Այնթապը կը համարուի Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ գլխաւոր կեդրոններէն մէկը։ Ան ընդհանրապէս ծանօթ է իր արհեստներով եւ արհեստաւորներով, որոնց հռչակը տարածուած էր ամբողջ կայսրութեան մէջ։ Առաւել զարգացած արհեստներ էին պղնձագործութիւնը, արծաթագործութիւնը, ձուլագործութիւնը, կտաւագործութիւննն ու ասեղնագործութիւնը։
Տեղւոյն հայերը աշխուժ էին նաեւ կրթական-մշակութային մարզերու մէջ։ Այնտեղ գործած են հայկական տասնեակ դպրոցներ, կրթական, բարեսիրական, գործակցական, մշակութային ընկերութիւններ, լսարաններ, թատերախումբեր, նուագախումբ եւ այլն։
Այնթապահայոց մշակութային աշխուժութեան երեսակներէն մէկն է նաեւ տպագրական գործը։ Թէեւ հայկական այլ կեդրոններու հետ համեմատած այնթապահայութեան ներդրումը իր քանակով ու մանաւանդ` որակով աւելի համեստ էր այս ուղղութեամբ, բայց եւ այնպէս, այդ փոքր մասն ալ իր յատուկ տեղը ունի հայ գրատպութեան եւ հայ պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ։
Այնթապի մէջ գործած են հինգ հայկական տպարաններ, որոնք լոյս ընծայած են 25 կամ աւելի գիրքեր։ Հոն հրապարակուած են նաեւ ձեռագիր, խմորատիպ եւ տպագիր 31 կամ աւելի հանդէսներ ու թերթեր։
Այնթապի հայկական գրատպութեան պատմութեան համար կարեւոր աղբիւրներ են Այնթապի յուշամատեանի զոյգ հատորները` Գէորգ Ա. Սարաֆեանի «Պատմութիւն Անթէպի հայոց»ը [1], Գրիգոր Պօղարեանի «Այնթապականք»ի զոյգ հատորները [2], նաեւ 1960-ին հրատարակուիլ սկսած «Հայ Անթէպ» (1971-էն ի վեր` «Նոր Այնթապ») հանդէսի հաւաքածոն, հայ տպագիր գիրքի եւ հայ պարբերական մամուլի մատենագիտական ցուցակները, «Ազգային յուշեր» ընդհանուր խորագրով Վահան Մ. Քիւրքճեանի յուշերը [3] եւ այլ աշխատութիւններ։ Այս թեմային համար կարեւոր է մանաւանդ բանասէր Արշակ Ալպոյաճեանի խնդրանքով Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի պատրաստած 21 Հոկտեմեբեր 1914 թուակիր տեղեկագիրը՝ տեղւոյն տպարաններուն եւ անոնց գործունէութեան մասին [4]։
1) «Եդեմական-Ադենական ընկերութիւն», տպարան հիմնելու ծրագիր ունեցող ընկերութիւն մը Այնթապի մէջ
Այնթապի մէջ տպարան հիմնելու առաջին փորձը կը կապուի 1874-ին հիմնուած Եդեմական-Ադենական ընկերութեան անունին։ Ընկերութիւնը հիմնուած է Վահան Մ. Քիւրքճեանի (Բակուրան), Նազարէթ-Պերճ Ներսէսեանի (Հիլմի) եւ Ռաֆայէլ-Հայկ Դերձակեանի կողմէ եւ գործած է տեղւոյն գիշերօթիկ վարժարանի հովանիին տակ։
Վահան Մ. Քիւրքճեանի առաջարկով, ընկերութեան ծրագիրներէն մէկը եղած է տպարանի մը հաստատումը [5], բայց եւ այնպէս, մեզի անծանօթ պատճառներով, ընկերութեան այս նպատակը իրականութիւն չէ դարձած։
2) Տպարան Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի
Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը կը համարուի Այնթապի նշանաւոր կրթական օճախներէն մէկը։ Ան «Կեդրոնական» կոչուած է այն պատճառով, որ Այնթապ քաղաքը, աշխարհագրականօրէն, կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան ճիշդ կեդրոնը։
Գոլէճը հիմնուած է 11 Հոկտեմբեր 1876-ին, ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ։ Կառուցուած է Այնթապի մօտակայ բլուրի մը վրայ եւ ունեցած է գեղեցիկ ու ընդարձակ շէնքեր։ Գոլէճէն ներս դասաւանդուած են քրիստոնէական ուսմունք, Նոր կտակարան, ուսողութիւն, պատմութիւն, ընկերաբանութիւն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ օսմաներէն լեզուներ, բժշկութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, բնագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, երաժշտութիւն եւ այլ դասանիւթեր։
Գոլէճը ունեցած է քիմիական աշխատանոց, գրադարան, թանգարան, գիշերօթիկի եւ դասախօս-միսիոնարներու յատուկ բնակարանային շէնքեր։ Հոն ուսանած են Այնթապէն, Կիլիկիայէն եւ տարբեր վայրերէ եկած աշակերտներ, մեծամասնութեամբ` հայեր, որոնց կողքին եղած են նաեւ՝ փոքրաթիւ ասորի, հրեայ, յոյն, քիւրտ եւ թուրք աշակերտներ։
Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը 1880-1915 թուականներուն տուած է 409 շրջանաւարտներ [6], մեծամասնութեամբ` հայեր, որոնց մէջ եղած են հայ մշակոյթի եւ հայ եկեղեցւոյ բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր (ըստ այլ վկայութեան` շրջանաւարտներուն թիւը եղած է 393 [7])։
Գոլէճէն ներս գործած են գրական, մարզական, ուսանողական եւ շրջանաւարտից միութիւններ։
Գոլէճը ունեցած է տպարան մը, ուր տպագրուած են հայերէն, հայատառ թրքերէն եւ թրքերէն (օսմաներէն) բազմաթիւ գիրքեր ու հանդէսներ։
Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարանը Այնթապի մէջ գործած առաջին տպարանն է եւ իր հրատարակած հայատառ գիրքերու քանակով` առաւել գործունեան ու արդիւնաւէտը։
Գոլէճի տպարանի հիմնադրութեան թուականը ստուգապէս ծանօթ չէ մեզի։ Ըստ Գոլէճի երրորդ տնօրէն Տաքթըր Մերիլի՝ ան Ամերիկայէն Այնթապ բերուած է Գոլէճի հիմնադրութեան տարիներուն, այսինքն 1876-1878 թուականներուն [8], իսկ ըստ այլ աղբիւրի՝ ան գոյութիւն ունեցած է 1880-ականներու [9]։
Սկզբնական շրջանին տպարանը ունեցած է ոտնամամուլ մը եւ սահմանափակ քանակութեամբ տպագրական տառեր։ Սուլթան Համիտի իշխանութեան շրջանին մատնուած է անգործութեան եւ տպած է միայն Գոլէճին յատուկ պաշտօնաթուղթեր ու դպրոցական հարցարաններ, իսկ 1890-ի Գոլէճի մեծ հրդեհէն ետք տպագրական մամուլն ու գիրերը խանգարուած են եւ ամբողջապէս դատապարտուած են անգործութեան [10]։
Տպարանի փոքրիկ մեքենան «միմիայն իր ներքին գործածութեան համար մանր ու անմեղ բաներ կը տպէր»։ Օր մը, հաւանաբար 1890-ին, կառավարական պաշտօնեաներ մտնելով Գոլէճ, տպագրական մեքենային մելան մատակարարող սկաւառակը քակելով՝ տարած են հետերնին [11], այդպիսով զայն դատապարտելով անգործութեան։
Ժամանակակիցի մը վկայութեամբ «...տպագրական մեքենան տարիներէ ի վեր սենեակի մը մէջ ժանգոտած կը մնար միեւնոյն պատճառով [պետական արգելքով]» [12], եւ առաջին անգամ Վահան Մ. Քիւրքճեանն է, որ բացած է Գոլէճի այն գետնայարկ սենեակը, «ուր տպագրական մամուլն ու տառերու դարակները փոշիներու տակ կը սպասէին կայսերական հրամանին»։ Քիւրքճեան յաջողած է տպել կարճ ոտանաւոր մը, ապա փրոֆ. Ալեքսան Պեզճեանի Մովսէս որդին է, որ կրցած է բաւական որակաւոր գործեր տպել [13]։
Օսմանեան սահմանադրութենէն ետք միայն կարելի եղած է տպագրական կոտրած մամուլը նորոգել եւ նոր տառեր բերել։ Հետեւաբար, 1910 թուականը պէտք է համարել տպարանի վերակենդանացման տարի [14]։
Նոյն շրջանին Գոլէճի օգնական ուսուցիչներէն Լեւոն Րուպեան եւ ուսանողներ՝ Գրիգոր Պօղոսեան, Սարգիս Լալէեան եւ այլք, լծուած են փոշիներու մէջ կորսուած տառերը զատելու եւ դասաւորելու աշխատանքին։ Աւելի ետք Պօղոսեան եւ Լալէեան նշանակուած են տպարանի ընդհանուր տեսուչներ [15]։
Տպարանի արտօնատէրը եղած է Գոլէճի դասախօսներէն փրոֆ. Նշան Պալեօզեան, որուն անունը զետեղուած է հրատարակուած իւրաքանչիւր գիրքի վրայ։ Տպարանի հիմնադիր համարուած է Գոլէճի վարչութիւնը, մինչ աշխատողները եղած են Գոլէճի ուսանողները, այսինքն՝ տպարանը մնայուն պաշտօնեայ չէ ունեցած, եւ ուսանողներն են, որ կատարած են աշխատանքը։ Այդ ուսանողներէն առաջինը եղած է Յովսէփ Պեզճեանը՝ փրոֆ. Ալեքսան Պեզճեանի զաւակը, իսկ Գոլէճի ուսանողներէն Սարգիս Լալէեան, որ գրաշարի պաշտօն ստանձնած էր, ժամանակաւորապէս գործուղուած է Պէյրութ, որպէսզի ծանօթանայ տեղւոյն տպարաններու աշխատանքին եւ մասնագիտանայ տպարանական գործին մէջ։ Ան, Այնթապ վերադառնալով, երեք տարի, ու թերեւս աւելի, եղած է տպարանի գրաշարապետ։ Տպարանը այդ շրջանին ունեցած է ոտքով բանող մամուլ մը [16], ապա աւելի մեծ` երկրորդ մամուլ մը [17]։
Տպարանի տպագրիչը եղած է վերոյիշեալ Սարգիս Լալէեանը, իսկ կազմատան վարիչը` Մ. Անթունեանը [18]։
Ինչպէս ըսինք, տպարանին մէջ աշխատած են Գոլէճի ուսանողներ, որոնք այդպիսով կարողացած են մասամբ հոգալ իրենց դպրոցական ծախսերը։ Վկայութեան մը համաձայն, «… [Գոլէճի] Շրջանաւարտներու Միութիւնը սկսած էր տարուէ տարի օգնել գոլէճի կարօտ ուսանողաց, որոնց Գոլէճն ալ կ’օգնէր իր նորահաստատ տպարանին եւ կազմատան մէջ, կամ ուրիշ կերպով գործեր հայթայթելով, զոր օրինակ` վերջին 1913-1914 տարեշրջանին գոլէճի տպարանին մէջ տպուած էր 730.000 էջ, կազմուած 659 գիրք եւ 25.397 տետրակներ` գործ հայթայթելով 28 ուսանողներու» [19]։
Ըստ բանասէր Արշակ Ալպոյաճեանի` Գոլէճի տպարանէն առաջին հայերէն գիրքը լոյս տեսած է 1908-ին, ինչ որ ճիշդ չէ, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ։ Ըստ անոր՝ տպարանը «Ոչ միայն գրեթէ հայոց համար հիմնուած, այլ հայոց ձեռքով ալ կառավարուած է» [20]:
Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն այնտեղ տպուած որեւէ հայերէն գիրք ծանօթ չէ մեզի։ Տպարանը իր գործունէութիւնը վերսկսած է զինադադարի յայտարարութենէն ետք եւ 1919-1921 թուականներուն տպած է քանի մը հայերէն գիրք ու գրքոյկ։ 1919-ին հոն տպուած է նաեւ «Ռահվիրայ-رهنما» հայերէն եւ օսմաներէն երկօրեայ թերթը։
Տպարանը բացի ստորեւ յիշուած գիրքերէն եւ գրքոյկներէն, տպած է նաեւ Գոլէճի տարեկան տեղեկագիրները` հայերէն, հայատառ թրքերէն, օսմաներէն եւ անգլերէն լեզուներով, նաեւ Գոլէճի տարեկան քննութեանց ցանկերը պարունակող տետրակներ, նամակագլուխներ, հրաւիրագրեր, տոմսակներ եւ տպագրական այլ մանր գործեր [21]։
Այնթապի եւ Կիլիկիոյ հայաթափումէն վերջ, Գոլէճի տպագրական սարքերը եւս տեղափոխուած են Հալէպ, ուր գործած է 1922-1945 թուականներուն «Տպարան Գոլէճ» անունով եւ տպած՝ բազում հայերէն գիրքեր, հանդէսներ եւ այլ գործեր։ Բայց տպարանի գործունէութեան այդ շրջանը դուրս կը մնայ մեր այս յօդուածի շրջագիծէն [22]։
Փրոֆ. Նշան Ս. Պալեօզեան
Ծնած է Սեբաստիա, 1873-ին, որուն Հայ աւետարանական նախակրթարանը աւարտելով՝ մտած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ, եւ զայն աւարտելէ ետք ուսուցչական պաշտօն վարած է Սեբաստիոյ Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 1898-ին հաստատուելով Այնթապ, մինչեւ 1915 դասաւանդած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ, եւ նոյն տարին, աքսորուելով, ապաստանած է Հալէպ եւ թուաբանութիւն դասաւանդած թրքական բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Ցեղասպանութեան տարիներուն զոհ տուած է չորս զաւակներէն մէկը։ Մարտ 1921-ին վերջնականապէս գաղթած է Նիւ Եորք, ուր մահացած է 8 Դեկտեմբեր 1923-ին։ Յետ մահու լոյս տեսած է իր յօդուածներու ժողովածուն` «Ձայն մը անցեալէն (Կեանքի խոհեր)» խորագրով (Նիւ Եորք, 1927, 239 էջ) [23]։
Սարգիս Լալէեան
Բնիկ այնթապցի։ 1915-ին, աքսորուելով, հասած է Տէր Զօր, ապա` Շետտատիէ, եւ հրաշքով փրկուած է 1916-ի կոտորածէն. «Արկածախնդրութիւնը ըրած էին փախչելու, անօթի ու կիսամերկ, անծանօթ ճամբաներով, գետակներ լող գալով, ապաստանելու համար Տէր Զօր, ապա` Հալէպ եւ Այնթապ» [24]։ Շետտատիէի զանգուածային կոտորածէն գիշեր մը առաջ կրցած է փախչիլ իր ընկերոջ` Տիգրան Ճեպեճեանի հետ, շնորհիւ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն ստացած կողմնացոյցի մը, որ այդ պահուն գտնուած է իր մօտ, եւ անով առաջնորդուելով` երկուքով հեռացած են վտանգի գօտիէն [25]։
Ապաստանելով Հալէպ, որպէս տպագրիչ` 1925-1935 աշխատած է Այնթապէն Հալէպ տեղափոխուած Գոլէճի տպարանին մէջ [26]։
Հրատարակած է Այնթապի հերոսամարտի ղեկավարներէն Ատուր Լեւոնեանի մասին հատոր մը` «Յուշամատեան նուիրուած Ատուր Յ. Լեւոնեանի։ Ինքնակենսագրութիւն եւ դրուագներ իր կեանքէն ու գործէն» (Պէյրութ, 1967, 336 էջ)։
Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարանին մէջ տպուած հայատառ գիրքեր եւ այլ հրատարակութիւններ
1) Վահան Քիւրքճեանի հրատարակած ոտանաւորը
Ինչպէս տեսանք, Վահան Քիւրքճեան բացած է Գոլէճի այն գետնայարկ սենեակը, ուր տպագրական մամուլն ու տառերու դարակները «փոշիներու տակ կը սպասէին կայսերական հրամանին» եւ «ինքնավարժութեամբ եւ յաջողութեամբ» կրցած է տպել կարճ ոտանաւոր մը, հազիւ 3-4 օրինակ, իր իսկ բնորոշումով` ««Մեղաւոր» Յակոբի անդրանիկ արտադրութեանց պէս անճաշակ» [27]։ Ոտանաւորը տպուած է 1886-էն կարճ ժամանակ առաջ։
2) Մովսէս Պեզճեանի հրատարակութիւնները
Վահան Քիւրքճեանի վերոնշեալ առաջին փորձէն ետք, փրոֆ. Ալեքսան Պեզճեանի Մովսէս որդին տպած է բաւական մաքուր տպագրական գործեր` միշտ գոլէճին վերաբերող տպագրութիւններ եւ «միշտ գաղտագողի» [28]։
Այդ տպագրութիւնները կատարուած են 1886-էն կարճ ժամանակ առաջ։
3) «Իլահիլէր իլէ մագամլարը» [«Հոգեւոր երգեր եւ անոնց եղանակները»]
Բնագիրը հայատառ թրքերէն է եւ մասամբ` հայերէն։ Տպարան Մ. Թ. Գ. [Մաթպաա Թուրքիա Գոլէճ-Տպարան [Կեդրոնական] Թուրքիոյ Գոլէճի], ձեռագիր-տպագրուած, 1898, 119 էջ, շարուածքը` 13,8x16,8 սմ.։
Մեծ մասամբ հայատառ թրքերէն եւ մասամբ` հայերէն հոգեւոր երգերու ժողովածու մըն է, ուր երգերու բառերուն հետ տրուած են նաեւ անոնց եւրոպական ձայնանիշերը (նոթաները)։Մեծ մասամբ հայատառ թրքերէն եւ մասամբ` հայերէն հոգեւոր երգերու ժողովածու մըն է, ուր երգերու բառերուն հետ տրուած են նաեւ անոնց եւրոպական ձայնանիշերը (նոթաները)։
4) «Անգլերէնէ հայատառ թրքերէն բառգրքոյկ Մարաշի Աղջկանց վարժարանին համար»
Այնթապ, տպարան` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [29]։
Ըստ այլ աղբիւրի` տպուած է տեղւոյն տպարան Հաւատիսի մէջ, 1911-ին [30]։
5) «Մարդկային սիրտը»
Օսմաներէն եւ հայատառ թրքերէն լեզուներով։ Գիրքը թարգմանուած է գերմաներէնէ։ Այնթապ, տպարան` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [31]։
Ըստ այլ աղբիւրի` տպուած է տեղւոյն տպարան Հաւատիսի մէջ, 1911-ին [32]։
6) «Մէպատի ի ֆէնն ի մուսիգի» [«Երաժշտական արուեստի սկզբունքները»]
Հեղինակ չէ նշուած։ Հայատառ թրքերէն եւ անգլերէն։ Արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան, Այնթապ, տպարան՝ Մ. Թ. Գօլէճի (Մաթպաա Թուրքիա Գօլէճի - տպարան [Կեդրոնական] Թուրքիոյ Գոլէճի), 1911, 16 էջ, շարուածքը` 10.3x15.2 սմ., գինը` 2 ղուրուշ։
Երաժշտական ձեռնարկ է, ուր բազմաթիւ թրքերէն բառերու կողքին տրուած են անոնց անգլերէն հոմանիշները եւս։
7) «Քիլիսալար վէ թէպշիրի պէշարէթ» [«Եկեղեցիներն ու աւետումի աւետիսը»]
Հեղինակ` Ճ. Գ. Մարթին։ Հայատառ թրքերէն, Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [33]։
Այլ աղբիւր մը՝ տպարանը անգամ մը յիշած է Հաւատիս եւ անգամ մը` Գոլէճի, իսկ թուական տուած է 1911 [34]։
8) «Իլմի հիսապ» [«Թուաբանութիւն»]
Հեղինակ` փրոֆ. Լութֆի Պապիկեան։ Հայատառ թրքերէն։ Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [35]։ Ըստ այլ աղբիւրի` տպուած է տեղւոյն տպարան Հաւատիսի մէջ, 1911-ին [36]։
Հաւանաբար նոյն հեղինակի «Եէնի իլմ ի հիսապ» գիրքի (Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի, 1915) առաջին տպագրութիւնն է։
Փրոֆ. Լութֆի Յ. Պապիկեան
Ծնած է 1883-ին, Այնթապ։ 1905-ին աւարտելով Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր երեք տարի հետեւած է Եէյլի Շեֆիլտ սայէնթիֆիք սքուլի դասընթացքներուն ու վկայուած` իբրեւ հանքաբան եւ հանքագէտ, ապա երկու տարի աշխատած է Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններուն մէջ։ Վերադառնալով Այնթապ, ալճեպրա, երկրաչափութիւն եւ երկրաբանութիւն դասաւանդած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ, միաժամանակ հետազօտութիւններ կատարած է Այնթապի շրջանի մետաղներուն վրայ։ Հեղինակած է «Մատէնիաթ» խորագրով օսմաներէն հատորը։ 1915-ին աքսորուած է Տէր Զօր եւ հոն նահատակուած [37]։
9) «Տէօրթ ինճիլլէրին միւթապագաթը» [«Չորս աւետարաններուն համապատասխանեցումը»]
Հեղինակ` Լ. Լիվինկսթըն, թարգմանիչ` պատուելի Միպար Մնջերեան։ Հայատառ թրքերէն։ Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [38]։
Այլ աղբիւր մը մէյ մը զայն համարած է տպարան Հաւատիսի տպագրութիւն, մէյ մը` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի [39]։
Պատուելի Միպար Յ. Մնջերեան
Բնիկ եարբուզցի։ Ծնած է 1865-ին։ Եղած է Կեսարիոյ աւետարանական հայոց հովիւը [40]։
10) «Իլմի թալիմ» [«Դաստիարակելու գիտութիւնը»]
Հեղինակ` փրոֆ. Սարգիս Լեւոնեան։ Հայատառ թրքերէն, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 1, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան։ Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարան, 1912, 37 էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 1 ղրուշ։
Փրոֆ. Սարգիս Լեւոնեան
Ծնած է 1851-ին, Այնթապ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը իր հօր` «Աստուածատուր խալֆէ»ի դպրոցին մէջ։ 1870-ին մտած է Մարաշի ճեմարանը, զոր աւարտած է 1873-ին, ապա բնական գիտութիւններ եւ ուսողութիւն ուսանած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Վերադառնալով ծննդավայր՝ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ դասաւանդած է թուաբանութիւն, բուսաբանութիւն եւ կենդանաբանութիւն, միաժամանակ հայ աւետարանական համայնքէն ներս վարած է պատասխանատու պաշտօններ։ Թուրք խուժանին կողմէ սպաննուած է 15 Ապրիլ 1909-ին, Օսմանիէի մէջ, Կիլիկեան կոտորածներու օրերուն, երբ պատուելիներու խումբով կը մեկնէր Ատանա` Հայ աւետարանական միութեան համաժողովին մասնակցելու համար [41]։
11) «Գօլէճին թէսիսի վէ թարիխի» [«Գոլէճի հիմնադրութիւնն ու պատմութիւնը»]
Հեղինակ` փրոֆ. Յ. Ա. Պեզճեան [փրոֆ. Յակոբ Ալեքսան Պեզճեան]։ Հայատառ թրքերէն, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 2, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան։ Այնթապ, տպարան Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի, 1913, 4 չհամարակալուած, 18 էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 1 ղրուշ։
11 Հոկտեմբեր 1912-ին Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հիմնադիրներու օրուան առիթով փրոֆ. Յ. Ա. Պեզճեանի արտասանած խօսքն է, ուր առաւելաբար անդրադարձած է Գոլէճի հիմնադրութեան եւ սկզբնական շրջանի պատմութեան։ Աւարտին` տրուած է ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու մօտաւոր վիճակագրութիւնը։
Փրոֆ. Յակոբ-Ալեքսան Պեզճեան
Ծնած է 19 Ապրիլ 1837-ին, Այնթապ, ուր ստացած է նախնական կրթութիւնը։ Ուսումը կատարելագործելու նպատակով 1852-ին ղրկուած է Պէպէքի (Կ. Պոլիս) բարձրագոյն վարժարան, ուր մնացած է չորսուկէս տարի։ 1856-1866 դասաւանդած է Այնթապի բարձրագոյն դպրոցին (Մր. Շնայտըրի Կիլիկիոյ ճեմարանին) մէջ եւ եղած` անոր գիտական ճիւղի վարիչը, ապա նոյն դպրոցին հետ տեղափոխուած է Մարաշ, որմէ ետք ղրկուած է Միացեալ Նահանգներու Եէյլ համալսարանը եւ հետեւած անոր դասընթացքներուն։ 1874-ին վերադառնալով Այնթապ` նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին` երկար տարիներ դասաւանդելով Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ Վախճանած է 9 Փետրուար 1913-ին [42]։ Յօդուածներու հատընտիր ժողովածուն տպագրուած է առանձին հատորվ` «Փրօֆ. Յ. Ա. Պեզճեան վէ պազը էսէրլէրի» [«Փրօֆ. Յ. Ա. Պեզճեան եւ կարգ մը գործերը»] խորագրով, Հալէպ, տպարան Գոլէճ, 1932, Գ., 465, 3 չհամարակալուած էջ։
12) «Շարգըն քրիսթիյան քիլիսալարը» [«Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիները»]
Հեղինակ` վեր. Ճորճի Շեմմաս։ Հայատառ թրքերէն, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 3, 4, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան, Այնթապ, տպարան` Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի, 1913, 58 էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 2 ղրուշ։
Հեղինակը գիրքը պատրաստած է Կիլիկիոյ բողոքական միութեան ներկայացնելու համար։
Նուիրուած է Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն, ուր հեղինակը նախ՝ անդրադարձած է անոնց ծնունդին, ապա՝ առանձին գլուխներով ներկայացուցած է անոնցմէ իւրաքանչիւրը [43]։
Վեր. Ճորճի Շեմմաս
Ուրֆայի բողոքական եկեղեցւոյ ասորի հովիւը, որ նահատակուած է 1909-ի Կիլիկեան կոտորածներու ընթացքին, Օսմանիէի մէջ, փրոֆ. Սարգիս Լեւոնեանի եւ ընկերներուն հետ։
13) «Տուխուլիյէ իմթիհան սուալլարը» [«Ընդունելութեան քննութեանց հարցումները»]»
Բնագիրը հայատառ թրքերէն, օսմաներէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 5, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան, Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարան, 1913 [1914], 25, 3 չհ. էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 1 ղրուշ։ Գոլէճի ուսուցչական կազմին կողմէ 10 Հոկտեմբեր 1913-ին հաստատուած դպրոցական հարցարանն է։
Գիրքի աւարտին, չհամարակալուած 4-րդ էջին վրայ, տպուած «Իլան»- «Յայտարարութիւն»ը կը կրէ Մարտ 1914 թուականը, որմէ պէտք է հետեւցնել, որ գիրքի տպագրութիւնը թէեւ սկսած է 1913-ին, բայց աւարտած է 1914-ին։
Գոլէճին մէջ դասաւանդուող նիւթերու հարցարաններն են, իւրաքանչիւր դասանիւթի հարցարանը առանձին, ինչպէս` օսմաներէնի, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներու, Սուրբ գիրքի, «մաթեմաթիքս»ի, աշխարհագրութեան, "Algebra"ի, բնագիտութեան, բնական աշխարհագրութեան, պատմութեան, հայոց պատմութեան եւ օսմանեան պատմութեան։
Գիրքը շարադրուած է հարց-պատասխանի ձեւով։
14) «Եագուպ Տէր Գրիգորեան զիքրինէ» [«Եագուպ Տէր Գրիգորեանի յիշատակին»]
Հեղինակ` փրոֆ. Ճ[էսի] Ս. Մաթոսեան։ Հայատառ թրքերէն, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 6, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան, Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարան, 1914, 2 չհամարակալուած, 9 էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 1 ղրուշ։
11 Հոկտեմբեր 1911-ին, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հիմնադիրներու օրուան առիթով, փրոֆ. Ճէսի Ս. Մաթոսեանի արտասանած խօսքն է` 31 Օգոստոս 1912-ին սպաննուած Եագուպ Տէր Գրիգորեանի մասին։
Փրոֆ. Ճէսի Մաթոսեան
Ծնած է 1873-ին, Այնթապ։ Աւարտած է տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ 1900-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր չորս տարի հետեւած է Պրիճուոթըրի (Մեսեչուսէթս) պետական վարժապետանոցի եւ տարի մըն ալ Եէյլ համալսարանի դասընթացքներուն։ 1905-ին վերադարձած է Այնթապ եւ հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, անգլերէն լեզու եւ բնական գիտութիւններ դասաւանդած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ Ընտանեօք Այնթապէն աքսորուած է 31 Օգոստոս 1915-ին եւ սպաննուած` Տէր Զօր, 1916-ին [44]։
15) «Գօլէճին իլք րէիսի տօգթօր Թիլման Գ. Թրօպրիճ զիքրինէ» [«Գօլէճի առաջին նախագահ տօքթօր Թիլման Գ. Թրօպրիճի յիշատակին»]
Հեղինակ` փրոֆ. Յ. Ա. Պեզճեան։ Հայատառ թրքերէն, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հրատարակութիւն, թիւ 7, արտօնատէր` փրոֆ. Ն. Ս. Պալեօզեան, Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարան, 1914, 2 չհ., 24 էջ, շարուածքը` 9.3x14.2 սմ., գինը` 1 ղրուշ։
Տոքթ. Թրօպրիճի յիշատակին, Յունիս 1889-ին փրոֆ. Յ. Ա. Պեզճեանի պատրաստած եւ Կիլիկեան միացեալ խորհուրդի նիստին կարդացած գրութիւնն է, որ 25 տարի ետք, 11 Հոկտեմբեր 1913-ին, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի հիմնադիրներու օրուան առիթով, փրոֆ. Յ. Ա. Պեզճեանի որդին` փրոֆ. Զենոբ Ա. Պեզճեան անգամ մը եւս կարդացած է զայն։
16) «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ»
Հրատարակութիւն՝ Վարդանեան շրջանաւարտից միութեան, թիւ 1։ Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի, 1914, 16 էջ եւ 1 ներդիր էջ, շարուածքը` 9.2x14 սմ.։
Վարժարանի 1888-1913 թ. շրջանաւարտներու անուանացանկն է, իրենց ծննդավայրի եւ ներկայի կացութեան յիշատակութեամբ։
Վարդանեան կրթարան
Հիմնուած է 1 Փետրուար 1882-ին, Վարդանանց ընկերութեան կողմէ։ Ունեցած է 25 աշակերտ։ Երկու տարի ետք այդ թիւը բարձրացած է հարիւրի [45]։ Կրթարանի հիմնադրութեան մէջ մեծ եղած է Գալուստ աղա Ղազարեանի նիւթական ներդրումը [46]։ Կրթարանը ունեցած է հարուստ մատենադարան։ Վարդանեանը շարունակած է իր գոյութիւնը մինչեւ 1915 եւ մեծ թիւով շրջանաւարտներ պարգեւած է ազգին, որոնք մեծ դեր խաղացած են կրթական-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ Այնթապի մէջ եւ անկէ դուրս, ինչպէս օրինակ` Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլեսէրեան, Շահէ արք. Գասպարեան, Փառէն ծ. վրդ. Մելքոնեան եւ այլք։
17) «Եէնի իլմ ի հիսապ» [«Նոր թուաբանութիւն»]
Հեղինակ` Լութֆի Յ. Պապիկեան, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի թուաբանութեան փրոֆեսոր։ Հայատառ թրքերէն, երկրորդ մաս, երկրորդ տպագրութիւն։ Այնթապ, Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարան, 1915, 7 չհ., 184 էջ, շարուածքը` 9.4x14.2 սմ.։
Գիրքի առաջին տպագրութիւնը կատարուած է խմորատիպ (միմիոկրաֆ)։
Գիրքին մէջ կան երկրաչափական պատկերներ, իսկ 15-16-րդ էջերուն միջեւ ներդիր չթուագրուած էջ մը` «Պիւթագորասըն ճէտվէլի»- «Պիթագորէսի աղիւսակը» խորագրով։
Նախակրթարաններու եւ բարձրագոյն վարժարաններու թուաբանութեան դասագիրք է, բաժնուած՝ եօթը գլուխներու, եւ իւրաքնաչիւր գլուխ` առանձին մասերու, ինչպէս` չորս գործողութիւններ, կոտորակ, արմատներ եւ այլն։
18) «Կրօնաքննական կարգ մը հարցումներու տրուած պատասխաններ»
Հեղինակ` Գ. Ա. Ս. (փրոֆ. Գրիգոր Ա. Սարաֆեան)։ Գիրքին վրայ հեղինակ չէ նշուած, բայց ըստ նոյն տպարանի աշտախող Սարգիս Լալէեանի, հեղինակը փրոֆ. Գրիգոր Սարաֆեանն է [47]։ Այնթապ, տպարան՝ Գոլէճի, 1919, 16 էջ, շարուածքը` 12.6x15.1 սմ.։
Գիրքը ունի տասը ենթավերնագիր, ինչպէս`«Յիսուս ի՞նչ բանի կը պարտի իրեն բարոյական վարդապետութեան վսեմութիւնը», «Ինչո՞ւ Յիսուս շուն ըսաւ հեթանոսներուն` եթէ ինքը Աստուածային էակ մըն էր», «Ի՞նչ է Քրիստոնէութեան դիրքը ինքնապաշտպանութեան հանդէպ, երբ նկատի առնենք Մատ. 5. 39ը...» եւ այլն։
9 Նոյեմբեր 1919-ին, Այնթապի Դաշնակցութեան ակումբին մէջ տրուած դասախօսութեան մը բնագիրն է՝ «Կրօնական խնդիրներու շուրջ կարգ մը երիտասարդներու մտքին մէջ յառաջ եկած գաղափարի մութ կնճռոտութիւնները լուսաբանելու նպատակաւ»։
Գրիգոր Ա. Սարաֆեան
Ծնած է 20 Յունիս 1880-ին, Այնթապ։ Երկու տարի յաճախած է Ներսէսեան վարժարան։ Տասը տարի ջուլհակութիւն ընելէ ետք, 1901-ին վերադարձած է նախկին դպրոցը, ապա մտած՝ Ադենական վարժարան, զոր աւարտած է 1903-ին, իսկ 1909-ին`Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ 1913-ին աւարտած է Միացեալ Նահանգներու Եէյլ Աստուածաբանական ճեմարանը։ 1914-ին մեկնած է Սբ. Էջմիածին` Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ծէսին եւ պատմութեան մէջ հմտանալու, ապա վերադարձած է Այնթապ եւ դասաւանդած` Կիլիկեան ճեմարանին մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն աքսորուելով՝ հասած է Համայի ու Սելիմիէի շրջանները։ Զինադադարի յայտարարութեամբ, վերադարձած է ծննդավայր եւ կարճ ժամանակ անց՝ գաղթած է Ֆրեզնօ։ Աշխատակցած է հայ մամուլին։ Հեղինակած է հայերէն եւ անգլերէն բազմաթիւ գիրքեր։ Մահացած է 1966-ին [48]։
19) «Հոգեւոր երգարան»
Հայերէն եւ հայատառ թրքերէն։ Այնթապ, տպարան՝ Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի, 1919։
81 հայերէն եւ 70 հայատառ թրքերէն հոգեւոր երգերու ժողովածու [49]։
20) «Մէս’ուտ էօմր
Մէսուտ պիր էօմր եաշամագ իչիւն` միւմինին պիլմէսի վէ րիայէթ էթմէսի լազըմ կէլէն հագիգաթլար...» [«Երջանիկ կեանք։ Երջանիկ կեանք մը ապրելու համար հաւատացեալին իմանալիք եւ նկատի առնելիք ճշմարտութիւնները»]։ Հեղինակն ու թարգմանիչը չեն նշուած։ Հայատառ թրքերէն։ Այնթապ, Գոլէճ մաթպաասը [Գոլէճի տպարան], 1919, 107, 1 չհ. էջ, շարուածքը` 9.5x14.8 սմ., գինը` 5 ղրուշ։ Գիրքը անգլերէնէ թարգմանուած է 1918-ին [50]։
3) Վահան Մ. Քիւրքճեանի Այնթապի մէջ տպարան հիմնելու անյաջող զոյգ փորձերը
Այնթապի մէջ տպարան հիմնելու երկու անյաջող փորձեր ըրած է գրող, բանասէր, կրթական-հասարակական գործիչ Վահան Մ. Քիւրքճեան (1863-1961) եւ իր յուշերուն մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձած է անոնց։
Իր խոստովանութեամբ՝ «Տպարանի հաստատումը Այնթապ, կեանքի նպատակ մըն էր ինծի համար պատանութեան օրերէս» [51]։ Եւ իսկապէս, ան իր վաղ երիտասարդական տարիներուն, ջանք չէ խնայած իր նպատակը իրագործելու համար, բայց ապարդիւն։
Քիւրքճեան, որ կը վարէր Այնթապի Վարդանեան կրթարանի տնօրինութիւնը, 1886-ի աշնան, տպարանի հիմնադրութեան արտօնութիւն ստանալու նպատակով, հրաժարած է տնօրէնի պաշտօնէն եւ մեկնած` Պոլիս։ Բայց, մինչ այդ, հանդիպած է նահանգի կեդրոնատեղի՝ Հալէպ քաղաքը, տեղւոյն պետական այրերուն մօտ տպարան հիմնելու համար միտք պատրաստելու։
Քիւրքճեան իր հետ Պոլիս տարած է Այնթապի նշանաւոր թուրք բանաստեղծ Հասըրճը Զատէ Ահմէտ էֆենտիի յանձնարարական նամակը, զոր ստացած էր Այնթապի ծանօթ ազգայիններէն Նազարէթեանի միջոցաւ։ Այն յղուած էր կրթական նախարար բնիկ այնթապցի Միւնիֆ փաշային։ Քիւրքճեան, որպէս հայրենակից, Միւնիֆ փաշային նուէր տարած է «այնթապական քաղցրաւենիներ»` շարոց, պաստեղ, թարխանա եւ այլն։
Փաշան բարձր գնահատած է տպարան հիմնելու Քիւրքճեանի ձեռնարկը` որպէս իր ծննդավայրի յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակ, եւ առ այդ, իր համակրութիւնը փաստելու համար, անոր յանձնած է հետեւեալ հեռագիրը.
«Հալէպի նահանգապետութեան,
Այնթապի բնակիչներէն Պ. Վահան Քիւրքճեան այդ քաղաքին մէջ թիւրքերէն եւ հայերէն տպարան մը հաստատելու համար խնդրագիր մը տուած է։ Մեզի տեղեկացնել թէ ատոր դէմ տեղւոյն վրայ առարկութիւն մը կա՞յ։ Միւնիֆ»։
Քիւրքճեան՝ հեռագիրը անձամբ յղած է Հալէպ։ Ամիսներու սպասումէ ետք Հալէպէն Պոլիս հասած է Այնթապի Մեճլիսի իտարէի` տեղւոյն Վարչական ժողովի կարծիքը, առ այն, որ «Տեղւոյն մէջ նախապէս տպարան գոյութիւն ունեցած չէ եւ հիմա ալ պէտք չի տեսնուիր անոր»։ Այս պաշտօնական մերժումով, տպարան հիմնելու Քիւրքճեանի առաջին փորձը պսակուած է ձախողութեամբ [52]։
Այս անյաջողութենէն ետք, Քիւրքճեան մեկնած է Անգլիա, ուր մնացած է չորս-հինգ ամիս, ապա վերադարձած է Այնթապ եւ հուսկ անցած է Կիլիկիոյ ներսերը, եւ 1890-ին անգամ մը եւս ուղեւորուած է Հալէպ, իր հիմնելիք տպարանը հոն հաստատելու նպատակով, որովհետեւ, իր իսկ խօսքերով, «Մենք կը կարծէինք, թէ արաբական քաղաքի մը մէջ հայ տպարանի բացումը նուազ առարկելի պիտի թուէր կառավարութեան, եւ ժամանակ մը վերջ անոր Այնթապ փոխադրումն ալ կը դիւրանար»։ Բայց այդպէս չէ եղած, եւ Վանէն Հալէպ տեղափոխուած նահանգապետ Հասան Հագգը փաշան կարդալէ ետք Քիւրքճեանի խնդրագիրը, ըսած է անոր.
- Տղա՛ս, այստեղ Հայաստան չէ։ Եթէ հայերէն տպարան հիմնել կ’ուզես` Հայաստան գնա [53]։
Այսպիսով, Այնթապի մէջ տպարան հիմնելու Քիւրքճեանի երկրորդ եւ վերջին փորձը եւս պսակուած է անյաջողութեամբ։
Վահան Մ. Քիւրքճեան - Բակուրան
Ծնած է Հալէպ, 19 Նոյեմբեր 1863-ին։ Մանկութեանը՝ ընտանեօք տեղափոխուած է Այնթապ, ուր աշակերտած է Յարութիւն վարժապետ Պօշկէզէնեանին, իսկ 1873-1877` Կիլիկիոյ գիշերօթիկ վարժարանին, ապա ուսուցչութիւն ըրած է Ներսէսեան վարժարանէն ներս։ 1880-1884 ուսանած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ։ Հիմնադիրներէն է Վարդանեան կրթարանի եւ վարած է անոր տնօրինութիւնը, իսկ 1897-1904` Կիպրոսի հայկական որբանոցի տնօրինութիւնը։ Վերջնականապէս հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ, Պոսթոնի մէջ հետեւած է Հարվըրտ համալսարանի գիշերային դասընթացքներուն եւ 1910-ին տեղւոյն համալսարանէն վկայուած է որպէս իրաւաբան։ Երկար տարիներ գործած է ՀԲԸՄ-ի եւ ազգային այլ կազմակերպութիւններու մէջ։ Աշխտակցած է հայ մամուլին։ Հրատարակած է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով 14 հատոր, մեծ մասամբ գրական եւ պատմական բովանդակութեամբ։ Մահացած է 20 Հոկտեմբեր 1961-ին, Նիւ Եորք [54]։
4) Առեւտրական տպարան` Աւետիս (Ալիշան) Խանծէտեանի եւ ընկերներու
Աւետիս (Ալիշան) Խանծէտեան (Խանզէտեան), քանի մը ընկերներով, 1909-ին կազմած է առեւտրական գործակցական ընկերութիւն մը, «Աւետիս Խանծէտեան եւ ընկերութիւն» անունով։ Խանծէտեանի կողքին, անոր հիմնադիրները եղած են՝ Թորոս Պիւլպիւլեան, Խորէն Վարժապետեան, Յակոբ Գապպէնճեան եւ Նազար Գվըրեան, որոնք մեծ մասամբ Վարդանեան կրթարանի նախկին սաներ էին։ Անոնք Այնթապի ամենաբանուկ պողոտային` Սու Պուրճույի վրայ հիմնած են առեւտուրի եւ մանրավաճառի խանութ մը, որ ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած էր «Դաշնակցականներու մաղազա» անունով, անոր համար, որ զայն բանեցնողները եղած են դաշնակցականներ։ Տարի մը ետք քանի մը հոգի բաժնուած են ընկերութենէն եւ գործին մէջ մնացած են Խանծէտեանն ու Վարժապետեանը, որոնք 8 Մարտ 1911-ին տպագրական մամուլ մը եւս բերելով՝ հաստատած են Առեւտրական տպարանը (Թիճարէթ մաթպաասը), որ սկզբնական շրջանին ունեցած է փոքրիկ ձեռնաշարժ մամուլ մը միայն [55]։
Ընկերութեան անդամները տպագրական գործին անծանօթ ըլլալով, նախապէս Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարանին մէջ աշխատած իրենց ծանօթներէն մէկը հրաւիրած են աշխատանքի, որ շրջան մը ստանձնած է գրաշարութեան պարտականութիւնը, իսկ 1913-ին Ընկերութեան նախկին անդամներէն Նազար Գվըրեան մեկնած է Հալէպ եւ մասամբ հմտացած է տպագրական աշխատանքներու մէջ։ Վերադարձին՝ հետը Այնթապ տարած է նախորդէն քիչ մը մեծ եւ ոտքով բանող տպագրական երկրորդ մամուլ մը։
Նորահաստատ տպարանին մէջ աշխատող առաջին աշակերտը եղած է Գրիգոր Ն. Պարոնեան [56]։
Ինչպէս ըսինք, տպարանը ունեցած է տպագրական երկու մեքենայ, մէկը` 22x32, իսկ միւսը 35x45 սմ. տպագրութիւններու յատուկ։ Վերջինը Այնթապի տպագրական ամենամեծ մեքենան էր եւ «առեւտրական գործերով ամենէն գործօնը» [57]։
Տպարանը սկզբնական շրջանին ունեցած է մեծ յաջողութիւն, բայց աւելի ետք Պալքանեան պատերազմի հետեւանքով առաջ եկած տնտեսական տագնապին պատճառով երբ չէ կրցած գանձել զանազաններէ իր 5-6000 օսմ. ոսկիի պահանջը, եւ տպարանի վարիչն ալ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ընկերութիւնը կազմալուծուած է եւ տպարանը՝ փակուած [58]։
Ժամանակակիցի մը գնահատումով, տպարանի հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն գիրերու տեսակները աւելի ճոխ եղած են, քան տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի տպարանի գիրերը, իսկ հրատարակութիւնները` «ըստ կարի մաքուր գործեր են»։
Առեւտրական տպարանը տպած է նամակագլուխներ, հրաւիրագրեր, վկայագրեր, տոմսակներ, այցեքարտեր, Օսմանեան դրամատան տեղւոյն մասնաճիւղի եւ վաճառականներու յատուկ այլազան թուղթեր, յայտագիրներ, ոսկեզօծ հարսանեկան հրաւիրագրեր եւ այլն [59]։
Վարժապետեան 1919-ին աքսորէ վերադառնալով, տիրացած է իրենց տպագրական մեքենային, եւ մինչեւ Այնթապի ինքնապաշտպանական կռիւներու սկիզբը (1 Ապրիլ 1920) շարունակած է պարապիլ տպագրական աշխատանքներով [60]։
Բացի ստորեւ նշեալ հայատառ գիրքերէն, 1914-ին տպարանին մէջ տպուած են հայատառ թրքերէն «Հագիգաթ» ամսագրի երկու թիւերը, ինչպէս նաեւ՝ Պայրամզատէ Հաճի Ապտուլլահ էֆենտիի օսմաներէն «Գոլերա» եւ «Աղզը տիւտիւքլիւ միքրոպլար» վերնագրերով թրքերէն լեզուով բժշկական գիրքերը [61]։
Աւետիս (Ալիշան) Խանծէտեան (Խանզէտեան)
Ծնած է Կիւրին, 1883-ին։ 1896-ին, որբանալով, մօրը հետ գաղթած է Այնթապ եւ 1903-ին շրջանաւարտ եղած է տեղւոյն Վարդանեան կրթարանէն [62]։ Անդամակցած է Այնթապի Վարդանեան վարժարանի Սանուց միութեան [63]: Դաշնակցական էր։ Ձերբակալուած է Այնթապի առաջին ձերբակալուողներու խումբին հետ, 6 Յուլիս 1915-ին եւ քշուած է բանտէ բանտ` Պերեճիք, Ուրֆա եւ հուսկ` Հալէպ, որուն բանտին մէջ մահացած է 1916-ին [64]։
Խորէն Վարժապետեան (Հրայր, Պապայեան)
Ծնած է Այնթապ, 1882-ին։ Հայրը` ուրֆացի, մայրը` այնթապցի։ Քանի մը տարի տեղւոյն Ներսէսեան վարժարանը յաճախելէ ետք, 1893-ին մտած է Ադենական վարժարան։ 1898-ին աւարտած է Վարդանեան կրթարանը, ապա մտած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ եւ պաշտօնավարած` Վարդանեան եւ Ներսէսեան կրթարաններէն ներս [65]։ Եղած է դաշնակցական եւ Հալէպէն զէնք ու փամփուշտ փոխադրած է Այնթապ [66]։ Ձերբակալուած է 6 Յուլիս 1915-ին եւ բանտարկուած՝ Հալէպի մէջ։ Նախ դատապարտուած է մահուան, ապա վճիռը փոխուած է 101 տարուան բանտարկութեան։ Բայց Մարտ 1917-ին բանտէն արձակուելով` յաջողած է անցնիլ Հոմս [67]։ Մաս կազմած է Այնթապի ինքնապաշտպանական մարտերու Զինուորական մարմնին։ Մահացած է Այնթապ, 5 Օգոստոս 1920-ին, թոքախտէ, եօթը ամիս հիւանդ տառապելէ ետք [68]։
Նազար Գվըրեան
Հալէպէն զէնք ու փամփուշտ տեղափոխած է Այնթապ [69]։
Յակոբ Գապպէնճեան
Ծնած է Այնթապ, 1889-ին։ 1903-ին շրջանաւարտ եղած է Այնթապի Վարդանեան կրթարանէն։ Երկու տարի պարապած է ուսուցչութեամբ, ապա դարձած է վաճառատան մը գրագիրը` մինչեւ 1915, երբ ընտանեօք աքսորուած են Համա։ 1918-ին կրկին վերադարձած են Այնթապ։ Որպէս Զինուորական Կեդրոնական մարմնի անդամ, գործօն մասնակցութիւն ունեցած է տեղւոյն ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Կիլիկիոյ հայաթափումէն առաջ հեռացած է Այնթապէն եւ ապաստանած` Դամասկոս, ուր եւս որոշակի դեր խաղացած է ազգային կեանքին մէջ։ Մահացած է 9 Դեկտեմբեր 1973-ին։ Ունեցած է գրական շնորհներ [70]։
1) [«Շրջաբերական կոնդակ ուղղուած Կիլիկեան ճեմարանին»]
Հեղինակ` Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան, Այնթապ, տպարան Առեւտրական, 14 Նոյեմբեր 1911, 1 մեծադիր էջ։
Սահակ Բ. կաթողիկոսի 11 Օգոստոս 1913 թուակիր եւ 237 թուահամար կոնդակն է, յղուած` Այնթապի Կիլիկեան ճեմարանին, անոր հիմնադրութեան առիթով։ Վերատպուած է հետեւեալ հատորին մէջ. «Կիլիկեան Ճեմարան Այնթապ-Կիլիկիա։ Առաջին տեղեկագիր 1912-1914», Կ. Պոլիս, տպագրութիւն՝ Յ. Մատթէոսեան, 1914, էջ 3-6 [71]։
2) «Համառօտ յայտագիր Կիլիկեան ճեմարանի»
Ա. տպագրութիւն, Այնթապ, տպարան Առեւտրական Աւետիս Խանծէտեան եւ ընկ., 1912։
Այս յայտագիրը շրջաբերական նամակներով ղրկուած է բոլոր թեմերուն, «հաղորդելով թիւերը ձրիավարժ սաներուն, որ պիտի ընդունուին թեմերէն - եթէ անոնց կեցութեան ծախքը հոգային պատկան թեմերը... [72]»:
Նոյնը երկրորդ անգամ տպուած է 1914-ին։
3) «Հիմնական կանոնագիր Վարդանեան ընթացաւարտից միութեան (Հիմնեալ 9/22 Յնվ. 1913)»
Հրատարակութիւն` նոյն միութեան, Այնթապ, տպարան Առեւտրական, 1913, 4 չհ. էջ, շարուածքը` 9.8x15.8 սմ.։
Վարդանեան Ընթացաւարտից միութեան կանոնագիրն է, առանձին գլուխներու բաժնուած։
Վարդանեան ընթացաւարտից միութիւն - Վարդանեան կրթարանի սանուց միութիւն
Հիմնուած է 9/22 Յունուար 1913-ին, Այնթապ գտնուող Կրթարանի շրջանաւարտներուն կողմէ [73]։
Միութեան զոյգ նպատակներէն մէկը եղած է իր ընթացաւարտներուն «մտաւոր եւ բարոյական զարգացման սատարել», որուն համար որոշած է օգտակար դասախօսութիւններ կազմակերպել եւ հրատարակութիւններ կատարել։
Միութիւնը իր եկամուտի տասը տոկոսը պիտի յատկացնէր զանազան ծախսերու եւ հրատարակութիւններու [74]։
4) «Յայտարարութիւն եւ հրաւէր Այնթապի Կիլիկեան ճեմարանի վարչութեան»
Հրատարակութիւն` Կիլիկեան ճեմարանի վարչութեան, Այնթապ, տպարան՝ Առեւտրական, 21 Սեպտեմբեր 1913, 1 էջ, շարուածքը` 17.8x20.6 սմ.։
Կիլիկեան Ճեմարանի վարչութեան յայտարարութիւնն է, ուր ըսուած է, որ Ճեմարանի բացման հանդիսութիւնը պիտի կայանայ 13/26 Հոկտեմբեր 1913-ին, նախագահութեամբ Գաղատիոյ (Անգարայի) առաջնորդ Բաբգէն Սրբազանի [Կիւլեսէրեան]։
Յայտարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղած է հասարակութեան` նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելու ձեռնարկին։
5) «Համառօտ յայտագիր Կիլիկեան ճեմարանի Այնթապ»
Հրատարակութիւն` Կիլիկեան ճեմարանի, թիւ 2, Այնթապ, տպարան Առեւտրական (Աւետիս Խանծէտեան եւ Ընկ.), 1914 [75]։
5) Տպարան Գէորգ Ս. Պալեանի
Հիմնուած է 1911-ին [76]։
Այս տպարանի գործունէութեան մասին եզակի տեղեկութիւն մը փոխանցած է Գարեգին քհնյ. Պօղարեան` Արշակ Ալպոյաճեանին յղած 21 Հոկտեմեբեր 1914 թ. տեղեկագիր-նամակով, որմէ կը քաղենք հետեւեալ մանրամասնութիւնները.
Գէորգ Ս. Պալեան երիտասարդը տեսնելով քաղաքին մէջ գործող Խանծէտեանց տպարանը, տպագրական մամուլ մը շինել տուած է տեղական պայմաններով եւ մօտ տարի մը բանեցուցած է զայն մերթ Սահաթճի Րիւշտի խոճայի եւ մերթ այլ թուրքի մը ընկերակցութեամբ։ Պալեան անծանօթ եղած է տպագրական գործին, գրաշարութիւն չէ գիտցած, այլ եղած է տպագրական մեքենան շինել տուողն ու գործածող վարպետը։ Իր մասին խօսքը փոխանցենք Գարեգին քհնյ. Պօղարեանին. «... Հազիւ տարի մը կաղնիկաղ շարունակեց. [տպագրական] մամուլը մեծ մասով տախտակեայ ըլլալէն, ամառը կը թուլնար ձմեռը ուրիշ տեսակ կ’ըլլար եւ չէին կրնար շնորհքով գործ մը արտադրել. վերջապէս երեսի վրայ թողուցին...» [77]։
Մինչեւ 1913, այս տպարանին մէջ տպուած են օսմաներէն հեռագրական գործակալութեան լուրերը` «Օսմանլը աժանս» կամ «Թելեկրաֆ հաւատիսլէր» [78] անուններով։
6) Տպարան Հաւատիս
Պատկանած է տեղացի թուրքի մը` Րիւշտի խոճային, ծանօթ նաեւ՝ Սահաթճի Րիւշտի էֆենտի անունով։ Եղած է անձնական ձեռնարկ։ Րիւշտի էֆենտի, 1912-ին, եւրոպական տպագրական փոքրիկ մամուլ մը Այնթապ բերելով, հիմնած է «Հաւատիս մաթպաասըն»` «Տպարան հաւատիս»ը, որ եղած է Այնթապի մէջ հիմնուած 4-րդ տպարանը։ Խոճան արհեստով եղած է ժամացոյց ծախող եւ նորոգող, բայց միաժամանակ զբաղած է գրավաճառութեամբ եւ «ձեռքին տակ մէկ-երկու աշակերտ ունի եւ տպագրութիւնն ալ յառաջ կը տանի» [79]։
Ըստ Տէր Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի 21 Հոկտեմբեր 1914 թուակիր նամակ-տեղեկագրին` այս տպարանը կը տպէր օսմանեան գործակալութեան օրուան հեռագիրները` «Օսմանլը աժանս»ը կամ «Թելեկրաֆ հաւատիսլէր»ը։ Տպած է նաեւ տեղական կառավարութեան եւ Իթթիհատ կուսակցութեան մասնաճիւղի ծանուցումները։
Տպարանը ունեցած է միայն արաբերէն տառեր [80], բայց եւ այնպէս հայկական աղբիւրներու մէջ յիշուած են այնտեղ տպագրուած քանի մը հայատառ հրատարակութիւններ, որուն համար ալ զայն դասած ենք քաղաքի հայկական տպարաններու շարքին։
7) Կիլիկեան Ճեմարանի տպարան հիմնելու ծրագիր
Կիլիկեան ճեմարանի հիմնադրութենէն ետք (13/26 Հոկտեմբեր 1913) նուիրահաւաք կատարուած է, եւ եգիպտաբնակ երկու այնթապցիներ, Վարդանեան կրթարանի շրջանաւարտներ՝ վաճառական Յարութիւն Ճեպեճեան (եւ եղբայրը՝ Արմենակ) եւ բժ. Նազարէթ Քեչեճեան [81] խոստացած են տպագրական մամուլ մը նուիրել ճեմարանին։ Բանասէր Գրիգոր Պօղարեան հաւանական նկատած է, որ անոնց նուիրելիք տպարանը 1897-ին Կիպրոսի մէջ Վահան Քիւրքճեանի հիմնած Կրթարան-որբանոցի տպագրական մամուլը եղած ըլլայ, որ 1904-ին Վահան Քիւրքճեանի միջնորդութեամբ վաճառուած էր Գահիրէի «Լուսաբեր» թերթին ու տեղափոխուած` Գահիրէ։ Զոյգ նուիրատուները Այնթապի Վարդանեան կրթարանին մէջ եղած էին Քիւրքճեանի աշակերտները եւ անոր Գահիրէ տեղափոխուելէն ետք՝ զօրավիգ ու պաշտպան կանգնած էին անոր [82]։
Կիլիկեանի հոգաբարձութիւնը առիթով մը խօսելէ ետք Վարժարանի այլեւայլ պէտքերուն մասին, նշած է հետեւեալը. «Առաջադրութիւններ եւ պէտքեր. …Առաջադրած ենք ունենալ Ճեմարանի յատուկ տպարան մը, ուսուցչաց աշխատութիւններն ի լոյս ընծայելու, ուսանողաց խմբագրած «Կիլիկիա» թերթը տպելու, ինչպէս նաեւ հաստատութեանս վերաբերեալ տպագրական գործերու համար։ Այս նպատակի համար պէտք կայ 400-500 ոսկիի» [83], եւ առ այդ խնդրուած է հանրութեան օժանդակութիւնը։
Հաւանական է, որ իրականանար Կիլիկեան ճեմարանի տպարանի այս ծրագիրը, եթէ վրայ չհասնէր 1915 թուականը։
Կիլիկեան ճեմարան (Կիլիկեան բարձրագոյն գիշերօթիկ վարժարան)
Հիմնուած է 13/26 Հոկտեմբեր 1912-ին եւ նոյն տարին ունեցած է 55 ուսանող, բայց պաշտօնական բացումը կատարուած է 13/26 Հոկտեմբեր 1913-ին, հայ գիրերու գիւտի եւ տպագրութեան յոբելինական հանդիսութիւններու փակման զուգընթաց։ Վարժարանը ունեցած է գիշերօթիկ բաժին, ֆութպոլի խումբ եւ այլն։ Վարժարանի տեսչութիւնը վարած է Արմենակ Չամիչեան։ Ան ունեցած է կարճատեւ կեանք եւ ապրած է մինչեւ 1915 [84]։
8) Տպարան Բիւզանդ Թօփալեանի
Բանաստեղծ Բիւզանդ Թօփալեան, Այնթապի 1920-1921 թուականներու ինքնապաշտպանական մարտերու աւարտէն ետք, գնած է հայու մը պատկանած ձեռնամամուլ մը եւ հաստատած է տպարան մը, եւ... «իրենց գրաշարական համեստ փորձառութիւնը մէկտեղած կը սկսին տպել առեւտրական, դպրոցական, միութենական պաշտօնաթուղթեր, յայտարարութիւններ ու տոմսեր...» [85]։
Ըստ երեւոյթին, այս տպարանին մէջ գիրքեր կամ գրքոյկներ չեն տպագրուած, այլ միայն ընթացիկ գործեր։
Բիւզանդ Թօփալեան
Ծնած է 1902-ին, Այնթապ, ուր ստացած է ուսումը՝ Ներսէսեան վարժարանէն։ 1915-ին զերծ մնացած է աքսորէ, որովհետեւ հայրը եղած է պետական պաշտօնեայ։ Այնթապի հայաթափումէն ետք շրջան մը ապրած է Հալէպ, ուր 1924-1930՝ իր Համբարձում եղբօրը հետ բանեցուցած է «Արաքս» տպարանը եւ տպած է աւելի քան 30 հայերէն գիրքեր։ 1930-ին անցած է Բարիզ, ուր եւս շարունակած է տպարանական աշխատանքը նոյնանուն տպարանէն ներս, լոյս ընծայելով տասնեակ հայերէն գիրքեր [86]։ Հրատարակած է ինքնագիր բանաստեղծութիւններու վեց եւ ֆրանսերէն լեզուով երկու ժողովածուներ։ Գրականութեան կողքին, պարապած է նկարչութեամբ եւ տուած է անհատական բազմաթիւ ցուցահանդէսներ։ Մահացած է Բարիզ, 1970-ին [87]։
1921-ին, Այնթապի հայաթափումով, Այնթապէն Հալէպ տարուած են տեղւոյն երեք տպարաններէն երկուքի տպարանական սարքերը [88], որոնցմէ մէկը եղած է տառերով աղքատ տպագրական փոքրիկ մամուլ մը, որ Հալէպի մէջ գործած է «Չերչեան տպարան-գրատուն», իսկ աւելի ետք` «Ճիզմէճեան տպարան» անուններով։ Մեզի անծանօթ կը մնայ, թէ Այնթապի ո՞ր տպարաններու սարքերուն մասին է այս յիշատակութիւնը [89]:
- [1] Գէորգ Ա. Սարաֆեան (աշխատասիրեց ու խմբագրեց), «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», հրատարակութիւն Ամերիկաբնակ այնթապցիներու միութեան, Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա, 1953, Ա. հատոր` ԼԲ., 1088 էջ, Բ. հատոր` ԼԲ., 806 էջ։
- [2] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր` «Այնթապցիներու տուրքը տպագրութեան, հայ մամուլին, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթին», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974, 260 էջ, Բ. հատոր` «Մահարձան. Մահագրութիւններ, դամբանականներ եւ կենսագրական նօթեր», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974 (շապիկին վրայ` 1975), 751, 1 չհամարակալուած էջ)։
- [3] Հրատարակուած է ընդհատումներով Նիւ Եորքի «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթարթին մէջ, ԻԸ. տարի, թիւ 4, 28 Յունուար 1928-ԾԸ. տարի, 20 Սեպտեմբեր 1958, թիւ 38։
- [4] Հրատարակուած է իր զաւկին` Գրիգոր Պօղարեանի վերոնշեալ գործի Ա. հատորին մէջ, էջ 17-21։
- [5] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Պզտիկ ոդիսական մը, եւ անկէ յետոյ», տես` «Հայաստանի կոչնակ», Նիւ Եորք, ԻԸ. տարի, թիւ 48, 1 Դեկտեմբեր 1928, էջ 1517։ Նաեւ` նոյն, ԼԷ. տարի, թիւ 22, 29 Մայիս 1937, էջ 528։ Գրիգոր Պօղարեան, «Ադենական վարժարան», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 740։
- [6] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 846։
- [7] Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն», հրատարակութիւն` Մարաշի հայրենակցական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներ, Ամերիկա, Նիւ Եորք, տպարան Կոչնակ, 1934, էջ 503։
- [8] Ս[արգիս] Լալէեան, «Տպարան Կ. Թ. Գոլէճի», տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 22։
- [9] Արշակ Ալպօյաճեանին յղուած Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի 21 Հոկտեմբեր 1914 թուակիր նամակէն եւ Գրիգոր Պօղարեանի մեկնութիւններէն, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 17-18։
- [10] Ս[արգիս] Լալէեան, «Տպարան Կ. Թ. Գոլէճի», տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 22։ Արշակ Ալպօյաճեանի վերոնշեալ նամակը եւ Գրիգոր Պօղարեանի մեկնութիւնները, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 17-18։
- [11] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 821։
- [12] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Գոլէճէն դուրս», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 34, 25 Օգոստոս 1928, էջ 1072։
- [13] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Պզտիկ ոդիսական մը…», էջ 1517։
- [14] Ս[արգիս] Լալէեան, «Տպարան Կ. Թ. Գոլէճի», տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 22։ Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը եւ Գրիգոր Պօղարեանի մեկնութիւնները, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 17-18։
- [15] Ս[արգիս] Լալէեան, «Տպարան Կ. Թ. Գոլէճի», տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 24։
- [16] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը եւ Գրիգոր Պօղարեանի մեկնութիւնները, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 17-18։
- [17] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 845։
- [18] Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ...», էջ 509։
- [19] Նոյն, էջ 504։
- [20] Արշակ Ալպոյաճեան, «Հայերը եւ տպագրութիւնը», տե՛ս «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթոն, Ժ. տարի, թիւ 9 (117), Յուլիս 1932, էջ 89:
- [21] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 19։
- [22] Տպարան գոլէճի Հալէպի գործունէութեան մասին տե՛ս Հայկ Պարիկեանի եւ Յովնան Վարժապետեանի «Պատմութիւն Սուրիոյ հայ տպարաններու», հրատարակութիւն՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մատենագիտական յանձնախումբի, Հալէպ, 1973, էջ 26-29, ուր տրուած է նաեւ անոր տպագրած 22 գիրքերուն ցանկը։
- [23] «Ձայն մը անցեալէն (Կեանքի խոհեր)», Նիւ Եորք, 1927, էջ 7-10։ Նաեւ` Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ...», էջ 508։
- [24] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 714։
- [25] Տիգրան Ճեպեճեան, «Ապրուած օրեր հայասպանութենէն (Տէր Զօր, 1915)», Հալէպ, հրատարակութիւն՝ Վիոլետ Ճեպեճեան գրադարանի, 2001, էջ 19-21։
- [26] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 28։
- [27] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Պզտիկ ոդիսական մը…», էջ 1517։
- [28] Նոյն տեղը։
- [29] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20։
- [30] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի եւ հայատառ թուրքերէն պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1727-1968)», Կ. Պոլիս, 2005, էջ 317։
- [31] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20, թիւ 8։
- [32] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի...», էջ 317։
- [33] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20։
- [34] Յ. Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերեն գրքերի մատենագիտություն 1727- 1968», Գիտութիւնների ակադեմիայի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1985, էջ 163, եւ Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 321։
- [35] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20։
- [36] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 321։
- [37] Թէոդիկ (հաւաքեց ու խմբագրեց), «Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի», Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Օ. Արզուման, 1919, էջ 71, նաեւ` Կարապետ Մ. Միսիրեանի անվերնագիր յօդուածը, տե՛ս «Կոչնակ», Նիւ Եորք, 18-րդ տարի, թիւ 44, 3 Նոյեմբեր 1918, էջ 1729։
- [38] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20: Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», 2005, էջ 320։
- [39] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 320։
- [40] Թէոդիկ, «Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի», էջ 86։
- [41] Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ…», էջ 507, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 859։
- [42] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 858-859։ «Ալեքսան Պէզճեանի ինքնակենսագրականը», տես՝ «Հայուն հարեցոյցը. Հայկական վերածնունդ», 4-րդ տարի, Կ. Պոլիս, 1914, էջ 187-189։
- [43] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20։ Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 333։
- [44] Թէոդիկ, «Յուշարձան Ապրիլ տասնըմէկի», էջ 71, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 549, 831, 837, 860, նաեւ` Գր[իգոր] Հ. Գալուստեան [Կիլիկեցի], «Մարաշ կամ Գերմանիկ…», էջ 509։
- [45] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Վարդանեան կրթարանը ի՛նչպէս հիմնուեցաւ», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 41, 13 Հոկտեմբեր 1928, էջ 1297։
- [46] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 457, Վ. Մ. Քիւրքճեանի յօդուածը։
- [47] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 24։
- [48] Սեդրակ Կ. Մաթոսեան, «Այնթապի Քրիստոսասիրաց ընկերութիւն 1896-1935», Հալէպ, տպագրութիւն Ա. Տէր Սահակեան, 1935, էջ 29-31, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 206-210, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 646-647։
- [49] Վեր. Եղիա Ս. Քասունի, «Լուսաշաւիղ», Պէյրութ, 1947, էջ 425, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 24, նաեւ` Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 342:
- [50] Յասմիկ Ա. Ստեփանեան, «Հայատառ թուրքերէն գրքերի…», էջ 342, նաեւ` Օ. Գյուլումյան, Ա. Ադամյան, Ս. Թադեւոսյան, Ա. Սավալյան, Մ. Սողոմոնյան, Ա. Սահակյան, «Հայ գիրքը 1901-1920 թվականներին», Երեւան, «Գիրք» հրատարակչութիւն, 2007, էջ 590։
- [51] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Ֆրանսայի ճամբով», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԼԲ. տարի, թիւ 2, 9 Յունուար 1932, էջ 44։
- [52] Նոյն, «Ազգային յուշեր. Վարդանեան կրթարանի ներսն ու շուրջը», տե՛ս «Հայաստանի կոչնակ», ԻԸ. տարի, թիւ 46, 17 Նոյեմբեր 1928, էջ 1457, նաեւ` նոյն, «Ազգային յուշեր. Պզտիկ ոդիսական մը…», էջ 1517, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 630, իր ինքնակենսագրականը։
- [53] Վ. Մ. Քիւրքճեան, «Ազգային յուշեր. Պզտիկ ոդիսական մը…», էջ 1517-1518։
- [54] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 630-634, իր ինքնակենսագրականը, նաեւ` Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, «Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար», Բ. հատոր, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1986, էջ 648-649, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 683-690։
- [55] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 21, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 292, նաեւ` Արշակ Ալպոյաճեան, «Հայերը եւ տպագրութիւնը», «Հայրենիք» ամսագիր», Ժ. տարի, թիւ 9 (117), Յուլիս 1932, էջ 88։
- [56] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 292։
- [57] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 21։
- [58] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Բ. հատոր, էջ 292։
- [59] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20-21։
- [60] Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1898-1922», հրատարակութիւն Զաւարեան Միութեան, Հալէպ, տպագրութիւն «Տիգրիս», 1957, էջ 290-291։
- [61] Գարեգին քհնյ. Պօղարեանի վերոնշեալ նամակը, տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 21։
- [62] «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», Այնթապ, 1914, էջ 7, նաեւ` Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 290, 305, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 990։
- [63] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 103, 134:
- [64] Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 305, նաեւ` Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 990։
- [65] Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 289-293, նաեւ` «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», էջ 6, նաեւ` Ա. Կեսար, «Այնթապի գոյամարտը», Պոսթըն, Մէս., տպարան «Հայրենիք»ի, 1945, էջ 152-153։
- [66] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 1007-1008։
- [67] Գէորգ Յ. Պարսումեան, «Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան…», էջ 290-291, նաեւ` Հ., «Խորէն Վարժապետեան», «Ճակատամարտ» օրաթերթ, Կ. Պոլիս, նոր շրջան, 10-րդ տարի, թիւ 592 (2412), 29 Հոկտեմբեր 1920, էջ 2, նաեւ` Արամ Անտոնեան, «Բարսեղ Շահպազ», «Վերածնունդ» տարեցոյց, Ա. տարի, Բարիզ, 1920, էջ 169-170։
- [68] Գ. Պօղարեան, «Անձի կորուստը…», տե՛ս «Հայ Անթէպ», Պէյրութ, Ը. տարի, թիւ 3 (27), 1967, էջ 19։
- [69] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 1007-1008։
- [70] Նոյն, Բ. հատոր, էջ 641, նաեւ` «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», էջ 7, Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 413-416։
- [71] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20, թիւ 2։
- [72] Գրիգոր Պօղարեան, «Կիլիկեան Ճեմարան (1912-1915)», տե՛ս Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 782, նաեւ` Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20, թիւ 1։
- [73] «Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ», էջ 13-14։
- [74] «Հիմնական կանոնագիր Վարդանեան ընթացաւարտից միութեան», Այնթապ, տպարան Առեւտրական, 1914, էջ 2, 4։
- [75] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 20։
- [76] Արշակ Ալպոյաճեան, «Հայերը եւ տպագրութիւնը», «Հայրենիք» ամսագիր», Ժ. տարի, թիւ 9 (117), Յուլիս 1932, էջ 88։
- [77] Նամակը տե՛ս Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 19։
- [78] Նամակը տե՛ս նոյն, էջ 21։
- [79] Նամակը տե՛ս նոյն, էջ 19։
- [80] Նամակը տե՛ս նոյն, էջ 21։
- [81] Աղբիւրներու մէջ մերթ ըսուած է, որ տպարանը խոստացած էին նուիրել Յարութիւն Ճեպեճեան եւ բժ. Նազարէթ Քեչեճեան (Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Բ. հատոր, էջ 547) եւ մերթ ըսուած է, որ զայն խոստացած էին Յարութիւն եւ Արմենակ Ճեպեճեան եղբայրները (Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 796)։
- [82] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 41, նաեւ՝ Բ. հատոր, էջ 547։
- [83] Կիլիկեան ճեմարան Այնթապ-Կիլիկիա, «Առաջին տեղեկագիր 1912-1914», Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Յ. Մատթէոսեան, 1914, էջ 85:
- [84] Գէորգ Ա. Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, էջ 775-797, Գրիգոր Պօղարեանի յօդուածը։
- [85] Գր. Պօղարեան, «Աւետիս Տէր Սահակեան (1900-1973)», տե՛ս «Նոր Այնթապ», Պէյրութ, ԺԴ. տարի, թիւ 1-2 (53-54), 1973, էջ 99-100:
- [86] Հայկ Պարիկեան-Յովնան Վարժապետեան, «Պատմութիւն Սուրիոյ հայ տպարաններու», էջ 38:
- [87] Գրիգոր Պօղարեան, «Այնթապականք», Ա. հատոր, էջ 163-166։
- [88] Նոյն, էջ 25:
- [89] Նոյն, էջ 28:


































