիւնը եւ կրթութիւնը յառաջդիմութեան կարեւոր բաղադրիչներէն են։ Ամսագրին երկրորդ թիւին մէջ ան կը շեշտէր թէ խելացի ու կրթուած ազգերը ակնյայտօրէն շատ աւելի դիւրին ու ուրախ կեանք ունին։ [64] Կրթութիւնն ու խելացիութիւնը Հայաստանի եւ հայերու հետ շաղկապելու համար Խրիմեան օգտագործեց lieux de mémoire-ները՝ ցոյց տալու համար որ հայերը հին ժամանակներէ ի վեր խրախուսած են կրթութիւնը, իսկ մասնաւորապէս հայ կանայք այս առաքելութեան մէջ գործօն դեր ունեցած են: Այս ունենալով իր միտքի մէջ, ան կը քննարկէ Վարագայ Սոփիա տաճարը, [65] զոր 10-րդ դարուն կառուցած էր Խուշուշ Խաթուն՝ Բագրատունեաց Գագիկ թագաւորի դուստրը եւ Արծրունեաց Սէնէքերիմ թագաւորի կինը: Խրիմեան կ’երեւակայէր Խուշուշ Խաթունը, որ կ’ըսէր թէ ինք այս տաճարը կառուցած էր որ իր «յիշատակութիւնը անջինջ մնալով յաւիտեան Հայկերամ՝ մանկտեանց սրտի մէջէն, իմաստութեան, բարեկարգութեան եւ ուղղութեան հետամուտ լինին. ատեն եւ հալածեն տգիտութեան հայրենաւեր ոգին եւ ինքն իսկ տգիտութիւն գլխովին»։ Խուշուշ Խաթուն Խրիմեանի երեւակայութեան մէջ կը յուսար որ աւելի շատ իմաստութեան տաճարներ պիտի կառուցուին Հայաստանի չորս բոլորը, եւ որ իր իսկ եկեղեցին, որ աւերուած էր, օր մը կը վերանորոգուի։ Ի վերջոյ, ան Խրիմեանին կը հորդորէ. «…մանաւանդ իմ հասակակից Հայկազուն տիկնանց եւ օրիորդաց տա՛ր այս իմ սրտառուչ ձայն, թող անմահ սիրովն վառած իմ հայրենի Վասպուրականիս սիրտը իմաստութեան փառաւոր տաճարի մը յիշատակ անջնջելի պահեն»։ [66]

Ուրիշ տեղ մը, 5-6-րդ դարերու հայ փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթի օրինակը բերելով, Խրիմեան կ’ուզէ ցոյց տալ թէ ինչպիսի իմաստուն մարդիկ կ’աճեցնէ Հայաստանը: Ան կը պատմէ թէ ինչպէս Դաւիթ Անյաղթ գացած էր Աթէնք հելլենական ուսում ստանալու համար։ Այնտեղ ան մասնակցած է հրապարակային փիլիսոփայական վէճերու եւ յաղթած է յոյն փիլիսոփաներուն: Խրիմեան այդ յաղթանակը անմիջականօրէն կը կապէ Հայաստանի, կ’օրհնէ եւ կը գովէ «այն քաղցր օդ եւ անուշ ջուրն եւ հող՝ որ այսպիսի կարգաւորեալ բազմազօր ուղեղներ կարէ բաղադրել»։ Այս պատճառաւ, Դաւիթ Անյաղթ վերադարձաւ իր հայրենի գեղեցիկ հողը և շարունակեց աշխատիլ այդ հողի լուսաւորութեան համար։ [67] Խրիմեան յստակօրէն շեշտը կը դնէ Հայաստանի եւ ոչ թէ հայերու վրայ: ժողովուրդի լուսաւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան մասին խօսելու փոխարէն, ան կը շեշտէ հողի լուսաւորութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Իր գրութիւններուն ընդմէջէն Խրիմեան ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Շամիրամ, Խուշուշ Խաթուն, Դաւիթ Անյաղթ եւ այլ թագաւորներ ու թագուհիներ, իշխաններ ու իշխանուհիներ Հայաստանի մէջ եկեղեցիներ, ջրատարներ եւ դպրոցներ կառուցած են ի նպաստ Հայաստանին եւ իր ժողովուրդին։ Ամսագրին մէջ յաճախ կը նշուին նուիրատուներու անունները, նպատակ ունենալով բարձրացնել հայերու գիտակցութիւնը նուիրատուութեան կարեւորութեան հանդէպ, նիւթապէս կամ ուրիշ միջոցներով, տարբեր հայկական նախաձեռնութիւններով հայերու լուսաւորութեան եւ Հայաստանի յառաջդիմութեանը նպաստելու համար։ Խրիմեան կ’ընդգծէ անձնուրացութեան կարեւորութիւնը, որովհետև հայ տանուտէրերը կ’օգտուէին հայոց եկեղեցւոյ հողերէն եւ գիւղացիներուն աշխատանքէն, փոխարէնը առանց բան մը տալու համայնքին։ Մինչ պատրիարքարանը դեռ համակարգ մը չէր ստեղծած դրամ հաւաքելու եւ այն ուղղելու եկեղեցւոյ գոյքի պահպանմանը, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն եւ ուրիշ հանրային ծառայութիւններուն՝ կայսրութեան հայերը պէտք է կազմակերպուէին ու ներդնէին իրենց գումարները, գիտելիքները եւ ժամանակը ի նպաստ ազգին: Այս պետք է տեղի ունենար յատկապէս երկար ժամանակ անտեսուած տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ժողովրդագրական առումով աւելի խիտ հայկական բնակչութիւն կար, ուր կը գտնուէր հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու մեծ մասը:

Խրիմեան պէտք էր վերակենդանացներ երկար ժամանակ մոռացութեան մատնուած Հայաստանը, եւ ամենուրէք հայերուն հաւատ ներշնչեր որ հնարաւոր է վերակենդանացնել ու բարեփոխել այդ տարածքը։ Այդ ընելու համար, սակայն, ան պէտք էր փաստեր որ յառաջդիմութիւնը կարելի է այս հողին վրայ՝ յատկապէս երկրագործութեան եւ կրթութեան ոլորտին մէջ: Ան այդ բանը ըրաւ ոչ միայն դպրոց մը կառուցելով եւ ամսագիր մը հրատարակելով Վարագի մէջ, այլ նաեւ շաղկապելով բարեկեցիկ անցեալը Հայաստանի հողի հետ։ Խրիմեան կը քաջալերէր բարեփոխումները, որոնք կը համապատասխանէին հայոց պատրիարքարանի նպատակներուն, որոնք իրենց հերթին կը համապատասխանէին Բարձր Դրան կեդրոնաձիգ կառավարման նպատակներուն։ Բայց եւ այնպէս Խրիմեան պէտք էր ապաւիներ տարածքային հայրենասիրութեանը, որպէսզի համոզէր Հայաստանէն դուրս ապրող աւելի հարուստ եւ կրթուած հայերը՝ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու: Անոր համար, ան գործածեց այն ինչ նորաձեւ էր 19-րդ դարուն՝ տեղագրութիւնը, հինաւուրցութիւնը, ինչպէս նաեւ աստուածաշնչեան յղումները։

Այս հանգրուանին հայ ազգին տարածքայնութիւնը չէր նշանակեր անկախ պետութեան ձգտում մը։ Խրիմեան կը փորձէր նպաստել նոր համակարգի մը կայացմանը, որ պիտի օգնէր հայ ազգի պահպանման եւ յառաջդիմութեան Օսմանեան կայսրութեան շրջանակէն ներս, ինչպէս նաեւ Քաջարական Իրանի եւ Ռուսական կայսրութեան կառավարութիւններու ներքոյ։ 1863-ին կառավարման աւելի հաստատուն համակարգ մը որդեգրուեցաւ օսմանեան հայերու Ազգային Սահմանադրութեամբ եւ Պոլսոյ հայոց Ազգային ժողովի հաստամամբ: Այսուհանդերձ, դեռ շատ աշխատանք պէտք էր տարուեր որպէսզի սահմանադրութիւնը լրիւ գործադրուէր։ Աւելի ուշ, երբ Խրիմեան դարձաւ Պոլսոյ պատրիարք, 1869-1873, Ազգային ժողովին մէջ ան գրեթէ անարդիւնք կը պնդէր, որ աւելի ուշադրութիւն պէտք էր դարձուեր Հայաստանի մէջ բնակող հայերու ընկերաքաղաքական եւ տնտեսական վիճակին։ Բայց իրաւաքաղաքական այս կապի ստեղծումը, որու միջոցաւ արեւելեան վիլայէթներու հայերը պէտք էր ներկայացուած ըլլային Ազգային ժողովի մէջ, նպաստեց Հայաստանի կարեւորութեան բարձրացմանը։

Տարբեր աշխարհագրական գործընթացները, արտաքին եւ ներքին ազդակները նպաստեցին հայ ազգային երեւակայութեան տարածքայնացմանը, ինչը մէկ քայլ առաջ էր դէպի ազգային շարժումի սկզբնաւորման։ Այս յօդուածի մէջ, սակայն, շատ մանր օրինակով մը փորձեցի ցոյց տալ թէ ինչպէս օսմանեան բարեփոխումները՝ հայկական միլլէթի բարենորոգումներու տեսքով նպաստեցին հայրենասիրական գրականութեան զարգացմանը: Միրոսլաւ Հրոխ կը պնդէ, որ, ի շարս այլ գործընթացներու, ազգային շարժումներու յառաջացման համար պէտք է հակասութիւններ գոյութիւն ունենան տարբեր դասերու պատկանող մարդկանց միջեւ, որոնք բաժնուած են նաեւ ըստ ազգային պատկանելութեան: [68] 19-րդ դարու կէսերուն, արեւելեան վիլայէթներուն մէջ հայերու, քիւրտերու և վերաբնակեցուած իսլամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող նիւթական հակամարտութիւնները հետզհետէ զօրացան: Այդ հակասութիւնները գլխաւորաբար երկրագործական հողերու, տուներու եւ պաշտամունքի վայրերու կորուստի շուրջ կ՚ըլլային: Ըստ ամենայնի, Խրիմեան աւելի լաւ կը զգար բարենորոգումներու իրականացման հրատապութիւնը: «Արծուի Վասպուրական»ը գրուած էր հայերու համար. իր առաջարկած բարեփոխումները ուղղուած էին հայերուն եւ կեդրոնացած էին այն ինչի վրայ, որ կարելի էր ընել հայ ազգի շրջանակներու մէջ, այլ ոչ թէ Օսմանեան պետութեան կամ իսլամներու դէմ։ Այսպէս, իրաւաքաղաքական բարեփոխումները եւ անոնց հետեւանքով հայերու միջեւ ստեղծուած ներքին հակամարտութիւնները առիթ տուին հայերու մէջ տարածքային պատկերացման առաջացումին, որ իր հերթին ազգային շարժման մը տեսքն ստացաւ։ Այստեղ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչպէս և ի՞նչու հնարաւոր դարձաւ որ 19-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան մէջ Խրիմեանի պէս մէկը մշակէր ազգի այս տեսակ ուժեղ տարածքային հասկացութիւններ, եւ միեւնոյն ժամանակ նուիրուած ըլլար ու մասնակցէր Օսմանեան կառավարութեան կեդրոնացման գործընթացին։ Սա հարց մըն է, որուն կարելի է անդրադառնալ հետագայ աշխատանքներու ընթացքին:

  • [1] Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Փրոֆ. Քեթրին Բաբայեանին, որ իր խորհուրդներով նպաստեց իմ յօդուածի որակի բարելաւման։
  • [2] «Երեւակայական հանրոյթ» հասկացութիւնը, անգլերէնով “imagined community”, Պենետիքթ Անտերսոնի արդի ազգին իմաստի սահմանումն է, որուն ճամբով ինքը կը փաստարկէ որ ազգ ձեւաւորող բաւական մեծ հանրոյթի մը բոլոր անդամները չեն կրնար զիրար ճանչնալ, իսկ փոխարէնը՝ ընդամէնը կը պատկերացնեն որ կը կիսեն նմանութիւններ այդ հանրոյթին բոլոր միւս անձերուն հետ։ Այս պատկերացումը մասնաւորապէս աւելի ուժ առաւ մամուլի զանգուածային տպագրութեամբ։ Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism (London: Verso, 1991).
  • [3] Վասպուրականը կը գտնուի Վանայ լիճին արեւելեան կողմը։ Վասպուրական, որ ըստ որոշ տեսութիւններու կը նշանակէ ազնուականներու երկիր, հայկական աշխարհագրական տեղանուն մըն է, ինչպես նաեւ 10-րդ դարու հայկական թագաւորութեան անունը։
  • [4] Ռուսական եւ եւրոպական ազդեցութիւններու համար տես՝ Lisa Khachaturian. Cultivating Nationhood in Imperial Russia: The Periodical Press and the Formation of a Modern Armenian Identity (New Brunswick, N.J: Transaction Publishers, 2009); “Populism, Nationalism, and Marxism among Russia’s Armenians,” in Ronald G. Suny, Looking Towards Ararat (Indiana University Press: Bloomington and Indianapolis, 1993); Chapter 4 and 5 in Razmik Panossian, The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars (New York: Columbia University Press, 2006).
  • [5] Gerard J. Libaridian, “The Ideology of Armenian Liberation: The Development of Armenian Political Thought Before the Revolutionary Movement (1639-1885)” Ph.D. Thesis (Los Angeles: University of California, 1987) pp. 111-112։
  • [6] Khachaturian, p. 178.
  • [7] Vartan Artinian, The Armenian Constitutional System in the Ottoman Empire (1839-1863): A Study of Its Historical Development (Istanbul, Turkey, 1988) p. 53.
  • [8] Fuat Dündar, “Empire of Taxonomy: Ethnic and Religious Identities in the Ottoman Surveys and Censuses.” Middle Eastern Studies (2014): 14. Միլլէթ կը կոչուէին Բարձր Դրան կողմէն ճանչցուած ոչ-իսլամ համայնքները։
  • [9] Այսուհետ սոյն յօդուածին մէջ, առհասարակ պիտի օգտագործեմ աշխարհագրական տեղանուններուն հայկական տարբերակները, զորս Խրիմեան եւ ամսագրին միւս հեղինակները կ՚օգտագործէին, ի տարբերութիւն օսմանեան վարչական բաժանումներու՝ սանճաքներու եւ վիլայէթներու։ Օսմանեան վարչատարածքներու անուանումներուն բացակայութիւնը կը բացատրուի նաեւ այն հանգամանքով, որ հանդէսին մէջ քիչ անդրադարձ եղած է Օսմանեան պետութեան, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն, տեղական կամ մայրաքաղաքի մասշտապով: Ամսագրին մէջ տարբեր առիթներով Խրիմեան Պոլիսը կ՚անուանէ նաեւ Բիւզանդիոն։
  • [10] 1847-ին Օսմանեան բանակը կը փորձէր ճնշել Վանի տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող Պետիր խանի ապստամբութիւնը: Ըստ Օրմանեանի, հայոց պատրիարքարանը, ի պաշտպանութիւն Պետիր խանի դէմ Օսմանեան ճնշումներուն, դիմեց տեղական՝ Վանի, Բաղէշ/Պիթլիսի, Բալուի եւ Տիգրանակերտ/Տիարպաքիրի առաջնորդարաններուն, որպէսզի ժողովուրդը աջակցի օսմանեան բանակին։ Հետեւաբար, հայկական ռազմական խումբեր կազմուեցան որոնք կռուեցան Պետիր խանի բանակին դեմ (Մաղաքիա Օրմանեան, Ազգապատում, տպ. Սեւան, Պէյրութ, 1961, էջ 2569): Ըստ էութեան, Խրիմեան փորձեց խուսափիլ այս զօրակոչէն։ Միեւնոյն ժամանակ, Պետիր խանի ապստամբութեան ճնշումը վերացուց քրտական վերջին էմիրութիւնը, որը, իշխանութեան փոփոխութեան հետեւանքով, հասարակական փոխակերպումներ առաջացուց։
  • [11] Այս յօդուածին մէջ, ինչպէս Խրիմեան, ես ալ «Հայաստան» բառը չեմ գործածեր իբրեւ որոշակի սահմաններով աշխարհագրական վայր մը։ Յամենայնդէպս, այն օրերուն Հայաստան ըսելով կը հասկնային մօտաւորապէս այն տարածքները, ուր ժամանակին հայկական թագաւորութիւններ գոյութիւն ունեցած են, եւ որ 19-րդ դարուն կը գտնուէին ռուսական եւ օսմանեան իշխանութեանց ներքոյ։ Թէեւ Խրիմեան ամսագրին մէջ անդրադարձած է Կիլիկիոյ, ուր նույնպէս գոյութիւն ունեցած է հայկական թագաւորութիւն մը 11-րդէն 14-րդ դարերուն, ան Կիլիկիան կը ներկայացնէր մասնաւորապէս որպէս հայերու համար փախուստի վայր մը եւ ոչ թէ որպէս հայրենիք (Արծուի Վասպուրական, Հոկտ., թիւ 5, 1855):
  • [12] Rubina Peroomian, “The Heritage of Van Provincial Literature” in Richard G. Hovannisian Ed., Armenian Van/Vaspurakan (Mazda Publishers, Inc.: Costa Mesa, Calif., 2000), pp. 135-136.
  • [13] Էմմա Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան. հասարակական-քաղաքական գործունէութիւնը («Զանգակ» հրատ. Երեւան, 2000), էջ 44-47:
  • [14] Այս պարագային Բարձր Դուռը անուան տակ պէտք է հասկնալ Օսմաեան պետութեան կեդրոնական վարչութիւնը։
  • [15] Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 44-47, 59, 62-63. Ամսագրին առաջին թիւերը հրատարակուեցան Պոլսոյ մէջ 1855-ին և 1856-ին։ Քանի մը թիւ տպագրուեցաւ Սկիւտարի մէջ, որ կը գտնուի ներկայ Իսթանպուլի ասիական կողմը։ 1857-ին հրատարակութիւնը ժամանակաւորապէս  դադրեցաւ։
  • [16] Էմմա Կոստանդեան, Գարեգին Սրուանձտեանց. կեանքը եւ գործունէութիւնը (Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչություն, Երեւան, 1979), էջ 25։
  • [17] 1877-1878 Ռուս-Օսմանական պատերազմէն ետք, Պատրիարք Ներսէս Վարդապետեան Խրիմեանը ուղարկեց արեւելեան նահանգները վիճակագրական տեղեկութիւն հաւաքելու համար եւ քարոզելու համար այն մարդկանց որոնք ցաւալի վիճակի մը մէջ էին յայտնուած։ Խրիմեան որպէս առաջնորդ ծառայեց տարբեր քաղաքներու մէջ, ներառեալ Ակն/էղին/Քէմալիյէ, Պիթլիս, Խարբերդ/Հարփութ, եւ Տրապիզոնի մէջ։ 1888-ին, ան ետ կանչուեցաւ Պոլիս, եւ այլեւս չվերադարձաւ իր երկիրը։ Բարձր Դուռը հետզհետէ աւելի կասկածամիտ դարձած էր Սրուանձտեանցի աշխատանքի վրայ եւ չձգեց պատրիարքարանին որ իրեն առաջնորդ նշանակեն օսմանեան կայսրութեան արեւելեան նահանգներու մէջ։ 1892-ին, Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց վատ առողջութեան պատճառաւ մահացաւ։ (Կոստանդեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, էջ 31-33):
  • [18] Կոստանդեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, էջ 29:
  • [19] Արծուի Վասպուրական, թիւ 6, էջ 150-155, 1858; թիւ 7, էջ 184-186, 1858։
  • [20] Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 81:
  • [21] Շամախը կը գտնուէր Ռուսական կայսրութեան, այժմեայ Ազրպէյճանի մէջ։
  • [22] Այս պատճառաւ Արծուի Վասպուրականի միայն երկու թիւերը լոյս տեսան 1860-ին (Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 84)։ Այս տարիներուն Թիֆլիսի մէջ հայ առեւտրականները բաւական հարուստ էին։
  • [23] Անգլերէն գիտական գրականութեան մէջ արդէն բաւական յայտնի "representation" բառն է որ հոս կը թարգմանեմ որպէս արտապատկերում։ Այս բառը, ինչպէս նաեւ այս բառին շուրջ ստեղծուած գիտական մօտեցումը, կ’ենթադրէ որ բացարձակ իրականութիւնը երբեք կարելի չէ ամբողջութեամբ վերարտադրել, եւ մարդու ենթակայութիւնը միշտ ներկայ է իր արտադրած գործի մեջ։
  • [24] Artemis Leontis, Topographies of Hellenism: Mapping the Homeland (Cornell University Press: Ithaca and London, 1995) p. 3.
  • [25] Մէկը կը սկսի հետաքրքրուիլ lieux de mémoire-ով, «այն տեղը ուր յուշերը կը բիւրեղանան եւ կը ծածկուին», «որոշակի պատմական պահու մը, շրջադարձ մը ուր անցեալի հետ առկախումի գիտակցութիւնը կապուած է այն զգացումին թէ յուշերը ծուատուած են - բայց ծուատուած այնպիսի ձեւով մը որ առաջ բերեն որոշ վայրերու մէջ, ուր որոշ պատմական շարունակականութեան զգացում մը կը գոյատեւէ, յուշեր մարմնաւորելու խնդիրը։ Lieux de mémoire, յուշերու վայրեր կան որովհետեւ անոնք այլեւս յուշերու միջավայրեր (milieux de mémoire) չեն, յուշերու իրական մթնոլորտներ։» (Pierre Nora, “Between Memory and History: Les Lieux de Mémoire,” trans. March Roudebush, Representation 26 (Spring 1989) pp. 7-24.
  • [26] Bakhtin, M.M., The Dialogic Imagination, trans. by Carl Emerson and Michael Holquist (Austin: University of Texas Press, 1981), pp. 147.
  • [27] Նոյն, էջ 84:
  • [28] Նոյն, էջ 149:
  • [29] Խրիմեանի կողմէ Խորենացիէն մեջբերում։ Արծուի Վասպուրական, Յուլիս, թիւ 7, 1858, էջ 178.
  • [30] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ), Փետրուար, թիւ 2, 1859, էջ 49:
  • [31] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ), Յուլիս, թիւ 7, 1858, էջ 179։
  • [32] Շամիրամը նաեւ Վանի արեւմտեան ափի վրայ գտնուող աւանի մը տեղանունն էր, որը Խրիմեան «Արծուի Վասպուրական»ի մէջ չէ նշած, ենթադրաբար քանի որ ան ընդամէնը Վանայ լիճի արեւելեան կողմը այցելած էր։
  • [33] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Յուլ., թիւ 7, 1858, էջ 179:
  • [34] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Օգոս., թիւ 8, 1858, էջ 215:
  • [35] Նոյն, էջ 216:
  • [36] Արծուի Վասպուրական  (Վանտոսպ), Սեպտ., թիւ 9, 1859, էջ 236: Խրիմեան թէեւ այս մասին բացատրութիւն չի տար, բայց հայերէն հասկցող մէկու մը համար ակնարկը յստակ է—Լէզք բառը «լեզու» եւ «լզել» բառերուն կապուած է։
  • [37] Արծուի Վասպուրական  (Վանտոսպ), Փետր., թիւ 2, 1859, էջ 39-40:
  • [38] Արծուի Վասպուրական  (Վանտոսպ), Յուլիս, թիւ 7, 1858, էջ 180:
  • [39] Leontis, էջ 53։ Օրինակ՝ Արծուի Վասպուրական, Վանտոսպ, թիւ 7, էջ 107-109:
  • [40] Bakhtin, էջ 120:
  • [41] Նոյն, էջ 143 :
  • [42] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Յուլ., թիւ 7, 1858, էջ 182-183.  Գագիկ Արծրունին 9-10-րդ դարերու թագաւոր էր։
  • [43] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Օգոստ, թիւ 8, 1858, էջ 216:
  • [44] «Սիրեաց զիւր բնակասնունդ երկիր շինական կենցաղավարութեամբ կեալ եւ շարանալ ‘ի խնջոյս անպաճոյճ սեղան Նոյի, քան շռայլական զեղծութեամբ զառածանիլ ‘ի հեշտութիւնս Բաբիլօնի։ Սիրեաց բնակիլ յաւէտ ‘ի ցրտաշունչ վայրն հիւսիսոյ. ուր Աստուած կայր քան ‘ի ջերմին հարաւակողմն տապանալ եւ կիզանիլ բոցով կըռամոլ անաստուածութեան»։ Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Յունուար, թիւ 1, 1858, էջ 7:
  • [45] Արծուի Վասպուրական (Կոստանդնուպօլիս) Յուլիս, թիւ 2, 1855, էջ 29-30:
  • [46] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Մայիս, թիւ 5, 1858, էջ 135:
  • [47] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Մարտ, թիւ 3, 1859: էջ 62:
  • [48] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Յունուար, թիւ 1, 1858, էջ 19:
  • [49] Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 60:
  • [50] Ս. Կարապետ վանքը ներկայիս կը գտնուի Մուշ նահանգին Չենկելի գիւղին մէջ։
  • [51] Կոստանդեան, Գարեգին Սրուանձտեանց, էջ 26-27:
  • [52] Հայկ Աճեմեան, Հայոց Հայրիկ (Թաւրիզ, Ատրպատական Հայոց Թեմական Տպարան, 1929), էջ 274-275:
  • [53] Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 61:
  • [54] Աճեմեան, էջ 274-275:
  • [55] Օրինակ՝ Պարսիկ Քսէրկէս թագաւորը, մէկ ուրիշ՝ պատմութեան անծանօթ Արգէոս թագաւորը (Օգոստոս, թիւ 8, 1858, էջ 216), Թահմազխուլի խանը (Փետ., թիւ 2, 1859, էջ 41), անանուն շահ մը (Օգոստ., 1859, էջ 41)։ Ըստ Պատմութիւն Առաքել վարդապետի Դաւրիժեցվոյ, Թահմազխուլին «Վրացական թագաւորական ընտանիքի անդամ էր, Աթաբեգի եղբայրը, որ պարսակական թագաւորական ընտանիք ուղղարկուած էր որպէս պատանդ, այստեղ ալ հասակ նետած էր եւ ան մերժած էր իր կրօնը»։ Agop J. Hacikyan, Ed., Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk, and Nourhan Ouzounian, The Heritage of Armenian Literature: From the Sixth to the Eighteenth Century, Vol. II (Wayne State University Press: Detroit, 2000) p. 815։ Կ’երեւի թէ Թահմազխուլիին նուաճումները տեղի կ՚ունենային Պարսկաստանի շահին ի նպաստ։
  • [56] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Օգոստ., թիւ 8, էջ 209:
  • [57] Վարդան Մամիկոնեան ներկայիս յայտնի 5-րդ դարու կերպար մըն է, որ հայ եկեղեցւոյ մէջ սրբութեան դասին արժանացած է։
  • [58] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ), Օգոստ., թիւ 8, էջ 211:
  • [59] Libaridian, էջ 162:
  • [60] Կոստանդեան, Մկրտիչ Խրիմեան, էջ 46:
  • [61] Artinian, p. 56:
  • [62] Նոյն, էջ 68:
  • [63] Աճեմեան, էջ 235-236:
  • [64] Արծուի Վասպուրական (Կոստանդնուպոլիս) Յուլ., թիւ 2, 1855, էջ 29:
  • [65] Սոփիան յունարէնով կը նշանակէ իմաստութիւն։
  • [66] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Ապրիլ, թիւ 4, 1858, էջ 97-98:
  • [67] Արծուի Վասպուրական (Վանտոսպ) Դեկ., թիւ 12, 1858, էջ 309-312:
  • [68] Miroslav Hroch. Social Preconditions of National Revival in Europe: A Comparative Analysis of the Social Composition of Patriotic Groups Among the Smaller European Nations (Columbia University Press: New York, 2000) էջ 185: