Մուսա Լեռ - Հողագործութիւն եւ անասնապահութիւն
Հեղինակ՝ Վահրամ Լ. Շէմմասեան 30/09/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 30/09/24), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
Որպէս կանոն, Մուսա Լերան մէջ հողատիրութիւնը յատկանշուած էր մասնաւոր սեփականութեամբ: Բացառութեամբ կրօնական հիմնարկներու եւ անտառներու նման հանրային տիրոյթներու, կալուածներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանէր անհատներու: Ճնշող մեծամասնութիւնը սեփականատէր էր մասնաւոր տուներու: Իւրաքանչիւր բնակարան ունէր փոքր բակ մը՝ պտղատու ծառերով, սովորաբար թթենի կամ թզենի, կամ բանջարեղէնով՝ ներառեալ կանաչ լուբիա, սմբուկ, դդում, ծաղկակաղամբ, հազար, պղպեղ, բողկ, շոմին (սպանախ), ազատգեղեւ անանուխ [1]: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը նաեւ կը տիրէր այլ անշարժ գոյքի:
Գիւղատնտեսական կալուածները բաժնուած էին երկու տեսակի՝ պախչաները կամ պարտէզները, որոնք կ’իյնային ջըրըվըրքի ենթախումբին տակ, այսինքն՝ ջուրերու մօտ կամ այլապէս ոռոգելի էին, եւ խուփորները (կամ թարլաները), որոնք կը կազմէին հացահատիկային դաշտերը՝ քիչ կամ ոչ մէկ ջուրի կարիք ունեցող. այստեղէն՝ անոնց բնութագրումը որպէս տաշթիա (անջուր) [2]:
Պախչաները կը կազմէին մշակելի հողերու մօտաւորապէս 90 տոկոսը: Պիթիասի մէջ միջին պախչա մը կը բաղկանար տասէն տասներկու դարաւանդէ, որոնք կը կոչուէին մանտըլ կամ սաքի, իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 30 մեթր (98 ոտք) երկարութեամբ եւ 4 մեթր (13 ոտք) լայնութեամբ, ընդհանուր տարածքով՝ 1.200-էն մինչեւ 1.440 քառակուսի մեթր [3]: Բնականաբար, հողերուն արժէքը կախեալ էր չափէն, բայց տեղադրութիւնը թերեւս աւելի մեծ դեր խաղցած է անշարժ գոյքի գնահատման մէջ: Օրինակ, 1890-ական թուականներուն սկիզբը, Եողուն Օլուքի Սարգիս Նաշալեանի ընտանիքին պատկանող երկու հաւասար չափի պախչաները եւ մէկ թարլան գնահատուած էին համապատասխանաբար 50, 225 եւ 375 ոսկի [4]:
Հողագործութիւն
Մուսա Լեռ կ’արտադրէր զանազան տեսակի պտուղներ՝ տեղական սպառման եւ արտահանման համար: Երկու տեսակներն ալ կը ներառէին խնձոր, դեղձ, տանձ, ծիրան, սալոր, զկեռ եւ նուռ, ինչպէս նաեւ նարինջ, մանտարին, կիտրոն, թուզ, խաղող եւ ձիթապտուղ [5]: Մինչ յատկապէս կիտրոնային պտուղներու մշակումը վաճառքի համար տարածուած դարձաւ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, թուզը, խաղողը եւ ձիթապտուղը մեծ պահանջարկ ունէին նաեւ 1915 թուականէն առաջ: Կար թուզի տասնվեց տեսակ, բոլորն ալ մատչելի տարուան մէկ կամ մէկէ աւելի եղանակին [6]: Անոնք կը սպառուէին թարմ, չոր կամ թորուած ձեւով: Թուզերը կ’օգտագործուէին օղի կոչուող ալքոհոլային ըմպելիքի համար [7], որ կը համեմատուի արաբական արաքի, յունական ուզոյի կամ թրքական ռաքիի հետ:
Ըստ դիտորդի մը, «թուզերը շատ առատօրէն կ’աճին Մուսա Լերան մէջ եւ անոնցմէ արաք թորելը արուեստ մըն է, որ ամէն մարդ գիտէ, հետեւաբար ոգելից խմիչքներու մատակարարումը առատ է, թէեւ ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ շատ աղքատ է» [8]: Այս խմիչքներու առատութիւնը բացասական ազդեցութիւն ունեցած էր հասարակութեան վրայ: «Շատեր կան (ներառեալ քահանաներ), որոնք իրենց վաստակը կը ծախսեն օղիի վրայ ամէն ինչէ առաջ», կը ցաւէր լրագրող մը, աւելցնելով որ նման ինքնաթողութիւնը յաճախ կը յանգէր արիւնահեղութեան [9]: Կար խաղողի մօտ տասը տեսակ, որոնք կը մատուցուէին սեղանին վրայ, կը վաճառուէին, կը չորցուէին որպէս չամիչ, կը թորուէին որպէս քացախ եւ օղի, կամ կը վերածուէին մելասի՝ կոչուած ըռոպ (պեքմէզ) [10]: Ձիթապտուղները կ’ուտուէին եղածին պէս, կը մամլուէին ձիթաիւղի համար, կ’օգտագործուէին օճառ պատրաստելու համար, իսկ կորիզները կ’այրուէին որպէս վառելանիւթ: Քանի որ անասնամիսն ու թռչնամիսը հիմնականօրէն կը մատուցուէին տօներու եւ յատուկ առիթներու, ձիթաիւղը կը կազմէր խոհանոցին գլխաւոր ճարպեղէնը [11]:
Իր սեպաձեւ եւ սահմանափակ տարածքին պատճառով, Մուսա Լեռ յարմար չէր հացահատիկներու մշակման համար: Ի յաւելումն, մարախն ու աւելի բարձր տարածքները ծածկող յարատեւ մառախուղը յաճախ կը փճացնէին ցորենի, վարսակի, գարիի, եգիպտացորենի, կորեկի եւ գետնախնձորի բերքերը [12]: Այս պատճառներով հազիւ թէ 100 ընտանիք կամ ընդհանուր բնակչութեան մօտ 8-10 տոկոսը կը զբաղէր հացահատիկներու մշակմամբ կամ կրնար իր պաշարները ապահովել տեղական բերքերէն [13]: Սա կը նշանակէր 90 տոկոս կախում արտաքին շուկաներէն, մանաւանդ Անտիոքի շուկայէն, ինչը շատ ծախսալից կը դառնար ոչ միայն ֆինանսապէս, այլեւ քաղաքական ճգնաժամերու կամ պաշարումներու ընթացքին [14]: Ի հեճուկս այս իրողութեան, մարդիկ լա՛ւ կը խնամէին իրենց հողակտորները, այնքան, որ այցելու ամերիկացի միսիոնար մը, տպաւորուած, ըսած էր հետեւեալը. «Եթէ միայն մեր ամերիկացի հողագործներէն ոմանք իրենց ընդարձակ ցորենի արտերով կարենային տեսնել հողի պզտիկ կտորները՝ լեռնալանջին վրայ թաշկինակի պէս, որոնք ցորենի դաշտերն են այս շրջանին մէջ: Ինծի համար հրաշք մըն էր տեսնել մշակուած «հողաթաշկինակները» (‘land-kerchiefs’`բառախաղ մըն է անգլերէն handkerchief բառին հետ՝ «թաշկինակ» –խմբ․ ծանօթ.) որոնք կը հասնէին մինչեւ լեռնագագաթներ, դարաւանդ դարաւանդի ետեւէն՝ զանոնք հովիտին մէջ անհետանալէ պահելու համար» [15]:
Մշակման եղանակը շատ նախնական էր: Ինչպէս բրիտանացի հիւպատոս Թ. Ս. Ճեյկօ մեկնաբանած էր Հալէպի նահանգի հողագործութիւնը 1890-ին, «երկրագործութիւնը կը կատարուի անցեալ դարերու նախնական եղանակով եւ ոչ մէկ լուրջ փորձ կը կատարուի քաջալերելու ... կամ աւելի լաւ համակարգ մը ներմուծելու: Հողամշակներու դասակարգերը կը մնան, ինչպէս միշտ, երկրին ամենէն աղքատը» [16]: Տասնեօթը տարի ետք պայմանները նոյնը մնացած էին, ինչպէս դիտած էր եւս մէկ բրիտանացի հիւպատոս՝ Հ. Զ. Լոնկուըրթ. «Մշակումը տակաւին կը կատարուի նահապետական դարերու պարզ նախնական եղանակով: Ոչ մէկ ժամանակակից մեքենայ տակաւին ներմուծուած է եւ այս առումով Հալէպի վիլայէթը ետ է Ատանայի վիլայէթէն: Ամէն ինչ կը կատարուի մարդու եւ անասունի աշխատանքով՝ ամենանախնական պատրաստութեան եւ տեսակի գործիքներով: Հողը կը հերկուի ծանծաղ ակօսներով՝ փայտէ թեթեւ արօրներով, սերմը կը ցանուի հողին վրայ ցրուելով, մինչ բերքը կը հնձուի մանգաղներով, կը կալսուի սահնակներով եւ կը հեծանուի եղաններով: Վատնումը մեծ է» [17]:
Երկրագործութեան հետ կապուած ուրիշ զբաղում մըն էր մատուտակի (մանակի) արմատներու հանումը: 1890-ական թուականներու կէսերուն Մուսա Լերան բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը ժամանակաեղանակային (սեզոնային) կը զբաղէր անով [18]: Ամէն ձմեռ կ’իջնէին Ամուքի դաշտավայրը՝ աշխատելու American Tobacco Trust-ին համար, որ, Զմիւռնիոյ մէջ իր կեդրոնատեղին հաստատած բրիտանական MacAndrew and Forbes ընկերութեան հետ, գրեթէ մենաշնորհած էր այդ ոլորտը 1902-էն ի վեր [19]: Որոշ գիւղացիներ այդ բոյսը արմատախիլ կ’ընէին հենց Մուսա Լերան մէջ, իրենց բեռները կը տանէին ծովափին վրայ նշանակուած հաւաքատեղի մը, ուր բացառիկ իրաւունքներով օժտուած տեղական միջնորդներ, ինչպէս պիթիասցի Մարտիր Չափարեան, զանոնք կը վաճառէին վերոյիշեալ ընկերութեան՝ ապահովելով մեծ շահեր [20]: 1900-ին, Անտիոքի շրջանէն մատուտակի արմատներու ընդհանուր արտահանումը հասած էր 2.500 թոնի՝ 10.000 ոսկի արժողութեամբ [21]: Նման գործունէութիւն մը, թէեւ շատ աւելի փոքր ծաւալով, կը ներառէր սումաքի տերեւներու հաւաքումը Եողուն Օլուքի մօտ գտնուող՝ բոյսի անունէն ծագող Սումմաքէն կոչուող վայրին մէջ. Անտիոքի կաշեգործարանները զանոնք կ’օգտագործէին կաշի ներկելու համար [22]: Իսկ ձիթապտուղի նմանող դափնիի պտուղը, որ առատօրէն կ’աճէր Մուսա Լերան մէջ, հայերը կը թորէին եւ կասլը ձիթը (դափնեձէթ) կը վաճառէին Անտիոքի օճառ արտադրողներուն [23]:
Անասնապահութիւն
Անասնապահութիւնը զարգացած չէր Մուսա Լերան ընձեռած հնարաւորութիւններուն համեմատ: Ըստ հետազօտութեան մը, արօտավայրերը կրնային տեղաւորել քառասունհինգէն յիսուն հօտ՝ իւրաքանչիւրը բաղկացած 250-300 գլուխէ կամ ընդհանուրը 12.000-15.000 գլուխ անասուն [24]: Սակայն պահուած անասուններուն քանակը շատ պակաս էր կարողութենէն: Օրինակ, ըստ տեղեկութիւններու, 1900-ական թուականներու սկիզբը անոնց թիւը մօտ 700 այծ, ոչխար եւ կով էր [25], իսկ 1915-ի ամրան՝ աւելի քան 2.000 այծ, ոչխար, կով, եզ, ձի եւ ջորի [26]: Ընտանիքի պատանի տղաքը կ’արածեցնէին անասունները կամ նոյն թաղամասի քանի մը տնտեսութիւններ իրենց հօտերը կը վստահէին մէկ անձի՝ փոխարէնը տալով խորհրդանշական վարձատրութիւն մը՝ բնամթերքով կամ դրամով [27]: Պիթիասցի Աբրահամ Կ. Սեքլեմեան կը յիշէր իր փորձառութիւնը որպէս պատանի հովիւ 1870-ական թուականներու կէսերուն.
«Այս ժամանակ հայրս [Կարապետ] դժուարութիւն կ’ունենար ընտանիքը պահելու: Աւագ եղբայրներս՝ Գրիգոր եւ Սամուէլ, կ’օգնէին հօրս՝ լեռներուն մէջ ածուխ արտադրելու: Ուստի քանի որ ես աւարտած էի մեր գիւղի դպրոցին տուած կրթութիւնը, ինծի տրուեցաւ իմ օգնականի «գործս»՝ մեր տասնհինգէն քսան այծերու հօտը արածեցնելը, զանոնք լեռները քշելը՝ արածելու համար: Լեռներուն մէջ այծեր արածեցնելը ինքնին կրնայ ազատ կրթութիւն ըլլալ: Մարդ կրնայ սորվիլ շատ բաներ, որոնք գիրքերու մէջ չեն ուսուցանուիր: Եւ ի՜նչ փառահեղ, առողջարար կեանք մը տղու մը համար: Ես միացայ ինձմէ քիչ մը աւելի մեծ ուրիշ այծարածի մը: Միասին մեր համապատասխան հօտերը կը քշէինք Մուսա Լերան բոլոր տեղերը: Շատ չանցած՝ ես կը ճանչնայի այդ հոյակապ լերան իւրաքանչիւր ժայռն ու ճեղքը, բոլոր սառնորակ աղբիւրները, լեռնային մարգագետինները եւ անտառապատ լանջերը» [28]:
Արեւմտեան ճամբորդներ հօտեր դիտած են Մուսա Լերան մէջ կամ անոր մօտ: 1830-ական թուականներու կէսերուն Պիթիաս այցելած մէկը զեկուցած է, որ «հովիւն ու իր հօտը տակաւին իր արօտավայրին մէջ էին, ուր յաճախ, այս կլիմային [՞], կը մնան ամբողջ գիշեր» [29]: Տասնամեակ մը ետք, ամերիկացի միսիոնար մը գտած է Սելեւկիա Բիերիան Մուսա Լերան կապող արահետը՝ հին փապուղիի մը երկայնքով, «խռնուած՝ արջառով, ոչխարներով եւ այծերով, որոնք զով ներքնատան մէջ կը հանգստանային [տաք] օրուան ընթացքին» [30]: Դարավերջին, շրջիկ այցելու մը նկատած է «այծերու հօտեր, զորս հայ հովիւ տղաք [Քապուսիէէն] կ’արածեցնէին առաւօտ եւ իրիկուն ծովեզերքին» [31]:
Որպէս կանոն, կովերը, այծերը եւ ոչխարները կը պահուէին կաթէ աւելի միսի համար, որ կը սպառէր հիմնականին մէջ յատուկ առիթներով, ինչպէս ազգային-կրօնական տօներուն: Օրինակ, 1899-ի Սեպտեմբերի կէսի Սուրբ Խաչի Կիրակին, միայն Եողուն Օլուքի մէջ տօնախմբողները զոհած են երեսունմէկ անասուն՝ չհաշուած թռչունները [32]: Կթումը կը կատարուէր օրական երկու անգամ՝ Ապրիլէն մինչեւ Յունիս երեք ամիսներու ընթացքին, որ կաթի ամենէն առատ եղանակն էր ակներեւօրէն: Սակայն տարուան ընթացքին կաթի կանոնաւոր մատակարարում ապահովելու համար, յաճախ նոյն թաղամասէն մինչեւ տասը ընտանիքներ կը համագործակցէին՝ իրենց օրական արտադրանքը յանձնելով «կաթ հաւաքողի» մը, որ կաթը կը կշռէր եւ կը վերաբաշխէր հաւասարապէս (կամ համամասնօրէն) մասնակիցներուն միջեւ [33]: Կաթը սպառուող միակ կաթնամթերքը չէր. անկէ կը պատրաստուէին քանի մը տեսակ կաթնեղէն. կարագի եւ սովորական մածունի կողքին, այդ արտադրանքներէն էր իփուծ մածէօնը (եփած մածունը), գլխաւոր սնունդ մը, որ կը մատուցուէր պանիրի փոխարէն կամ որպէս կարեւոր բաղադրիչ կ’օգտագործուէր այլ կերակուրներու մէջ: Կաթնեղէն ուրիշ արտադրանք էր չուքալիքը կամ սուրքին, որ վերիվարոյ կը համապատասխանէր փոքր գունդի մը ձեւով կաղապարեալ, համեմուած գիւղացիական պանիրին: Ան կ’ուտուէր եղածին պէս կամ կ’օգտագործուէր թխելու համար պանտրում հուցը (պանրահաց), որ Մուսա Լերան տարբերակն էր բուսական փիցցայի: Եփած մածունը նաեւ կը խառնուէր ծեծուած ցորենի հետ եւ կը չորցուէր թարխանա շուրպու (ապուր) պատրաստելու համար [34]:
Ընտանի կենդանիները կը բաւարարէին նաեւ այլ կարիքներ: Իւրաքանչիւր գիւղ ունէր քանի մը ջորեպան, որոնք ամէն օր, բացի Կիրակիներէն, կ’երթեւեկէին Մուսա Լերան եւ Անտիոքի միջեւ՝ յատուկ ապրանքներ եւ հացահատիկ գնելու կամ պատահական ուղեւորներ տանելու համար [35]: Եւրոպացի ճամբորդ մը նկատած է էշերու բազմաթիւ քարաւաններ՝ առաջնորդուած թուրքերու, ալեւիներու (նուսայրիներու) եւ հայերու կողմէ, որոնք կը շրջէին Անտիոք-Սուէտիա ուղիով [36]: Եզները կ’օգտագործուէին կալսելու եւ ջաղացքաքարերը պտըտեցնելու համար [37]:
Ինչպէս վերը նշուեցաւ, աննպաստ եղանակը մեծ վնաս կը պատճառէր անասնապահութեան եւ ընդհանրապէս երկրագործութեան: 1878-ի Օգոստոսին ամերիկացի միսիոնարի մը մէկ զեկոյցը կը խօսէր «անցեալ ձմրան խստութենէն կենդանիներու կորուստի մասին...» [38]: 1898-ի Մարտին ընդամէնը մէկ օրուան ընթացքին մինչեւ եօթանասուն այծ սառած-սատկած էր Եողուն Օլուքի եւ շրջակայքին մէջ [39]: Տարի մը ետք՝ 5 Մայիս 1899-ին, կէս ժամէ պակաս տեւած ուժգին կարկտահարութիւն մը փճացուցած էր Եողուն Օլուքի, Հաճի Հապիպլիի եւ Պիթիասի հացահատիկի, պտուղներու եւ բանջարեղէնի 75 տոկոսը: Բարեբախտաբար, մարդիկ, կենդանիներ եւ շէնքեր չէին վնասուած [40]: 1911-ի Փետրուարին, աննախադէպ ձիւնամրրիկ մը, սաստկացած խելայեղ փոթորիկներով, մէկուկէս ամիս մոլեգնած էր լեռներուն մէջէն: 2-3 մեթր բարձրութեամբ ձիւնակոյտերը արգելք եղած էին գիւղերէն դուրս աշխատող շատերու տունդարձին եւ որոշ թիւով երեխաներ անյայտ կորսուած էին: Բուսականութեան եւ կենդանիներուն պատճառուած վնասը մեծ էր. մօտաւորապէս 3.000-3.500 օսմանեան ոսկիի արժողութեամբ նարինջ, դափնիի սերմ, զկեռի եւ գետնախնձորի ընձիւղներ փճացած էին: Ամենակործանիչ հարուածը հասած էր յատկապէս Խըտըր Պէկի եւ Վաքըֆի կիտրոնային պտուղներու այգիներուն: Ասկէ զատ, անասուններուն 25 տոկոսը սատկած էր, ուրիշ 50 տոկոսը վնասուած եւ անպէտք դարձած: Վառելանիւթի գինին բարձրացումը յաւելեալ վնաս պատճառած էր: Նման իրավիճակ մը տիրած էր Անտիոքի մէջ, ուր ութ երեխայ սառած-մահացած էր եւ մօտ յիսուն խանութ ամբողջութեամբ աւերուած [41]: Ըստ ուրիշ զեկոյցի մը, այդ քաղաքը «կտրուած էր աշխարհէն եւ ամբողջ առեւտուրը կաթուածահար եղած էր ... Ոչ մէկ վառելանիւթ, ոչ մէկ ուտելիք կը մտնէր քաղաք: Մարդիկ կ’այրէին իրենց սեղանները, աթոռները եւ փայտէ յատակները որպէս վառելանիւթ, կամ կը մնային անկողինին մէջ՝ տաք մնալու համար: Շատեր մահացան ցուրտէն եւ զրկանքէն: Գայլերն ու բորենիները իջած էին լեռներէն եւ արծիւներ ու այլ անօթի թռչուններ տեսնուած էին [Երիցական] առաքելութեան պարտէզին մէջ» [42]:
Ընկերա-տնտեսական դրութիւնը. Պարինաքներ կամ Աղաներ
Պարինաքները կամ աղաները աւելի առողջ ընկերա-տնտեսական կեանքի մը մէկ այլ արգելք կը կազմէին: Միջնադարեան-աւատական «պարոն» տիտղոսէն սերող պարին-պարիունպատուաւոր կոչումը կը շնորհուէր տեղական չափանիշներով հարուստ եւ ազդեցիկ քիչ մարդոց [43]: Իրենց հարստութեամբ եւ անոր շնորհիւ իրենց հեղինակութեամբ, պարինաքներէն ոմանք կը գրաւէին որոշ դիրքեր շրջանային կառավարութեան մէջ: Օրինակ, 1900-ական թուականներուն, Քապուսիէէն Գէորգ Պալճեան անդամ էր Սուէտիա ենթաշրջանի հնգանդամ Վարչական Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Եօղուն Օլուքէն Աբրահամ Շէմմասեան եւ Խտըր Պէկէն Մելքոն Գույումճեան [44]: Սակայն հարստութիւններ չէին կրնար կուտակուիլ, ոչ ալ բարձր դիրք ձեռք բերուիլ առանց Անտիոքի հզօր մարդոց աջակցութեան: Հետեւաբար, Անտիոքի թուրք երեւելիներուն եւ Մուսա Լերան պարինաքներուն միջեւ գոյութիւն ունէր հովանաւոր-պաշտպանեալի յարաբերութիւն մը, որ աղէտալի եղաւ հայ գիւղացիութեան համար ընդհանրապէս [45]: Իրենց հովանաւորները գոհացնելու համար, պարինաքները կաշառք կը հաւաքէին յափշտակութեան միջոցով: Զոհերու մէկ խումբը կը ներառէր մարապաները, փոքրամասնութիւն մը, որուն անդամները բերքի բաժնեկցութեան պայմանով կը մշակէին հարուստներու հողերը, եւ քիրաճաներէն (վարձակալ-ջորեպաններ) ոմանք [46]: Ուրիշներ կը շահագործուէին անուղղակիօրէն կամ ըստ հանգամանքի: Պիթիասէն Յովակիմ եւ Սիմա Մաղզանեան օրինակ մըն էին: Անոնց յետնորդներէն մէկը կը պատմէ.
«Յովակիմ առաջին նախահայրն էր որ պաշտօնապէս Մաղզանեան կոչուեցաւ: Ան բխեցաւ իր ծածկանունէն՝ մաղազայի տէր, հիմնուած իր հարստութեան վրայ, մասնաւորապէս Չաղլաղանի մէջ (Պիթիասի մօտ), ուր ան ունէր պարտէզներ, անտառային հողեր եւ ալիւրի աղաց մը, ուր հարեւան թաթ (ալեւի) գիւղացիները իրենց ցորենն ու եգիպտացորենը կը բերէին աղալու համար: Ան երիտասարդ մահացաւ՝ ետին ձգելով իր այրին՝ Սիման, եւ հինգ մանչ զաւակներ: ... Երբ գիւղին աղաները փորձեցին սեփականութիւնը բռնագրաւել՝ պնդելով թէ մահացած ամուսինը իրենց հսկայական պարտք մը կը պարտէր, որ իհարկէ մեծ սուտ մըն էր, փոխանակ տեղի տալու անոնց պահանջներուն, ան սեփականութիւնը անձեռնմխելի պահեց եւ աստիճանաբար վերադարձուց պահանջուած գումարները» [47]:
Միւս կողմէ, Անտիոքի երեւելիները, իրենց յաւերժական մրցակցութիւններուն մէջ, մէկ պարինը կը լարէին միւսին դէմ, որոնք իրենց կարգին կը բեւեռացնէին հասարակութիւնը կամ կը բորբոքէին գոյութիւն ունեցող թշնամութիւնները: 1858-էն սկսեալ զեկոյցները առատօրէն կը յիշատակեն «վէճեր եւ գժտութիւններ» [48], «հակառակութեան մէջ գտնուող ընտանիքներ» [49], «երկարատեւ վէճ[եր]» [50] եւ «լրջօրէն վնասուած» համայնքներ [51]: 1890-ականներու կէսերուն, այցելու հայ յեղափոխական առաջնորդ մը՝ Կարապետ Թուրսարգիսեան (Աղասի), կը նկատէ, որ Մուսա Լերան գիւղերը բաժնուած էին հակառակորդ բանակներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը աւեր կը գործէր Անտիոքի թուրք ազդեցիկ անձնաւորութիւններու պաշտպանիչ թեւերուն տակ: Քապուսիէի մէջ, կռուի գիծը քաշուած էր մէկ կողմէ Պալճեաններուն եւ Եուսուֆ Աղային, միւս կողմէ՝ Գարիկեաններուն միջեւ, Խտըր Պէկի մէջ՝ մէկ կողմէ Իզմիրլեաններուն, Թասլաքեաններուն եւ Շիշմանեաններուն, միւս կողմէ Փանոս Քեհեային միջեւ, Եողուն Օլուքի մէջ՝ մէկ կողմէ Տէր Պետրոսեաններուն եւ Գազանճեաններուն, միւս կողմէ Գաբրիէլ (Ճապրա-Ճեմիլ) Շէմմասեանի միջեւ, Հաճի Հապիպլիի մէջ՝ Մարտիր Իսկենտէրեանի եւ Գէորգ Վրթանէսեանի միջեւ [52]: Զրպարտութիւններ, փոխադարձ մեղադրանքներ եւ կեղծ վկայութիւններ գլխաւոր դերակատարներէն կամ անոնց կողմնակիցներէն շատերը բանտ ղրկեցին՝ անոնց բացակայութեան ընթացքին ասպարէզը բաց ձգելով հակառակորդներուն առջեւ՝ գիւղացիները չարաշահելու համար [53]: Միսիոնար Ճոն Մերիլ կը զեկուցէր 1907-ին.
«Եողուն Օլուքի մէջ կացութիւնը շատ վատ է: Բողոքական եկեղեցւոյ ամենէն երեւելի երկու մարդիկը առաջնորդներն են վէճի մը, որ գլխաւոր մրցակիցը բանտ տարած է: Վերջինս կառավարութեան մօտ կանչել տուած է տասներեք մարդ, որոնց անունները ան տուած է, ինչը յանգեցաւ ամենօրեայ վախի եւ բռնութեան գործողութիւններու երբ մենք հոն էինք Մայիսին: Երբ կառավարութեան կողմէ հարցաքննուեցաւ, քարոզիչին կեանքը սպառնալիքի տակ յայտնուեցաւ խնդրի մը մասին ճշմարտութիւնը ըսելու պարագային: Իհարկէ այս վէճը խանգարած է բոլոր կրօնական աշխատանքները: Պրն. [Ք. Ս.] Սանտըրզ փորձեց զայն լուծել իր մահէն առաջ: Պիթիասի հովիւը փորձեց օգնել, եւ պրն. Մերիլ քիչ մը ժամանակ տրամադրեց Մայիսին, բայց գրեթէ ապարդիւն» [54]:
Այսպիսին էր կացութիւնը Մուսա Լերան մէջ առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին:
- [1] Հարցազրոյց Ենովա Հաճեան Պոլիսեանի հետ: Մուսա Լերան մէջ արտադրուող բանջարեղէնի տարբեր տեսակներու համար տե՛ս «Մուսա Լերան բուսականութիւնը», Մարտիրոս Գուշաքճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, «Յուշամատեան Մուսա Լերան», Պէյրութ, տպարան «Ատլաս», 1970, էջ 131-132: Թովմաս Հապէշեան, «Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ», Պէյրութ, «Էրեբունի» հրատարակչութիւն, 1986, էջ 142-148:
- [2] Հարցազրոյց Հաճեանի հետ:
- [3] Նոյնը:
- [4] Իսկենտէր Նաշալեան, անձնական փաստաթուղթեր, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, ընտանեկան սեփականութեան կալուածաթուղթեր՝ «Կայսերական Փաստաթուղթեր» վերնագրով (օսմաներէնով), թիւեր 78, 639 եւ 640, «Տեֆթեր»էն (արձանագրութենէն) 305, թուագրուած 1307 իսլամական Հիժրի թուականով (1889-1890):
- [5] Մուսա Լերան մէջ աճող պտուղներու տարբեր տեսակներու համար տե՛ս «Մուսա Լերան բուսականութիւնը», էջ 132-133:
- [6] Թուզի տարբեր տեսակները ցանկագրուած են Հապէշեանի «Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ»ին մէջ, էջ 152-153:
- [7] Նոյնը. նաեւ՝ Պօղոս Մատուռեան, «Մեր հացը», Գուշաքճեան/Մատուռեան, «Յուշամատեան Մուսա Լերան», էջ 156:
- [8] ABCFM, ABC: 16.9.5, ԺԶ. հատոր, C.S. Sanders, Report of Aintab Station, CTM (Central Turkey Mission), Յուլիս 1905 – 15 Ապրիլ 1906: Ըստ 1900 թուականի զեկոյցի մը, «[Անտիոքի շրջանին մէջ] թուզի արտադրութիւնը գնահատուած էր 1200 թոն՝ մօտաւորապէս 7000 սթերլին արժողութեամբ: Ասոր մեծ մասը արտահանուած էր Եգիպտոս, մէկ մասն ալ ուղարկուած էր Անատոլու»: Տե՛ս Մեծն Բրիտանիա, FO 861, փաստաթուղթ 35, Տէյվիտ Տովէքը Հենրի Տ. Պարնհամին, Անտիոքի եւ Սուէտիոյ բրիտանական փոխհիւպատոսութեան առեւտրական զեկոյց, 10 Ապրիլ 1900:
- [9] «Ասպարէզ» թերթ, Ֆրեզնօ, 18 Օգոստոս 1911:
- [10] Հապէշեան, «Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ», էջ 151-152, «Մուսա Լերան բուսականութիւնը», էջ 132:
- [11] Մատուռեան, «Մեր հացը», էջ 156-157:
- [12] ABCFM, ABC: 16.9.5, Դ. հատոր, Քորիննա Շաթթըքը Ն. Ճ. Քլարքին, 14 Օգոստոս 1878: Ն. Մ. Պաղտոյեան, «Ճեպէլ Մուսա եւ հայ լեռնականները», «Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթոն, ԺԵ. տարի, թիւ 4, Փետրուար 1935, էջ 74-76, «Փունջ» շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 14 Փետրուար 1898, «Բիւզանդիոն» օրաթերթ, Կ. Պոլիս, 26 Ապրիլ 1911:
- [13] Յով[հաննէս] Էսքիճեան, «Jebel-i Musaya bir ziyaret» (Այցելութիւն մը Մուսա Լեռ), «Աւետաբեր» LXIII տարի, 14 Մայիս 1910, էջ 474. «Բիւզանդիոն», 26 Ապրիլ 1911:
- [14] Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) արխիւներ, Պոսթըն (այժմ՝ Ուոթըրթաուն), Մասաչուսեց, փաստաթուղթ 945/8, «Կիլիկիոյ կամ Լեռնավայրի Կ. Կոմիտէ 1903 թ.», Հոլան (կամ Հոշան) առ Վարազդատ, 3 Յունուար 1903: Տիգրան Անդրէասեան, «Սուէտահայերը», Մ. Սալբի [Տոքթ. Արամ Սահակեան] (կազմող եւ խմբագիր), «Ալիքներ եւ խլեակներ. Հայ վրանաքաղաքին տարեգիրքը», Աղեքսանդրիա, տպարան «Ա. Գասպարեան», 1919/1920, էջ 17:
- [15] ABCFM, ABC: 16.9.5, Ա. հատոր, Ֆորմանը Լամսընին, 20 Հոկտեմբեր 1910:
- [16] Մեծն Բրիտանիա, FO (Արտաքին գործոց նախարարութիւն) 195: Դեսպանատան եւ հիւպատոսական արխիւներ: Թուրքիա՝ Թղթակցութիւն, փաստաթուղթ 1690, [T. S.] Jago, Report of the Vilayet of Aleppo ([Թ. Ս.] Ճեյկօ Հալէպի նահանգի զեկոյց), Յունիս 1890:
- [17] Մեծն Բրիտանիա, FO 424, փաստաթուղթ 212, Լոնկուըրթը Օ’Քոննորին, 15 Ապրիլ 1907:
- [18] AGC, H 93, Cartella V, Տա Վիլլարսան Վեր. Ֆատըրին, 2 Յունուար 1896:
- [19] Մեծն Բրիտանիա, FO 424, փաստաթուղթ 212, Լոնկուըրթը Օ’Քոննորին, 15 Ապրիլ 1907: Աղասի [Կարապետ Թուրսարգիսեան], «Յուշեր», խմբագիր՝ Միհրան Սեֆերեան, «Դրուագներ Սուէտիոյ անցեալէն (1893-95 յեղափոխական շրջանէն)», Պէյրութ, տպարան «Արարատ», 1957, էջ 48, 68:
- [20] Հարցազրոյց Առաքել Իզանեանի հետ, 28 Դեկտեմբեր 1991, Սանլենտ, Գալիֆորնիա: Տե՛ս նաեւ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւն, «Յիշատակարան-Ալպոմ Մուսա Լերան 1961-1967», Պէյրութ, «Սեւան» հրատարակչատուն, 1967, էջ 45:
- [21] Մեծն Բրիտանիա, FO 861, փաստաթուղթ 35, Տովէքը Պարնհամին, Trade Report (Առեւտրական զեկոյց), 10 Ապրիլ 1900:
- [22] Հարցազրոյց Հաճեանի հետ:
- [23] «Մուսա Լերան գիւղացիներուն զբաղումներն ու արհեստները», Գուշաքճեան եւ Մատուռեան, «Յուշամատեան Մուսա Լերան», էջ 118: Մատուռեան, «Մեր հացը», էջ 157:
- [25] Նոյնը, էջ 74:
- [26] «Արեւ» թերթ, Աղեքսանդրիա, 4 Հոկտեմբեր 1915, 1 Նոյեմբեր 1915:
- [27] Հարցազրոյց Մանասէ Մաղզանեանի հետ, 20 Յուլիս 1988, Ֆրեզնօ, Գալիֆորնիա. Մատուռեան, «Մեր հացը», էջ 152-53:
- [28] Լի Սեքլեմեան, անձնական փաստաթուղթեր, Քոնքորտ, Գալիֆորնիա, “Memoirs of Apraham G. Seklemian,”, էջ 10-11:
- [29] W. H. Bartlett, William Purser, et al., with John Crane, «Syria, the Holy Land, and Asia Minor, etc., Illustrated, in a Series of Views Drawn from Nature», Գ. հատոր, Լոնտոն, Ֆիշըր, Սըն եւ Ընկ., 1838, էջ 74:
- [30] Ուիլեըմ Մ. Թոմսըն, «Travels in Northern Syria: Description of Seleucia, Antioch, Aleppo, etc.», Bibliotheca Sacra and Theological Review, N 5, 1848, p. 451.
- [31] Bell, Syria, p. 334.
- [32] «Փունջ», 30 Հոկտեմբեր 1899:
- [33] Մատուռեան, «Մեր հացը», էջ 152-54:
- [34] Նոյնը: Մուսա Լերան խոհանոցի մասին տե՛ս Ալպերթա Մաղզանեան, Աննա Մաղզանեան եւ Լուիզա Մաղզանեան, «The Recipes of Musa Dagh: An Armenian Cookbook in a Dialect of Its Own», 2-րդ հրատ. (N.p.: Lulu.com, 2015). Ճեք Հաճիկեան, «Secrets from an Armenian Kitchen (N.p.: n.p., 2006)». Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց Օժանդակ Մարմին, «Մուսա Լերան եւ Այնճարի տոհմիկ ճաշեր», Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2001. Գէօզալեան, «Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը», Երեւան, «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, 2001, էջ 128-140:
- [35] Մ. Լեռնցի [Յակոբ Ապաճեան], «Էջեր կեանքիս գիրքէն (ինքնակենսագրութիւն)», Պէյրութ, տպարան «Ալթափրէս», 1986, էջ 47:
- [36] Nijeholt, «Voyage en Russie», IV, էջ 325:
- [37] Մատուռեան, «Մեր հացը», էջ 147:
- [38] ABCFM, ABC: 16.9.5, Դ. հատոր, Շաթթըքը Քլարքին, 14 Օգոստոս 1878:
- [39] «Փունջ», 28 Մարտ 1898:
- [40] «Փունջ», 12 Յունիս 1899: ABCFM, ABC: 16.9.5, ԺԴ. հատոր, Սանտըրզը Ճատսըն Սմիթին, 30 Օգոստոս 1899:
- [41] «Բիւզանդիոն», 26 Ապրիլ 1911: «Երիտասարդ Հայաստան» թերթ, Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ, 3 Մայիս 1911: «Պահակ» թերթ, Պոսթըն, 22 Յունիս 1911, «Ասպարէզ», 18 Օգոստոս 1911:
- [42] Իզոպել Լայթլ, «James Martin: Pioneer Medical Missionary in Antioch: A Thrilling Account of Faith and Courage», Պելֆասթ, «Քամերոն» հրատարակչութիւն», 2003, էջ 61-62:
- [43] Սիմա Աբրահամեան, «The Inhabitants of Haouch Moussa: From Stratified Society through Classnessness to the Re-Appearance of Social Classes», դոկտորական ատենախօսութիւն, ՄըքԿիլ համալսարան, Մոնթրէալ, Գանատա, 1989, էջ 62-92՝ տարբեր տեղեր. հարցազրոյց Հաճեանի հետ:
- [44] «Salname-i Vilayet-i Haleb» (Հալէպի նահանգի տարեգիրք), Հալէպ, Պաշտօնական կառավարական հրատարակութիւն, 1324 Հ. /1906 Ք., էջ 288: Տե՛ս նաեւ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւն, «Յիշատակարան-Ալպոմ Մուսա Լերան 1961-1967», էջ 45:
- [45] Հայր Խաչատուր Պօղիկեան, «Յուշեր», անտիպ ձեռագիր, Պէյրութ, էջ 32-33, Ներսէս Աւագ Քահանայ Թաւուքճեան, «Տառապանքի օրագիր», խմբագիր՝ Թորոս Թորանեան, Պէյրութ, Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ – Թեքնոփրես, 1991, էջ 46-53՝ տարբեր տեղեր. Աղասի, «Յուշեր», էջ 44-45, 72-75. Սերոբ Շերպէթճեան, «Պատմութիւն Սուէտահայերու», խմբագիր՝ Եսայի Հաւաթեան, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2010, էջ 25-26:
- [46] Սիմա Աբրահամեան, «The Inhabitants of Haouch Moussa», էջ 88-89:
- [47] Ալպերթա Մաղզանեան, նամակ հեղինակին, անթուակիր (1989):
- [48] «The Missionary Herald» LV: 2, Փետրուար 1859, էջ 59:
- [49] ABCFM, ABC: 16.9.5, Դ. հատոր, Փաուըրզը Քլարքին, 19 Մարտ 1872:
- [50] Նոյնը: Նաեւ՝ Շաթթըքը Քլարքին, 17 Հոկտեմբեր 1876:
- [51] ABCFM, ABC: 16.9.5, Ժ. հատոր, Լ. Հ. Ատամս, Report of the Antioch Field, 1890-1891:
- [52] Աղասի, «Յուշեր», էջ 44-45, 72-75:
- [53] Նոյնը:
- [54] ABCFM, ABC: 16.9.5, ԺԶ. հատոր, Ճոն Մերիլ, Report of Aintab Station for the Year 1906-1907: Տե՛ս նաեւ նոյնը, ԺԹ. հատոր, Մերիլը Ինոք Ֆ. Պէլին, 21 Մայիս 1907: