Երբեմնի հայկական Ապարանք գիւղին մէջ (ներկայիս՝ Քայաշ) գտնուած Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանքը։

Խիզանի գաւառակ – Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 21/02/2026 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/02/2026), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին, Խիզանը հայերով բնակուած տարածք մըն էր՝ Վանայ լիճէն հարաւ-արեւմուտք, Պիթլիսի վիլայէթի հարաւ-արեւելեան մասին մէջ, զոր հայերը կը կոչէին Բաղէշ։ Վարչական առումով, Խիզան մաս կը կազմէր Բաղէշի սանճաքին՝ նոյնանուն նահանգի ենթավարչական միաւորներէն մէկը, որպէս գաւառակ (թրքերէն՝ քազա)։ Ապտուլհամիտեան ջարդերէն առաջ, օսմանեան բանակի, աշխարհազօրայիններու, ցեղախումբերու եւ սովորական իսլամ բնակիչներու գործած լայնածաւալ կոտորածներու շարքին, որոնք 1894-էն սկսեալ երեք տարուան ընթացքին տասնեակ հազարաւոր հայերու կեանքը խլեցին, Խիզանի մէջ կային հայկական հին եւ գեղատեսիլ վանքեր ու եկեղեցիներ։ Պոլիս հրատարակուող «Մասիս» պարբերականին մէջ լոյս տեսած «Խիզան» խորագրեալ յօդուածին հեղինակը՝ Ղ. Պ. Նահապետեանց, կը գրէր, թէ յօդուածին հրատարակութեան պահուն՝ 1884 թուականի յունուարին, «Խիզանի գիւղերուն մէջ կը տեսնուէին հոյակապ վանքեր, որոնք բոլորն ալ արժանի էին մանրամասն ուսումնասիրութեան՝ թէ՛ պատմական, թէ՛ հնագիտական տեսանկիւնէ» [1]։ Հին ժամանակներուն, այս վանքերը կը գտնուէին հայ ազնուական իշխանական, հետագային թագաւորական տոհմի՝ Արծրունիներու տիրապետութեան տակ [2]:

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգին մէջ, Խիզանը Աղթամարի կաթողիկոսութեան երկու թեմերէն մէկն էր (միւսն էր Աղթամարը) [3]։ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը անկախ աթոռ մըն էր, որ գոյութիւն ունեցած է 1113-էն մինչեւ 1916, եւ իր իրաւասութեան տակ կը պահէր պատմական Հայաստանի Վասպուրական աշխարհին մէկ մասը [4]։ 12-րդ դարուն, կաթողիկոսութիւնը կը հաստատուի Աղթամարի կղզի-քաղաքին մէջ՝ Վանայ լիճի հարաւային ափէն երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ըստ Բրիտանական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կայքէջին, Աղթամարը «ծաղկուն, պարիսպներով շրջապատուած քաղաք մըն էր, կառուցուած փոքրիկ կղզիին վրայ՝ պալատներով, ոսկեայ գմբէթաւոր եկեղեցիներով եւ հրաշալի կախովի պարտէզներով զարդարուն»։ Այստեղ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Ա. Արծրունին «կառուցած էր գմբէթաւոր գեղեցիկ եկեղեցի մը՝ Սուրբ Խաչը, զոր նուիրած էր կաթողիկոսին որպէս անոր հայրապետական տաճարը» [5]։

Ժամանակակից հայ դիտորդ Թէոդորոս Լապճինճեան (Թէոդիկ) կը նշէր, թէ Աղթամարի կաթողիկոսութեան Խիզանի եւ Աղթամարի թեմերը կ’ընդգրկէին Հայոց Ձոր, Գեաւաշ-Կարճկան, Շատախ, Նորտուզ, Մոկս (Մոկք) եւ Խիզան լճափնեայ շրջանները [6]։ Միւս կողմէ, «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան»ը կը նշէ, թէ այս երկու թեմերուն մէջ ընդգրկուած էին Հայոց Ձորի, Ռշտունիքի, Շատախի, Անձեւացիքի, Մոկքի, Կորճայքի եւ Խիզանի շրջանները, եւ որ երկու թեմերը միասին ունէին 302 գործող եկեղեցի եւ 58 վանք [7]։ Ըստ Բրիտանական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կայքէջին, Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ՝ 1915-ին Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը «կը բաղկանար մօտաւորապէս 70.000 անդամներէ՝ 130 ծուխերով եւ 203 եկեղեցիներով, ներառելով Գեաւաշի, Շատախի եւ Կարճկանի գաւառները» [8]։

1895-ին, ապտուլհամիտեան ջարդերու ընթացքին Խաչատուր Գ. Շիրոյեան կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը յայտնուեցաւ մահամերձ վիճակի մէջ։ Խիզանի մէջ այս ջարդերու ամենէն ծանր հետեւանքներէն էին մի շարք հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու աւերումը, կողոպուտը կամ անոնց վերածումը մզկիթի, մինչ մի քանի հայ հոգեւորականներ կա՛մ սպանուեցան ամենէն սարսափելի ձեւերով, կա՛մ բռնի իսլամացուեցան [9]։ Կրօնական կառոյցներու պղծումը, դաժան սպանութիւնները եւ բռնի կրօնափոխութիւնները տարածուած էին յատկապէս Խիզանի մէջ։ Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Արարատ» ամսագրի 1896-ի փետրուարի թիւի «Հայաստանեայց եկեղեցին Տաճկաստանում» խմբագրականին, 1895-ի օգոստոսին բռնութիւնները հարուածած էին հայ հոգեւորականութիւնը, սովորական գիւղացիները եւ կրօնական շինութիւնները Խիզանի չորս ենթագաւառներուն՝ Գաւառներու, Սպարկերտի, Մամրտանքի եւ Շենաձորի մէջ [10]։ Ըստ գերմանացի բողոքական միսիոնար Եոհաննէս Լեփսիուսի, 1895-ի հոկտեմբերին Խիզանի մէջ կողոպտուած էին Խիզանի կամ Շինիձորի Սուրբ Խաչ, Բարակաձորի Սուրբ Աստուածածին, Բազենիցի Սուրբ Աստուածածին, Գեղիսի Սուրբ Կիրակոս, Շիրինիցի Սուրբ Գէորգ, Սորիի Սուրբ Աստուածածին եւ Խնձորուտի Սուրբ Գէորգ վանքերը (տե՛ս ստորեւ տրուած «Խիզանի գաւառի վանքերը» բաժինը)։ Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանքը վերածուած էր մզկիթի [11]։

Դաժանութիւնները, սպանութիւնները, բռնի կրօնափոխութիւնները եւ կողոպուտները կարծես բաւարար չըլլային, քիւրտերը վանքերէն դուրս բերին հայկական հին գիրքերը եւ ոչնչացուցին զանոնք։ 1896-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ժընեւ հրատարակուող պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի մէջ լոյս տեսած «Նամակներ պարսկատաճկական սահմանագլխից. Կռիւ Վասպուրականի Խիզան գաւառի Սուրբ Խաչ վանքում. Վանքի հարստահարումն եւ աւերումն» խմբագրականը կը հաղորդէր նման դէպք մը, որ տեղի ունեցած էր Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ մայր տաճարին մէջ։ ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդրոնական Կոմիտէի՝ տաճարը եւ շրջակայքը պաշտպանելու համար ղրկած հայդուկներու խումբին մէկ անդամը կը տեղեկացնէր, թէ քիւրտերը, արժէքաւոր մասունքները թալանելէ եւ տաճարին գեղեցիկ որմնանկարները պղծելէ ետք, ոչնչացուցած էին տաճարի մատենադարանին մէջ կուտակուած շուրջ 1.000 անգնահատելի հին տպագիր գիրքեր եւ ձեռագիրներ [12]։

Քանի որ Աստուածաշունչը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ աւանդաբար հանդիսացած է պաշտամունքի հիմնական առարկան, վանքերու մէջ ապրող վանականներու կամ գրիչներու գրած եւ մանրանկարչութեամբ զարդարուած գիրքերը կը համարուին հայկական միջնադարեան արուեստի ամենէն նրբաճաշակ ստեղծագործութիւններէն։ 15-րդ դարուն, Խիզանի մէջ հայ արուեստագէտները զարգացուցած են լուսաւորութեան տրամաթիք պատմողական ոճը, որ կը յատկանշուէր կենդանի պատկերազարդումով [13]։ Խիզանի գլխաւոր քաղաքը, որ կը կրէր գաւառին անունը, պատմական Հայաստանի գրչութեան կեդրոններէն մէկն էր։ 17-րդ դարու ժամանակագրութենէ մը կը տեղեկանանք, թէ քաղաքին մէջ կար եօթը սրբավայր՝ Սուրբ Յարութիւն, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Յովհաննու Մկրտիչ, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Մարտիրոս եկեղեցիները [14]։ Անոնց մէջ, 1336-էն մինչեւ 1626, շուրջ երկու տասնեակ Աւետարաններ եւ այլ ձեռագիրներ ընդօրինակուած ու նկարազարդուած են [15], ինչի շնորհիւ միջնադարեան հայկական բազմաթիւ ժամանակագրութիւններու մէջ Խիզանը յաճախ կը յիշատակուէր որպէս «Եօթնխորանեան քաղաք» [16]։

Խիզանի հայկական վանքերն ու եկեղեցիները քրտական ոտնձգութիւններու ենթարկուած էին նոյնիսկ ապտուլհամիտեան ջարդերէն առաջ։ 1860-ական թուականներուն, Սիպղաթուլլահ անունով խորամանկ եւ նենգ մոլլա մը, իր զաւկին՝ շէյխ Ջալալէտտինի հետ միասին, Մոկսի հիմնականօրէն հայաբնակ Առուանց (ներկայիս՝ Տողանեայլա) գիւղէն կը տեղափոխուի Վանայ լիճի հարաւ-արեւմտեան եւ հիւսիս-արեւմտեան ափերու ետին գտնուող շրջանները։ Մարդասպան աւազակներէ բաղկացած խմբակներ կազմելով՝ այս երկու քիւրտերը ահաբեկութեան, սպառնալիքներու եւ սպանութիւններու միջոցով հարիւրաւոր հայկական ընտանիքներ կը ստիպեն լքելու իրենց հայրենական տուները Խիզանի, Պուլանըքի, Մանազկերտի եւ Մուշի դաշտի որոշ մասերուն մէջ [17]։ Խիզանի մէջ, 1877–1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմին ժամանակ, Ջալալէտտին կը հրամայէ քանդել հայկական Միջթաղ գիւղի (ներկայ անունը անծանօթ է) եկեղեցին, մինչ իր աւազակները կ’աւերեն Պատեր հայկական գիւղի (ներկայիս՝ Քոչլու) եկեղեցին [18]։ Այս տխրահռչակ շէյխը նաեւ կը կործանէ Խիզանի այն ժամանակուան գլխաւոր քաղաք Բեթամինի (ներկայիս՝ Կայտա) Սուրբ Յարութիւն հոյակապ եկեղեցին [19] եւ եկեղեցւոյ քարերը կը գործածէ իրեն համար տուն մը կառուցելու նպատակով։ Բեթամինի տիրանալէ ետք, քրիստոնէական սրբավայրերու հանդէպ ատելութեամբ եւ մոլեռանդութեամբ լեցուած Ջալալէտտին կը հրամայէ կործանել Խիզանի եւ յարակից շրջաններու հայկական բազմաթիւ հնութիւնները, եկեղեցիները, մատուռները եւ կիսաւեր տաճարները [20]։

Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «Լումայ» գրական հանդէսին մէջ լոյս տեսած «Բաղէշ եւ իր շրջակայք» խմբագրական յօդուածը կը նշէ, թէ մօտաւորապէս 1875-ին հայ վանահայր մը, տեղացի քիւրտերուն կողմէ իրեն հասցուած զրկանքներն ու տառապանքները դիմագրաւելէ ետք, կը յաջողի հաստատուիլ Խիզանի վանքերէն մէկուն՝ Խիզանի կամ Շէնաձորի Սուրբ Խաչավանքին մէջ։ Խմբագրականի հրապարակման պահուն՝ 1900-ին, Խիզանի մնացած հայկական վանքերը քիւրտերը վերածած էին սեփական ամառանոցներու կամ ագարակներու [21]։

Ապտուլհամիտեան ջարդերու ընթացքին տեղի ունեցած բռնութիւններու դադրելէն ետք, Աղթամարի կաթողիկոսութեան Խիզանի եւ Աղթամարի թեմերը անցան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ [22]։ 1900-ական թուականներու սկիզբը, Խիզանի թեմը կ’ընդգրկէր Վանի նահանգի Գեաւաշի եւ Կարճկանի (Քարճըքան) գաւառակներու որոշ մասեր, Խիզանի նոյնանուն ենթագաւառին մէկ մասը (որ կը կոչուէր նաեւ Գաւառներ), ինչպէս նաեւ Խիզանի երեք այլ ենթագաւառները՝ Սպարկերտ, Կարկառ եւ Մամրտանք [23]։ 1911-ին Պոլսոյ նախկին պատրիարք Մաղաքիա արք. Օրմանեան (1896–1908) կը նշէր, թէ Աղթամարի Աթոռին «իշխանութիւնը կը տարածուէր Վանի նահանգի Գեաւաշ եւ Շատախ գաւառներուն, ինչպէս նաեւ Պիթլիսի վիլայէթի Խիզան գաւառին վրայ», եւ թէ «այս Աթոռը 1895-էն ի վեր թափուր էր եւ ժամանակաւորապէս կը կառավարուէր եպիսկոպոսի մը կողմէ» [24]։ Ըստ Օրմանեանի, կաթողիկոսութիւնն ունէր Խիզանի ենթակայ թեմ մը, որ կը ներառէր շուրջ 25.000 հաւատացեալ՝ 64 ծուխերու մէջ, 69 գործող եկեղեցիներով [25]։ Իսկ 1907-ին մխիթարեան բանասէր Հ. Սուքիաս վրդ. Էփրիկեան ցաւով կը յայտնէր, թէ Խիզանի վանքերէն շատերը խարխլած վիճակի մէջ էին, եւ միայն քանի մը հատը վանահայր ունէին [26]։ Մինչեւ 1913 երկարող ժամանակաշրջանը, ըստ Աղթամարի կաթողիկոսութեան պատրաստած վիճակագրական տեղեկագրին, քիւրտեր աւերած, սրբապղծած ու թալանած էին Խիզանի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մեծ մասը։ Այսուհանդերձ, տեղեկագիրը կը նշէր, թէ քանի մը վանքեր ու եկեղեցիներ բախտաւոր եղած էին պահպանուելու եւ համեմատաբար լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէին [27]։

Ապտուլհամիտեան ջարդերէն ետք եւ մինչեւ 1915, կաթողիկոսութիւնը կը կառավարուէր տեղապահներու, այսինքն՝ կաթողիկոսական փոխանորդներու կողմէ, որոնք նաեւ կը կոչուէին առաջնորդական փոխանորդներ։ Ցեղասպանութենէն առաջ, Խիզանի կաթողիկոսական փոխանորդն էր Տէր Պետրոս վարդապետ Գրիգորեան [28]: Իր հիմնական պարտականութիւններուն կողքին, ան նաեւ Խիզանի կամ Շինիձորի Սուրբ Խաչի վանահայրն էր (տե՛ս ստորեւ տրուած վանքերու ցանկը)։ Բազմաթիւ հայ հոգեւորականներու նման, ցեղասպանութեան ընթացքին, 1915-ին Տէր Պետրոս եւս աննկարագրելի դաժանութեամբ սպանուեցաւ թուրքերու կողմէ [29]: Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ մայր տաճարին ամբողջ միաբանութիւնն ալ սպանուեցաւ [30]: Զոհերուն մէջ էին նաեւ Տէր Եզնիկ վարդապետ Ներկարարեան եւ Տէր Պօղոս վարդապետ Կարապետեան [31]։ Վանայ լիճի շրջակայքին մէջ իրենց պապենական հայրենիքի մէկ մասէն հայերու բնաջնջումէն ետք, թրքական կառավարութիւնը 1916-ին պաշտօնապէս լուծարեց Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը [32]։

Նշենք, թէ ուշ օսմանեան շրջանին Խիզանի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն թիւը տարբեր եղած է՝ յատկապէս երբ այդ մասին հաղորդած են ժամանակակից զանազան հեղինակներ, տեղացի դիտորդներ եւ շրջանէն դուրս գտնուող մամուլը։ Այս տարբեր թիւերը կէտերով ներկայացուած են ստորեւ՝ ըստ զանոնք պարունակող աղբիւրներու հրատարակութեան թուականներու հերթականութեան։

  • Ղեւոնդ վարդապետը, որ 1877-ին Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ պատրաստեց «Վանի հայ վանքեր»ու ցանկը, Խիզանի չորս ենթագաւառներուն՝ Խիզանի (Գաւառներ), Կարկառի, Սպարկերտի եւ Մամրտանքի մէջ կը նշէր 10 վանք [33]:
  • 1878-ին Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Նաթանեան հինգ ենթագաւառներու՝ Խիզանի (Գաւառներ), Շէնաձորի, Սպարկերտի, Նզարի եւ Մամրտանքի մէջ կը յիշատակէր 10 վանք եւ 53 եկեղեցի [34]: Սակայն այս վանքերէն մէկը՝ Ուրանց (ներկայիս՝ Անատերէ) գիւղին մօտ գտնուող Ուրանէի Սուրբ Աստուածածին վանքը Խիզանի վարչական սահմաններէն դուրս էր, հետեւաբար վանքերուն թիւը կը դառնայ 9։
  • Զմիւռնիա լոյս տեսնող «Արեւելեան մամուլ» պարբերականի 1879-ի յունիսի համարին մէջ հրապարակուած Վանի նահանգի ընդհանուր հայ բնակչութեան հաշուարկը Խիզանի երկու ենթագաւառներուն՝ Գաւառներու եւ Շէնաձորի մէջ, կը նշէր 4 վանք, 27 գործող եւ 1 աւերուած եկեղեցի [35]:
  • 1881-ին «Մասիս»ի մէջ լոյս տեսած «Նկարագրութիւն Քիւրտիստանի. գաւառակք Սալնաձորոյ կամ Բաղէշոյ» յօդուածին մէջ, Նահապետեանց կը տեղեկացնէ, թէ հրապարակման պահուն Խիզան ունէր 12 վանք [36]: Սակայն անոնցմէ երկուքը՝ Սմպոն (ներկայիս՝ Եումրուքայա) գիւղին մօտի Սուրբ Հրեշտակապետաց եւ Ցկոր (ներկայիս՝ Պալթաճըք) գիւղի Սուրբ Երաշխաւոր վանքերը կը գտնուէին Խիզանի վարչական սահմաններէն դուրս, հետեւաբար վանքերուն թիւը կը դառնայ 10։
  • Նոյնպէս 1881-ին, Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «Մշակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած «Թուրքաց Հայաստան» խմբագրական յօդուածը կը նշէր, թէ Վանայ լիճի հարաւ-արեւմտեան ափին յարակից չորս շրջաններու՝ Խիզանի (Գաւառներ), Կարկառի, Կեչանի (Վանայ լիճի ծայրագոյն արևմտյան ափին հարող շրջան) եւ Կարճկանի մէջ կային 11 վանք եւ 70 եկեղեցի [37]: Սակայն այլ սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուած տուեալները ցոյց կու տան, թէ այս թիւերը կը վերաբերէին միայն Խիզանին, ոչ թէ նշուած բոլոր չորս շրջաններուն։
  • 1900-ին «Լումայ»ի մէջ լոյս տեսած «Բաղէշ եւ իր շրջակայք» խմբագրական յօդուածին հեղինակները կը նշէին, թէ 1881-ին Խիզանի մէջ կար 8 վանք [38]: Սակայն անոնցմէ երկուքը՝ Սմպոնի մօտի Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ Ցկորի Սուրբ Երաշխաւոր վանքերը կը գտնուէին Խիզանի վարչական սահմաններէն դուրս, հետեւաբար վանքերուն թիւը կը նուազէր 6-ի։
  • 1902-ին բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Գէորգ Շէրենց Մամրտանքի մէջ կը նշէր 1, Խիզանի (Գաւառներ) մէջ՝ 4 եւ Սպարկերտի մէջ՝ 5, ընդհանուրը՝ 10 վանք [39]:
  • 1907-ին Հ. Սուքիաս Էփրիկեան, հինգ ենթագաւառներուն՝ Խիզանի (Գաւառներ), Շէնաձորի, Սպարկերտի, Նզարի եւ Մամրտանքի մէջ կը հաշուէ 8 վանք, 59 գործող եւ 7 աւերուած եկեղեցի [40]: Սակայն այս վանքերէն մէկը՝ Ցկորի Սուրբ Երաշխաւոր վանքը Խիզանի վարչական սահմաններէն դուրս էր, հետեւաբար վանքերուն թիւը կը դառնայ 7։
  • 1908-ին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ընդարձակ օրացոյցը կը նշէր, թէ Խիզանի վեց ենթագաւառներուն՝ Վարին Կարկառի, Շէնաձորի, Սպարկերտի, Մամրտանքի, Նզարի եւ Խորորսի մէջ կային 109 եկեղեցի եւ 17 վանք [41]:
  • 1913-ին, Աղթամարի կաթողիկոսութեան վիճակագրական տեղեկագիրը կը նշէր 10 վանք եւ 48 եկեղեցի։ Եկեղեցիներու ենթագաւառային բաժանումը ներկայացնող աղիւսակին մէջ հաշուուած էին Վարի Կարկառը՝ 10 (իրականութեան մէջ, պէտք է ըլլար 11), Շէնաձորը՝ 11, Սպարկերտը՝ 15, Մամրտանքը՝ 4, Նզարը՝ 2, Գաւառները՝ 4 եւ Խորորսը՝ 2 եկեղեցիներ, ընդհանուրը՝ 48 [42]: Սակայն Վարի Կարկառի եկեղեցիներու թիւին սխալ հաշուարկումին պատճառով ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլար 49։
  • Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան 1913–1914 թուականներու մարդահամարը, որ կը գործածէր Աղթամարի կաթողիկոսութեան տրամադրած տուեալները, կը նշէր 10 վանք եւ 48 եկեղեցի [43]:
  • 1921-ին Թէոդիկ կը հաշուէր Կարկառի եւ Խիզանի (Գաւառներ) մէջ 11 եկեղեցի եւ 2 վանք, Սպարկերտի մէջ՝ 15 եկեղեցի եւ 3 վանք, Նզարի մէջ՝ 1 վանք, Շէնաձորի մէջ՝ 11 եկեղեցի եւ 1 վանք, նաեւ՝ Խորորսի մէջ քանի մը անյայտ վանքեր [44]։
  • 1947-ին Մխիթարեան միաբան Հայր Համազասպ վրդ. Ոսկեան Խիզանի եւ յարակից շրջաններուն մէջ կը նշէր 15 վանք՝ Սպարկերտի մէջ՝ 4, Գաւառներու՝ 4, Մամրտանքի՝ 2, Շէնաձորի՝ 1, Վարի Կարկառի՝ 1, Վերին Կարկառի՝ 1, Կարճկանի՝ 1 եւ Նզարի մէջ՝ 1 [45]։ Սակայն այս վանքերէն երկուքը՝ Ցկորի Սուրբ Երաշխաւորը եւ Սմպոնի մօտի Սուրբ Հրեշտակապետացը կը գտնուէին Խիզանի վարչական սահմաններէն դուրս, հետեւաբար վանքերուն թիւը կը դառնայ 13։

Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է տուեալներուն վրայ քանի մը աղբիւրներու, որոնք ստորեւ ներկայացուած են իրենց հրատարակութեան թուականներու հերթականութեամբ․

  1. 1. 1878-ին, Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեանի գրած գիրքը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայաբնակ քանի մը շրջաններու, ներառեալ Խիզանի մասին,
  2. 2. 1879-ին, «Արեւելեան մամուլ»ի մէջ հրատարակուած «Ցուցակ Վան-Տոսպ նահանգի բոլոր հայասէր ժողովրդոց»ին մէջ ամփոփուած՝ Վանայ լիճի շրջակայ գիւղերու հայ բնակչութեան եւ եկեղեցիներու վիճակագրութիւնը, 
  3. 3. 1907-ին, Հ. Սուքիաս Էփրիկեանի կազմած պատմական Հայաստանի աշխարհագրական բառարանը, որ կը պարունակէ Խիզանի եկեղեցիներու ցանկը,
  4. 4. Աղթամարի կաթողիկոսութեան 1913-ին մշակած Խիզանի գաւառի վիճակագրական տեղեկագիրին երկու տարբերակները (յաջորդաբար 26 յուլիսին (թիւ 555) եւ 30 սեպտեմբերին (թիւ 558), պատրաստուած Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի 1913–1914 մարդահամարին համար), որոնք կը պարունակեն եկեղեցիներու եւ վանքերու հաշուարկներ,
  5. 5. Պատրիարքարանի 1913–1914 մարդահամարի տուեալները, որոնք վերահրատարակուած են Ռեմոն Գէորգեանի եւ Փոլ Փապուճեանի հատորին մէջ (1992), ներառեալ պատրիարքութեան լրացուցիչ վիճակագրական աղբիւրներէ քաղուած թիւեր,
  6. 6. 1921-ին Թէոդորոս Լապճինճեանի (Թէոդիկ) խմբագրած գիրքը՝ ցեղասպանութեան ընթացքին հայ հոգեւորականութեան տառապանքներուն մասին,
  7. 7. 1947-ին Հ. Համազասպ Ոսկեանի կազմած՝ Վասպուրական–Վանի շրջանի հայկական վանքերու տեղեկատուն, որ կը պարունակէ վանքերու ցանկը եւ մանրամասն նկարագրութիւնը,
  8. 8. Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները, որոնք կը գտնուին «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. վերապրածների վկայութիւններ» (2012) խորագիրով փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուին մէջ (գլխաւոր խմբագիր՝ Ամատունի Վիրաբեան)։

Յաւելեալ տուեալներ քաղուած են նաեւ հետեւեալ աղբիւրներէն. Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան՝ «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ը (հինգ հատորով), Ռեմոն Գէորգեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մասին հեղինակած եւ 2012-ին հրատարակուած աշխատութիւնը, Շէրենցի՝ 1902-ին հրատարակած՝ Վանի նահանգի եկեղեցիներու եւ վանքերու տեղագրական ուսումնասիրութիւնը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի 1908-ի ընդարձակ օրացոյցը, Ղեւոնդ վարդապետի 1877-ին կազմած՝ Վանի հայ վանքերու ցանկը, որ 1915-ին հրատարակուած է «Հայոց պատմութեան արխիւներ. ճնշումը Թուրքաց Հայաստանի մէջ» ժողովածուին մէջ, «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան»ի համապատասխան յօդուածները, Բաբգէն եպս. Չարեանի հեղինակած եւ 2009-ին հրատարակուած «Հայ հոգեւորականութեան մեծ կորուստը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» գիրքը, 1896-ին «Արարատ»ի մէջ հրապարակուած «Աղթամարի վերջին կաթողիկոս Խաչատուրի մահէն առաջ գրած նամակն ու տեղեկագիրը 19 դեկտեմբեր 1895-ին» խորագրեալ խմբագրական յօդուածը, ինչպէս նաեւ «Արեւելք», «Մասիս», «Մշակ» թերթերն ու «Արեւելեան մամուլ», «Լումայ», «Արարատ» հանդէսները։

Թեմային մասին լրացուցիչ ընթերցանութիւն կարելի է գտնել արուեստի ֆրանսացի նշանաւոր պատմաբան Ժան-Միշէլ Թիերիի Monuments arméniens du Vaspurakan (Librairie Orientaliste Paul Geuthner, Paris, 1989) հատորին մէջ։ Հեղինակը ուսումնասիրած է Վանայ լիճի շրջանին մէջ տակաւին կանգուն մնացած հայկական կրօնական կառոյցներու աւերակները՝ 1970-ական թուականներուն Արեւմտեան Հայաստան եւ յատկապէս Խիզան կատարած իր ուղեւորութիւններուն շնորհիւ։ Խիզանի հայկական վանքերու ներքին եւ արտաքին ճարտարապետական յարդարանքին, ինչպէս նաեւ անոնց պատմական ծագումին վերաբերող լայն նկարագրութիւն կարելի է գտնել «Հայկական 100 ազգային արժէքներ եւ յուշարձաններ՝ որպէս օրինակ» պատկերազարդ ցանկին մէջ, որ տեղադրուած է ֆրանսական առցանց նախաձեռնութեան՝ Collectif 2015 (Réparation, Union Internationale des Organisations Terre et Culture) կայքէջին մէջ, հետեւեալ յղումով․ www.collectif2015.org/en/Projects.aspx

Ստորեւ ներկայացուած է Խիզանի գաւառակի հայկական վանքերու, եկեղեցիներու եւ ուխտատեղիներու ցանկ մը՝ ուշ օսմանեան շրջանին։ Եթէ այլապէս նշուած չէ, ներկայացուած տեղեկութիւնները քաղուած են մօտաւորապէս քառասուն տարի (1877-էն մինչեւ 1915) ընդգրկող աղբիւրներէ։ Քանի որ վանքերէն շատերը տարբեր անուններով ճանչցուած են՝ թէ՛ պաշտօնական, թէ՛ ժողովրդական-խօսակցական առումով, առանձին պարագաներու տրուած են նաեւ անուններու քանի մը ընտրուած տարբերակներ այն վանքերուն համար, որոնք աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուին տարբեր անուններով։ Որոշ պարագաներու, աղբիւրները չեն համաձայնիր Խիզանի հայաբնակ գիւղերու որոշ եկեղեցիներու անուններուն շուրջ։ Իւրաքանչիւր այդպիսի պարագայի, ցանկին մէջ յիշատակուած եկեղեցիին համար տրուած է համապատասխան յղում աղբիւրին կամ աղբիւրներուն։

Կարելի եղած պարագաներուն, վանքերու եւ եկեղեցիներու ցանկը կը ներառէ նաեւ ծառայող հոգեւորականներու թիւին եւ անուններուն մասին տեղեկութիւններ, որոնք քաղուած են Թէոդիկի աշխատութենէն, Աղթամարի կաթողիկոսութեան Խիզանի գաւառի վիճակագրական տեղեկագիրէն, Գէորգեանի եւ Փապուճեանի հատորին մէջ զետեղուած՝ պատրիարքարանի 1913–1914 մարդահամարի տուեալներէն, Բաբգէն եպս. Չարեանի գիրքէն, Աղթամարի վերջին կաթողիկոս Խաչատուր Գ.ի նախամահու նամակէն, Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեանի աշխատութենէն, «Արեւելք» պարբերականին մէջ 1884-ին տպագրուած՝ պատմական Հայաստանի զանազան վանքերու եւ եկեղեցիներու մէջ ծառայող վարդապետներու ցանկէն («Վարդապետաց ցուցակ Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ»), ինչպէս նաեւ «Արեւելեան մամուլ» հանդէսին մէջ լոյս տեսած՝ Վանի նահանգի հայ բնակչութեան ցանկէն։

Խիզանի՝ վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտատեղիներ ունեցած նախկին հայաբնակ գիւղերուն անունները, ներկայիս թրքացուած անունները եւ անոնց աշխարհագրական դիրքերը կարելի է գտնել «Խիզան – Ժողովրդագրութիւն» յօդուածին մէջ: Խիզանի վանքերուն բոլոր լուսանկարները, որոնք զետեղուած են ստորեւ ներկայացուած ցանկին մէջ, սիրայօժար տրամադրած է Եէլէ Վերհէյը, որուն աջակցութիւնը մեծապէս գնահատելի է։

Խիզանի գաւառին վանքերը

Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանք

Այլ ծանօթ անուններ՝ Ապարանից Սուրբ Խաչ, Մամրտանից Սուրբ Խաչ, Ապարանքի Սուրբ Նշան

Վանքը կը գտնուէր Խիզանի գլխաւոր քաղաք Կարասու Ներքինէն (ներկայիս՝ Հիզան) 28 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Ապարանք գիւղի հիւսիսային թաղին մէջ, որ կը կոչուէր նաեւ Վարաս կամ Վերաս (ներկայիս՝ Քայաշ)։ Այս գիւղը կը գտնուէր Խիզանի ծայրագոյն հարաւի բնակավայրերէն մէկուն՝ Ողիմի հիւսիսը՝ անկէ մօտ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ողիմը, որ կը կոչուէր նաեւ Հոփուն կամ Օպին (ներկայիս՝ Տէօքիւքթաշ), այն բնակավայրն էր, ուր հայ բնակիչները կրցած էին դիմադրել քրտական յարձակումներուն մինչեւ 1890-ական թուականներու սկիզբը եւ ապտուլհամիտեան ջարդերուն՝ 1890-ականներու կէսին [46]։ Ժամանակակից քանի մը հեղինակներ սխալմամբ այս վանքը դասած են հարեւան Մոկսի գաւառին մէջ՝ Վանի նահանգի սահմաններէն ներս։ Այս սխալը հաւանաբար յառաջացած է այն պատճառով, որ Մոկսի մէջ կար Սուրբ Կանանց կամ Սուրբ Ծայեատի վանքը, որ կը կոչուէր նաեւ Սուրբ Խաչ [47]։ Այդ վանքը կը գտնուէր Մոկսի (ներկայիս՝ Պահչէսարայ) գլխաւոր քաղաքէն հարաւ-արեւմուտք ուղիղ 3,5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Բրիտանացի հիւպատոսական պաշտօնեայ Ֆրանսիս Քրոու, որ 1897-ին կը ճամբորդէ դէպի Խիզան, Ապարանքի Սուրբ Խաչը կը նկարագրէ որպէս «հին հայկական վանք» մը, որ կը գտնուէր «Խիզանի հարաւ-արեւելեան ծայրամասին հեռաւոր անկիւնը՝ սահմանակից Պոհթանի լեռներուն, եւ որուն մօտէն կը հոսի նոյնանուն գետը»։ Ըստ անոր, վանքը «գեղեցիկ տեսքով տեղադրուած էր» այն լեռան լանջերուն վրայ, զոր ինք կը կոչէ Վանպիեր Տաղ, «իր ամենաբարձր գագաթներէն մէկուն հովանիին տակ», եւ «հարուստ էր մշակելի եւ արօտավայր հողերով․հաճելիօրէն անտառապատ եգիպտացորենի դաշտերն ու մարգագետինները բազմաթիւ արտավարներ կը ծածկէին լեռան լանջին՝ մինչեւ ստորոտը գտնուող առուի եզրը»։ Քրոու յատկապէս կը շեշտէր, թէ «Գրիգորեան [հայ առաքելական] համայնքը» «շատ կը պատուէր» վանքն ու անոր եկեղեցին։ Կարեւորութեան տեսակէտէ, վանքը կը դասուէր Մշոյ դաշտի արեւմտեան ծայրը գտնուող հռչակաւոր Սուրբ Կարապետի կամ Յովհաննէս Մկրտիչի վանքին (Մշոյ Սուրբ Կարապետ) հետ [48]։

Ապարանքի վանքին կառուցումը, ենթադրաբար, տեղի ունեցած է 10-րդ դարու կէսերուն։ Վանական համալիրը կը բաղկանար Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ (Յովհաննէս Մկրտիչ) եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցիներէն։ Վանքին հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ եկեղեցիներուն, յատկապէս կողքի մատուռով շրջապատուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, լայն նկարագրութիւնը կարելի է գտնել 10-րդ դարու բանաստեղծ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի «Պատմութիւն Ապարանից Խաչի» ներբողականին մէջ [49]։ Ուշ միջնադարուն վանքը հայ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի նշանաւոր կեդրոն մըն էր, ուր կը գործէր գրչատուն մը՝ ձեռագիրներու ընդօրինակման եւ պահպանման յատկացուած սենեակ մը, ուր կ’աշխատէին գրիչները, յաճախ նոյնինքն վանականները։ Վանքն սկսաւ անկումի մատնուիլ 16-րդ դարու վերջաւորութեան, սակայն կը հաղորդուի, թէ գրչատունը գործուն կը մնայ մինչեւ յաջորդ դարու վերջը։ Վանքին վերակենդանացման վճռական խթան կու տայ Սիմոն Փոքր վանահայրը, որ 17-րդ դարու կէսերուն կը կառուցէ հիւրանոց մը, շատրուան մը եւ գիւղի Սուրբ Աստուածածին ծխական եկեղեցին։ Վանական կալուածները կը ներառէին ընկոյզ ստանալու համար նախատեսուած կաղնուտ մը, հողմաղաց մը եւ 27 մշակելի արտեր [50]։

1830-ական եւ 1840-ական թուականներուն, կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ իշխանութիւնը կեդրոնացնելու միտող oսմանեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը ստեղծեց իշխանութեան պարապ մը, որովհետեւ ան ի վերջոյ տեղացի քիւրտ բէկերը դուրս շպրտեց։ Իշխանութեան այս պարապը Խիզանի մէջ արձակեց տեղացի քիւրտերուն ձեռքերը, եւ քիւրտ խուժանը 1850–1860-ական թուականներուն կողոպտեց վանքը։ Օսման անունով քիւրտ բէկ մը գրաւեց վանական շինութիւնները, իսկ անոր որդիները՝ Հասան եւ Ապտուլ Ռահման, յաջորդ տասնամեակներուն վանական հողերը վերածեցին իրենց ագարակներուն, զորս թրքերէն կը կոչուէին «չիֆթլիք» [51]։ Քրիստոնէական գեղեցիկ եկեղեցիները վերածուեցան գոմերու եւ ախոռներու։ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ գմբէթին թմբուկը, ինչպէս նաեւ անոր կից շինութիւնները, քանդուեցան [52]։ Վանքին մէջ պահուած հին ձեռագիրները նոյն ժամանակ անհետացան [53]։

Քրոու կը պատմէ, թէ վանքին մէջ բնակող վարդապետը շուրջ 1891-ին ստիպուած եղած էր լքել այս վայրը՝ «երկրին մէջ տիրող աղքատութեան եւ անկարգ վիճակին» պատճառով։ Վանքը յանձնուած էր պահակին, որ հայ գիւղացիներու օգնութեամբ կը մշակէր հողերը։ Քրոու կ’աւելցնէ, թէ 1895-ին, քիւրտ բէկ մը իր աւազակախումբով կը հաստատուի Ապարանքի մէջ եւ «կը ստիպէ» պահակն ու գիւղացիները «իսլամութիւն ընդունելու»։ Երբ Քրոու երկու տարի ետք վերստին կ’այցելէ գիւղ, կը սարսափի տեսնելով, թէ վանքը այդ քիւրտ բէկը որպէս գոմ գործածած է։ Անգլիացին կը գրէ, թէ եկեղեցւոյ խորանին եւ նաւին յատակները «ծածկուած էին ցորենի ու գարիի կոյտերով, իսկ կողմնակի թեւերը լեցուած էին խոտի դէզերով։ Քիւրտերը գրաւած էին զգեստները, սրբազան անօթներն ու յարակից առարկաները, սուրբ գիրքերն ու արխիւները մասամբ ոչնչացուած էին, իսկ մնացորդը տրուած էր քիւրտ մանուկներուն՝ որպէս խաղալիք» [54]։

Անանուն խարխլած վանք Բադրանանց գիւղին մէջ

Կը կարծուէր, թէ այս գիւղին մէջ կը գտնուէր հին հայկական վանք մը։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը, գիւղին արեւելեան թաղին մէջ տեսանելի էին մեծ շինութեան մը աւերակները։ Քիւրտեր զայն կը կոչէին «Քաֆրի քալէ»՝ «անհաւատին բերդը»։ Սակայն «բերդ»ի պատերու մնացորդները՝ յղկուած քարերով շարուած եւ ժամանակի ընթացքին ջնջուած արձանագրութիւններ կրող (հաւանաբար որովհետեւ հայերէնով էին քանդակուած), կը յուշեն, թէ այդ կառոյցը իրականութեան մէջ վանքի մը աւերակներն էին [55]։

Բաստի Սուրբ Աստուածածին վանք

Այլ յայտնի անուններ՝ Բաստի վանք, Բաստավանք

Այս գիւղին վանքը, որ կը գտնուէր Սպարկերտ գետի վտակի վերին հոսանքի լեռնաշղթային հակառակ կողմը, կը յիշատակուի 1439-ին։ 17-րդ դարու ընթացքին, որոշ ժամանակ, ան եղած է եպիսկոպոսական աթոռի նստավայր [56]։ Ցեղասպանութեան նախորդող տարիներուն վանքը արդէն խարխլած վիճակի մէջ էր [57]։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ կը կոչուէր նաեւ Բաստի Սուրբ Աստուածածին, վանքի ծխական եկեղեցին էր։ Անոր ճարտարապետական կառոյցը ենթադրել կու տայ, թէ հաւանաբար կառուցուած է 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն։ Եկեղեցին եռախորան քառակուսի խաչաձեւ կառոյց մըն էր՝ 14,7 × 11,9 մեթր չափերով, չորս սիւներով եւ կեդրոնական գմբէթով, իսկ խորանային զանգուածէն դուրս գտնուող չորս անկիւններուն մէջ կային ցածր գմբէթներ [58]։

Բազմենիցի Սուրբ Աստուածածին վանք

Այլ յայտնի անուններ՝ Բազենից վանք, Բազնից կամ Բազենց Սուրբ Աստուածածնի վանք, Բազենց Սուրբ Աստուածածին, Բազենից Սուրբ Էջմիածին, Բազէից Սուրբ Աստուածածին, Բազմենից Սուրբ Աստուածածնայ, Փազենի Սուրբ Աստուածածին

Այս գեղեցիկ վանքը կը գտնուէր գիւղին հիւսիս-արեւելեան թաղամասէն մօտ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ [59]։ 1902-ին կը հաղորդուէր, թէ կառոյցը դարձած էր խարխուլ եւ քայքայուած [60]։ 1878-ին վանահայրն էր Տէր Սիմոնը [61], 1895-ին՝ Տէր Կարապետը [62]։ 1915-ին նախորդող տարիներուն, վանքը կը կառավարէր աշխարհիկ անձ մը [63]։

Բերդակի Սուրբ Սիմոն վանք

Այս վանքին մասին յիշատակութիւն կատարող Պոլսոյ պատրիարքարանի 1913–1914 թուականներու մարդահամարը տեղեկութիւն չի պարունակեր վանականներու թիւին մասին [64]։

Բերկրիի Սրբոց Հրեշտակապետաց վանք

Այս վանքին մասին յիշատակութեան կը հանդիպինք Պոլսոյ պատրիարքարանի 1913–1914 թուականներու մարդահամարին մէջ [65]։

Ճաժվանի Սուրբ Երրորդութիւն վանք

Այլ ծանօթ անուններ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան վանք, Սպարկերտի Ամենասուրբ Երրորդութեան վանք

Ըստ աւանդութեան, վանքը կառուցուած է 18-րդ դարուն [66]։ Երկար ցանկապատով առանձնացուած այս վանքն ունէր ամուր պատեր եւ գեղեցիկ, կամարակապ առաստաղ։ Վանքի արեւմտեան պատերուն ստորոտէն կը հոսէր բարձրադիր առու մը։ Հիւանդները այդ ջուրով կը լուային իրենց մարմնին ցաւոտ մասերը՝ հաւատալով, թէ ան բուժիչ ազդեցութիւն ունի։ Ըստ տեղական հաւատալիքներուն, վանքը մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբն ունէր բերրի հողատարածքներ եւ փոքր միաբանութիւն մը։ 20-րդ դարու սկիզբին, վանքին պատկանող արտերն ու հերկելի հողերը մեծ մասամբ անմշակ կը մնային, իսկ հողերուն մէկ մասը տրուած էր հարեւան գիւղերու գիւղացիներուն [67]։

Էկուի Սուրբ Գամաղիէլ վանք

Այլ յայտնի անուններ՝ Սուրբ Գամաղիէլ, Սուրբ Գամաղիէլ Առաքելոյ վանք

Այս վանքը կը գտնուէր Էկու գիւղէն քանի մը հարիւր մեթր արեւմուտք եւ ունէր տարածուն կալուածներ [68]։ Վանքն ունէր գեղեցիկ գմբէթաւոր եկեղեցի եւ վանականներու համար քանի մը սենեակներ [69]։ Եկեղեցւոյ պատերը շարուած էին յղկուած քարերով։ Ան տակաւին կանգուն էր 1880-ական թուականներուն։ Ըստ աւանդութեան, վանքը հիմնած է Թադէոս առաքեալը, որ հոն զետեղած է Գամաղիէլի գլուխը [70]։ Գամաղիէլը Ա. դարու Օրէնքի հրեայ ուսուցիչ մըն էր, որ ըստ եկեղեցական աւանդութեան, ընդունած է քրիստոնէական հաւատքը։ Ըստ 9-րդ դարուն Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Փոթիոս Ա.ի, Գամաղիէլը մկրտած են Սուրբ Պետրոսն ու Սուրբ Յովհաննէսը [71]։ 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն, Սուրբ Գամաղիէլ վանքը գրչութեան նշանաւոր կեդրոն էր [72]։ Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի առաջ, վանքն արդէն անբնակ էր [73]։ 1879-ին վանահայրն էր Տէր Վարդանը [74],1884-ին՝ Տէր Յովհաննէս Խիզանցին [75], 1900-ականներու սկիզբը՝ Տէր Ղեւոնդ վրդ. Յովհաննէսեանը [76]։

Գեղիսի Սուրբ Կիրակոսի վանք (Գեղսու Սուրբ Կիրակոսի վանք)

Այլ յայտնի անուններ` Գեղսու Սուրբ Կիրակոսի վանք, Գեքսուի Սուրբ Կիրակոս, Գեղիս Սուրբ Կիրակոս

1902-ին կը հաղորդուէր, թէ այս վանքը դարձած էր խարխուլ եւ քայքայուած [77]։ Ցեղասպանութիւնը նախորդած տարիներուն ան արդէն լքուած վիճակի մէջ կը գտնուէր [78], սակայն որպէս ճարտարապետական կառոյց կանգուն կը մնար մինչեւ 1918 [79]։ Վանահայրերու անուններ մեզի չեն հասած։ 1895-ին կալուածներու կառավարիչն էր Պօղոս Խաչատուրեանը [80]։

Գեղիսի Սուրբ Յովհաննէսի վանք 

Այլ յայտնի անուններ` Գեղսու Սուրբ Յովհաննէս վանք, Սուրբ Յովհաննու վանք

Եթէ պիտի համեմատենք Սուրբ Յովհաննէսը վերը նշուած Սուրբ Կիրակոսի հետ, ապա առաջինը աւելի շքեղ ու գեղեցիկ էր։ Բլուրի մը վրայ կառուցուած՝ վանքը կը գտնուէր Գեղիսի հարաւային թաղին մէջ եւ մեծ ու հոյակապ կառոյց մըն էր։ Ցեղասպանութեան ընթացքին վանքը աւերուեցաւ եւ լքուեցաւ [81]։

Հեգինի կամ Հայքայի վանք (Խիզանու Հեգվայ կամ Հայկայ վանք)

Այլ անուններ՝ Հեգվայ կամ Հայկայ վանք, Խիզանու Հեգվայ կամ Հայկայ վանք

Վանքը այս անունն ստացած էր՝ զայն տարբերելու Հայկայ Սուրբ Աստուածածինի վանքէն եւ Խեկի Սուրբ Աբրահամի վանքէն, որ կը կոչուէր նաեւ Հայկավանք կամ Հեգվայ վանք։ Այս երկու վանքերն ալ կը գտնուէին պատմական Վասպուրականի Հայոց Ձորի գաւառին մէջ, որ կը տարածուէր Վանայ լիճի հարաւ-արեւելեան կողմերը։ Խիզանի Հեգին կամ Հայքայ վանքը կը գտնուէր հայաբնակ Հեգին գիւղին (ներկայիս՝ Եոլպաշը) մօտ, ոչ հեռու Հինգ Խորան վանքէն (ստորեւ տե՛ս այդ վանքին մասին բաժինը)։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Հեգինի կամ Հայքայի վանքը շատ խարխլած վիճակի մէջ էր, սակայն տակաւին հարուստ էր մշակելի հողերով [82]։

Խիզանի Սուրբ Յարութիւն վանք

Ըստ Հ. Համազասպ վրդ. Ոսկեանի՝ Սուրբ Յարութիւնը Խիզանի «վանք-եկեղեցի»ներէն մէկը կը համարուէր [83]։ Վանքը կանգնած էր գեղատեսիլ բլուրի մը գագաթին՝ Ներքին Քարասուի (ներկայի՝ Հիզան) միջնադարու տպաւորիչ ամրոցէն դուրս։ Ներքին Քարասուն հայաբնակ վայր մըն էր, որ 19-րդ դարու կէսէն դարձած էր Խիզանի գլխաւոր քաղաքը [84]։ Բլուրի ստորոտին կը հոսէր առու մը, որու վրայի կամրջակը մաս կը կազմէր դէպի վանք տանող ճամբուն։ Վանքի արեւելքին կար այգի մը, որու արեւմուտքին կար եկեղեցւոյ իգական մասը առաջնորդող ճամբան։ Իգական բաժինին դուռը հարաւ կը նայէր։
Կառոյցը գեղեցիկ էր, պարզ ու նրբագեղ գիծերով՝ 56 ոտք երկարութեամբ եւ 42 ոտք լայնութեամբ։ Եկեղեցին ունէր երեք խորան, մէկ աւանդատուն եւ եօթը լուսամուտ։ Կառուցման թուականը անյայտ է, որովհետեւ 1870-ականներուն մարմարեայ սալին այն մասը, որ կը պարունակէր տարեթիւը, ոչնչացուած էր տեղացի քիւրտ շէյխի մը կողմէ, որ նաեւ եկեղեցւոյ պատերուն յղկուած քարերը գործածած էր իր ապարանքը կառուցելու համար [85]։

Խնձորուտի Սուրբ Գէորգ վանք

Այլ անուններ՝ Խնձորուտ Սուրբ Գէորգ վանք, Սուրբ Գէորգայ վանք, Խնձորուտայ Սուրբ Գէորգ, Խնձորուտի վանք, Խնձորուտայ վանք

Վանքը կը գտնուէր բարձունքի մը վրայ՝ Խնձորուտ հայաբնակ գիւղին (ներկայիս՝ Թաթլըսու) արեւելեան կողմը [86]։ Ըստ Հ. Համազասպ Ոսկեանի, անյայտ ժամանակաշրջան մը վանքը գտնուած է Աղթամարի կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ներքեւ [87]:

Սեղի Դերշկու Սուրբ Աստուածածին վանք

Այլ յայտնի անուններ՝ Դերժկու Սուրբ Աստուածածնի վանք, Դերշկու Սուրբ Աստուածածին, Դերշկի Սուրբ Աստուածածին վանք, Դերժկու Սուրբ Աստուածածին վանք, Սուրբ Խաչի վանք

Վանքը կը գտնուէր Սեղ հայաբնակ գիւղին (ներկայի թրքացուած անունը անյայտ է) արեւելքը, ըստ Հ. Համազասպ Ոսկեանի, «գիւղէն քառորդ ժամուան հեռաւորութեան վրայ» [88]։ Այս վանքին, ինչպէս նաեւ գիւղին ճշգրիտ տեղադրութիւնը կարելի չէ հաստատել․ հաւանաբար ան գտնուած է Ապարանքի արեւմուտքը, հիւսիս-արեւմուտքը կամ հարաւ-արեւմուտքը։ Յակոբեան եւ ուրիշներ կը նշեն, թէ այս վանքը պէտք չէ շփոթել նոյնանուն այն վանքին հետ, որ կը գտնուէր գիւղին արեւմուտքը եւ կը կոչուէր նաեւ Սեղավանք (Սեղի վանք) կամ Սուրբ Խաչ [89]։ Դերշկու Սուրբ Աստուածածին վանքը կանգնած էր լեռան գագաթին, ուստի բոլոր կողմերէն տեսանելի էր։ Վանքին յատակի մակերեսը 60 քառակուսի ոտք էր, ունէր երեք խորան եւ մեծ լուսամուտ մը։ Դարպասին տարածքը 50 քառակուսի ոտք էր։ Վանքին հիմնադրութեան կոնդակը կորսուած է [90]։ 1880-ական թուականներուն, քրտական յարձակումներու հետեւանքով, վանքին տարածքին մէջ գտնուող բոլոր շինութիւնները լքուած էին եւ վերածուած աւերակներու։ Միայն մայր եկեղեցին (կամ կաթողիկէն) որոշ ատեն կիսով չափ կանգուն մնացած էր [91]։

Բարակաձորի Սուրբ Աստուածածին վանքը Փալաձորի մէջ (Բարակաձորի Սուրբ Աստուածածնի վանք)

Այլ յայտնի անուններ՝ Բարիձորի Սուրբ Աստուածածնի վանք, Բարեցորի Սուրբ Աստուածածնի վանք, Բալիձորի Սուրբ Աստուածածնի վանք, Եօթ Խորանաց վանք, Եօթն Խորանաց վանք, Եօթն Խորանի վանք, Եօթն Խորանայ վանք, Եօթն Խորանվանք, Եօթնխորան Սուրբ Աստուածածին վանք, Խորանաց վանք, Եօթն Խորան Սուրբ Աստուածածին, Բարիձորոյ Սուրբ Աստուածածնի վանք, Բարակաձորոյ վանք, Բարակաձորի Սուրբ Աստուածածին, Բարձրաձորի վանք, Եօթն Խորանայ վանք, Բարեցորի Եօթնխորան վանք, Եօթն Խորան կամ Բարիձորոյ վանք

Վանքը կը գտնուէր Բալաձոր հայաբնակ գիւղին (ներկայիս՝ Չիչեքլի) հարաւը՝ անտառապատ ձորի մը մէջ, որ կը կոչուէր Բարիձոր կամ Բարեցոր։ Կը կարծուի, թէ վանքին շինարարութիւնը աւարտած է 11-րդ դարու սկիզբը։ Եկեղեցւոյ ընկուզենիի փայտէ դուռին վրայ քանդակուած ՆՂ տառերը, ըստ երեւոյթին, կը մատնանշէին 1041 թուականը որպէս շինութեան աւարտի տարեթիւը [92]։ 15-րդ եւ 16-րդ դարերուն վանքը Հայաստանի ձեռագրակերտման ծաղկուն կեդրոններէն մէկն էր։ 19-րդ դարուն, վանքը տէր էր անտառային տարածքներու եւ լայնածաւալ մշակելի հողերու [93] եւ զարգացուցած էր գիւղատնտեսական արդիւնաւէտ ձեռնարկութիւն մը [94]։ Այդ ժամանակներէն սկսեալ վանքը աւելի յաճախ կը յիշատակուէր որպէս Եօթն Խորան վանք՝ եկեղեցւոյ եւ անոր գաւիթին մէջ գտնուող խորաններու թիւին յղումով։

Վանքի տարածքին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Եկեղեցին կառուցուած էր եռախորան քառակուսի խաչաձեւ յատակագծով, 9,5 × 8,2 մեթր չափերով, գմբէթով եւ կեդրոնական խորանով, ներսը զարդարուած աղիւսաշար պատերով եւ երկերես անկիւնային սիւներով, իսկ արեւմտեան պատին մէջ բացուած էին երկու կողմնակի խորշեր, ուր տեղադրուած էին երկու խորաններ [95]։ Վանքի տարածքին մէջ կային նաեւ երեք մատուռներ՝ նուիրուած Սուրբ Գէորգին, Սուրբ Սարգիսին եւ Սուրբ Մերկերիոսին, ինչպէս նաեւ քանի մը օժանդակ շինութիւններ։ Թէեւ քիւրտեր 1870-ական թուականներուն եւ կրկին՝ 1895-ի ապտուլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին կողոպտած էին վանքը, այնուամենայնիւ ան կանգուն մնացած էր եւ, որքան որ պայմանները կը թոյլատրէին, կը գործէր մինչեւ 19-րդ դարու վերջը [96]։

Ապտուլհամիտեան ջարդերէն ետք, 1901-ին պատարագի արարողութիւններ կազմակերպելու լիազօրութիւնը կը յանձնուի աշխարհական վանահայր Աբրահամ Մարգարեանի [97]։ 1915-ի ցեղասպանութիւնը նախորդող տարիներուն վանահայրութիւնը կը ստանձնէ Ղեւոնդ վրդ. Յովհաննէսեան [98]։

Շիրինի Սուրբ Գէորգ վանք

Այլ ծանօթ անուններ՝ Շրնիս Սուրբ Գէորգայ վանք, Շիրնից Սուրբ Գէորգի վանք, Շերենից Սուրբ Գէորգ, Շիրինից Սուրբ Գէորգայ վանք, Շիրինի Սուրբ Գէորգ վանք, Շիրնից Սուրբ Սկաւառակի վանք, Սկաւառակի վանք, Սկաւառակայ Շիրենց Սուրբ Գէորգ, Սկաւառակի Սուրբ Գէորգ, Շիրինից վանք, Շիրնիցի Սուրբ Գէորգ, Լռնիսի վանք

Ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, վանքը կը գտնուէր Շիրին հայաբնակ գիւղին (ներկայիս՝ Քայալի) մօտ։ Վանքը կը կոչուէր նաեւ Շիրինի Սուրբ Սկաւառակ վանք։ Սակայն ըստ «Լումայ»ի, վանքին արեւմուտքը կը գտնուէր Լռնիս հայաբնակ գիւղը (ներկայիս՝ Տաղէօրէն), որ վանքին տուած էր այլ անուանում մը՝ Լռնիսի վանք [99]։ Դժուար է հաստատել այս տեղեկութեան ճշգրտութիւնը , որովհետեւ Շիրինն ու Լռնիսը իրարմէ մօտ 17 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին։ Սուրբ Գէորգի վանքը, որ հոյակապ կառոյց մըն էր լեռան լանջին, միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոցներէն մէկը կը նկատուէր։ Ան ունէր բարձր ու գեղեցիկ ձեւաւորուած գմբէթ, մէկ խորան եւ երկու լուսամուտ՝ մռայլ ու խարխլած վանական խուցերուն կից։ Վանքը տէր էր մշակելի արգաւանդ հողերու։ 1895-ին, ապտուլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին, քիւրտեր վանքը կ’աւերեն ու կը թալանեն [100]։

1895-ին վանահայրն էր Տէր Յովհաննէսը [101]։ Ցեղասպանութիւնը նախորդած տարիներուն քահանայ մը կը կատարէր վանահայրի պարտականութիւնները [102]։ Այս վանքը յիշատակած Պոլսոյ պատրիարքարանի 1913–1914 թուականներու մարդահամարը տեղեկութիւն չի տար վանականներու թիւին մասին [103]։

Սորիի Սուրբ Աստուածածին վանք

Այլ յայտնի անուններ՝ Սորվոյ Սուրբ Աստուածածին վանք, Սորվայ Սուրբ Աստուածածին վանք, Հզարու Սուրբ Աստուածածին վանք, Հզարու Սուրբ Աստուածածին, Սորիի Սուրբ Աստուածածին վանք, Սորվայ վանք, Սորոյ վանք, Հզարու վանք, Սորիկ Սուրբ Աստուածածին վանք, Հզարու կամ Սորոյ Սուրբ Աստուածածին վանք

Այս վանքը Խիզանի «վանք-եկեղեցիներէն» մէկն էր, զոր «Լումայ»ի խմբագրականը կը նկարագրէր որպէս «հոյակապ կառոյց» [104]։ Վանքը կը գտնուէր ծաղկածածկ բլրակի մը վրայ, ըստ աղբիւրի մը՝ Սորի հայաբնակ գիւղին (ներկայիս՝ Կէտիք) հարաւ-արեւելքը, իսկ ըստ մէկ ուրիշին՝ արեւելքը։ Վանքում գտնվում էր աշխոյժ գրչատուն մը. հոն կը պահուէին 15-րդ, 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն ընդօրինակուած չորս Աւետարաններ։ Վանքին կոնդակը անոր հիմնադրութիւնը կը վերագրէր Թադէոս առաքեալին։ Մօտակայքը կը բխէր աղբիւր մը, որ կը համարուէր բուժիչ [105]։ Աւանդութիւնը աղբիւրին ժայթքումը կը վերագրէ Թադէոսի։ Սակայն կառոյցին ճարտարապետական յատկութիւնները կը նշեն, թէ վանքը հիմնուած է հաւանաբար 11-րդ դարու սկիզբին [106]։

Վանքն ունէր փոքր գմբէթաւոր եկեղեցի մը [107]։ Սուրբ Աստուածածնին նուիրուած այս եկեղեցին կառուցուած էր քառակուսի խաչաձեւ յատակագծով, 8,8 × 6,7 մեթր չափերով, գմբէթով եւ ութանկիւն թմբուկով։ Երկմակերես անկիւնային սիւները զարդարուած էին փոքր սիւնակներով, իսկ պայտաձեւ խորանը կը հաղորդակցէր երկու կողային սենեակներու հետ։ Արեւմտեան թեւի երկու կողմերը կային խորշեր [108]։

19-րդ դարու վերջերէն վանքը դարձած է քիւրտ թալանչիներու եւ վանտալներու թիրախը։ Ան կողոպտուած եւ կործանած է 1895-ին՝ ապտուլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին։ 1900-ին, ըստ «Լումայ»ի, վանքէն բան չէր մնացած բացի կմախքէն։ Վանահայր չկար, քահանայ չկար, նոյնիսկ ժամկոչ մը չկար՝ վանքին գործունէութիւնը պահպանելու համար։ Գաբրիէլ անունով կաղ հայ գիւղացի մը իր ընտանիքին հետ հաստատուած էր վանքին մէջ՝ վանական հողերը մշակելու, սակայն բերքին մեծ մասը կը յանձնուէր քիւրտ ցեղապետերուն՝ իբրեւ «խաֆիր» ապօրինի տուրք [109]։ 1902-ին կը հաղորդուէր, թէ վանքը դարձած էր խարխուլ եւ քայքայուած [110]։ 1903-ին քիւրտեր կրկին կողոպտած են վանքը [111]։

Շենաձորի Սուրբ Խաչ վանք

Այլ անուններ՝ Շինիձորի Սուրբ Խաչ, Շինիձորու Սուրբ Խաչ, Շինիձորոյ Սուրբ Խաչ վանք, Շինիձորու Սուրբ Խաչ վանք, Սուրբ Խաչավանք, Շինիձորու Սուրբ Խաչավանք, Շինիձորու Սուրբ Խաչայ վանք, Հիզնոյ Սուրբ Խաչ վանք, Խիզանու Սուրբ Խաչ վանք, Խիզանի Սուրբ Խաչ վանք, Սուրբ Խաչի վանք, Շինիձորի վանք

Անտառապատ բլուրի մը գագաթին կառուցուած այս վանքը կը գտնուէր Սուրբխաչ հայաբնակ գիւղին (ներկայիս՝ Պերեքեթ) արեւելքը։ Շինիձորի Սուրբ Խաչավանքը Խիզանի ամենէն կարեւոր վանքն էր եւ Խիզանի առաջնորդութեան նստավայրը [112]։ Սովորաբար հոն կը բնակէր վանահայր մը, որ կը գործէր որպէս Խիզանի հոգեւոր առաջնորդ [113]։ Սուրբ Խաչավանքը կը նկատուէր հայկական մշակոյթի կեդրոն եւ ուշ միջնադարուն կը հանդիսանար գրչութեան նշանաւոր վայր մը։ Ըստ աւանդութեան, վանքը հիմնուած է 4-րդ դարուն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ քրիստոնէութիւնը Հայաստանի պետական կրօն հռչակած Տրդատ Գ. թագաւորի օրով [114]։ Սակայն վանքին եկեղեցւոյ անսովոր ճարտարապետութիւնը, որ հայկական ճարտարապետութեան մէջ նմանը չունի, կ’ենթադրէ գոյութիւնը բիւզանդական ազդեցութեան, եւ կառուցման թուական կը ճշդէ շուրջ 1000 թուականը [115]։

19-րդ դարու վերջաւորութեան, վանքն ու անոր կալուածները աւելի ու աւելի դարձած էին քիւրտ բէկերու յարձակումներուն ու կողոպուտներուն թիրախը։ Անկէ առաջ իսկ, 1823-ին, քիւրտ ոճրագործներ վանքի շրջափակին մէջ սպանած էին Աղթամարի Յարութիւն Ա. կաթողիկոսը։ 1895-ին, ապտուլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին, քիւրտ խուժանը յարձակած է վանքին վրայ եւ զաւթած անոր ամբողջ ունեցուածքը:

Վանքն ունէր Սուրբ Խաչ անունով եռախորան եկեղեցի մը՝ կառուցուած քառակուսի խաչաձեւ յատակագծով, 12,5 × 14,3 մեթր չափերով։ Եկեղեցին ունէր երկու վերնատուն եւ բարձր աղիւսաշար գմբէթ մը՝ հինգ գեղեցիկ լուսամուտներով [116]։ Եկեղեցւոյ մէջ կային նաեւ երկմակերես անկիւնային սիւներ (որոնցմէ երկուքը կցուած էին արեւմտեան պատին), խորաններուն վրայ կողմնակի սենեակներ եւ հիւսիսային ու հարաւային թեւերուն արեւմտեան կողմերը բացուող սենեակներ [117]։ Վանական համալիրը շրջապատուած էր պարիսպով, որմէ դուրս կային օժանդակ շինութիւններ, որոնցմէ մէկ քանին կը ծառայէին որպէս որբանոցներ։ Վանքը տէր էր լայնածաւալ կալուածներու եւ անոնց եկամուտին [118]։

1884-էն 1895 վանահայրն էր Սահակ վրդ. Կարապետեանը [119], ցեղասպանութիւնը նախորդող տարիներուն՝ Պետրոս ծ. վրդ. Գրիգորեանը, որ նաեւ կը կատարէր Խիզանի թեմի առաջնորդական փոխանորդի պարտականութիւնները։ Տէր Պետրոս սպանուած է 1915-ին [120]։

Հինգ Խորան վանք (վայրը՝ անյայտ)

Այլ ծանօթ անուն՝ Խիզանու Հինգ Խորան վանք

Ըստ Շէրենցի, վանքը կը գտնուէր Խիզանի հարաւ-արեւելեան մասին մէջ՝ բարձրադիր հարթավայրի մը վրայ, Հեգինի կամ Հայքայի վանքէն (ներկայիս՝ Եոլպաշը) մօտ 5 քիլոմեթր արեւելք [121]։ Սակայն Հեգին գիւղը կը գտնուէր Խիզանի արեւմտեան մասին մէջ՝ Գաւառներ ենթագաւառին մէջ, մինչ Խիզանի հարաւ-արեւելեան մասը կը պատկանէր այլ ենթագաւառի մը՝ Սպարկերտի տարածքին։

Վանքն ունէր յղկուած քարերով շինուած հինգ խորան։ Կեդրոնական հիմնական խորանէն զատ, կառոյցն ունէր չորս փոքր խորաններ՝ եկեղեցւոյ երկու կողմերուն վրայ, քանդակուած սպիտակ քարով [122]։ Ըստ տեղացիներուն հաղորդած աւանդութեան, այս խորաններուն տակ թաղուած էին անանուն նահատակներ [123]։

Խիզանի գաւառի եկեղեցիները

Ալըս

Սուրբ Թադէոս եկեղեցի։

Ամփիս 

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի։

Անապատ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Անդենց

Սուրբ Անանիա եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ կը գտնուէր նաեւ Սուրբ Մինաս եկեղեցին։

Ապարանք [Վարաս, Վարազ, կամ հաւանաբար Վանք]

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Արաթ

Սուրբ Պօղոս-Պետրոսի եկեղեցի։

Առնջիկ

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կը գտնուէր գիւղի արեւմտեան կողմը՝ 1900-ին դեռ ամբողջական։ Գիւղի արեւելքին կը գտնուէր մէկ անանուն եկեղեցի։ [124]

Ավընդանք

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցի։ Յակոբեան եւ իր աշխատակիցները կ՚ենթադրեն, թէ հոն գտնուած է նաեւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։

Ազգեր

Մէկ անանուն, կիսաւեր եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ գոյութիւն ունէր Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։

Բաստ 

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գոյութիւն ունէր Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին։ 1879-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղի կեդրոնին մէջ կը գտնուէր եկեղեցի մը նուիրուած Ատովմեանց սուրբերուն։ Անիկա կը կոչուէր Սուրբ Ատովմեանց եկեղեցի։

Բազմենից

«Լումա»ն 1900-ին նշած է, թէ գիւղի արեւմտեան եւ հարաւային կողմերուն վրայ գոյութիւն ունէին երկու եկեղեցի՝ Սուրբ Թադէոս (կամ Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցի) եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (կամ Սուրբ Սարգիսայ եկեղեցի)։ [125]

Բերդակ

Սուրբ Անտոն եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Բերկրի

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Անիկա կառուցուած էր քարէ եւ շաղախէ։ 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Բեթամին

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի։ Անիկա աւերուած է քիւրտ շէյխ Ճալալէտտինի հրամանով՝ ռուս-թրքական պատերազմին (1877–1878) ընթացքին։

Բվան

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Ճազվան

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի, որ նաեւ ծանօթ էր իբրեւ Ամենասուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի։ Անիկա անցեալին վանք մըն էր։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի նկարագրութեան՝ «մեծաշուք եկեղեցի» մըն էր։ [126] Շէրէնցը կը հաղորդէ, թէ տարեկան միայն մէկ անգամ կը կատարուէր պատարագ՝ Հոգեգալուստի կիրակի օրը, որ Զատիկէն ետք յայտնուող եօթներորդ կիրակին է։ [127] 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Դալաս

Մէկ անանուն եկեղեցի։ «Լումա»ն 1900-ին կը նշէ, թէ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար, սակայն կ՚աւելցնէ, թէ գիւղէն հիւսիս կը գտնուէր աւերակ մը, որուն դիրքը եւ ճարտարապետական ձեւը ենթադրել կու տային, թէ ան անցեալին եկեղեցի մը եղած է։ [128]

Դարոնց

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ գտնուած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Դաշտ

Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն հարաւ կը գտնուէր Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։ [129] Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը յիշեն երկրորդ եկեղեցի մը՝ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին։

Դի

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Ձմեն

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Գառնոց

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի։

Գեղիս

Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կը գտնուէր գիւղէն արեւելք։ Անիկա կառուցուած էր քարուկիրով։ [130] Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն, թէ հոն կար երկրորդ եկեղեցի մը՝ Սուրբ Քրիստափոր եկեղեցին։

Գթանց

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։

Գուզենց

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։

Հարբոնց

Մէկ անանուն եկեղեցի։

Հարգին

Ըստ «Լումա»ի 1900-ի յուշագրութեան՝ գիւղէն հիւսիս կը գտնուէր եկեղեցի մը, որ կարծէք շրջանի ամենահին եկեղեցին էր։ [131] Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։

Հարսմող

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Հաւախոս

Մէկ կիսաւեր եկեղեցի։ Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն, որ եկեղեցին հին էր եւ տակաւին կանգուն։

Հողանդ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Հոկորձու

Մէկ անանուն եկեղեցի։

Հայ Հէրիթ

Սուրբ Սահակ եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Հիւրջուք

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Հիւրուք Վերին

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ ցեղասպանութենէն վերապրած Տիգրան Գրիգորեանի եւ Մկրտիչ Մուրատեանի վկայութիւններուն՝ եկեղեցին, որ կառուցուած էր քարէ եւ շաղախէ, կը գտնուէր գիւղէն հիւսիս-արեւելք եւ հին կառոյց մըն էր։ Եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէին ձեռագիր եւ տպագիր գիրքեր, ինչպէս նաեւ ոսկեայ եւ արծաթեայ խաչեր։ [132] Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ եկեղեցւոյ անունը Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի էր։ [133] 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ՝ Տէր Եղիազար։

Հիւրուք Ներքին

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (կամ Սուրբ Աստուածածնայ)։ Եկեղեցին կը գտնուէր գիւղէն արեւմուտք՝ բարձունքի վրայ, եւ կառուցուած էր քարուկիրով։ [134]

Հիւսպ

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի (կամ Սուրբ Սարգիսայ)։ Եկեղեցին աւերուած է Սպարկերտի էմիրին կողմէ՝ 1840-ականներու վերջաւորութեան։ Աւերակ եկեղեցւոյ քարը օգտագործած է իր քոչուոր բնակավայրի շինութեան համար, զոր տեղադրած է եկեղեցւոյ տարածքին։ 1900-ին աւերակներուն մնացորդները տակաւին կը տեսնուէին։ [135]

Կաքվանիս

Սուրբ Սիմոն եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Կարասու Վերին

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Կարասու Ներքին

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։

Կասր

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Կատինոկ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Խակեւ

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի։

Խարխոց

Սուրբ Սահակ եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ։ Սուրբ Սահակ եկեղեցին կամարաւոր, երեք խորանով շինութիւն մըն էր՝ քարով կառուցուած։ Եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէին Սուրբ Սահակ, Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Քրիստափոր սուրբերու մասունքները։ Ըստ ցեղասպանութենէն վերապրած Աւետիս Տէր Ներսէսեանի վկայութեան՝ եկեղեցւոյ մէջ կային հին ձեռագիր Աւետարաններ, ոսկեայ գաւաթներ, խաչեր, քահանայական զգեստներ եւ այլ եկեղեցական անօթներ։ Գիւղի եզերքին կը գտնուէր Սուրբ Թուղմանուկ մատուռը։ [136] Եկեղեցւոյ երկու ծառայող քահանաներ էին Տէր Յովհաննէս եւ Տէր Յովսէփ։

Խավուս

Մէկ կիսաւեր եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Խազուկոնց

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։ Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին։

Խիզան

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ կար աւերակ եկեղեցի մը։

Խնձորուտ

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի։

Խուպ եւ Խոպան

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Խութ

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն արեւմուտք կը գտնուէին Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ (կամ Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցւոյ) աւերակները։ [137]

Կոնես

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի։

Կոտենց Վերին

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի նկարագրութեան՝ գիւղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Յակոբ անունով գեղեցիկ եկեղեցի մը՝ ընկուզենի եւ խնձորենի ծառերու մէջտեղ։ [138] 1913-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ։

Կոտենց Ներքին

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն արեւմուտք կը գտնուէր Սուրբ Ստեփանոս անունով գեղեցիկ եկեղեցի մը։ [139]

Կռան

Սուրբ Առաքեալ եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն հիւսիս կը գտնուէր մէկ անանուն եկեղեցի։ [140]

Լի

Սուրբ Սահակ եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։

Լուար

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն արեւելք, բլուրի մը ծայրը, կը գտնուէր Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ [141] 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Մահմտենք

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ։

Մանդոյենց

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Մատ

Սուրբ Սահակ եկեղեցի։ Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն հարաւ բարձրադիր վայրի մը վրայ կը գտնուէր քարուկիրով կառուցուած անանուն եկեղեցի մը։ [142]

Միջա

Սուրբ Մինաս եկեղեցի։ Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն Սուրբ Քրիստափոր եկեղեցին։

Միջթաղ

Մէկ անանուն եկեղեցի, որ քիւրտերու կողմէ աւերուած է շէյխ Ճալալէտինի հրամանով՝ ռուս-թրքական պատերազմի (1877–1878) սկիզբը։

Մութ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Մզրէն

Սուրբ Վարդան եկեղեցի։

Նամ

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի։

Ներբան

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի։ Անիկա կը գտնուէր գիւղէն արեւելք՝ ճամբու մը մօտ։ [143] 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Նորշէն

Ըստ Պոլսոյ Պատրիարքարանի 1913–1914 թուականներու մարդահամարին՝ գիւղին մէջ կար Սուրբ Գէորգին նուիրուած ճգնաւորի սենեակ մը։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Նզար

Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն մէկ անանուն, կիսաւեր եկեղեցի։

Օվ

Սուրբ Թովմաս եկեղեցի։

Պախուր Վերին

Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։

Պախուր Ներքին

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Պարկանց

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։

Պարս

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Պատեր

Մէկ անանուն եկեղեցի, որ քիւրտերու կողմէ աւերուած է ռուս-թրքական պատերազմի (1877–1878) սկիզբը։

Պռոշենց

Սուրբ Անտոն եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ, իսկ 1913-ին՝ մէկ։

Սեղ

Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին։

Սեւքար

Մէկ անանուն եկեղեցի, որուն մասին գիւղացիները կը պատմեն, թէ 1893-էն ի վեր երբեք չէ տեսած ցերեկային լոյսը եւ չէ լեցուած խնկի բուրմունքով։ [144]

Շէն

Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցի՝ ըստ ցեղասպանութենէն վերապրած Գէորգ Ամիրխանի վկայութեան։ [145] Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի։ 1879-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Շէնաղբիւր

Սուրբ Սահակ եկեղեցի։ Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին։ Այլ աղբիւրներու համաձայն՝ 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Շիրիզ

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։ Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի։

Սորի

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ Սուրբ Քրիստափոր եկեղեցի։ Յակոբեան եւ իր գործակիցները կը նշեն, որ երկրորդը արձանագրութիւններուն մէջ յիշուած է իբրեւ վանք։ Անոր մօտիկութիւնը Սորի գիւղին պատճառ դարձած է, որ եկեղեցին նկատուի Սորիի Սուրբ Աստուածածին վանքի մասը։ Եկեղեցին կը թուագրուի 10-րդ–11-րդ դարերուն․ ուներ երկու նաւեր եւ չափուած էր 9.1×12.8 մետր։ [146] Ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ Սորիի արեւմուտքին կար քարուկիրով կառուցուած եկեղեցի մը՝ նուիրուած Սուրբ Հրեշտակապետերուն։ Պատմութիւնը կը պատմէ, թէ 1800-ականներու սկիզբը գիւղացի մը՝ նոր շէնք կառուցելու ընթացքին, պատահմամբ բացած է եկեղեցւոյ տարածքը։ [147]

Սուսանց

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։ Բայց ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան՝ գիւղէն արեւելք կը գտնուէր քարուկիրով կառուցուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ [148]

Սուրբխաչ

Սուրբ Առաքեալ եկեղեցի։

Թացու

Սուրբ Աթովմեանց եկեղեցի (կամ Սուրբ Աթոմ Զօրավար եկեղեցի) եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։ 1913-ին գիւղը ունէր մէկ ծառայող քահանայ։

Թաղ

Քանի որ գիւղը կը համարուէր Գեղիս աւելի մեծ գիւղին մէկ թաղամասը՝ ըստ «Լումա»յի 1900-ի տեղեկութեան, գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։ [149]

Տոսու

Սուրբ Սահակ Պարթեւ եկեղեցի։ Եկեղեցին կը գտնուէր գիւղէն արեւելք եւ կառուցուած էր քարուկիրով։ [150]

Տվաղուս

Սուրբ Գէորգ եկեղեցի։ Այս փոքր եկեղեցին կը գտնուէր գիւղէն արեւմուտք։ [151]

Եղանց

Ըստ «Արեւելեան Մամուլ»ի 1879-ի թիւին՝ գիւղին մէջ եկեղեցի չկար։

Եղեգս

Գիւղին մէջ կային երկու անանուն եկեղեցիներ։ 1913-ին գիւղը ունէր երկու ծառայող քահանայ։

Խիզան գաւառի ուխտատեղիները

Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանք

Վանքը կը նկատուէր հայ քրիստոնեայ ուխտաւորներու ամենասիրուած վայրերէն մէկը։ Քրօու կը նշէ, թէ «պատարագի օրերու կը կատարուէին ուխտագնացութիւններ դէպի շինութիւնը, եւ տարեկան անգամ մը՝ Սեպտեմբեր ամսուն, կը կատարուէին այնտեղ առանձնակի կրօնական արարողութիւններ՝ հայկական տօնացոյցին յատկացուած յատուկ օրին համապատասխան»։ [152]

Շիրին

Շիրինի Սուրբ Գէորգ վանք՝ կարեւոր ուխտավայր մըն էր։ [153]

Փալաձոր

Բարակաձորի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը նկատուէր հայ քրիստոնէութեան ամենակարեւոր ուխտավայրերէն մէկը։ Յարակից գիւղերու հայ գիւղացիները ուխտի կը գային վանք՝ Համբարձումի տօնին, որ սովորաբար կը նշուէր հինգշաբթի օր։ [154]

Ճազվան

Խիզանի հայ բնակչութեան համար կարեւոր ուխտավայր մըն էր։ Ճաժվանի Սուրբ Երրորդութիւն վանքի ուխտի օրը կը նշուէր Հոգեգալուստին՝ Զատկէն յետոյ յայտնուող եօթներորդ կիրակի օրը։ [155] Գիւղէն հարաւ բլուրի մը վրայ կար ուրիշ ուխտավայր մը, զոր գիւղացիները կը կարծէին, թէ անցեալին եկեղեցի մըն էր։ [156]

Հինգ խորան վանք

Տեղական աւանդութեան համաձայն՝ վանքի հինգ սեղաններուն տակ կը հանգչէին անծանօթ հայ նահատակներ, որոնց յիշատակին իբրեւ զոհաբերութիւն կը մորթուէին մեծ թիւով ոչխարներ։ Բազմաթիւ ուխտաւորներ ամբողջ Խիզանէն կը հաւաքուէին վանքին մէջ։ Տեղացի քիւրտերն ալ կու գային բազմութեամբ՝ բաժին ստանալու հայերու ընծաներէն եւ երբեմն ալ՝ կողոպտելու համար։ [157]

Խութ

Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ (կամ Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցւոյ) աւերակներուն մօտէն կը բխէր պաղ ջուրի աղբիւր մը, զոր տեղացիները կը կոչէին «Եկեղեցւոյ Աղբիւր»։ Անիկա նշանաւոր ուխտավայր մըն էր՝ յարակից գիւղերու հայ բնակիչներուն համար։ [158]

  • [1] «Մասիս», շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, թիւ 3596, 27 յունուար 1884։
  • [2] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1947, էջ 812։
  • [3] «Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան Ազգային հիւանդանոցի», 1908, Հ. Մատթէոսեան հրատարակչատուն, Կոստանդնուպոլիս, էջ 346։
  • [4] «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան», Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն, Երեւան, 2002, էջ 36։
  • [5] “The Forgotten Patriarchate: A Brief Historical Note on the Armenian Catholicosate of Aghtamar.” The British Orthodox Church, 2019, britishorthodox.org/glastonburyreview/issue-123-the-forgotten-patriarchate/. 
  • [6] Թէոդորոս Լապճինճեան (Թէոդիկ), «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին», անանուն հրատարակութիւն, Թեհրան, 2014, էջ 61։
  • [7] «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան», էջ 36։
  • [8] “The Forgotten Patriarchate: A Brief Historical Note on the Armenian Catholicosate of Aghtamar.” The British Orthodox Church, 2019,
  • [9] «Աղթամարայ հանգուցեալ Խաչատուր կաթողիկոսի վերջին թուղթն եւ տեղեկագիրը, 19 դեկտեմբեր 1895», «Արարատ» ամսագիր, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, թիւ 29, մայիս 1896, էջ 246։
  • [10] «Արարատ», թիւ 2, փետրուար 1896, էջ 89-90։ 
  • [11] Johannes Lepsius, Armenien und Europa։ Eine Anklageschrift wider die christlichen Großmächte und ein Aufruf and as christliche Deutschland,” Verlag der Akademischen Buchhandlung W. Faber & Co., Berlin-Westend, 1896, թարգմ. Աշոտ Հայրունի եւ Մարիամ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, էջ 264–266։
  • [12] «Դրօշակ», Ժնեւ, թիւ 16, 27 յունիս 1896։
  • [13] “Four Gospels in Armenian, 1434/35”, The Metropolitan Museum of Art website, www.metmuseum.org/art/collection/search/478665
  • [14] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, «Թորոս Աղբար. Հայաստանի ճանապարհորդ», Բ. հատոր, Գ. Պաղտատլեան հրատարակչատուն, Կոստանդնուպոլիս, 1885, էջ 262։
  • [15] Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», 5 հատորով, Բ. հատոր, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1986, էջ 731։ 
  • [16] Գեղամ Պատալեան, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս VII-րդ)» [A Historico-Demographic Description of Western Armenia on the Eve of the Armenian Genocide, pt. VII: The Southeastern Counties of the Province of Bitlis], «Վէմ» հանդէս, Երեւան, թիւ 4 (56), 2016, էջ 7։
  • [17] Նոյնը, մաս VII-րդ, էջ 8։
  • [18] Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի, կամ տեղեկագիր Բալուայ, Խարբերդու, Չարսանճաքի, Ճապաղ Ջուրի եւ Երզնկայու (յաւելուած ըստ խնդրանաց ազգասիրաց՝ Խիզան գաւառ)», անյայտ հրատարակիչ, Կ. Պոլիս, 1878, էջ 186։
  • [19] Նոյնը, էջ 194։
  • [20] Հ. Սուքիաս Էփրիկեան, «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան», Բ. հատոր, Ս. Ղազարու տպարան, Վենետիկ, 1907, էջ 173։ 
  • [21] «Լումայ» հանդէս, Թիֆլիս, Ա. գլուխ, 1900, էջ 222։
  • [22] «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան», էջ 36։
  • [23] Վլատիմիր Թ. Մայեւսքի ("Voenno-statisticheskoe opisanie Vanskogo i Bitlisskogo vilayetov") «Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու ռազմական վիճակագրութիւնը», Կովկասեան զինուորական շրջանի գլխաւոր կեդրոնի տպարան, Թիֆլիս, 1904, էջ 101 (ռուսերէն)։
  • [24] Archbishop Malachia Ormanian, The Church of Armenia: Her History, Doctrine, Rule, Discipline, Liturgy, Literature, and Existing Condition, translated by G. Marcar Gregory,” A. R. Mowbray & Co., London; Oxford, 1954, p. 132.
  • [25] Ibid., p. 208. 
  • [26] Հ. Սուքիաս Էփրիկեան, «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան», Բ. հատոր, էջ 174։
  • [27] «Վիճակացոյց-տեղեկագիր Խիզան գաւառի», թիւ 555 (26 յուլիս 1913) եւ 558 (30 սեպտեմբեր 1913), նախաբան։
  • [28] «Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան Ազգային հիւանդանոցի», 1908, էջ 256։
  • [29] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 77։
  • [30] Նոյնը, էջ 61։ 
  • [31] Bishop Papken Tcharian, The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide, translated by Tamar Topjian Der-Ohannessian, Catholicosate of Great House of Cilicia, Antelias – Lebanon, 2009, p. 172, 187.
  • [32] Robert H. Hewsen, Armenia: A Historical Atlas, University of Chicago Press, Chicago, 2001, p. 224.
  • [33] «Դիւան Հայոց պատմութեան. Հարստահարութիւններ Թուրքաստանում», 13-րդ հատոր, Գիւտ քահ. Աղանեանց հրատարակչատուն, Թիֆլիս, 1915, էջ 547–550, յաւելուած 171։
  • [34] Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի …», էջ 186–190, 192–202։
  • [35] «Արեւելեան մամուլ» ամսագիր, Զմիւռնիա, յունիս 1879, էջ 67–68։ 
  • [36] «Մասիս», թիւ 3036, 6 նոյեմբեր 1881։
  • [37] «Մշակ» օրաթերթ, Թիֆլիս, թիւ 121, 3 (15) յուլիս 1881։
  • [38] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 222։
  • [39] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր. Տեղագրութիւն Վասպուրականի-Վանայ նահանգի գլխաւոր եկեղեցեաց, վանօրէից և ուսումնարանաց», «Վերիչեւ եւ Կամենմախէր» հրատարակչատուն, Թիֆլիս, 1902, էջ 136–137, 137–141, 151–153։
  • [40] Հ. Սուքիաս Էփրիկեան, «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան», Բ. հատոր, էջ 171–172։ 
  • [41] «Ընդարձակ օրացոյց Սուրբ Փրկչեան Ազգային հիւանդանոցի», 1908, էջ 346։
  • [42] «Վիճակացոյց-տեղեկագիր Խիզան գաւառի», թիւ 558, 30 սեպտեմբեր 1913։
  • [43] Raymond Kevorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, I. B. Tauris, London-New York, 2011, p. 277.
  • [44] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 58, 62–63։
  • [45] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 814–880։ 
  • [46] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 137։
  • [47] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 866–870։
  • [48] Francis Crow, ‘Report on a Journey through the Caza of Khizan in September 1897’, as cited on the website of Jelle Verheij,
  • [49] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 53։
  • [50] “Collectif 2015, No. 030: ‘Monastery of the Holy Cross of Abarank’” [Collectif 2015, թիւ 030. «Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանք»]։ Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 838։
  • [51] «Մասիս», թիւ 3036, 6 նոյեմբեր 1881։
  • [52] “Collectif 2015, No. 030: ‘Monastery of the Holy Cross of Abarank’” [Collectif 2015, թիւ 030. «Ապարանքի Սուրբ Խաչ վանք»]։
  • [53] «Աշխատանք» թերթ, Վան, 1911, թիւ 12, դեկտեմբեր, էջ 975։
  • [54] Francis Crow, ‘Report on a Journey through the Caza of Khizan in September 1897’, as cited on the website of Jelle Verheij,
  • [55] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 225–226։
  • [56] “Collectif 2015, No. 027: ‘The Holy Mother of God Church of Pasd’” [Collectif 2015, թիւ 027. «Բաստի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի»]։ 
  • [57] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 62–63։
  • [58] “Collectif 2015, No. 027: ‘The Holy Mother of God church of Pasd’” [Collectif 2015, թիւ 027. «Բաստի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի»]։
  • [59] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 227–228։
  • [60] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 153։
  • [61] Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի …», էջ 197–198։
  • [62] «Աղթամարայ հանգուցեալ Խաչատուր կաթողիկոսի վերջին թուղթն եւ տեղեկագիրը …», էջ 246։
  • [63] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 58, 62։
  • [64] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide,” ARHIS, Paris, 1992, p. 476.
  • [65] Ibidem.
  • [66] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 215։
  • [67] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 151–152։ 
  • [68] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman …, p. 476.
  • [69] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 222։
  • [70] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 776։
  • [71] “Saint Gregory Armenian Catholic Church in Glendale, CA”,
  • [72] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 776։
  • [73] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 62–63։
  • [74] «Արեւելեան մամուլ», յունիս 1879, էջ 68։ Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի …», էջ 196։
  • [75] «Արեւելք» օրաթերթ, Կ. Պոլիս, թիւ 214, 19 սեպտեմբեր (1 հոկտեմբեր) 1884։
  • [76] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 77–78։ Bishop Papken Tcharian, The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide, p. 185.
  • [77] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 153։
  • [78] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 58, 62։
  • [79] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 831։
  • [80] «Աղթամարայ հանգուցեալ Խաչատուր կաթողիկոսի վերջին թուղթն եւ տեղեկագիրը …», էջ 246։ 
  • [81] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 831։
  • [82] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 872։
  • [83] Նոյնը, էջ 875։
  • [84] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Բ. հատոր, էջ 731։
  • [85] Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի …», էջ 194–195։
  • [86] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 222։
  • [87] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 864։
  • [88] Նոյնը, էջ 853–854։
  • [89] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Բ. հատոր, էջ 92, Դ. հատոր, էջ 565։ Տե՛ս նաեւ «Դիւան Հայոց պատմութեան», 13-րդ հատոր, յաւելուած 171, Գիւտ քահ. Աղանեանց հրատարակչատուն, Թիֆլիս, 1915, էջ 547–550։
  • [90] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 854։
  • [91] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 222։
  • [92] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 617։
  • [93] «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան», էջ 174։
  • [94] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 617։
  • [95] “Collectif 2015, No. 024: ‘Paritzor Holy Mother of God Monastery’” [Collectif 2015, թիւ 024. «Բարիձորի Սուրբ Աստուածածին վանք»]։
  • [96] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Ա. հատոր, էջ 617։
  • [97] “Collectif 2015, No. 024: ‘Paritzor Holy Mother of God Monastery’” [Collectif 2015, թիւ 024. «Բարիձորի Սուրբ Աստուածածին վանք»]։
  • [98] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 77–78։ Bishop Papken Tcharian, The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide, p. 185.
  • [99] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 227։
  • [100] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 134։ 
  • [101] «Աղթամարայ հանգուցեալ Խաչատուր կաթողիկոսի վերջին թուղթն եւ տեղեկագիրը …», էջ 246։ Պօղոս ծ. վրդ. Նաթանեան, «Արտօսր Հայաստանի …», էջ 198։
  • [102] Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 58, 62։
  • [103] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman …, p. 476.
  • [104] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 223։
  • [105] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 665։
  • [106] “Collectif 2015, No. 026: ‘Holy Mother of God Monastery of Hzar or Sori’” [Collectif 2015, թիւ 026. «Հզարի կամ Սորիի Սուրբ Աստուածածին վանք»]։
  • [107] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 665։
  • [108] “Collectif 2015, No. 026: ‘Holy Mother of God Monastery of Hzar or Sori’” [Collectif 2015, թիւ 026. «Հզարի կամ Սորիի Սուրբ Աստուածածին վանք»]։
  • [109] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 223։
  • [110] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 153։
  • [111] Raymond Kévorkian et Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman …, p. 476.
  • [112] Ibidem.
  • [113] «Վիճակացոյց-տեղեկագիր Խիզան գաւառի», թիւ 555 եւ 558, նախաբան։ Տե՛ս նաեւ Թէոդիկ, «Գողգոթայ թրքահայ հոգեւորականութեան …», էջ 62–63։
  • [114] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 124։
  • [115] “Collectif 2015, No. 025: ‘The Holy Cross Monastery of Khizan or Shinitzor’” [Collectif 2015, թիւ 025. «Խիզանի կամ Շինիձորի Սուրբ Խաչ վանք»]։
  • [116] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 124։
  • [117] “Collectif 2015, No. 025: ‘The Holy Cross Monastery of Khizan or Shinitzor’” [Collectif 2015, թիւ 025. «Խիզանի կամ Շինիձորի Սուրբ Խաչ վանք»]։
  • [118] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 124։
  • [119] «Արեւելք», թիւ 214, 19 սեպտեմբեր (1 հոկտեմբեր) 1884։ Տե՛ս նաեւ «Աղթամարայ հանգուցեալ Խաչատուր կաթողիկոսի վերջին թուղթն եւ տեղեկագիրը …», էջ 246։
  • [120] Bishop Papken Tcharian, The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide, p. 157.
  • [121] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 139։
  • [122] Նոյնը։
  • [123] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Գ. հատոր, էջ 414։
  • [124] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 224-225։
  • [125] Նոյնը, էջ 227-228։
  • [126] Նոյնը, էջ 228։
  • [127] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 151-152։
  • [128] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 227։
  • [129] Նոյնը, էջ 226։
  • [130] Նոյնը, էջ 227։
  • [131] Նոյնը։
  • [132] Վիրաբեան, Ամատունի, խմբ., «Հայոց Ցեղասպանությունը Օսմանյան Թուրքիայում։ Վերապրածների վկայություններ», Հտր. Բ. Բիթլիսի նահանգ (Երեւան: Զանգակ-97, 2012), էջ 97։
  • [133] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 228-229։
  • [134] Նոյնը, էջ 225։
  • [135] Նոյնը։ 
  • [136] Վիրաբեան, «Հայոց Ցեղասպանությունը Օսմանյան Թուրքիայում …», էջ 90։
  • [137] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 225։
  • [138] Նոյնը, էջ 228։
  • [139] Նոյնը։
  • [140] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 226։
  • [141] Նոյնը, էջ 228։
  • [142] Նոյնը, էջ 226։
  • [143] Նոյնը, էջ 229։
  • [144] Նոյնը, էջ 228։
  • [145] Վիրաբեան, «Հայոց Ցեղասպանությունը Օսմանյան Թուրքիայում …», էջ 339։
  • [146] Collectif 2015, No. 026: “Holy Mother of God Monastery of Hzar or Sori” [Հզարի կամ Սորի Սուրբ Աստուածածին վանք]։
  • [147] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 223։
  • [148] Նոյնը, էջ 224։
  • [149] Նոյնը, էջ 227։
  • [150] Ibid.
  • [151] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 226։
  • [152] Crow, Francis. “Report on a Journey through the Caza of Khizan in September 1897”, ինչպէս նշուած է պատմագէտ Եէլը Ֆերհէյի կայքէջին մէջ, www.jelleverheij.net/monuments/aparank.html.
  • [153] Թադեւոս Յակոբեան եւ այլք, «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան», Դ. հատոր, էջ 134։
  • [154] «Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան», էջ 174։
  • [155] Հ. Համազասպ Ոսկեան, «Վասպուրական-Վանի վանքերը», Գ. հատոր, էջ 814։
  • [156] «Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 228։
  • [157] Գէորգ Շէրենց, «Սրբավայրեր …», էջ 139։
  • [158] Լումայ», Ա. գլուխ, 1900, էջ 225։