Մուսա Լեռ – Գաղթ
Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 10/09/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/09/24), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Սաստիկ աղքատութիւնը, զուգորդուած տագնապալի ընկերային-քաղաքական գործօններու հետ, ստիպեց, որ մուսալեռցիներու որոշ թիւ մը այլուր որոնէ աւելի լաւ կենցաղային պայմաններ: Ճորճ Ֆիլեան, Անտիոքի վաղ բնակիչներէն մէկը, դարձաւ «դրամատէր եւ վաճառական.... Միլիոնաւոր տոլարներ անցան իր ձեռքը, եւ կը նկատուէր քաղաքին ամենահարուստ մարդոցմէն մէկը: Տարածուած առածը կ’ըսէր. «Եթէ կրնաս Միջերկրականը ցամքեցնել` կրնաս Ֆիլեանի դրամը ցամքեցնել»»: Սակայն պատահեցաւ անհաւատալին, երբ ի վերջոյ «կորսնցուց իր ամբողջ հարստութիւնը ուրիշներու ձախողութեան պատճառով, անդառնալիօրէն սնանկացաւ, եւ շատ ծեր էր իր դիրքը վերագտնելու համար, եւ ինկաւ աղքատ եւ սրտաբեկ ծերունիի մը վիճակին մէջ: Իր Միջերկրականը անսպառ չէր» [1]: Ինչ կը վերաբերի գաղթի առաջին ծանօթ ալիքին, այն տեղի ունեցաւ 1860-ական թուականներուն, երբ Պիթիասէն 45 հոգինոց խումբ մը տեղափոխուեցաւ Անտիոք [2]: Մուսա Լերան այլ պզտիկ գաղութներ արմատ նետեցին Իսկենտերուն, Փայաս, Ուրֆա, Հալէպ, Եթովպիա եւ այլուր [3]:
Հետաքրքրական է, որ 1909-էն 1912 թուականներուն միջեւ, քափուչին միսիոնարները Խտըր Պէկէն, Եողուն Օլուքէն եւ Վաքըֆէն քսանչորս երիտասարդ աղջիկներ ղրկեցին Լիբանան՝ որպէս սպասուհի կամ օգնական ծառայելու արաբ քրիստոնեայ ու եւրոպացի ընտանիքներու կամ գործատեղիներու մէջ, իսկ ոմանք՝ կուսան դառնալու: Այս աղջիկներուն տարիքը 1911-ին տատանուած է 8-էն 20 տարեկանի միջեւ՝ միջին հաշուով 13,8, իսկ 1912-ին՝ 8-էն 13 տարեկանի միջեւ՝ միջին հաշուով 10,8 [4]: Միայն քանի մը աղջիկներ տուն վերադարձան 1914-ին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն առաջ, մէկը փախաւ հիւրընկալ ընտանիքէն, իսկ մեծամասնութեան ճակատագիրը կը մնայ անյայտ [5]: «Արեւելքի Լեգէոն»ի կամաւորներ Յաբէթ Թասլաքեան եւ զարմիկը՝ Յակոբ Թասլաքեան, 1918-ի վերջը կամ 1919-ի սկիզբը Կիլիկիա իրենց տեղակայման ընթացքին փնտռեցին իրենց քոյրերը Պէյրութի կուսանոցի մը մէջ: Յաբէթի քոյրը՝ կուսան դառնալու համար 1912-ին Պէյրութ ղրկուած Մարի եղբօր հետ վերադարձաւ Մուսա Լեռ: Տեղեկութիւնները կը պակսին Յակոբի երկու քոյրերու ճակատագրին մասին [6]:
Հետեւեալ պարագաները գաղափար մը կու տան այն գումարին եւ վճարման եղանակին մասին, որ այս աղջիկները կը ստանային: Էլմազը (Էլմաստ) վաստակեցաւ օրիորդ Տուժէ անունով մէկէն 1,5 մեճիտիէ ամսական՝ 1911-12 թուականներուն, եւ 2 մեճիտիէ ամսական՝ 1912-էն մինչեւ Փետրուար 1913, ընդհանուրը՝ 56 մեճիտիէ (237,70 ֆրանսական ֆրանք) [7]: Իպրահիմ եւ Էմիլի Եարէտի մօտ 31,5 ամիս (24 Հոկտեմբեր 1911-էն մինչեւ իր մեկնումը 15 Յունիս 1914-ին) աշխատած Իրանուհի (Երանուհի) աշխատանքը ձգելէն ետք անմիջապէս ստացաւ 50 ֆրանք, մինչ յաւելեալ 220 ֆրանք ի պահ դրուեցաւ իր անունով «Սուրբ Աննա»յի մօտ (չճշդուած կրօնական հաստատութիւն մը) [8]: Խտըր Պէկէն մարդ մը 21 Օգոստոս 1914-ին խնդրեց որ իրեն հրատապ վճարուի 25 լիրա՝ իր քրոջ՝ Իսքուիի (Իսկուհի) ծառայութիւններուն դիմաց, որոնք մատուցուած էին պրն. Քրուազա անունով անձի մը, սակայն Իսկուհի մերժեց համաձայնիլ իր եղբօր պահանջին՝ հետեւելով իր գործատիրոջ խորհուրդին [9]:
Գաղթ դէպի Ամերիկաներ
Անտիոքի շրջանէն դէպի Ամերիկաներ գաղթը շատ սակաւաթիւ էր մինչեւ 1900-ականները: Ամենավաղ գաղթականը թերեւս եղած ըլլայ Յարութուն/Յարութիւն Ճորճ Ֆիլեանը, որ Նիւ Եորք ժամանեց 4 Յուլիս 1878-ին՝ իր ուսումը շարունակելու: «1879-ին ան ընդունուեցաւ Օպըրլին գոլէճ. 1880-ին մտաւ Նիւ Եորքի Միացեալ աստուածաբանական ճեմարանը: Հոն ուսումնասիրեց Աստուածաշունչը, ապա ուսումը շարունակեց Շիքակոյի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Ան շրջանաւարտ եղաւ 1882-ին, որմէ ետք ձեռնադրուեցաւ Ժողովական եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասախօսեց արեւելեան եւ միջինարեւմտեան նահանգներուն մէջ»: Ան հինգ անգամ վերադարձաւ Օսմանեան կայսրութիւն՝ աւետարանչական քարոզութիւն ընելու, Մարզուանի մէջ եկեղեցի մը հիմնելու եւ ամուսնանալու համար: Միացեալ Նահանգներու մէջ ան հրատարակեց երկու գիրք՝ Armenia and Her People: Or the Story of Armenia by an Armenian (1896) եւ Երկնային լոյսեր (1931): Ժողովականէն Երիցական եկեղեցի փոխադրուելէ ետք, ան 1900-ին կառուցեց առաջին հայ երիցական եկեղեցին Ֆրեզնոյի մէջ, Քալիֆորնիա: Երեք տարի ետք ան հաստատուեցաւ մօտակայ Փարլիըրի մէջ գտնուող ագարակ մը եւ նուիրուեցաւ հողագործութեան [10]:
Յարութիւնի եղբօրորդին՝ Լեւոն Պարգեւ Ֆիլեան փախաւ Օսմանեան կայսրութենէն 1890-ականներու կէսերու ապտուլհամիտեան ջարդերու ընթացքին եւ Անգլիոյ մէջ գտնուող բարեկամներու օգնութեամբ կտրեց Ատլանտեանը՝ Նիւ Եորք հասնելու համար [11]: Մեճեսթիք նաւով ան Էլլիս Այլընտ ժամանեց 14 Հոկտեմբեր 1896-ին [12], եւ կարճ ժամանակ ետք գործ գտաւ «Reeves Pulley Co., the National Tin Plate Co. at Anderson, and then with Reeves & Co.» ընկերութեան քով՝ Գոլոմպոս, Ինտիանայի նահանգ [13]: Միեւնոյն ժամանակ ան հայկական հարցերը կը ծանօթացնէր ամերիկացիներուն: Օրինակ, 31 Յուլիս 1897-ին ան դասախօսեց Քրիստոնեայ Կիներու Առաքելութեան Խորհուրդի հաւաքի մը ընթացքին «Օսմանցի թուրքերուն դէմ հայկական դատը պաշտպանելու մասին» [14]: Ի վերջոյ ան արձանագրուեցաւ Լեքսինկթընի (Քենթըքի) Աստուածաշնչեան դպրոցը՝ հոգեւորական դառնալու համար: Որպէս այդպիսին, ան «քարոզեց Ինտիանայի գրեթէ իւրաքանչիւր քաղաքին մէջ» [15]:
Աբրահամ Սեքլեմեան. Ճամբորդութիւն Պիթիասէն Ֆրեզնօ
Ամենաառաջին եւ ամենանշանաւոր գաղթականներէն մէկն էր Աբրահամ Կ. Սեքլեմեան, ծնած Պիթիասի մէջ՝ 1864-ին: Տեղւոյն բողոքական դպրոցը յաճախելէ ետք, ան արձանագրուեցաւ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ 1885-ին: Այդ ամառ ան հրաւիրուեցաւ ստանձնելու Կարին/Էրզրումի (Արեւմտեան Հայաստան) մանչերու բողոքական բարձրագոյն վարժարանին տնօրէնութիւնը: 1888-ի Ապրիլին, տնօրէն եղած ատեն, ձերբակալուեցաւ ապստամբական գործունէութեան կասկածանքով ու նետուեցաւ զնտան, ուր ենթարկուեցաւ սոսկալի տանջանքներու՝ մեկուսի բանտախուցի մը մէջ: Շնորհիւ բողոքական միսիոնարներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին միջնորդութեան, 1889-ի Փետրուարին ան «աքսորուեցաւ» Կոստանդնուպոլիս, ուր բանտը մնաց մինչեւ Մայիսի կէսերը, ապա ազատ արձակուեցաւ, սակայն դատապարտուեցաւ քաղաքի սահմաններուն մէջ մնալու: Հոս ան աշխատեցաւ Աստուածաշունչի Տան համար՝ իբրեւ թարգմանիչ, խմբագիր եւ թղթակից քարտուղար: Ան ներգրաւուած էր Ռոպերթ գոլէճի գործունէութեան մէջ: Ան նաեւ ամուսնացաւ, ունեցաւ երկու զաւակ եւ հրատարակեց երեք գիրք: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Եկեղեցւոյ առաջին հայրերէն Յովհան Ոսկեբերանին (մօտ. 349-407), զոր Սեքլեմեան կը նկատէր հայրենակից՝ իր կեանքին մէկ մասը Պիթիասի մէջ անցուցած ըլլալուն համար [16]:
1896-ին Սեքլեմեանները գաղթեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Նիւ Եորքի մէջ կարճ կեցութենէ մը ետք, տեղափոխուեցան Նիւ Քեսըլ, Փենսիլվանիա, ուր Աբրահամի եղբայրներէն մէկը՝ Սամուէլ, արդէն հաստատուած էր եւ կը ղեկավարէր լուսանկարչութեան եւ արուեստի արուեստանոց մը Նորթ Միլ փողոցին վրայ (միւս եղբայրը՝ Բենիամինը, կ’ապրէր Պաթլըր, Փենսիլվանիա): Նիւ Քեսըլի մէջ գտնուած ատեն, Աբրահամ գրեց անգլերէն գիրք մը The Golden Maiden and Other Folk Tales and Fairy Stories Told in Armenia վերնագրով [17]: Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու վիճակին մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու համար, ան նաեւ դասախօսութիւններ տուաւ Փենսիլվանիոյ եւ Օհայոյի ամերիկեան եկեղեցական լսարաններուն մէջ: Այդ ձեռնարկներուն ատեն ան կատարեց դիմումներ, որոնց շնորհիւ ընդունուեցան հայոց աջակցութեան բանաձեւեր [18]: 1897-ին Սեքլեմեանները տեղափոխուեցան Շիքակօ, Իլլինոյս, սակայն անկարող ըլլալով պատշաճ կենսամիջոց ապահովել եւ դիմանալ խիստ եղանակին, ի վերջոյ հաստատուեցան Ֆրեզնոյի մէջ 13 Յուլիս 1898-ին [19]:
Ֆրեզնոյի մէջ առաջին չորս տարիները նիւթապէս բարւօք չեղան Սեքլեմեաններուն համար: Աբրահամ փորձեց զանազան գործեր, սակայն ձախողեցաւ: Անոր որդիներէն մէկը՝ Արմէն (ծնած 1896-ին Նիւ Քեսըլի մէջ) կը գրէ գործի ձեռնարկի մը մասին, որ իր նախադէպերն ունեցած էր Մուսա Լերան մէջ.
«Հօրս առաջին գործի փորձը եղաւ մետաքսի մշակումը: Պիթիասի մէջ պատանի եղած ատեն ան աշխատած էր թթենիի տերեւներ հաւաքելով եւ մետաքսի որդերը կերակրելով: Տեսնելով որ Ֆրեզնոյի եղանակը նման էր իր ծննդավայրի եղանակին, ան խորհրդատւութիւն խնդրեց Առեւտուրի պալատէն եւ Նահանգային առեւտուրի խորհուրդէն....
Յաջորդ գարնան (1899) հայրս սկսաւ մետաքսի մշակութեան՝ վարձելով երկյարկանի պարապ տուն մը քաղաքին ծայրը եւ զայն բոժոժանոց դարձնելով: Ան այնքան յաջող էր բոժոժներու բուծման մէջ, որ ծրագրեց գործարան մը հաստատել, սակայն դժբախտաբար, զինք ֆինանսաւորելիք ընկերութիւնը սնանկացաւ, եւ հօրս ծրագիրները փուլ եկան: Ան կորսնցուց իր բոլոր բոժոժները, քանի որ անկարող էր զանոնք վաճառելու այդ ժամանակ» [20]:
Բախտը սկսաւ աստիճանաբար բացուիլ, երբ Աբրահամ դարձաւ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի ապահովագրութեան եւ անշարժ գոյքի գործակալ Ֆրեզնոյի շրջանին համար: Սակայն, անոր սիրտն ու միտքը կապուած էին իր ժողովուրդին: Ան ներգրաւուեցաւ համայնքային գործունէութեան մէջ՝ իբրեւ ընդունակ բանախօս, հանդիսավար, պատմող եւ դրամահաւաքի կազմակերպիչ: Աւելին, ան օգնեց հետզհետէ բազմացող հայ գաղթականներուն՝ թարգմանութիւններով, նոտարական թղթավարութիւններով եւ աշխատանքի հնարաւորութիւններու խորհուրդներով [21]: Ան նաեւ կ’երազէր թերթ մը հրատարակել՝ հայ ընթերցող հասարակութեան կարիքները բաւարարելու համար: Անոր փափաքը իրականացաւ, երբ ան համահիմնադրեց եւ խմբագրեց (14 Օգոստոս 1908-էն մինչեւ 6 Յունուար 1913) «Ասպարէզ» թերթը, որ կը շարունակէ հրատարակուիլ Լոս Անճելըսի մէջ՝ իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան շրջանի պաշտօնաթերթը [22]: Ի թիւս այլոց, թերթը կը պարունակէր բազմաթիւ յօդուածներ Մուսա Լերան մասին: Սեքլեմեան հրատարակեց համառօտ պատմութիւն մը իր ծննդավայրի կեանքին մասին՝ քարտէսի մը հետ [23], որ հաւանաբար ինք գծած էր՝ նկատի առնելով քարտէսագրութեան իր գիտելիքները [24]: Ան նաեւ պէտք է եղած ըլլայ հիմնական, եթէ ոչ գլխաւոր, շարժիչ ուժերէն մէկը դրամահաւաքի արշաւի մը՝ օգնելու համար նիւթական դժուարութիւններ ունեցող եւ սովահար հայրենակիցներուն՝ Անտիոքի շրջանի 1909-ի ջարդերէն ետք: «Ասպարէզ»ի էջերուն մէջ հրապարակուեցան hաւաքուած գումարները, ինչպէս նաեւ խմբագիրին պիթիասցի ծանօթներուն ղրկած նամակները, որոնք կը նկարագրէին իրենց տառապանքները [25]: Դժբախտաբար, Սեքլեմեանի լրագրողական ասպարէզը եւ ընդհանրապէս արդիւնաւէտ կեանքը յանկարծակի վերջ գտաւ, երբ ան կաթուած ունեցաւ հայկական Սուրբ Ծնունդին՝ 6 Յունուար 1913-ին, եւ անդամալոյծ մնաց մինչեւ իր մահը 12 Դեկտեմբեր 1920-ին [26]:
Ատանայի 1909-ի ջարդերը եւ հայոց զօրակոչուիլը օսմանեան բանակ
Ճիշդ է, որ բողոքական միսիոնար մը նոյնիսկ «հայկական արեան այս փոքր կաթիլը Ամերիկայի մէջ» «անախորժ» կը նկատէր, այնուամենայնիւ, ան չէր կրնար «մեղադրել զանոնք երկիրէն հեռանալու համար: Այս թրքական կայսրութեան մէջ չկայ դրամ, չկայ գործ, չկայ ազատութիւն, չկայ ազնուութիւն, չկայ օրէնք, չկայ պատիւ, չկայ մաքրութիւն» [27]: Անդրատլանտեան ճամբորդութիւնը կտրուկ աճեցաւ 1909-ի ապրիլեան ջարդերէն եւ օսմանեան բանակ ոչ-իսլամներու պարտադիր զօրակոչէն ետք՝ նոյն տարուայ Սեպտեմբերէն սկսեալ: Զինուորական ծառայութենէն զերծ կացուցուելու 50 լիրայի ($220) փրկագինը վճարելու անկարող աղքատ շատ երիտասարդներու համար, նոր հրամանագիրը մղձաւանջ դարձաւ [28]: Նիւթական մտահոգութիւններէ զատ, քրիստոնեաները թերահաւատ էին, որ կրնային արդար վերաբերմունքի արժանանալ իսլամ թուրքերու տիրապետութեան տակ գտնուող բանակի մը մէջ,բանակ մը, որու անդամներէն ոմանք մասնակցած էին վերջերս տեղի ունեցած ջարդերուն: Հալէպի մէջ Բրիտանիոյ հիւպատոսը կը բացատրէ իրավիճակը.
«Քրիստոնեաները կը սարսափին թրքական զօրագունդերու մէջ ծառայելէն, ուր անոնք պիտի ըլլան ցրուած ու քիչ թիւով՝ իսլամ զինուորներու մեծամասնութեան մէջ: Եթէ նախատեսուէր քրիստոնեաներու առանձին ջոկատներու կամ գումարտակներու կազմաւորումը, քրիստոնեաներու հակակրանքը զինուորական ծառայութեան հանդէպ շատ աւելի քիչ նշանակալից պիտի ըլլար, սակայն ներկայիս այդ հակակրանքը կը հասնի գրեթէ զզուանքի: Թուրք սպայ մը այստեղ ինծի յայտնեց իր կարծիքը, որ քրիստոնեաներու համար պարտադիր ծառայութեան [այս] ծրագիրը հաւանաբար պիտի ձախողի: Կը թուի կանխահաս ըլլալ պարտադրելը քրիստոնեաներու զինուորական ծառայութիւնը այս նահանգներուն մէջ ներկայիս, նկատի առնելով Ատանայի նահանգին եւ Անտիոքի շրջանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջարդերը եւ ծայրայեղ վախը, որմէ կը տառապէին Հալէպի, Մարաշի, Այնթապի, Իսկենտերունի եւ այլ քաղաքներու քրիստոնեաները ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ: Եթէ հանրային ապահովութիւնը հիմնովին հաստատուած ըլլար եւ բաւարար ժամանակ անցած ըլլար՝ որոշ չափով ջնջելու այդ դէպքերուն յիշողութիւնը, նման ծառայութիւնը անկասկած աւելի քիչ անտանելի պիտի թուէր տեղացի քրիստոնեաներուն» [29]:
Սակայն հանրային վստահութիւնը հեռու էր վերահաստատուելէ, հետեւաբար յաջորդեց մասնաւորապէս հայերու իսկական արտագաղթ մը: Ըստ Հալէպի մէջ թեզքերէներ (ճամբորդութեան արտօնագիր) տուող կառավարական գրասենեակին, 1909-ի Նոյեմբերէն առաջ մէկ տարուան ընթացքին մինչեւ 5100 հայեր եւ 2250 հրեաներ լքած են նահանգը՝ ուղղուելով դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա, մեծ մասամբ երբեք չվերադառնալու համար: Այդ թիւերը չէին ներառեր առանց կանոնաւոր անցագրերու մեկնածները [30]:
Գաղթ դէպի Միացեալ Նահանգներ. Վիճակագրութիւն, ուղիներ եւ աշխատանք հիւրընկալ երկրին մէջ
Թէեւ կարելի չէ որոշել Մուսա Լեռէն գաղթողներուն ճշգրիտ թիւը, կարելի է ենթադրել թէ թերեւս քանի մը հարիւր հոգի գացած են Միացեալ Նահանգներ [31]: Ազգականներ, բարեկամներ եւ դրացիներ սովորաբար կ’ընկերակցէին իրենց սիրելիներուն գիւղի սահմաններէն շատ անդին, մինչ մայրերը կ’անիծէին Քրիստափոր Գոլոմպոսը՝ Ամերիկան յայտնաբերելուն եւ իրենց զաւակները իրենցմէ խլելուն համար [32]: Որքան ալ խանդավառող ըլլար Ա. Մ. Ն. մեկնումը, հեռաւոր երկիր մը մեկնիլը շատ գաղթականներու համար ցաւոտ փորձառութիւն եղաւ: Հետաքրքրական է, որ իր ներքին տառապանքը մեղմացնելու համար, պատանի Արմենակ Շէրպեթճեան գրիչը ի գործ դրաւ՝ տասներեք տուն ոտանաւորով մը, ուր կը նկարագրէ իր ութ շաբթուան ճամբորդութեան զանազան հանգրուանները (17 Հոկտեմբեր – 10 Դեկտեմբեր 1913) Պիթիասէն Անտիոք, Իսքենտերուն, Թրիփոլի, Պէյրութ, Հայֆա, Փոր Սայիտ, Աղեքսանդրիա, Փաթրաս եւ վերջապէս Էլլիս Այլընտ [33]: Այս երթուղին կը թուի մուսալեռցիներէն շատերու ճամբորդութեան ընդհանուր ուղղութիւնն եղած ըլլալ: Այսպիսի ուղեւորութիւնը 1913-ի վերջաւորութեան կ’արժէր 57,15 տոլար մէկ ուղեւորի համար [34]: Եողուն Օլուքէն եւ Խտըր Պէկէն տասնեակ մը երիտասարդներ, որոնք 1911-ին Արժանթին գաղթած էին, 1916-ին անցան Միացեալ Նահանգներ [35]: Աւելորդ է ըսել, որ այս երկրորդ ճամբորդութեան ուղղութիւնն ու տեւողութիւնը տարբեր էին, ինչպէս ցոյց կու տայ ոմն Միսաք Աբրահամեանի «ստուգման քարտ»ը. մեկնումի նաւահանգիստ՝ Պուէնոս Այրէս, նաւուն անունը՝ Վասարի, մեկնումի թուական՝ 27 Յուլիս 1916, Էլլիս Այլընտ ժամանման թուական՝ 20 Օգոստոս 1916 (ճամբորդութիւնը տեւած է երեք ու կէս շաբաթ) [36]: Ապահովութեան եւ փոխօգնութեան համար, Մուսա Լեռէն գաղթողները յաճախ կը ճամբորդէին խումբերով, բայց երբեմն չէին յաջողեր իրենց հասցէակէտին հասնիլ անփոփոխ կազմով. օրինակ, 1911-ին, քսանմէկ հոգինոց խումբի մը կէսը ետ ղրկուեցաւ Մարսէյլէն՝ թրաքոմա կոչուած աչքի հիւանդութիւնն ունենալնուն համար [37]:
1909-1913 թուականներուն Նիւ Եորք ժամանած 32 մուսալեռցի այլ ուղեւորներու պատմութիւնը յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը բացայայտէ: Նորեկները երիտասարդ էին, միջին տարիքը՝ քսաներկու: Մօտաւորապէս երկու երրորդը արական սեռի էին, ամուրի եւ գրաճանաչ: 11-ը բանուոր էր, 8-ը՝ երկրագործ, 6-ը՝ տանտիկին, 2-ը՝ սպասուհի, 1-ը՝ կարուհի, 1-ը՝ կօշկակար, 2-ը՝ մանուկ, իսկ 1 հոգիի զբաղումը կը մնայ անորոշ: 22 գաղթական կը մտադրէր բնակիլ Փենսիլվանիոյ մէջ (13-ը՝ Նիւ Քեսըլի մէջ, 8-ը՝ Փիցպըրկի շրջանին մէջ եւ 1-ը՝ Մոնեսընի մէջ). 4-ը՝ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ. 4-ը՝ Եունիըն Հիլի մէջ (Նիւ Ճըրզի), 1-ական՝ Հարթֆորտի (Քընեքթիքըթ) եւ Եանկսթաունի (Օհայօ) մէջ [38]: Ուրիշ ժամանողներ հաստատուեցան Իրիի եւ Ուիլիըմզփորթի (Փենսիլվանիա), Նիւ Պրիթընի եւ Սաութ Մենչեսթըրի (Քընեքթիքըթ), Փեթըրսընի (Նիւ Ճըրզի), Ֆորթ Մայըրզի (Ֆլորիտա) եւ Ֆրեզնոյի (Քալիֆորնիա) մէջ [39]: Գաղթականները քիչ կամ ոչ մէկ դրամ կը կրէին իրենց հետ: Շատեր կ’աշխատէին մետաքսի գործարաններու մէջ, ինչպէս Չէյնի եղբայրներու մետաքսի արտադրութեան ընկերութեան գործարանը Սաութ Մանչեսթըրի մէջ: Ուրիշներ կը վարէին փոքր գործեր, ներառեալ նպարավաճառատուներ, ճաշարաններ եւ կօշիկի նորոգման կրպակներ [40]:
Երեք յատուկ պարագաներ յաւելեալ պատկերացում կու տան այս գաղթականներու կեանքին մասին: Պիթիասէն ոմն Ճ. Ի. Թամինոսեան գորգի խանութ մը կը վարէր 4920 Չիքակօ փողոցին վրայ, Օմահա, Նեպրասքա, որպէս «նահանգին արեւելեան գորգերու միակ մասնագէտը» [41]: Համագիւղացի Սարգիս Ռենճիլեան, նախապէս Պուրսայի Շերամապահութեան հաստատութեան ուսանող, արձանագրուեցաւ Նեպրասքայի համալսարանին մէջ՝ «գիտական գիւղատնտեսութիւն» ուսանելու համար: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք փոխադրուեցաւ Ֆորթ Մայըրզ, ուր ձեռք ձգեց 40 աքր հողատարածք մը, զոր նահանգը ձրիաբար կը տրամադրէր նոր բնակիչներ գրաւելու համար: Ան նաեւ կը վարէր ճաշարան մը: Անոր եղբայրը՝ Երեմիա/Արամ, Միացեալ Նահանգներ հասաւ 1913-ին եւ տարիներ շարունակ թափառական կեանք մը վարեց՝ փորձելով զանազան գործեր, ինչպէս կրաշաղախ (cement) խառնող (օրական 95 սենթ վաստակով), լուսանկարիչ, հարուստ կնոջ մը անձնական վարորդ, ճաշարանի սեփականատէր ու խոհարար [42]: 1931-ին ան բժշկական վկայական ստացաւ Ֆիլատելֆիոյ ոսկրաբուժութեան գոլէճէն [43]:
Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ Մուսա Լերան հայոց գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ
Դէպի Միացեալ Նահանգներ գաղթը շարունակուեցաւ առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, սակայն ոչ բուն Մուսա Լեռէն: Մեկնումի նոր կէտը Փոր Սայիտի (Եգիպտոս) մօտ գաղթակայան մըն էր, որ հաստատուած էր, 1915-ի Օգոստոսի սկիզբէն մինչեւ Սեպտեմբերի կէսը ցեղասպանութեան դիմադրած եւ ֆրանսական միջերկրածովեան նաւատորմի միաւորներուն կողմէ փրկուած մուսալեռցիներու համար: Առաջին խումբը դէպի Ամերիկա պիտի մեկնէր 2 Դեկտեմբեր 1915-ին, սակայն ճամբորդութիւնը յետաձգուեցաւ ինչ-ինչ պատճառով [44]: Եկուորները սպասող ազգականները շփոթահար էին ուշացումին պատճառով եւ կը վախնային վատագոյնէն՝ հաշուի առնելով ծովի վրայ ընթացող պատերազմը, մասնաւորապէս՝ ճամբուն վրայ թրքական յարձակումի մը հաւանականութիւնը [45]: Այդ մտահոգութիւնները փարատեցան, երբ 45 մուսալեռցիներ 8 Մարտ 1916-ի յետմիջօրէին Էլլիս Այլընտ հասան «Ս. Ս. Ամերիքա» նաւով: Անոնց մէջ կը գտնուէին Սեքլեմեանները, Եղիարեանները, Քէօշէեանները, Կիրակոսեանները, Վարդանեսեանները եւ Քելեճեանները [46]: Նաւուն վերջնական խարսխելը տեւեց 21 ժամ, որպէսզի նաւահանգիստի իշխանութիւնները կարենային ախտահանել երրորդ կարգի բոլոր 1721 ուղեւորներուն ուղեբեռերը, ինչը արտասովոր մեծ թիւ մը կը նկատուէր [47]: Այս ընթացքին լրագրող մը յաջողեցաւ հարցազրոյց ունենալ նորեկներէն մէկուն հետ՝ Մուսա Լերան հետ կապուած անոր անձնական պատմութեան մասին: Այդ անձը Եղիսա Սեքլեմեանն էր, «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբրահամին մայրը, որուն պատմութիւնը հրատարակուեցաւ «Նիւ Քեսըլ հերալտ»ի (Նիւ Քեսըլ, Փենսիլվանիա) եւ «Փիցպըրկ փոսթ կազեթ»ի (Փիցպըրկ, Փենսիլվանիա) մէջ [48]: Ուրիշ ժամանող մը՝ Յովհաննէս Քելեճեան (Օհաննէս Քլիճէեան) նմանապէս իր վկայութիւնը տուաւ «Նիւ Եորք թայմզ»ին [49]: Ուղեւորները իջան յաջորդ օրը՝ Մարտի 9-ին: Հինգ մուսալեռցիներ պահուեցան Նիւ Եորքի հիւանդանոցներու մէջ (պատճառ դառնալով քանի մը ուրիշներու քարանթինէն ազատ արձակման ուշացման), երեքը ուղղուեցան դէպի Հարթֆորտ (Քընեքթիքըթ), իսկ մեծամասնութիւնը գնաց Նիւ Քեսըլ եւ Ուեսթ Փիցպըրկ [50]: Ուրիշ գաղթականներ Փոր Սայիտէն հետեւեցան անոնց ամբողջ 1916 տարուան ընթացքին [51]:
Մուսա Լերան գաղթականներէն քանի մը հոգի պատերազմի ընթացքին միացան ԱՄՆ-ի Զինուած ուժերուն: 30 Օգոստոս 1913-ին Միացեալ Նահանգներ հասած, կօշկակար Հերի (Հայրիկ կամ Հայրիչ Ռուբէն) Ֆիլեան 19 տարեկանին զինուորագրուեցաւ Ազգային պահակախումբին Ֆորթ Մայըրզի մէջ (Ֆլորիտա): Ան ծառայեց Մեքսիքայի սահմանին վրայ եւ Երկրորդ հետեւակային գունդէն որպէս զինուոր պատուով արձակուեցաւ 18 Յունիս 1917-ին՝ հոգատարութեան կարօտ ազգականները խնամելու համար [52]: Ան յետոյ՝ 24 Օգոստոս 1918-ին բանակ արձանագրուեցաւ զօրակոչին բերումով, Իրիի մէջ (Փենսիլվանիա): Անոր հայրը՝ Ճորճ Պարգեւ, որդիին նախորդած էր 5 Յունիս 1917-ին, Լի Քաունթիի մէջ (Ֆլորիտա) [53]: Նոյն օրը Եողուն Օլուքէն Զաքարիա եւ Սարգիս Հանիսեան եղբայրները նոյնպէս արձանագրուեցան [54]: Երկու այլ եղբայրներ՝ Մատաթիա եւ Պետրոս Թամինոսեան, զօրակոչիկներ էին Ֆլորիտայի մէջ [55]: Ալպերթա Մաղզանեան կը գրէ. «Թէ՛ հայրս [Սամուէլ] եւ թէ՛ հօրեղբայրս՝ Մանաս, կամաւորագրուեցան ԱՄՆ-ի բանակին: Այդ ժամանակ հայրս կ’աշխատէր պողպատի մշակման գործարանի մը մէջ եւ զերծ կացուցուեցաւ ծառայութենէն, բայց հօրեղբայրս՝ Մանաս, միացաւ ԱՄՆ-ի զինուած ուժերուն եւ ծառայեց լրիւ ժամկէտով: Հաւանաբար ան նոյնիսկ երկրին քաղաքացի չէր» [56]: Ուրիշ մուսալեռցի երիտասարդներ եւս թերեւս բանակ արձանագրուած ըլլան:
Հակառակ ընկերային ու տնտեսական դժուարին համարկումին, զոր մուսալեռցիք ստիպուած էին կատարել Նոր աշխարհին մէջ, անոնցմէ ոմանք յաջողեցան իրենց աղքատիկ վաստակէն մաս մը ղրկել տուն՝ վճարելու համար իրենց ճամբորդութեան պարտքերը, իրենց գործերը հոգացող ազգականներու կատարած զանազան ծախսերը կամ որպէս ուղղակի դրամական օգնութիւն: Օրինակ մըն է Պիթիասէն Մովսէս Եկարեանը (Իկարեան/Եղիարեան), որ երեք տարուան ընթացքին (1908-ի Փետրուար – 1911-ի Յունուար) 404,48 եւ 74,00 տոլար ղրկեց իր եղբայրներուն՝ Վանէսին եւ Յակոբին, համապատասխանաբար [57]: Հաստատուելէ ետք, շատ գաղթականներ իրենց քով կանչեցին իրենց ամուսինները, զաւակները, նշանածները եւ այլ ազգականներ ու բարեկամներ: Թէեւ շատերը այլեւս պիտի չտեսնէին Մուսա Լեռը, զգալի թղթակցութիւն տեղի ունեցաւ Նոր աշխարհի եւ Հին աշխարհի միջեւ: Մինչ Մուսա Լեռէն Միացեալ Նահանգներ ղրկուած շատ նամակներ կը գտնուին մասնաւոր ընտանեկան հաւաքածոներու մէջ, նոյնը չի կրնար ըսուիլ Միացեալ Նահանգներէն Մուսա Լեռ ղրկուած նամակներուն մասին, որովհետեւ պատերազմի ժամանակաշրջանի տեղահանութիւնները, գոյութենական սպառնալիքներու տակ, ընդհանրապէս զրկեցին ազգականներն ու հայրենակիցները իրենց անձնական իրերէն: Կարելի է ենթադրել, թէ կորսուած համարուող այդ գրութիւնները պէտք է նկարագրած ըլլային Ամերիկայի յառաջդիմած կեանքը՝ լուսաբանելով նամակներուն հասցէատէրերը [58]:
- [1] Ճորճ Հ. Ֆիլեան, Armenia and Her People: Or the Story of Armenia by an Armenian, Հարթֆորտ, Քընեքթիքըթ, Ամերիքըն Փապլիշինկ Քամփընի, 1896, էջ 12:
- [2] Վեր. Տիգրան Խրլոբեան, Ոսկեմատեան, Ա. հատոր, հրատարակութիւն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, Պէյրութ, 1950, էջ 340: Տե՛ս նաեւ Missionary Herald, LVIII: 8 (Օգոստոս 1862). 248:
- [3] Մեծն Բրիտանիա, FO 195, թղթածրար 1883, Պարնհըմէն Քըրրիին, 16 Հոկտեմբեր 1895. FO 424, թղթածրար 184, Քըրրիէն մարքիզ Սոլզպըրիին, 17 Հոկտեմբեր 1895: Հարցազրոյց Աննա Շէրպեթճեան-Շէմմասեանի հետ:
- [4] Քափուչին Առաքելութեան Արխիւներ (այսուհետեւ՝ ԳԱԱ), Սուրբ Ֆրանսուա Տուն, Մթայլեպ, Լիբանան, թղթածրար Խտըր Պէկ 7, 1909/1914, 20-25 աղջիկներ Խտըր Պէկէն տեղաւորուած սպասուհիներ կամ քոյրերուն մօտ. Ցուցակներ, աշխատավարձեր, տեղեկութիւններ, Խտըր Պէկէն, Վաքըֆէն եւ Եողուն Օլուքէն տասնվեց աղջիկներու անվերնագիր ցուցակ. հաստատագիր Պէյրութ ուղարկուած երախաներու մասին. Խտըր Պէկէն երախաներու անունները:
- [5] Նոյն տեղը, Խտըր Պէկի երախաներու անունները:
- [6] Պօղոս Թազեան, «Էջեր կեանքիս ճանապարհէն», անտիպ յուշեր, էջ 5-7: Գրուած է իմ խնդրանքով եւ թուագրուած է 18 Յուլիս 2007:
- [7] ԳԱԱ, թղթածրար Խտըր Պէկ 7, 1909/1914, 20-25 աղջիկներ, Էլմազի հաշիւը, Յուլիս 1914:
- [8] Նոյն տեղը, Իրանուհիի հաշիւը (ինչպէս որ ինծի տրուած է Յունիսի վերջը տիկին Եարէտի կողմէ):
- [9] Նոյն տեղը, անանուն ուղարկող Քրէյէն [ճիշդը՝ Քըրայյաթ], Լիբանան, Իմ Շատ Արժանապատիւ Հօր, 21 Օգոստոս 1914: Նամակը գրուած է «Veuve Guérin & Fils, Beyrouth Syrie» վերտառութեամբ նամակաթուղթի վրայ:
- [10] Փոլ Է. Վանտոր, History of Fresno County, Քալիֆորնիա, կենսագրական ակնարկներով, Բ. հատոր, Լոս Անճելըս, Հիսթորիք Ռեքորտ Քամփընի, 1919, էջ 2567-2568:
- [11] Ուիլիըմ Լարքին, անձնական թուղթեր, Սան Մարքոս, Քալիֆորնիա, թերթի կտրօն, վերնագրուած «Reward for Friendship: L.M.B. Phillian, an Armenian, Fitting Himself for Missionary Work», «Տը Ռիփապլիք»էն (Գոլոմպոս, Ինտիանա), 11 Յունուար 1898, էջ 1:
- [12] Նոյն տեղը: Լեւոն Պարգեւ Ֆիլեանի մասին տեղեկութիւններ «Ancestry» առցանց տոհմաբանական աղբիւրէն:
- [13] Նոյն տեղը, թերթի կտրօն, վերնագրուած «Reward for Friendship»:
- [14] Նոյն տեղը: Լեւոն Պարգեւ Ֆիլեանի մասին տեղեկութիւններ «Ancestry» առցանց տոհմաբանական աղբիւրէն:
- [15] Նոյն տեղը, թերթի կտրօն, վերնագրուած «Was Foiled in an Effort to See Wife. Brother Phillian, Armenian Minister from Columbus, Returning after a Harrowing Experience in the Land of the Sultan», «Տը Ինտիանափոլիս Սթար»էն (Ինտիանափոլիս, Ինտիանա), 18 Դեկտեմբեր 1903, էջ 5:
- [16] Սեքլեմեան, անձնական թուղթեր, «Աբրահամ Կ. Սեքլեմեանի յուշերը»:
- [17] Նոյն տեղը, [Արմէն Սեքլեմեան], «Biography of Apraham G. Seklemian 1864-1920», ներածականի հեղինակ՝ Ալիս Սթոն Պլեքուել, Հելման Թէյլըր Ընկերութիւն հրատարակչութիւն, Քլիվլընտ, Օհայօ, 1898, էջ 23-26:
- [18] Սեքլեմեան, անձնական թուղթեր, [Սեքլեմեան], «Biography of Apraham G. Seklemian», էջ 24-25:
- [19] Նոյն տեղը, էջ 26:
- [20] Նոյն տեղը:
- [21] Նոյն տեղը, էջ 27-30:
- [22] Նոյն տեղը, էջ 30-42: Ա. Կ. Սեքլեմեան, « «Ասպարէզ»ի ծագումը», ժողովածու թերթի տասնամեակի առթիւ, 1908-1918, «Ասպարէզ» հրատարակչատուն, Ֆրեզնօ, 1918, էջ 9-15: Ա. Ղուկասեան, «Ա. Կ. Սեքլեմեան», «Ասպարէզ»ի յիսնամեակ, 1908-1958 «Ասպարէզ» հրատարակչատուն, Ֆրեզնօ, 1958, էջ 172-174:
- [23] «Ասպարէզ», 11 Դեկտեմբեր 1908:
- [24] Սեքլեմեան, անձնական թուղթեր, «Autobiography of Magdaline [Meneshian] Seklemian (Written in 1936)», էջ 6-7: Կարինի բողոքական աղջկանց դպրոցի ուսուցչուհի Մակտալին իր ապագայ ամուսնոյն՝ Աբրահամի մասին կը գրէ. «Իրմէ խնդրուած էր դասաւանդել աշխարհագրութիւն եւ քարտէզագրութիւն աղջկանց դպրոցին մէջ շաբաթը մէկ կամ երկու օր: ... Ես կարողացայ արտօնութիւն ստանալ միանալու քարտէզագրութեան դասին, առարկայ մը, զոր շատ կը սիրէի»:
- [25] «Ասպարէզ», 18 Յունիս 1909, 2 Յուլիս 1909, 16 Յուլիս 1909, 23 Յուլիս 1909, 1 Հոկտեմբեր 1909, 15 Հոկտեմբեր 1909 (երկու յօդուած), 22 Հոկտեմբեր 1909, 19 Նոյեմբեր 1909, 28 Յունուար 1910, 4Փետրուար 1910, 16 Սեպտեմբեր 1910 («Աւետաբեր»էն վերատպուած յօդուած մը), 11 Նոյեմբեր 1910,30 Դեկտեմբեր 1910, 9 Յունիս 1911, 16 Յունիս 1911 («Բիւզանդիոն»էն յօդուածի մը ամփոփումը), 11Օգոստոս 1911, 18 Օգոստոս 1911:
- [26] Սեքլեմեան, անձնական թուղթեր, [Սեքլեմեան], «Biography of Apraham G. Seklemian», էջ 42-46:
- [27] ABCFM, ABC, 16.9.5, 11-րդ հատոր, Ատամսէն Սմիթին, 27 Օգոստոս 1891:
- [28] Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներ (AMAE), Փարիզ (Քէ տ’Օրսէ, այժմ Նանթ), Քաղաքական եւ առեւտրական թղթակցութիւն 1897-1918, Թուրքիա. ներքին քաղաքականութիւն. Սուրիա-Լիբանան, թղթածրար 112, Ընդհանուր թղթածրար, 1909, Ռ. Լարոնսէն Փիշոնին, 3 Հոկտեմբեր 1909:
- [29] Մեծն Բրիտանիա, FO 424, թղթածրար 221, Ռաֆայէլ Ա. Ֆոնթանայէն Ճերըրտ Լոութըրին, 25 Հոկտեմբեր 1909:
- [30] AMAE, Սուրիա-Լիբանան, թղթածրար 112, Լարոնսէն Փիշոնին, 28 Հոկտեմբեր 1909:
- [31] Միայն հարցազրոյցներու միջոցով կազմած եմ շուրջ 150 գաղթականներու ցուցակ մը: Ըստ Միք[այէլ] Նաթանեանի, «Գաւառի ցաւերէն․ Միւս աղէտը», «Միութիւն», թիւ 19 (Յուլիս 1913): 108, Մուսա Լեռ, Քեսապ եւ հիւսիսային Սուրիոյ այլ հայաբնակ վայրեր իրենց բնակիչներէն կը նօսրանային Միացեալ Նահանգներ այս գաղթին պատճառով:
- [32] Հարցազրոյց Մարթա Շէրպեթճեան-Շէմմասեանի հետ:
- [33] Վիքթորիա Շիրն (Շէրպեթճեան) Հարվի, անձնական թուղթեր, Էսեքս, Մասաչուսեթս, Արմենակ Շէրպեթճեանին պատկանող տետրակ, բանաստեղծութիւն մը վերնագրուած «Պիթիաս, քաղցր հայրենիք» (հայատառ օսմաներէն):
- [34] Էլիզապեթ Ֆրանգեան-Սթանտըն, անձնական թուղթեր, Հոլիոք, Մասաչուսեթս, Աւստրո-Հունգարական Ս. Ս․ Ընկ., Սահմ., Թրիեսթ, գնորդի ստացագիր Գ. կարգի նախավճարուած անցագրի պայմանագիրի համար, թիւ Փ. Թ. 39130, 27 Սեպտեմբեր 1913: Ճոն Պօղոսեան եւ Մովսէս Շէրպեթճեան գնած են տոմսը պիթիասցի Արմանակ (Արմենակ) Շէրպեթճեանի համար:
- [35] Հանիսեան, նամակներ հեղինակին, 26 Սեպտեմբեր 1977, 1 Հոկտեմբեր 1977, 7 Փետրուար 1989: Պուէնոս Այրէսի մէջ մուսալեռցի գաղթականներէն էին երեք Հանիսեան եղբայրները, Յ. Չանչանեան, Մ. Սերեքեան, Յովհաննէս Ատաճեան, Ղուկասեան մը, Փափազ (մականուն) եւ իր որդին, եւ երկու երիտասարդներ Եողուն Օլուքի Ամաճ թաղամասէն:
- [36] Ճուլի Աբրահամեան, անձնական թուղթեր, Նիւ Եորք, ՆԵ, Միսաք Աբրահամեանի բժշկական քննութեան (պատուաստման) քարտ (գաղթականներ եւ միջնայարկի ուղեւորներ), Վասարի նաւիուղեւորներու ցուցակ կամ ցանկ, թիւ 13, թիւը ցուցակին/ցանկին վրայ՝ 19:
- [37] Հարցազրոյց Մարթա Շէրպեթճեան-Շէմմասեանի հետ:
- [38] Տե՛ս Աղիւսակ 3:
- [39] Հարցազրոյց Փոլ Պետրոսեանի (Պօղոս Տէր Պետրոսեան) հետ, 27 Մայիս 1990, Փիզմո Պիչ, Քալիֆորնիա:
- [40] Նոյն տեղը:
- [41] Օրորա Ատաճեան-Լեհման, անձնական թուղթեր, Չաթսուորթ, Քալիֆորնիա, Եսայի Թամինոսեանէն Վանտօ Աղային (Յովհաննէս Ֆիլեան/Ճոն Ֆիլիըն), 11 Յունուար 1911: Մէջբերումը Թամինոսեանի գործի նամակաթուղթէն է:
- [42] [Ճերի Ռենճիլեան եւ Ճոն Ռենճիլեան], Արամ Ռենճիլեան, ինչպէս որ կը յիշեն զինք իր որդիները՝ Ճերին եւ Ճոնը (N. p.: մասնաւորապէս տպուած է բացառապէս ընտանիքին համար, 2016), էջ 14-22:
- [43] Նոյն տեղը, էջ 68-69:
- [44] Շէմմասեան, The Musa Dagh Armenians, էջ 184:
- [45] Լարքին, անձնական թուղթեր, թերթի կտրօններ, վերնագրուած «Սաքլեմները [Սեքլեմեանները] կը մեկնին պատերազմէն անիծուած երկրէն» («Նիու Քասըլ նիուզ», էջ 9): «Հայեր կու գան այս երկիրը: Վաթսուն հոգինոց խումբ մը այժմ ճանապարհին է Եգիպտոսէն՝ հաստատուելու Ուեսթ Փիցպըրկ: Սաքլեմի մայրը խումբին հետ է: Արիւնարբու թուրքերու կողմէ վտարուած են իրենց հայրենի երկրէն» («Նիու Քասըլ նիուզ», 26 Յունուար 1916, էջ 1): «Հայերը չեն գար ինչպէս սպասուած էր: Ս. Կ. Սաքլեմ եւ բարեկամները այս քաղաքին մէջ այժմ մեծապէս մտահոգ են: Նաւը ժամանած է Նիւ Եորք: Սակայն մինչեւ այժմ ոչ մէկ լուր ստացուած է գալիք 60 հոգիներէն» ((«Նիու Քասըլ նիուզ», 4 Փետրուար 1916, էջ 7): Թէեւ սկզբնապէս կը կարծուէր, թէ խումբը բաղկացած էր 60-67 հոգիէ, ժամանողներուն իրական թիւը 45 էր:
- [46] Նոյն տեղը, թերթի կտրօններ, վերնագրուած «Տարեց կին մը կը փախչի թուրքերէն: Նիու Քասըլ կ’երթայ: Անդամ հայերու քաջ խումբի մը, որ զինուորներու կողմէ լեռները մղուած է: Կը փախչի ուրիշներու հետ տարօրինակ վտանգի ազդանշանով մը» («Փիցպըրկ փոսթ կազեթ», 9 Մարտ 1916, էջ 1): «Հայերը ճամբուն վրայ. կը հասնին հոս ՆԵ (Նիւ Եորք): Երկար սպասուած 45 հոգինոց խումբը կու գայ Ուեսթ Փիցպըրկ: Թուրքերու հետ փորձառութիւնները կը պատմուին» («Նիու Քասըլ հերըլտ», 9 Մարտ 1916, էջ 1): «Թուրքերու հայ զոհերը կը հասնին Ամերիկա» (»Տը Լայմա նիուզ» (Լայմա, Օհայօ), 13 Մարտ 1916, էջ 2): Շէմմասեան, The Musa Dagh Armenians, էջ 185:
- [47] Լարքին, անձնական թուղթեր, թերթի կտրօններ, վերնագրուած «Հայերը ճամբուն վրայ․ կը հասնին հոս` Ն. Ե. (Նիւ Եորք): Երկար սպասուած 45 հոգինոց խումբը կու գայ Ուեսթ Փիցպըրկ: Թուրքերու հետ փորձառութիւնները կը պատմուին» («Նիու Քասըլ հերըլտ», 9 Մարտ 1916, էջ 1): «Տարեց կին մը կը փախչի թուրքերէն: Նիու Քասըլ կ’երթայ: Անդամ հայերու քաջ խումբի մը, որ զինուորներու կողմէ լեռները մղուած է: Կը փախչի ուրիշներու հետ տարօրինակ վտանգի ազդանշանով մը» («Փիցպըրկ փոսթ կազեթ», 9 Մարտ 1916, էջ 1):
- [48] Նոյն տեղը:
- [49] «Նիւ Եորք թայմս», 12 Մարտ 1916, ինչպէս մէջբերուած է Ռիչըրտ Տիրան Քլոյեանի The Armenian Genocide – First 20th Century Holocaust գիրքին մէջ, Հայկական յիշատակումի յանձնախումբ, Ռիչմընտ, Քալիֆորնիա, 1980, էջ 133:
- [50] Լարքին, անձնական թուղթեր, թերթի կտրօն, վերնագրուած «Ցնծութիւն՝ երբ հայերը կը հասնին հոս» («Նիու Քասըլ հերըլտ», 13 Մարտ 1916, էջ 2):
- [51] Շէմմասեան, The Musa Dagh Armenians, էջ 186:
- [52] Ռոպին Փոլ, անձնական թուղթեր, Փասատինա, Քալիֆորնիա, պատճէն Ուղեւորներու ժամանման արձանագրութիւններու (NNCC), Ազգային Արխիւներ (GSA), Ուաշինկթըն, Տի․Սի., Հայրիչ Ֆիլեանի մուտքի նոյնականացում, 30 Օգոստոս 1913, Ն. Ե., նաւին անունը՝ Արճենթինա. Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆլորիտա նահանգի Ազգային պահակախումբ, Հարրի Ֆիլեանի արձակման վկայական, տրուած Փլանթ Սիթի, Ֆլորիտա, 21 Յունիս 1917-ին. Լարքին, անձնական թուղթեր, թերթի կտրօն, վերնագրուած «Զինուորներուն բարի գալուստ կը մաղթեն տուն:Սահմանէն վերադարձած՝ անոնց համար սերենատ կը նուագուի եւ հիւրասիրութիւն կը մատուցուի», «Նիուզ փրես» (Ֆորթ Մայըրս, Ֆլորիտա), 19 Մարտ 1917, էջ 1:
- [53] Լարքին, էլեկտրոնային նամակ հեղինակին, 1 Մայիս 2009:
- [54] Զօհրապ Հանիսեան, անձնական թուղթեր, Նափա, Քալիֆորնիա, ընտանեկան պատմութեան անվերնագիր գրքոյկ, էջ 9:
- [55] Ռէյմընտ Հ. Պանքս, US Gen Web Archives, rayhbanks@aol.com, ստացուած 23 Մայիս 2009-ին:
- [56] Ալպերթա Մաղզանեան, նամակ հեղինակին, 26 Սեպտեմբեր 2009:
- [57] Կլորիա Հաչիկեան-Էրիքսըն, անձնական թուղթեր, Օրլանտօ, Ֆլորիտա, տասներկու դրամատնային ստացագրեր Վանէս եւ Յակոբ Եկարեանի կողմէ գումար ստանալու մասին՝ German American Trust Company-էն եւ Օսմանեան կայսերական դրամատունէն, երկուքն ալ Պէյրութի մէջ, 15 Փետրուար 1908-ի եւ 4 Յունուար 1911-ի միջեւ:
- [58] Տե՛ս, օրինակ, հետեւեալ անհատներու անձնական թուղթերը. Օրորա Ատաճեան-Լեհման (Չաթսուորթ, Քալիֆորնիա), 35 նամակ. Մարի Մաղզանեան-Պալապանեան (Երեւան, Հայաստան), 6 նամակ. Ալպերթա Մաղզանեան (Օլնի, Մերիլենտ), 5 նամակ: Նամակները գրուած են հայատառ օսմաներէն: