Խարզանի գաւառակ - ժողովրդագրութիւն
Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 23/06/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/06/2022), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Լեռնային, ջրառատ տարածքի մը մէջ, որ նշանաւոր է իր բերրի հողով, Խարզան, նաեւ կոչուած՝ Խալտան, Խալդան, Հարզան եւ Ղարզան, Օսմանեան ուշ ժամանակաշրջանին քազա (գաւառակ) մըն էր Պիթլիսի վիլայէթի (նահանգի) Սղերդի գաւառին (սանճաքին) մէջ [1]: Համեմատելով Սղերդը կազմող այլ քազաներու հետ, Խարզան ամենաշատ բնակեցուածն էր հայերով [2]: Երբ 1875 թուականին Օսմանեան իշխանութիւնները Պիթլիսն ու Մուշը անջատեցին Էրզրումի էյալէթէն՝ ձեւաւորելով նոր նահանգ՝ Պիթլիսի վիլայէթը, քանի մը տարածքներ, որոնք աւանդաբար կը կազմէին Սասունը, հետագայ տարիներուն յատկացուեցան տարբեր սանճաքերու։ Այսպիսով, 1890-ական թուականներուն Խարզանը փոխանցուեցաւ Սղերդին, իսկ Հազզոն (Քոզլուք), Սասունի մէկ այլ աւանդական տարածքը որուն հետ Բարձր միջնադարուն Խարզանը կը կազմէր Սասունի իշխանութիւնը [3]՝ Մուշին: Հակառակ այս վարչական «վերաձեւումներուն», որոնք Օսմանեան իշխանութիւնները յաճախ կ՚իրականացնէին` ապահովելու, որ հայաբնակ տարածքները բաժնուին փոքր միաւորներու, Խարզանը դեռ կը համարուէր Սասունի մէկ մասը, ինչպէս կը փաստուի այս ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած տարբեր աղբիւրներու մէջ:
Խարզանի քազայի տարածքը կը համընկնէր Մեծ Հայքի թագաւորութեան Աղձնիք աշխարհի Աղձն գաւառի տարածքին, որ հռոմէացիներուն յայտնի էր Արզանենէ անունով։ 9-10-րդ դարերուն հայ մատենագիր Թովմա Արծրունին կը պատմէ, որ Աղձնը կը պատկանէր Արծրունիներու իշխանական տան անդամներուն` հայ ազնուական տոհմի մը անդամներ, որոնց անունը, ենթադրաբար, ծագած է Արզրունիքէն` գաւառի անուան փոփոխուած տարբերակէն: [4] Արզնը՝ գաւառին գլխաւոր քաղաքը, որմէ Խարզանը ստացած է իր անունը, եղած է Աղձնիք աշխարհի բդեշխի, կամ մարգրաֆի, նստավայրը: Արզնը ոչ միայն Աղձնիքի, այլեւ պատմական Հայաստանի ամենաբազմամարդ ու ծաղկուն քաղաքներէն մէկն էր: Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին քաղաքը յայտնի էր Արզն Աղձնեաց, Արզանան, Արզուն, Արզրու, Աղձն, Արձն եւ Արզան անուններով [5]: Վարկածներէն մէկը կ՚ըսէ, որ Արզնը կը համապատասխանէ ժամանակին մարդաշատ Շուկարաբա բերդաքաղաքին, զոր ասորիները անուանած են այսպէս` իրենց լեզուէն թարգմանուած որպէս «մեծ շուկայ» [6]:
Երկար ժամանակ ենթադրուած էր, որ հայոց Մեծն Տիգրան Բ. թագաւորը Ք.Ա. առաջին դարուն հիմնած իր մայրաքաղաքներէն մէկը՝ Տիգրանակերտը կառուցած էր Արզնի մէջ, հարաւէն Տիգրիս թափող Խարզանայ Գետ (Կարզան չայ) գետի ափին: Այնուամենայնիւ, վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ Տիգրանակերտը հաւանաբար կանգնած էր բլրակի մը մօտ՝ հայերէնով Բերդ կամ թրքերէնով Գալէ կոչուած (երկուքն ալ կը նշանակեն «ամրոց») Բաղիշոջուրի (Պաշուր չայ)՝ Տիգրիսի աջակողմեան վտակի աջ ափին, մօտաւորապէս երկու քիլոմեթր (1,25 մղոն) Բալեկանէն հարաւ-արեւմուտք (տե՛ս ստորեւ յիշուած գիւղերուն ցանկը) [7]: Իրապէս, տասնիներորդ դարու վերջաւորութեան նշուած վայրին մէջ կար աւերուած Գալէ գիւղը:
Ըստ Քիւրտիստանի հարցերով զբաղուող Մեծ Բրիտանիայի գլխաւոր հիւպատոս Ճոն Ճորճ Թէյլըրի, որ 1860-ականներուն շատ ճանապարհորդած է Արեւմտեան Հայաստանի, Քիւրտիստանի եւ Վերին Միջագետքին մէջ, Արզնի աւերակները, զորս ան նկարագրած է որպէս «շատ ընդարձակ», պաշտպանական կառոյցներով դէպի Խարզանայ Գետ (Արզէն Սու` Թէյլըրի թեքսթին մէջ), կանգնած եղած են գետի ձախ ափին, «Գիրի Հասան բարգաւաճ գիւղին մօտ» (տե՛ս Գրէ Հասան ստորեւ յիշուած գիւղերու ցանկին մէջ) [8]: Սղերդի Առաջնորդարանի պատրաստած 1902-ի վիճակագրական տեղեկագիրը կ’ենթադրէր, որ Գերդաշէն գիւղը (տե՛ս ստորեւ յիշուած գիւղացանկը) Արզնի կայքն էր [9]: Ամբողջ տասնիներորդ դարու ընթացքին, տեղւոյն հայերը աւերակներու վայրը անուանած են Արզնա քաղաք (Արզն քաղաք) կամ Գրդաշէն, իսկ քիւրտերն ու թուրքերը՝ Խարաբէ (աւերուած քաղաք) կամ Էսկի Տիարպեքիր (նախկին Տիգրանակերտ) [10]: Հին հայկական Արզն բերդաքաղաքի տեղորոշիչներն են 37°58'41.65"N հիւսիս, 41°23'13.35"E արեւելք. անոր մնացորդացը ներկայիս կը գտնուի Կոտեշին թէփէ (թրքացուած` հայերէն «Գերդաշէն»էն) կոչուած բլուրին մօտ աւերակներու տակ:
Այլ հեղինակներ Արզնը նոյնացուցած են Զոխի կամ Զոքի հետ, Խարզանի քազայի գլխաւոր քաղաքը[11], որ կը գտնուի Խարզանա Գետի ձախ ափին, քսաներկու մղոն (35 քիլոմեթր) հիւսիս-արեւմուտք Սղերդէն` սանճաքի համանուն վարչական կեդրոնէն: 19-րդ դարու մեծ մասի ընթացքին Զոխը մեծ մասամբ հայաբնակ էր: Այնուամենայնիւ, վաչկատուն քրտական ցեղերու շարունակական հոսքը աղաւաղեց քաղաքին ժողովրդագրական հիւսուածքը, աստիճանաբար վերածելով զայն խառն բնակչութեամբ բնակավայրի: Քսաներորդ դարասկիզբին Զոխի մէջ կային շուրջ 230 խառն հայկական եւ քրտական տուներ: Հայ բնակիչները, որոնք կը խօսէին հայերէնի իւրայատուկ բարբառով [12], տակաւին զգալի թուային գերակշռութիւն ունէին հոն:
Տասնիներորդ դարասկիզբին Խարզանը կը պատկանէր Տիարպեքիրի փաշալըքին՝ փաշայի մը իրաւասութեան շրջանը, եւ յայտնի էր որպէս Խզու կամ Հզու: Թիւրիմացաբար կը կարծուէր, որ փաշալըքին համանուն գլխաւոր քաղաքը (ներկայիս Եըլտըզլը) եղած է Արզնի գտնուած վայրին մէջ: Եզիտի, հայ եւ ասորի (Յակոբական եւ Նեստորական) ժողովուրդներու գերակշռութեան պատճառով, որ պահպանուեցաւ մինչեւ 1870-ական թուականները, Խարզանը կը վարէր կիսաինքնավար ապրելակերպ, ըստ էութեան դառնալով իշխանապետութիւն՝ Ռընդվան վարչական կեդրոնով: Տասնիներորդ դարավերջին Ռընդվանը ունէր 800 տուն [13], որոնք բնակեցուած էին եզիտիներով, հայերով, քիւրտերով եւ ասորիներով: Եզիտիներն այնքան մեծաթիւ էին, որ քաղաքը յայտնի էր որպէս Եզիտւոց գիւղ կամ Եզիտիական գիւղ, այնտեղ ըլլալով նաեւ հայեր, որոնք նոյնպէս կը կազմէին բնակավայրի բնակչութեան զգալի բաժին մը:
Խարզան քազային հայաբնակ գիւղերուն քարտէսը օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Գիւղերուն ներկայ անունները տեսնել ձախ սիւնակին մէջ։ Պատրաստեց՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, վերաշխատցուած Յուշամատեանի կողմէ։
Տասնիներորդ դարու կէսերուն Օսմանեան իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան Խարզանի կիսաինքնավար գոյութիւնը վերացնելու: Ռընդվանի մէջ քայմաքամ մը (կամ շրջանի կառավարիչ) նշանակելէն ետք, Խարզանի եզիտի ցեղապետը հրաւիրուեցաւ Տիարպեքիր, ուր դաւաճանաբար սպաննուեցաւ: Վերջին հարուածը հասցնելու համար թուրքերը վերադարձան վաչկատուն քրտական ցեղերու վերաբնակեցումը խրախուսելու հին գործելակերպին: Էլմալի, Սլիվանի եւ Պենսենար ցեղերուն պատկանող քիւրտերուն ներհոսքը դէպի Խարզան պատճառ դարձաւ դէպի հիւսիսային Իրաք եզիտիներու զանգուածային արտագաղթին եւ հայ ու ասորի բնակչութեան թիւի զգալի նուազումին: Քսաներորդ դարու սկիզբը Ռընդվանը զգալիօրէն ամայացած եւ նօսրաբնակ էր, բայց եւ այնպէս կը մնար Խարզանի ամենամարդաշատ վայրերէն մէկը եւ համանուն գիւղախումբի, որը թրքերէնով կը կոչուէր նահիէ, գլխաւոր քաղաքը, ուր 1914-ին հայերը շուրջ 600 հոգի կը հաշուէին [14]:
Քանի որ աղբիւրները տարբեր չափանիշներ ունին մէկ տունի շունչերի միջին թիւին վերաբերեալ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան գաւառներուն մէջ, ուր հայերը կը կազմէին բնակչութեան յատկապէս մեծ մասը, այս ուսումնասիրութեան մէջ ութը պիտի օգտագործուի որպէս գիւղական վայրերուն մէջ մէկ տունի մէջ գտնուող շունչերու միջին թիւը, ինչպէս առաջարկուած է Վահան եպիսկոպոս Տէր-Մինասեանին (Պարտիզակցի)՝ 1860-1870-ական թուականներուն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի յանձնակատարին կողմէ [15]: Իսկ Պիթլիս վիլայէթի իւրաքանչիւր գիւղի համար տուներու միջին թիւը քսան նկատի պիտի առնուի, այնպէս ինչպէս առաջարկած է Ռուսիոյ սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Մայեվսքին [16]:
1882-ին Խարզան ունէր 18,636 բնակիչներ, որոնցմէ 8282-ը հայեր էին, 1600-ը քաղտէացի ասորի եւ 7599-ը քիւրտ [17]: 1897-ին, քազան կը կազմուէր երեք նահիէներէ [18]: 1910-ին, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ազատամարտ» թերթը կը յիշէ 54 գիւղեր Խարզան Կեդրոնի, 49-ը՝ ՄալաՖանի, 43-ը՝ Բարինճի եւ 36-ը Ռըդվանի (վերջին երեքը՝ նահիէ) մէջ [19], որոնք կը հաշուեն 3640 տուն կամ 29,120 բնակիչ, եթէ կը կիրարուին Մայեվսքիի եւ Պարտիզակցիի առաջարկած՝ իւրաքանչիւր գիւղի համար տուներու եւ մէկ տունի անդամներու միջին թիւերը: Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին, Խարզան ունէր խառն բնակչութիւն մը բաղկացած եզիտիներէ, հայերէ, ասորիներէ եւ քիւրտերէ: 1913-1914 թուականներուն Պատրիարքարանին կողմէ իրականացուած մարդահամարի մը արդիւնքով, հայաբնակ քաղաքներու եւ գիւղերու թիւը կազմած է 76, իսկ ընտանիքներունը՝ 942 [20]: Այդուհանդերձ, շրջանի անյստակ սահմանագծումին պատճառով, այլ աղբիւրներու տուեալներով, Պատրիարքարանի գիւղերու ցանկին մէջ քանի մը բնակավայրեր կրնան ըլլալ Սասունի Մոտկան (Մուտկի) եւ Հազզօ-Խաբլջոզ շրջաններուն մէկ մասը: Պատրիարքարանի մարդահամարին թարմացուած տուեալները, որոնք հասու եղած են Գէորգեանին եւ Փապուճեանին, Խարզանի մէջ 1914-ին կը թուեն 76 բնակավայր, իսկ հայ բնակչութիւնը՝ 8343, որոնք կ՚ապրէին 927 տուներու մէջ [21]:
1915-ի Ցեղասպանութեան ժամանակ, Խարզանի հայերուն մեծ մասը փախած է Սասունի լեռները, ուր անոնք եւս տառապած են տեղի բնակչութեան նոյն ճակատագիրէն: Որպէս Սղերդի սանճաքին մէջ բնակող 5000 ասորիներու մաս` Ռընդվանի նահիէի 192 տուներէն մօտ 1536 ասորի [22] ենթարկուեցաւ հայերուն գտած նոյն վերաբերմունքին [23]: Խարզանի այն հայերը, որոնք կրցած են փրկուիլ Օսմանեան բնաջնջումէն, հաստատուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Գամիշլի քաղաքին եւ յարակից շրջաններուն մէջ: Այդ հայերուն մեծ մասը քրտախօս էին, բայց կային նաեւ արաբախօսներ [24]:
Տուեալ ուսումնասիրութիւնը հիմնուեցաւ շարք մը աղբիւրներու վրայ, որոնք կ’ընդգրկեն 37-ամեայ ժամանակահատուածը (1878-էն մինչեւ 1915): Քանի որ այս աղբիւրները կը տրամադրեն ժողովրդագրական անհամապատասխան եւ յաճախ հակասական տուեալներ, ոչ մէկ փորձ եղած է համեմատելու տուեալները՝ կազմելու համար Խարզանի հայ բնակչութեան չափին մասին զգուշաւոր գնահատական մը: Հաշուի առնելով տուեալներու հակասութիւնները, դժուար թէ նման փորձ կատարելը իրագործելի ըլլայ: Այս ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած աղբիւրները, ըստ անոնց հրապարակման թուականներուն, ներկայացուած են ստորեւ: Թադէոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ի հեղինակները, եւ Թիֆլիսի մէջ հրատարակուած «Արձագանգ» եւ «Մշակ» պարբերականները տրամադրած են յաւելեալ տուեալներ:
- 1878-ին Արեւմտեան Հայաստան ճանապարհորդած հայ բանահաւաք Արիստակէս Տեւկանցի ճամբորդական զեկոյցը:
- Սղերդի Առաջնորդարանի 1902-ին պատրաստած վիճակագրական տեղեկագիրը:
- Վլատիմիր Մայեվսքիի կողմէ 1904-ին հրապարակուած վիճակագրական ուսումնասիրութիւնը, որ կ’ընդգրկէր Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու տուներուն թիւերը 1890-էն մինչեւ 1897 կամ 1899 թուական: [25]
- Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 1913-1914 թուականներու մարդահամարը, ներառեալ Պատրիարքարանի յաւելեալ մարդահամարի տուեալները, որոնք հասանելի եղած են Գէորգեանին եւ Փապուճեանին (1992) եւ Գէորգեանին՝ իր 2012-ի աշխատութեան համար։
- Խարզանի մէջ գտնուող բնակավայրերու տուներուն հաշուարումը, կազմուած 1919-ին Հայաստանի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան Ամերիկեան Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարազդատ Տէրոյեանի կողմէ, 1912-ին հայ վիճակագիր Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի) կողմէ գրուած գրքոյկի լուսանցքներուն վրայ:
- Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ հոգեւորականներուն կրած տառապանքներու մասին 1921-ին Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինեանի) հեղինակած գիրքը:
- Ազգագրագէտ Վարդան Պետոյեանի Սասունի բարբառի մասին ուսումնասիրութիւնը, հրատարակուած 1954-ին:
Տուեալ ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած ամէնականուխ տեղեկագիրին մէջ, Տեւկանց կը նշէ, որ Խարզանի մէջ կար 45 գիւղ կամ 8280 հայ բնակիչ: Այս գիւղերէն տասներեքը ամբողջութեամբ հայաբնակ էին: Այդուհանդերձ, եթէ բնակիչներուն թիւը հաշուարկուի հեղինակի ճամբորդական զեկոյցի մէկ այլ տեղ գիւղերու բնակչութեան բաշխման հիման վրայ, հայերու թիւը պիտի կազմէ 8847: Բացի այս թուային անհամապատասխանութենէն, Տեւկանցի գիւղերու ցուցակի քանի մը բնակավայրեր իրականութեան մէջ կը պատկանէին Սասունի Հազզօ շրջանին, ինչպէս, օրինակ, Հազզօն, շրջանի համանուն գլխաւոր քաղաքը, որ, ըստ հեղինակին, ունէր մինչեւ 2400 բնակիչ [26]:
«Արձագանգ»ի մէջ տպագրուած «Նամակ Սղերդից» յօդուածին անանուն հեղինակը կ’ենթադրէ, որ 1882-ին Խարզան ունէր 111 գիւղ կամ 18,636 բնակիչ, որոնցմէ 8282-ը հայեր էին եւ կ’ապրէին տասներեք գիւղերու մէջ, 7597-ը՝ քիւրտ, 1600-ը՝ ասորի եւ 1159-ը՝ եզիտի [27]: Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քուինէ կը յայտնէ, որ 1891-ին կային ընդհանուրը 138 բնակավայրեր եւ որ 13,000 բնակիչներէն 8800-ը իսլամ էին, մեծաւ մասամբ քիւրտեր, 3600-ը՝ հայ, 258-ը՝ ուղղափառ ասորի եւ 342-ը՝ եզիտի: [28] Օսմանեան կառավարութեան Բիթլիսի վիլայէթի 1892-ի տարեգիրքը (սալնամէ) կը հաշուէր 18,518 բնակիչ, որոնցմէ 4059-ը հայեր էին (3558-ը առաքելական, 352-ը կաթողիկէ եւ 149-ը բողոքական), 12,396 իսլամ, 794-ը ասորի եւ 1269-ը եզիտի [29]: Յղում կատարելով չանուանուած աղբիւրի մը, որ հաւանաբար Օսմանեան սալնամէ մըն է, 1894-ին «Մշակ» կը հաղորդէ, որ Խարզանի եւ կեդրոնական Սասունի մէջ կային 9000 հայեր եւ 11,000 քիւրտեր [30]: 1899-ին Մայեվսքի առաջարկեց, որ բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէր 26,400, որուն 6717-ը հայեր էին, 18,583-ը քիւրտեր եւ 284-ը ասորիներ [31]: Սղերդի Առաջնորդարանի պատրաստած 1902-ի վիճակագրական տեղեկագիրը թւարկեց 58 հայկական բնակավայրեր, որոնք ունէին 608 տուն, տասնհինգ հայ բողոքական տուներ՝ ներառեալ [32]: Կանուխ քսաներորդ դարու Օսմանեան քարտէզը, որ վերնագրուած էր «Memâlik-i Mahrûse-i Şâhâneye Mahsûs Mükemmel ve Mufassâl Atlas» եւ հրատարակուած արաբերէն գիրերով, կը հաշուէր 182 ընդհանուր բնակավայր Գարզան Մերքէզի (Խարզան Կեդրոն), քազայի երեք նահիէներուն՝ ՄելեՖանի (Մալաֆան), Բարիհի (Բարինճ) եւ Ռըդվանի (Ռընդվան) մէջ 1907-ին [33]:
Ցեղասպանութեան անմիջապէս նախորդող տարիներուն, Ա-Դօ Խարզանի մէջ 1912-ին ցուցակագրած է ընդհանուրը 183 գիւղեր [34]: Տուներուն հաշուարկումին մէջ, որ նախատեսուած էր որպէս Ա-Դոյի վիճակագրութեան յաւելուածը, Տէրոյեան տեղեկագրած է 35 հայկական բնակավայրերու մասին, որոնք ունէին 1301 տուն [35]: Տուներու այս ընդհանուր թիւը կրնար նշանակել 10,408 բնակիչ, որ բաւականին չափազանցուած կը թուի: Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ իր նամակագրութեան մէջ, Պոլսոյ մէջ Բրիտանիոյ Գերագոյն Յանձնակատարը կը նշէ, որ բնակչութեան ընդհանուր թիւը առ 1914-ի Մարտ ամիսը կը կազմէր 19,989, որուն 14.541-ը իսլամ էին, 4332-ը հայ եւ 1116-ը տարբեր էթնիք խմբաւորումներէ [36]։ Թէոդիկ կը հաղորդէ 64 հայկական բնակավայրի մասին կամ 1006 տուն 1914-ին[37]: Սա բնակիչներու թիւը կը դարձնէ 8048: Պետոյեան թուարկած է 128 ընդհանուր բնակավայր, նախքան Ցեղասպանութիւնը չճշդուած ժամանակաշրջանի մը մէջ, որոնցմէ միայն 21-ը կը պարունակէ տուեալներ 1920 հայկական կամ խառն տուներու մասին [38]: Ժամանակակից լրագրող եւ հասարակական գործիչ Կարօ Սասունի նշած է 19 հայկական բնակավայր կամ 1900 տուն, որոնց տուեալները քաղած է Պետոյեանի գիւղերու ցանկէն [39]:
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ Օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած մարդահամար մը իսլամներուն թիւը կը գնահատէր 14,541, հայերը՝ 4332, իսկ ասորիները՝ 1044 [40]: Մէկ այլ Օսմանեան աղբիւր, որ գտնուած է արխիւային փաստաթուղթերու թրքական հաւաքածոյի մը մէջ, կը բացայայտէ, որ 1915-ին Գարզանի մէջ (Կուրտալան) թիւը այն հայերուն, որոնք պէտք է «վերաբնակեցուէին եւ տեղափոխուէին», ինչպէս աղբիւրը նախընտրած է նկարագրել բռնի տեղահանումները, Օսմանեան գրանցամատեաններուն մէջ 2859 է [41]: Թուրքիոյ սպայակոյտին կողմէ հրատարակուած այս գրանցամատեանները կազմուած են այն բանէն ետք, երբ 1915-ի Մայիս 31-ին Օսմանեան կառավարութիւնը (թիւ 326758/270 հրամանագիր) որոշում կայացուց «վերաբնակեցնել եւ տեղափոխել» հայերը, որոնք կ՚ապրէին ռազմաճակատներուն մօտ գտնուող տարածքներուն մէջ, քանի որ, ըստ իշխանութիւններուն, անոնք «կը վտանգէին տեղաշարժերը Օսմանեան բանակի միաւորներուն, որոնք վճռած էին պաշտպանել Օսմանեան սահմանները թշնամիի ուժերուն դէմ»: Թէեւ Խարզանի հայերը ոչ մէկ տեղ մօտ էին ռազմաճակատին եւ հետեւաբար չէին կրնար «վտանգել» բանակային միաւորներուն տեղաշարժը, այդուհանդերձ անոնցմէ շատերուն հրամայուեցաւ միանալ տարագրուածներու շարասիւներուն, որոնք մեկնեցան մահուան երթերով դէպի «հարաւային վիլայէթներուն մէջ իրենց յատկացուած վայրերը» [42], ինչպէս Օսմանեան աղբիւրը նախընտրած է կոչել Մուսուլի, Ռաքքայի կամ Տէր Զօրի մօտ գտնուող անապատները:
Աւելի ուշադիր հայեացք նետելով` ակնյայտ կը դառնայ, որ Բրիտանական Գերագոյն Յանձնակատարը փոխ առած է թիւերը Օսմանեան մարդահամարէն, եւ որ հայերու թիւը՝ 4332 կը կազմէ Պատրիարքարանի մարդահամարի թիւին շուրջ կէսը: Եթէ Գերագոյն Յանձնակատարին կողմէ ներկայացուած հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը եւ Պատրիարքարանին մարդահամարին թիւը հիմք ընդունուին, ապա հայերը պիտի կազմէին Խարզանի ընդհանուր բնակչութեան 41 տոկոսը նախքան պատերազմը: Միւս կողմէ, եթէ օգտագործենք Մայեվսքիի առաջարկած Խարզանի բնակչութեան ընդհանուր թիւը եւ հայ բնակիչներուն թիւը Խարզանի մէջ, ապա հայերը պիտի կազմէին քազայի բնակչութեան քառորդը քսաներորդ դարասկիզբին: Այս ըսելուն վրայ, Մայեվսքիի վիճակագրութիւնը հիմնականին մէջ կասկածելի կը համարուի, քանի որ, կ՚ենթադրուի, որ այն մեծապէս հիմնուած է Օսմանեան սալնամէներու վրայ եւ, հետեւաբար, գրեթէ անկասկած, թերագնահատուած են, այն տարբերութեամբ միայն, որ հայ տուները ութով բազմապատկելով` ռուս գնդապետը աւելցուցած է հայ բնակչութեան թիւը մօտ 40 տոկոսով [43]:
Օսմանեան նախապատերազմեան մարդահամարին մէջ յայտնուած թիւը կը դառնայ աւելի անհիմն, երբ կը համեմատուի Սղերդի Առաջնորդարանին կողմէ ներկայացուած 1902-ի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ յիշուած թիւին հետ: Երբ 608 հայ տունը կը բազմապատկուի ութով՝ Պարտիզակցիի առաջարկած միջին թիւը մէկ տունի համար, ստացուած ընդհանուր թիւը՝ 4864-ը աւելի մեծ է, քան Օսմանեան մարդահամարինը, չնայած երկու մարդահամարներուն միջեւ տասներկու տարուան բացութեան: Աւելին, դժուար է պատկերացնել, թէ 1914-ին Օսմանեան մարդահամարով 4332 նշուած հայերուն թիւը ինչպէս կրնար 1,5 անգամ կրճատուիլ մէկ տարիէն պակաս ժամանակին մէջ՝ հասնելով 2859-ի, եթէ հաւատալու ըլլանք Օսմանեան տեղահանութեան գրանցամատեաններուն:
Եթէ այլ բան նշուած չէ, ստորեւ տրուած գիւղերու ցանկին բոլոր բնակավայրերը տուեալներու աղբիւրներուն կողմէ ներկայացուած են կա՛մ որպէս մեծաւ մասամբ հայ բնակչութիւն ունեցած, կա՛մ շարք մը հայկական տուներ ունեցած կամ նախապէս հայերով բնակեցուած վայրեր, կողքին, քառափակագիծերու մէջ, նշելով անոնց թրքերէն անունները։ Այն պարագաներուն, երբ մինչ 1915-ի գիւղական անուններուն համապատասխանութեան ստուգումը իրենց այսօրուայ անուններուն արդիւնք չէ տուած, այնտեղ ուր հնարաւոր է ներկայացուած են այլ ծանօթ անուններ, այդ շարքին անոնք, որոնք գործածութեան մէջ էին նախքան անուններուն թրքացումը 1920-ական թուականներէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ որոշ անուան տարբերակներ քրտերէնով:
Քանի մը բնակավայր, որ որոշ աղբիւրներ նոյնականացուցած են որպէս Խարզանին պատկանող, ինչպէս օրինակ՝ Սլընդ [Yazıcık], Հրորք [Damarlı], Ձման [Atalar], Ծռտուտ [այլ ծանօթ անունտ՝ Sırtut], Հաշկադարան [Damlacık], Ճաման [Çaygeçit], Նորշէն [Alıçlı], Նորգեղ [Tekevler], Զանգովիկ [Kocabey], Ռաշադարան [Çayönü], Գոմէք [Kumlupınar], Սալիբա [Karpuzlu], Մալագըր [Düvencik], Լիճք [Güneşli], Ապըկան [Duygulu], Բաշտըրամ Վերին [Yukarıkıratlı] եւ Բաշտըրամ Ներքին [Aşağıkıratlı], այլ արձանագրութիւններու մէջ ներկայացուած են որպէս Սասունի Մոտկան (Մուտկի) եւ Հազզօ-Խաբլջոզ շրջաններուն մաս կազմող, եւ հետեւաբար դուրս ձգուած են այս ուսումնասիրութենէն կրկնութենէ խուսափելու համար: Այս բնակավայրերէն քանի մը հատին բնակչութեան թուաքանակի տուեալները կարելի է գտնել «Սասուն – Ժողովրդագրութիւն․ Բնակչութեան վիճակագրութիւնը ըստ գիւղերու» յօդուածին մէջ, հետեւեալ կապով՝ Սասուն - Ժողովրդագրութիւն։ Բնակչութեան վիճակագրութիւնը ըստ գիւղերու։
Ամինօ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 10 տուն:
Արանզ, Արանս, Ալանզ, Արանձ, Արանծ, Առնես [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն, Պատրիարքարան՝ 4 տուն:
Այնդար, Անդար, Անտար, Այնղալա [Ağaçlıpınar]
37°53'39.42"N, 41°42'16.31"E
Թէոդիկ՝ 4 տուն:
Այնկասր, Այնխասր, Այնգասր, Այն Գասըր, Այնղասր [Konakpınar]
37°55'23.95"N, 41°37'57.82"E
Տեւկանց՝ 240 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 10 տուն, Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Թէոդիկ՝ 3 տ
Բադե, Բադան, Բադա [Ballıkaya]
38° 1'15.76"N, 41°34'36.39"E
Բաջըֆթ, Բաջիֆտ, Բաջութ, Պաճըֆթ, Պաճիֆտ [այլ ծանօթ անուններ՝ Բաչաֆթ կամ Բաչիֆթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 16 տուն, Թէոդիկ՝ 7 տուն:
Բագըրզա, Պագըրզա, Բագերզա [Bakırzan]
38° 5'13.66"N, 41°30'40.18"E
1913-1914-ի տուեալներով, Պոլսոյ Պատիարքարանը այս գիւղը կը ներկայացնէ իբրեւ աւերակ հայկական գիւղ։
Բալեկան [այլ ծանօթ անուն՝ Բելեկան]
Հնարաւոր է՝ 38° 3'19.45"N, 41°46'20.45"E
Պատրիարքարան՝ 2 տուն:
Բառընջ Վերին, Բառինջ Վերին, Բառինչ Վերին, Պարընջ Վերին, Պարինճ Վերին [Bahçeli]
38° 2'1.48"N, 41°22'55.26"E
Տեւկանց՝ 120 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 12 տուն, Պատրիարքարան՝ 40 տուն, Տէրոյեան՝ 40 տուն, Թէոդիկ՝ 27 տուն, Պետոյեան՝ 60 տուն, Յակոբեան et al` 60 տուն 20-րդ դարու սկիզբին:
Բառընջ Ներքին, Բառինջ Ներքին, Բառինչ Ներքին, Պարընջ Ներքին, Պարինճ Ներքին [Bahçeli]
38° 2'18.60"N, 41°22'4.01"E
Նախորդ մուտքագրումին մէջի թիւերը մեծ հաւանականութեամբ կը վերաբերին միաժամանակ վերին եւ վարի դիրքաւորումով բնակավայրերուն:
Բարզան Վերին, Բըրզան Վերին, Վերին Բարզան, Պարզան Վերին, Պերզան [Taşlık]
38° 7'31.10"N, 41°35'2.83"E
Տեւկանց՝ 200 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3-4 տուն (հաւանաբար միայն վերին դիրքով բնակավայրին համար), Պատրիարքարան՝ 10 տուն, Տէրոյեան՝ 15 տուն (թէ՛ վերին եւ թէ վարի դիրքով բնակավայրերուն համար), Թէոդիկ՝ 10 տուն, Պետոյեան՝ 40 տուն։
Բարզան Ներքին, Բըրզան Ներքին, Ներքին Բարզան, Պարզան Ներքին, Պերզան [İncili]
Հնարաւոր է՝ 38° 7'13.46"N, 41°34'6.96"E
Տեւկանց՝ 175 բնակիչ, Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն, Պետոյեան՝ 15 տուն:
Բայսատուն, Բայսըտուն, Բիսըթուն, Պայսաթուն [Demirkuyu]
37°57'33.42"N, 41°30'23.80"E
Պատրիարքարան՝ 3 տուն, Պետոյեան՝ 30 տուն։
Բըրահ, Բերահ, Բարա, Պարահ, Բրհա, Բերհէ, Պերահ, Պիրահ [Uluköy]
38° 0'35.59"N, 41°38'25.21"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Պատրիարքարան՝ 35 տուն, Տէրոյեան՝ 20 տուն, Թէոդիկ՝ 35 տուն:
Բեվաղ, Բեուաղ, Բըվախս, Բեյհվահզ, Պեյվահզ, Պեվահզ, Պեվաս [Karabağ]
38° 2'19.90"N, 41°42'23.69"E
Տեւկանց՝ 35 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Պատրիարքարան՝ 4 տուն, Թէոդիկ՝ 4 բնակիչ։
Բեյբու, Բեյբօ, Բեդօ, Պետօ, Պեյպօ [Saipbeyli]
37°59'49.39"N, 41°30'34.48"E
Տեւկանց՝ 80 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն․
Բիմեր, Պիմեր, Բիմերիա [Durucak]
38° 0'7.10"N, 41°21'27.35"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Պատրիարքարան՝ 39 տուն, Տէրոյեան՝ 35 տուն, Թէոդիկ՝ 22 բնակիչ, Պետոյեան՝ 50 տուն:
Բինարին, Պենարին [Çakıllı]
37°48'46.59"N, 41°34'39.70"E
Պատրիարքարան՝ 4 տուն:
Բիրըկ, Բերիկ, Պիրըգ, Բրքէ, Պըրք, Բիրքէ, Բըրքէ, Պիրքէ [հաւանաբար՝ Kuyucak]
37°55'33.81"N, 41°39'9.52"E
Տէրոյեան՝ 50 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն:
Բոլենդ, Փոլենտ, Բոլունդ, Բոլինդ, Փոլինտ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 5 տուն, Թէոդիկ՝ 3 տուն:
Բզեզիկ, Բզեզի, Բզեզիա, Բզեզիանի, Բեխիկ, Բեսիկ [Günyayla]
38° 1'16.33"N, 41°31'19.78"E
Տեւկանց՝ 64 բնակիչ, Պետոյեան՝ 60 տուն: Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ գիւղը կը ներկայանայ որպէս լքեալ վայր մը, որ նախապէս բնակեցուած էր հայերով:
Դարուսալ, Դարասել, Տարոսլ [Güvercinlik]
37°49'5.85"N, 41°36'50.07"E
Պատրիարքարան՝ 3 տուն:
Դեշվան, Դեշան, Դերշվան, Դերշըվան, Դերշեվան, Տերշվան, Տերշըվան, Փերշըվան [Karşıyaka]
38° 8'27.39"N, 41°33'36.15"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Պատրիարքարան՝ 2 տուն, Թէոդիկ՝ 2 տուն:
Դիմսարք, Դըմսարըկ, Դեմսերք, Դիմսարիք, Դիմսարեք, Դեմսորք, Տեմսերք [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 160 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Մայեվսքի՝ 40 տուն, Պատրիարքարան՝ 8 տուն:
Ջաֆան, Ջեֆան, Չեֆֆան, Ջեֆեն [Tulumtaş]
37°46'9.69"N, 41°43'52.15"E
Տեւկանց՝ 160 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Յակոբեան et al՝ 30 հայկական եւ քրտական տուներ 20-րդ դարու սկիզբին:
Ջազնի, Ջազնէ, Ջըզնէ, Ճըզնէ, Ճեզնէ [Dikbayır]
38° 5'22.69"N, 41°32'45.91"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն, Տէրոյեան՝ 25 տուն, Թէոդիկ՝ 16 տուն, Պետոյեան՝ 100 տուն, Յակոբեան et al՝ մօտաւորապէս 100 տուն նախքան Ա. համաշխարհային պատերազմը:
Ջելդիկա, Ջալդական, Ջալդակա, Ջալդաքան, Ջելդական, Ջելդեքան, Ջելտագան, Ջալդըկա, Գելդեկա, Ճելտագան, Ճելտեքան, Գելդեկա [Ortaca]
38° 2'54.39"N, 41°16'55.51"E
Տեւկանց՝ 120 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն, Պատրիարքարան՝ 11 տուն, Տէրոյեան՝ 50 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն:
Ջըմզարիկ, Ճամեզարըկ, Ճմսարիպ, Ջմսարիբ, Ճմսարիկ, Ճըմզարկ, Ոսկե-գետակ [Gökdoğan]
37°57'10.25"N, 41°24'14.83"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն, Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն:
Ջոման, Ջոմանե, Ջոմանի, Ջոմանիկ, Ճոմանի, Ճոմանիկ [Atabağı]
38° 3'45.93"N, 41°39'39.06"E
Տեւկանց՝ 840 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 20 տուն, Պատրիարքարան՝ 25 տուն, Տէրոյեան՝ 50 տուն, Թէոդիկ՝ 21 տուն։
Ջուվայց, Ջուվեյզ, Ջվահեզ, Ճվահեզ, Ճուվայզ, Ճուայզ [այլ ծանօթ անուններ՝ Zıvahez, Zuveyz, Cuveyz]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 12 տուն, Պատրիարքարան՝ 10 տուն, Տէրոյեան՝ 12 տուն, Թէոդիկ՝ 19 տուն։
Ջրման, Ճիման [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 3 տուն, Թէոդիկ՝ 5 տուն:
Դլբի, Դլպի, Դլբէ [Aksöğüt]
38° 2'41.34"N, 41°35'13.28"E
Տեւկանց՝ 40 բնակիչ։
Դլչէ, Տլչէ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 1 տուն:
Դուսատակ, Դուսադակ, Դուսադեկ, Դուսատագ, Դուսադըք, Դուսատաք, Տուսատաք, Տեսետեք [Işıkveren]
37°52'28.18"N, 41°26'24.93"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Պատրիարքարան՝ 28 տուն, Տէրոյեան՝ 52 տուն, Թէոդիկ՝ 22 տուն, Պետոյեան՝ 60 տուն, Յակոբեան et al՝ 60 տուն 1880-1914-ին:
Գառնըք, Գառնիք, Կառնըկ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Թէոդիկ՝ 3 տուն:
Գերդաշէն, Գերտաշէն, Գիդարաշէն [այլ ծանօթ անուն՝ Gödeşin]
Հնարաւոր է՝ 37°58'42.40"N, 41°23'6.30"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Մայեվսքի՝ 40 տուն։
Ղադմա, Խատմա, Խատման, Խաթմա [İncirlik]
37°55'37.63"N, 41°31'2.26"E
Տեւկանց՝ 32 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 7 տուն:
Ղըրբա, Ղրբա, Խրբէ, Հիրբեհունգի, Խիրբէ Իբրահիմ [Taşoluk]
38° 1'33.99"N, 41°29'35.29"E
Պետոյեան՝ 40 տուն:
Գոլա մասիա, Գոլամասիա, Գոլամասի, Գոլամասիյան, Գոլեմասիյան, Կյոլեմասյան, Ձկնալիճ [Yeşilyurt]
38° 4'10.73"N, 41°29'51.30"E
Տեւկանց՝ 210 բնակիչ: Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ գիւղը կը ներկայանայ որպէս նախապէս հայերով բնակեցուած վայր մը, ուր կը գտնուէր քանդուած հայկական եկեղեցի մը:
Գորըգ, Կորըգ, Կորուկ [Uğurca]
37°58'44.61"N, 41°19'56.02"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն:
Գրէ Չալօ, Կրէ Չալօ, Գիրիչելլօ [հնարաւոր է՝ Kütüklü, այլ ծանօթ անուն՝ Giriçello]
37°51'24.20"N, 41°29'13.77"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն։
Գրէ Հասան, Գրեհասան, Կրեհասան, Կրէ Հասան [այլ ծանօթ անուններ՝ Girihasan or Giri Hasan]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 56 բնակիչ, Պատրիարքարան՝ 9 տուն:
Գէօզալդարա, Կէօզալդարա, Կէօզելտերէ, Գիւզելդերէ, Կէօզելտեր, Գիւզելդեր, Գեղաձոր [Güzeldere]
37°57'27.51"N, 41°32'43.49"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Պատրիարքարան՝ 22 տուն, Տէրոյեան՝ 23 տուն, Թէոդիկ՝ 22 տուն, Պետոյեան՝ 40 տուն:
Հադհադք, Հադհադգք, Հատհատք, Հաթհաթք [Doğankavak]
37°57'46.57"N, 41°13'36.93"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 30 տուն, Պատրիարքարան՝ 46 տուն, Տէրոյեան՝ 45 տուն, Թէոդիկ՝ 44 տուն:
Հաջր, Հաջրէ, Հիջրի, Հըճրէ [Yolkonak]
37°56'14.31"N, 41°18'51.91"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն։
Հալեւի, Հըլեվի [Çavuşbayırı]
37°46'27.72"N, 41°36'43.84"E
Պատրիարքարան՝ 2 տուն:
Հաքամի Վերին, Հաքամիկ Վերին, Վերի Հաքամիկ [Yayıklı]
38° 0'6.20"N, 41°33'30.44"E
Տեւկանց՝ 42 բնակիչ:
Հաքամի Ներքին, Հաքամիկ Ներքին, Վարի Հաքամիկ [Yayıklı]
38° 0'14.59"N, 41°32'23.70"E
Տեւկանց՝ 80 բնակիչ:
Հարբալուղ, Հարպալուղ, Հարբելուս [Beybağı]
38° 6'13.72"N, 41°35'43.82"E
Տեւկանց՝ 310 բնակիչ:
Հաֆըք, Հաֆիք, Հաֆըգ, Խաֆեկ [Yankılı]
38° 6'11.76"N, 41°27'28.72"E
Յակոբեան եւ այլք՝ 10-15 տուն 19-րդ դարու սկիզբին, Պատրիարքարան՝ 5 տուն:
Հարֆաս, Հարֆազ, Հըրֆազ [Beyçayırı]
38° 1'2.01"N, 41°19'51.24"E
Տեւկանց՝ 210 բնակիչ, Պատրիարքարան՝ 13 տուն, Թէոդիկ՝ 9 տուն:
Հասհաս, Հըսհըս, Հըսըէս, Հըզհըզ [Gözpınar]
37°58'39.53"N, 41°27'25.83"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Պատրիարքարան՝ 9 տուն, Թէոդիկ՝ 9 տուն:
Հազնամեր, Հազնամիր, Հզնամիր, Հըզնամիր, Հիզնամիր, Հազնեմիր [İnpınar]
37°56'20.40"N, 41°15'42.65"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 12 տուն, Պատրիարքարան՝ 28 տուն, Տէրոյեան՝ 35 տուն, Թէոդիկ՝ 25 տուն, Պետոյեան՝ 60 տուն:
Հողյար, Խողդար, Խողրար [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն։
Հոպէ, Յոպէ, Հոպ, Հոբ, Յոփ [Asmadere]
37°54'38.63"N, 41°22'2.95"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 20 տուն, Մայեվսքի՝ 60 տուն, Պատրիարքարան՝ 20 տուն, Տէրոյեան՝ 55 տուն, Թէոդիկ՝ 20 տուն, Պետոյեան՝ 50 տուն, Յակոբեան et al՝ 50 հայկական, քրտական եւ ասորի տուներ 20-րդ դարու սկիզբին:
Հուսէյնիկ, Հուսէյնի, Խասէնի, Խասսէնի, Խուսէյն, Հիւսէյնի, Հուսէյնի, Հուսէյնիքէօյ [Aydemir]
37°48'31.08"N, 41°45'4.69"E
Պատրիարքարան՝ 5 տուն, Թէոդիկ՝ 3 տուն, Յակոբեան et al՝ 15 տուներ 20-րդ դարու սկիզբին:
Կալամարան, Քելամերան, Կելեմերան, Կալեմերան, Օձաբերդ [Erdurağı]
37°54'4.51"N, 41°34'29.18"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն:
Կանիբարազա, Կանի բարազա, Քանիբարազ, Կանիբարազա, Վարազաղբիւր, Վարազի աղբիւր [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
37°59'36.10"N, 41°25'32.57"E
Տեւկանց՝ 172 բնակիչ:
Կանիխուլլ, Կանի խուլլ, Կանիխուլ, Գանիգուլ, Քանի գուլ, Քանիգուլ, Կանիկուլ, Կանիկոլ, Ծակաղբյուր [Esence]
38° 0'51.46"N, 41°22'24.78"E
Պատրիարքարան՝ 20 տուն, Թէոդիկ՝ 9 տուն:
Կանիսուրիկ, Կանի Սուրիկ, Կանիսորիկ, Կանիսորեկ, Քանիսորիկ, Քանիսորկ, Կանիչռըկ, Կանիշրաղ, Կանի Սիմօ, Գանի Սիմօ, Սիմոյի Աղբիւր, Սիմոնի Աղբիւր, Այնչռըկ [Doruklu]
37°51'57.92"N, 41°34'41.89"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն:
Կանիշըրըգ, Կանըշըրք, Քանիշիրք, Գանիշըրըգ [այլ ծանօթ անուն՝ Kanî Sîrk]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Թէոդիկ՝ 6 տուն:
Կելհոնք, Կելկոխ, Կելհոկ, Կհլոկ, Գյալհուկ, Կալհոկ [Karakaya]
38° 4'52.90"N, 41°43'33.13"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Պատրիարքարան՝ 12 տուն, Տէրոյեան՝ 55 տուն, Թէոդիկ՝ 10 տուն:
Խանըկ, Խանիք, Խանըգ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն:
Քանիկ, Քանիք, Կանըկ, Կանիկ, Կանիք [Samanyolu]
38° 6'25.81"N, 41°13'38.94"E
Պատրիարքարան՝ 7 տուն:
Խիլկա, Խիլըքան, Խալըկան, Խալիկան, Խելեքան, Խլկան, Հակիկան [Ardıçdalı]
38°12'23.77"N, 41°42'34.03"E
Պատրիարքարան՝ 2 տուն:
Խնասք, Խընասք, Գընգընասքէ, Կանկանաս [հնարաւոր է՝ Avcılar, այլ ծանօթ անուն՝ Ganaski]
37°55'33.29"N, 41°25'25.75"E
Յակոբեան եւ այլք կ՚ենթադրեն, որ մինչեւ 1896 թուական այս գիւղը լքուած էր: Սղերդի Առաջնորդարան՝ 6 տուն:
Խնդուկ, Խենդուկ, Խընդուկ, Խընտուք, Խենտուք, Խնտուք, Խունդուխ, Խունդուկ, Հենդուկ [Kaşüstü]
37°45'3.82"N, 41°39'9.27"E
Այս գիւղը շատ հաւանաբար ջրամոյն եղած է Եփրատ գետին մէջ գետեզերքներու փոփոխութեան արդիւնքով, որոնք տեղի ունեցան Իլիսու ամբարտակին (թրք. Ilısu Barajı) շինութեան պատճառով:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 15 տուն, Պատրիարքարան՝ 6 տուն, Թէոդիկ՝ 11 տուն:
Խուբին, Կուբին, Ղուբին, Գուպին, Գուփին, Խուպէ դարէ [Atalay]
37°45'18.97"N, 41°41'16.94"E
Տեւկանց՝ 200 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Պատրիարքարան՝ 39 տուն, Տէրոյեան՝ 50 տուն, Թէոդիկ՝ 32 տուն:
Խուլիկ, Խուլըկ, Կուլիկ, Խալըկ, Գուլըք, Գուլիք, Գուլլըգ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Պատրիարքարան՝ 33 տուն, Տէրոյեան՝ 70 տուն, Թէոդիկ՝ 36 տուն:
Խըրպան, Կրիվան, Կիրիվան [Yeniköprü]
37°54'42.16"N, 41°44'18.56"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5-6 տուն, Պետոյեան՝ 40 տուն:
Քոխ Վերին, Գոխ Վերին, Գոխ [Tütenocak]
38° 6'0.53"N, 41°40'49.64"E
Տեւկանց՝ 80 բնակիչ (հաւանաբար միաժամանակ վերին եւ վարի դիրքերով բնակավայրերուն համար):
Քոխ Ներքին, Գոխ Ներքին, Գոխ [Tütenocak]
38° 6'27.42"N, 41°40'51.71"E
Տե՛ս Քոխ Վերին՝ բնակչութեան մասին տեղեկագրուած տուեալներուն համար, երկու բնակավայրերուն համար:
Քոխա, Քոխան, Գոխան [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 56 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 2-3 տուն, Պատրիարքարան՝ 4 տուն, Տէրոյեան՝ 20 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն։
Կոմիկա, Կոմիքա [այլ ծանօթ անուն՝ Gomek]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Կոմեք անունը կրող գիւղ մը կը ներկայանայ Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ որպէս լքեալ վայր մը, որ նախապէս բնակեցուած էր հայերով, Պատրիարքարան՝ 2 տուն:
Քոթիպ, Քյոթիպ, Ղաթիպ [այլ ծանօթ անուն՝ Kötip]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Թէոդիկ՝ 6 տուն։
Քուրդիկ, Գուրտըք, Կուրդուք [Yeniyol]
37°57'25.45"N, 41°18'33.61"E
Պատրիարքարան՝ 3 տուն, Թէոդիկ՝ 3 տուն:
Քուզալան, Կզըլան, Կըզելա, Կեզելան [այլ ծանօթ անուններ՝ Kozalan or Ğuzalan]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պետոյեան՝ 20 տուն:
Մամագուշա, Մալակուշան, Մամակիշ [Uzunyazı]
38° 8'52.93"N, 41°35'5.51"E
Տեւկանց՝ 49 բնակիչ:
Մամլայէ, Մամլահա, Մամլա, Մամըլա, Մեմլա, Աղահանք [Çalıdüzü]
37°56'5.69"N, 41°27'55.64"E
Տեւկանց՝ 104 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 15 տուն, Պատրիարքարան՝ 10 տուն, Տէրոյեան՝ 12 տուն, Թէոդիկ՝ 10 տուն, Պետոյեան՝ 25 տուն, Յակոբեան et al` 25 տուն 20-րդ դարու սկիզբին:
Մարիբ, Մարիպ, Մահրիբ [հնարաւոր է՝ Kaynaklı, այլ ծանօթ անուն՝ Mağrip]
37°56'5.04"N, 41°35'50.72"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 2-3 տուն:
Մարմարոնօ, Մարմարունա, Մարմարոնա, Մարմուրանա [Akdem or Akdam]
37°58'24.90"N, 41°26'22.13"E
Տեւկանց՝ 64 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Պատրիարքարան՝ 6 տուն, Թէոդիկ՝ 6 տուն:
Մելհա, Մելհան [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 230 բնակիչ․ Այս գիւղը կը ներկայանայ Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ որպէս լքեալ վայր մը, որ նախապէս բնակեցուած էր հայերով:
Մելիքան, Միլըքան, Միլիքան, Միլըգան, Միլըքա [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 15 տուն, Թէոդիկ՝ 16 տուն:
Մելքա, Միլըքա, Միլկա [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 80 բնակիչ։
Մելքիշան, Մըլքիշան, Մլքեշան [Kavakdibi]
38°10'6.06"N, 41°21'48.74"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 30 տուն, Պատրիարքարան՝ 40 տուն, Տէրոյեան՝ 60 տուն, Թէոդիկ՝ 36 տուն:
Մերինա, Մերինան, Մերենա, Մերենան, Միրինան, Մարիանիս [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Մայեվսքի՝ 30 տուն, Պատրիարքարան՝ 12 տուն, Տէրոյեան՝ 40 տուն, Թէոդիկ՝ 27 տուն:
Մերկէ ռաջալ, Մըրկա ռաջալ, Մըրկա ռեջալ, Մերկարըճճալ, Մերկարեչա, Մուրգրեչալ [Otluca]
38° 1'9.28"N, 41°15'1.43"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 15 տուն:
Մըզէ, Միզի, Մրզէ, Մըզէ [Dedebakırı]
38° 7'20.06"N, 41°39'37.50"E
Պատրիարքարան՝ 2 տուն, Թէոդիկ՝ 2 տուն:
Մլաֆան, Մալաֆան, Մըլաֆան, Մելեֆեն, Մըլֆան [Tuzlagözü]
38°10'51.53"N, 41°34'10.84"E
Տեւկանց՝ 400 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Պատրիարքարան՝ 28 տուն, Թէոդիկ՝ 28 տուն, Պետոյեան՝ 400 տուն, Յակոբեան et al՝ 400 հայկական, ասորական եւ քրտական տուներ 1914-ին:
Նազդար, Նազտար [Ürünlü]
37°59'19.88"N, 41°22'19.98"E
Տեւկանց՝ 50 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 7 տուն, Պատրիարքարան՝ 3 տուն, Տէրոյեան՝ 32 տուն, Թէոդիկ՝ 1 տուն:
Փալոնի, Փալոնիկ, Բալոնի, Պալունի [Çakıllı]
37°56'48.23"N, 41°25'40.02"E
Տեւկանց՝ 200 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Տէրոյեան՝ 26 տուն, Թէոդիկ՝ 8 տուն:
Պղեղիկ, Պեխիկ, Պեյիկ [հնարաւոր է՝ Yapraklı]
38° 6'0.40"N, 41°29'20.98"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 3 տուն, Յակոբեան et al՝ 60 հայկական եւ ասորական տուներ 1880-1914-ին:
Ռընդվան, Ռեդվան, Ռենդվան, Ռնդվան, Ռդվան, Ռըդվան, Ռնտվան, Ռընտվան, Տտվան, Ռզվան, Եզիտցւոց գիւղ [Beşpınar]
37°50'45.32"N, 41°36'21.62"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 50 տուն, առաւել 15 հայ աւետարանական տուներ, Մայեվսքի՝ 160 տուն, Պատրիարքարան՝ 64 տուն, Տէրոյեան՝ 150 տուն, Թէոդիկ՝ 64 տուն, Պետոյեան՝ 400 տուն:
Սահարտա, Սաարտա, Սեհերդան, Սարդա, Սըըրտա [Çayırlı]
37°55'32.24"N, 41°34'3.66"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 2-3 տուն:
Սալաս, Սալազ, Սալանզ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 1 տուն:
Սարիպ, Սարիբ [Kayatepe]
37°50'45.18"N, 41°38'32.95"E
Տէրոյեան՝ 20 տուն, Թէոդիկ՝ 4 տուն:
Սբհի, Սըբհի, Սպհի, Սըպհի, Սըբհիկ, Սըպհիք, Սուպհի [Örensu]
38° 2'4.69"N, 41°27'17.16"E
Տեւկանց՝ 9 բնակիչ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 15 տուն, Պատրիարքարան՝ 15 տուն, Տէրոյեան՝ 32 տուն, Թէոդիկ՝ 12 տուն:
Սերխոշի, Սերխոշիք [այլ ծանօթ անուն՝ Serhoşik]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Այս գիւղը Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ կը ներկայանայ որպէս լքեալ վայր մը, որ նախապէս բնակեցուած էր հայերով:
Սեւդիկ, Սոյդիկ, Սոյտիգ, Սերդիկ [Yalınca]
37°48'49.98"N, 41°38'22.78"E
Այս գիւղը հաւանաբար դադրած է գոյութիւն ունենալէ:
Պատրիարքարան՝ 2 տուն:
Սեվկան, Սեվըկա, Սեվըքա, Սեւըքա [Yemişli]
38° 6'20.22"N, 41°34'20.98"E
Տեւկանց՝ 145 բնակիչ:
Սեյիդ Մարիամ, Սեյիդ Մերիեմ, Սեյտ Մերրամ, Սեյիտ Մեյրեմ, Սեյիդ Մերյեմ, Մերիեմ [հնարաւոր է՝ Seyrantepe]
37°59'14.33"N, 41°27'50.85"E
Տեւկանց՝ 32 բնակիչ․ Այս գիւղը Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական տեղեկագիրին մէջ կը ներկայանայ որպէս լքեալ վայր մը, որ նախապէս բնակեցուած էր հայերով:
Շեյխհոնես, Շեյխհունես, Շեխունըս, Շեխյունս, Շեխունուս, Շեյխ Եունուս, Կստաշէն, Գստաշէն, [Yunuslar]
37°57'34.45"N, 41°23'2.37"E
Պատրիարքարան՝ 5 տուն, Թէոդիկ՝ 5 տուն:
Սրջան, Սըջան, Սըչան, Սըճան, Թախթեխարզան [Güllüce]
38° 8'57.45"N, 41°36'16.46"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 2-3 տուն, Պատրիարքարան՝ 2 տուն, Թէոդիկ՝ 2 տուն:
Սուլան Վերին, Սուլան Վերի [İkiyaka]
37°46'17.33"N, 41°33'31.97"E
Այս գիւղը շատ հաւանաբար ջրամոյն եղած է Եփրատ գետին մէջ գետեզերքներու փոփոխութեան արդիւնքով, որոնք տեղի ունեցան Իլիսու ամբարտակին (թրք. Ilısu Barajı) շինութեան պատճառով:
Սուլան Ներքին, Սուլան Վարի [Başarı]
37°46'42.28"N, 41°33'36.83"E
Այս գիւղը շատ հաւանաբար ջրամոյն եղած է Եփրատ գետին մէջ գետեզերքներու փոփոխութեան արդիւնքով, որոնք տեղի ունեցան Իլիսու ամբարտակին (թրք. Ilısu Barajı) շինութեան պատճառով:
Շքեֆթան, Շխֆթան, Շկավտա, Շկեֆտան, Շքեվթա, Ըշքեֆթա [Oyuktaş]
38° 2'37.41"N, 41°30'24.08"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 4-5 տուն:
Թաղարի, Թախարի, Թխրեկ [այլ ծանօթ անուններ՝ Tahari կամ Tağari]
Հնարաւոր է՝ 37°55'48.50"N, 41°17'17.38"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Պատրիարքարան՝ 8 տուն, Տէրոյեան՝ 22 տուն, Թէոդիկ՝ 1 տուն:
Տապու, Տապի, Թափի, Թափէ [Alıçlı]
37°56'37.98"N, 41°14'1.84"E
Պատրիարքարան՝ 11 տուն, Տէրոյեան՝ 15 տուն:
Տերա [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն:
Թոժկան, Տժժկան [Uğurlu]
38° 8'57.43"N, 41°35'23.81"E
Տեւկանց՝ 74 բնակիչ:
Տրբեսա, Տերբեսա, Թրբեսա, Թրբեսան, Դրբեսա, Դըրբեսան, Դըրպեսան, Տըրպեսան [Yaylıca]
38° 0'24.30"N, 41°13'51.68"E
Պատրիարքարան՝ 4 տուն:
Վահսըթ, Վասըթ, Վաստ, Վահսըտ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 1-2 տուն, Պատրիարքարան՝ 6 տուն:
Զըննաֆ, Զինաֆ, Զինավֆ, Զինահֆ, Զիննապ [Tosunbağ]
38° 1'23.71"N, 41°41'53.37"E
Տեւկանց՝ 126 բնակիչ:
Զվընկ, Զըվընկ, Զվինք, Զըվընիկ [ներկայ անունը՝ անծանօթ]
Այս գիւղին տեղադրութիւնը կարելի չէ որոշել:
Պատրիարքարան՝ 11 տուն:
Զեվիկ, Զիվիկ [Yoldurağı]
37°56'6.68"N, 41°26'26.18"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Պատրիարքարան՝ 4 տուն, Թէոդիկ՝ 7 տուն:
Զոխ, Զոկ, Զոխայիդ, Զոխայտ, Զոխետ, Զոխեթ, Զոկա, Զոգ, Ֆաթիհբեյ, Ֆաթիհ բեյ [Yanarsu]
38° 2'16.57"N, 41°33'37.54"E
Տեւկանց՝ 600 բնակիչ, Քուինեթ՝ 200 խառն տուներ, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն, Մայեվսքի՝ 200 խառն տուներ, Պատրիարքարան՝ 30 տուն, Տէրոյեան՝ 150 տուն, Թէոդիկ՝ 200 տուն, Պետոյեան՝ 200 տուն:
Ծանօթագրութիւններ
- [1] Թադէոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 2, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն:
- [2] Ռոբերտ Թաթոյեան, «Արեւմտյան Հայաստանի Բիթլիս նահանգի Սղերդի գաւառի հայ բնակչութեան թուաքանակը Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին», Ցեղասպանագիտական հանդէս, համար 8 (1), 2020, էջ 91:
- [3] Tomaschek, Wilhelm. Sasun und das Quellengebiet des Tigris [Վիլհելմ Թոմաշչէք, Սասունը եւ Տիգրիս գետի ակունքներուն շուրջի տարածքը], թարգմանութիւնը՝ Հ. Բառնաբաս Վ. Պիլեզիքճեան, Վիեննա: Մխիթարեան հրատարակչութիւն, 1896, էջ 61:
- [4] Թովմա Արծրունի եւ Անանուն. Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, Երեւան, Մագաղաթ, 2006, էջ 52:
- [5] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 1, էջ 435:
- [6] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 4, էջ 158:
- [7] Գեղամ Բադալեան, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս VIII-րդ) [Սասուն եւ Բիթլիս քաղաք]», Վէմ, համար 2 (58), 2017, էջ 39:
- [8] Taylor, John George. “Travels in Kurdistan, with Notices of the Sources of the Eastern and Western Tigris, and Ancient Ruins in Their Neighbourhood” [Ճոն Ճորճ Թէյլըր, Ճանապարհորդութիւններ Քիւրտիստանի մէջ՝ Արեւելեան և Արեւմտեան Տիգրիսի ակունքներուն եւ անոնց հարեւանութեան հնագոյն աւերակներու մասին ծանուցումներով, The Journal of the Royal Geographical Society of London, հատոր 35, 1865, էջ 21-58.
- [9] Վիճակագրական տեղեկագիր պատրաստուած Սղերդի Առաջնորդարանին կողմէ, 1902, թերթ 10։
- [10] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 1, էջ 435։
- [11] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 2, էջ 704:
- [12] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 2, էջ 314։
- [13] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հատոր 4, էջ 444։
- [14] Կոնստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան 1913-1914 մարդահամարը, Փարիզ, ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարան, էջ 66:
- [15] Մասիս, Փետրուար 5 (17), 1881։
- [16] Mayewski, Vladimir. Voenno-statisticheskoe opisanie Vanskogo i Bitlisskogo vilayetov [Վլատիմիր Մայեւսքի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն զինուորական վիճակագրութիւնը], Թիֆլիս, Caucasus Military District Headquarters Press, 1904, էջ 26 (Ռազմավարական ուսումնասիրութեան բաժին)։
- [17] Kévorkian, Raymond, and Paul Paboudjian. Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide [Ռեյմոնտ Գէորգեան եւ Փոլ Փապուճեան, Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան նախօրէին]: Փարիզ, ARHIS, 1992, էջ 504։
- [18] Tekdal, Danyal. II. Abdülhamid döneminde Bitlis vilayeti (İdari ve sosyal yapı) [Տանիալ Թեքտալ, Պիթլիսի նահանգը Ապտուլ Համիտ Բ-ի շրջանին (վարչական եւ ընկերային կառոյց)] (տոքթորական թէզ, Փամուգգալէ Համալսարան, 2018), էջ 38։
- [19] Ազատամարտ, համար 231, Մարտ 12, 1910։
- [20] Կոնստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան 1913-1914 մարդահամարը: Փարիզ, ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարան, էջ 65-68։
- [21] Kévorkian, Raymond, and Paul Paboudjian. Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, էջ 60, 504։
- [22] Գեղամ Բադալեան, «Վարազդատ Տէրոյեանի վիճակագրական նիւթերը Արեւմտեան Հայաստանի բնակավայրերի վերաբերեալ», The Bulletin of Armenian Archives, համար 1 (105) (2005), ծանօթագրութիւն 1, էջ 220։
- [23] Kévorkian, Raymond. The Armenian Genocide: A Complete History [Ռեյմոնտ Գէորգեան, Հայոց ցեղասպանութիւն. Ամբողջական պատմութիւն մը], Լոնտոն, A.R. Mowbray, 2012, էջ 340:
- [24] Գեղամ Բադալեան, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս VIII-րդ) [Սասուն եւ Բիթլիս քաղաք]», Վէմ, համար 2 (58), 2017, էջ 39:
- [25] Dadrian, Vahakn. “The Perversion by Turkish Sources of Russian General Mayewski’s Report on the Turko-Armenian Conflict.” [Վահագն Տատրեան, «Ռուս զօրավար Մայեվսքիի՝ թուրք-հայկական հակամարտութեան մասին զեկոյցի թրքական աղբիւրներու խեղաթիւրումը»], Journal of the Society for Armenian Studies, համար 5 (1991), էջ 140, 150։
- [26] Տէր-Սարգսենց, Արիստակէս (Տեւկանց), Այցելութիւն ի Հայաստան, 1878: Երեւան. ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա, 1985, էջ 115-117, 126։
- [27] Արձագանգ, համար 9, Ապրիլ 18, 1882։
- [28] Cuinet, Vital. La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure [Վիդալ Քուինէ, Ասիական Թուրքիա. Փոքր Ասիոյ իւրաքանչիւր նահանգի վարչական, վիճակագրական, նկարագրական և հիմնաւորուած աշխարհագրութիւն], հատոր 2, Փարիզ, Ernest Leroux, 1891, էջ 612-613:
- [29] Salname-i Vilayet-i Bitlis 1310 [Տարեգիրք Պիթլիսի վիլայեթի, 1892], Provincial Document Printing Office, 1308 (1890):
- [30] Մշակ, համար 115, Հոկտեմբեր 6, 1894:
- [31] Մայեվսքի, նշուած աշխ․, էջ 222 (Ռազմավարական ուսումնասիրութեան բաժին):
- [32] Վիճակագրութիւն Սղերդի եւ իր թեմերուն, Սղերդի Առաջնորդարան, 1902.
- [33] Tekin, Rahmi and Yaşar Baş, eds. Osmanlı atlası. XX. Yüzyıl Başları. İstanbul: Osmanlı Araştırmaları Vakfı araştırmaları, 2003, p. 81. (Mehmed Nasrullah, Mehmed Rüşdü, and Mehmed Eşref, Memâlik-i Mahrûse-i Şâhâneye Mahsûs Mükemmel ve Mufassâl Atlas, 1907)։
- [34] Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան, (Ա-Դօ), Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, Տպարան Կուլտուրա, 1912, էջ 8:
- [35] Բադալեան, Վարազդատ Տէրոյեանի…, էջ 219-220։
- [36] Tableaux indiquant le nombre des divers éléments de la population dans l’Empire Ottoman au 1 Mars 1330 (14 Mars 1914), Constantinople, 14.04.1919, in FO 371/4229, No. 86552, 24.05.1919, cited in Zamir, Meir. “Population Statistics of the Ottoman Empire in 1914 and 1919.” Middle Eastern Studies, Vol. 17, No. 1 (1981), p. 92.
- [37] Թէոդորոս Լապճինեան (Թէոդիկ), Գողգոթա Թրքահայ Հոգեւորականութեան եւ իր Հօտին Աղետալի 1915 Տարին, Թեհրան. S.N., 2014, էջ 129-131, 762-763:
- [38] Վարդան Պետոյեան, Սասունի բարբառը, Երեւան, ՀԽՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա, 1954, էջ 7, 187-190:
- [39] Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի Աշխարհի, Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, 2013 [1957], էջ 339:
- [40] Karpat, Kemal. Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics. [Քեմալ Կարպատ, Օսմանեան բնակչութիւնը, 1830-1914. Ժողովրդագրական եւ Ընկերային Յատկանիշներ] Madison: The University of Wisconsin Press, 1985, էջ 174:
- [41] Tetik, Ahmet, ed. Arşiv belgeleriyle ermeni faaliyetleri, 1914-1918 Cilt I (1914-1915) [Armenian Activities in the Archive Documents, 1914-1918], Vol. 1: 1914-1915. Ankara: Genelkurmay Basım Evi, 2005, pp. 151, 449.
- [42] Նոյն, էջ 134։
- [43] Ռոբերտ Թաթոյեան, “Արեւմտահայութեան թուաքանակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան էթնիկական կազմի հարցերը Փարիզի հաշտութեան կոնֆերանսին (1919-1920)”, Journal of Genocide Studies, համար 4 (1), 2016, p. 61։