Այնթապ - Պարբերական մամուլ

Հեղինակ՝ Միհրան Ա. Մինասեան, 15/04/26 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 15/04/26)

Այնթապ հարուստ եղած է իր պարբերական հրատարակութիւններով։ Հոն լոյս տեսած են բազմաթիւ ձեռագիր եւ քանի մը խմորատիպ ու տպագիր թերթեր, որոնք հրատարակուած են դպրոցական աշակերտներու, միութիւններու, կրօնական հաստատութիւններու եւ անհատներու կողմէ հաւասարապէս։

Այնթապի հայոց պատմութեան ուսումնասիրման մեծ երախտաւոր Գրիգոր Պօղարեանի վկայութեամբ, «Այնթապի շատ դպրոցներ ունէին իրենց աշակերտական թերթերը, սահմանուած հրապարակային ընթերցումի` աշակերտական հանդէսներու կամ ատենամարզանքի դասերուն ընթացքին» [1]։

Պէտք է նշել, որ այնթապցի գրեթէ բոլոր գրողները, մտաւորականներն ու ծանօթ դէմքերը, որոնք գործած են Այնթապի կամ աւելի ետք արտասահմանի մէջ, իրենց պատանեկութեան ինչ որ չափով առնչութիւն ունեցած են հոն լոյս տեսած ձեռագիր կամ խմորատիպ թերթերուն հետ, եւ իրենց գրական առաջին փորձերը կատարած են այդ թերթերուն մէջ, ինչպէս օրինակ` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլեսէրեան, Բիւզանդ Թօփալեան, Միսաք Գօչունեան-Քասիմ, Գէորգ Ա. Սարաֆեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, վեր. Եղիա Քասունի (Պէհէսնիլեան), Նազարէթ Հիլմի Ներսէսեան, Վահան Քիւրքճեան (Բակուրան), Գրիգոր Պօղարեան, բժ. Աւետիս Ճեպեճեան, փրոֆ. Արմենակ Չամիչեան, Գէորգ Չեքիճեան, Արմենակ Նազարէթեան (Ա. Նազար) եւ այլք։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Այնթապի հայերէն ու հայատառ թրքերէն թերթերը իրենց լոյս ընծայման թուականի կարգով.

1) «Այնլէպէն» [2]

Լոյս տեսած է Ազգային Ներսէսեան վարժարանէն ներս։ Ձեռագիր, հայատառ թրքերէն ամսագիր, «հիմնադիր-խմբագիր, յղացող եւ առաջնորդութեամբ» Յովհաննէս Քիւրքճեանօֆի։ Առաջին թիւը լոյս տեսած է մօտաւորապէս 1872-ին (1878-էն հաշուելով՝ 5-6 տարի առաջ)։

Կարճատեւ հրատարակութիւն մը եղած է եւ հրապարակուած է ընդամէնը քանի մը թիւ։

Թերթիկ մըն է, որ շօշափած է ազգային-կրթական հարցեր եւ հրապարակած է զանազան լուրեր։ Սահմանուած էր հրապարակային ընթերցումի` գիշերային լսարաններու մէջ։ Աւելի ետք դադրած է եւ փոխարինուած է լսարանով [3]։

Ազգային Ներսէսեան վարժարան

Հիմնուած է 1856-ին. եղած է վեցամեայ վարժարան, որ ունեցած է իր ծաղկոցի բաժինը։

Ներսէսեանը եղած է Այնթապի հայութեան առաջին կանոնաւոր վարժարանը, ուր ուսանած են հազարաւոր հայ պատանիներ, որոնք ստացած են հայեցի դաստիարակութիւն եւ ապագային դարձած են ազգային-եկեղեցական ծանօթ դէմքեր։ 

Ներսէսեանը մեծապէս նպաստած է քաղաքի մշակութային կեանքի բարգաւաճման։ Վարժարանի ուսուցիչները եղած են տեղացիներ եւ մասամբ Պոլսէն հրաւիրեալներ։ Գործած է մինչեւ 1915 [4]։

Յովհաննէս Ս. Քիւրքճեանօֆ

Բնիկ ակնցի։ Ծնած է 1824-ին։ Մինչեւ 1866՝ ապրած է Հալէպ, իսկ 1866-1883` Այնթապ։ Հալէպի մէջ եղած է մաքսատան բարձրաստիճան պաշտօնեայ, ապա նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է Այնթապ։ Նախ` Հալէպի, ապա` Այնթապի մէջ ունեցած է ազգային նկատառելի գործունէութիւն։ Ջատագովը եղած է առողջ դաստիարակութեան, մանաւանդ աղջիկներու։ 1862-ին հիմնած է Հալէպի աղջկանց առաջին հայկական վարժարանը, ինչպէս նաեւ` գրատուն մը, քանի մը ընկերութիւն, հանրային գրադարաններ, գիշերային լսարաններ, դասընթացքներ, սարքած է թատերական ներկայացումներ եւ այլն [5]։ 1862-ին Հալէպի մէջ փորձած է հաստատել տպագրական մամուլ մը եւ կառուցել փոքրիկ թատերասրահ մը, բայց չէ յաջողած [6]։ Ըստ Գրիգոր Պօղարեանի՝ Քիւրքճեանօֆ կը համարուի «Այնթապի զարթօնքին կարապետներէն մէկը» [7]: Աշխատակցած է օրուայ պարբերական մամուլին, ուր լոյս ընծայած է ազգային հարցերու նուիրուած տասնեակ յօդուածներ։ Հրատարակած է նաեւ քանի մը գրքոյկ։ Մահացած է Այնթապ, 5/17 Օգոստոս 1883-ին [8]։

2) «Բիւրակն»

Հայերէն եւ հայատառ թրքերէն ամսագիր, հրատարակութիւն՝ Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարանի երէց սաներու` Մուշեղ Սարաֆեանի, Սմբատ Տեմիրճեանի, Յովհաննէս-Հմայեակ Պոյաճեանի (Ֆերիտ էֆենտի), Միսաք Գօչունեանի եւ Նազարէթ Ներսէսեանի։ Եղած է ձեռագիր։ Բազմացուած է տասնեակ օրինակներով եւ ղրկուած` բաժանորդներուն [9]։

Այլ աղբիւր մը` խմբագիր նշած է Վահան Քիւրքճեանը, իսկ գործակիցներ` Միսաք Գօչունեան եւ Նազարէթ Ներսէսեան [10]։ 

«Բիւրակն»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1874-1875-ին, իսկ վերջինը` 1876-ին [11]։

«Բիւրակն»ը եղած է դպրոցական թերթ, ուր արձակ գրութիւններու կողքին՝ հրապարակուած են նաեւ բանաստեղծութիւններ։

Ահաւասիկ «Բիւրակն»ի մասին Վահան Քիւրքճեանի մէկ վկայութիւնը. «...Ունեցանք ձեռագիր ամսաթերթ մը, ԲԻՒՐԱԿՆ, մէկ տասնեակ բաժանորդներով։ Հոն տեսնուած քերթուած մը իմ ստորագրութեամբ, թէեւ ոչ իմ հեղինակութեամբ։ Կը յիշեմ անոր առաջին տողերը միայն- Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն ձօնուած.-

Գողգոթայի գառին յաջոյն,
Որո՞յ զարմին արդեօք ճրագ,
Լոյս ի շրթունս Խաչ ի ձեռին
Արծուօրէն վառել փութայք...»
[12]։

Աշխատակիցները եղած են` Վահան Քիւրքճեան, Միսաք Գօչունեան, Նազարէթ Ներսէսեան եւ այլք։

Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարան

Նախակրթարան, զոր հիմնած է Կիլիկիոյ Մկրտիչ Քէֆսիզեան կաթողիկոսը, 1 Մարտ 1873-ին, Այնթապ կատարած հերթական այցելութեան մը ընթացքին։ Ունեցած է 30 աշակերտ` Այնթապէն եւ այլ վայրերէ, եւ գոյութիւնը պահած է ընդամէնը չորս տարի։

Այս վարժարանի շարունակութիւնը կը համարուի Ադենական վարժարանը։ 

Կրթարանը ունեցած է հարուստ գրադարան եւ լսարան, ուր տեղի ունեցած են մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ [13]։

Հակառակ կարճատեւ կեանքին, տուած է քանի մը ծանօթ շրջանաւարտներ, ինչպէս օրինակ` Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր-խմբագիր գրող Միսաք Գօչունեան, գրողներ` Վահան Մ. Քիւրքճեան, Նազարէթ Հիլմի Ներսէսեան, Վանի նահանգապետի օգնական Յովհաննէս Պոյեաճեան (Յովհաննէս Ֆերիտ) եւ ուրիշներ [14]։

Միսաք Գօչունեան-Քասիմ

Ծնած է Հալէպ, 16 Սեպտեմբեր 1863-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Կիւրինի Ազգային եւ Այնթապի Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարաններուն մէջ։ Վերջինէն շրջանաւարտ եղած է 1877-ին։ Կանուխէն նետուելով առեւտրական ասպարէզ՝ մեկնած է Կեսարիա, ապա` տարբեր քաղաքներ, եւ վերջապէս, 1886-ին հաստատուած է Կ. Պոլիս, ուր որպէս խմբագիր գործած է «Մանզումէի էֆքեար» թերթին մէջ։ Աշխատակցած է բազմաթիւ այլ թերթերու։ 15 Հոկտեմբեր 1908-ին Պոլսոյ մէջ հիմնած է «Ժամանակ» օրաթերթը եւ վարած է անոր խմբագրութիւնը մինչեւ մահ` 15/28 Մայիս 1913 [15]։

Հեղինակած է քանի մը վէպ եւ աշխարհաբարի վերածած է «Նարեկ»ը։

Յովհաննէս-Հմայեակ Պոյաճեան-Ֆերիտ էֆենտի

Նախ ուսանած է Այնթապ, ապա աւարտած է Կ. Պոլսոյ Միւլքիէ համալսարանը։ Եղած է Վանի օգնական նահանգապետ, Միտիլլիի գաւառապետ եւ Ներքին գործոց նախարարութեան դիւանի տնօրէն [16]։

Նազարէթ Հիլմի Ներսէսեան

Ծնած է 1864-ին, Այնթապ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանին մէջ։ 1882-ին մեկնած է Կ. Պոլիս եւ հետեւած` բժշկական համալսարանի դասընթացքներուն, ապա՝ տեղւոյն համալսարանէն վկայուած է որպէս իրաւաբան եւ հարցաքննիչ դատաւոր։ 1888-ին կառավարութեան կողմէ ղրկուած է Մանիսա, իսկ 1895-ին տեղափոխուած է Զմիւռնիա եւ պարապած` փաստաբանութեամբ [17]։ Շրջան մը եղած է Էտիրնէի ընդհանուր դատախազ [18]։

Խմբագրած է օսմաներէն լեզուով երկու թերթ եւ աշխատակցած է հայ մամուլին [19]։ Ունի նաեւ օսմաներէնով քանի մը օրէնսգիտական աշխատութիւններ։

Հիլմի սպաննուած է կնոջ եւ կրտսեր որդւոյն հետ, զոհ երթալով քեմալական «բորենածին մարդասպաններու գնդակներուն»՝ 11 Սեպտեմբեր 1922-ին, Զմիւռնիոյ աւերումի եւ կոտորածի օրերուն [20]։

Սմբատ Տեմիրճեան-Տէր Մեսրոպ քհնյ. Տեմիրճեան

Ծնած է Այնթապ, 1859-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանին մէջ, ապա՝ ուսուցչական պաշտօն վարած է Ներսէսեան վարժարանէն եւ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն ներս։ Շրջան մը եղած է Ադենական վարժարանի տնօրէն։ Հիմնադիրներէն է Ադենական ընկերութեան, համանուն վարժարանին եւ Արմենական կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղին։ 1904-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ Վախճանած է 31 Դեկտեմբեր 1909-ին [21]։

Մուշեղ-Սարգիս Սարաֆեան

Յաճախած է Այնթապի Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարան եւ տարիներ ետք, որպէս ուսուցիչ, մեկնած է Մուշ, ուր ձեռնադրուած է քահանայ ու անդ` վախճանած [22]։

3) «Եդեմ-Ադեն»

Հայատառ թրքերէն եւ հայերէն ամսագիր, հրատարակութիւն` Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանի կրտսեր աշակերտներու, խմբագրութեամբ` Վահան Քիւրքճեանի՝ 1875-1876, քանի մը թիւ միայն։ Եղած է ձեռագիր եւ բազմացուած է տասնեակ օրինակներով [23]։ Աշխատակիցներէն կը յիշուի Միսաք Գօչունեանը։

Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանի սաները բաժնուած էին կրտսեր եւ երէց խումբերու։ Կրտսերները հիմնած են «Եդեմեան» ընկերութիւնը, որ շարժած է երէցներու նախանձը։ Վարժարանի տնօրէն Նշան Թէրզեան լուծած է «Եդեմեան»ը, որմէ յետոյ աշակերտները միասնաբար հրատարակած են «Եդեմ-Ադեն» թերթը [24]։

Կիլիկեան գիշերօթիկ վարժարանի (Կիլիկեան ճեմարանի) ուսանողական միութիւն

Հիմնուած է Սեպտեմբեր 1913-ին, նպատակ ունենալով ընթերցասիրութիւնը տարածել ուսանողութեան մէջ եւ զանոնք մղել գրական փորձեր կատարելու։ Սարքած է գրական հաճելի եւ օգտակար հաւաքոյթներ, ուր կարդացուած են «Կիլիկիա» ամսօրեայ հանդէսի թիւերը։ Միութիւնը ունեցած է նաեւ գրադարան մը [25]։

4) «Շիրակ»

Ձեռագիր ամսաթերթ։ Լոյս տեսած մէկ օրինակով։ Խմբագիր` Վահան Քիւրքճեան, 1876, միայն 1 թիւ։ Եղած է անհատական նախաձեռնութիւն։

Ահաւասիկ խմբագրի վկայութիւնը թերթին մասին. «Ունէի ուրիշ ամսաթերթ մը, «Շիրակ», պատկերազարդ, միայն մէ՛կ օրինակ, որուն խմբագիրն էի ես` եւ միանգամայն ձեռագրողը, գծագրողը, թղթակցողը, ցրուողը եւ ընթերցողը [26]։

5) «Դրախտ հանդէս հայրենանուէր» [27]

Այնթապ-Սրբոց Վարդանանց Մեսրոպեան սանուց վարժարան, ձեռագիր նօտրգիր, երկսիւն, մէկը` հայերէն,    միւսը` հայատառ թրքերէն։ Թերթը՝ տասնեակ մը աշակերտներու կողմէ 15-20 օրինակ բազմացուելով, ղրկուած է բաժանորդներուն [28]։

Եղած է ազգային, կրթական, ուսումնական եւ առողջապահական ամսատետր մը, հրատարակութիւն` Սրբոց Վարդանանց Մեսրոպեան սանուց վարժարանի աշակերտութեան, խմբագիր` Վահան Քիւրքճեան (1878-էն) [29]։ Լոյս տեսնել սկսած է Յունուար 1878-ին [30]։ Բաժանորդագինը եղած է 1 մեճիտ։

Մեսրոպեան սանուց վարժարան

Գործած է 1874-1878։ Հիմնուած է Վարդանեան ընկերութեան նախաձեռնութեամբ՝ 30 աշակերտով, Ազգային Ներսէսեան վարժարանի սենեակներէն մէկուն մէջ, սակայն, ժամանակի ընթացքին, աշակերտութեան թիւի աճով, տեղափոխուած է Հայեկ թաղ, Վարդանեան ընկերութեան գնած Տուզճու Թորոսին տունը, որ 1882-1884 հիմնովին վերանորոգուելով` դարձած է ծանօթ Վարդանեան կրթարանը [31]։

Միութիւնը մէկ կողմէ լծուած է նոր եկեղեցիի մը եւ միւս կողմէ՝ աղջկանց վարժարանի յատուկ շէնքի մը կառուցման աշխատանքներուն, որոնց հետեւանքով, իր գործունէութիւնը տկարանալով, լուծարքի ենթարկուած է 1878-ին, եւ այսպիսով փակուած է նաեւ վարժարանը [32]։

6) «Սէտայը հագիգաթ» [«Ձայն ճշմարտութեան»]

Լոյս տեսած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ. ձեռագիր, նախ՝ հայատառ թրքերէն, ապա՝ կէսով-կէս հայատառ թրքերէն եւ հայերէն եւ հուսկ` միայն հայերէն [33], ապա նաեւ՝ անգլերէն [34]։ Ունեցած է կրօնա-բարոյական, կրթական եւ գիտական բովանդակութիւն։ Երկշաբաթաթերթ էր (յետոյ` պարբերաթերթ)։ Լոյս տեսնել սկսած է մօտաւորապէս 1878-ին եւ պատահական կարճ եւ երկար ընդհատումներով շարունակուած է «մինչեւ մեր օրերը» (20-րդ դարասկիզբ)։

Հրատարակութիւն՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի աշակերտութեան։ Մօտաւորապէս 1880-ին խմբագրութիւնը վարած է փրոֆ. Ալեքսան Պեզճեան [35] իսկ 1893-1894` Աւետիս Ճեպեճեան, Գրիգոր Ենիգոմշուեան եւ Եղիա Պէհէսնիլեան (Քասունի) [36]։

Թերթը ամսէ ամիս պատրաստուելով՝ ամսագլխուն կարդացուած է հրապարակաւ [37]։

Բժ. Աւետիս Ճեպեճեան

Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1876-ին, Այնթապ։ Աւարտած է տեղւոյն հայ աւետարանականներու Հայեկ նախակրթարանը, ապա մտած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ եւ աւարտած է զայն 1896-ին, ապա հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասընթացքներուն եւ 1902-ին վկայուած է որպէս բժիշկ։ Աւելի ետք, մասնագիտանալու նպատակով, մեկնած է Գերմանիա եւ 1906-ին վերջնականապէս հաստատուած է Հալէպ։

Առաջին աշխարհամարտին, հինգ տարի օսմանեան բանակին ծառայելէ ետք, 1919-ին վերադարձած է Հալէպ եւ ընկերովի հիմնած է փոքրիկ հիւանդանոց մը։ Աշխատակցած է հայ մամուլին եւ հրատարակած է քանի մը բժշկական գիրքեր։ Մահացած է Հալէպ, 1952-ին [38]։

Վեր. Եղիա Քասունի (Պէհէսնիլեան)

Ծնած է 5 Փետրուար 1874-ին, Այնթապ։ Ուսումը ստացած է Հայեկ թաղամասի Հայ աւետարանական վարժարանին, ապա` Նիզիպլեան վարժարանին մէջ։ 1888-ին մտած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ եւ աւարտած է զայն 1895-ին։ Պաշտօնավարած է Գայաճըգ թաղի Հայ աւետարանական վարժարանին եւ 1896-1908՝ Մարաշի Ամերիկեան ակադեմիային մէջ։ 1908-1910 Գերմանիոյ մէջ հետեւած է մանկավարժական եւ փիլիսոփայական դասընթացքներու։ 1910-ին վերադարձած է Մարաշ եւ որպէս ուսուցիչ եւ որբանոցի պատասխանատու` ծառայած է մինչեւ 1915 թ., երբ ընտանեօք աքսորուած է Սուրիոյ զանազան վայրերը։ Զինադադարէն ետք գտնուած է Կիլիկիա, Կ. Պոլիս, Հալէպ, Քեսապ, Պէյրութ եւ հուսկ` Միացեալ Նահանգներ, ուր եւ վախճանած է 1959-ին։ Հայ աւետարանական հովիւ ձեռնադրուած է 1925-ին [39]։

Քասունի՝ պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած է հայ մամուլին, մանաւանդ` հայ ժողովուրդի հնագոյն պատմութեան նուիրուած յօդուածներով։ Հեղինակած է բազմաթիւ մեծարժէք հատորներ [40]:

7) «Փունջ» - «Կիւլտէսթէ»

«Առաջին նուէր յաշակերտաց Վարդանեան կրթարանին Այնթապի։ Կիւլտէսթէ Այնթապտաքի Վարդանեան մեքթէպի թալէպէկեանընըն իլք հէտիյէսի տիր»։

Խմբագրուած է Այնթապ եւ տպագրուած` Կ. Պոլիս։ Տպագրութիւն` Նշան Կ. Պէրպէրեան։ Հայերէն եւ հայատառ թրքերէն։ Գրական, աշակերտական եւ դաստիարակչական հանդէս։ Հրատարակուած է Այնթապի Վարդանեան կրթարանի 5-րդ դասարանի եօթը աշակերտներուն կողմէ։

Խմբագիր` Վարդանեան կրթարանի տեսուչ Վահան Մ. Քիւրքճեան, 1884, ընդամէնը մէկ հատոր, 32 էջ։

Հատորի նախաբանին մէջ կը կարդանք. «Այնթապի Վարդանեան կրթարանի բարձրագոյն կարգը կազմող եօթն սանունք այսօր հրապարակ կ’իջնեն դողդոջուն քայլերով եւ իրենց առաջին ծաղիկներէն փունջ մը կը նուիրեն ամեն անոնց` որք կը համակրին կրթական շարժման մը Կիլիկիոյ խոպան գաւառին մէջ։

Հարկ չկայ ըսելու, որ Այնթապի ժողովրդեան թրքախօսութեան պատճառաւ, սոյն տետրի գրութիւններն ալ երկու լեզուէ պատրաստել տրուած է...»։

Աշխատակիցները վարժարանի աշակերտներն են, որոնցմէ քանի մը հատը, աւելի ետք, դարձած են ծանօթ հրապարակագիրներ եւ ազգային-եկեղեցական գործիչներ, ինչպէս` Հրանտ Գ. Սիւլէօհեան (Սիւլահեան), Պերճ Ս. Մոմճեան (յետոյ` տէր Սահակ քհնյ. Մոմճեան), Արմենակ Գ. Քզիրեան, Թորոս Գ. Ղազարեան, Արմենակ Ն. Նազարէթեան (ծանօթ` Ա. Նազար գրական ծածկանունով), Վարազդատ Ն. Արսլանեան, Թաթուլ Ս. Քիւփէլեան։

8) «Մենտոր» Մէճմուայը մէպահիսի միւֆիտէ [Օգտակար տեղեկութիւններու ժողովածու]

Խմբագրուած է Այնթապի Վարդանեան կրթարանի կողմէ եւ տպագրուած` Կ. Պոլիս։ Տպագրութիւն՝ Գ. Պաղտատլեան (Արամեան)։ Հայատառ թրքերէն եւ մասամբ հայերէն լեզուով դաստիարակչական, կրօնական, գիտական եւ լրատուական երկշաբաթաթերթ, ապա` երկամսեայ։ Լոյս տեսած է Յունուար-Դեկտեմբեր 1886-ին, 24 թիւ, ընդամէնը 350 էջ։ Խմբագիր` Վահան Քիւրքճեան, տեսուչ` Վարդանեան կրթարանի։

Հայատառ թրքերէն իր առաջին խմբագրականին մէջ խմբագիր Քիւրքճեան խօսած է տպագրութեան գիւտի բարիքներուն եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս գիրքի եւ պարբերական մամուլի օգտակարութեան մասին, ապա նշած է, թէ ի՞նչ բովանդակութիւն պիտի ունենայ իր հանդէսը, ի՞նչ պիտի ըլլան անոր էջերու քանակը, գինը եւ այլն։ Աւարտին, Քիւրքճեան կոչ ուղղած է Կ. Պոլսոյ եւ Այնթապի գրողներուն, որպէսզի աշխատակցին «Մենտոր»ին եւ յոյս յայտնած է, որ ազգային-եկեղեցական մարմինները թեւ ու թիկունք կը կանգնին անոր։

Հանդէսը հրատարակած է բազմաբնոյթ յօդուածներ՝ պատմական ծանօթութիւներ, հայոց պատմութիւն, բժշկական, կրթական հարցեր, Վադանեան կրթարանի լուրեր, Այնթապի ներքին լուրեր, կենցաղագիտութիւն, կրօնական տօներ, թարգմանութիւններ, գիտական նորութիւններ, բանաստեղծութիւններ, ծանօթ դէմքերու կենսագրականներ, յայտարարութիւներ, իմաստուն խօսքեր ու առածներ, աշխարհագրական ծանօթութիւններ, կենդանական աշխարհ, կրօնագիտութիւն, արտատպումներ Յակոբ Պարոնեանի «Ծիծաղ» հանդէսէն եւ այլն։

Թերթի աշխատակիցներէն քանի մը հատը, աւելի ետք, եղած են ծանօթ հրապարակագիրներ եւ ազգային-եկեղեցական գործիչներ, եւ «Մենտոր»ի մէջ երեւցած գրութիւնները կը համարուին իրենց լոյս ընծայած առաջին տպագիր գործերը։

Անոնցմէ մէկն է Յարութիւն Ա. Կիւլեսէրեան, ծանօթ բանասէր, ապագայ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսը Կիլիկիոյ, որ աւելի ետք այլ յօդուածով մը ոգեկոչած է իր առաջին յօդուածին լոյս ընծայումը եւ պատմած` թէ ինչպէս, օր մը, երբ գործով գտնուած է տեսուչ Վահան Քիւրքճեանի բնակարանը, Քիւրքճեան առաջարկած է, որ յօդուածով մը աշխատակցի «Մենտոր»ին, «նիւթն ալ ինքը տուաւ,- առողջապահական բան մը,- հագուստը եւ մաքրութիւնը»։ Կիւլեսէրեան պատրաստած է «երկար բարակ բան մը», որ խմբագրին կողմէ հիմնովին խմբագրուելէ եւ սրբագրուելէ ետք, լոյս տեսած է առողջապահական պատուէրներու ձեւով գրութիւնով մը [41]։

«Մենտոր»ը ներկայացուցիչներ ունեցած է Մարաշ, Այտըն, Կեսարիա, Տրապիզոն, Եւդոկիա, Հաճըն եւ Սիս։

«Մենտոր»ի լոյս ընծայումը ապահովելու համար, Այնթապի ազգայիններէն աղա Նիկողոս Նազարէթեան 10 օսմ. ոսկի նուիրած է Վարժարանին, որ իր կարգին որոշած է հանդէսէն 35 օրինակ, որպէս նուէր, ղրկել տարբեր վարժարաններու եւ ընկերութիւններու։

Ինչպէս ըսինք, թերթը կը խմբագրուէր Այնթապ ու անոր ձեռագիրները կը ղրկուէին Պոլիս` հոն տպագրուելու համար։ Խմբագիր Վահան Քիւրքճեան իր յուշերուն մէջ անդրադարձած է թերթի ձեռագիրները տպարան ղրկելու դժուարութիւններուն։ Ահա իր բառերը. «...Եւ խոստովանիմ, որ գրեթէ ամէն անգամուն ալ ձեռագրին ծրարը հազիւ թէ պատրաստ կ’ըլլար վերջին օրուան կէս գիշերին, եւ ես կը հարկադրուէի, հետս ընկեր մը առած, հեւ ի հեւ վազել փոստատուն, քաղաքին միւս ծայրը, թրքական թաղերէ անցնելով, եւ ամայացած մութ փողոցներուն եւ շուկաներուն շուները ոտքի հանելով։ Մի քանի անգամ պատահեցաւ, որ փոստատուն հասնելուս` պայուսակը (չանթան) փակուած եւ կնքուած էր, եւ թղթատար թաթարն ու ուղեկից ոստիկանները ձի հեծնելու պատրաստ էին, բայց տնօրէնին բարեացակամութեան շնորհիւ պայուսակը վերաբացուեցաւ` Մենտորի ձեռագիրներն ընդունելու համար» [42]։

Այնթապի Վարդանեան կրթարանի Շրջանաւարտից միութիւնը 1914-ին հրատարակած իր մէկ գրքոյկին մէջ մանրամասնօրէն տուած է յաջորդ տարուայ իր գործունէութեան ծրագիր-ժամանակացոյցը` «Օրացոյց»ը, ուր յիշուած է նաեւ, որ նախատեսուած է վերահրատարակել «Մենտոր»ը տարեկան չորս համարով, որոնց առաջինը լոյս պիտի տեսնէր 13 Ապրիլ 1914-ին, 2-րդը` 1 Յունիսին, 3-րդը` 7 Սեպտեմբերին, իսկ 4-րդը` 2 Նոյեմբերին։ Չորս թիւերէն իւրաքանչիւրին լոյս ընծայման առիթով, Միութիւնը կը նախատեսէր կազմակերպել «մասնաւոր լսարան, նուագով» կամ «նուագահանդէս» [43]։ Սակայն Առաջին աշխարհամարտը եւ քաղաքական աննպաստ իրադարձութիւնները արգելք եղած են հանդէսի վերահրատարակութեան։

Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլեսէրեան

Ծնած է 23 Մարտ 1868-ին, Այնթապ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Վարդանեան կրթարանէն, իսկ եկեղեցականը` Արմաշի Դպրեվանքէն (1889-1896)։ Ձեռնադրուելով կուսակրօն քահանայ, եղած է առաջնորդական տեղապահ Ճանիկի եւ Մուշի, քարոզիչ Պոլսոյ, փոխ վանահայր եւ վերատեսուչ Արմաշի վանքի եւ առաջնորդ Գաղատիոյ։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1910-ին։ Երիկամի հիւանդութենէն բուժուելու համար 1914-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ ու այդպիսով փրկուած է Ցեղասպանութենէն։ Հրաւիրուելով Երուսաղէմ՝ 1924-1930 զանազան պաշտօններ ստանձնած է այնտեղ, մինչ այդ, 1928-ին, ընտրուած է աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Հեղինակած է պատմա-բանասիրական բնոյթի բազմաթիւ մեծարժէք գիրքեր։ Վախճանած է Անթիլիաս, 9 Յուլիս 1936-ին [44]։

9) «Յոյս»

Լոյս տեսած է Վարդանեան կրթարանին մէջ, ձեռագիր- բազմագրուած, հաւանաբար հայատառ թրքերէն։ Հրատարակուած է Վարդանեան կրթարանի ուսանող Յարութիւն Ա. Կիւլեսէրեանի (ապագայ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսը Կիլիկիոյ) դասարանի ուսանողներուն կողմէ, 1886-էն ետք։

Աշխատակիցները եղած են նոյն վարժարանի ուսանողները։

Բաբգէն Ծ. վրդ. Կիւլեսէրեան յօդուածի մը մէջ վերյիշելէ ետք իրենց վարժարանին կողմէ 1886-ին հրատարակուած «Մենտոր» երկշաբաթաթերթը, գրած է. «... Ամէն պարագայի մէջ մենք մեր դասարանի ընկերներով, ետքը, առանձին պարբերական հրատարակութին մը ունեցանք` բազմագրութեամբ. մեր Յոյսն էր այդ պարբերականը, իսկ ես առանձինն Վարժարան մը ունէի ինձ համար...» [45]։

10) «Վարժարան»

Ձեռագիր, հաւանաբար հայատառ թրքերէն։

Լոյս ընծայած է Յարութիւն Ա. Կիւլեսէրեան (Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիլիկիոյ), 1886-էն վերջ։

Տես` նախորդ թերթի բացատրականը։

11) «Ախթէրի Վարդանեան» [«Աստղիկ Վարդանեան»]

Հրատարակութիւն՝ Վարդանեան կրթարանի սանուց միութեան, ձեռագիր, երբեմն կիսամսեայ, բայց ընդհանրապէս` ամսօրեայ։ Խմբագիր-տնօրէն` Ի. Տրենց, ապա` Արամ Աշճեան [46]։ Հրատարակուիլ սկսած է 1888-1890 թուականներուն [47] եւ դադրած կը թուի 1900-ին [48]։ Ութը էջ։ Բովանդակութիւնը` դպրոցական կեանք եւ գրական փորձեր։

Փոխարինած է 1886-ի Դեկտեմբերին դադրած վարժարանի «Մենտոր» հանդէսին։ Սահմանուած էր հրապարակային ընթերցումի՝ աշակերտական հաւաքոյթներու ընթացքին [49]:

12) «Աստղիկ Վարդանեան»

Լոյս տեսած է Վարդանեան կրթարանին մէջ։ Ձեռագիր, մերթ կիսամսեայ բայց ընդհանրապէս ամսօրեայ, աւելի ետք` պարբերաթերթ. Հրատարակութիւն` Վարդանեան կրթարանի սանուց միութեան աւագ դասարանի ուսանողութեան։ 1888-1896 խմբագիր՝ Արմենակ Նազարէթեան (Ա. Ն. Նազար) [50] (ըստ Գրիգոր Սարաֆեանի, Նազարէթեան թերթի խմբագիրն էր նաեւ 1902-ին [51]), 1897-1898 խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Նազարէթ Ֆսթըգճեան [52], իսկ 1904-1905 խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Գէորգ Սարաֆեան [53]։

Լոյս տեսնել սկսած է 1888-ին եւ որոշ ընդհատումներով շարունակուած է մինչեւ 1914 [54]: 

«Աստղիկ Վարդանեան»ը սահմանուած էր վարժարանի երիցագոյն եւ աւագ դասարաններու շարադրութեան փորձերուն [55] եւ լոյս կ’ընծայէր դպրոցական կեանքի մասին յօդուածներ եւ գրական փորձեր։ Ան կը կարդացուէր հրապարակային ձեւով ատենամարզանքի յատկացուած աշակերտական երկշաբաթեայ հաւաքոյթներու ընթացքին [56]:

Արմենակ Նազարէթեան (Ա. Ն. Նազար)

Ծնած է Այնթապ, 1 Սեպտեմբեր 1870-ին։ 1882-ին մտած է Վարդանեան վարժարան եւ 1888-ին դարձած անոր առաջին շրջանաւարտներէն մէկը։ Աւելի ետք, 1892-էն սկսեալ, դասաւանդած է նոյն հաստատութեան մէջ, ապա ստանձնած է անոր տնօրինութիւնը, զոր վարած է աւելի քան տասը տարի։

1910-ին հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ ստանձնած` Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան «Ազգ» եռօրեայ թերթի խմբագրութիւնը եւ երկար տարիներ վարած է զայն, նոյնիսկ անոր անուանափոխութենէն ետք (1911-1934)։

Հեղինակ է քանի մը գիրքերու։

Նազար` նախ եղած է հնչակեան, սակայն 1909-ին դուրս գալով անկէ, յարած է Հայ սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան։

Մահացած է Պոսթոն, 20 Նոյեմբեր 1950-ին [57]։

Նազարէթ Ֆսթըգճեան

Ծնած է Այնթապ, 1883-ին։ 1898-ին աւարտած է տեղւոյն Վարդանեան կրթարանը, իսկ 1902-ին` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, ապա ութը տարի պաշտօնավարած է Վարդանեան կրթարանին մէջ, որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն։ 1911-ին մտած է Պոլսոյ իրաւաբանական համալսարանը եւ վկայուած է 1915-ին։ Մինչեւ զինադադար, ծառայած է օսմանեան բանակին, ապա վերադարձած է Այնթապ եւ որպէս Ռամկավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ` մաս կազմած է կուսակցական ժողովներու եւ Հայ ազգային միութեան ու վարած` անոր ատենադպրութիւնը։ Կիլիկիոյ հայաթափումով, ապաստանած է Հալէպ, ուր եւս ունեցած է ազգային գործունէութիւն եւ հոն ալ մահացած է 22 Հոկտեմբեր 1946-ին [58]։

13) «Առաջին քայլեր»

Աշակերտական ձեռագիր պարբերաթերթ` Ադենական վարժարանի ուսանողութեան։ Լոյս տեսած է 1897-1899 (կամ` 1900), ընդամէնը քանի մը թիւ։

Սահմանուած էր հրապարակային ընթերցումի` աշակերտական հանդէսներու կամ ատենամարզանքի դասերու ժամանակ [59]:

Ադենական վարժարան

1874-ին Այնթապի Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարանի սաները հիմնած են «Եդեմեան» ընկերութիւնը, որ անուանափոխուելով դարձած է «Ադենական» ընկերութիւն։ Ընկերութիւնը 15 որբերով հիմնած է որբանոց մը, ապա ընդունելով թոշակաւոր աշակերտներ, ստեղծած է Ադենական դպրոց-որբանոցը, որ 1911-ին կրցած է ստանալ պետական վաւերացում` որպէս եօթնամեայ երկրորդական (իտատի) վարժարան։ Դպրոցը ունեցած է ծաղկոցի, նախակրթարանի եւ կրթարանի անջատ բաժիններ, նաեւ փողերախումբ (ֆանֆառ) [60] մը։ 1892-1913 Ադենականը ունեցած է 96 շրջանաւարտ, իսկ 1913-1914 դպրոցական տարեշրջանին՝ 288 աշակերտ [61]։

Վարժարանի տնօրինութիւնը վարած են՝ Ներսէս Պաղտոյեան, Սմբատ Տեմիրճեան, Ղազարոս Ղպլիկեան (1900-1913) եւ Յակոբ Զէյթունցեան (1913-1915) [62]։

14) «Դողդոջուն քայլեր»

Աշակերտական ձեռագիր շաբաթաթերթիկ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի ուսանողութեան, խմբագիր` Յակոբ Տէր Մելքոնեան։ Լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 1898-Յունիս 1899, 8 էջ, ընդամէնը 36 թիւ, «Պէսպիսի բովանդակութեամբ եւ ընտանեկան ու ազգային լուրերով հանդերձ» [63]: Բովանդակութիւնը` «Շարադրական փորձեր անշուշտ, ընտանեկան եւ ազգային լուրերու բաժինով մը» [64]։

Յակոբ Տէր Մելքոնեան

Ծնած է Նոյեմբեր 1879-ին, Այնթապ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը Վարդանեան կրթարանին մէջ, ապա յաճախած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ Երկու տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք, նուիրուած է առեւտրական գործունէութեան։ 1907-ին հաստատուած է Չորք Մարզպան եւ եղբօրը` Միհրանի հետ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է տեղւոյն հայութեան 1909-ի ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Ցեղասպանութեան ընթացքին աքսորուելէ ետք, 1918-ին վերադարձած է Այնթապ եւ ինքնապաշտպանական մարտերու միջոցին մաս կազմած է Հայ ազգային միութեան՝ որպէս Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ [65]։

Կիլիկիոյ հայաթափումով՝ 1923-ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, ուր եւս ունեցած է ազգային եռուն գործունէութիւն։ Հեղինակած է պատմագիտական քանի մը աշխատութիւններ։ Մահացած է Պէյրութ, 28 Նոյեմբեր 1972-ին [66]։ 

15) «Խոհեր»

Աշակերտական-միութենական թերթ` Վարդանեան վարժարանի սանուց կամ Շրջանաւարտներու միութեան (ձեռագիր կամ խմորատիպ)։ Խմբագիրներ` Արմենակ Չամիչեան, Արմենակ Ն. Նազար (խմբագրած է երկար տարիներ) եւ Գէորգ Ա. Սարաֆեան (1908-1910) [67]։ Լոյս տեսած է հաւանաբար 1904-1910։

Թերթը ընթերցուած է Սանուց, կամ Շրջանաւարտներու միութեան հաւաքոյթներու ընթացքին:

Փրոֆ. Արմենակ Չամիչեան

Ծնած է 16 Մայիս 1880-ին, Այնթապ։ 1898-ին շրջանաւարտ եղած է Վարդանեան կրթարանէն, ապա՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն, որմէ ետք չորս տարի ուսուցչութիւն ըրած է Վարդանեան կրթարանէն ներս։ Նոյն վարժարանի Սանուց ընկերութեան կողմէ ղրկուած է Վենետիկ-Ս. Ղազար՝ պատմագիտական եւ հայագիտական ծանօթութիւնները հարստացնելու։ Երկու տարի հոն մնալէ ետք, 1907-ին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ աւարտած` Մեսեչուսէցի Պետական վարժապետանոցը, ապա Հարվըրտի համալսարանէն ստացած է պսակաւոր գիտութեանց կոչում։ Վարած է Այնթապի Կիլիկեան ճեմարանի տնօրինութիւնը անոր բացումէն` 6/19 Սեպտեմբեր 1912-էն մինչեւ կասեցումը` Մայիս 1915։ Մահացած է Համայի աքսորավայրին մէջ, 25 Դեկտեմբեր 1915-ին (հին տոմար), թիֆոյէ [68]։

16) «Կայծեր»

Աշակերտական-միութենական ձեռագիր թերթ Վարդանեան վարժարանի սանուց կամ Շրջանաւարտներու միութեան։ Խմբագրութիւնը շատ հաւանաբար վարած պէտք է ըլլայ Գէորգ Ա. Սարաֆեան։ 1909-1910։ «Կայծեր»ը իր անունը առած է Րաֆֆիի համանուն վէպէն [69]։

Փրոֆ. Գէորգ Ա. Սարաֆեան

Ծնած է Այնթապ, 12 Մարտ 1889-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Վարդանեան վարժարանէն, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1905-ին, ապա չորս տարի դասաւանդած է նոյն վարժարանին մէջ։ 1910-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, հետեւած է Մեսեչուսէց եւ Գոլոմպիա համալսարաններու դասընթացքներուն եւ ստացած պսակաւոր գիտութեանց տիտղոսը, մասնագիտանալով հոգեբանութեան, մանկավարժութեան եւ համեմատական գրականութեան ճիւղերուն մէջ։ 1923-1950 պաշտօնավարած է Լա Վեռն գոլէճի եւ ամերիկեան այլ համալսարաններու մէջ։

Սարաֆեան՝ Միացեալ Նահանգներ մեկնած է բարձրագոյն ուսում ստանալու եւ Այնթապ վերադարձին՝ Կիլիկեան ճեմարանի մէջ պաշտօնավարելու նպատակով, սակայն Առաջին աշխարհամարտի բռնկումով չէ կրցած վերադառնալ արեւելք եւ մնացած է Միացեալ Նահանգներ։ Մահացած է Փաքմ Սփրինկզ, 6 Յունիս 1975-ին [70]։

Խմբագրած է քանի մը թերթ ու հրատարակած՝ քանի մը գիրք, որոնց մէջ կ’առանձնանայ իր աշխատասիրած ու խմբագրած հետեւեալ կոթողային հատորը. «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Լոս Անճելըս, Գալի‎ֆորնիա, 1953, Ա. հատոր` ԼԲ., 1088 էջ, Բ. հատոր` 1953, ԼԲ., 806 էջ։ Հեղինակած է նաեւ անգլերէն քանի մը գիրք եւ բազում յօդուածներ։

17) «Ճշմարտութեան նշոյլներ»

Երգիծական թերթ (տարբեր աղբիւրներու համաձայն` ձեռագիր կամ խմորատիպ կամ տպագիր)։ Խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Յարութիւն Զէնեան, 1909 [71]։

Յարութիւն Զէնեան

Աւարտած է Այնթապի Վարդանեան կրթարանը [72]։

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, եղբօրը` Լեւոնին հետ, որպէս դերձակ, կրցած է մտնել Այնթապի զինուորական արհեստանոցը, ապա անցած է Հալէպ, իսկ 1917-էն ետք՝ վերադարձած է իր ծննդավայրը։ Աւելի ետք ապաստանած է Պէյրութ եւ պարապած՝ լուսանկարչութեամբ [73]։

18) «Շամպալապիմպօ»

Երգիծաթերթ։ Գրիգոր Պօղարեան մերթ զայն համարած է խմորատիպ կամ տպագիր, մերթ` ձեռագիր թերթ [74]. խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Յարութիւն Զէնեան։ Լոյս տեսած է հաւանաբար 1909-ին, ընդամէնը քանի մը թիւ։

19) «Եէնի էօմր» [«Նոր կեանք»]

Հայատառ թրքերէն կրօնական, հոգեւոր եւ գրական ամսագիր, տպարան` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի։ Օրկան` Հոգեսիրաց ընկերութեան։ Խմբագիր` պատուելի Յակոբ Վ. Նաճարեան, խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Նշան Ս. Պալեօզեան, 1910-1914, 16 էջ։

Ունեցած է բաւական մեծ տպաքանակ։ 1912-ին տպուած է 1200 օրինակ, իսկ տարի մը ետք` 1400։

Բովանդակութիւնը` Սուրբ գրային ընթերցումներ, ինքնագիր եւ թարգմանական հոգեւոր նիւթեր, հոգեւոր բանաստեղծութիւններ, «քարոզչութեան» վերաբերող լուրեր, հոգեւոր պատմութիւններ, հոգեւոր լուրեր եւ այլն։
Աշխատակիցներուն մէջ նկատելի է իգական սեռի ներկայացուցիչներու բարձր համեմատութիւնը, ինչպէս` Արաքսիա Ճեպեճեանի եւ այլոց։

«Եէնի էօմր»ը 1913-ին վաճառուած է 124 գիւղերու, գիւղաքաղաքներու եւ քաղաքներու մէջ հետեւեալ համեմատութեամբ. Միացեալ նահանգներ` 19 քաղաք, Եգիպտոս` 6, Օսմանեան կայսրութեան զանազան կողմերը` 95, եւ մէկական քաղաք` Ռումանիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի եւ Սուտանի մէջ։ Այս թիւը 36-ով աւելի էր, քան նախորդ տարուայ թիւը [75]։

Հայոց ցեղասպանութեան սկզբնաւորութեան զուտ հոգեւոր այս թերթին պատճառով կառավարութիւնը խուզարկած է բողոքական հայերու տուները եւ բանտարկած` անոնցմէ շատեր։

Տանք այդ մասին ժամանակակից ականատեսի մը վկայութիւնը. «...Բողոքականներու «Րուհճու»ները [հոգեւորները] թերթիկ մը ունէին հայատառ թրքերէն լեզուաւ, «Եէնի էօմիւր» անունով, ինչ որ պատրուակ մը եղաւ բողոքականներու տուներուն խուզարկութեան եւ բանտարկութեան։ Բանտարկուեցան նոյնիսկ կիներ եւ Աբրահամ հոճայի [Լեւոնեան] պէս քրիստոնէական կեանք ապրող մարդ մը։ Բանտարկութիւնը, որ տեւեց քսան երկու օր, վերիվայր շրջեց Բողոքական համայնքը ու խախտեց հաւատքնին...» [76]։

Հոգեսիրաց ընկերութիւն

Եղած է բողոքական համայնքի ենթակայ կառոյց մը։ Հիմնուած է Այնթապի մէջ, 1908-ին։ Հիմնադրութեան մէջ մեծ եղած է դերը Աբրահամ Լեւոնեանի։ Ընկերութիւնը քարոզչական աշխատանք տարած է Այնթապի մօտակայ եւ հեռակայ 15 գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պեհեսնիի, Հիւսնի Մանսուրի (Ատը Եաման), Մուսա Լեռան, Քեսապի, Հալէպի, Սեւերեկի եւ այլնի [77]։

Պատուելի Յակոբ Նաճարեան

Ծնած է Ուրֆա, 1883-ին։ Եղած է Այնթապի Ալայպէյ թաղի բողոքական եկեղեցւոյ քարոզիչը։ Քրիստոնէական ուսմունք դասաւանդած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ Նահատակուած է 1915-ին, Տէր Զօր [78]։

20) «Ուսումնասիրաց»

Ձեռագիր եւ մերթ` խմորատիպ ամսաթերթ [79]։ Հրատարակութիւն` Ուսումնասիրաց ընկերակցութեան։ Խմբագիր` Գէորգ Չեքիճեան՝ 1910-1914-ի միջեւ, միայն մէկ տարի։

Ուսումնասիրաց ընկերութիւն

Հիմնուած է 1905-ին, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն շրջանաւարտ կամ դեռ ուսանող խումբ մը բողոքական երիտասարդներու կողմէ։ Գլխաւոր հիմնադիրները եղած են` Լեւոն Թ. Լեւոնեան, Սարգիս Պալապանեան եւ Յովհաննէս Հասըրճեան։ Ունեցած է մարզական, կրթական եւ մշակութային բաժանումներ, որոնց վրայ Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք աւելցած է նաեւ զինավարժութեան խումբը։ Կազմակերպած է լսարան, դասախօսութիւններ։ Ունեցած է փողերախումբ (ֆանֆառ), մարզական խումբեր եւ այլն։ Կիլիկիոյ հայաթափումով՝ 1922-ին Միութիւնը վերակազմուած է Հալէպի մէջ, ուր հրատարակած է «Ուսում» խմորատիպ հանդէսը (1925-1928) [80]։

Գէորգ Չեքիճեան

Ծնած է Այնթապ, 31 Յունուար 1897-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ադենական եւ Վարդանեան վարժարաններէն։ Դեռ ուսումը չաւարտած` աքսորուած է անապատ։ Զինադադարին վերադարձած է ծննդավայր եւ մասնակցած՝ տեղւոյն ինքնապաշտպանական մարտերուն, ապա չորս տարի եղած է Աթէնքի Ամերիկեան նպաստամատոյցի պաշտօնեայ եւ «Նոր օր» օրաթերթի խմբագրական կազմի անդամ։ 1927-ին անցած է Գահիրէ եւ ստանձնած «Յուսաբեր» օրաթերթի վարչական պատասխանատուի պաշտօնը՝ մինչեւ 1948։ Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու զոյգ հատորներ։ Մահացած է 17 Նոյեմբեր 1970-ին։ Անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան [81]։

21) «Ղաղանտոս» [82]

Ձեռագիր երգիծական պարբերաթերթ, խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Յակոբճան Եաղուպեան, 1912-1913։

Խմբագիրը 1920-ին Այնթապի մէջ լոյս ընծայած է նոյնանման այլ պարբերաթերթ մը, զոր կոչած է «Նոր Ղաղանտոս» [83]։

Յակոբճան Կարապետ Եաղուպեան

Ծնած է Այնթապ 1885-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Ադենական վարժարանէն իսկ 1897-1903` յաճախած է Արմաշի դպրեվանք։ 1903-1914 ուսուցչական պաշտօններ վարած է Այնթապի, Գաղատիոյ, Անտիոքի եւ Ակնայ ազգային վարժարաններուն մէջ։ 1915-1918՝ յիսնապետի աստիճանով ծառայած է օսմանեան բանակին, իսկ Այնթապի ինքնապաշտպանական մարտերու ընթացքին եղած է փոխ խմբապետ։ 1922-ին, Կիլիկիոյ հայաթափումով, անցած է Երուսաղէմ եւ դարձած` Պատրիարքարանի քարտուղար-հաշուակալ, միաժամանակ վարած է այլ պաշտօններ։ Մահացած է 22 Մարտ 1951-ին, Երուսաղէմ [84]։

22) «Կիլիկիա»

Ձեռագիր կամ խմորատիպ ամսաթերթ. համատեղ հրատարակութիւն` Կիլիկեան ճեմարանի քանի մը ուսանողական միութիւններու, խմբագիրներ` Յաբէթ Իսկէնտէրեան եւ Հմայեակ Տոլպագեան [85]։ 1913-1914 խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Գրիգոր Պօղարեան։ Լոյս տեսած է 1913-1915 թուականներուն, դպրոցական երկու տարեշրջան։

Հրապարակած է բարոյական, ընկերային, գիտական, պատմական եւ բանասիրական կարճ եւ խնամուած յօդուածներ։

«Հաւանականութիւն կար որ դառնար տպագիր` եթէ Համաշխարհային պատերազմ ու Տեղահանութիւն չպատուհասէին մեզ» [86]:

Եգիպտաբնակ այնթապցիներ խոստացած էին Ճեմարանը օժտել տպարանով մը, որպէսզի «Կիլիկիա» հանդէսը լոյս ընծայէր տպագիր` «Անմիջապէս որ վերահաստատուէր խաղաղութիւնը աշխարհին...» [87]։

Յաբէթ Մ. Իսկենտէրեան

Ծնած է Մուսա Լեռան Հաճի Հապիպլի գիւղը 1893-ին։ Յաճախած է տեղւոյն դպրոցը, ինչպէս նաեւ Քիլիսի Ազգային վարժարանը, Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը եւ Կիլիկեան ճեմարանը։

Իսկենտէրեան մէկն է ինքնապաշտպանութեան նպատակով 1915-ին լեռ բարձրացած մուսալեռցիներէն, ուրկէ միւս ժողովուրդին հետ անցած է Բոր Սայիտ եւ պաշտօնավարած՝ «Սիսուան» որբանոցին մէջ։ Մաս կազմած է Հայկական լէգէոնին ու մասնակցած՝ Արարայի ճակատամարտին։ Անդամ էր Հնչակեան կուսակցութեան [88]։

1913-ին կազմած է Հնչակեան կուսակցութեան Մուսա լեռան ուսանողական միութիւնը։ 

Զոհ գացած է եղբայրասպան գնդակի մը, 9 Ապրիլ 1922-ին [89]։

Յօդուածներով աշխատակցած է հայ մամուլին։ Հրատարակած է երկու գրքոյկ` «Սւէտիոյ ապստամբութիւնը» (Գահիրէ, 1915, 48 էջ) եւ «Սւէտիոյ բարքերը» (Գահիրէ, 1917, 36 էջ)։

Հմայեակ Տոլպագեան

Ծնած է Այնթապ, 1896-ին։ 1913-ին աւարտած է Վարդանեան Կրթարանը եւ յաջորդ տարի մտած է Կիլիկեան Ճեմարան։ Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան։ Ցեղասպանութեան տարիներուն աքսորուելով` հասած է Իրպիտ (Յորդանան), ուր համաճարակի զոհ տուած է գրեթէ ամբողջ ընտանիքը եւ զինադադարին վերադարձած է ծննդավայր [90]։ Կիլիկիոյ հայաթափումով ապաստանած է Հալէպ, ուր ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ազգային Հայկազեան եւ Կիլիկեան գաղթականաց վարժարաններուն մէջ, ապա աշխատած է Երկաթուղիի ընկերութեան մէջ եւ դարձած` այդ մեծ հաստատութեան փոխ տնօրէնը։ 1957-ին հանգստեան կոչուելէ ետք, անցած է Պէյրութ, ուր եւ մահացած է 1965-ին։ Յօդուածներով աշխատակցած է հայ մամուլին [91]։

Գրիգոր Պօղարեան

Ծնած է 19 Յունուար 1897-ին, Այնթապ։ 1912-ին աւարտած է Վարդանեան կրթարանը, իսկ 1915-ին` Կիլիկեան ճեմարանը։ 1915-ին ընտանեօք աքսորուելով՝ հասած է Համա, ապա Սելիմիէ։ Զինադադարին վերադարձած է ծննդավայր եւ աշխատած է տեղւոյն որբանոցներէն մէկուն մէջ, ապա վեց տարի եղած է Ճիւնիի (Լիբանան) հայկական որբանոցի քարտուղար-ուսուցիչ, ուրկէ 1925-ին անցած է Հալէպ եւ մինչեւ 1957՝ վարած Կրթասիրաց վարժարանի տնօրինութիւնը, երբ վերջնականապէս գաղթած է Պէյրութ եւ ստանձնած «Հայ Անթէպ» եռամսեայ հանդէսի խմբագրութիւնը, որտեղ ստորագրած է Այնթապի անցեալին հայող բազում յօդուածներ։ Մահացած է Պէյրութ, 18 Դեկտեմբեր 1975-ին [92]։

Պօղարեան հեղինակն է պատմական բնոյթի քանի մը մեծարժէք հատորներու, մանաւանդ` Այնթապի եւ այնթապահայոց անցեալին նուիրուած յուշագրութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս օրինակ` «Այնթապականք»ի զոյգ հատորները (Պէյրութ, 1974, Ա. հատոր` 260 էջ, Բ. հատոր` 752 էջ)։

23) Այնթապի Ուսուցչական միութեան կողմէ հայերէն թերթ տպագրելու ծրագիր

Ապրիլ 1913-ին Այնթապի մէջ հիմնուած է «Հայ ուսուցչական միութիւն»ը, որ նոյն տարուայ Սեպտեմբերի 25-ին ընտրած է ինը հոգիէ բաղկացած վարչական ժողով մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար ուսուցիչներու մտաւորական յառաջիմութիւնը ապահովել, եւ առ այդ, ծրագրած է նաեւ ունենալ «թերթ մը» [93]։

Որքան ծանօթ է մեզի, թերթ տպագրելու Միութեան ծրագիրը իրականութիւն չէ դարձած։ 

24) «Հագիգաթ» [«Ճշմարտութիւն»]

Հայատառ թրքերէն հոգեւոր-կրօնական եւ դաստիարակչական ամսագիր, տպարան Ա. Խանծէտեան եւ ընկ., խմբագիր-հեղինակ եւ պատասխանատու տնօրէն` պատուելի Խարալամպոս Ի. Պոսթանճօղլու, արտօնատէր` բժ. Հապիպ Նազարեան, 16 էջ։

Լոյս տեսած է ընդամէնը երկու թիւ` Յուլիս եւ Օգոստոս 1914-ին։

Խմբագիր Պոսթանճօղլու յատնած է, որ «Հագիգաթ»ը պիտի ծառայէ Թուրքիոյ մէջ Ճշմարտութեան տարածման եւ քրիստոնէական արժէքներու պաշտպանութեան, ի հեճուկս անոր դէմ եղած պայքարին։

Թերթը ունեցած է «նկատարժան սպառում» [94]։

Պատուելի Խարալամպոս Ի. Պոսթանճօղլու

Ազգութեամբ յոյն պատուելի, որ թրքերէն իմացութեան շնորհիւ գործած է թրքախօս հայերու եւ յոյներու մէջ։

Բնիկ էնտիւրլիւքցի, որ Տարսոնի Սբ. Պօղոս գոլէճը աւարտելէ ետք շրջուն քարոզիչ կարգուած է Ատանայի, Մարաշի, Այնթապի եւ Կեսարիոյ թրքախօս շրջաններուն։ Առաջին աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան ձերբակալուած է, որպէս հայ յեղափոխականներու բարեկամ, եւ Պատերազմական ատեանին կողմէ դատապարտուած է մահուան [95]։ Նախ բանտարկուած է Այնթապ [96] ապա Մարաշի մէջ կախաղան բարձրացուած է խումբ մը ուրիշներու հետ [97], 3 Նոյեմբեր 1915-ին։

Հեղինակած է հայատառ թրքերէն քանի մը կրօնաշունչ գիրքեր ու երգեր։

Բժ. Հապիպ Նազարեան

Ծնած է Այնթապ, 1860-ին։ 1881-ին աւարտած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, իսկ 1885-ին` տեղւոյն Բժշկական վարժարանի դասընթացքը, տարի մըն ալ յաճախած է Միացեալ Նահանգներու Եէյլ համալսարանը եւ մասնագիտացած՝ վիրաբուժութեան մէջ։ 1889-1897 եղած է Այնթապի Ազարիա Սմիթհ հիւանդանոցի վիրաբուժը։ 1898-1915 բանեցուցած է սեփական դարմանատուն մը։ Առաջին աշխարհամարտին զինուորագրուած է օսմանեան բանակ եւ որպէս բժիշկ` ծառայած է Գաթմա-Ռաճոյի շրջանին մէջ, սակայն ժանտատենդէ վարակուելով` տեղափոխուած է Հալէպ, ուր եւ մահացած է 17 Հոկտեմբեր 1915-ին [98]։

25) «Ծաղիկ»

Ձեռագիր թերթիկ։ Այս թերթիկի խմբագիր-հրատարակիչներու մասին յաճախ տրուած են հակասական տեղեկութիւններ։ Եղած են երեք հոգի` Բիւզանդ Թօփալեան, Աւետիս Տէր Սահակեան եւ Անդրանիկ Պիւլպիւլեան, 1919, 3 թիւ միայն։

«Ծաղիկ»ի խմբագիրներէն մէկը առիթով մը պատմած է թերթին հիմնադրութեան պատմութիւնը. «...1919-ին էր, մեր գրական ընթերցումներուն առընթեր, Բիւզանդի [Թօփալեան] յղացումով եւ իր նախաձեռնութեամբ, յագուրդ տալու համար ստեղծագործելու ներքին տենչին, ծրագրեցինք ունենալ ձեռագիր թերթիկ մը, Ծաղիկ անուն, օգտագործելով վաճառումի սահմանուած թուղթ, գրիչ ու մելանը իր կրպակին։ Այսպիսով յաջորդաբար ունեցանք Ծաղիկի երեք թիւեր։ Սակայն տարին հազիւ բոլորած, 1920ի Յունուարին, քաղաքական վերիվայրումներու որպէս հետեւանք, Բիւզանդ ստիպուեցաւ փակել իր կրպակը եւ վերջ տալ գրենական պիտոյքի առեւտուրին...» [99]։

Աւետիս Տէր Սահակեան

Ծնած է Այնթապ, 6 Փետրուար 1900-ին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Քիլիսի Ազգային վարժարանին մէջ, ապա տեղափոխուած է Այնթապ։ 1922-ին, Այնթապի պարպումէն ետք, ապաստանած է Հալէպ եւ եղած է հրատարակիչներէն մէկը տեղւոյն «Մեղու» խմորատիպ երգիծաթերթին։ Վարած է ազգային զանազան պաշտօններ։ Անդամակցած է ՀԲԸՄ-ին եւ ՀԵԸ-ին։ Զբաղած է ուսուցչութեամբ։ 1930-ին իրեն փոխանցուած է Բիւզանդ Թօփալեանի «Արաքս» տպարանը, զոր բանեցուցած է մինչեւ 1949՝ «Տպարան Տէր Սահակեան» անունով։ Տեղափոխուելով Պէյրութ՝ հոն եւս զբաղած է տպագրական աշխատանքներով, բանեցնելով իր սեփական «Տէրսա» տպարանը։ Հոն ալ մահացած է, 16 Փետրուար 1973-ին [100]։

26) «Ուխուվէթ» [«Եղբայրութիւն»]

Թրքերէն եւ հայերէն (հայատա՞ռ թրքերէն) տպագիր թերթ։ Խմբագիրը եղած է մեզի անծանօթ բողոքական հայ պատուելի մը։ Լոյս տեսնել սկսած է հաւանաբար Յունուար 1919-ին, 2 էջ, մէկը` թրքերէն, միւսը` հայերէն (արդեօ՞ք հայատառ թրքերէն)։

Հալէպի «Տարագիր» թերթը երկու անգամ այս թերթին մասին խիստ քննադատական տողեր գրած է։ Ահաւասիկ անոնցմէ հատուած մը.

«Մինչ նախորդ յօդուածներով թուրքերէն խօսիլը ամօթ մը, նախատինք մը կը սեպէինք եւ անոր գործածութիւնը կ’արգիլէինք, ահա Այնթապի մէջ պատուելի մը կը ձեռնարկէ մէկ կողմը թուրք եւ միւս կողմը հայ տառերով թուրքերէն «Ուխուվվէթ» անունով թերթի մը հրատարակութեան։
Հայ զգացումներուն եւ հայ ոգիին հանդէպ բացարձակ անարգանք մըն է այս ձեռնարկը, որ բնա՛ւ չպիտի բաղձայինք եւ չպիտի ուզէինք տեսնել, մանաւանդ շատ թէ քիչ մտաւորական սեպուած անհատներու կողմէ ըլլալով։
Եղբայրութիւն...
Ուրեմն դեռ եղբայ՜ր ենք, հա՞...» [101]։

27) «Ռահվիրայ- رهنما»- «Ռահվիրա»

Հայերէն, հայատառ թրքերէն եւ թրքերէն (օսմաներէն) լեզուներով երկօրեայ տպագիր թերթ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի ։ Մէկ երեսը` հայատառ («Ռահվիրա»), միւսը` արաբատառ (رهنما- «Ռահնիւմա»)։ Պատահած է, որ միաժամանակ երկու երեսներն ալ ըլլան արաբատառ, 2-4 էջ, 22.6x34.5 սմ.։ Հրատարակիչ` «Առայժմ Անգղիական բարեգործական կազմակերպութեան անունով կը հրատարակուի», խմբագիր` Լութֆի խոճա- փրոֆ. Լեւոն Լեւոնեան, արտօնատէր` Ճոն Ի. Մերիլ։

Լոյս տեսնել սկսած է 1919-ի Փետրուարի առաջին կիսուն։ Մեր տեսած վերջին թիւը 87-րդն է, 18 Դեկտեմբեր 1919։

Բովանդակութիւնը` զանազան լուրեր Այնթապէն եւ այլ վայրերէ, կրթական կեանք, ծանուցումներ, կարօտներու բաժնուած նպաստներու մասին տեղեկութիւններ, հայ եւ անգլիական թերթերէ լուրեր-արտատպումներ եւ այլն։

Թերթէն մեր տեսած չորս թիւերու յօդուածներն ալ անստորագիր են. յօդուածագիրներու անուն երբեք չէ նշուած։

Թերթը համարուած է թուրք-հայ «եղբայրութիւն» քարոզող օրկան մը, որուն համար յաճախ քննադատութեան արժանացած է օրուայ հայ մամուլին կողմէ։

Անոր բովանդակութիւնը ժամանակակից թերթի մը գնահատմամբ՝ «արգահատանք միայն կ’ազդէ ընթերցողին» [102]։

Ահաւասիկ այլ գնահատական մը անոր մասին. «...Ցաւալի միակ բան մը եթէ ունինք [Այնթապի մէջ], այն է, որ Այնթապի մեր պատուելիներէն ոմանք տակաւին չեն թօթափած բոլորովին իրենց նախկին մտածելակերպը, որով ոչ միայն հայ եւ թուրք երկու իրարու ներհակ եւ թշնամի լեզուներ քով քովի բերած Ռահվիրա Ռահնիւմա կրկնօրեայ թերթը կը հրատարակեն, այլեւ հայօթուրք եղբայրակցութեան ծթռած ու աղտոտ քարոզը կը կրկնեն արգահատելիօրէն սոյն թերթի սիւնակներուն մէջ` այսպէս այդքան թեթեւօրէն եւ անարգօրէն վերաբերուելով հայկական ամենանուիրական զգացումներուն հետ։ Ժամանակ է, որ սթափինք, պատուելինե՜ր...» [103]։

Լութֆի խոճա Լեւոնեան

Ծնած է 1881-ին, Այնթապ։ Աւարտած է տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Անգլիոյ Ուուտպրուք գոլէճէն։ Առաջին աշխարհամարտէն առաջ օսմաներէն լեզու դասաւանդած է Թալասի բարձրագոյն վարժարանին եւ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ, աւելի ետք դասաւանդած է նաեւ Ուուտպրուք եւ Օպէրլինի գոլէճներուն մէջ, իսկ 1932-1950՝ վարած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի տնօրինութիւնը։ Մահացած է 16 Սեպտեմբեր 1961-ին, Լոս Անճելոս [104]։

Հեղինակած է անգլերէն եւ հայերէն քանի մը գիրք։

Տոքթ. Ճոն Է. Մերիլ

Ծնած է 1872-ին։ Դոկտորական կոչումը ստացած է Մինեսոթայի համալսարանէն։ Երկու տարի յաճախած է Գերմանիոյ Հալէի եւ Պերլինի համալսարանները, աւելի խորացնելու համար իր աստուածաբանական գիտելիքները։ Այնթապ հասած է 1898-ին եւ դասաւանդած Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ 1905-1915 եղած է Գոլէճի երրորդ եւ վերջին նախագահը։ Սակայն Գոլէճի Հալէպ տեղափոխուելէ ետք, դարձած է անոր առաջին նախագահը։ 1936-ին Հալէպէն վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ, ուր եւ մահացած է 22 Սեպտեմբեր 1960-ին [105]։

28) «Նոր Ղաղանտոս»

Ձեռագիր երգիծական պարբերաթերթ, խմբագիր կամ խմբագրական կազմի անդամ` Յակոբճան Եաղուպեան, 1920։ Կոչուած է «Նոր Ղաղանտոս», որովհետեւ խմբագիրը 1912-1913 թուականներուն Այնթապի մէջ լոյս ընծայած էր «Ղաղանտոս» անունով երգիծական պարբերաթերթ մը եւ այս նորը համարած էր անոր շարունակութիւնը [106]։

29) «Պայքար»

Ձեռագիր գրական, լրատուական հանդէս, կիսաշաբաթաթերթ, հրատարակութիւն` Որբերու Նոր ծիլ յառաջդիմասէր միութեան, 1920, 4 էջ։ Լոյս տեսած է առնուազն 4 թիւ, իւրաքանչիւրը՝ երկու կամ աւելի օրինակով։ Բովանդակութիւնը` լուրեր, բանաստեղծութիւն, յուշագրութիւն, ազգային հարցեր եւ այլն։ (նկ. 33)

Մատենագիտական աղբիւրներու մէջ կը հանդիպինք 1921-ին Այնթապի մէջ լոյս տեսած «Շարժում» անունով թերթի մը, որուն մասին տրուած տեղեկութիւնները խիստ հակասական են։ Մատենագէտ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան նոյնացուցած է զանոնք եւ ներկայացուցած՝ որպէս մէկ թերթ [107], բայց մենք կը կարծենք, որ անոնք երկու անջատ թերթեր են եւ հոս կը ներկայացնենք որպէս այդպիսին։

30) «Շարժում» 1

Խմորատիպ շաբաթաթերթ, օրկան Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան Այնթապի մասնաճիւղի, խմբագիր` Վահրիճ Կէօքճեան, 1921, 4 էջ, 39x49 սմ. [108]։

Վահրիճ Կէօքճեան

Անդամ էր Հնչակեան կուսակցութեան։

Զինադադարի տարիներուն ուսուցչութիւն ըրած է Ատանայի Աբգարեան վարժարանին մէջ։ Աւելի ետք անցած է Փարիզ եւ 1924-ին դարձած է տեղւոյն Հնչակեան մասնաճիւղի ատենադպիրը, «Հնչակեան մամուլ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ «Զանգ» շաբաթաթերթի խմբագիր (1934-1935)։

31) «Շարժում» 2

Ձեռագիր գրական գաղափարախօսական ամսագիր։ Խմբագիր` Բիւզանդ Թօփալեան, օգնական խմբագիր` Աւետիս Տէր Սահակեան [109]։ Լոյս տեսած է Յունուար-Մարտ 1921-ին, միայն երեք թիւ, 16 էջ, 21x26.5 սմ.։

Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ ըսուած է. «Շարժում. Սոյն ձեռագիր ամսաթերթը, որ մի քանի երիտասարդներու դողդոջ եւ անկար գրիչներուն նախնական փորձն է, գրական տետրակներու շարք մը պիտի ըլլայ պարզապէս։

Բնականաբար անոնք կարող եւ բեղուն գրիչներէ բխած կատարելագործեալ գրուածքներ չէ որ պիտի պարունակեն իրենց մէջ։

Մենք պիտի խնդրէինք մեր յարգելի ընթերցող ընկերներէն սոյն կէտը ի նկատ առնել եւ այդ տեսակէտով ներողամիտ գտնուիլ մեզի, որ փոխադարձաբար մենք եւս կը խոստանանք մասնաւոր ճիգերնիս չզլանալ` ճոխացնելու եւ ընդարձակելու համար զայն, որը յուսով ենք, թէ յառաջիկային պիտի պարունակէ երբեմն նաեւ ընկերային եւ գեղարուեստական յօդուածներ եւս»։

Բովանդակութիւնը` բանաստեծութիւններ եւ գաղափարախօսական յօդուած։ Գրութիւններ ունին Բիւզանդ Թօփալեան, որ հանդէս եկած է Արձան եւ Բ. Արձան ծածկանուններով եւս, Ա. Տէր Սահակեան, որ հանդէս եկած է Պերճ ծածկանունով եւս եւ Ն. Սիւլահեան։

Թերթի վերջին շապիկի դարձերեսին կայ այսպիսի ծանօթութիւն. ««Շարժում»ի երկրորդ թիւը պիտի պարունակէ գեղեցիկ ուսումնասիրութիւն մը դարուս Աւետարանը կոչուած Վ. Հիւկօի Թշուառներուն վրայ, նաեւ «Ընկերվարութեան միջոցները» խիստ շահեկան եւ հիւթիչ դասախօսութիւն մը Պ. Ն. Սիւլահեանի կողմէ»։

32) «Սլաք»

Ձեռագիր երգիծական պարբերաթերթ։ Խմբագրութեան հասցէ նշանակուած է` «Անյայտներու փողոց, 22-րդ յարկ, թիւ 62» [110]։ Խմբագիր` «Մարտիկ»` Բիւզանդ Թօփալեան, օգնական խմբագիր` Աւետիս Տէր Սահակեան [111]։ Այլ տեղ, որպէս «Սլաք»ի հրատարակիչներ, յիշուած են անունները՝ Աւետիս Տէր Սահակեանի, Բիւզանդ Թօփալեանի եւ Անդրանիկ Պիւլպիւլեանի [112], պատասխանատու տնօրէն` Պիծակ։ Լոյս տեսած է մէկ թիւ միայն, Օգոստոս 1921 [113]։

  • [1] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր` «Այնթապցիներու տուրքը տպագրութեան, հայ մամուլին, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթին», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974, էջ 52:
  • [2] Այնթապի գետակին անունը:
  • [3] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», «Հայաստանի կոչնակ», Նիւ Եորք, ԻԸ. տարի, թիւ 4, 28 Յունուար 1928, էջ 106-107, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 8-9, 51, 99։
  • [4] Գէորգ Ա. Սարաֆեան (աշխատասիրեց ու խմբագրեց), «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», հրատարակութիւն` Ամերիկաբնակ այնթապցիներու միութեան, Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս, Գալի‎ֆորնիա, Ա. Հատոր, 1953, էջ 651-659։
  • [5] Նոյն, էջ 661-663, Գրիգոր Պօղարեանի յօդուածը։
  • [6] «Փարիզ», լրագիր կիսամսեայ, Փարիզ, Բ. տարի, թիւ 68, 6 Յունիս 1862, էջ 3:
  • [7] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 8։
  • [8] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 663, Գրիգոր Պօղարեանի յօդուածը։
  • [9] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», Նիւ Եորք, ԻԸ. տարի, թիւ 4, 28 Յունուար 1928, էջ 107։
  • [10] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 8:
  • [11] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 107։
  • [12] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 107, նաեւ՝ նոյն, «Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարանը յԱյնթապ 1873-1877», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 676։
  • [13] Նոյն, էջ 671-679։
  • [14] Նոյն, էջ 678։
  • [15] «Գօչունեան Միսաք (Քասիմ)», տե՛ս Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», Զ. տարի, Կ. Պոլիս, 1912, էջ 380-382, նոյն, 1914, էջ 395։
  • [16] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Գում Գափուի դէպքին շուրջ», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԼԷ. տարի, թիւ 40, 2 Հոկտեմբեր 1937, էջ 961։
  • [17] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր` «Մահարձան. Մահագրութիւններ, դամբանականներ եւ կենսագրական նօթեր», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974 (շապիկին վրայ` 1975), էջ 540-542, նաեւ` Հ. Մամուրեան, «Իզմիրի աղէտի զոհերու յիշատակին. Նազարէթ Ներսէսեան», տե՛ս «Պայքար», Պոսթոն, 15 Յունուար 1923, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, հրատարակութիւն Ամերիկաբնակ այնթապցիներու միութեան, Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս, Գալի‎ֆորնիա, 1953, էջ 754-755։
  • [18] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 107։
  • [19] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 46-47։
  • [20] Հ. Մամուրեան, «Իզմիրի աղէտի զոհերու յիշատակին...»։
  • [21] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 475-476, 743։
  • [22] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 107, թիւ 38, էջ 1195։
  • [23] Գր. Պօղարեան, «Կիլիկիոյ Գիշերօթիկ վարժարանը», «Նոր Այնթապ», Պէյրութ, ԺԴ. տարի, 1973, թիւ 4 (56), էջ 34:
  • [24] Գրիգոր Պօղարեան, «Ադենական վարժարան», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 740։
  • [25] Կիլիկեան ճեմարան Այնթապ-Կիլիկիա, «Առաջին տեղեկագիր 1912-1914», Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Յ. Մատթէոսեան, 1914, էջ 25-26:
  • [26] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 106։
  • [27] Այսպէս խորագրուած է` հետեւելով Ստեփան Փափազեանի «Ժամանակ Հանդէս հայրենանուէր» թերթին (Կ. Պոլիս ), տե՛ս Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 106, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 455, խմբագիր Վ. Քիւրքճեանի յօջուածը, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 9։
  • [28] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», էջ 106, Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 667-668։
  • [29] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Յիսուն տարի առաջ», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 4, 28 Յունուար 1928, էջ 107։
  • [30] Նոյն, էջ 106։
  • [31] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 21, Բաբգէն Եպիսկոպոսի յօդուածը, էջ 713, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», էջ 10, 101։
  • [32] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 668։
  • [33] Եղիա Ս. Քասունի, «Անթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին պատմութիւնը», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 846։
  • [34] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 10։
  • [35] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Գոլէճէն ներս», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 31, 4 Օգոստոս 1928, էջ 977։
  • [36] Եղիա Ս. Քասունի, «Անթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ…», էջ 846։
  • [37] Նոյն տեղը։
  • [38] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 120-124։
  • [39] Իր ինքնակենսագրականը, տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 619-629, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 220-229։
  • [40] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 83:
  • [41] Անստորագիր (Բաբգէն Ծ. վրդ. Կիւլէսէրեան), «Գաւառական գրականութիւն (Առաջին յօդուածիս առթիւ)», տե՛ս «Լոյս» շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, Նոր շրջան, ԺԱ. տարի, թիւ 33, 19 Օգոստոս 1906, էջ 791-792։
  • [42] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Վարդանեան կրթարանի ներսն ու շուրջը», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 46, 17 Նոյեմբեր 1928, էջ 1456-1457։
  • [43] «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», էջ 16։
  • [44] «Հասկ» ամսագիր, Անթիլիաս, Ե. տարի, թիւ 9-10, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 1936, էջ 142-144։
  • [45] «Գաւառական գրականութիւն (Առաջին յօդուածիս առթիւ)», էջ 792։
  • [46] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի եւ հայատառ թուրքերէն պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1727-1968)», Կ. Պոլիս, 2005, էջ 616-617:
  • [47] Գ. Պ. [Գրիգոր Պօղարեան], «Վարդանեան Կրթարան (1882-1915)», տե՛ս «Հայ Անթէպ», Ը. տարի, 1967, թիւ 2 (26), էջ 10:
  • [48] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 10:
  • [49] Նոյն, էջ 10:
  • [50] Նոյն, էջ 46, 133, նաեւ`Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 460։
  • [51] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 460։
  • [52] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 52:
  • [53] Նոյն, էջ 48-49։
  • [54] Նոյն, էջ 10:
  • [55] Նոյն, էջ 133:
  • [56] Գր. Պօղարեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան 1879-1972», տե՛ս «Նոր Այնթապ», ԺԴ. տարի, 1973, թիւ 1-2 (53-54), էջ 103։
  • [57] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 647, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 126-146։
  • [58] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 547-561, նաեւ` Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 52, 253։
  • [59] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 52:
  • [60] «آتناكان يدي سنه لك اعدادى مكتبى بياننامه وبروغرامى - Յայտագիր-ծրագիր Ադենական երկրորդական վարժարանի 1913-1914 Այնթապ»։ Օսմաներէն գրութեան թարգմանութիւնը` «Ադենական եօթնամեայ երկրորդական վարժարանի յայտագիրն ու ծրագիրը», Կ. Պոլիս, տպարան՝ Կ. եւ Մ. Քէշիշեանի, 1914, էջ 10, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 740-748, Գրիգոր Պօղարեանի յօդուածը։
  • [61] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 747, Գրիգոր Պօղարեանի յօդուածը։
  • [62] Նոյն, էջ 743։
  • [63] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 11:
  • [64] Գր. Պօղարեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան 1879-1972», տե՛ս «Նոր Այնթապ», ԺԴ. տարի, 1973, թիւ 1-2 (53-54), էջ 103։
  • [65] Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 52։
  • [66] «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», Գ. հատոր, 1972, էջ 318, նաեւ` Սիսակ Յակոբ Վարժապետեան «Հայերը Լիբանանի մէջ», Ե. հատոր, Պէյրութ, Համազգային Վահէ Սէթեան տպարան, 1983, էջ 445-448։
  • [67] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 731, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 49:
  • [68] «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», էջ 6։ «Արագած» շաբաթաթերթ, Նիւ Եորք, Ա. տարի, թիւ 8, 13 Յուլիս 1911, էջ 120, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 699-700։
  • [69] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 48-49:
  • [70] Իր ինքնակենսագրականը` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 611-614, նաեւ` «Նախընծայ», Ա. տարի, Նիւ Եորք, տպարան «Կոչնակ»ի, 1913, էջ 37, նաեւ` «Նոր Այնթապ», ԺԶ. տարի, թիւ 3 (63), 1975, էջ 6։
  • [71] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 11, էջ 44, թիւ 4։
  • [72] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 512, 579, 682։
  • [73] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 521։
  • [74] Նոյն, Ա. հատոր, էջ 11 եւ 44։
  • [75] «Եէնի էօմր», Այնթապ, Դ. տարի, թիւ 12, Դետեմբեր 1913, էջ 182։
  • [76] Վ. Ն. Կիւլէսէրեան, «Տասն եւ մէկ եղերական տարիներ Անթէպի մէջ 1908-1919», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 1028։
  • [77] «Եէնի էօմր», Դ. տարի, թիւ 12, Դեկտեմբեր 1913, էջ 193-196։
  • [78] Թէոդիկ (հաւաքեց ու խմբագրեց), «Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի», Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Օ. Արզուման, 1919, էջ 71, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 549, 831, Բ. Հատոր, էջ 754-755։
  • [79] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 11, էջ 47, նոյն, Բ. հատոր, էջ 182:
  • [80] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 216-217, 277-278։
  • [81] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 658, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 58-59, Բ. հատոր, էջ 183։
  • [82] Այնթապի բարբառով կը նշանակէ կաղանդ։
  • [83] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 44։
  • [84] Կուրկէն, «Յուշեր յիսնամեակի մը առիթով», «Հայ Այնթապ», Զ. տարի, թիւ 3 (19), 1965, էջ 20, նաեւ` Գր. Պօղարեան, «Ճեմարանն ու ճեմարանցիները», տե՛ս «Հայ Այնթապ», Զ. տարի, թիւ 3 (19), 1965, էջ 41, նաեւ` «Սիոն» ամսագիր, Երուսաղէմ, ԻԵ. տարի, թիւ 44, Ապրիլ 1951, էջ 128, նաեւ` «Արմաշու Դպրեվանքին 25 ամեայ յոբելեանին առթիւ 1889-1914», Կ. Պոլիս, Առեւտրական նոր տպարան Մ. Յովակիմեանի, 1914, էջ 407, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 650։
  • [85] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 48:
  • [86] Նոյն, էջ 11:
  • [87] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 796:
  • [88] Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան (խմբագրեցին), «Յուշամատեան Մուսա Լերան», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, հրատարակութիւն՝ Ճեպել Մուսայի հայրենակցական միութեան, 1970, էջ 725-726։
  • [89] Զորա Իսկէնտէրեան, «Յուշեր պատմութեան համար», Պէյրութ, տպարան Սեւան, 1974, էջ 45, 146։
  • [90] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 105։
  • [91] Նոյն, Բ. հատոր, էջ 324-329, նաեւ` Ռուբէն Տիրարեան, (գլխաւոր խմբագիր), «Յուշամատեան Կիլիկեան կրթ. հաստատութեան (1921-1996)», Հալէպ, հրատարակութիւն` Կիլիկեան շրջանակի խնամակալութեան, Հալէպ, 1996, էջ 508։
  • [92] Ն. Արք. Պօղարեան, «Գրիգոր Գ. Պօղարեան (մահուան տարելիցին առթիւ)», տե՛ս «Սիոն», Ծ. տարի, թիւ 12, Դեկտեմբեր 1976, էջ 325-326, նաեւ` Յակոբ Ղազարեան (խմբագիր), «Ալպոմ-յուշամատեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1969, էջ 186-187։
  • [93] Հ. Եփրեմ Վ. Պօղոսեան, «Պատմութիւն հայ մշակութային ընկերութիւններու», հատոր Բ., Վիեննա, Մխիթարեան տպարան, Ազգային մատենադարան ՃՂԶ., 1963, էջ 439։
  • [94] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 51։
  • [95] Արշակ Ալպօյաճեան, «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ», Գահիրէ, հրատարակութիւն Կեսարիոյ եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան Գահիրէի վարչութեան, տպարան Յակոբ Փափազեան, 1937, Բ. Հատոր, էջ 2277։
  • [96] Սարգիս Պալապանեան (Պալապան Խոճա), «Կեանքիս տաք ու պաղ օրերը. Այնթապ-Քեսապ-Հալէպ», խմբագրեց` բժ. Թորոս Թորանեան, Հալէպ, տպարան Արեւելք, 1983, էջ 66։ 
  • [97] Արամ Սահակեան (աշխատասիրեց), «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, հրատարակութիւն` Ուրֆայի յուշապատումի յաձնախումբին, 1955, էջ 951, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 505։
  • [98] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 675, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 320-323։
  • [99] Աւետիս Տէր Սահակեան, «Ընկերական յուշեր Բիւզանդ Թօփալեանէն», տե՛ս «Հայ Անթէպ», ԺԱ. տարի, թիւ 42-43, 1970, էջ 76-77:
  • [100] Սիսակ Յակոբ Վարժապետեան, «Հայերը Լիբանանի մէջ», էջ 455-456, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 135-142։
  • [101] «Տարագիր» օրաթերթ, Հալէպ, Ա. տարի, թիւ 32, 31 Յունուար 1919, էջ 1։
  • [102] Էսկիւլապ, «Ազգային գործերու վիճակը Հալէպի մէջ», տե՛ս «Ժողովուրդի ձայնը», Կ. Պոլիս, Ա. տարի, թիւ 92-183, 5/18 Մայիս 1919, էջ 1։
  • [103] Ս. Գիսակ, Անվերնագիր, տե՛ս «Յուսաբեր» թերթ, Գահիրէ, Նոր շրջան, Դ. տարի, թիւ 151, 25 Մարտ 1919, էջ 2։
  • [104] Դերենիկ Եպիսկոպոս, «Փրոֆ. Լութֆի Լեւոնեանի յիշատակին», տե՛ս «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, ԻԵ. տարի, թիւ 189 (7314), 11 Մայիս 1962, էջ 2, նաեւ` Կարօ Գէորգեան, «Ամէնուն տարեգիրքը», Պէյրութ, Թ. տարի, 1962, էջ 623, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 643։
  • [105] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 354-362, նաեւ` Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն», հրատարակութիւն` Մարաշի հայրենակցական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներ, Ամերիկա, Նիւ Եորք, տպարան Կոչնակ, 1934, էջ 505-506։
  • [106] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 44։
  • [107] Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, «Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր», հրատարակութեան պատրաստեց եւ խմբագրեց` Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 2014, էջ 527։
  • [108] Գարեգին Լեւոնեան, «Հայոց պարբերական մամուլը», Երեւան, 1934, էջ 116, թիւ 1054, նաեւ` Հովհ. Պետրոսյան, «Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիա», հատոր 2 (1900-1954), Երեւան, Պետգրապալատ, 1957, էջ 365, նաեւ` Մ. Ա. Բաբլոյան, «Հայ պարբերական մամուլը. Մատենագիտական համահավաք ցուցակ (1794-1980)», Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1986, էջ 142, թիւ 1230:
  • [109] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 45, 50։
  • [110] Նոյն, էջ 50։
  • [111] Նոյն, էջ 45։
  • [112] Երուանդ Պապայեան (խմբագիր), «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Գ. հատոր, Լոս Անճելոս, էջ 1094։
  • [113] Նոյն, էջ 1094, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 50։