Այնթապ քաղաքին յատակագիծը (բացատրութիւնները տեսնել ստորեւ)։

Այնթապ

Հոս կը տեսնենք քաղաքին արեւմտեան հատուածը, այլ խօսքով հայ բնակչութեամբ յատկանշուող թաղամասերը։ Յատակագիծէն դուրս կը մնան Այնթապի բերդը, շուկան եւ ասոնց շուրջ տարածուող բազմաթիւ թաղամասեր։ Յատակագիծը կը համապատասխանէ մօտաւորապէս 1919-1920 իրավիճակին։ Աղբիւր՝ Գէորգ Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, Լոս Անճելըս, 1953, պատրաստութիւն՝ Ն. Պարսումեան։

Ստորեւ ներկայացուած անուններուն շարքին հաստ տառատեսակով գրուածները տեղ չեն գտած սոյն յատակագիծին մէջ։ Այլ, ներկայացուած են միայն անոնց տեղերուն համապատասխանող թիւերը։

1. Գաւագլըք, 2. Այն Լէպէն, 3. Մարաշի խճուղի, 4.Պօսթան Արասը, 5. Ջրաղաց, 6.Ինճիրլի փունար, 7.Լատինաց վանք, 8.Նիկողոս աղայի տուն, 9.Տէփօ/Հին զօրանոց, 10.Քիւլհան տամը, 11.Ագեօլի մզկիթ, 12.Ագ Եօլ, 13.Գըրգ աեաք, 14.Թապախանէ (խաղախորդարան), 15.Չինարլը մզկիթ, 16.Նաում Խայեաթի տուն, 17.Սու Պուրճը, 18.Սու Պուրճըի մզկիթ, 19.Սու Պուրճըի պահականոց, 20.Մէարիֆի քազինօ, 21.Բողոքական Ա. եկեղեցի, 22.Լէյլէկեանի տուն, 23.Գալուստեանի տուն, 24.Ներսէսեան վարժարան, 25.Թրանսվերսալ, 26.Չուքուր Պօսթան, 27. Զինուորական կեդրոնական մարմինի կեդրոն (Այնթապի հայերու ինքնապաշտպանութեան ժամանակ), 28.Դաշնակցութեան ակումբ, 29.Աթենական կրթարան, 30.Ամերիկեան հիւանդանոց, 31.Պէազըն օղլու խան, 32.Ծիրանի ծառեր, 33.Սարը խասթահանէ, 34.Սահակ-Մեսրոպեան վարժարան, 35.Ամերիկեան աղջկանց գոլէճ, 36.Հալլաճեան որբանոց, 37.Ս. Աստուածածին եկեղեցի, 38.Վարդանեան վարժարան, 39.Ռամկավար կուսակցութեան ակումբ, 40.Բողոքականներու Բ. եկեղեցի, 41.Ալի պէյի տուն, 42. Իպն Էյուպ, 43.Իպն Էյուպի մզկիթ, 44.Պալըգլը, 45.Պիւլպիւլզատէի տունը, 46.Անկլիքան եկեղեցի, 47.Արաբկիրցիներու աղօրիքը, 48.Մուսուլլը Սօգաղը, 49.Պարսումեան վարժարան, 50.Գօզանլը մզկիթ, 51.Շէյխ մզկիթ, 52.Զէնկին Հասանի տունը, 53.Փաշա սօքաղը, 54. Իլիանի տունը, 55.Քէլէշ խօճայի տունը, 56.Գօզանլըի թրքական դպրոց, 57.Հայկական գերեզմաննոց, 58.Սումագլը մետտասը, 59.Քրտական թաղամաս, 60.Մըխսընըն մետտասը, 61.Ամերիկեան գոլէճ, 62. Փըրգա/Զօրանոց, 63.Նազարէթեաններու տուն - Գծեց՝ Ն. Պարսումեան